Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բարիզէն նոր դարձած էր բժշկութեան վկայագիրն ի ծոցին տասնեւչորս տարի շրջելէ ետք անոր աղմկալից փողոցներուն մէջ։ Իրմէ վերջ գնացողներն իրմէ առաջ աւարտած ու Պոլիս դարձած էին. ի՛նք միայն աճապարելու պէտք չէր տեսած։ Կրցածին չափ շատ զբօսնուլ՝ այս եղած էր իւր նշանաբանը, ցորչափ հայրենի քսակն՝ իր ուսմանց ծախքը վճարելու վստահութեամբ՝ իր անառակութեանց ծախքը միայն կը հոգար խղճամիտ ճշդութեամբ։

Ի՞նչ բանի կը ծառայէր դրամն իր ապուշ ու անմիտ հօրը, որ մէկ ղրուշը միւսին վրայ դնելով, կծծի ու ագահ յամառութեամբ դիզեր էր այդ հարստութիւնն զոր ինք Բարիզի ցոփուհեաց մօտ այնքան քաջ գիտէր վայելել։ Ֆաքիւլդէին յոգնեցուցիչ դասախօսութիւնները, վիրաբուժական ահարկու գործողութիւններն, անդամազննական գարշահոտ փորձերն իրեն համար չէին։ Ինք ուսանողաց արուարձանին խռովայոյզ ու խառնագնաց կեանքը միայն կ՚ուսումնասիրէր իր անձին վրայ, իր մարմնոյն մէջ ներմուծելով Քառթին Լաթէնի ապականեալ երիտասարդութեան ժահրը։ Այս էր ահա իր բժշկական բոլոր պարապումն, ու տարիներ կը յաջորդէին իրարու արագասահ, անընդհատ հաճոյքներով ու վայելքներով։

Իր ընտանեաց ուղղած նամակներ ստայօդ խոստումներու երկար շարք մ՚էր միայն խօսքին նայելով, շատոնց անցուցեր էր տօքթօրութեան քննութիւններն եւ լոկ գործնական բժշկութիւնը սորվելու համար կը կենար Բարիզ. այս ինչ վիրաբուժական գործողութեան ներկայ գտնուած էր, այն ինչ հիւանդանոցին մէջ պաշտօն ստացեր էր, ու ընտանեաց պատրանքը կը շարունակուէր այս պանծալի պատմութիւններէն շլացած։

Հայրը, պարզամիտ մարդ, մտքովը կը ծիծաղէր այն նորեկ բժիշկներուն վրայ, որք 7-8 տարուան մէջ ուսումնին կ՚աւարտեն ու Պոլիս կը դառնան։ Ի՞նչպէս տգէտ ժողովուրդն ինքզինքը կը յանձնէր այս համբակներուն խնամողը։ Իր կարծեօք, մինչեւ իւր որդւոյն վերադարձը պէտք էր սպասել հիւանդ ըլլալու համար։ Այս հաւատքով կը շարունակէր կանոնաւորութեամբ ուղարկել անոր տարեկան թոշակը։ Հիմակ այդ թոշակը անբաւական էր, քանի որ տօքթօր եղած էր զաւակն ու այդ տիտղոսին համեմատ դիրք մ՚ունենալ կը պարտէր. եւ իր բոլոր ագահութեան հակառակ յաւելում մ՚ըրած էր անոր յատկացուած տարեկան գումարին վրայ։

Բայց ստակին ու որդւոյն սէրն ամեն անգամ կը մաքառէին իւր սրտին մէջ երբ վճարմանց ժամանակը գար. երբեմն կը մտածէր թէ իւր որդին ալ շա՛տ կ՚ուշացնէր վերադարձն եւ թէ անխելքութիւն էր յետաձգել Պոլսոյ մէջ իրեն սպասող հիւանդաց այցեգիները։

Տիլպէրեան Սողոմոն աղան տարիքն առնելով հաշուոյ մարդ ըլլալէ դադրած չէր։ Իր որդւոյն մեկնելէն 10 տարի վերջը, իր գումարներէն կը գտնէր թէ, բաղադրեալ տոկոսը վրան աւելցնելով, զաւկին կրթութեանը յատկացուցած ստակը չորս հազար եօթն հարիւր ոսկւոյ պատկառելի գումարին կը հասնէր. հառաչանք մը, ակամայ հառաչանք մը, ծերունի վաշխառուին բերնէն կ՚ընկերանար այս թուանշանին արտասանութեանը։ Բայց բանը գիտցող մարդ էր միշտ. կը խորհէր թէ իւր որդին՝ արուեստին մէջ աննման՝ Պոլիս գալուն պէս բժշկական դասուն մէջ առաջնակարգ դիրք մը պիտի գրաւէր. ինքն իրեն կը հաշուէր թէ օրական առնուազն 6 ոսկի շահելով երկու տարուան մէջ իր ծախսած բոլոր գումարը «Էւել էւելօք» պիտի ձեռք բերուէր. ու խօլական հաշիւը կը դարմանէր կը մեղմէր իր կորուսեալ ոսկիներուն ցաւն ու կը գգուէր իր շահամոլ մարդու անձնասիրութիւնը։ Զաւակը բժիշկ ընելու գաղափարը, սարաֆութեանը միջոցին կատարած առեւտրոց ամենէն շահաւոր լինիլ կը խոստանար։

Անդին երիտասարդը կ՚զբօսնուր իր մարմնոյն ու հայրենի քսակին բոլոր տոկունութեամբը, իր զգայարանաց բոլոր ապականութեամբը։ Ո՞վ պիտի ճանչնար Սողոմոն աղային տղան այդ Բարիզցի անառակի հագուստներուն ու ձեւերուն տակ։ Գունագեղ, բարեկազմ եւ առոյգ պատանի մ՚էր երբոր ոտք կոխեց առաջին անգամ Բարիզի կիզիչ քարայատակին վրայ. հիմա նիհար ու բարակ մարդ մ՚էր որուն տժգոյն ու դալուկ դէմքը սրածայր մօրուքով մը կ՚ամփոփուէր, վերջին նորաձեւութեան համեմատ։ Աչքին կոպերը կտրած քնատութենէ, նայուածքը տարտամ ու անտարբեր, հեգնող բայց ողորմելի պատկեր մը, այս մնացած էր ահա առջի զուարթ պատանիէն։ Այն առջի օրէն ի վեր յորում յաջողած էր քննութիւն մը, միակ քննութիւն մը անցունել Բժշկական Համալսարանին մէջ, միտքն ինկած ատեն կամ լաւագոյն զբօսանք մը չի գտած ժամանակ միայն կ՚երթար երբեմն ունկնդրել դասախօսութեանց։ Քանիցս քննութիւններէ մերժուելէ յետոյ ա՛լ քննութեան մտնելէ ալ ետ կեցեր էր. կը խորհէր, որ ատեն շատ ունէր իր առջեւը. երիտասարդ բժիշկները վստահութեան արժանի չէին, տարիքնին առածները միայն յաջողութեան կոչուած են, եւ այս խարխուլ փաստն իր թոյլ ու մեղկ ընթացքն իբրեւ թէ կ՚արդարացնէր։

Այսպիսով Բարիզ եկող հայ ուսանողներուն երէցն ու մէկ քանիներուն առաջնորդը դարձեր էր։

Ամենքը կը ճանչէին զինքը. կերուխումի լաւագոյն ընկերն էր. նորեկներն անոր յանձնարարութեամբը կը վարձէին իրենց սենեակը կամ ճաշարանը կ՚որոշէին։ Ինքը Բարիզցի դառած՝ կը ծիծաղէր այս անփորձ պարոններուն վրայ։ Իր բոլոր ջանքը ցոփակեաց ու շուայտ ուսանողաց ձեւերը ձեռք բերելու յատկացած էր։ Այդ մեծ Բաբելոնին մէջ ուր կորուսեալ աղջկունք կը վխտան, զատեր էր իրեն ընկերուհի մը ինչպէս պարտ է ընել ամեն ուսանող եւ զոր ծիծաղելի յոխորտանօք կը ներկայացնէր իր հայ բարեկամներուն, ըսելով ֆրանսերէն լեզուաւ.

Պարոններ, իմ կինս է։

Անառակ մը չէր սակայն բառին նշանակութեամբը, այլ անառակներուն վրայ զմայլող մը։ Իր տափակցած ուղեղին համար պարծենալու մեծագոյն նիւթն, իր միակ տենչն՝ անոնց վարքը, բարքը, սովորութիւններն ունենալու մէջ էր։ Մարդս միշտ պիտի ապացուցանէ թէ կապիկէ սերած է։

Այսպէս մինչդեռ ուրիշները Բարիզ կուգային, կ՚ուսանէին եւ կը մեկնէին, ինք գամուած էր հոն իբրեւ թէ տիղմի մէջ թաթխուած ըլլար եւ ամեն վայրկեան խոր եւս մղուէր անոր մէջ. ընտանեաց, ծանօթ դէմքերու տեսութեան, ծննդեան վայրերու կարօտը մտքէն անգամ չէր անցուներ. Բարիզի ցեխին մէջ ծնած ճճի մը ոչ այնքան իրեն յամար մթնոլորտ պիտի գտնէր քան թէ այս հայու տղան այդ քաղաքին մէջ։

Յանկարծ հօրը մահուան լուրը ստացաւ իր տարեկան թոշակին վերջանալուն գոյժին հետ։ Սողոմոն աղան հարուստ ճանչցուած էր ամենէն։ Իր ծանօթ ագահութեան համար միայն վարկի ու վստահութեան տիրացեր էր։ Իբր ապահով եւ պարկեշտ մը, շատեր ստակ տուած էին նմա պահելու ի փոխարէն մէկ մէկ պարտամուրհակի։ Ստոյգն այն էր որ Սողոմոն աղան իւր որդւոյն պատճառած ծախքերէն ու մէկ քանի առեւտրական ձախորդ գործողութիւններէ փճացած, աւանդ տրուած ստակներն անգամ սպառեր եւ ճիշդ ժամանակին մեռեր էր, առանց սակայն զաւկին օրական վեց ոսկի շահիլը տեսնելու։

Չքաւորութեան կեանքն սկսաւ երիտասարդին համար այնքան աւելի դժնդակ որքան շռայլ ապրուստի մը կը յաջորդէր։

Իր զբօսանաց ընկերներուն ոչ մէկուն կրնար խոստովանիլ այս յանկարծական աղքատութիւնն, ուսկից մեծագոյն յանցանք գործած ըլլալէ աւելի կ՚ամչնար։

Իր զայրոյթն օրապահիկ հացի կարօտ մնալէն աւելի իր հաճոյալից կեանքէն բաժնուելուն համար եղաւ. ամսոյ մը չափ քովի ստակովը դեռ քշքշուեցաւ, վարանեալ, առանց որոշում մը տալու, կարգադրութիւն մը ընելու, չի կրնալով դեռ իւր չքաւորութեան համոզուիլ. բայց նեղութիւնն երկաթէ շղթայի մը պէս զինքը չորս կողմէն կաշկանդեց. ամենուն պարտք ըրաւ գիտնալով հանդերձ որ անկարող էր իր պարտքերն հատուցանելու. պարտապահանջները շատցան, ձայներնին բարձրացուցին. մէջերնուն խստասիրտ մը մինչեւ զինքը բանտ դնելու չափ սպառնացաւ։

Վատասիրտ անձ էր, իր գլխուն ճարը մտածելու, գտնելու անկարող։ Բնակած տանը մօտ հայ ուսանողներ կային որոց ո՛չ քովը գացած էր եւ ոչ երբեք մտերմութիւն հաստատած անոնց հետ։ Այս յուսահատական վիճակին մէջ անոնց ապաւինեցաւ։ Անոնցմէ մին մանաւանդ իրեն գթաց եւ օգնեց. անոր խորհրդովը քաջալերուած թողուց իր բնակարանն եւ կարասիներն. իր ընկերուհին թողլու պէտք չի մնաց, վասն զի արդէն մեկնած էր դրամական շփոթութեանց լուրն առնելուն պէս։

Աժան սենեակ հինգերորդ դստիկոններու մէջ միայն կար, ու ճարահատ՝ տանեաց վրայ թառող թռչուններու պէս մթին ու խոնաւ փողոցի մը մէջ, քայքայուն տան մը բարձրագոյն յարկը անկիւն մը գնաց մտաւ։

Հոն վերստին սկսաւ շարունակել իր ուսումը. բայց ապրելու դժուարութիւնն առաջին ու գլխաւոր զբաղումն եղաւ իրեն։ Շատ գիշեր լոյս չունեցաւ սենեկին մէջ, շատ անգամ ողորմութիւն բաշխող պանդոկներու դրան առջեւ սլքտաց առանց համարձակելու ողորմութիւն խնդրելու. անօթի էր անշուշտ. այդ միջոցին ճանչցաւ ստակին կարեւորութիւնը. յետին խնայողութեան դատապարտուած, ամեն գնած նիւթերը միշտ անհաւատալի կերպիւ սուղ թուեցան իր պարապ քսակին. յիրաւի, այս մայրաքաղաքն աղքատաց բնակելու տեղը չէր։

Պոլիս դառնալ. այս եղաւ այնուհետեւ իր միակ յոյսն ու մտածումը։

Հայ ուսանողաց բարեսրտութեան ապաւինած՝ կրցաւ աւարտել վերջապէս իր բժշկական ուսումը չորս երկար տարիներէ վերջը, վասն զի թշուառութեան տարիներու պէս ոչինչ կայ երկար տեւող աշխարհիս վրայ։

Առջի սրամտութիւնն ու յիշողութիւնը չունէր, բայց քննիչները ներողամիտ էին ու բաղդն յաջող. պատահեցաւ որ իր բացառապէս գիտցած նիւթերուն վերաբերին հարցումներն, եւ ահա այս ձեւով միջակ վկայականի մը արժանացած Պոլիս վերադարձաւ Տօքթօր Տիլպէրեան։