ԺԸ.
Սուլթանին,
ու
եւրոպական
դահլիճներուն
եւ
մասնաւորապէս
բրիտանական
կառավարութեան
միջեւ
ամիսներով
փոխանակուած
թղթակցութիւններուն
եւ
բանակցութիւններուն
առանցքը
կը
կազմէր
Հայկական
Բարենորոգումներու
ծրագիրը,
որ,
Պոլսոյ
անգլիական,
ֆրանսական
ու
ռուսական
մեծ
դեսպաններուն
կողմէն
1895
մայիս
11ին
ներկայացուած
էր
Բ.
Դրան,
Յիշատակագրի
մը
հետ։
Ահաւասիկ
այդ
երկու
վաւերաթուղթերը,
որոնք
ամփոփուած
են
1896ի
անգլիական
Կապոյտ
Գրքի
Թ.
1
եւ
8,
էջ
35-40,
եւ
46
-55ի
մէջ։
ՅԻՇԱՏԱԿԱԳԻՐ
Մարտ
Ապրիլ
1895
Ասոր
կցուած
Ծրագիրը
կը
պարունակէ
իր
մէջ
բոլոր
այն
Բարենորոգումները,
որոնք
անհրաժեշտ
է
որ
մտցուին
ստորեւ
նշանակուած
վիլայէթներու
վարչային,
ելմտական
ու
դատաստանական
կազմակերպութեանը
մէջ։
Յարմար
դատուեցաւ
առանձին
Յիշատակագրով
մը
ներկայել
վարչային
բարեփոխութեան
որոշ
միջոցները,
որոնք
դուրս
են
թէեւ
անոր
շրջանակէն,
բայց
գլխաւոր
հիմերը
կը
կազմեն
նոյն
այդ
բարեփոխութեանց,
եւ
որոնց
գործադրուիլը
Բ.
Դրան
կողմէն՝
աւագ
կարեւորութիւն
ունի։
Ասոնք
են
հետեւեալները.
1.
Պակսեցնել
վիլայէթներուն
թիւը։
2.
Երաշխաւորել
վալիներուն
ընտրութիւնը։
3.
Քաղաքական
Հայ
բանտարկեալներուն
եւ
դատապարտեալներուն
ընդհ.
ներումը։
4.
Հայ
գաղթականներուն
եւ
աքսորեալներուն
վերադարձը։
5.
Ընդհանուր
քրէական
առկախ
մնացած
դատերուն
վերջնական
լուծումը։
6.
Քննել
բանտերուն
ու
բանտարկեալներուն
վիճակը։
7.
Նշանակել
Բարձր
Գօմիսէր
մը,
նահանգներուն
մէջ
մտցուելիք
բարենորոգումներուն
գործադրութեանը
վրայ
հսկելու
համար։
8.
Հաստատել
Մնայուն
Վերահսկող
Գօմիթէ
մը
Պոլսոյ
մէջ։
9.
Սասունի,
Տալվորիկի
եւ
ուրիշ
տեղերու
դէպքերէն
տուժած
Հայերուն
վնասուց
հատուցումը։
10.
Կանոնաւորել
կրօնափոխութեան
հետ
առնչութիւն
ունեցող
գործերը։
11.
Պահպանել
եւ
ճշդիւ
գործադրել
Հայերուն
շնորհուած
իրաւունքներն
ու
առանձնաշնորհումները։
12.
Բարելաւել
Ասիական
Թուրքիոյ
միւս
նահանգներու
Հայերուն
կացութիւնը։
1.
Պակսեցնել
վիլայէթներուն
թիւը.
–
Քանի
որ
Բարենորոգումները
պէտք
է
մտցուին
Էրզրումի,
Պիթլիսի,
Վանի,
Սվազի,
ՄամուրէթԻւլԱզիզի
ու
Տիարպէքիրի
մէջ,
կարեւոր
է
ուսումնասիրել
վիլայէթներուն
թիւը
պակսեցնելու
հարցը։
Այս
նոր
բաժանումով
կարելի
է
իրագործել
վարչական
ընդհանուր
ծախքերու
որոշ
խնայողութիւններ,
եւ
վալիներուն
թիւը
պակսեցնելով,
թերեւս
դիւրացնել
անոնց
ընտրութիւնը,
միեւնոյն
ժամանակ
բարձրացնել
անոնց
հեղինակութիւնը,
բարելաւելով
իրենց
նիւթական
վիճակը։
Ու
այդ
ամէնը
կատարել
պէտք
է
այնպիսի
եղանակով
մը,
որ
ազգաբնակութեան
բաժանումը
վերածուի
այնպիսի
ցեղագրական
խումբերու,
որոնք
մէն
մի
նահանգի
վարչական
ստորաբաժանումներուն
մէջ
ըստ
կարելւոյն
համացեղ
ըլլան
[1]
։
2.
Երաշխաւորել
վալիներուն
ընտրութիւնը.
–
Մեծ
տէրութիւնները՝
աւագ
կարեւորութիւն
տալով
վալիներու
ընտրութեան,
որոնցմէ
էապէս
կախում
պիտի
ունենայ
Պերլինի
դաշնագրով
նախատեսուած
բարենորոգումներուն
իրագործումը,
որոշած
են
Բ.
Դրան
ազդարարութիւններ
ուղղել
ամէն
անգամ,
երբ
պաշտօնին
անյարմար
անձ
մը
վալի
կ’ընտրուի։
Ուստի
անոնք
անհրաժեշտ
կը
համարին
որ,
այս
կէտերու
վերաբերութեամբ
անհաճոյ
թիւրիմացութիւններէ
զերծ
մնալու
համար,
օսմանեան
կայսերական
կառավարութիւնը
վաղօրօք,
կէսպաշտօնական
ձեւով
իմացնէ
այն
անձերուն
անունները,
որոնց
ընտրութիւնը
կ’առաջադրուի։
3.
Ընդհանուր
ներում.
–
Ն.
Կայս.
Վեհ.
Սուլթանը
պէտք
է
ընդհանուր
ներում
շնորհէ
բոլոր
այն
Հայերուն,
որոնք
ամբաստանուած
կամ
դատապարտուած
են
քաղաքական
յանցանքներու
համար,
եւ
որոնց
հանրային
իրաւունքի
դէմ
գործուած
ոճիրներու
մէջ
մասնակցութիւնը
չէ՛
ապացուցուած։
4.
Գաղթականներուն
վերադարձը.
–
Բոլոր
Հայերը,
ի՛նչ
կրօնի
ալ
պատկանին,
որոնք
առանց
դատաստանի
արտաքսուած
են
Օսմանեան
պետութեան
սահմաններէն
կամ
իրենց
բնակած
գաւառէն,
եւ
կամ
որոնք,
աղքատութեան
պատճառաւ
կամ
վերջերս
պատահած
դէպքերու
երկիւղէն,
առանց
ասոնց
մէջ
ո՛
եւ
է
մասնակցութիւն
ունեցած
ըլլալու,
ստիպուած
են
պանդխտել,
արտօնութիւն
պէտք
է
ստանան
ազատօրէն
վերադառնալու
Թուրքիա
կամ
իրենց
թողելու
ստիպուած
գաւառները,
առանց
ո՛
եւ
է
ճնշում
կրելու
տեղական
իշխանութիւններուն
կողմէն։
Անոնք
պէտք
է
վերստանան
երկրէն
գաղթելէ
առաջ
իրենց
ունեցած
նախկին
սեփականութիւնները։
5.
Առկախ
մնացած
դատերուն
լուծումը.
–
Ընդհանուր
քրէական
յանցանքներու
եւ
ոճիրներու
բոլոր
խնդիրները,
որոնց
դատական
քննութիւնը
ցարդ
առկախ
կը
մնայ,
պէտք
է
առանց
յետաձգման
լուծում
ստանան։
Կ.
Պոլսէն
մասնաւոր
Դատաստանական
Յանձնաժողովներ
պիտի
ղրկուին
ամէն
վիլայէթ,
որոնք
իւրաքանչիւր
սանճագի
կեդրոնին
մէջ
պիտի
շուտով
քննեն
ու
վերջ
տան
առկախ
մնացած
դատերուն։
Ասոնց
վճիռներուն
դէմ
չպիտի
բողոքուի։
Այդ
Յանձնաժողովները
պիտի
բաղկանան
մէկ
նախագահէ
եւ
երկու
անդամներէ,
մէկը՝
մահմէտական,
միւսը՝
քրիստոնեայ։
Ասոնց
պիտի
ընկերանան
մէկ
հարցաքննիչ
դատաւոր
եւ
մէկ
դատախազ.
այս
վերջիններէն
մէկը
քրիստոնեայ
պէտք
է
ըլլայ։
6.
Բանտերու
վիճակը.
–
Կ.
Պոլսէն
բարձրաստիճան
պաշտօնատարներ
պիտի
ղրկուին
իւրաքանչիւր
վիլայէթի
բանտերը
քննելու
եւ
ասոնց
իրական
վիճակը
որոշելու,
նաեւ
քննելու
բանտարկեալներուն
վիճակը,
եւ
թէ
ի՛նչպէս
կը
պահուին
անոնք։
Պիտի
քննեն
նաեւ
տնօրէններուն
ու
բանտապահներուն
վարմունքը,
եւ
պիտի
լիազօրութիւն
ունենան
անմիջապէս
պաշտօնանկ
ընելու
կամ
դատաստանի
ենթարկելու
ամէն
անոնք,
որ
բանտային
օրէնքներով
սահմանուած
կանոնները
չե՛ն
գործադրած,
դատապարտուածներուն
կամ
վճիռնին
սպասողներուն
նկատմամբ։
Այս
բարձրաստիճան
պաշտօնատարներուն
իւրաքանչիւրը
պիտի
ունենայ
մէկ
օգնական,
որ
պէտք
է
քրիստոնեայ
ըլլայ,
եթէ
պաշտօնատարը
մահմէտական
է,
եւ
փոխադարձաբար։
Անոնք,
առ
առաւելն
չորս
ամսուան
մէջ,
պարտաւոր
են
պատրաստել
տեղեկագիր
մը,
որ
պիտի
պարունակէ
իրենց
բոլոր
դիտողութիւնները,
իբր
արդիւնք
իրենց
յանձնուած
պաշտօնին,
ինչպէս
նաեւ
բոլոր
բարեփոխումները,
որոնք
անհրաժեշտ
են
բանտերու
վիճակը,
եւ
բանտի
պաշտօնեաներուն
գործունէութիւնը
բարելաւելու։
7.
Վերահսկող
Բարձր
Գօմիսէրը.
–
Նոր
վալիները,
հէ՛նց
որ
կը
նշանակուին,
պէտք
է
երթան
նահանգին
գլխաւոր
քաղաքը,
նոր
ծրագրի
հիմերուն
համաձայն
կազմակերպելու
համար
նոր
վարչութիւնը։
Անոնք
պիտի
իրենց
պաշտօնին
վրայ
հաստատեն
կառավարութենէն
նշանակուած
միւթէսարրիֆները,
գայմագամները,
եւ
պիտի
որոշեն
իւրաքանչիւր
գազայի
մէջ
գտնուող
նահիյէներուն
սահմանները։
Անոնք
ընտրելիներու
ցանկ
մը
պատրաստել
տալով
պիտի
կատարեն
Նահիյէներու
ժողովներուն
ու
Միւտիրներուն
ընտրութիւնը։
Անոնք
պէտք
է
ուշադիր
ըլլան
որ՝
անյապաղ
ընտրուին
հարկահաւաքները,
եւ
ո՛րքան
կարելի
է
շուտով
կատարուին
նահանգին
պիւտճէին
որոշումը,
ինչպէս
նաեւ
զանազան
վարչային
ստորաբաժանումներուն
մէջ
տուրքերուն
բաշխումը
եւ
ծախքերու
վերաբերեալ
կարգադրութիւնները։
Այս
բարենորոգումներու
կէտ
առ
կէտ
ու
շուտով
գործադրութեանը
պիտի
հսկէ
Բարձր
Գօմիսէր
մը,
որ
պիտի
կարգուի
յատկապէս
Նորին
Վեհ.
Սուլթանին
կողմէն,
եւ
որ
պէտք
է
արժանացած
ըլլայ
Մեծ
Տէրութեանց
հաւանութեանը։
Իր
պաշտօնավարութեան
ամբողջ
ընթացքում,
ասիկա
լիազօր
իշխանութիւն
պիտի
ունենայ
վալիներուն
վրայ,
որոնք
պարտաւոր
են
իրեն
զեկուցանել
բոլոր
միջոցները,
որոնց
պիտի
ձեռնարկեն
նոր
կանոնները
գործադրելու
համար։
Կայսերական
այս
Բարձր
Գօմիսէրը
խնդրագիրներ
ու
աղերսագիրներ
պիտի
ընդունի
բնակիչներուն
կողմէն,
եւ
պիտի
զանոնք
նկատի
առնէ
նոր
կազմակերպութեան
կանոններուն
ներած
չափովը։
Անիկա
իր
պաշտօնը
պիտի
լրացնէ,
երբ
ընդհանուր
քննութիւն
մը
կատարէ
բոլոր
վիլայէթներուն
մէջ
եւ
իրաւասութիւն
պիտի
ունենայ
արգիլելու
այն
միջոցները,
որոնք
նոր
կազմակերպութեան
եւ
կանոններուն
համաձայն,
չեն
կրնար
գործադրուիլ։
Կայսերական
Բարձր
Գօմիսէրը
պիտի
ունենայ
օգնական
մը,
որ
քրիստոնեայ
պէտք
է
ըլլայ,
երբ
Գօմիսէրը
մահմէտական
է,
եւ
փոխադարձաբար։
8.
Գօնթրօլի
մնայուն
յանձնաժողովը.
–
Բ.
Դրան
մէջ
պիտի
հաստատուի
Գօնթրօլի
Մնայուն
Յանձնաժողով
մը,
որ
պիտի
հսկէ
Բարենորոգումներուն
ճշգրիտ
գործադրութեանը։
Յանձնաժողովին
նախագահը
կայսրութեան
քաղաքային
կամ
զինուորական
բարձրաստիճան
պաշտօնատարներէն
մէկը
պէտք
է
ըլլայ։
Յանձնաժողովը
պիտի
կազմուի
կայսրութեան
քաղաքային
բարձրաստիճան
պաշտօնեաներէն
առնուած
վեց
անդամներէն,
որոնք
հմուտ
պէտք
է
ըլլան
վարչական,
ելմտական
եւ
դատական
խնդիրներու։
Ասոնցմէ
երեքը
մահմէտական
եւ
երեքը՝
քրիստոնեայ
պէտք
է
ըլլան։
Այս
Յանձնաժողովը
Բ.
Դուռը
պիտի
նիստ
գումարէ
ամիսը
գոնէ
մէկ
անգամ։
Յանձնաժողովին
պաշտօնը
պիտի
ըլլայ.
–
հսկել
օրէնքներուն
եւ
կանոններուն
ճշգրիտ
գործադրութեանը
վրայ,
հրաւիրել
Բ.
Դրան
ուշադրութիւնը
վարչութեանց
մէջ
տեղի
ունեցող
անկանոնութեանց
եւ
իրենց
պարտականութեանց
մէջ
թերացած
պաշտօնեաներուն
վրայ.
ընդունիլ
աղերսագիրներ
եւ
վերահասու
ըլլալ
ժողովուրդի
փափագներուն
ու
գանգատներուն,
քննել
նաեւ
ժողովուրդի
ներկայացուցիչներուն
կողմէն
իրեն
ուղղուած
տեղեկագրերը։
Դեսպաններն
ալ
այդ
Յանձնաժողովին
պիտի
հասցնեն
իրենց
թարգմաններուն
միջոցաւ
իրենց
անհրաժեշտ
նկատած
բոլոր
տեղեկութիւններն
ու
թղթակցութիւնները։
Յանձնաժողովը
իրաւասութիւն
պիտի
ունենայ
վալիներէն
պահանջելու
տեղեկագրեր,
իրեն
քննութեան
առարկայ
ըլլալիք
խնդիրներու
նկատմամբ։
Վալիները
պարտաւոր
են
տարին
երկու
անգամ
այս
Յանձնաժողովին
ղրկել
բանտերուն
եւ
բանտարկեալներուն
վրայ
մանրամասն
տեղեկագրութիւններ։
Յանձնաժողովը՝
իրաւունք
ունի,
ի
պահանջել
հարկին,
իր
անդամներէն
մէկը
կամ
մէկքանիները
վիլայէթները
ղրկել,
քննական
պտոյտ
կատարելու։
Յանձնաժողովը
Բ.
Դրան
տեղեկագիրներ
պիտի
յանձնէ
բոլոր
այս
հարցերու
մասին,
եւ
իրաւունք
պիտի
ունենայ
անմիջական
յարաբերութեան
մտնելու
վալիներուն
եւ
նախարարական
ձեռնհաս
պաշտօնատուններուն
հետ։
9.
Սասունի,
Տալվորիկի
եւ
ուրիշ
տեղերու
դէպքերէն
տուժած
Հայերուն
վնասուց
հատուցումը.
–
Սասունի,
Տալվորիկի
եւ
ուրիշ
տեղերու
դէպքերուն
մէջ
թէ՛
անձի
եւ
թէ
ստացուածքի
կորուստ
ունեցող
Հայերը
պէտք
է
համահաւասար
փոխարինում
ստանան։
Կայսերական
Վերահսկիչ
Բարձր
Գօմիսէրին
պաշտօն
պիտի
յանձնուի
ուսումնասիրել
այդ
գործը
եւ
ձեռք
առնել
նպատակայարմար
միջոցներ։
Ժ.
Կրօնափոխութիւն.
–
Բ.
Դուռը
պէտք
է
խնամք
տանի
որ
կրօնափոխութեան
խնդիրը
երաշխաւորուած
ըլլայ
ապահովիչ,
սկզբունքներով,
որոնք
կը
բղխին
1856ի
Խաթթը
Հիւմայունի
10,
11,
12
յօդուածներուն
տրամադրութիւններէն,
եւ
որոնք
յաճախ
մնացած
են
առանց
գործադրութեան։
Կրօնափոխ
ըլլալու
փափագող
անհատներ
պէտք
է
չափահաս
ըլլան,
բայց
իրենց
յայտարարութենէն
մէկ
շաբաթ
ետքը
միայն
կրնան
կրօնափոխ
ըլլալ,
պայմանով
որ
այդ
շաբթուան
ընթացքում,
իրենց
դաւանած
կրօնի
պետին
հսկողութեանը
տակ
դրուին։
11.
Հայոց
առանձնաշնորհումներուն
պահպանումը.
–
Բ.
Դուռը
պէտք
է
որոշ
հրահանգներ
տայ
արգիլելու
որ
չը
խախտուին
հայոց
եկեղեցականութեան
ու
հայ
հասարակութեան
իրաւունքներն
ու
առանձնաշնորհումները,
որոնք
իրենց
յատկացուցուած
են
1863ի
Սահմանադրութեան
եւ
Սուլթաններու
Պէրաթներուն
շնորհիւ։
12.
Ասիական
Թուրքիոյ
միւս
վիլայէթներուն
Հայոց
վիճակը.
–
Ասիական
Թուրքիոյ
միւս
վիլայէթներուն
մէջ,
ուր
հայ
բնակչութիւնը՝
ընդհանուր
ազգաբնակութեան
հետ
բաղդատուելով
մեծամասնութիւն
կը
կազմէ
որոշ
սանճագ
ներու
մէջ,
վալիներուն
քով
պէտք
է
դրուի
քրիստոնեայ
պաշտօնեայ
մը,
որուն
պիտի
յանձնուի
մասնաւորապէս
Հայոց
շահերուն
պաշտպանութիւնը։
Այդ
պաշտօնեան
պէտք
է
ընդունի
հայ
ազգաբնակութեան
աղերսագրերն
ու
գանգատները
եւ
զանոնք
պիտի
ներկայացնէ
վալիին,
որ
իրեն
հետ
խորհրդակցելէ
յետոյ,
մասնաւոր
ուշադրութիւն
պիտի
ընծայէ
անոնց
պարունակութեան։
Ատկէ
զատ,
այդ
պաշտօնեան
պէտք
է
կանոնաւորապէս
տեղեկագիրներ
ղրկէ
Կ.
Պոլսոյ
Վերահսկիչ
Մնայուն
Յանձնաժողովին։
Եթէ
վիլայէթներուն
մէջ
տեղեր
կան
–
ինչպէս
Հաճըն
՝
Ատանայի
վիլայէթին
մէջ
եւ
Զէթուն՝
Հալէպի
վիլայէթին
մէջ-,
ուր
Հայերը
բնակչութեան
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն,
վարչական
արդի
կազմակերպութիւնը
պէտք
է
բարեփոխուի
եւ
նահիյէներու
կազմութեան
վերաբերեալ
Ծրագրին
տրամադրութիւնները
պէտք
է
այդ
գիւղերուն
մէ՛ջ
ալ
գործադրուին,
որոնք
այս
կերպով
պիտի
կազմեն
վարչական
ուրոյն
միութիւններ։
ԾՐԱԳԻՐ
ՎԱՐՉԱԿԱՆ
ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ
(Բ.
Դրան
մատուցուած,
1895
Մայիս
11ին)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԵՑ
ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ
ՀԱՄԱՐ
(Էրզրումի,
Պիթլիսի,
Վանի,
Սվազի,
ՄամուրէթիւլԱզիզի
եւ
Տիարպէքիրի
հիմակուան
վիլայէթները)
ԳԼՈՒԽ
Ա.
–
Վալիներ
Յօդ.
1.
–
Վալիները
կ’ընտրուին
առանց
կրօնի
խտրութեան,
պետութեան
բարձրաստիճան
պաշտօնեաներէն,
որոնք
բարձր
իմացականութեան,
ընդունակութեան
եւ
ուղղամտութեան
տէր
մարդեր
ճանչցուած
են։
Հետեւաբար,
այն
անձնաւորութիւնները,
որոնց
անուանումը
ընդհանուր
դժգոհութեան
առիթ
կուտայ
եւ
հանրային
ու
քաղաքական
պատճառներով
անյարմար
կը
նկատուի,
պէտք
չէ՛
նշանակուին
վալիութեան
պաշտօնին
մէջ։
Բ.
Դուռը
համոզուած
ըլլալով
որ
Բարենորոգումներուն
եւ
ձեռք
առնուելիք
միջոցներուն
արդիւնաւոր
գործադրութիւնը
կախում
ունի
վիլայէթներու
վարչութեան
գլուխը
դրուելիք
անձերու
բարձր
յատկութիւներէն,
պէտք
է
ամէն
ջանք
ի
գործ
դնէ
որ
կառավարութեան
կողմէն
ընտրելի
նշանակուած
այդ
պաշտօնեաները՝
ունենան
պահանջուած
յատկութիւնները։
Յօդ.
2.
–
Այդ
եղանակով
նշանակուած
վալիները
կարելի
չէ՛
պաշտօնանկ
ընել
կամ
փոխել,
մինչեւ
որ
անոնք,
վաւերական
քննութենէ
մը
յետոյ
իրենց
ապօրինի
արարքներով
յանցապարտ
հռչակուած
չըլլան։
Անոնք
հինգ
տարուան
համար
կ’ընտրուին
եւ
վերընտրելի
են։
Յօդ.
3.
–
Վալիները
պէտք
է
ունենան
մուավիններ
(
օգնական),
որոնք
պիտի
ընտրուին
քրիստոնեաներէ,
երբ
վալիները
մահմէտական
են,
եւ
մահմէտականներէ՝
եթէ
վալիները
քրիստոնեայ
են։
Մուավինները,
ինչպէս
նաեւ
վալիները,
պիտի
կարգուին
Ն.
Կ.
Վ.
Սուլթանին
կողմէն։
Մուավինները
պիտի
յատկապէս
վալիի
կողմէն
ղրկուին
նահանգի
բնակիչներէն
խնդրագրեր
ընդունելու,
ոստիկանութեան
եւ
բանտերուն
վրայ
հսկելու
եւ
հարկերու
հաւաքումը
գօնթրօլի
մը
տակ
առնելու։
Վալիներուն
բացակայութեան
միջոցին,
իրե՛նք
պիտի
կառավարեն
Վիլայէթը։
Վալիին
պիտի
աջակցի
նաեւ
ստորեւ
գծուած
պայմաններուն
համաձայն
ընտրուած
Ընդհանուր
Ժողովը,
որուն
պարտականութիւնը
պիտի
ըլլայ
իրենց
խորհրդակցութեան
առարկայ
ընել
հանրային
օգտին
ծառայող
գործերը,
ինչպէս
են՝
հաղորդակցութեան
ճամբաներու
շինութիւնը,
երկրագործական
վարկի
սնտուկներու
կազմակերպումը,
երկրագործութեան,
վաճառականութեան
եւ
ճարտարարուեստի
զարգացումը,
եւ
հանրային
կրթութեան
ծաւալումը։
ԳԼՈՒԽ
Բ.
–
Միւթէսարրըֆներ
Յօդ.
4.
–
Միւթէսարրըֆները,
որոնք
սանճագներու
գլուխը
պիտի
անցնին,
Ն.
Կ.
Վ.
Սուլթանին
կողմէն
կը
կարգուին։
Մէն
մի
վիլայէթի
մէջ
որոշ
թիւով
քրիստոնեայ
միւթէսարրըֆներ
պէտք
է
ըլլան։
Քրիստոնեայ
միւթէսարրըֆները
պէտք
է
նշանակուին
այն
սանճագներու
մէջ,
ուր
քրիստոնեաները
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն։
Վիլայէթներու
մէջ,
ուր
միայն
մէկ
միւթէսարրըֆ
կայ,
պէտք
է
անպայման
քրիստոնեայ
ըլլայ
ան,
եթէ
վալին
մահմէտական
է։
Միւթէսարրըֆները
մուավիններ
պիտի
ունենան,
որոնք
քրիստոնեայ
պէտք
է
ըլլան,
եթէ
միւթէսարրըֆը
մահմէտական
է,
եւ
փոխադարձաբար։
Միւթէսարրըֆներուն
բացակայութեանը
միջոցին՝
մուավինները
պիտի
կատարեն
միւթէսարրըֆի
պաշտօնը։
ԳԼՈՒԽ
Գ.
–
Գայմագամներ
Յօդ.
5.
–
Գայմագամները
Ն.
Կ.
Վ.
Սուլթանին
կողմէն
կ’անուանուին
վալիին
առաջարկութեան
համաձայն։
Ասոնք
վալիին
ձեռքով
կ’ընտրուին
այն
անձերու
մէջէն,
որոնք
ժողովուրդին
վստահութիւնը
կը
վայելեն
ու
գոյութիւն
ունեցող
օրէնքները
լիուլի
կը
գոհացնեն։
Իւրաքանչիւր
սանճագի
մէջ
որոշեալ
թիւով
քրիստոնեաներ
այս
պաշտօնին
պիտի
կոչուին։
Քրիստոնեայ
գայմագամներ
պէտք
է
նշանակուին
այն
գազաներու
մէջ,
ուր
քրիստոնեաները
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն։
Յոդ.
6.
–
Ո՛
եւ
է
պարագայի
տակ,
քրիստոնեայ
միւթէսարըֆներուն
ու
գայմագամներուն
թիւը՝
ամբողջ
վիլայէթին
մէջ
գտնուող
միւթէսարըֆներուն
ու
գայմագամներուն
թիւին
մէկ
երրորդէն
պակաս
չի՛
կրնար
ըլլալ։
Գայմագամն
ալ,
միւթէսարըֆին
նման,
պէտք
է
ունենայ
մուավին
մը,
որ
կ’ըլլայ
քրիստոնեայ,
եթէ
գայմագամը
մահմէտական
է,
եւ
փոխադարձաբար։
Միւթէսարըֆներն
ու
գայմագամներն
ալ,
պէտք
է
իրենց
քով
ունենան
Նահանգային
ընդհանուր
ժողովներուն
նման
ժողով
մը։
Գազայի
ժողովը
կ’ընտրուի
նահիյէներու
ժողովներու
կողմէն,
եւ
սանճագի
ժողովը
՝
գազաներու
ժողովներուն
կողմէն.
իսկ
նահանգային
ընդհանուր
ժողովը
կ’ընտրուի
սանճագներուն
կողմէն։
Ո՛չ
մէկ
պաշտօնեայ
չկրնար
անդամակցիլ
այդ
ժողովներուն։
Այս
ժողովներէ
իւրաքանչիւրին
կը
նախագահեն
վալիները,
միւթէսարրըֆները,
գայմագամները։
Ժողովները
պէտք
է
բաղկանան,
բացի
նախագահէն,
չորս
անդամներէ,
որոնց
երկուքը
մահմէտական
պիտի
ըլլան
եւ
երկուքը՝
քրիստոնեայ։
ԳԼՈՒԽ
Դ.
–
Նահիյէներ
Յօդ.
7.
–
Իւրաքանչիւր
գազա
կը
բաժնուի
որոշ
թիւով
նահիյէներու։
Նահիյէն
հողային
ստորաբաժանում
մըն
է,
որ
իր
մէջ
կը
պարունակէ
քանի
մը
գիւղեր,
իրենց
անշարժ
կալուածներով,
դաշտերով,
արօտավայրերով
եւ
ուրիշ
հողերով։
Նահիյէի
կարեւորագոյն
տեղը
պիտի
համարուի
կեդրոնական
գլխաւոր
գիւղը։
Իւրաքանչիւր
նահիյէի
սահմանագծումը
պէտք
է
ըստ
կարելւոյն
այնպիսի
եղանակով
մը
կատարուի
որ
համակրօն
գիւղերը
մէկ
նահիյէի
մէջ
մտնեն։
Պէտք
է
ընդհանրապէս
նկատողութեան
առնել
բնակիչներուն
տեղագրական
եւ
ազգագրական
հանգամանքները,
ինչպէս
նաեւ
ժողովուրդին
յարմարութիւնները։
Նահիյէն
պէտք
է
ունենայ
առ
նուազն
2000
եւ
առ
առաւելն
10000
բնակչութիւն։
Նահիյէի
մը
մասը
կազմող
գիւղերու
իւրաքանչիւր
խումբ,
որ
1000էն
պակաս
բնակիչ
չը
հաշուեր,
կրնայ
պահանջել
որ
ուրոյն
նահիյէ
մը
կազմուի,
պայմանով
որ
ի՛նք
ստանձնէ
նորակազմ
վարչութեան
ծախքերուն
հոգը։
Յօդ.
8.
–
Իւրաքանչիւր
նահիյէ
պիտի
կառավարուի
միւտիրով
մը,
իրեն
օժանդակ
ունենալով
ժողովուրդէն
ընտրուած
ժողով
մը,
որ
պէտք
է
կազմուած
ըլլայ
առ
նուազն
չորս
եւ
առ
առաւելն
ութ
անդամներէ։
Այս
ժողովը
կ’ընտրէ
միւտիր
մը
եւ
անոր
օգնական
մը,
իր
անդամներուն
մէջէն։
Միւտիրը
բնակչութեան
մեծամասնութիւնը
կազմող
դասակարգին
պիտի
պատկանի,
իսկ
օգնականը՝
փոքրամասնութեան։
Յօդ.
9.
–
Եթէ
նահիյէի
մը
բնակիչները
կը
պատկանին
ամբողջովին
մէկ
դաւանութեան,
Ժողովին
անդամները
պէտք
է
ընտրուին
նոյն
դաւանութեան
պատկանող
բնակիչներէն.
իսկ
եթէ
նահիյէին
բնակչութիւնը
խառն
է,
փոքրամասնութիւնը
կազմողնե՛րն
ալ
իրենց
կարեւորութեան
համեմատ
ներկայացուցիչներ
պիտի
ունենան,
պայմանաւ
որ
25
տունէն
պակաս
չըլլան։
Յօդ.
10.
–
Միւտիրները
ռոճիկ
մը
կը
ստանան
նահիյէներու
պիւտճէին
ներած
չափովը։
Մասնաւոր
թոշակ
մը
կը
յատկացուի
նաեւ
ժողովի
քարտուղարին։
Նահիյէի
ժողովին
գումարման,
ինչպէս
նաեւ
անոր
վարչութեան
ատեանին
համար
մասնաւոր
շէնք
մը
կը
յատկացուի։
Յօդ.
11.
–
Նահիյէի
ժողովին
անդամները
պէտք
է
օսմանեան
հպատակ
ըլլան
եւ
շահեր
ունենան
նահիյէին
մէջ,
եւ
երեսուն
տարին
լրացուցած
ըլլան։
Ասոնք
պէտք
է
ընտրուին
ա՛յն
անձերէն,
որոնք
տարեկան
գոնէ
100
ղշ.
հարկ
կը
վճարեն
եւ
որոնք
երբէք
դատապարտուած
չե՛ն։
Յօդ.
12.
–
Ժողովին
անդամները
իրենցմէ
մէկը
միւտիր
ընտրելէ
անմիջապէս
յետոյ,
անոր
անունը
պէտք
է
հաղորդեն
վալիին,
որ
անոր
պաշտօնը
կը
վաւերացնէ,
երբ
համոզուի
թէ
ընտրութեան
օրինական
պայմանները
յարգուած
են։
Յօդ.
13.
–
Իմամները,
քահանաները,
ուսուցիչները,
եւ
կառավարական
գործերու
մէջ
գտնուող
բոլոր
անձերը
չեն
կրնար
ընտրելի
ըլլալ
միւտիրութեան։
Յօդ.
14.
–
Ժողովի
անդամներուն
կէսը
պէտք
է
տարուէ
տարի
նորոգուի։
Միւտիրին
պաշտօնը
կը
տեւէ
երկու
տարի.
եւ
միւտիր
ու
անդամներ
չե՛ն
կրնար
յաջորդաբար
վերընտրուիլ,
մինչեւ
որ
երկուքին
միջեւ
շրջան
մը
չը
բոլորուի։
Յօդ.
15.
–
Միւտիրին
ժողովի
անդամներուն
իրաւասութիւնները,
ինչպէս
նաեւ
անոնց
ընտրութեան
ու
յաջորդութեան
եղանակը
կը
ճշդուի
նահիյէներու
վարչական
կանոնադրութեան
14,
16,
17,
20,
21,
22,
23,
24,
25,
26
յօդուածներուն
ու
Եւրոպական
Թուրքիոյ
Վիլայէթներուն
Օրինագիծին
12րդ
Գլուխին
մէջի
արձանագրութեանց
համաձայն։
Յօդ.
16.
–
Նահիյէի
գիւղերուն
իւրաքանչիւրը
կ’ունենայ
մէկ
մուխթար
։
Եթէ
գիւղը
կը
բաղկանայ
քանի
մը
թաղերէ
եւ
իր
բնակիչները
կը
պատկանին
զանազան
դաւանանքներու,
իւրաքանչիւր
թաղ
եւ
իւրաքանչիւր
դասակարգ
իրեն
համար
մուխթար
մը
պիտի
ունենայ։
Յօդ.
17.
–
Ո՛չ
մէկ
գիւղ,
ի՛նչ
որ
ալ
ըլլայ
իր
բնակիչներուն
թիւը
կամ
իր
դիրքը,
չկրնար
միանգամայն
պատկանիլ
երկու
նահիյէի,
իր
մէկ
մասովը՝
մէկուն,
եւ
միւս
մասովը՝
միւսին։
ԳԼՈՒԽ
Ե.
–
Ոստիկանութիւն
Յօդ.
18.
–
Ոստիկանութեան
պաշտօնեաները
կ’առնուին
Նահիյէի
բնակիչներէն,
առանց
կրօնի
խտրութեան
եւ
կ’ընտրուին
Նահիյէի
ժողովին
կողմէն,
եւ
պէտք
է
ըլլան
բաւականաչափ
թիւով
մը,
լրացնելու
համար
տեղական
պէտքերը,
եւ
մասնակցելու
համար
վիլայէթի
ոստիկան
զինուորներու
ծառայութեանը։
Յօդ.
19.
–
Ոստիկանութեան
պաշտօնեաները
միւտիրներու
հրամանին
ներքեւ
կը
դրուին
եւ
կը
կառավարուին
գլխաւոր
պաշտօնեաներէ,
որոնք
չավուշներու
եւ
օնպաշիներուն
համազօր
պաշտօն
մը
կ’ունենան։
Ասոնք
պէտք
է
զէնք
կրեն
եւ
ունենան
համազգեստ,
որուն
տարազը
վերջէն
պիտի
որոշուի։
Ասոնք
թոշակ
պիտի
ստանան
նահիյէի
պիւտճէէն,
եւ
կրնան,
ոստիկանութեան
ծառայութենէն
դուրս,
ուրիշ
անձնական
գործերով
ալ
զբաղիլ։
Կրնան
հեծեալ
կամ
հետեւակ
ըլլալ,
նայելով
իրենց
ծառայութեան
պահանջումին։
Ոչ
մահմէտականները,
որոնք
պարտաւոր
են
զինուորական
տուրք
վճարելու
երբ,
ոստիկանութեան
մէջ
կը
ծառայեն՝
զերծ
կը
մնան
այդ
վճարումէն,
իրենց
ոստիկանական
ծառայութեան
տեւողութեան
ամբողջ
ընթացքին
մէջ։
Յօդ.
20.
–
Նահիյէի
ոստիկանութեան
պաշտօնեաներուն
գլխաւոր
պարտաւորութիւնը
պէտք
է
ըլլայ
կարգ
ու
խաղաղութիւն
պահպանել
տեւականօրէն
Նահիյէի
շրջանին
մէջ
ու
ճամբաներուն
վրայ։
Ասկէ
զատ,
միւտիրի
հրամանին
համաձայն,
պարտին
իրենց
մէջէն
ուղեկիցներ
դնել
պետական
թղթատարին
հետ
եւ
օգնել
միւտիրին,
երբ
ասոնք
կը
փափաքին
գործադրել
իրենց
արձակած
դատավճիռներն
ու
օրէնքին
տրամադրութիւնները։
ԳԼՈՒԽ
Զ.
–
Ոստիկան
Զինւորներ
Յօդ.
21.
–
Իւրաքանչիւր
նահանգի
մէջ,
մասնաւոր
օրէնքի
մը
հիման
վրայ,
նահանգային
ոստիկանզինւորութեան
մարմին
մը
պիտի
կազմուի,
որուն
բարձր
ու
հասարակ
(սպայ
ու
զինւոր)
պաշտօնեաները
պիտի
կրնան
ընտրուիլ
կայսրութեան
ամէն
դասակարգի
հպատակներուն
մէջէն։
Ոստիկան-զինւորութիւնը
պիտի
կազմուի
նահանգին
ծառայելու
կարող
բնակիչներէն,
առանց
ցեղի
կամ
կրօնի
խտրութեան։
Ասոր
երկու
երրորդ
մասը
պիտի
ընտրուի
նահիյէի
ոստիկաններէն,
կէսը
մահմէտական
պաշտօնեաներէն
եւ
միւս
կէսը՝
նահիյէներուն
քրիստոնեայ
պաշտօնեաներէն
ըլլալով։
Իսկ
միւս
երրորդը՝
պիտի
ընտրուի
կանոնաւոր
զօրքերու
Չավուշներուն
ու
Պաշ-Չավուշներուն
ամէնէն
կարողներուն
մէջէն։
Կարգապահութեան
ու
զինավարժութեան
տեսակէտով,
ոստիկան
զինւորութիւնը
պիտի
գտնուի
Պատերազմական
Նախարարի
իշխանութեան
տակ։
Ծախքը
կը
հոգացուի
վիլայէթին
պիւտճէովը։
Ոստիկան
զինւորներու
գունդին
սպաները
պէտք
չէ՛
որ
կանոնաւոր
բանակներու
սպաներուն
թոշակներէն
պակաս
թոշակ
ստանան։
ԳԼՈՒԽ
Է.
–
Բանտեր
Յօդ.
22.
–
Ձերբակալուած,
բայց
դեռ
չը
դատապարտուած
անձեր,
պէտք
չէ՛
բանտին
մէջ
միասին
դրւին
այն
անձերուն
հետ,
որոնք
իրենց
դատապարտութեան
պատիժը
կը
կրեն
հոն։
Բանտերուն
մէջ
մասնաւոր
խնամք
պէտք
է
տարուի
առողջապահական
կանոններուն
եւ
պէտք
է
հսկողութիւն
ըլլայ
որ
չըլլայ
թէ
բանտարկեալները
խստութեանց
ենթարկուին։
Վալին
պիտի
նշանակէ
բանտերու
տնօրէններն
ու
բանտապահները,
որոնց
մէջ
պէտք
է
որոշ
թիւ
մը
գտնուի
ոստիկաններէն
եւ
ոստիկան
զինւորներէն
ալ։
ԳԼՈՒԽ
Ը.
–
Նախաքննիչ
Յանձնաժողով
Յօդ.
23.
–
Վալիները
վիլայէթներուն
ու
սանճագներուն
կեդրոնները
կը
հաստատեն
Նախաքննիչ
Յանձնաժողովներ,
մէկ
նախագահէ
եւ
երկու
անդամներէ
բաղկացած,
ասոնց
մէկը
քրիստոնեայ,
միւսը՝
մահմէտական
ըլլալով։
Այս
Յանձնաժողովին
պաշտօնը
պիտի
ըլլայ
քննել
ոստիկան
զինւորներու
ձեռքով
կատարուած
ձերբակալութիւններուն
պատճառները
եւ
հրաման
տալ
որ
անմիջապէս
հարցաքննութեան
ենթարկուին
ձերբակալուածները,
որոնք
պէտք
է
բանտարկուին,
եթէ
այն
յանցանքները,
որով
կ’ամբաստանուին
անոնք,
զիրենք
օրէնքի
պատիժներուն
ենթարկելու
բնոյթ
ունին.
ոստիկանութեան
հսկողութեան
տակ՝
ազատ
արձակել
տալ
այն
բանտարկեալները,
որոնց
ընթացքը
կարիք
չը
թողուր
օրէնքի
գործադրութեան,
եւ
ուշադիր
ըլլալ
որ
ապօրինի
կերպով,
առանց
պատճառի
ո՛չ
մէկը
բանտարկուի։
Այդ
նպատակով
անոնք
պիտի
այցելեն
բանտերը
եւ
պիտի
քննեն
բանտարկեալներուն
վիճակը։
Յանձնաժողովները
տեղեկագրեր
պատրաստելով
վալիներուն
պիտի
յանձնեն,
յիշատակելով
թէ՝
ձերբակալուածներէն
քանինե՛ր
ազատ
արձակուած
են,
քանինե՛ր
դեռ
բանտը
կը
մնան։
ԳԼՈՒԽ
Թ.
–
Քուրտերուն
վրայ
գօնթրօլ
Յօդ.
24.
–
Թափառական
Քուրտերը
կառավարելու
համար,
իւրաքանչիւր
վիլայէթի
մէջ,
վալին
պիտի
ունենայ
իր
հրամանին
տակ
Աշիրէթ
մէմուրի
մը
(պաշտօնեայ
մը,
որուն
գործը
պիտի
ըլլայ
հսկել
քուրտ
ցեղերուն
վրայ)։
Այդ
պաշտօնեան
իրաւունք
պիտի
ունենայ
ձերբակալելու
աւազակներ
եւ
ուրիշ
չարագործներ,
եւ
պահանջել
որ
ասոնք
բերուին
հասարակ
դատարաններու
առջեւ։
Իր
ձեռքին
տակ
պիտի
ունենայ
բաւական
թիւով
պահակախումբ
մը,
եւ
պիտի
կրնայ,
ի
հարկին,
տեղական
ոստիկանութեան
աջակցութիւնը
պահանջել։
Իր
իշխանութեան
տակ
դրուած
պաշտօնեաներէն
որոշ
թիւ
մը
պիտի
ընկերանայ
իւրաքանչիւր
ցեղախումբի,
ասոր
տարեկան
չուին
ատենը։
Այդ
պաշտօնեաները
պիտի
գործադրեն
ոստիկանական
իշխանութիւն,
պիտի
կրնան
հրամայել
չարագործներուն
ձերբակալումը
եւ
յանձնել
զանոնք
օրինաւոր
դատարաններուն։
Թափառական
ցեղախումբերուն
իջեւանելիք
արօտավայրերուն
ու
բանակատեղիներուն
սահմանները
պէտք
է
ճշդութեամբ
գծուին։
Թոյլ
տրուելու
չէ՛
որ
այդ
տեղափոխութիւնները
վնաս
կամ
զրկանք
պատճառեն
այն
բնակիչներուն,
որոնց
մէջէն
կ’անցնին
թափառական
ցեղախումբերը
եւ
կամ
որոնք
առժամապէս
կը
գրաւուին
ասոնցմէ։
Եթէ
ասոնք
ո՛
եւ
է
յափշտակութիւն
գործեն
գիւղացիներու
սեփականութեան
դէմ
եւ
կամ
զրկանք
հասցնեն
անոնց,
այդ
օրէն
սկսեալ՝
իրենց
կ’արգիլուի
տեղափոխութիւնը
կամ
չուն։
Զէնք
կրելու
վերաբերեալ
կանոնները
խստիւ
պէտք
է
գործադրուին
նաեւ
բոլոր
քուրտ
ցեղախումբերուն
վրայ,
ըլլան
մշտաբնակ
թէ
թափառական։
Մեծ
խնամք
պիտի
տարուի
որ
այս
թափառաշրջիկ
ժողովուրդներու
մտքերուն
մէջ
դրոշմուին
նստուկ
կեանքի
սկզբունքները,
ընտելացնելով
զիրենք
երկրագործական
աշխատութեանց։
Այդ
նպատակով
որոշ
հողեր
պիտի
շնորհուին
անոնց
այնպիսի
տեղերու
մէջ,
ուր
իրենց
հաստատուիլը
չկրնար
ո՛
եւ
է
կերպով
վրդովել
նստակեաց
բնակչութեան
բարեկեցութիւնն
ու
հանգիստը։
Թափառաշրջիկ
հասարակութեան
պատկանող
ամէն
անձեր,
որոնք
վերջնականապէս
կամ
մշտական
ու
մնայուն
կերպով
չեն
հաստատուած
նահիյէի
մը
մէջ,
ընտրութեանց
միջոցին
քուէ
տալու
կամ
ընտրուելու
իրաւունքը
չպիտի
վայելեն։
ԳԼՈՒԽ
Ժ.
–
Համիտիյէ
հեծելագունդեր
Յօդ.
25.
–
Երբ
արդէն
գոյութիւն
ունեցող
օրէնքին՝
մարզանքի
նկատմամբ
տրամադրած
ժամանակի
շրջանէն
դուրս,
Համիտիյէ
հեծելագունդերուն
գործածութիւնը
անհրաժեշտ
համարուի,
անոնք
կրնան
գործածուիլ
եւ
բանակիլ
միայն
կանոնաւոր
զօրագունդերուն
հետ,
եւ
իրենց
թիւը՝
վերջիններուն
թիւին
մէկ
երրորդէն
պէտք
չէ՛
աւելի
ըլլայ։
Սովորական
ժամանակներէ
եւ
ծառայութենէ
դուրս,
Համիտիյէ
հեծելագունդերը
պէտք
չէ
կրեն
ո՛չ
համազգեստ,
ո՛չ
ալ
զէնք։
Այդ
ժամանակի
ամբողջ
շրջանին
մէջ,
անոնք
պիտի
ենթարկուին
սովորական
դատարաններուն,
ինչպէս
որ
արձանագրուած
է
րէտիֆներու
մասին
տիրող
օրէնքին
համաձայն,
Համիտիյէի
կանոնադրութեան
մէջ,
(Օսմանեան
Զինւորական
Օրինագիրք,
յօդ.
14)։
ԳԼՈՒԽ
ԺԱ.
–
Կալուածագրերու
Հարցը
Յօդ.
26.
–
Մէկ
նախագահէ
եւ
չորս
–
երկուքը
քրիստոնեայ
եւ
երկուքը
մահմէտական
–
անդամներէ
բաղկացած
Ժողովներ
պիտի
կազմուին
եւ
պաշտօն
ունենան
վերաքննելու
կալուածներու
վերաբերեալ
փաստաթուղթերը
եւ
պիտի
սրբագրեն
ու
ճշդեն
ապացուցուած
զեղծումներն
ու
անկանոնութիւնները։
Յատուկ
Յանձնաժողով
մը,
ապագայի
մէջ
պիտի
որոշէ
լաւագոյն
եղանակը,
որով
կարելի
պիտի
ըլլայ
երաշխաւորել
ու
պաշտպանել
սեփականութեան
իրաւունքները։
ԳԼՈՒԽ
ԺԲ.
–
Հարկահաւաքումներ
Յօդ.
27.
–
Բոլոր
հարկերը,
տասանորդի
տուրքերն
ալ
հաշուելով,
պէտք
է
գանձուին
ուղղակի
նահիյէի
ժողովէն
ընտրուած
ու
միւտիրի
հրամանին
տակ
գտնուող
հարկահաւաքներու
ձեռքով։
Նահիյէի
մը
բնակիչները
համերաշխօրէն
պատասխանատու
են
ամբողջովին
վճարելու
իրենց
վրայ
դրուած
տուրքերը։
Յօդ.
28.
–
Ջնջուած
է
տասանորդի
տուրքերը
կապալով
տալը,
եւ
ժողովուրդը
բռնի
բանեցնելը։
Նահիյէէն
սկսեալ,
իւրաքանչիւր
վարչական
կեդրոն,
իր
հաւաքած
տուրքերու
համագումարէն
վար
պիտի
դնէ
այն
գումարը,
որ
անհրաժեշտ
է
իր
վարչութեան
ծախքերուն
համար,
կանխագծուած
եւ
կառավարութեան
հաւանութիւնը
ստացած
պիւտճէին
համաձայն։
Նոյն
եղանակով,
նահանգին
ելմտական
վարչութիւնն
ալ
վիլայէթին
տուրքերուն
ամբողջ
քանակութենէն
պէտք
է
վար
դնէ
վիլայէթի
վարչութեան
համար
հարկաւոր
գումարը,
ասոր
մէջ
հաշուելով
նաեւ
հանրային
գործերու
եւ
կրթութեան
ծախքերը։
Բնակիչները
պարտաւոր
չեն,
ո՛չ
մէկ
պարագայի
տակ,
զօրքերուն
կամ
պաշտօնեաներուն
օթեւան
եւ
կամ
ուտեստ
հայթայթելու
ձրիաբար։
Այն
պարագաներուն
մէջ,
երբ
հարկերուն
անվճար
մնալովը
կ’որոշուի
գոյքերը
բռնի
վաճառել,
մեծ
զգուշութիւն
պէտք
է
ընել
որ
բնակիչները
չը
զրկուին
իրենց
տարրական
պէտքի
իրեղէններէն
եւ
կամ
աշխատանքի
գործիքներէն։
ԳԼՈՒԽ
ԺԳ.
–
Արդարադատութիւն
Յօդ.
29.
–
Նահիյէի
մէն
մի
գիւղի
մէջ
Ծերերու
ժողով
մը
կը
հաստատուի,
մուխթարի
նախագահութեամբ,
որուն
պաշտօնը
պիտի
ըլլայ
հաշտարար
եղանակով
մը
կարգադրել
բնակիչներուն
միջեւ
ծագած
վէճերն
ու
հակառակութիւնները։
Յօդ.
30.
–
Իւրաքանչիւր
գազայի
մէջ,
Նահիյէներուն
թիւին
համապատասխան
հաշտարար
դատաւորներ
պիտի
գտնուին,
որոնք
Դատական
Նախարարութենէն
կ’անուանուին,
վալիի
առաջարկութեան
վրայ։
Այս
դատաւորներէն
մէկը
պէտք
է
անպատճառ
բնակի
գազայի
գլխաւոր
քաղաքին
մէջ։
Գազայի
մը
Հաշտարար
դատաւորներուն
մէկ
երրորդը
պէտք
է
քրիստոնեաներէ
բաղկանայ։
Քրիստոնեայ
հաշտարար
դատաւորները
պէտք
է
կարգուին
այն
կեդրոններուն
մէջ,
ուր
քրիստոնեաները
կը
կազմեն
բնակչութեան
մեծամասնութիւնը։
Յօդ.
31.
–
Հաշտարար
դատաւորներուն
իրաւասութիւնը
կայանայ.
1.
–
Եղեռնական
խնդիրներու
մէջ,
վճիռ
արձակելու,
առանց
վերաքննութեան
իրաւունքի,
օրէնքի
դէմ
գործուած
զեղծումներու
համար,
որոնք
դուրս
են
ոստիկանական
հասարակ
պատիժներէն,
եւ
վերաքննութեան
իրաւունքով,
փոքր
յանցանքներու
համար,
որոնց
չը
կրնար
սահմանուիլ
500
ղրուշէ
աւելի
տուգանք
մը
կամ
երեք
ամսուան
բանտարկութենէ
աւելի
պատիժ
մը։
2.
–
Քաղաքային
խնդիրներու
մէջ,
առանց
վերաքննութեան
իրաւունքի,
վճիռ
արձակելու
առեւտրական
եւ
իրաւունքի
վերաբերեալ
ո՛
եւ
է
անհատական
դատերու
համար,
որոնց
գումարը
չ’անցնիր
1000
ղշ.
ը
եւ
վերաքննութեան
իրաւունքով,
վճիռ
արձակելու
համանման
դատերու
համար,
որոնք
կը
հասնին
5000
ղշ.
ի
գումարի
մը։
3.
–
Հաշտարար
դատաւորները
կրնան
կազմել
Հաշտարար
Ատեան
մըն
ալ։
Ասոնք,
երկու
կողմերուն
հաւանութեամբը,
կրնան
իրաւարարներ
կարգել
լուծելու
համար
այնպիսի
վէճեր,
որոնց
գումարը
5000
ղշ.
ը
կ’անցնի։
Հակառակորդները
չպիտի
իրաւունք
ունենան
վերաքննութեան
դիմելու,
իրաւարարներուն
արձակած
վճիռին
դէմ
բողոքելու
համար։
Յօդ.
33.
–
Գազաներու
դատաւորներուն
տեղը
բռնող
հաշտարար
դատաւորներու
վճիռներուն
վերաքննութիւնը,
քաղաքային
գործերուն
մէջ,
պէտք
է
տեղի
ունենայ
սանճագներու
դատարաններուն
առջեւ։
Յօդ.
34.
–
Հաշտարար
դատաւորներու
կողմէն
անվերաքննելի
կերպով
արձակուած
բանտարկութեան
վճիռներ,
որոնք
անցած
են
արդէն
բոլոր
նախաքննութիւններէն,
պէտք
է
գործադրուին
գազայի
բանտին
մէջ։
Միւտիրները
պարտաւոր
են
աջակցիլ
հաշտարար
դատաւորներուն,
քաղաքային
կամ
քրէական
յանցանքներու
վերաբերեալ
վճիռները
գործադրելու
համար։
Յօդ.
35.
–
Գազաներուն
դատարանները
ջնջուած
ըլլալով,
սանճագներու
դատարանները
ձեռնհաս
են
դատելու
այն
քաղաքային
վէճերը,
որոնք
5000
ղրշ.
ը
չեն
ացնիր,
նոյնպէս
եւ
հաշտարար
դատաւորներուն
արձակած
քաղաքային
վճիռներուն
դէմ
տրուած
բողոքները։
Սանճագի
դատարանները
պէտք
է
ունենան
միայն
քաղաքային
ատեան
մը,
քանի
որ
եղեռնադատ
ատեանին
տեղը
կը
բռնէ
նահանգային
շրջուն
ատեանը։
Սանճագի
ատեանները
պէտք
է
բաղկացած
ըլլան
մէկ
նախագահէ,
-
վկայեալ
դատաւոր
մը,
որ
կը
նշանակուի
դատական
նախարարութենէն-,
եւ
երկու
անդամներէ,
որոնք
վալիին
կողմէն
կ’ընտրուին,
սանճագներու
ժողովներուն
ձեռքով
կազմուած
ընտրելեաց
ցանկերու
մէջէն։
Յօդ.
36.
–
Սանճագի
դատարաններուն
եղեռնադատ
ճիւղերը,
Շրջուն
եղեռնադատ
ատեաններու
պիտի
փոխուին։
Այս
եղեռնադատ
ատեանները
պիտի
բաղկանան
նախագահ
դատաւորէ
մը
որ
պիտի
առնուի
նահանգին
Բարձրագոյն
Ատեանի
անդամներուն
մէջէն,
նաեւ
երկու
անդամներէ,
որոնք
պիտի
ընտրուին
Վերաքննիչ
Ատեանի
կողմէն
եւ
Սանճագի
իրաւարարներու
մէջէն,
մէկը՝
քրիստոնեայ,
միւսը՝
մահմէտական։
Հաշտարար
դատաւորները՝
պէտք
է
որոշ
թոշակ
մը
ստանան,
նահանգային
եղեռնադատ
շրջուն
ատեաններու
պտոյտի
ժամանակամիջոցին։
Յօդ.
37.
–
Եղեռնադատ
Ատեանը
հերթով
պէտք
է
նիստեր
գումարէ
ամէն
գազաներու,
ինչպէս
նաեւ
վիլայէթին
ու
սանճագներուն
գլխաւոր
քաղաքներուն
մէջ,
ուր
իրենց
ներկայութեան
անհրաժեշտ
պէտքը
կը
զգացուի։
Այս
ատեանը
ձեռնհասութիւն
պիտի
ունենայ
քննելու
հաշտարար
դատաւորներուն
արձակած
վերաքննելի
վճիռներուն
դէմ
տրուած
գանգատները,
նաեւ
անվերաքննելի
դատերը,
որոնք
5000
ղշ.
է
վեր
տուգանքի
մը
կամ
երեք
ամիսէ
աւելի
բանտարկութեան
մը
պատիժը
կը
պահանջեն։
Նահանգային
Եղեռնադատ
ատեաններուն
արձակած
վճիռները
չեն
կրնար
գործադրուիլ,
մինչեւ
որ
Վճռաբեկ
Ատեանէն
չը
վաւերացուին։
Յօդ.
38.
–
Նահանգային
շրջուն
Եղեռնադատ
ատեանը,
գազան
հասնելուն,
նախագահին
առաջին
գործը
պիտի
ըլլայ
ցուցակը
պահանջել
հարցաքննիչ
դատաւորէն
ցուցակ
մը
դատերուն,
որոնք
քննուած
են
արդէն
եւ
իրեն
պիտի
յանձնուին,
եւ
ուրիշ
ցուցակ
մըն
ալ
այն
դատերուն,
որոնք
տակաւին
քննութեան
ներքեւ
են։
Եթէ
նախագահը
ո՛
եւ
է
անկանոնութիւն
կամ
անտեղի
յապաղումներ
նշմարէ
այս
վերջինին
մէջ,
անմիջապէս
պէտք
է
տեղեկագրէ
Դատական
Նախարարութեան։
Նախագահը,
երբ
գազա
մը
կը
հասնի,
ինչպէս
նաեւ
երբ
անկէ
կը
մեկնի,
պէտք
է
այցելէ
բանտերը,
պէտք
է
բանտարկեալներուն
վիճակը
քննէ
եւ
ստուգէ
բանտարկեալներուն
ցուցակը։
Յօդ.
39.
–
Նահանգին
Բարձրագոյն
Ատեանը
պիտի
բաղկանայ
մէկ
նախագահէ
եւ
բաւական
թիւով
անդամներէ,
որոնք
կարենան
քննել
ատեանին
վերաբերեալ
քաղաքային
գործերը,
եւ
նախագահներ
մատակարարել
Նահանգային
Շրջուն
Ատեաններու։
Բարձրագոյն
Ատեանը,
քաղաքային
դատերու
մէջ
պէտք
է
գործէ
իբրեւ
Վերաքննիչ
Ատեան,
իսկ
եղեռնական
խնդիրներու
մէջ՝
իբրեւ
Նահանգային
Եղեռնադատ
Ատեան։
Այս
Ատեանին
նիստը
պիտի
նկատուի
օրինաւոր,
երբ
նախագահը
եւ
երկու
անդամները
ներկայ
կ’ըլլան։
Ասկէ
զատ,
պէտք
է
ունենայ
ընդհանուր
դատախազ
մը,
եւ
բաւական
թիւով
պաշտօնատարներ։
Յօդ.
40.
–
Հաշտարար
դատաւորներուն,
ինչպէս
նաեւ
ամէն
կարգի
դատարաններուն
դատավարութիւնը
պէտք
է
կատարուի
թուրքերէն
լեզուով։
Տեղին
ու
դատուող
երկու
կողմերու
պարագաներուն
համեմատ,
թուրքերէն
բնագրին
պէտք
է
կցուին
հայերէն
թարգմանութիւնները։
[1]
Տասը
տարի
շարունակ,
1875էն
առաջ,
Էրզրումի
«Էյալէթը
(շրջան)
բաղկացած
էր
հետեւեալ
գաւառներէն,
-
Չըլտըր,
Կարս,
Էրզրում
(այժմեան
վիլայէթը),
նոյնպէս
Վան,
որ
կը
պարունակէր
իր
մէջ
Հէքեար,
Պիթլիս
եւ
Մուշ։
Այդ
էլայէթը,
1877-78
թթ.
պատերազմէն
յետոյ,
հետզհետէ
բաժնուեցաւ
հինգ
վիլայէթի,
եւ
երկրին
այն
մասը,
որ
մնաց
Թուրքիոյ
ձեռքը,
բաժնուեցաւ
հետեւեալ
վիլայէթներու.
Էրզրում,
Վան,
Հէքեարէ
եւ
Մուշ։
Այնուհետեւ
Հէքեարէ
գաւառը
նորէն
միացուեցաւ
Վանի
վիլայէթին։
Այդ
ժամանակէն
սկսեալ՝
ՄամուրէթիւլԱզիզ
«սանճագը»
դարձաւ
«վիլայէթ»,
որուն
հետ
միացուեցան
մէկ
քանի
հարեւան
հողեր։
Այն
ինչ,
Տէրսիմի
վիլայէթը
կրկին
դարձաւ
սանճագ,
Խարբերդի
վիլայէթին
մէջ։