Դ.
Թուրխան
բաշան
գերմանական
դեսպանատունը
մեկնելէ
վերջ,
Ապտիւլ
Համիտ
կանչել
տուաւ
Ա.
Քարտուղարը՝
Թահսին
եւ
հարցուց
թէ՝
ի՛նչ
նորութիւն
կար։
–
Վեհափառ
տէ՛ր,
ըսաւ,
Րիւթէրի
գործակալութեան
Աթէնքի
թղթակիցը
գայթակղալից
հեռագիր
մը
ղրկած
է
Սասունի
ծանօթ
դէպքին
նկատմամբ։
–
Ի՜նչ
տեսակ
հեռագիր
է,
յարեց
Հիւնքեարը
արհամարհոտ
շեշտով
մը,
բե՛ր
կարդա՛
նայինք։
Թահսին
հեռացաւ.
քիչ
յետոյ
վերադարձաւ,
հեռագիրը
ձեռքը,
ու
Հիւնքեարին
ազդանշանին
վրայ,
սկսաւ
կարդալ
բառ
առ
բառ։
«Սասունի
փախստականներուն
պատմուածքները»։
«Սասունի
գաւառէն
քսան
գաղթականներ
եկան
Աթէնք։
Հայերէն
միայն
կը
խօսին,
այնպէս
որ
դժուար
է
իրենց
հետ
տեւական
խօսակցութեան
մը
բռնուիլ.
սակայն,
թարգմանի
մը
շնորհիւ,
յաջողեցայ
իրենց
բերնէն
քաղել
հետեւեալ
մանրամասնութիւնները
բարբարոսութեանց
վրայ,
որոնք
հարկադրած
են
զիրենք
փախչիլ
իրենց
բնիկ
երկրէն։
Տալւորիկէն
եկող
գաղթականները
տեղեկութիւն
տուին
ինծի
թէ՝
շատ
մը
կիներ,
որոնք
իրենց
հետ
փախած
էին,
Էրզրումի
մօտերը
մեռան,
չկրնալով
դիմանալ
փախուստէն
առաջ
իրենց
ստացած
եաթաղանի
վէրքերուն։
Անոնք
կը
հաւաստեն
թէ՝
մեծ
թիւով
Հայեր
կը
փախչէին
իրենց
բնավայրէն,
հոն
տիրող
սարսափի
ռէժիմին
պատճառով,
բայց
թէ՝
այդ
փախստականներէն
շատեր
ձերբակալուեցան
թուրք
զօրագունդերէն
ու
բանտ
նետուեցան։
Գաղթականները
կը
յայտարարեն
թէ՝
Սասունի
նահանգը
պաշարուած
է
թուրք
զօրագունդերէ,
շուրջ
տասնեւութ
ամիսներէ
ի
վեր,
առանց
մէկու
մը
թոյլ
տրուելու
որ
մտնէ
գաւառին
մէջ
կամ
անկէ
դուրս
ելլէ։
Չորս
ամիս
առաջ,
Թուրքերը
իմացած
էին
որ
Սասունի
սահմաններէն
դուրս
գտնուող
Վարդենիս
գիւղին
բնակիչները
պարէններ
կը
ղրկէին
պաշարուած
գաւառին
մէջ
գտնուող
Տալւորիկի։
Այս
տեղեկութեան
վրայ,
զօրքերը
յարձակեցան
Վարդենիս
գիւղին
վրայ,
եւ
անգթօրէն
ջարդեցին
բնակիչներուն
մեծագոյն
մասը։
Պաշարման
վիճակին
ենթարկուելէն
ի
վեր,
առաջին
ջարդը
չէ՛
որ
տեղի
կ’ունենայ
այդ
գաւառակին
մէջ։
Տարի
մը
կայ
որ
կը
գործուին
այդ
կարգի
խժդժութիւններ։
Գաղթականներէն
մէկը,
Խաչիկ
անունով,
կը
հաւաստէ
թէ՝
սպաննեցին
իր
հօրեղբայրն
ու
հօրաքոյրը,
այս
վերջինը
բռնաբարելէ
ետքը։
Կը
յայտարարէ
թէ՝
Ղեւոնդ
անուն
հայ
քահանայ
մը
սպաննեցին,
որովհետեւ
մերժած
էր
Վարդենիսի
իր
եկեղեցիին
մէջ
թրքական
ծէսեր
կատարելու։
Գիւղը
հայաբնակ
էր
եւ
կը
պարունակէր
երեք
հարիւր
քսանըհինգ
տուներ։
Սասունի
ընդարձագոյն
գիւղերէն
Տալւորիկի
բնակիչները
լսելով
այս
բարբարոսութեանց
պատմուածքները,
զօրագունդերուն
վրայ
կը
յարձակին
սահմանագլուխը։
Ասոր
վրայ,
Թուրքերը
տասներկու
զօրք
կը
ղրկեն
Տալւորիկ,
հասկնալու
համար
թէ
ի՛նչ
անցած
դարձած
էր։
Հայերը
կը
սպաննեն
այս
զօրքերը։
Այն
ատեն
թուրք
զօրագունդեր
կը
ղրկուին
գիւղը
թնդանօթներով,
եւ
կ’սկսի
ընդհանուր
ջարդ
մը։
Բոլոր
տուները
հիմնայատակ
կը
քանդուին»։
–
Էօ՜ֆ,
տրտնջաց
Համիտ,
ատոնք
յայտնի
են,
ուրիշ
բաներ
գիտե՞ս,
շարունակէ՛,
շարունակէ՛,
շուտով
լմնցո՛ւր։
Ու
Թահսին
շարունակեց.
«Ինիձումի
աւատապետ
Սէլօ
պէկ
եւ
Համիտիյէ
հեծելագունդէն
Քուրտ
մը,
կանոնաւոր
զօրքերով
կ’երթան
Սէմալ
գիւղը
եւ
հայ
քահանան
կը
քաշկռտեն,
եկեղեցիէն
դուրս
կը
հանեն։
Սրբազան
անօթները
կը
պղծեն,
եւ
զանոնք
քահանային
ձեռքին
մէջ
տեղաւորելէ
ետքը,
իշու
մը
կը
կապեն
զինք
եւ
քանի
մը
մէդր
հեռուէն
հրացանի
կը
բռնեն
թէ՛
քահանան
եւ
թէ՛
էշը։
Նոյն
գիւղին
մէջ,
զօրքերը
հայու
տունէ
մը
ներս
կը
մտնեն
եւ
կը
սպաննեն
կին
մը
եւ
իր
աղջիկը,
տասնըչորս
տարու
պարմանուհի
մը,
երկուքն
ալ
բռնաբարելէ
ետքը,
Սէլօ
պէկ
իր
Ինիձումի
կանանոցը
ղրկած
է
ութ
հայ
աղջիկներ։
Քուրտ
ու
թուրք
զօրագունդերը
կը
մտնեն
արշալոյսէն
առաջ
Կէլիէ
Կուզանի
գիւղը,
եւ
կրակ
կը
ձգեն
հոն,
երբ
բնակիչները
դեռ
կը
քնանային։
Մարդ
մը,
Առաքել
անունով,
եւ
իր
կինը,
քունի
մէջ
բռնուած
ըմբոստացնող
եղանակով
մը
կը
խոշտանգուին
հրաշէկ
երկաթով
ու
կը
սպաննուին։
Մարկոս
անուն
քահանայ
մը,
եւ
իր
տան
մէջ
բնակող
քսան
հոգիներ
ողջ
ողջ
կ’այրուին։
Շէնիկի
գիւղապետը
կը
կապեն
ու
իր
երկու
աղջիկներուն
հետ
եռացած
ջուրի
մէջ
կը
նետեն
մինչեւ
որ
հոն
կը
մեռնին։
Սպղանքի
գիւղին
մէջ,
կանոնաւոր
բանակէն
քսանըհինգ
զօրքեր
անանուն
ոճիրներ
կը
գործեն։
Գիւղին
վարժարանին
մէջ
աղջիկները
կը
բռնաբարեն
ու
յետոյ
շէնքը
կը
քանդեն։
Քուրտ
հռչակաւոր
աւազակ
մը,
Իպօ
անունով,
Ճիպրանի
աշիրէթէն,
եւ
կանոնաւոր
բանակէն
գնդապետ
մը,
զօրքերով
կ’երթան
Բահլու,
Հացկերտ
ու
Գոմք
հայ
գիւղերը,
եւ
հոն
կը
գործեն
ամենաքստմնելի
վայրագութիւններ։
Մարդիկը
կը
հալածեն
եւ
Բահլուի
մէջ
կը
համախմբեն
գրեթէ
երկու
հարիւր
կիներ
ու
տղաքներ։
Կիները
լլկելէ
ետքը,
ամէնքն
ալ
կը
սպաննեն,
հրացանի
բռնելով
կամ
եաթաղաններով։
Կերուխում
ու
խնջոյք
կ’ընեն
յետոյ
եւ
իրենց
աւարը
կը
տօնեն։
Խիզանի
եւ
Բահլուի
քուրտ
զօրքեր
Ալիանցիկ
եւ
Աղբեկի
հայ
գիւղերը
կոխելով,
բոլոր
բնակիչները
խողխողեր
ու
տուները
քար
ու
քանդ
ըրեր
են։
Քանդուած
գիւղերուն
համագումարը՝
երեսուն
երկուք
է։»
Ընթերցումը
վերջացած
էր,
երբ
Համիտ,
գոհունակութեան
լայն
շունչ
մը
քաշելով,
–
Աֆէրի՜ն
Զէքիս,
բացագանչեց,
լիակատար
գո՜րծ
է
տեսեր…։
Յետոյ,
դառնալով
Թահսինի,
հարցուց.
–
Նայէ՛,
ի՛նչ
է
թուականը.
–
1894
նոյեմբեր
20
է։
Վեհափա՛ռ
Տէր,
պատասխանեց
Ա.
Քարտուղարը,
իր
տիրոջմէն
ո՛չ
նուազ
գինովցած,
այս
հայկական
մարտիրոսագրութեան
ընթերցումէն։
Ապտիւլ
Համիտ,
անհանդարտ
շարժուձեւով
մը
տեղէն
ելաւ
ու
սկսաւ
կարճ
շրջաններ
բոլորել
առանձնասենեակին
մէջ,
մինչդեռ
Թահսին,
ոտքի
վրայ,
ստրուկի
մը
յատուկ
դիրքը
միշտ
պահելով,
կը
սպասէր
Հիւնքեարին
բերնէն
լսել
նոր
հրաման
մը։
–
Թահսի՛ն,
ըսաւ
Համիտ,
Թուրխան
փաշան
ուշացաւ,
գնա՛
նայէ՛
անգամ
մը։
Թահսին
դուրս
ելաւ
ու
Ապտիւլ
Համիտ
իր
առանձնասենեակին
մէջ
շարունակեց
ման
գալ։
Քիչ
յետոյ
Թահսին
վերադարձաւ
եւ
իմաց
տուաւ
Արտաքին
Գործերու
նախարարին
վերադարձը։
Մէկ
երկու
րոպէէն
վրայ
հասաւ
Թուրխան
փաշա։
Համիտ
ինկաւ
դարձեալ
կայսերական
թիկնաթոռին
վրայ,
աչքերը
սեւեռած
Թուրխանի
վրայ։
Ա.
Քարտուղարը,
Հիւնքեարին
նշանացի
ազդարարութեան
վրայ
հեռացաւ։
Երբ
Համիտ
ու
Թուրխան
առանձին
մնացին.
–
Թուրխա՛ն,
ըսաւ
Համիտ,
պատմէ՛
նայինք
ի՛նչ
նորութիւն
ունիս։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Թուրխան
լուրջ
դէմքով
մը,
աղէ՛կ
որ
ժամանակին
հասայ
գերմանական
դեսպանատունը.
հո՛ն
էր
նաեւ
բրիտանական
մեծ
դեսպանը,
նոյնպէս
ռուսականը։
Քիչ
յետոյ
հասան
ֆրանսական,
իտալական
ու
աւստրօ-հունգարական
մեծ
դեսպաններն
ալ։
–
Կ’երեւայ
թէ
գաղտնի
խորհուրդ
մը
գումարած
են,
ընդհատեց
Համիտ,
–
Ի՜նչ
գաղտնի,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
շարունակեց
Թուրխան,
նոյնիսկ
ստիպեցին
զիս
որ
ներկայ
գտնուիմ
իրենց
խորհրդակցութեան,
բայց
որովհետեւ
Ձեր
Վեհափառութեան
կողմէն
արտօնուած
չէի,
չը
համարձակեցայ
մնալ
հոն։
–
Չը
հասկցա՞ր
իրենց
հաւաքոյթին
շարժառիթը,
հարցուց
Համիտ։
–
Անշո՛ւշտ,
յարեց
Թուրխան,
արդէն
գերմանական
դեսպանը
հաղորդեց
ինծի
թէ՝
այդ
գումարումը
տեղի
կունենար
Սասունի
Դէպքին
համար,
թէ՝
իւրաքանչիւր
մեծ
դեսպան,
իր
կառավարութենէն
հրահանգ
ստացած
էր
մասնակցիլ
այդ
խորհրդակցութեան,
յետոյ
հաւաքական
դիմում
մը
կատարելու
համար
Բ.
Դրան,
եւն,
եւն։
Ապտիւլ
Համիտ
սկսաւ
մտմտալ։
Թուրխան
շարունակեց.
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
կը
խնդրեմ
որ
պահէք
Ձեր
կայսերական
մեծութիւնը,
մտքի
հանդարտութիւնը,
երբէք
չը
յուզուիք,
ուրիշ
կարեւոր,
խիստ
կարեւոր
յայտնութիւն
մըն
ալ
պիտի
ընեմ։
Համիտ
ցնցուեցաւ։
–
Գերմանական
մեծ
դեսպանը,
յարեց
Թուրխան,
աւելի
լուրջ
դէմք
մը
փոխ
առնելով,
յայտարարեց
ինծի
թէ՝
այսուհետեւ
իրեն
համար
շատ
դժուար
պիտի
ըլլայ
միւս
մեծ
դեսպաններուն
քով
պաշտպանել
Ձեր
կայսերական
նուիրական
շահերը.
–
Ինչո՞ւ,
ի՞նչ
է
պատճառը,
ի՞նչ
է
դարձեր,
ընդմիջեց
Հիւնքեարը,
հետզհետէ
աւելի
յուզուելով։
–
Թողութի՜ւն,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
պիտի
պատմեմ
հիմա.
–
Շա՛տ
լաւ,
շա՛տ
լաւ,
շարունակէ՛,
հրամայեց
Հիւնքեարը։
–
Որովհետեւ,
շարունակեց
Թուրխան,
Սասունի
Դէպքը
պատրուակելով,
միւս
մեծ
տէրութիւնները
վճռականապէս
որոշած
են
միջամտել,
եւ,
Ձեր
Վեհափառութեան
կողմէն
մերժումի
հանդիպելու
պարագային,
ճնշողական
միջոցներ
ի
գործ
դնել,
ՀԱՅԱԿԱԿԱՆ
ՎԵՑ
ՆԱՀԱՆԳՆԵՐուն
մէջ
բարենորոգումներ
մտցնելու
համար,
եւն.
։
–
Բայց,
ընդհատեց
Համիտ
զայրագին
շեշտով
մը,
Սասուն
ղրկուած
երեք
մեծ
տէրութեանց
քննիչները
չը
վերադարձան,
տակաւին
իրենց
տեղեկագիրը
չհրատարակուեցաւ։
–
Սպասեցէ՛ք
որ
աւարտեմ,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Թուրխան,
Եւ
կուրծքի
գրպանէն
թերթ
մը
հանելով,
երկնցուց
զայն
Սուլթանին.
–
Ահա՛ւասիկ,
ըսաւ,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ասոր
մէջ
գրուած
է
ամէ՜ն
բան։
Ապտիւլ
Համիտ,
թերթը
ձեռքին
մէջ.
–
Ի՜նչ
թերթ
է
եղեր,
ըսաւ,
ի՞նչ
է
գրեր։
–
Անգլիոյ
Ազատականներուն
կարեւոր
օռկաններէն
Տէյլի
Նիո՜ւզը,
Տէյլի
Նիո՜ւզը…
ըսաւ
Թուրխան,
Սասունի
Դէպքը
նկարագրեր
է
ամենասեւ
գոյներով
եւ
ամբողջ
Եւրոպայի
հանրային
սրտմտութիւնը
գրգռեր
է
Ձեր
Վեհափառութեան
Կայսերական
բարձր
կառավարութեան
դէմ։
–
Կարդա՛,
կարդա՛,
թարգմանէ
նայինք,
հրամայեց
Հիւնքեարը։
Եւ
Թուրխան
բաշան
սկսաւ
թերթին
վրայէն
թարգմանաբար
կարդալ
Տէյլի
Նիուզի
հետեւեալ
ցնցող
յօդուածը,
որ
9
հոկտեմբեր
1894
թուականը
կը
կրէր,
եւ
գրուած
էր
նոյն
թերթին
Բաղէշ
ղրկուած
մասնաւոր
թղթակցէն,
որ
քննիչ
հիւպատոսներուն
քովէն
երբէք
չէր
զատուած
եւ
ներկայ
եղած
էր
կատարուած
բոլոր
քննութիւններուն։
Համիտ
ուշի
ուշով
մտիկ
կ’ընէր,
առանց
բառ
մը
փախցնելու.
«Սասունի
ապստամբութիւնը
զսպելու
պատրուակով
Մուշ
ղրկուած
Դ.
զօրաբանակի
զօրքերը,
Հիրատիյէ
հեծելագունդերուն
հետ
միացած,
մեծապէս
կը
նպաստեն
համաճարակի
ծաւալման,
որ
այս
վերջին
օրերը
մեծ
համեմատութիւններ
սկսած
է
առնել։
Սակայն
խոհեմութիւնը
կը
պահանջէ
որ
այս
կէտին
վրայէն
լռութեամբ
անցնիմ
եւ
որչափ
որ
կարելի
է,
համառօտ
գրեմ։
Այս
նահանգի
կուսակալը
նոր
Ներոնի
մը
կը
նմանի։
Անցած
տարիէն
արդէն,
Մուշի
հարաւային
լեռներուն
մէջ
մեծ
դէպքեր
տեղի
ունեցած
են։
Հայ
յեղափոխականները,
թէեւ
շատ
փոքրաթիւ
հոն
համախըմբուած
զօրքերուն
հետ
բաղդատուելով,
անհաւասար
կռիւներուն
մէջ,
կրցած
են
մղել
հիանալի
ճակատամարտ
մը,
որ
պատմութեան
մէջ
պիտի
մնայ
իբրեւ
ինքնապաշտպանութեան
աննախընթաց
օրինակ
մը։
Եւ
կուսակալը
Կ.
Պոլսէն
ընդունած
է
պատուանշան
մը,
մեծ
ապստամբութիւն
մը
զսպած
ըլլալուն
համար։
Այս
տարի,
կ’ըսուի
յեղափոխականներուն
թիւը
կրկնապատկուած
է։
Քուրտ
Աշիրէթներու
աւատապետներէն
շեխ
մը,
փորձած
է
հայկական
նոր
ապստամբութիւնը
կանխել,
ինք
իր
աշիրէթներով
նետուելով
կռուի
ասպարէզը։
Ուստի,
իրեններուն
կը
հրամայէ
յարձակում
մը
գործել։
Քուրտերը
կը
յարձակին
ու
կ’առնեն
կը
տանին
Հայերուն
եզները,
այս
վերջինները
կ’երթան
իրենց
յափշտակուած
եզները
կը
գտնեն,
որոնցմէ
մէկը
մորթոտուած
էր
արդէն,
եւ
քուրդերուն
կ’աղաչեն
որ
ետ
դարձընեն
միւսները։
Քուրդերը
կը
մերժեն
եւ
ահա՛
կը
սկսի
ընդհարումը,
որուն
մէջ
երկու
Քուրդեր
կը
սպաննուին
եւ
երեք
ալ
կը
վիրաւորուին։
Քուրդերը
կ’աճապարեն,
իրենց
մեռելները
կը
վերցնեն,
Մուշ
կը
տանին
ու
կառավարական
պաշտօնատունը
կը
նետեն
զանոնք,
կրկնելով
թէ՝
հայ
զօրքեր
արշաւեցին
երկիրը,
զիրենք
սպաննելու
եւ
կողոպտելու
համար,
եւն.
։
Այս
իրողութիւնը՝
փափագուած
պատրուակը
հայթայթեր
է.
մօտէն
ու
հեռուէն,
զօրագունդեր
կը
համախմբուին,
առանց
հոգ
ընելու
թէ՝
այդ
կերպով
աւելի
կը
ծաւալի
համաճարակը։
Դ.
զօրաբանակի
հրամանատար
մը
կը
հասնի
իսկոյն
Երզնկայէն.
ասոր
ետեւէն
քիչ
յետոյ
կը
հասնի
միւշիրը։
Կ’ըսուի
թէ
այդ
բաշան
իր
կուրծքէն
թուղթ
մը
կախեր
է,
զոր
նախապէս
կարդացեր
է
իր
զօրքերուն
եւ
յորդորեր
է
զիրենք
որ
հնազանդին
պարունակութեանը,
եթէ
կը
սիրեն
իրենց
թագաւորն
ու
իրենց
կառավարութիւնը։
Այդ
թուղթը
Կ.
Պոլսէն
ղրկուած
կայսերական
հրամանագիր
մըն
է
Հայերը
բնաջինջ
ընելու։
Այս
ահաւոր
կոտորածին
մասնակցող
զօրքերը
հոս
ու
հոն
կը
պատմեն
գրեթէ
միեւնոյն
բաները,
ոմանք
ալ
ցաւ
կը
զգային
թէ՝
իրենք
չէին
կրցած
գործել
Քուրդերուն
չափ
սպաննութիւններ
ու
աւարառութիւններ
եւ
թէ՝
այս
խժդժանքները
գործած
էին
պարզապէս
հնազանդելու
համար
իրենց
սիրելի
Փատիշահի
հրամաններուն։
Կանոնաւոր
զօրքերը
ծայրայեղօրէն
անգութ
ընթացք
մը
բռնած
են,
չի
խնայելով
ո՛չ
սեռի,
ո՛չ
տարիքի,
հակառակ
պաղատախառն
աղաղակներուն
հէք
զոհերուն,
որոնք
իրենց
ոտքերը
կը
պլլուէին։
ԵՕԹԸ
ՀԱԶԱՐ
ՀԱՅԵՐ
խողխողուած
են
զարհուրելի
խոշտանգումներու
տակ,
որոնք
հազիւ
ծանօթ
էին
բարբարոս
Ափրիկէի
ամենասեւ
դարերուն,
որովհետեւ
Ափրիկէի
մէջ,
կիներն
ու
մատաղ
տղաքները
կրնային
գէթ
գերութեան
կեանքի
մը
բաղդաւորութիւնը
յուսալ,
մինչդեռ
հոս
անգթօրէն
հեգնուած
է
թէ՛
կնոջ
հանգամանքը,
թէ՛
իր
անմեղութիւնը,
մինչեւ
որ
սուինի
հարուածներով
ամէնքն
ալ
իրենց
մահը
գտած
են
ա՛յնքան
խենէշ
կիրքերու
առարկայ
ըլլալէ
ետքը։
Մատղաշ
տղեկներ
ցից
հանուած
են
սուինով,
իրենց
մեռած
մայրերուն
կուրծքին
վրայ։
Ուրիշ
տեղ
մը,
երկու
հարիւր
կիներ,
լալով
ողբալով,
գութ
աղերսած
են,
հրամանատարին
առջեւ
ծնկագուճ,
բայց
այս
արիւնարբու
սրիկան,
հրամայած
է
իր
զօրքերուն
յօշոտել
ու
վերջացնել,
զանոնք
բռնաբարելէ
ետքը։
Այլուր,
վաթսուն
մատաղատի
հարսեր
ու
մանկամարդ
կոյսեր
ապաստանած
էին
եկեղեցի
մը,
եւ
հոն
լլկուեցան
ու
խողխողուեցան,
այնպէս
որ
մարդկային
արիւնը
սկսաւ
հեղեղօրէն
հոսիլ
եկեղեցիին
դուռնէն։
Ուրիշ
տեղ
մը,
ահագին
բազմութիւն
մը,
քահանային
առաջնորդութեամբ,
զօրքերու
ոտքերը
ինկած
են,
շնորհք
խնդրելով
բարձր
ձայնով,
պնդելով
թէ՝
իրենք
երբէք
յարաբերութիւն
չե՛ն
ունեցած
յանցապարտներուն
հետ.
եւ
սակայն
զո՛ւր
եղած
է
այս
ամէնը.
ամէնքն
ալ
սպաննուած
են։
«Ուրիշ
տեղ
մը,
շատ
մը
գեղեցիկ
կիներու
առաջարկուած
է
կրօնափոխ
ըլլալ,
մահուընէ
ճողոպրելու
համար։
Սակայն
անոնք
պատասխանած
են.
«Ինչո՞ւ
ուրանանք
Քրիստոսը։
Մենք
լաւագոյն
չե՛նք
քան
ասոնք
(մատով
ցոյց
տալով,
իրենց
ամուսիններուն
ու
եղբայրներուն
յօշոտուած
մարմինները),
մեզ
ա՛լ
սպաննեցէք…։
«Եւ
զանոնք
սպաննեցին…։
Մեծ
ջանքեր
ըրին
ազատելու
ամէնէն
գեղեցիկը,
բայց
ասիկա
երեք
չորս
չարագործ
հրէշներու
միջեւ,
իրարու
ձեռքէ
յափշտակուելով,
կը
նուաղի
կը
մեռնի
իր
միւս
քոյրերուն
պէս։
«Բայց
ինչո՞ւ
շարունակենք
այս
ահռելի
պատմութիւնը։
Երկինքը
պէտք
է
ըլլայ
Աստուած
մը,
որ
բոլոր
այս
բաներուն
արդար
դատաստանը
պիտի
ընէ.
եթէ
ո՛չ,
մեր
մէջէ՛ն
ալ
պիտի
գտնուին
իրենց
հաւատքը
կորսնցնողներ։
Այդ
վայրերը
ղրկուեցան
մէկ
երկու
հիւպատոսներ,
քննութիւն
մը
բանալու
համար։
Թէ՛
Բաղէշ
եւ
թէ՛
շրջակայ
կեդրոնները,
ուր
որ
պտտեցայ,
բոլոր
այս
տեղեկութիւնները
քաղեցի
Թուրքերէ,
որոնց
տեղը
եթէ
քրիստոնեաներ
ըլլային,
ո՛վ
գիտէ
ի՜նչ
սոսկալի
տանջանքներու
պիտի
ենթարկուէին.
ա՛յնքան
խստիւ
արգիլուած
է
դուրս
հանել
կոտորածներուն
գաղտնիքը։