Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է ՏԱՌԸ ՄԵՐ ԱՅԲԵՆՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Բերանդ կէս բա՛ց, որովայնդ ներս քաշէ՝ շունչ առնելու համար, եւ ամբողջ ուժովդ հնչէ Է՜ ։ Եւ ահա կոկորդէդ հանած պիտի ըլլաս այն ամէն գոյութիւնները, որոնք երեւակայութեանդ մէջ իսկ հազիւ կը պատկերանան։ Միտքդ, եթէ այդ գոյութեանց կէսը կրնայ ըմբռնել աղօտ կերպով, թերեւս ուրիշ բանով լաւ պիտի չկրնայ բացատրել, բայց եթէ այդ փոքր տառովը, այդ չնչին նշանովը։

Սկսեալ հիւլէէ մը, նշանախեցիէ մը աւելի մեծ չափով եւ աւելի ընդարձակութեամբ մարմիններ կը պարփակէ այս տառն իր մէջ։ Թէ կենդանի եւ թէ անկենդան բնութիւնք հոն են՝ իրենց ամէն ձեւերովն ու գոյներովը։

Այդ տառը ընդարձակ հայելի մ՚ըլլալ կը թուի եւ ամբողջ տիեզերքը կ՚անդրադարձնէ. գիտէ՜ հոն, եւ նախ՝ դուն զքեզ պիտի տեսնաս. հոն՝ ծովը պիտի անցնի իր փրփուրներովն. իր յաւիտենական մութ անդունդներովը, ձուկերովն ու խեցիներովը եւ ամենէն չնչին աւաչովը. հոն է ամէն բան փոքր զեռնու մը սողոսկիւնէն՝ մինչեւ իշու մը ականջները խաղցնելը պիտի տեսնես։ Անհուն եւ աննշմարելի աշխարհները. աստղերն ու արեւը հո՛ն պիտի թաւալին, եւ թերեւս Գալիլէոս մ՚ալ, դիտակը աչքին, իր զմայլումներովը պիտի պատկերանայ։

Մեծցնենք այդ տառը. գծերու թանձրութիւն մը տանք իրեն. եւ սրբազան գործ մ՚ընելու պէս՝ ջնջենք մեր անտարբեր ժպիտը. ամփոփենք մեր միտքը. աս անգամ աւելի դողդոջուն եւ երկիւղած ձայնով մը հնչելով՝ Է՜ ։ Եւ գիտէ՞ք ինչ ըսել է… Եթէ կ՚ուզէք գիտնալ նշանակութիւնը՝ կարդացէք այս մեծ Էն պզտիկին մէջ. այն ատեն պիտի ըմբռնէք զինքը, այսինքն ա՜յն, որ կրցաւ «չէ» են «է»ն բաժնել, հանել, անծայրածի՜ր կարողութիւն։

Շաթոպրիան կ՚ըսէ. «Ամէն ջանք ընդունայն պիտի ըլայ զԱստուած բացատրելու, բաւական է ըսել՝ է…»։

Ո՛հ, յիրաւի, ո՜ տառդ նուիրական, դուն ամէն ինչ ես, դուն կեա՛նք ես, դուն յաւիտենական Սէրն ես։ Թո՛ղ որ խորին երկիւղածութեամբ խոնարհիմ առջեւդ երբ եկեղեցուոյ մը ճակատը՝ եռանկիւնի մը միջեւ զքեզ կը նշմարիմ ճաճանչներու մէջ փառապանծ։

Առաջին անգամ, երբ մանուկ շրթներով քեզ հնչել սովրեցայ, կարծես այն օրէն ես իմ էութիւնս ճանչցայ։

Այո՛, ձեզմով սովրեցայ զզուանքի հեգնող ծիծաղ մը ձգել քու հակառակորդիդ չ֊ին վրայ, որ լոկ սխալանք մ՚է. անէացող նիւթականութիւն է. սկեպտիկի մը ցնորքն է, գարշութիւն է, մղեղ է, ոչինչ է։