Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՆԻէԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
(«ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ» ՈՒ «ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

Տաղանդաւոր բանաստեղծ Դ. Վարուժանի գործերուն վրայ խօսելու նախապատուութիւնը կու տանք հուժկու եւ վերլուծող գրիչներէն Յակոբ Քիւֆէճեանի եւ անկեղծօրէն կը յանձնարարենք Շանթի խմբագրութեան եւ իր X յօդուածագրին հետամուտ ըլլալ այս յօդուածներու շարքին, ըմբռնելու համար, թէ Դ. Վարուժան մեծ բանաստեղծ մըն է, եւ արժանի օտար մեծագոյն քերթողներու քով դասուելու։ Այս բացարձակ ճշմարտութիւնը անշուշտ չեն կրնար ցոլացնել Շանթի էջերը, երբ նման տգէտ գրիչներ թեթեւօրէն մուտք կը գտնեն հոն: Հայ Գրականութիւնը ունի իր ուղղութիւնը, նոյնը կը բաղձանք Շանթի համար եւս։

Ծ. Խ.

Երկար ատեն կայ, որ պոլսահայերը բանաստեղծ չեն ունեցած այս բառին թելադրած լայն իմաստովը։

Բռնապետական շրջանէն առաջ կերտուած գրականութիւնը, տժգոյն ու դասական ծուծով, դպրոցական (scolaire) բարեխառնութեամբ, գրաւած է ԺԹ-րդ դարու երկրորդ կէսին սկիզբները։ Վենետիկեաններու գրչաբանութիւնները, Իզմիրի ապուշ թարգմանութիւնները ստեղծած են ուռուցիկ, մակերեսային մատենագրութիւնը, դասական ու ռոմանթիք ձգտումներու վիժած արդիւնք, անյարմար կռիւի, գոյութեան պայմաններուն՝ դպրոցական հանդէսներու, հիւանդանոցի տարեդարձներու միամիտ ոգեւորութեամբը ապրող, անոնցմէ դուրս վախկոտ ու շուարուն:

Բռնապետութեան խստութիւններուն հետ համաչափօրէն վերջ կը գտնեն անցեալին անունով կուտակուած անհուն ոչնչութիւնները, կը կտրի թափը աւիւնին, որով բոլոր ազգային հերոսները կը կանչուէին գերեզմաններէն դուրս, ֆրանսացի դուքսի կամ ասպետի տարազով ճարտասանութիւն քարոզելու բեմին վրայէն։ Կաթոլիկ դպրոցներու մէջ այնքան փայլուն կերպով աւանդուած հռետորութիւնը կը դրուէր բերանը այն հայերուն, որոնք իրենց բարբարոս մեծութեամբը միայն արեւելքցի մեռեր էին։

Ճնշումի տակ՝ լեզուին մէջ սանդիմանթալ տարրը կը զտուի քիչ մը ու այս անգամ ալ վարժապետ - հռետորներու խումբ մը կ՚աշխատի գրականութիւնը վերածել գուզէնեան դասակարգի մը ողորմելի միջակութեան։

Բանաստեղծութիւնն ալ լեզուներու հետ քալած էր այս տաժանքի ու կեղծիքի ճամբան։ Դուրեանէն ու Ալիշանէն ետքը դեգերուն յաջողութիւններով եկաւ մեզի։

Չօպանեանով մտաւ նկարչութեան մէջ։ Արտաշէս Յարութիւնեան հնչուն stropheներու մէջ գիտցաւ տեղաւորել տաք զգացումներ։

Մինչեւ Մեծարենց ձեւով բարակ, հոգիով ազազուն բանաստեղծութիւն մը շատ անուններ հրապարակ նետեց։ Մեծարենց Դուրեանը կը կապէ Վարուժանին:

Այս հակիրճ տեսութիւնը իր խստապահանջ սահմաններուն մէջ կը բաւէ՝ բացատրելու համար գաղափարը, զոր կ՚ուզեմ ցոյց տալ բանաստեղծին մասին. ատեն մը եղաւ, - երանելի պահ, - ուր երկու յանգ փակցնողը «պերճաբարբառ» քերթող մը եղաւ:

Անցան այդ օրերը, եկան ուրիշներ, ուր փափուկ, գունաւոր, բիւրեղ բառերու յաջողակ գործածութիւն մը, Սիպիլի ժանեակազարդ դրօշակին պաշտպանութեամբը, բաւական նկատուեցաւ բանաստեղծ կանչելու այն տեսակ գիներ, որոնց մէջ զգացումին - այս անհրաժեշտ կրակին - փսորն իսկ կար։ Սառած արուեստի մը պաղուկ գործաւորները եղան անոնք ու կը շարունակեն մնալ:

Հիմա, ա՛լ կրնանք ըսել, ամէն բան փոխուած է։

Բանաստեղծութիւնը կաշխատի իր վրայէն թօթուել պարահանդէսներու պաշտօնական օրերու պատրաստուած միօրինակ տարազը: Պայմանագրութեան տաղաչափութիւնը ա՛լ դադրած է երկաթէ օղակի նման այդ աղուոր աղջկան սէրը գալարելէ։

Ոտանաւորի ճարտարապետութեան մէջ այս փոփոխութիւնը, որուն համար ԺԹ-րդ դարու ամբողջ տեւողութեանը բուռն կռիւներ մղուեցան ռոմանթիքներու եւ սէնպոլիստներու նախաձեռնութեամբ, իրեն հետ բերաւ նոր հրապոյր մը։ Բանաստեղծը ազատութիւնն ունեցաւ իր զգացումը արտայայտելու անոր առարկայական (եթէ կը ներուի) ընթացքին համար։ Այսպէսով ունեցանք նոր երաժշտութիւնը, բառերու ներսը դողացող մեղեդին։

Ու յետոյ, բառերու նուիրապետութիւնն ալ մեռաւ: Ամէն բառ իր արդար իրաւունքը ունի ոտանաւորի մէջ մտնելու: Պատի՛ւ այն տաղանդին, որ յաջողի լեզուին բոլոր տարրերը ապրեցնելու կարող մեծութեամբ ու տարողութիւնով բանաստեղծութիւն գրել։

Այլեւս մենք բանաստեղծութիւնը չենք փնտռեր միայն անուշիկ առուներուն ու կապուտակ ալիքներուն մէջ. չենք գոհանար սիւքերուն ու սոխակներուն գեղգեղանքովը. չենք հմայուիր ժապաւէններու եւ սարսուռներու բեկբեկուն գեղեցկութենէն. մենք կ՚ուզենք հանճարային երգը, որ պոռալ գիտէ մեզի տգեղութիւնը դաշտերը սեւցնող կմախքներուն, որ սիրէ կարմրնալ բարձունքներուն վրայ հերոսացող մահերուն շուրջը, որ, կարճ ըսելով, զօրութիւնն ունենայ վանկով մը, հծծիւնով մը մեզ նետելու մեր պապերուն գիրկը կամ վերցնել դէպ ապագայի յոյսը, վճիտ կամ ցաւագին յառումը մեծ երազներուն:

Հետեւաբար կարդանք.

 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր,

- Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք -

Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրեր,

- Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք -

Եղեգնեայ գրչով երգեցի քուրմեր,

Ընդ եղեգան փող լո՛յս ելանէր:

 

Այս անուշ, շատ անուշ տողերուն հետ ձեր մտքին առջեւ կայծակ պատկերը կը տեսնէ՞ք ձեր հոգիին հեռաւոր մէկ կէտին վրայ հսկայ գեղեցկութեամբ, անուրջի քաղցրութեամբ տարածութիւն կը կանչնայ, խորհուրդ ու խունկով, երկինքով ու հուրիներով անտառը կ՚ալեկոծի՞ ձեր ներսը։

Քուրմի ստուերով, լոյս ծորող եղէգով խնդացող այս երգը զիս կը տանի հին օրերուն, փառքի, թարմութեան երջանիկ օրերուն, ուր մեր ցեղը իր աստուածները սիրեց հովիւներուն բարի շունչին տակ, ծառերու խնամոտ շուքերուն մէջ։

Որչափ կարօտցեր էին այս երգին։

Բռնապետութեան ամբողջ շրջանին պոլսահայ բանաստեղծութիւնը տառապեցաւ անարիւնութենէ։ Մեր օժտուած գրողները ստիպուեցան լքել նախնական աղբիւրը, ուրկէ շարունակ պարտ էր իրենց մէջ կաթիլ ցեղին անսպառ զգայնութիւնը։ Ու անէմիք օրիորդի մը շռայլուած ճոխ ու փափկանուշ արդուզարդը փորձուեցաւ պոլսահայ ոտանաւորին։ Արդիւնքը գիտենք։

Պոլսէն դուրս՝ Կովկաս մեր բանաստեղծութեան հետ համընթաց ծաղկեցաւ բանաստեղծութիւն մը բոլորովին տարբեր ոգիով: Առանց արուեստի զաղփաղփուն հնհնուքներուն մէջ սպառելու։ Ռուսահայերը կրցան բարբարոս ըսուելու չափ թերի լեզուի մը մէջ դնել թռչտուն շնորհ մը, որ քնարերգութեան կը մօտենայ, ցեղին ծուծին հետ շաղուըւած պատկերներրու արտագրումին համար զարմանալի դիւրութիւն ու բնականութիւն:

Արտասահմանեան բանաստեղծութիւնը ծնունդ է նոր պայմաններու։

Յեղափոխութեան կարմիր գործունութիւնը մեր մէջ դղրդեց դարաւոր թոռմածութիւն մը։ Մեր պապերուն երակներուն մէջ վազող ազատութեան հպարտ սերմը՝ դարերով բանտուած մեր լճացեալ գործանաւորութեան մէջ յանդուգն ցնցումով մը փետտեց ինքզինքը ստրկախտի մոլուցքէն ու հայ գետնաքարշ կեանքին վրայ երեւան եկաւ նոր երեւոյթը, փրկարար ոգեւորութիւնը, որ պահի մը համար լուսաւոր մանեակի մը մէջ փաթթեց մեր հոգին

Ու սեւ օրերու մեր նահատակումը, մեր զոհաբերութիւնը՝ այնքան սրտաշարժօրէն մեծ ու արիւնոտ՝ ստեղծեցին Սիամանթոն ու Վարուժանը։

Սիամանթօ՝ հալածանքի տարիներու կատղեցնող դառնութիւնը, մեր ցաւին անպատմելի հոծութիւնը աղաղակելու կանչուած, մէջտեղ ինկաւ քնարով մը, որ լացին մխացող կարմիրովը միայն հայ՝ հոգեվարքի արիւնոտ լոյսերուն մէջ, յոյսով ծիրանի ու մահուան պաղովը դողդոջուն ջուրերուն տակ ողբերգեց եղերերգութիւն մը համամարդկային ըսուելու չափ ընդարձակ եւ հետեւաբար զուրկ այն խորունկ ինքնատիպ շեշտէն, որով հայ դիւցազնամարտն ու հայ նահատակութիւնը կը բաբախենան։

Մեր վրէժին ու յոյսին երգերը կը թափէին օտար ըսուելու չափ մարդկայնացած հոգիէ մը, մեզի թելադրուած դիւցազներգութիւնը մթին բարձունքներէ նետուող պատգամներու զօրութիւնովը չկրակեց մեր ներսը ու Սիամանթօ մեծ տրամին մեծ ջահակիրներէն մէկը մնաց։ Չեմ ուզեր երկար խօսիլ իր վրայ, ուրիշ առիթով թերեւս ճշդիւ սահմանեմ զինքը հայ բանաստեղծներու սակաւամբոխ սրբարանին մէջ, իր պատուի տեղով:

Մեր տրամին Ռիւպէնս մը պէտք էր։ Դանիէլ Վարուժան եղաւ ատ։

 

* * *

Դանիէլ Վարուժան գաւառացի է, որչափ կը յիշեմ, Սեբաստիայէն Սեւ հողերու համբաւաւոր հայրենիքէն։

Իր տղայութիւնը կ՚երեւակայեմ գաւառի կանանչ դաշտերուն մէջ, խենթուկ մանուկ, որուն հոգին կը լուսնայ գաւառի տոհմիկ արեւէն, որուն սիրտն ու միսին կտորները մաս-մաս կը շինուին հայրենի երկրէն այնչափ անուշ հողէն ու ձիւնէն, հովէն ու երգէն։

Յետոյ չեմ գիտեր ինչպէս կը փոխատնկուի Պոլիս, Վենետիկ, ետքն ալ Կանդ։

Իր երկրորդ գիրքը, «Ցեղին սիրտը», հաւաքածոյ մըն է քերթուածներու գրուած 907-909ին։ Քերթուածներուն մեծ մասը արդէն տպուած են ատենին պարբերականներու մէջ։

Սահմանադրութեան հետ առի «Սարսուռներ»ը: Այդ բոլորովին տղու գիրքին մէջ քիչ տարրերու հանդիպեցայ, որոնք այժմու ցեղին սիրտը դիւցազներգակ բանաստեղծը կը մեծցնեն իմ աչքիս:

Պոլսահայ ոտանաւորաշինութիւնն է (թող ներուի այս ապուշ բառը, որ սակայն այնքան լաւ կը յատկանշէ այդ ապուշ ասպարէզը) հոն տիրողը. ըսել քիչ մը աւելի դիւրութիւն, բառերու քիչ մը աւելի սահունութիւն։ Գրեթէ ոչինչ կայ հոն այն հոյակապ արուեստէն ու հրաշալի նկարչութենէն, որով ցեղին սիրտը կը լուսաւորուի մեր առջին։

Տափակութենէ այս ազատագրման ազդակները որո՞նք եղած են։ Ի՞նչ ուժերու տակ բանաստեղծը յաջողած է ընտրել իր ճամբան, ուր սեւ շուքերու այլանդակ հսկողութիւնը շան պէս արթուն կը մնայ միշտ, իր ճամբան այնքան դժուար ու արգելափակ…։ Ասոնք գաղտնիքներ են ինծի համար ու կը մեկնուի բանաստեղծին ինքնակենսագրութեամբը միայն։

Ինչ որ ալ ըլլայ իր սկսումը, հիմկու «Ցեղին սիրտը»ին հեղինակը մեծ բանաստեղծ մըն է, որ ազգային հանճար մը դառնալու երջանիկ կարողութիւններ կ՚աւետէ։

Մտնենք իր գիրքին մէջ։

 

* * *

«Ցեղին սիրտը» երեք որոշ բաժանում ունի: Գիրքը կը բացուի նախերգանքով մը, որ մինակը կը բաւէ բանաստեղծին մեծ անուն մը ապահովելու։

Նախերգանքէն ետք կու գան «Բագինին վրայ», «Կրկէսին մէջ», է՛ն ետքը դրուած են երեք դիւցազնավէպեր։

Այս բաժանումը, ջոկումը աւելի ճիշդ, ըլլուած նիւթերու հոգեբանութեան ընդհանուր պահանջումով, հետապնդած նպատակէն վրիպած է, երբեմն կրնաք կարգ մը քերթուածներ առնել ու դնել երկրորդ գիրքին մէջ. հոսկէ առաջինը անցնելիք կտորներ պակաս չեն։ Այս երեւոյթը իրաւ է թէ շունչի, tenueի սակաւութեան հեռաւոր նշան մը կը սեպուի, բայց միեւնոյն ատեն գիրքն ալ կ՚ազատէ վարդապետական խստապահանջ ոճով ճարտարապետութիւն մը ըլլալէ։ Ամբողջութեան մտահոգութիւնը, տիրական ձգտումը, դրոշմը հարկաւոր են իմաստասիրական դրութեանց կառուցումին մէջ։

Արդէն թափի, շարունակման այս պակասին այսօր միայն մեր գրողներուն քով չէ, որ կը հանդիպինք։ Ամբողջ աշխարհի մէջ դժուար է գտնել իր ընթացքով բանաստեղծութիւններ ու մա՛նաւանդ կարդացող հասարակութիւն։ Հիմակուան սերունդը կերտուածքով կարճ, բայց գործադրութեան մէջ (exécution) ցնցող կտորները կը սիրէ։

Այս անտարբերութիւնը կոտրելու համար սէնպոլիսթներու քառորդ դար տեւող հակազդեցութիւնը տկար մնաց։ Գլուխը քաշած մարդկութիւնը չի սիրեր տնտնալ իր շուքին խաղերուն վրայ խնդալու համար։ Դէպի առաջ իր ընթացքին մէջ մարդը միտքէն չ՚անցըներ ետին դառնալ, երբ անցեալէն զինք կանչող ձայնը սխրանքով ու անուշութեամբ չի յաջողիր յաղթել արդիին բազմաշեշտ աղաղակները:

Կը հասկցուի, թէ դժուար է բանաստեղծ ըլլալը:

Ճշմարիտ քերթողը իր հոգիով պէտք է ըլլայ հին. իր ժամանակին պատկանելով հանդերձ պէտք է գինով մնայ անցեալին թովքէն։

Մեծ բանաստեղծ մը ըլլալու համար պայմանները աւելի կը բարձրանան, վասնզի այս պարագային ապագան ալ իր փայլակները կը բանայ։ Անցեալն ու ապառնին իրար կապող ձեւերուն կարեւորը եւ է՛ն ազդեցիկը հանճարի արդիւնք եղող գեղարուեստական հրաշակերտ մըն է, որուն դէմ սերունդները յարգանքով կը ծռին, ծռեցան ու պիտի ծռին։

Ըսի՞, թէ Դանիէլ Վարուժան մեծ բանաստեղծ մըն է։ ԹԵ Իր քերթուածները մէկիկ-մէկիկ վերլուծել երկար, թէեւ ոչ-ապերախտ աշխատութիւն մըն է.

Կարդանք «Նախերգանք»ը։

«Մրրկավարս», «հրաչուի», քերթողը իր արհեստանոցը կը մտնէ։ «Արեւին սանտրուած մազերուն» տակ մարմարն է, որ կը սպասէ դեռ կոշտ ու վայրի։ Ան կը սոթտէ իր թեւերը, ոսկի մուրճը ափին, կը կանգնի քարին դէմ ու

 

Նշմարեցին աչքերը ձեռք մ՚այն ատեն

Մութին ծոցէն՝ կարկառուն՝

Որ՝ վիթխարի բռնած սափոր մը՝ պարպեց

Խորն իր հոգւոյն լայնալիճ

Տիեզերքին ըստեղծահիւթն հողաբոյր։

 

Եւ քանդակեց, քանդակեց

Եւ քանդակեց, քանդակեց.

Արուեստնոցին բիւզանդական գմբէթէն

Յոյսի ձէթով լի սուրբ գանկ մը կախուած

Կ՚ըլլար ջահն իր լուսատու:

Ան կը տեսնէր մարմարին շուրջը ձեւուած

Հզօր երազն՝ որ միս կ՚առնէր ու ծալքեր։

Մտածումն իր՝ այդ քարին կոյս ծոցին մէջ

Իր արմատներն յուշիկ, յուշիկ կը խըրէր

Ծառի մը պէս ձիթենի…

 

Ու կը քանդակէ ան։ Մուրճը՝ քարին ձիւնէն՝ ոսկի ցոլքեր կը ստեղծէր, որոնք երազը կը «լուսաւորեն», դուրսը պատուհանին գոց փեղկերն ի վար յասմիկին ողկոյզները կապոյտ ծաղիկներ կը թափեն ու տակաւ քարին վայրենութիւնը կը նուաճուի եւ՝

 

Ահա գլուխ մը կնոջ

Մարմարին մէջ թարմօրէն

Ծաղկեցաւ բարձր շուշանի մը հանգունակ.

 

Ու կը քանդակէ մազերն այդ կնկան, կռնակն ու շքեղ թիկնամէջը:

 

Ծիծե՜րն ահա, ծիծե՜րն ահա արձանին

Ա՛յնքան մաքուր, կլորցուած, պաղպաջուն,

Որ անշուշտ կաթն անոնց մէջ պէտք էր ըլլալ

Կամ լոյս՝ սառա՛ծ, եւ կամ արծա՛թ՝ հալըւած։

 

Ու կը շինէ կողերը, որոնք վրէժներու վրայ կ՚ուռին ու կը վանդակուին.

 

Շինեց ողն, յո՜յր բումբերն, ազդրերը ողորկ,

Շինեց ե՛ւ պորտն՝ որ զանգուածին մէջ յանկարծ

Քաոսէն ծնող աստղի պէս

Ճառագայթներ դուրս պոռթկաց:

 

Օհ, հարուա՜ծ մ՚ալ, հարուա՜ծ մ՚ալ

Գանկ ջահին մէջ ձէթն սպառիլ ըսկըսաւ.

Օ՜ն, հարուա՜ծ մ՚ալ, հարուած մ՚ալ…

Եւ քանդակեց, քանդակեց…

Կերտեց՝ գուճերն ու սրունքներ

Կերտեց ոտքերն` որոնց տասնեակ մատերէն

Ժահրով, մեղրով խառնըւած

Դըդըչահոս լոյսի վտակներ բխեցա՛ն:

Եւ շինեց ան վերջապէս

Կնոջ մէջքէն վար ահեղ

Սուր մ՚երկսայրի, սուր մ՚անպատեան, սուր մ՚անբիծ

Եւ Աստուծոյ պէս արդար:

Այն ատեն հոն մարմարիոնին խորշին մէջ

Քընացող օձն արթընցաւ

Եւ փաթթելով զինք մեղմօրէն այդ զէնքին՝

Կաթիլ-կաթիլ ըսկըսաւ թոյն մը կաթիլ։

 

Ու արձանին պատուանդանին վրայ փորագրեց Նեմեսիս:

Արուեստագէտը ահա դէմ դէմի իր ստեղծագործութեան հետ. ան սիրով տոկաց զրկանքին, օրերով Արուեստանոցին մէջ թաղուելու տրտմութեան։ Ի՞նչ փոյթ, թէ անոր ուսերուն ու սեւ մազերուն վրայ մարմարին ձիւնը կը նստի ու իր թարթիչները աղաւնիի թեւերուն կը նմանին. ի՜նչ փոյթ, որ չտեսաւ գարունին ժպտիլը ու աղջիկներուն պարը.

 

Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ կյանքը մեռնող

Երբոր երազը կ՚ապրի

Երբոր երազն անմահ է:

 

Ու մուրճը ափին՝ արձանին կը նայի եւ ինքզինքը կը ճանչնայ անոր մէջ.

 

Կը ճանչնայ սուրբ մարմարիոնն այն՝ որ առաւ

Բազկին տակ կեանք, որ այդտեղ

Եկաւ զանգուած մ՚իր բըրտութեան մէջ նընջող

Եւ արթնցաւ դիցուհի՜:

 

Աւարտած էր։ Արուեստագէտը կը հանէ իր փեղկերուն նիգերը։ Լոյսը կու գայ դիցուհիին մարմնին շուրջը ճառագայթներ արձակելու։ Անոր միսին ճերմակութիւնը կը խտղտացնէ պատուհանը գուլպայ հիւսող աղջկան մը աչքը։ Քերթողը անգամ մըն ալ կը նայի անոր, կը ճանչնայ զայն, իր միտքին աղջիկը, ու՝

 

Տըւաւ համբոյր մ՚երկիւղած

Մէջտեղն անոր ծիծերուն,

Ուրկէ մնաց շրթունքներէն վար առկախ

Լոյսի կաթիլ մը՝ վաղուան

Նոր վրէժներու արգասիչ։

 

Ետքը մուրճը ձեռքէն նետելով, սոթտուած թեւերը կը ծալէ պատուանդանին ու գլուխն ալ թեւերուն վրայ՝

 

Իբրեւ առիւծ մը պառկող

Յոգնած, քրտնած ու վսեմ

Աստուածուհւոյն ոտքերուն տակ քընացաւ:

 

Նախերգանքին այս մասը նկարագրութեան արտակարգ կենդանութեամբը մեծագոյն քերթուածներէն մէկն է Հայ Բանաստեղծութեան։ Գործողութիւնը (action) տեսանելի ընելու համար Վարուժան իր պատկերներուն տուած է թարմ ու վարար գոյն մը, որուն վրայ, բարակ, թրթռուն բանով մը, զոր չես կրնար բացատրել, կեանքին շարժումը կ՚ուրուագրուի։

Օտար մատենագրութեանց այս սեռի գրուածքներուն է՛ն աղուորներուն հետ յաջողութեամբ կրնայ մրցիլ այս ոտանաւորը, ուր կայծկլտուն նորութիւն ու գգուող իրապաշտութիւն մը բառերը կը տաքցնեն։ (Ալֆրէտ տը Վինեիի Ինկող հրեշտակը։ Հիւկոյի Légende des sièclesէն քանի մը ամէնաբարձր էջեր ինքնաբերաբար կու գան մտքիս առջեւ)։ Քարերէ կախուած լոյսերով, աղաւնիի թեւով ու ծեծի քուլաներով, մտածման արիւնովն ու մարմարին կաթովը հրաշակերտուած է Նեմեսիսը ճերմակ խորհրդանշա՛ն բոլոր անոնց, որ վրէժ պիտի պոռան։

Կու գայ կարաւանը չարչարուածներուն. կու գայ ամբոխը, որուն կռնակի կաշին կեղուըեր էր դարերու ծեծին տակ. ամէն տեսակ տանջանքներուն, ամէն տեսակ բռնութիւններու զոհերն են, որ կու գայ շրջապատելու ճերմակ աստուածուհին:

Վարուժան այս սեւ թափօրին իրապաշտ նկարագրութեան հասնելու համար դիմած է իր հրաշալի տաղանդին բովանդակ կարողութեանը։ Ու սարսուռով կը լեցուիս, երբ մայրերը բռնապետներու ձիերուն տակ ջախջախուած տղու գանկեր դուրս կը հանեն իրենց փէշերուն տակէն։ Ահաւոր ըսուելու չափ տարօրինակ շշուկ մը կը պտտի պատկերին վրայ, լսել կը կարծես շղթաներուն ծանր հառաչանքն ու կոտրտուքը։ Պարբերութեանց տենդագին ու հալածող թափին մէջ մտքիդ առջեւ՝ շուքով օրօրուն՝ կը նկարուի ահռելի զգացումը, որ այդ բոլոր դժբախտները վրէժի մէջ համաձուլած՝ սպառնագին ալիքի մը կը վերածէ…։ Ու չարագուշակ թափօրը, իր վայրենի մոլուցքին մէջ, իր տառապանքը պոռացած, քնարերգած ատեն բարբարոս գեղեցկութեամբ մեծութեան մը կը հասնի, պակուցիչ մեծութեան մը, որմէ կայսրերն իսկ կը սասանին իրենց գահերուն վրայ։

Այս քերթուածը հոյակապ գլուխ-գործոց մըն է արուեստի մը, որ կլիմայ չունի, որ սահմանները կ՚աւրէ մարդկային հայրենիքներուն ու լեռներն ու քարերը հալեցնելով ազգերն իրարու կը կապէ։

 

* * *

Նախերգանքէն ետքը կու գայ բուն գիրքը։

Առաջին գիրքը, «Բագինին վրայ» կը սկսի թունդ դիմառնութեամբ մը հայրենիքին ոգիին.

Կը պոռայ բանաստեղծը.

 

Եկո՜ւր, եկո՜ւր, - ժամանակն է ա՛յս - եկո՜ւր…

Ահա ցեղէդ մաu մ՚ազնիւ՝

Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ՝

Ճամբուդ վըրայ կը սըփռէ

Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ…

Եկո՜ւր, եկո՜ւր եւ Մասիսի կատարէն

Դիւցազներու, վըկաներու հոգիներ

Իբր աստղերու սերմընցան,

Տեղա՛ բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին.

Մեր սըրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ՛

Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողվեցիր

Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն.

Եւ ըրէ մեր օրրաններն

Արշակներու վերածընող շիրիմներ.

Ամէն հայու լանջքին տակ

Իր մէկ հին պապն արթնցուր…

 

Ու կը պաղատի բանաստեղծը միշտ այս աստղէ լեզուով, որ ա՛ն՝ Հայրենիքին ոգի՛ն, ծաղկեցնէ մեր բլուրներուն վրայ հին, փառքի դարերուն գարունը. «Նաւասարդները» ժպտին մեր երկրի «մարտիկներուն» ոսկեփայլ վահաններով, թող առիւծն ու վագրը կաթ տան հայ տղուն։ Թող արշալոյսներէն արիւնի հոտ առնէ հայ բանուորը, երբ աւերակ դաշտերն ուղղուին իր քայլերը… Ու կը շարունակէ նոյն աղերսանքով՝

 

Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,

Նըման գարնան, մեր տան շեմերը պըճնող,

Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,

Բնակարանէ բնակարան.

Կանգնի՛ն այրերն ու մայրեր,

Ծերը կանգնի՛, կանգնի՛ տղան,

Ու ամէն ոք ազգին սիրով լոկ արբշիռ,

Ազգին ոգւով հաղորդուած,

Ա՛յնպէս վառի, ապստամբի, բորբոքի,

Որ Թորգոմայ Տունն ըզգայ

Թէ իր օճախը մարած՝

Այսօր հրաբուխ է դարձեր…

 

Ամէնէն հասարակ միտքն անգամ կ՚ըմբռնէ, թէ ի՛նչ տարբերութիւն կայ դիմառնութեան այս ձեւին եւ Սէթեաններու, Պէրպէրեաններու եւ ուրիշ ամբողջ նման մարդերու տափակուկ ու մաշած վսեմաբանութիւններուն մէջ։

Զգացումներ շարժելու համար բանաստեղծը միշտ պիտի պահէ այս խանդավառող թափը: Հազար անգամ կրկնուած, գործածելէն գոյները թափած բառերով իսկ բանաստեղծը պիտի յաջողի մեր առջեւ նկարել աներեւոյթ պարը մեր ներսն անթեղուած զգայնութիւններուն, որոնք աստուածային ձայնէ մը կանչուածի պէս պիտի արթննան կամաց-կամաց՝ ժայթքում ու հեղեղ դառնալու համար։

Այս լուսաւոր մաղթանքէն ետք, հայրենիքի ոգին լռելեայն կը կանչուի Մեհեանը՝ լսելու համար բանաստեղծը, որ Բագինին վրայ իր ցաւը պիտի երգէ։

Բագինին վրայ ցեղը իր անցեալը կ՚ողբայ։ Չարչարանքի խարոյկէն անոր աչքերը կ՚երկննան դէպ Անին, Ախուրեանի լացովն օրօրուն։ Անոր պարիսպներուն վրայ մողեսները «քնաթաթախ» կը պառկին, կռնակնին կամ փորերնին արեւուն, որ լուռ, ցաւոտ արցունքով աղի տաքութիւն մը կը ցօղուէ հին փառքերուն վրայ, սուգի ծիրանին հագցնելով հայ հանճարին խտացումը մնացող մեծ քաղաքին մեծ աւերակներուն։

Բագինին վրայէն դատապարտուածը կը դառնայ առջին, ուր ընդվզիլ տուող վայրագութեամբ աւերումներ կը կարմրին։ Օճա՜խը, հայ օճախը, ուր տունի երջանկութիւններ ծաղկեցան, իր «զուարթ բոցերուն» վրայ կը փլչի։ Շունչը, կեանքը կը հալածուին այն տեղերէն, ուր պահ մ՚առաջ մեղուները մեղրաստան ու ծիծառներուն թեւերը օդէ քերթուածներ գրեցին.

 

Այս տունին մէջ՝ որուն շեմէն վայրահակ

Այսօր կու լայ ուռենին,

Եռաց զուարթ կեանք մը թորգոմ գեղջուկի,

Ատեն մ՚եղան հոն թարմ հարսեր՝ որ լոյսին

Հետ արթընցած՝ վարդենիի պէս հագուած՝

Աշխատեցան, կաթ կըթեցին սափորով

Կամ դոյլերով հորը ջուրի գնացին.

Ատեն մ՚անոր դրան առջեւ նըստեցաւ

Ծերո՛ւկն՝ ու թո՛ռը ծունկերուն մէջ առած

Պատմեց զրոյցն Արտաւազդի, Վահագնի…

 

Ու այս քաղցր պատկերէն ետք, տեսարանը կը փոխուի։ Մութ, խուլ բան մը յանկարծ կը լեցնէ մթնոլորտը՝ գեղեցիկ ձեւերը անուշ նկարները սպառնացող գորշութեամբ մը կը վարագուրուին, փոթորիկի նմանող ժխոր մը կը կոտտայ տողերուն վրայ ու աւերը, ոճիրը, մահը սանձարձակ հրապարակ կը նետուին, բոցեր կը քալեն։ Մոխիրներ կը ճերմկնան ու վհուկներ, շեքսփիրեան տրտմութեամբ կը թափառին փլատակներու մէջ, վհուկնե՜ր աւելի սարսուռով ու ճակատագրականութեամբ, քան Մաքպէթի վհուկները։

Օձը, Թիապարտը, Վաղուան բողբոջները բագինին վրայի մարդուն տեսիլքներն են։

Օձը սէնպոլ մըն է։ Քերթուածին մուտքը տեսակ մը դաշտանկար է. բարկ արեւով, եփած քարերով հեղեղատ մը, յարմարօրէն ընտրուած ժայռերուն վրայ գոլը կը հեւայ ու կ՚եփի եւ ուր օձերը իրենց լալու դահականի մարմինը կը վառեն։ Ընդլայնումը ամէն կերպով անթերի է, մանրամասնութեանց մէջ թուղթի դրուած է վիճակ մը սարսափի ու սարսուռի դասական ծայրայեղութեամբ։ Օձին պարաւանդումին մէջ ելլողը կ՚ըսէ.

 

Իսկ ան յեցած կզակն ուղիղ կզակիս

Խմե՜ց արիւնս անդեղեայ.

Մէն մի կլլուած շիթ որ կ՚իջնէր՝ կը զգայի

Իր մարմնոյն մէջ, մարմնոյս վրայ։

 

Սոսկալի է այս

Ու ետքը.

 

Կշտացած էր իմ արցունքով, արիւնով…

Ա՛լ, զերթ ոճիր կենդանի

Արփւոյն ներհակ, միշտ այդ կարմիր ճամբայէն՝

Ան կ՚իջնէր, ես կ՚ելլայի՜…

 

Այսպէս եղած է այն ազգը, զոր կէսօրուան արեւներուն՝ հսկայ օձեր սեւ դողերու մէջ փաթթելով ծծած, ծծած, ծծած են անխնայ:

Թիապարտները հիւկոյեան քնարերգութեամբ քալող դրուագ մըն է Le Crapaudին ոճը կը յիշեցնէ։ Երբ այս տողերը կը գրեմ ձեռքիս տակն է հռչակաւոր տեսանողին այդ կտորը։ Ուշադիր բաղդատութիւն մը մէջտեղ կը բերէ ուղղութիւնը, զոր նախընտրած է մարդկութիւնը կէս դարէ ի վեր։ Փոխանակ խղճմտանքի խաւարուտ կռիւներուն, որոնք Հիւկոն չարչրկեցին (harceler), փոխանակ գետնէն շատ վեր միջավայրի մը փաղփուն պատկերացումին, ուր արդէն մշուշոտ գաղափարներուն գուպարը կը տարտամնայ, նոր մարդը կը դիմէ նոր ճամբուն, միսերուն ու ոսկորներուն աղտոտ, բայց խորունկ տառապանքին։ Այս ջանքով՝ ցոլացածը մեզի կը տեսցնէ տգեղ իրականութիւնը, այո՛, բայց երբ բանաստեղծը մեզի պատմածները լուսաւորէ հանճարին կրակովը, քերթուածը - պարզ անդրադարձը բնական երեւոյթի մը - վէպ մը կը դառնայ խոշոր գործողութիւնով, լայն, թափանցող կենդանութեամբ, միսերուն ու ոսկորներուն բեկբեկ երգովը թրթռուն։

 

ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ

 

Գրասեղանիս վրայ, սա

Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ՚հող, բերուած հոն

Հայրենիքի դաշտերէն։

Նըւէր է ան. - զայն ինձ ձօնողը կարծեց

Սիրտն իր տրուած. առանց երբեք գիտնալու,

Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:

Զայն կը դիտեմ. - մերթ ժամեր

Բիբերս անոր վրայ յառած կը մընամ

Լո՜ւռ ու թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի

Նայուածքս արմատ արձակէր։

 

Բուռ մը հողին մէջ ամբողջ ազգ մը կրնալ տեսնելու համար հարկ է ըլլալ այն մարդը, որ իրերը ճառագայթներու ընդմէջէն կը դիտէ ու անցեալներուն կը նայի գերեզմաններ փորելով։ Բանաստեղծը ոգեկոչումի գերագոյն հրաշքն ունի. ոչ մէկը անոր չափ մեզ պիտի դարեր ետ դարձնէ, անոր սրտին կէսը անցեալին վրայ միշտ բաց դուռ մը կը պահէ։

Կարօտի նամակին մէջ անհամեմատ կ՚անուշնայ բանաստեղծը, մօր սիրտը կ՚իջնայ այնքան, որքան կարելի է:

Մայրն է պանդուխտ տղուն գրողը։

 

Հերի՛ք օտար սանդուխներէ ելլեն վեր

Ոտքերդ՝ որ օր մ՚ափերուս մէջ տաքցուցի,

Հերի՛ք ալ սիրտդ՝ ուր իմ ծիծերս եմ պարպեր՝

Դատարկ սըրտէս դուրս հիւծի:

 

Դըրանս առջեւ կը նստիմ միշտ տըխրալիր,

Լուր կ՚ուզեմ վրադ ամէն կռունկէ՝ որ կ՚անցնի,

Այն ճիւղն ուռի՝ զոր քու ձեռքովդ տնկեցիր,

Վըրաս կ՚ընէ հովանի։

 

Ու կը պաղատի մայրը: Ու կը գրէ անոր մառաններուն ու բակերուն վիճակը, կոտրած դուռները ու ջարդուած լուսամուտները, պարապ գոմին մէջ.

 

Մնացեր է խոյ մը միայն քաջարի՝

Որուն մայրն օր մ՚յիշէ որդեակ դեռ գառնուկ

Կերաւ ափիդ մէջ գարի,

 

Թեփով բրընձի ու առւոյտով պատուական

Սնունդ կու տամ արդ անոր պերճ դըմակին,

Souախ սանտրով կը սանտրեմ բուրդն աղուական,

Ան զոհ մըն է թանկագին։

 

Դարձիդ՝ պճնած վարդերով գլուխն իր համակ՝

Պիտի մորթեմ կեանքիդ համար ծաղկատի,

Իր արեան մէջ պիտի լըւամ, քա՜ղցր որդեակ,

Ոտքերդ յոգնած պանդուխտի։

Խանդաղատանքի այսքան բնական զեղում, գորով այսքան անկեղծ ու նկարուն բացատրութիւններ ես չեմ գիտեր մեր հին ու նոր գրականութեանց մէջ։ Այս միամտութիւնը, ուր զգացումը կը մայրանայ, գրեթէ կը հայանայ, շատ քիչ անգամ պիտի տեսնենք արդէն Վարուժանին քովն իսկ։

Ծեր կռունկը, հայ գրականութեան մէջ դասական դարձած այս վերնագիրը դասական քերթուած մը կը խոստանայ: Սակայն այնքան թեւ կը տրուի վշտին, ցաւն այնքան վերը կը քալէ, որ կռունկը սէնպոլի կը փոխուի։

Հայ թռչուն մըն է ան, ինչպէս արագիլը, որ իր ոտքերուն կարմիրը կը վառէ ցածկեկ կտուրներուն վրայ։ Կռունկը չես գիտեր, ինչպէս կու գայ, բայց աշնան լացերուն՝ իր երթը կը ցուցադրէ մեզի այնքան խորունկ կսկիծներ քրքրելով…։ Կռո՜ւնկը, յաւիտենական սուրհանդակն է, ցաւի նամակներով ծանրաբեռնուած, վշտահար ինքն ալ կարծես իր առաքելութեամբը։ Հայ երկինքին աւետաբերն է ան, ինչե՜ր կը բերէ եկող կռունկը ձիւներէն նոր ազատուող ծերուկին ու պառաւին, աչքերնին ճամբան սառած մանկամարդ հարսներուն: Ի՜նչ երազներ ու կարօտներ սեւ թեւերնուն մէջ փաթթած գուրգուրանքով կը տանին անոնք ցրուելու, ցրուելու աշխարհի չորս ծագերուն…

 

14 Օգոստոս 1913

Շար. 1 [1]

 

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

(«ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ» ՈՒ «ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

Կուգանք Վարուժանի հոգիին ազնուագոյն հատուածին։

Հայրենասիրական նորաձեւ ցուցամոլութեան մը առջեւ, ուր ամէն մարդ իր փիլիսոփայութիւնը կը զետեղէ հանդիսաւոր փարիսեցիութեամբ մը, շատ բնական է, պիտի ծագէր հայրենանուէր գրականութիւնն ալ: Հին ռեժիմի քերթողներ իրենց ազատած քնարներուն վրայ վերերգեցին ազատութիւն, հայրենիք, օսմանցիութիւն եւ դեռ չեմ գիտեր ինչեր…: Ու հրա՜շք, Փանոսեան ըսուած մեռելն անգամ համարձակեցաւ քերթուքներու հաւաքածոյ մը հրատարակելու։ Մեր մտաւորական աշխարհը, պատճառ եւ ընդունարան այս շարժումներուն՝ դարձաւ ծափի ու բացագանչութեան մրցարան մը ու գրական բոլոր սեռերը, ուշադրութի՜ւն, բոլոր սեռերը հալեցան, անհետ եղան այս մոտա դարձած կեղծաւորութեան առջեւ։

Հրապարակը ողողուեցաւ պրոշիւրներով։ Օրաթերթերն ու հանդէսները լեցուեցան ոտանաւորներով, ուր ուշ մնացած կամ նորածիլ հանճարներ երգեցի՜ն, երգեցին հայրենիքն ու անոր ցաւերը…։ Վհատեցնող այս ինկածութեան մէջ բարեբախտաբար քանի մը տաղանդաւոր հայեր անկեղծ ու մռայլ ողբերգը գտան, խորունկ մահերգ մը, համապատասխան թախիծով ու խորհուրդով տրոփուն։ Ասոնցմով հայ հայրենասիրութիւնը փրկուեցաւ գրական ցուցամոլութիւն (parade) մը դառնալէ։

Սիամանթօ «Կարմիր լուրեր»ով մեր սոսկալի նահատակութիւնը նորոգեց։

Վարուժան իր երգին մէջ այնքան ըմբոստ ու միանգամայն աղուոր շեշտ մը դողացուց, որ հայ տառապանքին վրայ մեծագոյն ու խոշորագոյն լացը ըսողներուն հաւասարեցաւ ու շատ կէտերու մէջ գերազանցեց զանոնք:

«Դիակի սայլը», «Ջարդը», «Հայհոյանք»ը, «Կիլիկեան՝ մոխիրներուն»ը քերթուածներ են, որոնք Դանիէլի հոգիին ճակատը կը կազմեն։

Ջարդը, առանձին պրոշիւրով մը արդէն լոյս տեսած է։ Ոչ մեկ վերլուծում կրնայ ճշգրիտ գաղափար մը տալ այս քերթուածին աննման ուժովութեանը վրայ։ Բառերը այնքան դժնդակօրէն կը մխուին ուղեղիդ մէջ, պատկերները այնքան արիւնոտ ու ծուծով ճենճերուն հրդեհ մը կը վառեն երեւակայութեանդ առջեւ, որ կը վախնաս կարդալէ։ Ջարդող, փշրող, սառեցնող է ան:

Բայց ահա աւելի դալուկ, արիւնին մէջ աւելի հիւանդ, թոյլ հիւսքով, բայց մազեր ցցող իրապաշտութեամբ ու բանաստեղծական կարմրութիւնով դրուագ մը.

 

Իրիկուան դէմ փողոցներէն ամայի,

Սայլ մը կ՚անցնի ճռընչելով,

Ձի մը աշխէտ զայն կը քաշէ, ետեւէն

Կ՚երթայ զինուոր մը գինով։

 

Դիակի սայլն է, որ ջարդուածները գերեզման կը տանի, արեւուն ոսկեզօծ պատանքին տակ. ձին տկար է ու յոգնած եւ՝

 

Եւ շրջակայ պատերուն պոչն իր տատան

Կը սրըսկէ մի՜շտ, մի՛շտ արիւն։

 

Եւ արիւն է, որ կը կաթէ յարաբուխ

Անիւներուն յեցերէն,

Սայլն իբրեւ վարդ կըրէր, իբրեւ թէ ըլլար

Արշալոյսին կառքն հրեղէն:

Հոն են դիերն, իրարու վրայ, որդին՝ մօր

Գանգուրներով պատանքուած։

Մին խրած է իր ամբողջ բռունցքը միւսին

Տաք վէրքին մէջ լայնաբաց։

 

Մէկուն կուշտէն աղիք մը վար սահմըռտկած՝

Սայլին ճեղքին կ՚առկախի. `

Շո՛ւն մ՚էտեւէն կու գայ եւ զայն քաշած դուրս

Լափլիզելու կը զբաղի…

 

Անոնց վրայ ո՛չ ոք կու գայ արտասուել

Կամ տալ ողջոյնը վերջի,

Քաղքին լռութեան մէջ արյան հոտը միայն

Զեփիւռին հետ կը շըրջի։

 

Բայց մութին մէջ պատուհանէ պատուհան

Ահա մոմեր կը վառին. -

Մամերն են որ գաղտագողի կ՚աղօթեն

Վըրան կարմիր դագաղին։

 

Եւ այն ատեն պատշգամի մը վըրայ

Կոյս մը կ՚ելլէ գեղանի,

Եւ կը նետէ արտասուաթոր բուռ մը վարդ,

Սայլին վըրայ՝ որ կ՚անցնի։

 

Չարաբաստօրէն եզական այս պատկերը ինչե՜ր կ՚ըսէ մեզի։ Չեմ գիտեր, եղա՞ծ է ազգ մը մեզի չափ անընդմիջօրէն լլկուած։ Բարի լուսուն, կէսօրին, իրիկունն ալ շարունակ խաչին գամուած ազգ մը եղած ենք։ Մեր երկրին ամէն կէտերուն վրայ Յիսուսն անգամ վախցնող խժդուժութեամբ խաչելութիւններ սեւցան։ Մեր լեռներուն անմատոյց ծակերուն մէջ իսկ մեր արիւնը կակաչցաւ, չեղաւ ջուրի թելիկ մը, ուր մեր վիզէն ու սիրտէն կաթած կարմիր հեղուկը հեւալով ու կոտտալով չվառէ՜ր։ Աւարայրէն Ատանա մեր գետերը յոգնեցան մեր դիակներէ՜ն…

Պէտք պիտի ըլլար զմայլելի «Հայհոյանք»ը եւ ծանրաչուք «Կիլիկեան մոխիրներուն»ն ալ ամբողջութեամբ արտատպել հոս՝ ճիշդ չափը տալու համար այն մեծ կարողութեան, որ Վարուժանը աւերի եւ միանգամայն վրէժի երգիչը կ՚ընէ։ Ան շատ կ՚ախորժի հում պատկերներէն, որոնց վրայ արիւնները կը ցամքին կամ ճապաղիները գլլելով կը սողան. ան շատ կը սիրէ մաղմաղները, որոնց մէջ մտածումներ ու քերթուածներ, երազներ ու սրբութիւններ մոխրացան։ Մարդու միսին ճենճը հրապոյր մը ունի, իր ռունգերուն համար, սոսկալի՜ բնազդ, բայց որքան ալ բռնադատօրէն իրական։ Ո՞ր հայու սիրտին մէջ ծալուած, տուն-տեղ եղած չէ Ջարդին ուրուականը։

Հոս կ՚աւարտի «Բագինին վրայ»ն:

Հայ գրականութիւնը, տեսակ մը ցոլացում հայ ժողովուրդի հաւաքական հոգեբանութեան գրեթէ այլամերժօրէն տուած է վիշտով ու արցունքով լոգցած էջեր։ Երկիրը մշտական աւերածութեան մը դէմ գտնուելով՝ տխուր բախտն է ունեցած կրօնքով մըն ալ պատանուելու։ Ցեղին մեծ ոգեւորումներուն հանդէպ հայ վիպասանը, հայ պատմաբանը, հայ բանաստեղծը ծիծաղելի միամտութիւն է ունեցած այդ աւերն ու կոտորածը հանդուրժելու, երկնառաք բարկութեան մը շանթին տակ խելօքցած։ Առ առաւելն ողբերգելու, մահուան ու կրակին դէմ գեղեցկօրէն լալու առիթները չենք փախցուցած։

Եղիշէն դիւցազներգութիւն մը կը գրէ։

Յովհաննէս կաթողիկոս սով մը կը նկարագրէ։

Լաստիվերացին հալածանքներուն պատմութիւնը գրի կ՚առնէ։

Բոլորին ալ մտահոգութիւնը վերջին ձգտումի մը կը նոյնանայ: Բոլորն ալ կ՚աշխատին իրար գերազանցել եղերամայրերու իրենց հերարձակ լացին մէջ։ Ո՛չ մէկ բառ հպարտ ու կենդանի ամբողջ Եղիշէի մէջ։ Զօրավարը վեղարաւորի մը ծանրութիւնը կը դնէ իր պատմական ճառին մէջ, ուր բառերը կրակ ու արիւն պէտք էին ըլլալ։ Եղիշէ ծանրութեան կեդրոնը կը փոխէ կաթողիկոսներու ու երէցներու գանկին տակ։ Իր լաւագոյն էջերը դարձեալ կը ներկայանան աւերուած ցեղերուն վրայ ողբերու վայնասուն վազցնելուն մէջ։ Կաթողիկոս պատմաբան լատին հռետորութեան թեմ մը գրելու տպաւորութիւնը կը թողու իր սովին պատկերին մէջ։ Լաստիվերացին միայն ու միայն լալ ու փառք տալ գիտէ։

Աւելի մօտ ատեններ, ռուսահայ վիպասաններէն մաս մը հայ իրականութիւնը երգած է ծայրայեղօրէն խղդող ոլորտի մէջ, սրտաշարժ կերպով տխուր մեղեդիներով, սեւի ու սուգի մշտական տիրապետութեան մը տակ։ Այդ գրականութիւնը՝ իր տարածուն ազդեցութեան մէջ դիտուած՝ ջլատող, յուսահատեցնող փլածութիւն մը կը բանայ մեր ներսը։

Ցաւը, մելամաղձութիւնը համակրած են։ Ազգերը ապրելու իրենց կրկնակ երեսներուն մէջ պէտք ունին տարբեր մնալու։ Ահարոնեանի արցունքը կը թուլցնէ արդէն խարխուլ մեր հոգին։ Գրական աշխարհը իրականին հաւատարիմ ցոլացումը չէ միշտ։ Արուեստը բնութեան trivial ընդօրինակութիւնը չէ եղած երբեք։ Շարունակ լաց տեսնելով, շարունակ ողբ լսելով՝ վերջապէս կը վարժուինք կեանքի այդ անորմալ ձեւերուն, մեր արիւնին մէջ կը մտնէ համակերպումի ստրուկ ճակատագրապաշտութիւնը։ Հայ նահատակութեան անսովոր տեւողութիւնը, հայ դիւցազնութեան անյաջող ոգորումները բաւական պերճախօս ապացույցներ են այդ վարդապետութեան։

Մենք պէտք ունինք ՎՐԷԺԻ ԵՐԳԻՉԻՆ: Մենք լալու տեղ մարդկօրէն մեռնիլ գիտնալու քաջութեան կարօտ ենք։ Մշակեցէ՛ք մեր մէջ մարդկային արժանապատուութիւնը, ձեր երգերուն մէջ լացին վրայ դրէք պայծառ փրփուրը վրէժին։ Փշրեցէ՛ք մեր մէջ անդրագոյն երազներուն մեղկացուցիչ դղեակները, արքայութիւնն ու հեշտանքները ատել տուէ՛ք մեզի։ Երգեցէք մեզի մարդը, Պայրընի Մանֆրէտին գոռոզ բողոքը շանթեցէք, որոտացէք մեր սատկած հոգիներուն մէջ ու այն ատեն պիտի խանդավառինք ձեր առջեւ ո՜վ բանաստեղծներ, վասնզի ինչ որ ալ ըսեն, վերին ազդողներ կը մնաք դուք մեր սրտին։ Մեր հոգին որչափ ալ յոգնած ըլլայ, որչափ ալ յափրացած ըլլայ ոճիրով կամ հրապոյրով, մահով կամ քաղաքավարութեամբ, մենք միշտ ամուր պիտի մնանք ձեզի հանդէպ, հիացումով ու խանդով պիտի համակուինք մեր մտքին առջեւ, ձեր պատկերներուն համար մեր աչքերը միշտ ժպիտ ու արցունք պիտի գտնեն։

 

* * *

«Կրկէսին մէջ»ը կըպարունակէ 18 քերթուածներ։

Ասոնց գրական վերլուծումը մէկդի թողլով, երբ որոնենք տիրող ոգին, որով թելադրուեցան, պիտի հանդիպինք նոյն զգացումին, հայրենիքի զգացումին, որ կրկէսին մէջ ալ կը յորդի նուազ տխուր, նուազ յուսահատ թափի մը մէջ։

Վերածնունդն ու անոր պարտադրած լուսաւոր հաւատքը ըլլուելիքին վրայ լեցուցած է բանաստեղծը: Մեր կեանքին մթին ու զարհուրելի անդունդէն վեր ելլող ձեր ողբերգութիւնը նուազած է հոն, բանաստեղծը փոխան ողբի՝ բարձունքներուն վրայ հորիզոնուող ապագային տեռապատկերովը կ՚ուզէ անուշցնել մեր աչքերը:

«Վերածնութիւն»ը, «Ապրիէլ»ը, «Կռուի երթը», «Արծիւներուն կարաւանը», «Առաքեալը», «Դիւցազնի մը սուրին»ը, «Յաղթողը» քերթուածներ են, ուր Վարուժան չտարուելով հանդերձ ցաւի հծծիւնէն՝ յոյսի կապոյտ սրինգը կամ կռուի կարմիր ռազմերգը կը փողէ փոխնիփոխ:

«Հայրենի լեռներ» քերթուածը իր թաց գեղեցկութեամբ, իր թելադրած յուզումին մռայլ հնչականութեամբը, ամբողջ հատորին է՛ն կենդանի կտորներէն մէկն է։

Ի՜նչ սրտաշարժ է հայրենի, հայ լեռներուն երեսն ի վեր մեղմօրէն շշնջուած այս դիմառնութիւնը։ Բանաստեղծը կը նայի անոնց հսկայի զանգուածին, կը կարդայ անոնց լանջքին վրայ կանչըցող հին-հին ծառերուն սիրտը, կը թափանցէ անոնց ծոցը՝ կթելու համար «մարմարն արփացոլ», որ՝

 

Հագաւ ձեւերը տիտան

Մեր պապերուն հանճարին:

 

Ու մեր պատմութիւնը, սկիզբէն հիմկու մեռելութիւնը, կը կարդանք անհունապէս համառօտուած այս էջնոց մը քերթուածին մէջ, բայց անհունօրէն ապրող։ Բանաստեղծը ունի միայն եզական ձիրքը ամբողջ կեանք մը, ամբողջ դար մը, ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը մէկ-երկու պատկերներու մէջ թանձրացնելով պատմութեան աւանդ յանձնելու։

«Վասնզի, կը գրէ Թէն, - ան ամփոփումներ կ՚ընէ ու լաւագոյններէն։ Այս տեսակէտով բանաստեղծները աւելի բախտաւոր են, քան ուրիշ մեծ մարդերը։ Անտարակոյս Հոպպսի կամ Տեքարթի նման իմաստասէր մը, Անրի Էթիէնի նման հմուտ մը, Քիւվիէի կամ Նեւաuնի պէս գիտուն մը ուզածնուն չափ կը համառօտեն իրենց ընդգրկած անջրպետը: Բայց անոնք սահմանափակ կարողութիւններ ունին, մնաց որ, անոնք մասնագէտներ են, աւելի ճիշդը՝ մասնաւորներ եւ իրենց տեղաւորուած կայքը մէկ անիւով միայն կը հաղորդակցի հանրային զբօսավայրին, ուր կը շրջին բոլո՜ր միտքերը։ Արուեստագէտն է միայն, որ իրեն կալուած կ՚ընտրէ այդ ճեմելավայրը, ամբողջութեամբ կը պարագրկէ զայն եւ վերարտադրելու համար զայն՝ ունի գործիքներ, որոնք ուրիշ ոչ մէկին քով կը գտնուին, այնպես որ, իր ընդօրինակութիւնը է՛ն հաւատարիմը, միեւնոյն ատեն է՛ն կատարեալն է» (La Fontaine et ses Fables - Conclusion)։

Այս համառօտումները՝ առնուած մեր անցեալէն իրենց փառքի կամ թախիծի կրկնակ հանգամանքով պիտի տպաւորեն մեզ խորապէս, մեր հոգիին մէջ պիտի դպին լարելու, որոնք անորոշ հեռաւորութիւններէ, ով գիտէ, թերեւս Վահագներու բոցովը լոգցող պահերէն կ՚առնեն իրենց նուիրական ծագումը, ու այսպէսով մեր հաւաքական սիրտը իր մասերուն վերածելով, մեր պապերուն ուրուականները մեր արիւնին մէջ թօթուելով, մեր միսին իւրաքանչիւր նեարդին մէջ գրգռելով միլիոնաւոր հայերու կտակն եղող զգացումներու ցանցը ու նորէն վերլուծումէ համագրում անցնելով՝ մեր թոռմած, ջախջախեալ մարմինը, սարսուռն, տրոփուն քնար մը պիտի դարձնեն ու մենք մեր նախնիքներուն գերեզմանը ըլլալէ դադրելով՝ անոնց հարազատ շարունակութիւնը պիտի մնանք, կապուած՝ անոնց հզօր ու անքակտելի թելերով, անոնցմէ բխած, անոնցմով լեցուն։

Ես լացի, երբ հոյակապ օրերու վրայ խնդացող այդ լեռներուն բանաստեղծը վախկոտ, փափուկ՝ վիրաւոր շեշտով մը յիշեցուց հիմակուան վիճակնին.

Լեռնե՜ր, լեռնե՜ր, սե՜ւ լեռներ, այլեւս աւա՜ղ թափուր էք,

Շողապըսակ փառքերէն, հերոսներէն հնօրեայ,

Դիոսի տեղ ամպ մ՚այսօր՝ զերթ քողն այրի կնոջ մ՚հէգ՝

Կը նստի ձեր գլխուն վրայ։

 

Միւս քերթուածները միշտ վեր կը բարձրանան միջակէն, պայծառ ու յանկուցիչ ազնուութեամբ մը, չի կայ էջ մը, ուր Վարուժանի «վարդափթիթ» ձեռքը շնորհ մը, համ մը ծաղկեցուցած չըլլայ:

«Աւերակներու տիկին»ը հարուստ գոյներու, վճիտ ձեւերու ծիածանում մըն է, սէնպոլ մը, ըլլալէ աւելի՝ դասական հիւսքով, բայց հրապուրիչ առոգանութեամբ պատմուածք մըն է։

Ազատութեան տօնն է,

Վոսփորի ափին ազգերն են նստեր զուարճութեան.

 

Այն ժամանակ կին մը կապույտ աչքերով՝

Որ դարերով նստեր էր

Աւերակի մը սիւնին վրայ թաւալած,

Որ կ՚անիծէր, կամ կ՚աղօթէր, կամ կու լար,

Քուրձ կը հագնէր, մոխի՜ր կ՚ուտէր

Եւ մայրօրէն ծիծերն ափին մէջ բըռնած՝

Անմահութիւնն իր անոնց մէջ կ՚օրօրէր։

 

Կը լսէ հրաւէրը, որ նստողներէն կ՚ուղղուի իրեն: Նոյն ատեն աստղ մը կու գայ տիկինին գլխուն վրայ հինգ անգամ դառնալու ու յետոյ փշրուելով

 

Մազերն ի վար հոսեցաւ

Հալած մեղրի հանգունակ…

 

Տիկինը կը հաւատայ ազատութեան ու իր զարդերը կ՚ուզէ հանդէսին վայելող պերճութեամբ հագւելու համար.

 

Օն, մեհեանդ բերէք ինձ,

Աւէրներուն մէջ արցունքէս բորբոքած

Մեծ ծաղիկնե՛րը բերէք,

Կ'ուզեմ այսօր դշխոյի պէս զարդարուիլ

Կ՚ուզեմ որ միսըս թարմօրէն սրսըփայ

Ինչպէս ծաղկած դեղձի ծառը մատղաշ

Անձրեւէն վերջ Մայիսի։

........................ Ա՛լ երթանք

Դէպի Վոսփոր, կարմիր ճերմակ խընճոյքին։

 

Տիկինը կը մտնէ ժողովուրդներուն մէջ։ Բոլորը դափնիի, ձիթենիի պսակներ կը նետեն իր վրայ.

 

Դշխո՜յ՛, դշխո՜յ, կոչեցին,

Իր կողերում լայնութեան վրայ հիանալով՝

Անոնց մէջ օր մ՚օրօրուած

Հերոսներուն անուան ըրին գովասանք։

 

Ան կը նստի, եղբայրութեան աղը եւ իր գինին առջին, ու կը մոռնայ վրէժը, զոր ահաւոր դարեր պուտիկ-պուտիկ բիւրեղացուցին իր ներսը… կը խմէր.

 

Ձեռքին մէջ բիւր բաժակներ

Ջախջախուեցան, եւ մարմարէ ուսերէն,

Արմուկներէն արփիացոլ հոսեցաւ

Զըւարթ հեղուկն յակինթներու պէս հալած.

 

Կը թողու, որ թուրքն ու չերքէզը շոյեն իր գլուխը։

 

Թողուց որ գլուխը շոյէ

Լրջադէմ թուրքն եւ կամ չերքէզն հաստայօն,

Եւ հրեային ու յոյնինի

Ճակատներուն վրայ թօթուեց

Սեւ անտառներն իր խընկաբոյր մազերուն:

 

Ու քղանցքը վեր հանգրըճած՝ ան կը խաղայ, դափ կը զարնէ… բոլոր հանդիսականները հիացած կը հետեւին գեղանի այրիին.

 

Որ գիշերուան մէջ հերոսներ կը թաղէ,

Առաւօտուն կ՚ըլլա՜յ հարս։

Հա՜րս կ՚ըլլայ, հա՜րսը բոլորիս, հա՜րսն արբշիռ

Որ ծովուն քով եւ խրախճանքի սեղանին

Վարդ կը նետէ ամէնուն,

Եւ աւասիկ կ՚համբուրէ

Իր գինիոտ բերանով

Մարդերն ամէն ցեղերու,

«Կեցցէ՜, - ըսին այն ժամանակ, բայց հերոսն

Այս խրախճանքի ժխորումէն արթնցած

Գայլ Վահաններն, Դաւիթ բեկերն ընձառիւծ

Հերոսներն հին՝ գաղափարին հինօրեայ

Գինովութի՜ւնը տեսան

Օտարներու առջեւ պարող իրենց մօր,

Եւ սարսափած, մոլեգնադող, պատռեցին

Իրենց վրէժի պատանքներն

Ու շարժելով՝ շիրմաքարերն իրենց յաղթ

Սիրտմըտանքէ, առջի անգամն ըլլալով

Արտասուեցին ու մութին մէջ կանչեցին

Դէպ իրենց Մօր «Ոլիաբա՜, Սալոմէ՜…»:

 

Ու հրաշալի է այս ամէնը։

 

Սեպտեմբեր 1913

Շար. 2

 

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

(«ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ» ՈՒ «ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

 

Գ. գիրքը ունի երեք դիւցազնավէպեր. «Հովիւը», «Արմենուհին», «Եիկիտ Տօնէլ»ը։

Դիւցազներգութիւնը դժուարագոյն սեռն է բանաստեղծութեան։ Ասիկա խոստովանած են Թէնի պէս իմաստասէր քննադատներ։ Անգլիական, գերմանական գրականութեանց մէջ առատ են մանաւանդ անոնք։ Միջին դարը իր ասպետներով, ժամերով, սիրահարներովն ու սուրբերովը անսպառ աղբիւր մըն է այս վէպերուն։ Շիլլէր, Կէօթէ, Ուհլանտ Պալատներու եւ Լիտերու թեթեւ տողերուն մէջ սեւեռած են գերման զգայնութեան քմայքն ու խորութիւնը։ Հայնէ միջոցը կը գտնէ իր անբացատրելի թախիծը խաղցնելու իր այնքան մելամաղձիկ հարցումով:

Չեմ գիտեր, ինչո՞ւ տխուր եմ

 

Ռոմանթիք շարժումը չափազանց առատօրէն սպառեց այդ հում նիւթերուն զաղփաղփուն բանաստեղծութիւնը: Ֆրանսական գրականութեան մէջ Հիւկոյի եւ մեծ ռոմանթիքներուն օտերն ու պալատները մենէ վեր տեղերու մէջ բուսնող ծաղիկներն են ու այդ հանգամանքով չեն իջնար մեր սիրտը։ Սէնպոլիսթներէն մէկ քանիներ աշխատեցան հասնիլ ժողովուրդի ներշնչումին։ Փօլ Ֆոր իր «Պալատ ֆրանսէզ»ի եւ L'Amour marinին մէջ գտաւ ժողովուրդի երգը։

Մեր գրականութեան պոլսական հատուածին մէջ դիւցազնավէպը շատ փորձուած ու գրեթե միշտ անյաջող է մնացած։ Հ. Ա. Բագրատունի աններելի սխալը գործած է իր «Հայկ դիւցազն»ին մէջ բառերու եւ պատկերներու պատրանքովը հին երկինքը ստեղծելու: Մեզի համար որքան դժուար է մանկանալը, հասնելու համար Իլիականին երջանիկ բանաստեղծութեան: Աստուածներու եւ աստուածուհիներու դամբարանները սրբապղծուած ու աւերակ մեր ետին կը մնան։ Մեր մոռցուած գեղեցկութիւնները փտած են ալ իրենց գերեզմաններուն մէջ ու հիմա բաւական շատ ենք սորված հաւատալ կրնալու համար անուշ առասպելին, որով աստուածները կողք կողքի կռուեցան Իլիոնի մօտ եւ որով Մովսէսներ ու Դաւիթներ երկինքները հնչեցուցին իրենց պակուցիչ տուօներով։

Ու ազգային épopée մնալու յաւակնութեամբ տաղաչափուած այդ ստուար երկը հայկաբանութեան թանգարան մը դարձաւ, ապրող՝ գրական սակաւադէպ հետաքրքիրներով։

Նար-Պէյ իր Արա–Գեղեցիկին եւ քրիստոնէական շրջանէ առած մարտիրոսական դրուագներուն մէջ մեր աչքերը շլացուց յանգերով եւ décorով մը, որ զգացումը կը խեղդէ իր ուռուցիկութեան տակ: Ալիշան թեւ եւ թափով դիւցազնավէպեր ունի, մեծ մասը կողմով մը թերի։

Ռոմանթիքներէն ու դասականներէն ետքը, նորերուն մէջ սեռը փորձուեցաւ արձակ ու ոտանաւոր։ Չօպանեանի «Արուսը», Շանթի «Լերան աղջիկը» իրենց նորութեամբ միայն բան մը կ՚արժեն: Սակայն Ռուբէն Զարդարեան վերջնական կաղապարով մը գունաւոր արձակի մը մէջ արտայայտեց ծփուն բանաստեղծութիւնը իր հեքիաթներուն՝ անուրանալի յաջողութիւնով մը։

Ռուսահայերուն մէջ սեռը ծանօթ է պոեմա անունով:

Աղայեան, Թումանեան, Յովհաննիսեան, Իսահակեան աւելի կամ պակաս յաջող դիւցազնավէպեր ունին։

Աղայեան գեղացի պատմող մըն է։

Թումանեան - կարողագոյնը - ունի տղու հոգի մը, ոստոստուն արուեստ մը, որ գերազանցապէս կը յարմարի այդ անկայուն, երկրին ու երկինքին մէջտեղ կախուած միջավայրին։ Իր պոեմաները մեծ մասով յաջող՝ քնքուշ միամտութեամբ մը թաթաւուն՝ մեզ կը մանկացնեն, կը տանին դեւերու ու հսկաներու երազէ աշխարհը, որ դեռ չէ ջնջուած գաւառի հայուն հոգիէն։

Յովհաննիսեան նուազ բախտաւոր է։ Իր «Վահագն»ը չարափոխումն է առասպելներու կրակէ տղուն, ու ի՜նչ դպրոցականի ծանրութեամբ ոճ:

Միրաքեան «Լալուարի որս»ին մէջ անժխտելի կարողութիւն ցոյց կու տայ: Աւելի կոկուած լեզուի մը մէջ իր պատկերները, ուր սարերը «բոյրով կը կանչընան» ու մշուշով կ՚ալեւորին, պիտի ազդէին կրկնապատիկ ուժգնութեամբ։

Մանուէլեան եւ Իսահակեան արտադրած են յաջողակ հատուածներ։ Առաջինը Լը Քոնթ տը Լիլի հետեւող մըն է, երկրորդն ալ հաւատք չունի իր գործին մեծ արժէքին վրայ։

Եւ սակայն դիւցազնավէպը անմիջական պէտքերէն մէկը կը մնայ մեր գրականութեան։ Եթէ չենք կրնար հին աստուածները ապրեցնել մեր լեռներուն կամ գետերուն վրայ, եթէ չենք կրնար Անահիտներու եւ Վահագներու կաթն ու բոցը դարձեալ ծաղկեցնել, գէթ կրնանք մեզի անոնց չափ թանկ եղող, անոնց պէս հեռուէն ճառագայթող դիցական անձնաւորութեանց շուրջը հաւաքել, կեդրոնացնել մեր տարտղնած հոգիին իրերամերժ թելերը. Վարդաններու, Արաներու, Արամներու եւ Հայկերու գեղեցկահիւս երազները նիւթ ընել մեր սքանչացումին։

Ու արդարեւ, ի՛նչ աւելի փափուկ, մելանուշ բանաստեղծութիւն կը ծորէ մեր մէջէն, քան օրինակի համար, մեր պատմութեան ցայտուն դէմքերուն իրական վերարտադրումը: Ազդեցութեան ի՛նչ շրջանակ, ծաւալ կունենայ ազգային հերոսներու ոգեկոչումը ոչ թէ թատերական կեղծիքի մը օգնութեամբը, այլ՝ անոնց միջավայրին ու մթնոլորտին հոգեբանական հարազատ վերափթթումովը։ Անոնց շարականներուն գեղեցկագոյն մասը կը թռի դիւցազնավէպերու թեւով, Հռիփսիմեանց կոյսերու հրաշալի քերթուածը երգող վարդապետները իրենց շեշտին ինքնատպութիւնը եւ քաղցրութիւնը կը պահեն տակաւին, դարերու փոշիին ու փլատակներուն ընդմէջէն։

Այս պէտքին առջեւ պոլսահայ բանաստեղծներու (այսպէս ըսողները լեգէոն կը կազմեն) աննպատակ թափառումներ, կեղծ քնարերգութեան կամ սխալ հասկցուած սէնպոլիզմի մը շուրջ անհանդուրժելի են պարզապէս։ Ապահովաբար տաղանդէ զուրկ եղող նորեր կը ճանչնամ, որոնք անիմաստ յամառութեամբ մը կը շարունակեն չարչարել մեր լեզուն, խոշտանգել անոր բառերուն կողերն ու որովայնը՝ փրցնելու համար ինքնատպութեան բռնի շեշտ մը, որ յաճախ մահուան հռնդիւն մըն է։

Դիւցազնավէպը կը տարբերի դիւցազներգութենէն։ Այս վերջինը ընդարձակ յղացման, նկարագիրներու եւ անձերու հակամարտ բախման, բնականին ու գերբնականին երջանիկ մէկ խառնուրդն է։ Ամէն ազգ իրը ունի, որ երգուած է ազգին կենսաբաբախ շրջանին, հերոսական կռիւներու վաղորդայնին, վառ երեւակայութիւններու, անասնական բնազդներու ազդեցութեան տակ։

Անցողակի այս նոթերով նպատակ չունիմ դիւ ցազներգութեան վերլուծումն ընելու, բայց դիւցազնավէպը թոռնիկն է այդ սեռին եւ ինծի համար լաւ գրուած հեքիաթ մը եւ կամ ժողովուրդի թռչող երգ մը աւելի կ՚արժէ՝ գրքունակ ներշնչումով հատորներէ։

Դիւցազնավէպը կը սիրեմ. ասիկա աւելի պզտիկ շրջանակով պատմուածք մըն է, ուր հեռանկարի եւ ոլորտի կամայական կեղծում մը կամ վարպետ բռնաբարում մը հաճելի ազատութիւն մըն է։

Շատ անգամ, մանաւանդ սէնպոլիստներու մօտ, կը հանդիպինք հելլէն դիցաբանութենէն կամ արեւելեան ազգերու առասպելներէն վերցուած քոնթերու, այլաբանական պատմուածքներու, զրոյցներու: Henri de Régnier նայեատներու եւ սիրէններու նկարագրութեան մէջ գործածած է այն տեսակ գոյներ, որոնք իրենց բաղադրութեանը մէջ արդիական ըլլալով հանդերձ, յաջող ցուցադրումով մը կը խաբեն մեզ ժամանակագրականօրէն ու պատրանքը կ՚ունենանք ապրելու հին անուրջի ատեններուն, ուր ծառերուն վրայ հուրիներուն ճերմակը կը լողար, ջուրերուն վրայ աստուածուհիներ կը փրփրէին։

Բաւական թիւով ալ բանաստեղծներ դիմած են դիւցազնավէպին՝ փորձելու համար տաղաչափական ճարտարութիւն մը կամ հնախօսական մենամոլութենէն մղուած։ Ուրիշներ հին աստուածները բռնադատած են արդի քաղաքակրթութեան ֆրանքը հագնելու եւ վերածած զանոնք ծաղրանկարային այլանդակութեամբ քարոզիչներու, որոնք միշտ աստուածաբանական ուսումներու տօքթէօռ, տնտեսական գիտութեանց պսակաւոր ալ կ՚ըլլան։

Բարեբախտաբար այս ծայրայեղութիւններէն ո՛չ մէկը կայ Վարուժանի քով: Ան կը դիմէ դիւցազնավէպին շատ համեստ յանդգնութիւնով մը. կը վախնայ պատկերներու զգայացունց մեծութենէն, գերբնական միջամտութենէն կարելի եղածին չափ գիտէ խուսափիլ, նորավէպ գրողի մը թեթեւութեամբը վարուելով նիւթին հետ:

«Հովիւը», Վիրժիլի Bucoliquesները կը յիշեցնէ ինծի։ Պատմուածքը ոչինչ ունի արտականոն։ Ծանր չափով, որ մինչեւ վերջը նոյնը կը մնայ, ոտանաւորը կը քալէ կտոր մը արագ, թէեւ հաստ լրջութեամբ մը։ Անուշ կեանքի մը պատկերն է, որ կը դրուի մեր առջին, հայ գեղջուկին լեռներու մէջ ապրելու եղանակը, սինեմայի արագութեամբ։ Պատմուածքը ոչինչ ունի տիրական, բայց կուռ կերպով տողերուն մէջէն ան դուրս կու գայ սեփական գեղեցկութիւնով մը։ Մեր աչքերը կը հանգչին հոն գործածուած առոյգ գոյներէն։

«Արմենուհին» սակայն չքնաղ քոնթ մըն է, դիւցազնավէպին գլխաւոր հրապոյրը կազմող տարօրինակ մշուշով մը սքողուն, որուն ընդմէջէն երբ կը ցոլացուին մեզի որպէս թէ պրիսմակէ անցած ըլլային։ Բաւական շահեկան տրամի մը շուրջ Դանիէլ Վարուժան զետեղած է իր երանգապնակին է՛ն աղուոր գոյները:

Գերի հայուհին, «Արմենուհին», լոգանքէ կը դառնայ։ Շահարաս հայուհին շրջապատող աղախին աղջիկներու խումբին կ՚ըսէ.

 

«Բամբշի զարդով, ու երգերով սիրարծարծ

Պատրաստեցէք, լուսընկային հետ կու գամ»: -

 

Ճերմակ վրանը կը մտնեն աղջիկները:

 

Կը մըխան ներսը հալուէներ միշտ բուրեան.

Ու կ՚երեւի՝ ծածկուած գայլի մորթերով՝

Խորը բազմոց մ՚հուրիներու գըրգարան։

 

Արմենուհին կը նստի հոդ. դեռ մատներին ու ծոցէն ջուրը կը կաթկթի, եօթն աղջիկներ բերեր են հինա, ծարիր, անուշ եղ, շողակէ զարդ

Եւ կոյսն իբրեւ աստուածուհի մը մե՜րկ է

 

Ու կը սկսի զարդարանքը։ Առաջին աղջիկը նուրբ լաթով կը չորցնէ կոյսին ուսերը ըսելով՝

 

«Արմենուհի՜, շատըրուան մ՚ես դու մեր մէջ,

Եւ շուրջըդ մենք ծըփծըփուն

Նունուֆարներ դալկահար.

Աստղերն ի վեր գեղգեղուն

 

Երկրորդ աղջիկը ոսկի սանտրով կը սանտրէ.

 

Թօնուտ մազերն ամպերու պէս սեւորակ.

Գըլխուն վրայ կը բանայ խազն ըսպիտակ

Նըման վտակի մ՚արծաթահոս ու կ՚երգէ.

- «Արմենուհի՜, Ֆիրդուսիի քնարն ես դու,

Երբ քամին զերթ բամբռահար

Կու գայ լեռնէն նուագել

Մազերուդ մէջ բիւրալար»:

 

Երրորդ աղջիկը ծարիրով յօնքերը կը զօդէ, թարթիչները կը մրրէ մեղմաբար ու կերգէ։

- «Արմենուհի՜, յօնքերդ են նման շին տառին՝

Գծուած փետրով ագռաւի,

Աչքերդ կաթի մէջ ինկած`

Մեղուներ են ծարաւի»։

 

Չորրորդ աղջիկը համեմաջուրով կ՚օծէ անոր շուրթները, թուշերը, այտերուն զոյգ փոսին մէջ զոյգ համբոյրներ դնելով կ՚երգէ.

 

- «Արմենուհի՜, այտերդ են վարդ ու շուշան,

Ու սոխակ մ՚է քու լեզուն՝

Ատամներուդ փողոսկրէ

Վանդակին մէջ գեղգեղուն»:

 

Հինգերորդ աղջիկը հինա կը դնէ անոր մատները, կը ծարուրէ արմուկներուն զոյգ բերանն

 

Եւ պըտուկներն ըստինքներուն ու կ՚երգէ.

- «Արմենուհի՜, ծիծերդ են զոյգ մ՚աղաւնի,

Որ կուրծքիդ վրայ կը նիրհեն

ԹԵւերդ ուսէդ վար սողուն

Սաթ ակռայով օձեր են»։

 

Վեցերորդ աղջիկը իւղով կ՚օծէ անոր որովայնին կըմբանման կլորութիւնը.

 

Եւ կ՚ոռոգէ հեղուկներով հոտեւան

Կուսափրթիթ աղուամազերն, ու կ՚երգէ.

- «Արմենուհի՜, պորտըդ ձիւնի մէջ փոս մ՚Է,

Զոր այծի մը ոտքն է թողեր,

Ագըռմէջդ է հոր մ՚ուրտեղ

Իպլիոն իր գանձն է ղողեր»։

 

Ծայրէ ի ծայր աւիւնով, բոցով ու շղարշով լեցուն այս քերթուածը սքանչելի դիւցազնավէպ մէ, զոր անշուշտ քիչ ատենէն ամէն հայ անգիտակցաբար սորված պիտի ըլլայ:

Բանաստեղծը հոս կատարելութեան հասցուցած է գեղեցկութիւնը վրձինելու իր մոգական արուեստը: Գոյները, ոսկիով օծուած, լոյս կաթիլով կը վառին առարկաներու վրայ։ Միսի նկարագրութեան մէջ իր ինքնատիպ յանդգնութիւնը զմայլելի գիւտերու կ՚առաջնորդէ։ Ողորկ ու ձիւն սրունքներուն, կ՚ամրանան կլորութիւններու նկարումին մէջ բանաստեղծը դրած է կեանքով բաբախուն, յուզումով եփուն հեշտանք մը, որ Պօտլերի ընկլուզող մարմաջէն վար չի մնար։ Արմենուհին ցանկութիւն չի գրգռեր, ու հաճոյքի պատկերները, որոնք վայրկեան մը կը ճերմկնան միտքիդ առջեւ, ողողուած են լայն աղուորութեամբ մը, որ զանոնք կը վերցնէ զգայնամոլութեան ցածութենէն։

Մէջբերումներով կարելի չէ դիւցազնավէպը ներկայացնել: Անիկա իր ամբողջութեանը մէջ միակտուր ըսուելու չափ վարպետ կերտուած յիշատակարան մըն է Հայ Արուեստին։

 

«Եիկիտ Տօնէլ»ը միջակ յաջողութեամբ դրուագ մըն է ապրուած կեանքէ։ Չեմ ըսեր, թէ անխնամ է ան։ Բայց «Արմենուհի»ին հեղինակը կրնար ու պարտ էր այդ անձնաւորութիւնը հագուեցնել լեռներու մարդուն, կռիւներու ախոյեանին իրապէս դիւցազնական ծիրանիովը: - Ասի կը պակսի չեմ գիտեր ինչո՞ւ։

 

* * *

Ահաւասիկ գիրքը իր մօտաւոր ամբողջութեանը մէջ։

Նախորդ էջերով ես ծանրացայ մասնաւորապէս այդ քերթուածները լեցնող, զանոնք լարող, անոնց մեքենականութեան շարժիչ ուժին վրայ, որ ամէնաընտիր տեսակէն արուեստագէտի մը ու մեծագոյն խմորով բանաստեղծի մը զգայնութիւնն է։

Կը մնայ քննել կազմածը իր ամբողջութեանը մէջ, ոճի ու արուեստի մասնայատկութիւնները որոշադրել, արտայայտութեան գործիքը ցուցադրել:

Արշակ Չօպանեանին հետ՝ Դանիէլ Վարուժան մեծ վերանորոգիչ մըն է հայ բանաստեղծութեան մէջ։

Ան ճիշդ ատենին կու գայ՝ մեր սպառած բանաստեղծութեան տալու համար կորովի առնութեան, գեղեցկութեան նոր պատուաստը:

Չօպանեան մեր բանաստեղծութեան մէջ մտցուց իրական գոյներուն, ժուժկալ պատկերներուն ճաշակը։ Բայց շունչը կը պակսէր իրեն՝ իր առաջ բերած շարժումը գլուխ հանելու համար։ Իր արուեստին ժառանգորդները սառեցուցին արդէն քիչ մը ցուրտ այդ նորընծան:

Մեծարենց շատ շուտ մեռաւ ու անոր հիանալի արուեստը հասարակօրէն հիացման արժանացաւ։ Տէրտէրն ու տիրացուն գովեցին զինքը։

Եղիշէ եպս. Դուրեանի պղնձազանգ երաժշտութիւնը ու հեթանոս խառնուածքի մը պատրուած միսթիքականութիւնը նրբաճաշակներուն միայն մատչելի մնացին։

Սիպիլ իր տաղանդը կը թաղէ քերականութիւններու ու թանգարաններուն մէջ։

Այս կարկառուն դէմքերէն վար կայ բանաստեղծներու անգոյն ամբոխ մը, որ բառերու հետ կը խաղայ, կը խաղայ մաշեցնելով անոնց թարմութիւնը, ճիշդ ինչպէս եղաւ Դուրեանէն ետքը:

Բանաստեղծութիւնը գրեթէ որոշ բառացուցակով կը գրուի այդ օրերուն։ Իյնալու վրայ եղող դպրոցին մեծ թերութիւններէն մէկն ալ այս ողորմելի անճարակութիւնը եղաւ՝ ընդունուած շրջապատէն դուրս ելլալու: Մէկ քանիներու ձեռքին մէջ ազատ քերթուածը մէջքը կոտրած ձի մը դարձաւ։

Մեր բանաստեղծութեան այս շրջանին լիակատար ուսումնասիրութիւնները ուրիշ ատենի թողլով, կը փութամ յայտարարել, թէ Վարուժան մեր ամէնէն մեծ բանաստեղծն է։

Ան հաւասար դիւրութեամբ ու վստահութեամբ կը գործածէ յանգաւոր եւ անյագ չափը։ Ազատ քերթուածներուն մէջ երաժշտութիւնը այնքան փափուկ է, որ կը մոռնաս ականջիդ ըլլուելիք այն օգնութիւնը, որ յանգերուն չափէն պիտի արթննայ ու երկննայ տողերուն ետեւէն։ Շատ անգամ գործողութեան բուռն թաւալումը, պատկերներուն արագ-արագ փոխուիլը, իր հոսանքին interêtն կը մոռցնեն նոյնիսկ երաժշտութիւնն ալ։ Հոն է ահա իրական մեծութիւնը։

Ոտանաւորը հնարուած է բանաստեղծականին ցայտքը, ազդեցութիւնը կրկնապատկելու, աչքն ու ականջը միանգամայն տպաւորելով հոգին իր աչքին մէջ կրկնօրէն, յաւելեալօրէն ծփացնելու համար։ Արձակագիրը միականի է յուզելու մեջ: Երբեմն իրենց զգացումով շատ լեցուածքներ, իրենց ժայթքումի սաստկութեամբ կը լեցնեն չափին զանցումէն գոյացած պարապը, միտքը՝ շուարած այս պոռթկումէն՝ հեղեղին կը հետեւի անպայման, գիտնալու, վախճանին հասնելու բռնաւոր պէտքի մը հնազանդելով։ Վարուժան այս բացառիկ հանգամանքներն ալ ունի։

Վարուժանի կարեւոր առաքինութիւնն է նաեւ բառերու իր աննախընթաց ճոխութիւնը։ (Մեր բանաստեղծները գրեթէ ամէնն ալ սպառողներ եղան: «Հովուական սրինգ»ին մէջ Եղիշէ եպս. Դուրեան միայն կարգ մը հնչուն ու երիտասարդ բառեր կեանքի է կանչած)։ Դանիէլ ունի ոտանաւորներ, ուր անտրամաբանական բառերը ջուրի պէս կը քալեն։ Դժուար բան է այդ դասակարգի բառերուն կոշտ ծանրութիւնը, տձեւ դանդաղութիւնը հալեցնելով թռցնելը, բայց հոս է նորէն չափանիշը։ Որչափ բառերը բազմազան ըլլան, որչափ նիւթերը իրարմէ հեռի միջավայրի ընտրուին, բանաստեղծը այնքան աւելի առիթ կ՚ունենայ գիւտեր ընելու։ Շեքսփիր տասնհինգ հազար բառ գործածած է է՛ն թեթեւներէն մինչեւ է՛ն հաստերը, է՛ն նրբիններէն մինչեւ է՛ն գռեհիկները։ Մեծ բանաստեղծին համար լեզուին մէջ մաքուր ու աղտոտ բառ չկայ։

* * *

Ահա Վարուժանի դրական կողմերը: Բոլոր մահկանացուներուն նման ան ալ ունի իր շեղումները, իր նուաղումները, որոնք իրաւ է, թե իր տաղանդին փայլէն կրնան պահի մը համար հալիլ, բայց ես կը վախնամ, որ շուտով մէջտեղ կ՚ելլէ։

Իր մէջ հռետորը ուժով է տակաւին։ Առաւելապէս verbeի ու պատկերի վարպետ՝ կը դանդաղնայ, կը տարտամնայ, երբ ուզէ շատ վերերը թեւ շարժել։ Հիւկոյին վտանգը միշտ կը սաւառնի անոր գլխուն վրայ։

Յետոյ լեզուական անխնամութիւն, գրաբար ձեւերու անայլայլ, առանց խղճահարումի գործածութիւն, կշռոյթի զգայնութեան հանդէպ երբեմն արհամարհանք, խորթ ձեւով խորթ պատկերներ (բարեբախտաբար միշտ քիչ, միշտ քողարկուած)։ Ահա ասոնք կրնան տեսնել իր մէջը խծբծողները։

Ես ամէնէն աւելի մտահոգ եմ իր մէջ շատ ուժով եղող հռետորի երակէն։

Ապագան պիտի ըսէ ամէն բան։

 

Հոկտեմբեր, 1913

Շար. 3

 

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ («ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

Դանիէլ Վարուժանի երկրորդ գիրքը՝ «Հեթանոս երգեր», բաժնուած է երեք հատուածներու:

Առաջին բաժանումը, որ գիրքին տիտղոսը կու տայ միեւնոյն ատեն, նիւթերու մօտաւոր հանգիտութիւն մը յայտ կը բերէ, երբ վեր առնենք անկէ քանի մը երկրորդական կտորները։

Գիրքին մուտքը իրենց կարճութեանը մէջ շատ նշանակալից երկու պզտիկ խորհրդանշաններ կը կազմեն. «Փա՜ռք Սարբինային. - Բագոս կը պսակուի»։

Ուրեմն պիտի հանդիպինք հոն տեսակ մը ներքնատեսութիւն (intuition), որ կը թելադրէ մեզի այդ ստուգութիւնը, կեանքի այն հատուածներուն առաւելապէս, ուր գովքը պիտի ըլլայ Սարբինային, ուր Բագոսին կարմիր ծիծաղը պիտի գայթէ գրեթէ ամէն անկիւններէ։ Ու երբ գինին կայ, կու գայ ինքիրեն միւս անհրաժեշտութիւնն ալ, կու գայ կինը իր խորանացումի ամէն ձեւերովը.

Կ'ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՛նըդ պեղուած

Ոլիմպոսի ամէնէն խոր արգանդէն.

Եւ իմ մուրճիս տակ ըզգենու հըրեղէն

Միս մը կընոջ, լոյսով, տենդով սըրարբած։

 

Աչքերդ ըլլան վիհեր՝ ուր մարդ երբ սուզի՝

Յաւերժին մէջ անմահացած ըզգայ զինք.

Գիծերդ անե՛ղծ ըլլան, ըլլան քու ստինք

Դաշնութիւն մ՚ուր կենuահիւթը յուզի։

 

Մերկ ըլլաս դուն՝ բանաստեղծի մ՚հոգւոյն պէս,

Եւ հեթանոս այդ մերկութեանըդ ներքեւ

Տառապի՛ մարդն ու չըկրնայ դըպչիլ քեզ:

 

Թէ հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգեւ,

Բագինիդ ե՛ս պիտի ուզեմ մորթըւիլ՝

Որպէսզի կուճդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ։

 

«Գեղեցկության արձանին» է ձօնուած այս հնչեակը։ Բայց ի՞նչ է արձան մը՝ եթէ ոչ առարկայացումը պաղպաջուն երազի մը, ու իր կարգին ի՞նչ է երազ մը՝ եթէ ոչ անդրադարձ մը հոգիին խորունկը այն ամէն նուիրական զգայութիւններով, որոնք մեզ կը դողացնեն ամէն օր:

Ուրեմն առանց վարանումի կը մտնենք տաճարիդ մէջ, ո՛վ իգութիւն։

Դուն ամէնամաքուր ստեղծահիւթն ես ու տիրական տարրն ես բոլոր գոյացութիւններուն։ Փաթթուած հոյակապ պատրանքի մը շղարշին մէջ, որուն սէր անունը կու տան, դուն նոյնը կը մնաս կենդանական աշխարհի բոլոր սանդուխներուն վրայ։ Դուն կը հագնիս աներեւակայելի նրբութիւն ու բարձրագոյն բանաստեղծութիւն միջատներու գետնաքարշ կամ օդապար հարսնիքին մէջ։ Դուն մշտատեւ տրամի մը կը վերածես կենդանական աշխարհը ու դուն դարձեալ առանցքը կը կազմես մարդուն պատմութեան։

Բոլոր գրականութեանց լաւագոյն էջերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ քու յաւիտենական դիմայեղումներուդ հաւատարիմ անդրադարձը։ Դուն կը լեցնես հեթանոս դարերուն ամբողջ դիւցազներգութիւնը։ Դուն ես «Իլիական»ին անկիւնաքարը։ Եբրայեցիներուն դիւցազներգութեան մէջ Դրախտին Հեքիաթը քու մեղքովդ կը լուսնայ։

Քուկդ են բոլոր դարերը, իրենց մեծերովն ու պզտիկներովը։ Քեզ երգեցին անանուն աշուղներէն սկսեալ մինչեւ հոյակապ հանճարները, որոնք պատմութիւնը կրկնեցին ու հակառակ անոր, որ լեզուներուն բառերը կը հիննան, կը հալին, հակառակ անոր, որ կրօնքներ ու կայսրութիւններ, հսկայ փառքեր ու հսկայ քաղաքակրթութիւններ թաղեր ենք մեր ետին, դուն ողջ կը մնաս աւերակներուն վրայ, դուն գեղեցիկ, յանկուցիչ, միշտ հրաշալի՝ դարձեալ քու բոլոր աւերներուդ ետեւէն:

 

* * *

Դանիէլ Վարուժան առհաւութեամբ արդէն ապրած է նախնի դարերուն հեթանոս իգութիւնը։ Անոր նայուածքը Էլէններէն, Սափփովներէն, Սալոմէներէն, Կղէոպատրաներէն, Մարիամներէն կու գայ մեզի։ Ան գիտէ նուիրական անտառները, որոնց պուրակներուն տակ միսերը ադամանդ կը քրտնին, ան գիտէ գինարբուքները, ուր գինիին կարմիր երակները մարմարէ ծիծերուն ակօսին ընդմէջէն թրթռալով կը վազեն լճակը վարդավառելու: Ան գիտէ հեթանոս քաղաքներուն պերճ իրիկունները, երբ հոտով ու նուագներով օրուած փողոցներուն մէջ կիները իրենց իգութիւնը կը հեւան, կը հանդուրժեն անձայն ու անճառ հաճոյքով մը մեռնիլ Տեմիտրիեսի մը ոսկի գնդասեղին տակ, մեղմօրէն, մահացուօրէն մխուած իրենց ստինքին պտուկներէն։

Այդ օրերուն՝ կը պակսին արդի օրերուն կաւատ բարոյականը, արդի կրօնքներուն զզուելի նախանձը։ Կեանքն ու սերմը կը թաւալին խենթ հոսանքի մը նման, որուն դէմ թումբերը շատ քիչ են տակաւին։ Միասին անդիմադրելի հրապոյրը կը տարածուի բոլոր հոգիներուն վրայ։ Վայելքը իր ամէն ձեւերուն մէջ արտօնուած է ամէն ապրողի: Երբեմն միայն դասակարգի պարտադրող խտրութիւն մը (ինչպէս հիմա) սիրային գոհացման կու տայ տրամաթիկ նկարագիր։ Սիրելու ու ծնելու գործարանները ժանգ չունին տակաւին, ու համբոյրէ համբոյր ահարկու հիւանդութեան մը ժահրը ներքինիի զգուշաւորութիւն մը պարտադրելէ հեռու է։

Միւս կողմէ՝ գեղեցկութիւններուն ամէնէն մեծը, ամէնէն կատարեալը, մարդկային միսը իր արժանաւոր պաշտումին մէջն է։ Տաճարներ, սրբարաններ, ուխտատեղիներ հսկողութեան տակ են կենդանի արձաններուն, մերկ միսով աղջիկներուն:

Հրապարակային մրցումներու ատեն մարդկային միսը կը ցուցադրուի շատ բարձր հպարտութիւնով մը։ Ոլիմբիական խաղեր գրեթե մերկ կը կատարուին։ Գեղեցիկ կորութիւններու, հրաշալի մերկութիւններու այս հրապարակումը ծնունդ տուած է արուեստի մը, որ այդ դարերուն մենաշնորհը մնաց եւ արդի այինքան գիտուկ սերունդները հեռու մնացին անոր հաւաuարելէ (Taine, Philosophie de L'Art):

Աւելցուցէք այս ամէնուն վրայ, ամէն երկրի ծաղիկներէն, Կովկասի հեռաւոր բարձունքներէն մինչեւ ափրիկեան անապատներու դեղին գերուհիներէն կազմուած չքնաղ բուրաստանները։ Աւելցուցէք նախնական պարերուն խայտաբղետ շրջանակը, միամիտ, սակայն տօնական օրերու մէջ խենթեցնող երաժշտութեան մը ծաւալուն գեղեցկութիւնը, աւելցուցէք պարտութիւններուն, յաղթութիւններուն հետեւող հսկայատարած orgieները միասին, արիւնին, ու գինիին: Կարդացեք Ֆլոպէրի «Սալամպօ»ն, Լուիսի «Ափրոդիտ»ը, այցելեցէք հնութեանց թանգարանները, յաճախեցէք մտերմութեանը մէջ անցեալը ոգեկոչող մեծ բանաստեղծներուն։ Ու այն ատեն հարկ եղած յարգանքով պիտի մտնէք Դանիէլ Վարուժանի հեթանոս աշխարհին մէջ։

Կը յիշե՞ս, ո՛վ Լալագէ. -

Ես քեզի հետ ծանր ամիuին յըղութեանդ,

Այգիիս մէջ ման եկայ

Պըտղաբերձ օր մը աշնան։

Մայրամուտին շողերուն տակ դալկահար

Ծառերն էին ոսկեձոյլ։

Ու ողկոյզներն աչքերու պէս հըրեղէն

Քաղցրութիւններ կը ծորէին հողին վրայ։

 

Գերիներ, ցանկերուն երկայնքը կը կթեն սարբինան, կողովներէն մայրամուտի թելեր ոսկի կ՚առէջեն. եթովպուհի մը խնձորենին կը թօթուէ: Անդին՝

 

... բլուրէն, վար, դէպ Քաղաքը, ճռընչուն,

Մեծղի եզներ, որոնց եղջիւրն այգեպանն

Որթատունկի սաղարթներով է պսակեր,

Կը քաշէին սայլերն ամբողջ բեռնաբարձ

Ողկոյզներու դէզերով

Եւ ալիքով գինիի:

Եւ փարչին մէջ, աղբիւրներուն վրայ բոլոր

Տերեւներ լի՜ւղ, տերեւներ լի՜ւղ կու գային ...

 

Ու կութքի մը օրուան պատկերն է, հեթանոս կեանքի մը շրջանակին մէջ։ Շրջապատի իրերուն մէջ կը տրոփէ քաղցր հեշտութիւն մը, գինիին հոտը դեռ անուշ, հնձաններէն դուրս կը փախի՝ երակներու մէջէն կրակ ու բոց վազցնելով։ Մինչեւ պորտերնին մերկ գեղուհիներ իրենց ճերմակ միսերուն վրայ տաքուկ արիւնում մը, հեշտագրգիռ բոսորացում մը կը ցուցադրեն ու անոնց

 

Վայրածըփիկ մազերնուն ծայրը համակ

Կը ներկըւէր բոսորագեղ հոյզին մէջ:

Եւ քովն իրենց՝ հընաբոյր լայն կարասներ

Նուիրագործուած ամէն տարի, ծոցիդ պէս,

Լեցո՛ւն էին գինիներով - ծոցի՜դ պէս -

 

Ու կ՚անցնի բանաստեղծը անոնց քովէն ու անոր ներսը կ՚արթննան խորունկ թելերը խենթեցնող զգայնութիւններուն ու կ՚ունենայ ան

 

... ընդվզումներ արիւնի։

Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս՝

Ուռճացընել ինձ մերձեցող ամէ՛ն հունտ.

Ու - թո՛յլ տուր ինձ խոստովանիլ, Լալագէ՜ -

Երբ դուն անդին՝ կարկառուն նուռը ծառէն

Կը քաղէիր, ու յետոյ

Կը խածնէիր լիաբերան հեշտանքով

Անոր բոսոր մարգրիտներուն շարքն անուշ՝

Ես անդին թուխ եթովպուհին - որ ջլեբաց՝

Հընձանին մէջ կը ճմլէր կուզն -

Համբուրեցի՜ ... բռնած հնդիկ ծամերէն

Պառկեցուցի ժպտագին գլուխը կուրծքիս,

Եւ հեշտաբո՜ւռըն շըրթներով, Լալագէ՜,

Համբուրեցի

 

Կարդացէք յետոյ «Սադուռնական»ը, «Գինարբուքէն վերջ»ը, «Հեթանոսական»ը: Խառատյան

Բոլոր այս քերթուածներուն մէջ Վարուժան աշխատած է իր ուժերուն ներածին չափ մեզի ետ տանիլ, ետ՝ դէպի անկաշկանդ ու անվերապահ արտայայտութիւնը մեծ կիրքի մը, որուն հանդէպ արդի քաղաքակրթութեան կեղծապարիշտ շիկնումը ես կ՚արհամարհեմ բոլոր հոգովս։

Մեր շինծու ամօթխածութիւնը, մեր վախկոտ ընկրկումը անշուշտ նշաններ չեն, թէ տանիքներուն խորհուրդին տակ մենք ամէն օր չենք ապրիր այդ հեթանոս գեղեցկութեան հմայքը քանի մը անգամ աւելի շեշտուած ուժգնութեամբ մը։ Այլապէս պէտք էր յուսահատիլ կեանքին տեւողութեանը վրայ:

Շեշտը, որ այդ քերթուածներուն կու տայ մեղկօրէն աղուոր յուզականութիւն մը, կենսունակութեան հիւթը, որ կերպով մը կը թանձրանայ, էջերուն վրայ իր գաղջ հոտը ձգելու աստիճան, պատկերներու այն հանդարտ déroulementը, որով յաջորդաբար միեւնոյն կիրքին զանազան դրուագները կը ցուցադրուին մեր առջին, ամէն պարագայի տակ նոր էին հայ գրականութեան մէջ ու ամէն նորութեան նման ենթարկուեցան խծբծանքի ու հալածանքի։

Բայց ես կը յանձնարարեմ մեր բարոյամոլ գրագէտներուն աչքէ անցընել մեր սրբազան բանաստեղծութեան ամէնէն նուրբ ու գեղեցիկ մասը ներկայացնող Մեծացուսցէները։ Հոն Վարուժանն անգամ ստուերի մէջ թողող թանձրութեամբ պատկերներ տուած են մեր վարդապետները: Անոնց երգին մէջ. Աստուած կնկան արգանդը կը բնակի, Որովայնը օրհնուած է անոնց բերնին մէջ։ Աստուածային կրակը կ՚անցնի կոյսին արգանդէն՝ առանց զայն բոցակիզելու։ Աստուած կնկան փորին մէջ կը ծաղկի…

Ահա պատկերներ, զորս մեր տէրտէրներն ու տիրացուները բարեպաշտօրէն կ՚արտաբերեն ամէն առտու խունկերուն ու լոյսերուն մէջտեղէն։

Դանիէլ Վարուժանի տաղանդին կարեւորագոյն մէկ ճակատը (fasade) ես կ՚ընդունիմ հեթանոսական կեանքէ վերցուած այդ մերկ, սակայն կենդանի նկարներու արտագրումին մէջ։ Տեղը չէ հոս արծարծել հին վէճը, որ անլուծելի կը մնայ: Կը բաւականանամ միայն մէջ բերելով նշանաւոր բանաստեղծի մը սա տողը։

La pornographie cesse le talent commence.

 

* * *

Կարմրաշառայլ լոյսերուն մէջ կը վառի

Կապելադ, ո՜ Տալիթա:

Բե՛ր գարեջուրն, եւ թող փրփուրն հոսանուտ

Մատերդ ի վար պըղպըջայ։

 

Ինչ փոյթ թէ ես ազնըւական կը թուիմ,

Ունիմ ձեռքեր քընքշենի,

Եւ ի՛նչ փոյթ, թէ դուն աղջիկ մ՚ես ջլեբաց՝

Որ բանուորներ կ՚ընդունի։

 

Կ՚ատեմ կիներն՝ որոնք դիմացն հայլիին

Դիմաներկեր կը շաղուեն,

Կը ծըծցընեն Ծերակոյտի անդամներ

Տըռփանքներով տարօրէն:

 

Դահլիճներուն փարթամ կիները կ՚ատեմ. -

Իրենց կաւատն է՝ ոսկին,

Զիրենք սիրողը կը սպառեն, եւ իրենք

Sան շնիկէն կը սպառին։

 

Բե՛ր, Տալիթա՜, բե՛ր գարեջուրն, ու նըստէ

Ծունկիս վրայ՝ թոյլ տալով

Որ աղախնի կարճ քըղանցքէդ երեւան

Բումբերըդ՝ սեւ գուլպայով։

...............................................................................................

Թող մազերուդ ոսկի հիւսկերը քակես

Գաւաթին մէջ բիւրեղեայ,

Եւ ծունկերէս վար սըրունքներդ օրօրես՝

Մինչեւ որ սէրս հասուննայ։

 

Ինծի ի՛նչ փոյթ թէ շրթունքներդ են խածեր

Նաւաստիները կոպիտ,

Եւ հոսեր են քըրտինքն իրենց տըռփանքին

Աչքերուդ մէջ՝ ու ծոցիդ:

 

Այսօր կ՚ուզեմ կուրծքիդ վրայ գինովնալ

Ինչպես զինուոր մը արբուն:

Կ'ուզեմ պարպել գաւաթդ, եւ դուն ալ պարպես

Սիրտըս՝ նուռի պէս հասուն։

 

Այսօր կ՚ուզեմ դահլիճին մէջ ծաղրըւած

Սէրըս առջեւըդ պղծել,

Խարուած հոգիս բերել ռամիկ աղջըկան

Գարեջուրով մը ծախել։

 

Դիտմամբ արտագրեցի ամբողջովին այս քերթուածը: Կեանքի մեծ կիրքին ցաւագին մէկ երեսն է ան: Ամէնքս ալ կը ճանչնանք սալոններու եղծ ու եղկ մթնոլորտը, սիրտ ենք չարչարել ալքովներուն ճեղքուած դուռին առջեւ որ ոսկիին դեղին գրոհին տակ մոմ կը դառնայ իր նիգերուն վրայ: Կիսաշխարհիկ բոզերուն, սուղճախ մօնտէններուն նանրութենէն ու նրբութենէն տառապեր ենք շարունակ։

Ու փորձառութիւնը ունինք պաշտօնական սեփականացումներուն իրական արժէքին։ Ի՜նչ փոյթ, վայբերան մարդուն ամբոխը կրնայ ուզածը պոռալ։ Մեղքի մը ամօթը նանրամիտ զգուշաւորութեան մը կեղծիքը գնահատողներ կ՚ունենան իրենց իսկ շրջանակին մէջ։ Ես պատրանքէ պատրանք եմ անցեր։ Սալոններու մէջ իմ սիրտս ծակեր են հեգնութեամբ ու չար ծաղրով մը։ Ես կրնամ արհամարհանքի աշտարակը մեկուսանալ, ես կրնամ կատաղութեան մը նոպային փլել իմ սրտիս շէնքը։ Եւ կրնամ խիստ ըլլալ ոճրագործ դառնալու չափ։ Բոլոր այս միջոցները déchargeի մը ճամբաներն են։

Բայց ես կրնամ օր ցերեկով երթալ Տալիթային կապելան, անոր ծիծերուն վրայ հանգչեցուցած իմ գլուխս պարպել հոգիիս քէնն ու դառնութիւնը։ Եւ կրնամ լայննալ, տարածուիլ, ներողամիտ ըլլալ մարդերուն դէմ Աստուծոյ մը չափ ու օտար շրթունքներու հետքէն չգանիլ Տալիթային երեսներուն վրայ։ Լուծում մը այս է ահաւասիկ, ընկերութեան արդի կազմէն թելադրուած ուղղակի եւ զոր արհամարհողները ամէնէն անպարտները, անկեղծները չեն միշտ ապահովաբար։

Բայց եկէք ինծի հետ։ Թողունք այդ ծանր մթնոլորտը։ Բանաստեղծը մեզ պիտի տանի ուրիշ կապոյտի մը տակ։ Ան է խօսողը, մտիկ ըրէք.

 

Ափը լճակին մենաւոր՝

Ուր տընակս կախարդօրէն շիներ եմ՝

Ձեռն ի ծնօտ ըսպասեցի իր գալուն:

Նըռնինիին տերեւներուն տակ բոսոր

Նուռի մը պէս ճեղքըւած,

Սիրտըս, շիթ-շիթ, արիւն թորեց ծունկերուս՝

Կարօտը սէ՜րս արիւնեց.

Եւ ամիսներ բովանդակ

Եղնիկի պէս լացի գոհար արցունքներ

Ափը լճակին մենաւոր:

 

Ու վերջապէս ան եկաւ

Այգիներէն քաղցրաբոյր՝

Ուր ողկոյզներն, ըստինքներու պէս լեցուն,

Հողին վըրայ կը կախուին,

Մօր մը գըրկէն, որ իր մազերը խարտեաշ

Ամէն առտու, ճաճանչներու պէս, սանտրեց,

Շուշաններու պարտէզէն՝

Ուր տատրակներ Անմեղութի՛ւնը կ՚երգեն՝

Ան վերջապէս ա՛լ եկաւ:

...................................................

 

Երբ ներս մըտաւ իմ շեմէս,

Ձիւն կարապներս օձաճապուկ վիզերնին

Կարկառեցին դէպ անոր,

Դէպ մարմարէ իր ոտքերուն համբոյրին:

Եւ շունս հըլու, փորին վըրայ սողալով,

Եկաւ լիզել կրունկներն անոր ադամանդ։

Ժըպիտներով աչքերը լի, վիթի պէս,

Ան ներս մըտաւ իմ շեմէս:

 

Տընակըս բոյրո՜վ լեցուեցաւ,

Զի ծոթրիններ ծորեցան

Պատմուճանին քղանցքէն,

Զի արեւով օծուած ոսկի մազերէն

Բուրեան մեղրեր ծորեցան,

Եւ բիբերէն՝ մարգրիտներու պէս փաղփուն՝

Թափթըփեցան ասուպներ,

Տնակըս բոյրո՜վ լեցուեցաւ:

 

Մեզ գըրգարան շինեցի. -

Գարնան բոլոր վարդերը գոգ գոգ բերած՝

Յարդարեցի մեր անկողինն հիմէնի.

Նունուֆարներն՝ որոնց ծղօտները կակուղ

Յօտող սուրիս ներքեւ արիւն ծորեցին՝

Մեր գըլխուն տակ բարձ եղան.

Ծաղիկներովն հոգին ու ջինջ ջուրերուն

Աղուամազով տատրակներու դունչերուն

Մեզ գըրգարան շինեցի։

 

Վարդերուն վրայ փըրփըրեցաւ

Իր մերկութիւնն՝ երե՛ք անգամ կաթնային,

Հընդկաստանի իւղերով

Լոյսերու պէս օծեցի շէկ վարսերն իր.

Եւ ծալերուն մէջ մարմինին՝ իմ բոլոր

Խընկամաններս քրմօրէն պարպեցի։

Ան, առաջին համբոյրիս տակ խըռոված,

Օշնանի պէս պըղպըջուն

Վարդերուն վրայ փըրփրեցաւ:

 

Ու քընացաւ կուրծքիս վրայ...

, մատերս իմ՝ որ ժամերով շողացին

Մազերուն մէջ յորդառատ.

Օ՜, բերանս իմ՝ որ բերնին վրայ ըզգլխիչ`

Խըմեց սափորն իր սըրտին,

Իրար հիւսուած մենք բաղեղներ խանդակաթ,

Ծաղիկներուն միջեւ հե՜ղ մ'ալ ծաղկեցանք։

Ան քընացաւ կուրծքիս վրայ…

 

Ինծի կու գայ, թէ այս հոյակապ պատկերին առջեւ վերլուծումի որեւէ փորձ աւելորդ, նոյնիսկ վնասակար կը դառնայ, քանի որ վերլուծումին հետապնդած նպատակը որոշ է:

Վերլուծողը գրեթէ յաճախ համառօտող մըն է։ Ան կը պտտի քերթուածին մէջ ոսկի մկրատ մը ձեռքը, թագուհի ծաղիկին շուրջը աճած երկրորդական խոտերը մաքրելու։ Անջրպետներու հեռաւորութիւնը իրար կը մօտեցնէ երբեմն, պատկերէ պատկեր ոսկի կամուրջներ նետելով։ Իր պաշտօնն է տիրական զգացումը կամ հզօրագոյն երանգը շարունակ աչքի առջեւ բերել։ Ահա վերլուծողի մը սովորական պարտքը:

Երկրորդաբար ան շատ հազուագիւտ մենութիւններուն գիրկը կ՚իջնայ հպարտ, մարգատեաց մարգարիտը արեւուն հանելու համար։ Այդ պարագային ստիպուած է կարելի պատրաստութիւնները զանց չընել, խուզարկուի մը համբերութեամբը հայթայթելու անհրաժեշտ matérielը։

Դանիէլ Վարուժանի այս քերթուածին մէջ ծայրէ ծայր պատկերին վրայ կը ծաթէ մաքուր, գարունի լոյս մը։ Ամէն մէկ տող իր ամբողջութեանը մէջ արդէն նկարի մը չափ կատարեալ թանկարժէք կը ներկայանայ: Ու սպասողի իր հոգեբանութիւնը, կարօտի իր պէտքը այնքան մեղմօրէն, բայց այնքան տիրական կերպով մը տողերուն շուրջը կը դառնան, որ բանաստեղծական ամէն ճիգ անպէտ կ՚երեւայ ինծի։

Այս ոգիին մէկ երրորդ յորդում ալ կը տեսնենք «Առաջին մեղք»ին մէջ։ Հոն ալ կայ գոյնի գերազանց փափկութիւն ու գորովի անհամեմատ զեղում։

«Հեթանոս երգեր»ուն մէջ մենք հաստատեցինք մեծագոյն զգացումի մը կարելի դիմայարդարումները։ Գիրքին առաջին հատուածը կը պարունակէ այլապէս շահեկան հոգեկան վիճակի մը նկարն ալ։

 

Նոյեմբեր, 1913

Շար. 1

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ («ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

Հեթանոս զգայնութիւնը չի սահմանափակուիր կնկան միսը ապրելու բնազդին մէջ։

Անոնք խառնուած են այդ դարերու մարդոց հոգիին: Ու այդ շաղկապումը գռեհիկ խորհուրդի մը ձեւը չի հագնիր երբեք, ինչպէս արդի կրօնքներուն մէջ, ուր աստուածներուն հետ հաղորդակցութիւնը այնքան նիւթական ու հմայքէ զուրկ եղանակով կը կատարուի։

Որքան բարի, որքան լայն է պատարագը, որ կը կատարուի բաց օդին, նուիրական փայտերու վրայ, նոխազին արիւնը ի՜նչ մաքուր վարդեր կը վառէ։ Ի՜նչ սրտի մօտիկ է ցորենի փունջը, զոր ճերմակ ապառօշով աղջնակ մը համարձակ մատներով կ՚երթայ կախել Աստուածուհիին ոտքն ի վար։ Ու տատրակներուն, աղաւնիներուն սրտէն աւելի ի՛նչ կայ քաղցրօրէն քնքուշ։

Մեր ժամերուն մռայլ խունկերուն տեղ հեթանոս աստուածները որքա՜ն լոյս ու գոյն, երգ ու թրթռում կը սիրեն։

Ահա բանաստեղծութիւնը։ Հասարակ տեղիք մըն է թերեւս կրօնական զգացումը այս բառով որակելը: Ընթերցողը ներողամիտ կրնայ ըլլալ։

Ու կարդալէ վերջ «Վանատուր»ը, «Անահիտ»ը, «Մեռած աստուածներուն»ը, ինծի հետ դուք ալ պիտի սիրէք հաւատալ, որ Դանիէլ Վարուժան կրցած է նոյնքան ետ երթալ, որքան գացած էր «Լալագէ»ին մէջ։

Ու այս մանկացումը, շրջապատէն ազատելու այս մեծ կարողութիւնը, հեռաւոր դարերուն մէջ ընտանի բնիկի մը նման այծի մորթ մը ուսին պտտելու համարձակութիւնը շատ քիչերու մօտ կը ճանչնամ։

Ֆրանսական գրականութիւնը ունի շատ էջեր, ուր հին աստուածները կեանքի կանչուած են յարատեւ sollicitationով մը։ Դասական ողբերգակներու մօտ անոնք, այդ խեղճ աստուածները ստիպուած են գլուխ ծռելու անողոք, գրեթէ բարբարոս բարոյականի մը, զոր անապատի ժողովուրդէ մը պատուաստեց հելլէն Եւրոպային։ Անոնք, կը զգաս, որ միշտ կը հսկեն իրենց շարժումներուն վրայ, կը վախնան թեւերնին քիչ մը ամուր շարժելու, կը քրտնին ծանրութեանը տակ վարդագոյն ղենջակներուն ու ծիրանի պարեգօտերուն, որ անոնց ճերմակ միսին մերկութիւնը կը թաղեն բարեպաշտ աչքերէ։

ԺԸ. դարուն անոնք կը դատապարտուին կիսաշխարհիկ տիկիններուն սալոնները այցելելու, հասարակ համբոյրներու գաղտնի վկաներ կը դառնան անոնք, հասարակ մարդերու լեզուին տակ ծանծաղ սրամտութեան, սեթեւեթեալ esprit մը պատգարակը կը նստին: Պուպրիկներ են անոնք, զորս տան ծառան գիրկ-գիրկ կը բերէ մութ արձանագործի մը խանութէն, սեղանի զարդեր, երկու ծաղիկի մէջտեղ, կամ կերակուրի ամանի մը մօտիկ: Բագոսը գինի կու տայ դուքսերուն ու կոմսուհիներուն։

ԺԹ. դարուն սկիզբը ճաղատ յունագէտներ, ակնոցով լատինամոլներ դարձեալ անհանգիստ կ՚ընեն զանոնք, իրենց քունին մէջ։ Հիւկոն միայն զանոնք երկինքները կը հանէ երբեմն հոյակապ թափօրով։ Պառնասեանները կը յարգեն անոնց մեռելութիւնը ու Լը Քոնդ տը Լիլ անոնց սառած կաղապարը կ՚արտաբերէ ցուրտ յաջողութեան մը մէջ։ Սենպոլիսթներէն շատեր ազատ ոտանաւորի փորձը կ՚ընեն անոնց կռնակը հեծած։

«Անահիտ»ին մէջ Վարուժան դժուարութիւն ցոյց կու տայ սեւեռելու հայ աստուածուհիին կենդանագիրը։ Ան տարտամ է գծուած, իր շունին հետ, իր աղեղին հետ։ Հայ Անահիտը անշուշտ ունի զինքը յատկանշող երեսներ:

Բայց «Վանատուր»ը կրնանք սիրել: Այդ առոյգ ու բոց ուտող աստուածը, որ կաքաւներուն գաղտնիքը եւ հերկերուն հոտը կը պահէ ծրարած իր մէկ փաթով գօտիին մէջ, կը յայտնէ հայկական համ մը, իրաւ է հեռաւոր, անորոշ, բայց բաւական ալ թելադրող։

«Մեռած աստուածներուն» մէջ յուզումը կը կաթի առատօրէն։ Աստուածները կը կանչուին իրենց շատ ընտանի շեշտով մը, որ անոնց կը յիշեցնէ ամէնէն մօտիկ, ամէնէն սիրական խորհրդանշանները։ Յետոյ իր դառնութիւնը, զոր կը զգայ «Հրեայ խուլ Աստուծոյ մը գարշապարին տակ»էն շատ անկեղծ վշտի մը նման մեր սիրտը կ՚առնէ։ Համակրական է այս թախիծը։

 

... Կ'ողբամ ձեր մահն, ո՜վ հեթանոս աստուածներ,

Մեռա՜ւ Խորհուրդն. եւ Բնութիւնն է արիւնե՛ր

Օրէնքներուն կարկինին սուր սըլաքով։

Ձանձրո՜յթը մնաց, պըճնըւած փուշ պըսակով։

Մարդն է ինկած գարշապարին տակ հըսկայ

Խուլ Աստուծոյ մը հրեայ։

 

***

 

Գրքին երկրորդ մասին մէջ, որ «Գողգոթայի ծաղիկներ» ընդհանուր վերնագիրը կը կրէ, բանաստեղծին զգայնութիւնը տարածուած է շատ մը երեսներու:

Դժուար է վերլուծողին համար այդ ցրուածութեան մէջ գտնել նոյնանման վիճակներ, կեանքի այն տեսակ դրուագներ, ուր տիրական զգացումի մը շունչը աշխատուէր որոշադրել:

Քիչ-շատ հեռաւոր հանգիտութիւն կը ներկայացնեն «Բանուորուհին», «Ընկեցիկը», «Մեռնող բանւոր»ը, «Մեքենաները»։

Վարուժանի այս քերթուածները տարտամօրէն կը յիշեցնեն ձգտում մը, որ եւրոպական դասակարգի մը նշանաբանն է եղած։

Արուեստը ըմբռնելու մէջ շատ մարդերու այդ միօրինակութիւնը, տարօրինակ երեւոյթ մըն է արդի սերունդին համար։

Բոլոր մեծ մտածողները սահմանած են արուեստը երկայն էջերու ու խոշոր հատորներու մէջ նոյնիսկ։ Պղատոնէն մինչեւ ԹԷն տեսութիւններու (théorie) խայտաբղետ բազմութիւն մը կու գայ հաստատելու սա պարագան, թէ արուեստը ամէնէն առաջ անհատի մը գործն է։

Անոր մէջ բարոյական մը հետապնդել, անոր հագցնել օգտաշատ նկարագիր, բարոյական ազնուացումի մականը սեղմել անոր ձեռքը՝ կամայական ու խնդրական են ամէնէն առաջ։

Արուեստը փոխադրել ընկերութեան մէջ, հասկնալի ու անհրաժեշտ պէտք մըն է։ Բայց art social ըսուած անգոյն ըմբռնումը (concept) հեռու եմ հասկնալէ։

Պէտք է երգել կարմիր հազը բանուորուհիին, որ ցայտող ուսերով, կամարած կռնակով, ճերմակ թաշկինակ մը շրթունքին մօտիկ, կամաց-կամաց գործատուն կ՚երթայ օր մըն ալ մեռնելու։ Պէտք է մեղքնալ մայրը, որ պզտիկ ծրար մը երկու թեւերուն մէջ, կէս գիշերին դուրս կելլէ խլուրդի պէս մութ անկիւնէ մը, պատերուն սեւ շուքը իրեն ապաստան փնտռելով։ Ան կը զգուշանայ փողոցի լապտերներուն մատնող պայծառութենէն, ոսկեգոյն վարագոյրներէ քամուող ու սալայատակին վրայ խոշոր վարդեր բուսցնող ցոլքերէն: Պէտք է հետեւիլ անոր վախէն կտրուած քայլերուն ապարանքի մը ճերմակ սանդուխներէն, ու սարսուռը գրել մօրը, որ ճերմակ ծրարով մը իր հոգիէն մաս մը, իր արիւնէն վարդ մը կը յանձնէ պաղ մարմարին:

Սրտառուչ է անշուշտ լքուած մահը բանուորին, որուն միսերը ծուիկ-ծուիկ են եղեր մեքենաներուն կեր ըլլալու համար։ Ան

 

Անիւներուն ակռաներն ողնածուղո՛վն օծանեց

Եւ սըրբեց իր մազերով.

Հընոցին դէմ մերկալանջ, ծանրոտ օդին մէջ՝ մըղձկուկ

Ապրեցաւ միշտ մեռնելով։

 

Ու ասոնք առանց յետին մտքի, առանց ձգտումի շահուած գեղեցկութիւններ են Վարուժանի մօտ: Բաղդատեցէք այդ քերթուածները ռուսահայ բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի տափակօրէն յորդող ոտանաւորներուն հետ, որոնք տիեզերական ՏԱՌԱՊԱՆՔը (խոշոր գիրերով) երգելու համար առուակին գորտերուն նման ուռեցած են, ու արդիւնքը պիտի ըլլայ հրաշալի։ Ներշնչումը կարելի ու պէտք մըն է բանաստեղծին մօտ, բայց կանխամտածութիւնը գուցէ վնասակար։

Ատոր համար է, որ ընկերութիւնը բարելաւելու երազով հարուստ մեր կարգ մը մտաւորականները կրցած են հանդուրժել աղմուկը, ժխորը, որ կը ծառանայ «Մեքենաները» քերթուածնէն: Միջակ չէ ան, ունի փայլուն saillieներ, նոր ու շատ աղուոր պատկերներ, բայց ոլորտը այնքան ուռուցիկ է, որ մասնաւոր խնամք մը հարկաւոր է՝ պատկերներուն հետեւելու համար։ Այդ ուռուցիկութեան մէջ անոնք կը կոտրտուին, կը փոքրանան։

«Մայիս մէկ» քերթուածն ալ աշխատաւորներուն ուղղուած ռազմերգ մըն է, թափ ու աւիւն կայ անոր մէջ, ու շատ ալ աղաղակ:

«Գողգոթայի ծաղիկներ»ուն մէջ կան ամէն զգայութեան նմոյշներ։ Տարօրինակ կերպով կենդանի երեւակայութեան մը ծնունդ է «Ճիւաղը կ՚անցնի» ոտանաւորը, ուր Դանիէլ Վարուժան սարսափը թանձրացնելու, տեսանելի ընելու աստիճան ուժգին հերկ մը տուած է իր բառերուն։ Պատիւը hallucinationի կը մօտենայ ու կը ստանայ հիւանդագին նկարագիր։

Եղիային ուղղուած «Տրտունջք»ը բարձր քնարերգութեան մը շունչով կը քալէ, բոլորովին ռոմանթիք յղացումով մը, ուր սակայն իրապաշտը երբեք չ՚անհետանար ու կը մերկէ ոտանաւորին անկեղծութիւնը։

Սրտառուչ է «Հրաշքին աղբիւրը», ֆոլքլորի թօնով, կէս մը երազային, հիւանդներու թափօր մը, «բլուրին գօտի» կապող ճամբուն վրայ: Հեթանոսական հով մը կանցնի պատկերներուն վրայէն, տալով անոր յուզումի լայնութիւն:

Ու ի՜նչ լուսաւոր է բանաստեղծը, երբ արիւնոտ ոտքով կը բարձրանայ դարերուն զառիվերը՝ լոյսին աղբիւրը գտնելու.

 

Լոյսն աղուոր է բարձրութեան մէջ՝ հոսանուտ,

Խոնարհումին մէջ՝ արդար,

Օր մը տեսայ էութենէն մաս մը սուրբ

Մօրս հոգւոյն մէջ ճաճանչագեղ եւ ցաթած

Մեր գիւղակին մէկ վաղեմի հերոսին

Հողակոյտին վրայ դալար։

Միջօրէին՝ զայն տեսայ

Որ՝ նըման մեծ թիթեռնիկի մ՚ըսպիտակ՝

Կը քալէր գաղջ պատուհանիս քարին վրայ,

Որ մայթերէն կամ աղծապիղծ ճամբայէն,

Ներողամիտ գըթութեամբ,

Կը հոսէր նոր կըթուած կաթի մը պէս եղկ,

Որ իրիկունն, հորիզոնէ հորիզոն,

Կ՚երիզանար գետերու պէս յակինթի,

Կամ կը կազմէր երկինքներուն վրայ խաղաղ,

Անըրջական աւազաններ, որոնց մէջ

Կը բռընկէին նունուֆարէ կըղզյակներ:

Զայն ես տեսա՜յ, - եւ հոգւոյս մէջ արթընցաւ

Պանդուխտի տենչ մը անորոշ եւ լըլկիչ

Դէպի գաւառ մ՚անծանօթ, լի արեւով։

Եւ արդ կ՚երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին ...

 

Գնա՛, երջանիկ տղա՛յ, գնա՛։ Ու ամէն քայլափոխիդ քեզ առինքնող պայծառութիւնը նկարելով յառաջացիր։ Հարս, գինի, արիւն, մարմար, նշխարք ըրէ զայն։ Քալէ՛, հոգ չէ թէ դարեր պէտք ըլլան այդ այրող աղբիւրը գտնելու: Ու մինա՛կ քալէ, մինակ քու սրտիդ նուագին հետ։ Մերժէ՛ «արեւով լեցուն ու արեւները տանող ուղիիդ» վրայէն ամէն շուք։ Ու մենք նոր Պետրոսներու նման նայինք ետեւէդ, մինչեւ որ աստուածային ճերմակութիւնը ցաթէ քու չորս դիդ, մինչեւ որ հորիզոնին պայծառութեանը վրայ քու շուքդ լուսաւոր դառնայ, ու երկինքին սահմաններուն առջեւ անըմբռնելի ճառագայթում մը քեզ բիւրեղացնէ այդ անհուններուն դէմ հոլաթե՜ւ արձանացնելով։ Ու մենք նայինք ետեւէդ, երկար, ծիածանէ նայուածքով, ու քու ցոլքէդ մեր աչքերուն մէջ ադամանդուած լոյսը պատմենք մերիններուն։ Պատմենք այդ կարմիր ու ճերմակ հեքիաթը լոյս փնտռող ուղեւորին։ Ցեղը թող լոյսը փնտռէ քու աւանդութիւններուդ ճամբէն։

 

* * *

Դառն է ինծի համար հեռանալ այս գիրքէն։ «Գողգոթայի ծաղիկներ»ուն մէջ կան դեռ այն տեսակ աղուորութիւններ, որոնք վերլուծումի տակ չեն իյնար։ Պէտք է կարդալ «Վարուժնակիս»ը զգալու համար, թե ինչ է հայր ըլլալը։

«Պատգամաւորներս», «Խաբուած կոյսեր»ը, «Սիրտս է յոգնած»ը, «Սպասում»ը հոյակապ հիւսքով քերթուածներ են։

 

* * *

 

Թրքահայ բանաստեղծութեան մէջ է՛ն յարգի տեղը գրաւողներէն մէկն է Դանիէլ Վարուժան։

Ան ունի բանաստեղծի կատարեալ հոգի։ Զինքը կը տպաւորեն նոյն հզօրութեամբ իրերն ու մարդերը, տեսարաններն ու երազները։ Անհունապէս թրթռուն է ան, այդ հոգիին երկինքներուն ճառագայթումէն, դիակներուն կապարացումէն։ Ան կը մտնէ ամպերուն բոցէ շղարշներէն, ան կը թափանցէ կապելաներուն փտած անկիւնները նուռ ծախող բոզերուն ծիծին մէջ։

Իրերուն վրայ այդքան լայննալու կարողութիւն մեր բանաստեղծներէն ոչ ոքին քով եմ տեսած։ Նուազ այրող, քան Դուրեանը, նուազ փափուկ, քան Մեծարենցը, ունի անոնցմէ աւելի թելեր։ Դուրեան ու Մեծարենց երգեհոններ են, անզուգական գեղօններ հայ բանաստեղծութեան, բայց անոնցմէ ծորող մեղեդին գրեթէ միօրինակ է միշտ։

Վարուժան կ՚երգէ ամէն լարի վրայ: Ու ան դաշնակ մըն է. իր շեշտերը բազմազան, իր սլացքը աւելի համարձակ, իր քաղցրութիւնը աւելի կորովի կը գտնեմ:

«Ցեղին սիրտը»ին մէջ ան ապրած է ցեղը իր ծագումէն մինչեւ մեր օրերը։ Համադրած է ցեղին ցրուած հոգին հոյակապ կտաւներու վրայ: «Հեթանոս երգեր»ուն մէջ ան ինքզինքը տրամադրած է դարերուն ու ներողամիտ լայնութեամբ մը ընդունած է ամէն երկիրներու սարսուռը իր գոյներուն մէջ։

Սէրը երգած է, զայն հանելով սալոններու սառուցիկ ու կեղծ ամայութենէն, տարած է զայն մենաւոր լճակներու ափը, նունուֆարէ անկողինի մէջ քնացնելու։

 

Դեկտեմբեր, 1913

Շար. 2

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ («ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»)

Երգած է տառապանքը ամէն երկրի զաւակներուն, որոնց արեւը շուքի մէջ կը մեռնի, որոնք վանիի պէս կը փշրուին՝ իրենց կանանչ օրերուն։

Ան գտած է ուժը իր մէջ հին դիւցազներգութիւնը վերակենդանացնելու: Գտած է մեծ, հերոսական գուպարներուն ադամանդէ լեզուն, կրցած է վերստեղծել պորփիւրէ սափորներուն մէջ արիւնի պէս, նոր թափուող արիւնի պէս պղպջուն գինիին կարմիր երգը, մարմարակերտ ապարանքներուն գմբէթին տակ: Ան կը վազցնէ հեքիաթին կայծակի ձին ու ան հոմերական վեհափառութեամբ մենամարտներ կը նկարագրէ։

Ան հեթանոս հաւատքին մաքուր մարդկայնութիւնը արտայայտած է շատ սրտի մօտ պատկերներով: Անոր մատաղները որթատունկով պսակուած եղջիւրներ ունին, ու մեհեաններուն դրան առջեւ աղջիկներ գինիով կը լուան ուխտաւորներուն ոտքերը:

 

Եւոլեան քնարն է ան առաջին։ Ամէն հով, որ անոր կը դպի, սարսուռ մը կ՚առնէ անոր թելերէն իր թեւերուն վրայ:

Մեր բանաստեղծութեան մէջ իր դերը մեծ է։

Մեր քերթողներուն հոգիին հորիզոնը պարտաւորուած է ասկէ վերջ լայննալու: Մենք անոնցմէ կը սպասենք լայն, տարածուող, ողողող բանաստեղծութիւն մը, որ երկու ածականի ընդմէջէն նիհար ժպիտ մը չցաթէ մեզի, կամ փափուկ բառերու փնջիկի մը տակէն անորոշ բոյր մը չկաթէ մեր վրայ։

 

* * *

Ահա բանաստեղծին հոգին, մօտաւորապէս անշուշտ, քանի որ անկարելի է մեզի համար մենէ դուրս ելալը:

Անոր արտայայտութեան միջոցը, ո՛ճը, հարկ է նկատի առնել առանձնապէս։

Ու այս անգամ կը սկսիմ բացասական կողմէն։

 

1. - Դանիէլ Վարուժանի ոճը տեղ-տեղ անխնամ է։ Իր տողերը հաւասար դիմացկունութիւն չունին։ Դասական վարպետներու մօտ զգացումն ու անոր արտայայտութեան եղանակը կը մնան նոյն բարձրութեան վրայ։ Ու նոյնիսկ մեծ հեղինակներու մէջ նուաղում մը դիտուած է աւելի խորքին, քան ձեւին, արտաքինին մէջ։ Դանիէլ Վարուժան իր տաղանդին անհամապատասխան անփութութիւններ ունի։ Ինչ տխուր բան է «Երեք քոյրեր» անիմաստ հնչեակը: Դանիէլ Վարուժան կատարելութեան տենդը չէ զգացած տակաւին, տեսակ մը խստապահանջ ըլլալէ զինքը երբեմն զառածած է։ Ինք մեղանչած է ձեւին դէմ, ձեւին աստուածական գեղեցկութեան դէմ։ Բայց ինձմէ լաւ գիտէ ինք, թէ անոր դէմ եղած պզտիկ ընդվզում մը քայքայում է յաճախ։ Ածական մը, երբ աւելորդ կամ բռնի բերուած ըլլայ, հոյակապ քերթուած մը կը դատապարտէ:

2. - Hiatusի յաճախում կը դիտուի իր մօտ։ Բանաստեղծութիւնը պատկեր ըլլալուն չափ՝ մեղեդի ալ է։ Բառերը նկար ու երգ են միեւնոյն ատեն։ Բառեր ունի, որոնց բաղաձայնները լեզուիդ վրայ կը մնան, կը թաւալին ու ճիգով միայն դուրս կ՚ելլեն։

3. - Վերնադիրներու քիչ մը հոծ բազմութիւն «Բեգաս»ին ու «Հարճ»ին մէջ։ «Հարճ»ին առաջին մասերը կարդացողը անմիջապէս կը կարծէ, թէ վենետիկեան դպրոցն է, որ կը խօսի իրեն։ Բագրատունիին, Ալիշանին ճարտարութիւնները դարձնելով՝ Վարուժան մեծ բան մը ըրած չ՚ըլլար անշուշտ։ Աղմկոտ բառեր, գոռ ու գոչում քալեցնող պարբերութիւններ կան հոն, որոնք բաղաձայններու բախումէն կ՚ըստեղծուին, ու այս անգամ կը զգաս, թէ դիտումնաւոր են։ Ճիշդ է, թէ անոնք երբեք հասարակ (banal) չեն, ու կը մնան իրենց շեշտականութեանը մէջ (correct)։

4. - Այս ուսումնասիրութեան առջի մասին մէջ յայտնած եմ իմ համակրանքս արդի աշխարհաբարին մէջ մտցնելու հին լեզուին լաւագոյն տարրերը: Դանիէլ Վարուժան կարգ մը գեղեցիկ բառեր վերցուցած էր «Ցեղին սիրտը»ին մէջ։ «Հեթանոս երգեր»ը կը ներկայացնեն անոնցմէ նորեր, մասով մը յաջող, մասով մը անպէտ։ Մենէ որո՞ւն պէտք է անգիւման (պիկիւման) մակբայը։

5. - Մեր բանաստեղծութեան մէջ ամէնէն աւելի փոփոխութիւն բերողը Դանիէլ Վարուժանը եղաւ։ Իր ամէն քերթուածին մէջ, նոյնիսկ ամէն տունին մէջ կարելի է հանդիպիլ պատկերի գիւտի մը, որ միշտ նոր ելած փոխաբերութիւն մըն է։ Արդէն իր շուրջը կեդրոնացող համակրանքը ծագում կ՚առնէ այդ պարագայէն: Imagé ոճ մը ամէնէն հաճելի վայելքն է կար դացողին։

Ու թերեւս այս յաճախութիւնն է պատճառը, որ Վարուժանի գրիչէն երբեմն կ՚ելլան բռնազբօսիկ փոխաբերութիւններ, իրաւ է, թէ քանակով շատ քիչ, բայց վերջապէս իրենց տգեղութեամբ գո՛յ ու իրական:

6. - Հռետորականութիւնը երբեմն-երբեմն առաջին գիծին վրայ է Դանիէլի քերթուածներուն մէջ։

 

* * *

 

Ահա ասոնք են վերապահումներս, որոնցմէ ոչ մէկը Վարուժանի տաղանդին հիմնական նկարագիրը չի կրնար խախտել։

Իր անփութութիւնը կրնայ շատ լաւ դարմանել ան, հսկելով իր ստեղծագործումներուն վրայ, ինչպէս ըրած են Սիւլի Փրիւտոմ, Լը Քոնդ տը Լիլ, Ժոզէ Մարիա տը Հէրէտիա ու նոյնիսկ հեւասպառ հեծանաւորդը (cycliste) ոտանաւորին, Մեծն Հիւկոն։

Էմիլ Ֆակէ շատ շահեկան ուսումնասիրութեան մը մէջ երեւան կը հանէ Հիւկոյի սրբագրութեանց հոգեբանական ու գեղարուեստական արժէքը:

Դանիէլ Վարուժան գերազանցապէս արուեստագէտ զգայնութիւն մը ունի։ Այդ զգայնութիւնը ապացուցած է հարիւրաւոր էջերու վրայ, գրելով ամբողջովին մեղեդի ու նուագ եղող ոտանաւորներ։ Շեշտի մաքրութիւն իրմէն կը սպասենք։

 

* * *

Դանիէլ Վարուժանի ոճը ունի շատ գեղեցիկ յատկութիւններ:

Առաջին բանաստեղծն է ան, որուն մօտ յանգին գոյութիւնը աննշմար կը մնայ։

Նորերուն մէջ ախտավարակ ըլլալու մօտեցող մթութիւնները ինքնատիպ ըլլալու համար ոճի աճպարարութիւնները հեռու են իրմէն։ Լուսաւոր, յստակ, յաճախ պարզ, միշտ բարձր ոճն է անորը, որ զգացումին շուրջը ինքզինքը կը կաղապարէ զմայլելի գիտակցութիւնով մը:

Ան հանդարտ է վերջալոյսի վայրկեաններուն, երբ մարդ աչքերը մեռնող արեւին, հոգիով մէկը կը փնտռէ անոր հետ մեղմօրէն խօսելու սրտին լեզուէն: Ան փրփուր ու վարդ, գինի ու կրակ ունի, երբ հնձաններուն շուրջը եփ ելած ջղայնութիւններուն հեքիաթը կը գրէ։

Ու այդ ոճը, ամբողջովին մարմար, ամբողջովին ծիծ ու նուագ կ՚ըլլայ, երբ կը մտնէ արեւելեան բաղնիքներէն ներս, հոն ծաղկող արձաններուն ճերմակութիւնը պատմելու։

Աւելորդ է այս թւումը։

Իր փոխաբերութիւնները, այնքան առատ, այն քան նոր ու կենդանի՝ իր ոճին կու տան անհամեմատ նկարէնութիւն: Անակնկալ պատկերներ իրենց հեռաւորութեանը համար իսկ թելադրող, կ՚աւելցնեն իր քերթուածներուն վեր աստիճանի շահեկանութիւն մը, հրապոյր մը:

 

* * *

Դանիէլ Վարուժան նոր շարժումի մը ներկայացուցիչն է մեր մէջ։

Մեր բանաստեղծները իրենց փառասիրութեան գոհացումը գտած են ամէն անգամ, որ յաջողած են մեր սիրտը ոտք հանող յուզում մը կամ մեր աչքերը առնող գոյներու յարդարանք մը տրամադրել մեզի։

Փափկութի՛ւն, մելամաղձոտութի՛ւն, նրբութի՛ւն, - ահա գլխաւոր յատկանիշը թրքահայ բանաստեղծութեան։ Սիամանթօ փորձած է ուժի, շարժումի բանաստեղծութիւն մը, բայց իր մօտ զգայնութիւնը, ըսել կուզեմ՝ զգացական լարը համեմատական չէ եղած միշտ:

Վարուժան շատ լաւ գիտէ խօսիլ մեր սրտին։ Անոր մօտ սանթիմանթալ տարրը միշտ ձեւով մը կը պտտի ոտանաւորին մէջ։ Բայց միեւնոյն ատեն ան կ՚ախորժի կռիւներուն խոշոր իրարանցումէն, նետերու մտրակումէն։ Ու ան կը փոխադրէ շարժումի գերագոյն զգայնութիւնը իր բուն կեդրոնը, բնազդներուն ծոցը։

Հեթանոսական նկարագրով բոլոր քերթուածներուն մէջ սերմի գրականութեան մը գովքը կը հաստատեմ ես։

Պէտք է բեղմնաւորել բոլոր ակօսները։ Պէտք է պարպենք մեր լեցուն ջիղերուն սարսուռը ամէն ակօսի ու ամէն գիրկի մէջ։ Ի՜նչ փոյթ, թէ մեր ետեւէն բարոյամոլները ահազանգ պիտի փրցնեն, ի՜նչ փոյթ, թէ ռուսահայերը անաթեմա պիտի կարդան մեր գլխին վրա։

 

* * *

Սահմանադրութենէն ասդին միակ բանաստեղծն է ան, որ անուրանալի տաղանդ, պատկառելի արուեստ, արահետի նորութիւն բերած ըլլայ։

Կռիւի սերունդէն ետքը, որ կը ներկայանայ մեր աւագ երիտասարդութեան կարգ մը յարգելի դէմքերուն մէջ, արդի սերունդը ողորմելի միջակութեան մը, անորակելի սոփեստութեան մը ծանծաղուտին մէջ ընկողմաներ՝ հեղգ կեանք մը կը քաշքշէ։

Գաւառը թղթակիցներ միայն կը հասցնէ, Պոլսոյ ուսանող սերունդը սխալ հասկցուած գիտականութեան մը նորոյթէն քշուած՝ ա՛լ համառօտ նայուածք ունի հայրենի երկրին ու հայրենի գրականութեան հասցէին։

Պոլսեցի գրագէտները հացի կռիւը կ՚ընեն շատ դժնդակ շնականութեամբ մը։ Ու հասնելիք սերունդը անմիջական վտանգին տակն է այս այլասերուած մտաւորականութեան ժահրէն վարակուելու:

Ես կը ներկայացնեմ մեր նորագոյն սերունդին Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը, տեսակ մը դրօշակ նկատելով զայն տիրող միջակութեանց մէջտեղ։

Այն բարձր, անշահախնդիր, կենդանի ոգին, որով կը թրթռան Վարուժանի քերթուածները, այն պաղպաջուն, առողջ արուեստը, որով արտայայտուած են մեզի համար սխրալի այնքան տաք զգացումներ, այն կենդանութեան առնականութեան շունչը, որով ցեղը կը հրաւիրուի իր նախնիքներուն, զգայնութեան սուրբ աւազանը մկրտուելու, կը բաւեն իմ կարծիքովս նորերը ազատելու իմաստակ գիտականութեան մը յայտնի վտանգէն, շուկայիկ արուեստի մը ամօթալի անկումէն։

Ու նորերը չեն խաբուիր։ Դպրոցի այդ պետը (chef d'école) իր արուեստին մէջ ունի ամէն տարրերէ։ Ան դասական է, ռոմանթիք է, իրապաշտ է: Ան զգալ գիտէ։ Անոր վրձինը պզտիկ գեղօններուն նրբութիւնը եւ մեծ նկարներու մեծավայելուչ գեղեցկութիւնը գիտէ սեւեռել: Անոր մէջ ցեղը դրած է կարեւոր մաս մը իր երեւակայութենէն։

Լոյսով, գոյնով, հոտով ու միսով լեցուն այդ բանաստեղծը արժանի է նորագոյններուն հիացումին ու մեր ամէնուն անվերապահ համակրութեանն ու յար գանքին։

 

Յունուար, 1914

Շար. 3 եւ վերջ

 

 



[1]        «Մեր բանաստեղծները» - Դանիէլ Վարուժան (Ցեղին սիրտը ու Հեթանոս երգեր) տես Հայ գրականութիւն, Բ. տարի 1/14 Օգոստոս 1913, թիւ 12, էջ 4էն 14, Կ. Պոլիս: