Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

Խառն Քննիչ Յանձնաժողովին անդրանիկ նիստը փակուած, անդամները կը պատրաստուէին մեկնիլ պալատէն։

Հրապարակին ամբոխը տակաւին կը սպասէր։ Երբ քննիչները կ’անցնէին, յանկարծ, ամբոխէն շրջապատուեցան։ Բողոքարկունները միշտ կ’աղաղակէին. արդարութի՜ւն, արդարութի՜ւն։

Քննիչները պարտաւորուեցան կանգ առնել հրապարակին մէջ։

Ռուսական պատուիրակին թարգմանը, պալատին ներսի դուռին քովի քարին վրայ ելաւ ու սկսաւ խօսիլ.

Ժողովուրդնե՛ր, ձեր աղերսագիրները կարգի դրուած են արդէն եւ մէկիկ մէկիկ նկատի պիտի առնուին. վաղը նիստ պիտի գումարէ Խառն Քննիչ Յանձնաժողովը. ուստի, կը հրաւիրուիք մեկնել պալատէն, վաղը կուգաք եւ կը փնտռէք ձեր աղերսագիրները։

Հազարաւոր կոկորդներէ ժայթքած աղաղակներէն ձեւացած վիթխարի գոռուգոչ մը լեցուց հրապարակը։

Կեցցէ՛ Ռուսիա, կեցցէ՛ Անգլիա, կեցցէ՛ Ֆրանսա…

Եւ ամբոխը ճեղքուելով, ճամբայ բացաւ քննիչներուն, որոնք խմբովին դուրս ելան պալատին Մեծ Դուռէն։

Մէկ քանի վայրկենէն հրապարակը պարպուեցաւ։

Պալատին մէջ մնացած էին վալին ու միւշիրը, վարչական ժողովի ու Դ. Զօրաբանակի սպայակոյտի անդամներէն մէկ քանիներուն հետ։

Քիչ յետոյ անոնք ալ մեկնեցան, բացի վալիէն ու միւշիրէն, որոնք գլուխ գլխի տուած, չէին կրնար մէջէն ելլել ծանօթ հեռագիրներուն։ Երկո՛ւքն ալ չէին կրցած ո՛ եւ է մեկնութիւն մը տալ կատարուած յեղակարծ փոփոխութեան մը։ Եըլտըզի մէջ, կ’ըսէին իրարու, ծանրակշիռ բան մը դարձած ըլլալու է, Հիւնքեարը ճնշումի տա՛կ միայն կրնայ արձակած ըլլալ այս իրատէն…։

Ես այս հեռագիրը, կ’ըսէր վալին, հեռագիրը միշտ ձեռքին մէջ, կե՜ղծ կը կարծեմ, որովհետեւ մինչեւ հիմա Եըլտըզէն հասած ծածկագիրներուն հետ տրամագծօրէն հակառակ իմաստ մը կը պարունակէ, ո՜ւր մնացին ուրեմն կայսերական Ա. Քարուզարին ա՛յնքան իւղոտ ու համեղ խոստումները. եթէ այդ հեռագիրները մէկ անգամ աչքէ անցընեմ, գիտէ՞ք, միւշի՛ր, ինչե՜ր, ինչե՜ր պիտի գտնեմ հոն. դուն լա՜ւ գիտես, մենք մեր գլխով չը գործեցինք՝ Թահսին ստորագրութիւնը կրող եւ Նորին կայսերական Վեհափառութեան հեռագրական հրահանգներուն կէտ առ կէտ հպատակելով է որ կազմակերպեցինք Սասունի Դէպքը, այնպէս չէ՞…

Անշո՛ւշտ, անշո՜ւշտ, կը կրկնէր միւշիրը, մտահոգ ու վրդոված, այնպէս է, ըրին եղան, մեզ ճամբայ հանել տուին, ու հիմա, ո՜վ գիտէ պալատական ի՛նչ գաղտնի սանտրանքի մը, դաւի մը հետեւանքով ջուրը կը ձգուի մեր այն աղուոր ծրագիրը…։ Կը տեսնես, այս հեռագիրը բա՜ն մը չէ, վաղը պիտի ուրի՜շ մըն ալ հասնի, եւ պիտի տեսնես որ զի՛ս ալ, քե՛զ ալ, երկուքնի՛ս ալ, իբրեւ պատասխանատուներ՝ գործուած ծանօթ թալաններուն, բռնաբարումներուն, առեւանգումներուն ու ջարդերուն, թերեւս շղթայակապ Պոլիս ղրկեն ու բանտարկեն, եւ, դեռ ըսե՞մ, թերեւս կախե՜լ ալ տան։

Օ՜, միւշի՛ր, ընդհատեց վալին, այդքան առաջ կ’երթա՜ն։

Մաշալլա՜հ, շարունակեց միւշիրը, ի՜նչպէս առաջ չեն երթար, երեւակայէ՛ անգամ մը, դեռ նո՛ր, մէ՛կ շաբաթ չեղաւ, որ ադամանդակուռ պատուանշանո՛վ ծածկուեցաւ կուրծքս, եւ կարծեմ թէ չէ՛ք կրնար ուրանար, իմ թանկագին ծառայութիւններուս փոխարէն՝ ամենափոքր վարձատրութիւն մըն էր ատիկա. իսկ հիմա, ի՜նչ է դարձեր որ յանկարծ, թէ՛ դուն եւ թէ՛ ես, ամբաստանեալներու պէս, քննութեան մասնակցելէ կ’արգիլուինք… Ասիկա չի՛ մարսուիր, հանելո՜ւկ մըն է, հանելո՜ւկ մը…։ Դարձեալ կ’ըսեմ, Եըլտըզի մէջ բանե՜ր մը դարձած ըլլալու են… Ի՞նչ… սահմանագլուխի կարեւորագոյն նահանգներուն մէջ քաշկռտուէ՛ տարիներով, հլու, կամքը ծախուած ստրուկի մը համակերպութեամբ, գործադրէ՛ Հիւնքեարի մը բոլոր քմահաճոյքները. շա՜ն պէս տանջուէ՛, ամիսներով, հարիւրաւոր մղոններով հեռաւոր վայրերէ մինչեւ հոս եկո՛ւր, վրանի՛ տակ անցո՛ւր կեանքդ այս վայրենի անհաւատ լեռներուն մէջ, ամէն վտանգներու դէմ կուրծք տո՛ւր, շէն շէն գիւղե՛ր քանդել տո՛ւր, անգթօրէն ջարդել տուր հազարաւոր Հայեր, հոգ չէ՛ թէ ամէնքն ալ ըլլան անմեղներ, աչք գոցէ՛ խուժանային շարժումներուն, աշիրէթներու պետերը գրգռէ, թալաններու, եւ պաշտօնական ջարդերու արիւնոտ ծրագիր մը, նո՛յնիսկ Եըլտըզէն պատրաստուած, անթերի գործադրել տո՛ւր, վերջապէս, հայկական խնդիր ըսուած մղձաւանջը մի անգամ ընդ միշտ մեր Փատիշահին միտքէն վանելու եւ ամէն վախ ու կասկած փարատելու համար հայկական կոտորածի մը կարմիր թուականը բա՛ց, բոլոր Եւրոպայի առջեւ խաղք ու խայտառակ եղիր իբրեւ կազմակերպողը՝ բոլոր այս բարբարոսութիւններուն ու յետոյ աչքէ ինկի՛ր…։

Կ’աղաչեմ, միւշի՛ր, ընդմիջեց վալին, մի՛ նորոգեր վիշտերս, ապերախտ կառավարութեան մը տխմար պաշտօնեաները չե՞նք. պէտք է հիմա քաւենք մեր յիմարութեան յանցանքը. մենք կը կարծէինք թէ՝ Հայերը կեղեքելով ու ջարդելով՝ Եըլտըզահաճոյ եւ Հիւնքեարէն մեծապէս գնահատելի առաքինութիւն մը գործած կ’ըլլանք, թէ՝ Սասունի Հայերուն բնաջնջումը կազմակերպելով՝ ծառայած կ’ըլլանք Նորին Վեհափառութեան գահակալութեան առաջին օրէն ի վեր հետապնդած ու փայփայացած քաղաքականութեան, ափսո՜ս, սխալե՜ր ենք, խաբուե՜ր ենք, հասկցուեցա՜ւ…։ Սակայն, ափսոսալ օգուտ չունի. ի՞նչ պիտի ընենք հիմա, ի՞նչ միջոցներ ձեռք պիտի կրնանք առնել, այս անել բաւիղէն դուրս ելլելու համար։

Հա, ըսաւ միւշիրը, աղէ՛կ ըսիր, եղածին վրայ խորհիլ, ափսոսալ օգուտ չունի, միջոց մը պէտք է մտածենք, միջո՛ց մը, որով կարենանք ազատել մեր մորթը, հակառակ պարագային, գիտցած ըլլաս, մորթերնիս վրա՛յ կուտանք։

Ու երկու մեղսակիցները, միեւնոյն մտածումներու ցանցին մէջ բռնուած, կը չարչարուէին։

Միւշիր Զէքի բաշան յանկարծ բացագանչեց.

Ես գտա՜յ, ես գտա՜յ միջոցը։

Ի՜նչպէս, ի՞նչպէս, յարեց վալին։

Պէտք է յիշէք, շարունակեց միւշիրը, կամ գոնէ իմացած ըլլաք, մեր վերջին թրքօռուս պատերազմէն վերջը, Պերլինի վեհաժողովին մէջ կնքուած 61րդ. յօդուածին տրամադրութեամբը, Բ. Դուռը խոստացած էր բարենորոգումներ մտցնել Հայերէ բնակուած ասիական նահանգներուն մէջ, ապահովելու համար Հայերուն ինչքը, պատիւը, կեանքը՝ Քուրդերէն ու Չերքէզներէն։ Արդ, այդ խոստացուած բարենորոգումներու գործադրութեանը հսկելու, միեւնոյն ժամանակ, բարենորոգումներուն բնութիւնը որոշելու եւ այդ նահանգներու կացութեանը մասին՝ պարբերական տեղեկութիւններ հաղորդելու պաշտօնով այս կողմերը ղրկուած էր անգլիացի գօմիսէր մը, Դրօդդըր հազարապետը։

Է՜, ընդմիջեց վալին, յիշեցի՜, յիշեցի՜ սա Անգլիացի՜ն։

Ահա՛ այդ Անգլիացին, շարունակեց միւշիրը, այդ Անգլիացին կ’ըսեմ, որուն ղրկելիք տեղեկագրէն կախում պիտի ունենային ծանօթ բարենորոգումներուն բնութիւնն ու գործադրութեան եղանակը, գիտե՞ս, ի՛նչպէս ելաւ մեր կառավարութեան տեսակէտովը խիստ նպաստաւոր տեղեկագիր մը ղրկեց։

Ի՜նչպէս, ի՜նչպէս, ընդհատեց վալին։

Արեւելքի մէջ շատ սովորական դարձած միջոցով մը, պատասխանեց միւշիրը. Հիւնքեարը, այն ատենուան Էրզրումի վալիէն հաղորդուած տեղեկութեան մը համաձայն, իմացած ըլլալով թէ՝ Դրօդդըր հազարապետը կնամոլ մըն է, իսկոյն, կայսերական Ա. Քարտուղարին միջոցաւ ծածկագիր հեռագիր մը կը քաշէ վալիին, յանձնարարելով որ այդ մարդուն ճաշակին յարմար վրացի կամ չէրքէզ գեղուհի մը գտնելով անմիջապէս, աղախին տրուի իրեն, իբր կայսերական ընծայ…։

Չէի՜ լսած, աղուո՜ր բան, յարեց վալին ժպտելով եւ պահ մը մոռնալով հեռագրական հարուածի վերջին կսկիծը։

Մտիկ ըրէ՛ որ շարունակեմ, յարեց միւշիրը, իր պատմուածքին մէջ դնելով իր բովանդակ եռանդը. վալին, կայսերական Ա. Քարտուղարին հեռագիրը գրպանը, կառավարական պալատէն վերադարձին, ուղղակի իր հարէմը կը մտնէ, կը կանչէ իր ճարիէներէն չէրքէզուհի մը, որ Տաղիստանէն բերուած ու գերեվաճառէն գնուած էր արեւելեան պատերազմէն հազիւ տարի մը վերջ, եւ կը տեղեկանայ թէ՝ իր ճարիյէն ուրիշ քոյր մըն ալ ունէր, իրմէ երեք տարու փոքր, ինքը՝ ծախուած տարին քսան տարու ըլլալով, եւ թէ՝ այդ քոյրը դեռ կոյս էր, եւ կը գտնուէր Կարսի մէջ, գերեվաճառ Քէրիմ աղայի քով, որուն ձեռքէ՛ն զինքը գնած էր վալին։ Չերկարե՜մ, վալին կանանոցէն դուրս կ’ելլէ, շուտով հեռագիր մը կը խմբագրէ եւ կը ղրկէ Կարս, Քէրիմ աղայի հասցէին, պատուիրելով որ հեռագիրը ստանալուն՝ ճամբայ ելլէ դէպի Կարին իր ճարիյէին քրոջը հետ։ Քէրիմ աղան կը հասնի, իր հետ ունենալով վալի բաշայի ճարիյէին կրտսեր քոյրը, Գամէր հանըմ իր անուան պէս լուսնկայ մը, հազիւ տասնը եօթը տարու, թարմ ու սպիտակ մորթով, ձուածիր ծնօտով, խարտեաշ ու շռայլ վարսերով, մութ կապոյտ աչքերով, թովիչ նայուածքով, կամարաձեւ յօնքերով, բարեձեւ քիթով, փոքրիկ բերնով, կարմրալար ու նրբին շրթունքով, հուրքոտ ու վառվռուն աղջիկ մի։ Քէրիմ աղա մէկ շաբաթ վալիին գօնագը հիւրասիրուելէ յետոյ, Գամէր հանըմը կը թողու Էրզրում իր քրոջը քով եւ ինքը Կարս կը վերադառնայ, Գամէրի վաճառման գործը վերջացնելէ եւ կարեւոր գումար մը գրպանելէ ետքը։ Վալին, Հիւնքեարի հեռագրական հրահանգին համաձայն, Դրօդդըր հազարապետին ընծայ կուտայ Գամէրը։ Այսպէս, անգլիացի քննիչը, աղջկան մը կախարդ նայուածքին ու մորթին մէջ կը թաղէ հայկական նահանգներու բարենորոգումներուն հարցը։

Ի՜նչ կ’ըսես, ընդմիջեց վալին, աչքերը խոշորցընելով ու յօնքերը բարձրացնելով.

Ի՜նչ կը կարծէիր, շարունակեց միւշիրը եռանդով, դեռ չ’աւարտեցի սակայն. Դրօդդըր հազարապետը, դեռատի Չէրքէզուհիին գիրկը քնանալուն յաջորդ օրը կ’ելլէ, գրիչը ձեռք կ’արնէ եւ կը խմբագրէ իր համբաւաւոր տեղեկագիրը, որ ա՛յնքան աղմուկ հանեց այն ատենները, եւ ինչպէս գիտէք, այդ տեղեկագրով ջուրը ձգեց բարենորոգումները, մեր օսմանեան կայսրութեան ասիական, մասնաւորապէս Հայերէն բնակուած նահանգները ներկայացնելով մէկ մէկ երկրաւոր դրախտներ, ուր Քուրտ ու Հայ, Թուրք ու Թուրքմէն, գայլ ու գառնուկ, միասին կ’ապրէին երանաւէտ խաղաղութեան ու պաշտելի ազատութեան մը գիրկը։ Եւ, չը մոռնամ ըսել թէ այդ հազարապետին տուած տեղեկագրին վրայ, տարիներով խօսքը չեղաւ Պէրլինի 61րդ յօդուածին, հակառակ Հայոց Վարժապետեան Ներսէս Պատրիարքի կրկնակի դիմումներուն ու բողոքներուն։

Շա՜տ լաւ, միւշի՛ր. յարեց վալին, այդ պատմուածքէն ի՞նչ հետեւցնէք պիտի։

Սպասէ՛ որ ըսեմ, շարունակեց միւշիրը, ճի՛շդ ատոր վրայ կը խորհէի. հիմա մենք աչքէ ինկած ենք, եւ պիտի տեսնէք, մինչեւ վաղը կը յայտնուի, շատ հաւանական է որ անգլիական մեծ դեսպանին դրդումովը միւս երկու մեծ դեսպաններն ալ, ֆրանսականին ու ռուսականին կ’ուզեմ ակնարկել, բողոքած կ’ըլլան մեզի դէմ, եւ նոյնիսկ սպառնալիքով պնդած կ’ըլլան որ մենք, իբրեւ Սասունի Դէպքին մէջ գործօն դեր ունեցողներ, չը մասնակցինիք այդ Դէպքը քննելու պաշտօն ունեցող Խառն Յանձնաժողովին աշխատութիւններուն.

Ատիկա յայտնի է, ըսաւ վալին, ե՛ս ալ կը խորհիմ թէ՛ անգլիական մեծ դեսպանէ՛ն պէտք է եկած ըլլայ այս հարուածը։

Ուրեմն, յարեց միւշիրը, մենք անցեալի դասերէն ու փորձերէն խրատուելով, պիտի ջանանք հոս, ամէն գնով, վաստկիլ, եւ եթէ հարկ ըլլայ, միջոցներուն ամէնէ՛ն նուաստովը կաշառել նախ անգլիական պատուիրակը, որ, չեմ գիտեր թէ ուշադրութիւն ըրի՞ր… կնամոլ մէկը կ’երեւայ, չը դիտեցի՞ր նայուածքները։

Այո՛. այո՛ կրկնեց վալին, նայուածքները չը հաւնեցայ, մանաւանդ, անցեալները, կը յիշես, մեր տուած հացկերոյթին իրիկունը, աչքերը մի՛շտ սպասուհիներուն կը սեւեռէր.

Ըսել է թէ չեմ սխալած, շարունակեց միւշիրը ծիծաղելով, հիմա կը մնայ մեզի գտնել գեղեցիկ երիտասարդուհի մը, եւ ընծայ ղրկել իրեն, ի՞նչ կ’ըսես.

Շա՛տ աղէկ կ’ըլլայ, հաստատեց վալին, մեր հարէմներուն մէջ չե՛ն պակսիր առեւանգուած հայ աղջիկներ, որոնք ամէ՜նքն ալ մեր կիներուն տարազը կը կրեն, չե՞նք կրնար ասոնցմէ զատել աղուոր մը, ընծայ ղրկել անոր…։ Եւրոպայի մէջ ապրած շատ մը բարեկամներէս լսած եմ յաճախ, Եւրոպացիները կը խենդենա՜ն արեւելքի կիներուն մանաւանդ մերիններուն վրայ, որոնք լաջակի տակէն աւելի գեղեցիկ կը կարծուին, հիւրինե՜ր կը թուին անոնց աչքերուն, այսպէս կ’ըսէր մեր Քէմալ պէյը, որ Լոնտոն ապրած է տարիներով։

Իրաւունք ունէր Քէմալ պէյը, ըսաւ միւշիրը, ես ալ ուրիշ բարեկամէ մը լսած եմ, դուրիստները, մանաւանդ Անգլիացիներն ու Ամերիկացիները, սովորաբար յոգնած մարդիկներ, իրենց կնիկներէն, իրենց ապրելակերպի տափակութենէն ձանձրացած, Արեւելք կը ճամբորդեն, Պոլիս, Եգիպտոս, Անատօլու, Սիւրիա, պարզապէս կիներու որսորդութեան համար։

Ուրեմն, յարեց վալին, ի՞նչ կեցեր կը սպասենք, եթէ կարելի է, ա՛յս գիշերուընէ գտնենք այդ երիտասարդուհին ու ղրկենք անգլիացի պատուիրակին։

Պատրա՜ստ է, պատրա՜ստ է, յարեց միւշիրը ժպտելով, իմ կանանոցիս մէջ կը գտնուի այս պահուս, Սասունի մեր զինուորական արշաւանքին է՛ն գեղեցիկ աւարներէն մէկը, հազիւ տասնինը տարու կայտառ աղջիկ մը, իսլամացած, տեսնե՜ս, ի՜նչ թովիչ աչքեր ունի գահպէն…։

Չըսե՞ս որ հիմակուընէ՛ մեր ճանկին մէջ ինկած է անգլիացի պատուիրակը, բացագանչեց վալին երկու ձեռքերը շփշփելով խնդումէն, աղջի՜կ թող պակսի մեր հարէմներուն մէջ, քանի՜ քանիներ այսօր կուտեն կը խմեն իմ կանանոցիս մէջ. հաւատա՛ խօսքիս, միւշի՜ր, այսօր, Պիթլիսի բովանդակ նահանգին մէջ, Մուշ ու շրջակաները, չպիտի՛ հանդիպիս իսլամ պէյի մը կամ աւատապետի մը, եւ կամ նոյն իսկ քիչ թէ շատ ազդեցիկ աղայի մը, որուն հարէմը շէնցած չըլլայ նորընծայ աղջիկներով ու կիներով, ամէնքն ալ Սասունի Դէպքին պարգեւնե՜րը…։

  Կարծեմ թէ, շարունակեց միւշիրը, ա՛լ հարկ չը կայ հոս դեգերելու. ժամավաճառ չըլլա՛նք, մեկնի՛նք հիմա. եւ ես, ա՛յս գիշեր կը կարգադրեմ խնդիրը, արդէն սպասաւորներէս Մէճիտ աղան մտերմութիւն ունի անգլիացի պատուիրակի «գավազ»ին հետ, երկո՛ւքն ալ Էրզրումցի են. ա՛յս գիշեր, պատուիրակին ականջը կը հասնի լուրը։ Միայն կը վախնամ որ չըլլա՛յ թէ կանանոցիս մէջ դժգոհութիւն ծագի այդ հայ աղջկան հեռացումէն, որովհետեւ, չե՜ս գիտեր, իր կերպերով, վարքով ու բարքով հարէմին ծաղիկը կը համարուի, ամէ՛նքն ալ կը սիրեն ու կը գգուեն զինքը, սակայն հոգ չէ, կը համոզենք, կը համոզե՜նք. մանաւանդ, երբ հասկնայ թէ՝ քրիստոնեայ մը պիտի զինք առնէ կնութեան, չե՛մ կարծեր թէ դժկամակի, ընդհակառակն, հրճուանքով պիտի ընդունի առաջարկը, քանի որ հարէմէն պիտի փոխադրուի քրիստոնեայ տո՜ւն մը, այնպէս չէ՞։

Անշո՜ւշտ, անշո՜ւշտ, պատասխանեց վալին, խաղալով խնդալո՜վ պիտի մեկնի։

Միւշիր ու վալի, բաւական թեթեւցած, մեկնեցան պալատէն։

Միւէզզինները մինարէներուն գագաթէն իրիկուան աղօթքի հրաւէրը կը կարդային Պիթլիսի իսլամ հաւատացեալներուն, որոնք խումբ խումբ կ’անցնէին փողոցներէն ու մզկիթները կը խռնէին։

Նոյն գիշերը, անգլիական ու ֆրանսական երկու պատուիրակները հրաւիրուած էին ռուսական պատուիրակին բնակարանը, ուր պիտի գումարուէին խորհրդակցութիւն մը կատարելու համար կացութեան վրայ։

Դարձեալ նոյն գիշերը, Ս. Էջմիածնայ տաճարին մէջ, աւագ խորանին ոտքը, ծնկագուճ կ’աղօթէր Ամենայն Հայոց սգաւոր Հայրապետը վասն արեւշատութեան Ամենայն Ռուսաց Մեծազօր Ցարին, որ ընդունած էր իր աղերսագիրը, եւ խիստ քննութիւն մը պահանջած էր Պոլսոյ իր Մեծ դեսպանին միջոցաւ, Սասունի մէջ գործուած քստմնելի ոճիրներուն վրայ։