Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏՈՔԹԷՕՐ ՔՕԶՄՕԶ
       Քեզի այս անգամ պիտի գրեմ, Տոքթէօ՛ր, այն զուարճալի ու տխուր պատմութիւնը, որ իմ բժշկական պատմութիւնս է, գաւառի այս խուլ անկիւնը հաստատուելէս ի վեր։
       Սկիզբէն սկսի՞մ։
       Է՛ն առաջ ըսեմ որ մենք այստեղ Տոքթէօր Քօզմօզ մը ունինք, որ ամէն բանին սկիզբն ու վերջն է։
       Մտքիդ առջեւը բեր Էսքիւլաբի արձանը։ Այդ բժշկութեան աստծուն վարտիկ հագցուր, վրայէն ալ մինչեւ ոտքերը իջնող եւ սեւէն կանաչի զարնող րէտէնկօթ մը, կոնաձեւ բերնին մէջ սիկարէթ մը դիր, ճակտին վրայ ալ՝ դէպի ետեւ նետէ աշտարակաձեւ ֆէս մը Բիզայի ծուռ աշտարակին պէս ու աչքիդ առջեւ պիտի ունենաս նոյն ինքն Տոքթէօր Քօզմօզը։
       Այնպիսի ատեն մը, երբ դեռ բժշկութեան խօսքն անգամ չկար այս կողմերը, այս մարդը, առաջին անգամ ըլլալով եկած է գաւառի այս խաւար անկիւնին մէջ իբրեւ բժիշկ հաստատուելու եւ իբրեւ բժիշկ ապրելու։
       Ինչպէս որ դեռ հիմա ատամնաբուժութիւն չկայ հոս իբրեւ առանձին արհեստ, այնպէս ալ ժամանակին բժշկութիւնը իբրեւ առանձին զբաղում գոյութիւն չունէր։ Փոխն ի փոխ ժամուն տէրտէրը, գիւղին մամիկը կամ թաղին սափրիչը կը կատարէին այդ տխուր պաշտօնը։
       Այն ատենները Հիփոքրաթին գիւտը դեռ չէր ապրեցներ իր մարդը։ Անոր համար ալ գլխաւորապէս… մեռելները կը զբաղէին այդ գործով։ Եթէ գիտնայիր հիւանդութեան այս կամ այն տեսակին համեմատ այսինչ կամ այնինչ սուրբին գերեզմանին վրայ ծունկ մը աղօթք ընել, դարմանը անխուսափելի էր…։
       Տոքթէօր Քօզմօզ եկաւ, տեսաւ, յաղթեց։
       Մէ՛կ հարուածով, բժշկութիւնը գաւառին մէջ առանձին ու առանձնաշնորհեալ պատուանդանի մը վրայ դրաւ, տէրտէրութեան, տիրացութեան, ժամկոչութեան պէս։
       Եւ որպէսզի յաջողութիւնը ապահով ըլլար, բժշկութիւնն ալ, անոնց պէս, եկեղեցիին անմիջական թեւարկութեան տակ դրաւ։
       –Զաւա՛կս, կ ՚ըսէր իրեն դիմող հիւանդին, այս շաբթու պահքդ աւրեցի՞ր։ Ինծի գալէ առաջ մեղաւոր գլուխդ տէրտիրոջ աւետարանին տակ դրի՞ր։ Տիրամօր պատկերին առջեւ մոմդ վառեցի՞ր։ Ուխտդ ընդունական եղա՞ւ։ Բոցը շիտա՞կ ելաւ թէ՞ ծուռ ելաւ։ Մեծերուդ խօսքը լսեցի՞ր։ Մէկու մը սիրտը ցաւցուցի՞ր։ Քեզի տալիք դեղս սուրբ է, զաւա՛կս, ուտիք բերնով չուտես, Աստուած բերանդ կը ծռէ…։
       Այսպէս, այս տարօրինակ մարդը, աւետարանն ու դեղարանը, տգիտութիւնն ու գիտութիւնը, ծոմն ու մոմը իրար խառնելով, զարմանալի ու անիմանալի բժշկութիւն մը դարբներ էր։
       Չըսի՞ արդէն, որ այս Հայը գաւառին Հիփոքրաթն էր, իր տեղին աստուածը, որ, օր մը, իրմէ վկայական մը հարցնողին հանդարտօրէն պատասխաներ էր.
       –Ես բժշկութիւնը չսորվեցայ, ես բժշկութիւնը ստեղծեցի…։
       Ու հիմա, որ ժամանակին ազդեցութեան տակ իր համբաւը սարէ սար էր գացեր եւ իր մազն ու մօրուքը փոշոտեր, փշոտեր էին, ան, չես գիտեր ի՜նչ մը ունէր պատկառելի եւ ահաւոր, դարերու փոշիին տակ բաղեղոտած աւերակի մը չարագուշակ վեհութիւնովը։
       –Ուզածը կ՚ապրեցնէ, ուզածը կը մեռցնէ, կ ՚ըսէին իրեն համար…։
       Ապրեցնելը չեմ գիտեր։ Գիտեմ միայն, որ այս մարդը զիս ողջ ֊ողջ մեռցուց, լմնցուց, թաղեց։
       Երեւակայէ, որ տունէ տուն շրջելով, դեռ բարի լոյս ֊Աստծու բարին մը չփոխանակած, սա՛ տեսակ խօսքեր կը տանէր ականջէ ականջ, կարգախօսի մը պէս.
       –Զաւակնե՛րս, Աստուած մեր գլխուն աս ի՜նչ փորձանք, աս ի՜նչ ցուցանք մը ղրկեր է… հայ քրիստոնեայ ըսածդ ալ երեսին վրայ քրիստոնեայի շնորհք մը ունենալու է… Աստուած մի արասցէ, եթէ այդ անհաւատին ձեռքէն հիւանդ մը մեռնի, շիտկէ շիտակ դժոխք կ՚երթայ…։
       Երեւակայէ՜…։
       Ես հոս եկեր էի իբրեւ հայ գեղջուկին բարեկամ, իսկ ան ինձ ցոյց կու տար իբրեւ ժողովուրդին թշնամի։ Դրացիներս անգամ ինծի կէս ֊բերնով կը բարեւէին, Աստուծոյ ու տէրտէրին անհաճոյ չըլլալու համար։
       Անկարելի կացութեանը մէջ կը գտնուէի մէկու մը, որ ողորմութիւն տալ կ ՚ուզէ ու աղքատ չի գտներ…։ Ձեռքերս պտուղով լեցուն բորոտի մը պէս էի եւ այդ պտուղը ամէնէն ծարաւիներն անգամ պիտի գանէին ուտելու…։
       Գիշեր մը, երբ այս կարգի տխուր խորհրդածութիւններու մէջ թաղուած էի, ուժգին ուժգին դուռս ծեծուեցաւ.
       –Ո՞վ է… ի՞նչ կ՚ուզէ…։
       –Աղային աղջիկը թունաւորուեր է, բժիշկ կ՚ուզէ…։
       –Քօզմօզին չերթա՞ք…։
       –Տոքթէօր Քօզմօզին րոմաթիզմ ը բռներ է, տեղէն չի կրնար եղեր երերալ…։
       Վա՜յ, Քօզմօզ, վա՜յ…։
       Ամէն պարագայի տակ իր ցաւերը շա՜տ յարմար ատենին բռներ են… եթէ հիմա Աղային աղջիկը իմ ձեռքերուս մէջ մեռնի, ինչ որ շատ հաւանական է, զիս ալ հետը պիտի մեռցնեն, ուրիշ ճար չկայ…։
       Դողալով ու շուարած կը հասնիմ հիւանդին սնարին վերեւ։
       –Թունաւորուե՞ր ես, աղջիկս։
       –Այո՛, Տոքթէօր…։
       –Ի՞նչ կերար, աղջիկս։
       –Հարիւր լուցկի կերայ, Տոքթէօր…։
       Հարի՜ւր լուցկի… այսինքն տասը սանթիկրամ ֆօսֆօ՜ր…այսինքն էշ մը մեռցնելու չափ թո՜յն… այս հրեշտակը պիտի մեռնէր ուրեմն, ճա՛ր չկար…։
       Իսկոյն վրան կ՚իյնամ, բերանը կը հոտուըտամ… սխտոր կը հոտի… ահաւասիկ փաստ մըն ալ… կասկած չկայ որ աղջիկը այդ լուցկիները կերե՜ր է…։
       Ծնողքը հնդկաիւղ է խմցուցեր թոյնը դուրս քշելու համար։ Հնդկաիւղը, որ բոլոր թունաւորումներուն համար լաւ է, ֆօսֆօր ի թունաւորման համար շատ գէշ է։
       Անմիջապէս գաղջ ջուրով կը լուամ ստամոքսը, կը փսխեցնեմ, կը շփեմ, երբեմն ֊երբեմն քանի մը կաթիլ թէրէպէնթին կը խմցնեմ եւ վերջապէս աղջիկը կ ՚ազատեմ ստոյգ մահուընէ…։
       Հետեւեալ օրը, սար ու ձոր կայծակի արագութեամբ լուր կը տարածուի, թէ նոր Տոքթէօրը Աղային աղջիկը մահուընէ ազատեր է։
       Ցերեկին դէմ զանգակս կը զարնուի եւ հազիւ թէ դուռը բացուած, վարէն կռկռոց մը, կռկռոց մըն է կը փրթի։
       –Աս ի՞նչ աղմուկ է, Մարիամ…։
       –Տոքթէօ՛ր էֆէնտի, կ ՚ըսէ սպասուհին. Աղային աղջկան նշանածին տունէն երկու հաւ եւ մէկ աքլոր եկաւ. բերողին պախշիշ մը տալո՞ւ է…։
       Հազիւ թէ այս փետրաւոր հիւրերը տեղ մը թխելու ժամանակ կ՚ունենանք, երբ դուռը նորէն կը զարնուի։
       Զարմանալի՜ բան… այս դուռը մինչեւ հիմա ասանկ բանած չունէր։ Արդեօք հաւերը սխա՞լ հաս ցէի բերին եւ ե՞տ պիտի ուզեն…։
       Բայց այս անգամ ալ, սենեակէն ներս, ճերմակ ու սեւ ճագարներու վլվլուք մը, վազվռտուք մը, պահուըտուք մըն է կը սկսի…։
       –Աս ի՞նչ է նորէն, Մարիամ…։
       –Աս լապստակ ները Էլմասենց Պօղոսին նուէրն են եղեր… անանկ կ՚ըսէ, որ երէկ գիշեր իր սիրականը մահուընէ էք ազատեր…։
       Բայց ահա, դուռը նորէն կը զարնուի։
       Տարիքոտ երիտասարդ մըն է, որ այս անգամ կը յառաջանայ՝ երկու ձեռքին երկու ողջ ֊ողջ գառնուկ բռնած…։
       –Ասո՞նք որ սուրբին համար են, կ ՚ըսեմ զարմանքէ զարմանք իյնալով։
       –Սո՜ւսսսս…, կ՚ըսէ, մատը բերնին տանելով։– Երէկ գիշեր ձեր ինծի ըրած բարիքը շուտով ֊շուտով մոռցուելիք բարիքներէն չէ…։
       –Բայց…։
       –Սո՜ւսսսս…, կ ՚ըսէ նորէն խորհրդաւոր մատը բերնին տանելով, թող սպասուհին չիմանայ… Աղային աղջիկը գողտուկ լուր է ղրկեր ինծի, որ եթէ երէկ գիշեր դուք չըլլայիք, ան հիմա մեռած պիտի ըլլար արդէն… այս բոլոր եղածները իմ սիրոյս համար են…։
       Վա՜յ, ցաւագար, վա՜յ…։
       Հազիւ թէ այս մէկն ալ ճամբեցի եւ այդ հաւերը, լապստակները, գառնուկները տեղ մը թխմեցի, երբ դուռը նորէ՜ն զարնուեցաւ։
       Եւ այս անգամ սենեակին դրան ճեղքէն երկու գլուխ մէկանց ներս նայեցան, ֊ մէկը մարդու գլուխ, միւսը իշու ձագի՜…։
       –Կը ներէք, Տոքթէօր, բերած նուէրնիս պզտիկ է, բայց օր մը հարկաւ կը մեծնայ… ձեր ըրածը ասկէ աւելիին արժանի էր, բայց ի՜նչ ընեմ, ձեռքիս տակ աս կար, աս բերի… երէկ գիշեր դուք ոչ թէ մէկ այլ երկու հոգի մահէն ազատեցիք, Տո՛քթէօր։ Եթէ Աղաւնին մեռնէր, ես ինչպէ՞ս կրնայի ապրիլ… որովհետեւ, Տո՛քթէօր, աս մերինը մէկ օրուան սէր չէ, մենք օրօրոցէն իրարու խոստացուած ենք… բայց հիմա որ աղջիկը ուրիշի մը նշանեցին, ան ալ մեռնիլը աչք առեր է… աման, Տո՛քթէօր, դուք սըւոր հայրիկին հասկցնէիք որ…։
       Ա՛ռ քեզի հիմա իշու ձագ մըն ալ, ա՜ս էր պակաս…։
       Ի՞նչ երկնցնեմ։ Այդ օրը ինծի համար եղաւ փառքի եւ թագաւորութեան պէս օր մը, որուն նմանը ա՜լ կեանքիս մէջ չեմ կարծեր որ ունենամ։
       Որովհետեւ այդ սատանորդի աղջիկը, իր բոլոր սիրահարներն ալ զատ ֊զատ համոզեր է, որ իրե՛ն համար թոյն է խմած… մինչդեռ անձնասպան ըլլալ նոյնիսկ չէ՜ փորձեր…։
       Եւ ես, որ այս բոլոր գեղջուկ սիրահարներուն միամտութեանը վրայ կը խնդայի, ամէնէ՛ն մեծ խաբուողն եմ եղեր…։
       Տոքթէօր Քօզմօզ, հետեւեալ օրն արդէն թաղէ թաղ սկսեր է լուր տարածել, թէ աղջկան իբրեւ թէ կերած հարիւր լուցկիները, անկողնին տակէն գտնուեր են…։
       Հապա բերնին սխտոր հոտիլը ֆօսֆօր ի թունաւորման ստոյգ նշան մը չէ, պիտի ըսես։
       Անշո՛ւշտ։ Բայց գիւղին մէջ որի՞ն բերանը հոտուըտացեր են եւ սխտորի հոտ չեն առեր…։
       ***
       Տոքթէօր Քօզմօզ չարութենէն եւ ուրախութենէն երիտասարդացեր եւ ուրիշ մարդ մը եղեր էր։
       Որոշեցի հետեւաբար քթէն ֊բերնէն բերել իր ուրախութիւնը եւ բերի՛ ալ։
       Իր ամէնէն տկար կէտը, իր մեծութիւնն ու փոքրութիւնը կը կայանար իր մասնագիտութեան մէջ, մէզի տարօրինա՜կ մասնագիտութիւն մը։
       Այս տգէտ մարդը գաւառին մէջ անանկ համբաւ մը հանած էր, որ ինք կարող էր, առանց հիւանդը տեսնելու, պարզ գաւաթ մը մէզի մէջ կարդալ հիւանդին ո՞տքը թէ ակռան ցաւիլը։ Կամ, խելացի՞ թէ անխելք ըլլալը, քանի՞ տարի ապրիլը, վերջապէս ովկէա՜ն մը գիտութիւն, գաւաթ մը մէզի մէջ…։
       Արդ, այդ աղջկան խնդրին համար անգամ մըն ալ Աղային տունը հրաւիրուած ըլլալով, խնդրեցի իրենցմէ գաւաթ մը մէզ ղրկել Քօզմօզին, քննելու համար։
       Տոքթէօր Քօզմօզ, իր համայնագէտ քթին երկու խոռոչները գաւաթին մէջ մտցնելէ վերջ, արձակեր էր իր վճիռը.
       –Այս հեղուկը յղի աղջկան մը մէզն է… յղութեան հեղինակն ալ անհաւատ Տոքթէօր մը…։
       Է, գիտե՞ս ով էր այդ մէզին ալ հեղինակը։
       Պարզապէս, Աղային ջորի՜ն…։
       Կ՚երեւակայե՞ս հիմա, ամօթին, խաղքութեան, խայտառակութեան մեծութիւնը։ Ասիկա, կէս դար տեւած խեղճ ու կրակ բժշկութեան մը յանկարծակի սնանկութիւնն էր, տգիտութեան աշտարակի մը փլուզումը, աստուծոյ մը մա՜հը…։
       Ու իրաւ ալ, հարուածին սաստկութենէն, Տոքթէօր Քօզմօզ մեռաւ սրտի հիւանդութեամբ մը։ Բայց մեռնելէն առաջ վսեմ խօսք մըն ալ ըսաւ, իբրեւ իր վերջին սուտը.
       –Կեանքիս մէջ մէկ սխալ անալիզ մը ըրի, զաւակներս, ատոր համար ալ կը մեռնի՜մ կոր…։