Ծնթ.
-
Վրիպակներ
եւ
սրբագրութիւններ՝
կը
յղուին
«Գ.
Մելիտինեցի»
շարքի
հրատարակութեան
(«Հարիւր
մէկ
տարուան»,
Անթիլիաս,
1996:
Վրիպակները
առհասարակ
կու
գան
«Հայրենիք
Ամսագիր»էն
(ա.
տպագրութիւն),
մեծ
մասամբ
կրկնուած՝
հատորին
մէջ:
Հեղինակային
ձեռագիր
բնագիր
չէ
պահուած:
Ինչպէս
միւս
գործերու
պարագային,
հոս
վարը՝
-
Սխալները
եւ
սրբագրութիւնները
նշած
եմ
միասին:
-
Նշած
եմ
նոյնպէս
հաւանական
սխալները,
բայց
առաջարկած
վերականգնումներուս
կցած
եմ
?
հարցանիշը:
-
Բացայայտ
կամ
հաւանական,
բայց
անվերականգնելի
սխալներ
եւս
մատնանշած
եմ,
պարզապէս
ընկերակցուած՝
նոյն
?
նշանով:
-
Կէտադրութիւն
սրբագրած
եմ
միայն
անհրաժեշտութեան
պարագային
(իմաստային
վերականգնում):
Այլապէս,
պահած
եմ
անփոփոխ
--
նաեւ
հեղինակային
որոշ
զարտուղութիւններ
կամ
զանցառումներ::
-
Չեմ
ձեռնարկած
ուղղագրական
միաձեւութեան
(օրինակ՝
բառի
մը
տարբեր
գրելաձեւերու
նոյնացման):
Ճիգը
կեդրոնացուցած
եմ
բնագիրի
իմաստային
վերականգնումին
վրայ,
որ
յաճախ
անտեսուեր
է,
ցարդ:
Յ.
Քիւրքճեան