Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՆԵՏԻԿ

Ծաւի՛ Վենետիկ, փառապա՛նծ Տիկին,
Զոր Իտալիան գինիով սընոյց,
Եւ Արեւելքն իր զարդերով անգին,
Պըճնեց վեհ ճակատդ ու ոտքերըդ լոյծ:

Ադրիականին բամբիշն ես յաւէտ,
Զարդարուած՝ ջուրէ ժապաւէններով,
Լիտոյի արեւն, ելլելով ծոցէդ,
Թագ կ'ըլլայ գըլխուդ եւ կ'ընկըղմի ծով:

Կը հեղու երկինքն, իբրեւ սիրահար,
Աստղե՛ր գըրկիդ մէջ, աստղեր մազերուդ,
Ծովն առջեւդ սըփռե՜ր է գորգ ու գոհար.
Զոյգ կապոյտի մէջ Երա՜զ մ'ես կապոյտ:

Կըռթնած՝ բարձերուն վըրայ փըրփուրէ՝
Որքա՜ն թովիչ ես, երգն ալքերուն լուրթ
Երբ որ կ'ունկընդրես, ո՛վ Քաղաք ջուրէ,
Ո՛վ Լափիւրինթոս քայլերու պանդուխտ:

Ունիս ճամբաներ նեղ ու օձհոլով,
Կէսը սալաքար, եւ կէսը ալիք.
Հոն կըրնանք, ընկերս ու ես, խօսելով
Երթալ, ես՝ ոտքով, նաւակի մէջ՝ ինք:

Անիւն անոնց մէջ ակօս տողած չէ.
Եւ ոչ ալ պայտն հուր կայծեր սերմանած.
Ձըկնորսին սանդա՛լն հըզօր կը հընչէ
Հո՛ն, ուր ճեմեց Տոժն օր մը սիգընթաց:

Անթիւ կըղզիներ, շէնքեր վըրանին,
Կոր կամուրջներով են շըղթայարկուած:
Կարծես կուզ ուղտերն են կարաւանին՝
Անապատին մէջ ժայռերու փոխուած:

Կը լուայ ջուրն հի՛մը տուներուն գէջ՝
Փոշի առ փոշի ծեփը լիզելով,
Երկու կըղմինտրի անջրպետին մէջ
Կ'ածէ սլականջն ի՛ր ձուերն ալեխռով:

Պատուհաններուն տակ ջրանցներ շափիւղայ
Հայլի են կարծես՝ զոր ծովն է յըղեր,
Ուր աստղերուն մէջ, լուսնին քով, կըրնայ
Վենետկուհին իր դէմքը զետեղել:

Որմերուն ըստուերն հեւհեւ կը նազի
Ալիքներուն վրայ, ալիքն՝ որմերու:
Տունը ջուրին մէջ նորէն կը սկըսի,
Միշտ քայքայուելով՝ առանց փըլչելու

Դըռներուն խոնաւ շեմը կոնտոլ մ'է.
Անզոյգ Քաղաքին անզո՛յգ կարկուրայ,
Որ գիշերուան մէջ՝ ճակտին կը կըրէ,
Միակ աչք մ'հրեղէն, փայտէ՜ կիկլոպայ,

Որ լորտուի պէս սեւ, սողագընաց,
Կամուրջներուն տակ կը սահի կ'անցնի,
Ինչպէս զըղջումին տակ մե՛ղքն ամօթխած…
Ա՛յս տարբերութեամբ՝ որ մեղքն աչք չունի:

Ահա Մեծ–Ջըրանցդ, ո՛վ Քաղաք դըշխոդ,
Որ կոր երիզով քեզ կը պարուրէ,
Իբր Ադրիականն իր թեւը կապոյտ
Վիզըդ անցընէր՝ որ թուշդ համբուրէ:

Սուրբ Մարկո՛սն ահա, թանգարան անհուն
Գեղարուեստներու, բրածոյ սուրբերու.
Անոր կից պալա՛տն ահա Տոժերուն.
Խորանը գահէն քայլ մըն է հեռու:

Ահա Փիոմպիններն՝ որոնց տակ յաւէտ
Այսօր կը մընչեն տատրակնե՛ր հըլու.
Երնե՜կ քեզ անկմանդ մէջ իսկ, ո՛վ Վենետ.
Բանտերդ են փոխուած թըռչնոյ բոյներու:

Եւ ա՛յլ տաճարներ, ա՛յլ ապարանքներ,
Կոթողներ կրօնքիդ, հանճարիդ հըսկայ.
Ալիքներ անոնց առջեւ կ'երգեն դեռ
Փառքդ անցեալ՝ գըրուած ծովերուն վրայ:

Ու Հառաչանքի կամուրջն աւասիկ,
Կամուրջն՝ որուն վրայ, իրիկնադէմին,
Երգը լըսեցի ջուրերուն հեզիկ՝
Երբ կու գար աչքերս համբուրել քամին:

Կանգնած՝ արեւուն առջեւ մայրամուտ՝
Սերտեցի գոյներ, շողեր մեղմընթաց.
Քու երկընքիդ մէջ եւ քու ջուրերուդ՝
Հոգիս նըկարչի վըրձին մ'էր գըտած:

Ո՜րքան ալիքներ, ալիքներ լաժվա՜րդ,
Ալիքներ նարի՜նջ, յակի՜նթ ալիքներ…
Ո՛վ Վենետիկդ իմ, Լըճակըդ զըւարթ
Թիցիանոյի երանգապնակն էր:

Պիտի քընարս իմ քեզ յիշէ յաւէտ,
Քու փառքըդ մուրճի, փառքըդ վըրձինի.
Պիտի յիշէ ե՛ւ խուցն այն տըխրաւէտ
Կանանչ ջրանցին վրայ սուրբ Գարմինիի:

Իր պատուհանին ձողերուն առջեւ
Էր՝ որ ես լացի, նայելով լուսնին,
Կամքըս բանտարկուած: Հոն սիրտս հեւիհեւ
Ըմպեց հեռացող երգը ձըկնորսին:

Դարձեալ անկից էր՝ որ ես առջի հեղ
Տեսայ Լինտան, կոյսն ատամներով բրինձ,
Որ նըստած իր հօր նաւակին մէջտեղ՝
Կը հիւսէր ուռկան մ'ու կը ժըպտէր ինձ…