ՀԻՆ
ՍԷՐ
Մամ
ու
ծերուկ,
երկու
թարշամ
հոգիներ,
Եկան
նըստիլ
շուքին
ներքեւ
ծիրանւոյն՝
Որուն
քընքոյշ
ծաղիկներն
էին
զարդարեր
Օր
մը
գըլուխը
հանւոյն:
Անոնք
սաստիկ
կը
դողդոջեն՝
իբր
ըլլան
Սիրահարներ
յանկարծ
իրար
հանդիպած.
Բայց
քովերնին՝
ցուպե՛րն
իրենց
լոկ
կը
մնան
Խոտին
վըրայ՝
գըրկըւած:
Չունին
այլեւս
հըրդեհումներն
արիւնին.
Անոնց
հոգին
համբոյրի
երգը
չունի.
Ոչ
ալ
յոգնած
կողերնուն
մէջ
կը
ծաղկին
Սերմերը՝
նման
շուշանի:
Պապուն
նայուածքն
աչուըներուն
մէջ
մամուն
Կը
նուաղի՝
չըթափանցած
դեռ
սըրտին.
Եւ
կը
մըսի
գաղջ
ճառագայթն
արեւուն
Անոնց
ծոցին
մէջ
ցըրտին:
Եթէ
փորձե՛ն
իսկ
տարփանքի
փորձ
մ'անմեղ
Գարնան
դըրդիչ
բուրումներէն
սըրարբած՝
Կը
փըշրի՜
սիրտն՝
իբրեւ
բաժակ
մը
բիւրեղ
Յանկարծ
կրակին
դէմ
ճաթած:
Վարդերն
անցա՜ն,
անցան
բոցերն
այտերէ.
Սէրն
անոնց
կայծ
մ'է
մոխիրին
մէջ
թաղուած՝
Զոր
յիշատակն
իր
շունչով
իսկ
կը
մարէ
Վայրկեան
մ'հազի՛ւ
արծարծած:
Ու
հիմակ
այս
գարնանային
իրիկունն՝
Երբ
կը
բուրեն
կինամոնները
բըլրան՝
Կ'իյնայ
անոնց
միտքը
հին
սէրն
յանկարծոյն՝
Հին
աղօթքի
մը
նման:
Եւ
կը
յիշեն,
շուքին
տակ
նոյն
ծիրանւոյն,
Մեռած
գըգուանքն,
իրենց
տարփանքը
հեշտին,
Յետոյ
համբոյրն
ու
յետոյ
ճի՛չը
մամուն՝
Եւ
իրարու
կը
ժըպտի՜ն…