Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐՆԱՆ ԵՐԵԿՈՆԵՐԸ ՄՈՏԱՅԻ ՄԷՋ

Այն օրէն, երբ հոգիս զգաց զգացումը սիրոյ եւ գեղեցկին. այն օրէն, երբ գանկիս տակ սկսաւ իտէալն իր փթիթներն առնուլ, չքնա՛ղ Մոտան՝ հոգեթով եւ բանաստեղծական վայրս, երազներուս եւ խոհերուս օրօրանն եղաւ միշտ ու ներշնչումներու գրգարան մը։ Մտածմանցս իւրաքանչիւր թռիչն իրեն կը պարտիմ. իր գարունն ու ձմեռը, իր ծաղիկը, իր ծովակը եւ իր լուսինը, ամենայն ինչ ինծի պաշտելի են, անոնք զիս գաղափարներով սնուցին եւ զգացումներով տոգորեցին։ Իր գերածիծաղ ծոցը, իր գրգանքներուն մէջ եւ տեսարաններուն առջեւ արբշիռ՝ ժամեր ունեցայ ես, ժպիտի եւ արցունքի ժամեր, անէացման ժամեր։ Բնութեան հազար հրաշալիքներուն ի տես՝ պաշտեցի՜ եւ սիրեցի՜. հաւատքն աւելի պինդ հոգիս գրկեց՝ ա՛լ չթողելու աստիճան…

Միշտ պիտի յիշեմ իմ Մոտաս. իր յիշատակին սրտիս ամենէն գեղեցիկ տեղը նուիրած եմ. կեանքիս մէջ պիտի երգեմ զայն ամէն անգամ, երբ բնութիւնն ինձ ներշնչումներ տայ. թող ան ընդունի այս երգերը, թէպէտ անոնք, աւա՜ղ, արցունքոտ են եւ վիրաւոր հոգիէ մը կը բխեն։

Ա՜հ, կրնա՞մ մոռնալ միթէ, մանաւանդ իր գարնան երեկոները զով եւ զգլխիչ։ Ժայռի մը վրայ ընկողմանած, որ ծովեզերքը կապոյտ ջուրերուն վերեւ լուռ կը պառկի, կը դիտեմ, կը զգամ եւ կը գրե՜մ. այդ գրերը իր լուրթ երկնքէն կ՚իյնան սրտիս մէջ եւ անկէ թուղթին վրայ կը շարուին խորհրդաւոր…

Մոտայի մթնոլորտին տակ բան մը կը գտնամ ես ամբո՛ղջ անոյշ, ամբողջ թովիչ։ Իր արեւմուտքն ամենէն աւելի հոգիս կը վերացնէ, երբ ա՛ն աշխարհիս մեծ ջահը, երկնից կամարը կիսաբոլոր չափած կու գայ վերջին հրաժեշտը տալ՝ մեծ հրաշալիք մը կը բանայ առջեւս, որուն հանդէպ ապուշ կրթեալ կը դիտեմ զմայլմամբ եւ կը գինովնամ խոհերով։ Քանի մը ամպի ծուէններ երկնքին երեսը կը թափառին վարդագոյն գեղեցկութեամբ։ Արեւն իր բոց վարսերն ամփոփած՝ դէպի հորիզոն կը խոնարհի. ճիշտ կրակ կտրած գունտ մը՝ կ՚իջնայ ծովուն վրայ. ալիքներն իբրեւ բոցեղէն հոսանքներ կը ծփծփան եւ կարծես ճառագայթները կը շոյեն։ Մզկիթներու, նոճիներու եւ լեռներու կատարները վերջին լուսով մը կը փալփլին, տուներու ապակիներէն կարծես կրակ կը ցայտէ. շողերու դեդեւկոտ շառաւիղներ հոգեվարքի մէջ են. վարդ֊կանանչ գոյներու ժապաւեններ թաւուտքին մէջ կը հեւհեւան։ Մեռնող լոյսը եւ ծնող մութը ֊ երկուքն ալ հաւասարապէս տկար, իրարու հետ հուսկ թափով մը կը կռուին։ Արեգակն ալ մարն է մտած։

Մարդկութեան կեանքէն օր մ՚ալ կը պակսի, իզուր կը ջանանք ետ դարձնել զայն. բեռնաւորուած կեանքի պատահարներով եւ ժամանակին թեւերուն վրայ բազմած՝ անիկա կը սուրայ գահավիժիլ յաւիտենական անդունդին մէջ. այլեւս չվերադառնալու պայմանով։

Կ՚երթա՜յ օրը. քանի մը… վերջալոյսի շողերն ալ կը …Մութը բոլորովին իր թեւերը կը ստուերներու մէջ է ալ իմ Մոտաս, որոնք ծառերուն միջեւ եւ ջուրերուն վրայ կը գալարին, կ՚երկարին, կը տափկին. սեւ֊սեւ գծեր կը պատին չորս կողմս։

Երկնից կամարը կը փոխուի. լուսնին աղուոր մահիկը նուրբ ամպի մը ծուէնին տակէ կը փախչի. ես կը տեսնամ զայն. երկնից ծաղիկները կարգաւ կը փթթին, կը ժպտին։ Կապոյտ սնդուսի մը վրայ Էին ձեռքով նետուած մարգարիտներ են անոնք։

Երկնից շողերը ծովակին մանր ալեակներուն խառնուած՝ կուսի մը լուրթ աչքերուն նման, մեղմիկ վէտվէտումով կը ծփան, կը հեւան եւ ասոնք մին միւսին ետեւէ կու գան աչքիս առջեւ մեղկօրէն ժայռին քղանցքը համբուրել եւ անոր կողերուն վրայ հառաչելով մեռնիլ։ Սոխակներու անոյշ դայլայլը թաւուտքին . չղջիկները չորս կողմս կը գիշերն այլեւս իրենց է։ Առ… ժամանակի մ՚անցնիլը կը տեսնեմ. Կարապի մը նման սպիտակ է ան. մէջը զոյգ մը… կան. երկուքն ալ մէկզմէկէ գեղեցիկ՝ ի մտիս նախանձն իր մատը կը խածնէ։ Ատոնք երջանիկ են. կեանքն իրենց համար վշտի կաթիլ մ՚իսկ չունի։ Գիշերէն օգտուած լռութեան մէջ իրարու սրտէ քաղցրիկ սէրը կը քամեն։ Աստուած իրարու գիրկ նետեր է զանոնք, թող երջանիկ ըլլան եւ սիրեն, սիրոյ վայրկեանը իր մէջ կենաց ամբողջ քաղցրութիւնն ունի։

Ձախ կողմս Ֆեներ֊Պահչէն է, ուր լուռ կը պառկին իր խոշոր ու հին ծառերը, նայուածքներէս կը խլեն Իզմիտի խաղաղ ծովակը, եւ իր լապտերը լոյսերու երկայն շառաւիղ մը կը ձգէ ջրոյ մակերեւոյթին՝ աղօտ նշոյլներ մաղելով չորս կողմ։

Հո՛ն, դէմս Իշխանաց կղզիները մէյմէկ սեւ զանգուածներ են ծովուն կուրծքին վրայ ինկած, որոնց տուներէն մէկ քանի լոյս կը տեսնեմ, նման այն լուսոյ նշոյլին, որ տառապած հոգուոյ մը մէջ դեռ կը պլպլայ հիւծած։

Աջ կողմս մեծ դարաւանդին վրայ զոյգ մը գարեջրատուններ կան. երկուքն ալ մեծ մրցակիցներ, հոն տակաւին ջահերը կը վառին. յաճախորդներն ուրախութեան թափով մը ծառերուն տակ, մթնշաղին մէջ նստած՝ կ՚ըսեն, կը խնդան եւ երջանիկ ժամեր կը վայելեն։ Ատոնց համար ժամերը րոպեներու նման կը սահին հեշտանքի մը մէջ անիմանալի, անզգալի, իսկ հիւղին մէջ հեծող աղքատին համար դառն ու դանդաղ են անոնք եւ կապարի պէս ծանր։ Օդին մեղմ ալիքներուն հետ, սիւքին թեւերուն վրայ թրթռացող դաշն ձայներ կու գան ականջիս, սոյն գազինոներուն մէջ նուագածոյք վերջին ճիգով մը կը նուագին, երգչուհուոյ մը ազդեցիկ մեղեդին հոգիս կը գգուէ եւ միջոցին մէջ կը մարի, կը մեռնի։ Կուսի մը սպիտակ մատերը դաշնակին փղոսկրեայ սպիտակ ստեղնաշարին վրայ կ՚ոստոստին. «Տրովատորէն» իմ խիստ սիրած կտորս, իր խաղերովը կ՚ոգեւորին, կը թրթռայ, այդ երգը խորհրդաւոր կը գտնեմ ես՝ նոյն կուսին արցունքոտ մէկ հառաչէն աւելի։

Քիչ վերջն այդ գեղուհւոյն մատերն ալ կը պարտասին, կը կասին, գիշերը կը յառաջանայ, լռութի՜ւնը կ՚իշխէ ամէն կողմ, Մոտան քնոյ մէջ կը թաթխուի, մենակ մենք ենք, որ դէմ առ դէմ լուռ ու մունջ կ՚այրինք եւ կը խոկանք՝ ես եւ լուսնակը։ Սակայն կարծես ա՛լ սիրակէզ սրտի մը հառաչը իմ տխուր մէնութեան մէջ նետուած։

Դիտելէն ու խոկալէն յոգնած, լուսնէն յափրացած, դողդոջ քայլերով կը դառնամ անկողին՝ զգացումներուս հետ ննջելու լուսինը ինծի կը հետեւի եւ կարծես չ՚ուզեր բաժնուիլ, ես անգթօրէն՝ անոր «Գիշեր բարի» կը մաղթեմ։ Քնոյ գերին եմ այլեւս։