ՀԻՒԱՆԴ
Է
Ըստուերին
մէջ,
խանի
մ’անկիւնը
լըքուած
Թըշուա՜ռ
պանդուխտ,
հիւանդ
է.
Խոնաւութիւնն
անոր
մարմինը
շիթ
շիթ
Գերեզմանին
կը
նետէ:
Բըժիշկ
չունի.
եղած
դըրամն
ալ
հատաւ.
Ցաւը
ծանր
է.
գըթութի՜ւն:
Հոն
չը
կայ
սիրտ
մ’որ
բարութիւնը
քամէ
Անոր
ծարաւ
շըրթներուն:
Եւ
ինքն
իրեն
մըտերիմներ
կը
ստեղծէ
Ցընորքներուն
մէջ
ջերմին.
Իր
վիճակին
կարեկցող
մէկը
չունի
Բացի
մամուկը
որմին:
Մըթընշաղին
մէջ
կը
մարմրի,
կը
հիւծի
Մըթընշաղի
մը
նըման.
Լըռութիւնն
հոն
կարծես
դագաղ
մը
կ’երկնէ.
Օրոցք`
տունէն
գերեզման:
Երիտասարդ
է
տակաւին,
եւ
փեսայ.
Պոլսէն
մինչեւ
Վան
հեռու,
Հոն`
հաց
կ’ուզեն
հարսն
ու
ծընողք.
զինք
կ’ուզեն.
Դեռ
շատ
շուտ
է
մեռնելու:
Ան
իր
արիւնն
իր
քըրտինքով
կը
շահէր…
Տէ՛ր,
ի՞նչ
սըրտով
կը
կոտրես
Թեւն`
որուն
վրայ
կը
կըռթընին
մանուկներ
Եւ
ծընողքներ
ձիւնագէս:
Դուրսն
արեւին,
զեփիւռին
տակ
կ’ուռճանան
Բախտաւորներն
աննիազ.
Արտին
մէջ
աստղն
աւշի
ելքին
կը
ժըպտի.
Տէ՛ր,
զինքն
ինչո՞ւ
կը
մոռնաս:
Այդ
բազուկներն
աշխատանքի
համար
են`
Ո՛չ
մահուան
դէմ
կըռուելու:
Բախտը
խուցին
մէկ
անկիւնէն
կը
խընդայ
Օձի
ժըպտով
մ’աւարկու:
Պիտի
մեռնի.
խիստ
մահացու
հիւանդցաւ.
Եւ
պատանքին
մէջ
երբեք
Պիտ’
չը
տանի
սիրելիի
մ’արցունքներն
Ու
սեւ
ուխտերն
յուսաբեկ:
Պիտի
մեռնի.
եւ
իր
բընիկ
լուսնին
տակ,
Հարսը
սիրոյ
ծարաւով`
Պիտի
զուր
տեղ
անոր
գալուն
ըսպասէ…
Խեղճ
վանուհի,
ապահով
Յոյսի
ամէն
խոստումներու
վայելքին`
Կը
ծիծաղիս
աստղին
հետ.
Մինչդեռ
կեանքի
երկընքին
վրայ
կը
գըծուի
Շանթը
շողին
զուգահետ:
Որո՞ւ
համար
շուշանն
ու
վարդ
փոխ
կու
տան
Իրենց
միացումն`
այտերուդ.
Ինչո՞ւ
Վանայ
լիճն
աստղերով
կը
վառի
Նախանձելով
աչքերուդ:
Որո՞ւն
համար
հաջաղիդ
տակ
կը
պահես
Ըմբոստանքներն
համբոյրին…
Վաղն,
հէ՜գ
ծաղիկ,
պիտի
ճամբորդ
մը
գուժէ.
«Մէկ
աչքը
բաց
թաղեցին»: