Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բաժինն իրականացուել է  Գալուստ Կիւլպէնկեան
հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ


ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ, Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց, Պէյրութ, 1999

 

*************************************

Ծնթ. - Վրիպակներ եւ սրբագրութիւններ՝  կը յղուին «50ամեակի հրատարակութիւն» շարքի հատորին, Պէյրութ, 1999): Կազմուած է Դպրեվանքի դասախօսութեան մը նոթագրումներէն, սկզբնապէս տպուած «Ազդարար» շաբաթաթերթի (Պէյրութ) 1952ի թիւերուն մէջ:

Այս վերջինին դիմած եմ որոշ վերականգնումներու համար, թէեւ շաբաթաթերթին՝ ինչպէս հատորին մէջ, բնագիրը զոհ է եղած խմբագրական անբաւարարութեան: Հեղինակի ձեռագիր-բնագիր չէ պահուած:

Ինչպէս միւս գործերու պարագային, հոս՝

- սխալներ եւ սրբագրութիւններ նշած եմ միասին:

- Նշած եմ նոյնպէս հաւանական սխալները, բայց առաջարկած վերականգնումներուս կցած եմ ? հարցանիշը:

- Բացայայտ կամ հաւանական, բայց անվերականգնելի սխալներ եւս մատնանշած եմ, պարզապէս ընկերակցուած՝ նոյն  ? նշանով:

- Կէտադրութիւն սրբագրած եմ միայն անհրաժեշտութեան պարագային (իմաստային վերականգնում): Այլապէս, պահած եմ անփոփոխ -- նաեւ հեղինակային որոշ զարտուղութիւններ կամ զանցառումներ:

- Չեմ ձեռնարկած ուղղագրական միաձեւութեան (օրինակ՝ բառի մը տարբեր գրելաձեւերու նոյնացման): Ճիգը կեդրոնացուցած եմ բնագրի իմաստային վերականգնումին վրայ, որ յաճախ անտեսուեր է, ցարդ:      

- Յ. Օշականի ծանօթագրութիւներուն վրիպակները սրբագրած եմ տեղի վրայ, վրէպը՝ անկիւնաւոր փակագիծերու մէջ:

Յ. Քիւրքճեան