ԵՂԵՐԵՐԳ
Ազոլոյի
ծիծաղկոտ
դաշտերէն,
նոր
փթթած
ծաղիկներու
ծոցէն՝
այս
անգամ
կեանքի
տեղ
մահն
ըմպեց
Մխիթարի
որդեգիրը.
Հ[այր]
Յակոբոս
Իսաւերտենց
ալ
չի
կա՜յ։
Այս
տարի
գիւղիս
փոքրիկ
գերեզմաննոցին
մէկ
անկիւնը.
քանի
մը
քայլ
գետնի
վրայ
դալարներ
չբուսան.
Մահն
էր,
որ
գարնան
սկիզբէն
իր
վարազի
խանձող
թեւերը
տարածեց
հոն։
Հառա՜չ
մը՝
այդ
հողին
վրայ։
Մխիթարեան
երկնի
համաստեղութենէն
աստղ
մըն
ալ
մարեցաւ,
պակսեցաւ.
բայց
իր
լոյսը
մտքերու
մէջ
կը
ճառագայթէ,
եւ
իր
ժպտումը
սրտերու
մէջ
կը
ծաղկի։
Անէծք
մը՝
անգութ
մահուան։
Հայ
գրականութեան
մէջ
խոնջած
գլուխը
դագաղ
դրին
ասկէ
երկու
օր
առաջ։
Իր
ալեւոր
դէմքը
կարծես
ժպտեցաւ
սեւութիւններուն
մէջէն.
այդ
ժպիտը
ձիւնածաղկի
մը
պէս
մելամաղձոտ
էր
ու
կարծես
աշխարհը
կը
ծաղրէր
հեգնօրէն։
Արդէն
ճանչցած
էր
անիկա
այս
ունայնութիւնը
եւ
վշտի
հովիտը։
Արցո՜ւնք
իր
դագաղին
վրայ։
Արցո՜ւնք
իր
դագաղին
վրայ,
որ
գերեզման
կ՚իջնէ։
Անիկա
մեզի
սիրեց
եւ
սիրով
մեռաւ.
թող
սիրուի
իր
յիշատակը։
Լացէ՜ք
վրան,
լացէք
մեր
ալեւոր
Հայրը,
որ
մեզի
կը
թողու
եւ
հրեշտակներու
աշխարհը
կը
դիմէ։
Հա՛յր,
ողջո՜յն
տար
մեր
անզուգական
նահապետին…
Ո՜հ։
Երկինքը
կը
տխրի,
կամպոտի,
անձրեւ
մը
կ՚իյնայ
գերեզմանին
վրայ.
ի՜նչ,
գարո՞ւնն
ալ
կու
լայ…
Փունջ
մը
աղօ՜թք՝
սուրբ
շիրմին
առջեւ։