Գ.
Հեռագրական
գործակալութիւնները
գործի
վրայ
էին։
Ելեքտրական
արագութեամբ
երկրագնտիս
յետին,
հեռաւոր
անկիւնները
կը
հասցնէին
Սասունի
Տռամին
քստմնելի
մանրամասնութիւնները։
Ողջ
աշխարհը
իմացած
էր
դարավերջիկ
մեծագոյն
Ոճիրը,
որ
գործուեցաւ
Եըլտըզի
Արիւնի
Մարդուն
հրամանովը։
Տիեզերական
խղճմտանքը
զայրացաւ։
Ժողովուրդները,
հին
ու
նոր
ցամաքներուն
գրեթէ
բոլոր
կետերէն,
սկսան
բողոքի
ու
նողկանքի
աղաղակներ
բարձրացնել
Օսմաններու
գահը
պղծող
Ապտիւլ
Համիտի
դէմ,
որ,
անպատիժ
կը
շարունակէր
ծաղրել
Եւրոպան,
եւ
միեւնոյն
ժամանակ
գահավէժ
անկումը
կը
պատրաստէր
գեղեցիկ,
ընդարձակ
ու
հզօր
կայսրութեան
մը,
ուխտած
ըլլալով
հուրով
ու
սուրով
վերջացնել
արեւելքի
մէջ
քաղաքակրթութեան
ռահվիրան
ու
քրիստոնէութեան
ջահակիրը
հանդիսացած
նահատակ
Հայ
Ցեղը,
առանց
պատկառելու
անոր
դարաւոր
հնութենէն
ու
Օսմանեան
գահին
մատուցած
ա՛յնքան
մեծ
ծառայութիւններէն։
Սակայն
գոնէ
երեւոյթները
փրկելու
համար,
բան
մը
պէտք
էր
ընել,
գէթ
ժամանակի
մը
համար,
հանդարտեցնել
պէտք
էր
ժողովուրդներուն
զայրոյթը։
Ուստի
Մեծ
Տէրութիւնները
որոնք
կը
շարժին
ամէն
անգամ,
որ
կողոպուտ
մը
բաժնելու
առիթը
կը
ներկայանայ,
պահ
մը
մոռնալով
իրենց
ընդդիմամարտ
շահերը,
փորձեցին
իբր
թէ
համաձայնութիւն
մը
կազմել,
Սասունի
մէջ
գործուած
պաշտօնական
բարբարոսութիւնները
քննելու,
ջարդերուն
հեղինակները
պատժել
տալու
եւ
այդ
կողմերու
մէջ
ստեղծուած
դժոխային
կացութեանը
վերջ
մը
դնելու
բարեացակամութեամբ…։
Եւրոպական
վեց
Մեծ
Տէրութեանց
Արտաքին
Գործերու
Նախարարները
սկսան
ծածկադիր
հեռագիրներու
փոխանակութիւն
մը
կատարել
իրենց
միջեւ,
միահամուռ
գործողութեան
մը
մասին
համաձայնութեան
եղանակ
մը
գտնելու
եւ
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկելու
համար։
Միւս
կողմէ,
եւրոպական
հոծ
կեդրոններուն
մէջ,
հսկայ
միթինկներ
կը
կազմակերպուէին,
դիւանագիտութեան
խաղքութիւնները
ձաղկող
բուռն
բանախօսութիւններով
ամէն
երկիրներու
բանւորական
խմբակցութիւններէն
բաղկացած
պատգամաւորութիւններ
կը
խուժէին
խորհրդարաններուն
մուտքերը,
բարձրաղաղակ
գոռալով։
–
Անկցի՜
Բռնակալը,
մա՜հ
Ապտիւլ
Համիտի։
Հանրային
կարծիքը,
մանաւանդ
Անգլիոյ
ու
Ֆրանսայի
մէջ,
համիտական
բռնապետութեան
անիծապարտ
արարքները
կը
դատապարտէր
եւ
անմիջական
կարգադրութիւն
մը
կը
պահաջնէր
Հայկական
Խնդիր
կոչուած
միջազգային
աղետաբեր
կնճիռը
լուծելու
համար։
Ապտիւլ
Համիտ
կը
սկսէր
կամաց
կամաց
զգալ
րոպէին
փափկութիւնը.
Ա՛լ
սկսան
Եըլտըզ
թափիլ
մեծ
դեսպանները,
առանձին
կամ
հաւաքաբար,
մանաւանդ
բրիտանականը,
որ
երբեմն
գիշերային
այցելութիւններ
ալ
կուտար
Սուլթանին,
իր
կառավարութեան
կողմէն
ստացած
վերջին
հեռագրական
հրահանգները
հաղորդելու։
Բռնակալը
կը
վախնար,
ինչպէս
առհասարակ
կը
վախնան
աշխարհիս
բոլոր
բռնաւորները,
մեծ
թէ
փոքր։
Կը
վախնար
որ
չըլլա՛յ
թէ
Սասունը
պատրուակ
մը
դառնար
եւրոպական
տէրութեանց
ձեռքին
մէջ,
զինք
գահընկեց
ընելու
իրենց
գաղտնի
դիտումը
գործադրելու
համար։
Պալատին
մէջ
շշուկ
մը
կը
պտըտէր
բերնէ
բերան,
իբր
թէ
անգլիական
նաւաբաժին
մը
ճամբայ
ելած
էր
դէպի
Միջերկրականի
ջուրերը,
բռնի
Տարտանելէն
անցնելու,
եւն։
Այս
շշուկը
հետզհետէ
կը
տարածուէր,
մինչեւ
որ
վերջապէս
կը
հասնէր
Հիւնքեարին
ալ
ականջը։
Շուտով
հրամայուցեաւ
փնտռել
ու
գտնել
այդ
շշուկին
հեղինակը։
Սեւ
սարսափ
մը
տիրեց
Եըլտըզի
կամարներուն
տակ։
Պալատականները,
Ա.
Քարտուղարէն
սկսեալ
մինչեւ
յետին
բարապանը
կամ
պարտիզպանը,
նոյն
իսկ
Հարէմը,
անխտիր
ենթարկուեցան
հարցաքննութեան։
Ա՛յս
էր
Սուլթանին
բացարձակ
իրատէն։
Օրեր,
շաբաթներ
անցան,
եւ
սակայն
կարելի
չ’եղաւ
հասկնալ
այդ
շշուկին
բուն
հեղինակը։
Ապտիւլ
Համիտ,
ա՛յնքան
խիստ
ու
մանրակրկիտ
քննութիւններ
կատարել
տալէ,
եւ
ա՛յնքան
շաբաթներ
սպասելէ
ետքը,
տեսնելով
թէ
ո՛
եւ
է
լոյս
մը
չպիտի
ծագէր,
մտածեց
դիմել
իր
Արտաքին
գործերու
նախարարին,
Թուրխան
բաշային։
Ուստի
կանչեց
Եըլտըզի
քարտուղարներէն
մէկը,
եւ
ղրկեց
զայն
գիշերով
Թուրխան
բաշային
ապարանքը։
Թուրխան
ներս
առաջնորդուեցաւ,
Հիւնքեարին
առանձնասենեակը։
–
Թուրխա՛ն,
կ’ըսէր
Համիտ
գորովագին
շեշտով
մը,
ի՞նչ
կը
լսես
Բերայէն.
ի՞նչ
կ’ըսեն
դեսպանները։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
առ
այժմ
ո՛
եւ
է
բան
մը
չկայ,
որ
բնութիւն
ունենայ
վրդովելու
Ձեր
Վեհափառութեան
երջանկաւէտ
էութիւնը։
միայն
թէ…
–
Ի՞նչ,
ընդմիջեց
Համիտ,
ի՞նչ
ըսիր,
միայն
թէ
կ’ըսէիր։
–
Այո՛,
միայն
թէ,
կրկնեց
Թուրխան
բաշան,
Ալմանիոյ
դեսպանատան
մէջ,
երբ
գրեթէ
երկու
շաբաթ
առաջ
հանդիպած
էի
հոն,
Ձեր
Վեհափառութեան
կողմէն
մեծ
դեսպանը
տեսնելու
եւ
իրեն
կայսերական
բարեւներ
հաղորդելու
մասնաւոր
պաշտօնով,
անգլիական
ձեռնարկներուն
վրայ
կը
խօսուէր,
եւ…
–
Ի՜նչպէս,
ընդհատեց
Համիտ,
ի՜նչ
ձեռնարկներ
են.
–
Այո՛,
Վեհափա՛ռ,
թոյլ
տայիք
որ
աւարտէի.
հոն,
քանի
մը
կարեւոր
անձնաւորութեանց
ներկայութեան
կը
խօսուէր
անգլիական
ձեռնարկներու
վրայ.
հոն
էր
նաեւ
ռուսական
մեծ
դեսպանը
Պ.
Նիլիտօֆ։
–
Է՜,
յարեց
Հիւնքեարը,
շուտով
պատմէ՛
նայիմ,
ի՞նչ
կը
խօսուէր.
–
Կը
խօսուէր
թէ՝
Կլաստթոնի
գրգռիչ
ճառերէն
յուզուած
ժողովուրդը
հանդարտեցնելու
համար,
բրիտանական
կառավարութիւնը՝
նաւաբաժին
մը
պիտի
ղրկէ
մեր
ջուրե՜րը…
–
Յետո՞յ,
յարեց
Համիտ.
–
Իբր
թէ,
կը
ծամծմէր
Թուրխան,
Հիւնքեարին
կատաղութեան
պոռթկումին
առարկայ
ըլլալու
դողը
միշտ
սրտին
մէջ,
իբր
թէ,
այդ
նաւաբաժինը
պիտի
Տարտանելի
ա՜նցքը
բռնադատէ
եղե՜ր…։
Հիւնքեարին
դողը
բռնեց։
Շաբաթներ
առաջ
Եըլտըզի
մէջ
պտըտած
շշուկը
կը
ստուգուէր
մայրաքաղաքի
է՛ն
իրազեկ
շրջանակի
մը
կողմէն,
ինչպէս
էր
գերմանական
դեսպանատունը։
–
Ուրիշ
ի՞նչ
կը
խօսուէր,
հարցուց
Համիտ.
–
Անկարեւո՜ր
խօսքեր,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Արտաքին
Գործերու
նախարարը,
կարեւորը՝
նաւաբաժինը
չէ՞.
բայց
ո՛վ
գիտէ,
թերեւս
ատիկա՛
ալ
դիտումով
արձակուած
սուտ
մըն
է,
մեզ
ահաբեկելու
համար,
–
Կը
կարծե՞ս,
Թուրխա՛ն,
հարցուց
Համիտ,
անձկոտ
սպասումով
մը,
կը
կարծե՞ս
թէ
յերիւրուած
սուտ
մըն
է
այդ
լուրը.
–
Ինչո՞ւ
չէ,
Վեհափա՛ռ,
չէ՞
որ
բոլոր
դիւանագիտական
կեղծիքները
Լոնտոնէն
կուգան.
–
Հա՛,
հա՛,
հա՛,
քրքջալիր
խնդաց
Հիւնքեարը,
պահ
մը
մոռնալով
նաւաբաժինները,
իրա՛ւ
է,
մե՛նք
ալ
Անգլիայէն
դաս
առինք
կեղծիքը…։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ
Թուրխան,
շտապելով
օգտուիլ
Հիւնքեարի
զուարթ
տրամադրութեան
առիթէն,
եթէ
նոյնիսկ
ստոյգ
ըլլայ
նաւաբաժիններու
խնդիրը,
հարկ
չը
կայ
վախնալու,
քանի
որ,
ինչպէս
քանի՛
քանի
պարագաներու
մէջ
տեսած
ենք,
վերջին
պահուն,
եւրոպական
համբաւաւոր
համաձայնութիւնը
պիտի
խանգարուի
եւ
բրիտանական
ծովակալը,
պիտի
հարկադրուի
մարտանաւերուն
քիթը
դարձընել
դէպի
Ճիպրալթարի
նեղուցը,
այնպէս
չէ՞.
–
Ա՛յդ
ալ
ճիշդ
է,
ըսաւ
Հիւնքեարը,
բայց
կրնայ
պատահիլ
հակառակը։
–
Թերե՜ւս,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
կրնայ
ըլլալ
որ
Անգլիան
կանխաւ
հաւանութիւնը
ստացած
կ’ըլլայ
միւս
մեծ
տէրութիւններուն
եւ
յետոյ
ճամբայ
հանած
կ’ըլլայ
նաւաբաժինը.
այն
ատեն
խնդիրը
կը
փոխուի,
եւ
կը
ստանայ
ամենալուրջ
հանգամանք
մը։
Ուստի,
կարծեմ
թէ,
խոհեմութիւն
է
հիմակուց
շօշափել
մեր
բարեկամ
տէրութեանց
գաղափարները,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
որովհետեւ,
յետոյ,
երբ
նաւաբաժինը
հասնի
Չանագ-Գալէի
առջեւ,
շատ
ուշ
մնացած
պիտի
ըլլանք.
–
Սօն
փիւշմանլըգ
ագչէ
էթմէ՜զ…։
–
Շա՜տ
աղուոր
կը
խօսիս,
Թուրխա՛ն,
յարեց
Համիտ,
ըսէ՛
նայիմ
ի՛նչ
ես
խորհէր
այդ
մասին։
–
Գիտէք
թէ՝
անհոգ
անտարբեր
նստա՞ծ
եմ,
Վեհափա՛ռ,
ըսաւ
Թուրխան,
այդ
գէշ
լուրը
լսելէս
ի
վեր
աչքերուս
մէջ
քուն
չէ՛
մտեր,
հազարումէկ
միջոցներ
յղացեր
ու
ծրագրեր
եմ,
սակայն
կը
սպասէի
որ
Ձեր
վեհափառութեան
հաւանութիւնը
շնորհուէր,
որպէս
զի
համարձակօրէն
կարենայի
ձեռնամուխ
ըլլալ
գործին։
Հիմա
որ
ամէն
բան
պարզուած
է,
ի՞նչ
կը
հրամայէ
Ձեր
Վեհափառութիւնը.
աւելորդ
է
կրկնել
թէ՝
ես
Իր
ամենանուաստ,
հաւատարիմ
ու
անձնուէր
ծառան
եղած
եմ,
եմ
եւ
պիտի
մնամ
մինչեւ
վերջին
շունչս։
–
Ապրի՜ս,
Թուրխա՛ն,
ապրի՜ս,
յարեց
Հիւնքեարը
խնդամիտ,
ես
արդէն
գիտէի
թէ
իմ
Թուրխանս
մէ՛կ
հատիկ
եւ,
եզակա՛ն
է,
բոլոր
նախարարներուս
մէջ,
աչքս
աղէկ
նայէ՛,
սա
գործին
մէջէն
դուրս
ալ
ելլե՛նք,
յետոյ
ե՛ս
գիտեմ
ի՛նչպէս
պիտի
վարձատրեմ
հաւատարմութիւնը,
անձնուիրութիւնը,
եւ
մանաւանդ,
ճարպիկութի՛ւնը։
–
Պատրա՜ստ
եմ,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Թուրխան,
արիւնիս
վերջին
կաթիլն
ալ
զոհելու
Ձեր
Վեհափառութեան
ամենաթանկագին
կեանքին
ու
սրբազան
Անձին
պաշտպանութեան
համար։
Հրամայեցէ՛ք
եւ
ես
կատարեմ
անմիջապէս,
ի՞նչպէս
կ’ուզէք.
կ’ուզէ՞ք
հիմա,
այս
րոպէին,
երթամ
գտնեմ
Ալմանիոյ
Մեծ
դեսպանը,
կ’ուզէ՞ք
որ
մէկիկ
մէկիկ
այցելեմ
բոլոր
դեսպանատունները,
հասկնամ
թէ
ի՛նչ
կ’անցնի
կը
դառնայ,
ի՞նչ
կը
հրամայէք…։
Հիւնքեարը
մօրուքը
ձեռքին
մէջ,
սկսաւ
մտմտալ.
արդեօք
լաւագոյն
չէ՞ր,
Թուրխան
բաշան
Մեծ
դեսպաններու
ղրկելէ
առաջ,
անգամ
մը
տեսնել
ուրիշ
կարեւոր
անձնաւորութիւններ
ալ,
ինչպէս
էին
Քեամիլ
ու
Սայիտ
բաշաները,
որոնց
երկուքի՛ն
ալ
վրայ
դեռ
կը
պահէր
իւր
վստահութիւնը,
թէեւ
երկուքն
ալ
քիչ
մը
շատ
հակամէտ
ըլլային
բրիտանական
քաղաքականութեան։
Իսկ
Թուրխան
պատկառոտ
դիրքի
մը
մէջ,
կ’ըսպասէր
Հիւնքեարին
Իրատէն
լսելու։
Սակայն
իրատէն
կ’ուշանար,
որովհետեւ
դեռ
կը
վարանէր
Համիտ։
–
Ի՞նչ
կ’ըսես,
Թուրխա՛ն,
խօսեցաւ
վերջապէս
Հիւնքեարը,
այս
գիշեր
գերմանական
մեծ
դեսպա՛նը
միայն
գնա՛
տես,
ի՛նչ
կ’ըսէ.
մասնաւոր
բարեւներս
հաղորդէ՛
իրեն,
եւ
Տիկին
մեծ
դեսպանուհիին.
ա՛յս
գիշեր
հասկցի՛ր,
վերադարձի՛ր։
Թուրխան
դուրս
թռաւ,
եւ
Եըլտըզի
դուրսի
բակին
մէջի
կառքը
նետուելով
ուղղուեցաւ
գերմանական
դեսպանատունը։