ՉՈՐՍ
ՏԱՐԵԿԱՆԻ
ՄԸ
ՆԱՄԱԿԸ
Այս
նամակն
իմ
եղբայրս
է
գրեր.
քա՜ղցր
էակ`
Որ
փոքր
է
դեռ.
Էն
իր
համար
քօղ
չունի.
Իր
առջեւ
դեռ
մեծ
գաղտնիքն
է
անդիմակ.
Երանութեան
ամէն
երկինք`
հոլանի՜:
Մերթ
վարդերու,
թըռչուններու
անուրջէ
Ոգիներուն
հետ
կը
խօսի
անարգել.
Փոքրիկ
ձեռքով
թիթեռնիկներ
կը
կանչէ.
Կ’ուզէ
աստղերն
երկնի
դաշտէն
հաւաքել:
Երկամեայ
էր`
երբ
զատուեցանք
տըխրալի.
Մեկնումին
զիս
դիտեց
ապշած
ու
երկա՜յն,
Թէ
ինքը
է՞ր
կ’երթար,
ես
է՞ր
կը
մնայի:
Եւ,
ո՛հ,
լացա՜ւ.
մարդն
էր`
շնորհքին
տակ
մանկան:
Արդ
կը
գրէ:
Այդ
նամակն
ե՛ս
կ’ըմբըռնեմ.
Զայն
կ’հասկընայ
ի՛մ
սիրտըս
լոկ
յուսաթափ,
Իբրեւ
թէ
այդ
գիրն
անծանօթ
ու
նըսեմ`
Մենք
նոյն
ատեն
գըտնէինք,
նո՛յն
ըզգացմամբ:
Հորիզոն
մ’հարկ
է
որ
ինքն
ա՛լ
պաղ
աղօտ,
Ձայն
տայ
նընջող
արշալոյսին.
Ե՛լ
ժամն
է…
Զեփիւռ
մ’որ
թոյլ
հունտին
հըծծէ.
Տո՛ւր
ծըղօտ:
Մայր
մ’որ
տըղուն
ըսէ.
Քալէ՛
…
Հայր
մ’որ`
Գրէ՛:
…
Եւ
սա
թուղթին
մանուկ
մ’հակեր
է
քնքուշ,
Մանկան
վրայ
հայր
մը`
ժըպտելով
պեխին
տակ.
Այսպէ՛ս
կ’իջնէ
արշալոյսին
ամպ
մ’անուշ,
Արշալոյսն
ալ
ձիւնոտ
դաշտին
ըսպիտակ:
Ու
գըրեր
է:
Տարօրինա՜կ
նըշաններ,
Գիծե՜ր`
որք
ինձ
թըւին
երազ
բեկբեկուն,
Ժպիտներով
ցանուած
քըսուած
մելաններ,
Բիծեր`
դըրուած
մանկան
թափով
մը
նըկուն:
Սա
մինարէ
մըն
է
դեռ
կէս
մընացած`
Ուր
չ’ամփոփիր
հոգւոյ
մ’աղօթքը
համակ.
Հոն
ծուռումուռ
խաչափայտ
մ’է
զետեղուած`
Ուր
կը
գամուի
խեղանդամ
մարդ
մը
մինակ:
Հոս
տեղ
թըռչուն
մ’ուրուագըծուած
է,
լըռի՜կ,
Որուն
երգերն
իր
շըրթունքներն
են
գողցեր.
Անդին
կայ
յօնք
մ’առանց
աչքի.
թափառիկ.
Իսկ
ասդին
աչք
մ’առանց
յօնքի,
մերկ,
անտէր:
Սա
կիսակատար
գըմբէթ
մըն
է.
ձիւնի
վրայ,
Որ
կը
սքողի
ամպի
մը
տակ
մելանէ.
Վերջապէս
հո՜ն
գոց
կոկոն
մ’է
անիկա`
Որ,
վարն,
անոր
ըստորագիրն
կը
դընէ:
Եւ
եւս
ճաճանչ
մը
ասոնց
մէջ
կը
գըտնեմ.
Պատկերական
գըրութիւն
մ’է`
մենք
որով
Կըրնանք
կարդալ
խորհուրդ–մանուկը
վըսեմ`
Մեր
մութ
երկնի`
աստղ
մ’օրէօր
դընելով:
Պիտ’
տարիներ
կազմեն
ամէն
գաղափար`
Երազը
խոկ
յօրինելով
օրէօր.
Մանուկը
մարդ
պիտի
ըլլայ,
գիծը`
բառ,
Տըրուելով
կրօնն`
մարդուն,
բառին
ոտ’նաւոր:
Ան`
այժմեան
այդ
գաղափարներն
մի
քանի
Ժողովեց
երկրէս
(թէ
երկընքէն
չի
բերեր).
Ժողովեց
իր
մօր
գըրկէն,
դըպրո՜ց
կենդանի,
Գըգուող
սիւքէն,
ծաղիկներէն
տարուբեր:
Սոխակն
ուսոյց
երգել,
լալ`
փուշը
վարդին.
Ամփոփ
թառած
տատրակն
ըսաւ.
Կը
նիրհեն:
Բարձին
ծաթող
լուսնակն
ըսաւ.
Կը
ժըպտին:
Իր
քունն
հըսկող
մայրն
ալ
ըսաւ.
Կը
սիրե՜ն: