Ո՜
ՏԱԼԻԹԱ
Կարմրաշառայլ
լոյսերուն
մէջ
կը
վառի
Կապելադ,
ո՛
Տալիթա:
Բե՛ր
գարեջուրն,
եւ
թող
փրփուրն
հոսանուտ
Մատերդ
ի
վար
պըղպըջայ:
Ի՜նչ
փոյթ
թէ
ես
ազնըւական
կը
թուիմ,
Ունիմ
ձեռքեր
քընքշենի.
Եւ
ի՛նչ
փոյթ
թէ
դուն
աղջիկ
մ'ես
ջըլեբաց՝
Որ
բանուորներ
կ'ընդունի:
Կ'ատեմ
կիներն՝
որոնք
դիմացն
հայլիին
Դիմաներկեր
կը
շաղուեն.
Կը
ծըծցընեն
Ծերակոյտի
անդամներ
Տըռփանքներով
տարօրէն:
Դահլիճներուն
փարթամ
կիները
կ'ատեմ.
Իրենց
կաւատն
է՝
ոսկին.
Զիրենք
սիրողը
կը
սպառեն,
եւ
իրենք
Տան
շընիկէն
կը
սպառին:
Բե՛ր,
Տալիթա՜,
բե՛ր
գարեջուրն,
ու
նըստէ
Ծունկիս
վրայ՝
թոյլ
տալով
Որ
աղախնի
կարճ
քըղանցքէդ
երեւնան
Բումբերըդ՝
սեւ
գուլպայով:
Թող
ճըրագներդ
հիւծին
մինչեւ
առաւօտ,
Եւ
թող
շեմին
վրայ
երգէ
Գինով
աշուղն՝
յառած
բիբերը
մեզի,
Բիբերը
զուրկ
կըրակէ:
Թող
մազերուդ
ոսկի
հիւսկերը
քակես
Գաւաթին
մէջ
բիւրեղեայ,
Եւ
ծունկերէս
վար
սըրունքներդ
օրօրես՝
Մինչեւ
որ
սէրս
հասուննայ:
Ինծի
ի՛նչ
փոյթ
թէ
շրթունքներդ
են
խածեր
Նաւաստիները
կոպիտ,
Եւ
հոսեր
են
քըրտինքն
իրենց
տըռփանքին
Աչքերուդ
մէջ՝
ու
ծոցիդ:
Այսօր
կ'ուզեմ
կուրծքիդ
վըրայ
գինովնալ
Ինչպէս
զինուոր
մը
արբուն.
Կ'ուզեմ
պարպել
գաւաթդ,
եւ
դուն
ալ
պարպես
Սիրտըս՝
նուռի
պէս
հասուն:
Այսօր
կ'ուզեմ
դահլիճին
մէջ
ծաղրըւած
Սէրըս
առջեւըդ
պղծել,
Խաբուած
հոգիս
բերել
ռամիկ
աղջըկան
Գարեջուրով
մը
ծախել: