Է.
Հայրապետական
աղերսագրին
խմբագրութիւնը
մօտ
էր
աւարտելու,
երբ
Գարեգին
ներս
մտաւ
ու
Վեհափառին
սեղանին
վրայ
դրաւ
նոր
ծրարներ։
Թիֆլիզի
սուրհանդակը
հասած
էր։
Խրիմեան
Հայրիկ,
պահ
մը
մոռցաւ
աղերսագիրը,
գրիչը
մէկդի
նետեց
ու
աչքերը
դարձուց
այդ
ծրարներուն
վրայ։
Քակեց
զանոնք,
նամակները
թերթերէն
զատեց
եւ
ուզեց
նախ
հարեւանցի
ակնարկ
մը
նետել
այս
վերջիններուն
վրայ։
Թիֆլիզի
Արձագանգ,
Մշակ
ու
Նոր
Դար
թերթերէն
զատ,
այդ
ծրարներուն
մէջ
կը
գտնուէին
արտասահմանի
թերթերէն
Մ.
Չէրազի
L’Arménieն
եւ
Մ.
Փօրթուգալեանի
Արմէնիան։
Ու
սկսաւ
կարդալ
նախ
Արմէնիաի
հետեւեալ
լուրերը.
«–
Տէրիկի
վանքին
վանահայրը,
ազատ
արձակել
տուաւ
քուրտ
աւազակ
մը,
որ
ձերբակալուած
էր
նոյն
վանքը
կողոպտել
փորձած
միջոցին։
–
Համիտիյէ
քուրտ
հեծելագունդերը
Մշոյ
ու
Սասնոյ
միջեւ
տասներկու
հայ
գիւղեր
թալլեցին
ու
հրդեհեցին,
միեւնոյն
ժամանակ
ջարդելով
բնակիչներուն
մեծ
մասը։
–
Չէնտի
անուն
քուրտ
աւազակ
մը,
Պօղազ
Քէսէն
գիւղին
մէջ
սպաննել
տուաւ
Աբգար
Հայը,
որ
իր
չարագործութիւններուն
դէմ
բողոքած
էր։
–
Քուրտերը
Տազվէրանի
մէջ
երկու
երիտասարդ
Հայեր
սպաննեցին,
Արմիզոնի
քահանայի
մը
տղան
եւ
Քօջարի
գիւղէն
ուրիշ
Հայ
մը։
Մարդասպանութենէն
մէկ
քանի
օր
ետքը,
այս
վերջինին
միւս
երկու
եղբայրները
մեռան
իրենց
վախէն։
–
Զէքի
բաշան,
Դ.
Զօրաբանակին
միւշիրը,
որ
Օսմանիյէ
ի
ականակուռ
պատուանշանը
ստացած
էր
Սասունի
Հայերը
նուաճած
ու
ջախջախած
ըլլալուն
համար,
այս
անգամ
ընդունեց
Սուլթանէն
երկրագործութեան
ու
արհեստի
շքանշաններ։
–
Մշոյ
անկանոն
զօրքերուն
կողմէն
յարձակում
կրած
հայ
գիւղերուն
մէջէն
հարիւրաւոր
մանկամարդ
աղջիկներ
առեւանգեցին,
տղաքներ
ու
յղի
կիներ
թրէ
անցուցին
ու
ձիերու
սմբակներուն
տակ
ջախջախեցին։»
Խրիմեան
Հայրիկ,
միշտ
աչքերը
սրբելով
ձեռքի
սեւ
թաշկինակովը,
կը
շարունակէր
ընթերցումը։
Արմէնիաները
մէկդի
նետեց
ու
սկսաւ
կարդալ
Արձագանգի
լուրերու
բաժինը։
–
Սասնոյ
Շատախ
գաւառի
տասնըմէկ
գիւղերու
մէջ
սուրի
ու
սուինի
հարուածներով
ջարդուած
ծերերուն,
մանուկներուն
ու
կիներուն
թիւը
կը
հասնի
750ի։
–
Անտոքի
սարը
քաշուած
Սասունցիները,
որոնք
տասնըինը
օր
շարունակ
կռուեցան
այնքան
դիւցազնօրէն,
վերջապէս
անձնատուր
եղան,
խաբուելով
Զէքի
բաշայէն,
որ
ընդհանուր
ներում
խոստացած
էր,
սակայն,
բարբարոսները
բռնաբարեցին
կիները,
երեք
օր
շարունակ
անօթի
պահելով
խոշտանգեցին
անձնատուր
եղած
վաթսուն
երիտասարդ
հայ
կտրիճներ,
յետոյ
թրէ
անցուցին
ամէնքն
ալ
ու
իրենց
դիակները
նետեցին
հորի
մը
մէջ։
–
Շէնիք,
Սէմալ
ու
Կէլիէկուզան
մոխրակոյտի
մը
վերածուեցան։
Այս
համայնքներուն
մէջ
չորս
եկեղեցիներ
ու
երեսուն
երկու
գիւղեր
թալլուեցան
ու
քանդուեցան։
Զէքի
բաշային
զօրքերը
Սէմալի
Տէր
Յովհաննէս
քահանան
կուրցուցին
եւ
ստիպեցին
որ
պարէ.
աչքերը
փորուած
քահանան
կը
պարէ
երգելով
«Օրհնեա
անձն
իմ
զՏէր»
սաղմոսը,
յետոյ,
դահիճները
զայն
յօշոտեցին
իրենց
սուրերով։
–
Շէնիքի
Տէր
Տօնապետ
քահանան
սպաննեցին
իր
հինգ
ընկերներուն
ու
գիւղապետ
Մովսէսեան
Գրգոյին
հետ։
–
Կէլիէկուզանի
Տէր
Պետրոս
քահանան,
որ
անցած
տարի,
Տալւորիկի
պատերազմին
մէջ
եօթը
քուրտեր
սպաննած
էր,
բանտարկուեցաւ։
Կուրծքին
մորթը
զերծեցին,
յետոյ
իր
մարմինի
այդ
մասէն
միսի
կտոր
մը
փրցնելով
շամփուրի
վրայ
խորովեցին
ու
զոհին
աչքերուն
առջեւ
վայրագ
ախորժակով
մը
կերան։
Տէր
Պետրոս
քանի
մը
վայրկեանէն
մեռաւ
ճշմարիտ
ստոյիկեանի
մը
համբերատարութեամբ։
–
Աղպիի
գիւղապետը
Խչօ,
իր
եղբայրը
Հէպօ
եւ
իրենց
զաւակները,
սոսկալի
տանջանքներու
տակ
նահատակուեցան։
–
Փուրխի
Տէր
Գաբրիէլ
ու
Իշխանձորի
Տէր
Վարդան
Տէր
Մկրտիչեան
քահանաները
սպաննուեցան
ՀԻՆԳ
ՀԱԶԱՐ
ՎԵՑ
ՀԱՐԻՒՐ
ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆհայ
լեռնցիներու
հետ։
Այս
թիւը
կը
հաստատեն
մինչեւ
հիմակ
երեւան
հանուած
դիակները։
–
Սասունի
Ջարդին
մէջ,
զանազան
տեղեր
տեղի
ունեցած
կռիւներուն
հետեւանքով
վիրաւորուածներուն
թիւը
ՀԱԶԱՐԸկ’անցնի։
–
Բանտարկեալները,
թիւով
երկու
հարիւր
քառասուն
են,
ասոնց
մէջ
է
անուանին
Մուրատ
իր
զէնքի
ինը
ընկերներով,
որոնց
մէջ
իր
արիութեան
գործերով
հռչակ
հանած
էր
Տէր
Մկրտիչ
քահանան։
Խրիմեան
Հայրիկ,
Արձագանգը
մէկդի
դրաւ
ու
ձեռք
առաւ
Նոր
Դարը
։
Մարսիլիոյ
Արմէնիաին
եւ
Թիֆլիզի
Արձագանգին
մէջ
հրատարակուած
լուրերը
գրեթէ
նոյնութեամբ
արտագրուած
էին
Նոր
Դարի
մէջ
ալ։
Սակայն,
Թիֆլիզեան
այս
պահպանողական
թերթին
մէկ
անկիւնը
զետեղուած
թղթակցութիւն
մը
յանկարծ
գրաւեց
Հայրապետին
ուշադրութիւնը։
Հայրապետը
կանգ
առաւ
այդ
թղթակցութեան
վրայ
որ
«Սասունեան
Արհաւիրքէն
Դրուագ
մը»
սեւ
խորագիրը
կը
կրէր։
Խրիմեան
Հայրիկ,
արցունքներէն
կարմրած
աչքերը
թերթին
այդ
անկիւնը
սեւեռած,
շարունակ
ձեռքի
սեւ
թաշկինակովը
կը
սրբէր
իր
ձիւնոտ
ճակատը,
որ
քրտինքով
կ’ողողուէր,
ու
իր
սպիտակ
մօրուքը,
որ
արցունքէն
կը
թրջուէր։
Թղթակցութիւնը
Վանէն
էր,
ականատեսի
մը
կողմէն
գրուած։
Սասունեան
Արհաւիրքը
համառօտակի
նկարագրելէ
յետոյ,
կ’անցնէր
մասնաւոր
դէպքերուն,
որոնք
տեղի
ունեցած
էին
զանազան
կռիւներու
միջոցին
եւ
զանազան
վայրերու
մէջ։
Այդ
կարգի
քստմնելի
դէպքերէն,
հազարէն
իբրեւ
մէկ
օրինակ,
վեր
առած
էր
հետեւեալը.
«Համիտիյէ
քուրտ
հեծելագունդերը
Սասնոյ
ամէն
կողմերը
կ’ասպատակէին
ու
կը
հետապնդէին
ջարդէն
վերապրած
մնացեալ
Հայերը,
որոնք
քաշուած
էին
լեռները։
Այս
հետապնդումներու
միջոցին,
Համիտիյէ
հեծելագունդէն
սպայ
մը,
Մշոյ
սահմաններէն
քիչ
մը
հեռու,
լեռան
մը
քարաժայռերու
ծերպերուն
մէջ
պահւըտած
կը
գտնէ
մանկամարդ
Հայուհի
մը,
իր
երեք
տարու
տղեկին
հետ,
գրեթէ
կիսամերկ
երկուքն
ալ։
Օրերէ
ի
վեր
հոն,
այդ
անկոխ
ապառաժներու
կողերուն
մէջ
ապաստանած,
այդ
տարաբաղդ
մայրը,
իր
աչքերուն
առջեւ
իր
կտրիճին
եղերական
ու
դիւցազնական
մահը
տեսնելէ
յետոյ,
իր
մէկ
հատիկ
երեք
տարու
երախան
գրկած,
փախած
էր
բարբարոս
վոհմակներու
առջեւէն
եւ
յաջողած
էր
ինքզինք
նետել
այդ
քարայրին
մէջ։
Ու
հիմա,
քուրտ
սպայի
մը
ձեռքը
գերի
կ’իյնար։
Սպան,
աւազակութեան
դպրոցը
սնած
վկայեալ
ոճրագործ
մը,
նախ
կը
մօտենայ
կնոջ,
որուն
կուրծքին
վրայ,
քուրջերու
մէջ
փաթթուած
ու
պահուած
գոհարեղէններուն
վրայ
ձեռք
դնելէ
յետոյ,
կ’ուզէ
բռնաբարել
անոր
պատիւը։
Հայուհին
կը
մերժէ։
Քուրտը
կը
սպառնայ
դաշոյնի
մէ՛կ
հարուածով
սպաննել
անմեղ
մանկիկը։
Հայուհին
կը
յամառի
մերժումին
մէջ
ու
կը
պատրաստուի
թէ՛
ինքզինք
պաշտպանելու
այդ
հրէշին
դէմ
եւ
թէ՛
իր
երախան։
Սպան
այս
անգամ
թուրը
կը
հանէ
պատեանէն
ու
կնոջ
գլխին
վերեւ
շողացնելով,
կը
սպառնայ
սպաննել։
Եւ
սակայն
Հայուհին
անդրդուելի
ու
աննկուն
կը
մնայ։
Քուրտ
սպան,
կատաղութենէն
կրակ
կտրած,
տկար
էակի
մը
մէջ
ա՛յսքան
յանդգնութիւն
ու
ա՛յսքան
արիութիւն
գտնելուն,
վերջին
փորձ
մըն
ալ
կ’ընէ,
ջախջախելու
համար
անոր
յամառութիւնը։
Իր
դաշոյնը
կը
յանձնէ
հայ
կնոջ,
եւ
կը
հրամայէ
որ
իր
սեփական
ձեռքերով
սպաննէ
իր
տղեկը,
մինչդեռ
ինքը,
սպան,
վեցհարուածեանը
ձեռքը,
կը
սպասէր։
Հայուհին
կ’առնէ
դաշոյնը,
կը
սկսի
խոկալ,
ի՞նչ
կրնար
ընել…
Համակերպութիւն
կը
կեղծէ,
դաշոյնը
լաւ
մը
ձեռքին
մէջ
տեղաւորելէ
յետոյ,
կը
մօտենայ
իր
տղեկին,
որ
հոն,
վայրի
խոտերուն
վրայ
պառկած,
կը
ժպտէր
հրեշտակի
մը
պէս
ու
մանրիկ
թաթիկները
կ’երկնցնէր
իր
մօր,
որուն
աչքերը
կը
վառէին
եղերական
բոցով
մը։
Սպան
կը
դիտէր
տեսարանը,
գազանային
կիրքի
մը
բոլոր
հեշտանքովը,
եւ
կ’երազէր
գերագոյն
րոպէն,
որ
պիտի
յագեցուցած
ըլլար
իր
տռփանքը՝
գեղեցիկ
հայ
կնոջ
մը
միսին
վրայ…։
Սպան,
իր
մօտալուտ
երջանկութեան
ոլորտները
կը
թափառէր,
մինչ
Հայուհին,
մերկ
դաշոյնը
ձեռքին
մէջ,
իր
ժպտող
երախային
վրայ
կը
հակէր։
Յանկարծ,
դաշոյնը
շողաց
Հայուհիին
ձեռքին
մէջ,
ու
սպան
գետին
փռուեցաւ։
Երախային
մայրը,
վրէժի
եւ
յուսահատութեան
թափով
մը,
դաշոյնը
դարձուցած
էր
ճիւաղին
վրայ,
եւ
վայրկենապէս
մխած
էր
զայն
անոր
սրտին։
Սպան
կը
թապլտկէր
արիւնի
ճապաղիքին
մէջ,
երբ
Հայուհին
գետնէն
կը
վերցնէ
վեցհարուածեանը,
որ
սպային
ձեռքէն
ինկած
էր,
իրարու
վրայ
կը
պարպէ
ու
կը
պայթեցնէ
անոր
ըղեղը։
Հոս
չը
վերջանար
պատմութիւնը։
Պայթումը
կը
լսուի
դուրսէն,
սպային
ընկերացող
քուրտ
զօրքերը
կը
վազեն
ու
քարայրը
կը
խուժեն։
Տեսարանը
սոսկալի
էր։
Խելակորոյս
մայրը,
արիւնաներկ
դաշոյնը
մէկ
ձեռքին,
վեցհարուածեանը
միւս
ձեռքին
մէջ,
շրջան
կ’ընէր։
Քուրդերը
սարսափահար
ետ
ետ
կը
քաշուին,
երբ
գետինը
փռուած
կը
տեսնեն
իրենց
հրամանատարին
արիւնաներկ
դիակը։
Կինը,
զգալով
իր
ստոյգ
ու
անխուսափելի
մահը,
եւ
փրկելու
համար
իր
կնոջական
անարատ
պատիւը,
որ
պիտի
բռնաբարուէր
անտարակոյս
այդ
հրէշներէն,
միւս
կողմէ,
իր
անմեղ
մանկիկը
բարբարոսներու
ձեռքը
գերի
չը
ձգելու
մայրենի
գորովոտ
զգացումէն
մղուած,
վեցհարուածեանի
մէ՛կ
հարուածով
կը
սպաննէ
անմեղ
երախան,
երբ
սա
իր
մօրը
կը
ժպտէր…։
Յետոյ,
հերարձակ
ու
մոլեգին,
դառնալով
Քուրդերուն
ու
ցոյց
տալով
մատղաշ
տղեկին
դիակը,
որ
ջլաձգային
ցնցումներով
կը
գալարուէր
ու
կը
թփրտար
արիւնին
մէջ,
դեռ
նոր
մորթուած
վառեակի
մը
պէս,
կը
մռնչէ
որդեսպան
մայրը.
–
Բարբարո՛ս
դահիճներ,
հայու
արիւնին
ծարաւովը
տանջուող
հրէշնե՛ր,
հանդարտեցէ՛ք,
հանդարտեցէ՛ք,
հի՛մա
ձեռք
կը
դնէք
ձեր
որսին
վրայ…։
Ու
վեցհարուածեանին
փողը
նոտեցնելով
իր
աջ
ականջին
տակ,
մէկ
հարուածով
պայթեցուց
ինք
իր
ըղեղը,
եւ
վայրկենապէս
թաւալգլոր
ինկաւ
գետին…։
Ա՛լ
կարելի
չէր
շարունակել
ընթերցումը։
Հայրապետը
թուլցաւ
եւ
բազկաթոռին
վրայ
ինկաւ։»
Նուաղած
էր։
Անցան
այսպէս
քանի
մը
րոպէներ
ու
նուաղումը
դեռ
կը
տեւէր,
երբ
Խորէն
էֆէնտի
ներս
մտաւ։
Տեսաւ
Հայրապետին
վիճակը,
անմիջապէս
դուրս
վազեց,
Գարեգինը
շուտով
ղրկեց
բժիշկին։
Նուաղումը
վերջացած
ու
Հայրապետը
քիչ
մը
սթափած
էր,
երբ
բժիշկը
ներս
մտաւ։
Մօտեցաւ,
բազկերակը
զննեց
ու
պատկառոտ
շեշտով
մը.
–
Ի՞նչ
պատահեցաւ,
Վեհափա՛ռ,
հարցուց.
–
Ոչի՛նչ,
ոչի՛նչ,
պատասխանեց
Հայրիկը,
դողդոջուն
ձայնով
մը։
Հետզհետէ
կը
հասնէին
ու
Վեհարանը
կը
մտնէին
Մայր
Աթոռի
սինոդականները,
ալեզարդ
եպիսկոպոսներ,
ու
կը
շարուէին
ոտքի
վրայ,
Վեհափառի
թիկնաթոռին
բոլորտիքը։
Վանքին
մէջ
շուտով
տարածուած
էր
Հայրապետին
նուաղման
շշուկը,
միաբաններուն
միջեւ
իրարանցում
մը
կար։
Շշուկը
հասած
էր
Գէորգեան
Ճեմարանը։
Տեսուչը,
ուսուցիչները,
եւ
լսարանի
ուսանողները
խմբովին
կը
հասնէին
ու
Վեհարանը
կը
մտնէին։
Քիչ
յետոյ
կը
հասնէին
ուրիշ
բժիշկներ
ալ։
Բժշկական
խորհրդակցութիւն
մը
տեղի
ունեցաւ
եւ
որոշուեցաւ
Հայրապետը
հեռու
պահել
ամէն
զբաղումէ,
որ
կրնար
յուզում
յառաջ
բերել
ու
խանգարել
անոր
ջղային
դրութիւնը։
Ուստի,
անմիջապէս,
բժիշկներու
պատուէրին
համաձայն,
փոխադրուեցաւ
իր
ննջասենեակը։
Դեղագիրները
պատրաստուեցան
հոն
ու
յանձնարարուեցան
մեծ
ուշադրութեամբ
մը
հետեւիլ
Հայրապետին
առողջական
վիճակին
կրելիք
փոփոխութեան։
Վեհարանը
խռնուած
ամբոխը
կամաց
կամաց
դուրս
ելաւ։
Հայրապետին
մահճակալին
եզերքը
մնացին
միայն
իր
անձնական
բժիշկը,
վանքի
վաղեմի
միաբաններէն
Գառնակերեան
Տ.
Գրիգորս
արքեպիսկոպոսը,
Խորէն
էֆէնտին
ու
քարտուղար
Կորիւն
վարդապետը։
Սակայն
Հայրիկը
չէր
կրնար
հանդարտ
պառկիլ։
Անկողնին
մէջ,
կռնակին
վրայ
տարածուած,
արծիւի
աչքերը
սեւեռած
ձեղունին,
այդ
դիրքին
մէջ
հազիւ
քանի
մը
վայրկեան
մնալէ
յետոյ,
յանկարծ
կը
նստէր։
Շուրջինները
կը
դիտէին
անոր
հոգեկան
տագնապները։
–
Տօգթօ՛ր,
ըսաւ
Հայրիկը,
դառնալով
իր
անձնական
բժիշկին,
որ
մահճակալին
գլխուն
կողմը,
աթոռի
մը
վրայ
նստած,
կը
հսկէր,
ես
հիւանդ
չե՛մ,
ինքզինքս
լաւ
կը
զգամ.
քիչ
մը
յուզուած
էի,
հիմա
ամէն
բան
անցա՜ծ
է.
–
Այո՛,
յարեց
բժիշկը
պատկառոտ
դէմքով
մը,
Վեհափա՛ռ,
գիտեմ
որ
բան
մը
չունի՛ք
վրդովեցուցիչ,
գիտեմ
որ
հիւանդ
չէք,
բայց
հանդարտութեան
պէտք
ունիք,
չէ՞.
–
Հանդա՞րտ…
Տօգթօ՛ր,
միթէ
հանդարտութիւն
կա՞յ
Հայոց
Հայրիկին
համար,
երբ
անդին,
հայրենիքի
սուրբ
հողին
վրայ,
ժողովուրդիս
անմեղ
արիւնը
կը
հոսի…։
Ու
երկու
ձեռքերովը
ծածկելով
իր
սպիտակափառ
երեսները,
տղու
մը
պէս
սկսաւ
լալ։
Ցուրտ
լռութիւն
մը
տիրեց
քանի
մը
րոպէ։
Ննջասենեակին
մարդիկը
չէին
համարձակեր
բանալ
բերաննին.
Վեհափառին
արցունքներու
կաթիլները
սահմռկեցուցած
էին
ամէնքն
ալ։
Տեսարանը
յուզիչ
էր։
Բժիշկը
պաղատագին,
գրեթէ
գետնամած,
Վեհափառին
սնարին
քով,
հանդարտութիւն
կը
յանձնարարէր,
մտքի
հանդարտութիւն,
որ
անհրաժեշտ
էր
անոր
խանգարուած
առողջութիւնը
վերահաստատուելու
համար,
սակայն,
նոյն
րոպէին,
Հայրապետը,
գերագոյն
անձնուրացումի
թափով
մը,
մոռցած
էր
ինքզինք,
մոռցած
էր
իր
կեանքը,
զգալով
ու
կրելով
իր
անձին
մէջ,
իր
հոգիի
բոլոր
էութեանը
մէջ,
իր
ցեղին
անկարելի,
զարհուրելի
տառապանքը։
Անկողնին
մէջ
նստած,
երերցնելով
իր
սպիտակահեր
գլուխը,
դարձաւ
ըսաւ
բժիշկին.
–
Տօգթո՛ր,
սիրելի՛
զաւակս,
կ’աղաչեմ,
մի՛
չարչարէք
զիս,
մինակ
թողէ՛ք
զիս
իմ
ցաւիս
հետ,
առանձի՜ն
մնալ
կ’ուզեմ
եւ
առանձի՜ն,
բոլորովին
առանձին
մտածել,
խոկալ,
կշռել
ու
չափել
անդունդը,
որուն
եզերքը
հասած
է
եւ
մօտ
է
գահավիժելու
իմ
մատնուած,
չարչարուած,
մարտիրոսացած
ցեղիս
ճակատագի՜րը…։
Ու
կուլար
դառնօրէն։
–
Հայրի՛կջան,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
բժիշկը .
մի՛
յուզուիք,
մի՛
յուզուիք,
կը
պաղատիմ,
մի՛
վտանգէք
ձեր
կեանքը,
որ
ա՛յնքան
թանկագին
է
մեզի
համար,
բովանդակ
հայ
ազգին
համար.
Դուք
պէտք
է
ապրիք,
ու
շա՜տ
ապրիք,
որպէս
զի
ձեր
աչքերո՛վ
տեսնէք
մեր
ազգին
ազատագրութիւնը,
դո՛ւք
պիտի
մխիթարէք
ժողովուրդը,
ձեր
կազդուրիչ
խօսքը
պիտի
կրնայ
նոր
յոյսերու
արշալոյս
մը
բանալ
Հայաստանի
մռայլուտ
հորիզոնին
վրայ.
չէ՞
որ
դո՛ւք
էք
մեր
Հայրիկը,
Հայոց
Հայրի՜կը,
Վեհափա՛ռ,
հանդարտութի՜ւն,
հանդարտութի՜ւն
կը
պահանջէ
ձեր
հիմակուան
վիճակը.
ձեր
առողջութիւնը
լո՛կ
ձեզի
չի՛
վերաբերիր,
ձեր
կեանքը՝
ձերը
չէ՛
լոկ,
Ազգի՛ն
կը
պատկանի,
այս
կեղեքուած,
ջարդուած
Ազգին,
որ
իր
աչքը
ձեզի՛
յառած
է,
ինչպէս
ծովերու
անհունութեան
մէջ
մոլորած
նաւու
մը
մարդիկը՝
երկինքի
բեւեռական
աստղի՜ն…։
Բժիշկին
անկեղծութեան
շեշտ
մը
կրող
այս
յուզիչ
խօսքերը՝
վայրկենապէս
քնացուցին
Հայրապետին
գրգռուած
ջիղերը։
Դարձաւ
ներկաներուն
ու
տիրական
ձայնով
մը.
–
Դուք
դուրս
ելէ՛ք,
ըսաւ
անոնց,
բժի՛շկը
միայն
թո՛ղ
քովս
մնայ։
Հայրապետական
հրամանը
կատարուեցաւ,
ներկաները,
բաց
ի
բժիշկէն,
խմբովին
մեկնեցան
ննջասենեակէն։
Հայրապետ
ու
բժիշկ
մնացին
առանձին։
Խրիմեան
Հայրիկը
վար
իջաւ
մահճակալէն,
եւ,
իբր
թէ
բա՛ն
մը
պատահած
չըլլար,
կորովի
քայլերով
մէկ
երկու
շրջան
ըրաւ
ննջասենեակին
երկայնքը,
յետոյ,
մօտենալով
բժիշկին
ու
ձեռքէն
բռնելով.
–
Տօգթօ՛ր,
ըսաւ,
ես
ա՛լ
հանդարտած
կը
զգամ
ինքզինքս,
եւ
կը
խորհիմ
դարձեալ
ձեռք
առնել
սկսուած
ու
կէս
թողուած
աշխատութիւնս,
որ
շատ
կարեւոր
է
եւ
կենսական.
ուստի,
կը
խնդրեմ,
դուք
կրնաք
մեկնիլ.
բոլորովին
ապահով
եղէ՛ք
որ
բա՛ն
մը
չունիմ
վրդովեցուցիչ։
–
Ո՛չ,
ո՛չ,
Վեհափա՛ռ,
պնդեց
Տօգթօրը,
չե՛մ
ներէր
որ
այդպէս
տրամաբանէք,
ես
պատասխանատո՜ւ
եմ
Ձեր
կեանքին,
որ
Ազգի՜ն
կը
պատկանի,
ո՛չ
թէ
ձեզի,
հասկցա՞ք…։
–
Հոգ
չէ՛,
հոգ
չէ՛
սիրելի՛
տօգթօրս,
կրկնեց
Հայրիկը,
վերստանալով
իր
սովորական
զուարթութիւնը,
հոգ
չէ՛
թէ
մեռնիմ
այսօր.
մահը՝
պարտք
մըն
է
որ
ուշ
կամ
կանուխ
պէտք
է
վճարուի.
բժիշկի
խրատներուն
թո՛ղ
անսան
անո՛նք
միայն,
որոնք
մեռնելէ
կը
դողան
ու
կառչած
կը
մնան
կեանքի
վայելքներուն.
ես
ապրեցայ
կեանքը,
հիմա
կը
սպասեմ
մահուան,
որ
ինծի
դո՛ւռը
պիտի
բանայ
նոր
աշխարհի
մը,
ո՛ւր
ո՛չ
Բռնաւոր
կայ
ո՛չ
գերի,
ո՛չ
զրկող
կայ,
ո՛չ
զրկուած,
ուր
Արդարութեան
ու
Երանութեան
Արեւը
կը
ծագի
ամէնուն
վրայ,
եւ
ուր՝
Ազատութիւնը
կը
բնակի
անմահութեան
ու
յաւերժութեան
լուսեղէն
յարկերուն
մէջ։
Հայրապետին
յամառութիւնը
ծանօթ
էր
արդէն,
բժիշկը
պարտուած
ի
վերջոյ,
ստիպուեցաւ
հրաժեշտ
տալ,
չը
դադրելով
սակայն
նոյն
յանկերգը,
հանդարտութեան
նոյն
յորդորը
կրկնելէ։
Վեհարանին
սենեակները
պարպուեցան
մարդիկներէն
ու
Հայրիկը
գնաց
դարձեալ
անցաւ
իր
գրասեղանին
գլուխը.
եւ
ուզեց
քանի
մը
սրբագրութիւններ
ու
յաւելումներ
ընել
խմբագրուած
աղերսագրին
վրայ,
նոյն
օրուան
սուրհանդակին
բերած
կսկծալի
դէպքերու
լուրերն
ալ
կցելով
անոր։