Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ

Ապարանքին մէջ մարմար կախարդական Երազին,
Ուր աստղակուռ ջահեր լոյս անձրեւելով կը վառին,
Ես Արքայ մ՚եմ այս գիշեր Արեւելքի ճոխութեանց,
Եւ ունիմ գահ ու գանձեր, ճերմակ կիներ հերապանծ։
Բազմոցիս վրայ՝ զարդարուած յովազներու մորթերով՝
Գըլուխս յեցած դաստակիս, եւ հեշտութեան մէջ գինով,
Ընկողմանիկ կը դիտեմ Չէրքէզուհի մը անձնեայ՝
Որ կը պարէ իմ առջեւ, մարգարտահեռ գորգին վրայ։
Իր հոտեւան մազերէն եւ մարմինէն ծալ ի ծալ
Կը հոսի ծով մ՚հեշտութեան՝ ուր կը սիրեմ ես լողալ։
Ըզգեցեր եմ փառահեղ պատմուճաններս ըսպիտակ
Բանուած հազար աստղերու արցունքներովը սուտակ.
Շուրջը գլուխիս փաթթեր եմ ապարօշս իմ ձիւնափայլ՝
Ծանըր՝ նըման իմ փառքիս, հանճարիս պէս՝ բիւրածալ։
Մատնիներով ադամանդ ծանրաբեռնուած ձեռքիս մէջ
Համրիչըս հի՛ռ կը գըլեմ մեծ սաթերով փողփողէջ։
Ինկեր են վար ոտքերէս անխնամ գորգին վրայ քըրքում
Հողաթափերս ոսկեհիւս եւ թաշկինակս ապըրշում։
Իսկ զետեղուած է իմ քով, կենսաժըպիտ, փըրփրադէզ,
Հըսկայ բաժակը գինւոյ՝ որ հըրաշքով մը կարծես
Դեռ նոր հոսուած արեան պէս կը պըճըլտայ իմ առջեւ։
Սակայն բիբերըս ծարաւ գոյն ու մարմնոյ գեղաձեւ՝
Մարգարէի մ՚աղօթող բիբերուն պէս տեսլացած՝
Անհունօրէն սուզեր են յորձանքին մէջ ճախրասլաց
Այն թըխաչուի աղջըկան, Չէրքէզուհւոյն համպարէ՝
Որ իմ առջեւ կը պարէ՜, միշտ կը պարէ՜, կը պարէ՜…
Իր շարժումն յո՛յլ է երբեմն, ու իր հասակն է նըման
Հողմնասարսուռ եղէգին, բոյր ու փըրփուր, երգ համայն.
Իսկ երբեմն այնքա՛ն զօրեղ թափ մը կու տայ ոտքերուն՝
Որ խարոյկուած բոց կ՚ըլլայ՝ քամիներէն ծըփծըփուն։
Օ՜, ան միսին ձեւերուն եւ ծալքերուն հանճա՜րն է
Գիտէ հեղուլ յորդառատ նայուածքներէ, մարմինէ
Բոլոր հրապոյրը կընոջ եւ տըռիփները հեշտին՝
Որոնք նըման ծովերու առջեւս անզուսպ կը փըրփրին։
Ու կը պարէ՜, կը պարէ՜, յորձանապտոյտ կը պարէ՜…
Քըրտինքներով կը պըտղի ճակատն յըստակ փայլարէ։
Վեհ հասակն իր կախարդի՝ մազերուն տակ ծածկըւած՝
Ուռենիին խռովքն ունի՝ լըճակին վրայ ցոլացած։
Մերթ դէպ ետեւ կը թեքի, մերթ ալ դէպի ընդառաջ.
Հազիւ եղած շամբ ճըկուն, կ՚ըլլայ բարտի մ՚աննըւաճ.
Եւ մերթ ցընցուն ոստումով՝ կարծես իրանն հրաշագեղ
Յանկարծակի կը փըշրէ փոշիաբար զերդ բիւրեղ.
Ու հազիւ հազ դաշնակում մ՚իր մարմինէն եղծանած՝
Նոր թեքումով կ՚յօրինէ նո՛ր դաշնակում մը յանկարծ։
Մարգարտահեռ մուճակներն, ուր ոտքերն իր ձուլուեր են,
Կարծես հազիւ կը հըպին գորգին վըրայ նըկարէն.
Ու իր յատուկ ճախրանքէն կ՚առնու հով մ՚ա՛յնքան ծաւալ,
Որ կը մարէ երբեմն հա՛պ, ու կ՚արծարծէ երբեմն ալ
Իր ականջին օղերուն փայլատակները լազուարթ
Ու իր բոլոր քայռերուն ճառագայթները զըւարթ։
Ու կը պարէ՜, կը պարէ՜, կատաղօրէն կը պարէ՜,
Միշտ հըպատա՛կ ցոփ կամքիս՝ որ զինք ընդմիշտ կը վարէ։
Գլուխէն վե՛ր կը նետէ նուրբ պատմուճանն հապըշտապ.
Կը մերկացուին ըստինքներն ու պարանոցը կարապ,
Ու որովայնը բարի՝ իր սեւ պորտով կընքըւած,
Եւ յոյր բումբերը, բոլո՛ր միւս մասերն առեղծուած
Համակ խորհուրդը միսին ու իր անճառ ձեւերուն՝
Ուր դըրեր է իր վերջին հանճարը միտքն Աստըծուն։
Երբ կը տեսնէ իր աչքով մերկութիւնն իր բիւրեղեայ՝
Հրապոյրներու այդ բոլոր շռայլման վըրայ կ՚ամըչնայ.
Այն ատեն ցունց մը կու տայ փոթորկալից մազերուն՝
Որոնց քամին թափընդթափ կ՚երթայ մարել սըրսըփուն
Ադամանդէ ջահերն այն մարմարակերտ պալատին,
Մարմարակերտ պալատին ձեղնալոյսերը ռետին։
Ո՜վ մերկութիւն հրաշագեղ, Յաւէրժահա՜րս ամօթլեած՝
Որ խորհուրդի մը նըման մըթութեան մէջ ես ղօղուած…
Այն ժամանակ կ՚ոստնում վեր կիրքերուս մէջ ծարաւի՝
Թողլով որ ձիւն ապարօշս իյնայ ոտքիս տակ լուծուի։
Մըթարին մէջ առխարխափ Չէրքէզուհին կը գտնեմ՝
Առաջնորդուած իր կուրծքին հեւքերէն բուռն ու վըսեմ,
Եւ քըրտնաթոր դաստակէն պինդ բըռնելով՝ մեկուսի
Կը պառկեցնեմ բազմոցիս մորթերուն վրայ յովազի։
Օ՜, մագնիսով եւ լոյսով թըրծուն մարմինն աղածրի՝
Որ թեւերուս մէջ կաթի արիւնի պէս կը փըրփրի.
Օ՜, իր մազերն յորդածուփ՝ որոնց մէջ ես կը լողամ
Խորը անոնց խեղդուելու վըտանգներով յարաժամ,
Օ՜, ջերմութիւնը սատափ բազուկներուն տարփակէզ՝
Որոնցմով վիզըս զօրեղ կը պարուրէ օձի պէս։
Հուսկ իրարու կ՚միանանք մենք համբոյրով մը հըզօր…
Երբ կը ծըծեմ բերնիս մէջ առած շըրթներն իր բոսոր,
Երբ ժամերով կը քամեմ բիւր երակներն, յուլօրէն,
Օ՜հ, այն ատեն ճաշակած կ՚ըլլամ կարծես համօրէն
Հին դարերուն հեթանոս դահամունքներն յազածոյ,
Հընդկաստանի համեմնե՜րն, համայն խունկե՜րն Արաբիոյ։