Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

…Ո՛Վ ԼԱԼԱԳԷ

Կը յիշե՞ս, ո՛վ Լալագէ.
Ես քեզի հետ, ծանր ամիսին յըղութեանդ,
Այգիիս մէջ ման եկայ
Պըտղաբերձ օր մը աշնան:
Մայրամուտին շողերուն տակ դալկահար
Ծառերն էին ոսկեձոյլ:
Եւ ողկոյզներն աչքերու պէս հըրեղէն
Քաղցրութիւններ կը ծորէին հողին վրայ:

Օ՜, իմ այգիս, օ՜, իմ այգիս կութքի՛ մէջ…
Հարիւրաւոր ժիր գերիներըս հըլու՝
Երկայնքն ի վեր ցանկերուն՝
Կը կըթէին սարբինան.
Եւ կողովներն հիւսուած էին հրաշագեղ
Մայրամուտի ոսկէառէջ նշոյլներով…
Անապատի անծանօթ երգ մը՝ շուրթին,
Եթովպուհին խընձորենին կը թոթուէր
Ծիծերն ի վար, գոգին մէջ:
Հոն, տըղաներ խառնածին՝
Կանանչացած, լեղակէ թուխ ձեռքերով՝
Կը ժողուէին ընկոյզներ:
Անդին բլուրէն վար, դէպ Քաղաքը, ճռընչուն,
Մեծղի եզներ, որոնց եղջիւրն այգեպանն
Որթատունկի սաղարթներով է պսակեր,
Կը քաշէին սայլերն ամբողջ բեռնաբարձ
Ողկոյզներու դէզերով
Եւալիքով գինիի:
Եւ փարչին մէջ, աղբիւրներուն վրայ բոլոր
Տերեւներ լի՜ւղ, տերեւներ լի՜ւղ կու գային…

Արդ յիշեցի՞ր դուն այն օրն, ո՛վ Լալագէ,
Ակօսներուն եւ կողերուդ ընդմէջէն,
Այն ծանր ամիսն յղութեանդ,
Կ'անցնէր ալիքն հողին յորդող ոյժերուն:
Արեգակի արիւնին նուռն էր՝ ծոցիդ
Մէջ հասունցած: Բուներն ի վար ծառերուն
Կը ծորէին շիթ առ շիթ
Յոյզերը՝ նման արցունքի:
Քու համբուրուած մարմինիդ պէս ծանրակիր
Հողն էր թըրջուած, էր կպչուն
Քաղցուներով եւ մեղրով:
Անուշաբոյր իր բեռին տակ կը կըքէր
Դեղձենին քե՛զ նըմանակ,
Քու ծիծերուդ նըմանակ
Ողկոյզներն այն լեցուն էին՝ ապագայ
Ծիծաղներով, ցընծութիւնով եւ կայթով:
Ու իրիկունն այն՝ կ'ուռէր կո՜ւրծքը հողին…
Հընձաններուն քովէն անցանք մենք դիւթուած
Խազմուզին բարկ բուրումէն:
Գերուհիներ, պարեգօտնին հանգրըճած
Մինչեւ իրենց պորտին տակ,
Կը կոխէին խաղողն ատոք՝ թըրջելով
Մինչեւ իրենց պորտին տակն, ո՛վ Լալագէ:
Վայրածըփիկ մազերնուն ծայրը համակ
Կը ներկըւէր բոսորագեղ յոյզին մէջ
Եւ քովն իրենց՝ հընաբոյր լայն կարասներ
Նուիրագործուած ամէն տարի, ծոցիդ պէս,
Լեցո՛ւն էին գինիներով ծոցիդ պէս
Լեցուն շողո՛վ, յաղթանակո՛վ բերկրանքո՛վ,
Յաւէրժակա՛ն կեանքերով:
Հետըդ անցանք ծիծաղներու, երգերու
Մէջէն առոյգ, զոր աշխատող հոգիներ
Կը պոռթկային տերեւներուն ներքեւէն.
Ու բուրումներն աշունին
Կը հասնէին մինչեւ աստղերն արծարծուն.
Ու այգին, լի պըտուղներով բազմազան,
Կարծես կ'այրէր, կը ծաւալէր խունկ մ'անոյշ
Վա՛րը, մինչեւ Քաղաքին վրայ հեթանոս,
Քաղաքի՛ն վրայ որ միշտ, տօնի խրախի մէջ,
Կը սպառէր հողն ու աւիշները հողին:
Այն ատեն (թոյլ կու տա՞ս ինձ
Խոստովանիլ, Լալագէ՛)
Ես ունեցայ ընդվըզումներ արիւնի:
Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս
Ուռճացընել ինձ մերձեցող ամէ՛ն հունտ.
Ու թո՛յլ տուր ինձ խոստովանիլ, Լալագէ՜
Երբ դուն անդին՝ կարկառուն նուռը ծառէն
Կը քաղէիր, ու յետոյ
Կը խածնէիր լիաբերան հեշտանքով
Անոր բոսոր մարգրիտներուն շարքն անոյշ՝
Ես ասդին թուխ Եթովպուհին որ ջլեբաց՝
Հընձանին մէջ կը ճըմլէր կուզն
Համբուրեցի՜… բըռնած հընդիկ ծամերէն
Պառկեցուցի ժըպտագին գլուխը կուրծքիս,
Եւ հեշտաբո՜ւռըն շըրթներով, Լալագէ՛,
Համբուրեցի՜…

Բայց դուն ինչո՞ւ կ'արտասուես:
Այն հեռաւոր աշունին
Բուրումներուն մատնըչութեանը համար,
Ո՛վ աշնագեղ Լալագէ,
Արտասուել, չա՜րժէր այսօր: