Բ.
-
ԱԹՄԱճԵԱՆ
ՍԵՄԱ
(«ԶՐԱՀԱՒՈՐ
ԳԱՐՈՒՆ»)
Բոլորովին
նոր
մը,
հեղինակը
այս
հատորին։
Վաւերական
ամէն
արուեստագէտ
ինքզինքը
ուշադրութեան
կը
հանէ
այն
շնորհներով,
որոնք
կը
թուին
իրեն
միայն
պատկանիլ,
որոնք,
աւելի
ճիշդը՝
զինքը
հասարակաց
միջինէն
տարբեր
ընծայելու
պիտի
ծառայեն։
Այս
անկիւնէն
դիտուած,
Պ.
Ա.
Սեմայի
հատորը
վավերագրական
արժէք
մըն
է
ու
քիչ
մըն
ալ
աւելի։
Աւիշի
թարմութիւն,
առատութիւն,
խանդ
ու
երազ,
-
հասկնալի՞
տարիքովը
Պ.
Ա.
Սեմայի,
որ
սա
առաջին
երկունքը
(հիները
պիտի
վսեմացնէին
բառը՝
երախայրիք
ը,
իւրովսան
ը
քշելով
իրենց
սրտառուչ
յառաջաբաններուն
մէջ),
կը
նուիրէ
մօրը,
պարտ
ու
պատշաճ
մաղթասացութեամբ
եւ,
հօրը՝
«որ
նահատակուեցաւ
մեծ
սպանդին,
որպէսզի
իր
զաւակները
հայրենիք
ունենան»։
Կարճ
սա
պատգամը,
տասներկու
տողնոց
Ձօնէ
մը
վերցուած,
բաւական
լոյս
կը
սփռէ
երիտասարդ
պուետին
հոգեկան
աշխարհին։
Ինչ
որ
կը
զատէ
այս
հոգեբանութիւնը
մեր
քերթողներուն
ողբասացական
հռետորութենէն
եւ
նարկիսապաշտ
անդաճմունքներէն,
-
երկու
բեւեռները՝
արեւմտահայ
բոլորովին
արդի
բանաստեղծութեան
-
այն
պատանի,
բայց
նոյն
ատեն
հասուն
խռովքն
է,
որ
մեզ
իմաստուն
է
ըրած
մեր
Աղէտին
անպարագիծ
պատկերին
դիմաց,
բայց
չէ
կործանած
զմեզ։
Այն
մշտակարօտ
սլացքն
է
դէպի
հզօր
երազը,
որուն
կրկներեւոյթը
երկու
լման
սերունդներ
կրակին
առաջնորդեց։
Այն
տրտում,
ինքնակեդրոն
լրջութիւնն
է,
որով
աշխարհը
պարտաւոր
ենք
տեսնել,
չխենթանալու
համար
մեր
վրայ
գործադրուած
զրկանքին
հաշուոյն։
Պ.
Սեմայի
հոգին
համակրանքի
հզօր
շունչով
մը
տրոփուն
է
իր
պապերուն
հայրենիքին
համար,
որ
անհաս,
բայց
իրաւ
խորհուրդի
մը
նման
կախ
է
մեր
օրերուն
վերեւ։
Շատ
է
թիւը,
այդ
հատորին
մէջ,
այն
քերթուածներուն,
որոնք
մեզ
կը
խօսին
հեռանիստ
ու
«
միֆ
դարձած
»
այդ
երկրէն
ու
կը
խօսին
սրտայոյզ,
որքան
յուսապատար
շեշտովը
պատանութեան։
Ուրախութիւն
է
նոյն
ատեն,
ինծի
համար,
որ
այդ
տողերէն
զգալի
չըլլայ
ապսպրուած,
քաղաքական
երանգով
արատաւոր
այն
քերթողութիւնը,
որ
գաղութներու
պառակտումները
կը
շահագործէ
ու,
յանուն
արուեստի,
մեզ
կը
լարէ
իրարու
դէմ։
Ասկէ
զատ,
Պ.
Սեմայի
այդ
կարգի
քերթուածները
անուշիկ
փաստ
մը
կը
կազմեն,
թէ
կարելի
է
երգել
Հայաստան
ը,
առանց
տրակտոր
ներու
բարբարոս
աղմուկին
ու
ռատիօ–կայան
ներու
փչուած
առասպելին,
սիրել
զայն,
իր
արիւնին
խորագոյն
բաւիղներէն,
հարիւրաւոր
սերունդներու
լարերէն
յօրինուած
նուագարանի
մը
նման.
հաւատալ
անոր,
ու
բաղձալ
անոր,
անկախաբար՝
շքեղագոյն
ոստաններու
հրապոյրներէն,
որոնք
մեր
առաջաւոր
կամ
անմիջահաս
երիտասարդութիւնը
ենթարկած
են
իրենց։
Աւելորդ
չէ,
նոյն
ատեն,
այդ
քերթուածները
նկատել
ուրիշ
փաստ
մը։
Անոնց
մէջ
կիրարկուած
արուեստի
տեսակ
մը
դաս
է
անպատասխանատու
այն
մարդոց,
որոնք
խնամքը,
արտայայտման
վայելչութիւնը
հոսհոսային,
զանցառելի
ծեքծեքում
մը
կը
դաւանին
ու
արեւելահայ
քնարերգութիւնը
վերածած
են
միջակութեանց
երջանիկ
կրկէսի
մը։
Բայց
Պ.
Սեմայի
հատորը
ուշագրաւ
է
դարձեալ
այն
նմանութեամբ,
որ
երկու
սերունդներու
հոգեկան
եզրերը
իրարու
կը
մօտեցնէ,
զանոնք
իրարմէ
բաժնելու
համար։
1896էն
ետքը,
երբ
Սուրէն
Պարթեւեանի
սերունդը
կը
չափչփէր
այդ
Եւրոպան,
ուր
ապաստան
գտած
հիմա
մեր
երիտասարդութեան
կարելի
ուժերը,
մեր
գրականութիւնը
տոգորուած
էր
այլապէս
պարզ,
հզօր
անդոհով
մը։
Ասոր
ազգայնական
երեսը
շքեղօրէն
նուաճուեցաւ
մեր
քանի
մը
քերթողներէն
(գլխաւորաբար
Սիամանթօ,
Վարուժան)։
Անոր
մարդկային
մասն
ալ
իր
արտայայտութիւնը
պիտի
գտնէր
Վ.
Թէքէեանի
տաղերուն
մէջ։
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը
եւ
«
Զրահաւոր
գարունը
»
չեմ
բաղդատեր
իրարու.
ատիկա
անիմաստութիւն
մը
պիտի
ըլլար։
Բայց
տարօրէն
ակնբախ
է
հանգիտութիւնը
վիճակին,
այդպէս
երկինքէ
երկինք
քարշ
տալու
մեր
վիշտերն
ու
երազները։
Ինչ
որ
Վ.
Թէքէեանի
խոր
ու
ապահով
տաղանդը
սեւեռած
է
այդ
օրերէն,
պայծառ
ու
թարմ
պատանութեամբ
մը,
արձակութեամբ
մը
կայ
Պ.
Սեմայի
քերթուածներուն
մէջ։
Պ.
Սեմայի
ոտանաւորը
լայնաշունչ
է
եւ
դիւրին։
Վտա՞նգ:
-
Կ՚ենթադրեմ։
Առայժմ՝
անիկա
փրկուած
է
բառական
հռետորութենէն
օրէնքի
մը
համաձայն,
որ
ամէն
մարդու
իրաւունք
կու
տայ
ինքզինքը
բերելու
արուեստին,
հերիք
է,
որ
գրականութեամբ
յօրինուած
ես
մը
չըլլայ
մեր
տուածը։
Զի
ով
կեանքին
հետ
է,
քիչ
անգամ
կը
մատնուի
անկէ։
Խոստումէ
մը
աւելի
է
Պ.
Սեմայի
հատորը,
բայց
պակաս՝
իրացում
մը
ըլլալէ։
Իր
ընթերցումը
բերաւ
ինծի
այն
յոյզերն
ու
յոյսերը,
որոնք
1902-03ի
Մասիս
ներուն
Միսաք
Մեծատուրեան
ստորագրութեան
հետ
զուգորդուած
են
իմ
մտքիս
մէջ։
Յետո՞յ։
Տեղ
մը
ըսեր
եմ,
թէ
անիմաստ
է
գուշակել
արուեստին
մէջ։
Կը
սպասենք
սակայն,
որ
երիտասարդ
բանաստեղծը
հաւատայ
իրեն։