Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ

Ահա՛ շարժումը, իր մեծագոյն բաղադրիչներովը:

Սխալ պիտի չըլլա՞ր սակայն անտեսել ուրիշներ որոնք, առանց առաջիններուն տարողութեան, տուին անոր երբեմն աւելի հարազատ, երբեմն աւելի տիրական նկարագիրներ, բայց որոնց գործունէութիւնը չունեցաւ համախումբ վաստակին, միաշունչ ձգտումին բարիքները։ Ստոյգ է որ իրապաշտ շարժումին ամենէն կատարեալ վիպակը՝ ըլլայ ստորագրուած Կարապետ Տողրամաճեան (աւելի յետոյ՝ Վահան Մանուէլեան ) անունով գաւառացիի մը կողմէ։ Չօպանեանի Ծաղիկ ին մէջ անոր կը պարտինք Հովուերգութիւն վերնագրուած անխառն գլուխ-գործոց մը։ Ու ստոյգ է դարձեալ որ իրապաշտ վէպին գագաթը, Ամիրային Աղջիկը, ըլլայ գրուած շարժումին լրիւ դադարէն տասնամ մը վերջը։ Ու, մտածման նոյն գիծով, ո՞ւր է տեղը, դիրքը Տիգրան Արփիարեանին որ ծառայած է մեր գրականութեան, իր քրոնիկներով եւ ձգած՝ իր անունը փրկող պատմուածք մը, Աւազներուն մէջ (Զօհրապի Մասիս ները)։

Այս խղճահարութիւնը զիս կը մղէ, շարժումին հաշուեկշիռէն առաջ, պզտիկ շեղում մը ընելու, զբաղելու համար մարդերով որոնք ժամանակով ինչպէս ոգիով առնուած ապրեցան շարժումին ծիրին մէջ ու տուին իրենց կարելին։

 

* * *

Ասոնցմէ ամենէն կարկառունը, ապահովաբար, ինչպէս, անզետեղելին ՀՐԱՆԴ ԱՍԱՏՈՒՐը։

Գրական հանգանակէ մը բխող դժուարութեան մը առջեւ չէ որ կը զգամ ինքզինքս երբ կը փորձեմ իր դէմքը շինել: Անիկա արժանաւոր մէկ միութիւնն է եղած իրապաշտ փաղանգին, իր գործունէութեան երիտասարդ օրերուն՝ ղեկավար դիրքերու վրայ: Իր խմբագրութիւնները ( Մասիս շաբաթաթերթին ու աւելի յետոյ՝ օրաթերթին մէջ. Արեւելք ին մէջ) զինքը կը հաշտեցնեն իր բարեկամներուն, ընկերներուն, սիրելիներուն համապատկերին մէջ։ Անիկա իր մտքին ինչպէս սրտին ընտրեալները ունի իրապաշտներուն մէջ, կենալով անոնց կողքին առաջին օրերէն, հասնելով անոնց օրագրական վաստակին, խմբագրական կարիքներուն (վարչական որքան գրական), մշակելով անոնց ոգիին հաւատարիմ գրականութիւն մը, բայց չըլլալով անոնց նման, անոնցմէ ։ Շատ մօտէն սա ընտանութիւնը, ինչպէս անջատութիւնը իրեն յատուկ, ուրիշ անգամ չկրկնուած նկարագիր մը կուտան անոր դէմքին ինչպէս գործին։ Եղիա մը, Պէրպէրեան մը, Մամուրեան մը իրենց գրական խառնուածքը կը պաշտպանեն իրենց ըրած գրականութեան մէջ ու հակառակ հսկայ շրջումներու (անդունդ կայ Առաջին Տերեւք ին գրքունակ ոգիին եւ Խոհք եւ Յուշք ի ծանրաթախիծ ողբերգութեան մէջտեղը) հաւատարիմ են իրենց դիմանկարներուն։ Ի՞նչպէս դասաւորել սակայն դէմքը մարդու մը որ ծառայեց մեր աշխարհաբարին ու միս մինակը իրագործեց ինչ որ կանխող քանի մը ջոջ խումբեր անատակ էին եղած նուաճելու, ընթացիկ, մաքուր բարբառի մը գրական կայունացումը։ Որ տարիներ շարունակ հետեւեցաւ ազգային կեանքին դժնդակ ալեծփումներուն, բայց մնաց ծիրին մէջը ազգային ամուր քաղաքականութեան մը, սիրելով իր ժողովուրդը բայց այդ սէրը վաճառքի ապրանք մը չնկատելով երբեք աս կամ այն թաքուն փառասիրութեանց։ Շուքի մը պէս ապրեցան երկուքը, ինքը եւ Զօհրապը։ Պատմութիւնը կը սգայ վերջինին սրտակտուր մահը բայց կը խոնարհի գիտութեանը առջեւ առաջինին որ ապրեցաւ, այսինքն գիտցաւ ապրիլ, ինչպէս գիտցեր էին այդ շատ սրբազան բանը՝ իր նախնիքը։ Հրանդ Ասատուր ստորագրած է քրոնիկներ ուր իրապաշտ թէքնիքին ամենէն կատարեալ մէկ երկու նուաճումները կը հաստատեմ: Կարդացէք, օրինակի մը համար, Չօպանեանի Քանի մը էր Պարտիզակի մէջ ը։ Պիտի սիրէք այդ էջերուն ջերմութիւնը, դիտողութեանց առատ գնացքը, ակնարկին հարստութիւնը՝ առնելու ինչպէս տալու արարքներուն մէջ։ Բայց անմիջապէս յետոյ կարդացէք Պարտիզակն ու Սոխմիարը . Ասատուր)։ Այն ատեն պիտի գնահատէք թէ որքան դժուար է ժուժկալ ու խոր ըլլալ. շատ տեսնել բայց քիչ, խիտ տողերու մէջ արձանակերպ սեւեռել մեր մտածումները, մեր զգացումները։ Եւ սակայն Հ. Ասատուրի գործէն չի ներուիր ստեղծել քրոնիկագիր մը, նոյնիսկ Պէրպէրեանի մը կաղապարով։ Ու շարունակելու համար այս բարատոքս ը կը ծանրանամ այս մարդուն մեծ կտակին վրայ որ անփոխարինելի բարիք մըն է արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան rayonին: Ատիկա իր Դիմաստուերներ անուանուած հատորիկն է ուր անշուշտ իրապաշտ քննադատութեան տուրքերը կ՚իշխեն բայց արդիւնքի մը համար որ հակոտնեան իսկ է Չօպանեան Բաշալեան Կամսարական Զօհրապ հանգանակներով հետապնդուած, խտացած կերպին։ Հոս է ահա տագնապը քննադատին համար։ Ու տակաւի՛ն: 1880- 1910ի շրջանին անիկա մեր ընկերային հարցերը դիտած, դատած է իր կերպովը, որ ինչպէս դիտել տրուեցաւ վերը, ըլլալով հանդերձ իր սերունդինը, կը զատուի անկէ։ Իր խմբագրի դիմանկարը ցայտուն է եւ բաւական տպաւորիչ որպէսզի մեր հին սերունդին մեծ անունները ( Իւթիւճեան, Սվաճեան, Փանոսեան ) ու իրեն ժամանակակից աւելի տժգոյն անուններ ( Քէչեան, Տիգրան Արփիարեան եւ ուրիշներ) իր écranին վրայ իրարու անհաղորդ չդառնան։ Յետոյ մուսաներու դարպա՜սը։ Պէտք կա՞յ հոս յիշեցնելու իր Պատանեկան Ներշնչմունքը։

 

ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Զօհրապի մէջ կեանքը իբրեւ երեւոյթ այլապէս թելադրական իրողութիւն մըն էր։ Հ. Ասատուրի կեանքը կը զատուի իր սերունդին ընդհանուր միջինէն շեշտով մը, երանգով մը որոնք արժանի են նկատառման։ Այդ շեշտն ու երանգը հասկնալի կը դառնան այն ատեն միայն երբ դիտուին իրենց անմիջական շրջանին ու ասոր կապ պայմաններուն խորքէն։ Կար ատեն մը երբ հայ գրագէտը իր ուժերուն լաւագոյն մասը պարտաւոր էր ծախելու զինքը գործածող պետութեան։ Զարթօնքի սերունդին մեծ դէմքերը կ՚անցնին մտքէս երբ այս տողերը կը գրեմ: Բայց քանի՜ հոգի անոնց մէջ, որոնք ապրած ըլլան դժուար հաւասարակշռութիւնը, ծառայելու նոյն ատեն պետութեան որքան իրենց ազգին, պարկեշտ, ամբասիր անուն մը պահելով այդ անբարոյ քաղաքին մէջ որուն անունն էր Պոլիս։ Տրտմութեամբ կը յիշեմ Գրիգոր Օտեանի տարագիր մահը ու կսկիծով՝ Գրիգոր Զօհրապի խուժադուժ սպանութիւնը։ Չեմ գիտեր, պէտք կա՞յ թարմացնելու մեր դժգոհութիւնը Թովմաս Թէրզեանի կեանքին կէս դարէն որուն վերջին քառորդը իրապէս տխուր գերեզման մըն է, օտարացած այդ գործունէութիւնը եզրափակելու դերով մը։ Հրանդ Ասատուր մեռաւ Պոլիս, ամբողջ կէս դար մեր գրականութեան օգտակար ըլլալէ ետքը, երբ այդ կէս դարուն մէկ կարեւոր մասն ալ նուիրուած էր մեր ժողովուրդին բազմազան կարիքներուն գոհացումին։ Լայն, պարկեշտ, բարի այդ գործունէութեան վերջին քսանամեակը (1908–1928), հակառակ ժխտական ըսել կ՚ուզեմ ոչ-գործօն նկարագրին անկարող է ստուերելու անոր դէմքին մաքրութիւնը։ Այդ արդիւնքին համար կը միջամտեն գրագէտէն դուրս ազդակներ: Առաջին տասնամը շրջանն էր մեր երջանիկ խենթութեան, խանդավառութեան, անշրջահայեաց հպարտութեան, երկար զրկանքին ճնշումովը կրկնապէս ուժաւոր երբ մեր գրականութիւնը տղու մը միամտութեամբը կ՚ողջունէր վերջապէս ինքզինքը, կ՚արտայայտէր ցեղին քանի մը հզօրագոյն զգայութիւնները ու կը մոռնար իր պատմութիւնը։ Իմացական այս խանդին հետ, քաղաքական ալ զգայարա՛նք մը որ նոյն տեմպ ով ու նոյն արդիւնքներու համար ինքզինքը աճեցուց ու աչքէն հեռացուց գետինը որուն վրայ արմատ էին նետեր մեր գերութեան հազարամերը։ Միայն չմոռցա՛նք: Այլեւ սխալ, խոշոր տեսանք, չըսելու համար ծուռ։ Հրանդ Ասատուր չէր կրնար դեր մը ունենալ այդ օրերուն: Ու չունեցաւ ալ: Հազիւ վեց տարիներ կը բաժնեն իրարմէ այդ զարթօնքը ու այդ կործանումը։ Բայց ի՜նչ խորունկ եղան անոնք, անգամ մըն ալ յայտնաբերելու համար այս ժողովուրդին քանի մը յաւիտենական գիծերը։ Պատերազմէն վերջ Հրանդ Ասատուր կը մտնէ իր կեանքի այն շրջանին մէջ որ սկսող կործանում մըն է, յիսունէն յետոյ մարդուն ուժերուն նահա՛նջը իր մարմինէն, երբ հետզհետէ մեր գործարանները կը ժանգոտին ու կը խարխլին, մինչ մեր իմացականութիւնը, անկարող վկայ այս տերեւաթափին, իր պարտութիւնը ընդունելու մէջ անճրկած ու դժբախտ, կը հաւաքէ ինչ որ իյնայ իր բլանին։ Հրանդ Ասատուր յուշերու գրականութիւն մը ունի, անտիպ, ինչպէս կը վկայեն Պ. Թ. Ազատեանի գրքոյկէն [1] էջեր։ Կ՚ենթադրեմ թէ մեր իմացական, ընկերային, ազգային կեանքը բարձրօրէն շահագրգռող տարրեր կան անոնց մէջ։ Տարազի մը համեմատ որ մեր մէջ ամենէն շատ աշխատող գործարանը ամենէն շուտ սպառման կ՚ենթարկէ, Հրանդ Ասատուր պիտի մեռնի ամենէն առաջ սրտէն որ հոմանիշ է հոս ուղեղի, նմանելով անոնց որոնք ամենէն շատ տուին իրենցմէ (խօսիլը, գործելը, գրելը համազօր երեւոյթներ են երբ կէս դարու վրայ կ՚երկարին) ու վաղաժամ սպառեցին իրենց դրամագլուխը (հոգեկան ինչպէս մարմնական) բայց խնայուեցան, չարաշուք հեգնութեամբ մը, իրենց ստուերը ապրելու բռնադրուած։ Տխուր է զբաղիլ այդ քսանամով։

Բայց Հ. Ասատուր վերջին մէկ ներկայացուցիչն է գրողներու խումբի մը որոնք ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին սկիզբը կ՚ընեն իրենց գործունէութեան, կ՚աշխատին դժուար աշխատանքը իրենց ժողովուրդին չեմ ըսեր ազատագրութեան, գէթ իմացական ձերբազատման, ու կը ստեղծեն մտայնութիւն մը որ 1860ին տիրական՝ 1890ին արդէն պարպուած է ինքիր էութենէն։ Մ. Մամուրեան մը իր մահը յապաղելով բան չէ փոխած իր բարոյական մահէն որ սերունդի մը ամբողջ վրիպանքը ունի իրեն տաղաւար: Գրիգոր Օտեան մը, աւելի տաղանդով ու աւելի մեծ տուրքերով (վարչական, պետական պարունակէ) շատ շատ կը վերապրի Գրիգոր Զօհրապի մը պատկերով։ Ատկէ անդին չէ արտօնուած մեզի։ Ու 1890էն վերջ ո՛չ ոք՝ որ ծառայէր հայ գրականութեան ու չըլլար կասկածելի թուրքերուն աչքին։ Հրանդ Ասատուր, ըսի վերը, բացառութիւն էր։ Այդ պատճառով է որ իր կեանքին մեծ գիծերը գիծեր են նոյն ատեն զինքը կանխող սերունդին գաղափարագրութեան։

Անոր պատանութիւնը, առաջին երիտասարդութիւնը կը զուգադիպին սկսող կրակի մը որ ազգային հարցն է ու Արեւելք ի հիմնարկումին որ նոր գրական ուղղութեան մը փաստ ըլլալուն չափ, այդ գրականութիւնը իր նպատակներէն աւելիին գործածելու ուխտի մըն ալ գրաւականն է: Ուրիշ խօսքով՝ Հրանդ Ասատուր կազմուած է հոգեբանութեանը մէջ այն մարդոց որոնք կը հաւատան իրացուցած ըլլալ իրենց ժողովուրդին զարթօնքը, անոր տուած վարչական որոշ կազմակերպութիւն, անոր մշակոյթին մեծ վառարանները հիմնաւորած դպրոց, եկեղեցի, մամուլ, ընկերային կեանքի տարրական շեմա մը hրապարակ դրած։ Անշուշտ ասոնք բաւարար ազդակներ են ժամանակակից ընկերութեան մը հիմունքները (assises) խորհրդանշող։ Ու այս ամենուն քովն ի վեր գրական քանի մը սեռերու մէջ երեւան բերուած որոշ գեղեցկութիւն։ Բանաստեղծութի՛ւնը որ կը սնանի ներկայով որքան անցեալով, պատմութեամբ որքան պոլսական դաշտանկարներով: Այս մեծ ցուցմունքները թերեւս հասկնալի կը դարձնեն վեշտասանամեայ տղու մը յանդգնութիւնը որով պիտի գրուին Պատանեկան Ներշնչմունքը, ու աւելին՝ պիտի հրատարակուին (1879)։ Այդ գրքոյկը միայն փաստ մը չէ եօթանասնական թուականներու մեր ռոմանթիզմին, այլ նոյն ատեն կտակը, խոշոր գիծը այն երիտասարդութեան որ այնքան լրջութեամբ իր ուժերը պիտի տրամադրէր զարթօնքի սերունդին հանգանակը բարեփոխուած, ճոխացուած, նորոգուած` փոխադրելու զանգուածներու փրկագործման։ Ու, այդ գրքոյկէն տարի մը յետոյ լոյս տեսած պրակ մը ճառ, Սահմանադրութիւն եւ Հայ Ժողովուրդ (1880), քովիկը դրուած 1867-68ի մեծիմաստ տրիբունին` Մ. Չերազի ճառերուն ասոնք ալ վեշտասանամեայ պատանիի մը խորհրդածութիւնները մեր ժողովուրդի իմացական, կրթական, քաղաքական ճակատագրին վրայ կուտայ մեզի սա տարօրինակ վկայութիւնը որուն համեմատ պատանիներու գերագահութեան մը կը թուի վիճակուած ըլլալ լուծումը վտանգաւոր, բարդ հարցին, այնքան մեծ տագնապներու գինով գոյացած 1860ի մեծ, խոհական, զգօն մեր մտաւորականութեան կողմէ։ Զուր տարազ մը չէ անշուշտ Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան եռագիրը: Ըսի այսքանը, ցոյց տալու համար թէ այդ մարդոցմով հանգանակուած մտայնութիւնը ինչպէս պիտի բարեփոխուի։ Հրանդ Ասատուր այդ նորոգումին կենդանի վկան է: Ազգային սահմանադրութեան վրայ ատենաբանելու չվախեցող տղայ մը Բարիզ պիտի անցնի, սորվելու համար իրաւաբանութիւն, որ մուտք մը պիտի ճարէր դէպի քաղաքական ասպարէզ։ Պոլիս դարձը (1884), Արեւելք ը (1885) թուականներ են իր կեանքին ինչպէս մեր մերձաւոր պատմութեան համար: Ու այդ տասնամեակին մէջ անիկա պիտի վերցնէ ազգային գործունէութեան ուրիշ բաժիններ։ Կտակաց հոգաբարձութիւն, Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութիւն, Ազգային Երեսփոխանութիւն, Մասիս շաբաթաթերթին խմբագրումը (Զօհրապի հետ), բոլորն ալ քաղաքական բարձր տենդի մը մէջ թրթռուն գործունէութեան մը վտանգներովը յղի. արարքներ են որոնք անոր գրական խառնուածքին վրայ պիտի ունենան իրենց անդրադարձը: Ու քաղաքական այդ տենդը հայ յեղափոխութիւնն է, զոր դատել կանխահաս է, մեր գրականութեան սա շրջաններուն։ Հայկական ջարդերը անկիւնադարձ մը կը կազմեն մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, նոյն ատեն մեր գրողներուն մէկ կարեւոր մասին դէմքը կը կիսեն։ Անոնք որ Պոլսէն պիտի խուսափին, պիտի վտանգեն իրենց հոգեյատակը, քիչ քիչ տկարանալով վասնզի չեն պաշտպանուիր գրականութիւն մը սնուցանող անտես ակունքներէն հողէն, ջուրէն ու մարդերէն։

Անոնք որ Պոլիս պիտի շարունակեն ստեղծել, պիտի տառապին մեծ տառապանքը իրենց անկարող ատելութեան, զայրոյթին: Արեւմտահայ գրականութեան այն քսանամեակը որ 1896ի ջարդերէն մինչեւ 1908ի կեղծ արշալոյսը կ՚երկարի, եթէ նիհար է մեծ արդիւնքներով, տարօրէն հարուստ է հոգեբանական խտութեամբ մը: Հրանդ Ասատուր, բաւական խոր, իրաւ հայրենասէր, այդ օրերուն պիտի փորձէ ինքզինքը յարմարել նոր կաղապարին մէջ որ պետական սպասարկութիւնն է: 1860ի մարդոց հոգեկան բարեխառնութիւնը այլացած է հիմնովին։ Թուրքերու ծառայելուն ամենէն ապահով եղանակը նուիրուիլն է անձնդիւր կեանքին ու զգուշանալ ուրիշ ամէն հետաքրքրութենէ որոնք մարդու մը ազգութեան սլաքները կը մատնեն: Քիչ քիչ անիկա պիտի կլլուի իր ասպարէզին կարիքներէն: Չեմ հետեւիր այլեւս այն թուականներուն որոնք անոր պետական պաշտօնները ցոյց կուտան։ Դադրած է ազգային աշխատաւորը այդ իրաւագէտ–խորհրդականին մէջ (Կեդրոնականի մէջ իր դասախօսութիւնը հեռի է կորովէ ինչպէս լրջութենէ) բայց չէ դադրած գրագէտը: Յարմարումի նոյն բնազդը զայն պիտի վարէ: Ու պիտի ունենանք անորակելի տիպարը գրողին որ պիտի պատմէ, օրինակի մը համար Պոլսոյ պատրիարքներուն գաւազանագիրքը իրաւ է թէ խուսափելով միջակ պատմիչներու մայր առաքինութենէն ստուգութեան տափակ փաստէն բայց պիտի պարպուի այն դոյզն, զաղփաղփուն ալ շնորհէն որ մեր քրոնիկները կ՚ընէ այնքան քաղցր, հայ ու յատկանշական: Ազգային հիւանդանոցի Տարեգիրքերուն մէջ լոյս տեսած այդ պատմութիւնը մեղաւոր է մեթոտին մեծ մեղքովը, անուններու ցանկ մը մնալու պարկեշտ ու հաստատ ցանկութիւն, որ չէր տառապեր իր անհատականութեամբը: Եւ սակայն իր օրերուն, պատմութիւնը հիմնովին նորոգուած էր արեւմտեան մեծ ազգերու դպրոցներուն մէջ, լքելով իր ռոմանթիզմը ինչպէս թուարկու յաւակնութիւններէն շատերը, ծանրանալու համար կեանքին վերակազմումին։ Քիչ մը հեռու շրջաններու վրայ սա վրիպանքը բարեբախտաբար չի կրկնուիր զինքը անմիջապէս կանխող սերունդը երբ կը փորձէ դիմաստուերել: Ու հոս անիկա նպաստն ալ ունի իր խառնուածքին, լուրջ, զգուշաւոր։ Ու պիտի խնայէ իր էջերուն համար գրական դատաստանումներուն, վերլուծումներուն, փորձարկութեանց անհարկի տաղտուկը։ Այս մեծ վաստակին քովն ի վեր անիկա պիտի գրէ մեր նոր աշխարհաբարին քերականութիւնը պարագա՛յ՝ որ չի կրնար աղօտել անոր գրողի արժէքը։ Հ. Ասատուր այդ աշխատանքին մէջ կիրարկած է նոյն պարկեշտ, անյաւակնոտ կերպը, ինչպէս չէ իջած Գարագաշի մը դպրոցամոլութեան։

Այսպէս տեսնուած ու այսպէս դասաւորուած, այս մարդն ու այս գործը կը շահագրգռեն արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը թերեւս աւելի որքան պիտի չարտօնէին ատիկա առանձին նկարագիրներ նոյն այդ գործէն ու մարդէն։ Մեր գրականութեան բաղդատաբար նիհար ծաւալը պատճառ մըն է ինքնին որպէսզի այսօր ստիպուած ըլլանք ծանրանալ այս արդիւնքներուն արտահանումին։ Կրնայ պատահիլ որ հարիւր տարի յետոյ նոյն այդ գրականութեան պատմութիւնը լայնօրէն անգիտանայ մեր զարթօնքի սերունդին աւագ իշխանները։ Այսօ՞ր: Արփիար Արփիարեան, 1880ի մարդ, երբ ուրուագրել կը փորձէ երեսուն տարիներու անցեալ մը հազիւ ճարած մեր նոր գրականութեան պատմութիւնը, գիտէ՞ք ինչ համեմատութիւններու մէջ կը պահէ Ն. Ռուսինեանին եւ Պ. Դուրեանին դէմքերը։ Անիկա առաջինին կը նուիրէ չորս հարիւր տող, երկրորդին զիջելով չորս տող միայն: Յիսուն տարիներ անցած են այդ օրերէն: Հիմա մենք շրջած ենք համեմատութիւնը, բայց չենք համարձակիր մոռնալ այդ դէմքերն իսկ որ անուններ միայն եղան չվերածուելով թանձրացեալ պատկերներու, գործերու։

Հ. Ասատուրի գործին մէջ այլապէս շահեկան են տպաւորապաշտ էջերը։ Քրոնիկ, տպաւորութիւն, դատումի շեմա, օրուան իրողութեանց հակազդեցութիւն. (ինչ ալ ըլլայ մեկնակէտը իր յօդուածներուն, ցրցքնուա՛ծ՝ մօտ քառսուն տարիներու տարածութեան մը երկայնքին) միշտ գրագէտը կը միջամտէ, անոնց իւրաքանչիւրին տալու համար անձնական կնիքը, որ կը պաշտպանէ այդ էջերը ոչ միայն իրենց ժամանակին մէջ այլեւ անկէ դուրս։ Գրականութեան եւ լրագրութեան սա հարկադրեալ խառնուրդը անշուշտ աղէտ մըն էր ու չէ դադրած ըլլալէ մեր դպրութեան համար։ Բայց մեր փափաքները չեն որ վարած են մեր ժողովուրդը։ Ու իր միւս դժբախտութեանց գիծին կը զետեղուին իր գրական այլ դժբախտութիւնները։ Չեմ խօսիր ոճէ, լեզուէ եւ նման հարցերէ, Հ. Ասատուրի առիթով։ Ու հասկնալի է այս վերապահութիւնը։

Ինչպէս դատել, դասաւորել, ո՞ւր զետեղել սակայն այս մարդուն մայր վաստակը։ Պատմութի՞ւն: Շատ ցամաք են այդ Դիմաստուերները, շատ վերացուած իրենց շրջապատէն, մթնոլորտէն ինչպէս կ՚ըսեն։ Մեզի համար որքան ցանկալի պիտի ըլլար անոնց իւրաքանչիւրին յօրինումին մէջ տեսնել տակն ու վրան, միտքերն ու արարքները, որոնք այդ օրերուն իրենց տրամագիծը տուին ու մեր գրականութեան արշալոյսը բացին, այնքան մռայլ պայմաններու ընդդէմ։ Այս մեթոտը փորձուած է Արշակ Չօպանեանի կողմէ Մ. Պէշիկթաշլեանի համար, այնքան գեղեցիկ արդիւնքով։ Դիմաստուերները պատմութեան համար անփոխարինելի ատաղձներ կրնան նկատուիլ, բայց պատմութիւն չեն յօրիներ։ Գրականութի՞ւն, ուրեմն։ Չեմ կարծեր։ Շատ յստակցած, պարզուած են դէմքերը, ուրուանկարային հանգամանքի մը չափազանց գերի։ Մանաւանդ տարագրուած իրենց գործերէն, որոնք թուականներ են այդ կեանքերուն երկայնքին եւ քիչ ուրիշ բան։ Ոչ վերլուծում, ոչ ալ գաղափարագրութիւն: Եւ սակայն քանի մը դէմքերու առիթով ( Գրիգոր Օտեան, Գրիգոր Զօհրապ, Կամսարական, Սիպիլ ) մեթոտը կը գործածէ տպաւորապաշտ քննադատութեան սիրելի կերպեր, առանց քննադատութեան բարձրանալու: Ու հոս է դժուարութիւնը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն պարագան ալ որուն համեմատ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան համար Դիմաստուերները տիրական, բացարձակ գիրք մըն է, ինչպէս դիտել տուի արդէն քիչ վերը։

Իր ու մեր գրականութեան մէջ բացառիկ այս հատորը, արդիւնք քառսունէ աւելի տարիներու խնամոտ, գորովագին փնտռտուքի մը, մինակը բաւ է Հ. Ասատուրի դէմքը կորուստէ փրկելու անփոխարինելի, մեծ նպաստով մը, մեզի ամենէն շատ պակսող տարրերու: Վերցուցէք այս գիրքը [2], շատ բան վերցուցած պիտի ըլլայիք մեր գրականութեան ոչ անշուշտ հասկացողութենէն, այլ անոր մշակներուն նկարագիրներէն։ Հակառակ ուրուագրային իր կազմին այս գիրքը հարուստ է քանի մը շատ թանկագին առաքինութիւններով։ Ան գրեթէ առանձին է շրջանի մը ընդհանուր պարագրկումին համար կարեւոր ատաղձներով, թուական, մանրավէպ, ստուերներ (դէմքէ, շարժումներէ, ձեռնարկներէ), կեանք մը ողջունձեւող գիծեր, բոլորն ալ հաստատ, խղճամիտ ստուգութեամբ մը երաշխաւորուած։ Անիկա առատօրէն ունի այն փոքր դէպքերը, դրուագները, որոնք յատկանշական լոյս կը նետեն մարդոց ամենէն պարզ, բայց նկարագիր յարդարող կողմերուն վրայ։ Անէքտnթիք այս հարստութիւնը անով աւելի արժէք կը ստանայ որ թերթերու կամ գիրքերու վկայութիւններով չէ պայմանաւոր։ Մէկ կարեւոր մասը անոնց բերանացի փշրանքներու հաւաքում մըն է։ Դիմաստուերներու ուրիշ առաքինութիւնը՝ կենսագրական շատ ամուր տուիքներ, որոնք այլապէս անփոխարինելի են, մանաւանդ դպրոցական կարիքի տեսակէտէն։ Այս քանի մը թէքնիք յատկութեանց քով կան ուրիշներ ալ ոչ նուազ էական, այս անգամ գրականութեան պարունակէն։ Ասոնցմէ հիմնականը` կեանք մը տալու ուղիղ, հաստատ, յառաջատու կե՛րպը որ ըլլալով հանդերձ վաղածանօթ կենսագրումը, տարբեր ու աւելի է անկէ։ Որեւէ դիմաստուեր թուականներով jalonné վերացում մը չէ հոն, այլ մարդ մը, իր գործերուն ակօսովը ու իր հակազդեցութեանց շքախումբովը։ Կը կարդաս անոնց նուիրուած էջերը առանց զգալու թէ անոնք գրագէտի մը կողմէ կուգան. այնքան ինքզինքը նուազագոյն չափի գիտցած է վերածել զանոնք վրձնողը։ Ու ինչ բարեբախտութիւն որ ոչ մէկ գրական յաւակնութիւն ըլլայ միջամտած այդ ուրուագրումին: Ըսի թէ անոնց մէջ կը պակսէին գրական դատումներ, վերլուծական ճապաղանք, վարդապետական խորացումներ։ Կ՚աւելցնեմ որ այս ամենուն պակասը կրկնապէս կ՚անդրադառնայ գիրքին ճակատագրին, զայն չընելով արհեստէն քննադատական verbiageը, ինչպէս թուականներու արշաւ մը։ Ու կեանք մը սեւեռելու այս կերպը ես չեմ տեսեր ուրիշ ոչ մէկ գրողի կողմէ գործադրուած։ Իր խմբագրած Մասիս ներուն մէջ երեւցած են Զօհրապի նմանատիպ փորձերը, Ծանօթ Դէմքեր ։ Որքան քիչ, հինցած, անկշիռ կուգան ասոնք մեր այսօրուան ճաշակներուն։ Ու որքան թանկ, մշտայժմէ, անփոխարինելի` Հ. Ասատուրի կողմէ ստորագրուած էջերը։ Ու ասիկա անշուշտ բան մը կ՚ապացուցանէ։ Իւրայատուկ սա յեղումին միջոցով մենք՝ կը տեսնենք մեզի ներկայացուած մարդը իբր խառնուածք, որոշ չափով գործունէութիւն, ձգտում, իրագործում, իմաստ, յուզում, արժէք ու կեանք։ Այսինքն` ա՞յն ամէնը որով ժամանակակից արուեստի կարգ մը կախարդները   (Էմըրսըն, Մաքոլէյ, Ռընան, Թէն եւ ուրիշներ) պատմութիւնը նորոգեցին, անոր յաջորդականութեան պարտադրանքը հերքելով եւ մեր գործունէութիւնները կառուցանելով հիմնական ոճի մը կնիքին մէջէն որ մեր անձնաւորութեան, անձնական դերին փաստն է մեր ժամանակին վրայ: Ո՛ չ անշուշտ։ Հ. Ասատուր շատ զգուշաւոր մարդ մը եղած է, նման վտանգաւոր առաջադրութիւններէ խայծուելու համար։ Իր Դիմաստուերները   essaisներ չեն ոչ մէկ համեմատութեամբ։ Բայց ահա տարօրինակը։ Ինչ որ Արշակ Չօպանեան իր մեծ միջոցներովը (ցանկութիւն, յաւակնութիւն, պատրաստութիւն, ոճ, գրողի պերճ խառնուածք), թափանցումի իր մեծ դիւրութեամբը ու դատումին ուժովը չէ կրցած նուաճել այդ շրջանէն [3]: Հրանդ Ասատուր ըրած է շատ շնորհալի բնականութեամբ մը, գրեթէ անմոռանալի փորագրումներու վրայ սեւեռելով շատ թանկ դիտողութիւններ, գիծեր, նկարագիրներ։ Աւելի՛ն։ Մատենագիտական, կենսագրական, չոր-պատմական, թուականային հարցերու մէջ մենք պիտի դիմենք միշտ այդ հատորին։ Յետոյ, իւրաքանչիւր դէմքի շուրջ իրմէ միայն գիտցուած մանրավէպերու պաշար մը գործին կուտայ վաղնջաւոր գեղեցկութիւն ու արժանիք:

Ըսի թէ ասպարէզէն քննադատ մը կը պակսէր այդ հատորին ետին: Բայց փոխարէն, կայ շատ աւելի վստահելի արժանիք մը։ Քանի մը էջերու վերծանումը ձեր մտքին կը ներշնչէ վճռական պարկեշտութեան մը հաւատքը։ Դուք կը համոզուիք թէ ամէն մէկ տողի մէջ այդ մարդը փշուր մը կուտայ մեզի մեր անցեալ (մերձաւոր) իրականութենէն, այնքան մեղապարտ անփութութեամբ մը լքուած մեր սէրէն, ծանօթութենէն, մանաւանդ մեր նոր սերունդի աշխատաւորներուն մօտ։ Ու հրաշք մը, նորէն, միւս առաքինութիւնը, քանի որ թուականներու անտառը (անիկա մանրամասն տուած է իւրաքանչիւր գործի տպագրութեան թուականները, յարակից ուրիշ թիւեր, գրականութեան ու կեանքին հետ աղերս պարզող որեւէ թիւ) անկարող է մեր մէջ ստեղծել բանասիրական թթու բորբոս, այնքան յաճախադէպ նման գործերու մթնոլորտին համար: Յետոյ, ասպարէզէն պատմիչին հոտն ալ չենք առներ իր էջերէն։ Ոչ մէկ տեղ Հ. Ասատուր պիտի նորոգէ մխիթարեան անոճ, անհրապոյր, տրտմօրէն ստոյգ բայց անկանգնելի կերպով հետեւակ պատմումը որ կը ջանայ հարցի մը առիթով գիտելի բոլոր տարրերը կրկէս նետել, առանց մտահոգուելու թէ ինչ է ներքին արժէքը այդ գիտելիքին։ Կարդացէք Մ. Գարագաշի կամ Հ. Եկէնեանի պատմական վերլուծումները համոզուելու համար մեթոտին դժբախտութեան:

Անշուշտ իր ժամանակը, հետեւած գրական ուղղութիւնը լայն չափով կը միջամտեն այս արդիւնքին համար։ Բայց նոյն ատեն դիտելի է որ հակառակ իր զգուշաւորութեան, անանձն մնալու ուխտին, վճիռներու դէմ բնազդական իր խորշանքին, անիկա ինքզինքը չէ տարագրած իր գործէն, ինչպէս կը պահանջէր դպրոցին մեծ արարողապետը, Կիւսթավ Ֆլոպէռ: Շատ տեղեր կը զգաք որ այդ անձին գէթ ցոլքը կ՚անդրադառնայ Դիմաստուերներ ուն վրայ, տալու համար անոնցմէ ոմանց սրտառուչ ալ գեղեցկութիւն։ Չմոռնալ որ անոնց կէսէն աւելին անիկա կը ճանչնայ անձնական շփումով։ Ու շատին ալ բաժնեկից ընկերն է գաղափարներուն, զգացումներուն։ Թերեւս այս հանգամանքն է որ այդ Դիմաստուերներ ուն հայթայթած ըլլայ թեթեւ, իրաւ այդ կենդանութիւնը, ապրուածին անառարկելի վաւերականութիւնը որոնք մեզ կ՚ազատեն մատենադարանին վախէն, զինաթափ կ՚ընեն մեր կասկածանքը, նման գործերու հանդէպ միշտ ալ արդար մեր մէջ, ու կը դիւրացնեն մեր անձնատուութիւնը։ Ըսի վերը։ Զօհրապի, Սիպիլի, Մամուրեանի, Օտեանի նուիրուած էջերը աւելի են դիմաստուերումէն։ Երկու, չըսելու համար երեք սերունդ այդ հատորին մէջ կը ժամադրուի մեր ծանօթացման։ Թանկագի՛ն՝ առաջին սերունդին առիթով իր տուածը։ Գիտէք պատճառները։ Գեղեցիկ` իր սերունդին համար իր վկայութիւնը։ Զայն ըրած է տիրականօրէն: Այս բոլոր նկատումներուն լոյսէն դիտուած, այդ հատորը անգնահատելի արժէք մըն է մեր նոր գրականութեան պատմութեան համար:

 

***

Բացի Դիմաստուերներ էն որոնց անտիպ շարքը բարիքը պիտի ամբողջացնէր, Հ. Ասատուր իր սերունդին աւագ դէմքերուն ընտանի գործունէութիւն մըն ալ չէ արհամարհած։ Իբր գրական արդիւնք, անիկա հարիւրաւոր յօդուածներ է ձգած որոնք եթէ անմիջական կերպով մը չեն շահագրգռեր մեր գրականութեան պատմութիւնը, բայց միշտ վկայութիւններ են մեր ընկերային, քաղաքական (այս բառէն զեղջելով այժմու երանգը յեղափոխական) յեղաշրջումը շեշտօրէն լուսաւորող։ Անտոնց ետին եթէ չկայ ստեղծագործող, նորոգող, վերակազմող իմացականութիւնը օրինակի մը համար Գրիգոր Զօհրապի, բայց կայ պարկեշտ, հաստատ մտածումը իր տեսակէտները, համոզումները ունեցող, զանոնք պարկեշտ, հաստատ լրջութեամբ մը իր ժողովուրդին մատուցանող գրողը։ Բացի ասոնցմէ, ունի ճամբորդի տպաւորութիւններ ( Մուտանիայէն Պրուսա, Պարտիզակ եւ այլն) որոնք անշուշտ չեն հասնիր Չրաքեանի մը նկարագեղ, փողփողուն պատկերացման կամ Զօհրապի այլապէս կայծկլտուն, խոր սեւեռումներուն, բայց վճռական են իբր տեսիլ, տպաւորութիւն ու ընդհանրացում։ Երբեմն վիպական փո՛րձ, օրուան նորութիւն, վիպակի կաղապարով։ Ինք նորավէպ է անուանած զանոնք, Արաքս ստորագրութեամբ, իր Մասիս ներուն մէջ։ Երբեմն լման շրջաններու պարագրկում ( Պոլսոյ Պատրիարքութեան, Արեւելեան Թատրոնի Պատմութեան ) որ անարժան զբաղում մը չէ իր տաղանդին համար։ Կը խորհիմ թէ իր ձեռագիր յուշերը որքան շահեկան տարրեր պիտի աւելցնեն մեր ընկերութեան վերջին շրջանին հասկացողութեան։ Այս մտածումը ձրի վերագրում մը չի հետապնդեր։ Կարդացէք Ծերուկ Մալթողը, Սոխմիարը ։ Մէկը՝ պատմական անձնաւորութեան մը նկարագիրը, միւսը՝ հետազօտող միտքի մը գրածը իր առջին փռուած կեանքէն։ Ու տարածեցէք մեթոտը լայն շրջաններու վրայ, երկու երեք սերունդի ծիրով։ Անիկա մարդն է որ իր տեսածները թուղթին յանձնելու արարքը կ՚ընէ իմաստի լրջութեամբ, չըսելու համար իմաստասիրական տարողութեամբ, կրկին չաղարտելու համար ինքնին լղրճուած բացատրութիւն մը։ Առանց դատելու, ինչպէս առանց մոլորելու նկարագրական սնոտիքին հրապոյրէն, անիկա ունի իր կերպը իր տեսածները մեզի հաղորդելու: Դիմաստուերներ ու առիթով վերհանուած առաքինութիւնները, որոշ չափով, հոս ալ կը մնան ի զօրու:

Հատոր մը յուշերու, պատկերներու, նշմարներու, ուրուաստուերներու, տպաւորութիւններու պիտի ըլլար լաւագոյն վկայութիւնը այս մարդուն, մեր ժամանակին վրայ: Ու առանց գրականութեան իրագործուած այս արժէքը ես չէ որ պիտի ենթարկէի վաշխառուական կերպերու, սակարկումներու փոքրութեան։ Եղիայէն, Արփիարեանէն, Մամուրեանէն նման հատոր մը թերեւս նեղէր մեզ այսօր երբ այնքան կը սիրենք հում իրականութիւնը։ Հ. Ասատուր ի վիճակի է մեզ աւելի քան գոհացնելու: Իր հիացումը Մ. Մամուրեանի Հայկական Նամականի ին վրայ, յստակ ու վճռական փաստ մը չէ իր խառնուածքէն, մտքէն ու ճաշակէն, այլ հեռահաս կարօտ մը, ամբողջ վարդապետութեան մը խորհրդանշանը թերեւս։ Մեծ բառերու դէմ իր խորշանքը, մեծ շարժումներէ իր ընդոծին կասկածը արգիլած են զինքը բանաձեւելէ այդ հանգանակ կարօտը որ գրական վարդապետութեան մը համազօր եղաւ իր մօտ։ Արեւմտահայ գրողներու շատ շեշտուած անհատականութիւնը այսօր արգելք է ընդհանուր ձգտումներու, ուղղութիւններու արտահանման մը։ Հրանդ Ասատուր կը ներկայացնէ այդ գրականութեան մէկ պատկերը, ուրիշներէն շատ աւելի հարազատութեամբ։ Մեծարենց մը, Դուրեան մը, Վարուժան մը պոլսերանգ են կամ ոչ։ Կրնան ըմբռնուիլ հարիւր տարի յետոյ, թերեւս առանց Պոլիսին: Հրանդ Ասատուր հանգոյց մըն է, ուր այդ գրականութեան քանի մը լայն, շահեկան կողմերը մարմին են եղած։

Ու վերջացնելու համար

Առանց ասպարէզէն գրողի յաւակնութեան, որուն ձախորդ արդիւնքները մենք կ՚ողբանք այսօր Եղիայի, Չերազի, Մամուրեանի, Պէրպէրեանի, Պարթեւեանի, Չրաքեանի (յիշելու համար ամենէն յատկանշական անունները արեւմտահայ գրականութեան) գործերուն վրայ, ինչպէս առանց բորբոսաբոյր pédantismeին որ մեր պատմա-բանասիրական-քննադատական դպրոցին գործերը կ՚ընէ այնքան տրտմօրէն, անսիրելիօրէն մասնագիտական (Մխիթարեաններու վերջին կերպը), Հ. Ասատուր իր դէմքին վրայ կը պարզէ մեր մէջ կարելի կաղապարը այդ երկու ուղղութիւնները ներդաշնակօրէն համախառնող։

Ա. Հմտութիւն, պարկեշտ, խղճահար ուսումնասիրութիւն, հաստատ ծանօթութիւններ, որոշադրուած նպատակ, հանրային ջերմ, ողջմիտ հետաքրքրութիւն կողմերն են ասոնք մեր անդրանիկ սերունդին, լայն, համայնագիտական պաշարով եւ ծրագրով, որ սկսաւ մեր գրականութիւնը բայց տարուած` իր մտադրութեանց գեղեցկութենէն մոռցաւ հիմնականը, այդ ամէնը ընելու մէջ ու ատեն՝ այն անհրաժեշտ այլ տիսիբլինը որով իմացական գործունէութիւն մը կը յաւէրժանայ ժամանակի ծորին մէջ։ Արուեստի զգայարանքն էր այդ մոռցուածը։ Քանի մը տեղ դիտել տուի թէ Հրանդ Ասատուր կը շարունակէր զարթօնքի սերունդը։ Ահա թէ ինչ կ՚ուզէի ըսել: Անիկա այդ սերունդին հասկացողութեան, մտապատկերներուն վրայ աւելցուց արուեստին զգայարանքը որ հոս շատ պարզ, պարկեշտ պահանջ մըն է, տափակութենէ խուսափելու համեստուկ ճիգը (փոխադրել հարցը արեւելահայ գրականութեան պարունակին ու նոյնութեամբ հաստատել այս ամէնը Նալբանդեան–Շահազիզ խմբակին վրայ)։

Բ. Հրանդ Ասատուր այդ արուեստի զգայարանքը չաճեցուց թարմատար յաւելումներով։ Անիկա զերծ պիտի մնար իր սերունդէն ոմանց մօտ անտանելի, խնամապաշտ (puriste) եւ ատով շրջուած հռետորութենէն, ըսուածքին փարթամութիւնը հետապնդող հոգացողութենէն որ, օրինակի մը համար, Արշակ Չօպանեանի վիպակները կը վիրաւորէ։ Անիկա խուսափիլ գիտցաւ փայլուն, աժան ընդհանրացումներուն հրապոյրէն որոնք դրական քննադատութեան մարզին վրայ մեծ յաջողութիւններ կը նկատուէին։ (Չեմ ընդլայներ վարկածը, հետեւելու համար արուեստի զգայարանքին վերջին չարափոխութեան, արուեստագէտ սերունդին զգայնութեանը մէջ):

Ան, այսօր, աւելի սիրելի է քան Եղիան որ վերջին դպրոցին փարթամ ներկայացուցիչը եղաւ ու ամբողջ երեսուն տարի մեզ յոգնեցուց իր թերի գիտութիւնը ու հզօր զգայնութիւնը աչքկապուկի հանելով գիրքէ գիրք ու դպրոցէ դպրոց եւ չկրցաւ մեզի ձգել Դիմաստուերներ մը գոնէ։ Ան վեր է Գրիգոր Օտեանէն որ իր սերունդին մէջ յաւակնեցաւ կարելի եղածին չափ մօտ մնալ արուեստի զգայարանքին, դժբախտաբար աս ալ վենետիկեան ամուր dressageով մը այլայլուն։ Ու իբրեւ հետեւանք այս մարզանքին աղարտեց իր ընդարձակ փորձառութեան, աշխարհէն ամբարած ճանաչողութեան բարիքները ու պակսեցաւ մեր գրականութեան (իր տուրքերուն առատութեան հետ բաղդատուած՝ նիհար իր քրոնիկները մեզ կը վիրաւորեն այսօր) ինքզինքը չկրնալ տալէն զատ, չտալով նաեւ իր անդրադարձումները իր շրջապատէն։ Բաղդատութեան նոյն գնացքը զիս կը կեցնէ դէմքին առջեւ Մ. Մամուրեանին որուն հետ խառնուածքի ինչպէս ըմբռնողութեան քանի մը հասարակաց գիծեր չեն բաւեր բաղդատութիւնը զուգակշռի փոխելու: Հրանդ Ասատուրի գործը կը դիմանայ, մինչ նոյն հոգերու ծնունդ Հայկական Նամականի ն հնութեան պատկանող հատոր մըն է միայն։ Անոր կը դիմենք Մամուրեանին դէմքը կազմելու ատեն: Բայց կ՚անցնինք անդին, այդ հատորով մեզի թելադրել ուզուած ե՛ւ միտքերէն ե՛ւ մտածումներէն, նոյնիսկ տառապելով դէմքերուն (հոն տրուած) չարափոխեալ խումբին դիմաց, երբ այնքան դիւրին, բնական ու անփոխարինելի պիտի մնար մեզի համար ուղիղ նկարումը այդ մարդոց։ Այսօր Պարոնեանի մը Ազգային Ջոջեր ը (զեղջելէ վերջ նոյնիսկ գրողին հիմնատարր արժանիքը, հեգնութեան հարկը) այդ մարդոց մասին աղբիւրներ են իրական կեանքի։ Հայկական Նամականին իր անտանելի կեղծումովը մեզ կը ձգէ անտարբեր:

Իրմէն առաջ դժուար է փնտռել մէկը որ ամփոփէր Հ. Ասատուրի մեծ յատկանիշները։ Մ. Գարագաշի վաստակը կործանած է լրիւ: Իրմէ վերջ կը շարունակենք չունենալ իր խղճմտութիւնը, հմտութիւնը, լայնամտութիւնը մէկտեղող մարդը որ փորձէր գէթ մեզ անմիջապէս կանխող սերունդին վրայ բերել իր բարձր, ամուր, արժանահաւատ վկայութիւնը: Չօպանեանի մէջ գրագէտը շատ է պահանջկոտ որպէսզի կեանքին իրողութիւնները չխեղաթիւրէր ու մեզի զիջէր տալ մարդերը ինչպէս էին անոնք։ Պարկեշտութեան պակաս մը չեմ վերագրեր հայ քննադատութեան անդրանիկ աշխատաւորին, այլ զգուշաւորութիւնը, թաքթ ը Հ. Ասատուրին որ աշխատած է մնայունին ի խնդիր: Ոչ Բաշալեան, ոչ Կամսարական մտքէ պիտի չանցնեն այդ բանը մանաւանդ հիմա որ կոխոտուած են տարիներէն։

Կարելի է իր առիթով քիչիկ մը ազնուացնել բորբոսած բանասէրը, վիեննական դպրոցով հոմանիշ դարձած՝ այլեւս անարդի, մտածումէ պարպուած, չորութեան, փաստի, համեմատութեան, լեզուաբանութեան ու եղջերուաքաղային intuitionի . Եկէնեան) համատրոփ ճիգին: Կարելի է զիջիլ իրեն պատմիչ տիտղոսը, անշուշտ իր պարզագոյն ձեւին տակ, առանց մեծխօսիկ հետեւաբար սնամէջ ընդհանրացումներու մեղքին, բայց առանց այն անխուսափելի գերութեան որ անունն ու թիւը, թուականն ու շրջանները կը հարկադրեն ամէն պատմողի։

Տպաւորապաշտ, առանց յաւակնութեան, տարափոխման, ինքնացուցման ջանքի։ Դատող, իրաւաբանական տրամաբանութեան մը ամրութեամբը բայց ոչ չորութեամբը։ Խմբագրող, իրմէ աւելի խորհելով անոնց որոնց սպասարկումը ստանձնած է խղճմտանքին առջեւ։ Ուսուցիչ, որպէսզի մէկ քանի յատկութիւններ պատուաստուէին մատաղ տղոց հոգիին մէջ, իրմէ թէ ուրիշներէ, հոգ չէր ատիկա։ Ու անձանձիր հաւաքող, մեր մօտ անցեալը շահագրգռող ամէն նշխարի:

Այս բոլորը քով քովի։ Առանց հաւաքածոներու յատուկ անկապակցութեան։ Ու առանց տափակութեան։ Պէ՞տք է անցնիլ լռութեամբ քերականի իր աշխատանքէն մէկու մը առջեւ որ աշխարհաբարին օրինականացման, ընդհանրացման ամենէն երախտառատ մշակը եղաւ, իր դասագիրքերով։ Չեմ կարծեր։

 

***

Մեծ դէմքերէն վերջ երկրորդ անունը որուն առջեւ կանգ կ՚առնեմ, դժբախտ մարդ մըն է, շատ փայլուն տուրքերով բայց նսեմ ճակատագրով, ինչպէս կ՚ըսեն։ Անիկա, 1890-96ի շրջանին գրեթէ զարտուղութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ երբեք իրապաշտներուն հանգանակէն կարեւորագոյն հատուածի մը գործադրութիւնը չբերէր ընդհանուր աշխատանքին: Ճիշդ է որ Պանդուխտներու Կեանքէն ը արդէն ակօս մըն էր բայց անոր հեղինակը մտասեւեռումներու մարդ մըն էր, ու մեր ժողովուրդին հոծ դժբախտութեան մղձաւանջովը տաղտապուն, գրեթէ չէր զգացած անհուն միւս իրողութիւնն ալ, պարզ, իրաւ, գեղջուկ կեանքին ամպարագիծ քաղցրութիւնը: Այս ժողովուրդը միայն պանդուխտներու, բանուորներու, հարստահարողներու եւ զոհերու ամբոխ մը չէր ինչպէս կ՚ելլէ այս համապատկերը Հրանդի գործէն: Այլեւ գեղացիներու յաւիտենական զանգուած մը որուն համար սիրոյ փշրանք մը, կուշտ փորը, աղուոր արտեր, լիճ մը, ձիթենիի անտառներ, երգեր յաճախ բաւ էին եղած ամօքելու իր գերութեան ամօթը։ Ահա այս իրողութեան անդրանիկ արտայայտիչը եղաւ պոլսամերձ շրջանի մը խոնարհ մէկ գրողը։

Չեմ գիտեր, Հայրենիք ի (1890-96) վարիչները ճշդիւ գիտէի՞ն թէ ինչ մեծ յանդգնութիւն մը կը կատարէին, պոլսական գրական մեր հասկացողութեան բանալով այս նոր հեռանկարը: Գաւառիկ գրականութեան մը ամենէն ամուր, արգաւանդ ըմբռնողութեան փաստը պիտի ըլլար ատիկա, պարագայ որ 1900էն յետոյ յստակ իր նկարագիրը ունի երբ խարբերդցի գրողները (Թլկատինցին եւ Զարդարեանը) տուած են արդէն շարժումին կարելի ուղղութիւնը բայց որ 1890ին անորոշ, չըսելու համար աննպատակ խարխափանք մըն է դեռ։ Շատ քաղցր երախտագիտութեան պարտք մը պիտի ըլլար ատիկա, այդ օրաթերթին դերին մասին։ Բայց սխալ չըլլար գուցէ հաստատել որ շարժումը շատ բան կը պարտի իրապաշտ ոգիին։ Թլկատինցին, Գեղամը (Մուշի), Ռ. Զարդարեանը ստեղծողը անշուշտ Հայրենիք ը չէ, բայց ասոնցմէ նախասիրուած գրականութեան մը զօրավիգ, քաջալեր կենալն ալ այնքան աժան ու դիւրին փաստ մը չէ որուն առջեւ ներուէր մեզի գլուխ թօթուել ու անցնիլ։ Իրաւ է որ կարիքը հրամայական էր գաւառը պաշտպանելու ու այդ պաշտպանութիւնը կատարելու տրամադրելի ամէն միջոցներով։ Ոչ միայն յեղափոխական խումբեր կրկէս կ՚իջնային, այլեւ յեղափոխական պատրիարքներ Սուլթանին կը համարձակէին խօսիլ յանուն այդ հարստահարուած գաւառին։ Այդ պաշտպանութիւնը պիտի զարգանար Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի աշխարհահայեացքներէն տարբեր մղումներու ներքեւ։ Հաստ, գռեհիկ, պոլսեցիներուն համար անշահ սրամտութեան ու ընդհանուր զաւեշտի նիւթ միայն տուող գաւառացին [4] Հրանդի գրչին տակ պիտի գտնէ հսկայ բաթէթիք, թելադրական ուժ։ Ու առաջին անգամ ըլլալով մեր պատմութեան մէջ պիտի թրթռայ ազգային գիտակցութեան թմրած բայց անմեռ ձայնը: Ու այս արդիւնքին համար պիտի հրապարակ բերուին այդ ժողովուրդը շինող զգացումներ, յոյզեր, դարաւոր եղափոխմամբ մը նկարագիր դարձած մտքի ձեւեր, տեսնելու, ըսելու, ապրելու հանգամանքներ որոնց եթէ ոչ անծանօթ գէթ անհաղորդ էր եղած մեր ռոմանթիզմը։ Որոնց գոյութիւնը չէր զիջած նշմարել մեր զարթօնքի սերունդը, ֆրանսական բռնավարութեան մէջ սնունդ առած եւ մարդ տարրը շատ ընդհանրացուցած, անկէ զեղջելու չափ առաջ երթալով մասնակին, ցեղայինը: Իրապաշտները սրբագրութիւն մը չրին այդ յղացքին մէջ, բայց իրենց յաւելումն է հայ տարրը անկէ ներս: Իրենց արգիլուած էր տիրող ցեղին ալ վերլուծումը, գրաքննութեան պատճառով։ Ու իրենց խաչակրութիւնը, ընդդէմ հարուստին, հարստահարողին, հարկադրաբար պիտի ուղղուէր մեր պարունակին միայն։ Խոնարհները, հարստահարուողները այն ընդարձակ աշխարհը կը կազմեն ուրկէ իր տիպարները ընտրեց այդ դպրոցը: Ու իբր այդ հասկնալի՛, վարկը` զոր վայելեցին Արփիարեանի անաւարտ ուրուանկարները, Շաքարեանի գրեթէ տարերկրեայ (exotique) պատառիկները հեռու, հէքեաթունակ աշխարհէն, Տողրամաճեանի մը փափուկ, գողտր, այլապէս համեղ դրուագումները, միշտ այդ ժողովուրդին առօրեայ ապրումներէն որոնք կը դառնային պոլսեցիներուն սեպհականութիւնը այդ մարդոց միջոցով։

 

***

Հայրենիքի սարերու ոտքին, կոյր գետակէ մը իր մահը գտած (1902) ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆը (որ գրական անունն է Կարապետ Տողրամաճեանի) իր գրական արդիւնքին չափ սիրելի, յատկանշական գործունէութիւն մըն է ապահովաբար։ Ինչ փոյթ որ իրագործած չըլլայ ինքզինքը լիովին։ Անիկա կը կրկնէ մեծ անկատարութիւնը իր սերունդին, գլխաւորաբար արդիւնք քաղաքական թոհուբոհին որ արեւմտահայերուն կեանքը պիտի ըլլար մինչեւ մեծ պատերազմը։ Ու բոլորին նման, ըսել կ՚ուզեմ գրիչ բռնողներուն, Կարապետ Տողրամաճեան սպասը կ՚ընէ հայ քաղաքական դատին, նոյնիսկ Պոլսէն։ Անշուշտ անտեղի կերպով աճեցնել պիտի նշանակէր այդ գործունէութիւնը համեմատութեան հանել աւագ, տիտղոսաւոր ու բարդ դէմքերու տենդին, եռանդուն աշխատանքին։ Բայց ահա տարբերութիւն մը։ Լեւոն Բաշալեան, Արփիար Արփիարեան, Արշակ Չօպանեան, յիշելու համար յատկանշական անուններ միայն, պիտի մնան գիրքի, խօսքի, թերթի ասպետներ Պոլսէն դուրս ալ ու պիտի շարունակեն իրենց յեղափոխական կոչումը պահել ինչպէս արդարացնել, պայքարելով թուղթէ մարտկոցներու ետին ու մտքէ չանցընեն այդ կռիւի եղանակը փոխանակել ուրիշներով։ Կ. Տողրամաճեան մեռաւ ջուրի մը ափին, հեռաւոր ու հերոսական Սասունի ձորակներէն մէկուն մէջ, ծպտուած քիւրտի տարազով։ Անշուշտ որ այս եղերական վախճանը բան մը կ՚ապացուցանէ։

1896ի ջարդերուն, անիկա Պոլսէն փախչողներուն խուճապին մէջ շունչը կ՚առնէ Պուլկարիա։ Ու իր գրականութեան այն մասը որ ծնունդ է այդ տարագրութեան զգայութեանց, կարելի է իբր սկիզբ ընդունել այն միւս գրականութեան, փորձուած Երուանդ Օտեանէ, Արամ Անտոնեանէ, Եփրատի ափերուն ապրուած անհուն ողբերգութեան։ Վառնայի գաղթակայանէն ներշնչուած վիպակները Վահան Մանուէլեանի Նշխարներ հատորին մէջ գրական էջեր ըլլալնուն չափովը փաստեր են մեր ժողովուրդին գերագոյն տագնապներուն։ Մի մօտեցնէք մեր օրերու սփիւռքին գրական ճաշակները, ձգտումները 1900ի արմատախիլ սերունդին։ Մեծ անգթութիւն մը պիտի գործէիք:

Պուլկարիոյ մէջ, իր նոր անունով, ան կը գործէ, հաւատարիմ իր դաւանանքին [5] ։ Պարզ, համեստ, բայց նուիրման մեծ ուժով մը այլափոխուած ուսուցիչն է ան։ Անշուշտ շատ բան է տեսած գաղթակայաններուն դանդիռէն։ Եւ սակայն ազնիւ հոգիներուն գործն է տեսածները ամբարել ու անոնց օգտագործումին մէջ մնալ տիրական, դրական ոգիով մը զրահաւոր։ Ու այդ փաստը կայ այդ վարժապետին անձին վրայ: Կը համախմբէ վայրավատին յոյսերը, բեկորները, ու կը փարի անհասկնալի բայց մշտայժմէ պատգամին որ իր ժողովուրդինն է, հաւանաբար երկու հազար ու աւելի տարիներ առաջ իսկ։ Քննեցէք պատմութիւնը եւ ըսէք թէ ուրիշ բան ըրած են մեր նախնիք քան ինչ որ կ՚ընեն միշտ մեր հոգեւորականները, վարիչ անձնաւորութիւնները, մեծ աղէտներէ վերջ։ Հաւաքման, նորոգման աշխատանք: Յետոյ, յեղափոխական այդ գործունէութիւնը ծիծաղելի չէր եղած 1908ի սահմանադրական խեղկատակութեան տրտում դրուագներով։

Մեր գրականութեան մէջ դժբախտ անուններու շարքէն սա անունին վրայ այսքան մը խօսք աւելորդ չեմ նկատեր: Ու ասիկա այն գլխաւոր պատճառով որ Վահան Մանուէլեանէ մեզի մնացած նշխարներուն մէջ կան մէկէ աւելի գլուխ-գործոցներ: Ու այդ կտորներուն նշանակութիւնը անով կը բարձրանայ իմ աչքին որ հայ գիւղին մէկ բոլորովին անծանօթ երեսը, պատկերը անոնցմով փրկուած է կորուստէ։ Պատերազմէն յետոյ, ազնիւ, բարձր ջանքերու շնորհիւ մեր աստանդական հայրենիքին նշխարները, առանց գրական մշակումի նոյնիսկ, այնքան թանկ կշիռ մը ունին։ Մէկ երկու վիպակները Կ. Տողրամաճեանի, յստակ իրենց կառոյցին ու գնացքին մէջ, ինծի կը դարձնեն անմոռանալի պահեր ու տեղեր։ Անոնց մէջ գործող մարդերուն քաղցր հայութիւնը ուրիշ վայելք: Յիշեցի քիչ վերը իր Հովուերգութիւն ը։ Միայն այդ շրջանին ծանօթ մէկու մը զգայնութիւնը չէ որ կը խօսի իմ մէջ երբ այդքան բարձր գնահատանք մը կ՚ընեմ այդ կտորին։ Այլ գրական ըմբռնումի մը կորսուած փաստը զիս կը մղէ այդ դատաստանին։ Ցամաքութիւն, անհրաժեշտին զգայարանքը, խոր, իրաւ մարդկայնութիւն, բանաստեղծական աչք, այսինքն տեսնելու կերպ, պարզ ու հարազատ ապրումներ, ու կեանքը վերարտադրելու մէջ հիմնականին զգացողութիւնը, ահա յատկանիշներ որոնք այդ վիպակները կ՚ընեն մշտաթարմ ու գեղեցիկ։ Ու պէտք կա՞յ, աւելցնելու որ այդ յատկանիշները նոյն ատեն յատկանիշներն են դասական արուեստին: Ոչ Հրանդի տրտմաթաթաւ, ողբերգական պէքեար ը, ոչ Թլկատինցիին մանուածապատ, կնճռոտ ու դաժան գեղացիները, ոչ Զարդարեանի բանաստեղծօրէն գերյագեցած (sursatur é ) բնութիւնը։ Այս հեղինակները ժամանակակից են Տողրամաճեանի գրականութեան։ Մեր գիւղագիրներուն մէջ ամենէն հարազատ այս գիւղացին մեղք որ խլուեցաւ մեծ փոթորիկէն։ Իրմով կ՚անհետանար լայն ու բարի ակօս մը մեր գրականութենէն։

 

***

Վ. Մանուէլեանի հետ, զուգորդութեամբ իմ մէջ կը յառնէ դարձեալ գաւառացի ուրիշ դէմք մը։ ՇԱՔԱՐԵԱՆն է ատիկա։ Մեր հայրենիքին կեդրոնէն, Վանէն։ Աս ալ դժբախտ, մոռցուած անուն մը: Իրապաշտութեան փառքի օրերուն, Հրանդի, Արփիարեանի շուքին մէջէն, անիկա կը ստորագրէ մէկ երկու տարօրինակ էջեր, որոնք լրագրական պազարին մէջ իսկ եղած էին ուշագրաւ։ Պարզ ու իրաւ կեանքը, ասոր զգայարանքը, առանց դիտումնաւոր գունաւորման։ Արու, քիչիկ մը բիրտ, բայց զգայնական մեծ քնքշութեամբ արուեստ մը, այդ կեանքը նուաճելու համար: Մեր գաւառին այս պատկերը ոչ ոքի մօտ հանդիպած եմ ես։ Հայուն հոգին, հողին հանդէպ դարաւոր պաշտամունք, բայց աւելի՝ նիւթապաշտ այն կողմէն որ տիրական է օրինակի համար Պապիկ եւ Թոռնիկ հատորիկին մէջ, ու այդ զգացումները արտայայտող նոյնքան համակրելի գրչութիւն մը (ecriture), որ առաջին իսկ շփումով կ՚անցնի քեզի։ Գրական հորիզոնէն անիկա կ՚աներեւութանայ 1895ի տագնապներուն։ Կը յիշեմ իր սպանութիւնը 1896ի Վանի դէպքերուն ընթացքին:

Ինչ որ իր ստորագրութեամբ կը մնայ ցրուած, օրաթերթերու սիւնակներուն, արժանի է արդար փառքի [6] մը: Հատոր մը իրմէն կրնայ մօտիկը դրուիլ Պապիկ եւ Թոռնիկ ին, կարգ մը առաւելութիւններով իսկ բախտաւոր։

 

***

Անուններու այս շարքին կ՚աւելցնեմ ՏԻԳՐԱՆ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆը, ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆը, ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆը, ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՇԱՔԼԵԱՆը, ՍՏԵՓԱՆ ՔԱՐՓՈՒՐԹԼԵԱՆը, Ե. ՄԵՆԻԿը (Եր. Շնորհքեան), մարդեր որոնց մէջ գրագէտ մը կայ ապահովաբար, բայց որոնց արդիւնքը, հակառակ այլապէս հրահանգիչ իր հանգամանքին, չէ իջած հասարակաց գնահատման: Անշուշտ, ասոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանի է գուրգուրագին ուսումնասիրութեան մը, քանի որ նոյն ու մէկ մտահոգութեան մը զանազան երեսները կը պարզեն։ Բոլորն ալ ունին մէկէ աւելի էջեր որոնց մէջ ճշմարիտ գրագէտի մը ոչ միայն խառնուածքը, այլեւ շրջանին մեծ ցանկութիւնները կը զգաս անմիջապէս, պարագա՛յ, որ անոնց հեղինակները կը զատէ ամէն շրջանի մէջ չեռացող երկրորդական, երրորդական երբեմն մեծաղմուկ, մեծահամբաւ իսկ փոքրութիւններու խմբակէն, գրականութեան մը համապատկերին մէջ յիշուելու արժանիքի մը չբարձրացած սակայն։ Այս վերջին խումբին կը պատկանին հաւանաբար Տ. Մ. Սվաճեան, իր վէպ ովը որ չէ ազատագրուած. Պ. Վ. Սվաճեան որուն նորավէպերը թոռմած կը մնան ժամանակի գովեստին ներքեւ:

Կը զբաղիմ, արագ հպումներով, առաջիններուն գործովը։

Տիգրան Արփիարեան, մեր դպրութեան պատմութեան մէջ գէթ իր «ծառայութեամբը» արժանաւոր դէմք մըն է։ Սրամիտ, խելացի, դիւրահաղորդ իր ոճը զինքը ըրած է իրապաշտութեան վերջին տարիներուն ու մանաւանդ աւելի ետքը մէկը մեր փնտռուած գրողներէն։ Իր քրոնիկները անարժան չեն իրապաշտ հանգանակին։ Արեւելք ի, Հայրենիք ի Մասիս ի (զոր 1900էն վերջ խմբագրած ալ է) մէջ անիկա ոչ միայն այն օրերու ընթացիկ քրոնիկը մշակած է մեծ ճարտարութեամբ, այլեւ գրած է գրական քրոնիկի թեթեւ, հաճելի, անվնաս կաղապար մը։ 1900ի շրջաններուն, գրական կեանքին շուրջ ան ունի համով, յաճախ ճիշդ խօսքեր, առանց ծանր դատումներուն ընկերացող յաւակնութեան։ Ի պաշտօնէ քննադատի մը քրոնիկները չեն անշուշտ անոնք, ինչպիսին է պարագան, օրինակի համար, Արշակ Չօպանեանին: Բայց շրջանը, իր հարազատ գոյնին մէջ տեսնելու համար, չափազանց շահեկան։ Իրմէն կ՚ազատի սակայն պատմուածք մը, Աւազներուն մէջ, գրուած իրապաշտ ոգիէն վեր ջերմութեամբ մը, գրեթէ Տոտէի մը զգայնութեամբը եւ տիպարային ժուժկալ իրականութեամբ մը։ Եթէ իրապաշտ նորավէպին տեսողական (visuel) առաքինութիւնները, հանդարտ գծագրումը ու պարզութեան մէջ կատարեալ շէնքը կը հաստատեմ Կ. Տողրամաճեանի Հովուերգութիւն հատուածին մէջ, նոյն այդ սեռին զգացական, մարդօրէն քաղցր յաջողուածքը ապահովաբար պէտք է նկատել Աւազներուն մէջ ը։ Մարդեր, բնութիւն, յուզումի ոլորտ, տեսողութիւն, զգայնութիւն, բարքեր։ Ու ասոնց քովն ի վեր շրջանի մը յատկանշական ձգտումը, կեանքի ճամբով բարոյականին դարպասը։ Կան ասոնք այդ նորավէպին մէջ։

Տիրան Քէլէկեանն ալ իր անունը աւելի քան արդարածցնող իրաւունքներ ունի գրականութեան պատմութեան մը մէջ արձանագրած ըլլալու: Իր մէջ ուշագրաւ է պետական, քաղաքական, ընկերային ամուր յատակ մը զարգացման։ Քիչիկ մը համայնագիտական սա իմացական յարդարանքը հաւանաբար պահանջ մըն էր այդ օրերուն։ Տիրան Քէլէկեան տոկուն, լուրջ, ընդարձակ հորիզոնով խմբագիր մըն է: Ատոր փաստերը կան այն մեծ աշխատանքին մէջ որ իրը եղաւ ատեն մը երբ թուրքերուն մէջ իր որոշ շրջանակը եւ մթնոլորտը ունեցող թերթի մը ( Սապահ ) խմբագրապետը եղաւ, ու ատով փաստը տուաւ պետական շեշտ ըմբռնողութեան մը: Իր այս գործունէութիւնը անշուշտ իմ մտքին կ՚արթնցնէ կարելի մերձեցումներ մեր զարթօնքի սերունդին աւագ պաշտօնատարներուն հետ: Բայց ահա տարբերութիւն մը։ Անոնք իրենց իմացական շնորհները չհամարձակեցան փորձի ենթարկել օտար լեզուով ու օտար մտայնութեան մը վրայ: Օտեանէն չունինք ոչ միայն թուրքերէն էջ մը, այլեւ այդ ժողովուրդը վերլուծող որեւէ ձեռնարկ (լեզուն երկրորդական պիտի գար)։ Ռուսինեան, Զօրայեան, Մ. Աճէմեան թուրք պաշտօնեաներ էին ու ամենօրեայ շփումով մը ընտանի այդ հոգեբանութեան։ Ոչինչ են թողած այդ ուղղութեամբ։ Հ. Ասատուր, Գ. Զօհրապ այլապէս կը ճանչնան թուրքը: Բայց իրենց գործին մէջ չենք հանդիպիր այդ ճանաչողութեան հետքերուն: Տիրան Քէլէկեան թուրք հանրային կարծիքը վարելու չափ տեղեակ էր այդ ժողովուրդին հոգեբանութեան: Ու ասիկա արժանիքէն անդին բան մըն է զոր հոս պարտք կը զգամ արձանագրելու: Իրապաշտ շարժումը գրական ըլլալուն չափ ընկերային ճակատ մըն է, ու քաղաքական շեշտ ալ բարեխառնութեամբ մը: Ու թուրքին դէմ պարզուած այս ճակատին ետին վանականներ, արեւելահայեր, կամ վարժապետներ՝ որոնք կը վարեն պայքարը։ Վրիպած վենետիկեանը (ինչպէս ըսին Արփիարեանին համար) թուրքին ճանաչողութիւնը պիտի ընէր մահուան մօտերը: Քաղաքական ըմբռնողութեան սա փաստը Քէլէկեանին մէջ կը բարձրանայ ուրիշ ալ գեղեցկութեան: Անիկա իր համոզումները անուշելու տկարութենէն զերծ մնաց։ Ան յանձն է առած թափառական թշուառութիւնը այն օրերու տիպարին։ Չէ գործած անշուշտ ցեղակից ընկերներու հետ (թերեւս իր խառնուածքը, զարգացումը, խոր ճանաչողութիւնը կը միջամտեն այս հեռացումը ստեղծելու) բայց չէ վարանած իր լեզուով արտայայտել ինքզինքը, ինչպէս գիտէր արտայայտուիլ պետական լեզուով ու եւրոպական ալ լեզուներով։ Իր սեպհական միջոցներով (բարձրագոյն կրթութեան մը բարիքը չէ վայելած իր պատանութիւնը) զարգացման սա մթերքը, ու հալածական հայու մը կտորէն հայթայթուած սա գործունէութիւնը իր տիպարը կ՚ընեն արժանի մեծ համակրանքի։ Իր գրական (հայերէն) վաստակը կը մնայ կնիքին տակը իր խառնուածքին որքան կեանքին մեծ ելեւէջներուն: Իր Ֆանթէզի ները չունին Արփիարեանի մը humeurը անշուշտ։ Բայց աւելի են 1900ի մարդիկ (փոքրերը կ՚ակնարկեմ) փնտռուած, թացիկ, աժան քմայքներէն ( Թէոդիկ, Տոմինօ եւ ուրիշ աւելի թշուառ հոսհոսներ)։ Լուրջ ձեռնարկ մըն է թուրք կեանքէ իր պատմական մէկ վիպակը, Ալէմտար փաշայի պետական հարուածը ու եղերական մահը նիւթ ունեցող։ Ոչ միայն հմտութիւն այլեւ տալու որոշ կերպ այդ պատմումը կ՚ընեն ուշագրաւ: Թրքական հոգիին վրայ պարզ նշմարէ մը աւելի է այդ փորձը։ Իր միւս պատմուածքները Գլանիկ եւ Սիրայր կեղծանուններով կը կապուին իրապաշտ վիպակի միջինին, առանց որոշ ինքնութեան։ Եթէ Տիգրան Արփիարեանէն հատոր մը պիտի ծառայէր միայն ու միայն հեղինակին փառքին, Տիրան Քէլէկեանէն հատոր մը տոկուն, ծանր գիրք մը պիտի ըլլար, հարուստ՝ շրջանային ստորոգելիներով։

 

***

Ճշմարիտ, լեցուն խորհողի մը համբաւը, ինչպէս հարազատ, արդար գործիչի մը կեանքը իրարու անարժան չեն այն պատուական անունին վրայ որ Գալուստ Անդրէասեան կը ստորագրէր։ Գիտական որոշ պատրաստութիւն, որ չըլլայ խաթարուած մասնագիտական չորութեամբ, բայց չըլլայ նոյնպէս անաւագուած ինչպէս է պարագան, օրինակի մը համար, հայ բողոքական յօդուածագիր-բրօֆէսէօրներուն եւ կամ Մ. Մամուրեանի տնտեսական գիրքերուն մէջ։ Գ. Անդրէասեան լրջութեամբ կ՚առնէ իր դերը։ Կրթական հարցերու վրայ իր յօդուածները ունին գիտական նկարագիր։ Հեղինակներու մասին իր դատաստանները կը մատնեն զննող, վերլուծող, համեմատող միտքը: Ընկերային հարցերու շուրջ իր կարծիքները աւելի են քան dilettante, թերի, թերխաշ ընդհանրացումները որոնք արեւելահայ խողովակով պիտի ծաւալին մեր մէջ, 1900էն ասդին։ Զուսպ, չոր բայց հիւթեղ ոճի մը մէջ անիկա արձագանգ եղած է գիտական ոգիին որ վերջացող դարու վախճանին ճշմարիտ հակազդեցութեան արարք մը եղաւ եւրոպական շրջանակին մէջ։ Այս մտածողութեան ոչ-գրական ըլլալն ալ ուրիշ արժանիք։ Մէկն է այն քիչերէն որոնց գործին վերլուծումը յատկանշական համապատկերներու պիտի առաջնորդէր որեւէ աշխատասիրող։

 

* * *

Անխառն գրագէտի ուրիշ նմոյշ մը` Աղեքսանդր Շաքլըեանը: Ցանցառ իր էջերուն մէջ մնալու սահմանուածները մէկէ աւելի են։ Իր Կորսուած Արդարութիւնը, իրապաշտութեան ոսկեդարուն իսկ, բանաստեղծական զգայնութեան գեղեցիկ փաստ մըն է որքան նկարող աչքի մը։ Իրապաշտներու եւ յաջորդներու կողմէ գրեթէ միշտ անյաջող կերպով փորձուած սեռէ մը, արձակ քերթուած, ընտիր նմոյշ մը, նոյն ատեն։

 

***

Քիչ բա՛ն այն երիտասարդէն՝ որ Երուանդ Շնորհքեան անունին տակ ծանօթ էր Հայրենիք եան շարժումին մէջ եւ աւելի յետոյ Բարիզէն պիտի շարունակէ գրել Ե. Մենիկ կեղծանունով։ Քրոնիկն է իր սեռը, որ կը վերածուի երբեմն յօդուածի: Ազգային կեանք, օրուան դէպքերուն շուրջ տպաւորութիւններ։ Ազգային տագնապ։ Առի իր անունը ներս այն պարզ պատճառով որ անաւարտ գրագէտ մը կար անկէ ստորագրուած ամէն մէկ կտորի ետին։

 

 

***

Նոյնքան քիչ բան է մեր ունեցածը Ստեփան Քարփուրթլեանէն որ քննադատական որոշ հասկացողութիւն է յայտնաբերած Քից ի վրայ իր ուսումնասիրութեան մէջ։ Իրմէն կը յիշեմ քերթուած մըն ալ, Շամտանճեանի Մասիս ին մէջ։ Գրագէտ մը կար այս մարդուն ալ մէջը։

 

* * *

Ահա շարժումը:

Յաջորդ սերունդին մէջ անոր երկարաձգումը եւ խաւարումը նիւթն է ուրիշ հատորի մը։

 

 

 

 



[1]        Ժամանակակից Դէմքեր, Զ. եւ Հ. Ասատուր . Ազատեան)։

[2]        Դիմաստուերներ . Շարք) ձեռագիր վիճակի մէջ, նուիրուած Մ. Պէշիկթաշլեանի, Գ. Կոստանեանի, Խ. Միսաքեանի, Տէրոյենցի, Ռ. Պէրպէրեանի, Արփիարեանի, Չերազի, Քէչեանի, Ծերենցի, Օրմանեանի, Պարոնեանի (1877-1891), Մ. Գարագաշի, Թէրզեանի, Յ. Սվաճեանի, Ս. Փափազեանի, Ճէճիզեանի, Յ. Նալեանի, Գրիգոր Փէշտիմալճեանի, Պաղտասար Դպիրի, Անդրէաս Փափազեանի: Այս ցանկը պերճախօս է ինքնին։ Ու աղաղակո՛ղ պահանջը՝ անոր շուտափոյթ հրատարակումին։

[3]        Զարթօնքի սերունդին գործունէութեան շրջանն է ատիկա։ Ու Արշակ Չօպանեանի քննադատական վաստակին կէսէն աւելին նուիրուած էր ատոր պարագրկումին։

[4]        Գրականութեան պատմութիւն մը չի պզտիկնար յիշելու համար Թապլաքեար Վարժապետը անունով զաւեշտը։ Անմոռանալի իրողութեանց պատկեր մըն է ան։

[5]        Ֆիլիպէի մէջ մինչեւ այսօր կ՚ապրի իր ձեռքով կազմուած Գեղարուեստական Միութիւն մը որ իր տեւողութեան հրաշքին չափ զիս կը զարմացնէ իր հետապնդած նպատակին ազնուութեամբը։ Հայ գեղարուեստին սպասն էր ատիկա 1900ին։ Ուրիշ բան չէ նաեւ այսօր։

[6]        Սփիւռքի իմացական կեանքին սրտապնդիչ երեւոյթներէն մէկն է այն փոյթը զոր հայրենի գաւառները ցոյց կուտան, իրենց « հայրենակցական »ներուն նախաձեռնութեամբը, հաւաքել ինչ որ կարելի է, իրենց անցեալէն։ Այդ շատ քաղցր պարտքին քով, նոյնքան մեծ է պարտքը հատորի կանչելու բեկորները գաւառաշունչ գրողներու։ Գլուխ-գործոց մըն է Խրճիթներէն մինչեւ Խորհրդարան պատմուածքը (Օհան Կարo) . Գ. Բ.