ՍՏՈՒԵՐԻՆ
ՄԷՋ
Միւեզզինը
աղօթքը
դադրեցուց։
Գիշերը
բնութեան
վրայ
իր
վարազի
թեւերը
բացաւ.
լռութիւ՜ն։
Հոն,
բլրան
ստորոտին,
Կոստանդնի
քաղաքը
կը
քնանայ.
անմեղ
հոգիները,
անդորրութեան
մէջ.
անոյշ
երազանքի
մ՚աշխարհներուն
կը
դառնան…
Երեք
կարգ
պարսպով
պալատը,
կարծես,
կասկածի
եւ
վախի
կոյր
աչքը
լուսնի
յառած՝
մթնշաղին
մէջ
դժոխային
դաւ
մը
կ՚երկնէ
լուռ,
տագնապոտ
եւ
խոժոռակա՜ն։
Զինուորները՝
հսկմա՜ն
շուներ,
պալատին
շուրջը
անդադար
եւ
լռելեան
կը
դառնան,
երբեմն֊երբեմն
նայուածքնին
չղջիկի
մը
թռիչքին
կը
հետեւի
ուշադրութեամբ՝
մինչեւ
որ
հեռաւորութեան
մէջ
կորսուի
ան։
Հոն
ամէն
բան
տառապանք
մ՚ունի,
որ
գիշերուան
վսեմ
խաղաղութիւնը
կը
պղծէ։
Ամէն
սիրտ,
վայրիացած,
հրէշային
կեանքի
մը
համար
կը
դողայ.
ամբողջ
հանգիստը
պիտի
զոհէ
այդ
սիրտը՝
կաթիլ
մը
քուն
ճարելու
համար
անոր,
որ
սենեկին
ստուերներուն
մէջ
կը
թալթլի,
ջղաձգօրէն,
կը
թալթլի
ծիրանւոյն
ծալքերուն
մէջ
փաթաթուած.
մերթ
կը
մռնչէ
ծեր
գայլի
մը
պէս.
երեւակայական
ոգիներ
կան
շուրջը,
որ
իրենց
արիւնոտ,
ճեղքուած
սիրտը
անոր
թագին
կը
քամին։
Խաղաղ
գիշերուն
մէջ
ալեկոծ
գիշեր
մ՚է
ան։
Նա
այսօր
կը
դիւահարի։
Վաղը
ուրիշ
մահավճի՜ռ
մը
պիտի
ստորագրէ։