Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՂԴԱՐԻ ԲԼՐԱԿԻՆ

Քու համեստ բարձունքիդ վրայ կանգնած կ՚ունկնդրեմ անմահութեան երգը չորս բուրումնաշունչ հովերուն, չորս հովերուն, որոնք ցորեաններու ծովերը յուզելով կու գան մազերուս մէջ նուագել տրտունջը հայրենի աւերումին եւ փառքը աստղապսակ Մարդուն, որուն օրոցքը օրօրուեցաւ քու մէկ բարի հիւղակիդ մէջ։

Կողիդ վրայ հայ տնակները բոյներու պէս ցանուած են նախնիներու շինարար ձեռքերով. տնակներ, որոնց պատերը կը ծեփէ ամառնային արեգակը եւ որոնց երդիքներուն վրայ, գիշերը, աստղերը մայրօրէն կը հսկեն, կ՚աղօթեն եւ կու լան իրենց մարգարտազօծ աչքերուն ծորան֊ծորան արցունքով. տնակներ, որոնց դռնակները արշալոյսները կը բանան եւ լուսընկաները կը փակեն։

Քու գորշ հողդ ծոթրին կը բուրէ, եւ կաւդ է լուսազանգ, որոնց վրայ հայկակները տատրակներու պէս կը պառկին եւ հսկաներու պէս կ՚արթննան. քու կա՜ւդ, քու կա՜ւդ կակուղ եւ արեւէն խորխոլած, հատիկ առ հատիկ, փոշի առ փոշի, հազարաւոր սերունդներու սրտերը շաղեց եւ երակներն հոսեցուց, մանուկներուն մէջ վարդեր ծլարձակեց, պարմաններուն մէջ՝ զօրութիւնն առնական եւ նահապետներուն մէջ՝ անմահութիւն. երեխաներու այտերէն եւ ալեզարդ մօրուքներէն ծերերու քու կաւդ է, որ կը հոսի վարդերու եւ շուշաններու իսկութեան պէս։

Ես կը սիրեմ աղբիւրներդ, բարբարոս քերթուածներ՝ քանդակուած անտաշ քարերու մէջ, որոնց վրայ կ՚աճի մամուռը սնդուս. դուռերուն վրայ կաբիրուհին կը նստի. իր քօղին խաղաղութեան մէջէն, երբ ան կը հակի ջուրերուդ վրայ օծելու համար իր աչքերը բոցանուտ, ակերդ կը վառին. աղբիւրներդ կ՚արշալուսնան, եւ անոնց միօրինակ երգը աստղերու պէս կը քաղցրանայ։ Ես կը սիրեմ ուռիներդ հովանաւոր, որոնք խորախորհուրդ մրմունջներուն մէջ կը ծրարեն զքեզ, եւ կը խորհիմ անոնց շուքին տակ խաղացող բոպիկ մանուկներուն վրայ։

Քու վրադ ալ, ո՜վ բլրակ, քու վրադ ալ օր մը կանգ առաւ Բեթղէհէմի աստղը, ու իր ճաճանչները քու կտուրներուդ վրայ ալ սլաքուեցան։ Խրճիթի մը դուռը ճռնչեց, եւ դուրս ելաւ Մանուկ մը դեդեւուն քայլերով, տժգունօրէն գեղեցիկ, արշալոյսի առաջին համբոյրովը զգաց, որ ճակատին վրայ Աստուծոյ շրթունքը դպաւ։ Ամբողջ քու ծոթրինաբոյր հողովդ բեռնաւոր՝ թողուց հովերդ ու ծառերդ, աղբիւրներդ ու հիւղակներդ, գնա՜ց, գնա՜ց հեռաւոր ձեռքէ մը առաջնորդուած, բայց իր ոտքերուն հետքերը ստորոտիդ վրայ անունիդ յաւերժացումը գրեցին։

Հողդարցի Մխիթարն էր քու, մանուկդ եւ հայրենիքի ծերունին։ Հայկական դարերու յաղթութեան կամարը քու կաւովդ ու շաղախովդ կերտեց. եւ գաղափարի անմատչելի կատարները քու տրեխներովդ բարձրացաւ։ Կնգուղ առաւ բարի ըլլալու համար եւ գրիչ առաւ մեծ ըլլալու համար, եւ վանքերու սպիտակափառ պատերուն խորը, երբ գլուխը ձեռքերուն մէջ ըղեղին տրոփիւնները կ՚ունկնդրէր՝ հայրենի աւերակները իրենց լուսածրար ընդերքներուն մէջէն անհունօրէն խայտացին, պարիսպներու տակ ցանուած ոսկորները շուշանացան, մարգարտակուռ մագաղաթները լուսնադէմի երկնքին պես տակաւ առ տակաւ սռնանալ սկսան: Հողդարի ճրագը Արարատի արեւը եղաւ:

Եւ ես այժմ, ո՛վ բլրակ, համեստ բարձունքիդ վրայ կանգնած կ՚ունկնդրեմ Անմահութեան երգը չորս բուրումնաշունչ հովերուն, որոնք մազերուս մէջ կ՚երգեն տրտունջը ավերումին եւ մրմունջը շուրջդ ծովացած ցորեաններուն: Եւ իմ ճամբորդի ցուպիս ծայրով քեզ կը բերեմ ողջոյնը Մխիթարի սերունդին եւ կը ծորեմ օրհնութիւնը Հիւրմիւզներու, Բագրատունիներու եւ դաշնակաւոր Ալիշանին, եւ ըղեղս` հպարտ կը զգայ զինք հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին եւ համբոյրովը քու հողիդ լուսազանգ։