ԱԴՈՆԻՍԻ
ՄԸ
Արշալոյսին
դէմ
խեփոր
մը
բացիր՝
Զոր
ծովն
ոտքիդ
տակ
նետեց
վիհերէն:
Արշալոյսին
դէմ
խեփոր
մը
բացիր,
Կը
փայլէր
իր
մէջ
մարգրիտ
մ'հոյաշէն:
Կը
փայլէր
իր
մէջ
մարգրիտ
մ'հոյաշէն՝
Զոր
ճակատիդ
վրայ
դըրիր
ներդաշնակ:
Կը
փայլէր
իր
մէջ
մարգրիտ
մ'հոյաշէն
Վայրի
կատուի
մ'աչքին
հանգունակ:
Վայրի
կատուի
մ'աչքին
հանգունակ՝
Մարգրիտն
ուղիիդ
լոյս
տըւաւ
գիշերն:
Վայրի
կատուի
մ'աչքին
հանգունակ
Թովեց
Աստղիկին
բոլոր
տատրակներն: