ԳԻՆԱՐԲՈՒՔԷՆ
ՎԵՐՋ
Նկարիչ
բարեկամիս՝
Արսէն
Մարկոսեանին
Սըրահն
է
լուռ:
Կոչնականներն
հեռացան:
Ջահերն
ոսկի
դեռ
կը
վառին
մոլեգնած,
Եւ
կը
հեղուն,
սեղաններուն
վրայ
անձայն,
Արիւնն
իրենց
երակներուն
բորբոքած:
Վինը
լըռեց:
Կը
թափառի
նըւաղուն
Երգն
իր
վերջին՝
զոր
հարբած
սիրտը
չըմպեց:
Անոնց
բերնին
վըրայ
եւ
ցոփ
աչքերուն
Կը
սըփռէ
քունն
իր
չըղջիկի
թեւը
մեծ:
Սեղանին
վրայ
է
ամէն
ինչ
ցիրուցան:
Սափորին
մէջ
կ'երազէ
մաս
մը
գինի:
Նուռ
մը
լըքուած,
ակռաներու
վէրքեր
վրան,
Ջահերուն
տակ,
ջահերուն
հետ
կ'արիւնի:
Եւ
կը
փըշրի
բաժակ
մ'յանկարծ,
հեծելով
Լըռութեան
մէջ:
Զայն
ճեղքած
էր
նախապէս
Կին
մը
արբշիռ՝
երբ
կը
ներկէր
կըտղանքով,
Գինիին
խորն,
ատամներն
իր,
բուստի
պէս:
Ծաղկամանին
մէջ
կը
թոռմին
հիրիկներ՝
Որոնց
բոյրով
գուսանն
եղաւ
սըրարբած:
Աթոռին
վրայ
հողմահա՛ր
մ'է
մոռցըւեր՝
Զերթ
հոլաթեւ
մեծ
թիթեռնիկ
մը
մեռած:
Դուրս
կը
հոսին
բաց
մընացած
դուռներէն
Գաղջ
ալիքներն
հալուէներուն
եւ
մուշկին:
Եւ
քըրքիջներն
ու
կըտղուցներն
համօրէն
Հայլիներուն
խորութեան
մէջ
կը
մեռնին:
Կ'աշխատին
հոն
միայն
երկու
գերիներ,
Մին՝
աղախին,
միւսը՝
ծառայ
մ'անճոռնի,
Որ
կը
խըմէ
մերթ
աւելցուկ
գինիներն
Ու
կ'համբուրէ
ընկերուհին,
գողունի…