Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՆԱՐԲՈՒՔԷՆ ՎԵՐՋ

Նկարիչ բարեկամիս՝ Արսէն Մարկոսեանին

Սըրահն է լուռ: Կոչնականներն հեռացան:
Ջահերն ոսկի դեռ կը վառին մոլեգնած,
Եւ կը հեղուն, սեղաններուն վրայ անձայն,
Արիւնն իրենց երակներուն բորբոքած:

Վինը լըռեց: Կը թափառի նըւաղուն
Երգն իր վերջին՝ զոր հարբած սիրտը չըմպեց:
Անոնց բերնին վըրայ եւ ցոփ աչքերուն
Կը սըփռէ քունն իր չըղջիկի թեւը մեծ:

Սեղանին վրայ է ամէն ինչ ցիրուցան:
Սափորին մէջ կ'երազէ մաս մը գինի:
Նուռ մը լըքուած, ակռաներու վէրքեր վրան,
Ջահերուն տակ, ջահերուն հետ կ'արիւնի:

Եւ կը փըշրի բաժակ մ'յանկարծ, հեծելով
Լըռութեան մէջ: Զայն ճեղքած էր նախապէս
Կին մը արբշիռ՝ երբ կը ներկէր կըտղանքով,
Գինիին խորն, ատամներն իր, բուստի պէս:

Ծաղկամանին մէջ կը թոռմին հիրիկներ՝
Որոնց բոյրով գուսանն եղաւ սըրարբած:
Աթոռին վրայ հողմահա՛ր մ'է մոռցըւեր՝
Զերթ հոլաթեւ մեծ թիթեռնիկ մը մեռած:

Դուրս կը հոսին բաց մընացած դուռներէն
Գաղջ ալիքներն հալուէներուն եւ մուշկին:
Եւ քըրքիջներն ու կըտղուցներն համօրէն
Հայլիներուն խորութեան մէջ կը մեռնին:

Կ'աշխատին հոն միայն երկու գերիներ,
Մին՝ աղախին, միւսը՝ ծառայ մ'անճոռնի,
Որ կը խըմէ մերթ աւելցուկ գինիներն
Ու կ'համբուրէ ընկերուհին, գողունի…