Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓՈԽԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ
       Դեռ դպրոցական նստարաններուն վրայէն՝ Արամ ընկերս կ ՚ըսէր ինծի.
       –Երբ քսան տարու ըլլանք, ա՛յնպիսի խնճոյք մը, ա՛յնպիսի հանդէս մը սարքենք, որ ամբողջ գիւղը մեզի հետ ուրախանայ…։
       Այն ատեն դեռ մեզի այնպէս կը թուէր թէ քսան տարեկանին խոշոր անկիւն մը պիտի դառնայինք։
       Քսան տարի կեանքի պատրաստուիլ, քսան տարի զաւակներ պատրաստել, քսան տարի մահուան պատրաստուիլ…։ Ա՛յս էր մեր նշանաբանը։
       Մեր տղու միամտութեան մէջ այնպէս կ ՚երեւակայէինք թէ կեանքը մաթեմաթիկական ուղիղ գիծ մըն էր՝ որ երեք հաւասար մասերու կոտրուելէ վերջ՝ ինքն իր վրայ կը գոցուէր, ինքնաբերաբար, եռանկիւնի մը պէս…։
       Այդ օրէն ի վեր շա՜տ ջուրեր անցան կամուրջին տակէն, ու հազի՜ւ կրցայ հասկնալ, թէ կեանքի գիծը ոչ թէ ուղիղ, այլ քմայապաշտ զիկզակ մըն է, եւ ո՛չ թէ հաւասարակազմ եռանկիւն մը կը ձեւացնէ, սեւ ու ծիծաղելի զէրօ մը…։
       Անոնք որ դպրոցին մէջ զէրոյի մը համար կու լային, անոնք ամբո՛ղջ կեանքերնին պիտի լան… ստիպողաբար։ Իսկ անոնք որ զէրոյով մը կը զուարճանային՝ անոնց համար կեանքը շա՜տ մը նմանօրինակ ու տարօրինակ զուարճութիւններ կը վերապահէ։
       Օրինա՞կ։ Արամ, ընկերս, դեռ հազիւ կեանքին պատրաստուած, դեռ այդ կանխորոշուած քսան տարքին չհասած, բռնեցին ու թաղեցին…։ Ու ես՝ մինակ մնացած՝ երբ օր մը ուզեցի տօնել այդ մեծ թուականը, արդէն կեանքիս գարունը անզգալաբար անցած, գացած, անէութեան մէջ թաղուած էր…։
       Սակայն մեր ծրագրին մէջ ուրիշ տօն մըն ալ կար, մե՛ծ տօնը, մեծագո՛յն տօնը, ամուսնութեա՛ն տօնը, որ աննշմար չէր կրնար անցնիլ անշուշտ։
       Ո՜վ կրնար գուշակել թէ այդ մե՛ծ տօնէն ալ ես ինքս պիտի հրաժարէի… ահա թէ ինչո՞ւ։
       Ականատեսներ կը պատմեն թէ ինչպէ՜ս, մահուան դատապարտեալը իր ճերմակ շապիկին մէջէն լռօրէն կը յառաջանայ ու ճիտը չուանին կ ՚անցընէ՝ առանց ընդդիմութիւն մը ընելու, որովհետեւ գիտէ թէ ամէ՛ն շարժում անօգուտ է, եւ թէ իր բախտը ուրիշներ կանխաւ վճռած են՝ առա՛նց իր հաւանութիւնը հարցնելու։
       Ես մահուան դատապարտեալ մը դեռ չեմ տեսած։ Բայց օր մը պարսկական եկեղեցիի մը մէջ հարս մը տեսայ, ու դեռ իր վրայ խորհած ատենս մարմինս միշտ փ ուշ֊փուշ կ՚ըլլայ։
       Խուռներամ, սեւ բազմութիւն մը գլուխ գլխի կ ՚ալեկոծուէր հարսին անցքը դիտելու համար։ Ահա՛ երեւցաւ ան։ Շուարուն ու մահատիպ կը յառաջանար, առա՛նց յօժարութեան, այլեւ առա՛նց ընդդիմութեան, որովհետեւ ուրիշներ արդէն իր ճակատագիրը վճռած էին՝ առա՛նց իր հաւանութիւնը հարցնելու։
       Գլուխէն մինչեւ ոտքը ճերմակներու մէջ, ան կը յառաջանար՝ իր միամտութեան չուանէն կախուելու…։ Մինչեւ հիմա որքա՜ն երջանիկ էր ան. ցորեկները սիրոյ երգեր կը հիւսէր, գիշերները հրաշալի ասպետներ կը տեսնէր. դաշտի ճպուռներուն պէս անհոգ, երկինքի թռչուններուն պէս ազատ էր…։ Այդ գիշե՜ր իսկ պիտի փշրուէին իր բոլոր երազները, ի՛նքն ալ իր կարգին պիտի ճանչնար մայրութեան ցաւերը, պիտի ծեծուէր, պիտի տգեղնար, պիտի անասնանար…։
       Մարդակերպ գայլերու, յօշոտող նայուածքներու մէջէն ան կը յառաջանար՝ ճեփ ֊ճերմակ ու դեփ ֊դեղին։ Պզտըտիկ մարմին մը՝ սրտատրոփ ու դողդոջուն, ոճրագործ ձեռքի մը մէջ բռնուած թռչնիկի մարմին մը, որ քիչ յետոյ պատա՜ռ մը պիտի ըլլար քովի գիշակեր ու տարիքոտ անգղին բերնին մէջ…։ Փեսան՝ իր թեւէն ճանկած՝ կը յառաջանար ճարպոտ աչքերով, փայտի պէս պեխերով՝ սեւցուած ու սուրցուած…։
       Ամբողջ ամբոխը զոյգ մը աչք եղած էր։ Յամառ նայուածքներ կը սեւեռէին հարսին։ Մասի մը պէս՝ քիչ մը ամէ՛ն մարդ պատառ ֊պատառ կը ճաշակէր այն «անմեղութենէն», որ վայրկեան մը յետոյ գոյութիւն չպիտի ունենար ա՜լ…։
       ֊Հարստութիւնը անո՜ւշ բան է… փսփսաց մէկը՝ բերնին ջուրերը վազցնելով։ Գրպանդ դրամ ունի՞ս. կեանքդ պոռնիկներու ծոցը փտեցուր, ու ծեր օրերուդ համար է՛ն անմեղ, է՛ն գեղեցիկ, պզտիկ աղջիկը առ, բզկտէ, արիւնէ, ծեծէ, հիւանդացուր… մա՛րդ մը ձայն հանելու իրաւունք չունի, ո՛չ իսկ կինդ… Աստուծոյ օրհնութիւնը քանի՞ ոսկիի գնեցիր, ուրիշ բան հարցնող չկայ…։
       Ու իրաւ ալ նոյն վայրկեանին, բարձրաստիճան կուսակրօն մը Սուրբ Գրքէն վկայութիւններ կը բերէր փեսային առաքինութեան համար…։ Ամուսնութեան անուշութիւններուն վրայէն կը մտնէր, տակէն կ՚ելլէր…։
       –Ծով չմտած լողալ կը սորվեցնէ… կակազեց մէկը քովէս։
       Բայց, ուրիշ մը այնպիսի՛ խօսք մը ըսաւ, որ մինչեւ ականջներուս ծայրը կարմրեցայ։
       Այդ օրէն որոշեցի որ՝ եթէ երբեք ամուսնանայի, ամէն պարագայի մէջ այս տեսակ պիտի չամուսնանայի։
       Տեսայ որ այդ պայմաններուն մէջ պսակը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ խարդախ պայմանադրութիւն մը, որ կոյսը կը ստորագրէր առա՛նց անոր առաջին բառը ըմբռնելու. իսկ ամուսինը որ լաւ կ ՚ըմբռնէր՝ ստիպուած չէր յարգելու իր պայմանագրութիւնը…։
       Գերիներու վաճառականութիւնը ուրիշ տեսակ չէր. միայն թէ հիմա վճարո՛ղն ալ, վաճառուո՛ղն ալ աղջիկն է…։
       Ու, ո՜վ հեգնութիւն, այդ փոքրիկ աղջիկը՝ որուն խօսքը դատարանին առջեւ արժէ՛ք մը իսկ պիտի չունենար՝ իր «Այո՛»ն պիտի յարգէր մինչեւ իր կեանքին վերջը, ու իր արգանդին մէջ պիտի կրէր համբոյրներուն ամբողջ ծանրութիւնը. մինչդեռ իր ամուսինը՝ առաջի՛ն յղութեան արդէն՝ պիտի խաբէր զայն, շան մը պէս…։
       Բայց տեսնէիք թէ իր ծնողները որքա՜ն հպարտ կ՚երեւէին, ի՜նչ ուրախութեան արցունքներ կը գլտորցնէին իրենց աչքերէն… ի՜նչ վարպետութեամբ առաջ տարեր էին դրամօժիտի սակարկութիւնը… ու ի՜նչ լաւ ընտրութիւն… ի՜նչ շնորհքով փեսայ…։ Ամէնքը կը պաշարէին, կը շնորհաւորէին զիրենք։
       Ես՝ նախանձով ու դառնութիւնով լեցուն դուրս կը նետուէի այդ գերեվաճառութեան շուկայէն, երբ մէկը թեւէս բռնելով քաղաքավարութեամբ անունս հարցուց… կ ՚երեւի «Ծանօթ Ներկաներ»ու շարքին մէջ տպելու համար։
       Տասնեակ տարիներ անցան այդ օրէն ի վեր, բայց դեռ չմոռցայ զինքը, այդ ճեփ ֊ճերմակ ու դեփ ֊դեղին աղջիկը, որ կեանքիս մէջ առաջին ու վերջին անգամ կը տեսնէի։
       Իր ոգին զիս երկար ատեն տառապեցուց։
       Օր մը, ես ալ իմ ճակատագրիս կը հնազանդէի՝ իմ լաւագոյն կէսիս միանալով։
       Բայց իր պսակէն որքա՛ն տարբեր եղաւ մերինը՝ հակառակ ծայրայեղութիւն։
       Առանց թմբուկի, առանց հանդիսաւորութեան հարսնիք մը. քաղաքական այն պարզ հարսանիքը՝ որ Եւրոպան կը պարտադրէ հաւատացեալին ալ, ուրացողին ալ, հարուստին ալ, աղքատին ալ։
       Զուիցերիացի քաղաքապետը ամուսնական պայմանագրութիւն մը ներկայացուց մեզի՝ երկու վկաներու առաջ։
       –Կ՚ուզէ՞ք ստորագրել, Օ՛րիորդ…։
       –Այո՛, պարոն…, ըսաւ հարսը՝ գրչի համարձակ ստորագրութիւն մը պառկեցնելով թուղթին վրայ։
       –Շնորհակալ եմ Տի՛կին , ֊ պատասխանեց քաղաքապետը։
       Ու ամէնն այսչափ։ Այդ վայրկեանէն Օրիորդը Տիկին եղաւ։
       Եւ սակայն, անկեղծ խօսք մը կ ՚ուզէ՞ք այդ չարութիւնը զիս վիրաւորեց։
       Այդ կանխաւ պատրաստուած թուղթը՝ յարձակողական ու պաշտպանողական հողի վրայ գրուած երկուստեք ստորագրուած վաճառականական պայմանագրութեան մը վերածեց մեր տարտամ սէրերը, անշրջագիծ անուրջները, ինքնայօժար նուիրումները, յաւիտենի խոստումները…։
       Ու Սէրը, որուն համար Սողոմոն «Մահուան չափ զօրաւոր է» կ՚ըսէ, առուտուրի մը չափ խախուտ եղաւ. որովհետեւ Օրէնքը՝ մեզ միացնելու ժամանակ՝ բաժնուելու պայմաններն ալ կը մատնանշէր…։
       Այս բոլոր օրինական շղթաներուն ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար երկնային օրհնութիւն մը կը պակսէր։ Հարսն ալ շուտով նշմարեց այդ պակասը։
       –Քանի որ, ըսաւ, մեր ամուսնութեան համար մեծ ծախսեր չըրինք, «փոխան հարսանիքի» դժբախտ աղջի կ մը ուրախացնենք այդ դրամով. ես նշանուած որբուհի մը գիտեմ որ պսակուելու համար միջոց չունի. թող իր ուրախութիւնը մեզի համար օրհնութիւն մը ըլլայ…։
       «Մեծ միտքերը սիրտէն կը ծնին», կ՚ըսեն, այսինքն կինէն…։
       «Փոխան հարսանիքի»…։ Այդպէ՛ս որոշեցինք, ու այդպէս ալ ըրինք։
       Ու մեր ուրախութիւնը աւելի կատարեալ ընելու համար, մեկնեցանք Փարիզ՝ հայ եկեղեցիին մէջ փնտռելու ա՛յն, ինչ որ կը պակսէր Լօզանի քաղաքատան։
       Բարի քահանայ մը մեզ դիմաւորեց ժպտելով.
       –Բայց զիս գտնելէ առաջ՝ գանձապետ էֆէնտին պէտք է գտնէիք…, ըսաւ։
       Քաղաքը տակնուվրայ ընելէ վերջ՝ գանձապետ էֆէնտին ալ գտանք գոհարավաճառի գրասենեակի մը մէջ, ոսկի նժարի մը ետին կծկտած, մոմի գոյն ծերունի մը՝ որ ձիւթ կը ծամէր…։
       Երբ իմացաւ այցելութեանս պատճառը՝ ըսաւ.
       –Աշխարհիս չորս կողմէն հոս կը թափին աժան օրհնութիւն մը ստանալու համար…։ Մեր գիները ամէնուն յայտնի են արդէն, այնպէս որ սակարկութեան պէտք չկայ…։ Եթէ հազար ֆրանք տրուի՝ ամբողջ տաճարը լապտերի պէս կը զարդարենք, բայց նշանաւոր բան մը կ՚ըլլայ…։ Եթէ միայն մէջտեղի ջահը կ ՚ուզէք՝ գետինի գորգերով՝ այսչափ հարիւր ֆրանք…։ Բոլոր ջահերը մէկանց՝ այսչափ հարիւր…։ Սուրբ խորանին լուսավառումը՝ այսչափ հարիւր…։
       –Բայց պարզ օրհնութի՞ւն մը…
       –«Պարզ օրհնութի՞ւն» ի՛նչ ըսել է, էֆէ՛նտիմ։ Լուսահոգի Մանթաշօֆ այս շքեղ տաճարին համար միլիոններ ծախսեց նէ՝ պարզ օրհնութիւն մը տալու համա՞ր է…։ Ամէն մոմ հաշիւով կը վառի, ամէն տիրացու հաշիւով կ՚երգէ…։ Պէտք է գիտնաք որ մեր ձայնաւորները Փարիզի Քօնսէրվաթուարին մէջ կ ՚ուսանին եւ Օփերային մէջ կ՚երգեն…։ Մեր Շահ ֊Մուրատեանը «Ֆաուսթ» կը խաղայ…։ Եթէ գովաբանական քարոզ մըն ալ կ ՚ուզէք՝ անոր հաշիւն ալ տէրտէրին հետ յարմարցնելու է…։
       Ահա թէ ի՛նչ ցեխերու մէջ ստիպուեցայ սողացնել մեր Սէրը՝ անլուծելի, անբաժանելի, երկնային, յաւիտենական ձեւ մը տալու համար անոր…։
       Բայց հետեւեալ օր արդէն՝ եկեղեցիին մէջ՝ մոռցայ այդ բոլոր դառնութիւնները։
       Խորհրդաւոր գմբէթին տակ, ամայի շէնքին ճիշդ կեդրոնը, մինա՜կ էինք մենք, իրարու սեղմուած՝ երիտասարդ ամոլ մը, ծերունի քահանայ մը ու ֆրանսացի ժամկոչ մը։
       Խորանին վրայ ու մեր երկու քովերը երկար ու ճերմակ կերոններ կը վառէին, լոյս ցերեկով, տժգոյն ու երազային բոցով մը՝ որ կար ու չկար…։
       Երբեմն դուռին բացուածքէն օտար գլուխ մը կ ՚երկննար հետաքրքիր։ Այն ատեն կը լսուէր փողոցի անվերջ ու անհուն աղմուկը։ Դուրսը՝ աշխարհի մայրաքաղաքը կը խժար, կ՚ոռնար, կը հայհոյէր, կ՚ալեկոծէր…։ Ներսը՝ խարտեաշ եւ սեւ երկու գլուխներ իրարու կը կապուէին՝ ապրշում թելով մը, Կեանքի ու Մահուան համար…։
       Դուրսը՝ բոլո՛ր կիրքերն ու բոլո՛ր մեղքերը, բոլո՛ր գիտութիւնն ու բոլո՛ր քաղաքակրթութիւնը…։ Ներսը՝ Հայաստանցի տէրտէր մը, կարծես Անիի քանդակներէն փրցուած՝ հին ու առաքելատիպ գլուխ մը, հազարաւոր տարիներու բառեր կը կրկնէր, յաւիտենական ու ահաւոր…։
       Ճերմակ մոմերը կը հալէին, բուրվառը կապոյտ ամպով մը մեզ պաշարեց։ Տէրտէրը անվերջ կը կարդար ու կ՚երգէր. այդ ընթերցումը ու այդ օրօրումը քիչ ֊քիչ մեզ ընդարմացուցին, վերացուցին, հեռացուցին, հին ու հեռու տեղուանք տարին…։
       Կնքահայրը մենակեաց ու մարդատեաց արուեստագէտ մը, որ եկեղեցի ոտք կոխած չունէր հիմա տղու մը պէս կու լար։ Հարսը որ ոչի՛նչ կը հասկնար ոսկեդարու աստուածային բարբառէն լռիկ մնջիկ կ՚արտասուէր…։ Ու տաք արցունք մը որ ինկաւ մեր միացած ձեռքերուն վրայ՝ մինչեւ ոսկորներուս ծո՛ւծը դողացուց։
       Ո՛չ. երկնքի կամարէն վարդի մը գոգը ինկող ցօղը, բաղնետան գմբէթէն կոյսի մը ծոցը ինկող կաթիլը, այնքան չե՛ն կրնար սարսռացնել…։
       Ինծի ի՜նչ փոյթ թէ Գիտութիւնը պիտի հեգնէ իր անարժան աշակերտին այս երկիւղած դիրքը՝ կրկնապէ՛ս ծիծաղելի, որովհետեւ Գիտութիւնը որ Կրօնքը չի հասկնար, Սէ՛րն ալ չի հասկնար։ Յարաբերական իրականութիւններո՛ւն միայն կը հաւատայ ան. մինչ Սէրն ու Կրօնը բացարձա՛կ իտէալին կը ձգտին, նոյն յաւիտենական զգացումին երկու յաւիտենական ձեւերն են անոնք։ Սէրը՝ անձնական, կերպարանաւոր, երկրային, բնական իտէալն է, Կրօնը՝ անանձնական, անկերպարան, տիեզերական, գերբնական իտէալը…։
       Թող քարկոծե՛ն զիս թերահաւատները։ Ես չե՛մ կրնար ուրանալ այն անջնջելի՛ արցունքը որ իմ մայրենի եկեղեցին կրցաւ կաթեցնել իմ էութեանս մէջ, եւ որ բոլոր գիտութիւնները միացած՝ չպիտի կարենային կաթեցնել…։
       Միայն թէ ազատեցէ՜ք Պսակը միջնադարեան յղփութիւններէն, գերեվաճառութեան յիշատակներէն, անբարոյացուցիչ տեսարաններէն, չտես ցուցադրութիւններէն…։ Այս բոլորը կը ծառայեն միա՛յն ամուսնութիւնը դժուարացնելու, աղքատութիւնը նուաստացնելու, կուսութիւնը կարմրցնելու…։
       Փոխանակ հարիւրաւոր հրաւիրեալներու՝ որոնք վա՛ղն իսկ պիտի քննադատեն ձեր հարսնիքին խեղճութիւնը, լաւագոյն է ուրախացնել որբուհի մը՝ որ ամբո՛ղջ կեանքով պիտի օրհնէ ձեզ։
       Ու ո՛եւէ թերթ ուրախ պիտի ըլլայ յայտարարելու արար աշխարհի թէ՝
       Նորապսակ ամոլ Ք. այսքան ոսկի
       կը նուիրէ աղջկանց որբանոցի մը
       փոխան հարսանիքի։
       Շարքը բացուած է, ո՞վ պիտի երկրորդէր…։
       Լօզան, 1913