Գ .
ՄԱՍ
Ա.
Չորրորդ
զաւակին
թաղումը
Հաճի
Ապտուլլահը
կատարեց
խոր
յուսահատութեամբ:
Ջղային
տագնապ,
հիւանդութիւն,
մարդատեցութիւն:
Աղօթքի
երկար
ու
յամառ
պահեր:
Առատ
նուէրները,
շրջանի
գեղերու
կրօնաւորներուն:
Մեռելներուն
հոգուն
աղօթքի
ընթերցումներ:
Անոր
աները
զայն
կը
հալածէր,
սիստեմաթիք
դրուագումներով,
ոգիներէ
ու
կախարդներէ:
Ցաւէն
դղրդած
անոր
ուղեղին
մէջ
հունտը
ինկած
էր
զարհուրելի
կասկածին:
Կասկա՞ծ:
–
Կիմանաք:
Միայն,
մինչեւ
սա
օրը,
տաք
ու
պաղ
։
Նոր
յղութիւն:
Ու
նոր
զաւակ,
որ
փոխանակ
որախութեան՝
անոր
հոգին
խորապէս
կը
խռովէր:
Դժուար
է[ր]
տոկալ
սա
մռայլ
գաղափարին,
որուն
համեմատ
գիրկի
այս
հրաշալիք
պէպէքը
տարի
մը
վերջը
պիտի
առնուէր
կրկին
ու
դրուէր
հողին:
Հաճի
Ապտուլլահը
խենթն
էր
այս
մտածումին:
Ու
այդ
խռ[ով]այոյզ
հոգեկանութեան
մէջ
անիկա
քիչ-քիչ
քաշուեցաւ
իր
բնաւորութեան
ծանօթ
կողմերէն:
Եղաւ
անխօս,
վայրագ,
ծեծող
ու
զայրացող:
Չէր
կարելի
խօսիլ
անոր
հետ:
Անոր
կիները
ամէնէն
առաջ
ենթարկուեցան
այս
փոփոխումին
հետեւանքներուն:
Անոնք
զրկուեցան
իրենց
ամուսինին
անձէն
ու
ներկայութենէն:
Այս
պատիժը
թելադրողն
էր
չարաշուք
Մոլլան:
Անգամ
մը
պոլսուհիին
հմայքէն
դուրս,
Հաճի
Ապտուլլահը
դիւրաւ
պիտի
գտնէր
իր
վայրագութիւնը,
այս
անգամ
գործող
ազատօրէն,
նոյն
այդ
կուռքին
երեսին:
Զգացումներու
յեղաշրջումին
մէջ
դիտուած
բան
է
ասիկա:
Մեր
համակրութիւնը
օր
մըն
ալ
կը
գտնենք
փոխուած
ամենախոր
ատելութեան,
մինչ
մեր
շուրջը
ամէն
ինչ
պահած
էր
իր
արտաքին
պայմանները:
Յետոյ,
կասկածին
հունտը։
Ճարտար
սերմնացա՜նը:
Որ
ամբողջ
վէպ
մը
յղացաւ,
իր
փեսային
գանկին
մէջ
արմատի
տանելու
համար
տարիներով
փայփայուած
իր
ծրագիրը,
–
ազատել
Հաճի
Ապտուլլահը
Նայիլէին
պուկի
էն։
Ու
այս
առիթով
պատմեց
անոր,
երրորդ
անձի
մը
վրայով,
ինչ
որ
յաջորդ
էջերուն
մէջ
պիտի
պարզուի։
Անուն,
տեղ,
տարիք
վերցուած
Պրուսայի
մօտ
գիւղաքաղաքէ
մը:
Այս
պատրաստութիւններէն
ետքը,
առաւ
անիկա
իր
փեսան
ու
տարաւ
իր
տանը
գաղտնի
քարայրը,
որուն
գոյութիւնը
անծանօթ
չէր
քաղաքին
եւ
ուր
կ՚իջնէր
անիկա
վաւերական
կոչունքին,
ուր
պարտաւոր
էին
երեւնալ
ոգիները
եւ
ընդունիլ
անոր
հրամանները։
. . .
Պարտէզ:
Արեւը
շրջած
է
մինարէին
ետին:
Անոնք
անցան
բանջարեղէններու
բաժինէն:
Մնացեալ
մասը
անմշակ
հող
մըն
էր,
զատուած
պարտէզին
մարմինէն`
թութի
ճիւղերու
չորցած
խուրձերով
որոնք
շերամներէն
ետքը
կը
վերցուին
ու
կը
դրուին
արեւին,
հացի
փուռերը
տաքցնելու
կոչումով:
Խնամուած
ամայութիւն
մը,
կովի
գանկեր,
եղջիւրներ,
կէս
կմախքներ,
ժանգոտ
թիթեղներ,
գոյնզգոյն
ապակիներու
փշրանք,
խեցեղէն
ու
մամուռ,
հաւու
ծերտեր
եւ
մանաւանդ
մեծկակ
փետուրներ
կը
ստեղծէին
անախորժ,
նոյնիսկ
դժնդակ
տրտմութիւն
մը:
Սիրտը
սեղմում
կ՚ունենայ
այդ
լքումին
տեսքէն
ու
հոտէն:
Անկիւնի
մը,
շատ
հսկայ
թթենիի
մը
բունին
կռթնած
հաւնոց
մը:
Ոչ
մէկ
թռչուն:
Հոճային
հաւերը
չէին
կրնար
անցնիլ
թութի
խուրձերով
կազմուած
ցանկը,
հակառակ
իրենց
փափաքին
ու
հետաքրքրութեան։
Փլած`
պատին
մէկ
կողմովը:
Բայց
տանիքը
ամբողջ։
Աներ
ու
փեսայ
մտան
ներսը:
Կարապետը՝
աները,
որ
յօնքերը,
մօրուքը
կը
շօշափէր
եւ
բերնէն
կը
թափէր
իր
անսպառ
այաթ
ները
։
Մոլլա
Սաիտը,
ոչ
առանց
հեւքի,
մեղմ
ճռինչով
մը
հրեց
ներս
պատին
տախտակ
մէկ
թեւը։
Անոնց
առջեւ
կը
բացուէր
մութ
փոս
մը:
Իջաւ
անիկա,
մեծ
փորէն
նեղուելով
եւ
Ալլահը
կանչելով
իրեն
օգնութեան:
Իրեն
հետեւեցաւ
Հաճի
Ապտուլլահը,
վարանոտ,
մշուշոտ,
բայց
պիրկ:
Անիկա
կ՚երթար
իր
տղոցը
մահուան
գաղտնիքը
լուծելու:
Դեռ
տմոյն
լոյս
մը:
Որ
երկուքին
շուքովը
մութցաւ
աստիճան
մը
աւելի:
Մոլլան
վառեց
մոմը:
Մէկէն
դեղնութիւնը
դողաց
այդ
փոսին
խորտուբորտ
երեսին:
Անոնց
ոտքին
կ՚ուրուանար
ուրիշ
փոս
մը,
աւելի
ընդարձակ,
կանոնաւոր:
Պատերը,
կամարը`
խեցեհիւս,
ինչպէս
են
այդ
շրջանի
աւերակներուն
մինչեւ
հիմա
անխախտ
որմերը:
Ու
կանանչ:
Վասնզի
այդ
խեցիներուն
վրայ
կոճակ-կոճակ
կը
ծաղկէր
տեսակ
մը
մամուռ,
գորտի
մը
կռնակին
նման
խայտաբղետ
բան
մը
դնելով
կամարին
երանգներուն:
Քանի
մը
մեթր
հեռուն`
սեւութիւն,
բայց
ամբողջ։
Իջան:
Պաղ:
Խոնաւ:
Պատերը
ծաղկած`
խիտ
ու
նոյն
կանաչ
բորբոսով.
տեղ-տեղ
մօրուքի
մեծութեամբ
բորբոսը
կախ
էր,
ու
կը
քսուէր
անոնց
ականջին,
ստեղծելով
խորունկ
սարսուռ։
Վա՞խը
թէ
այդ
առկախ
մօրուքներուն
անգոյ
գլուխները
կը
պատճառէին
սա
զգայութիւնը,
որ
դուրսէն
ներս,
դէպի
ոսկորները
կը
հոսէր,
պուտ
պուտ:
Լոյսը`
վասնզի
մութը
ինքնակալ
կը
տիրէր
այդ
ստորերկրեայ
անցքին,
կը
հալէր
ատեն-ատեն,
ան
ալ
իր
վախէն:
Ոչ
մէկ
շշուկ:
Բացի
խուլ
ու
ճշդելի
սողոսկումէ
մը
որ
կը
կանխէր
անոնց
քայլերը:
Օձե՞ր,
Հոճային
փապուճներուն
շրշի՞ւնը,
շրթունքներուն
հեղո՞ւմը
։
Հաճի
Ապտուլլահը
ատեն
չունէր
իր
զգայութիւնները
վերլուծելու:
Քալեցին:
Ու
քսան
քայլ
ճամբան
անոր
ջիղերուն
վրայ
երկարեցաւ
նման
հէքիաթին
սեւ
պարանին
որ
մեր
ու
անդիի
աշխարհին
մէջտեղը
կը
ձգուի
ու
դարերով
չի
սպառիր
մեղաւորին
ոտքերովը...
Անոնց
հասած
տեղը
կլորակ
հարթութիւն
մըն
էր:
Հնօրեայ,
բիւթանական
թէ
բիւզանդական
շրջանէն`
հիմա
կուրացած
սառնիճ
մըն
էր
ապահովաբար,
ձեւէն
ու
տարածութենէն
դատելով:
Յատակին`
բարակ
խաւը
մրուրի:
Հոճան
վառած
էր
եռամոմ
աշտանակը,
սառնիճի
կեդրոնին,
կլորակ
քար
սեղանի
մը
վրայ։
Այս
անդունդներուն
մէջ,
հարսանիքի
սենեակներու
սա
ընտանի
զարդը,
աշտանակը
դեր
մը
ունէր
անշուշտ,
այցելուն
մարդկեղէն
զգայութեանց
պարունակի
մը
կապող:
Ու
այդ
հանդարտ
ու
բաւ
պայծառութիւնը
կը
ճշդէր
տեղին
ընդհանուր
դիմագիծը:
Մրուրը,
խուլ,
ալիւրոտ,
կաւացած,
կը
ծածկէր
ընդերկրեայ
այդ
ժայռերուն
միակտուր
սատափը:
Փոսերուն
ճակատագիրն
է
գերեզմանի
մը
պէս
տպաւորել
իրենց
արգանդը
ինկողները։
Երկու-երեք
սենեակի
յատակով
այդ
տարածութիւնը
կիսագունդով
մը
գդակուած
կը
թուէր,
մեծ
փուռի
մը
պէս,
իր
կամարը
աղեղող
անթերի
արուեստով
մը։
Ջուրը
իր
աղերուն
սատափը,
քիչ
մը
պղտոր`
բայց
լոյսին
տակ
արթնցող,
ձեւեր
էր
կամարին
խոնարհման
օղակներուն,
դարէ
դար,
երբեմն
աւելի
մութ
կամ
աւելի
բաց,
թրքական
բաղնիքներուն
գմբէթները
երանգող
խայտաւոր
շրջանակներով:
Մուտքի
ճիշդ
ճակտին,
այծի
տարազով
հսկայ
մը,
մարդկային
կազմով,
բերանը
բաց,
աչքի
տեղ
փոքր
խոռոչներով:
Ու
անոր
գանկը
մխուած
էր
կամարին
դէպի
փորը:
Անոր
բերանը
կը
նայէր
միակ
աչքի
մը
նման,
ամէն
տեղ
նոյն
րոպէին:
Ձեւազեղծումը
կու
տայ
այդ
պատրանքները:
Կամարին
համեմատ
կորանալու
ստիպուած
անոր
իրանը
հազիւ
կը
զատուէր
իբր
կռնակ:
Բայց
լանջքին
ուռեցքները
երկկողմանի
կ՚ուրուանային
ահարկու
ուժգնութեամբ
մը,
պատէն
պոռթկալու
ձգտող
բայց
հոն
գամուած
հրէշի
մը
գալարագին
պրկումներովը։
Աշտանակին
լոյսին
ծփանքին
համեմատ
քարհիւս,
խեցեկառոյց
այդ
դէմքը
կ՚ընէր
ցնորական
շարժումներ,
մարդկային
միսի
նման,
խաղալով,
լայննալով,
պռստելով
ու
փշանալով։
Հաւանաբար
հին
բագոս
մըն
էր
այդ
խեցեկուռ
արձանը։
Անոր
բերանը
անցք
էր
ծառայեր
կարմիր
հեղուկին,
որուն
վայրէջքի
ճամբան
կը
մնար
անծանօթ,
կուրացած
սա
մեհեանին
աւերակոյտին
մէջը:
Մոլլա
Սաիտը
կռնակը
զետեղեց
արձանին
ոտքերուն
կիսամաշ
խոռոչին:
Անոր
գլխուն
հասողութեանը`
դարձեալ
արձանին
մարմինին
մէջ,
գրեթէ
սիրտին
գիծին`
ուրիշ
ուռուցիկ
մը
ուր
անիկա
երկարեց
իր
մոմը։
Շինուեցաւ
առկայծ
կանթեղ
որ
բաւական
մը
տարտղնում
դրաւ
Հաճի
Ապտուլլահին
շուարած
աչքերուն:
Ձէթը
քիչ,
բայց
կաթիլ
մը
դեղնած
ոսկիի
նման
կը
կտցահարէր
կարծես
աղօտած
մութը։
Ունէր
ծռմռուն
ալ
ձայն։
Անիկա
իր
մատներովը
ճմռեց
անոր
պատրոյգին
քիթը,
ու
լոյսը
թէեւ
քիչիկ
մը
պղտոր,
առատ
հոսիլ
առաւ
այդ
ծեծէն
յետոյ։
Հաճի
Ապտուլլա՞հը։
Անիկա
ականջները
մինչեւ
խտտալէն,
կ՚ուզէր
հետեւիլ
սա
ուրուային
շարժումներուն։
Խոնաւ
ու
միօրինակ
ցուրտ
մը,
ծանր`
ինչպէս
ջուրէն
նոր
ելած
սաւան
մը
անիկա
զգաց
այս
անգամ
իր
հոգիին
վրայ
ու
վերյիշեց
այն
միւսը
զոր
իր
տենդին
մէջ,
բժիշկին
խորհուրդովը
կ՚անցընէին
իր
բռնկած
իրանին։
Այս
ցուրտին
կը
խառնուէր
կծու,
բարկ
թթուածութիւն
մը
որ
անոր
ռունգերը
կսմթեց:
Հոճան
կը
սպասէր
ատոր:
Ոգիներու
հաւանական
ներկայութեան
մը
առաջին
փաստը
այդ
կսմիթի
նմանող
փշաքաղումն
էր
վերնամաշկին
վրայ
որ
մարմինին
ներսը
պուտ
պուտ
բաբախում
կ՚ըլլար։
Փռնգտացին
երկուքով։
Հաճին
տասը
անգամ:
Ոգիները
կրկէս
իջած
էին:
Ինչ
որ
յաջորդ
էջերուն
կը
տրուի,
քաղած
եմ
Հաճի
Ապտուլլահէն
որուն
հետ
քանի
մը
օր
լուսաղբար
ալ
եղայ,
պատանութենէն
տակաւին
չելած,
քոմիթաներու
հարցով
մը,
սխալմամբ
նետուելով
հարիւր
մէկ
տարուան
դատապարտուածներու
նկուղը:
Անիկա
աչքին
լուսովը
ու
մեռած
զաւակներուն
գերեզմանովը
ապահովցուց
իր
պատմումին
ստուգութիւնը
իր
տիրական
ինչպէս
մանրամասնական
գիծերուն
մէջ:
Կ՚արտագրեմ
հոս
իր
յեղումը,
մնալով
հաւատարիմ
անոր
գնացքին:
Մտնելէ
առաջ
այդ
պատմումին,
պարտք
կը
զգամ
աւելցնելու
իմ
ալ
մէկ
փոքր
փորձառութիւնը,
զոր
ունեցեր
եմ
առանց
կախարդ
ըլլալու,
երբ
տասներեք
տարեկան
պատանի,
ձեռք
էի
անցուցած
սաղմոսի
ձեռագիր
մը,
որմէ
յիսուն
մը
գլուխ
նկարազարդուած
էին
այլանդակ
գիծերով,
եռանկիւն,
օձախռիւ
եւ
սատանայի
եղջիւրները
յիշեցնող։
Ատոնք`
յուռութքները։
Անոր
քառասուներկու
թէ
երրորդ
գլուխին
տակ,
թռչնագիր
ցուցմունք
մը
կը
բացատրէր
գլուխին
գործածութեան
գլխաւոր
առիթները:
Կորուստ
մը
գտնելու
համար
անիկա
ամենազօր
միջոցը
կը
ներկայացնէր։
Հիմա
լաւ
չեմ
յիշեր՝
ի՛նչ
կրնար
ըլլալ
մեր
կորուստը:
Բայց
ընկերոջ
մը
տախտակեայ
սենեակին
մէջ
հաւաքուած
–
մերը
հողէ
ըլլալուն
անյարմար
դատեր
էինք
–
չորս
հոգիով
ծրագրեցինք
կախարդ
մատեանին
հրահանգները
գործադրել։
Բերեր
էինք
ծմակի
ցեխ,
ուր
զեռունի
մարմինը
չըլլայ
դողացած,
ինչպէս
կը
պատուիրէր
հրահանգը։
Շինած
սեւ
հաւու
փետուրէ
դողդոջ
գրիչ
մը:
Մելանը`
կրկին
սեւ:
Գրած
անունը
մեր
կորուստը
հոլովողին
թուղթի
մը
վրայ։
Տեղաւորած
զայն
ցեխէն
շինած
եօթը
կլորակներէն
մէկուն
մէջ:
Յետոյ
հողէ
ամանի
մը
մէջ
դրած
ջուր
ու
մէկիկ-մէկիկ
նետած
անոր
մէջ
գնդիկները։
Որքան
կը
յիշեմ,
քառասուն
եւ
մէկ
անգամ
կարդացինք,
անշուշտ
կարգով,
Սաղմոսին
գլուխը:
Օրը
ամառ`
դուրսը:
Ու
մեր
այս
յիմարութիւնը
որ
մեզ
կը
զրկէր
լեռ
ու
թումբ
արշաւելէ։
[Մեր]
ուրախութիւնը
եղաւ
խոր
երբ
կաւը
ճեղքուեցաւ
ջուրին
մէջ.
առաջին
անգամ
ան`
որ
կը
պարունակէր
կասկածելի
անունը:
Ծափ
զարկինք:
Ոչինչ
արտակարգ:
Սաղմոսը
մեզի
հետ
կը
հաստատէր
գողը:
Քանի
մը
տաքուկ
հայհոյութիւն
խոնարհեցինք
շան
տղուն
հասցէին,
յետոյ
աճապարանքով
հողէ
ամանը
իր
գնդիկներով
պարպեցինք
դուրս
պատուհանէն։
Հեղուկին
շառաչին
հետ
սալարկին
վրայ՝
տունը
դողդողաց:
Շա՞րժ:
Վարժուած
էինք
ատոր:
Ու
«Տէր
ողորմեա,
Տէր
ողորմեա»...,
բնազդաբար:
Բայց
ահա
անսպասելին:
Տախտակամածին
ճեղքէն
Սաղմոսին
տակի
ձեռքը,
յար
եւ
նման,
որ
կը
բարձրանար:
--
Ձե՜ռքը,
ձե՜ռքը,
-
մէկ-բերան
պոռացեր
էինք։
Ու
ձեռքը
կը
բարձրանար,
հետզհետէ
տարածուելով:
Ու
անոր
մատները
կը
մեծնային,
ինչպէս
որսի
հրացաններու
փողերը:
Ու
անոր
ափը
կը
նմանէր
տապակին
որուն
մէջ
հեքիաթը
հոգիները
կ՚եփէ,
ողջ
ողջ,
կերակուր
հրամցնելու
համար
սադայէլեան
բանակին:
Ու
ձեռքը
հասաւ
առաստաղին
զոր
ծակեց
միջնամատին
դաշունաձեւ
սայրովը:
Մինչ
տունը
կը
սարսռար,
մենք
մեր
վախուն
նուաղած`
փռուեր
էինք
երեսքի
վրայ...
Բերին
ժամուն
մեծ
բանալին,
խզկեցին
մեր
շրթներուն
ու
խօսիլ
սկսանք,
մահէն
դարձողներու
անգայտութեամբ
մը:
Տէրտէրը
փառաւոր
տփոց
քաշեց
մեզի
որ
կէս
էինք
կարդացած
հրահանգը
որ`
խստիւ
կ՚արգիլէր
ջուրին
թափուիլը
ոտք
կոխած
տեղ։
Ասիկա
անձնական
դրուագ
մըն
է:
Ուրիշ
տեսիլքներ,
միշտ
դուրսէն
ապացուցումներու
ազդեցութեամբ,
չեն
հասած
սա
յստակութեան:
Այնպէս
որ
ոգիներու
աշխարհին
այս
փորձառութիւնը
տալէ
յետոյ
կ՚անցնիմ
Հաճի
Ապտուլլահին
յեղումին:
Բ.
Մոլլա
Սաիտը
հատ-հատ
մարեց
երեք
մոմերը
արծաթագոյն
աշտանակէն։
Այն
ատեն
այծամարդուն
սիրտը
բաբախման
անցնող
բանի
մը
նմանեցաւ,
մութին
վրայ,
անհաւասար
կշռոյթով:
Անբաւական,
մանաւանդ
անհաստատ
այս
կիսալոյսին
մէջ`
Հոճան
իր
գօտիէն
հանեց
գաւազանիկ
մը,
կաղնիէ,
ինչպէս
ճշդեց
Հաճի
Ապտուլլահը,
ու
անոր
խեչակովը
կակուղ
յատակին
գծեց
մոգական
բոլորակը,
որուն
հռչակը
ոգիներու
հրաւէրը
տարածած
է[ր]
բոլորին
հասողութեան:
Մեծ:
Երկու
քայլ
տրամագիծով։
Գիծին
սեւ
ակօսը
տեղ
տեղ
կը
թուէր
խորանալ,
գետին
մտնել
աշխատող
օձի
հասակի
մը
նմանելով։
Յետոյ
վառեց
մոմ
մը
զոր
մօտեցուց
արձանին
պորտին:
Փոս
մըն
ալ
ատ,
ուր
ձէթը
մոռցուած
էր
նորոգուելու,
վասնզի
պատրոյգը
բոց
չառաւ։
Հոճային
աղօթքները
հազիւ
կակուղցուցին
մարդկային
երակի
նմանող
այդ
լիխպ
թելը:
Երկրին
սիրտին
մէջ
–
Հաճի
Ապտուլլահը
հեքիաթին
պատկերած
վարի
աշխարհին
մէջ
գիտէր
ինքզինքը,
–
բամպակ
դերձանէն
ցայտող
կայծերը
ունէին
ձայն,
չորութիւն,
ծանրութիւն
ու
վէրքի
մը
պէս
կը
զարնէին
անոր
աչքին
ջիղերուն:
Կարծես
այդ
պորտի
փոսիկը
ըլլար
կայծքարով
հրացան:
Ու
ամէն
մէկ
կայծէ
գնդակ
մը
փրթէր
ու
գար
փշրիլ
անոր
աչքի
միսերուն,
կոպերուն:
Սկզբնական
այս
ծուփը
քիչ-քիչ
հանգչեցաւ,
լոյսին
յաղթանակովը։
Պարզուեցաւ
առատ,
[....
]
խաղաղութիւն
մը
որ
ձէթինն
է
երբ
ինքզինք
գտած
կը
պլպլայ,
շունչէ
ու
հովէ
ազատ:
Ճառագայթի
մեծկակ
խումբ
մը
գմբէթին
հանգոյցին
կը
խաղար
խոշոր
երկաթի
մը
կողերուն,
–
կեռ`
մատի
մը
պէս
որ
կորացած
ըլլայ
ինքն
իր
վրայ,
–
կախ`
բայց
չինկող:
Հաճին
ի՛նչ
գիտնար
չուանը
որ
անոր
կեռ
օղակէն
քանի-քանի՜
հոգիներ
ճօճի
էր
հաներ,
մեռցնելէ
առաջ:
Բիւթանական
շրջանի
սա
կառոյցը
բիւզանդական
տիրապետութեան
մէջ
հաւանաբար
վերածուած
էր
բանտի։
Այլապէս
կեռը
իմաստ
մը
չունէր
իր
ծանօթ
պաշտօնէն
դուրս։
Ոգիներուն
հռչակաւոր
հրաւէր[ը]
կը
սկսէր:
Հաճի
Ապտուլլահը
անպատրաստ
էր
ատոր:
Նախ`
տարիքը,
յետոյ
դիւրայոյզ
իր
բնաւորութիւնը
արգելիչ
պատճառներ
էին
որպէսզի
անոր
աները
զանց
ընէր
կանխահոգ
հրամանները,
ծոմերը,
հանդերձումը,
տրամադրականութիւնը,
որոնք
տասնհինգէն
վար
տղոց
վրայ
ազդեցիկ
են
այնքան
եւ
կու
տան
պատասխանը`
հրաւէրը
գործադրողին
բոլոր
հարցումներուն:
Մեծերը,
պզտիկ
տարակոյսի
մը
գինով,
անհաղորդ
կը
դառնան
մոգական
թափանցումին,
ու
ատով`
չեն
տեսներ
հրաւիրողին
թելադրած
պատկերները
կախարդ
բոլորակէն
ներս:
Անշուշտ,
հեռուէն
հանգիտութիւն
մը
կը
հաստատուի
աս
եւ
գիտական
աշխարհին
ծանօթ
մոգական
փորձերուն
ընդմէջ։
Ջուրի
մէջ
իր
թելադրածը
տեսնել
տալը
կարողութիւն
մըն
է,
ինչպէս
քունի
մէջ
ընկղմած
մարդը
վարելը`
համաձայն
իր
մտածումներուն:
Բայց
կ՚անցնիմ
յեղումին։
Մոլլա
Սաիտը
յայտնի
վախով
եւ
զգուշաւոր
մտաւ
ներս
կախարդական
բոլորակէն:
Բոպիկ
էր
անիկա
եւ
առանց
վերարկուի:
Ցուցամատը
շրթներուն
կէսին,
անիկա
կը
պահէր
խորհրդաւոր
հովը
որով
արգիլած
էր
փեսին
իրեն
ուղղել
որեւէ
բառ
բոլորակ
մտնելէն
յետոյ:
Սա
լռութիւնը
կարեւոր
պայման
ըլլալու
էր,
վասն
զի
Հոճան
քանիցս
անդրադարձաւ
անոր:
Հաճի
Ապտուլահին
ծանօթ
էր
սա
բոլորակը՝
որ
ոգիները
իրական
որոգայթի
մը
պէս
կ՚որսար
ու
կը
պահէր
իրմէ
անմիջապէս
դուրս:
Միսին
շուրջը
շարժող
կատուներու
նման,
անոնք
պիտի
վազվզէին,
իրենց
կատաղութեան
բոլոր
զէնքերովը,
բայց
արգիլուած
էին
թաթ
փորձելէ
գիծէն
ներս:
Ու
գերիներ
էին
անոնք։
Հաճի
Ապտուլլահը
ծանօթ
էր
նաեւ
փորձանքներուն
որոնցմով
կը
պատժուէին
պահանջուած
լռութիւնը
պահել
չկրցողները:
Ու
ոգեկոչումին
(բառը
առէք
նիւթեղէն
իր
իմաստովը)
մենապայմանը՝
այդ
արձանային
լռութիւնը,
որով
հանդիսատեսը
անխոցելի
կը
մնար
դեւերուն
բոլոր
հնարքներէն:
Անոնք
կարող
էին
այդ
րոպէին
աչքին
բերել
քու
սիրելիները
ու
գործադրել
անոնց
վրայ
անժուժելի
խժդժութիւններ:
Ամէն
գնով
շարժում
եւ
բառ
արգիլուած
էին:
Մարդկային
կորովի
նման
փաստ
մը
յաղթանակ
մըն
էր,
վասնզի
աշխարհը
կը
հպատակի
կամքին,
քիչ
անգամ
խելքին:
Այդ
գիծով
միայն
ոգիները
յանձնառու
կ՚ըլլային
ենթարկուիլ
հողեղէններուն:
Յետոյ
գաւազանը
մոխրապատ
յատակին
շինեց
նշաններ,
զանազան
ձեւերով,
որոնք
նման
էին
յուռութքներու
մէջ
գծուածներուն:
Գի՞ր:
Պատգա՞մ:
Լոյսին
աղքատութեան
հակառակ
այդ
նշանները
ունէին
տարօրէն
կենդանի
արտայայտութիւն
ու
փսորուող
ալ
կմախք:
Կարծես
հատիկները
անտես
մրջիւններէ
կը
գլորուէին,
ու
կը
բերուէին
կրկին:
–
Ծունկի՛
։
Հոճան
էր:
Հաճի
Ապտուլլահը
բոլորակէն
քայլ
մը
հեռու
իջաւ
իր
ծունկերուն
վրայ:
Անոր
մտքին
արթնցան
աղօթքին
այաթ
ները,
բայց
չըսաւ:
Հոճան
նման
հրահանգ
մը
չէր
տուած:
Սաիտ
Մոլլան
բոլորակին
ճիշդ
կեդրոնը,
ուրիշ
բոլորակի
մը
մէջ
կանգնած
էր
ուղիղ:
Ճակտին
քրտինք,
առատ՝
վասնզի
աղտին
մէջէն
որ
փոշին
էր
անոր
դէմքին,
ջուրի
պէս
թելեր
կը
քաշէր
ու
կը
հոսէր:
Բայց
անոր
շնչառութեան
այլայլումը`
տպաւորիչ:
Ռունգերուն
մէջ
ճիները
լարած
ըլլային
մէյ
մէկ
փքոց:
Այսպէս
կ՚առնէին
շունչ
հեքիաթին
դեւերը
ու
ամէն
մէկ
ումպ
ներս
քաշելնուն,
երկերկու
ալ
աղջիկ
կը
նետէին
իրենց
կոկորդը..:
Հեքիաթը
այս
տեսարանները
կ՚ընդարձակէ
իր
ուզածին
չափ:
Զանց
կ՚ընեմ
մատնանիշ
ընելով
զգայախաբական
քանի
մը
կարեւոր
երեւոյթներ,
որոնք
շարժումի
մեր
զգայութիւնները
կը
ձեւազերծեն
ու
մեր
ոտքին
տակ
հողը
կ՚ընեն
անկայուն,
հոսող,
առաջ
բերելով
ողջ-ողջ
թաղուելու
խոր
սարսափը:
Երկրին
այս
ընկղմումը,
ուր
տեսողական
եւ
շօշափողական
խանգարումները
կու
գան
առաջին
փլանի,
այդ
հեքիաթներուն
ամէնէն
փշաքաղող
մասը
կը
կազմէր,
իմ
տղայութեանս:
Հաճի
Ապտուլլահը
մէ՞ջն
էր
այդ
հէքիաթներէն
մէկուն:
Իրեն
այնպէս
թուեցաւ
թէ
բարակ
բան
մը
դպաւ
իրեն
ու
անցաւ:
Ճիներուն
մետաքս
վերարկո՞ւն:
Շա՞րժ:
Հո՞վ:
Անոր
միտքը
տարօրէն
յստակ
էր,
հակառակ
խուլ
իր
սարսափին,
որ
ուղեղին
մէջ
մեծկակ
քարի
մը
նման
կը
նստի,
նման
վիճակներու։
Հոճան
արագ-արագ
գլուխը
մէկ
ուսէն
միւսը
թռցնելով:
Հոտ:
Անշուշտ
Հոճային
թթուն
դրուած
զգեստներէն
ու
թթուներու
տակառ
մարմինէն:
Բայց
ծծումբի,
կուպ[ր]ի
երանգով
որոնք
դժոխքին
ներկերը
կը
նկատուին:
Քիչ-քիչ
Հաճի
Ապտուլլահին
աչքերը
կը
նեղուէին
շարժական
տեսիլքէն,
որ
կ՚աւրուէր
ու
կը
շինուէր
Մոլլային
ձեւերովը:
Յանկարծ
զգաց
իրեն
դպողի
մը
ձեռքը:
Փնտռեց
ետին:
Ոչ
ոք:
Սառնիճի
մուտքին
սեւը
կը
թուէր
մեծ
մեռելքար
մը,
փոխանակ
պառկելու,
իր
յատակին
վրայ
ոտքի:
Դարձաւ
առջին։
Աչքերուն
յոգնութիւնը
շատցեր
էր
արագ-արագ
ու
քունի
մը
համը
կը
պատրաստուէր
կապիճներուն
խորերէն:
Շա՞րժ:
Վասնզի
զգացեր
էր
հնձանին
յատակը,
որ
գնաց
ու
եկաւ:
Այս
զգայութիւնը,
չափազանց
յստակ,
զինքը
արթնցուց
իր
թմբիրէն:
Բայց
անոր
նայուածքը
թոյլ
էր
տարօրէն
խոր
յոգնութեամբ
մը...
...
Ու
մէկէն,
անտես
ուժեր,
սանկ
կէս
մը
շօշափելի
ստուերներ,
ինչպէս
կ՚ըլլան
երբեմն
մեծկակ
մուխերը,
զգալի
եղան
անոր
շուրջը:
Չէր
տեսներ,
բայց
իր
բոլորակին
մէջը
(Սաիտ
Մոլլան
անոր
ալ
գծեր
էր
կախարդական
շրջանակը,
ուրկէ
հեռանալու
իրաւունք
չունէր
եթէ
չէր
ուզեր
մեծ
փորձանքներ)
կը
սպասէր
անոնց
թեւերուն
–
վասնզի
կասկած
չունէր
թէ
ատոնք
ոգիներուն
կը
պատկանէին
–,
թելերուն
որոնք
ըստ
պայմանին
անցնիլ
չէին
կրնար
կախարդ
բոլորակը:
Իրմէ
դուրս
տեսակ
մը
թելերու,
ստուերի
խժլտուք:
Ու
շատութեան
յստակ
զգացում
մը:
Անիկա
լեցուած
կը
նկատէր
հնձանը
հազարներու
շունչովը:
Ու
այդ
ուժերը
թօթուեցին
ուժգին
քարէ
սա
զանգակը
որ
գմբէթն
էր
անոր
գլխուն
վերեւ:
Ժանգի
կտորներ
խուլ
ու
կտրատ
աղմուկով
կը
թափէին
վար,
կակուղ
հողին
մէջ
հասուն
պտուղի
նման։
Իր
սարսափին
մէջ
անիկա,
ափովը
սեղմելով
կզակները,
նայեցաւ
Մոլլային,
միշտ
իր
բոլորակին
մէջ,
դառնալով
դիւային
պար
մը:
Ուրկէ
տպաւորիչ
էր
կոծկոծուն,
կտրած
կաթի
նման
փշուր-փշուր
շնչառութեան
սուլոցը:
Միւս
կողմէն,
քրտինքն
ու
շարժումը
անոր
մարմինէն
կը
բերէին
դուրս
եօթը
շաբթուան
ամբարուած
թթու:
Շա՞րժ:
Ուրիշ
ինչ
կրնար
ըլլալ:
–
Նայէ՛:
Պոռացողն
էր
Մոլլան,
մատը
ցցելով:
Ո՞ւր:
Հաճի
Ապտուլլահը
հարցուց
մտքին
բայց
պէտք
չունեցաւ
տեղ
մը
փնտռելու:
Գ.
Ու,
ինչպէս
որ
կը
պատահի
ատիկա
մեր
երազներուն
մէջ,
մէկը,
երկու
ձեռքին
ինչպէս
ափսէ
մը
անուշ,
բերաւ
ու
դրաւ
առաջին
անոր
տունը:
Քո՞ւն:
Չէր
սակայն,
վասնզի
Հոճան
իր
բոլորակովը,
Բագոսին
արձանը
իր
երկու
խոռոչներէն
նուաղ
կանթեղներովը,
ու
հնձանին
հանգամանքները
կը
մնային
իրական
ու
գոյ։
Ատոնց
լինելիութեան
մէջ
սակայն
իր
ալ
տունը։
Ու
ատ
էր
տարօրինակը։
Արթո՞ւն։
Չբանաձեւեց:
Բայց
հաստատեց
դադարը
գմբէթին
ճօճքին:
Արձանին
պորտին
լոյսին
սիւնակը
կ՚այրէր
միօրինակ,
առանց
փլչելու
ու
առանց
մուգ-կարմիր
բիբին։
Պաղած՝
աչքի
մը
նման։
Ու
իր
առջեւ
գորշ
յատակին`
իր
տունը:
Բայց
կատարեալ
հարազատութեամբ:
Ու
կրկնելով
այն
զգայնութիւնը
որով
տունիդ
մէկ
մաս[ի]ն
մէջ
գտնուելուդ
հակառակ,
անոր
ամբողջն
ալ
ունիս
ջիղերուդ
վրայ։
Մեծ
իր
սենեա՛կը,
թուրք
միջակ
տուներու
հիւրանոցը,
որուն
տախտակամածը
խոշոր
ճեղքեր
ունէր,
տախտակներուն
չորնալուն
արդիւնք
եւ
որոնք
կը
պահէր,
շերամաբուծական
քննիչին
յանձնարարութեանը
համաձայն,
իբր
օդամուտ
թանկագին
որդերուն:
Մեր
տունին
վերաբերող
մեր
զգայնութիւնները
ջուրին
վրայ,
համակեդրոն
քալող
բոլորակներով
կը
տարածուին:
Դրան
ճիշդ
սեմին
պայտի
այրուցքը,
խարանուած
իր
ձեռքով,
մանկութեան
օրերուն:
Ու
ինչպէս
երազի
մը
մէջ,
ամէն
ակնթարթի
բան
մը
կը
փոխուէր
անոր
մարմինէն,
րոպէ
մը
տեսողութեան
առաջին
բլանին
բերելով
ինչ
որ
կազմած
էին
բազմազգի
խաւը
անոր
տարիներուն:
Սենեակ
մը
մեր
կեանքն
է
յաճախ:
Ու
արագութիւնը
սա
խուսափումներուն,
ետ-
դարձներուն:
Ահա
բազմո՜ցը`
որուն
անկիւնին
ծաղկենկար
ու
արաբ
բարձը,
գործ`
Նայիլէին
ոսկի
մատներուն,
տօնական
օրերու
այդպէս
զետեղուած,
իր
մետաքս
շողիւնին
մէջ
իսկ
ցոլացնելով
մետաքսը
դէմքին
որ
անիմանալի
ճառագայթումով
անցեր
էր
ձեռագործին:
Բարձին
հետ,
մշտածոր
ժպիտը
պոլսուհիին,
տակաւին
երկրորդ
կնիկէն
առաջ,
այն
անպարագրկելի
աղապատանքը
որ
կինն
է
երբեմն,
միսէն
ու
սէրէն
վեր:
Զգացումները,
անծայր
մշուշներ
յաճախ
բեհեզի
մը
պէս,
մուխէ
վառի
մը
պէս
կը
պարուրեն
մեր
հոգին: ...
Առջին`
նարկիլէ
ն,
Դամասկոսի
շուկայէն
գնուած,
տխուր
գլուխովը
ծախողին
որ
հիւանդ
տղուն
կաթ
գնելու
համար
ծախու
էր
հանած
պապենական
միակ
նշխարը,
որով
իրենց
յոգնութիւնն
էին
փարատեր
այդ
մարդերը,
հայրն
ու
մեծ
հայրը...:
Առէքին
հաճիներուն
մենաշնորհը
նկատուած
ու
միայն
պայրամներուն
գործածուած
փաթթոցը,
վրան
շղարշ
մը։
Սա
րոպէին
կը
պակսէր
ծածկոյթը։
Ու
անոր
դեղին
մետաքս
ծաղիկներէն
ծիլ-ծիլ
արեւ
մը
կը
թրթռար,
այն
անմոռանալի
ճառագայթումը
զոր
անիկա
տեսեր
էր
նուիրական
Քաղաքէն,
կտաւը
փորձած
ատեն,
երբ
ասեղի
պէս
կճող
բաներ
մը
կ՚այրէին
իրենց
խայթը
իր
ծոծրակին:
Ծանր,
սպաննող
կրա՜կը
այդ
ցորեկին.
ու
ձեւեր,
կիներու,
որոնք
պտտող
սաւաններ
էին,
առանց
ոտքի
ու
առանց
դէմքի:
Ու
պաշտօնական
ֆէսը
որուն
գոց
բալը
կը
դաշնուէր
սա
դեղնաւուն
թրթռումին:
Ո՞ւրկէ
եւ
ինչո՞ւ
սա
մանրամասնութիւնները:
Բայց
ե՞րբ
մարդ
տիրապետած
է
իր
երազներուն։
Պատերուն`
մեծ,
երկու
կանգուննոց
դանակները,
իրենց
կտուցովը
իրարու
կապուած,
կիսափայլ
ու
հին:
Որոնց
շեղբին
քանի
մը
կէտերուն
սեւ
բիծեր,
ըստ
աւանդութեան
սառած
արի՜ւնը
ով
գիտէ
ո՞ր
գլխատուած
կեավուրին:
Թուրքերը
իրենց
պատմութիւնը
այս
գիծով
իջեցուցած
են
անուսներու
հասողութեան:
Անոնց
ամէն
մէկուն
պատեանին
խնամքով
հիւսուած
էին
փունջերը
պոռնիկին
ծամերուն
որ
այդ
դանակներուն
ուրուաձեւ
հալածանքին
տակ
պարած
էր
Հաճի
Ապտուլլահին
պատանութեան
տարիներուն,
ճռուողուն,
ծափող,
հոտաւէտ
իր
մերկութիւնը
փախցնելով
գինովներուն
առջեւէն
ու
իր
վարժ,
օծուն
հոլովոյթներու
մէջ
կերպադրելով
խռովիչ
կորութիւնները
կիներու
միսին։
Հաճի
Ապտուլլահը
դիւրայոյզ
պատանի
մըն
էր
ու
կը
զատուէր
ընկերներէն
յորդութեամբը
իր
բարութեան,
կիները
ազատելով
անոնց
տանջանքէն,
շոյելով
հետքերը
անոնց
ակռաներուն
իրենց
միսերուն
վրայ,
ու
մեղմելով
անասնութիւնը
կրքի
այդ
ասպետներուն
որոնք
վաղը
աշխարհք
մը
կին
պիտի
անցընէին
շիշէ,
ինչպէս
կը
պարծենային
այդ
գռեհիկ
բայց
տարօրէն
ջերմ
սկիզբով:...:
Միշտ
այդ
պատերուն`
պղինձ
ափսէները,
մանրանկար
ու
արապէսգ
ով
մրջնացած,
–
յիշատակը
մարդուն
որ
շինել
տուած
էր
մետաղ
այդ
գրքոյկը:
Որոնց
իւրաքանչիւրին
հետ
կապուած
էր
մէկ
պահը
անոր
կեանքին,
խոր
ու
սարսափագիծ:
Մեր
զգացական
աշխարհը
ամփոփոյքն
է
այս
գիծէ
պահերուն:
Մեր
աչքին
առջեւ
անոնք
հանգչող
մեր
կեանքն
են,
պատրաստ`
մեզի
դառնալու
նոյն
ուժգնութեամբ
երբ
ուզենք։
Այլապէս՝
կը
սպասեն
խելօք: ...
Ու
յախճապակի
ծաղկանօթները
որոնք
նուէր
էին
աղքատ
մշակի
մը,
նեղ
օրին
իր
դուռը
զարկած,
չորս
զաւկըներով
անօթի,
մանգաղէն
ամիսով
կանուխ...:
Տուեր
էր
ցորենը,
անունն
ու
գեղն
իսկ
չհարցուցած:
Յուլիսին
մայրը
կը
բերէր
փոխը,
վրան`
սա
ամանները,
շատ
հաճելի`
պոլսուհիին,
եւ
որոնք
հնդկական
կուռքերու
նման
յանկարծ
քալել
առին
դանդաղ
եւ
օրօրուն.
իրենց
ետեւէն`
հօրը
դագաղը,
ան
ալ
դանդաղ
ու
օրօրուն:
Տեւողութեան
յղացքին
սա
խանգարումը
զայն
ըրաւ
վախկոտ:
Անիկա,
առարկաներուն
կապուած
այդ
զգայութիւնները
չէր
կրնար
զետեղել
ժամանակին
մէջ։
Ամէն
կողմէն,
սա
շարժումներուն,
թռիչքներուն
յստակութիւնը
համեմատական
էր
իրենց
արագ
շրջանումին:
Ակնթարթային
սա
նկարագի՞րն
էր
պատճառ
որպէսզի
միտքին
ուղղիչ
սլաքը
չգործէր
ատենին,
երեւոյթները
զետեղել
կրնալու
համար
տեւողութեան
առուակի
մը
մէջ: ...:
Վերլուծումը
չի
կրնար
սա
իմացական
սինեման
նուաճել
գրական
արդի
օրէնքներով:
Զանց
կընեմ
ահագին
բան,
որոնք
Հաճի
Ապտուլլահինը
եղեր
էին
իր
իբնոթիզէ
այդ
վիճակին
մէջ:
Ու
այդ
բաները
տասը-քսան
տարիներու
հի՜մք
մը
կ՚ընդգրկէին:
Երկրին
յատակը,
կախարդ
բոլորակի
մը
մէջ,
անիկա
մանաւանդ
տառապած
էր
այդ
երեւոյթներէն
ծորուած
մարդկային
գոլէն
որ
կը
հեւայ
բայց
ձեւ
չի
հագնիր,
անակնկալ
րոպէին
վերստանալու
համար
իր
մարմինն
ու
իմաստը:
Տարիներով
կը
յաճախենք
տեղեր,
առանց
զանոնք
տեսնել
կրնալու:
Բայց
կու
գայ
օրը
երբ
անակնկալ
բխում
մը
պարզ
կ՚ընէ
մեզի,
այդ
տեղերուն
եւ
մեր
միջեւ
հիւսուած,
խճանկարուած
պատկերները,
որոնց
բաղադրիչ
տարրերը
ինկեր
էին
մեր
անգիտակցութեան
մէջ:
Դիւթապատկե՞ր,
ինչ
որ
կը
դրուէր
Հաճի
Ապտուլլահին
առջեւ,
նման
հարիւրով
ուրիշներու,
որոնք
նուէրն
են
արեւելեան
երեւակայութեան։
Կար
ատեն
մը
երբ
այդ
գեղերուն
ու
քաղաքներուն
մէջ
գոյութիւն
չունէր
սրճարանը
ու
մարդիկ
կը
խմբուէին
սոճիներու
շուքին,
ու
փոխանակ
խաղով
ժամանակ
վատնելու,
կը
պատմէին
սա
հրաշալիքները
իրարու:
Դիւթապատկե՛ր:
Բայց
անկէ
աւելի։
Վասնզի
անիկա
ողողուած
էր
բացառիկ,
մարդկեղէն
ալ
բուրումով
մը
որ
մեր
անցեալին
յիշողութիւններն
այնքան
անկորուստ
պահող
փաթեթ
մըն
է,
շատ
աւելի
դիմացկուն
քան
յիշողութիւնը
ինքը`
իբր
ուղեղային
երեւոյթ:
Որով
մեր
տուները,
մեր
հին
զգայութիւնները,
մեր
կեանքին
ամբողջ
ծրարը
մեզի
համար
կանգուն,
մեզի
միայն
կարելի,
իմացական
կառոյցներ
կ՚ըլլան,
այդ
մոգացումին
մէջ
աննահանջ
ու
անխորտակելի,
մեզի
խուժելու
պատրաստ
շատ,
շատ
հեռուներէն:
Հերիք
է
որ
անոնց
ու
մեր
մէջ
երբեմնի
աղերսէն,
ծուէն
մը
բան
մը
պատահմամբ
վերագտնէ
մեր
ջիղերը,
թէկուզ
աշխարհով,
կէս
դարով
բաժնուած
այդ
օր
մը
եղած
իրականութենէ[ն]
։
Մենք
կը
զանազանենք
այդ
հոտերը
բիւրաւորներու
մէջէն
ու
բարակ,
անգոյ
այդ
ճամբով
է
որ
թափանցումը
կ՚ընենք
տեւողութեան,
յաւիտենականութեան
անհաս
խորհուրդին:
Օր
մը
ձեր
համբոյրը
լսած
նկար
մը
չի
կրնար
մոռնալ
շրթներուն
սօսափը,
մազերուն
մանիշակ
հովը
ու
միսին
ամպարեայ
եղկ,
կծկծուն
հոտը
որ
ձեր
ձեռքերուն
մէջ
ճմլուեցաւ
ձեր
գրկած
աղջիկէն:
Ըսել
կ՚ուզեմ`
ձայնն
ու
գոյնը,
իրարու
հետ,
կը
բերեն
մեր
միտք-բեմին
աղջիկը
զոր
սիրեցինք,
ու
համբուրեցինք
նկարի
մը
աչքին,
ու
պատանին
որ
եղանք:
Ու
ճիշդ
է
եւ
ի
զօրու
սա
օրէնքը
խոր
ծերութեան,
լիակատար
խլութեան
իսկ
գերեզմանին: ...
Հաճի
Ապտուլլահը
չէր
կորսնցուցած
հնձանին
զգայութիւնները,
ոգիներու
հաւաքումին
կապուած
անձուկը
ու
պահին
իմաստը
ուր
կը
տրուէր
իրեն
հաղորդուիլ
սա
վիճակներուն:
Մոլլա
Սաի՞տը:
Կար
ու
չկար`
համաձայն
Հաճիին
ուղեղը
գրաւող
պատկերներուն...
Տունը,
իրը
սակայն,
դողա՜ց,
վասնզի
տարի՜ն:
Ու
անոր
ուղեղին
մէջ
գծուեցաւ
պատմումի
[մը]
դրուագ
մը
որ
կը
պատշաճէր
սա
զգայութեանց:
Հոն
ալ
տուները,
մարդերը,
մեղքերը
կը
հալէին
ու
կը
ծնէին
կրկին
հսկայական,
ցնորական
սունկերու
նման...
Շա՞րժ:
Նուաղո՞ւմ:
Անունը
դուք
դրէք
այս
վիճակին
որուն
մէջ
մեր
բոլոր
հաստատուն
ընդունած,
այսինքն
հաստատուն
մարմիններէ
մեր
մէջ
տեղաւորուած
զգայութիւնները
փոխէին
իրենք
զիրենք,
հեղուկնային:
Անոր
տրուեցաւ
վախը
մօտ
ողողումի
մը,
այնքան
կակուղ
էր
հողը
ոտքին
ու
կամարին
խեցիները
տաքցուած
շաքարի
շերտեր
կը
թուէին,
գալարագին,
փլչելու
պատրաստ...
Չկար
Մոլլա
Սաիտը։
Չկար
Սառնիճը:
Չկար
մութ
ու
լոյս:
Տե՞ղը:
Իր
ննջասենեակը,
հանդիսաւոր,
զուարթ,
գեղեցիկ:
Կոկ
՝
ճաշակէն:
Կտոր
մը
ծալուած
թուղթ
ըսես,
այդ
սենեակը,
զոր
կախարդ
մոգ
մը
դանդաղօրէն
կը
բանայ,
կազմելով
այնքան
ընտանի
անոնց
տեգոռը
նման
հիւրասենեակին
հնատիպ
ոճին...:
Ու
հոն
էին
իր
զոյգ
կիները,
իրենց
ձեւին
լրիւ
շէնքով.
աւելի`
իրենց
իմաստին,
համին,
իր
ջիղերուն
վրայ
անոնց
ճպոտին,
հոգեմոյնքին
վճռական
հարազատութեամբ:
Իր
կիները
առանց
ծածկոյթի,
անկողինի
նէկլիժէ
ով
մը։
Հաճին
կճուեցաւ
դժնդակ
զգայութենէ
մը
որ
էրիկ
մարդուն
խորքը
կը
կազմէ
Արեւելքի
մէջ:
Գիտէր
անիկա,
թէ
հակառակ
ոգիներուն
ու
հակառակ
շարժին
ու
հնձանին,
անիկա
կը
գտնուէր
ներկայութեանը
մոլլային,
որուն
աչքերը
բացուած
էին
մտերմութեանը
վրայ
իր
կնոջը,
պոլսուհիին
ձեւերուն։
Թուրքերը
իրենց
կիները
կը
նախանձին
ու
կը
ծածկեն
երեսն
անոնց
հօրմէն
անգամ:
Ան
ճիգ
ըրաւ
արձակելու
զգուշութեան
աղաղակը.
-
Մէկը
չըլլա՜յ...
որով
ամէն
արու
պարտաւոր
էր
իր
մուտքը
յայտարարել,
էգերուն
առիթ
տալու
համար
որպէսզի
ծածկուին
կամ
հեռանան,
ու
չկրցաւ:
Անոր
կոկորդն
ալ
կակուղցած
կը
թուէր
պատի
խեցիներուն
նման:
Ու
պարտաւորուեցաւ
հանդուրժել
անտես
աչքը
իր
աներին
որուն
հանդէպ
խորունկ
իր
ատելութիւնը
սա
պատկերին
մէջ
ան
հազիւ
հասկցաւ: ...
Անփոյթ,
ննջարանի
զգեստով,
որուն
ձեւն
ու
ճաշակը
Պոլսոյ
հանըմները
կը
թելադրէր,
անոր
կինը,
սիրականը,
նախատուածը,
հալածուածը:
Որ
կը
նայէր
պարզ
ու
սրտառուչ,
անկողինի
բարձին,
կիսաբաց
թեւը
արմուկ
ծռած:
Ու
ժպիտ
ու
հով
ու
քաղցրութիւն
կար
անոր
սպասումին
մէջ:
Այս
փափկութիւնները
վեր
չեն
ժողովուրդի
մարդոց
վայելումէն:
Մի՞ւսը
։
Կը
քնանար
Մոլլային
աղջիկը,
անկողինին
ձախ
եզերքին
զետեղած
իր
հաստ
մարմինը,
միամիտ,
անհոգ,
ոչ
չար,
ոչ
ալ
բարի,
ինչպէս
էր
իրականութեան
մէջ
նկարագիրը
միuի
այս
զանգուածին...
Ի՞նք:
Ոտքի,
դաշտէն
դարձած,
հողի
շեշտ
հոտով
մը։
Ափերուն
դեռ
չէր
աւրուած
եղկ
պատկերը
մաճին
ու
հոգիէն՝
գոհունակ
զգացումը
արդէն
յայտնուած
բարիքին
որ
տասնապատկուած,
Աստուծոյ
օրհնութեամբ
դեղին
ոսկիէ
առուակի
մը
պէս
պիտի
դառնար
ետ
իր
ամպարներուն
մէջ
դիզուելու։
Բայց
անիկա
չէր
կորսնցուցած
հնձանային
իր
զգայութիւնները
ու
կը
զարմանար
արտին
ու
սառնիճին
սա
փոխադարձ
աղերսին:
Միւս
կողմէ
իր
ննջարանին
մէջ
պահն
էր,
եղաւ
աշնան
գիշեր:
Ողիմպոսէն`
հովը
որ
ձիւներուն
երեսները
քերելով
կու
գար
ու
պատուհաններու
ճեղքերէն
կը
նետէր
ներս
ցուրտը,
սառոյցի
մանրուքով
լեցուն
փոշի
մը:
Պղտոր
ճրագ
մը
այդ
խուժումը
կ՚ընէր
ծածանուտ
ու
վիժող:
Ու
տղե՜կը:
Թաթիկները
հանած,
թոմպուլիկ
ու
կախ:
Է՜,
է՜,
է՜,
մանուկներուն
անբառ
լեզուն
որ
կը
պատմէ
մենէ
վեր
ով
գիտէ
ի՜նչ
իմաստութիւն:
Ու
անոր
դաստակին
կանանչ
ուլունքը,
չար
աչքէ
պահող:
Ու
անոր
գլխարկէն,
ժանեակի
հանգոյց
մը
կեդրոնին,
ինչպէս
ադամանդ
մեղու
մը`
սիրական
ճարմանդ
մը,
որով
անիկա
իր
չփակին
ժանեակները
ստինքներու
բաժանման
կէտին
վարդի
մը
ձեւով
հանգոյցի
կը
տանէր:
Քո՞ւն,
արթո՞ւն:
Տղեկին
աչուկները
չէին
երեւար:
Ու
խաղաղութիւն
ու
երջանկութիւն...
Պոլսուհին
իր
քով
էր
այդ
օրրանին
առջեւ:
Ու
հագած
էր
անիկա
հարազատութիւնը
իր
ձեւերուն,
ինչպէս
պատկեր
մը
երբեմն
նկարի
մը
մէջ
կը
հագնի
խորհուրդը
իր
չըսած
ծարաւին,
սիրոյն,
կարօտին,
երբ
կը
հոսի
քու
մէջդ
ու
կը
պարպէ
ինքզինքը
քեզի:
Մետաքս
պատմուճա՞ն,
որպէսզի
պատկերը
շփոթուէր
հեքիաթէն
պանծացուած
փերիի
պէս
հմայիչ
անդրիներուն,
տիւնեա
կիւզէլի
ներուն
մարմինէն
հանուած,
որոնք
կը
սպասէին
իրենց
առջեւ
քարի,
կոճղի
վերածուած
սիրականներուն
զարթնումին,
ով
գիտէ
քանի՜
դար,
մինչեւ
որ
կախարդութեամբ
այդ
վիճակին
հասնող
երիտասարդին
պարագաներէն
մէկը
խորտակէր
վհուկներուն
կապանքները,
մտնէր
այդ
ամայի
պալատներէն,
ու
բառով
մը,
շարժումով
մը
ջնջէր
դիւթքը
քարէն,
փայտէն
բխումի
բերելով
զայն,
քաղցր,
յանկուցիչ
երիտասարդը
ու
տար
իրարու
անոնց
ծարաւ
շրթունքները...
Պոլսուհին,
ծունկին
վարդագոյն
բեհեզ,
ուսերուն
մեղրագոյն
շղարշ,
աչքերը
ծովի
պէս
կապոյտ,
խաժ,
գոց
ու
բոց,
–
գոյնի
այդ
փոփոխութիւնը
անիկա
հաստատեց
խուլ
դժգոհութեամբ
–
խոր
բայց
գրաւիչ,
կ՚երգէր
մանրիկ,
քիչ
բառով
բայց
շատ
բանաստեղծութեամբ
նէննի
ն,
տարօրէն
քաղցր,
շոգիացած
շէրպէթ
ին
պէս
կպչուն
ու
մարմինին
վրայ
պղպջուն:
Նէննի
ն,
ճիշդ
ու
ճիշդ
ան
զոր
կը
յիշէր,
գիտէր,
երգուած
հեռու
օր
մը,
օրերու՝
իր
ալ
օրրանին:
Ու
այդ
ձայնը,
շերտ
շերտ,
շեղանկիւն.
ինք`
տարազեց
փագլալա,
փագլաւա
(թուրքերը
անուշի
զգայութիւններուն
մէջ
կը
գերազանցեն
Արեւելքի
ուրիշ
ժողովուրդները),
կը
դրուագէր,
կը
սատափէր
այդ
զմայլելի
տարածութիւնը,
ընելով
այդ
սենեակը
շաքարի
ու
համի
տուփ
մը:
Մարդ
իր
զգացումներու
տարողութիւնը
հակակշռած
ատեն,
կշիռին
տակն
է
իր
նկարագրին:
Նոյնպէս,
իր
հունէն
արձակուած
պահուն,
զառիթափը
կ՚առնէ
այդ
նկարագրին:
Հաճի
Ապտուլլահը,
հակառակ
մարդասպան
մը
ըլլալուն,
սիրելի
ընող
առաքինութիւնները
կու
գային
թերեւս
սա
քաղցրագին
հոգեյատակէն:
Զգայազեղծման
մէջ,
երբ
մենք
վերածուինք
մեզ
կազմող
կտորներուն,
մեր
հոգին
գոյնը
կ՚առնէ
իր
մեծագոյն
կորիզին
։
Ուրիշ
բան
մը
չէ
խառնուածքը,
ժողովուրդով
բանաձեւուած
բնութքը
աս
ու
ան
հարսին,
երբ
կեսուրները
ընտրելու
կը
կանչէին
իրենց
յաջորդները...
իրեն
յատուկ
աչքի
մեղմութեամբ
էր
որ
սա
տեսարանին
վրայ
Հաճի
Ապտուլլահը
հետեւեցաւ
իր
կնոջը:
Մօտեցեր
էր
պատուհանին:
Օրը`
վերածուած
ցերեկի:
Ու
անոր
խելքը
չէր
հասներ
այս
փոփոխութեան:
Թրքուհիները
պատուհան
բանալու
սովորութիւն
չունին:
Բայց
ճաղերուն
ետեւէն
ուշադիր
կը
զննեն
փողոցը,
կէսով
մը
հակ:
Անոր
ականջները
շարժեցան
ալ,
ուլականջի
խեփորին
նման:
Երազին
եւ
իրականութեան
մէջտեղը
ծփուն
սա
զգայութիւնները
Հաճիին
ջիղերուն
կու
գային
ու
կ՚երթային
անրջային
թեթեւութեամբ
մը։
Անիկա
սակայն
զգածուեցաւ
մէկէն
շատ
ուժգին,
վասնզի
կնոջը
դէմքին
բացուեր
էր
տեսակ
մը
հոծ
դալկութիւն։
Անոր
բոլոր
մարմինը
կը
դողար
դեռ
չեկած
մտածումին
ահէն,
վասնզի
Ճինճի
Հոճային
անոր
մէջ
ցանած
սերմը
մէկէն
տաքցեր
էր:
Կասկածն
ալ
խնամքով
հարկ
է
տեղաւորել։
Այլապէս
կը
փոխուի
զրպարտութեան:
Ինչո՞ւ
այդքան
դալուկ,
երբ
ոչ
մէկ
պատճառ:
Օրրանի
տղան
կը
շարունակէր
լզել
սեպհական
մատիկները
ու
կը
ճռուողէր,
բառին
տալով
թռչնային
իր
իմաստը:
Յետոյ
տեսաւ
որ
անոր
կինը
ծունկը
կոտրեց
օրրանին
առջեւ:
Պատուհանէն
դէպի
օրրան
անոր
քալուածքն
ալ
դալուկ
թուեցաւ
Հաճիին,
նոյն
անմեկնելի
դալկութեամբ:
Յետոյ
ժպիտ,
որ
բացուեցաւ
հովի
մը
շուքին
պէս
Հաճիին
ալ
հոգիին:
Կասկածը
մեռա՞ծ:
Մի
աճապարէք։
Մեր
ողբերգութիւնները
երկրաչափական
թէորէմներ
չե[ն],
որոնք
գլուխնին
առած
կը
դիմեն
իրենց
լուծումին:
Անոնք
շինուած
են
այս
երկուութենէն։
Իր
կնոջը
բոլոր
շարժումներուն
կ՚ընկերանար
անվերածելի
իրականութիւն
մը,
չոր,
խիստ,
բացարձակ,
այնքան
որ
Հաճին
իր
սիրտը
զգաց
նեղ
ու
խայթուած։
Չփնտռեց
ինչուն:
Բայց
կը
տառապէր
պատկերէն:
Ա
նոր
մէջ
իբր
մթնոլորտ
կը
տիրէր
քարայրին
ընդհանուր
իմաստը,
թէեւ
ջնջուած
էին,
բայց
խաբուսիկ
ընկրկումով
մը,
Մոլլա
Սաիտը,
ոգիներուն
հրաւէրը:
Անոր
արիւնը
ճակատը
խուժեց
տաք
թելերու
կսկծուն
ծուփով
մը
վասնզի
տեսեր
էր
ծնրադիր
կնոջ
ծոցէն
ելքը
սրուակի
մը,
հազիւ
թեւ
ելած
ծիծեռնակի
մը
մարմինով,
այդպէս
կտուցիկին
դեղին
ու
սուր:
Հաճին
երկու
ձեռքերով
բռնեց
իր
կզակները,
ինքզինքը
փոխադրեց
դէպի
աչքերը
որոնք
պրկումին
տակ
կսկծացին:
Ու
անոր
կինը
բացաւ
սրուակը,
շրջեց
մեղմ
ճկոյթի
ծայրին:
Դեղինի
վրայ
կաթիլ
մը
բան
կեցաւ
այդ
ծայրին։
Յետոյ,
անհուն
շնորհով
ու
բնականութեամբ
մը,
նման
մօր
մը
որ
երկվեցեակ
մը
մանուկ
է
դիեցուցած,
ծոցէն
հանեց
ստինքը,
անոր
պտուկին
վրայ
տարածելով
դեղնորակ
կաթիլը։
Ժանեկազարդ
շապիկին
ճեղքէն
մարմարէ
այդ
ողկոյզը,
ուր
կապուտիկ
գիծերու
ամբողջ
երկրաչափութիւն
մը
կար
անլոյծ,
կրկնեց
անոր
մէջ
թմբիրային
այն
առքը,
զոր
կ՚ունենար
երբ
կ՚առնէր
ափին,
գողտր,
քիչ,
ձիգ,
ցատկելու
պատրաստ...:
«Հաճի
Ապտուլլա՜հ,
ինչու
եկար
երկրին
սիրտը»,
հարցնէր
մէկը
անոր...:
Պոլսուհին
այդպէս
օծուն,
գաղջ
պտուկը
դրաւ
պզտիկին
բերանը
որուն
շրթները
թուխ
հատիկը
կուլ
տուին:
Ձիւնին
մէջ
ինկած
ձիթապտուղ
մը
այդպէս
կը
կորսուի:
Հաճին
շունչը
բռնած,
ճաթելու
աստիճան
նեղցուց
իր
կուրծքը,
անկարող
պարպելու:
Մօտ
էր
պոռալու:
Վասնզի
բուսած
էր
սերմը
րոպէի
մը
մէջ:
Պոլսուհին
կը
թունաւորէ՜ր
իր
ձագուկները,
ինչպէս
Ճինճի
Հոճայի
պատմութեան
մէջ
հեռու
գիւղաքաղաքին
ամուլ
կինը
կ՚ընէր
իր
ներոջը
տղաքը
այդպէս
մեռցնելով:
Բայց
թունաւորումը
պարզ
բառ
մը
չէ
ինչպէս
ժպիտը
կամ
համբոյրը:
Անիկա
կանգ
առաւ
մօր
մը
սա
երանաւէտ
տեսարանին:
Մարդկայինէն
անդին
բուռն
էր
ճառագայթումը
որ
լուսցուց,
վառեց,
բոց
ըրաւ
դալկութիւնը
կնոջը
այտերուն
եւ
անոր
աչքերը
վերածեց
անյատակ
հորերու,
փորուած`
ձիւնի
եւ
կրակի
տաշտի
մը
վրայ,
երեսին`
գօտի,
երեսին`
կա՜լ
ու
հեղուկցած
կապոյտ:
Մարդկայինին
ջնջո՜ւմը:
Օրրանի
մը
դէմ
կինը,
որուն
զլացուած
է
բախտը
մայր
ըլլալու:
Ու
երանութիւնը
հովանի
կ՚ընէր
ու
հովանի
կ՚առնէր
օրրանէն
ու
անոր
կիսահակ
մօրկան
մը
դէմքէն:
Հասկցա՞ւ,
սա
ուրուանկարին
առջեւ
անսրբագրելի
թախիծը
իր
կնոջ,
որ
կու
լար
հաճոյքին
ու
վայելքին
ծոցը,
անոր
ուղեղը
դնելով
խռովքի։
Այրերը
քիչ
բան
գիտեն
կիներու
ստինքներէն:
Տունը
կրկին
դողաց։
Փողոցէն
հեծեալներու
արշաւ
մը
որ
ձայնով
միայն
կը
յայտնուէր:
Դուռի
մը
զարկը
իր
տունին,
իր
ձեռքով:
Անիկա
տեսաւ
իր
կինը
որ
կ՚ելլէր
արագ,
կը
կոճկէր
կուրծքը,
կը
սրբէր
աչքերը
ու
կը
պատրաստուէր
դուրս
ելլելու:
Տունը
դղրդեցաւ:
Հաճի
Ապտուլլահը
սառնիճին
խորն
էր:
Ո՞ր
անտես
ձեռքը
փոխեց
վարագոյրը:
…:
Անոր
առջեւ
մեռելաստան
մըն
էր:
Փոքր
ու
ընտանի,
ինչպէս
գիտեն
ըլլալ
հողը
խնայող
գեղերուն
գերեզմանատունները,
կտցուած,
կրճատուած`
հողի
անյագուրդ
բնազդէն
որ
աւելորդ
կը
դատէ
փողոցն
ու
հրապարակը,
անոնցմով
գրաւուած
գետինները
ափսոսալով:
Նոճինե՜ր,
ծանօթ,
իրենցը:
Առտուայ
անուշիկ
արեւ
մը
այդ
ծառերուն
բոժոժիկները
լոյսի
մէջ
կը
թաթխէր
ու
կը
հանէր,
երբեմն
ալ
ճիւղի
մը
ճօճումին
մէջ
ձեռքի
մը
բախումը,
չափը
թելադրելով:
Գերեզմանատուն
հանող
ճամբան,
քիչ՝
մարմինէն,
բայց
բոլորող
ուռենիներուն
հնօրեայ
երկշարք
թափօրովը
իր
մէջ
արթնցուց
այն
զգայութիւնները
որոնք
իրն
էին,
զաւակները
տուած
չորս
հոգու
ուս
երբ
կ՚երթար
ատկէ,
ընդհանրապէս
սա
ամսուն,
մինչ
պարտէզներուն
մէջ
մատակները
հազիւ
գլուխ
կը
վերցնէին
մեռելական
բազմութեան:
…Դափնիի
նոյն
թփիկը
որ
իր
թեւերուն
տակ
կը
զետեղէր
իր
թաղուած
տղոցը
հանգիստը,
հեռուէն
ինքզինքը
ցոյցի
էր
հանած:
Գերեզմանը
մօտ
է
գիւղի
ընդհանուր
պատկերին:
Հոն
ալ
հարուստներ,
ինչպէս
էին
անոնց
տուները
կեանքին
մէջ:
Ու
հոն
մտնողը
ինքնաբերաբար
կ՚առնէր
կածանը
կամ
ոլորքը
որ
զինքը
պիտի
տանի
իր
թաղին...:
Կը
քալէր
անիկա:
Ահա
մորմենիներու
թաւուտները,
անառակ
ու
յամառ,
որոնք
գերեզմանի
մուտքը
կ՚եզերէին
ու
հակառակ
քանի
մը
տարին
հեղ
մը
խարուկուելնուն,
կրկին
կը
գրաւէին
իրենց
դարաւոր
կայքերը,
այդպէս
կանգուն
ու
ժանեկազարդ։
Ու
անոր,
գերեզմանին
խորհրդաւոր
քարը,
յարդարուն`
ինչպէս
աթոռ
մը
ուր
կ՚երթար
քիչիկ
մը
հանգիստ
առնելու
մեռնողին
ամէնէն
մօտիկը.
մայր,
հայր,
քոյր,
եղբայր,
որոնք
հիւանդութեան
հոգեվարքին
տագնապէն
սպառած
արդէն,
կը
տկարանային
գերագոյն
վայրկեանին
ուրկէ
անդին
սկիզբ
կ՚առնէր
մահուան
անհերքելի,
բայց
երբեք
հաւատացուած
իրականութիւնը։ ...
Այս
մանրամասնութիւնները
այնքան
յստակ
էին
որ
անիկա
վայրկենաբար
եղաւ
հայրը
որ
զաւակ
կը
թաղէ:
Չորս
էին
անոնք,
իրարու
նման,
մահէն
յետոյ
մտած
նոյն
կաղապարին,
ու
հիմա
անաւարտ
պատկերի
մը
պէս
կը
կենային
անոր
ուղեղին:
Ինչո՞ւ
չէր
կրնար
զատել
զանոնք
իրարմէ:
Ո՞ւր
էին
մանուկի
գիծերը
որոնցմով
կազմուած
է
ամէն
ապրող
մարմին:
Բայց
ահա
զարհուրելին։
Կը
թաղէին
ու
մեծահանդէս,
–
վասնզի
ծանօթները,
կառավարական
պաշտօնեաները
մինչեւ
անգամ
հոն
էին
–
իր
զաւակը։
Մէկը
շշնջաց՝
«հինգերորդը»:
Նայեցաւ
ձայնին
որ
փողփողուն
ժապաւէն
մըն
էր,
օձի
մը
գալարքներով,
ուր
շարժումը
կը
ջանար
գիր
ըլլալ,
բան
մը
գրելու,
եւ
չէր
կրնար:
Հաճի
Ապտուլլահը
մոռցած
էր
չսորված
այբուբենը:
Ուրիշ
մը
թելադրեց
առանց
ձայնի
՝
«թունաւորուած»։
Հաճին
վազել
ուզեց:
Ոտքերը
կապ
էին
մեռելաքարին:
Յանկարծ
հողը
ցածցաւ,
մօտեցաւ:
Գերեզմանը
բաց
էր,
պզտիկ
սեւ
սեւ
կոշտերով
երկու
քովերէն: ...
Ե՞րբ
էր
մեռեր
պզտիկը:
Ինք
ինչպէ՞ս
կ՚անգիտանար:
Ինչո՞ւ
կը
թաղէին:
Պատնուած
ու
հակառակ
օրէնքին
դէմքիկը
դուրս,
ըսես
խանձարուրուած
ոսկի
ժպիտին
մէջ
որով
տակաւին
վայրկեան
մը
առաջ
անիկա
յարձակեր
էր
պոլսուհիին
ստինքին
։
…Դրին
ճաղին
ու
հողերը
կը
դողային
կոխողներու
քայլերուն
տակ:
Անցուցին
կափարիչը,
որուն
վրայ
ոչ
մէկ
զարդ:
Իջեցուցին
ցած
ծանր-ծանր,
իբր
թէ
աշխարհ
մը
թաղէին.
հողը
«տոգ-տոգ»
խօսեցաւ:
Բայց
անոր
աղիքները
կը
կտրտէին
իր
փորէն
ու
պոռաց
անիկա
ցաւէն
վեր
բանով
մը
դանկըտուած:
Ինկած
էր
գետին:
Դ.
Ուշքի
գալուն,
ան
ինքզինքը
տեսաւ
պատուհանին
եզրին,
Մոլլա
Սաիտին
հիւրանոցը,
գորգուած,
օդաւէտ,
ուր
քարայր
իջնելէ
առաջ
խօսեր
էին
անտարբեր
բաներէ։
Ու
նման
մէկու
մը
որ
փլատակէ
մը
կ՚ելլէ,
վախնալով
շարժելու,
անիկա
մնաց
սեւեռ
պատէն
կախ
կայսերական
զինանշանին,
թուրք
դրամները
թուրայ
էն,
նուէր՝
վարժուհիէ
մը,
հեռու
քաղաքէն
ջերմուկները
անօգուտ
փորձող
իր
զաւկին
մէկ
անախորժ
հիւանդութիւնը
դարմանելու:
Խճուղիին
մեծ
խաներուն
առջեւ
Պրուսայէն
Պիլեճիկ
կառքերը
ժամերով
դադար
կ՚առնեն:
Կինը
ճանչցաւ
Հոճային
համբաւը,
փորձեց
անոր
դեղը:
Մէկ
թուղթով,
այսինքն
խմուելիք
ջուրին
մէջ
թաթխուած
թուղթով
անոր
աղջիկը
կ՚ազատէր
իր
հիւանդութենէն։
Վարժուհին,
երախտապարտ,
ձեռքովն
իր
գործեց
կանանչ
մետաքսի
վրայ
արիւնոտ
սլաքները
զինանշանին:
Զինանշանին
պատմութիւնը
չլսո՛ղ.
օրրանի
տղա՜ն։
Վարժուհի՞ն:
Հաւանաբար
Նայիլէին
պէս
բան
մը։
Կուշտին,
անիկա
գիտէր
նստիլը
Մոլլա
Սաիտին,
բայց
չունէր
ուժ
ընելու
գլխի
շարժումը,
անոր
դառնալու:
Ամբողջ
նեարդներուն
մէջ
ծեծուածութիւն:
Ու
յօդերուն
շուրջը
մզմզուք:
Մտքին
մէջ
խորունկ
պարապ:
Անիկա
կը
փնտռէր
նկուղը,
այսինքն`
ինչպէս
անկէ
հոս
գալը:
Կը
տեսնէր,
թէեւ
աղօտ`
այծամարդ
արձանը,
կախարդ
պարունակը:
Ո՞ր
ճամբով՝
հոս:
Բայց
մտաբերեց
քարայր
տանողը:
Այս
փոքր
ճիգերը
տեսակ
մը
ցնցում
կը
կազմէին
անոր
կիսարթուն
վիճակին:
Մեծ
նուաղումներու
յաջորդ
անէացումին
սա
գոլը
մեծ
ալ
ձեւազեղծումներ
կը
ստեղծէ
մեր
մտքին
խորերը։
Գերեզմանատունը,
իր
տռամաթիգ
ամբոխումով...:
Մէկը
ըսես,
ձեռքին
պատրաստ
այդ
պատկերները
կը
բերէր,
պահ
մը
կը
բռնէր
ու
կը
տանէր,
առանց
նկատի
առնելու
իր
յուզումը,
արտաքին
զգայութիւններու
սլաքները,
Հոճային
հիւրանոցէն
անդադար
խորացող:
Արիւնը
կ՚արագանար
իր
երակներուն
մէջ:
Ու
քիչ-քիչ
անիկա
վերստին
գտաւ
ընտանութիւնը
այդ
իրերուն,
որոնք
պատերուն
վրայ
քաղաքի
եւ
գիւղի
ճաշակները
իրարու
կը
հաշտեցնեն:
Թուրքերուն
միջակ
տուներէն
ներս
լուսանկարի,
պատկերի
պակասը
զանոնք
զուրկ
կ՚ընէ
տան
մը
անխօս
այդ
բնակիչներէն:
Ու
աւելի
ըլլալով
Հաճիին
տէգոռէն`
քանի
մը
շատ
թանկագին
գորգիկներ,
տեղաւորուած
պատերուն,
մետաքսի
գոյնզգոյն
անձրեւ
մը
կախելով
որ
չ՛իյնար
գետին,
այնքան
ցոլացումը
ուժով
էր
այդ
գոյներուն:
Անիկա
կը
նեղուէր
հոտերէ:
Ձեռքերուն
դեռ
դիակները
ճմռուած
սոխերուն,
ճճիի
մանրուած
միսին
նման:
Քացախին
կարճ
ու
դառն
հովը`
որ
ռունգերուն
եւ
վիզին
շուրջը
կը
թափառէր:
Միւս
կողմէ
ամբողջ
հիւրանոցը
ողողուած
կը
թուէր
աբեթի
շատ
յատկանշական
բոյրով
մը,
դասական
նուաղո՜ւմը
ու
դասական
դարմանումը:
Գեղացին
չի
խօսեցներ
նուաղումէ
արթնցողները։
Անիկա
ուզեց
բերանը
բանալ:
Բայց
լեզուն
մեռելքարի
մը
պէս
ծանր
էր
պառկած
անոր
կոկորդին
վերեւ:
Անհուն
անզօրութիւն
մը
զայն
ըրաւ
զարմացկոտ:
Հոճան
ելեր
էր
տեղէն
ու
անցեր
էր
դէմ:
Կիսաժպիտ,
խորունկ
անոր
դէմքին
անոր
փեսան
կը
կարծէր
հետեւիլ
պատկերներուն,
որոնք
անոր
ամենազօր
ձեռքէն
փրթած
էին
ստորաշխարհի
այդ
քարայրին
որ
կ՚երթար,
կու
գար,
հետզհետէ
աղօտնալով
իր
գծագրութենէն։
Դուռը
բացուեցաւ
թեթեւ
հեւքով:
Մտնողը
Հոճային
աղջիկը։
Զաւակը
գրկին:
Որ
կը
ժպտէր,
թաթիկները
ճօճելով:
Ու
անոր
դաստակին
մէջ
նազար
ի
ուլունքը
ձիւնէն
բուսած
կապուտակի
մը
բաժակը
կը
յիշեցնէր,
զայն
բռնող
կապը
կորսուած
ըլլալով
միսին
առատ
խաւին
խորը:
Ու
կար
անոր
շրթներուն
անթարգմանելի
ճռուողիւնը
որ
պզտիկներուն
է,
կաթէն
ետքը
քունին
համար
թեւ
բացած:
Իր
տղեկը,
ան՝
որ
կը
թաղէին
քիչ
առաջ։
Պատկերը,
ձայնը,
մօտ
յիշողութիւնը
ստեղծեցին
զօրաւոր
տագնապ
մը
տկար
երիտասարդին
մէջ
որ
դեռ
չէր
ազատած
մղձաւանջին
ճիրանէն:
Հեկեկանք
ու
լաց,
բայց
բաւական
աղմկոտ,
դուրսէն
լսուելու
աստիճան:
Թուրքերուն
տուները
եսասէր
կառոյցներ
են
ու
իրարու
մօտ
իսկ
շինուած`
անարձագանգ`
իրարու
ցաւերուն,
չնմանելով
հայերուն,
որոնց
համար
դրացին
անհրաժեշտութիւն
մըն
է:
Մոլլա
Սաիտ
փութաց
պատուհանները
գոցել։
Նոյն
ատեն
անիկա
դուրս
հանեց
աղջիկը,
ցած
ձայնով
տալով
անոր
նոր
պատուէրներ,
որոնց
իմաստը
չհասաւ
Հաճիին:
Հիմա
մինակ
էին։
Հրամցուց
սիկառ։
Հաճին
կը
վախնար
ձեռք
երկարելէ,
ինքզինքը
կարծելով
թմբիրային
նոյն
դոնդողութեան
մէջ,
որ
անոր
մարմինն
էր,
աչքերը
բացած
պահուն:
Բայց
լացը,
հեկեկանքի
ձեւով
կատարուած,
ուժգին
շնչառութիւնները
փոխած
էին
բաւական
բան։
Մոլլան
զարկաւ
կայծքարին`
կայծհան
պողպատը,
ականջի
ձեւով
ու
մեծութեամբ:
Աբեթին
հոտը
կրկին
ծաւալեցաւ,
նորոգելով
Հաճիին
մէջ
արձակութիւնը
իր
արտերուն,
աշխատանքին,
գիւղական
մշտատեւ
այն
եռուզեռին
որոնք
իրարու
կը
կապուին
ու
աբեթին
հոտովը
պարուրուած
են
գիւղացիներուն
անգիտակցութեան
խորը
ու
կը
յառնեն
այնքան
դիւրաւ:
Կեա՜նքը: ...
Առաջին
պուկի
ն,
որ
անոր
չոր
երեսը
խոռոչաւոր
իջեցուց
դէպի
բերանը,
այտոսկորներէն
վար
հոսումով
մը,
անիկա
գտած
էր
աչքերու
սովոր
արտայայտութիւն:
Աւլուա՞ծ`
ոգիներու
չարագուշակ
հրաւէրը։
–
Սո՛ւրճ,
-
պոռաց
Սաիտ
Մոլլան
կրունկը
ճոկանի
մը
գունդին
նման
իջեցնելով
տախտակամածին։
Ու
մինչեւ
սուրճին
ժամանումը,
սիկառներուն
ընտանի
ու
ծածանուտ
ու
կիսախորհուրդ
մուխին
մէջէն
անոնք
վերադարձը
սկսան
իրարու:
Խօսակցութի՞ւն։
Դեռ
չէր
կարելի
այդ
բառով
որակել
սա
թել-թել
նետուող,
հիւսող
բանը,
որմէ
զգոյշ
էին
անոնք
հաւասարապէս:
Վասնզի
Ճինճի
Հոճային
մէջ
երկու
թիզնոց
հսկայ
քիւլահ
մըն
էր
հիւսուողը:
Ու
դուք
չէք
գիտեր
թէ
թուրքերուն
լեզուով
քիւլահ
հիւսել
բացատրութիւնը
փոխաբերաբար
ի՞նչ
կը
նշանակէ։
Անիկա
կատարեալ
փորձանք
մը
կը
պատրաստէր
լաւ
մը
թաւին
եկած
երիտասարդին
գլխուն:
Ոգիներու
հանրահռչակ
վարիչը
շատ
ալ
դժուարութիւն
չունեցաւ
սա
դեռ
անվարժ
երիտասարդը
«լծելու
իր
ջաղացին»:
Անիկա,
ոգեհարցական
զբաղումներու
մասնագէտ
գիտունի
մը
նման
կարգադրած
էր
այն
հանդիսանքը:
Անշուշտ
մագնիսացումի
կերպերը
բազմազան
են
ժողովուրդէ
ժողովուրդ։
Թելադրականութիւն,
հեռազդեցութիւն
վերացական
բառեր
ըլլալուն
չափ
նիւթական
երեւոյթներու
ծնունդ
տուող
արարողութիւններ
են:
Իր
ճարտար
խաղարկութեամբը,
անիկա
Հաճի
Ապտուլլահին
ուղեղին
փոխադրեր
էր
իր
տռամը:
Հիմա
կը
մնար
անոր
իմաստը
տեղաւորել,
ամրացնել
յեղյեղուկ
ու
իր
կնոջը
պուկի
էն
չարչարուած
հոգիին
մէջ:
Հեռուէ
հեռու,
ակնարկով
անիկա
մօտեցաւ
դիակներուն:
Ուրկէ՞
գիտէր:
Հաճի
Ապտուլլահը
հարցուց
մտովի,
բայց
չհամարձակեցաւ
բառ
ընել
հարցումը։ :
–
Փա՜ռք
Ալլահին
ու
սուրբերուն,
եօթներուն
ու
քառասուններուն,
Ճիպրայէլին
եւ
Ալիին:
–
Սիպհան
Ալլահ,
սիպհան
Ալլահ:
–
Փառք
Ալլահին
ու
անոր
բարի
ու
չար
բոլոր
ծառաներուն,
որոնց
կամքովը
կը
կատարուի
ամէն
բան
սա
մեր
աշխարհին
վրայ,
նոյնիսկ
անկումը
տերեւին...
Ու
չաւելցուց
սարսափելի
Հոճան`
–
Նոյնիսկ
թունաւորումը
մանուկներու:
Բայց
անոր
դաժան,
վրէժխնդիր,
գրգռիչ
նայուածքը
կ՚ըսէր
աւելի
անդին
քան
նախադասութիւնը,
–
Ալիմ
Ալլահ,
Ալիմ
Ալլահ...
Սպառնալիքի
սա
բացագանչութիւնը
դարձեալ
չաւարտեց
անիկա:
Վասնզի
երդումը
զօրաւոր
է
թուրքին
մէջ։
Որո՞ւ
կը
սպառնար
Աստուծոյ
անունով:
Շատ
ծանր
հիւանդութենէ
մը
նոր
ելած
մէկու
մը
նման,
որ
վարանոտ
է
մարմինէն
որքան
հոգիէն,
Հաճի
Ապտուլլահը,
հակազդելու
անկարող,
կ՚ընդունէր
իրեն
մատուցուածը,
նոյնիսկ
սա
թելադրական
անկատարութեան
մէջ:
Անիկա,
երդումին
ձայնէն,
աչքերու
ոլորումէն
ու
երկու
ափերուն
մէջ
թեթեւակի
թքնելէն
--
շարժումներ,
որոնք
Հոճային
մտածումները
կ՚արդարացնէին
--
հասաւ
թափանցումին։
Անոր
մտքին
մէջ
տիրական՝
մանուկներու
թունաւորումը:
Ու
ճիգով,
որքան
վախով
տարազեց
հարցումը.
–
Ի՞նչ
շահ
ունին։
–
Որո՞նք։
–
Անոնք։
Մոլլան
մեղմեց
իր
դիմագիծը:
Ոգիներուն
մասին
արդար
տարակոյսն
անգամ
զինքը
կ՚ընէր
թոյլ:
«Անոնք»,
իր
ճիները,
որոնց
դերը
չէր
հասկնար
պարզամիտ
երիտասարդը
մանուկներու
սա
անըմբռնելի
թունաւորումին
մէջ:
Տղաբերքի
շաբթուն,
Հոճային
կարգադրութեամբը,
կատարուած
էին
բոլոր
զգուշութիւնները,
որպէսզի
ոգիները
չփոխէին
իր
որսը,
օրրանէն
թռցնելով
զայն,
տեղը
ձգելու
համար
փուտ
միսով
մանուկ
մը
որ
քանի
մը
ամիսէն
կը
քաշուէր
ջուրէն
ու
կը
մեռնէր,
փտելով
մազերէն
անգամ:
Անիկա
կը
պատրաստուէր
բացատրելու
երբ
դուռը
բացուեցաւ:
Սուրճ
կու
գար:
Բերո՞ղը:
Մոլլա
Սաիտին
կինը:
Դասական
մեգերա
ն
տժգոյն
պատկեր
մը
պիտի
իյնար
սա
վաւերական
վհուկին
հետ
բաղդատուած,
այնքան
մորթ,
խորշոմ,
աչքի
խստութիւն,
մազերու
աղտ
ու
արտայայտման
հուրքը
իրար
կը
լրացնէին,
այդ
պատկերէն
առնելու
համար
մարդկեղէն
տարրը:
Ո՞ւր
էր
աճած
այս
կենդանին:
Եղե՞ր
էր
կին
երբեւիցէ:
Բուսե՞ր
էր
այդ
կածանուտ
միսերուն
վրայ
ժպիտ,
սէր:
Գնչո՞ւհի:
Ո՜վ
ինչ
գիտնար:
Իրողութիւն
էր
որ
Հոճային
ոգեգիտութիւնը
կու
գար
անկէ:
Ու
մարդիկ
չէին
կրնար
յիշել
քառասուն
տարի
առաջը
երբ
հիմկու
հզօր
Մոլլային
տեղ
անօթի
ու
բորոտ
սօֆթա
մը
կը
թափառէր
գեղէ
գեղ,
յոգնած
տեղը
երկննալով
ու
կանչուած
վրանը
իրեն
տուն
ընտրելով,
ինչպէս
թափառականը:
Անիկա
գնչուներուն
շուրջը
կը
դառնար,
անոնց
կիներուն
հոտէն
ինչպէս
մորթին
թաւիշէն
քաշուած:
Զգայարանքի
ու
երանգի
հանգիտութիւննե՞ր:
Ու
կը
լուսցնէր
անոնց
վրանները,
իր
մարմինը
պահպանելու
անկարող,
մտնելու
համար
ծոցը
կիներուն
որոնք
զինքը
ապրանքի
մը
պէս
կ՚անցընէին
իրարու:
Աւելի՛ն:
Բակլայ
նետել,
ֆալ
նայիլ,
պուկի
ընել:
Արարողութիւններ
որոնց
վրայ
անիկա
պիտի
բերէր
քանի
մը
տարի
ետքը
իսկական
ոգեգիտութիւնը,
աշակերտելով
Հնդկաստանէն
այդ
հովիտը
ինկած
տէրվիշի
մը։
Այդ
օրերուն,
անիկա
պատրաստ
էր
պառկիլ
ծոցը
ամէնէն
ուժով
վհուկին,
ծեծ
ուտելով,
բռնի:
Անոր
այժմու
կինը
մեծուհին
էր
վրանի
մը,
կատարեալ
փորձանք,
լեզուէն
ինչպէս
զգայարանքներէն:
Որ
խեղդեր
էր
իր
էրիկը
զայն
բռնելով
ծոցին
մէջ
ուրիշ
աղջիկի
մը
ու
մաքրած
ոճիրը
տեղական
ձեւերով,
գիշերը
կէսին
երկու
զոհերը
շալկած
տանելով
ձորակ
մը
ու
նետելով
խորունկ
փոսի
մը
մէջ։
Գնչուներու
ոճիրները
չեն
հասնիր
մինչեւ
մեր
արդարութիւնը։
Արիւնկզակ
ու
բռնակալ,
անիկա
մարզեց
աղկաղկ
սոֆթայ
ին
զգայարանքները
ու
հեռու
գեղի
մը
մէջ
խրճիթի
մը
խորը
եղաւ
անոր
նիքեահլը
կինը: ...
Մինչեւ
սա
հարստութիւնն
ու
փառքը:
Պէտք
է
քալել։
Դրաւ
ափսէն:
Բացաւ
ոսկի
ծխատուփը:
Շինեց,
մինչ
իր
աչքերը
խիստ
կը
խուզարկէին
տկարութիւնը
իր
փեսային:
Ու
ճերմակ
լաչակին
մէջէն
կախարդ
ու
հրէշ
այդ
պատկերը
տաժանագին
բան
էր
հանդուրժել:
Կարգ
մը
կիներէն
կու
գայ
այս
կարգի
զգայութիւն
մը
մեզի:
–
Ալիմ
Ալլահ:
–
Լռէ։
Հիմա
ատենը
չէ:
Միջամտողն
էր
Մոլլան
որ
իր
կնոջը
երդումը
այդպէս
խորտակեց,
դեռ
չարտաբերուած:
Քառասուն
տարին
անշուշտ
փոխած
ըլլալու
էր
սա
յարաբերութեանց
մէջ
քիչ
մը
բան:
Գնչուհին
հիմա
կը
լռէր
Մոլլային
մեծ
փառքին
առջեւ:
–
Գնա՛:
Ու
սիկառը
ծխացնելով
դուրս
ելաւ
գազանատիպ
պատկերը
այդ
կնիկին։
Սաիտ
Մոլլան
քիչ-քիչ
գոհացուց
իր
փեսային
հետաքրքրութիւնը:
Ոգիներուն
շա՞հը`
երբ
մանուկներ
կը
թունաւորուին։
Այո՛:
Բայց
պէտք
չէր
մոռնալ
հանրածանօթ
առածը,
որով
Ալլահին
ճամբաները
չեն
քալեր
մարդոց
երկրաչափութեամբը:
Ու
պէտք
չէր
մոռնալ
ամենազօր
շէյթանը
որուն
ձագերուն
դէմ
իր
ձեռնարկները
որքան
ալ
ազդեցիկ,
անզօր
կը
մնային
ուղղակի
պետին
դէմ,
Ալլահին
ուժովը
միայն
նուաճելի:
Ու
շէյթանին
թաթը
նոր
չէր
Հաճի
Ապտուլլահի
տունին
վրայ։
Կաղ,
լուսնոտ
աղջիկը,
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
շէյթանին
մէկ
մարմնառութիւնը...
Ու
սա
լպրծուն
ճամբով
բայց
անուշիկ
բառերով,
անիկա
ներկայացուց
պոլսուհին`
շէյթանին
մէկ
ուրիշ
դաշնակիցը:
Անոր
վարկածը
պաշտպանելի
էր
հազարաւոր
օրինակներովը
ճիներու
կողմէ
փոխուած
մանուկներուն:
–
Դեւի
ձագ
մը,
Մուհամմէտ
վկայ...
այդ
քածը...
Որ
չէր
մեռած,
նոյն
այդ
շէյթանին
կարգադրութեամբը,
որպէսզի
փաթթուէր
վիզին
Հաճի
Ապտուլլահին
ու
սպաննէր
անոր
տղաքը։
Ժամ
մը
չանցած
սառնիճին
տեսիլքը
գտած
էր
իր
լուծումը։
--
Տղաքը
թունաւորուած
էին
պոլսուհիին
ծիծովը։
Պարզ,
որքան
սարսափելի
սա
գումարը`
տարիներու
խուլ
հետապնդումին
ու
ստորերկրեայ
տեսիլքին:
Հոճան,
անցողակի,
հոգեբանի
նրբութեամբ
մը
շօշափեց
մարդկեղէն
նկատումներուն
ամէնէն
ուժովը,
դասական
նախանձը
որ
շէյթանին
ամէնէն
հարազատ
արտայայտութիւնն
է
մեր
սրտերուն
մէջ։
Ամուլ
կիներու
հոգիին
այդ
զգացումը
կը
վերածուի
ուղղակի
մահուան
գերագոյն
խմորին:
Ամբողջ
աշխարհի
ոչնչացումը
բանի
պէտք
չի
գար
մէկ
հատիկ
ամուլին
հոգին
զովացնելու:
Նոյն
զգուշութեամբ
անիկա
թեթեւակի
սահեցաւ
առօրեային
մանր
զգայութեանց
վրայէն
որոնք
կը
մնան
շփոթ
ընդմէջ
տեսիլքին
ու
իրականութեան:
Օր
մը
դիտուած
ժպիտ
մը,
տարիներ
ետքը
միայն
կը
պարզուի
իբր
յստակ
փաստ
մը
մեր
սիրելիներէն
դաւաճանուելուն:
Ուրիշին
միտքը
պղտորելու
ատեն
պերճախօսութիւնը,
փաստերու
հեղեղը
ուշ
պարտաւոր
են
գալու:
Նախ
հիմը,
հունտը:
Յետոյ
շաղախը,
ծեփը:
Մոլլա
Սաիտը
բառերու
իշխան,
փորձով
ծանօթ
էր
անոնց
անզօրութեան
խղճմտանքի
մեծ
տագնապներուն
վրայ
որոնք
այս
կամ
այն
ակօսին
մէջ
զետեղուելէ
առաջ,
կը
մնան
վարանոտ,
ուռած
ինչպէս
կայլակ
մը,
ու
կը
սպառին
ոչ
թէ
փոթորիկէն,
այլ
տերեւի
մը
անկումէն:
Հաստ,
կարճ,
ճիշդ
մարմինին
չափովը,
անիկա
համառօտեց
չորս
մանուկներուն
ողբերգութիւնը:
Հաճի
Ապտուլլահը
ոտք
էր:
Անոր
աչքերուն
մէջ
Մոլլան
կարդաց
իր
չարտասանուած
վճիռը:
Ակռաները
հազիւ
զսպելու
կարող`
Հաճին.
–
Ալլահա
ըսմարլատըգ:
Ե.
Առանց
ձայն
տալու,
անցաւ
անիկա
իր
նախագաւիթէն:
Տունը
լուռ։
Բակը`
իրեն
սիրելի
մանրամասնութիւններով:
Դաշտէ
դարձող
ամէն
հողագործ
քիչ
մը
կը
թափառի
տունին
այս
մասերուն:
Ախոռին
կողմէն
մատակներուն
բառաչը:
Ամէն
օրուան
պէս
չունեցաւ
անոնց
այցելելու
մտածումը:
Իր
խոր
հաճոյքներէն
մէկն
էր
շոյել
քամակները
իր
գոմէշներուն
ու
խօսիլ
քիչ
մը
անոնց
հետ:
Ելաւ
ուղղակի
վեր:
Ննջարանը։
Հոն,
փոքրիկը,
իր
օրրանէն
լալով
ու
ժպտելով
նոյն
նայուածքին
մէջ:
Հոն,
պոլսուհին
ու
Հոճային
աղջիկը
որ
մօրը
կողմէ
ղրկուած
էր
տուն,
Հաճիէն
առաջ:
Կիներէն
մէկը
ժպտեցաւ:
Չեմ
տար
անունը։
Միւսը
մնաց
պաղ,
պարզ,
տրտում:
Հաճի
Ապտուլլահին
վրայ
զգալի
էր
շարունակութիւնը
իր
խռովքին:
Տասը
վայրկեաննոց
ճամբան
փողոցի
իր
բազմապիսի
պատկերներովը
չէր
յաջողած
ցրուել
անոր
ներսի
կուտակումը։
Տեսակ
մը
վախ,
կոշտութիւն,
ուժգնութիւն:
Տեսակ
մը
փախուստ
ալ։
Անիկա
նշանացի
պոլսուհին
կանչեց
հիւրասրահ:
Այդ
հրաւէ՜րը...:
Գունատ,
մռայլ,
խոր։
Չխօսեցաւ
սակայն:
Ու
չգիտցաւ
թէ
ինչպէս
իր
ափերը
սկսան
փնտռել
անոր
մարմինը,
լաթերուն
մէջ,
ցաւցնող,
գրեթէ
վայրագ:
Խուզարկութի՞ւն:
Անկարող
արգիլելու,
բայց
մտահոգ՝
պատճառէն,
պոլսուհին
փորձեց
թեթեւ
ժպիտ
մը
երբ
էրկանը
մատները
գտան
փոքր
սրուակը:
Անոր
տեսքը
զարհուրագին
բանը
ըրաւ
Հաճիին
դէմքը
որ
գրեթէ
սառած
սրուակը
բռնեց
լոյսին։
Ճիշդ
ու
ճիշդ`
իր
տեսածը։
Անոր
մատները
կ՚ուռէին,
շատ
տաք
առարկայ
մը
բռնած
ըլլալու
պատրանքով
մը
ու
շարունակ
կէտ
կը
փոխէին:
Թօթուեց:
Դեղնորակ
բան
մը
դողդողաց
սրուակէն
ներս,
այնքան
ծանր
որ
ձեռքը
ինկաւ
քիչիկ
մը
ցած:
Նոյն
ատեն
անոր
նայուածքը
իջեր
էր
ներս
անոր
աչքերէն,
այնքան
ահաւոր,
այնքան
ծանր
որ
պոլսուհին
ընկրկեցաւ:
–
Ի՞նչ
է
ասիկա,
-
հարցուց
վերջապէս,
ձայնով
մը
որ
դուրս
էր
մարդկեղէն
կնիքէն:
–
Հոտ:
–
Հո՞տ:
Անհո՜ւն
անոր
զարմանքը
սուտին
հանդէպ
սա
բնականութեան
համար:
–
Հո՞տ:
Ասիկա՞։
Ձայնը
աւրուած
շատ
աւելի:
Նոյն
ատեն
նայուածքը
նեղ
կու
գար
ակնակապիճներուն։
Առանց
ազդուելու
աւելի
քան
իր
սկզբնական
խռովքը,
պոլսուհին
մատը
երկարեց
դէպի
սրուակը
որ
անցաւ
արագ
իր
ձեռքը։
Ըսես
Հաճին
կը
վախնար
զայն
աւելի
երկար
պահելէ։
Թուլցուց
ապակեղէն
խեցը։
Վայրկենական,
շատ
անուշ
բան
մը
ծաւալեցաւ
սենեակին
մէջ,
ու
ծանօթ,
վասն
զի
հոտը
ընտանի
էր
Հաճի
Ապտուլլահին
ռունգերուն,
կնոջը
մարմինէն
մշտապէս
բխող,
ըսես
անոր
մասերը,
այդպէս
ծաւալի
ելած:
Հոս,
քիչ
մը
աւելի
նոր
ու
զօրաւոր:
Նոյն
ատեն
ամբողջ
իր
տունին
ներքին
մասերուն
ծուէններով
էր
ողողուած
տարիներէ
ի
վեր,
երկար,
անզգալի
բայց
անվրէպ
ծծումով
մը:
Իրա՞ւ
կ՚ըսէր
այս
կինը։
Հարցուց
մտովի
Հաճի
Ապտուլլահը
բայց
չբացաւ
շրթները
բառին:
Մեծ
յուզումներուն
ճակատագիրն
է
չպարտկուիլ
իրենց
անօթներուն
մէջ
ու
ճառագայթել։
Պոլսուհին,
քիչիկ
մը
նուաստ,
վասնզի
պարզութիւնը
պայմանն
է
այդ
գեղերուն
եւ
ամէն
նոր
ատոր
դէմ
խաթարում
մը,
աւելցուց.
-
Վարդի
եղ
է։
Սուտ
չէր
խօսեր:
Տարիներ,
ամուսնութենէն
առաջ,
Պոլսէն
ղրկուած
վարդի
եղի
սրուակ
մըն
էր,
զոր
ամէն
գարնան
անիկա
կը
նորոգէր,
մեծաքանակ
վարդ
եռացնելով:
Ու
այդ
եռացող
ջուրին
երեսէն
պուտ
մը
բան
կը
հաւաքէր
սրուակէն
սպառած
մասը
դարմանելով:
Ուրիշ
աւելի
նոր
եղեր
ալ
կը
խառնէր
անիկա
նախնական
քիմիայ
ին:
Նուաղուն
ու
ազնուական
այդ
եղը
այդ
ատեններուն
աւելի
սուղ
էր
քան
ոսկին:
Ատ
էր
պատճառը
որ
սրուակը
կը
պտըտցնէր
ծոցին,
իր
հրապոյրին
մէկ
մասն
ալ
այդ
խորհրդաւոր
հոտին
հաւատալով:
Մեծ
ու
քաղցր
զարմանքը
Հաճի
Ապտուլլահին
որ
ուզեց
ճկոյթը
դպցնել
եղին
բայց
չըրաւ:
Կը
սպասէ՞ր
ասոր
կնոջը
կողմէն:
Ով
ի՞նչ
գիտէ
մեր
սպասումներէն:
Պոլսուհին
մնաց
իր
պարզութեան
մէջ
ու
չանցաւ
անդին,
այսինքն
ապացուցումին:
Անիկա
սրուակին
խեցը
ամրացուց
ու
դրաւ
ծոցը:
Իր
սպասումին
սա
վրիպա՞նքը,
թէ
աւելի
խուլ
ազդակները
իր
կնոջ
սա
պարզ
խոստովանութիւնը
վերածեցին
ճիշդ
իր
հակադիր
իմաստին:
Կը
պատահի
այս
շրջումը
մեր
դատող
ուժերուն,
որոնք
անգամ
մը
դուրս
ուղիղ
ակօսէն,
նորին
մէջ
կ՚առաջանան
ձերբազատ
բանտարկեալներու
ամբողջ
եռանդովը:
Ծուռին
մէջ
տրամաբանելու
մեր
զօրութիւնը
տարօրինակ
է
արդարեւ,
մանաւանդ
երբ
մեր
մտախոյանքը
առնուած
է
մասամբ
մը
ոճիրին
գօտիէն։
Հաճի
Ապտուլլահը
անսովոր
դիւրութեամբ
մը
տեղաւորեց
սա
փախուստը
դաժան
տեսիլքին
անկիւնակապին
մէջ:
Կինը
չէր
ըսած
ամբողջը:
Ուրեմն`
սուտ
ըսուածն
ալ։
Ու
կը
դողար
անիկա,
սա
մտածումին
նիզակին
տակ,
իր
ուղեղին
մէջ,
փորձելու
իր
կարողութիւնը
գործածել
չկրնալուն,
ճիշդ
ինչպէս
կը
պատահի
այս
շուարումը
ջաղացքի
մեծ
խողովակին`
դէպի
անիւը
իր
պոռթկումին
մէջ,
հեղեղէն
զայրագնուած,
յորդելու
տեղ
չգտնելով,
երբ
փայտեայ,
մեծղի,
սնամէջ
գլանը,
ջուրին
ծեծին
ներքեւ
կը
տքայ,
մարդկային
սրտի
մը
նման:
Բաւական
վերջն
էր
որ
հարցուց.
–
Ի՞նչ
կ՚ընես
այդ
եղը:
Կիները
ունին
եւ
կը
պահեն
բաներ,
որոնց
մասին
պիտի
չուզեն
խօսիլ
ոչ
մէկ
էրիկ-
մարդու:
Պոլսուհին
խօսելու
տեղ
քիչիկ
մը
կարմրեցաւ:
Տեսա՜ւ
այդ
շիկնումն
ալ
իր
գոմէշներուն
աչքերէն
զատ
ուրիշ
աչքի
մէջ
նայիլ
չունեցած
Հաճի
Ապտուլլահը,
ու
նման
հոգեբան
վիպասանի
մը
այդ
ընկրկումն
ալ
կապեց
իր
սեւեռեալ
մտածումին:
Անիկա
հետեւեցաւ
իր
կնոջը
նայուածքին
որ
բառ
եղաւ.
–
Պէպէքին:
Ի՞նչ
կ՚ուզէր
ըսել:
Նոյն
միջոցին
մանչուկին
ձայնը
ննջարանէն:
Վախկոտ,
չկամ,
այսքանն
ալ
ըսած
ըլլալուն,
պոլսուհին
վար
ըրաւ
թարթիչները:
Այն
ատեն
անոր
կոպերուն
սատափեայ
դեղնութիւնը
ծարիրուած
ու
խոշոր
ստեղնաշարէն
--
թարթիչները
--
պուտ-պուտ
ըսես
ինկաւ,
մեղմելու
թեթեւ
կարմիրը
անոր
այտերուն:
Յանցանքի
վրայ
կիները
կ՚ունենան
այս
խղճահար,
խուսափող
արտայայտութիւնը
որ
կը
լուծուի
արցունքի
մէջ:
Ու
կեցաւ
անոր
լեզուն:
Սա
երկուութիւնը
այնքան
յստակ
իբր
արդիւնք
ունեցաւ
Հաճի
Ապտուլահին
գունատումը,
տարօրէն
շեշտ,
որ
այդ
իսկ
հեղումով
փոխուեցաւ
ահաբեկիչ
բանի
մը,
երբ
իր
ներքինը
մատնելու
վախէն
ծռմռեց
անիկա
գունդերը
իր
աչքերուն,
մատի
հարուածներով
աւրել
ջանալով
ինչ
որ
այնքան
ուժգին
կը
կենար
բիբին
ետեւը
ու
տեսանելի`
դուրսի
աշխարհին:
Ոճիրէն
առաջ
սա
խռովքնե՜րը:
Գտա՞ծ
էր
սպասած
փաստը:
Վասնզի
տեսակ
մը
անփութութիւն
ողողեց
անոր
դիմագիծերը
որոնք
ամփոփուեցան,
լքելով
իրենցմէ
ներքին
լարուածքը
զոր
ոճիրին
ճնշումը
կը
ստեղծէ
ոմանց
վրայ։
Պանդոյր
ու
պարզուկ
անփութութիւն:
Նոյնիսկ
հիւսուեցաւ
խօսակցութիւն
մը,
բաւական
«կո՜ւռ»,
նիւթ
ունենալով
մօտակայ
հարսնիք
մը,
Հաճիին
ազգականէ
մը։
Նուէրը`
պատրաստ:
Հարսին
վրայ
պոլսուհիին
դիտողութիւնները
նուրբ
ու
հասուն:
Օժիտը
կատարեալ...
Մտիկ
կ՚ընէր
իբր
թէ
չըլլար
եկած
սառնիճին
դժոխքէն,
չունենար
մտքին`
երկաթ
քերիչով
փորուած
նկարը
թունաւորման
տեսիլքին,
չունենար
հաստատ
սլաքը
համոզումին
որ
աներոջը
տաղանդովը
լարուեր
էր
անոր
ուղեղին
écranին:
Մէկ
կողմէն
կը
նայէր
կնոջը
իբր
մանկասպանի
մը
(իր
անձնական
ապրումները
այդ
մարզէն
օգնութեան
հասան
իրեն
որպէսզի
չխենթանար
մարդասպանին
սա
խաղաղութեան
դիմաց
եւ
ընդունէր
մարդ
մեռցնելը
սա
քիչ
եղերական
երանգով:
Ուրի՞շ
էր
եղած
ինքը,
այն
հեռու
օրուան
մէջ,
երբ
կացինը
վերցուցած
ատեն
իսկ
գողտր
պատանիի
[....
]
ունէր
իր
մէջ:
Եւ
ո՞վ,
առանց
այդ
ոճիրներուն
ծանօթանալու,
իրմէ
ընդունէր
պիտի
ներգոյակ
մարդասպանը),
միւս
կողմէն
կը
ջանար
սեւեռել
իրմէ
վրիպած
պզտիկ
մանրամասնութիւնները:
Խոստովանութիւն
չըրաւ
իր
կինը
այդ
այլընդայլոյ
խօսակցութեան
ընթացքին,
չունենալուն:
Բայց
դրաւ
անոր
մօտ
ուրիշ
ալ
բաներ՝
պարզ,
ստուգելի:
Այսպէս
Հաճի
Ապտուլլահը
գեղեցիկ,
հաճ
զարմանքով
դիմաւորեց
պոլսուհիին
այն
հաւաստումը
որուն
համեմատ
Մոլլա
Սաիտին
աղջիկն
ալ
ունէր
նոյն
շիշէն,
նոյն
եղով:
Թէ
պզտիկները
կ՚ախորժէին
անկէ
շատ:
Թէ
գայմագամին
կինն
ալ
բերել
էր
տուած:
Թէ...
Հաճի
Ապտուլլահին
տագնապը
մինչեւ
այս
սահմանները
իջնելը,
այս
աստիճան
մեղմանալէ
վերջ,
սահմաններ,
ուր`
մտերմութիւնը,
իրականութիւնը,
հասարակաց
ապրումին
գոլը,
մարդոց
սովորական
բառով
ընտանեկան
սէրը
կու
գային
առաջին
բլանի,
ինչպէ՞ս,
ո՞ր
թաքուն
ու
դիւային
ազդմունքներու
ուժովը,
պիտի
վերածուէր
քիչ
մը
ետքը
որոշուած
աղէտին,
որուն
մէջ
կը
մահանար
Հաճի
Ապտուլլահին
սիրական,
ազնուական,
նրբենի
կինը,
պահող`
էրկանը
հոգիին
մէջ
իր
հմայքին
ամբողջ
կշիռը,
դեռ
տաք
դիակին
ալ
մէջէն:
Թող
մտածեն
մարդիկ,
փիլիսոփայ
ու
հոգեբան,
օրէնսգէտ
կամ
ընկերաբան
ու
բացատրել
յաւակնին
ոճիրին
օրէնքները,
աւելի
ճիշդ
հոգիին
օրէնքները,
կիներու
կամ
դեւերու
կալուածի
մը
վրայ:
Ու
կը
զիջիմ
իրենց,
սա
մարզին
վրայ
իրենց
ամբողջ
զինարանը,
հոգին
սանձահարելու,
առնուազն
րոպէ
մը
բռնելու
սահմանուած:
Ու
կը
դառնամ,
մեր,
այսինքն
ապրողներուն
յիմար
իմաստութեան
որ
այդ
դեւերը
կ՚ընդունի
միսէ
համեստ
էակներ,
ճիշդ
ու
ճիշդ
բանտուած
այն
կաղապարներուն
մէջ
որոնցմով
անոնք
տարազի
ինկան
մեզի
մօտիկ
քաղաքակրթութեանց
մէջ:
Կէս
դար
առաջ
դեւն
ու
կինը
հոմանիշ
էին
հասարակաց
դատաստանին
մէջ:
Աւելի
առաջ`
անոնք՝
մեր
կրկնութիւնները
մեզմէ
անհունապէս
ուժով
եւ
մեզ
ընդքարշող:
Այս
իմաստասիրութիւնը
իր
ահաւոր
բաթեթիք
ովը
իր
վերջնական
արտայայտութիւնը
գտաւ
մեծ
Ռուսին,
Տոսթոյեվսքիի
գործին
մէջ
ուր
դեւն
ու
մենք
մշտական
գօտեմարտի
մը
հեւքը
կ՚ապրինք
զիրար
կը
բզկտենք,
ու
մեր
մեզմէ
փրցուցած
այդ
ծուէնները,
արիւնոտ-արիւնոտ,
կը
նետենք
տակաւին
մեզի
դէմ
խօսող
մեր
կրկնակներուն։
Համլէթները,
Ֆաուսթները,
Իվան
Քարամազօֆները
ուրիշ
բան
չըրին:
Կա՞յ
աւելի
խռովիչ
տիալոկ
մը
քան
այն
զոր
կ՚ունենայ
Իվան
Քարամազօֆը
իր
կրկնակին
հետ,
հաւատացեալ
վիպասանին
կողմէ
իբր
սատանայ
ներկայացուած,
որ
իրականին
մէջ
մեր
ոգեղինացումն
է,
բայց
մենէ
դուրս
արձակուելու
հազուադէպ
ճակատագրով
մը:..
Ամէնքս
անոնցմէ
լեգէոնները
կը
կրենք:
Աւելի՜ն:
Մենք
մեծ
կ՚որակենք
մարդը
որ
զօրաւոր
է
բաւական
իր
դեւերը
ընդքարշելու
ոչ
թէ
փոքր,
սահմանափակ
ոճիրները
դէպի,
այլ
համատարած
սպանդը,
որ
փառքն
ու
պսակը
կը
կազմէ
մեր
քաղաքակրթութեան:
Բանակներով
դեւերու
ձեռքն
էին
աշխարհակալները,
գազան
հրոսապետները,
արքաները
ու
մեծ
զօրավարները...:
*
*
*
Ինչպէ՞ս
տեղի
ունեցաւ
ոճիրը։
Անհաւատալի
պարզութեամբ,
գրեթէ
սուտ
արարողութեան
մը
պէս:
Ննջարանին
կիսաբաց
դուռնէն
մանկիկին
զօրաւոր
ճիչը,
լեղի,
որ
զանոնք
սարսռացուց:
Էրիկ-կնիկ,
գրեթէ
դուրս
ոճիրին
ու
սպանդին
գոլէն,
լաւագոյն
օրերու
ճառագայթման
մը
մէջէն
ուղղուած
էին
ննջարան:
Պատկերը
ո՞ր
հրաշքով
Հաճի
Ապտուլլահին
մտքին
մէջ
յանկարծակի
հագաւ
սառնիճի
coloris
մը:
Օրրան,
տղայ,
Մոլլային
աղջիկը,
պատերը,
գետինը
անոր
թուեցան
պատուած
ըլլալ
այն
անբացատրելի
ուրուայնութեամբ
որ
երազներունը
կ՚ըլլայ
երբեմն
ու
մեր
արթնութեան
մէկ
պահուն
իր
անակնկալ
վերերեւումովը
մեզ
խորապէս
կը
խռովէ:
Պոլսուհին
ծունկը
կոտրեց
օրրանին
առջեւ,
հանելու
համար
տեսիլքի՜ն
սրուակը:
Քիչ
առաջուան
շիշն
էր
սակայն,
բայց
տարօրինակ
հարազատութեամբ`
սառնիճինն
ալ։
Ու
գրեթէ
նոյն
կարգով,
անիկա
օծեց
իր
ստինքին
պտուկը,
թուխ
ու
խիստ
գիծերով,
բայց
չհասաւ
զայն
դնելու
փոքրիկին
ժպտագին
բացուած
բերանին։
Անոր
կռնակէն,
ըրածին
հետեւող
ու
տեսիլքին
պատգամէն
խենթացած,
Հաճի
Ապտուլլահը,
ազատելու
համար
իր
տղան
սա
իրական
թունաւորումէն,
երկու
ձեռքերովը
օղակեր
էր
կնոջ
վիզը
ու
սեղմեր,
մեծ
շունչ
մը
առնելով:
Անիկա
պէտք
իսկ
չունեցաւ
իր
բոլոր
ուժին:
Քովնտի
ինկաւ
պոլսուհին,
երբ
անոր
էրիկը
քակեց
մատներուն
օղակը
անոր
վիզէն:
Դէմն
էր
Մոլլային
աղջիկը,
ապշահար,
բայց
առանց
վախի,
կարծես
շատոնց
պատրաստուած
սա
արդա՜ր
տեսարանին:
Պատուհասողը
կը
պատուհասուէր:
Անոր
կովի
ուղեղը
այսքան
մը
մտածում
հազիւ
կարող
էր
բանաձեւելու:
Պոլսուհիին
գլուխը
կռթնած
էր
օրրանին
մէկ
ոտքին:
Մանկիկը
իր
շատ
լեղի
մէկ
ուրիշ
ճիչովը
հարկադրեց
զանոնք
որ
օրրանին
ոտքէն
հեռացնէին
գլուխ-արգելքը:
Հաճի
Ապտուլլահը
ձեռքը
տարաւ
անոր
բարակ
վիզին
ու
քաշեց
մէկդի։
Դեռ
տաքուկ
փափկութիւն
մը,
էգ
ու
խորունկ,
անոր
ափին
անցան
չպաղած
էակէն:
Օրրանին
ոտքերը
խարխուլ,
ծեծել
սկսան
տախտակամածը:
Բայց
պարզ
այդ
աղմուկը
կը
թուէր
խոշոր,
խորհրդաւոր:
Պատուհաններուն
վանդակեայ
լո՜յսը
որ
իրենց
ոտքերուն
ցանցակերպ
բան
մը
կը
նետէր:
Տունը`
տուն:
Դուրսը՝
դուրս:
Գետին
ինկած
սրուակէն
բարակ
բուրո՜ւմ
մը
որ
կը
դողդողար
անոր
հոգիին
շուրջը:...
Ե՞րբ
եկաւ
գիտակցութիւնը
ոճիրին։
Սարսռաց,
բայց
խորունկ
խռովքով:
Վասնզի
ոճիրին
հետեւող
հինգ-տասը
վայրկեանը
ծանրագոյն
պահերը
կը
նկատուին:
Դրաւ
ձեռքը
անոր
ճակտին:
Պա՛ղ։
Վիզին`
պա՛ղ:
Ափերուն՝
սառ:
Կիսաբաց
կուրծքին
թեթեւ
մը
գոլուտ:
Աշխատեցաւ
սիրտը
գտնել:
Կը
զղջա՞ր
մահէն
թէ
ետ
կ՚ուզէր
կինը:
Ակռաներու
տակէն՝
–
Մեռա՛ւ:
Ու
իր
ձայնին
ամրութենէն
վախնալուն
նայեցաւ
Մոլլային
աղջիկին,
հազիւ
խռոված
սա
սուտ
պատկերէն:
Բացի
դալկութենէն
ոչինչ`
որ
պոլսուհիին
դէմքը
մօտեցնէր
մահուան
տարրական
պատկերին,
որ
այդ
տարիքներուն
վրայ
ահաւոր
տգեղութիւն
է,
հիւծումէն
նուէր:
Յետո՞յ։
Անիկա
յիշեց
տարի
մը
առաջուան
պատահար
մը,
որուն
մէջ
հարս
մը
ինքզինքը
կախած
էր,
յուսահատ
իր
ամուսինէն
առանց
պատճառի
արձակուած
ըլլալուն:
Ոստիկանութիւն,
բժիշկ,
երեւելիներ,
որոնց
կողքին
Հաճի
Ապտուլլահը
խումբով
քէշֆ
ի
էին
գացեր
ու
գտեր
հարսնուկը
որ
դրան
վերի
տախտակէն
ամրացուած
գամէ
մը
տակաւին
կը
մնար
կախուած:
Հագուած
էր
լաւագոյն
զգեստները:
Վիզին
ճերմակ
պոչը՝
լաչակին:
Մահուան
մէջ
իսկ
անիկա
կը
պահէր
թուրք
կնոջ
պարտադիր
սքողուածքը:
Անոր
մա՜յրը:
Որ
չէր
կրնար
լալ
ու
խօսիլ...
Անիկա
կախօրանին
չուանը
առաւ
ու
ամրացուց
կեռին:
Որ
սենեակին
առաստաղէն
կը
կախէր
մեծ
հարսանեկան
լամբը,
նուէ՜րը
կախուողին
մայրիկէն։
Շինեց
չուանէն
օղակ,
անոր
վիզը
առնելու
չափ
փոքր:
Անցուց
վիզին,
բաւական
դժուարութեամբ
ու
քաշեց
չուանը:
Կտրտուն
ու
խուլ
աղմուկով
պոլսուհին
դանդաղօրէն
սկսաւ
բարձրանալ,
հետզհետէ
ծանրանալով:
Տախտակամածէն
կէս
կանգուն
չառած
դիակը
գամուեցաւ:
Հաճի
Ապտուլլահին
բազուկները
սպառած
էին:
Անոր
օգնութեան
փութաց
կինը
որուն
դաստակները
մէկ
քաշէ
երկու
թիզ
ալ
վեր
նետեցին
միւսին
մարմինը:
Հաճի
Ապտուլլահը
թողուց
որ
գործէ
անոր
ուժը:
Կինը
ամրացուց
կապը,
դրաւ
երկաթին:
Այսպէս
խաղաղ,
պոլսուհին
րոպէ
մը
մնաց,
յետոյ
դարձաւ
ինքը
իր
առանցքին
վրայ։
Հայլիին
մէջ
անոր
դէմքին
դալուկ
նայուածքը
–
աչքերը
չէին
գոցուած
–
ծակեց
Հաճի
Ապտուլլահին
սիրտը:
Ու
այդ
նայուածքին
սուր
ասեղը
տարտղնեց
անոր
ամբողջ
քաջութիւնը:
Մանկիկը
կու
լար
ուժգին,
սրտապատառ:
Օգտուելով
կնոջը
զբաղումէն,
որ
տղուն
ծիծ
կու
տար,
կռնակը
դիակին,
անիկա
քակեց
կապը
։
Պոլսուհին
իջաւ,
ոտքերը
դպան
գետնին,
յետոյ
կոտրեցան
սրունքները:
Յետոյ՝
մարմինը,
որ
երկարեցաւ
քովնտի:
Անոր
գլուխը
կրկին
գտաւ
օրրանին
ոտքը։
Կափկափուն,
չուանով
միասին
զայն
գրկեց
ու
ելաւ
գետնէն
հազիւ
թիզով
վեր
անկողինը,
աջին:
Այն
ատեն
զգաց
որ
տկար
էր
չափազանց,
շունչ
առնելու
համար
իսկ:
Անոր
հա՜զը:
Որ
կոկորդը
նեղցուց
բայց
թոքերը
ընդլայնեց
ու
կը
սպառնար
զինքը
խեղդել:
Պատրաստուեցաւ
ընդունիլ
օգնութիւնը
Մոլլային
աղջկան
որ
կը
հետեւէր
անոր
ամէն
մէկ
շարժումին,
կարծես
շուքը
ըլլար
անոր
մտածումին:
Թաց
լաթ
դրաւ
անիկա
էրկանը
կոկորդին
ու
սրտին:
Չխօսեցան
սակայն:
Պզտիկը`
լուռ:
Ճանճ
մը,
ապահովաբար
հեռուներէն,
ծակեց
ապակին
--
վասնզի
պատուհանները
մշտապէս
փակ
են
թուրքերուն
--,
մտաւ
ներս,
ըրաւ
քանի
մը
զիկզակ
թռիչքներ,
թրթռաց,
սաւառնեցաւ
ու
շիտակ
իջաւ
նստելու
մեռելին
քթին
ուր
սեւ
կաթիլ
մը
բան
պաղեր
մնացեր
էր:
Ահագին,
աշխարհասասան
բզզոցը
անարգ
միջատին,
որ
անոնց
ջիղերը
հանեց
սարսափի:
Նետեցին
վրան
ոսկեթել
վերմակը,
չուանը
գալար-գալար
ոլորելէն
ու
վրան
դիզելէն
ետքը:
Մազերուն
խուրձը,
լաչակէն
ազատ,
կը
հաշտուէր
վերմակին,
բարձին
տիրական
գոյնին։
Բակէն
սեւ
շունը
ոռնաց,
ցաւոտ
ու
մատնիչ:
Անոնք
կը
սպասէին:
Որո՞ւ:
Նոյն
րոպէին
բացուեցաւ
մեղմ,
դուռը
ննջասենեակին:
Մոլլա՜ն:
Ուղիղ,
կիսաժպիտ,
առանց
շուարման
ու
առանց
վախի,
կարծես
նախապէս
ինք
իր
ձեռքովը
ըլլար
կարգադրած
այս
ամէնը,
մօտեցաւ
անիկա
անկողինին:
Վերցուց
վերմակը:
Չուանը.
անոր
գալարքը`
պա՜րզ.
դիակէն
նայուածքը
շրջեցաւ
փեսային
nր
uառեր
էր,
նստիլ
չկրնալով
հակառակ
անհուն
ուժաթափութեան:
Ահաւոր
պաղարի՜ւնը
նորեկին։
Հանեց
անիկա
քթախոտին
տուփը,
առատ
պտղունցը,
բայց
քաշելէ
առաջ
երկարեց
խոտը
իր
փեսային:
Նոյն
ատեն
բացեր
էր
պինչին
ծակերը,
լայն,
լիալիր,
սա
ոճիրը
ներս
առնելու
խուլ
իր
եռանդին
մէջ,
տաք
ու
վարակիչ:
Սպաննե՜լը...
Հինգ
վայրկեան
յետոյ,
խաղաղութիւն
էր
սենեակին
մէջ
ու
ատոր
հեղինակը`
ամենազօր
Մոլլան
որուն
բառերը
տարօրէն
հզօր
ու
դաշն
կը
հնչէին,
անմեղ
մանուկներու
մահը
ողբալով
ու
անէծքն
ու
հայհոյանքը`
տարօրէն
տիպոզ,
խարանելու
համար
չորցած,
քար
արգանդները
բոլոր
ամուլներուն:
Անիկա
իր
հայհոյութեան
մէկ
կարեւոր
մարտկոցը
ուղղեց
շէյթան
ին
որ
պարտուած
կը
հեռանար
սա
տունէն,
Աստուծոյ
բոլոր
բարիքներուն
համար
այնքան
արժանաւոր
ու
նախասահմանուած:
Հոճան
չէր
խօսեր:
Այլ
իմաստութիւնը,
տրամաբանութիւնը,
սա
մեր
աշխարհին
կարելի
իրաւունքն
էր
մարմին
դարձած:
Արդարութիւնը
գործադրուած
էր
վերջապէս։
Ու
մանկասպան
կինը
գտած
իր
պատուհասը
այս
աշխարհէն
իսկ։
Միւսին
մէջ
Բարձրեալն
Աստուած
կը
լրացնէր
պակասը:
Ու
տարօրինակ
էր,
որ
երեքն
ալ
մտածէին
մէկ
ու
նոյն
կերպով:
Անոնց
բերանին
մէջ
որ
կը
բացուէր
վախէ
գրեթէ
զերծ,
ճշմարտութենէն
վեր
էր
թունաւորման
հեքիաթը:
Ու
անոնք
իրարու
կը
մօտեցնէին
տունէն
դուրս
սպրդած
շշուկները
մեռնողին
մասին:
Քաղաքին
մէջ
ո՞վ
չէր
գիտեր
թէ
անորդի
կնոջ
գերագոյն
վայելքն
էր
իր
ծիծին
պտուկները
տալ
ծծկանի
բերանը,
ու
խաբել
չեկած,
չգալիք
մայրութիւնը:
Ազգականները
շատ
չէին
տեսներ
պոլսեցի
հանըմին
այս
սէվտա
ն
(սէր):
Բոլորն
ալ
մայր,
որոնք
սիրտ
ունէին
մեղքնալու
համար
անմուրատ
մայրը:
Այս
մտածումները,
սա
դիակին
կուշտին,
անոնց
մէջ
կազդուրիչ
ըմպելիքի
մը
նման
կը
բարձրացնէին
անոնց
տրամադրութիւնը:
Աւելի՜ն.
խելօքիկ,
գառնուկի
մը
պէս
անուշ
հանըմէ
մը
մանկասպան
մը
ստեղծելու
համար
անոնք
կը
դիմէին
իրենց
քաղաքին
անսխալ
իմաստութեան:
Ո՞վ
կ՚անգիտանայ
բախտը
որ
կը
սպասէ
ամուլ
ամէն
կնիկի:
Տասը
տարի
վերջը
Մոլլային
աղջիկը
ու
բոլոր
միւսները
իրաւունք
մը
ունէին
առնուազն,
իրաւունքը
պառաւ
ըլլալու,
կարենալ
ըլլալու.
պարագայ՝
որմէ
ալ
զուրկ
էր
թշուառական
պոլսուհին,
որ
պիտի
դրուէր
փողոց,
աւելի
խեղճ
քան
մուրացկան
մը,
գոնէ
հպարտ
իր
անցեալովն
ու
ներկայովը,
միշտ
մնացած
ըլլալուն
սա
մուրացիկը:
Ո՞րն
է
քառասունը
անցուկ
կինը
(որուն
արգանդը
դաւեց
իրեն
ու
այդ
իսկ
ցաւով
կեանքը
տանջանքի
մը
պէս,
բայց
միակտուր
ու
անվերջ,
գրեց
անոր
քամակին)
որ
սարսափով
չնայի
պառաւութեան
սկսող
պարապին:
Փոխադրեցէք
այս
քիչ
մը
ընդհանուր
սարսափը
թուրքերուն
մէջ,
որոնք
իրենց
կէսերուն
վրայ
սեռէն
դուրս
արժէք
կ՚ուրանան:
Ու
մի
մոռնաք,
այրերը,
թուրք
կամ
ոչ,
քիչ
անգամ
մայր
կ՚ըլլան։
Ու
տակաւին
պատրաստ
էք
գիտնալու
թէ
ինչ
անսրբագրելի,
բնազդական
անասուն
է
գեղացին,
ամէն
տեղ:
Կը
տաքնայ
ուշ,
բայց
կը
տաքնայ
ամուր:
Արիւնն
ալ
չի
հովացներ
անոր
անզգամ
սիրտը:
Քաղաքէն
ոճրագործը
օրուան
իրիկունը
կամ
գիշերին
առտուն
յոգնած
կը
զգայ
ինքզինքը
ու
մօտ
է
զիղջին։
Գեղացին
կը
քալէ
հակադիր
ճամբէ:
Կակուղնալու
տեղ
կը
խորանայ,
կը
քարանայ,
ինքզինքը
բաւարար
չափով
զրահելու
համար
արդարութեան
պառական[ի]էն:
Այս
նկատողութիւնները`
գեղին
միջին
կեանքէն
թելադրուած:
Երբ
հոս
դրուածին
նման
հպարտութիւնն
ալ
խառնուի
արարքին:
Հպարտութիւնը`
մանուկներու
մահուան
վրէժը
առնելու:
Ու
մի
մոռնաք
տակաւին
հոգիներուն
յատակը.
ըսել
կ՚ուզեմ
զայն
կազմող
հողին
ալ
բացառիկ
բաղադրութիւնը:
Աշխարհին
բոլոր
փաստերը,
բոլոր
հաւաստիքները
անզօր
են
գեղացիի
մը
ուղեղէն
հանելու
պատահմամբ
հոն
ինկած
սուտի
մը
սերմը
որ
պիտի
աճի,
հասնելու
անվրէպ
արիւնին:
Հաճի
Ապտուլլահ
աղան,
ինչպէս
անուանեց
զինքը,
այդ
դժնդակ
րոպէին,
Մոլլային
աղջիկը,
հեգնելո՞ւ
թէ
յիշեցնելու
համար
խեղդուածին
սիրական
բանաձեւը
ամուսինը
կանչելու,
կը
սպասէր
խաղաղութեան
ամրանալուն։
Ընդհակառակն.
ան
գտաւ
որ
ներսէն
կը
նեղուէր:
Աչքե՛րը,
շուար,
օգնութիւն
փնտռող
մէկու
մը
նայուածքով:
Ո՞ւր,
որո՞ւ
ձգել
անկողինէն
նայող
մեռելը:
Անիկա
քաշեց
վերմակը,
բոլորովին
ծածկելու
համար
անոր
դէմքը.
բայց
զայրացուց
մեծկակ
ճանճը
որ
պտուտքիլ
սկսաւ
ու
թռաւ,
յետոյ
իջաւ
վերմակին
եզրին,
դիակէն
չբաժնուող
իր
յամառութիւնն
ու
մութէն
իր
վախը
ցուցադրելով
ոճրագործ
խմբակին:
Անոնք
որ-բժիշկ,
մուխթար,
հոճա,
իմամ,
քահանայ
պաշտօնի
բերումով
գործ
են
ունեցեր
սպանդներու
հետ,
տարիներու
ընթացքին
տեսակ
մը
վարժութիւն
կը
ստանան
որ
օգտակար
է
ոճիրին
պարագաներուն:
Գոնէ
ընդհանուր
շուարման
ու
լացին
մէջ,
հրամաններ
կու
տան
եւ
որոշումներ
կը
դնեն
աղէտէն
կազմալոյծ
կամքերու
սպասին:
Մոլլա
Սայիտը
կարգադրեց
ամէն
բան:
Ու
ահաւոր
էր
այդ
մարդուն
խելքը,
որքան
հանդարտութիւնը,
կիրքը,
որքան
հնարամտութիւնը։
Անիկա
մտածեց
երկուքին
ալ
տեղը:
Լրացուց
ինչ
որ
իբր
ուրուագիծ
ներկայացեր
էր
Հաճի
Ապտուլլահին
ուղեղին,
ինքզինքը
կախող
հարսնուկին
դրուագէն:
Երեքը
մէկ
հանեցին
անկողինէն
ա՛լ
կարծրացած
կինը:
Հանդարտ
մտածելով
շտկրտեցին
օղակին
լայն
պարոյրը,
որպէսզի
ճշդուէր
անիկա
իրականութեան
լոյսով:
Կախեցին
զայն
կրկին,
հաշիւով
ու
չափումով
ստուգելէ
յետոյ
երկայնք
ու
բարձրութիւն
որ
ըլլալու
էին
ողջին
ու
կախուածին:
Մոլլա
Սաիտը
յաջողեցաւ
սպաննել
ճանճն
ալ,
դիակին
քիթին
իջեցնելով
հաստ
իր
ապտակը։
Զո՞վ
կը
ծեծէր:
…
Յետոյ,
մանկիկը
հագցուց
անոր
մայրը,
ոսկեկամար
գլխանոցը
անցուց
անոր
մանրիկ
գլխուն:
Այսպէս
հանդարտ
ու
խաղաղ,
երեքը
մէկ
ելան
դուրս
դուռէն:
Փողոցին
ըրին
հանդիպումը
պառաւի
մը
որ
անոնց
հարցուց
ուր
երթալնին։
Նոր
ժամանած
իմամ
մը
բարեւեց
նշանաւոր
Հոճան:
Ու
անոնց
գնացքին
մէջ
ոչ
մէկ
հետք
շուարումի,
փութացումի:
Ու
անոնց
դէմքին
վրայ
մեծվայելուչ
անդորրութիւնը
պայծառ
խղճմտանքին:
Հաճի
Ապտուլլահը
միայն
իր
ծունկերը
քիչ
ու
տկար
կը
զգար
իր
հերթին:
Ատեն-ատեն
անիկա
գլուխ
կը
դարձնէր
ետ,
դէպի
պատուհանը
իր
տունին:
Ինչո՞ւ:
Իր
մօրը
գրկէն
մանկիկը
կը
ժպտէր
պապային:
Զ.
Երկու
ժամ
վերջը
լուրը
իջած
էր
Նոր-Քաղաքի
ամէնէն
խուլ
անկիւններն
անգամ:
Ոստիկանութիւն,
դատաւոր
(հարցաքննիչ),
բժիշկ,
քննիչ
մարմինին
ընկերացող
քաղաքային
անձնաւորութիւններ:
Ձեւակերպութիւնը,
պարզ
բայց
ամբողջ։
Անոնք
այցուած
էին
տարի
մը
առաջուան
նման
պատահարէն։
Լուրը՝
ստամպոլցին
կախած
էր
ինքը
իր
ձեռքերով,
ինչպէս
ըրեր
էր
միւսը:
Օրինակին
վարակո՜ւմը:
Հարցուցին
Մոլլային,
Հաճի
Ապտուլլահ
աղային,
կնոջը,
ինչ
որ
ունէին
հաղորդելիք
օրուան
առաւօտէն,
կէսօրէն,
Նայիլէ
հանըմին
ցոյց
տուած
հոգեկան
վիճակներու
մասին:
Հարցուցին
դրացիներուն
որոնց
գիտցածը
կը
կրկնուէր
տնեցիներուն
պատմումովը:
Տարակոյս
չկար
որ
մեռնողը
ինքզինքը
կախած
էր:
Հարցաքննիչ
դատաւորը,
որուն
խելքը
սանթիմ
մը
երկուք
պարտաւոր
է
աւելի
ըլլալ
շրջապատէն,
թափանցելու
համար
ոճիրին
հիւսած
թնճուկներուն,
բացեր
էր
բերանը
ու
կը
խորհրդածէր`
բարձրաձայն,
բոլորին
տեղը,
ջանալով
հաշտեցնել
ինքնասպանութիւնը,
կախաղանը,
ամլութիւնը,
պոլսեցի
հանըմութիւնը:
Անիկա
գտաւ
նոյնիսկ
աթոռը
nրուն
վրայ
դրած
էր
մեռնողը
իր
ոտքը,
չուանը
ճիտը
անցնելու
համար:
Ու
համոզելու
համար
քարտուղարները
որոնք
բան
մը
գրելէ
ետքը
կը
դնէին
իրենց
գրիչները
սպասելով
երկրորդ
բառին
կաղապարումին,
անիկա
դրաւ
աթոռը
այն
կէտին
ուր
ըլլալու
էր
անպատճառ,
բարձրացաւ
վրան,
թաշկինակը
օղակ
ըրած,
ու
կը
հեւար,
բարկացկոտ:
Բժիշկը,
երիտասարդ,
խուլ
վրէժի
մը
հնազանդելով,
մատներովը
խուզարկեց
մեռնողին
սիրտը,
վիզին
փորուածքը,
բռնութեան
ուրիշ
հետքեր
հաստատելու
ճիգին
մէջ,
գոհացում
տալով
ստորին
զգացումի
մը
որ
այդ
կնոջ
մարմնին
երազն
էր
եղեր
անոր
մէջ:
Ու
հաստատեց
մահը,
արդիւնք
այս
ու
այն
երակին
խզումին`
իր
կարգին,
արդիւնք`
չուան-օղակին:
«Մեռելը
կը
վայլէ
հողին»,
կ՚ըսէ
ժողովուրդը։
Այս
առածը՝
աւելի
քան
իրաւ
ու
աճապարոտ
հոս:
Ժողովուրդը
շինած
է
նաեւ
ուրիշ
առակ
մը.
«Հոճաներուն
մածունը
շատ
խառնելու
չենք»,
ինչպէս
կը
պատգամէ
խենթուկ
յիշում
մը
հոճաներու
պետէն
Նասրետտին
Հոճայէն:
Ո՞վ
էր
այդ
առածը
հոս
յիշողը:
Թէեւ
անիկա
չհասաւ
ամէնուն
ականջին:
Խենթ-խելօք
քար
մը
կը
փրթի
այս
կարգի
դէպքերու
ընթացքին:
Թաղեցին:
Ամբոխը
՝
թոյլ
ու
պաշտօնական
հանդարտութեամբ
մը,
կարծես
զիջելու
համար
մռայլ
ոճիրին
իր
մռայլ
իմաստը:
Այդ
երանգը
զգա՞ց
Հաճի
Ապտուլլահը,
թէ
իր
յուզումը
պարտկելու
իր
խռովքին
մէջ
անձնապաշտպան
բնազդները
զինքը
վարեցին:
Անիկա
դատեց
ամբոխին
կէս
յոգնաթափ
վիճակը
որ
արդիւնք
էր
շատախօս
դատաւորին
անսխալ
փաստերուն:
Անգամ
մը
կազմակերպուած
այդ
վիճակը
դուրսէն
պարզ
ընկալչութեամբ
մը
կը
տաղաւարէր
խուլ
ու
մութ
ծփանքները
որ
ոճիրին
հեղինակներէն
կը
ծորուին
ու
կը
կորսուին
հասարակաց
ոլորտէն
ծծուելով:
Այս
պատճառով
էր
որ
այդ
ամբոխը
չտեսաւ
երկու
այրերուն
տարօրէն
պիրկ,
խորհրդալից
հոգեկանութիւնը:
Ոչ
միայն
չտեսաւ,
այլ
արտաքին
պատկերացումն
ալ
շահագործեց
ի
նպաստ
ընդհանուր
բարեխառնութեան:
Մեռնողէն
աւելի
մեղքցան
մարդիկ
Հաճի
Ապտուլլահ
աղային
որ
պարկեշտ
միւսիւլմանի
մը
պէս
չէր
վարուած
միայն
հանդէպ
պոլսուհիին.
այլ
կատարեր
էր
իր
պարտքը
սովորականէն
անդին
նայող
բարձրութեամբ
մը,
պահելով
իր
յարկին
տակ,
իր
պատիւին
լիութեան
մէջ
կին
մը,
որ
ուրիշի
մը
կողմէ
վատ
հայհոյանքով
մը
փողոց
պիտի
դրուէր
շատ
շուտ:
Կը
մտածէին
այս
ամէնը,
Աստուծոյ
մխիթարութիւնը
հայցելով
վշտահար
մարդուն
որ
չէր
լար,
–
վասնզի
չէր
կրնար
–
ու
շունչէն
բռնուած,
հազալ
յաջողելու
համար
կը
կռթնէր
մէկէն
միւսին:
Չտեսան
նմանապէս
բռնուածքը
անոր
աչքերուն
ուր
կէս
խելագարի
հով
մը
կը
դողար,
փայլատ
ու
իրաւ:
Քանի
մը
վայրկեանը
հեղ
մը
ուժգին
ցունց
մը
կը
թօթուէր
անոր
մարմինը,
հիւանդ
ձիու
մը
նման,
որ
պարպուած
պաղ
ջուրին
ներքեւ
կը
դողդղայ:
Յետո՞յ:
Յետոյ
պէտք
է
սկսէր
բուն
ողբերգութիւնը
որուն
առաջին,
աւելի
ճիշդ
երկրորդ
արարուածը
կը
նկատուէին
ա՛լ
անցեալին
պատկանող
սպանութիւնները։
Հաճի
Ապտուլլահը
կը
տկարանար
--
ոչ
մարմինէն`
որ
կը
պահէր
իր
կարծր,
անզգամ
կայունութիւնը,
--
այլ
հոգիէն
ուր
ճեղքը
կը
տարածուէր
նկատելի
արագութեամբ
մը։
Անիկա
ահաւոր
մղձաւանջով
մը
թարթիչ
չփակեց
ամբողջ
երեք
օր:
Կը
վախնար
քունէն,
վասնզի
սառնիճին
տեսարանը,
սպանութիւնը,
դժոխքին
պատկերները
իրարու
հիւսուած
կը
փռուէին
ոչ
թէ
աչքին
դէմ,
այլ
միսերուն
ամէն
մէկ
ծալքին
մէջը:
Ու
կը
զառանցէր:
Մոլլա
Սաիտը
պարտաւորուեցաւ
պառկիլ
իր
աղջկանը
տունը:
Վա՞խը.
–
Ոգիները
լուսաբանած
ըլլալու
էին
իրենց
իշխողը։
Վա՞խը.
–
Բայց`
աղջիկը,
թոռը,
փեսա՜ն:
Վա՞խը.
–
Ի՜նքը,
Ճինճի
Հոճան։
Ճիներու
բանակները
կառավարող
սա
մարդուկը
անզօր
էր
մնացեր
իր
խղճմտանքին
դէմ,
որ
վաթսուն
տարի
կը
քնանայ,
բայց
վեց
օր
ալ
կ՚արթննա՜յ
։
Անիկա
կը
քաւէր,
քաւելու
էր
ոճիրին
օրուան
դիւրին
խաղաղութիւնը
հիմա,
օր
օրի
աւելի
խոր
իյնալով,
խղճախայթի
ակoսովը`
դէպի
ծածուկ
գաւառները
մեր
հոգիին,
որոնք
անգիտակցութեան
կիսագունդին
կ՚իյնան,
մշուշասքող,
անձեւ:
Բայց
կրակէ
խողովակով
ալ
փապուղի
կը
ճարեն
երբեմն
մերօրեայ
աշխարհը:
Անիկա
կը
տառապէր
ճշմարտութեան
արեւէն
որ
եթէ
ազգերու
կեանքին
վրայ
իմաստէ
զուրկ
է
յաճախ,
բայց
անհատներու
–
մանաւանդ
միջակ
անհատներու
–
գիծով
կ՚երեւի
պայծառ
ու
կը
լուսաւորէ
ոճիրին
դիզած
մութերէն
ներս
շատ
շատ
բան:
Բայց
այդ
վիճակէն
դէպի
խենթութիւն,
դէպի
նոր
ոճիր
կա[ր]մարները
դիւրաւ
կը
նետուին:
Նոր
ոճի՞ր
։
–
Ի
հարկէ:
Դիւրին
չէր
ամէն
գիշեր
հանդուրժել
մեռնողին
դարձը:
Հաճի
Ապտուլլահը
չսպաննեց
սակայն
Հոճային
աղջիկը
--
ատ
չէր
որ
կ՚ուզէր
խեղդուած
կինը,
--
հակառակ
անոր
որ
ներսէն,
արթնութեան
ամէն
րոպէին
գրեթէ,
մէկը
անդադար
կը
պոռար
անոր,
ընել
այդ
պարտքն
ալ։
Ո՞վ,
այդ
մէկը։
Մղձաւանջին
հերոսուհին
ատիկա
արգիլած
էր
անոր:
Ու
երկու
այս
սլաքներուն
մէջ,
անդադար
հարուածուած,
անոր
ուղեղը
կորսնցուց
իր
կորովը:
Կարծես
երրո՜րդ
արիւնէն
նախապէս
բռնուած
–
այս
բացատրութիւնը
ճակատագրական
խորութիւն
ունի
ժողովուրդի
բերնին
որ
կը
դատէ
իրերայաջորդ
աղէտները,
արիւնով
օծելով
զանոնք
իրարու
կապող
լարերը
–
անիկա
կը
պառկէր
առանձին:
Երիտասարդ
էր
անիկա։
Ու
ժում
մը-երկուք
հացին
նման,
անհրաժեշտ
անոր՝
ժում
մը-երկուք`
կինը։
Բայց
մտածելն
իսկ
Մոլլային
աղջկան
անոր
մազերը
փուշ-փուշ
կը
ցցէր
գլխէն
ու
թեւէն։
Գարշագին
սա
վախին
մէջ,
ծարա՛ւ
իր
ողնուղեղին
ամբողջ
երկայնքովը
ու
իր
անձին
ամբողջ
անասնութեամբը,
անիկա
կ՚այցուէր,
կիսամրափ
պահերուն,
համբոյրներովը
միւսին,
տարօրէն
հեշտ,
իրաւ,
անխուսափելի:
Սկիզբները
կիսերազ,
տակաւ
տեւական
տառապանք
մը
եղաւ
անոր
ինքնին
գերագրգռուած
զգայարանքներուն
սա
զարհուրելի
պապակը
անոր
մարմինին,
տամկութիւնը
անոր
երեւցող
բայց
չզովացնող
շրթներուն:
Ուղիղ,
խիտ,
սարսռագին
նայուածքներով
անիկա
փնտռեց
անոր,
մեռնողին
ուրուականը
որ
գոլուտ
իրականութիւն
մը
կը
դառնար
տակաւ,
օր
օրի
քիչ
մը
աւելի
խիտ
ընծայելով
հիւսքը
իր
ստուերին:
Ամէնօրեայ
սա
յաճախանքը,
Հոճային
ամենազօրեղ
թուղթերէն
ետքն
ալ,
կարծես
ի
հեճուկս
անոնց,
մեղքին
հետ
տիրական
հաշտութենէ
մը
վերջ,
որ
ձեւ
եղաւ
քաղաքիկի
աչքին
հսկայ
նուիրանքով
մը,
երբ
իրեն
մօտաւոր,
նորահաստատ
գեղի
մը
կիսաւարտ
ճամիին
լրիւ
քառորդը
ապահովեց
իր
լաւագոյն
ամպարին
ամբողջական
տրամադրումովը:
Նոյնիսկ`
նոր
ոգեհրաւէրի
մը
համակերպումովը,
որ
անցաւ
բոլորովին
ամուլ:
Ճիները
վախցեր
էին
երեւնալէ:
Առողջ
մարդու
մը
սա
հակումը
դէպի
խենթութիւն
ե՞րբ
սկիզբ
կ՚առնէ:
Բժշկական
ախտաբանութիւնը
կու
տայ
կարգ
մը
նախապայմաններ:
Հետաքրքրուողը
կրնայ
դիմել
այս
նախամուտը
լրիւ
ճանչնալու
համար
այդ
հաստափոր
հատորներուն:
Ինծի
համար
բաւ
է
պատկերել
անոր
մէկ
մասնայատուկ
դրուագը,
որ
ողնուղեղը
ունի
իրեն
կրկէս:
Շաբաթներով
բարակ
ցաւեր
պտըտեցան
այս
փապուղիէն
ի
վեր
ու
ի
վար։
Յետոյ,
սուր
թել
մը,
դաշոյնի
մը
ճօճումով
կը
բանէր
այդ
երկայնքին,
ամէն
մէկ
թրթիռին
ձիւնի
փոշի
սրսկելով
ափերուն
ու
այդ
մսուքը
տարածելով
մարմնին
միւս
կեդրոններուն:
«Ջուրի
պէս
արիւն
մը»
կը
կարծէր
թէ
կը
պտըտէր
երակներէն:
Ամէնէն
կարեւորը`
առնութեան
շիջումը,
քսանըհինգ
ձմրան
երիտասարդին
մէջ
որ
իր
զոյգ
կիները
կը
պահէր
«եղին
ու
մեղրին»
մէջ:
Լռեց
արուն
անոր
մէջ։
Մոլային
աղջիկը
զզուանքը`
անձնաւորուած:
Քիչ-քիչ
այդ
զզուանքին
համէն
անիկա
վերածուեցաւ
ատելահիւս
ձիւթի
մը,
անոր
հոգիին
ակռաներուն
ներքեւ։
Կ՚աղար
զայն,
թուքով,
հայհոյութեամբ:
Կը
ծեծէր
զայն,
երբ
գտնէր
մինակ,
ու
հեռու
էր
ըմբռնելէ
իր
կնոջ
անճառ
երանութիւնը
այդ
ծեծին
տակ,
որ
ըստ
կախարդներու,
«պաղը
կոտրող»
առաջին
տուրքն
էր
ոգիներուն:
Յետո՞յ:
Բայց
քալել
դէպի
ամբողջական
խօթացումը
ուղեղին
որուն
կեդրոնին
ոճիրին
սարդը
կը
սնանէր
ինչպէս
հաւկիթի
ճերմկուցին
մէջ
ճուտիկը։
Հակառակ
իր
խստութեան,
կը
վախնար
անիկա
Մոլլային
աղջիկէն,
նախ
անոր
սեռային
մթնոլորտին
դէմ
իր
խոր
զզուանքովը,
երկրորդ`
ոճիրին
մէջ
ոստղուած
գիտնալով
զինքը
անոր
մատներուն:
Անիկա
մեղքին
հետ
հիւսուած
էր
իր
կնոջը:
Աւելի՞։
Անշուշտ։
Կեանքը
ժամանակի
վերածելը
փիլիսոփաներու
գործն
է
կ՚ըսեն:
Մեր
ալ,
այսինքն
պարզ
մարդերուս
ճակատագիրը՝
զայն
փշուր-փշուր
աղալը
մեր
ջաղացքի
քարերուն:
Դրէք
Հաճի
Ապտուլլահը
առջեւը
իր
տարիներուն
--
իր
օրերը
--
ու
խղճացէք
վրան:
Վասնզի
անոր
երկանաքարը
կիրքին
թթուովը
խմոր
էր
դարձած
ու
չի
կրնար
աղալ
երկաթ
հատիկը
որ
խղճի
տագնապ
իսկ
չէ,
այսինքն
սանկ
մութ
ամբարի
մը
խորը
թողուած,
կէս
մը
անտանելի
կծուութիւն
մը:
Անոր
ցորենը
անոր
աչքին
դէմ
շինուող
մարմինն
էր
իր
կնոջը,
զոր
կը
սիրէր
գերեզմանէն
անդին:
Զոր
կը
ցանկար
բոլոր
զօրութիւնովը
իր
սիրտին:
Որ...
պէտք
է
կենալ։
Մէկ
օր
չէ,
երկու
օր
չէ,
ոչ
ալ
շաբաթ:
Չորս
ամիսներ:
Իր
տղան
կ՚աճէր
օրրանին
մէջ,
մէկ
ու
նոյն
պայմաններով։
Լուսնկայ
մը
երեսը
մանչուկին:
Իր
կինը
կը
խուսափէր
իրմէ,
վախնալով
հարուածներէն,
որոնք
վտանգաւոր
տեղերու
ուղղուած
էին:
Ճինճի
Հոճան,
ոգիներէ
ձեռնթափ,
զգուշութեան
համար,
գիշերը
բակին
մէջ
մարդ
կը
պառկեցնէր։
Է.
Չորս
ամիսներ
անցան
այսպէս,
գիսախռիւ
ու
կարմիր,
ոճիրէն
յղփացած,
աշտանակուած
թրթռուն
տունին
մէջ:
Որոնց
ընթացքին
Մոլլային
մեծազօր
հեղինակութիւնը
սանձահարեց
փեսային
խախտած
երեւակայութիւնը
ու
անոր
զգայութիւնները
զետեղեց
մեղքի
կալին
մէջ,
բոլորն
ալ
բեռնաւորելով
շէյթանին
ջորիներուն։
Անոր
հնարքովն
էր,
որ
Հաճի
Ապտուլլահը
մեկուսացուեցաւ
անզգալաբար:
Դաշտի
գործերէն
անոր
նահանջը
ինք
կազմակերպեց
ու
յորդորեց
Պրուսա
իջնել։
Ջերմուկները,
բժիշկները:
Այս
որոշումը
չարժանացաւ
գործադրութեան:
Ճիներուն
զօրավարը
տետրակին
մէկ
էջը
կը
կարդար
ու
դէպքերուն
մէկ
երեսը
միայն
ունէր
իր
փչումներուն
շրջանակին
մէջ:
Անիկա
բախտը
չունեցաւ
իր
փեսան
որոշումին
օրն
իսկ
քաղաք
փոխադրելու:
Այդ
փոփոխութիւնը
թերեւս
շտկէր
դէպքերուն
գալիք
ընթացքը:
Կառքի
պակա՞ս,
ճակատագրի
պատգա՞մ։
Մոլլա
Սաիտը
իր
ճամբորդութիւնը
յետաձգեր
էր
յաջորդ
օրուան:
Բայց
մէկ
գիշերը
որքա՜ն
լայն
ժամանակ
է
որպէսզի
անոր
մէջ
հիւսուին
խորունկ
ու
մեծ
բաներ:
Հաճի
Ապտուլլահը
նոյն
օրուան
գիշերին
պիտի
ձգէր
երրորդ
վարագոյրը
իր
ողբերգութեան:
Այդ
ցերեկը
խռով
էր
անցած
Նոր-Քաղաքիկին
վրայէն
շատ
դժնդակ
աղէտով
մը:
Երիտասարդ
մը
իր
տանը
կացինով
գլուխը
առեր
էր
իր
հօրը,
մինակը
վայելելու
համար
շատ
երիտասարդ
իր
մօրուն,
ինչպէս
կը
վկայէր
սպաննուող
ծերուկին
գեղանի
կինը,
որ
քաղաքի
ապրանք,
գլխէ
հանած
էր
էրկանը
անդրանիկ
տղան
եւ
անուղղակի
զայն
մղած
սա
սպանութեան:
Յուզում,
անէծք,
որքան
կ՚ուզէք:
Իրաւ
որ
աշխարհին՝
մօտ
էր
վախճանը։
Հաճի
Ապտուլլահը
իմացաւ
պատահածը
գերեզմանատան
առջեւ
խմբուած
բազմութենէն։
Գիշերը,
իր
սենեակին
մէջ,
պատուհանին
առջեւ
նստած
պահուն,
անիկա
կամաց
մը
կանչուեցաւ:
Ոչ
մէկ
ձայն
անշուշտ:
Բայց
դարձաւ
դէպի
դուռ։
Պոլսուհի՜ն:
Քուն
չէր
անիկա:
Ուզեց
ցատկել:
Բայց
գամուած
էր
բազմոցին։
«Ան
կը
տիրէր
երազին»,
ինչպէս
կը
նկատէ
այս
վիճակը
մեր
մեծ
բանաստեղծներէն
մէկը:
Բայց
ահա
աւելին:
Ստուերը
երկու
քայլ
առաւ
ու
կեցաւ:
Նոյն
րոպէին,
անիկա
իր
ձեռքերովը
փրցուց
իր
գլուխը
վիզէն,
ու
Հաճի
Ապտուլլահին
մագիլներուն
չափ
միս
թռցուց
այդ
գլուխէն,
իբր
կոթ,
բռնած
ձեռքին
մնաց
քարացած:
Հանդարտ
էր
ան
ու
աննահանջ:
Իրա՛ւ,
այդքան
կ՚ըլլար:
Փրցուած
երեսին
վրայ
նոյն
զգլխիչ
ժպիտը,
բարի
նոյն
նայուածքը
ու
եղկ
աղբերացումը
շրթներուն
որոնք
տարիներով
համ
ու
գեղեցկութիւն
հոսեր
էին
անոր
զգայարանքներուն:
Նոյնիսկ
անոր
պոլսական
նրբենի
ձայնը,
որ
խօսիլը
գինովութեան
կը
վերածէ
մտիկ
ընողին
ջիղերն
ի
վար:
Ու
ահաւորը
ան
էր
որ
այդ
շրթները
կը
շարժէին:
Ու
կը
շարժէին
արիւն
ուզելով:
Գեղեցի՜կ:
Շնորհալի՜:
Ու
հակառակ
գլխակորոյս
հրէշութեանը,
տարօրէն
հրապուրիչ`
առանձնակի,
դէմքէն,
ինչպէս
[....
],
մարմինէն`
ինչպէս
զգալի
է
ատիկա
կարգ
մը
արձաններու
իրանին.
մանաւանդ
լանջքին
կաղապարումէն:
Ու
փոխն
ի
փոխ
անիկա
կ՚ըլլար
իր
ամբողջ
կէտերուն
վրայ,
ինքզինքը
հաւաքելով
այս
ու
այն
մասերուն
վրայ:
–
Արիւն
կ՚ուզեմ... :
Լսե՞ց
Հաճի
Ապտուլլահը:
Պարզ
ու
արդար
էր
անոր
ուրուական
կինը
սա
ցասումին
մէջ:
Նոյն
ատեն
սպառնալով:
Երկու
քայլ
եւս
առաջ։
Այսինքն
ճիշդ
ու
ճիշդ
բազմոցի
եզրին։
Ու
անոր
շունչէն
կը
ծաւալէր
անոր
մարմնահամը,
ինչպէս
հիւսուած
են
մեր
զգայութիւնները
մեր
մտերմութիւններէն:
Ու
անոր
մօտութենէն
վարդի
եղի
շատ
ազնուական
այն
մշուշը
որով
հովանաւոր
անիկա
ապրեր
էր
անոր
կուշտին:
Ու
անոր
աչքերէն
վրէժխնդիր
այն
ցասումը
որ
անոր
քաղցրութեան
վրայ
շինուող
ստուերի
մը
կը
նմանէր,
նոյն
րոպէին
երկուքն
ալ
կլլող
հաւասարապէս:
Հաճի
Ապտուլլահը
մտքէն
չանցուց
պոռալ:
Տեսիլքներու
հետ
իր
ընտանութիւնը
բնազդաբար
զինքը
կ՚արգիլէր
աւելորդ
խուճապէ։
Բայց
ինքզինքը
պաշտպանելու
համար
վերցուց
ձեռքը
իր
վրայ
հակող
դէպի
գլուխը:
Էրիկմարդու
վայել
խստութիւն
մը
սեւ
յօնքերը
կիտեր
էր
այդ
շարժումին
հետ,
թուրք
էրիկմարդուն`
որուն
երեւումը
բաւ
է
կիները
քշելու
որեւէ
տեսարանէ:
Պատկերը
դիմացաւ:
Զայրագին՝
անիկա
իր
ձեռքերը
ըրաւ
բռունցք,
որոնք
այդ
հեղուկ
բայց
թափուող
ձիւնին
ընդմէջէն
կ՚անցնէին
ու
կը
դառնային,
առանց
աւրել
կարենալու
ոստղային
անոր
կակուղութիւնը:
Աւելի
դժնդակը.
ամէն
կռուփի
անիկա
կը
զգար
մսեղէն
ճնշումի
մասնաւորուած
ջերմութիւն
մը,
իր
կնիկին
ջերմութիւնը,
որ
անսովոր
էր
ուրուականներու
հետ
եւ
կը
բերէր
բացառիկ
կսկիծ
յօդերուն,
ձգտուած
կէտերուն։
Ե՞րբ
բուսաւ
անոր
կողքին
տասնամեայ
աղջիկը,
կաղ,
լուսնոտ,
գանկը
կիսուած
կացինին
բերանէն:
Ան
ալ
կը
նայէր,
երկարելով
լայնբերան
սափոր
մը,
այդ
մարզերուն
ընտանի
թռչունի
մը
ձեւով,
աս
ալ
փոքր,
տասնամեայ
պզտիկի
մը
մարմինով,
ուզելով
ետ,
խիստ
ու
անողոք,
չար
ու
կռուազան,
ջո՜ւրը
իր
օրերուն,
թափուած
տարապարտ
գանկին
բացուածքէն։
Տեսակ
մը
գոյնի
բացութիւն,
լուացուածութիւն
այդ
պատկերները
կը
պահէր
ուրուայնութեան
մէջ,
անդադար
թափուող
լուսեղէն
հոսումի
մը
վերածելով
անոնց
մարմինը,
բայց
չայրելով:
Ու
չէին
վախնար
անոնք`
այնքան
խելօք,
խօսքմռուկ,
քիչ՝
երբ
տունին
մէջ
էին
Հաճի
Ապտուլլահին,
ու
հիմա
այնքան
հեստ
ու
յամառ:
–
Արիւն
կ՚ուզեմ:
Կ՚ուզէր
լուսնոտ
աղջիկն
ալ,
փոքր
մարմինէն
ճարելով
ահաւոր
դաշնակութեամբ
գլուխ
մը,
ուր
քսանամեայ
հասունութիւն,
պչրանք
ու
սեռային
առք
իրարու
իջեր
էին:
Ո՞վ
կը
շինէ
մեր
դէմքերը
այս
կախարդ
շրջաններուն
երբ
օր
օրի,
տարուէ
տարի
մեր
միսերը
կ՚այլանան
յանգելու
համար
մեր
իսկ
խորհուրդին:
Ու
մի
մոռնաք,
աշխարհի
երեսին
ամէն
օր
այդ
քսանամեայ
խորհուրդները
լուծելու
համար
հազարներ
իրենց
գանկը
կը
պայթեցնեն
դանակով,
գնդակով,
կախաղանին,
թոյնով
ու
քարով։
–
Ո՞ւր:
Հարցնող
էր
Հաճին,
լեղապատառ։
Անոնց
դէմքին
կարդացե՞ր
էր
ահաւոր
վճիռը։
Անոնք
կ՚երթային
քովի
սենեակը,
իրենց
արիւնի
պահանջը
գանձելու,
օրրանի
տղէն:
–
Ո՞ւր:
Մռնչում
մը
ուղիղ:
Որ
Հաճիին
ականջին
հասաւ,
քունէն
արթնցնելով
զինքը:
Աչքերը
բացաւ:
Տախտակամածին`
քսուող
շղարշի
բարակուկ
հեւք։
Վարդի
հոտ,
մեռելի
պաղ։
Դուռին
կողմէն
երկու
ձեւերու
յստակ
հեռացո՜ւմը։
Իր
տղո՜ւն
կ՚երթային: :
Ծով
քրտինք։
Սիրտը
պայթելու
չափ
քարկոծուած։
Գլխին
հրդեհ։
Ձայն
տուաւ
իր
կնոջը։
Ոչ
ոք։
Փոքր
լամպը
չէր
բաւեր
փարատելու
կարծր
ու
ցուրտ
տրտմութիւնը
որ
գիշերը
կէսին
կը
մաղուի
առաստաղէն,
կը
պտղի
սենեակին
կարասիներէն
ու
քունը
այրուածք
կ՚ընէ
մեր
կոպերուն
վրայ
մաղ-մաղ,
սէրէն
պարպուած
սիրտին
ալ
մէջը`
զարկը
մահագիր
նուագ:
Թող
կարդան
ուշադիր
այս
տողերը
անոնք
որոնց
բռնուած
է
հոգին
ուրուականներէ:
Եւ
հոս
պատմուածին
նման
ոչ
յիմարներէ,
այլ
իրականներէն
–
կին,
աղջիկ,
նախանձ,
փառասիրութիւն,
տարփանք,
անգթութիւն,
բազմատեսակ
ախտերու
տենդը
։
Բոլորը,
բոլորը
ուրուականներ
որոնք
պիտի
գան
նստելու
մեր
դէմ
ու
պիտի
գամեն
մեզ
մեր
կրակին
սիւնին:
Ձայնեց
անիկա,
աւելի
վախկոտ,
աւելի
ամուր։
Դէմի
սենեակէն
կինը
պատասխանեց
մեղմ:
Անիկա
վազեց
մանուկին
օրրանին:
Մայրը
զուր
կը
ջանար
ստինքը
տեղաւորել
պզտիկին
շրթներուն
որոնք
չէին
գոցուեր,
բայց
պտուկն
ալ
կը
նետէին
դուրս:
Ահաւոր
սկիզբը:
Բռնեց
անոր
ճակատիկը:
Տղան
կրակ
էր
առած:
Անոր
աչքին
առջեւէն
կարծես
կայծեր
արձակուեցան,
ինչպէս
կը
պատահի
երբ
շատ
զօրաւոր
հարուած
մը
ցնցէ
մեր
քունքերը:
Վա՞խ:
Բայց
ի՜նչ
խեղճ
է
մարդոց
լեզուն,
երբ
պիտի
բացատրէ
նման
վիճակներ։
Իրեն
այնպէս
եկաւ
որ
սիրտին
վրայ
շատ
հզօր
թաթ
մը
կախուեցաւ,
կախուեցաւ
ու
նստաւ:
Ուրի՞շ
էր
կերպը
մեռնելուն։
Ու
յանկարծակի
անիկա
իր
կուրծքին
տակ
զգաց
սիրտերը
երկու
մեռելներուն:
Որոնք
սա
ծանրութեան
ներքեւ
եղեր
էին,
իր
արիւնոտ
ձեռքերէն
առնելով
մահուան
հարուածը:
Անիկա
նետուեցաւ
դէպի
պահարանը
որուն
փեղկերը
դողդղալ
կը
թուէին.
բացաւ
կատղած:
Ոչի՛նչ.
սովորական
լաթերը,
կախ,
անկողինի
կազմածները
վրայէ
վրայ։
Բայց
անկիւնէ
մը
սազ
մը
հեծկլտաց:
Դպա՞ծ
լարին։
Չէր
զգացած:
Ու
լարին
այս
լացը
ջուրի
վերածեց
անոր
բոլոր
ջիղերը։
Պատերէն
կախ
սազերը
կ՚երգեն,
կ՚երգեն
մատներուն
տակը
հոգի
առնողներուն:
Ակնթարթի
մէջ
անոր
մարմինը
սառ
էր
կտրած:
Շէյթանին
թաթին
տակ,
տունէ
մը
ներս
սա
փոքր
նշանը...
Մահէն
ուժով
է
մահուան
նախահովը,
երբեմն
անկարեւոր
պատահմունք
մը,
բուք,
կոտրած
պնակէ,
գերանի
մը
հեծքէն։
Հոգէառը
այսպէս
թեթեւ
նշմարներով
ինքզինքը
կը
յայտնէ
ապրելու
իրենց
պատիժը
չաւարտածներուն:
Երբ
դարձաւ
օրրան,
անոր
մազերը
փուշ-փուշ
ցցուեր
էին:
Ու
քրտինքը
ջուրի
պէս
կը
վազէր
քունքերէն:
Անկարելի
էր
րոպէ
մը
աւելի
նայիլ
անոր
դէմքին,
այնքան
դուրս
էր
անիկա
մարդկային
պարունակէն:
Վերցուց
սակայն
պատրոյգը
լամբին,
մուխ
ընելու
չափ,
չգիտնալով
ուղիղ
ի՛նչ
կ՚ուզէր
լոյսէն։
Անիկա
կը
դողդղար
պզտիկ
պտուտակը
շարժելու
ատեն:
Կարօտ
էր
պայծառութեան:
Լոյսին
ետեւէն
մեր
անձո՜ւկը,
կարգ
մը
պահեր,
ոճիրէն
վերջը,
սրտին
եկած
մահացու
հարուածին
առջեւ,
երբ
սիրեկանը
քեզ
կը
սպաննէ
մէկ
հատիկ
բառով
կամ
հոգէառը
հիւանդին
սնարքը
կ՚անցնի
ու
քեզ
կը
դիտէ։
Երբ...
հիւանդ
են
հոգիները,
մարմիններէն
շատ
աւելի։
Տղուն
կեանքին
սպառնացող
վտանգը
աւրեց
Հաճի
Ապտուլլահին
հոգիէն
ուրիշ
ամէն
հոգ
ու
յուզում:
Էրիկ-կնիկ,
օրրանին
վրայ
դէմդէմի,
սարսափին
տակն
էին
պայմանեալ,
իրենցմէ
քաջածանօթ
ախտանիշներուն,
մէկ
տղէն
միւսը
յար
եւ
նման.
եւ
որոնք
անվրէպ
յանգելու
էին
աղէտին:
Առաջինը
ասոնց՝
շրթներուն
սա
կարկամումը
որով
պզտիկը
չէր
կրնար
ստինքին
պտուկը
առնել
իր
բերանը։
Յետոյ
գլխուն
գամուիլը`
ծոծրակի
ծխնիին։
Յետոյ՝
կրակը:
Յետոյ
նայուածքը՝
որ
կար
ու
չկար,
վասնզի
բաց
էր
ու
չէր
տեսներ...
։
Ու
մահուան
տեսարանումը,
որ
տեղի
ունեցաւ
անփոփոխ
հաւատարմութեամբ
մը,
գրեթէ
ժամը
ժամին:
Լոյսին,
տղան
հանգչեր
էր
կրակէն,
աչուկները
բաց:
Ուլունքի
նման
էին
անոր
բիբերը,
նետուած
դալուկ
արեւի
մը
մէջ,
որ
պղտոր
ու
մեծցած
ճերմկուցը
կ՚ոսկեջրէր,
սեւուկ
հատիկները
հանելով
գրաւիչ
փայլի,
փթթումի։
Կոտրտէին
ձեռքերը
անոր
որ
պիտի
պատնէր
սա
չմեռած
մանկիկը,
կսկլոր,
լուսնի
պէս,
հազիւ
ինկած
իր
կարմիրէն:
Դժուար
էր
հաւատալ
անոր
մեռած
ըլլալուն։
Յետո՜յ:
Լրջօրէն
պնդեց
ու
յաջողեցաւ
արգիլել
տղուն
թաղումը
այդ
օրը:
Զուր
անցան
թախանձանքները
ծանօթներուն,
մեծերուն,
պառաւներուն
որոնք
ով
գիտէ
ինչ
խորախորհուրդ
ազդմունքներով
աճապարանք
ունէին,
պզտիկը
հեռացնելու
անոր
աչքերէն:
Ամբողջ
քաղաքիկը
կ՚արգահատէր
անոր
դժբախտութեանը:
Տարուան
մէջ
երկու
հո՜ղք։
Դիւրին
է
գրելը,
կարդալը,
տեսնելը,
ուրիշին
ակօսով։
Անոր
այնպէս
կու
գար
որ
տեսակ
մը
տրտում
քուն
էր
իր
տղան
փաթթողը,
որ
պիտի
չքանար
թերեւս
գերբնական
մատով
մը
առնուելով
անոր
աննման
երեսէն:
Ներկայացան
մտքին
ընդարձակ
իր
բարիքները:
Նոյն
ատեն...
թեւ
թեւի
արիւն
ուզողները:
Մոլլա
Սաիտը
տունին
մէջ
ծուխ
այրեց
ասիական
սուրբ
քաղաքի
մը
անծանօթ
մէկ
տերեւէն։
Հաճի
Ապտուլլահը
զգուշացաւ
կնոջը
հետ
դէմ
դէմի
գալէ,
վասնզի
կը
ցնցուէր
ակամայ
ու
չէր
գիտեր
թէ
ինչ
պիտի
ելլար
իր
ձեռքէն:
Մահն
ալ
ապրում
մըն
էր
տունէն
ներս:
Լման
օրը
լացին
դրացիները:
Գիշերը
աւելի
դժնդակ
էր
տեսարանը:
Օտարները
մեռելտէրէն
շատ
շուտ
կը
յոգնին:
Կէս
գիշերէն
եղան
ժամեր
ուր
անիկա
միս
մինակը
մնաց
պաղած
փոքրիկին
երեսին:
Ի՞նչ
կը
տեսնէր:
Անոր
տառապանքը
ժամացոյցէ՜ն,
որ
շատ
շուտ
կը
կտրէր
կլորակին
թիւերը:
Հողին
միջոցը
կը
մօտենար
ու
ինք
անկարող
էր
կասեցնելու
ժամանակը:
Լուսցա՜ւ:
Անիկա
պահանջեց
որ
չթաղեն։
Կարելի
էր
տակաւին
օր
մըն
ալ
վար
դնել
մանկիկը:
Այնքան
անոր
դէմքը
օտար
էր
ապականութեան
խմորին
որ
մահէն
ամիս
առաջ
կը
գունատէ
միսերը
ու
կ՚աղտոտէ,
երբ
հիւանդութիւնը
այդքան
հեռուէն,
պառկողին
իլիկը
կը
քամէ:
Գայմագամը,
կառավարութեան
միւս
առաջաւոր
պաշտօնեաները
միջամտեցին:
Բժիշկը,
թէեւ
թթուած`
մահէն
ժամ
մը
առաջ
միայն
կանչուելուն,
հետաքրքիր
երեւցաւ
սա
դէպքով
(մեր
հոգին
բզկտող
աղէտները
ուրիշներու
բերնին
մէջ
սա
չէզոք
տարազը
կ՚առնեն
շատ
յաճախ)
ու
երդումը
ըրաւ
հետապնդել
միքրոպները,
մինչեւ
Հայտար-Փաշայի
միքրոպազննարանը
ղրկելով
ինքն
ալ
չէր
գիտեր
ինչը,
տեղեկագի՞ր
թէ
տղան,
քանի
որ
մանուկէն
ոչինչ
էր
առած:
Անիկա
խմբագրեց
մահուան
տեղեկագիրը,
բարձր
ոճով
մը
(քիչ
մը
բանաստեղծ
կը
հոսէր
նորաւարտ
երիտասարդը
որ
ցաւով
ստիպուած
էր
ասպարէզ
փոխել,
ինչպէս
կը
հաստատէր,
իր
քերթուածները
վէզն
ով
եւ
ահէնկ
ով
կարդալէ
ետքը,
թղթիկը
տրտմութեամբ
գրպանը
տեղաւորելով),
միքրոպներու
հաւաքական
յարձակման
մը
վերագրելով
մահը:
Ժողովուրդը
կը
ծիծաղէր
գիտութեան
մարդուն
սա
վճիռէն:
Անիկա
պէտք
չունէր
այդ
անուններուն:
Միայն,
իր
ցաւին
մէջ,
չթերացաւ
Բարձրեալն
Աստուծոյ
իմաստուն
նկատառումին
յանձնել
լրբութիւնը
սա
տունը
հարուածող
չարքերուն:
Ամբողջ
քաղաքը
կասկած
չունէր
մարդկեղէն
բոլոր
ձախորդութեանց
մէջ
չարքերուն
մատներէն,
էրիկ-կնկայ
վաղանցուկ
գժտութիւններէն
մինչեւ
սա
ողբերգական,
անհասկնալի
մահերը։
Հաճի
Ապտուլլահը
համակերպեցաւ
պատգամին:
Պէտք
է
էր
թաղել։
Բայց
չհանդուրժեց
աները,
ինչպէս
կ՚ըլլար
ատիկա
միւս
մահերուն։
Անիկա
մերժեց
նաեւ
յուղարկաւորութեան
հանդիսաւոր
ձեւը,
քաղաքին
ուրիշ
երեւելի
եւ
չերեւելի
իմամ
ները
ու
պատահմամբ
իր
բակը
շրջող
թափառական,
գրեթէ
մուրացիկ
հոճայի
մը
յանձնեց
իր
տղան
թաղելու
անըմբռնելի
պարտքը:
Ըրին
պարտն
ու
պատշաճը:
Դագաղիկը
փաթթուեցաւ
Հաճիին
հօրը
թանկագին
մէկ
շալովը,
Մէքքէէն
գնուած:
Ու
ինկաւ
առաջ:
Հայրը
կը
քալէր,
այսինքն
կրնար:
Այսպէս
է
ճակատագիրը
մեր
մահերուն:
Երբ
կու
գան,
չենք
հասկնար։
Բայց
երբ
իրենց
ուզածը
առած,
ճամբայ
կ՚իյնան,
մեզ
կը
ձգեն
ետ:
Տարտա՜մը:
Ժամանակը
քիչ
քիչ
կ՚աւրէ
նկարային
անոնց
սրութիւնները
եւ
ուրիշ
շատ
մը
բաներու
կարգին
զանոնք
ալ
կը
վերածէ
մանրանկարի,
նետուած
բայց
անվերադարձ`
անցեալին
արձակութեանց
խորը,
հետզհետէ
աղօտող:
Օրին
մէկը
մեր
սիրելին
պիտի
չզատենք
մեր
միւս
վիճակներէն։
Ըսել
կ՚ուզեմ
մեր
ամէնէն
կսկծալի
մահերը
մելանուշ
յիշատակի
մը
նման
պիտի
կենան
մեր
ետին,
ինչպէս
կը
կենան
ուրիշ
պահերը
մեր
անցեալին:
Թաղեց
անիկա
հինգերորդ
զաւակը:
Բայց
թաղեց
տարբեր
սարսուռով։
Այս
անգամ
հայրն
էր
անիկա,
որ
թէեւ
կը
թաղէ,
բայց
չի
կրնար
կտրել
կապը
որ
հողքին
տակը
հանգչողը
ու
հողին
վրայ
պտտողը
իրարու
կը
շղթայէ:
Մայրերը
աւելի
ուժով
կը
զգան
այդ
պարանը,
որ
փրթաւ
։
Իրենց
զաւակները
մեծ
հասակով
հողին
յանձնելէ
ետքը
չուզեցին
գալ
տուն
ու
մնացին
հոն:
Գիշերը
անոնց
ալ
կը
գոցէր
ցաւը:
Դարձաւ
անիկա
իր
բնակարանը:
Ու
անոր
ոտքերը
կը
քաշուէին
դէպի
օղակը
չուանին
որ
զաւկին
մարմինն
էր,
պառկած
վերը,
նորահաս
դափնիի
թեւին:
Փակուեցաւ
հիւրասենեակը։
Զարհուրելի
գլխու
ցաւ
մը
զայն
կը
զարնէր
պատէ
պատ:
Կապեցին
ճակատը
սոխ
ու
գետնախնձոր,
վրան
սուրճ։
Անիկա
կը
պոռար
ցաւէն:
Ճակտին
ներքեւ
ժամացոյցի
մը
զարկին
նման
մուրճ
մը
անայլայլ
յաջորդութեամբ
մը
կը
ծեծէր
անոր
գանկը։
Ը.
Ժամ
մը
չանցած`
զառանցանքը։
Բաց`
աչքերը։
Կը
թուէր
պաղատիլ
բանի
մը
որ
անկիւնը
կը
լեցնէր,
բայց
չէր
նշմարելի
ոչ
ոքի:
Ոգինե՞րը
Հոճային:
Ատեն
ատեն
մռնչի՛ւն,
թաղը
դղրդելու
աստիճան,
անհանգիստ
ընելով
կառավարական
պալատին
նրբազգած
պէյերն
ու
էֆէնտիները:
Բժիշկը
որ
չորս
երիտասարդի
ընկերակցութեամբ
հազիւ
համարձակեցաւ
մօտենալ
անկողինին:
Ութ
ձեռքերը
հազիւ
կը
պահէին
զայն
իր
մահիճին:
Ու
տունը
լման
կը
դողար
անոր
ցնցումներուն
հետ:
Խոշոր,
բուռն
կճրտուք
մը
անոր
ակռաները
կ՚աղար:
Ու
անոր
հազը,
պատրաստ
պոռթկալու,
կ՚ընկրկէր
անոր
գալարագին
շարժումներէն
որոնք
կզակները
աղմուկի
էին
հանած։
Բժիշկը
գիրքերէն
անուն
մը
գտաւ
ու
փակցուց:
Կը
սպասէր
մահուան,
ինչպէս
գրուած
էր
հաստ
մատեանին
մէջ:
Ոչ
անշուշտ
այդ
չոճուխ
ին
չափ
միամիտ,
Ճինճի
Հոճան
որ
չէր
հաւատար
մահուան,
սա
դնդերներով
ու
սա
տարիքին:
Բայց
անիկա
մտահոգ
էր
հիւանդին
ուղեղէն:
Մեծ
յիմարութիւնները
տարբեր
սկիզբ
մը
չունէին,
անոր
փորձութեամբը:
Բոլոր
շէրպէթ
ները,
փչումները,
թուղթերը,
ծուխերը
յարդի
մղեղին
չափ
իսկ
չունեցան
կշիռ։
Ու
հակառակ
իր
նախազգացումին,
ճիներու
զօրագունդերուն,
անիկա
չկրցաւ
արգիլել
աղէտը։
Նոյն
օրուան
գիշերին
Հաճի
Ապտուլլահը
խոյացաւ
դուրս
իր
մահիճէն,
զինքը
կաշկանդող
բազուկները
ոստի
պէս
փետտելով։
Ե՞րբ
ձեռք
անցուց
պարսկական
իր
խանչէր
ը,
մահիկի
մը
պէս
կախ
իր
բռունցքէն:
Իրարանցում
ու
փախուստ:
Անշուշտ:
Բայց
բակին
մէջն
իսկ
անիկա
հասաւ
Մոլլային:
Անաղմուկ
դանակը
ճեղքեց
անոր
սիրտը
ու
փռեց
գետին։
Նոյն
դանակը
նոյն
կէտերէն
զարկաւ
Հոճային
կինը,
բայց
վրիպեցաւ
աղջիկէն:
Արագ,
առատ
այս
ճկունութի՜ւնը,
մահացու
երկաթը
գործածելու։
Դուռին
առջին
յետախաղաց
շարժումներով
անիկա
վիրաւորեց
ուրիշ
երեք
ալ
երիտասարդ,
Հոճային
կանխահոգութեամբը
ճարուած,
պաշտօն
ունեցող
վրան
հսկելու:
Ու
ելաւ
փողոց:
Խե՞նթ:
–
Դուք
գտէք
բառը։
Կը
վազէր
մութին
մէջէն
ու
աղօտ
փողոցային
լապտերները
պահէ
պահ
անոր
կարմիր
խանչէր
ը
կը
լուսաւորէին:
Մինչեւ
որ
կոխեց
սեւ
շունի
մը
փորին
որուն
ժանիքը
զայն
փռեց
գետին։
Սպառած:
Փակաչք:
Կուղպ:
Վերցուցին
ու
տարին
բանտ:
*
*
*
Ու
քառասուն
օր
անիկա
այրեցաւ
ողջ
ողջ,
բայց
չմեռաւ։
Տենդին
ամբողջ
տեւողութեամբը
անիկա
ոչ
միայն
զառանցեց,
բառերէն
շատ
յստակ
ու
հասկանալի,
այլեւ
տեսարանեց
իր
ոճիրները,
մանրամասն
ու
անթերի:
Նորութի՞ւն:
Որ
անոր
գլխուն
հաւաքեց
պալատին
պաշտօնեաները։
Ու
գոց
անոր
դէմքին
վրայ
–
երանգ
զոր
բացատրելի
կ՚ընէ
արտաքին
զգայութեանց
ամբողջական
դադար
մը
–
բացի
շրթներէն,
ամէն
գիծ
կը
թուէր
սառած,
ծանր
մինչեւ
որոշ
ատեն
մը,
որմէ
վերջ,
պահէ
պահ
բխող
ու
յետոյ
փակուող
ջուրի
ընդերկրեայ
ցայտքի
մը
նման,
կը
բարձրանար
ոճիրը,
կամաց
բայց
տարօրէն
պայծառ
դերումով
մը,
զգայական
անհասկնալի
այլուրութեամբ
մը,
քանի
որ
բառերով
տրուած
պատկերներուն
չէին
մասնակից
դէմքին
մկանները:
Ու
կը
պակսէր
անոր
երեսին
սարսափը
ինչպէս
գութը,
պաղատանքը,
ինչպէս
շնորհին
քաղցրութիւնը,
այս
վիճակները
կերպադրող
ամբողջ
սարուածը
մեր
արտայայտութեան,
ինչպէս
դիտելի
է
ասիկա
հոգեվարքներու
ընթացքին:
Ու
աւելի՛ն:
Այսինքն
պատճառականութիւն,
յաջորդականութիւն,
շղթայաւորում
–
մեր
մէջ
բանականութեան
գահը
անխախտ
ընծայող
ու
անոր
առողջութիւնը
երաշխաւորող
սա
տարրերը
կասկածէ
դուրս
ըրին
ստուգութիւնը
տեսարանուած
եղեռնին:
Կառավարութիւնը,
այսինքն
ոստիկանական
ու
դատական
որեարը,
ինչպէս
նաեւ
բժիշկը,
որ
ամէն
երեք
օրը
անգամ
մը
իր
տեղեկագրին
հաստատումը
կը
սպասէր
Հայտար-Փաշայի
միքրոպազննարանէն,
վստահ
էին
նաեւ
անվրէպ
մահէն,
առնուազն`
իմացականութեան
լրիւ
խաւարումէն
–
պարագաներ
որոնք
դատավարութեան
մը
տաղտուկն
ու
գայթակղութիւնները
կարող
էին
խնայել:
Բայց
խաբուեցան:
Ճիշդ
քառասուն
օր
վերջը
անոր
կրակը
ինկաւ
մէկէն
ի
մէկ։
Նորութի՞ւն:
Ծովու
պէս
քրտինք
մը
աւլեց
անոր
մարմինը
իր
թոյներէն:
Հոգի՞ն։
Բացուեցան
իրարու
հիւսուած,
կարանուած
անոր
կապերը։
Բերա՞նը։
Ան
ալ
բացուեցաւ
դառնալու
համար
գիտակցուած
սառն
լռութեան:
Չհարցուց
իսկ
թէ
ո՞ւր
էր
ինքը:
Չէր
մոռցած
այդ
սենեակը
ուր
դրեր
էին
զինքը
անդրանիկ
հին
ոճիրին
գիշերը,
խնայելով
անոր
անչափահաս
մարմինին:
Ու
դանդաղ,
բայց
յառաջատու
ելքով
մը
անոր
շարժումները
մտան
իրենց
բնական
աղեղներուն:
Առաջին
արտայայտութիւնը`
ուրացում:
Այնքան
սրտանց
որ
պահ
մը
շփոթուեցաւ
նորասկիզբ
յիմարութեան
մը
հետ:
Բայց
բախտաւոր
չէր
ծնած
անիկա,
գոնէ
խենթ
մը
կարենալ
ըլլալու:
Քանի
մը
հարցումներ,
ծերունի
դատաւորէ
մը,
բերին
զինքը
անակնկալի։
Փլաւ
անոր
սուտին
միամիտ
կառոյցը։
Ու
բախտորոշ
քրտինքին
նմանող
վճռական
լացի
մը
մէջ,
այն
քրտինքին
որ
անոր
մարմինէն
աւլեր
էր
տենդին
մոխիրները,
անիկա
դրաւ
իր
ներսինը
դուրս:
Լացը
կ՚աւլէր
անոր
խղճմտանքը
աշխարհին
նկատումներէն
ու
պատմուճանէն:
Լրիւ
իր
խոստովանութիւնը
կը
պարզէր
անոր
հոգին,
առանց
խանձարուրի
մօրէ
մերկ
տղեկի
մը
պարզութեամբ
ու
բարութեամբ:
Ղրկեցին
Պրուսա,
մեծ
ոճիրներու
դատարանը,
որ
զայն
դատեց
մեծ
արդարութեամբ:
Մարդ
էր
մեռցուցած:
Մեռնելու
էր
ան։
Կայսերական
իրատէ
մը
այդ
վճիռը
պիտի
փոխէր
հարիւր
մէկ
տարուան
բերդարգելութեան:
Թ.
Վերջաբան
Ու
հոն
էր
անիկա,
հարիւր
մէկնոցներու
նկուղին
մէջ,
վեց
տարիներէ
ի
վեր,
հազալով,
թքնելով,
տառապելով
շունչէն
ու
խղճմտանքէն,
յիշատակէն
ու
մէկ
հատիկ
իր
ցաւէն,
–
անմուրատ
հօր
իր
ցաւէն։
Անիկա
աշխարհը
կու
տար,
պիտի
տար,
մանչուկի
մը
ուղուր
ին:
Շատ
գիշերներ,
քունին
մէջ,
անիկա
կը
նիզակուէր
պոլսեցի
հանըմէն
ու
լալագին
ներում
կը
խնդրէր
կաղ
աղջիկէն:
Չկար
գրեթէ
գիշեր,
որ
չըլլար
անիկա
հայր,
ուրախ,
սիրաւէտ
օրրանի
գլխուն,
կնկուկը`
դէմը,
ու
միասին
խօսելով:
Մեծցնելով
մանչուկը
մինչեւ
իր
հասակը,
ձգելով
անոր
առջին
եզներն
ու
գոմէշները,
կարգելով
զայն
իրեն
պէս
կանուխ...:
Ու
նայելով
տեսիլքին,
կասկածոտ
ու
մռայլ,
այդ
երանութեան
րոպէին
իսկ,
անիմանալի
շրջումով
մը,
թաղելու
պատրաստուելով
պզտիկը,
թաթիկները
ափին
մէջ
մեղմօրէն
սեղմած,
ու
տղան
հողք
իջեցուցած
ատեն
լալահառաչ
արթննալով:
Ու
կը
կրէր
պարզութեամբ,
բանտային
համազգեստին
նման,
միւսը,
այսինքն
հազը,
զգեստը,
բորոտ
պատմուճանը
իր
հոգիին,
այս
աշխարհէն
իսկ
սկսելով
պատուհասումի
իր
բաժինը:
Արգահատելի,
աւելի
քան
թշուառ,
նոպաներու
ընթացքին,
նկուղին
համն
ու
պղպեղը
կը
դառնար
անիկա,
հայհոյութիւնը
համրիչէ
անցուցած
ատեն:
Մղձաւանջը
որմէ
կը
հալածուէր,
քուն
թէ
արթուն,
անոր
դէմքին
կը
փռուէր
պայծառ,
ուրուային
քողի
մը
նման,
շօշափելի`
բոլոր
անոնցմէ,
որոնք
տեղեակ
էին
աղէտին:
Վճռական
ու
գեղջուկ
պարզութիւնը,
որ
նուէրն
է
շիտակ,
խորունկ,
հաւատաւոր
խառնուածքներու,
անոր
վրայ
կը
վայելչանար
յուսաբեկ,
անվախճան
տրտմութեամբ:
Հարիւր
մէկը
թիւ
չէր
անոր
ուղեղին:
Անիկա,
անհուն
պչրանքով
մը,
որմէ
այդ
երանգը
կ՚անգիտանար,
բանտի
իր
ընկերները
կը
կանչէր:
-
Օղլո՜ւմ,
գուզում...
Ճշմարիտ
հօր
շեշտ
մը
գտնելով
այնքան
արիւններէ
զարնուած
իր
խղճմտանքին
խորերէն:
Անիկա
բացառիկ
գորովով
կապուած
էր
բանտի
ամէնէն
կրտսեր
երիտասարդին,
նաւահանգիստի
մէկ
պէյին
հոգիով
ու
մարմնով
շնորհալի
զաւակ,
որ
սպաննած
էր
հայրն
ու
իր
կինը,
գրեթէ
տասնըհինգամեայ,
զանոնք
երկուքը
միասին
գտնելով
իր
մահիճին
մէջ
ու
դատապարտութեան
ընթացքին
տիրական
պերճախօսութեամբ
մը
խարանած`
համիտեան
վարչաձեւը:
Անիկա
նոյն
այդ
գորովով
պարուրած
էր
շղթայակից
ուրիշ
մը,
հայ
ասիկա,
իրեն
պէս
հաճի,
անունով
թուրք
(Մուրատ
էր
տղուն
անունը
),
ա՛լ
պարպուած
ցեղային
ժահրէն
սա
զնտանին
խորը:
Տարօրէն
անուշ
բան
մը
իրարու
մտերիմ
էր
ըրած
մէկուն`
հանգչած,
չամիչ
դարձած
քաջութիւնը,
հայկական
ըլլալուն`
աւելի
համակրելի
որովհետեւ
անսպասելի,
միւսին`
բարիքով
ու
վայելքով
լեցուն
անցեալը,
զոյգ
կիներուն
վարդահոտ
հեղումովը
տակաւին
օծուն,
թրթռուն,
ու`
գերեզմաններուն
այլապէս
զգաստ
խելամտումովը
քայքայուն,
խորունկ,
իրաւ:
Մարդը
ան
է
որ
ձեռքովը
զաւակ
է
յանձնած
գերեզմանին:
Գեղացին
իր
այս
դատաստանի
մէջ
խորունկ
հոգեբանութիւն
է
զետեղած:
Կը
սիրուէր
անիկա,
այս
ամէնէն
դուրս,
իր
ընկերներէն
բոլորէն
ալ.
ուրիշ
նրբին
պատճառներով
որոնք
բանտին
ու
արձակութեան
մէջտեղերը
կ՚երկննան
եւ
իրարու
կը
զուգորդեն
մեղքն
ու
վայելքը,
խաղաղ
անկողինը
եւ
խանչէր
ով
լուսաւոր
մահերը,
արտաքին
աշխարհին
անպատիժ
լրբութեան
մէջ
տեսարանուած:
Որքան
շատ
թիւը
անոնց
որոնք
զիրենք
մղող
ազդակները,
այսինքն
պատիւը,
քաջութիւնը,
հայրական
սէրը
սրբապղծուած
կը
տանէին
իրենց
ջիղերուն
վրայ
ու
կը
հանդուրժէին
ինչ
որ
զիրենք
նետած
էր
սա
ողջ
գերեզմանին։
Մոլլա
Սաի՞տը
։
Թող
գերեզմանէն
վերցնէր
գլուխը
ու
ճին
հաւաքէր,
բանտային
արդարութիւնը
քանդել
տալու
համար
անոնց
կացիններով:
Մարդիկ
իր
սեւ
դդումը
թաղած
էին
անոր
հետ:
Անոր
աղջի՞կը:
Կինն
էր
անիկա
դիւանի
մը
քարտուղարիկին,
վախկոտ
պատանի
որ
ծեծ
կ՚ուտէր
կնիկէն,
բայց
զայն
կը
խաբէր
պոռնիկներու
հետ։
Մարդիկ,
քիչ
անգամ
այնքան
խոր
ու
իրաւ
կը
զգան
կարգ
մը
բաներ
որքան`
երբ
նկուղ
մը,
իր
ցած
գմբէթովը,
հարիւր
մէկ
տարուան
համար
տաղաւարէ
իրենց
մարմինն
ու
հոգին:
*
*
*
Ինչ
որ
Հաճի
Ապտուլլահին
պարագան
կ՚ընէր
սրտառուչ,
անոր
խորունկ,
հանրածանօթ
ըղձաւորութիւնն
էր
ատիկա:
Անմուրատ,
զաւակ
մուրացող
հօր
մը
ծարաւը,
որ
սիրոյ
ատրուշանի
մը
կը
վերածէր
անոր
աչքերը,
երբ
փոքրերու
պատկերին
առջեւ
իր
լացը
զսպելու
համար
կամացուկ
կը
հծծէր.
-
Օղլում,
օղլում...
Վերջ
Վեցերորդ
Յեղում
1933
Յունիս
1-14,
Նիկոսիա