Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԵՌԵԼԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ
       Անծանօթուհիի մը նամակին, կը խնդրեմ, բարի՛ Տոքթէօր, ներողամիտ եղէք։
       Ու հաւատացէք որ եթէ աչքիս առջեւ մահուան ստուգութիւնը չըլլար, երբե՛ք, երբե՛ք պիտի չկրնայի, պիտի չհամարձակէի բառ մ ՚անգամ գրելու։
       Բայց ինձ կը թուի թէ ձեզի գրելով, հակառակ որ անծանօթ մըն եմ ձեզ ինէ մաս մը պիտի ապրի, ու իմ օրինակս տարեկից աղջիկներուս սրտին պիտի հասնի։
       Կ՚ուզէ՞ք ով ըլլալս գիտնալ, Տոքթէօր։
       Ես փոքրիկ դժբախտ Տիկին մըն եմ. հարս մը ու գրեթէ որբեւայրի մը արդէն. հիւանդ մը եւ մօտ օրէն դիակ մը…։
       Ժամանակ մը կար սակայն երբ ես ալ զուարթ ու կայտառ աղջիկ մըն էի։ Կուսական շրթներուս վրայ ճերմակ ժպիտը կը բողբոջէր նարնջենիի ծաղիկներու պէս։
       Ժամանակ մը կար երբ արիւնս ոգելից ըմպելիի մը պէս կը ֆշար ու կը գինովցնէր սիրտս։ Երիտասարդութեանս, գեղեցկութեանս, իտէալիս ամբողջ հպարտութիւնն ունէի իմ անձիս վրայ։
       Ժամանակ մը կար երբ թռչունի պէս ազատ էի, լոյսի պէս զուարթ, ու Աստուծոյ պէս ամենակարող կը կարծէի ըլլալ…։
       Այդ ժամանակը կարծես թէ դարեր անցեր են վրայէն դեռ հազիւ տարի մը առաջ էր։
       Այս մէկ տարուան մէջ՝ մարդիկ ժամանակ գտան զիս ամուսնացնելու, արգանդէս երկու զաւակ վիժեցնելու, հոգիս դժոխքի վերածելու, մարմինս՝ դիակի…։
       Ճիշդ է որ ամուսնութենէս առաջ արդէն ես կը զգայի, գիտէի որ տկար էի։ Ծունկերս կը կտրուէին, ախորժակս կը գոցուէր, ձայնս կը խզուէր, գոյնս կը դեղնէր։ Աւելի սրտիս ուժովը կ՚ապրէի, քան թէ մարմնիս ուժովը…։
       Ա՜խ, Տոքթէօր, եթէ գիտնաք որ յոյսի ի՜նչ լեռներ կան ամենայետին աղջկան մը իսկ սրտին մէջ, այն ատեն միայն պիտի հասկնաք թէ շիւղի պէս նիհարցած կոյսերը դեռ ինչո՞վ կ՚ապրին…։
       Սակայն, օր մը Եգիպտոսէն մարդ մը եկաւ, որ ո՛չ տեսած, ո՛չ դպած էի, եւ որ ամբողջ յոյսերս փլցուց, սրտիկս չորցուց։
       Նախ ծնողքս տարտամօրէն ըսին որ մեզի հեռաւոր ազգական մըն է ան։ Բայց յետոյ, այդ հեռաւոր ազգականութիւնը աւելի մօտեցնելու խօսքեր եղան։ Պառաւ մամիկ մը որ այս առթիւ հրաւիրուեր էր.
       –Ձեր աղջիկը կէլինճիկ է, ըսաւ, կէլին ըրէք որ աղէկնայ…։
       Բայց ես գաղտնաբար բժիշկի մը ոտքը ինկայ. աղաչեցի, լացի որ ճշմարտութիւնն ըսէ ինծի։
       –Աղջի՛կս, ըսաւ բժիշկը դեռ իր բառերը ականջիս մէջ են մահուան վճիռի մը պէս ծանր, աղջի՛կս, դուն դեռ թոքախտաւոր չես, բայց եթէ ամուսնանաս՝ պիտի թոքախտաւորուիս, ու եթէ զաւակ մը բերես՝ պիտի մեռնիս…։
       Բայց, Եգիպտոսի մէջ հարստացած մեր ազգականը կ ՚երեւի թէ անմիջական պէտք ունի եղեր իմ բերելիք դրամօժիտիս՝ իր ծխախոտի վաճառականութիւնը փրկելու համար։
       Ինծի պէս նիհար, վտիտ, անարիւն էակ մը, առա՛նց կանխագուշական պատուէրի մը, առա՛նց բժշկական ծանօթութեան մը, դեռ 16 տարու էի այն ատենը յանձնեցին տգէտ ու հեռաւոր մարդու մը ձեռքը, որ ուզածն ընէր ինձմով։
       Ու ան ըրաւ ինձ այն միակ բանը որ կրնար ընել…։
       Դեռ հազիւ նոր հարս էի, դեռ հազիւ մեղրալուսինս էի մտեր, ի՜նչ սեւ մեղրալուսին, Աստուա՜ծ… երբ արդէն սկսայ զգալ մայրական գալարումները։
       Բայց նիհարութիւնս ա՛յնքան շատցաւ, որ արիւնս ա՛յնքան քիչցաւ, ա՛յնքան մահատիպ եղայ ու տժգոյն, որ սարսափած՝ ստիպուեցան արգանդէս խլել առաջին համբոյրին զաւակը…։
       Ասոր վրայ, ա՛յնքան անարիւն, ա՛յնքան անուժ եղայ, որ հալած մոմի մը պէս անկարող էի կանգուն մնալու։
       Ի՞նչ պիտի ըսէք ուրեմն, եթէ գիտնաք որ՝ այսպիսի պայմաններու մէջ ուր անկողնին գամուեր էի կէս֊մեռել, կէս֊առողջ, ամուսինս երկրորդ զաւակ մըն ալ կը ձօնէր ինձ, երկրորդ համբոյրին զաւակը…։
       Ու նոր յուսահատութիւն, ու նոր ճիչեր, ու նոր վիժում, ու նոր արիւնախռնում։
       Միայն թէ այս անգամ արիւնը բերնէս ալ կու գար…։
       Ճարահատ, զիս մինչեւ հոս բերին, զուիցերիական սարերուն մէջ սանաթորիում մը դրին, եթէ ոչ բուժուելու, գոնէ իմիններս չվարակելու համար…։
       Ու ես հոս, միսմինակ, իւղարար չունեցող կանթեղի մը պէս, օրէ օր, կաթիլ ֊կաթիլ կը մեռնիմ…։
       Կը մեռնիմ, բարի՛ տոքթէօր, ու կ ՚ուզեմ ապրիլ։
       Սիրտս դեռ տասնեօթ տարու է սիրտս դեռ չէ վարժուած մօտալուտ ու անխուսափելի մահուան։
       Կ՚ուզեմ ապրի՜լ։ Կ ՚ուզեմ ապրի՜լ՝ չնայելով որ կեանքը լիքն է հիասթափումներով ու դառնութիւններով։ Կ ՚ուզեմ ապրի՜լ՝ չնայելով որ ամէն քայլափոխիս կեղծիքն ու չարիքը, եսասիրութիւնն ու շահամոլութիւնը կը ցցուին դիմացս։
       Կ՚ուզեմ ապրի՜լ, ու կը զգամ թէ կը մեռնիմ։
       Իմ ծանր օրերուս ա՛յնքան ուժ ի գործ դրած եմ, Տոքթէօ՛ր, հոգիս մարմնիս մէջ պահելու համար, մանաւանդ որ կոյր հաւատացող մըն ալ չեմ անդիի կեանքին այնքա՜ն անգամ բռունցքներս սեղմելով կռուեր եմ՝ «պիտի չմեռնիմ, պիտի չմեռնիմ» կրկնելով…։
       Բայց կը տեսնեմ որ զո՜ւր է։ Այս անիծուած հիւանդութեան շրջանը այնքան երկար է որ մարդ ակամայ կը յուսահատի։
       Սիրտս ապրելու համար յոյսի պէտք ունի, ինչպէս կանթեղը՝ իւղի։
       Յոյսի բառ մըն ալ ինծի՛ գրեցէք, բարի՛ Տոքթէօր, ու շուտով գրեցէք. կը վախնամ որ ա՛լ օրերս համրուած ըլլան։
       Եթէ դարման մը չունիք հոգեվարք մը ապրեցնելու, գոնէ յոյսը տուէք թէ յիշատակս պիտի ապրի։
       Երբոր մեռնիմ, պիտի ըսէք խոստացէ՛ք ինձ պիտի ըսէք աղջիկներուն ու մայրերուն թէ Արմինէն ինչէ՞ն մեռաւ։ Իմ անունս Արմինէ է։
       Յ. Գ. Վերի նամակը գրած օրէս ի վեր երկու ամիսներ անցան ու դեռ չէի համարձակեր զայն թղթատարին յանձնելու։ Բայց այսօր մահուան արագութիւնը համարձակութիւն կու տայ ինձ։
       Այսօր իմ տարեդարձս է, վերջին տարեդարձս։ Այսօր իմ անմեղութեան տասնութը տարիները կը թաղեմ ճերմակ վարդերու պէս։
       Բախտի բերումով ալ, այս գիշեր, վարը, մեր պանդոկին մէջ երեկոյթ մը սարքուած է, կարծես յատկապէս ինծի համար։
       Բժիշկները զիս բացարձակ անշարժութեան դատապարտեցին։ Բայց անդիմադրելի ցանկութիւն մը ունիմ աչքերս երջանիկ պատկերներով լեցնելու՝ վերջնականապէս փակելէ առաջ զանոնք։ Կ ՚ուզեմ տեսնել ուրախ զոյգեր, լուսողող սրահներ, ժպտուն տիկիններ…։
       Բայց հազիւ թէ անկողնէս վար նետուած՝ արտակարգ սարսուռ մը, յանկարծակի յուզում մը կուրծքս կը սեղմէ։ Բերնիս մէջ տաք հեղուկ մը, արիւնի համ մը կայ…։
       Մարմինս փուշ֊փուշ, ծունկերս կտրուած, հազի՜ւ ուժը կ ՚ունենամ մինչեւ հայելիիս առաջքը վազելով բերանս բանալու… մորթուած աղաւնիի արիւնաթաթախ բերան մը…։
       Սարսափահար անկողին կը նետուիմ։ Կ ՚ուզեմ քնանալ, մեռնիլ, չտեսնել, չզգալ։
       Բայց աչքերս չեն գոցուիր։ Վարի դահլիճներէն, դրան ճեղքերէն օրօրող երաժշտութեան մը հեւքը կը հասնի…։ Կարապի երգը՞…։
       Այս վայրկեանիս՝ երեկոյթին մէջ կը պարեն, կ՚ուրախանան, կը սիրեն…։
       Ես անկողնիս մէջ կծկտած, խղդուկ ֊խղդուկ կու լամ, կարմիր կու լամ, արիւն կու լամ…։
       Կ՚ուզեմ ապրի՜լ, կ ՚ուզեմ ապրի՜լ, Տոքթէօ՛ր…։