Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կնոջական աշխարհը զոր էրիկ մարդիկ կազմակերպած են ուզածնուն պէս, բռնադատիչ ու ճնշող կին արարածին դէմ հարկաւ ամենէն աներեւակայելի ընդվզումներու եւ կեղծիքներու աշխարհ է։

Ահա հատ մը անոնցմէ՝ զոր ամուսնացած կին մը պատմեց ինծի անցեալ օր, այցելութեան մը պահուն։ Հիմա որ տարիքը առած մէկը կը սեպուիմ՝ կիները ա՛լ չեն քաշուիր իրենց գլխէն անցած դարձածը ինծի խոստովանելէ։ Գիտեն որ կը սիրեմ իրենց հոգեկան հարցերովը զբաղիլ, այդ խուլ պայքարներուն պատմագիրը ըլլալ։ Մանաւանդ որ իմ մեծ ներողամտութիւնս իրենց մեղանչումներուն համար տեսակ մը հրաւէր է խօսելու։

Մեծ պատահարները զիս անտարբեր կը թողուն. բայց մանր դէպքերը՝ չնչին ուրիշներու աչքին՝ լուրջ խորհրդածութիւններու նիւթ են ինծի։ Դասերը որ կը քաղեմ անոնցմէ վրդովիչ՝ պայմանադրական կարգ ու սարքի կուսակիցներուն՝ թանկագին են ինծի համար։ Անոնք կուգան հաստատել այն բարոյականը, որ իմս է, ճիշդ ներհակը եւ գլխավարը հանրութեան մէջ ընդունուածին. իմ բարոյականս, որ կը կայանայ Իրականը՝ Սուտին, Ճշմարիտը՝ Կեղծին վերադասելու մէջ ամեն տեղ եւ ամեն ժամանակ։