ՄԵՌԵԼԻՆ
ՆՇԱՆՏՈՒՔԸ
(«Թոքախտաւորներուն
Գերեզմանը»
ընդլայնուած)
Գարեջուրը
այնքա՜ն
թարմ
էր,
այնքա՜ն
թարմ։
Մեռնելու
չափ
խմեցին։
Ու
երբ
ա՜լ
տեղ
չմնաց,
փսխեցին
ու
նորէն
խմեցին։
Պապովիան
իր
ամէնէն
զուարթ
սրամտութիւնները
թափեց
այդ
գիշեր
մեր
գլխուն։
Ադոնց
ինքզինքը
անգամ
մըն
ալ
արդարացուց
իր
քննական
վերջին
անյաջողութիւններուն
համար։
Միկէր
երազեց
սովորականին
պէս.
–Հինգ
հա՜տ
ունիմ,
հինգ
հա՜տ,
ձեռքիս
հինգ
մատներուս
պէս.
մէկը
խարտեաշ
է,
միւսը
աւելի
ոսկեգոյն,
երրորդ
մը՝
սպանական
այրող
տաքութիւնով,
ու
Լուիզը,
ու
Ակաթը…։
Ան
որ
այսպէս
կը
խօսէր,
երկրաչափութեան
ուսանող
մըն
էր։
Իտէապաշտ
ու
դիւրզգած
երիտասարդ՝
իր
սովորութիւնն
այնպէս
էր,
որ
բաժակ
մը
պարպելուն
պէս,
սիրային
սուտեր
կը
շարէր,
իբրեւ
տեսակ
մը
անկատար
յղութիւն
եւ
վիժում…։
Միկէրը
տեսնելուդ,
իր
ածիլուած
բարակ
շրթներէն
ու
յոգնած
երիտասարդի
խարտեաշ
այլ
կէս
֊ճաղատ
գլուխէն
երբեք
պիտի
չկրնայիր
հետեւցնել,
որ
ան,
պարզապէս,
սրբագրուած…
Մկրտիչ
մըն
էր։
Պոլսեցի
էր
եւ
Միկէր
կ՚ըսէին,
իրեն
հաճոյք
պատճառելու
համար։
Արդէն
Մկրտիչ
ըսելուդ
պէս,
կը
ձգէր,
կ՚երթար…։
Երբ
խօսակցութիւնները
հատան
եւ
երբ
գարեջուրին
շոգիները
սկսան
քունի
սպառնալիք
մը
պտտցնել
խրախճանքի
սեղանին
շուրջը,
Պապաջանեան,
իր
բերնին
ջուրերը
վազցնելով,
սկսաւ
այնպիսի
պատմութիւն
մը,
բայց
այնպիսի
պատմութիւն
մը,
որ
օրիորդ
Թամարային
ականջներուն
ծայրերը
սկսան
կարմրիլ…։
Այս
տպաւորութիւնը
ծածկելու
համար
էր,
որ
բժիշկ
մը,
իսկոյն
մահուան
պատմութիւն
մը
նետեց
մէջտեղ։
–Ես
ռուս
բարեկամ
մը
ունէի,
–
ըսաւ,
–
առողջ
եւ
հսկայ
գարեջուրի
տակառի
մը
պէս։
Օր
մը
պէտք
եղաւ
որ
բժշկական
գործողութեան
մը
ենթարկուի,
բայց
անպատճառ
ուզեց,
որ
իր
դասընկերները
մարեցնէին
զինքը,
բա՛ն
սորվելու
համար։
«Չե՞ս
վախնար»
կ
՚ըսէինք
մեր
դանակները
ցուցնելով։
Իսկ
ան՝
իբրեւ
ամէնքին
պատասխան,
ժպտելով
կ
՚ոլորէր
իր
շէկ
պեխերը։
Մերկացուցինք,
պառկեցուցինք,
մարեցուցինք.
յետոյ
կտրեցինք,
մաքրեցինք
ու
կարեցինք։
Ամէն
ինչ
հիանալի
անցաւ,
այնքան
հիանալի,
որ
վստահ
էինք,
թէ
ա՜լ
ցաւ
պիտի
չզգար
աղիքներուն
մէջ։
Ըրինք
այս
ամէնը,
բայց…
մէյ
մըն
ալ
չկրցա՜նք
արթնցնել…
կատակ,
հրմշտուք,
պոռչտուք
անօգուտ
մնացին։
Մարդը
շէնքով
֊շնորհքով
մեռեր
էր…։
Դէմքերը
թթուեցան։
Գաւաթները
պարպուեցան։
Ա՜լ
սակայն
խօսակցութիւնը
առաջ
գնաց
այս
ուղղութեամբ։
Մէկը
պատմեց,
թէ
ի՛նչպէս
իր
պապը,
գիշեր
մը,
մոմը
փչած
ատեն
փչած
էր
նաեւ…
իր
հոգին։
Ուրիշ
մըն
ալ
ըրաւ
իրենց
գիւղի
գիշերապահին
զուարճալի
պատմութիւնը։
–Քառասուննոց,
գունդիկ,
առողջ
մարդ
էր…–
ըսաւ։–
Օր
մը
մեր
տունն
էր
եկեր։
Գլխու
ցաւ
մը
ունէր։
Մեծ
մայրիկս
ձեռքը
անոր
ճակտին
դրաւ
եւ
աղօթեց,
փչեց
ու
շփեց։
Բայց
երբ
ձեռքը
վերցուց
ճակատէն,
գիշերապահը
փայտի
մը
պէս
գետին
ինկաւ…։
Քրքիջները
նորէն
բարձրացան,
գաւաթները
նորէն
զարնուեցան։
Իւրաքանչիւրը
սրամիտ
բան
մը
կը
գտնէր
պատմելու
մահուան
վրայ.
իրենց
հո՞գն
էր,
թէ
նշանտուքի
սեղանի
մը
առջեւը
կը
գտնուէին
եւ
հետեւաբար
պէտք
էր
աւելի
զուարթ
բաներու
վրայ
խօսէին։
Չէ՞
որ
ամէն
բան
զուարթ
էր
իրենց
աչքին՝
այնքան
անմիտ,
որքան
զուարթ,
կեանքն
ալ,
մահն
ալ…։
–Բայց
քիչ
մըն
ալ
ուրիշ
բաներու
վրայ
խօսեցէք,
–
կ
՚աղերսէր
Թամարա,
–
ամէնքդ
ալ
մահուան
վրայ
կը
խօսիք։
Գրաւի
կու
գամ,
որ
մէկը
պիտի
մեռնի
այս
գիշեր,
այս
նշանտուքի
գիշերը…։
Եւ
որովհետեւ
ժամանակը
չէր
անցներ,
հակառակ
գարեջուրի
անհատնում
շիշերուն,
մէջերնէն
մէկը
առաջարկեց՝
ձեռք
ձեռքի
տուած
փայտէ
փոքրիկ
սեղան
մը
դարձնել,
գոնէ
այդ
ձեւով
հասկնալու
համար,
թէ
ո՞վ
պիտի
մեռնի
այդ
գիշեր…
ոգեհարցութեամբ։
–Թը՛ք,
թը՛ք,
թը՛ք…,
–
կը
պատասխանէր
սեղանը
մեր
հարցումներուն։
Ատեն
մըն
ալ
այսպէս
անցուցինք,
մինչեւ
որ,
մահու
գոյժի
նման
լսելի
եղաւ
զանգակի
մը
ձայնը.
–Տա՛ն,
տա՛ն,
տա՛ն…։
Սէն
Փիէռի
զանգակատունն
էր,
որ
լսելի
կ
՚ընէր
կէսգիշերի
իր
տասներկու
հնչիւնները,
յստակ
֊յստակ։
Սենեակը
բոլորովին
լուրջ
կերպարանք
մը
առաւ։
Օրիորդը,
որ
յայտնօրէն
ջղայնացած
էր
մահուան
խօսքերէն
եւ
ոգիներու
փորձերէն,
դուրս
ելաւ
սենեակէն։
Անոր
հետեւեցաւ
նշանածը։
Պապովիան
կծկուեցաւ։
Ադոնց
իսկոյն
պարպեց
իր
վերջին
ումպը։
Միկէր
սատանային
տուաւ
իր
«հինգ
հատ»ը։
Ապա,
սեղանին
մէջտեղը,
լամբարին
երկու
կողմերը,
գարեջուրի
շիշերու
բերնին
փակցուեցան
փոքրիկ
պլպլուն
մոմեր։
Քիչ
ետքը
դուռն
էր
ճռնչեց,
բացուեցաւ
եւ
երկու
նշանածներ,
որոնք
քիչ
առաջ
սենեակէն
դուրս
ելած
էին,
հիմա
ներս
մտան
ճերմակ
ու
սեւ
հագուած,
կոկուած,
փոխուած։
Երիտասարդը
Պապաջանեանն
էր,
քիչ
մ
՚առաջուան
աղի
պատմութեան
հեղինակը։
Ասիկա
կը
պատկանէր
դասակարգին
այն
ուսանողներու,
որոնք
ապահովաբար
կը
կազմեն
մարդկութեան
ամէնէն
երջանիկ
մասը՝
յաւերժական
ուսանողի
տիտղոսին
տակ։
Ոչ
ոք
ճիշդ
կերպով
չէր
գիտեր,
թէ
երբէ՛ն
ի
վեր
սկսեր
էր
իր
ուսումը։
Իսկ
թէ
ե՞րբ
պիտի
աւարտէր,
այս
հարցը
կրնար
հետաքրքրել
ամէնքը,
բացի
իրմէն։
Իր
կապոյտ,
կլոր
աչերը,
յաւիտենապէս
ժպտուն
իր
կարմիր
դէմքը
եւ
իր
դունդիկ,
կլորիկ
փորը՝
տարիներու
ընթացքին
գարեջուրի
փրփուրներով
փքացած,
երջանիկ
տպաւորութիւն
մը
կ
՚ընէին
մարդուս
վրայ։
Իսկ
օրիորդը՝
Թամարան,
կը
պատկանէր
համեստ
դասակարգին
այն
կովկասուհիներուն,
որոնք
Եւրոպա
կու
գան,
ընկերային
գիտութիւններով
կը
սկսին
եւ
ամուսնանալով,
կէս
ճամբէն
ետ
կը
դառնան։
Չարաճճիներ
իրեն
համար
կը
պատմէին,
թէ
Պապաջանեանը
գտնելէ
առաջ
բաւական
սիրտեր
հալեցուցած
էր
եւ
յետոյ
իր
սիրտը
կապած
էր
Ծվալաիա
կոչուող
վրացի
ուսանողի
մը։
Բայց
այս
բաները
մոռցուեր
էին
այս
գիշեր։
Ու
երկուքն
ալ,
երկո՛ւքն
ալ,
իրենց
սեւ
ու
սպիտակ
տարազներուն
մէջ
եւ
այս
նշանտուքի
մտերմական
հանդէսին
այնպիսի
մը
շնորհ
ունէին,
որ
դիտող
մը,
բոլոր
աչերու
մէջ
դիւրաւ
պիտի
տեսնէր
արցունքի
պէս
դողդոջուն
բան
մը,
որ
չէր
սահեր,
այլ
կը
լճանար…։
Երբ,
կարգով,
ուսանող
նշանածները,
իրենց
ուսանող
հրաւիրեալներուն
հետ,
պագտուեցան,
այսպէսով
մարդոց
առջեւ
հռչակելու
համար
իրենց
սրտերուն
ազատ
միութիւնը,
Դրենց,
մէջերնուս
է՛ն
տարիքոտը,
փիլիսոփայութեան
քառասուննոց
ուսանող
մը,
գնաց,
վերարկուին
գրպանէն
հին
գիրք
մը
հանեց
եւ
յարմար
հատուած
մը
կարդաց
Նիցչէէն։
–Այսպէ՛ս
խօսեցաւ
Զարադուստրա…։
Զարադուստրայէն
վերջ,
յանկարծաթափ,
միաբերան
եւ
կոկորդալիր
երգ
մը
փրթաւ.
«Մեր
հայրենիք,
թշուառ
անտէր,
Իր
թշնամեաց
ոտնակոխ…»
Եւ
երբ
երգը
կարօտ
հառաչներու
մէջ
մեռաւ՝
–Դաշնա՛կ
կ՚ուզենք,
ուրախ
կտո՛ր
մը
կ՚ուզենք,
օրիորդ
Թամարան
կ՚ուզենք,
–
գոչեցինք
ամէնքս
ալ։
Օրիորդ
Թամարա
շատ
աղաչել
չտուաւ,
այլ
շնորհալի
կերպով
տեղաւորուեցաւ
դաշնակին
առջեւ։
Փակեց
նոթերուն
գիրքը
եւ
մարեց
լոյսը։
Իսկ
մենք,
ամէնքս,
գինովնալու
պէս
մէյմէկ
անկիւն
կծկուեցանք։
Այն
ատեն,
կիսաստուերին
մէջ,
իր
նիհար
ու
մեղկ
թեւերը
սկսան
դանդաղ
֊դանդաղ
ծփալ
գետի
մը
վրայէն
սաւառնող
մեծ
թռչունի
մը
պէս,
որ
իր
լայնաբաց
թեւերուն
ծայրովը,
ալիքներուն
անհուն
տաւիղը
կը
շոյէր…
կը
զգայինք,
որ
ամէնքս
ալ
կը
վերանայինք…։
Նախ
քանի
մը
վանկ
դաշնաւոր
հեծեծ
եւ
յետոյ
ձայնի
ծփծփուն
խաղ
մը,
թրթռուն
ու
տարտամ,
ապա
երկդիմի
նոթեր
վարանոտ,
տարակուսական
եւ
անհանգստացնող
դաշնութիւն
մը
խօլ,
ելեկտրացած
մթնոլորտ
մը
ծանր,
ի
վերջոյ
գոչում,
ու
յետոյ
մրրիկ,
փոթորի՜կ…։
Յանկարծ՝
–Թա՛ք,
թա՛ք,
թա՛ք,
–
ձայն
մը
լսուեցաւ։
Դաշնա՞կն
էր,
հո՞վն
էր,
անձրե՞ւն
էր,
դո՞ւռն
էր…։
Ոչ
ոք
տեղէն
երերաց։
–Թա՛ք,
թա՛ք,
թա՛ք,
–
կրկնեց
ձայնը
անգամ
մըն
ալ։
Ու
սանդուխներէն
վեր
ելլելու
ձայն
մը,
տախտակամածին
վրայէն
քայլերու
արձագանգ
մը
հասաւ
մեր
ականջներուն։
Ու
յանկարծ
դուռը
ճռռաց։
Ուժգին
հովի
պէս
բան
մը
խուժեց
սենեակէն
ներս
ու
մարեց
գարեջուրի
շիշերուն
մոմերը։
Փուշ֊փուշ
եղան
մեր
մարմինները։
Անտեսանելի
մէկը
անպատճառ
կ
՚ուզէր
դռնէն
ներս
մտնել։
Պատրա՞նք
էր,
թէ՞
գինովութիւն։
Ոչ
ոք
հասկցաւ։
Եւ
ոչ
ոք
տեղէն
երերաց։
Թամարան,
իր
մերկ
թեւերը
մթութեան
մէջ
բացած,
այսահար
ու
հսկայ
թռչունի
մը
պէս
ջղաձգօրէն
կը
ծեծէր
հիմա
դաշնութեանց
ծովը։
–Խե՞նթ
ես,
Թամարա,
–
ըսաւ
վերջապէս
նշանածը,
–
ուրախութեան
գիշեր
մը
Շոփէնի
մահերգը
կը
զարնե՞ն…։
–Ուրիշ
կտոր
մը
չե՜մ
կրնար,
–
պատասխանեց
աղջիկը
տժգունած։–
Ինձ
կը
թուի,
թէ
մութին
մէջ
մէկը
ձեռքերէս
բռներ
է
ու
կը
հրամայէ
նուագել
այս
մահերգը…
այս
գիշեր
անպատճառ
մէկը
իր
հոգին
կ՚աւանդէ…։
–Անանկ
է
նէ,
իրենց
հոգիները
աւանդողներուն
կենացը,
–
կատակեց
Պապովիան՝
իր
բաժակը
փշրելով։
Ապակիի
կոտրտուքի
այս
շռնդալից
աղմուկը
կարծես
թէ
վանեց
սենեակէն
մրափի
ու
մղձաւանջի
նմանող
այդ
բանը։
Լոյսերը
նորէն
վառուեցան,
գաւաթները
նորէն
պարպուեցան։
Խմեցինք
նախ
նշանուած
զոյգին
կենացը։
Յետոյ
աշխարհի
բոլոր
նշանածներուն
կենացը։
Յետոյ
իւրաքանչիւրը
իր
սիրականին
կենացը։
Հեռաւոր
ու
մօտաւոր
բոլոր
աղջիկներուն
կենացը։
Գարեջուրը
ստեղծողին
կենացը։
Ճափոնուհիներուն
կենացը…
հերիք
էր
որ
պարպուէին
գաւաթները։
–Ծվալաիան
մոռցանք,
–
ըսաւ
յանկարծ
նշանածը։–
Խմենք
անոր
ալ
կենացը։
Ինքն
էր,
որ
առաջին
անգամ
ծանօթացուց
զիս
Թամարային։
Ի՜նչ
կ
՚ընէ
հիմա
խեղճը,
ձմեռ
ատեն,
սարերուն
գլուխը,
միս֊մինակ…
կեցցէ՛
Ծվալաիան…։
–Կեցցէ՛
Ծվալաիան,
–
արձագանգեցինք
ամէնքս
ալ,
մէկ
բերան։
Եւ
այդ
վայրկեանին,
այդ
բառը
կախուեցաւ
֊մնաց
օդին
մէջ։
Ա՜լ
կարելի
չեղաւ
ուրիշ
բանի
մասին
խօսիլ։
Ծվալաիա՜…։
Լօզանի
մէջ
ո՞վ
չէր
ճանչնար
լայն
ու
թիկնեղ,
երեք
մարդու
հասակով
ու
կարմիր
մօրուքով
այդ
«Վրացի
Հսկան»,
ինչպէս
կը
կոչէին
զինքը
մտերմօրէն։
Ծվալաիա՜,
գեղեցիկ
տղամարդը,
սարերու
հսկան…։
Հսկա՞ն…։
Բայց
չէ՞
որ
այս
աշխարհի
իրական
հսկան,
անընկճելի
ու
ահաւոր,
այն
է,
մանրիկ,
փետուրի
պէս
թեթեւ
ու
ճղրիկ
այն
արարածը,
զոր,
գեղեցիկ
առտու
մը,
բարին
Աստուած
ստեղծեց
մեր
կողէն,
իբրեւ
«կին՝
դողդոջ
էակը…»։
Ծվալաիա
ուշ
ըմբռնեց
այս
ճշմարտութիւնը։
Եւ,
իր
տիտանի
ուժերուն,
իր
հարուստ
կազմին
ու
երկաթեայ
դնդերներուն
ամբողջ
եռանդովը
անձնատուր
եղաւ
այն
բոլոր
բաներուն,
որոնք
Գիտութեան
ծառ
անունով
կ
՚արգիլուին։
Շատ
անգամներ,
կէսգիշերներէ
ետք,
կը
լսէի
զինքը,
երբ
երկա՜ր
֊երկա՜ր
կը
սուլէր
պատուհանիս
տակ.
–Փիո՜ւ…
Տոքթէօ՜ր,
Տոքթէօ՜ր,
դուռդ
կը
բանա՞ս
եւ
մէկ
գիշերուան
համար
անկիւն
մը
կու
տա՞ս
ինծի…
տունս
այնքան
հեռու
է…։
Դուռը
կը
բացուէր։
Վրացի
Գողիաթը
կը
ջանար
հիւանդի
քանաբէ
իս
վրայ
սեղմեցնել
իր
հսկայ
մարմինը։
Ալքոլին
լոյսով
աղքատիկ
թէյը
կ
՚եռար
մերկ
սեղանիս
վրայ։
Օ՜հ,
անուշիկ,
սիրային
պատմութիւնը,
որ
ծայր
կու
տար
այն
ատեն,
մոմի
լոյսով…
պատմութիւնը,
որ
կը
տաքնար,
կ՚ոգեւորէր,
որ
կ'երկարէր,
կը
յոգնէր,
կ՚իյնար,
մինչեւ
որ
երկուքս
ալ
կը
քնանայինք
առանց
զգալու։
Ու
այս
կեանքը՝
անքուն
ու
անսնունդ,
փողոցէ
փողոց
եւ
անկողինէ
անկողին
այս
կեանքը
ամէ՛ն
գիշեր
էր,
երեք
տարի։
Անգամ
մըն
ալ,
այսպէս
քանաբէ
իս
վրայ
քնացած
պահուն,
իր
հեւի
֊հեւ
շնչառութիւնն
ու
քրտնաթոր
ձեռքերը
մտատանջեցին
զիս
մինչեւ
լոյս։
Առաւօտեան
ստիպեցի
զինքը
խոստովանիլ,
թէ
բաւական
ատենէ
ի
վեր
գաղտնօրէն
արիւն
կը
թքնէր։
Այդ
օրէն
ի
վեր
ոչ
ոք
տեսած
էր
զինքը։
Ու
օր
մըն
ալ
աներեւութացաւ
քաղաքէն։
Ուսանողները
այնպէս
կը
հաւատային,
թէ
հեռաւոր
գիւղ
մը
քաշուեր
էր՝
քիմիագէտի
իր
վերջին
քննութիւններուն
պատրաստուելու
համար։
Մենք՝
իր
մտերիմները,
սակայն
գիտէինք,
թէ
ան
Լէյզէնի
բուժարանը
գացեր
էր
դարմանուելու,
աղքատութեան
պատճառով
մերժուեր
ու
ստիպուեր
էր
մօտակայ
գեղջուկ
ընտանիքի
մը
մէջ,
գետնին
վրայ
փոքրիկ
սենեակ
մը
վարձել։
Ասոր
համար
էր,
որ
Պապաջանեան
իր
բաժակը
կ
՚առաջարկէր
Ծվալաիայի
կենացը։
Թամարա
տժգունեցաւ։
Նախապէս,
վրացի
Գողիաթին
խոստացեր
էր
ան
իր
սիրտը,
բայց
տեսնելով,
որ
ան
բուժուելիք
չունի,
կը
նշանուէր
հիմա
անոր
բարեկամին
հետ։
Այսպէս
խօսակցելու
վրայ
էինք
այդ
գիշեր,
երբ
հեռուէ
հեռու
աքաղաղի
մը
ձայնը
օդը
ճեղքեց։
Դուրսը
լուսցեր
էր
արդէն։
Պապաջանեան,
ապակէփեղկերը
բացած
պահուն,
վարը,
դրան
սեմին
վրայ
քառակուսի
թուղթ
մըն
էր
տեսեր։
Գնաց
իսկոյն
եւ
վեր
բերաւ։
Լէյզէնէն
քաշուած
հեռագիր
մըն
էր,
զոր,
գիշեր
ատեն,
ցրուիչը
զուր
փորձեր
էր
դուռը
զարնելով
մեզի
յանձնել
եւ
սեմին
վրայ
ձգած
գացած
էր։
Բացինք
պահարանը։
Ծվալաիա
մեռած
էր…։
Մեռա՜ծ
էր
միս֊մինակ,
պատն
երեսին,
ինչպէս
կ
՚ըսեն
պանդուխտներուն
համար…
ու
թաղուած
էր
կամ
պիտի
թաղուէր
այդ
օրը,
մարդէ
հեռու,
թոքախտաւորներու
փոքրիկ
գերեզմանի
մը
մէջ,
սարերու
վրայ,
ձիւն֊ձմեռով,
բուք֊բորանին…։
Իւրաքանչիւրը
իր
յիշատակները
արթնցուց
եւ
արցունքը
վէրքերու
դպաւ։
Ու
պատմեցին,
թէ
Ծվալաիա
աղքատիկ
ծնողքի
զաւակ
էր.
մայր
մը
եւ
քոյր
մը
ունէր
միայն,
որոնք
տեղ
ու
տուն
եւ
ամէն
բան
ծախած
էին
անոր
ուսմունքին
համար,
ապագային
համար։
Թէ
երկու
ամիս
միայն
կը
մնար
աւարտելու
իր
ընթացքը։
Եւ
թէ
այնքա՜ն
խոստմնալից
էր
խեղճ
երիտասարդին
ապագան,
այնքա՜ն
փառաւոր…։
Յետոյ,
երբ
քիչ
֊քիչ
մտքերը
ընտելացան
մահուան
գաղափարին
հետ,
Թամարա
աչերը
կղպելով
կակազեց.
–Ուրեմն
երէկ
գիշեր
դաշնակին
վրայ
իմ
ձեռքերս
բռնողը
ինքն
էր…
ի՜նքն
էր…։
Ու
ահագին,
բայց
ահագին,
ահագի՛ն
լաց
մը
սկսաւ
ջղաձգօրէն
ցնցել
իր
վտիտ
մարմինը։
Այսպէս
փակուեցաւ
այդ
զուարթ
գիշերը,
ուր
մենք,
անգիտակցաբար
տօներ
էինք
մեռելի
նշանտուք
մը…։
Լօզան