Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Կէս գիշեր էր։

Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները տակաւին Հիւնքեարին առանձնասենեակը կը մնային իրիկուընէ ի վեր, կանչուած ըլլալով Հայկական Խնդրի մասին իրենց կարծիքը հաղորդելու Համիտի։ Յանկարծ, սենեկապետ Արիֆ պէյ, շուարուն ու վեհերոտ դէմքով մը, դուռին մէջ երեւցաւ, մինչ Սայիտ բաշա ջերմապէս կը պաշտպանէր իր տեսակէտը, անգլիական քաղաքականութեան վրայ։

Ապտիւլ Համիտ, որ վարժուած էր Արիֆ պէյի այս կարգի յանկարծական երեւումներուն, գլուխը վեր առաւ ու կշտամբող շեշտով մը.

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ, գիշերով, ըսաւ.

Վեհափա՛ռ Տէր, կմկմաց սենեկապետը, Արտաքին գործերու նախարարը դուրսը կը սպասէ կառքով, կ’ուզէ հի՛մա, այս րոպէիս մէջ պատիւ ունենալ ներկայանալու Ձեր Վեհափառութեան։

Ապշած, իրարու երես նայեցան Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները, իսկ Համիտ, առանց նշմարելու այս երկու ծեր աղուէսներուն փոխանակած ակնարկները, եւ առանց երկար բարակ մտածելու.

Գնա՛, ըսէ՛ թո՛ղ գայ նայինք, հրամայեց, ի՛նչ պիտի ըսէ։

Արիֆ պէյ մեկնեցաւ։

Յետոյ, Հիւնքեարը, դառնալով երկու բաշաներուն, ու երերցնելով գլուխը,

Հիմա ժամանա՞կը գտաւ գալու, ըսաւ նեղսիրտի մը ձեւերով։

Հոգ չէ՛, յարեց Քեամիլ բաշան, թերեւս կարեւոր, խիստ կարեւոր խնդի՛ր մըն է որ զինք մինչեւ հոս կը բերէ գիշերուան այս անսպասելի ժամուն։

Այո՛, այո՛, Վեհափա՛ռ, կրկնեց Սայիտ բաշան, Քեամիլ բաշա եղբայրս իրաւունք ունի. Մեր Թուրխանը պարապ (…՞), անտարակոյս կենսական խնդիր մը պէտք է ծագած ըլլայ, որպէս զի, ինչպէս շատ գեղեցիկ խօսեցաւ Քեամիլ բաշա եղբայրս, ստիպուած ըլլայ կէս գիշերուան մէջ բախելու Ձեր Վեհափառութեան երջանկափառ դո՜ւռը։

Այս միջոցին ներս մտաւ Թուրխան բաշան, Արիֆ պէյի առաջնորդութեամբ, եւ երկու ծերունի նախարարները գտնելով Հիւնքեարին քով, քիչ մը կանգ առաւ ոտքի վրայ, մինչեւ որ Հիւնքեարը հրամայեց իրեն տեղ մը բռնել միւս բաշաներուն քով։

Ի՞նչ կայ, Թուրխա՛ն, բարի՞ է, հարցուց Համիտ, խօսէ՛, խօսէ՛ համարձակ, գաղտնիք մը չունիմ ներկայ բաշաներէն, կրնաս պատմել, ի՞նչ կայ, ի՞նչ.

Վեհափա՛ռ Տէր, պատասխանեց Թուրխան, յայտնի սրտադողով մը։ Այս իրիկուն, երբ սեղանէն դեռ նոր ելած, գրասենեակ կը քաշուէի, վաղուան աշխատութիւններն կարգի դնելու համար, վարէն իմաց տրուեցաւ ռուսական դեսպանատան գավասի այցելութիւնը։ Գավասը յանձնեց ինծի այս քարտը։

Ու Թուրխան բաշան իր ձեռքի քարդը Հիւնքեարին երկնցուց։

Համիտ ուշի ուշով նայեցաւ քարդին վրայ, յետոյ, վերադարձուց զայն։

Ուստի, շարունակեց Թուրխան բաշա, մտածեցի, այս քարդը բերել մատուցանել նախ յոտս Ձեր Վեհափառութեան եւ կայսերական բարձրագոյն հրահանգները ստանալէ յետո՛յ միայն երթալ դեսպանատունը։

Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները խրթին ակնարկներ կը փոխանակէին իրարու։

Դուք ի՜նչ կ’ըսէք, հարցուց Հիւնքեարը, դառնալով Քեամիլ ու Սայիտ բաշաներուն, ռուսական մեծ դեսպանը գավասը ղրկեր է եւ այս գիշեր կ’ուզէ տեսնել մեր արտաքին գործերու նախարարը։

Բայց, Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Քեամիլ բաշա, ի՞նչ հարկ կայ գիշերով կանչելու, արդեօք չէ՞ր կրնար վաղուան յետաձգել այդ տեսակցութիւնը։

Հա՛, ըսաւ Համիտ, մոռցայ ըսելու, քարդին մէջ յիշեր է թէ՝ Բեթրսպուրկէն, Արտաքին Գործերու նախարարին կողմէն ստիպողական հեռագիր մը ստացած է իրիկուան դէմ, եւ թէ՝ ինք մեծ դեսպանը՝ պարտաւորուած է այս գիշեր տեսակցիլ մեր Թուրխանին հետ։

Ուրեմն, յարեց Սայիտ բաշա, Վեհափա՛ռ Տէր, քանի որ այդքան կ’աճապարէ դեսպանը, սովորական բանի մը շուրջը չի՛ դառնար խնդիրը, շատ լուրջ ու ծանրակշիռ դէպք մը պէտք է ըլլայ, որ գիշերով ո՛ եւ է դեսպանատուն հրաւիրուի Արտաքին նախարարը, այնպէս չէ՞։

Այո՜, այո՛. ծանրակշիռ յայտնութիւն մը պահուած է այս քարդին տակ. թո՛ղ Թուրխան բաշա շտապէ, գիշերով դեսպանատուն թո՛ղ երթայ եւ, եթէ կարելի է, Վեհափա՛ռ Տէր, անկէ ուղղակի հոս թող վերադառնայ…։

Անշո՜ւշտ, անշո՜ւշտ, կրկնեց Համիտ, դեսպանատունէն ուղղակի հո՛ս պիտի գաս, Թուրխա՛ն, ե՛լ ուրեմն, շուտով մեկնէ՛ եւ ջանա՛ շուտ վերադառնալ։

Թուրխան բաշա մեկնեցաւ։ Առանձնասենեակը մնացին դարձեալ երկու ծեր բաշաները, Օսմանեան կայսրութեան երկու հաստատուն սիւները, Հիւնքեարին դիմացը, զատ զատ բազկաթոռներու մէջ։

  Խօսակցութիւնը, որ Թուրխան բաշային գալուն հետեւանքով ընդհատուած էր պահ մը, վերստին սկսաւ։

Նիւթը կը դառնար անգլիական քաղաքականութեան վրայ։ Ապտիւլ Համիտ կը պնդէր թէ՝ այդ քաղաքականութիւնը շատ աղետաբեր եղած էր իր կայսրութեան, բարեկամական քօղի մը տակ գործելով օսմանեան ճշմարիտ շահերուն դէմ. այդ ձախորդ, նենգաւոր ու վտանգաւոր քաղաքականութի՛ւնը ստեղծեց Հայկական Խնդիրը, կ’ըսէր Ապտիւլ Համիտ, ձեռքը զարնելով սեղանին. անիծեա՜լ ըլլայ 61րդ յօդուածը, որ սպրդեցաւ Պէրլինի Վեհաժողովի դաշնադրութեան մէջ…։

Այն ատեն, կ’ըսէր Քեամիլ բաշա, եթէ Պէրլինի 61րդ յօդուածը չըլլար, Այա Սթէֆանօյի 16րդ յօդուա՜ծը պիտի գործադրուէր, Վեհափա՛ռ Տէր, եւ գիտէ՞ք, ո՜րքան նուաստացուցիչ պիտի ըլլար մեզի համար ու մահաբեր հարուած մը տուած պիտի ըլլար այդ յօդուածին գործադրութիւնը մեր կայսերական երկիրներուն ամբողջական պահպանութեա՜նը…։

Ի՞նչ կ’ըսէք, Քեամիլ բաշա, յարեց Սայիտ բաշան, ոտքով ձեռքով մէջ նետուելով բանավէճին, որ երթալով կը տաքնար, ի՞նչ յանցանք ունին Այա Սթէֆանօյի 16րդ ու Պէրլինի 61րդ յօդուածները, երկո՛ւքն ալ տխուր ընծաները՝ մեր վերջին թրքօ­ ռուսական պատերազմին. կէչմիշէ մազի տէրլէր առածը չը մոռնա՛նք, անօգո՜ւտ է աւաղելը, եթէ անցեալը պիտի քրքրենք, Վեհափա՛ռ, Կիպրոսի Դաշնագիրը չը մոռնաք. իմ կարծիքովս միւսներէն ո՛չ նուազ աղետաբեր. արդէն եթէ այդ անիծեալ պատերազմը չը ծագէր, գիտէ՞ք այսօր ո՜րքան հզօր կայսրութիւն մը պիտի եղած ըլլայինք, ոչ Կիպրոսը ձեռքէ հանած պիտի ըլլայինք, ո՛չ Եգիպտոսը, ո՛չ Պաթումը, ո՛չ Արտահանը, ոչ պուլկարական իշխանապետութիւնը պիտի ցցուէր փուշի մը պէս մեր աչքին, ո՛չ Հայկական Խնդիրը պիտի շուարեցնէր այսօր մեզ, ո՛չ ալ մակեդոնականը. սակայն, Վեհափա՛ռ Տէր, կ’աղաչեմ, այս նիւթը մեզի շա՜տ հեռուները պիտի առաջնորդէ, հետեւաբար, եթէ կարելի է, փակուի՜ թող։

Ապտիւլ Համիտ, ականջները կախած կ’որոճար, մինչ Քեամիլ բաշա, խորհրդաւոր լռութիւն մը կը պահէր Սայիտի յայտնութիւններուն հանդէպ։

Բայց, ըսաւ Համիտ, հիմա ես ստիպուած եմ համար տալու Անգլիոյ, Սասունի ապստամբութիւնը զսպել տուած ըլլալուս համար. Անգլիան ի՜նչ իրաւունքով կը խառնուի ներքին գործերուս։

Ներեցէ՛ք, Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Քեամիլ բաշա, խզելով լռութիւնը, զոր մինչեւ այն ատեն կը պահէր, ո՛չ միայն Անգլիան. այլ նաեւ միւս հինգ մեծ տէրութիւննե՛րն ալ իրաւունք ունին միջամտելու մեր կայսրութեան ներքին գործերուն, գիտէ՞ք, ո՛ր թուականէն, Սէվաստաբօլի պատերազմէ՜ն ի վեր…։ Հիմա հարկ չը կայ մէկիկ մէկիկ յիշելու բոլոր դեսպանաժողովներն ու Վեհաժողովները, որոնց մէջ վճռուած է մեր Օսմանեան կայսրութեան ճակատագիրը։ Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք ձեր ճշմարիտ դիւանագէտի տաղանդովը պէտք է անտարակոյս թափանցած ըլլաք գաղտնիքը բոլոր օտար միջամտութիւններուն։ Գալով Անգլիոյ, Վեհափա՛ռ, այդ մեծազօր ու պատկառելի տէրութիւնը, միւս հինգ տէրութիւններէն աւելի, ո՛չ միայն իրաւունք ունի, այլ նոյնիսկ պաշտօնապէս, քաղաքական աշխարհին առջեւ պարտականութիւն ստանձնած է միջամտելու մեր ներքին գործերուն, մասնաւորապէս Հայերէն բնակեալ նահանգներուն մէջ խոստացուած բարենորոգումներուն գործադրութեանը հսկելու համար։

Քեամի՛լ, ըսաւ Հիւնքեարը, մտերմիկ շեշտով մը, ինծի կրնա՞ք ըսել թէ՝ Անգլիան ե՞րբէն ի վեր եւ ո՞ր դաշնադրութեան ուժովը պարտականութիւնը կամ իրաւունքը կրնայ ունեցած ըլլալ միջամտելու իմ կայսերական կառավարութեանս ներքին գործերուն։

Ներեցէ՛ք որ ըսեմ, Վեհափա՛ռ, յարեց Քեամիլ բաշա, շտկուելով բազկաթոռին մէջ, հարկ չը կայ բոլոր դաշնագիրները քրքրել, Կիպրոսի՛նը միայն կը բաւէ. հաճեցէ՛ք, եթէ կարելի է, հարեւանցի ակնարկ մը նետել ասոր վրայ։ Ու ձեռքը ծոցի գրպանը խօթելով, քաշեց հանեց ծալլուած թուղթի փոքրիկ ծրար մը, զոր խնամով բանալով.

Ահա՛ւասիկ, Վեհափա՛ռ տէր, շարունակեց, Կիպրոսի դաշնագրին օրինակը։ Կը յիշէք անշուշտ, այդ դաշնագիրը կնքելու տխուր պարագաները, կը յիշէք ռուսական յաղթական բանակին մուտքը մայրաքաղաքիս Այա­Սթէֆանոյի արուարձանին մէջ. ահա՛ այդ միջոցներո՛ւն էր որ մենք ստիպուեցանք այդ դաշնադրութիւնը կնքել Մեծ Բրիտանիոյ հզօր կառավարութեան հետ, որ իր պատկառելի նաւատորմով Մարմարայի մէջ անտառ մը ձեւացուցած էր, թնդանօթներուն բերանը թշնամի բանակին վրայ ուղղած։

Կարդացէ՛ք նայինք, ըսաւ Ապտիւլ Համիտ, այդ Դաշնագիրը։

Ու Քեամիլ, խոշոր աչքերը բացած ու ակնոցը քիթին վրայ տեղաւորած, կը պատրաստուէր կարդալու, մինչդեռ իր քովի բազկաթոռին մէջ նստած, Սայիտ բաշան, իր գրպանին մէջէն ուրիշ թուղթի ծրարներ հանած, կը քրքրէր։

Սայի՛տ, դիտել տուաւ Հիւնքեարը, հիմա՛ ձգէ՛ ձեռքիդ մէջի թուղթերը, մտիկ ըրէ՛ նայինք, ի՜նչ կ’ըսէ Կիպրոսի Դաշնագիրը։

Քեամիլ բաշան սկսաւ կարդալ Դաշնագիրը, յօդուած առ յօդուած։

Ահաւասիկ բնագրին յիշեալ պաշտօնական վաւերաթուղթին բառական թարգմանութիւնը։

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԷՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ահա՛ւասիկ պատճէնը 4 յունիս 1878 թուականով Համաձայնութեան Դաշնագրին, որ Անգլիական ու Օսմանեան տէրութիւններուն միջեւ կնքուեցաւ, եւ որով Կիպրոս կղզիին կառավարութիւնը Անգլիոյ թողուեցաւ։

Մէկ կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Երկիրներուն եւ Իրլանտայի Վեհափառ թագուհիին ու Հնդկաստանի կայսրուհիին, եւ միւս կողմէ Վեհափառ Փատիշահին, այս երկու տէրութեանց միջեւ բարեբաղդաբար գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները անկեղծօրէն կը փափաքուի երկուստեք ընդարձակելու եւ ամրապնդելու. հետեւաբար, որոշում տուած են կնքել պաշտպանողական դաշնակցութիւն մը, Օսմանեան կայսրութեան ասիական երկիրներուն անվթար պահպանութեան նպատակով։

Ուստի, Վեհափառ Թագուհին ու Վեհափառ Սուլթանը, այս բանին համար ներկայացուցիչներ կարգելով՝ Վեհ. Թագուհիին կողմէն՝ բաղանեաց պատուանշանին առաջին աստիճանին տէր եղող Ազնուազարմ Սըր Օսթըն Լէյարտ, իսկ Օգոստափառ Սուլթանին կողմէն՝ Բարձրաշուք Վսեմաշուք Սաֆվէթ բաշան ներկայացուցիչ ըլլալով՝ հետեւեալ խնդիրներուն վրայ համաձայնած են, այսինքն.

Յօդուած Ա. Եթէ, Պաթում, Կարս, Արտահան եւ կամ այս դիրքերէն մէկը Ռուսիոյ կողմէն գրաւուելով, ապագային, հաշտութեան վերջնական դաշնադրութեան ուժով որոշուելիք օսմանեան կայսրութեան ասիական երկիրներէն ուրիշ մէկ մասն ալ գրաւուելու ձեռնարկուի, Անգլիոյ Տէրութիւնը յիշեալ երկիրները զէնքի ուժով պաշտպանել ու պահպանելու համար, կը ստանձնէ օսմանեան կայսրութեան հետ դաշինք ու համաձայնութիւն կնքել։

Ասոր փոխարէն, Վեհափառ Սուլթանը՝ Անգլիոյ Տէրութեան կը խոստանայ գործադրել հարկաւոր բարենորոգումները, որոնք առաջիկային պիտի որոշուին երկու տէրութեանց միջեւ, թէ՛ բարւոք վարչութեան եւ թէ՛ օսմանեան տէրութեան յիշեալ երկիրներուն մէջ գտնուող քրիստոնեայ եւ ուրիշ հպատակներուն պաշտպանութեանը համար։

Այս յանձնառութեանց գործադրութեան համար պէտք եղած միջոցները երաշխաւորելու մտօք՝ Վեհափառ Փատիշահը կը հաւանի որ յիշեալ տէրութիւնը Կիպրոսի կղզիին մէջ զօրք մտցնէ եւ յիշեալ կղզին ինքը կառավարէ.

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Ազնուազարմ Սըր Օսթըն Լէյարտ եւ Մեծ­Եպարքոս Բարձրաշուք եւ Վսեմաշուք Սաֆվէթ բաշան, 4 Յունիս 1878 թուականով, երկու տէրութեանց կողմէն ներկայացուցիչի հանգամանքով կնքած ու ստորագրած դաշնագրին իբրեւ կցուած, այս յաւելուածն ալ երկուստեք համաձայնութեամբ ընդունած են, այսինքն.

Երկու կնքող կողմերուն միջեւ որոշում կայացած է որ անգլիական տէրութիւնը համաձայնած է Կիպրոսի կղզին զօրք մտցնել եւ յիշեալ կղզին հետեւեալ պայմաններով կառավարել։

Յօդուած Ա. Կղզիին մէջ, ըստ առաջնոյն իսլամական Շէրիի դատարան մը պիտի մնայ, եւ հոն գտնուող իսլամ ժողովուրդին վերաբերեալ բոլոր կրօնային դատերը պիտի տեսնէ։

Յօդուած Բ. Կայսերական Էվգաֆի նախարարութեան կողմէն յիշեալ կղզիին համար պաշտօնեայ մը պիտի կարգուի։

Այս պաշտօնեան, անգլիական կառավարութեան կողմէն կարգուելիք պաշտօնեայի մը հետ համախորհուրդ, յիշեալ կղզիին մէջ գտնուող իսլամական մզկիթները, գերեզմանատունները, դպրոցները, եւ միւս կրօնային հաստատութեանց կալուածները, հողերը, եւն պիտի մատակարարէ։

Յօդուած Գ. Անգլիոյ տէրութիւնը, կղզիին եկամուտներէն մատակարարութեան ծախքերը զեղչելէ վերջ, հիմակուան աւելցած եկամուտները տարուէ տարի Բ. Դրան պիտի վճարէ. այս յաւելուած եկամուտը՝ անցեալ հինգ տարիներու միջոցին եղած հասոյթներուն միջին քանակութեան վրայ հաշուելով պիտի որոշուի. յիշեալ ժամանակամիջոցում պետական կայսերական կալուածներու վաճառումէն, կամ ասոնց յանձանձումէն գոյանալիք գումարները բացառութիւն պիտի կազմեն։

Յօդուած Դ. Բ. Դուռը պիտի կրնայ ծախել կամ վարձու տալ Կիպրոս կղզիին մէջ գտնուող պետական հողերն ու կայսերական կալուածները. ասոնց փոխարժէքը կամ վարձքը չպիտի մտնէ Գ. Յօդուածին մէջ ցոյց տրուած կղզիի եկամուտներուն մէջ։

Յօդուած Ե. Անգլիական տէրութիւնը, ինչպէս որ պիտի կրնայ իր պաշտօնեաներուն միջոցով ծախել կալուած ու գետին, պիտի կրնայ նաեւ հանրային բարեկարգութեան եւ ուրիշ հանրային օգուտներու ծառայող անտէր կալուածներն ու գետինները, իրենց յարմար գիներովը ծախել։

Յօդուած Զ. Երբ որ Ռուսիան Կարսը կամ վերջին պատերազմին Հայաստանի մէջ գրաւած տեղերը պարպէ ու Օսմանեան տէրութեան վերադարձընէ, Կիպրոս կղզին ալ Անգլիոյ կողմէն պիտի պարպուի եւ 4 Յունիս 1878 թուականով կնքուած դաշնադրութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի։»

Քեամիլ բաշա վերջապէս աւարտած էր ընթերցումը, երբ Սայիտ բաշա, ձեռքի ու գլխի անհամբեր շարժումներով, ոտքի ելաւ ու,

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ, շա՜տ պարզ է, ի՞նչ հարկ կար կարդալու Կիպրոսի դաշնադրութիւնը, ծանօթ չէ՞ր արդէն։

Այո՛, այո՛, կրկնեց Համիտ, հասկցուեցաւ, այդ աղետաբեր թուականէ՛ն սկսած է կայսերական իրաւունքներուս կաշկանդումն ու սահմանափակումը, չըլլա՜ր այդ պատերազմը…։

Եղա՛ծ է եղածը, յարեց Քեամիլ բաշա, խնդիրը՝ մասնաւորապէս անգլիական միջամտութեան վրայ կը դառնայ, այնպէս չէ՞, Վեհափա՛ռ, եւ կարծեմ թէ՝ այդ կէտը բաւական լուսաբանուեցաւ, Կիպրոսի դաշնագրին Ա. Յօդուածին Բ. հատուածին տրամադրութեամբը։ Արդ, աւելորդ է այլ եւս ծանրանալ այդ կէտին վրայ։

Այո՛, Վեհափա՛ռ Տէր, այդ կէտին վրայ աւելորդ է ծանրանալ. Եւրոպան մէկէ աւելի դաշնագիրներու ուժովը, իրաւունք ունի միջամտելու մեր բոլոր ներքին գործերուն, եւ, այդ նուիրագործուած իրաւունքին զէ՛նքն է որ կը գործածուի այսօր մեզի դէմ, մենք, Վեհափա՛ռ Տէր, պէտք է հաշտ երթանք մանաւանդ Անգլիոյ հետ. Անգլիա՛ն է որ մեր ճգնաժամներուն մէջ, ճի՛շդ ժամանակին հասած օգնութեան ձեռք կարկառած է. օրինակները բազմաթիւ են. այսօր, բովանդակ երկրագունդիս երեսը, անգլիական քաղաքականութիւնը կը տիրապետէ. մի՛ հաւատաք երեւոյթներուն։ Իրա՛ւ է, Գերմանիան, Եւրոպայի ցամաքային թերեւս է՛ն հզօր պետութիւնը, մեզի բարեկամ կը ներկայանայ, մեր բանակը կը մարզէ, բայց, դարձեալ կ’ըսեմ, չը խաբուինք երեւոյթներէն, այդ բարեկամութեան քօղին տակ պահուած են գերմանական սովալըլուկ ժողովուրդին կենսական շահերը…։

Սայիտ բաշա եղբայրս, յարեց Քեամիլ, կամաց կամաց կը մօտենայ բուն նիւթին, եւ շա՜տ յստակօրէն կը պարզէ իրականութիւնը, Վեհափա՛ռ Տէր, Վիլհէլմի այցելութիւնը կը յիշէք անշուշտ թէ՝ ո՜րքան սուղի նստաւ կայսերական գանձին. երանի՜ թէ այդքանով վերջանար. այդ այցելութեան յաջորդեցին գերմանական անվերջանալի առաջարկներ, քարափներու, խճուղիներու, երկաթուղիներու, ապրանքներու ներածման, եւն, եւն, եւն, եւ դեռ ուրիշ ինչե՜ր…։

Ապտիւլ Համիտ, հլու աշկերտի մը դիրքով, առանց ընդմիջելու, մտիկ կ’ընէր երկու վարպետներուն, օսմանեան կայսրութեան այս երկու ծեր աղուէսներուն, որոնք իրենց գրեթէ կէս դարու փորձառութեամբը կրնային պարծենալ իբրեւ պետական մարդեր։ Ինք, Հիւնքեարը, խորապէս համոզուած էր թէ՝ երկուքն ալ անկեղծօրէն կը փափագէին իր կայսերական շահերը զերծ պահել ամէն օտար վտանգներէ, գիտէր թէ՝ Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին տարիներէ ի վեր եւ թէ՝ անոնց ազդեցութիւնը մեծ էր եւրոպական մեծ դեսպաններուն քով։ Ուստի, դառնալով երկուքին,

Սիրելի՛ վէզիրներս, ըսաւ աղերսական ձայնով մը, ես գլխովին ձեզի՛ յանձնուած եմ, կը հաւատամ ձեր անկեղծութեան եւ համոզուած եմ թէ՝ դո՛ւք էք իմ կայսրութեանս երկու ամուր սիւները, որոնց վրայ պիտի կրնամ վստահօրէն կանգուն պահել իմ իշխանութիւնս, հետեւաբար, ա՛լ հարկ չկայ ուրիշ բացատրութիւններու, իմ երկրիս դժբաղդ ճակատագի՜րն է կախում ունենալ Եւրոպայէն, ըլլա՛յ ան Անգլիան, ըլլա՛յ Ֆրանսան, ըլլա՛յ Ռուսիան կամ Գերմանիան. վերջապէս, ասիկա ճակատագրակա՜ն է, ի՞նչ կ’ըսէք ուրեմն, ի՞նչ խորհուրդ կուտաք հիմա։

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Քեամիլ բաշա, խորհուրդ տալէ առաջ՝ պէտք է կացութիւնը կշռել. կարծեմ թէ մեր Արտաքին գործերու նախարարը շուտով կը վերադառնայ ռուսական դեսպանատունէն, նայինք ի՛նչ լուր պիտի բերէ, արդեօք ինչ նորութիւն պիտի իմանանք, սպասենք քիչ մը, թո՛ղ Թուրխան բաշան վերադառնայ, հասկնանք իր կանչուլեուն շարժառիթը, այնուհետեւ կը խորհինք։

Դուք ի՞նչ կ’ըսէք, Սայի՛տ բաշա, հարցուց Հիւնքեարը, սպասե՞նք Թուրխանի վերադարձին։

Ձեր Վեհափառութեա՛ն է կամքը, մենք այս գիշեր, եթէ հարկ ըլլայ, հոս պիտի մնանք ու լուսցնենք, բաւական է որ նպաստաւոր ելքի մը յանգինք։

Պահ մը դադար տրուեցաւ ու Հիւնքեարը զիլը հնչեցուց։

Երկու րոպէէն սենեկապետ մը ներս մտաւ։

Հիւնքեարը հրամայեց թէյ մատուցանել իր կայսերական հիւրերուն։

Սենեկապետը մեկնեցաւ ու Համիտ, ձեռքի ադամանդակուռ ոսկի քթախոտի տուփը բանալով, հրամցուց Քեամիլ ու Սայիտ բաշաներուն, որոնք սենեակին լուսեղէն հեղեղներով ողողուած այդ գոհարին վրայ հիացիկ ակնարկներ կը ձգէին։

Քթախոտը քաշելէ յետոյ, Համիտ ըսաւ հիւրերուն.

Հաւատացէ՛ք, քանի՛ սա անիծեա՛լ Սասունի Դէպքը ծագեցաւ, քունս փախա՜ծ է, մէ՛կ վայրկեան հանգիստ չունիմ։

Վեհափա՛ռ, յարեց Քեամիլ, մարսուելիք դէպք մը չէ՛ Սասունի Դէպքը, երեւակայեցէ՛ք անգամ մը, հազարաւոր Հայերու գրեթէ ամէնքն ալ անմեղ բնաջնջումը. Եւրոպան ասիկա մատը պիտի փաթթէ ապահովապէս։

Աստուած վերջերնիս բարի՜ ընէ, յարեց անդիէն Սայիտ բաշա. աչքերը կայսերական քթախոտի տուփէն առանց վայրկեան մը հեռացնելու, սա մեր Թուրխան բաշան վերադառնար, հասկընայի՜նք թէ ի՛նչ կ’ուզէ Ցարին մեծ դեսպա՜նը։

Նոյն պահուն ոսկիէ շքեղակերտ ափսէի մը մէջ դրուած թէյի սպասը ներս բերուեցաւ սեւամորթ պալատական ծառայի մը ձեռքով։

Թէյը խմուած, ափսէն վերցուած էր, երբ Արիֆ պէյ եկաւ իմաց տալու Թուրխան փաշային վերադարձը։

Քիչ յետոյ, ներս մտաւ Թուրխան կոտրուած, խիստ կոտրուած դէմքով մը, եւ, Հիւնքեարի ազդանշանին վրայ, դիմացի անկիւնը, բազկաթոռի մը մէջ տեղաւորուեցաւ։

Ամէնուն աչքերը կը յառէին Արտաքին գործերու նախարարին, Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները կը սպասէին որ Հիւնքեարը խօսէր։

Հիւնքեարը խօսեցաւ, ուղղուելով Թուրխանի։

Թուրխան, ըսաւ, խօսէ՛ նայինք, ինչո՞ւ կանչեր է քեզի պարոն Նելիտօֆը, բարի՞ է, չա՞ր է, պատմէ՛ նայինք։

Վեհափա՛ռ Տէր, պատասխանեց Թուրխան բաշա, վայրագ թաթերու մէջ պարանոցը սեղմուած ու ոլորուած մարդու մը գերեզմանային ձայնովը, ո՛չ բարի է, ո՛չ չար է, թէ՛ բարի է, թէ՛ չար է, ի՜նչ գիտնամ, ներեցէ՛ք, Վեհափա՛ռ Փատիշահս, շուարած եմ, չեմ գիտեր ի՛նչ ըսեմ, ի՜նչպէս պատմեմ։

Ի՜նչ եղեր ես, Թուրխա՛ն, ընդմիջեց Համիտ, զարմանքի խառնուած կշտամբանքի դօնով մը, ի՜նչ կայ շուարելու, պատմէ՛ լմնցո՛ւր, հոգիդ չպիտի առնեմ։

Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները խնդացին, մինչդեռ Թուրխան, որ Արտաքին գործերու նախարա՜ր մը պիտի ըլլար, դողը բռնած, կը գալարուէր։

Հիւնքեարի վերջին բառերէն քիչ մը քաջալերուած, գերագոյն ճիգով մը շարունակեց.

Վեհափա՛ռ Տէր, ռուսական մեծ դեսպանը զիս կանչած էր, հաղորդելու համար ծածկագիր հեռագրի մը պարունակութիւնը, որ Բեթերսպուրկէն քաշուած էր, Արտաքին Գործերու նախարար Լոպանօֆէն։

Ի՜նչ հեռագիր է եղեր, հարցուց Հիւնքեարը գոյնը նետած։

Անդին, Քեամիլ ու Սայիտ բաշաները, տենդոտ սպասումի մը մէջ, կը կախուէին Թուրխան բաշայի շրթունքէն, որ կը դողար։

Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Թուրխան, ծածկագիր հեռագիրը թէեւ լակոնական, քիչ մը համառօտ, հազիւ հինգ տողէ բաղկացած, բայց սպառնական էր։ Ցարը կը հրամայէր անմիջապէս Սասունի կողմերը ղրկել արտասովոր քննիչ մը, որ միանալով միեւնոյն պաշտօնով այն կողմերը ղրկուած ֆրանսական ու բրիտանական պաշտօնատարներուն հետ, պիտի քննութիւն բանար, Սասունի Ջարդերուն պատասխանատուները գտնելու, զոհերուն թիւը ճշդելու եւ ուրիշ կարեւոր մանրամասնութիւնները երեւան հանելէ ետքը, հաւաքական տեղեկագիր մը պատրաստելու համար։

Ներկաները, Ապտիւլ Համիտէն սկսեալ, սառ կտրեցան։

Է՜, ըսաւ Հիւնքեարը, վերջապէս իրականացաւ կասկածս. ասոնք զիս հանգիստ չպիտի ձգեն… Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա, երե՛քն ալ խօսք մէկ ըրած, կ’երեւայ թէ ուխտած են, Սասունի Դէպքը մատի փաթթոց ընելով, զիս նեղը դնել, մինչեւ որ յաջողին իւրաքանչիւրն իր բաժինը հանել Հայկական Կողոպուտէն. Դիակապուտնե՜րը, Դիակապուտնե՜րը, Հայկական Դիակին վրայ յարձակած, պիտի կողոպտե՜ն, պիտի կողոպտե՜ն…։

Քեամիլ, Սայիտ ու Թուրխան բաշաները, Հիւնքեարին հետզհետէ զայրացող կատաղութենէն կը ջանային իրենքզիրենք պաշտպանել։

Երե՛քն ալ երկիւղած ու դողամած, լռութեամբ ու սարսուռով կը հետեւէին անոր այլանդակ շարժումներուն, առանց ճիկ մը կարենալ հանելու, զգուշանալով իրենց գլխուն վրայ պայթեցնելէ անոր կատաղութեան փոթորիկը։

Չը խօսի՞ք, չը խօսի՞ք, գոռաց Համիտ բաշաներու երեսին, արեւելքի դիւանագէտնե՛ր, մէջտեղ չը թափէ՞ք հիմա ձեր քանքարները՜…։ Խօսեցէ՛ք նայիմ, ի՞նչ պիտի ընենք. Ռուսիան, Ֆրանսան եւ, սա ձեր փառաբանած ու ճշմարիտ բարեկամ հռչակած Անգլիա՛ն անգամ, քննիչնե՜ր պիտի ղրկեն Սասուն…։

Թո՛ղ ղրկեն, Վեհափա՛ռ, համարձակեցաւ վերջապէս ընդմիջել Սայիտ բաշան, որ միւսներէն աւելի՛ լաւ ուսումնասիրած էր իր Տիրոջ հոգեբանութիւնը, ի՞նչ կ’ըլլայ. հա՛րկաւ քննիչ պիտի ղրկեն, ատոր դէմ բա՛ն մը չենք կրնար ըսել, բայց ի՞նչ կ’ըլլայ քննիչ ղրկելով.

Ի՜նչ կ’ըլլա՞յ… մռնչեց Համիտ, ի՞նչ պիտի ըլլայ. ամէ՛ն գաղտնիք պիտի հրապարակ հանուի, պիտի խայտառակուի, Հայերը երես պիտի առնեն, մանաւանդ երբ տեսնեն որ Ռուսիա՛ն ալ կը շահագրգռուի իրենց դատով. պիտի քաջալերուին եւ, ո՛վ գիտէ, դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր պիտի ծագին…։ Ես այս քննութիւններու պատրուակին տակ ուրիշ խաղե՜ր կը գուշակեմ, չըլլա՛յ թէ ամբողջ Եւրոպան համաձայնած ըլլայ վերջնական լուծում մը տալու «Արեւելեան Խնդիր» կոչուած կնճիռի՜ն…։ Ահա՛ կ’ըսեմ, լաւ խորհեցէ՛ք, ես ասոր ներքեւ աղետալի դաւե՜ր կը նշմարեմ…։

  Վեհափա՛ռ Տէր, միջամտեց Քեամիլ բաշա, մեղմել ուզելով Հիւնքեարին կատաղութեան սաստը, Վեհափառութեանդ խորաթափանց ու յստակատես միտքը ծանօթ է ինծի. կը զարմանամ թէ՝ ինչո՛ւ պարզ հեռագրէ մը կ’ազդուիք ա՛յդքան եւ անգոյ վտանգներ կ’երեւակայէք դիւանագիտական սովորական գործողութեան մը մէջ. ներեցէ՛ք որ այդ մասին իմ խոնարհ կարծիքս յայտնեմ։

Խօսեցէ՛ք նայինք, Քեամի՛լ, ձեր անուան իմաստը ջանացէք արդարացնել։

Վեհափա՛ռ Տէր, շարունակեց Քեամիլ, թեթեւ ժպիտ մը շրթունքին ծայրը, ես կեանքիս մէջ, միշտ արդարացուցած եմ անունս, երբէ՛ք խոհականութիւնը ձեռքէ չե՛մ ձգած իմ բոլոր գործերուս մէջ. Փատիշահիս՝ հաւատարիմ, Հայրենիքիս՝ օգտակար եւ ստանձնած պաշտօններուս մէջ՝ ուղղամիտ ու գործունեայ, ահաւասիկ իմ բովանդակ կեանքիս ուղեգիծը, հետեւաբար, եւ ո՛չ մէկէ մը քաշուելու տեղ մը չունիմ, ո՛չ ալ պատճառ մը՝ համարձակօրէն չը խօսելու եւ Փատիշահիս չը յայտնելու ինչ որ կը խորհիմ, ինչ որ կը զգամ տէրութեան նուիրական պատիւին ու շահերուն հետ սերտ առնչութիւն ունեցող խնդիրներուն մէջ, կը խնդրեմ որ ուշի ուշով եւ առանց ո՛ եւ է կանխակալ կարծիքի ու տարադէպ կասկածներու, բարեհաճիք ուշադրութիւն դարձնել իմ ըսելիքներուս, որոնք կը վերաբերին այժմէական կացութեան։ Այսօր, եւրոպական քաղաքական աշխարհի սեղանին վրայ դրուած է Հայկական Խնդիրը, որովհետեւ այդ աշխարհը՝ դժբաղդաբար ականատես եղաւ վերջերս ամենասոսկալի, եղեռնական եւ մարդկային վայրենութեան վաղեմի շրջանները յիշեցնող արիւնոտ դէպքերու, որոնք, անկարելի է ծածկել ու չը խոստովանիլ, թատերավայր ունեցան Հայաստանի կարեւոր կեդրոններէն մէկը. Սասունի Դէպքը կ’ուզէի ըսել, որ այսօր, կը զբաղեցնէ մեծ տէրութեանց դահլիճները։ Թուրխան բաշան հո՛ս է. չեմ կարծեր թէ՝ Պ. Նելիտօֆ լո՛կ ծածկագիր հեռագիր մը ցոյց տուած ըլլայ իրեն, ուրիշ յայտնութիւննե՛ր ալ պէտք է ըրած ըլլայ, եւ կարեւո՜ր յայտնութիւններ… այնպէս չէ՞, Թուրխա՛ն բաշա։

Չը խօսի՞ս, Թուրխա՛ն, նայէ՛ ի՛նչ կ’ըսէ Քեամիլ բաշան, ընդհատեց Հիւնքեարը,

Վեհափա՛ռ Տէր, պատասխանեց Թուրխան, հեռագիրը ցոյց տալէ ետքը, մեծ դեսպանը մտերմօրէն յայտնեց ինծի թէ ՝ Վեհափառ Ցարը յուզուեր է Էջմիածին նստող….

Է՜, է՜, հասկցա՜յ, ընդմիջեց Ապտիւլ Համիտ, վայրկենապէս գուշակելով թէ ՝ Թուրխան բաշան Խրիմեան Հայրիկին անունը պիտի արտասանէր… սա …ին անունը մի՛ տար, Թուրխա՛ն, հասկցա՜յ, դուն խօսքդ շարունակէ՛.

Այդ ծանօթ ծերունիին կողմէն իրեն մատուցուած աղերսագրէ՜ մը, որուն մէջ պատմուեր է Սասունի Դէպքին ամբողջ արհաւիրքը. Նելիտօֆ պատմեց նաեւ թէ՝ Կովկասի Հայերը հաւաքական բողոքով մը դիմեր են Փոխարքային եւ պահանջեր են որ իրենց արտօնութիւն շնորհուի Թուրքիա մտնելու եւ զէնքով օգնելու Հայաստանի մէջ ջարդուող իրենց ազգակիցներուն։

Ապտիւլ Համիտ յանկարծ ոտքի ելաւ ու սկսաւ լայնաքայլ չափել իր առանձնասենեակին երկայնքը։ Յետոյ, կանգ առնելով մէջտեղը, եւ դառնալով Քեամիլ բաշային,

Պաշտպանեցէ՛ք, մռլտաց վիրաւոր արջու մը պէս, պաշտպանեցէ՛ք տակաւին…

Քեամիլ բաշան, իր կարգին, ոտքի ելաւ ու համարձակ շեշտով մը.

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ, ես չե՜մ պաշտպաներ, այլ ճշմարտութիւնը կը յայտարարեմ։ Ռուսիան արդէն թշնամի՛ն է մեր կայսրութեան եւ ո՛չ մէկ առիթ չը փախցընէր ձեռքէ, խանգարելու համար խաղաղութիւնը։ Ինչպէս յիշեցի առաջ, Սասունի Դէպքը՝ պատրուա՜կ մըն է, պատրուա՜կ մը, մասնաւորապէս Ռուսիոյ ձեռքը, «Արեւելքի Քրիստոնեաներու Պաշտպան»ի իր հնօրեայ երգը լսեցնելու եւ ճիւղ մըն ալ փրցնելու համար Օսմանեան կայսրութեան վիթխարի ծառէն…։ Գիտցած ըլլաք, Վեհափա՛ռ, գիտցա՜ծ ըլլաք, Սասունի Դեպքը՝ հասարակ դէպքերէն չէ՛, եւ շատ հաւանական է թէ՝ ո՛չ միայն երեք մեծ տէրութեանց Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա–, Գերմանիոյ, Աւստրօ­Հունգարիոյ եւ Իտալիոյ միջամտութիւնը պիտի անխուսափելի դարձնէ, եւ դարձեալ դիւանագիտական սեղանին վրայ բերէ, թերեւս աւելի սպառնական ու վտանգալի ձեւի մը տակ, Հայկական խնդիրը, որ, հարկ չը կայ կրկնելու, վերջին մեծ պատերազմէն ի վեր, միջազգային հանգամանք ստացած է, Սան Սթէֆանոյի, Կիպրոսի ու Պէրլինի դաշնագիրներուն մէ՛ջ ալ անցած ըլլալով. Հայկական Խնդիրը, Վեհափա՛ռ Տէր, ինքնավար Հայաստանի մը խնդիրը չէ՛. Հայերուն խնդիրը չէ, բովանդակ կայսրութեան կեանքին ու մահուան խնդիրն է…։

Քեամի՛լ, ընդհատեց Հիւնքեարը, կ’աղաչեմ ամփոփեցէ՛ք, վերջացուցէ՛ք, ի՞նչ ընթացք պէտք է բռնուի ներկայ պարագաներուն մէջ.

Կարծեմ թէ՝ ես ըսի արդէն, Վեհափա՛ռ Տէր, նոյնը կը կրկնեմ. մեր կառավարութեան համար մեծագոյն բարիք մը պէտք է նկատենք Սասունի Դէպքին յաջորդող դիւանագիտական այս ձեռնարկը. գործը քննութեան կը յանձնուի, իմ կարծիքով, ձեր կայսերական կառավարութիւնը սիրայօժար պէտք է ընդունի երեք մեծ տէրութեանց կողմէն առաջարկուած այդ միջոցը, պահանջելով միեւնոյն ժամանակ որ իրենց քննիչներուն հետ մե՛նք ալ տանք մեր քննիչները, որպէս զի Խառն Քննիչ Յանձնաժողովի մը ձեռքով առաջ տարուին այդ քննութիւնները. ահա՛ իմ եզրակացութիւնս…

Դուք ի՞նչ կ’ըսէք, Սայիտ, դո՛ւք ալ ձեր եզրակացութիւնը կրնա՞ք ընել.

Ե՛ս ալ նոյն եզրակացութիւնը պիտի ընէի, Վեհափա՛ռ, Քեամիլ բաշա եղբայրս պակաս բան մը չը թողուց, խնդիրը բոլոր կողմերովը պարզեց. շատ բանաւոր կը գտնեմ իր լուծումը, այո՛, ամէն պարագայի մէջ, ուզե՛նք չուզենք, յիշեալ երեք մեծ տէրութիւնները պիտի ղրկեն իրենց քննիչները. մեզի կը մնայ պահանջել որ մե՛նք ալ ունենանք մեր քննիչները, որոնք իրենց ղրկելիք քննիչներուն հետ պիտի կազմեն Խառն Քննիչ Յանձնաժողով մը, եւ միասին առաջ տանին այդ քննութիւնները, ամէն գնով պէտք է ընդունել տանք իրենց այս առաջարկը, ուրիշ ելք մը չը կայ…։

Ապտիւլ Համիտ ակամայ համոզուեցաւ եւ հրամայեց Արտաքին Գործերու նախարարին ընդունիլ երեք միացեալ մեծ տէրութեանց դեսպաններուն հաւաքական ծանուցագիրը, որ հաւանականօրէն հետեւեալ օրը պիտի տրուէր Բ. Դուռը, յայտարարելով սակայն թէ՝ Բ. Դուռն ալ իր կողմէն նոյն թիւով քննիչներ պիտի ղրկէ Սասուն, միեւնոյն պաշտօնով ու համազօր իշխանութեամբ, որպէս զի, անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական քննիչներուն հետ խառն յանձնաժողով մը կազմելով, միասին կատարեն տեղին վրայ քննութիւնները եւ յետոյ միասին տեղեկագիր մը տան։

Եըլտըզի հաւնոցներուն խորէն կը լսուէր աքլորներուն առաջին աղաղակը, երբ նախարարները կարգով կ’իջնէին սանդուխներէն ու կառքերնին նետուելով կը մեկնէին պալատէն։

Սակայն Ապտիւլ Համիտ պիտի հսկէր տակաւին, որովհետեւ այդ գիշերուան ա՛յնքան երկար տեւող խորհրդակցութիւններէն լոյս մը չը ծագեցաւ իր խաւարասէր մտքին մէջ. ինքը՝ մութի մէջ գործելու միայն ընդունակ, համ չէր կրնար առնել ո՛ եւ է գործողութենէ, եթէ անոր մէջ դաւադրութիւնը դեր մը չունենար, իրեն աւելի դիւր ու հաճոյ պիտի գար կեղծիքը, խաբեբայությունը, որոնց շնորհիւ յաջողած էր տարիներէ ի վեր խաղցնել ամբո՜ղջ Եւրոպան, հետեւաբար, ո՛րքան որ հրամայեց Թուրխան բաշային ընդունել մեծ դեսպաններուն առաջարկը, Սասունի կողմերը քննիչներ ղրկուելու մասին, սակայն, միւս կողմէ, տակաւին յոյսը չէր կտրած իր օգոստափառ եղբօր՝ Վիլհէլմ Բ. ի բարեկամութենէն, եւ կը մտածէր անգամ մը տեսնել իր Ա. Քարտուղարը, խորամանկ Թահսինը, անոր հետ գլուխ գլխի տալով փախուստի ճամբայ մը գտնել կարենալու։

Այս մտածումներով բեռնաւորուած, քաշուեցաւ իր այն գիշերուան ննջասենեակը։