Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Տաժանքոտ էր ճամբորդութիւնս Անդունդներու վրայ կախուած սեպ ու լերկ ապառաժներու գագաթները մագլցի վերելքներէ վերջ, գահավէժ կը գլորուէի ամպերու դրացի ահաւոր բարձունքներէ դէպի մութ ու կապոյտ խորութիւնները ձորերու, որոնց կողերէն քերելով կը վազէին արիւնոտ վտակներ։ Քրտինքի մէջ թաթխուած, թասուն ու պարտասուն, հասած էի վերջապէս ստորոտը հսկայ լեռան մը, որուն մէջքը պատած էր թանձր ամպերու գօտի մը, եւ որուն ձիւնեղէն գագաթը կը շողշողար մեռելային ճառագայթներուն տակ աշնան վերջի գիշերներու լուսնի մը, որ կոյր ուղեւորի մը պէս խարխափելով կը թափառէր ամպերու կարաւանի մը մէջ։

Խոնջած գլուխս վեր առի, դիտելու համար սրբազան բարձրութիւնները։

Գիշերուան ցուրտ քամին կը փչէր կատաղի, հետը քաշել տանելով հալածական տերեւները, որոնք փրթած էին իրենց ճիւղերէն։ Մօտէն, շատ մօտէն կը լսէի շշուկներ, նման անոնց, որոնք յաճախ կը զարնեն ճամբորդին ականջին, երբ կ’անցնի ան՝ նոճեստաններու մէջէ։ Բոլորտիքս ամայութիւն մըն էր ահաւոր, անծանօթին սոսկումովը կենդանացած։

Ո՛չ մէկ էակի ներկայութիւնը չպիտի զօրէր վրդովելու անսահման սուգը խորհրդաւոր այդ վայրերուն, ուր մահուան տիրապետութի՛ւնը միայն կը զգայի։ Ինքզինքս կը գտնէի մեռելներու ժողովի մը մէջ, տարփելի մեռելներու, որոնք իրենց կմախք բազուկները կարկառած մութին մէջ, զի՛ս ալ կը հրաւիրէին երթալ միանալու իրենց երամին։ Փոս աչքերնին ինծի յառած, կշտամբանքի նայուածքներ կը սլաքէին, ու դէպի վեր, դէպի կապար երկինքը բարձրացուցած իրենց բռունցքով՝ վրէժի, անէծքի շարժուձեւեր կը գծէին պարապին մէջ։

Ու ես կը դիտէի տեսարանը։

Հսկայ լեռը խրոխտ գլուխը ցնցեց ու թաւ ընքուիները պռստեց յանկարծ։

Քարանձաւները գոռացին ու մերկ անտառները հեծեցին դողալով։

Խաւարին մէջ բան մը կը դառնար։

Իսկ ես, ստորոտը կեցած, անշարժ, լուռ ու մունջ, կը սպասէի վախճանին։

Ակնթարթ մը, ակնթարթ մըն ալ, եւ ահա՛ փոխուեցաւ տեսարանը։

Կոյր խաւարը փարատեցաւ, անհետացաւ ամպերուն կարաւանը, ընդարձակ հարթավայրը վարագուրող մառախուղը ցնդեցաւ ու վճիտ, կապուտակ երկինքէ մը կը ժպտէր անուշ լուսնկան։

Հորիզոնին վրայ նշմարեցի մութ կէտ մը, որ կ’երերար, որ կը մօտենար ու կը խոշորնար երթալով։

Քանի՛ կէտը կը մօտենար, ա՛յնքան մութը կը հալեր ու միջոցը կ’անօսրանար։

Հոգիս կը վկայէր թէ՝ ա՛լ չէի վերաբերեր մեր մոլորակին. աստղերուն հպումը կը զգայի եւ կը կարծէի լսել իրենց թաւալման յարուցած ներդաշնակութիւնը։

Մէկիկ մէկիկ կ’ոչնչանային երկրաւոր պատկերները, հիւլէներու պէս, երթալ խառնուելու տիեզերքի Մեծ Բոլորին, ու այն պահուն կը ներկայանար երեւակայութեանս մէջ, վիթխարի գունդի մը պէս։

Ու մութ կէտը կը մօտենար, կը խոշորնար, ձեւ ու մարմին կը հագնէր, տեսանելի կը դառնար։

Գետինը սկսաւ փախչիլ ոտքերուս տակէն։

Վսեմ, ահաւո՛ր վայրկեան։

Ամէն կողմէ, աջէս ու ձախէս, առջեւէս ու ետեւէս, միահաղոյն երեւցան անթիւ գլուխներ, գիսախռիւ, սկսան ինծի մօտենալ։

Իրենց նայուածքները շանթեր կը ժայթքէին ու բռունցքները՝ վրէժ։

Ամէնքը միասին կը յառէին մէ՛կ կէտի։

Անկապ, կցկտուր վանկեր զարկին ականջիս։

Մեռելներու ոսկորներու ջխկջխկոցին նմանող անդէնական ձայն մը թռաւ գլխուս վրայէն ու պաղ շունչ մը քսուեցաւ քունքերուս։

Ու դարձեալ տիրեց լռութիւնը։

Լեռը կ’այրէր բռնկած հրաբուխի մը պէս ու շրջակայքը կը բոցավառէր։

Գիսախռիւ գլուխները, որոնք պահ մը շուրջս շարուած էին, խորհրդաւոր տատանումներով, վայրկենապէս անյայտացան։

Հորիզոնին վրայ երեւցող կէտը, որ ա՛լ ձեւ ու մարմին հագած էր, դիմացս արձանացաւ։

Ինքզինքս ամփոփեցի, եւ, սարսուռը սրտիս մէջ, նայեցայ։

Ծերունի մըն է, սպիտակ մազերով, ալեծածան մօրուքով, կորաքամակ, դողդոջ քայլերով ծերունի մը, տարիներու ժանգէն սեւցած քնար մը կուրծքին, բեկբեկ լարերուն վրայ կը թրթռացնէր վաղեմի մելամաղձոտ եղանակ մը։

Եւ արցունքի կայլակներ կը գլտորուէին տառապանքէ ու տարիներէ ակօսուած խորշոմ երեսներն ի վար։

Ծերունին իր քնարի աղէխարշ թրթռումներուն կ’ընկերանար իր գերեզմանային ձայնով ու կ’երգէր.

 

Նահատակուող ժողովուրդիս Վիշտը մեծ՝

Լըռութիւնը գերեզմանիս վրդովեց.

Աղջամղջուտ կայքիս ալքէն լսեցի

Հոգեվարքը Բընաշխարհիս, վազեցի։

 

Հազարաւոր զոհերուն սուր աղաղակ

Հասաւ մինչեւ մեռելներու սեւ քաղաք.

Եւ արթնցան նախահայրերը բոլոր,

Եւ ինծի պէս կը թափառին լուռ, մոլոր։

 

Ահա՛, ահա՛ հորիզոնի մշուշին

Մէջ թաւալուն, կը սողոսկին, կը խուսին

Ըստուերներու մէջէն, կուգան ու կարգով

Դաշտին էրկայնքը կը շարուին քովէ քով։

 

Այսպէս կ’երգէր ծերունին։

Քնարին տրտմագին ձայնը կը հոսէր անհունին մէջ ու կը խառնուէր լուսնի ցուրտ ու դալկահար ճառագայթներուն, որոնք կը զմայլէին այս ահեղօրէն վսեմ տեսարանին վրայ։

Ո՞վ ես դուն, բարի՛ ծեր, հարցուցի վերջապէս, վանելով սրտէս ամէն ահ ու կասկած, ըսէ՛ ինծի, ո՞վ ես դուն եւ ո՞ւրկէ կուգաս.

Ե՞ս, յարեց քնարերգակ ծերունին, դառն հեգնանքով մը, մի՛ հարցներ, ո՛վ սիրելի, դարերէ ի վեր մոռցուած մըն եմ ես, իր ցեղին տառապանքը՝ ի՛ր իսկ անձին մէջ մարմնացնող դժբաղդ մը, դատապարտուա՜ծ մը…։

Սակայն, կրկնեցի հետզհետէ աւելի շահագրգռուելով, չպիտի՞ կրնամ լսել անունդ, վեհափա՛ռ ծերունի.

Անո՞ւնս…, յարեց, ի՞նչ պիտի ընես անունս.

Կ’աղաչե՜մ, կը պաղատի՜մ, բարձրացուցի ձայնս, մի՛ տանջեր զիս, շուտով ըսէ՛, ո՞վ ես դուն, եւ ո՞ւր կը գտնուիմ։

Ծերունին լռեց, չէր ուզեր պատասխանել։

Խոժոռ ակնարկով մը զգացուց ինծի որ չերկրորդեմ հարցումս։

Յետոյ, քնարը վար դրաւ, քարի մը վրայ, ու, մօտենալով ինծի, ձեռքէս մեղմով մը բռնեց, ու դիմացի լեռը ցոյց տալով,

Կը տեսնե՞ս, ըսաւ, ի՛նչպէս կ’անցնին իրարու ետեւէ, չե՞ս դիտեր թափորը։

Մորթիս վրայէն սարսուռ մը սահեցաւ, երակներուս մէջ կարծես թէ սառեցաւ արիւնս։ Ձիւնապսակ լեռան կողերը ծածկուեցան անթիւ անհամար թագակիր գլուխներով։

Կը դիտէի, կը դիտէի ու չէի կրնար ճանչնալ ո՛չ մէկը,

Գիտե՞ս, շարունակեց ծերունին, որո՛նք են,

Չե՜մ գիտեր, ըսի մեքենայօրէն.

Լաւ նայէ՛, լաւ նայէ՛, յարեց ծերունին, չե՞ս ճանչնար։

Թագակիր գլուխները լեռան կատարն ի վեր կը բարձրանային։

Ծերունի՛ն միայն չէր հեռանար, հոն էր միշտ, իմ քովս։

Քեզի՛ եմ, ըսաւ դարձեալ, չե՞ս ճանչնար.

Ո՛չ, կրկնեցի, ի՜նչպէս կրնամ ճանչնալ, բարի՛ ծեր, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր կը գտնուիմ եւ որո՞նք են անոնք որ կը բարձրանան լեռան գագաթը, ի՞նչ կը կոչուի այս լեռը…։

Հիմա՛, հիմա՛ պիտի հասկնաս, ըսաւ ծերունին։

Եւ քնարը դարձեալ ձեռք առաւ ու կը պատրաստուէր երգելու, երբ լեռան կատարէն լսուեցաւ միաձայն երաժշտութիւն մը։

Թագակիրները կ’երգէին միասին, մինչ վարէն, լեռան ստորոտէն իր քնարով կը ձայնակցէր ծերունին։

Ու երբ լռեց երաժշտութիւնը, յիշեցի ծերունիին խոստումը, եւ, կրկնեցի.

Ըսէ՛ ինծի ո՞ւր կը գտնուիմ եւ որո՞նք են այդ թագակիր գլուխները, որոնց ամբարձումը տեսայ հսկայ լեռան կատարին վրայ եւ որոնց երաժշտութիւնը թովեց հոգիս, ըսէ՛, կ’աղաչեմ, բարի՛ ծեր, փարատէ՛ տագնապս։

Ծերունին, տրտում ժպիտով մը,

Զաւա՛կս, ըսաւ, այս լեռը՝ Սասնոյ Անդոք լեռն է, եւ այդ թագակիր գլուխները՝ մեր ցեղին փառքերը կազմող թագաւորները չե՞ն, անոնք որ ա՛յսքան գեղեցիկ, ա՛յսքան արգաւանդ հայրենիք մը ժառանգութիւն ձգեցին ու հիմա, իրենց գերեզմանները թողած, եկած են տեսնելու աւերակներուն որչափութի՜ւնը…։

Երկիւղածօրէն ծունկի եկայ եւ երկրպագեցի ծերունիին, որ կը պարզէր այս ամէնուն գաղտնիքը։ Յետոյ, քաջալերուած, շարունակեցի.

Խօսէ՛, մե՛ծ ծերունի, խօսէ՛, ըսէ՛ ինծի, ո՛վ ես դուն.

Զաւա՛կս, եթէ լեռան կատարը բնակողները թագաւորներ են, ո՞վ կրնայ ըլլալ ուրեմն ստորոտը թափառողը…։

Դուն հասարակ մահկանացու մը չե՜ս, ո՛վ վեհափառ ծերունի, բացագանչեցի։

Ես, ըսաւ ծերունին, ամենադժբաղդ պատմագիրը եղայ Հայ Ցեղին…։

Վերջին վանկերուն հետ անհետացաւ ծերունին եւ իրեն հետ բովանդակ տեսարանը։

Անդո՜ք, Անդո՜ք, կ’ըսէի ինքնիրեն, Սասնոյ սո՜ւրբ սարը, ուր մղուեցան հերոսային մարտերը…։

Խաւարը վերադարձաւ իր բոլոր արհաւիրքով ու լուսինը ծածկուեցաւ ամպերու տակ։

Միս մինակ, շլմորած, սարսափած, կը յիշէի Անդոքի ստորոտը, քնարերգակ ծերունին ու կատարի թագակիր գլուխները։ Ու կ’ըսէի.

Խորենացի՜ն էր, Խորենացի՜ն, մեր պատմագիր քերթողահա՜յրը, որ, Սասնոյ Ջարդէն յաւիտենական քունը խանգարուած, եկած էր նոր նահատակներու ողբը հիւսելու, հրդեհուած գիւղերու մոխրակոյտին վրայ։

Յետոյ, փորձեցի քանի մը քայլ առաջ երթալ, դէպի դաշտավայրին կեդրոնը։

Խաւարամած օդին մէջէն անցնիլը նշմարեցի թեւաւոր էակներու, որոնք կ’ելլէին կ’իջնէին, կը թափառէին ընդարձակ դաշտավայրին մէջ ու գետնէն արիւնի կաթիլները հաւաքելով՝ կը զետեղէին զանոնք սրուակներու մէջ։

Աստուա՜ծ իմ, կը խորհէի, այս ի՜նչ խորհրդաւոր գործողութիւն է…։

Ձեռք մը դպաւ ուսիս, ետիս դարձայ, նայեցայ սոսկումով։

Ծերունի՜ն էր, ծերունի՜ն, նոյն քնարը ձեռքին մէջ, այս անգամ ժպտուն ու զուարթ։

Զաւա՛կս, ըսաւ, ուրախացի՛ր, անմեղ զոհերուն արիւնի կաթիլները կը հաւաքուին, վաղը ծով մը պիտի կազմուի այդ կաթիլներէն ու այդ կարմիր ծովուն մէջ պիտի խեղդուի Բռնապետութի՛ւնը…։

Այս յայտնութեան վրայ, ուզեցի փաթթուիլ պաշտելի ծերունիի ոտքերուն, իրեն կառչիլ, իր քով մնալ միշտ, յաւիտենապէս, իրեն հետ ապրիլ, իր շունչը ծծել ու իր քնարին թելերէն կախուած՝ օրօրուիլ, օրօրուիլ, օրօրուիլ…։

Սակայն, աւա՛ղ, զո՛ւր կ’երկնցնէի թեւերս, զո՛ւր կը փնտռէի իր աստուածագիծ դէ՜մքը։

Լքուած, թափառական, անգութ երկինքին տակ, շրջապատուած՝ մեռելոտիներէ, զո՛ւր կը ջանայի վերապրիլ մէկ երկու րոպէ առաջուան կեանքը, վեհափառ ուրուականներու եղբայրակցութեանը մէջ։

Արթնցայ։

Քրտինքի հեղեղի մը մէջ կը լողայի։ Պինդ մը գրկած էի վերմակս, ողջերու գերեզմանին այս ճերմակ պատանքը։

Անգամ մըն ալ յիշեցի հրաշալի տեսիլները, որոնք ամբողջ գիշերը ցանգորդած էին երեւակայութիւնս։ Յիշեցի Ցաւի Մարդը, իր բիկբեկ քնարով, այն հոյակապ ծերունին, երբ, բանտին մէկ անկիւնը, վերմակին եզերքէն դուրս ինկած փառահեղ մօրուքը տեսայ մեր ալեզարդ Նիկողայոս Սրբազանին, որ, հակառակ Ապուշ Համտոյի բերած լուրին, տակաւին կը մնար միեւնոյն խուցին մէջ։

Իսկ Սասունի Դէպքը, գերեզմանի սեւ կափարիչ մը, աւելի քան երբէք կը ճնշէր կուրծքիս վրայ, քանի՛ կը խորհէի թէ՝ այդ Դէպքին սուգը դեռ չաւարտած, մեր մայրենի լեզուին գործածութեան ապուսը արգելքը պիտի գար ա՛լ աւելի շեշտել մեր տառապանքը։