Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ահ ու դողի մէջ, պատուհանը, դուռը, քարափին վրայ ցրուած՝ շուարած կ՚սպասէին, մինչդեռ փոթորիկը կ՚ալեկոծէր Վոսփորն իր բոլոր ուժգնութեամբ։

Գիշերուան մէկ ու կէսն ըլլալու էր, ամառ գիշերուան մը, յանկարծահաս մրրիկի մը սեւութեան մէջ կորսուած, զոր անընդհատ իրարու յաջորդող կայծակին գիծերն ի զուր կը փեռեկտէին. երկնքին մէջ ինչպէս ամենուրեք պայքար մը կար լուսին ու մթութեան մէջ, ոխերիմ ու մահացու կռիւ մը. եւ խաւարը կը յաղթէր հոս ալ, գրաւելով ամեն կողմ՝ բարդելով իր խաւերը մին միւսին վրայ եւ տարօրինակ գիշերուան մը պէս, սեւ վարագոյրով մը ծածկելով բոլոր հորիզոնն ու ծովուն մրրկայոյզ ջուրերը։

Խաւարին մէջ որոշ ու յայտնի՝ փոթորիկին ահեղագոչ մռնչիւնը միայն կուգար, վայրենի ճիչի, աղաղակի մը պէս, վայրկեան մը դադրելով, իբրեւ թէ զայն արձակող մեծածաւալ թոքերը շունչ առնել ուզէին, եւ յետոյ աւելի եւս սաստիկ գոռալով։

Եւ այս աղմուկին ու շփոթութեան մէջ տնեցիք ահաբեկ վեր վար կը վազէին, չգիտնալով ըրածնին ու թողածնին ի զուր ջանալով որոշել ծովուն վրա Անվեհեր ը՝ փոքրիկ մակոյկն որուն մէջ իրենցմէ մին այս պահուս կը գտնուէր, ահարկու դարձած այդ կոհակներուն խաղալիկ, գուցէ անհետ կորսուած անոնց մէջ. կուլային, կ՚աղօթէին ու կը յուսային։

Սահակը հետն է, կ՚ըսէր հայրն, յիսունի մօտ ծերացած մարդ մը, ջանալով սիրտ տալ իր կնոջը։

Վախու բան չի կայ, կ՚աւելցնէր դրացի մը. անոնք մօտերն եզերք մը ելած են, Անվեհեր ը վախնալու մակոյկ չէ։

Ու փոթորիկը կը մռնչէր՝ ի դերեւ հանելով այս յուսադրական խօսքերը. ծովուն վրայ ձեւացող ալեաց կատարները կը թռցնէր՝ դաշոյնի հարուածով կտրելով զանոնք ու ծովեզերքին վրայ կեցող մարդիկ ետ կը հրէր խստութեամբ, իբրեւ թէ անոնց միջամտութիւնը մերժելու համար։

Տէր Աստուած, դուն ողորմէ՛։

Տղաքը կը պոռային անդիէն.

Տիւրի՜ւկ, Տիւրի՜ւկ, ձայն մը հասցնել ուզելով ու պատասխան մը ակնկալելով վրայէն։