Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Մինչդեռ Եըլտըզի կամարներուն տակ դիւանագիտական խաղեր ու սադրանքներ կը նիւթուէին, զանազան սուտ ու փուտ խոստումներով խաբելու համար արդէն ինքնին ու գիտակցօրէն խաբուելու հակամէտ Եւրոպան, անդին, Կովկասի խորը, Երեւանի նահանգին Վաղարշապատ գիւղին մէջ, Ս. Էջմիածնի դարաւոր կամարներուն ներքեւ, ուրիշ գործողութիւն մը կը կատարուէր։

Խրիմեան Հայրիկը, Սասունի տիեզերասարսուռ ջարդերուն թարմ տպաւորութեան ներքեւ, առանձնացած էր ու կուլար իր չարչարուած ու մարտիրոս ժողովուրդին դժխեմ ճակատագիրը։

Էջմիածնի Միաբանութիւնը թուլամորթ ու պորտաբոյծ անդամներու խառնուրդ մը գրեթէ մեծ մասով, արքեպիսկոպոսներէն սկսեալ մինչեւ յետին դպիրը, նոյնիսկ տաճարի աւելածուն ամօթալի ու խենէշ երանութեան մը բազուկներուն մէջ կը քաշէր անասնական քունը։ Այդ տիպար (?) միաբաններուն ամէն մէկը քաշուած էր իր սեփական խուցը, հանրատան աղջկան մը ննջախորշէն ո՛չ շատ տարբեր, ուր պակաս չէր ըլլար սովորաբար Եւայի աղջիկ մը, որ Վաղարշապատէն կամ մօտակայ գիւղէ մը բերուած կ’ըլլար երիտասարդ թէ ծեր կուսակրօնին ամուրի կեանքին տառապանքները թեթեւցնելու եւ անոր գիշերները երջանկացնելու պաշտօնով…։

Ամբողջ միաբանութիւնը կը խորդար նոյն գիշերը։

Մէ՛կը կար միայն որ կը հսկէր այդ խորհրդաւոր ու սրբազան կամարներուն տակ։

Այդ մէկը՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետն էր, նոյն ինքն Խրիմեան Հայրիկը։

Վեհարանին մէջ ման կուգար վեհափառ ծերունին, մերթ ընդ մերթ օծեալ աջը տանելով տարիներէ ակօսուած խորշոմ ճակտին, ուր Ցեղին բովանդակ Ցաւը կը թառէր։ Մէն մի քայլին, քիչ մը կանգ կ’առնէր, ա՜խ մը քաշելու համար, իր վէրքոտ սրտի բոլոր տագնապները ծրարող ա՜խ մը։ Իր արծիւի ռունգի ծակտիքներէն դուրս կը խուժէր մուխ մը, որ վրէժի բոցերու փոխուած, կ’այրէր Վեհարանին մթնոլորտը։

Այսպէս, ժամեր ու ժամեր թափառումներէ ու հառաչանքներէ ետքը, յանկարծ, փայլակի թեւով իր ըղեղը կտրած անցած մտածումի մը թափին տակ, ցնցուեցաւ։ Մտաւ իր ննջասենեակը, ձիւնապսակ գլխուն վրայ տեղաւորեց իր խաչադրօշ վեղարը, հագաւ առաքեալի պարզ հողաթափը, վրան քաշեց Վանա սեւ շալէ վերարկուն եւ ուղղեց իր քայլերը դէպի Վեհարանին մուտքի սրահը, որուն ձեղունէն վար կախուած լապտեր մը կը պլպլար։

Զգուշաւոր քայլերով, ոտքի մատներուն վրայ միայն կոխելով, սանդուխներէն վար իջաւ, առանց շշուկի, հինաւուրց կամարներու տակէ, առաջացաւ դէպի մայր տաճարի գաւիթը, որ կը նիրհէր գիշերային լռութեան ու խաղաղութեան մէջ։

Հոն, գաւիթը, մայր տաճարի դուռին սեմը, բազուկները տարածած, վեղարը շեղակի ձախ ուսին վրայ ձգուած, պարթեւ հասակովը գետին ծռած, ծունկի եկաւ։

Հայրիկը կ’աղօթէր։

Մայր տաճարի շրջակայ խուցերէն ցայտող ձայներ միայն կը խռովէին համատարած լռութիւնը. հոս Հայրիկը կ’աղօթէր Հայաստանին համար, հոն՝ ժողովուրդին հաւատքը շահագործող շաղղակեր ագռաւներ, հնդկահաւի կամ գառնուկի լիցքի մը վրայ թառած, իրենց կլափը կ’օծէին իւղով ու գինիով։

Հոս ու հոն, Մայրավանքին մութ անկիւնները կէտկիտող կանթեղի տմոյն լոյսերը տակաւ կը մարմրէին։ Ժամերը կը սուրային եւ Հայրիկը դեռ կ’աղօթէր։

  Վաղարշապատի աքլորներուն առաջին աղաղակները կը լսուէին, երբ Հայրապետը, մայր տաճարի գաւիթէն կը վերադառնար ու նոյն զգուշաւոր քայլերով կը վերելակէր Վեհարանի սանդուխները։

Հանդարտ էր հիմա, անսովոր պայծառութիւն մը կը ծաւալէր իր բովանդակ էութեան մէջ, թեթեւցած էր վիշտը, երկնային խօսակցութեան մէջ կրցած էր գտնել մխիթարանքի փշուրներ եւ յոյսի բեկորներ իր Ցեղին համար, որ հոգեվարք մը կ’անցունէր եւ իր վերջալուսային կեանքին համար որ, ա՛յսքան դժոխային պայմաններու եւ իրարու յաջորդող ա՛յսքան սպաննիչ տագնապներու դէմ դեռ կը յամառէր մաքառիլ։

Գրասեղանին առջեւ անցաւ ու սկսաւ քրքրել հին թուղթերու ծրարներ, ամէնքն ալ ժամանակին խնամով պահուած, որոնք կը պարունակէին Հայաստանի մէջ կէս դարէ ասդին գործուող հարստահարութեանց մանրամասնութիւնները, Կ. Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարան ղրկուած գաւառային թղթակցութիւններ եւ ուրիշ վաւերաթուղթեր։

Այս ծրարները մէկիկ մէկիկ կը բանար, կը կարգաւորէր, կարեւորները կը զատէր, կը քաղէր ու կը խորհէր այդ արիւնի, թալանի, բռնաբարումի, հրդեհի, կեղեքումներու կարմիր հաւաքածոյէն կազմել ամփոփոյք մը, եւ յետոյ, առանձին աղերսագրով մը, ներկայացնել Ամենայն Ռուսաց Ամենողորմած ու Հզօր Ցարին, յուսալով թէ՝ Քրիստոնեայ եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն բնական ու պաշտօնական Պաշտպանը ճանչցուած Ռուսիան պիտի ուզէր միջամտել եւ կասեցնել վերջապէս Իսլամներու անարժան Խալիֆային արիւնոտ Ձեռքը, թէ՝ շնորհիւ խաղաղասէր Ցարին ազդու միջամտութեան, պիտի դադրէր Հալածանքը, պիտի վերջապէս գործադրուէր Այա Սթէֆանօյի համբաւաւոր 16րդ յօդուածը, ռուսական յաղթական բանակի հրամանատար Մեծ Դուքս Նիքօլայէն շնորհուած՝ Վարժապետեան Ներսէս Պատրիարքին…։

Ուստի կը քաղէր ու կը թերթատէր վաւերաթուղթերը։

Էջմիածնայ տաճարին առաւօտեան աղօթքի առաջին զանգակին ղօղանջը լսուեցաւ, երբ Հայրապետը, թուղթի դէզերուն վրայ ինկած, տակաւին կը թաղուէր անցեալի պրպտումներուն մէջ։

Ոտքի ելաւ, երեսը խաչակնքեց, լուացուեցաւ, սրբուեցաւ ու զիլը հնչեցուց։

Սեւազգեստ միաբան մը ներս մտաւ։

Վեհափառին անձնական ծառան էր, թուխ ու կարմիր դէմքով, թաւ ու լայն ուսերով, կարճ հասակով կայտառ երիտասարդ մը, Վանայ Այգեստանէն։

Գարեգի՛ն, ըսաւ Հայրիկը, գնա՛, տե՛ս, Խորէն էֆէնտին արթնցե՞ր է, իրեն ըսէ՛, Հայրիկ կ’ուզէ.

Գարեգին դուրս ելաւ։

Հայրապետը Վեհարանին սրահը կը չափէր հանդարտ քայլերով, երբ քանի մը վայրկեան ետքը, Գարեգին վերադարձաւ ու հաղորդեց թէ՝ Խորէն էֆէնտին կուգայ։

Խորէն էֆէնտի քիչ յետոյ ներս մտաւ։

Խորէ՛ն, ըսաւ Հայրապետը, այս գիշեր քուն չը մտաւ աչքս, եկո՛ւր տե՛ս գրասեղանիս վրայ դիզուած թուղթերը, նայէ՛, կարգին ուշադիր եղիր, ժողովէ՛ ամէնքն ալ եւ անցի՛ր գրասեղանիդ առջեւ, լսէ՛, ի՛նչ կ’ըսեմ։

Խորէն էֆէնտի անցաւ Վեհափառի գրասենեակին մէկ անկիւնը դրուած քարտուղարի սեղանին առջեւ ու նստաւ։

Խորէ՛ն, շարունակեց Հայրիկը, հիմա թուականի կարգով, իրարու վրայ շարէ՛ սա ծրարին թուղթերը։

Խորէն էֆէնտի կատարեց Հայրապետին հրամանը։

Այդ թուղթերը, գրեթէ ամէնքն ալ 1878 թուականը կը կրէին եւ կը պարունակէին Մուշ, Բաղէշ, Կիլիկիա, Տիգրանակերտ, Տիվրիկ, Զեթուն, Մարաշ, Վան, Ակն, եւլն. գործուած համիտական հարստահարութեանց դէպքերը, որոնք ժամանակին հաղորդուած էին Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանին։

Խրիմեան Հայրիկ որոշած էր այդ վաւերաթուղթերը թարգմանել տալ ռուսերէնի, եւ ինչպէս ըսուեցաւ, առանձին աղերսագրի մը հետ կցելով, մատուցանել զայն յոտս Նորին կայսերական Վեհափառութեան Ամենայն Ռուսաց Ցարին։

Ահա՛ւասիկ այս թղթածրարին պարունակութիւնը նոյնութեամբ։

«ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ 1878 ՆՈՅԵՄԲԵՐԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ՄԻՆՉԵՒ 1879 ՅՈՒՆՎԱՐ։

ՄՈՒՇ. Մշոյ Իննակնեան վանքին Միաբանութիւնը Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանին ղրկած է վերջերս տեղեկագիր մը, Հայաստանի Մուշ գաւառին ու բոլոր շրջականերուն մէջ գործուած հարստահարութեանց արարքներուն վրայ։

Ահաւասիկ այս վաւերական տեղեկագրէն քաղուած գլխաւոր հատուածները։

«Մշոյ բովանդակ Հայ ժողովուրդը, Թրքօ­ռուսական պատերազմէն առաջ տիրող կացութեան երեսէն արդէն մեծապէս վնասուած ու իրերու վիճակէն խիստ դժգոհ, այս անգամ կուգայ իր տրտունջները ու բողոքները ներկայացնել սրտի ճշմարիտ դառնութեամբ, պարզելով այն անըմբերելի վիճակը, որուն ենթարկուած է այս վերջին պատերազմէն ի վեր…։ Անկարելի է մէկիկ մէկիկ թուել ջարդուած քրիստոնեաները, բռնաբարուած կիներն ու աղջիկները, կողոպտուած, քանդուած ու հրդեհուած վանքերն ու եկեղեցիները, հիմնայատակ աւլուած գիւղերը, մէկ խօսքով, ամէն տեսակ հարստահարութիւններն ու կեղեքումները, որոնք գործուեցան եւ տակաւին կը գործուին ո՛չ լոկ Քուրդերուն կողմէն, այլ զապթիէ ներուն, անկանոն զօրքերուն, հարկահաւաքներուն, պէկերուն, ազդեցիկ թուրք աւատապետներուն, գայմագամներուն, միւտիրներուն, տեղական կառավարութեան Վարչական ժողովի անդամներուն եւ անոնց ազգականներուն, բարեկամներուն ու պաշտպանեալ աւազակներուն ու մարդասպաններուն ձեռքով։

Այս ոճիրները կը մնան անպատիժ եւ տարաբաղդ հայ ժողովուրդը չը՛ կրնար ամենափոքրիկ բողոքի ճիկ մը հանել այս բարբարոսական արարքներուն դէմ, որովհետեւ վստահ եւ խորապէս համոզուած է թէ՝ իր կեղեքիչները, իր հարստահարիչները, ամէն տեսակէ ոճրագործներ, ինչպէս ամէն ժամանակ, պիտի արդարանան կամ կայսերական ընդհանուր ներման արժանանան, եւ յետոյ, իրենք, հայ ժողովուրդը, իրենց վրայ պիտի հրաւիրեն անոնց վրէժխնդրութիւնը։

Մօտկանի, Սասունի, Բռնաշէնի եւ ուրիշ լեռնոտ գաւառներու հայ բնակչութիւնը կը հեծէ իսլամ հարստահարիչներու լուծին տակ, որոնք Հայերուն հետ կը վարուին իբրեւ գերիներու հետ։ Իւրաքանչիւր պէկ իւրացուցած է մեծ թիւով գիւղեր ու վանքեր, որոնք կը ստիպուին իրեն վճարել ծանրածանր տուրքեր, տասնապատիկ աւելի քան զոր կը վճարեն կառավարութեան, եւ երբ, այդ պէկը ծայրայեղ թշուառութեան կը մատնէ իր շրջանակին ու կամայականութեան յանձնուած ամբողջ բնակչութիւնը, եւ երբ կեղեքումի ու կողոպուտի բոլոր աղբիւրները ցամքած կը գտնէ, այն ատեն, իր եղբայրակիցներէն ուրիշ պէկի մը կը ծախէ ինչ որ իր սեփական ստացուածքը կը նկատէ։ Ամէն անգամ որ պէկ մը կ’աւրուի ուրիշ պէկի մը հետ, եւ խնդիրը տեւական թշնամութեան մը կը փոխուի, իր վրէժը կը լուծէ իր հակառակորդ պէկի հպատակ Հայերէն, որոնք, այդ պարագային, դատապարտուած կ’ըլլան կրելու ամենասոսկալի խոշտանգումներ ու զրկանքներ։ Այս պէկերու իշխանութեան ու ազդեցութեան շրջանակներուն մէջ բնակող Հայերուն արգիլուած է, մահուան պատիժի սպառնալիքին տակ, յարաբերութիւններ մշակել Մշոյ, Բաղէշի ու Տիգրանակերտի Կուսակալներուն, Կառավարիչներուն եւ Առաջնորդներուն հետ։ Այս կերպով կը յաջողին սաղմին մէջ խեղդել ամէն գանգատ կամ բողոք՝ իշխանութեան զեղծումներուն ու ճնշումներուն դէմ եւ քրիստոնեաներուն կ’արգիլեն կրօնային դաստիարակութիւնը, որոնք կը զրկուին քահանաներէ ու եկեղեցիներէ։ Իսկ դաշտաբնակ Հայրերը կը տառապին ու կը չարչարուին գայմագամներէն ու միւտիրներէն, որոնք արդարութիւնը կը ծախեն ամէնէն աւելի կաշառք առաջարկողին։ Ամէն տեսակ տաժանքներով ու ձրի աշխատանքներով, անկարիա ներով կը ծանրաբեռնուին, եւ, միեւնոյն ժամանակ, կը հարկադրուին վճարելու ծանր տուրքեր, որոնք իրենց փանաքի հասոյթներէն շատ աւելի վեր են։ Հարկահաւաքին պահանջումներն ու քմահաճոյքները գոհացնելու համար, դժբաղդ գիւղացին կը պարտաւորուի դիմել վաշխառուին, որ առանց խղճահարութեան 50% եւ նոյն իսկ 100% կը պահանջէ։ Շատ շատ իրեն կը մնար իր կալին ցորենի հասկերը. բայց յանկարծ, օրին մէկը կրակի կը տրուի կալը։ Եթէ մէկ երկու արջառ ունի, կուգան կը յափշտակեն ու կը տանին։

Ահաւասիկ չորրորդ անգամն է որ Իննակնեան վանքը աւարի տրուեցաւ ու քանդուեցաւ Քուրդերէն։ Միաբանութիւնը բողոքեց այդ աւազակներուն դէմ, բայց տեղական իշխանութիւնները, չե՛ն կրցած ո՛չ ալ ուզած են արդարութիւնը գործադրել ու իրաւազուրկ գիւղացիին իրաւունքը վերադարձնել։10 նոյեմբեր 1878։»

 

ԲԱՂԷՇ. Պիթլիսի հայ եկեղեցական մարմինն ու երեւելի ազգայինները Պատրիարքարան ղրկած են այդ կողմերը գործուած հարստահարութեանց տեղեկագիր մը։

Ահաւասիկ քանի մը հատուածներ այդ համիտական նախճիրներէն։

«Մեզրա գիւղին մէջ, ութսուն սպառազէն Քուրդեր, Մօտկանի աշիրէթի մը պատկանող, Հայերու արջառներէն կարեւոր մաս մը յափշտակեցին։ Մնացեալ արջառները քիչ յետոյ յափշտակուեցան դարձեալ Մօտկանի աշիրէթի մը պատկանող Քուրդերէ։ Երրորդ աշիրէթ մը, Սլօքցիներունը, Հայ մը վիրաւորեց եւ աւարի տուաւ հունձքը դժբաղդ գիւղացիներուն, որոնք, այսօր, ամենայետին թշուառութեան մատնուած, ստիպուած են հաց մուրալու Պիթլիսի փողոցներուն մէջ, ցնցոտիներու մէջ ծածկած իրենց մերկութիւնը, եւ ցուրտէն ոտքերնին ճաթըռտած իրենց մատաղ մանկիկներուն ձեռքէն բռնած։ Եւ այս մուրացկաններու թափորը կ’անցնի կը դառնայ ամէն օր կառավարական պաշտօնատան շէնքին առջեւէն, անխիղճ պաշտօնեաներու ամէնքն ալ Համիտի գործակալներ –լկտի նայուածքներուն տակ, որոնք այդ թշուառներու երամին մէջ կը փնտռեն իրենց գազանային կիրքը յագեցնելու յարմար մանկամարդուհիներ…։

Գոմք գիւղին մէջ, Մօտկանի Քուրդերը յափշտակեցին տարին Հայերուն բոլոր արջառները։ Եւ հիմա կը սպառնան կրակ դնել իրենց բնակարաններուն մէջ, եթէ համարձակին խլրտիլ կամ ո՛ եւ է գանգատի փորձ մը խորհիլ։

Սաբշէն գիւղին մէջ, այս միեւնոյն Քուրդերը յափշտակեցին Հայերուն բոլոր տուարն ու արջառները, եւ Հայերը, համոզուած ըլլալով թէ՝ չպիտի գտնեն ո՛չ մէկ պաշտպանութիւն տեղական իշխանութեան քով, ի վերջոյ ստիպուեցան հարկատու ըլլալ այդ հրոսակներու վոհմակին։

Կամախ, Բօր, Խախրիվ ու Ծուար գիւղերուն մէջ, Սլօքցիներուն աշիրէթը, ամբողջ բնակչութիւնը խոշտանգելէ, ինչք ու ստացուածք աւարի տալէ ետքը, Հայերուն բոլոր արջառներն ու հօտերը քաշեց տարաւ։

Պարխանտ գիւղին մէջ, ուր անգամ մը Քուրդերը մտած ու երկու Հայեր սպաննած էին արդէն, Թէմէլկէցի հօտարած աշիրէթին պետը՝ Միդհաթ անունով, թոպամահ սպաննեց խեղճ Հայ մը, որ չորս օրուան մէջ, իր վէրքերուն հետեւանքովը մեռաւ։ Իշխանութիւնները չդպան այդ մարդասպանին, որ արձակ համարձակ կը պտըտի այսօր իր զոհերուն աչքին առջեւ։

Խմելջուր, Մարքօք, Ամբա ու Հօրմս գիւղերուն մէջ, Մօտկանի Քուրդերը՝ ա՛յնքան անգթօրէն կեղեքեցին Հայերը, որ անոնք ի վերջոյ ստիպուեցան Պիթլիս գաղթել։

Կիւղէլ տէրէի ու Դատիկի քառասուն գիւղերուն մէջ, Սլօքցիներուն աշիրէթը Հայերէն յափշտակեց իրենց բոլոր արջառներն ու հունձքերը, ծանրապէս վիրաւորեց մարդեր ու կիներ որոնք ինքնապաշտպանութեան փոքրիկ փորձեր ըրած էին։ Ու այս դժբաղդները դատապարտուած են այսօր խոտերով սնանելու։

Հերձօնքի գիւղին մէջ, Հասնանցիներու աշիրէթին պատկանող Քուրդեր, Հայու մը տունը կոխեցին, ուր բռնաբարեցին կիները, էրիկմարդիկը չուաններով կապելէ ետքը։

Խուլթիկ գիւղին մէջ, Շէքնաներու, Խումատներու եւ Քօրհաններու աշիրէթին պատկանող քուրտեր, բռնաբարեցին շատ մը կիներ ու սպաննեցին չորս Հայեր։

Մօտկանի քսանըչորս գիւղերուն մէջ քուրտերը գործեցին միեւնոյն ոճիրները, եւ ամենքն ալ միեւնոյն անպատիժ կեանքը կը շարունակեն վարել ու սարսափ սփռել շրջականերու մէջ։

Ա՛լ ապահովութիւն չը կայ Պիթլիսի գաւառին մէջ։ 23 նոյեմբեր Կ. Պոլիս։»

 

ՀԱԼԷՊ. Կուսակալը հոս հրաւիրեց Զեթունի բոլոր երեւելիները. պատրուակելով թէ՝ իրենց հետ համախորհուրդ, յատակագիծը պիտի շինէ բարենորոգումներուն, որոնք պիտի մտցուին Զեթունի մէջ, մինչդեռ, իրականին մէջ, ինչպէս յայտնի եղած է Մարաշի Ազգային գաւառական ժողովէն ու վեց քահանաներէն ստորագրուած հեռագրէ մը, Զեթունի տեղական կառավարութիւնը, ամենակոպիտ վարմունք մըն է բռներ հանդէպ լեռնականներուն եւ ամէն միջոցներ ի գործ կը դնէ հոն ապստամբութիւն մը պայթեցնելու համար։ Կը բանտարկուին ու կ’աքսորուին կիներ ու տղաքներ խառն ի խուռն, ամէն տեսակ զրկումներու եւ ճնշումներու կ’ենթարկուին, նոյնիսկ անօթութեան ու անջրդութեան։ Յետնեալ տուրքերու վիթխարի գումար մը միանուագ գանձելու պատրուակին տակ, ընդվզեցուցիչ եղանակներով կը հաւաքեն տուրքերը, եւ, այդ առիթով, արգելքի տակ կ’առնեն բոլոր գոյքերը, մինչեւ իսկ հնոտիները, անկողին, վերմակ, խոհանոցի կոտրած անօթներ, եւլն եւլն։

Վերջերս ձերբակալուեցաւ Ֆրնուզի վանահայր ծերունի Նիկողայոս եպիսկոպոսը, իբրեւ ապստամբապետ, եւ շղթայակապ, Մարաշ տարուեցաւ բանտը նետուելու համար։ Մերկութեան մօտեցող վիճակի մը մէջ կը գտնուի հիմա, ճամբան կրած տաժանքներէն վաստակաբեկ ու սովալըլուկ։ Հալէպ, 25 նոյեմբեր 1878։»

 

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ. Հօտարած վոհմակները չը լսուած անգթութիւններ կը գործեն քրիստոնեայ բնակչութեանց վրա։ Կը թալլեն, կը բռնաբարեն, կ’առեւանգեն կիներ ու աղջիկներ, ամէն կերպ սպանութիւններ ի գործ կը դնեն նահանգին ամբողջ տարածութեանը մէջ։ Քուրդ շեխերը գրգռիչ քարոզներ կ’ընեն իրենց մոլեռանդ խուժանին եւ կը յորդորեն զանոնք որ քրիստոնեայ որսան, ինչ որ իրենց լեզուով կը նշանակէ քրիստոնեաներու խմբովին կոտորած։ Քրիստոնեան թալլել, իր բոլոր ստացուածքներէն զայն զրկել՝ առաքինի եւ վարձատրութեան արժանի արարք մըն է, միեւնոյն ժամանակ Աստուծո՛յ ալ հաճելին սպաննել՝ երկինքի արքայութիւնը ժառանգել է։ Ահա՛ բնաբանը յիշեալ շեխերու քարոզներուն, որոնցմէ գրգռուած, մոլեռանդ աւարառուները կ’ասպատակեն երկիրը, եւ իրենց շեխին պատուէրին համաձայն, կ’արհամարհեն ու կը ծաղրեն կառավարութիւնը։ Կառավարութիւնը ներկայացնող մարմինը, գայմագամներ, միւտիրներ, զապթիյէներ, ասոնք ամէնքն ալ, կառավարելէ տարբեր բանով մը զբաղած են, աւազակներուն ու մարդասպաններուն գաղտնի թէ յայտնի ընկերակիցները կը դաւանին իրենք զիրենք. հետեւաբար, փոխանակ զսպելու կամ պատժելու վայրագութիւնները, կը քաջալերեն եւ շատ անգամ ալ կը թելադրեն։ Աւելին կայ, եթէ աւարէն իրենց բաժին չը հանուի, ա՛յն ատեն միայն դատախազ կը հանդիսանան։ Կ. Պոլսէն հասած հրամաններուն բնաւ նշանակութիւն չարուիր, եթէ քրիստոնեաները կեղեքելու չը ծառայեն։ Հազարաւոր ու հազարաւոր անզէն ու անպաշտպան քրիստոնեաներու կեանքը վտանգի տակ է ամէն օր։ Տեսակ մը կանոնաւոր եւ մէթոտաւոր բնաջնջում է ասիկա, եթէ ժամանակին կանխարգել միջոցներ ձեռք չառնուին։

Քաղաքիս արքեպիսկոպոսը տեղեկագիր մը ղրկեց Կ. Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանին, իր եպիսկոպոսական վիճակին մէջ գործուած կեղեքումներուն վրայ։ Ասկէ կը քաղենք հետեւեալ հատուածները։

«Տիգրանակերտի Հայերը քուրտ Տէրէպէյիներէ կը հարստահարուին։ Ֆէթահ Պէկ ու իր մարդիկները՝ կը գործեն իրենց անլուր աւերումներն ու խժդժանքները Ղարզանի ու Պէշիրիկի մէջ, Մէհմէտ Րաշիտ ու Ապտուլլահ Աղա՝ Ալիվանի մէջ, Սէվտին Պէկ՝ Հազրօյի մէջ, Սահիտ Պէկ ու իր մարդիկը, Իսմայիլ Պէկ ու Շեխերը՝ Հայնիի մէջ, Միրզա ու Թէլլօ Աղաներն ու իրենց ազգականները՝ Խուլփի ու Խիյանի մէջ, Սաատուլլահ Պէկի տղաքն ու Շեխերը՝ Լըճէի մէջ, Սիւլէյման Պէկի որդիներն եւ ուրիշ շատեր Ճապաղջուրի եւ Ակլի մէջ, Ռէշկօտանցի աշիրէթը Տիգրանակերտի ու Պէչարի մէջ։

Դեռ վերջերս, Թէլլօ Աղաբիրի հարուածներու տակ գետին փռեց Հայ մը, որ ստացած վերքերէն մեռաւ։ Թրքուհիներ պղծեր են հայ եկեղեցիին խորանը։ Իշխանութիւնները լոկ անտարբեր հանդիսատեսներ են եւ բան մը չեն ըներ պահպանելու համար Հայերուն կեանքը, պատիւն ու ինչքերը։»

Պէչարի Սայիտ Պէկը, իր եղբայրները, Ահմէտ պէկ ու Մէմօ, Հասան Պէկի ծառան, Թումօ անուն Հայու մը կինը վերջերս առեւանգեցին եւ բռնադատեցին զինքը որ իսլամութիւնն ընդունի։

Այս յիշուած տխուր դէպքերը՝ հարիւրին մէկը հազիւ կը կազմեն այն բարբարոսային արարքներուն, որոնք օր ցերեկով տեղի կ’ունենան տեղական կառավարութեան քիթին տակ։ Տիգրանակերտ, 26 նոյեմ. 1878։

 

ՏԻՎՐԻԿ. Այս քաղաքի հայ առաջնորդը վերջերս Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանը տեղեկագիր մը ղրկած էր Քուրդերէն ու Թուրքերէն գործուած հարստահարութեանց ու զանազան ոճիրներու վրայ։

Ահաւասիկ այդ տեղեկագրէն քաղուած քանի մը գլխաւոր հատուածներ.

«Տիվրիկի տեղական կառավարութիւնը, հրապարակներն ու փողոցները մունետիկներ հանելով, ասոնց բերնով տեղւոյն իսլամ ժողովուրդը հրաւիրած էր ա՛լ չը չարչարել ու չանարգել Հայերը, միեւնոյն ժամանակ, կառավարական գօնագին մէջ համախըմբած էր Հայոց առաջնորդին հետ ազգային ժողովի բոլոր անդամները, տեղեկանալու իրենց գանգատներուն։ Ասոր վրայ, Տիվրիկի Սօֆթաներուն ու մէկ քանի ազդեցիկ ու մոլեռանդ պետերու կողմէն գրգռուած Թուրքերը, զինուած կը խուժեն կառավարական պաշտօնատունը, ուխտած ըլլալով հոն, հրապարակով սպաննել թէ՛ հայ ժողովականները, թէ՛ առաջնորդը, որոնք գրեթէ հրաշքով ճողոպրեցան խուժանին մոլեռանդութենէն։ Խուժանը, ձեռնունայն վերադարձած չըլլալու եւ գոնէ մասամբ մը գործադրած ըլլալու համար իր ուխտը, կը խորտակէ կառավարական բանտին դուռը, եւ բռնի ներսէն դուրս քաշելով կ’արձակէ Սարկոնցի Թուրք մը, որ Հայերուն վրայ ի գործ դրած ոճիրներովը մեծ համբաւ շինած էր։ Այդ օրը բոլոր քաղաքը տեսակ մը պաշարման վիճակի կ’ենթարկուի, եւ խուճապ տագնապ մը կը տիրէ բոլոր քրիստոնեաներուն մէջ, որոնք, մոլեռանդ խուժանին կողմէն թալանի ու ջարդի սպառնալիքի տակ կը գտնեն իրենք զիրենք եւ ճգնաժամային րոպէներ կ’անցունեն։ Տեղական կառավարութիւնը մեծ դժուարութիւններով հազիւ կը յաջողի հանդարտեցնել գերագրգռուած ամբոխը, որ փողոցներուն ու շուկաներուն մէջ կը պոռար.

Մա՜հ կեավուրներուն…։

Հայ խանութպանները գրեթէ ամէն օր կ’անարգուին, ծեծ կուտեն ու կը վիրաւորուին Տիվրիկի շուկային մէջ։ Թուրք մը, Սարաճ Ահմէտ անունով, վերջերս տխուր ժողովրդականութիւն մը շինեց իր իսլամ եղբայրներուն քով, ամենակոշտ եւ խայտառակ կերպով մը նախատելով պարկեշտ ու իր բարեգործութիւններովը ծանօթ Հայ մը։

Աւազակութիւնները կը շատնան երթալով։ Տեղական կառավարութեան կողմէն ո՛չ միայն չը հետապնդուիր աւազակ մը, այլ յաճախ կը վարձատրուի։ Անցեալները Արապաճի Օղլու Մէհմէտ, Զէյվէլի Օղլու Մէմօ եւ իր եղբայրը, Արաբկիրցի վաճառականներ կողոպտած էին ճամբան։ Վաճառականներուն բողոքներուն վրայ ձերբակալուեցան անոնք ու Սվազի կուսակալութեան կեդրոնական բանտը դրուեցան։ Եւ սակայն, իրենց ձերբակալման վրայ հազիւ թէ անցած էր մէկ երկու շաբաթ, երբ լսուեցաւ թէ ամէնքն ալ ազատ արձակուած են։ Ու այս աւազակները դեռ վերջերս փորձած էին ուրիշ նոր յարձակում մը գործել կարաւաններու վրայ, Սուսուզ Պէլի կոչուած կիրճին մէջ։

Իր տխուր ու արիւնոտ նախճիրներով հանրածանօթ թուրք աւազակապետ Ղանղալ Աղասիի մարդերը, սկսած են կողոպտել բոլոր ճամբորդները, որոնք կը հանդիպին իրենց ճամբուն վրայ։ Գլուխը ջախջախած են Յուսիկ Չօփուրեան անուն Հայու մը, որ փորձած էր դէմ դնել ինքնապաշտպանութեան բնազդով։

Տիվրիկի շրջակաները, ամէն օր նոր նոր աւազակներ երեւան կ’ելլեն։ Ալիշան պէյ ու Ալի Աղա աւազակները, լեռան թագաւորներու պէս ի գործ կը դնեն իրենց արհեստը։ Իւրաքանչիւր հայ ճամբորդ կը բռնադատուի վճարել իրենց 600 ղրուշի փրկանք մը, կարենալ անվտանգ երթեւեկելու համար։

Հասան ու Մահմուտ կոչուած երկու քուրտեր Ս. Յակոբի գիւղին Հայերէն կորզեցին երեք հազար ղրուշի գումար մը. զանոնք ահռելիօրէն խոշտանգելէ ետքը։

Վարժարաններու վերաբացման օրերը, երբ աշակերտները պտոյտի համար մօտակայ դաշտը կ’երթան, յանկարծ յարձակում կը կրեն խումբ մը թուրք երիտասարդներէ, որոնք քարերու տարափ մը կը տեղացնեն, եւ որոնց կ’առաջնորդէր հօճա մը, իր թոքերուն բոլոր ուժովը պոռալով. «Զարկէ՛ք, զարկէ՛ք, սատկեցուցէ՛ք կեավուրի ձագերը…։»

Եթէ այս վիճակը տեւէ տակաւին, մեզի ուրիշ բան մը չը՛ մնար ընել, բայց միայն ուրանալ մեր հաւատքը, պատառ մը հաց հանդարտ սրտով կարենալ ուտելու համար, բայց, մեզի համար լաւագոյն է մեռնիլ քան թէ զրկուիլ մեր նախահայրերուն պաշտած սուրբ կրօնքի մխիթարութենէն։ 22 նոյեմբեր 1878, Տիվրիկ։»

 

ԶԵԹՈՒՆ. Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը Սիս վերադառնալու միջոցին, Մարաշ հանդիպած ըլլալով, առիթ ունեցաւ տեսակցութիւն մը ունենալու Մարաշի կառավարչին հետ։ Ս. Կաթողիկոսը դիտել կուտայ թէ՝ մէկ կողմէն տուրքերուն ծանրութիւնը, միւս կողմէն կաշառակեր ու գող պաշտօնեաներուն բռնութիւնը, այս երկուքը միացած, Զեթունի լեռնական հայ ժողովուրդը մղեր են ապստամբութեան, ինչպէս որ անցեալին մէջ ալ տեղի ունեցած է նոյն բանը, եւ վերջացնելով, կառավարչին կը ներկայացնէ հետեւեալ խիստ կարեւոր առաջարկները.

1. Տուրքերը զեղչել եւ իջեցնել տարեկան 25 կամ 30 հազար ղրուշի, քանի որ այդ գումարը դարեր առաջ որոշուած է Սուլթան Մուրատ Դ. ի հրովարտակով, եւ մանաւանդ որ Զեթունի դիրքը, ինչպէս յիշուած է ֆէրմանին մէջ, լեռնոտ ու անպտղաբեր ըլլալով, բնակիչները մեծ դժուարութիւններով ու չարաչար տաժանքներով հազիւ կրնան հայթայթել չոր հաց մը։

2. Տարիներէ ի վեր դիզուելով, պաշտօնեաներու անհոգութեան եւ նոյնիսկ անոնց կաշառակերութեան հետեւանքով ցարդ անվճար մնացած բոլոր տուրքերուն կայսերական ներում մը շնորհել։

3. Նկատելով որ Զեթուն, թէ՛ քաղաքը, թէ՛ շրջակայ գիւղերը, զուտ հայ բնակչութիւններէ կը բաղկանայ, պէտք է կառավարուի քրիստոնեայ գայմագամով մը, որպէս զի այդ ի բնէ անկախ ու խրոխտ լեռնականներուն դիւրատար գայ նորամուտ կառավարութեան լուծը (հազիւ տասներկու տարիէ ի վեր մուտ գտած է հոն արդի կառավարութիւնը, այսինքն 1866ին, այս թուականէն առաջ Զեթուն իր բոլոր գիւղերով ու շրջականերով կը կառավարուէր մէկ արքեպիսկոպոսով ու չորս իշխաններով, որոնք կը կտրէին ամէն դատ ու կը հովուէին ժողովուրդը նահապետական պարզուկ ու գործնական կանոններով)։

Մարաշի կառավարիչը, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին ա՛յսքան բանաւոր եւ ա՛յսքան օգտակար առաջարկները բացարձակապէս կը մերժէ եւ, Եըլտըզէ ստացած վերջին հրահանգներու համաձայն, կանոնաւոր զօրքի բանակը Զեթունի վրայ կը քալեցնէ։ Զեթունի սահմանները մօտենալուն, բաշան բանակատեղին կը հրաւիրէ Զեթունի մեծամեծները, իբր թէ, երկուստեք համաձայնութեամբ որոշելու ժողովուրդին վիճակին յարմար ամենէն կարեւոր բարենորոգումները, եւ երբ կը յաջողի այդ արի լեռնականներէն երեսուն հոգի համախմբել իր քով, ամէնքն ալ կը բանտարկէ։

Այսպէս, մեծամեծները բանտարկելով, կը յաջողի մտնել Զեթուն եւ դիմացը լարել բանակին վրանները։ Անմիջապէս կը կազմուի Պատերազմական Ատեան մը, դատելու եւ պատժելու համար առանց պետերու անպաշտպան մնացած ժողովուրդը։ Ուրիշ Յանձնաժողով մըն ալ կը կազմուի ամբողջովին գանձելու համար յետնեալ տուրքերը։ Պատերազմական Ատեանը, քանի մը զինուորականներէ եւ Մարաշի մոլեռանդներէն կազմուած, կը սկսի նախ եւ առաջ բանտը նետել երեսուն Հայեր եւ աճուրդի հանել Պապիկ իշխանին գլուխը, որ մեծ հռչակ հանած է իբրեւ ապստամբապետ։ Հարկահաւաք Յանձնաժողովը ո՛չ գութ ունի ո՛չ ալ խիղճ։ Զեթունի մէջ թշուառութիւնը կարելի չէ նկարագրել գրչով ո՛չ ալ պատմել լեզուով։ Կ. Պոլիս 8 դեկտեմբեր 1878։»

 

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ. Ահաւասիկ ծանրակշիռ լուր մը որ արդէն սարսափի մատնած է կուսակալութեան բոլոր պաշտօնեաները։ Պէտըրխան Բաշային որդիները, Համիտ Աղա աւատապետին առաջնորդութեամբ, ապստամբութեան դրօշակը պարզեցին կառավարութեան դէմ եւ իրենց առաջին քաջագործութեան ասպարէզ ըրին Տհէ անուն հայաբնակ գիւղը, որուն վրայ կատաղի յարձակում մը գործելով ամէն բան թալլեցին, անլուր խժդժութիւններ գործեցին, աննախընթաց ոճիրներու շարք մը. ութը տարու փոքրիկ աղջիկներէն սկսեալ ամենէն տարէց, մինչեւ իսկ ութսուննոց կիները բռնաբարեցին….

Ասդին, Սլիվանի գայմագամը, Նէճիպ Աղա կոչուած հրէշ մը, կը կողոպտէ, կը կեղեքէ, կը հալածէ ուր որ գտնէ քրիստոնեայ մը։

Խայնիի մէջ, Ապտուլլահ պէկ ու Րաշիտ, այդ տեղի երկու երեւելիները, կարծես թէ իրարու հետ մրցումի ելեր են, եւ իրենց բոլոր ճիգն ու եռանդը կը թափեն քրիստոնեաներուն չարչարանքը բազմապատկելու համար։

  Տիգրանակերտի կուսակալութեան հեռաւոր սահմաններուն մէջ, Ահմէտ Պէկի ու Շեխ Ահմէտի առաջնորդութեան տակ նոր հրոսախումբ մը գործի վրայ է, արձակ համարձակ աւազակութիւն կ’ընէ. չը մնաց տուն մը, որ այցելած չըլլան ասոնք, չը կայ եկեղեցի մը, որ կողոպտած չըլլայ ասոնցմէ։ Հարկ չը կայ մէկիկ մէկիկ յիշելու առեւանգումներն ու յափշտակումները, որոնք յաճախադէպ են, օրակարգի վրայ են թալանն ու սպաննութիւնը։ Քուրտերու պետ Էկիլ, Տէրիքան աշիրէթին գլուխը անցած, կ’ասպատակէ բովանդակ նահանգին մէջ, աւարի, աւերի ենթարկելով բոլոր շէն գեղերը, ուր քրիստոնեայ բնակչութիւն մը կ’ապրի, իր աշխատանքի ու քրտինքի հալալ ու խեղճ արդիւնքովը։ Կատարեալ անիշխանութիւն մը կը տիրէ ամենուրեք։

Տիգրանակերտ, 21 դեկտեմբեր 1878։»

 

ՄԱՐԱՇ. Տեղւոյն հայ կղերական ու աշխարհական կարեւոր անձնաւորութեանց կողմէն ընդարձակ տեղեկագիր մը հասած է Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանը, որուն մէջէն կը քաղենք հետեւեալ աչքառու հատուածները։

«Քաղաքիս մէջ կրթասէր երիտասարդներու ընտրեալ խումբ մը, Հայրենասիրաց անունով ընկերութիւն կազմած էր, միակ նպատակ ունենալով Կեդրոնական վարժարան մը հիմնելու, հոն երկրորդական կրթութիւն մը տրուելու համար քաղաքիս վեց թաղերու նախակրթարաններու ընթացաւարտներուն։ Այս ընկերութիւնը յաջողած էր դրամագլուխ մը կազմել քաղաքին յարմարագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ վարժարանի շէնքի մը կառուցման գործածուելու համար։ Նորեկ կառավարիչը, արգիլեց ընկերութիւնը, եւ ցրուեց բոլոր անդամները, բանտարկելու սպառնալիքի տակ։

Մեր քահանաները չեն համարձակիր փողոցներէ անցնիլ. թուրք երիտասարդներ, նաեւ սօֆթաներ, քարի կը բռնեն զանոնք եւ կերպ կերպ նախատինքներով ու հայհուչներով կը հալածեն։

Զեթունէն նոր բերուած բանտարկեալները, երբ փողոցներէն կ’անցնէին, կապուած, քաղաքիս մոլեռանդ թուրք բնակչութեան կողմէն աննկարագրելի լուտանքներու ենթարկուեցան եւ կը լսենք թէ՝ բանտին մէջ ալ կը խոշտանգուին ամէն օր։ Կառավարիչը խստիւ արգիլած է յարաբերութեան մտնել իրենց հետ, արգիլուած է նոյնիսկ կերակուր տանիլ այդ խեղճ բանտարկեալներուն, որոնցմէ մէկ քանիները մեռան արդէն անօթութենէ ու տանջանքէ։ Թուրքերը գերագրգռուած են եւ Հայերուն դէմ թշնամական ցոյցեր կ’ընեն շուկաներու մէջ, փողոցները, եկեղեցիներու առջեւ, այնպէս որ ո՛չ ոք Հայերէն չպիտի համարձակի տունէն դուրս ելլել, ո՛չ ոք չպիտի կրնայ խանութը բանալ։ Սարսափը կ’աւելնայ երթալով։

Քաղաքիս թուրք ու հայ բնակչութեանց միջեւ արմատական ատելութիւն մը կայ. այս ատելութիւնը չը մարիր երբէք, քանի որ տեղական իշխանութեան կողմէն աւելի՛ կ’արծարծուի ան։ Յաճախադէպ է յուղարկաւորութեան թափորի մը յարձակում կրելը, դագաղին քարկոծուիլը, եկեղեցիներու դռներուն աղբերով ծեփուիլը, կիներու առեւանգումը, աղջիկներու բռնաբարումը։ Եւ այս ամէնուն աչք կը գոցէ մեր բարեխնամ (. ՞) կառավարութիւնը։ Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս դժոխային վիճակը Մարաշ։ 18 դեկտեմբեր 1878։»

 

ԿԻՒՐԻՆ. Սոյն հայաբնակ քաղաքի Հայոց կաթողիկոսական Փոխանորդին կողմէն Պոլսոյ ազգային պատրիարքարանին ղրկուած ընդարձակ տեղեկագրէ մը քաղուած կարեւոր հատուածները կը նշանակենք ստորեւ.

«Պաշարման վիճակ մը հրատարակուած է հոս։ Ճամբաները խափանուած են արդէն ձիւներէն, սակայն, աւազակներուն համար միշտ բաց են, որոնք շատ անգամ գիշերները կ’այցելեն քաղաքը, մէկ քանի հարուստ հայերու տուներ ու մթերանոցներ կողոպտելէ ետքը կը հեռանան, ուրիշ հայաբնակ գիւղերու մէջ փոխադրելով իրենց արշաւանքը։ Վերջերս Մանճըլըգի վանքը Քուրտ աւազակներ մտած էին եւ ծերունի վանահայր Զաքարիա եպիսկոպոսին մահ սպառնալով՝ յաջողած էին քանի մը թանկագին անօթներ ու եկեղեցական սպասներ առնել տանիլ, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսին՝ տարիներէ ի վեր ըրած խնայողութիւնները, մէկ երկու տասնեակ ոսկիներ։

  Աշոտի վանքէն ալ տխուր լուրեր կը հասնին, միեւնոյն աւազակները, միեւնոյն կողոպուտները, միեւնոյն սարսափը, եւ տեղական միեւնոյն անհոգ ու անտարբեր կառավարութիւնը։ Ահաւասիկ Կիւրինի եւ շրջականերուն մեր ազգային կացութիւնը։ 14 Դեկտեմբեր. 1878, Կիւրին։»

 

ՎԱՆ. Վանայ Առաջնորդը վերջերս մանրամասն տեղեկագիր մը ղրկած էր Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանը, իր եպիսկոպոսական վիճակին մէջ գործուած զանազան հարստահարութեանց վրայ։

Ահա՛ւասիկ քանի մը հատուածներ, որոնք քաղված են նոյն տեղեկագրի պարունակութենէն։

«Քանի՛ քանի անգամներ գրեցինք Պատրիարքարանը, եւ իմացուցինք թէ՝ Թուրքերը հրդեհած էին Վանայ շուկան։ Զարմանալին հոն է որ ժանտարմաները, որոնք իբր թէ հրդեհը մարելու պաշտօն ունէին, իրե՛նք գողցած են որքան դրամ որ գտած են Հայերու խանութներուն մէջ։ Ու ասիկա բաւականէն աւելի հաստատուեցաւ առաջին հարցաքննութեան մը մէջ, որուն ենթարկուած էին այդ խղճամիտ ու պարկեշտ (?) ոստիկանութեան պաշտօնեաները, որոնց յանձնուած է քաղաքին պահպանութիւնը…։ Սակայն, թէ՛ զարմանալի եւ թէ՛ ցաւալի կէտ մը կայ այս կատակախաղին մէջ. ձերբակալուած կասկածելի ժանտարմաները, որոնք, ինչպէս ըսինք, առաջին հարցաքննութեան մէջ, չկրնալով ուրանալ, ստիպուեցան ճշմարտութիւնը խոստովանիլ, գիտէ՞ք, ի՛նչ վախճան ունեցան։ Ո՛չ մէկուն ո՛չ մէկ պատիժ, ամէնքն ալ արձակուեցան ու գողցուած դրամներէն եւ ո՛չ իսկ մէկ բարա ետ չտրուեցաւ տէրերուն։ Արդէն հրդեհին նախընթօրը, կանոնաւոր զօրքերը սպառնալիքներ տեղացած էին Հայերուն շուկան այրելու եւ խանութները թալլելու։ Մենք այս պարագան ալ յայտնեցինք անձամբ Վալի բաշային, որ չը կրցաւ հերքում մը տալ, եւ սակայն, ամէնուն վրայ վարագոյր մը քաշեց։ Վան, 18 դեկտեմբեր 1878։»

 

ԱԿՆ. Ակնայ գաւառին եւ շրջականերուն մէջ վերջերը գործուած կեղեքումներու եւ հարստահարութեանց տեղեկագիր մը ղրկուած էր Պոլսոյ Պատրիարքարանը, Առաջնորդին եւ Քաղաքական ժողովին կողմէն։

Ահաւասիկ քանի մը հատուածներ.

«Այս տարի, Յունվար ամսուան մէջ, Օվաճուգ գիւղէն Քուրտ Իսմայիլ ու իր ազգականները, զարհուրելի խոշտանգումներով ու չարչարանքներով սպաննեցին Ակնցի Հայ մը, Պօղոս Ճէնազեան։

Դարձեալ Օվաճուգի Քուրտերը, արիւնարբու հուղկահարներ, ճամբան կը յարձակին Երուսաղէմ գացող երեսուն հայ ուխտաւորներու վրայ ու ամէնքն ալ կը կողոպտեն այս տարի Օգոստոս ամսուան մէջ։

Դարձեալ այս տարի Սեպտեմբերին, մեծ ճամբուն վրայ, տասներկու Քուրդեր կը կողոպտեն Գասպար Խանարեանն ու իր բարեկամները, ասոնց վրայէն առնելով գրեթէ 350  000 ղրուշի գումար մը։ Եւ այս աւազակութեան դէմ երբ բողոք տրուեցաւ կառավարութեան, բողոքողները, որոնք մէկ րոպէի մէջ իրենց հարստութենէն զրկուած, օրական հացի կարօտ եղած էին, առանց հարցուփորձի բանտը դրուեցան։

Ակն, 25 դեկտեմբեր 1878։»

 

Խորէն էֆէնտի բոլոր այս վաւերաթուղթերը մէկիկ մէկիկ աչքէ անցունելէ ետքը, ծրարեց դարձեալ ու մէկդի դրաւ։

Խորէ՛ն, ըսաւ Հայրապետը, միւս ծրարները պատրաստած եմ ես, անոնք ալ ա՛ռ, ասոր հետ միացո՛ւր։ Ատոնք բոլորն ալ Վեհափառ Ցարին մատուցուելիք աղերսագրին հետ պիտի ղրկուին Ս. Բէթրսպուրկ։

Խորէն էֆէնտի անմիջապէս կատարեց Հայրապետին յանձարարութիւնը, իր գրասեղանին մէկ անկիւնը տեղաւորեց միւս ծրարներն ալ։

Այդ ծրարները, 1878-1879էն յետոյ, Հայաստանի զանազան հայաշատ կեդրոններուն մէջ եւ յետին անկիւնները, համիտական կառավարութեան ու քրդական համիտիյէ ուրիշ աւազակային խումբերու կողմէն պարբերաբար ու անընդհատօրէն ի գործ դրուած վայրագութեանց մանրամասնութիւնները կը պարունակէին։ Համառօտելով այդ ամէնը, կարելի էր ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

1. Զեթունի Պապիկ իշխանի ծանօթ ապստամբութեան հետեւանքով այդ կէս­անկախ հայկական լեռան մէջ, բռնապետական կառավարութիւնը վերջապէս կը հաստատուի, բերդաքաղաքին վրայ իշխող բարձր բլուրի մը գագաթը հիմնելով Զօրանոց մը եւ հոն տեղաւորելով թնթանօթներ, ռազմամթերք ու վաշտ մը կանոնաւոր զինւորներ։

2. Կարնոյ 1882ի անդրանիկ շարժումը, մոլեռանդ խուժանին յարձակումը քրիստոնեաներուն վրայ եւ այդ վայրագութեանց հետեւանքով, յիսունէ աւելի անմեղ Հայերու ձերբակալուիլը, եւն։

3. ԿԻՒՐԻՆ ի մէջ, դպրոցական պարգեւաբաշխութեան մը հանդէսին առիթովը արտասանուած Զեթունցի Զգօնեան Մանուկ վարժապետին «Տեսէ՛ք Աղաւնին նոյեան տապանին» հայրենաշունչ բանաստեղծութիւնը Կ. Պոլսոյ Մամուլ լրագրին մէջ հրատարակուած ըլլալով, այդ թերթի Խմբագիր­Արտօնատէր Այվազեան Գէորգ էֆէնտին Միտիլլի կղզին կ’աքսորուի, անպայման ժամանակով բերդարգելութեան դատապարտուած։

4. Ծանօթ ազգային մշակներէն Եղիա Տնտեսեան, Հայկական Երգարան մը հրատարակած ըլլալու ոճիրով (. ՞) բանտը կը դրուի եւ հոն, չկրնալով դիմանալ զրկանքներու եւ խոշտանգումներու, կը մեռնի։

5. Մկրտիչ Փօրթուգալեան, Վանայ մէջ իր ունեցած ազգային ա՛յնքան աշխոյժ գործունէութեան ու կրթական ծառայութեան մէջ ցոյց տուած ա՛յնքան օգտակար ջանքերուն հետեւանքովը կասկածելի կը դառնայ համիտական բռնապետութեան աչքին, եւ կը ստիպուի փախստական ապաստանիլ Ֆրանսայի մէջ։

6. Պերլինի Վեհաժողովին ներկայացած հայկական պատգամաւորութեան քարտուղար անդամներէն Մինաս էֆ. Չէրազ, որ վերջերս Ղալաթիոյ Հայոց Կեդրոնական վարժարանին մէջ տեսչութեան պաշտօնը կը վարէր, կը ստիպուի փախչիլ մայրաքաղաքէն եւ ապաստանիլ Անգլիա։

7. Վանայ մէջ ժողովուրդին ծայրայեղ կեղեքումներն ու զրկումները տեսնելով, մէկ քանի երիտասարդներ, ինքնապաշտպանութեան ուխտով մը կը միանան, այս ուխտեալներէն Արմենական Ագրիպպասեանները Համիտի զօրքերէն կը սպաննուին, եւ կ’ըլլան առաջին զոհերը մոլեռանդ ու բարբարոս բռնապետութեան։

8. Գում Գաբուի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային բողոքի ցոյցի մը հետեւանքովը Կ. Պոլսոյ փողոցներուն մէջ հայկական արիւնը կը հոսի, Ապտիւլ Համիտի պաշտօնատարներուն թելադրութեամբ ու գրգռուած զօրքերուն ձեռքով։

9. Զեթունցի թուրք Լրտես Օսման Չավուշ անուն ժանտարմա մը, Կիլիկիոյ զանազան հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը կը պտըտի ծպտուն վիճակի մէջ, հայ ձեւանալով, ապստամբութեան կը յորդորէ խաղաղ Հայերը, իբր թէ թօթուելու համար բռնապետական կառավարութեան մը գարշելի լուծը։ Այս չավուշին սադրանքներէն խաբուած տասնեակներով անմեղ Հաճընցի Հայեր կը ձերբակալուին եւ Ատանայի կեդրոնական բանտը կը դրուին, Օսման Չավուշ երբ Զեթուն կը վերադառնայ իր չարագործական առաքելութենէն, կը սպաննուի Հայերէն։ Այս հասարակ մարդասպանութեան ոճիրը, Մարաշի համիտաբարոյ կառավարիչ Սալիհ բաշային ջանքերովը, եւ քաղաքին ազդեցիկ մոլեռանդներու գրգռումներովը, քաղաքական գոյն կը ստանայ եւ քանի մը վաշտ կանոնաւոր զօրք կը ղրկուի, զսպելու համար Զեթունի ապստամբութիւնը ( . ՞)։ Ժամերով զօրանոցէն քաղաքը կը ռմբակոծուի, ի վերջոյ, Եըլտըզէն Քննիչ Յանձնաժողով մը կը ղրկուի Զեթուն, եւ կը սկսին անիրաւ ձերբակալումները. եկեղեցական ու աշխարհական մեծ դէմքեր, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, ուսուցիչներ ու գրագէտներ, հասարակ ոճրագործներու բանտը կը նետուին։ Եւ այս ամէն վայրագութիւնները կը գործուին, խեղդելու համար բողոքի աղաղակները Զեթունի արի լեռնականներուն, որոնց հինգ հարիւր յիսունըչորս մատղաշ տղեկները, կառավարութեան կողմէն ղրկուած հայ բժշկի մը ներարկած թունաւոր պատուաստին զոհ եղան, եւն։

  Եօզկաթի կախաղաններուն արիւնոտ մանրամասնութիւնները ստուար ծրար մը կը կազմէին։

Ու այս բոլոր ծրարներուն ամփոփոյքը, Հայրապետին դողդոջուն ձեռքովը ստորագրուած աղերսագրի մը հետ պիտի մատուցուէր Վեհափառ Ցարին…։