Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիրքերու քովն ի վեր

 

Պարտք կը զգամ հոս արձանագրել գոհունակութիւնը անոնց, որ մեր գիրը կը սիրեն հանդէպ այն շարժումին, որ Ամերիկայէն կու գայ դարձեալ։ Անհատական կամ խմբագրական միջոցները վերջապէս հատորի մը տանիքին տակ կը մէկտեղեն ոմանց ցանուցիր գործերը։ Իմ մասիս, այս «բարերարութիւնը» ես արժանի կը գտնեմ այնքան մը գնահատութեան, որքան չէ թերեւս տաճարի մը կառուցումը շքեղ, բայց օտար ոստաններու մէջ, ուր անոր կը սպասէ քանի մը տարի յետոյ միւզէոն ի մը փառքը։ Վասնզի գիրք մը երբեմն այնքան բարիք կ՚ընէ, որքան չեն ըրած տասը ժամ ու հինգ դպրոց միասին: Քաղքենին, երէկուանը, մեր երկրին մէջ եկեղեցի ու վարժարան կ՚երազէր, բայց ժլատ չափազանց` գիրքին հանդէպ: Չեմ մօտենար անոր մտայնութեան հանդէպ գրողին, կարմիր կու գայ աչքերուս: - Նոր քաղքենին գուցէ կ՚անգիտանայ իր ժեսթին տարողութիւնը։ Աւելորդ չէ յիշեցնել իրեն, թէ մագաղաթը աւելի կ՚ապրի, քան մարմարը։ Ի՞նչ է եկած մեզի մեր պատմութենէն, անոր այսպէս ըսուած փառքերէն, քանի մը գիրքերէ դուրս։ Ու ի՞նչն է նորէն, որ այսքան կործանումներէ յետոյ, քանդուած ծիածանի մը նման մեր գլուխներուն կը յամառի թրթռալ ու տեւել։ Ունի՞նք աւելի կախարդ յուռութք մը, քան մեր գրականութիւնը։ Որ մեր տղաքը կապէ մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին։ Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, նեցուկ կը կապեն մեր հոգիին խորտակուած սիւներուն:

Յ. ՕՇԱԿԱՆ

(«Զուարթնոց», 1930, թիւ 7)

 

* * *

Մինչեւ 1920 Յակոբ Քիւֆէճեան եւ 1920էն սկսեալ Յակոբ Օշական անունով հանդէս եկած մեծանուն քննադատին հետագայ էջերուն մէկտեղուած գրութիւններուն աչք մը նետող ընթերցողը, կը կարծենք, աւելի ամբողջական գաղափար մը պիտի կազմէ անոր ձեւակերպած տեսութիւններուն ու կիրարկած ծանրակշիռ չափանիշներուն մասին:

Մեր տպաւորութեամբ « Համապատկեր » անուն կոթողական շարքին հեղինակը ընդհանրապէս գրականութեան պատմիչ է, իսկ հոս խմբուած գրութիւններուն մէջ առաւելաբար քննադատ է՝ այս տիտղոսին ամբողջական առումով, այնքան, որ անաչառ դատողութեան համար ասպարէզին չգերազանցուած տիպարը կը հանդիսանայ ան: Մենք կասկած չունինք, որ այս հատորին ընթերցողը առաջին ակնարկով իսկ պիտի հաստատէ, որ օշականեան տեսութիւններէն որեւէ մէկը չէ մաշած ու ամէնազօր ժամանակը չէ հերքած անոր կիրարկած չափանիշներէն որեւէ մէկը։

Պատեհ առիթ է յիշեցնել, որ Յակոբ Քիւֆէճեան թէ Յակոբ Օշական ստորագրութեամբ մեծ քննադատը ունի դատողական շարք մը ուրիշ գրութիւններ եւս, որոնք, մեր կարծիքով, սոյն հատորին մէջ տեղաւորուած վերլուծումներուն հետ ներդաշնակ եզրեր չունենալնուն պատճառով՝ վերապահուեցան ուրիշ հատորի մը համար, ուր պէտք է տեղ գտնեն « Ուրուականը », « Հարթենք »ներու շարքը, « Զամբիւղին առջեւ » անուն գրութիւնները, գրական հանդէսներուն ու տարեգիրքերուն մասին ստորագրած ակնարկները, ինչպէս նաեւ գրագէտներու ու գրականութեան մօտ դէմքերու մասին առանձին նշմարները...