Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ ԼՈՅՍ ԶՈՒԱՐԹ »)

Զաւէն Սիւրմէլեանը, « չոր, թուխ, խրտչոտ » պատանի մը, ինչպէս կ՚որակէ զայն Վահան Թէքէեան, գրքոյկին առջին, տեսակ մը ներկայացուցչական տիպարն է տարօրինակ ու եղերաբախտ սերունդի մը։

« Չոր, թուխ » ։ - Գրեթէ ամէնն ալ եղան ատիկա: Ու աչքիս առջեւ կու գայ հիմա, սեղաններու վրայ՝ յամառ երազի մը պէս դիմացող այդ ուսանողութիւնը, որ անապատին մազէ վրանը կամ թուրքին գոմէշները ձգած իր ետին, կը դառնար իր ցեղին գերագոյն մկրտութեան, անոր գրականութեան։

Վասնզի անոնք, երկու կամ երեք տարուան մէջ, որ տրամադրուեցաւ իրենց զարգացումին, չեղան սովորական ընթացիկ տղաքը մեզի ծանօթ սիսթեմներուն։ Անոնցմէ շատեր, մէկ քանի ամիսներուն մէջ ըրին այնքան տեղ, որքան չեն կրցած քաղքենի ու երջանիկ տուներու տղաքը՝ քանի մը տարիներու ընթացքին:

Կը սորվէին գիրերը, քանի մը օրէն, կը սորվէին կարդալը, դարձեալ այդ քանի մը օրերու միջոցին։ Ու ահա, տակաւին անապատին վէրքերը չգոցուած՝ անոնց ուղեղը կը բանար իր յօրինուածքին հրաշքը։ Ու կը քալէին։

Ով որ տեսած է այդ տղաքը, « չոր, թուխ », բայց կրակի կտորի պէս աչքերով, ով որ նայած է անոնց դէմքին անզգած, կծկուած, բայց անհունօրէն կենդանի պատկերին, երբ յաջողած էր անոնց հոգիէն ներս կայծի կտոր մը նետել, ու ով որ զբաղած է անոնց ուղեղին տարակարգ հետաքրքրութիւններով, պիտի խօսի շատ մը բաներու, ամէնէն առաջ ցեղին տարօրինակ ընդունակութիւններուն, երբ ասոնք չեն խաթարուած՝ դեռ դրամին ժանգովը:

 

* * *

Ան օրերուն, անիկա, Զաւէնը, կու գար ինծի, մռայլ ու հերարձակ ջերմութիւնովն իր սրտին ու ձեւին նոյնքան անզուսպ ու հարկադրօրէն ուռուցիկ, միամիտ մանկութիւնովը։

Զգայնութի՞ւն։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ընթացիկ, որ շրջանին յուզումներէն՝ գունաւոր։ Բայց խղդուած՝ այն ընդհանուր բարեխառնութեան մէջ, որ մեզ ամէնքս պոռալու, հերոսական ճիչին, վրէժին ու դեռ շատ բաներու կը նետէր։

Եկան առաջին պատրանքները։ Ու երեւցաւ մեզի մեր ճակատագիրը այնպէս՝ ինչպէս շինած էին զայն դարերը։

Զաւէնը առաջին հասկցողներէն մէկը եղաւ։ Ու դարձաւ ամփոփուելու իր հոգիին ներսը։ Հոն պէտք էր փնտռել նորէն այն հրաչագործ զօրութիւնը, որ մեր ցեղը քալեցուց այսքան սպանդներու մէջէն, հաւատաւոր ու յամառ: Չէր սխալած։

Ահա պատմութիւնը, այդ պատանիին։ Ու այս է պատմութիւնը բոլոր իր նմաններուն։

* * *

Զաւէն Սիւրմէլեան քնարերգակ բանաստեղծ մըն է. այսինքն՝

Մէկը որ ունի իր աչքը։

Այս հաստատումը հո՛ս, անոր համար, որ մեր հասարակութիւնը մոռցած կը թուի բանաստեղծութեան միակ ու նախնական իմաստը։ Վասնզի ա՛լ գրեթէ ընդհանուր է երջանիկ այն պատրանքը, որ տաղաչափութիւնն ու ստեղծագործութիւնը նոյն մշուշով կը հովանաւորէ։

Բայց պէտք է ըսել։ Տանելի ու երաժշտական տողերը հոգ չէ թէ ամէնէն ականաւոր ստորագրութիւններով պաշտպանուած, ա՛լ բաւական չեն, որպէսզի մենք յամառինք շարունակել մուսաներուն մեր միամիտ ու անխելք դարպասը։

Բանաստեղծ է անիկա, որ մարդերուն աշխարհը շինող հոգիներուն անտառէն կը յաջողի իրը, իր հոգիին թելը ազատագրել ու երկարել լոյսին։

Բանաստեղծ է անիկա, որ մարդերուն աչքին փռուող տեսիլներուն տժգոյն ու ա՛լ հասարակ դարձած կտաւէն կը գտնէ գիծը, կը տեսնէ երանգը, որ կը տարբերին։

Ու, վերջացնելու համար, բանաստեղծ է անիկա, որ այդպէս անջատուած, մասնաւորուած անհատացած հոգիին ու աչքին համար կը ճարէ սեփական ձեւեր իրենք զիրենք տալու, թափելու։որ։

Այն ատեն է, որ մենք պիտի նայինք իրերու աշխարհին ու պիտի ըսենք.

 

Կաղամախներն ըսպիտակ՝ երգ են ծիծաղ ու ծիծղա՜յ.

Հողէն, բուրվառ բարության երազն հանդարտ կը ծխայ.

Ամէն հիւղակ աղօթք մ՚է՝ տրտմութիւնով մ՚անմեկին.

Մահուան թափօր կը բուրէ հազը հիւանդ կոչնակին

 

Երբ պատանի իր այս ժուժկալութիւնով ու այս հանդարտութեամբ աշխարհին կը բանայ առաջին խռովքը իր հոգիին, ու իր աչքերէն դուրս կը բերէ տեսիլներու այս խելօք հիւսկէնները, ու մեղեդիները գիտէ հազացող կոչնակներուն, ու տակաւին պատրաստուած է իր մորթը զգալու.

 

Օ՜, գրգանքն իրիկուան հովին թռչուն մատներուն

 

Անիկա բանաստեղծ է ապահովաբար։

Ու շարունակելով հանդէսը այս զգայնութիւններուն, գիշերէն առաջ, երբ հեռուէն «նուագներ» կը հեւան ու երբ՝

 

Ճամբուն քով լըւացուած ուղտափուշեր տակաւին

Կտրոններու պէս դողդոջ՝ արեւին մէջ կը վառին

 

Մենք բաւական լուսաւորուած ենք այս տղուն զգայնութեանը վրայ, որ իրերը կ՚առնէ իրմէն ներս ու զանոնք դուրս կը հանէ իր ներսի գոյներուն ու թրթիռներուն աւազանէն անցուցած։

Այսքանը պիտի փրկէր ոեւէ սկսող։ Բայց աւելին կայ։

Արտաքին պահերը չեն բաւեր, իրենց պարզ երանգին մէջ, ա՛լ բազմապահանջ մեր ճաշակին։ Բնութեան ամէն մէկ էջը, ու անոր ամէն մէկ վանկը պէտք է կրկնուին մարդերուն հոգիէն ներս, ո՛չ պարզ արձագանգի մը ձեւով, այլ՝ խորացած, երանգաւո՛ր ու երգեցիկ՝ այն ջուրերուն մէջէն անցնելով, որոնք կը լինեն մեր զգայնութեանց անայց ծովերը մեր ներսի։ Ու պէտք է դարձեալ, որ այդ էջերն ու ձայները շերտ շերտ վերածուին ներքին պատկերներու, - ուրիշ խօսքով` խորհուրդի։ Ու բանաստեղծը պահն ու շրջանակը տալէն ետքը, պիտի իջնայ անոնց թաքուն իմաստին, արտաքին դաշնակութենէն դէպի ներքին, տիեզերական մեղեդին, որ կը ներկայանայ, երբ զինքը կանչողները գիտեն ազնուական ու կախարդ բանաձեւը:

 

Բայց այս որքան պատարա՜գ, լերան վրայ ուր խաչուած

Յիսուսին պէս միս մինակ, Արեգակը կ՚արիւնի

Կաղամախները ծնծղայ փեղկի մը քով կիսաբաց

Ըստեղծումի ժպիտով՝ քերթող մ՚հիւանդ կը մեռնի

 

Մահուան թափօր կը բուրէ հազը հիւանդ կոչնակին

 

Դուք կրցաք տեսնել, այս պզտիկ շրջանակին մէջ, ինչպէս այս պատանին իրարու քով կը բերէ բոլոր հատնումի, շիջումի զգայնութիւնները ու ինչ ինքնեկ լարումով մը աչքէն թելեր կ՚երկարէ լոյսի ու արիւնի այն թրթռումներուն, որոնք կը վառին այդ պատին մէջ ու կը լուսաւորեն կարմիր մուխերով մահուան եղերական պատարագը։ Ստեղծող արեւը ու ստեղծող քերթողը իրարու կը նային մէկը լերան վրայէն, միւսը կիսաբաց պատուհանէն: Ու նոյն ծիրանին, չըսելու համար նոյն պատանքը, կը պատմուճանէ երկուքն ալ մահուան համար։ Իրականութիւնն ու խորհուրդը, բնութիւնն ու անոր հոգիացումը, երբ տղայ մը մէկ հարուածով, այսինքն՝ առաջին իսկ քերթուածով կը յաջողի այսպէս բախտաւոր ձեւով մը տալու, մենք կրնանք լաւագոյն ակնկալութիւններով սպասել գիտնալ։

Քսան մը քերթուածներ, այդ փոքրիկ հատորիկը:

Անոնք կը ներկայացնեն, առայժմ, խորքի բաւարար զանազանութիւն, որպէսզի մենք չբաժնենք բանաստեղծին համեստ տարակոյսը։

Տեսիլներ, իրիկուան ստուերներով կամ առտուան արծաթ մշուշով: Լուսնկաներ, որոնք ամպերուն բարձին վրայ «թաղուած երեսներու» կը նմանին։ Արեւներ, որոնց արիւնը «մորթուած գլուխներէն» բխող, հորիզոնը կ՚ողողէ։ Ու գիշերներ, իրենց շատ մը տեսակներովը։ Ու ոգումներ, ու անցեալէն վերբերումներ։ Յոյսեր դէպի գալիքը։ ԱՀա գլխաւոր տարրերը անոր զգայնութեան։

Ինչ որ, առաջին ակնարկով, կը յատկանշէ այս զգայնութիւնը, անոր պարզ հայելի մը չըլլալն է իրերուն դէմ երկարած։ Ինչպէս ըսի արդեն նախորդով, մեր բանաստեղծութեան մէջ՝ ա՛լ մտած է իրերը տիրապետելու, անոնց նիւթական ճնշումը հոգիով փոխադարձելու շատ յայտնի ձգտում մը: Մենք նորերուն մէջ չենք հանդիպիր ալ այն երջանիկ միամտութեան, որով նկարիչի ցուրտ ու միայն լայնքին ու երկայնքին շարժող վարժութիւններ, կամ տաղաչափուած պատմութիւններ, կամ աղուոր ու նուրբ բառերու խաղը ու դեռ ուրիշ նոյնքան թեթեւ ու ծիծաղելի մարզանքներ, որոնք անցնող սերունդի մը արուեստի հորիզոնը կազմեցին:

Ինչ կը փնտռեն անոնք, որ կու գան։

- Իրերուն սիրտը շինող այն զարմանալի ու թաքթաքուր թրթռումը, որ «հողէն կը ծխայ» ու բանաստեղծին հոգիին մէջ երազի կը վերածուի, որ, աստեղազարդ երկինքը «արծաթէ երգեհոն»ի մը պէս կու տայ ու Սեւանը կը նետէ լեռներուն յատակը, «կապոյտ հրդեհի» մը պէս։ Որ, ծառերը կը հանէ հողէն, անոնց տերեւներուն մէջ դողացնելով «պապերուն շունչերը» ու ծովերը լացի կը կանչէ «մեծ մեռելներ»ու նման: Որ, մտքին ալքերուն վրայ, մտածումը կը թափէ, լաստի մը ոզորներուն վստահելով զայն, ու կը գրկէ զայն գտնելու խորհուրդը «արնանման» փարոսներուն, գիւղացիներու կարմիր ու սրբազան խմորին։

Ինչ ալ ըլլայ խուզարկութեան եւ ոգեկոչումներուն թելադրանքն ու արդիւնքը, քալուածքին եղանակը նոյնը կը մնայ միշտ։

- Նայիլ դուրս, անպատճառ, երկար, դանդաղ ու վերլուծող, բայց սանձել անմիջապէս աչքին ասեղը, երբ թափանցումը եղած է։

- Զգալ ու տեսնել պատկերը, այսինքն՝ նոյնանալ տեսիլքին ու առարկային, յուզումին ու թովանքին հետ, բայց լրտեսել ասոնց անդրադարձը հոգիին սեւ, կերպընկալ ու ստեղծող ջուրերուն վրայ։

- Փաթթել ջիղերուն ցանցը հովին կամ լոյսին գգուանքովը, բայց շունչն ու ճառագայթը սարսուռի փոխակերպել, ու, այդ սրբազան կաթիլէն, ստեղծել ներքին իրականութիւնը, խորհուրդին մռայլ կամ պայծառ լուսնկան, նորօրինակ հաղորդութեան նորօրինակ նշխարը, ջուրերէն բխող աստուածուհիի մը նման կամ արիւնէն բարձրացող աստուածորդիի մը մարմինին նման:

Ահա թէ ինչպէս կ՚ըմբռնեն իրենց արուեստը անոնք, որ կու գան։

Ու ան է բանաստեղծը, որ այս խորհրդերգութեան համար տաղաւար կամ խորան ունի իր հոգիէն ներս։

* * *

Զաւէն Սիւրմէլեան համեստ բանուորն է այդ արուեստին։

 

Տէր, օրհնէ ծառն այս մատղաշ: Ես կը տնկեմ զայն ահա

Փխրուն ու սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին.

Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին.

Ու արեւին տակ կ՚աճիմ, անունն իրենց շուրթիս վրայ

 

Առաջին ակնարկն իսկ կը բաւէ տեսնելու համար տարբերութիւնը, որ կը բաժնէ այս ոգեկոչումը Վարուժանի ու Սիամանթոյի պերճ ու արքենի եղանակներէն։ Բայց ուշադիր ակնարկը, դարձեալ պիտի տեսնէ այս տողերուն տակ՝ աւելի դիմացող, աւելի հող տարրը, այսինքն՝ նախանիւթը բոլոր իրական ու մասով մըն ալ չմեռնող ստեղծումներուն.

 

Պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր բազուկներն ու հոգին,

Գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ շունչը անմահ.

Տէ՜ր, միս-մինակ, նազելի, այս ծառն աղօթք մը ըլլա՜յ.

Ու փաթթըւիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին

 

Եթէ մտածումն ու պատկերը չեն տիրապետուիր ուժգին բազուկներով ու եթէ բանաստեղծը դեռ չունի անհրաժեշտ փորձառութիւնը ամէն զգայնութիւն ու ամէն գաղափար զարգացնելու ու անսայթաք իրենց վախճանին տանելու, մտքի յաւիտենական օրենքներրուն համեմատ, մենք կրնանք գոհանալ՝ տրուածովն ալ, սպասելով, որ պատանին տէրը դառնայ իր ամբողջ ընդունակութիւններուն։

Մեր լաւագոյն բանաստեղծներէն մէկը, Միսաք Մեծարենց, աւելի դժբախտ պայմաններով սկսած էր։

 

Երկաթագիր պատմութիւնն այս մտերիմ հողերուն

Աչքիս արցունք կը բերէ Փառք ու մեռել շատ ունի

Երկիրն իմ հին, ալեւոր՝ որուն ես թոռն եմ վայրի,

........................................................................................

Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի։

 

Ինչպէս կը տեսնէք, քերթուածը շեղած է իր ընթացքէն։ Բայց կանխահաս է տակաւին՝ խորհուրդ, մտածում, պատկեր ու իրականութիւն հաւասարապէս ղեկավարելու՝ պահանջ մը, բան մը, զոր յաջողած է իրագործել մեր մէջ միայն Վահան Թէքէեանի շատ փորձ թեքնիքը:

Կամ միւս քերթուա՛ծը՝ « Ծառ մըն եմ ես », ուր դարձեալ արտայայտութիւնը վար կը մնայ զգայնութենէն, բայց որուն մէջ թաւալող պատկերները` իրենց պարզութեանը, անմիջական իրականութեանը քովէն կը քալեցնեն միւս, հարազատ սարսուռը արտին վրայ պտուղ-պտուղ լոյս դարձող հողին մեծ հոգին, որ բառերէն, փոխաբերութիւններէն, վերացեալ պատկերներէն չ՚ախորժիր միշտ, ինչպես է պարագան մեր քանի մը տաղանդաւոր բանաստեղծներուն համար։

* * *

Անշուշտ դեռ թեքնիքը հաւատարիմ չէ միշտ այս պատանիին:

Անիկա, թեքնիքը, գրեթէ կատարեալ է քանի մը տեսիլներու հետ, որոնք բանաստեղծին պատանութիւնը կ՚աղբերացնեն. ըսել կ՚ուզեմ՝ որոնց մէջէն մեր ամէնէն խորունկ ու ինքնատիպ զգայնութիւններուն անակնկալ, հարազատ, սրբազան ջուրը կը վազէ մեր տղու ապրումներուն։ Իր քերթուածներէն անոնք, որ առաջին այդ բխումը կը խողովակեն, գտած են իրենց վերջնական տարազը, - ծանր, գորովոտ կամ թրթռուն գնացքով մը, որ պատանիներուն քայլերը կ՚ընէ այլապէս յանկուցիչ ու հպարտ: Ոճը այդ կտորներուն մէջ սայթաքում չունի։ Կը կաղապարուի տեսիլին հետ, անոր նորութիւնը կը ձեւէ առանց աւելորդ ու բռնազբօսիկ յանդգնութիւններու, կը սեւեռէ գիւտն ու անակնկալ ինքնաբուխ հանդիպումներու վրայէն։ Ու հասկնալի է, որ անոնք առջի-վաղը ըլլան։

Միւսները, անոնք, որ գրուած են աւելի ուշ, խորքի իրենց հետաքրքրութիւնները չեն փրկեր ձեւին համապատասխան զարգացումովը։ Եթէ բանաստեղծին միտքը լայնցած է ու երեւակայութիւնը զօրացած (այս տեսակի քերթուածներ են « Մայրիկիս »ը, « Մտածումիս լաստը »), եթէ անոր զգայնութիւնը խորացած է (ինչպէս է պարագան « Լուսաւորչի աստղի տակ », « Անուններ », « Մեռելոց » տիտղոսուած կտորներուն մէջ), բայց արտայայտութեան ձեւը չէ քալած։ Ազատ չափի այս մարզանքը չեմ գիտեր ինչու կը փորձէ այս տղան, երբ գիտէ, թէ իր դիւրաբեկ ներշնչումները գրեթէ միշտ պէտք ունին ամուր կաղապարներու։ Հռետորաշունչ կամ զուտ երաժշտական բնազդներով բանաստեղծներն են, որ կը շահին առաւելապէս, դիմելով արտայայտութեան այս կերպին:

Ասով է, որ իր նմաններուն մօտ, միջոցի այս լայնութիւնը վնասած է ժուժկալութեան, արտօնելով մուտքը տողերու, որոնք իրենք իրենց, բառերուն պարզ, ձայնական թելադրանքէն կը քալեն, առանց որ զգայնութիւնը ատոնք առաջացնող գահաւորակ ըլլայ։

* * *

Զաւէն Սիւրմէլեանի գրքոյկը իր արժանաւոր տեղը ունի մեր քնարերգութեա այնքան աղքատիկ rayon ին մէջ։

Անիկա կու գայ Մեծարենցէն ու Թէքէեանէն:

Առաջինին պատկերող նայուածքը ու երկրորդին թափանցող խորհուրդը, առաջինին վերստեղծող արուեստը ու երկրորդին տրտում ու հարուստ զգացականութիւնը այս տղուն տուած են առաջին տարրերը իր երգին:

Անշուշտ միտքէս չ՚անցնիր հետեւակութիւն կամ կրաւորական խառնուածք։ Բայց յատկանշական է, որ ամէնէն աւելի ուրացուած (ինչպէս եղաւ Մեծարենց) ու ամէնէն քիչ ճանչցուած ու բռնի մոռացութեան տարուած (ինչպէս ըրին Թէքէեանին համար) երկու բանաստեղծ այսօր կը վերագտնեն իրենց արժանաւոր համակրանքը սկսող սերունդին մէջ:

 

1925