Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒՆ

Մարգարտածո՛ց ականջներ, գանգուրներուն տակ սիրուն,
Ամենանուրբ մասն էք դուք իր նըրբագեղ մարմինին.
Լոկ դո՛ւք կըրնաք հաղորդել երգը քնարիս լարերուն
Իր ըսքօղուած հոգիին:

Թիթեռնիկի՞ կը նմանիք, թէ ծովամոյն խեփորի՝
Որ խըմած է բուստին լոյսն եւ նըւագներն անդունդին.
Ա՛յնքան փոքրիկ էք՝ որ տղեկ մ'իր ափին մէջ աղածրի
Պիտ' ամփոփէ ձեզ դիւրին:

Ո՛վ բաւիղներ նըրբակերտ, ո՛վ ոլորտներ վարդագոյն՝
Որոնց մէջէն, չեչքարէ մը վար թորող ջուրին նման,
Բոլոր ձայներն աշխարհի կ'հասնին մինչեւ իր հոգւոյն
Եւ խորհուրդնե՛ր կը դառնան:

Ուշիմօրէն կ'ամփոփէք ձեր ձագարին մէջ բիւրեղ
Անծանօթ խօսքը բոլոր դաշնակաւոր իրերուն,
Հեռաւոր երգն աստղերուն, որ անհունին մէջ լուսեղ
Կը ծովանա՜յ փոփողուն:

Երբ ձեր քունքին առընթեր բռնեմ ճըրագս ադամանդ
Աղաւնեակի մը կարմիր սըրտին նըման բաբախուն,
Թափանցկութեամբ մը վճիտ կը բըռընկի ձեր թաղանդ
Կակաչի պէս հըմայուն:

Սըրտիս վըրա՛յ, ականջնե՛ր, խոնարհեցէք սըրտիս վրա՛յ.
Դեռ չերգըւած կոյս երգեր հոն կը բզզան անհամբեր՝
Ինչպէս քընքոյշ եւ խըլրտուն բըժոժներուն մէջ ոսկեայ
Լուսակարօտ թիթեռներ:

Եւ թողէք, գո՛ղտր ականջներ, ձեզ համբուրեմ զգայնոտ,
Տամուկ լեզուովըս հըպիմ խորշերը ձեր սատափեայ,
Որ ան սարսռայ անպատում հեշտանքներով ջըղայնոտ՝
Քընարիս պէս դիւրազգայ:

Թո՛յլ տըւէք ձեզ ողբերգեմ՝ Գեղեցկութեան դաշոյնին
Բիւր հարուածներն հոգւոյս մէջ, եւ զոյգ մ'արցունք աչքերէս
Տըրտմօրէն վար կախեմ ձեր բըլթակներէն փափկագին՝
Իբրեւ օղեր՝ ընծայ ձեզ: