Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԱՀԻՏ

Խոտին մէջ է թաղուած բագինդ: Չեն ծըխար
Խունկերն անոյշ, զոհն այնտեղ չի՛ արիւնիր:
Կու գայ լոկ բոյր մը համպար
Խորխի՝ զոր հոն թողեր է օձ մը կարմիր:

Հոն կը նըստիմ, խո՛նջ ուղեւոր: Ձիս կ'արծի,
Եւ Վահագնի զամբկին կարծես հոտն առած՝
Կըտղուցէն խօլ կը խանձի:
Բայց արեւէն մեզ չի գար ոչ մէկ աստուած:

Անհետացան անդարձ խորերն անտառին
Քուրմերը լայն թեզանիքով: Չի՛ երգեր
Ծիծերըդ՝ վինը Վրոյրին:
Բագինիդ շուրջ կը հեծկըլտան եղէգներ:

Չես հանգըրճեր պատմուճանդ ալ, ո՛չ մէկ վիթ
Նիզակահար՝ կը ներկէ ծունկդ արիւնով:
Թանգարանին մէջ անդրիդ
Կը տաղտկանայ, եւ չի՛ պսակուիր գարունով:

Բայց դուն կ'ապրիս, պիտի ապրիս յաւիտեան,
Ո՛չ երկրիս վրայ. երկինքի՛ն մէջ, Անահի՛տ:
Ահա կ'ծագի լուսընկան,
Եւ կը ծագիս դարձեալ՝ մահիկը ճակտիդ:

Քեզ կը տեսնեմ աստղերուն մօտ: Ծիծերէդ
Լոյս կը հոսի աղբիւրին մէջ՝ ուրկէ խմող
Եղնիկին դունչը նամէտ
Եւ եղջոյրները կ'օծանուին ոսկեշող:

Վա՛ր կը նայիս. օրիորդները վարար
Կը զգաստանան. գինիին տաշտը կ'իյնայ
Բագոսուհւոյն ուսէն վար:
Կ'աղօթէ կոյսը ծընրադիր մահճին վրայ:

Կապարճդ ուսիդ, լարած աղեղըդ լայնշի՝
Կը վարես սայլը լուսնակին լըռելեայն…
Կեանքն անտառին կը շարժի.
Ձեռքիդ ջահէն վախցած՝ գայլերը կ'ոռնան:

Կ'երազէ դաշտն. ու կոկոնները վարդին,
Փըքիններուդ խայթին ներքեւ, մի առ մի,
Բերանիդ պէս կը բացուին:
Կ'եռայ աւիշն այգիին մէջ վաղեմի:

Կ'հոսես ծիծերդ, կ'անցնիս կ'երթաս, բայց մարդիկ
Չե՜ն պաշտեր քեզ. տա՛րըր մը սոսկ կ'ընդունին:
Քանդած են հովն ու ալիք
Մեհեա՛նըդ իսկ Քերսոնէսի ափունքին:

Միայն, գիշերն, որսական շունըդ լըքուած
Կը տեսնէ վերն անցքըդ, մահիկը ճակտիդ,
Ու բագինիդ վրայ նըստած՝
Կը նայի քեզ եւ կու լայ, ո՛ Անահիտ: