ԳԻՒՂԻՍ
ԴՊՐՈՑԸ
Բրգնիկցիներուն
համար
Ա
Անիկա
թաղերուն
ճիշտ
մէջտեղը
կը
բարձրանայ
գեղեցկօրէն։
Գիւղին
պալատն
է.
իր
գահին
վրայ
գիրքը
կ՚իշխէ,
որուն
մէջ
սիրոյ
օրէնքը
գրուած
է։
Չորս
դին՝
տուները
ցած
են,
եւ
ան
երկու
տանիքի
վրայ
իր
շուքը
կրնայ
ձգել։
Շքեղ
է
եւ
իր
հնոցին
մէջ՝
սրտերու
համար
շքեղութիւն
կը
շինէ։
Սրբազան
ծերունիի
մը
ամբողջ
քրտինքն
արժեց
այդ
շէնքը
շինել
տալը։
Այն
վսեմ
հոգւոյն
համար՝
Բրգնիկի
դաշտերէն
մանուկները
թող
ծաղիկներ
ժողուին
եւ
կոյսերը
պսակներ
թող
յօրինեն.
անոր՝
թող
արշալոյսը
ամէն
օր
իր
հետ
կեանք
բերէ
եւ
վերջալոյսը՝
անուշիկ
հանգիստ
մը
իրեն
վերջին
օրերուն,
անոր
համար
յիշատակիս
պաշտումի
դափնի
մը
թող
ունենայ
ապագան
եւ
յաջորդաբար
ժառանգ
ձգէ
զայն
եկող
սերունդին,
որ
աւելի
գիտուն
եւ
աւելի
զգօն
պիտի
ըլլայ:
Փառք
այն
պարզ
ժողովրդեան,
որ
իր
կրթարանին
շինութեան
թիկունք
եղաւ
եւ
իր
կուրծքը
գաղափարին
համարարիւնեց,
ուր
իր
հին
թմրութեան
մէջ
զգաց
վերջապէս
կեանքին
շարժումը,
եւ
հունձքերու
մէջ
այրած
ճակատը`
վայրկեան
մը
գրքին
էջերուն
դարձուց,
կիսովի
ձգեց
ստրկութեան
ձորձը
եւ
մոռացօնքի
քողին
տակէն
եւ
խաւարկուտ
անդունդներէն`
քրտինքով
եւ
մղեղով
հեղձուկ
կոկորդով
մը
աղաղակեց.
Լո՜յս
կ՚ուզենք…
լսէ,
թէ
հայրդ
քեզի
ինչ
կը
սորվեցնէ
ասկէ
վերջ.
եւ
մայրդ`
իր
համբոյրին
հետ`
ուղեղիդ
ծալքերուն
ինչ
կը
հեղու.
ո՜վ
գիւղիս
սիրուն
պատանեակը.
ո՜վ
խաւարի
մէջ
տժգունած
ծաղիկ.
ո՜վ
կոյր
ճամբորդ
օրօրոցէն
գերեզման,
միթէ
ինչու՞
դու
զրկուած
պիտի
մնաս
հեգելու
երկինքն
ու
երկիր:
Ո՜վ,
չէ:
Քայլերէդ
գէթ
մէկ
հատն
ըլլայ`
դարձուր
այդ
ճամբէն,
որ
քեզ
հերկի
երկիրները
կը
տանի
եւ
կը
ձգէ
կեանքի
հրէշային
թափառումին
մէջ:
Դարձիր,
հո՛ն,
դեպի
դպրոց.
մայրենի
ստինքէն
վերջ`
մարդկային
զարգացման
ստինքն
է
ան.
ծծէ,
ծծէ
ատկէ,
որ
կազդուրուիս.
ծծէ,
որ
երակներէդ
նախապաշարումի
նախկին
արիւնը
մաքրուի:
Այն
ատեն
պիտի
իմանաս
մտքիդ
ազատ
թռիչը`
որ
վանդակէն
կ՚ազատի,
եւ
շճացած
զգացումներուդ
շեղումը,
որ
թումբերը
կը
պատռէ.
սիրոյդ
պիտի
ցուցնես
ուղիղ
ճամբան,
որ
մինչեւ
երկնային
մաքրութիւնը
պիտի
հասնի,
եւ
այն
ակօսներուն
մէջ,
զոր
դաշտը
հայրդ
կը
փորէ,
պիտի
քրքրես
ծերունի
երկրին
անցեալը
եւ
իր
ճակատագիրը,
եւ
վերջապէս
այն
ատեն
աղոթքիդ
մէջ
սրբազան
եղբայրութիւն
մը
պիտի
թրթռայ
եւ
խորհուրդներուդ
մէջ
անվախճան
արշալոյսներ
պիտի
բացուին.
այնքա՜ն
շող
պիտի
ունենաս,
որ
մինչեւ
ծնողքիդ
մթագնած
ճակտին
խորշոմներուն
պիտի
ցօլայ,
եւ
անոնք
ա՛լ
պետք
պիտի
չունենան
աղաղակելու.
Լո՜յս
կ՚ուզենք…:
Բ
Գիտե՞ս,
սիրուն
պատանեակ,
գիտե՞ս
թէ
ի՛նչ
է
դպրոցը.
կամ
գիւղիդ
դպրոցը,
որ
քու
հայրերուդ
սթափանքին
ծաղիկն
եղաւ,
զոր
անոնք
արիւնելով
տնկեցին
եւ
քրտնելով
կ՚ոռոգին։
Ո՛հ,
դպրո՜ցը,
այդ
լուծողը
մարդիկներու
եւ
իրերու
գաղտնիքին
եւ
անոնց
ամլութեան
հանգոյցին։
Ո՛հ,
դպրո՜ցը,
գանկը՝
ժայռին
դէմ
հանեց
անիկա,
եւ
հնարքը՝
յամառ
կարծրութեան,
աստղերուն
սանդուղ
մը
դրաւ
եւ
ուրիշ
մըն
ալ,
վա՛ր,
անդունդներուն։
Հին
աշխարհը՝
Նոր
աշխարհին
հետ
կապի
եւ
ովկիանոսին
ու
մթնոլորտին
իշխել
սորվեցուց
մարդուն,
ինչպէս
արծիւը
լեռներու
բարձունքին
վրայ։
Ո՛հ,
դպրո՜ցը,
անիկա
սուրին
տեղ
օրէնք
տուաւ
եւ
գլխատման
բեմին
դէմ
բացաւ
սիրտ
մը,
սիրտ
մը՝
լայն,
խոր
եւ
զգայու՜ն։
Տարակոյսի
մթնշաղէն
մարդկութեան
կաւը
վեր
հանեց
եւ
այն
հոգին,
որ
կը
կրէ,
որ
կը
խոնարհի՝
ճիշտ
երկնից
դէմ
դիմաց
դրաւ,
ուր
բացարձակ
Բան
մը
կը
հսկէ։
Մեզի՝
մեր
մտածման
մէջ
զմեզ
կարդա՜լ
սորվեցուց
եւ
հիւլէին
մէջ՝
Հանդերձեալը
եւ
դաշտերու
աննշան
ծաղկին
մէջ՝
Աստուա՜ծ…
Դպրոցը
Ձուլարանն
է
ընկերութեան
եւ
գաղափարին
ու
կեանքին
համար՝
կենսատու
աւիշը.
այն
աշխա՜րհ
մ՚է
աշխարհիս
մէջ։
20
նոյեմբ.
1903