Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆ

Այո՛, պիտի արթննա՜յ։

Այո՛, այդ թմբերէն պիտի ելլէ, որ իրեն համար գերեզման մըն է։ Երբ Գաղղիան արթննայ իր հազար քուներէն, երբ աչքերը բանայ, երբ որոշէ իր ամէն թշնամիները, երբ տեսնէ իր սրտին փտումը, որդիներուն փտումը, հոգիներու եսասիրութիւնը, դժոխային սնափառութիւնը, ետ պիտի ընկրկի, այդ Գաղղիան, զարհուրելի սարսուռով մը, ահաւոր դողով մը։ Այն ատեն վսեմ ժամը պիտի հնչէ…

Ռուսիոյ մէջ ենք։ Նեւա գետը սառեր է։ Վրան տաղաւարներ կը շինեն, ծանր կառքեր ցուրտ քամակին կ՚ընթանան, ատի ջուր չէ, ժա՜յռ է, անցորդները կ՚երթեւեկեն այդ մարմարին վրայ, որ գետ մըն էր առաջ։ Հոն քաղաք մը կը ձեւացնեն, ճամբաներ կը գծեն, կրպակներ կը բանան, կ՚ուտեն, կ՚աշխատեն, այդ ջուրին վրայ կրա՜կ կը վառեն։ Ամէն ինչ կ՚ըլլայ վրան։ Մի՛ վախեր, վազէ, խնդայ, պարէ, այդ քարացած ջուրը կրանիտի նման ոտքերուդ տակ կը հնչէ։

Կեցցէ՜ ձմեռը, կեցցէ՜ սառոյցը, ան մշտնջենական է։ Ցորեկը գիշերուան հետ կը շփոթուի։ Ձիւնին վրայ տժգոյն լոյս մը կը գալարուի կարծես թէ արեւը մեռած է։

Ո՛չ, դու չես մեռնիր, ո՜վ ազատութիւն, օրէն մէկը, երբ քեզի մոռնան, երբ այլեւս չի յուսան՝ դու պիտի կանգնի՜ս։ Ո՜հ, որպիսի՜ հրաշալիք. յանկարծ աստղային դէմքդ երկրէս պիտի ելլէ եւ հորիզոնին վրայ պիտի փայլի։ Բոլոր այս ձիւնին վրայ, այս սառին, այս պինդ ու ճերմակ դաշտին, այս քարացած ջուրին եւ բոլոր այս դժխեմ ձմռան խորը պիտի նետես, պիտի մխես ոսկի նետդ, բոցէ ճառագայթդ, լոյս, ջերմութիւն եւ կեա՜նք։

Մահէն կեա՜նք, այո՛։

Կը լսէ՞ք սա խուլ աղմուկը, ահաւոր եւ խորին ճարճատիւնը՞, ահա ձիւնի հալու՜մը։ Գետն է, որ կը տապալի, ջուրն է, որ իր ընթացքը կը ստանայ, ալիքն է, ժպտուն, կենդանի, ահաւոր, որ [կը] ժպտի եւ մեռելական սառը կը վերցնէ եւ կը ջախջախէ՜։ Կրանիտ է կ՚ըսէիք. տեսէք, ապակիի նման կը լուծի։ Հալու՜մն է, կ՚ըսէիք. ճշմարտութիւ՛նն է, որ կը վերադառնայ, յառաջադիմութիւնն է, որ կը սկի. գետի ազգութիւնն է, որ քալելու կը շարժի, կը գործէ, քարշ կու տայ, կը խլէ, կը տանի, կը մղէ, կը խառնէ, կը կոտրտէ եւ ալիքներուն կը խառնէ (խեղճերու հիւղակին կարասեայ նման) ոչ միայն Լուի Նաբոլեոնի գահը, այլ բոլոր լուծը, հին յաւիտենական բռնութեան բոլոր գո՜րծը։ Տեսէք այս ամէնուն անցնելը։ Յաւերժօրէն ասիկա կը կորսուի։ Ա՛լ պիտի չի տեսնէք։ Սա կէս ընկղմած գիրքը՝ անօրէնութեան օրէնսգիրքն է, սա ընկլուզող տանջանարանը՝ բանտն է, սա ուրիշ տանջանարանը՝ կախաղա՜նն է, եւ հրողը ետեւէն կ՚իյնայ, գետի ազգութիւնն է՝ ազատ ազգութենէն քշուած։

Բոլոր այս ահաւոր ընկլուզումին համար, մահուան վրայ կեանքի այս վսեմ յաղթութեան համար՝ ի՛նչ արժեց. շողէդ շող մը, ո՜վ արեւ, շողէդ՝ շող մը ո՜վ ազգասիրութիւն, ո՜վ անձնանուիրութիւն, ո՜վ սէր, ո՜վ գիտութիւն, ո՜վ միութիւն, ո՜վ ազատութիւն…։               

(Նմանողաբար)