ԳԼՈՒԽ
Զ.
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Ա)
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
խորապէս
նկուն
է
այս
սեռին
մէջ,
հակառակ
իր
մեծ
ճիգերուն.
Տխրօրէն
իրաւ
է
փարատոքսը:
Միջոց
չունիմ
ընդլայնելու,
գնահատելու
համար
իր
ճիշդ
արժէքին
մէջ
ճիգը,
որուն
ծնունդն
են
Մխիթարեան
երկու
հատուածներուն
պատմական
երկերը:
Բայց
ինծի
իրաւունք
կու
տամ
ամփոփ
քանի
մը
գիծերով
ճշդել
տարողութիւնը
այդ
արդիւնքին:
Այսպէս՝
1.
Տպագրած
են
միայն
դասական
մատենագիտութիւն
եւ
միայն
այդ
(Շահնազարեան
Վարդապետի
գեղեցիկ
օրինակը
շատ
ուշ՝
չէր
որդեգրուած
Մխիթարեաններէն:
Շահնազարեանի
գիրքերուն
ցանկն
ալ
մնաց
փոքր),
այնպէս
որ,
հակառակ
իրենց
բոլոր
դիւրութիւններուն,
Մխիթարեանները
մեր
պատմութեան
չեն
բերած
տիրական
նպաստ
մը:
2.
Այդ
նպաստը
դարձեալ
չէ
եկած
մինչեւ
1820
տպագրուած
այն
բազմաթիւ
գործերով,
որոնց
գրաբար
գրուելու
մեղքը
կը
ծանրաբեռնուի
հասկաքաղ
ըլլալու
ուրիշ
մեղքովը:
(Մխիթարէն
մինչեւ
Ալիշան,
մեր
պատմական
հասկացողութիւնը
ոչինչով
աճած
է):
3.
Դառն
յամառութեամբ
մը
շփոթած
են
իրարու
հետ
սեռեր,
որոնք
կը
պատկանէին
հակադիր
աշխարհներու:
Անշուշտ
տեղագրութիւն,
աշխարհագրութիւն
եւ
պատմութիւն
հասարակաց
կապեր
կրնան
ունենալ,
բայց
երբեք
չեն
կրնար
զիրար
փոխանորդել:
Ալիշանի
հսկայական
հատորները
վիրաւոր
են
թիւր
հասկացողութեամբ:
4.
Աւելի
բախտաւոր
չէ
Վիեննական
դպրոցը,
ուր
մեծ
դէմք
մը՝
Գարագաշ,
կը
փորձէ
քննական
ստոյգ
հայեացք
մը
մեր
պատմութեան
վրայ:
Գարագաշի
ձեռնարկը
անով
միայն
նշանակութեան
կը
բարձրանալ,
որ
ճիգ
մըն
է
Վենետիկեան
ընթացիկ
շաւիղէն
հեռանալու
եւ
մա՛նաւանդ
իր
ժամանակուան
քննասէր
օտար
միտքերը
իւրացնելու:
Պէտք
է
ըսել,
որ
իր
ջանքը
շարունակող
մը
չունեցաւ
իրմէ
վերջ:
5.
Դուրեան
եւ
ուրիշներ,
մեծ
չափով
ֆրանսերեն
եւ
ուրիշ
գործերու
հեղինակներ,
չբերին
բաւարար
խղճմտութիւն
եւ
խուզարկում,
բանալու
համար
իսկական
շրջան
մը
մեր
պատմութեան
հասկացողութեան
մէջ:
Թուղթի
վրայ
եւ
թուղթով
գոյաւոր
աշխատանք
մըն
է
կատարուածը,
շատ-շատ
քանի
մը
թուականներու
ճշդում,
անուններու
ստուգում,
վկայութեան
շահագործում
ունենալով
միայն
իրենց
զսպանակ:
Խումբին
մէջ
ամէնէն
ընդունակ
եւ
թափանցող
իմացականութիւնը
Դուրեանն
է,
որ
դպրոցական
կարիքներու
համար
իր
գրած
ձեռնարկը
չկատարելագործեց,
նոյնիսկ
չվերադարձաւ
անոր:
6.
Օրմանեան
Սրբազանի
մեծ
համադրութիւնը
իբ
եւ
վաստակ
զոյգ
կուգայ
Ալիշանեան
ճիգին,
բայց
ատկէ
աւելի
բարեբախտ
չէ:
Անշուշտ
բոլոր
անունները,
դէպքերը,
թուականները
կ՚անցնին
մեր
առջեւէն
իր
«Ազգապատում»ին
մէջ,
որոշ
կարկառով
նոյնիսկ,
բայց
այդքան:
Չեմ
մեղադրեր
գիրքին
մէջ
գրագէտին
պակասը,
որ
անհրաժեշտ
չէ
այդպիսի
աշխատանքներու
համար,
այլ
կը
ցաւիմ
խորհողի
պակասին
համար,
որ
մեծ
բան
կը
նուազեցնէ
այդ
գործէն:
Kaleidoscopique
մտայնութեամբ
ձեռնարկուած
այդ
հազարաւոր
էջերը
տժգոյն
շարադրութիւններ
միայն
եղան
մեր
այնքան
խոր
եւ
խռովայոյզ
պատմութեան:
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
այս
արագ
թւումը
ժխտական
է
իբր
եզրակացութիւն:
Հայոց
պատմութիւնը
արեւմտահայոց
մէջ
ոչ
մէկ
տեղ
դրական
արդիւնքի
հասած
է:
Մէկդի
համադրական
ձեռնարկներու
վրիպանքը՝
շրջանային
ուսումնասիրութիւնները,
նոյնիսկ
մենագրութիւնները
հիմնովին
անբաւարար
են.
սխալ
հասկցուած
բանասիրութիւն
մը
այս
ուղղութեամբ
կատարուելիք
բոլոր
ճիգերը
առած՝
լծած
է
իր
ակօսին:
Վիեննական
մեծ
աշխատանքը,
որ
«Ազգային
մատենադարան»
ընդհանուր
անունին
տակ
մեր
պատմական
անցեալին
փշրանքները
կը
ջանայ
հասկնալ,
զուրկ
է
մնացած
պատմական
իմաստասիրութեան
մը
բարիքէն:
Ուրիշ
անուն
չունիմ
անուանելիք.
Պօղոս
Նուպարի
հիմնադրամը՝
Հայոց
պատմութեան
նախանիւթերու
հաւաքումին
համար,
դեռ
չէ
տուած
իր
պտուղը:
Ֆրանսայի,
Գերմանիոյ
մէջ
հայկական
ուսումներու
վերաբերեալ
գործեր
աւելի
բանասիրութեամբ
տոգորուած
են,
քան
բուն
իսկ
պատմութեամբ:
Բ)
Պատմութեան
ըմբռնումը
համեմատաբար
աւելի
առողջ
է
արեւելահայոց
մէջ
Մինչդեռ
արեւմտահայ
ճիգը
պայմանաւոր
է
գրեթէ
բացառաբար
կրօնական
տեսակէտով
մը,
արեւելահայոց
մօտ
անիկա
կը
մշակուի
գրեթէ
բացառաբար
աշխարհիկ
մշակներու
կողմէ:
(Մայր
Աթոռը
մաս
չի
վերցներ
անկէ՝
չնմանելով
այսպէսով
արեւմտահայերուն):
Ռուսական
համալսարանները
դեր
մը
ունին
անշուշտ
այս
արդիւնքին
մէջ:
Ուրիշ
գրգիռ
մը՝
Լազարեան
Ճեմարանը,
որուն
հաստատ
կազմակերպութիւնը
թոյլ
կու
տայ
իրեն
մասնաւորել,
դիմագիծ
ունենալ
արեւելեան
ուսումներու
կրկէսին
վրայ:
Չմոռնալ,
որ
50է
աւելի
արեւելեան
ժողովուրդներու
գլուխ
կանգնող
ռուս
միապետութիւնը
հարկին
տակն
է
անհրաժեշտ
զարկը
տալու
այդ
ուսումներու
խորացման:
Էմինի,
Լալայեանցի
անունները
աւելորդ
չէ
հոս
անգամ
մը
եւս
յիշել:
Առաջինը՝
իբր
ընդհանուր
գրգիռ
ցեղային
մշակոյթին
առարկայական
գետնի
վրայ:
Սրուանձտեանց
քիչ
բան
չի
պարտիր
այդ
քաջալերանքին:
Երկրորդը՝
իբր
տիրական
հեղինակը
կոթողի
մը,
ուր
արձանագրուած
են
Հայ
ցեղագրութեան
բոլոր
մասնայատուկ
կողմերը:
Ուղղակի
պատմութիւնը
անհուն
նիւթեր
ունի
քաղելիք
այդ
աշխատանքէն:
Զուտ
գիտական
կազմով
այս
ձեռնարկին
քովն
ի
վեր
կ՚արժէ
յիշել
համադրական
ուրիշ
փորձեր
ալ:
Լեոյի
ձեռնարկը
նոր
ըմբռնուած
պատմութեան
մը
առաջին
նմոյշն
է.
հինցած
պատասխանն
անգամ
բան
մը
կ՚արժէ
բաղդատմամբ
մերիններուն
հետեւակ
արտագրումին.
կրնամ
յիշել
նաեւ
Րաֆֆին,
որ
թեեւ
սխալ
ըրած
է
պատմութիւնը
վէպի
վերածելով,
բայց
այդ
իսկ
առիթով
հաւաքումներ
է
կատարած
մեր
մօտաւոր
անցեալէն:
«Խամսայի
մելիքութիւնները»
պատմական
թանկագին
փշրանքներ
կը
պարունակէ
անոնցմէ:
Ուշագրաւ
է
միւս
կողմէ
անոնց
գործունէութիւնը,
մա՛նաւանդ
հանդէսներու
մէջ,
ուր
պատմական,
վիճակագրական,
ցեղագրական,
տեղագրական
նիւթերու
վրայ
բազմաթիւ
լուրջ
ու
սպառող,
երբեմն
երկարաշունչ,
յաճախ
շահեկան
essai-ները
լոյս
են
տեսած:
Այնպէս
որ,
այս
ամէնուն
դէմ
հարկ
կ՚ըլլայ
ընդունիլ
այս
paragrapheը
թելադրող
վարկածին
ճշդութիւնը:
Քաղաքական,
ընկերային,
պատմական,
գիտական
նիւթերու
մէջ
անոնց
աշխատանքները
աւելի
պարկեշտ,
աւելի
գիտուն,
աւելի
խորունկ
կեցուածք
են
ցոյց
տուած:
Գ)
Համայնավար
ռեժիմի
տակ
Դիտելի
է,
որ
գրական
ջնարակով
ու
խախուտ
խորքով
ոչ
-
հասուն
աշխատանքը
(ինչպէս
կարելի
է
որակել
Լէոյի
կարգ
մը
գործերը)
վերջ
է
գտած՝
տեղի
տալով
այն
հաստատ,
կարելի
հասունութեամբ
տոգորուն
ու
զուտ
գիտական
եղանակին
առջեւ,
որով
կը
մշակուի
այսօր
մեր
պատմութիւնը
Հայաստանի
համալսարանին
կողմէ:
Ամէն
քաջալերանքի
արժանի
է
աշխատանքի
այդ
ձեւը:
Վարպետներն
են
ատոր
վարիչները՝
համաեւրոպական
մշակոյթի
մէջ
մարզուած
եւ
իրենց
մօտեցած
ամէն
մէկ
նիւթի
մէջ
կը
կիրարկեն
կարելի
պարկեշտութեամբ
գիտական
մեթոտը,
մեր
պատմութիւնը
հոն
ենթարկուած
է
մանրակրկիտ
եւ
խորաթափանց
պրպտումի:
Մարքսիզմը
պատմական
ու
u
ումներուն
տուած
իր
նախասիրութիւնը
կ՚արժեւորէ
այդ
գետնին
վրայ
ու
առաջին
անգամ
ըլլալով
սեղանի
վրայ
կը
դրուին
հրատապ
կարեւորութեամբ
հարցեր:
Ինչ
փոյթ,
թէ
անոնց
լուծումը
կրնայ
հակասել
կամ
թուիլ
բռնազբօսիկ
մեր
ախորժակներուն:
Էականը
այդ
լուծումներուն
հասնելու
համար
կտրուած
ճամբան
է
եւ
երեւան
հանուած
նախանիւթը
եւ
մեթոտը:
Դ)
Փարիզեան
ճիգը
Պօղոս
Նուպար
լծակն
է
այդ
ճիգին:
Իր
հիմնադրամը
հայկական
ուսումներու,
մա՛նաւանդ
պատմական
նախանիւթերու
հայթայթումին
համար,
հաստատ
գետին
մըն
է:
Հայաստանի
համալսարանի
մէջ
այդ
նիւթը
յանձնուած
է
կարեւորագոյն
արեւելագէտներու
մշակումին:
Ուրիշ
ձեռնարկ
մը՝
Edes
Arméniennesը,
դարձեալ
անհատական
զոհողութեանց
գնով
կանգուն՝
եւրոպացի
մասնագէտներու
մասնակցութեամբ:
Ուրիշ
մը,
Մելգոնեանի
հիմնադրամը
Երեւանի
համալսարանին,
որով
կը
տպագրուին
մեր
պատմութիւնը
եւ
բանասիրութիւնը
շահագրգռող
գործեր.
աւելորդ
չէ
յիշել
Սրբոց
Յակոբեանց
«Դուրեան»
գրական
մրցանակը,
որ
նոյն
նպատակները
կը
հետապնդէ՝
վարձատրելով
մեր
մշակոյթը
հետաքրքրող
ամէն
նոր
աշխատանք:
Ե)
Մխիթարեան
երկու
դար
Երկուքէ
աւելի
դարեր
անցած
են
այն
օրէն
ասդին,
երբ
Ս.
Ղազարի
մէջ
սկսաւ
դառնալ
տպագրական
մեքենան:
Հայ
պատմութեան
վրայ
ամէն
աշխատանք,
նոյնիսկ
որպէս
ուրուագծի
ձեւով
կատարուած,
պարտաւոր
է
կենալ
այդ
ճիգին
առջեւ
համադրական,
կամ
աւելի
պարկեշտ
բառով
մը՝
ընդհանրական
արդիւնքներու
ցուցահանում
մը
ընել:
Պիտի
չծանրանամ
այդ
ցուցադրումը
իրագործելու,
բայց
պէտք
է
աւելցնեմ,
որ
մեծ
ճամբայէ
առնուած
այն
օրէն
ասդին:
Ամէն
հետաքրքիր
միտք
ի
հարկէ
գիտէ,
թէ
պատմութիւնը,
թէեւ
շատ
էին
ծագումով,
ինքզինքը
կը
գտնէ
միայն
ԺԹ.
դարու
կէսէն
ասդին:
Երբ
ֆրանսացիք
իրենց
պատմութիւնը
գրելու
համար,
իրենց
փառքի
դարէն
ետքը,
սպասեցին
Միշըլէի
մը,
ա՛լ
հասկնալի
կը
դառնայ,
թէ
մեր
մէջ
ինչու
չէ
գրուած
ճշմարիտ
պատմութիւն:
Զ)
Ինչպէ՞ս
պէտք
է
գրուի
մեր
պատմութիւնը
Նման
paragraphe
մը
թերեւս
անտեղի
ըլլայ
զուգակշռական
աշխատանքի
մը
մէջ:
Կ՚ըսեմ
ասիկա՝
հնազանդելով
խորունկ
ըղձանքի
մը՝
Անշուշտ,
կէս
դարէ
ասդին
պատմութիւնը
կռնակ
դարձուցած
է
գրականութեան,
մօտենալու
համար
գիտութեան,
աւելի
ճիշդ՝
ընկերային
գիտութեանց:
Չեմ
կարծեր
սակայն,
որ
անիկա
կարենայ
ընդգրկել
այդ
տիսիփլիններուն
բոլոր
կողմերն
ու
պարունակները:
Ի
հարկէ,
խոր
է
շահեկանութիւնը,
որ
հետաքրքիր
միտք
մը
կը
գտնէ,
օրինակի
մը
համար,
բժշկական
traité-ներէ:
Նոյնքան
շահեկան
պէտք
է
ըլլան
գործեր,
որոնք
մեզի
խօսին
երկրաբանութենէն,
հնաբանութենէն,
եւայլն:
Այս
ամէնուն
մէջ
մեզ
շահագրգռողը
սակայն
խորքի
տարապայման
հարստութիւնն
է:
Պիտի
չյոգնինք
գիրքէն,
որ
մեզի
խօսէր
իրաւաբանութեան
կալուածէն
եւ
խօսէր
վարդապետօրէն:
Պատմութիւնը
ինքն
իր
մեջ
նորոգուած
է
կէս
դարէ
ասդին.
ունենալով
հանդերձ
գիտական
աշխատանքի
մը
բոլոր
պայմանները,
անիկա
կը
կրէ
միեւնոյն
ատեն
խնամուած
ձեւ
մը,
որով
կը
զատուին
ժամանակակից
աշխատանքները
հիներէն:
Այդ
խնամուած
ձեւի
անշուշտ
արուեստ
չէ,
բայց
նոյն
ատեն
անոճ
թափթփուք
եւ
ամէն
տողի
մէջ
ճաշակի
դէմ
մեղանչող
պատմում
մըն
ալ
չէ,
մեր
հաւաքողներուն:
Վէլսի
պատմութիւնը
կը
կարդացուի
յափշտակութեամբ:
Նոյնն
է
պարագան
Թորգոմ
Եպիսկոպոսի
մենագրութեանց
համար:
Պիտի
ուզէի,
որ
մեր
պատմութիւնը
գրուէր.
1.
Գիտական
կարելի
լիութեամբ,
հարստութեամբ,
որ
նուէրն
է
ուշադիր
պեղումներու,
փնտռտուքներու,
նախանիւթերու
շահագործման,
ուր
օգտագործուէին
մեր
անցեալին
խորը
թաղուած
յիշատակարանները:
2.
Բայց
նոյն
ատեն
խորացուած
աշխատանքով
մը
վերլուծուէին
դարձեալ
մեր
սահմանակից
ժողովուրդները
եւ
անոնք,
որոնց
լուծը
կրեցինք
հաւասար
խղճմտութեամբ:
3.
Որ
մեր
երկրին
տեղագրութիւնը
կատարուէր
ամենաճշգրիտ
տուեալներու
վրայ
եւ
հանուէին
երեւան
դարերու
հոլովոյթին
մէջ
անոր
զգեցած
բազմազան
երեսները:
4.
Լայն
մատենագրութիւններու
ձեւին
տակ
խտացուէին
շրջաններուն
նկարագիրները՝
թիփիք
անձնաւորութեանց
ընդմէջէն:
5.
Ճշդուէին
նիւթական
կենցաղի
բոլոր
մանրամասնութիւնները,
ինչպէս
բարոյական
հաստատութիւններ՝
թէ՛
իբր
ձեւ,
թէ՝
իբր
խորհուրդ:
Հաւաքուէին
բոլոր
փշրանքները,
գրի
ինկած
կամ
ոչ:
Լայնօրէն
օգտագործուէր
ձեռագիրներու
stockը,
ազգագրութեամբ
մթերուած
բոլոր
տարրերը:
6.
Այս
աշխատանքը
անպայման
ընկերանար
ընդհանուր
պատմութեան
մեծ
հոսանքներուն
ու
շրջաններուն:
7.
Նիւթական
այս
պատրաստութենէն
յետոյ
գրագէտներ
մարմին
տային
այդ
հոսանքներուն
բազմահատոր
գործերու
մէջ,
որոնք
ընթերցանութեան,
ազգային
գիտակցութեան,
մտաւոր
վայելքի
եւ
ապահով
զարգացման
միջոցներ
դառնային
ամէն
անոնց,
որոնք
կը
սիրեն
այս
ժողովուրդը:
Հաստատ
գիտութեան
եւ
հզօր
արուեստի
երջանիկ
խառնուրդ,
որուն
իրագործումը
կ՚իյնայ
ինձմէ
ետք
եկող
սերունդին: