Ծնթ.
-
Վրիպակներ
եւ
սրբագրութիւններ՝
կը
յղուին
«Գ.
Մելիտինեցի»
շարքի
հրատարակութեան
(«Հարիւր
մէկ
տարուան»,
Անթիլիաս,
1996)
--
մեծ
մասամբ՝
«Հայրենիք
ամսագիր»ի
ա.
տպագրութեան
վրիպակները,
կրկնուած:
Այս
«Ծանօթագրութիւններ»
բաժինին
մէջ՝
-
Սխալները
եւ
սրբագրութիւնները
նշած
եմ
միասին:
-
Նշած
եմ
նոյնպէս
հաւանական
սխալները,
բայց
առաջարկած
վերականգնումներուս
կցած
եմ
?
հարցանիշը:
-
Նշած
եմ
նաեւ
բացայայտ
բայց
անվերականգնելի
սխալներ,
պարզապէս
ընկերակցուած՝
նոյն
?
նշանով:
-
Չեմ
ձեռնարկած
ուղղագրական
միաձեւութեան
(օրինակ՝
բառի
մը
տարբեր
գրելաձեւերու
նոյնացման):
Ճիգը
կեդրոնացուցած
եմ
բնագիրի
իմաստային
վերականգնումին
վրայ,
որ
անտեսուած
էր
ցարդ:
-
«Հաճի
Ապտուլլահ»ը
միւս
գործերէն
տարբեր՝
կը
ներկայացնէ
մասնայատուկ
պարագայ,
Գ.
եւ
Ա.
Թանգարանին
մէջ
գտնուած-պահուած
ձեռագիր
օրինակին
պատճառաւ:
Այս
ձեռագիրը,
որուն
հիման
վրայ
վէպը
ունեցած
է
նոր
հրատարակութիւն
մը
(Երեւան,
2000,
«Ապոլոն»
հրատ.
),
եւ
որուն
հետեւած
եմ,
ունի
տարբերութիւններ
նախապէս
հրատարակուած
բնագրէն:
Հակառակ
խմբագիրի
պնդումներուն,
ասոնք
անվիճելիօրօն
հեղինակային
յաւելումներ
են
(յաճախ
երկար),
կամ
զեղչումներ
(շատ
մանր),
եւ
ոչ՝
հետեւանք
խմբագրական
միջամտութիւններու:
Արդէն,
ձեռագիրի
աւարտի
նշումը՝
«վեցերորդ
յեղում»,
Յ.
Օշականի
իսկ
ձեռագրով,
յաւելեալ
փաստ
մըն
է
ատոր:
-
Նաեւ
հին
եւ
նոր
բնագիրներու
տարբերութիւնները
նշած
եմ
ծանօթագրութիւններուս
մէջ,
հոս՝
վարը,
քայլ
առ
քայլ:
Զանոնք,
ինչպէս
եւ
ձեռագրագիտական
այլ
դիտողութիւններ,
կը
գտնուին
նաեւ
«Ապոլոն»ի
հրատարակութեան
ընկերացող՝
Գր.
Յակոբեանի
աշխատասիրութեան
մէջ:
Իմ
աշխատանքիս
մէջ
նկատի
չեմ
առած
այս
վերջինները,
որովհետեւ
ձեռագիրի
վերծանումս
եւ
խորքային
ընթերցումս
անկախ
են
վիճելի
շահեկանութեամբ
այդ
նոթերէն:
Յամենայն
դէպս,
անոնք
յայտնօրէն,
ու
դժբախտաբար,
չեն
օգնած
խմբագիրին՝
անսխալ
վերարտադրելու
«Հաճի
Ապտուլլահ»ի
բնագիրը,
ինչպէս
ընթերցողը
պիտի
հաստատէ
աւելի
վար:
-
Բնագիրի՝
ըստ
պարբերութիւններու
բաժանումը
եւս,
նոր
տարբերակին
մէջ,
տեղ-տեղ
բաւական
կը
տարբերի
հինէն:
Նկատի
առած,
որ
այդ
բաժանումը
երբեմն
քմայքոտ
ձեւով
կատարուած
է
հեղինակին
իսկ
կողմէ,
հոս
չեմ
փորձած
միաձեւութիւն
ստեղծել,
հետեւիլ
մէկուն
կամ
միւսին:
Նոյնը
կրնամ
ըսել՝
կէտադրութեան
պարագային:
Կ՛արժէ
միայն
աւելցնել,
որ
ԱՊՈԼՈՆի
հրատարակութիւնը
վիրաւոր
է
այս
իմաստով,
քանի
կամայական
գործածութիւն
մը
ունի
միջակէտերու,
յաճախ
դրուած...
ստորակէտի
փոխարէն:
Ասոնք
սրբագրուած
են
առանց
նշումի:
-
Սրբագրութիւնները
մասամբ
մը
կը
պարտիմ
Գ.
եւ
Ա.
Թանգարանի
տնօրէնութեան
կողմէ
սիրայօժար
տրամադրուած
ձեռագիրի
պատճէնին:
Մինչ
կարեւոր
մաս
մը
վրիպակներ
արդէն
կը
սրբագրուէին
պարզ
խորքային-քննական
ընթերցումով
մը,
ուրիշներ,
վիրաւորող
տարբերակներէն
մէկը
կամ
միւսը,
յաճախ
եւ
երկուքն
ալ,
կրնային
սրբագրուիլ
միայն
յղուելով
ձեռագիրին:
-
ԳՄԵԼ
եւ
ԱՊ
սկզբնատառերը,
որոնք
կը
հետեւին
բոլոր
կարեւոր
սրբագրութիւններուն,
կը
ճշդեն
տուեալ
վրէպին
պատկանումը՝
«Գ.
Մելիտինեցի»
(ԳՄԵԼ)
կամ
«Ապոլոն»
(ԱՊ)
հրատարակութեան
Առաջինի
պարագային,
կը
յիշեցնեմ,
որ
վրիպակները
մեծ
մասամբ
կու
գան
ամսագրային
առաջին
հրատարակութենէն:
Յ.
Քիւրքճեան