Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.

Հայկական Բարենորոգումներու մայիսեան այս համբաւաւոր Ծրագիրը Բ. Դրան ներկայացուելէ առաջ, Սասունի Արհաւիրքը քննելու պաշտօն ունեցող եւրոպական Յանձնախումբը Մուշի մէջ դանդաղօրէն կը շարունակէր իր նիստերը, որոնք ապարդիւն կը մնային։ Մէկ կողմէ Յանձնախմբի անդամներուն տգիտութիւնը՝ տեղական լեզուին ու բարքերուն, միւս կողմէ՝ համիտական կառավարութեան յաճախ յարուցած խոչընդոտները, ամլութեան կը դատապարտէին անոր բոլոր աշխատութիւնները։ Ենթադրելով իսկ թէ՝ Եւրոպական Յանձնախումբը խղճմտօրէն ու յամառութեամբ կը ջանար առաջ տանիլ իր քննութիւնները, կարենալ երեւան հանելու համար զարհուրելի դրուագները, որոնք Սասունեան արհաւիրքին արիւնոտ իրականութիւնը կը կազմեն իրենց ամբողջութեանը մէջ, դարձեալ անյաջողութեան կը մատնուէր, որովհետեւ Համիտի ծանօթ ու անծանօթ գործակալները, միւշիր Զէքիի ու վալի Թահսինի ղեկավարութեանը տակ, գիշեր ցերեկ կը գործէին ամէն միջոցներով, ջնջելու համար ամէն հետք, որ պիտի կրնար ապացուցանել գործուած բարբարոսութիւնները։ Եթէ Հայ մը, Սպանդներու զոհերուն տէրը կամ պարագաներէն մէկը, յանդգնէր մօտենալ այդ Յանձնախումբին, վայրկենաբար կը ձերբակալուէր, եթէ երբէք չը սպաննուելու չափ բաղդաւոր եղած ըլլար…։

Սակայն, Եւրոպական Յանձնախումբի յայտնի ապիկարութեան առջեւ, այդ հեռաւոր անկիւններուն մէջ, սփոփարար երեւոյթ մը կար, որ պարբերաբար ի յայտ կուգար Լոնտոնի ազատական մամուլին միջոցաւ, որուն շարունակ Մուշէն կը հասնէին քստմնելի մանրամասնութիւնները հայկական մարդազոհին, հաստատելով Եըլտըզի բռնապետական կառավարութեան, կամ աւելի ճիշտը, կազմակերպեալ աւազակութեան գործած պժգալի ոճիրները։

Ու այս Մեծ Եղեռնի վարագոյրը պատռողը՝ լոնտոնեան ազատական թերթի մը մասնաւոր թղթակիցն էր, որ, իր մորթը վտանգելով, աղէտահար վայրերը քայլ առ քայլ կ’այցելէր, եւ իր անաչառ քննութեան արդիւնքը հեռագրով կը հաղորդէր մամուլին։ Այդ քստմնելիօրէն շահեկան թղթակցութիւնները մէկ օրուան մէջ եւրոպական մամուլի շրջանը կ’ընէին, դղրդելով ու ընդվզեցնելով հանրային խղճմտանքը։ Սակայն, դժբաղդաբար, իբրեւ սոսկ անհատի մը թղթակցութիւն, զուրկ ըլլալով ո՛ եւ է պաշտօնական հանգամանքէ, չէին կրնար ազդել Եւրոպայի դահլիճներուն վրայ, որոնք իրենց տեղեկութիւնները պիտի քաղէին Եւրոպական Յանձնախումբին հաղորդումներէն։ Մինչդեռ Յանձնախումբը, մեռած­ծնած մարմին մը, չէ՛ կրցած ընել, չէ՛ ըրած նոյն իսկ մէկ հարիւրերորդ մասը՝ յիշեալ թղթակցին աշխատութիւններուն։

Իրաւ է թէ՝ Սասունի Ջարդին առաջին արձագանգը ցնցեց քաղաքակրթեալ Արեւմուտքը. մանաւանդ Թուրքիոյ ճակատագրին հետ կենսական շահերով կապուած Մեծ Տէրութիւնները, այդ լուրերու առաջին հարուածին տակ շուարած, իւրաքանչիւրը կ’ուզէր իր դիրքը ճշդել։ Արեւելեան Խնդիրը դարձեալ կը ցցուէր ուրուականի մը պէս եւ, Սասունի անդամատուած Դիակին վրայ ծռած, նիւթապաշտ Եւրոպան կ’ընդնշմարէր միջազգային պատերազմի մը պայթումը։ Եւ իրօք, եթէ պայթէր այդ վախցուած պատերազմը, ընդհանուր, անդարմանելի աղէտ մը, հարուած մը պիտի տրուած ըլլար քաղաքակրթութեան, եւ ո՛վ գիտէ ի՜նչ անակնկալներ պիտի բերէր իր ետեւէն։ Մէկ կողմէ, այդ սպառնացող վտանգին սարսափը, միւս կողմէ՝ Արեւելքի մէջ իրենց դարաւոր շահերը պահպանելու մտահոգութիւնը, Եւրոպայի քանի մը Մեծ Տէրութիւնները մղած էին ասպարէզ նետուելու եւ Հայաստան ղրկելու այդ Յանձնախումբը։

Միջազգային քաղաքականութեան խարիսխը կազմելով իւրաքանչիւր մեծ տէրութեան հակամարտ շահերը, որոնք Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունէին դարերէ ի վեր, Եւրոպայի քաղաքականութիւնը ձեռնտու չէր կրնար ըլլալ ճնշողական միջոցներու կիրառութեան, արագ լուծում մը տրուելու համար Հայկական Դատին, որ Արեւելեան Հարցին մեծագոյն, թերեւս մայր օղակը կը կազմէր։ Եւրոպան չէր ուզէր ծանրանալ ու բռնութիւն ի գործ դնել Ապտիւլ Համիտի վրայ եւ ստիպել, նոյնիսկ ամենափոքր չափով մը, որ գոհացում տար Հայերուն, որոնց դատը միջազգային հանգամանք ստացած էր Պէրլինի Դաշնագրին 61րդ յօդուածին տրամադրութեամբը։ Եւրոպան, եթէ ուզէ՛ր ալ, չպիտի կրնար բիրտ ուժ ու ճնշողական միջոցներ գործածել, հակառակ իր հանդիսաւոր խոստման, պաշտպանելու Հայերուն ինչքը, պատիւը, կեանքը՝ Քուրդերուն ու Չէրքէզներուն յարձակումներէն։

Այո՛, չպիտի կրնար Եւրոպան վճռական քայլ մը առնել դէպի լուծումը, որովհետեւ Միացեալ Եւրոպա մը չէր, այլ մէկէ աւելի դաշնակցութիւններով իրարու դէմ զինուած Եւրոպա մը, որ կը սոսկար այդպիսի միջամտութեան փորձի մը հետեւանքներէն, որոնք ծանրակշիռ կրնային ըլլալ ա՛յն աստիճան որ թերեւս խախտէին, ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս եւրոպական Թուրքիոյ դիրքը, աներեւակայելի յեղաշրջումներով ու քաղաքական փոփոխութիւններով։ Ուստի, Մեծ Տէրութիւններուն ջանքը կը կեդրոնանար պահպանելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որուն կուտը կը կազմէր Հայաստանը հաւասարակշռութիւնը, կամ որ նոյն է, Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջութիւնը, այսպէս, նոր դարերու Ներոնի մը վայրենի քմահաճոյքներուն յանձնելով արեւելքի քրիստոնեայ թէ մահմէտական տարրերուն ճակատագիրը…։

Եւրոպական Մեծ Տէրութիւններէն Անգլիան ու Ռուսիան աւելի շահագրգռուած էին Արեւելքի գործերով ընդհանրապէս եւ Հայկական հարցով մասնաւորապէս, եւ Արեւմուտքի ու Հիւսիսի այս երկու Հսկաներէ՛ն կախում ունէր Հայկական Դատին լուծումը։ Եթէ, Սասունի Ջարդերուն վրայ, այս երկու մեծ տէրութիւնները, շահերու փոխադարձ զոհողութիւններով ու զիջումներով համաձայնէին գործել, եւ եթէ երկուքին ալ շահերը վայրկեան մը հաշտուէին իրարու հետ, անվիճելիօրէն ստոյգ պիտի ըլլար Հայկական դատին վերջնական կարգադրութիւնը, գէթ Բարենորոգումներուն իրական գործադրութեամբը, Պէրլինի 61րդ յօդուածին տրամադրութեանը համաձայն։ Սակայն, տարաբաղդօրէն, պատմական ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ ա՛յս երկուքին շահերը տրամագծօրէն կը հակառակէին եւ զիրար կը չէզոքացնէին Հայկական Դատին շուրջը։

Մինչդեռ այս աննպաստ ու տխուր պարագաներու մէջ, Սասուն ղրկուած Եւրոպական Յանձնախումբը կ’երկարաձգէր իր քննութիւնները, արդէն Պոլսոյ մէջ, նորընտիր պատրիարքը՝ Իզմիրլեան Սրբազան, Հայաստանի զանազան կողմերէն ու համիտական բանտերու անկիւններէն հասած սրտակեղեք աղաղակներէն խորապէս ազդուած, 1895 Յունվարի սկիզբը, ընդարձակ յիշատակագիր մը կը պատրաստէր, որուն մէջ կը թուէր 1878 թուականէն ի վեր ժողովուրդի կրած տառապանքներուն, ենթարկուած զրկանքներուն, կեղեքումներուն ու բռնաբարումներուն մանրամասնութիւնները, որոնք գործուած էին կառավարութեան թոյլտուութեամբ եւ հրահանգներով, քուրտ, չէրքէզ եւ ուրիշ թափառական ցեղախումբերու ձեռքով։ Պատրիարքը Սուլթանին կը ներկայացնէր այս յիշատակագիրը, եւ պատճէներն ալ Պոլսոյ մեծ դեսպաններուն։

Ապտիւլ Համիտ անմիջապէս կը կեղծէ փոխել իր քաղաքականութիւնը, իր ծննդեան տարեդարձին օրը խիստ սիրալիր ընդունելութիւն մը կ’ընէ Պատրիարքին, եւ մասնաւոր ունկնդրութիւն մը շնորհելով, իր քովը կը նստեցնէ, ու.

Շա՜տ կը հաւնիմ ձեր ընթացքին, Պատրիա՛րք էֆէնտի, կ’ըսէ անոր հիացիկ շեշտով մը, ամբողջ ազգին համակրութիւնը գրաւած էք. ձեր բոլոր արարքները՝ խելացի մարդու գործեր են, միայն թէ՝ ձեր ազգին մէջ մէկ քանի տգէտներ կան (այս անգամ տգէտ է ըսեր, փոխանակ սրիկայ ըսելու), բայց միթէ ո՞ր ազգը չէ ունեցեր իր տգէտները։ Ես կը հաւատամ, Պատրիա՛րք էֆէնտի, ձեր մէ՛կ խօսքը պիտի բաւէ զանոնք կարգի եւ ուղղութեան բերելու. ես հայ ազգը շատ կը սիրեմ, եւ մօտերս մեծամեծ բարիքներ պիտի ընեմ ձեր ժողովուրդին. ի՞նչ հարկ ուրիշ տեղեր դիմելու, համարձակօրէն ինծի՛ առաջարկեցէ՛ք ինչ որ կը բաղձաք, եւ ես պիտի կատարեմ…։

Վեհափա՛ռ, կը պատասխանէ Պատրիարքը, Բարձրեալը ձեզի երկար կեա՜նք պարգեւէ։

Պատրիա՛րք էֆէնտի, կը կրկնէ Համիտ թախանձագին, կը խնդրեմ, մի՛ քաշուիք, ըսէ՛ք, խօսեցէ՛ք, ի՛նչ կ’ուզէք։

Եւ սպասողական դիրքի մը մէջ, Ապտիւլ Համիտ կը դիտէ իր քով նստող հայ եկեղեցականը։ Սակայն, Պատրիարքը, առանց փոխելու իր դիրքը, միեւնոյն շեշտով կը կրկնէ.

Վեհափա՛ռ, Աստուած ձեզի երկար կեա՜նք պարգեւէ…։

Եւ Հիւնքեարը կատղած, չը կրնալով հասնիլ իր նպատակին, այս անգամ ալ Պատրիարքը կը զրկէ… պատուանշանէ։

Այդ օրերուն մէջ, Ադրիանուպոլսոյ տխրահռչակ Առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոսը՝ Սուլթանին ղրկած էր հաւատարմութեան ու շնորհակալութեան ուղերձ մը, զոր ինք ստորագրած էր եւ իրեն հետ ուրիշներ ալ։ Իզմիրլեան Պատրիարքը կծու յանդիմանագիր մը կը ղրկէ անոր։ Այդ յանդիմանագրէն զատ, շրջաբերական մըն ալ կը ղրկէ գաւառական Առաջնորդներուն, խստիւ պատուիրելով որ ժողովուրդին անունով ո՛ եւ է շնորհակալութեան կամ վկայութեան գիրեր չուղղեն տեղական իշխանութիւններուն, հակառակ պարագային, զիրենք ծանր պատասխանատուութեան ենթարկելու սպառնալիքով։

Այդ օրերու հայկական կեանքի իրականութեան մէկ նմոյշը տուած կ’ըլլանք, այս էջերուն մէջ արտագրելով ՀՆՉԱԿի հետեւեալ թղթակցութիւնները։

Կ. Պոլիս, 23 Փետր. 1895

 

Սասունի Դէպքերէն յետոյ, ահա գրեթէ մօտ երկու ամիսէ ի վեր, կառավարութիւնը Հայոց նկատմամբ ի գործ դրած իր շահատակութիւնները դադրեցուցած էր առ երեսս, յուզեալ Հայերը կրկին չը գրգռելու համար, եւ այդ դադարման հրամանը նոյնինքն Սուլթանը տուած էր ոստիկանութեան նախարար Նազըմին։ Ասկից 15 օր առաջ շատ մը հանգանակութեան թերթեր երեւան եկան ի նպաստ թշուառութեան ճիրաններուն մատնուած եւ համիտական կառավարութեան սուրէն ու թնդանօթներէն ազատուած Սասունցիներուն։ Անցեալ շաբաթ օր, փետր. 16ին, կառավարութիւնը մատնիչներու միջոցաւ իմանալով նոյն հանգանակութեան խնդիրը, ոստիկանութեան նախարարը անմիջապէս պալատ կ’երթայ իր վեհապետին իմաց տալու եղելութիւնը։ Սուլթանը հրաման կուտայ Նազըմին ձերբակալելու թէ՛ նպաստ հաւաքողները եւ թէ՛ նպաստող անձնաւորութիւնները։ Գրեթէ մի քանի օրուան մէջ ՀԱՐԻՒՐ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ անձեր ձերբակալուեցան ու բանտը նետուեցան։ Գիշեր ցերեկ շարունակուեցան հարցաքննութիւնները, բայց բան մը դուրս չեկաւ։ Կառավարութիւնը կարծած էր թէ՝ յաջողած էր ձեռք անցընել Կ. Պոլսոյ յեղափոխականները, բայց հարցաքննութիւնները ի դերեւ հանեցին իր բոլոր յոյսերը, այնպէս որ այժմ սկսած է կամաց կամաց արձակել անմեղները. միւս կողմէն ալ այդ անմեղները արձակելով մարդասիրական ցոյց մը ըրած կը կարծէ, աշխատելով ցոյց տալ քաղաքակրթեալ աշխարհին թէ՝ ո՜րչափ առատագութ է Սուլթանը, թէ՝ Սասնոյ հազարաւոր Հայերուն արիւնովը գինովցած անձը ինքը չէ՛, եւ թէ՝ Շնորհիւ Վեհափառ Սուլթանին, ամէն ինչ իրենց օրինական կարգով կ’առաջանան ինչպէս մայրաքաղաքին, նոյնպէս քաղաքներուն մէջ…։

Ծննդեան երկրորդ օրը, փողոցները անուշեղէն վաճառող Պարսիկ մը յանկարծակի ձերբակալեց կառավարութիւնը։ Այդ պարսիկը անգիտակցաբար կը տարածէր գրգռիչ ազդարարութիւններ, որոնց պարունակութիւնն էր հետեւեալը. «Հայե՛ր, մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք, մեր թշնամին խելագարուած է, եթէ ձեր մէկին վրայ յարձակի, դուք քաջաբար դիմադրեցէ՛ք, եւն։» Մի երիտասարդ, սոյն ազդարարութիւններէն բազմաթիւ օրինակներ ծրար մը ընելով՝ փողոցէ փողոց թափառական արբեցող Պարսիկին կուտայ, որ երբ մէկին անուշեղէն ծախէ, այդ թղթի կտորներուն մէջ դնէ ու տայ։

Պարսիկը, առանց գիտնալու այդ թղթերու պարունակութիւնը, կ’ըսկսի տասը կամ քսան փարայի հէլվայով ազդարարութիւնները ցրուել ձրիաբար։ Հազիւ հինգ վեց օրինակ մնացած էր իր մօտ, երբ բօլիսը կը ձերբակալէ զինք Սամաթիոյ թաղին մէջ։ Պարսիկը երկու օր հարցաքննելէ վերջ՝ ազատ արձակեցին առանց կարենալ ձերբակալելու գործին բուն հեղինակները։

Մեր պատրիարքը, իր նոր տնօրինութեան մէջ՝ սկսած է ճարպիկութիւն եւ ուշիմութիւն ցոյց տալ։ Սուլթանը, տեսնելով որ Իզմիրլեան Սրբազանը Ներսէս Պատրիարքի գործունէութեան մի շարունակութիւնն է, մանաւանդ պատրիարքական աթոռը բազմելէն ի վեր բոլոր դեսպանաց հետ տեսակցութիւններն ու փոխադարձ այցելութիւնները կը շարունակուին, այդ բանը Սուլթանին փորի ցաւ եղած է, այնպէս որ անցեալները, իր քարտուղարներէն Միւնիր պէյը կը ղրկէ բացատրութիւն մը պահանջելու համար։ Երբ Միւնիր պէյ Սուլթանին կամքը կը գուժէ, ըսելով. «Վեհափառ Սուլթանին բաղձանքն է որ դուք եւրոպական դեսպանաց հետ յարաբերութիւն չունենաք եւ եթէ Հայոց համար պահանջ ունիք, ուղղակի դիմեցէ՛ք եւ ձեր խնդիրքը պիտի կատարուի», Պատրիարքը շատ յանդուգն կերպով կը պատասխանէ Սուլթանի պատուիրակին, այնպէս որ այս վերջինը կը ստիպուի երկրորդ օրը գալ եւ նոյնը կրկնել, բայց նորէն յուսախաբ ետ կը դառնայ։ Սուլթանը կատղած՝ իր անյաջողութեան վրայ, իր պալատի հայ պաշտօնեաներէն շատերը պաշտօնանկ ըրաւ…։ Յետոյ Տատեան Արթին փաշան պալատ կանչուելով, իրեն կը բացատրուի պատրիարքին անխոհեմ ընթացքը։ Արթին փաշան իսկոյն իր տունը կը հրաւիրէ պատրիարքը եւ Սուլթանին կամքը կը յայտնէ։ Իզմիրլեան պատրիարքը՝ ամենայն վեհանձնութեամբ կը պատասխանէ այդ Նեղոսի կոկորդիլոսին, եւ կը յանձնարարէ որ իր խօսքերը առանց խեղաթիւրելու տանի Հայոց ուխտեալ թշնամի Սուլթան Համիտին։

Սօֆթաներու մէջ մի գաղտնի ընկերութիւն կը կազմուի ընդդէմ Սուլթանի եւ մի քանի օր առաջագիշերուան պահուն երեսուն մէկ սօֆթաներ ձերբակալեցան եւ ամենախիստ հարցաքննութեան ենթարկուեցան։ Թուրք ժողովրդեան մի մասը սկսած է արթննալ. ասիկա շատ ուրախալի երեւոյթ մըն է, եւ ասով, մինչեւ հիմա լռութեան դատապարտուած թուրք ժողովուրդը ցոյց կուտայ թէ՝ ի՛նք ալ անգիտակից չէ իր շուրջը կատարուած անցուդարձերուն, որոնք, շնորհիւ ներկայ կառավարութեան բռնած ընթացքին, ամբողջ Օսմանցի ժողովուրդը կորստեան վհին եզերքն են տարած։

. ………………………………………………………. ……………………

……………………………………………………………………………..

……………………………………………………………………………..

  ՃԳՆԱՒՈՐ

Կ. Պոլիս, 22 յունվար 1895

Բերա ոճիրներու թատր մը հանդիսացաւ անցեալ շաբթուընէ ի վեր. ապահովութիւնը կորաւ, հարուստները կառքով սկսան երթեւեկել, իսկ աղքատները ահուդողի մէջ են իրենց կեանքի համար։

Սուլթանի հանդերձապետի որդին, որ պաշտօնական սպայ մըն է, անցած հինգշաբթի գիշեր, դաշոյն ի ձեռին, Բերայի քրիստոնեաներուն վրայ յարձակեցաւ եւ տասներեք հոգի վիրաւորեց հետզհետէ, որոնցմէ մէկը՝ ամերկեան հպատակ Գերմանացի մը՝ անմիջապէս մեռաւ։ Ամբողջ ժամ ու կէս, այդ գազանը, դաշոյն ի ձեռին, Բերայի սարսափը եղաւ եւ ոստիկանութիւնը չը համարձակեցաւ իրեն ձեռք դպցնելու, որովհետեւ ամէն պահականոցէ շուտով ճանչցան հանրածանօթ պալատականը, որ արագ վազքին մէջ շարունակ կ’աղաղակէր. «քէսէլիմ կեավուրլարը» Վիրաւորուածներու մեծագոյն մասը հայ են. որոնց մէջ կը գտնուին դեռատի օրիորդներ. վեց տարեկան յոյն տղէկ մըն ալ բաժին ստացած է ոճրագործին դաշոյնէն։ Համիտի կառավարութիւնը իր ստահակի հանրածանօթ անամօթութեամբ խնդիրը ծածկեց եւ հետեւեալ օրը Զաֆրանպօլցի խեղճ յիսնապետ մը ստեղծեց, որու վրայ ծանրացուց ոճրին ամէն պատասխանատուութիւնը։ Գերմանական Օսմանիյէ Բօսթ լրագիրը, որ բուն մարդասպանին անունը համարձակած է տալ, դադարման դատապարտուեցաւ, եւ այս կիրակի օր, հանդերձապետը, եւ իր բարեպտուղ որդին բաց կառքի մէջ քով քովի նստած, հանդիսաւոր պտոյտներ կատարեցին Բերայի մեծ պողոտային վրայ, իբր կենդանի հայհոյանք մը՝ քաղաքակիրթ աշխարհին…։

Ահա՛ այս դէպքին հետեւեալ օրն իսկ, երկու զինուորներ, սուսերամերկ, Բերայի Հէնտէք փողոցը, անցորդներուն վրայ յարձակեցան, աղաղակելով. «Քէսէլիմ կեավուրլարը …։ Այս անգամ ոստիկանութիւնը միջամտեց, որովհետեւ ասոնք պալատականներ ըլլալու բաղդաւորութիւնը չունէին…։ Ուրիշ զօրքեր, խմած վիճակի մէջ, յունարէն Նէօլօղոս լրագրի խմբագրատան վրայ յարձակեցան եւ սպառնալիք ըրին խմբագրապետին. խմբագրատան մէջ գտնուողները յաջողեցան զինաթափ ընել զանոնք եւ սաստիկ տփոց մը քաշել։ Հետեւեալ օրը, Նէօլօղոսի արտօնատիրոջ ազդարարուեցաւ որ օրինաց հակառակ շարժած է եւ խստիւ պիտի պատժուի, եթէ ընթացքը կրկնէ…։ Համիտի կառավարութիւնը այս ազդարարութեամբ ըսել կ’ուզէ թէ՝ Նէօլօղոս ձեռքերը խաչաձեւ նստելու էր սուսերամերկ զօրքերուն առջեւ եւ թոյլ տալու էր որ անոնք հանդարտ կերպով զինք սպաննէին…։ Կէցցէ՜ պաշը պօզուգ կառավարութիւնը…

Այս կիրակի գիշեր (22 Յունվար), յոյն երիտասարդ մը, որ Քէֆալօնիացի էր եւ Րօպէրթ գօլէճի ուսանող, իր քրոջ հետ թատրոն գնացած էր, զինւորական մը իր քրոջ անպատիւ խօսքեր ուղղեց. ասոր վրայ, երիտասարդը գաւազանի հարուած մը իջեցուց զինւորականին, այս վերջինը լռեց, բայց երբ թատրոնէն դուրս կ’ելլէին, երիտասարդին հետեւեցաւ եւ վատաբար անոր կռնակին վեցհարուածեան մը պարպելով անկենդան գետին փռեց…։

***

Մաքսուտ Սիմօն պէյը թիֆօյէ բռնուելով սկսաւ տկարանալ եւ անոր կողքը խրուած Հնչակեանի գնդակը աւելի ճանապարհ գտնելով առաջացաւ եւ պէյի մահը փութացուց։

Թուրք հայրենասէր Երիտասարդներու խումբը, անցած շաբթու յայտարարութիւն մը փակցուց Եէնի Ճամիի պատերուն վրայ, սա՛ իմաստով. «Սուլթանը երկիրը կործանման ճամբուն մէջ դրած է եւ կոչում կը լինի բոլոր հայրենասէրներուն որ միանան եւ իրենց բոլոր ուժովը այսպիսի քայքայման մը եւ գահավէժ անկումի մը առաջքն առնեն քանդելով աւազակներու այս զզուելի որջը, որ կառավարութիւն կը կոչուի, եւ անոր տեղ կարգելով այնպիսի մարդ մը, որ կարող ըլլայ ամէն կերպով բարեկարգել երկիրը, եւ արդարութիւն ու իրաւունք ի գործ դնել բոլոր բնակիչներուն համար անխտիր։» Ո՞վ կարող է չը համակրիլ այսպիսի ձեռնարկի մը, եւ մենք առաջինը պիտի ըլլանք, որ աջակցութեան ձեռք պիտի կարկառենք մեր թուրք եղբայրներուն, իրենց հանրօգուտ ձեռնարկներուն մէջ։

Երբ այս բոլոր դէպքերը շղթայաբար տեղի կ’ունենան ի Կ. Պոլիս, կարելի չէ՛ չի մտածել թէ՝ Եւրոպայի տէրութիւնները փոխանակ քննիչներ ղրկելու ի Սասուն, կրնային պարզապէս պատուիրել իրենց Բերայի դեսպաններուն՝ աչքերնին բանալ եւ իրենց շուրջը գտնուածները եւ անցած դարձածները դիտել. այսչափ իսկ պիտի բաւէր ամէն ինչ ճշդիւ երեւան հանելու, զի այս դէպքերը շատ յատկանշական են։

***

Վանէն մեզ կը հաղորդեն թէ՝ Փիրղալէմեանի փեսայ Մհի. Յարութիւն, 30 տարեկան, թուխ դէմքով եւ լայն ճակատով, օսմանեան կառավարութեան կողմէն վարձուելով Կովկաս ուղեւորեր է՝ Կաթողիկոսի կեանքին դէմ դաւաճանելու նպատակով։ Այս լուրը վերապահութեամբ իմացնելով հանդերձ, պարտք կը համարինք զգուշացնել Կովկասցիները յիշեալ անձին դէմ։

Նոյն քաղաքէն մեզ հասած թղթակցութենէ մը կ’իմանանք նաեւ թէ՝ տեղւոյն կուսակալը Պահրի բաշան, միանալով մատնիչ Պօղոս եպիսկոպոսին հետ, հայ մեծամեծներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն եղեր ստորագրելու համար հանրագիր մը սա իմաստով թէ տեղւոյն անգղիական հիւպատոսը եւ ամերիկացի միսիոնար­բժիշկը յիմար մարդիկ են եւ իրենց գլխաւոր գործը եղած է ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն ցանել եւ հանրային անդորրութիւնը խանգարել…։

Աստուած խելքը աւելցնէ վալի բաշային ու զառամեալ Պօղոս եպիսկոպոսին։

Անցածները հինգ հարիւր դպրոցականներ, Սուլթանին անձնական ծախքովը իրենց տեղերը ղրկուեցան, ոմանք ալ աքսորուեցան։

Յեղափոխական կամ փախստական ձեւացած կարգ մը ինքզինքնին Սասունցի կամ զէյթունցի անուան տակ ծախող լրտեսներ կան, որոնք ժողովուրդի մէջ մտնելով զայն խաբել կ’ուզեն, մենք մեր պարտքը կը համարենք նախազգուշացնել ժողովուրդը, որ այդպիսիներու թակարդին մէջ չ’իյնան։

ԿԱՑԻՆ

***

Կ. Պոլիս 28 փետր. 1895

Իր անկման վիհին բերանը դիտող տգէտ կառավարութիւնը, իր գոյութիւնը քիչ մըն ալ երկարելու համար, չի քաշուիր ամէնէն անտեղի ու ծիծաղելի միջոցներու դիմելէ։ Այս օրեր քանի մը ձերբակալութիւններ կատարեց Հէյպէլի եւ Գընալը կղզիներուն ու Պոլսոյ մէջ, բայց բացէ ի բաց հասկնալով իր լրտեսներուն աղտոտ որոգայթը Հայերուն դէմ, շատերը, եւ, հիմայ կ’ըսուի թէ՝ բաղդախնդիր մատնիչները պիտի պատժուին… (?)։

Իզմիրլեան Պատրիարքի յանդուգն ու համարձակ ընթացքը շուարեցուցեր է կառավարութիւնը եւ դեսպանները, ժողովուրդը խանդավառ ցոյցերու մէջ միշտ կը դիմաւորէ իր սիրեցեալ Պատրիարքը, եւ անհամար բազմութեամբ կը խռնուի անոր քարոզները լսելու։

Այժմ, րամազան է, պաշտօնեաներուն կեղծ թիրեաքութիւնը բռնած է, որով կը ջանան աւելի յագուրդ տալ իրենց վայրագութիւններուն։ Բանտերուն վիճակը դժոխային է։ Սիմօն պէյին երկու ահաբեկիչները դարձեալ ծեծ կերած են, խոստովանելու համար թէ՝ իրենք լաւ կ’ուտեն կը խմեն ու հանգիստ կ’ապրին։

 

***

Սեբաստիա, 16 յունվար 95

Սեբաստիոյ Տուզլասար գիւղէն տասնըմէկ Հայեր, անցած տարուն յունվարին ձերբակալուած ու բանտարկուած էին նոյն գիւղէն Յարութիւն եւ Այրաս անուն երկու վատերու մատնութեամբ։

Ահա ասոնց անունները.

Տէր Ասատուր քահանայ Կէաեան

Յովհաննէս Պասմաճեան

Նշան Չարազճեան

Գալուստ Սրապեան

Այս չորս Հայերը դատապարտուեցան տասնըհինգական տարուան բերդարգելութեան։

Կարապետ Քէօսէեան

Գրիգոր Քէօսէեան

Սարգիս Երեմեան

Սահակ Լէֆեան

Այս չորսը դատապարտուեցան իննական տարուան բերդարգելութեան։

Աւագ Պալիկեան

Կիւրեղ Թօրոսեան

Թօրոս Երեմեան

Իսկ այս երեքը դատապարտուեցան չորսական տարուան բերդարգելութեան։

Այս դատապարտութեանց առթիւ աւելորդ չեմ համարիր պատմել թէ՝ ինչ հանգամանքներու տակ եւ ի՛նչ յանցանքներու համար ձերբակալուեցան եւ այդքան խիստ պատիժներու ենթարկուեցան։

Տեղացի մէկ քանի մատնիչներու թելադրանքներով՝ կառավարութիւնը հալածանքի պատրուակ մը կը գտնէ, եւ կուսակալը երեսուն հեծելազօրք կը հանէ Տուզլասարի վրայ, որոնք առտուն կանուխ գիւղին եկեղեցին կը պաշարեն։ Երբ ժողովուրդը՝ դուրս կ’ելլէր եկեղեցիէն, մէկիկ մէկիկ կը խուզարկեն ամէնքն ալ, բայց բան մը չկրնալով գտնել, տուները խուզարկելու կ’երթան եւ կը յաջողին քանի մը հին զէնքեր գտնել։ Այս պատրուակով կը յարձակին լրտեսներու մատնանշած անձերու վրայ եւ հայհոյանքով ու ծեծով ձերբակալելով աննկարագրելի խոշտանգումներու կ’ենթարկեն զանոնք, մանաւանդ Գալուստ Սրապեանը, զոր ոտքերէն կը կախեն գլխիվար, եւ սիւնի մը կապելով, հարուածներ կուտան հրաշէկ երկաթով, գլխուն տաք ու պաղ ջուր կը լեցնեն, ձեռք ու ոտքեր կը կապեն եւ սանդուխներէն վար կը գլորեն։ Այս բոլորին պատճառը պարզ է, արիւնածարաւ կառավարութիւնը կը ջանար այդ անմեղներուն խոստովանցնել ինչ որ չէին գիտեր…։

Այսօր Սեբաստիոյ նահանգը ղրկուած են տասը յատուկ զինւորական պատուիրակներ, իբրեւ հսկող, կառավարութեան կողմէն։ Ասոնցմէ հինգը թուրք՝ եւ հինգը հայ են։ Ասոնց ուտելիքը, խմելիքը, բնակարանը եւ ձիերուն կերը պիտի վճարեն նահանգին Հայերը, ինչպէս նաեւ անոնց ամսաթոշակներուն գումարը։

Եթէ Հայ մը ստիպուի ուրիշ նահանգ մը կամ արտասահման երթալ, նոյնիսկ ամենամօտիկ գիւղ մը կամ քաղաք մը, պէտք է դիմէ կառավարութեան եւ արտօնագիր ստանայ ոստիկանութենէն, հակառակ պարագային, կը ձերբակալուի։

Սեբաստիոյ Առաջնորդ Պետրոս եպիսկոպոսէն՝ կուսակալ Խալիլ պէյը խստիւ կը պահանջէ որ իրեն ու իր ժողովուրդին ստորագրութիւններով երախտագիտութեան ուղերձ մը պատրաստէ Սուլթանին ղրկելու համար։ Առաջնորդը մերժեր է բացարձակօրէն…։

ՎԱՍ.

***

Երզնկայ, 10 Փետրվար 95

Հայկական Խնդիրին պատրուակով ամենէն աւելի վնասուողներէն մէկն ալ Արմտան եղաւ։ Երեք ու կէս տարիներէ ի վեր բանտին մէջ կը հեծեն յիսունէ աւելի Հայեր, որոնց եօթը մեռան արդէն։ Ասոնք, առանց ո՛ եւ է դատավճռի, երեք ու կէս տարիներ սպասելէ յետոյ, դաւաճան Հայերու եւ համիտաբարոյ Թուրքերու շինծու վկայութիւններով դատապարտուեցան վերջապէս։ Չենք գիտեր թէ՝ օրէնքի ո՞ր տրամադրութեամբը, այս բանտարկեալներէն քսաներեքը՝ մահուն, չորսը ՝ ցկեանս բերդարգելութեան դատապարտուեցան, բաց ի մէկէն, որ ութսուն տարու ծերունի մըն էր, եւ որուն բանտարկութեան առաջին օրէն ըսած էր կուսակալը «Ծե՛ր, վկայէ՛ թէ ասոնք ապստամբներ են, ազա՜տ ես այս օրէն…։ Իսկ ծերը՝ «Սուտ վկայութիւն չե՜մ կրնար ընել» ըսած ըլլալուն համար, պարտէր երեքուկէս տարի բանտը պառկիլ եւ վերջը, իր աչքերուն լոյսը կորսնցուցած ըլլալուն շնորհիւ արձակուիլ, միանգամայն պարտաւոր ըլլալով աղօթելու Սուլթանին… արեւշատութեանը համար։

Բոլոր այս յիսուն երիտասարդներուն դատապարտուելուն մեծ ոյժ տուած է գիւղին աւագերէց Տէր Յակոբի եւ մէկ քանի աղաներուն տեղեկագիրը որուն մէջ ըսած են. «Ատոնք գիւղին սրիկաներն են, պէտք է պատժուին։» Գիւղին միւս քահանան ալ, որ բանտն է, ո՛ եւ է ջանք չէ՛ խնայած, միմիայն ինքզինք ազատ արձակել տալու մտահոգութեամբ, ուրիշ անմեղներ ամբաստանելու, Պօյաճեան կոչուած վատի մը աջակցութեամբ։

Եւ տակաւին մեր կղերականները յարգանք թո՛ղ սպասեն մենէ…։

Այս կողմերու յայտնի բժիշկ Կարապետ Փաշայեան, իբր յեղափոխական, դեկտեմբեր 24ին մահուան դատապարտուեցաւ։

ՍԱՏ.

***

Ամասիա, 23 դեկտ. 1894

Նախորդ յօդուածով հաղորդած էի կառավարութեան ձեռք առած ստոր միջոցները, տեղիս հայ բնակչութիւնը ծայրայեղութեան մղելու համար, եւ յիշած էի սակայն թէ ի՛նչպէս պարտաճանաչ առաջնորդներ ի դերեւ հանած էին համիտական մեքենայութիւնները։ Ի վերջոյ, կառավարութիւնը բանտարկութեան սպառնալիքի տակ ցրուեց նախկին քաղաքական ժողովը, եւ ընտրեց նոր մը, զոր վաւերացուց իր ձեռքով։ Այս նորակազմ ժողովին աջակցութեամբը յաջողեցաւ բռնի ստորագրութիւններ ժողովել քաղաքիս Հայերէն, խոստանալով որ կառավարութեան իմաց պիտի տան թէ որո՛նք են յեղափոխականները։ Արգիլուեցան նաեւ տունէ տուն այցելութիւնները, ընկերային յարաբերութիւնները։ Ստորագրութիւնները հաւաքելէ հազիւ երկու օր ետքը՝ ձերբակալումները սկսան, եւ անմիջապէս բանտարկուեցան քսան Հայեր։ Այդ միջոցին Մարզուանէն հոս եկած էր յայտնի մատնիչ Քիրէմիտճեանը։ Տեղիս Հնչակեան Մասնաճիւղին կնիքով սպառնագիր մը ղրկուեցաւ իրեն, զգուշութեան հրաւիրելով զինքը։

Քիրէմիտճեան ահուդողով կը դիմէ իր սիրելի Պէքիր բաշային, որուն կը յանձնէ այդ սպառնագիրը։ Բաշան, տեղեկանալով այդ գրութեան պարունակութեանը, կը հրամայէ որ քաղաքական ժողովը շուտով իրեն ներկայանայ։ Պէքիր, սպառնագիրը ձեռքը, կրակ կտրած, կատաղօրէն կը պոռայ ժողովականներու երեսին. «Ի՞նչ է այս, մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի տեւէ…։ Կա՛մ իբր ապստամբներ կըստորագրուիք, կա՛մ այդ Ֆէսատները յանձնեցէ՛ք ինծի։ Ձեզի երեք օր պայմանաժամ, գացէ՛ք, խորհեցէ՛ք»։ Պէքիր բարկութենէն չէր գիտէր ի՛նչ ընելը, կանչելով իր քով Քիրէմիտճեանը, պատուիրեց որ շուտով մեկնի, խոստանալով ոստիկան տալ իր անձնական պահպանութեան համար։ Ու մատնիչը մեկնեցաւ ոստիկանով մը դեկտեմբեր 17ի իրիկունը։ Իսկ Պէքիր կը շարունակէր ձերբակալել ամէն Հայ, որ մաքուր ու կոկիկ հագուած էր, ու բանտը կը նետէր առանց հարցուփորձի։ Այսպէս, երեք օրուան մէջ, բանտարկեալներուն թիւը կը հասնէր ՀԱՐԻՒՐ ՔՍԱՆի։ Արդէն, Ապտիւլ Համիտ, Եւրոպայի աչքին փոշի փչելու համար, մէկ քանի ամիս առաջ արձակել տուած էր Ամասիոյ հայ բանտարկեալները, իսկ հիմա, արձակուածներուն կրկնապատիկը բանտարկելով, անամօթ Պէքիրը կը պարծենայ թէ՝ նիգի տակ առած է բոլոր յեղափոխականները։

Դեկտեմբեր 22ին, Հնչակեան Մասնաճիւղին կնիքով Պէքիր բաշայի ձեռքը հասաւ գրութիւն մը, որուն թարգմանութիւնը կը դնենք հոս.

«Պէքի՛ր բաշա,

«Քանիցս իմացանք թէ՝ պարծանքով յայտարարած ես թէ տեղիս յեղափոխական շարժման վերջ մը տուած ես, շատ մը Հայեր բանտարկելով։

«Քու պաշտօնդ է արդէն խարդախել եւ ճշմարտութիւնը խափանել։ Բայց գիտցած ըլլաս, չէ՛ թէ դուն, այլ ամբողջ համիտական կառավարութիւնը, չէ՛ք կրնար զսպել մեր յեղափոխութիւնը…։ Քու ձերբակալած Հայերը՝ անմեղներ են, իսկ մեր յեղափոխական ընկերութիւնը մշտատեւ է. եւ քեզի ցուցնելու համար մեր գոյութիւնը, ամենափոքրիկ նշանով մը, կ’ազդարարենք որ ահա՛ այս գիշեր բազմաթիւ յայտարարութիւններ ցրուելու վրայ ենք։ Ժամ առաջ քեզի լուր կուտանք, որպէս զի, եթէ կրնաս, բուն ցրուիչները ձերբակալես, եւ քու վատ վարձկաններուդ խօսքին անսալով անմեղներ չը բանտարկես, որովհետեւ մենք ալ պիտի ստիպուինք այդ վատերուն դէմ գործել։ Կը զգուշացնենք։»

Հնչակեանները կատարեցին իրենց խօսքը։ Նոյն գիշերը ցրուած էին նաեւ թուրքերէն յայտարարութեան մը բազմաթիւ օրինակներ, ահաւասիկ թարգմանութիւնը.

«Իսլա՛մ հայրենակիցներ,

Քաղաքակրթուած երկիրներու մէջ, ուր չը կա՛յ խտրութիւն ո՛չ կրօնի ո՛չ ազգի, կա՛յ ազատութիւնը մամուլի, խղճի, խօսքի. բայց մեր հայրենիքը, այդ կենսական ազատութիւններէն զրկուած ըլլալով, պարտականութիւն կը համարենք ժամ առաջ իմաց տալ ձեզի, ինչ որ կարեւոր եւ ինչ որ իրական է։ Համիտական կառավարութեան ներկայ սնանկ ու քայքայուած վիճակը դէպի կործանում կը տանի երկիրը։

Անթիւ ու խոշոր տուրքերու բեռը, ժողովուրդին ուսերուն վրայ ծանրացած, հարբած, շնացող, անարդար պաշտօնեաներ, կաշառակեր ու կեղեքող վարչութիւն մը, ահաւասի՛կ ներկայ իրականութիւնը։ Այս ճշմարտութեանց առջեւ ո՛չ մէկ Օսմանցի չը կրնար լուռ մնալ։ Այս ամէնը տեսնելով, հայրենիքի հարազատ զաւակ մը չը՛ կրնար անտարբեր մնալ։

«Իսլամնե՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի լուռ մուռ հանդուրժէք այդ ստրկութեան. եթէ չը գործէք հայրենիքին ազատութեանը համար, մօտ օրէն պիտի տեսնէք զայն աւեր ու պատառ պատառ եղած։ Իսկ մենք, Հայերս, երբ ա՛յսքան տառապանքներ կը կրենք ձեր աչքին առջեւ, հայրենիքին փրկութեան համար, մեզի կը տրուի խռովարար անունը. երբ, հայրենիքի ազատագրումին համար զոհեր կուտանք բանտերու, աքսորներու մէջ ու կախաղանի վրայ, մեզի կը տրուի գող, աւազակ անունը… Բայց ի՛նչ անուն ալ որ մեզի տրուի, հոգ չէ, բաւական է թէ՝ հայրենիքը տեսնենք ազատուած ամէն բռնութենէ…։

«Իսլամնե՜ր, արթնցէ՛ք ձեր քունէն եւ ժամ առաջ ձեր փրկութի՜ւնը խորհեցէ՛ք…։ Հայ Յեղափոխական Հնչակեան Գօմիթէին կողմէն։»

Նոյնպէս, ուրիշ թուրքերէն յայտարարութիւններ ցրուեցան գիւղերու ճամբաներուն վրայ եւ յարմար վայրեր փակցուեցան դարձեալ նոյն Գօմիթէին կողմէն։

Ահաւասիկ թարգմանութիւնը.

«Գիւղացի՛ ժողովուրդ.

Անշուշտ իմացած էք հայկական շարժումները, սակայն ձեր կեղծ բարեկամները սխալ կը հասկցնեն ձեզի մեր նպատակը։ Դուք ալ, մեզի նման, Հայերուն նման, ճնշուած էք ու հարստահարուած։ Կառավարութիւնը, ձեր արդիւնաբերութեանց համար ծանր ու պէսպէս հարկեր ուրոյն ուրոյն առնելէ զատ, շահու տուրք ալ կ’առնէ. մինչեւ անգամ, հակառակ ձեր անկարողութեան, երբեմն բռնի վաճառելով ձեր գոյքերը. ասիկա պոռացող անիրաւութիւն մըն է։ Դուք այդպէս ճնշուելու համար չէ՛, որ աշխարհ եկած էք. դուք, պատրաստելով ձեր, այսինքն ժողովուրդի տարրական եւ էական պէտքերը, պէտք է իրաւունք ալ ունենաք ազատ ու հանգիստ ապրելու։ Մենք, Հայերս, շարժումներ կ’ընենք այն հարստահարութեանց դէմ, որոնք կառավարութեան կողմէն ի գործ կը դրուին ամէն հպատակի վրայ։ Օր մը կը հասնինք մեր նպատակին…։

«Գիւղացինե՜ր, ձեր պարտքն է մտածել մեր վրայ…։»

Ճիշդ այս շարժումներու միջոցին էր որ՝ քաղաքիս փողոցներէն մէկուն մէջ պտըտող ոստիկանները գտան աղբի մէջ նետուած Ղուրան մը։ Համիտի պաշտօնեաներուն մէկ մասը, Հայերուն վերագրելով այս գործը, սկսաւ գրգռել պաշըպօզուգները Հայերուն դէմ։ Բայց թուրք հասարակութեան խոհեմ մասը, որ համակիր էր ծանօթ յայտարարութեանց, սկսաւ Թուրքերուն մէջ փնտռել եւ գտաւ հեղինակը, որ թուրք մըն էր, եւ յանձնեց զայն կառավարութեան։ Յետոյ, իբր խենթ ղրկուեցաւ Պոլիս յիմարանոցը, իսկ դրդիչները, երեք Թուրքեր, բանտարկուեցան։

ՈՒՐԱԳ

***

ՄՈՒՆՃՈՒՍՈՒՆ, 6 Յունվ. 1895

Այս կողմերու մէջ կատարեալ անիշխանութիւն մը կը տիրէ։ Ամբողջ Կեսարիան եւ իր շրջակաները լկտի ոստիկաններու կամքին թողուած են, որոնք իրենց ուզածին պէս կը վարուին Հայերուն հետ։ Մենք ալ բաժին ունեցանք Կեսարիոյ Հայերուն գլխուն եկած այս անլուր խժդժանքներէն, շատ մը նոր հարսերու պատիւներ բռնաբարուեցան, շատերու պարանոցի շարան շարան ոսկիները յափշտակեցին, շատ ընտանիքներու գոյքերը աւարի տուին եւ այդ ամէնը կը կատարուի երկրին ապահովութեան համար Սուլթանէն վարձուած անկուտի զապթիէներու ձեռքով։ Անցեալ դէպքերու շարունակութիւնն ըլլալով, գրեթէ մէկ ամիս առաջ, Մունճուսունը հին սարսափներուն ենթարկուեցաւ։ Նոյեմբեր 29ի երեքշաբթի գիշերը, եկեղեցիի կից Մարգար Ասլանեան անուն անձին տունը յանկարծ փօլիսներ պաշարելով, սկսան խուզարկութեան։ Այս մարդը՝ Անդրէաս անուն վատ Հայու մը մատնութեամբ ամբաստանուած էր իբրեւ իր տան մէջ պայթուցիկ նիւթեր պատրաստող։ Մանրակրկիտ խուզարկութենէ մը վերջ, բան մը չը գտան, բացի մէկ րիվօլվէրէ եւ երկու հրացանէ։ Ոստիկանները ճարահատ, պահականոցը կը վերադառնան եւ իրենց ցերեկուան շահատակութիւններէն յոգնած, կը մտնեն անկողին։ Յանկարծ կը լսուին հրացանի պայթիւններ եւ լացուկոծի վայնասուններ։ Կառավարութեան ամբողջ շէնքը կրակի մէջ էր։ Եւ այդ հրդեհը, չարաշուք զուգադիպութեամբ մը, կուգար Հայերու գլխուն նոր փորձանքներ բանալու։ Շէնքին մէջի ութը ոստիկաններն ալ ողջակէզ եղան։

Յայտնի է թէ այս դէպքին մէ՛ջ ալ Հայերը պիտի ամբաստանուէին։

Անմիջապէս սկսան ձերբակալումները։ Հետեւեալ առտուն Կեսարիոյ միւթէսարրըֆը կ’այցելէ հրդեհին վայրը, եւ շղթայի զարնելով շատ մը Հայեր– որոնց պարագլուխը կը համարուէր Մարգար Արսլանեանը-, քաշկռտել տուաւ մինչեւ Կեսարիոյ բանտը, անտարակոյս միջնադարեան խոշտանգումներէ ետքը, մահուան դատապարտել տալու համար զանոնք։ Ամէն մարդ տունը նստած, իր ձերբակալուելու ժամուան կը սպասէ…

ՃԳՆԱՒՈՐ

***

Վան, 25 Յունվար 95

Սնանկացած կառավարութիւնը կը կեղեքէ ժողովուրդը կաշառակերութիւններով, կողոպուտներով, ուղղակի թէ անուղղակի տուրքերով, լոկ իր դատարկ ու անյատակ քսակը լեցնելու համար։

Հայուն համար արգիլուած է նոյնիսկ եկեղեցիի մէջ հանդարտ մտքով աղօթել։ Զապթիէն կը յանդգնի եկեղեցիին ծոցը ձերբակալել Հայը։ Չարչին, հրապարակը խռնուած ամբոխին մէջէն, զապթիէն ուզած հայը ծեծելով կը քաշկռտէ կը տանի բանտը…։ Ամէն կերպով հոգեվարքի մէջ ենք, մեր երկիրը կը տիրէ թանձր խաւար։ Քաջբերունիք, Մոկս, Շատախ, Ռշտունիք, վերջապէս բովանդակ Վասպուրականը կորա՜ւ գրեթէ…։ Ժողովուրդին մեծ մասը կը գաղթէ։

1894 հոկտեմբեր 8ին, Կէպան գաւառի Անպոն անուն վանքին վերակացուն Երէցեան Մանուկ, իրենց գիւղացի Շէյխի պէյին հետ վէճի մը խնդրով, երբ կառավարութեան դիմելու համար ճամբայ կ’իյնայ, յիշեալ Շէյխի պէյը, իր եղբօրորդիին հետ, ճամբան ասոր դէմը կ’ելլեն եւ մարմինը շամփրելով կը խորովեն. այսպէս, երեք օր, իրենց տան մէջ դիակը պահելէ յետոյ, գլխի կաշին կը քերթեն եւ յետոյ քանի մը շալակ փայտ լեցնելով խեղճ Մանուկի վրայ, կ’այրեն…։

94 դեկտ. 18ին, Մոկս գաւառի 20 տունէ բաղկացեալ Սպխանց գիղի բնակիչներէն եօթը հոգի, ա՛լ չի կրնալով դիմանալ գործուած ոճիրներուն ու խժդժանքներուն, կրօնափոխութեան կը դիմեն։

95 Յունվար 2ին, Ռշտունեաց գաւառացի Կուլիխան պէյի արբանեակներէն Եուսուֆ անուն սրիկան, որ կաթողիկոսին եղբօր հարսը փախցուցած էր, երբ Բախվանց գիւղացի ութ տարու Մուրատեան Մարտիրոսին պատիւը բռնաբարել կ’ուզէ, այս վերջինը՝ Նարեկայ վանքին դպրոցը կը փախչի կ’ապաստանի։ Սակայն այս մարդակերպ հրէշը քանի մը սրիկայ ընկերներով վանքը կը մտնէ իրիկուան դէմ, եւ ժամերգութեան միջոցին յիշեալ ութամեայ պատանեակը դուրս կը քաշէ տաճարէն եւ վանքին տնտեստունը տանելով հոն կը փակէ, եւ, ծայրայեղօրէն հարբած վիճակի մէջ, մինչեւ արշալոյս կը լլկէ տղան…

95 Յունվար 10ին, դարձեալ Մոկս գաւառի Գնէկանց գիւղացի Մանուկեան ռէս Թուխիկ եւ ընկերը Ղազար, երբ տուրքի վճարման պայմանաժամ մը խնդրելու համար գայմագամին կը բերուին ոստիկաններով, գայմագամը լա՛ւ մը ծեծելէ վերջ, փոքր խրճիթի մը մէջ բանտարկել կուտայ զանոնք եւ հոն փթեր (անասունի աղբ) վառել տալով, այնքան մուխ լեցնել կուտայ ներսը, որ երիտասարդները շնչահեղձ կը մեռնին երեք ժամուան մէջ…։

ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻ

***

Սամսոն, 4 Յունվար 95

……………………………………………………………………..............

……………………………………………………………………..............

 

Այս օրերս, շնորհիւ տեղական ոստիկանութեան աջալուրջ (. ՞) հսկողութեան, բանտէն եօթը հոգի փախան, երկուքը հայ։

Ձերբակալումները կը յաճախեն, վաճառականութիւնը փճացած է բոլորովին, շատերը շուարած, վաղորդայնին կը սպասեն, իսկ շատերը կը հեռանան…։

Հոս ձերբակալուած ու Տրապիզոն փոխադրուած բանտարկեալներուն դատավարութիւնը վերջացաւ։ ՏԱՍՆԵՕԹԸ հոգիէն ՏԱՍՆԵՐԿՈՒՔԸ՝ անպարտ արձակուեցան. իսկ մնացեալ հինգը՝ դատապարտուեցան, Ատոմ՝ 15 տարուան, Գ. Վարդուկեանը, Արմենակը (Ֆիսէնդ) եւ Չարշամպացի Աւետիսը՝ 10ական տարուան եւ Չարշամպացի Քէհեայի Կարապետը՝ 5 տարուան։ Ատոմ Կ. Պոլիս տարուեցաւ։

 

***

  ԿԻԼԻԿԻԱ, 20 Յունվար 95

………………………………………………………………………………

………………………………………………………………………………

Ամէն կողմերէ զօրքեր կը համախմբեն։ Ամէնքը Զեթուն ղրկուեցան։ Քաղաքներուն մէջ մունետիկներ կանչեցին թէ՝ զօրքերը Մարաշի պահպանութեան համար մեկնեցան, մինչդեռ ո՛չ մէկ շարժում չկայ Զեթունի մէջ…։ Կառավարութիւնը կ’ուզէ ի՛նքը դրդել որ Զեթունի մէ՛ջ ալ ըլլայ ինչ որ եղաւ Սասունի մէջ։

Ատանայի բանտարկեալներէն շուրջ հազար ոսկի կը պահանջուի ազատ արձակելու համար զիրենք, բայց բանտարկեալները կը նախընտրեն բանտը մնալ, քան թէ այդ գումարը վճարել։

Հալէպի կեդրոնական բանտին մէջ դեռ կը մնան Զեթունի եւ Պէյլանի բանտարկեալները, միայն Ֆռնուզի ալեզարդ եպիսկոպոսը Տ. Նիկողայոս Սրբազան, երկու ամիս առաջ Պոտրումի բերդը փոխադրուեցաւ։

Երկինքը ամպոտ է եւ որոտալից, փոթորիկը մօտալուտ եւ անխուսափելի…։

ՏԱՐՍՈՆԱՑԻ

***

Կ . ՊՈԼԻՍ, 27 յունվար 95

Արշիպեղագոսի արեւմտեան եզերքը, Գավալայիլ մօտ կը գտնուի այս պահուս անգլիական նաւատորմիղը։ Թուականէս քանի մը շաբաթներ առաջ նաւատորմի հրամանատարի որդին, քանի մը հետեւորդներու հետ միասին ցամաք կ’ելլէ որսորդութիւն ընելու։ Քաղաքէն բաւական հեռանալով, կը հասնին Իսմայիլ պէյ անուն մեծահարուստ Թուրքի մը ագարակը. հետաքրքրութենէ մղուած, Անգլիացիները ներս կը մտնեն ագարակէն եւ կը սկսին շրջագայիլ զանազան մասերուն մէջ, հետազօտ ակնարկներ պտըտցնելով բոլորտիքը։ Մինչ այս մինչ այն, կը հանդիպին ագարակին տիրոջը, որ մեծ պատիւներով կ’ընդունի զիրենք եւ իր հոգածութիւնը կը նուիրէ մասնաւորապէս հրամանատարի զաւկին, որ վայելչակազմ ու սիրուն երիտասարդ մըն էր։ Ագարակապետը կ’առաջարկէ որ երիտասարդին հետեւորդները՝ ագարակի մշակներուն հետ որսի ելլել շրջակայ անտառները, եւ իրենք՝ ագարակապետն ու հրամանատարի որդին՝ ագարակը մնան եւ զուարճանան մինչեւ անոնց որսորդութենէ վերադարձը։ Հրամանատարը փափկութեան հակառակ կը նկատէ այս քաղաքավարական առաջարկը մերժել եւ կը հաւանի։ Թո՛ղ միւսները որսի երթալու ըլլան, ասդին, մեր ագարակապետ պէյը, Անգլիացի պարմանիին հետ առանձին մնալուն պէս, իր բնազդային վայրագ կիրքին անձնատուր՝ բռնութեամբ կը լլկէ զանի։ Երիտասարդին յուսահատական մաքառումը կը մնայ անզօր, եւ հազիւ կը յաջողի, ցաւալի միջադէպէն ետքը, ինքզինք զրահաւոր նետել եւ հոն, իր հրամանատար հօրը կը յայտնէ ամէն բան։ Զրահաւորին բժիշկը քննութեամբ կը հաստատէ եղելութիւնը։ Հայրը կրակ կտրած, տեղական իշխանութենէն կը պահանջէ գարշելի յանցաւորը, բայց կառավարութիւնը, ընդհակառակը, Իսմայիլ պէյին փախուստը կը դիւրացնէ դէպի Սելանիկ։ Ասոր վրայ, նաւատորմին հրամանատարը բոլոր զրահաւորներուն թնդանօթները դարձնելով դէպի ծովեզերքը, կը յայտարարէ որ եթէ յանցաւորը չը յանձնուի, ռմբակոծումը պիտի անմիջապէս սկսի։ Կառավարութիւնը սարսափահար, կը փութայ ձերբակալել տալ Իսմայիլ պէյը եւ կը յանձնէ զայն հրամանատարին։ Հիմա յիշեալ անձը բանտարկուած է զրահաւորին մէջ. հրամանատարը առաջարկած է Սելանիկի դատական իշխանութեան՝ գալ դատել ոճրագործը զրահաւորին մէջ, բայց միեւնոյն ատեն յարած է թէ՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ թուրք դատարանին վճիռը, ինքը՝ հրամանատարը՝ որոշած է ոճրագործը զրահաւորին գլխաւոր կայմէն կախել։ Այդ պատիժը գործադրելու պարագային, ա՛յնչափ հայ երիտասարդներ, կոյսեր, կիներ լլկող Համիտի զօրքերուն ի՜նչ պատիժ տալ հարկ պիտի ըլլար, այն ատեն պէտք էր կախել ուրեմն ամբողջ Համիտիյէ հեծելագունդե՜րը…։

Գավալայի դէպքը գաղտնի կը պահուի անգլիական մամուլին մէջ, չը վիրաւորելու համար անգլիական անձնասիրութիւնը եւ ազգային արժանապատւութիւնը, բայց հոս, ո՛չ միայն դիւանագիտական ակումբներու, այլ նոյնիսկ հասարակ ժողովուրդի խօսակցութեան գլխաւոր առարկան է։

Նորընտիր Պատրիարք Տ. Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան թագրիր մը ղրկած է դատական նախարարութեան, հետեւեալ իմաստով. «Պատրիարքական աթոռը բազմած պահուս՝ շատ մը գործեր դիզուած գտայ գրասեղանիս վրայ. այն ամէն թղթակցութիւնները, զորս մի առ մի աչքէ անցուցի, երեւան հանեցին ցաւալի դժբաղդութիւններ, որոնց ներքեւ կը հեծէ հայ ազգը. ասոնց մասին ընելիք դիտողութիւններս ուրիշ ատենուան վերապահելով. առ այժմ կուգամ Ձեր Վսեմութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ՍԱՍՈՒՆԻ ՍՈՍԿԱԼԻ ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ վրայ, որ ամէն հայու սիրտը դառնագին տխրութեամբ լեցուցած է։ Կը փափագիմ իմ կողմէս յատուկ եկեղեցական քննիչ մը ղրկել Սասուն, որպէս զի Ձեր Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատութիւնը դիւրացնէ, եւ ըստ որում Մշոյ Առաջնորդը երեք տարիէ ի վեր բանտարկուած է եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ ալ կա՛մ առաջնորդ չը կայ, կա՛մ եղածները բանտարկուած են, հարկ անհրաժեշտ է որ այդ քննիչ եկեղեցականը Պոլիսէն ղրկուի. ուստի, այդ մասին, Ձեր արդարադատութեանը կը սպասեմ»։

Դատական նախարարը շատ բարկացեր է այդ թագրիրը կարդալով, եւ յայտարարել է յետոյ թէ՝ մինչեւ հիմակ այդ ոճով թագրիր չէ՛ գրուած եւ գրելն ալ պատշաճութեան հակառակ է, վերադարձուցեր է զայն։ Բայց Իզմիրլեան սրբազան, թագրիրը ետ բերող պաշտօնէին դառնալով՝ կ’ըսէ. «Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բաշային եւ ըսէ՛ք իրեն որ այս թագրիրը իրեն ղրկողը՝ Թուրքիոյ Հայերուն Պատրիարքն է եւ բարեկրթութեան հակառակ է ղրկած թագրիրս ինծի վերադարձնել. գիտե՜մ, նկատողութեան չպիտի առնէ այս գիրը, ինչպէս որ մինչեւ հիմա չէ՛ առած ազգիս կողմէն իրեն եղած ուրիշ ամէն դիմումներ. բայց խնդիր չէ՛, այս բողոքի ձայնս պէ՛տք է իր քով մնայ…»։ Այսպէս խօսելով վերստին պաշտօնեային յանձներ է թագրիրը եւ դատական նախարարին վերադարձուցեր։