Բ.
ՄԱՍ
Ա.
Սովորութիւնը
կ՚ուզէ,
որ
մարդիկ
ախորժին
վարագուրելէ
իրենց
անզգամութիւնները։
Մի
փորձուիք
ասիկա
նոյնացնել
կեղծաւորութեան
պահանջի
մը
հետ,
որ
կեանքին
ժխտական
միջոցներէն
մէկն
է
եղած,
բայց
անհրաժեշտներէն
ալ։
Ու
կը
հրաժարիմ
հետեւելէ,
փարատոքս
ին
լուսաւորումին
համար,
փաստերու
շարանին։
Անշուշտ
կար
ժամանակ,
երբ
այսօրուան
սա
զգուշաւորութիւնը
չէր
ծնած
տակաւին
ու
մարդիկ,
ուժովները,
խօսքով
ու
գործով
կը
պաշտպանէին
իրենց
ախորժակները
ու
չէին
նեղուեր
ոչ
ոքէ,
ամէնէն
շատ
մեր
օրէնքներէն։
Մեր
օրերուն,
կիսատ-պռատ
քաղաքակրթութիւն
մը
գոյութիւն
է
առած,
որ
իր
դղեակները
ունի։
Այդ
մթնոլորտէն
դո՞ւրս։
Այսինքն՝
հանդուրժելի՞
այն
միւսները,
որոնք
յօժար,
ոչ՝
բարձրաղաղա՛կ,
իրենք
զիրենք
կը
հռչակեն
անզգամ
ու
անիրաւ,
բռնաւոր
ու
անաստուած,
վեր՝
գութէն
ու
արցունքէն։
Գուցէ
սա
հարցականը
սկեպտիկ
ժպիտով
մը
դիմաւորուի
շատերէ։
Բայց
անոր
թելադիր
վիճակը
իրողութիւն
է
վաւերական։
Կ՚ընդունիմ,
որ
դարաւոր,
բարոյախօսական
սկզբունքներով
ուռած
մեր
խղճմտանքները
դժուար
հաւատան
այս
մարդոց
կարելիութեան։
Բայց
մոռնալու
չէք,
դուք՝
որ
այս
տողերը
կը
կարդաք
ձեր
Ամերիկայի
կամ
Եւրոպայի
կամ
Արեւելքի
քիչ-շատ
արդիացած
ոստաններուն
մէջ,
թէ
թուրքերու
երկիրը
հրաշքներու
աւազան
մըն
է
հինին
մէջ,
ինչպէս
հիմա
տակաւին։
Հոն
է,
որ
հիմնուած
են,
պարզ
արեւովը
վերի
Աստուծուն,
աւազներէ
մեկնող
կայսրութիւններ,
աճող՝
ինչպէս
բամպակի
տունկը,
ու
մեռնող՝
նոյն
արագութեամբ։
Ու
մեր
տրամաբանութեան
չէ
տրամադրուած
բաւարար
պատճառ,
ոչ
իսկ
տեւողութեան
բանաւոր
շերտ
մը,
այդ
իրականութիւնները
հասկնալու։
Ըմբռնելի
է
Հռովմը,
Ֆորումէն
մինչեւ
Եփրատ,
վասնզի
մեծ
քաղաքը,
կեդրոնէն
այդքան
հեռու
ըլլալուն
հակառակ,
օտար
չէ
ինքն
իրեն։
Վրան
իսկ
չունեցող
արաբը,
թաթարը
ինչպէ՞ս
տեղաւորել
Քորտոպա
կամ
Պոլիս։
Ու
պէտք
է
ձգել
այս
վերացական
իրողութիւնները,
դառնալու
համար
մարդու
պատմումին։
*
*
*
Սիւլէյման
էֆէնտիի
հայրը
բոպիկ
էր
եկած
այդ
սիրուն
քաղաքիկը,
որ
Մարմարա
ծովուն
հարաւային
մէկ
բազուկին
խորն
էր
կառուցուած։
Պոլսամերձ,
յունաշունչ
ու
մաքուր,
այդ
գիւղաքաղաքը
կը
թառէր
բլուրի
մը
փէշերուն,
որոնք
ծով
կիջնային,
երփներանգ
ու
պչրոտ։
Առաջին
ակնարկով
անիկա
կը
զատուէր
տափաստանեան
կաղապարէն,
այնքան
խոր
ու
յայտ,
երբ
դաշտագետինէն
յառնող
թրքական
քաղաքիկը
կը
գունաւորէ։
Չեմ
ծանրանար
այդ
պատկերացումին։
Վասնզի
որոշ
է,
որ
այսօր
այդ
քաղաքիկը
օտարացած
է
ինքը
իրեն,
քանի
որ
զայն
ոտքի
հանող
քրիստոնեայ
բնակչութիւնը
գոյութիւն
չունի։
Ու
թուրքերը
իրենց
նկարագիրը
չեն
ուշացած
շէնքերուն
իսկ
պարտադրելու։
Մի
մոռնաք,
որ
թուրք
գեղին
այնքան
ինքնատիպ
կաղապարին
դէմ
թուրք
քաղաքիկը
կը
մնայ
մերկ։
Արաբականն
ու
բիւզանդականը
կը
զատուին
անոր
համապատկերէն
տարօրինակ
դիւրութեամբ,
քանի
որ
արդէն
շաղախուած
ալ
չեն։
Մավունայ
ի
մը
փորէն
ծով
նետուած
բորոտ
շան
մը
նման,
գոնջ
ու
ազազուն,
ոջլոտ
ու
խլլոտ,
մորթին
բաց
մասերովը
բոր
ու
ամբողջ
փշտաւոր
պալար,
այդ
Քէլ
Էտհէմը,
նաւարկութեան
ընթացքին
իր
չարահնար
զուարճութիւնները,
բայց
մա՛նաւանդ
անասնական
լրբութիւնները
վարձատրող
շնորհով
մը
արձակուեցաւ
ծովափ։
Նաւապետը,
իր
հօրը
բարեկամ,
ազատելու
համար
իրենց
ծննդավայրը
այդ
աղտոտութենէն,
առած
էր
նաւին
վրայ
արդէն
իսկ
համբաւի
ելած
չարագործը։
Տեղը
չէ,
հոս,
հետեւիլ
այդ
ճամբորդութեան,
որուն
մէջ
անոր
միջոցներուն
առատութիւնն
ու
բազմազանութիւնը
ուշագրաւ
էին
արդէն
եւ
իր
գանելի
անձին
շուրջը
ստեղծեցին
ծանօթ
տրամադրութիւնը։
Տասնհինգ
տարեկան
հազիւ
կար
անիկա
սա
փախուստին
ատեն,
Արշիպեղագոսի
մէկ
քաղաքէն,
ուր
խզտած
էր
(կ՛ըսէին)
իր
քոյրը,
շատ
չի
փնտռուիր
ինչ
պատճառով,
քանի
որ
այդ
աղջիկը
խորթ
էր
ու
լուսի
պէս
գեղեցիկ։
Մօրուն,
զինուորականի
մը
կինը,
սարսափած
այս
անասունէն,
իր
նոր
ամուսինէն
խնդրած
էր
աղջիկը
հեռացնել,
բայց
չէր
յաջողած։
Ու
աղէտը
շրջելու
դիտումով
այդ
աղջկան
համար
արդէն
պատրաստած
ամուսին
մը։
Հարսնիքէն
շաբաթ
մը
առաջ,
աղջնակը
գտան
ջրհորէ
մը,
խեղդուած
ու
բռնաբարման
անթաքչելի
նշաններով։
Մօրը
կասկածը
չորցուցին
էրկանը
սաստն
ու
սպառնալիքները։
Այդ
աղան,
միջին
տանուտէր,
խղճէն
տանջուած,
հարկադրեց
իր
տղան
ղուրպէթ
ի
։
Որմէ
յետոյ
այդ
գազանցուն
չփնտռուեցաւ:
Ու
մարդիկ
հաճոյքով
հաւատք
ընծայեցին
հօրը,
որ
իր
տղան
ներկայացուց
շանաձուկէ
մը
կլլուած։
Աստուածային
սա
պատուհասումին
հեքիաթը
աւելորդ
էր
սակայն,
չարագործին
տարիքէ
անբաւականութեամբը,
որով
կը
խուսափէր
օրէնքին
խստութենէն։
Յառաջիկայ
կեանքը
այդ
Էտհէմին
բաւարար
փաստ
էր
սակայն
շրջան
ընող
զրոյցներուն
ստուգութեան,
որոնց
համեմատ
անիկա
բռնաբարած
էր
այդ
աղջիկը,
արգիլելու
համար
անոր
ամուսնութիւնը
ուրիշին
հետ։
Ոճիրը
կատարուած
էր
կէս
ամայի
պարտէզի
մը
մէջ,
բանջարանոց,
ուր
կ՛աշխատէր
անոր
հայրը։
Առաջին
այս
հերոսութիւնը
ինքնին
փայլուն
սկզբնաւորութիւն
մըն
էր
այդ
անորակելի
գազանին
հետագայ
կենցաղին
համար։
Չենք
զարմանար,
երբ
«այս
կտաւէ»
արարածները,
չափահասութեան
մտնելէ
ետքը,
պսակեն
փառահեղ
մեղքերը
իրենց
պատանութեան,
աւելի
ոսկեզօծ
ուրիշներով։
Ասիկա
ոճիրի
դասակարգին
վրայ
նկատուած
ընթացիկ
յառաջատուութիւնն
է,
իր
վախճանին
դիմող,
զինքը
գուշակելի
ընծայող
բաւական
ալ
պարզ
օրէնքներով։
Հաւու
գողութենէն
մինչեւ
պետութեան
ճամբաներու
օր
ցերեկով
հարումը
գիծի
մը
երկու
ծայրերուն
կը
զետեղուի։
Բայց,
հոս
տրուածին
նման,
գարշ
պղծութենէ
մը,
ասոր
հետեւանք
հետախաղաղ
փախուստի
մը,
անտուն,
անտիրական,
վայրէ
վայր
թափառումէն,
այսպէս
ախտով,
աղտով,
որդով
ցեցահար,
ճեղ-ճեղ
գզուելէն,
-
կարճ՝
անօթի
ու
ամենանուաստ
պատանութենէն
մինչեւ
այժմ
ու
փարթամ
պէյութի՞ւնը։
Հոս
է,
որ
կը
մնանք
շփոթահար։
Ճամբան.
պարտաւոր
եմ
տալ։
Ու
անցաւ
անիկա
մեղքին,
ոճիրին,
հոգեկան
հիւծախտին
ու
բարոյազերծման
բոլոր
աստիճաններէն,
անպատմելի
բնականութեամբ
մը։
Անոր
կը
վայլէր
իր
շնականութիւնը,
զոր
կը
ջնարակէր
իր
համբաւը,
այնքան
արագ
լաստակերտուած,
քրիստոնեայ
գիւղերով
շրջապատ
կեդրոնի
մը
մէջ,
ուր
պետութիւնը
կարիքն
ունի
նման
ստահակներու։
Ու
կը
վայլեցնէր
անիկա
իր
գերազանցութիւնները
ամէն
անգամ,
որ
պէտք
ունենային
իր
տուրքերուն։
Սա
յառաջացումը,
կատարելագործումը
աւելորդ
ալ
չէ
ռեժիմին
մէկ
ցուցանակը
նկատել
ու
հասկնալ
արտամարդկային
սա
յաջողակութիւնը,
որ
թրքական
վարչութիւնը
հովանաւորեց
սկիզբէն
ի
վեր,
հեռաւոր
այն
օրերէն,
երբ
քանի
մը
հարիւր
վրաննոց
աշիրէթ,
դար
մը
չանցած,
անոնք
երկրակալած
էին
Բիւզանդական
Կայսրութեան
ամէնէն
բերրի
մասերը։
Ոճիր
մը
կը
պատմուի։
Բայց
անընդմէջ
յաջորդութի՞ւն
մը
ոճիրներու։
Բայց
տարիներու
վրայ
երկարաձգուող
սա
ապականութեանց
թանձր,
որդնոտ,
գարշահոտ
հեղե՞ղը։
Կը
մօտենամ
նիւթին,
արագ
յեղումով,
քանի
մը
գիծերու
վրայ
միայն
ծանրանալու
համար։
Բ.
Ըսի,
թէ
սկսած
էր
ազգապղծութեամբ։
Նոր
իր
քաղաքին
մէջ
այդ
մեղքին
արձագանգը
շուտով
թոռմեցաւ։
Տասը
քոյր,
քրոջ
աղջիկ
չունէր։
Պաշտօնապէս
կրկէս
իջաւ
իբր
գող։
Ճարպիկ,
աճպարարեան
արագութեամբ,
անիկա
կ՚երեւար
ու
կը
թռցնէր
ինչ
որ
պէտք
էր
օրուան։
Յետոյ,
աչխատաւո՛ր՝
սեռային
անդունդին։
Անպատմելի
լրբութեամբ։
Մասնագիտութիւնն
էր
նրբին
չարչարանքը,
փոքր,
բայց
կոծումովն
ու
կսկիծովը
երկար
ծեծը,
զոր
կը
գործադրէր
գլխէ
հանած
կիներուն
--անոր
պատանութեան
երկրորդ
տարին
մորթը
մաքրուեր
էր
բոլոր
կոճակներէն
ու
կոշկոռներէն,
մազերու
որոշ
գօտի
մը
թաւցած
ականջներէն
վեր
ու
ոճիրի
ու
մեղքի
մէջ
հասունցած
յանդուգն
խաղարկութիւն
մը
զայն
կ՚ընէր
անդիմադրելի՝
թեթեւաբարոյ
կիներուն--
ու
մանչերուն
վրայ,
զանոնք
որսալով
դէպի
ամայի
վայրերը,
լեռնամէջերու
կամ
ծովուն
շատ
բացերը,
նաւերու
խորը,
ուր
զոհերուն
ճիչը
կը
զովացնէր
անոր
ով
գիտէ
ինչի
ծարաւ
սիրտը։
Վա՜յ
անոր,
որ
չլար
այդ
ծեծին
ներքեւ։
Կը
դանկըտէր,
լացը
լսելու
հաճոյքին
համար։
Դուք
աշխատեցէք
փնտռել
զսպանակները
սա
ասիական
սատիզմին։
Ես
կ՚անցնիմ
պատմելու։
Ոճիրէ,
համբաւէ,
գործէ,
փափաքէ
ահաւոր
սա
հեղինակութիւնը
միջնադարեան
ասպետական
բան
մը
կու
տար
անոր
անունին
ու
կը
կազմէր
իր
հրապոյրին
անկողոպտելի
գանձը։
Այն
թաղերուն
մէջ,
ուր
հանրատուները
իրենց
կռիւները
կը
թափէին
սալայատակ,
տժգոյն,
բայց
վճռական
երիտասարդները
հանելով
իրարու
դէմ,
դանակով
կամ
ատրճանակով,
տակնուվրայ
ընելով
մօտաւոր
շուկան,
անոր
երեւումը
բաւ
էր
խաղաղութիւն
ստեղծելու։
Իր
ցուցամատը
նշան
էր
կռիւներու
դադարին։
Այսպէսով
է,
որ
անսաստողները
պատուհասած
ատեն
ձեռքէն
ելան
նոր
ոճիրներ։
Յետոյ՝
հոգեկան
անգործութեան
օրէնքով,
կրկնութեան
ճամբէն,
պատահակի
կամ
որոճակի՝
անիկա
եղաւ
մարդասպան։
Բայց
բացառիկ
անօրէնութեամբ
մը։
Անոր
հռչակին
նպաստեց
դանակը
գործածելու
իր
արտակարգ
ճարպիկութիւնը,
նուէ՜ր՝
իր
դժբախտ
պատանութեան։
Զոր
կը
պարտէր
ծովուն,
ուր
կ՚անցնէին
մեծ
մասով
իր
օրերը։
Լողալ,
որսալ,
շանաձուկ
հալածել
(դլբինները
կը
խոշոշէր
մեծ
դիւրութեամբ),
ժամերով
սուզուիլ
ու
նորէն
դառնալ,
–
իր
անունին
հետ
մտքի
ներկայացող
զուգորդութիւններ
էին։
Այսպէսով
էր,
որ
ոտքերն
ու
ձեռքերը
մարզուեցան
սա
եզակի
արագութեան։
Հրազէնին
ընդհանրացումը
հետզհետէ
փոխեր
էր
ոճրագործներու
մարմնակազմը,
քանի
որ
մարմնական
ընդունակութիւնները,
ուժն
ու
յարձակող
եռանդը
ա՛լ
դադրած
էին
իրենց
գերակշիռ
դերէն։
Քառորդ
դար
առաջուան
հաստ,
կառքի
չափ
լայն
կուրծքերը,
ինչպէս
սիւնատիպ
բազուկները
պայման
չէին
այլեւս
արիւնին
ասպետութեան,
որ
կ՚ընդգրկէր
նոր
տակտիկա:
Քէլ
Էտհէմը,
երկու
զէնքերու
գործածութեան
մէջ
ալ
համահաւասար
ճարտարութեամբ,
նախասիրութիւնը
կու
տար
ճերմակին,
հիանալով
անոր
խորհրդապահ
լռութեան,
որ
մեղսակից
մըն
է
յաճախ,
ասպարէզէն
ոճրագործին
համար։
Միւս
կողմէն՝
կրակը
անպակաս
էր
իրմէ։
Նիհար
անոր
բազուկները
անշուշտ
կը
դժուարէին
ճօճել,
աջ
ու
ձախ,
զոյգ
կանգուննոց
սուսերը,
գործածողը
տանելու
համար
հրապարակային
փառքի,
յաղթանակի,
նախճիրի,
առանց
մեծ
վնասներու։
Այդ
սուրերուն
տեսքն
ու
աղմուկը
չեն
պատասխաներ
իրենց
վէրքերուն։
Ատ
էր
պատճառը,
որ
կէս
դար
առաջ
այս
պատմութենէն՝
խնջոյքներն
ու
աղմուկները
կը
խռովէին
անոնց
հասակովը,
բայց
չէին
յանգեր
անխուսափելի
արիւնին,
ինչպէս
պիտի
ըլլար
կէս
դար
վերջը,
երբ
հրազէնը
աժեմին
ու
չաժեմին
ձեռքը
ըրաւ
երկար։
Բացի
դանակէն՝
անոր
մեծ
զէնքերէն
մէկն
ալ
կարելի
էր
նկատել
անոր
սրունքները,
բարակ,
բայց
երկաթ,
խոց–խոց,
սեւով
ու
սատափէ
սպիներով,
որոնք
խեչափառի
մը
կռնակը
կու
տային
տեղ-տեղ
անոր
անստեւ
ու
խարզած
մորթին։
Ու
դիւրաթեք
էր՝
ինչպէս
տասը
կատու
միասին։
Այդ
սրունքները,
հակառակ
իրենց
բարակութեան՝
կը
մնային
անսասան,
երբ
տուներու
առաջին
յարկերէն
կը
ցատկէր
փողոց,
իյնալով
ցիցի
պէս
ուղիղ,
կրունկներուն
վրայ,
կատուի
նման։
Ու
կը
ցատկէր
անիկա
տանիքէ
տանիք,
այդ
կողմերուն
համար
դասական
ճամբայ,
յարձակման
ու
նահանջի,
առաստաղը
փորելով,
իջնալու
համար
քնացող
հարսին
ծոցը
կամ
փախչելու
համար
վերահաս
ու
գերազանց
ուժերու
առջեւ։
Ծակէ
ծա՛կ։
Դեւ՝
քան
թէ
մարդ,
մա՛նաւանդ
մութին,
երբ
կը
ցցուէր
հարուստներու
սրահին
ու
կ՚առնէր
ուզածը,
սպառնալով՝
անձայն
կուլ
տալ
պատահածը,
այլապէս
կը
կտրէր
հունտը
մարդոց։
Տարիներ
անոր
անունին
կապուեցաւ
յատկանշական
վերադիր
մը,
-
սնդիկ
աւազակը,
որ
կը
բացատրէ
արագաշարժութիւնն
ու
դիւրաթեքութիւնը։
Այս
տուրքերը
նոյն
ատեն
զայն
կ՚ազատէին
հրապարակային
վտանգումէն։
Ոճիրը
կարելի
է
վկաներով։
Ու
մարդիկ
պիտի
չուզեն
տեսնել
իրենց
առջեւ
կատարուած
շատ
բան,
մանաւանդ
մահուամբ
չվերջացող
արիւնահեղութիւն
մը,
որ
միշտ
յարդարելի
յանցանք
մըն
էր
թուրք
արդարութեան
զինարանին
մէջ
եւ
դուռ
պատրաստ՝
անխուսափելի
վրիժառութեան։
Համբաւեալ
չարագործի
մը
համար
վկայութիւն
տալը
փորձանքը
ծախու
առնել
կը
նշանակէր
այդ
գեղերուն
մէջ։
Միշտ
բաց
կապոյտ,
ու
ծնկոսկրին
վերեւ
հատնող
մշտապէս
նոյն
իր
ապա-շալվարին
մէջ,
անոր
մարմինը
կարծես
աւանդ
մըն
էր
անոր
ոտքերուն
վստահուած։
Կռնակին՝
այդ
օրերու
ընթացիկ
սալթա
ն,
փայլուն
զրահի
մը
պէս
կուրծքն
ու
մէջքը
վանդակող
ու
ոսկի։
Դեղին
մետաքսին
լարերուն
մէջէն
գոյն–գոյն
ուլունքներ,
յուռութքներու
փունջ։
Որոնց
ամէն
մէկին
վրայ
իր
մէկ
հոմանիին
-հանրատուներէ՝
ինչպէս
աղքատիկ
գեղերէ--
մատը
կը
դնէր։
Գօտին,
մուգ
կարմիր,
համագոյն՝
ֆէսին,
տալով
անոր
մէջքին
ծփանուտ
եղկ,
գէջ
հարստութիւն
ու
իմաստ։
Անոնց
փաթերէն
դուրս
կոտոշ
ականջները
ջուխտ–ջուխտ
դանակներուն,
երբ
ըլլար
զուարթ,
պարի
ախորժով։
Այլապէս
վտանգաւոր
ծրագիրներու
առջեւ,
անոր
գօտին
լուռ
էր,
ինչպէս
սքողուած
թնդանօթ
մը։
Sժգո՛յն,
բայց
չափազանց։
Վասնզի
անոր
ողնաշարը
կ՚աշխատէր
անդադար
անոր
շուայտ
կազմին
կարիքներուն,
հոսելով
ճերմակ
ու
կարմիր,
գրեթէ
ամէն
օր,
չհասնելով
խնայելու
անհրաժեշտ
խումբ
մը
կարմիր
գնդիկներու։
Ապականա՛ծ։
Վասնզի
եօթը
տեսակ
ջերմ
ու
քառասուն
ակէ
թարախ
ու
հարիւր
գեղէ
պալարներ
անոր
մարմինը
կը
հարուածէին,
բայց
չէին
կործաներ,
նուաճուելով
անոր
ահաւոր
կենսունակութենէն,
որ
կը
նորոգէր
բոլոր
վնասները։
Ունէր
իր
նախնական
դեղերը,
ծխախոտ
եւ
օծանելիքի
պարզ
տեսակներ,
բայց
ամենակարող՝
է՛ն
խորունկ
վէրքերն
անգամ
երեք
օրէն
մաքրելու,
սպիացնելու,
կրծուած՝
մա՛նաւանդ
զգացական
կալուածէն։
Անհաղորդ
գութի,
վախի,
սիրոյ։
Վասնզի
անոր
հոգին
բորբոսած
էր,
գեղացին
կ՚ըսէ
՝
բոսբորտած
՝
իրարու
կապուած
մեղքերուն
դիակոյտին
ներքեւ։
Անիկա
կը
նմանէր
ճահիճի
մը,
որուն
երեսին
ջուրը
շարաւոտ
ու
կանանչ
բորի
էր
փոխուած։
Անիկա
գոյն
կու
տար
ու
կ՚առնէր,
համաձայն
այդ
ճահիճին
մէջ
ներզօր
թոյներու։
Մեղքերը
անոր
մէջ
ունէին
incubationի
քմահաճ
շրջաններ:
Ոմանք
նոյնիսկ
եղանակներու
կը
մնային
ենթակայ։
Անոր
չարագործութեանց
համար
կանխադիր
մթնոլորտ՝
թերեւս
արհեստական
գրգռիչներ
կը
կանչէք
հանդէս,
ինչպէս
է
պարագան
այնքան
շատերու
մօտ։
Քէլ
Էտհէմին
համար
հակառակն
էր,
որ
ճիշդ
էր։
Վասնզի
օղիով
անիկա
կ՚այլանար
իր
ոճրագալար
անձնաւորութենէն։
Կ՚անուշնար,
կը
կանանչնար
(բառը
առնելով
ոչ-մաղձային
իմաստէ
մը),
օղիին
մէջ
ձգուած
նուռի
կեղեւին
նման,
երբ
մենաւոր,
կծկուն,
սրճարանին
կամ
գինետան
մութ
անկիւնէն,
փոքրացած,
կոկուած,
կը
խմէր
ժամերով,
առանց
ազդուելու,
առանց
դեղնելու,
ծամելով
շրթները
եւ
անոնց
գունաւոր
պաստառին
վրայ
հասունցնել
ջանալով
ներանկար
ոճիրը։
Առանց
ծրագրի
չիջաւ
ան
մեծ
հարուածներու։
Մարդիկ
կը
խօսէին
իր
շուրջը,
կը
բանային,
լաւաշի
չափ
երկայն,
իրենց
լեզուները,
կը
ջարդէին
աջ
ու
ձախ,
հայհոյելով,
սպառնալով,
ամբաստանելով,
ու
մեծ-մեծ
բառերով
իրենց
փոքրութիւնը
փաստելով։
Անիկա
կը
մնար
խուլ։
Ունկնդիր
ու
խելօք։
Օղիի
սեղանին
առջեւ
անիկա
կ՚ընդունէր
նոյնիսկ
նախատինք,
բայց
կը
բանար
իր
քովը
տեղ
այդ
ամբարիշտին
ու
կը
խմցնէր։
Վա՜յ
անոր,
որ
մերժէր
իր
հրաւէրը։
Յաջորդ
օրերուն
անիկա
կը
պատժէր
անհնազանդը
չարաչար,
կալուածէն
կամ
անասուններէն։
Կէս
գիշերը
անց,
անիկա
կ՚երթար
իր
բանին,
պարզ,
սովորական,
երկու
ձեռքերը
հիւսած
գօտիին
փաթին,
իր
արտերը
քաղցր
պտոյտի
երկնցած
հողագործին
նման։
Մինչ
ժամ
մը
ետքը
արիւն
կը
վազէր
անոր
երակներէն,
կը
վազցնէր
ուրիշներէն։
Իրն
էին,
շաբթուան
մէջ
որոշ
օր,
Պրուսայի
բոլոր
հանրատունները,
երբեմն
ամբողջ
գիշերով։
Կ՚երեւար,
անխուսափելի
աղէտի
մը
նման,
փոթորիկ
ու
անդիմադրելի,
բայց
անաղմուկ,
վասնզի
կ՚ատէր
այդ
որջերուն
զիլ
ճիչերը,
անպատկառ
անոնց
հայհուչները,
կ՚ըսէին՝
ամչնալո՜վ,
այդ
քածերուն
հաշւոյն։
Կը
ծեծէր,
միայարկ
այդ
տուներուն
խարխուլ,
թշուառական
դուռները,
որոնց
վրայ
կաւիճը,
երբեմն
ածուխը
հսկայ
մերկութիւններ
կախած
կ՚ըլլային...
իր
ոտքին
ծայրովը,
շեշտին
մէջ
այնքան
ճանաչելի։
Հաճոյքի,
վախի,
յուզումի
սարսուռ
մը
կ՚անցնէր
թաղին
մէկ
ծայրէն
միւսը։
…
Ու
դուռները
տեղի
կու
տային,
առանց
կրկնելու
պէտքի
մը։
Կը
մտնէր
ներս։
Կը
պարպէր
մահճակալները
այրերէն
ու
կիներէն։
Ըսի,
թէ
չէր
ախորժեր
աղմուկէն։
Ու
խելքն
ունէր
զգուշանալու
աւելորդ
բախումէն։
Ի՜նչ
դառն
հարուածներու
գնով
մարդիկ
վարժուած
էին
անոր
քմայքներուն։
Ու
աղջիկնե՜րը։
Որոնք
փորձը
առած
անոր
գութին
ու
անգթութեան,
կարելին
կ՚ընէին
ստեղծելու
համար
պահանջուած
լռութիւնը,
ճամբելով
ճարտարութեամբ
իրենց
անկողնակիցները,
որոնք
քիչ
անգամ
յիմար
եղան՝
չափուելու
համար
սնդիկ
աւազակին
հետ։
Յետոյ
կը
փակուէին
բոլորը,
հասարակաց
սրահի
մը
մէջ,
կուշտ
բերնով
վայելելու
համար
անոր
քաղցրեղէնները,
պտուղները,
չորեղէնները։ ...
Կը
սիրէին
այդ
տարօրինակ
մարդը,
որ
գոնէ
գիշեր
մը
իրենց
մարմինները
կ՚ազատէր
գարշ
հպումէն
ախտաւորին
ու
աղտոտին,
արջուն
եւ
իշուն,
մոռցնելով
գէջ
ու
գարշ
հոտը,
որով
ծթռած
են
անոնց
սենեակներուն
սաւաններն
ու
պատերուն
խմորով
փակցուած
պատկերներն
անգամ։
Ու
կը
պարէին,
թեթեւ,
բարի,
տաք,
գրգռուած
ու
հոլանի,
հիւսելով
իրենց
մարմինները՝
իրարու
ողկուզելով
իրենց
երանքներն
ու
զիստերը։
Խմել։
Խմել։
Ուտել։
Ու
կը
լուսցնէին,
օրհնելով
ու
շփացնելով
մեծահոգի
սա
աւազակը
որ,
ով
գիտէ
ո՛ր
պողոտաներուն
վրայ,
ո՛ր
մեծահարուստ
յարկերէ
վերցուցած
էր
սա
ոսկիները,
ամէն
մէկուն
ճակտին
փակցնելով
հատ
մը
ու
ճամբելով
զանոնք
օրուան
հանգիստին։
Գ.
Անոր
կռիւնե՜րը։
Ամբողջ
պատմութիւն
մը,
ռազմագիտութիւն
մը
ի
սպաս
կը
դրուէր
անոնց
յաղթական
մղումին։
Անիկա
կը
զգուշանար
հրազէնէն,
բազմաթիւ
պատճառներով։
Ու
կ՚ատէր
անոր
ձայնը,
որ
շատ
դժնդակ
բազմութիւն
մըն
էր
ուշադրութիւն
կանչող
ու
ճամբայ
փակող։
Յետոյ,
ինչ
որ
այդ
գործիքին
մէջ
կ՚ատէր,
գոյութիւնն
էր
ատիկա
անվստահելի
տարրերու,
ընդմէջ
մտածումին
ու
անոր
գործադրումին։
Գնդակը
վերջապէս
ծակէ
մը
կ՚ելլէ
ու
ասով
պայմանաւոր
գիծ
մը
ունի
քալելիք։
Պզտիկ
շեղում
մը,
շարժում
մը,
յուզում
մը
բաւական
են
այդ
գիծը
խանգարելու։
Քանի՜-քանի՜
անգամ
անոր
տրուեցաւ
դառն
փորձառութիւնը
կրակ
չառնող
փամփուշտին։
Փառք
իր
դանակին,
որ
զինքը
երեսը-ճերմակ
կը
հանէր
այդ
փորձանքներէն։
Սա
աներեւոյթ
վտանգներուն
պատճառով,
պահելով
հանդերձ
չորս
ատրճանակ
իր
զինակալին
մէջ
--կաշիէ
պահպանակ,
պայուսակ,
բազմաթիւ
ծալքերով,
որ
գօտիին
տակէն
կը
փաթթէ
փորը
ու
կը
պատսպարէ
երկաթ
գործիքները
քրտինքէն
ու
անկումէն--
անիկա
կը
կրէր
իր
սիրական
դանակը,
ածելիի
մը
բերնին
նման
մշտասուր,
զոր
անպայման,
ամէն
առտու,
սրցնէր
պիտի,
ամենամեծ
խնամքով,
փորձելով
անոր
շեղբը
բազուկի
մազերուն։
Յետոյ՝
ճակատագրապաշտ
նախապաշարում
մը
զինքը
ըրաւ
հաւատարիմ
իր
դանակին։
Ուրիշներու
պէս,
անիկա
ցոյցի
համար
չէր
խծկեր
զայն
մէջքին,
գլխիկը
կէս
թիզ
դուրս,
երախակալին
գոյնզգոյն
աչուկներովը
տպաւորիչ։
Չուխային
ձախ
թեւին
մէջ,
անիկա
յարդարած
էր
նեղ,
կաշիէ
տուն
մը
այդ
գործիքին
համար,
ուր
կը
պահէր
զայն
ամէն
ատեն։
Չէր
կարելի
գիտնալ,
թէ
երբ
ու
ինչպէս,
սովորական
իր
անզբաղութեամբ
քալած
պահուն,
ակնթարթի
մէջ
այդ
դանակը
կ՚իջնար
ձեռքին,
աճպարարէ
մը
աւելի
արագ,
առանց
պողպատին
իր
փայլուն
նշոյլ
մը
իսկ
մատնած
ըլլալու։
Գործածութի՞ւնը։
Անիկա
մխած
կ՚ըլլար
բարակ
այդ
բանը,
գողտուկ,
սուտի
մը
պէս,
իր
քովէն
քալողին
կամ
վրան
դիմողին
ճիշդ
ագռմէջը,
կենալով
հանդարտ,
զոհին
մօտ,
երբ
կը
կործանէր
դժբախտը,
րոպէական
մահով,
խոցուած
կեանքին
իսկ
արմատէն։
Բազուկի,
նշանի,
հարուածի
ու
արդիւնքի
սա
ապահով
ճարտարութիւնը
անոր
ամէնէն
վտանգաւոր
առաքինութիւնը
նկատուեցաւ։
Այս
հեղինակութիւնը,
մահը
կառավարելու՝
ստեղծեց
սարսափը
անոր
անձին։
Ու
բազմայաղթ
ու
մեծամարմին
ըմբիշները՝
ինչպէս
սրտոտ
ու
խիզախ
ասպատակները
պարտաւոր
եղան
հաշուի
առնել
սա
արագաշարժութիւնը՝
անոր
հետ
չափումէ
մը
առաջ։
Եղան
դէպքեր,
ուր
անիկա
տապալեց
ընդդիմադիրը,
առանց
դանակի,
այսինքն՝
այնքան
շուտափոյթ,
որ
շրջապատը
բան
չէր
տեսած
կամ
հասկցած։
Ընդհանրապէս
մութին
վրայ
գործադրուած
այս
ոճիրներէն
անոր
անունը
կը
սրբուէր,
երբ
մահ
մը
չհարկադրէր
ստիպողական
միջոցներ։
Կը
խուսափէր,
շուքէ
մը
աւելի
թեթեւ,
երբ
ճարպը,
վարտիքին
փոթերը
կամ
զգուշութեան
շարժում
մը
զոհին
կողմէ,
ըլլային
խանգարած
հաշիւը
իր
մատներուն։
Ոuտոuտուն՝
ինչպէս
սկիւռը,
հարուածէն
ետք,
անիկա
նետուած
կը
գտնէր
ինքզինքը
տասը
քայլ
հեռու
ու
շարունակելով
սա
վայրագ
ընկրկումը,
պիտի
քալէր
նեղ
ու
դարձդարձիկ
փողոցներէն,
առանց
հալածուելու,
ոչ
ալ
պատահական
անցորդներէն
նեղուելու,
մարդերը
ըլլալով
ընտելացուցած
իր
«հեռագիր»
քալուածքին,
որ
կը
շփոթուէր
թեթեւ
վազքին
հետ,
նաւաստիի
անոր
թոքերուն
նուէ՜րը
անոր
սրունքներուն։
Ժամով
կը
փախչէր,
առանց
հեւքի
ու
յոգնութեան,
ճարելով,
ժամացոյցը
ձեռքը,
իր
ուզած
վայրերուն
մէջ
անհրաժեշտ
ներկայութիւն
մը,
որով
ժամ
մը
հեռուն
թափուած
արիւնէն
կը
հռչակուէր
անմասն,
քանի
որ
վկաները
կը
հաստատէին
անոր
խմելը,
իրենց
խնճոյքին,
ոճիրին
րոպէի՜ն։
Անոր
պաղարի՜ւնը,
փողոց
մը
դառնալէ
յետոյ
տարօրէն
տպաւորիչ,
երբ
կը
կեցնէր
անցորդը,
սիկառ
ուզելով,
գործէ
խօսելով,
պարզութեան,
անտարբերութեան,
հնարամտութեան
փոփոխակի
բեկորներով,
որոնք
թանկագին
փաստեր
էին
անոր
անմեղութիւնը
պաշտպանող։
Մութ
գռիհներու,
հանրատան
անցքերուն
կամ
բազմամբոխ
պազարներու
ելքերուն
գործադրուած
այս
գիծէ
ոճիրները
առաձիգ
լուսանցքներ
կ՚ընծայեն
չարագործներուն։
Հոս
յիշուածին
նման,
հրազէնին
ու
կռիւին
պակասը,
որ
ընդլայնելու
պատեհութիւն
չէ
ունեցած,
տրամին
արշաւասոյր
ընթացքը
կը
միջամտեն
յաճախ,
որպէսզի
վկաներու
տարտամութիւնը
օգտագործող
մարդասպանը
ջնջուի
կամացուկ
մը
ոճիրին
թատերաբեմէն։
Անգամ
մը
ինքզինքը
թեթեւցնելէ
ետք,
անիկա
վկաներու
բանակով
մը
պիտի
հաստատէ
իր
այլուրութիւնը
ոճիրէն։
Ու
մաքուր
դուրս
պիտի
գայ
իր
չթափա՜ծ
արիւնէն։
Արդարութիւնը,
ամէն
երկիր,
ենթակայ
է
սա
կարգի
ծաղրանկարային
այլայլումներու։
Թուրքիոյ
մէջ
երբեք
ինքզինքը
կրցա՞ծ
է
ըլլալ։
Նման
հարցում
մը
ոչինչ
ունի
կամայական։
Այդ
երկրին
դատաւորները
ուզեցին՝
ինչ
որ
ուզեց
իրենց
ամսականներուն
վճարողը։
Քէլ
Էտհէմը
մարդ
ալ
սպաննեց։
Բայց
իր
բախտէն,
թէ
վկաներու
անուղիղ
յայտարարութիւններէն,
անոր
արարքը
մնաց
անփաստելի
ու
դրուեցաւ
փողոց։
Բանտին
հետ
անոր
ընտանութի՜ւնը։
Չորս–հինգ
արգելում
զինքը
լիովին
վարժեցուցին
այդ
աշխարհին,
որ
թուրքերու
վարչութեան
բոլոր
զեղծումները
կը
համադրէ
մանրանկար
ճշդութեամբ։
Անիկա
երբեք
չվախցաւ
այդ
աշխարհէն,
ուր
զինքը
ճանչցեր
էին
շատ
վաղուց,
հազիւ
մտած
տասնութը։
Հոն
զրկուած
էր
դանակէն,
մարմինի
կշիռէն
--բռունցք
մը
բաւ
էր
ջախջախելու
անոր
մանրուք
մնացած
գանկը--
անիկա
եւ
կ՚ապաստանէր
լեզուի
իր
հմայքին
։
Ձրի
չէ
այս
բառը
հոս։
Անիկա
կը
տարազէ
ազդեցութիւնը
այն
մարդոց,
որոնք
երբ
բերան
կը
բանան,
կը
կապեն
ունկնդիրը։
Ապահովաբար
անմշակ
այդ
պերճախօսութիւնը
իր
տեսակին
մէջ
շատ
վար
ալ
ըլլալու
չէր
այն
միւսէն,
որ
մշակումով
ուժովցած
մարդոց
քաղաքական
հմայքը
կ՚ընէ
հասկնալի։
Կը
խօսէր
անիկա
ու
իր
խօսքին
հրապոյրը
կ՛անցնէր
իրմէն
դուրս
ու
կը
ստեղծէր
ծանրութեան,
խելքին,
դատողութեան
փորձ
ու
համոզկեր
հեղինակութիւնը։
Հրապարակախօսը,
բանաստեղծը,
վիպողը
երկինքէն
չեն
իջած
զամբիւղով,
այլ
կը
զատուին
սա
դասակարգէն։
Իր
արկածներուն
շատութիւնը,
զանազանութիւնը,
անոնց
մէջ
խտացուցած
խելքին,
արթնամտութեան,
սրտոտութեան
քանակը
հետզհետէ
կաւելնար
նորերու
նպաստովը։
Միւս
կողմէն՝
ստորին
դասակարգին
հետ
իր
ընդարձակ
շփումները
իրեն
կը
բանային
վարկը
կարողութեան,
վասնզի
թուրքերու
քաղաքներուն
մէջ
ուժ
է
այդ
ձեռքէն
ու
լեզուէն
նոյն
ատեն
ճարպիկ
խմբա՛կը,
–
ա՛ն՝
որ
պալատական
յեղափոխութիւնները
կը
լրտեսէ
չորս
աչքով
եւ
շնորհազուրկ
փաշաները
կը
պատժէ,
առանց
կառավարութեան
հրահանգին
սպասելու,
եւ
ամբոխային
շարժումներուն
զսպանակը
կ՚ըլլայ
ջարդի,
թալանի,
հրդեհի
օրերուն։
Քաղաքիկ
մը
զանոնք
կ՚օրինականացնէ,
գերդաստանէ
գերդաստան։
Հողի
եւ
արիւնի
վէճերը
բաց
դուռ
են
ցաւոտ
գործողութիւններու։
Արհեստէն
չարագործը
վարձու
բազուկ
մըն
է
միշտ։
Անիկա
ոչ–նուազ
փնտռուած
խօսակից
մըն
էր,
բանտին
ընդհանրապէս
ամուրի
պաշտօնէութեան՝
որքան
պատժակիցներուն
համար։
Խաւարչուտ
այդ
վայրին
մէջ
անմար
արեւի
կը
նմանի
սեռային
հարցը։
Ու
անով
զբաղում
մը,
խօսքի
գիծով,
բոլորն
ալ
կ՚ընէ
հաճ
ու
հաւան։
Սեռային
աւազանէն
անոր
բազմամբոխ
փորձառութիւնները
իր
շեղումներուն
կը
հագցնէին
անառարկելի
ստուգութիւն։
Կուսակալանիստ
թէ
գաւառակի
փոքր
բանտերուն
մէջ՝
անիկա
կը
փնտռուէր,
մա՛նաւանդ
կարճ
այցելութիւններուն
ատեն,
սանկ
քանի
մը
ամիս
պատիժի
մը
աւարտումը
մինչեւ։
Ուշագրաւ
էր
իր
արժանաւորութիւնը,
գաղտնիք
պարտկելու
իր
փորձուած
պատուաւորութիւնը։
Կ՚ատէր
պարծենկոտ
ու
յիմար
շատախօսը,
որ
կիները
կը
վտանգէ
թոյլ
իր
բերնովը։
Անիկա
մարմնական
թափանցումը,
ստացումը
կարժեւորէր
հասունութեամբ
մը
զգայութիւններու,
որոնք
սուտէն
կամ
թուղթէն
չեն
գար,
այլ՝
կիներուն
միսերէն,
անոնց
բազմադրուագ
շփումէն։
Այս
է
պատճառը,
թերեւս,
որպէսզի
պարապ
կամ
հով
չխօսին
մեծ
ապրողները
եւ
իրենց
բառերը
այնքան
շուտ
վերածուին
այն
զգացումներուն,
զորս
կը
փոխանորդեն։
Բանտին
մէջ
ոչ
մէկ
զգացում
այնքան
հզօր
է,
որքան
կինը,
այսինքն՝
անոր
դրուագումը։
Խլափակումը
կարգ
մը
ջիղերու
վրայ
իր
հակահարուածը
այլապէս
բարդ
ու
խռովիչ
կ՚ընծայէ։
Ամէնէն
խորունկ
սէրը
թերեւս
սխալ
չըլլայ
փնտռել
կուսանոցներու
բջիջներուն
մէջ...
Աւարտա՞ծ
կ՚ըլլար
պատիժը,
թէ
կ՚արձակէին
զինքը,
մութ
հաշիւներու
հետեւանքով։
Իրողութիւն
էր,
որ
իր
սրամտութեան,
համին,
խելօքութեան
չափ
ու
աւելի՝
անյագուրդ
աղերսարկու
մըն
էր
ան,
օրը
քանի
մը
խնդրագիր
մէկէն
խմբագրել
տալով,
իր
անմեղութիւնը
պոռալով
անոնց
մէջ,
եփած
ու
պերճ
պնդերեսութեամբ
մը,
չյոգնող,
անձանձրոյթ
ու
արի։
Ու
կու
տար
հաճելի
աղմուկի՝
ինչ
որ
արդարութիւն
կ՚անուանէր,
մնալով
իրաւունքի
սահմանին։
Խնդրարկու,
բայց
նոյն
ատեն
բանտէն
հասած
փաստաբան։
Ոգեկոչման
մեծ
ձիրքերով,
յուսալից՝
իր
անպարտութեան
մօտալուտ
յաղթանակին։
Անոր
սիրական
բանաձեւն
էր.
«Իրաւունքը
չի
կորսուիր,
շատ-շատ՝
կը
դանդաղի»։
Ու
կը
հրաւիրէր
մարդերը,
զինքը
դատապարտողները,
նկատի
առնել
ամենագէտ
Բարձրեալը,
որուն
աչքը
կը
տեսնէր
մեր
գործերուն
բոլոր
սերմերը։
Եւ
որուն
բազուկը
կախ
էր
ամէն
գլուխի,
մարդասպանին
ու
դատողին,
մուրացկանին
եւ
«փատիշահին».
Մի
խրոխտար,
թագաւոր,
Քեզմէ
հզօր
Աստուած
կայ...
Անշուշտ
սա
տողերը
ամէն
նամազի
թագաւորին
երեսին
հանդիսաւորապէս
ըսուելու
համար
հնարուած
չէին
միայն։
Անոնք
կը
պատշաճէին
նաեւ
գիւղաքաղաքներու
փոքր
Համիտներուն։
Ու
անոր
համոզկեր,
քաղցր
լեզուն
քիչ
դեր
չունէր
անոր
ժողովրդականութեան
մէջ։
Այս
ամէնը՝
գործադրուած
մեծ
պետութեան
մը
խորհրդարանին
վայել
հռետորի
մը
քաղցրախօսութեամբ,
ու
ան
միւս
անփոխարինելի
վայելչութեամբ,
զոր
մեր
փորձանքները,
պայքարները,
աշխարհի
անակնկալներուն
հետ
մեր
տրամաթիք
ճակատումները
կը
շահեցնեն
մեզի։
Դ.
Բայց
հոյակապ
էր
անիկա
ուրացումին
մէջ։
Այդ
ռազմախաղը
անիկա
կը
վարէր
անդիմադրելի
տիրականութեամբ
մը։
Իր
հրապոյրին,
հեղինակութեան,
ուժին
գլխաւոր
զսպանակը՝
բնականութիւնն
էր
ատ
սուտին՝
որքան
իրաւին,
հնարուածին՝
որքան
պատահածին
հանդէպ։
Կան
մարդեր,
որ
սահման
չեն
կրնար
պահել
ու
կ՚իյնան
անհեթեթին
մէջ։
Կամ՝
սուտն
ի
վար
չափազանցուած
սուզումով
մը
կը
վտանգեն
իրենց
ասումը
։
Քէլ
Էտհէմը
հոս
ալ
սնդիկ
մըն
էր։
Կը
խուսափէր
ամէնէն
խորազնին
հասկցողներուն
ծուղակներէն
ու
իր
սուտը
կը
պաշտպանէր
աննահանջ
արիութեամբ։
Ու
կը
յերիւրէր
անիկա
ահաւոր
պարզութեամբ
մը։
Ու
կը
լողար
եղի
պէս,
սուտին
երեսին։
Լեզու,
շարժում,
մատ,
ուս,
աչք,
ոտք,
փոր,
բոլորը
մէկ
մաս
կ՚առնէին
այս
ընդարձակ
մարզանքէն։
Համագրոհ
սա
արշաւը
դէպի
խղճմտանքները
եւ
միտքերը,
առնուազն
համակրանք
կը
շահէր
անոր,
եթէ
ոչ՝
անպարտացում։
Մարդիկ,
չհաւատալով
հանդերձ
կարգ
մը
բաներու,
իրենց
զգացումներով
կը
դիմաւորեն
զանոնք
ու,
գիտնալով
հանդերձ,
կը
հանդուրժեն
սուտը։
Ու
հոյակապ
էր
անոր
միւս
ռազմավարութիւնը,
թուրքերուն
բառով՝
մանովրա
ն,
չարիքը
իր
վրայէն
սահեցնելու։
Զայն,
գործուածը,
ներկայելով
շատ
մօտիկ,
անցնելով
անոր
քովէն,
գրեթէ
քսուելով,
թափուած
արիւնէն
կամ
անարգուած
պատիւէն
քիչ
մը
աղտ
ու
հոտ
ալ
քիթին։
Պահելով
սակայն
մազէ
կամուրջը,
որով
ոճիրն
ու
անմեղութիւնը
կ՚անջրպետուին,
ինչպէս
է
պարագան
թուրքերու
գործադրած
մեծ
արդարութիւններուն
համար,
երբ
ցեղեր
կ՚ոչնչացնեն
եւ
մեղքը
կը
մերժեն,
անլուր
ուրացումով…։
Անիկա
կը
պարզէր
այս
տենդագրգիռ
տեսարանները,
ու
կը
գտնէր
իր
ճամբան,
ընելով
ինքզինքը
ուրիշ
մարդ,
ուրիշ
տեղի
մէջ,
բոլորովին
տարբեր
հաճոյքի
մը
անձնատուր։
Կիներ
իսկ,
բայց
հանրատունէ,
անուանելով,
կամ
այսինչ
սրճարանին
մէջ,
այնինչ
աշկերտէն
–
միշտ
անունովը
–
իր
սատէ
սուրճը
ապսպրած,
խօսելով
աս
ու
ան
պէյին,
բայց
այնպիսի
առատութեամբ
մը
անհերքելի,
փոքր,
ստուգելի
մանրամասնութեամբ,
որ
մարդիկ
համոզուելէ
յոգնած,
կը
դադրէին
ընդդիմանալէ
իր
փաստարկութիւններուն։
Բացի
աս
ճարտարանքէն,
իր
ուրացումը
համբաւ
ունէր
ուղղափառ,
սրբազան,
«միւպարէք»
իր
թրքութեամբ։
Օսմանցիներուն
կայսրութեան
մէջ
հրեան
կ՚ուրանար,
ձեռքերը
լայն–լայն
բացած.
«Էֆէնտիմ,
չեմ
տեսեր,
չեմ
գիտեր…»:
Բայց
անոր
դէմքին
վրայ
ուրացումը
մանր
ու
ստոր
վախ
մըն
էր։
Յոյնը
հաճոյքն
ունէր
այդ
ուրացումին,
վասնզի
այդ
առիթով
Աստուածամար
եւ
Քրիստոս
կը
հոլովէր
յունարէն
ու
կը
խաչակնքէր
հրապարակով,
հին
մարտիրոսներուն
նմանելու
ցանկութեամբ։
Հայը
կը
լռէր։
Թո՞ւրքը.
–
Կ՚ոգեկոչէր
հաւատքը,
փատիշահին
արդարութիւնը,
անունը
մարգարէին,
նամուս
ը
եւ
տին
ը
իսլամի։
Ու
եղ
ու
մեղր,
ինչպէս
վարակիչ
զայրոյթ
էին
բառերը
անոր
երջանիկ
բերանէն։
Կը
հաւատայի՞ն
անոնք,
որ
հաճոյքով
կը
լսէին
զինքը։
Ո՜վ
գիտէ։
Բայց
ստոյգ
էր,
որ
անիկա
կը
տպաւորէր։
Ոստիկանութի՞ւնը։
–
Անշուշտ
յիմար
չէր։
–
Բայց
թոյլատու
«ներքեւ
ձեռաց»։
Ահա
թէ
ինչու:
Քէլ
Էտհէմը
բաւական
թանկ
աջակցութիւն
մը
կը
բերէր
այդ
ոստիկանութեան
յայտ
չարագործներէն
իր
սուսիկ-փուսիկ
կարգադրած
կարեւոր
սրբագրումներով։
Անիկա
գրեթէ
զինակիցն
էր
գաւառակի
ոստիկանատան
հարիւրապետին,
անոր
հայթայթիչը
սանկ
«մատղշուկ»
կտորներու
ու
ամսական
կարեւոր
ալ
գումարի
մը
հարկատուն,
որով
արդարութեան
այդ
բարձր
պաշտօնատարը
իր
ընտանիքին
ծախքերը
կը
դիմաւորէր
ու
իր
ամսականն
ալ
կը
յատկացնէր
բացառիկ
հաճոյքներու,
մասնաւորապէս
Պրուսա,
ջերմուկներուն
մէջ
վարձելով
ամբողջ
գիշեր
բաղնիք
մը,
հոն
լեցնելով
իր
ուզածին
չափ
«ապրանք»
երկու
սեռէ։
Այս
«բարեգործութիւնները»
թոյլ
կեցուցին
արդարութեան
հետապնդումը
անոր
կրունկներէն։
Իր
կեանքի
սա
շրջանին
--անիկա
անցեր
էր
չափահասութեան
տարիքը--
անոր
ոճիրները
բացառաբար
ճարակ
կ՚առնէին
մութ
այն
ստորաշխարհէն,
որ
կազմուած
է
ընկերութեան
մը
ամէնէն
անարգ,
ապականած
տարրերէն։
Մեղքը,
անասնութիւնը,
արիւն
թափելը,
սեռային
կատաղի
մրցանքները
եւ
գողութիւնն
ու
լրբութիւնը
հնոցներ
էին,
ուր
պիտի
թրծուի
այդ
մարդոց
անզգամութիւնը
ու
պիտի
հանդերձուի
ապագայ
իր
սպանդին։
Այսպէս
էր
քալեր
թուրքերու
բռնապետական
վարչաձեւը,
մինչեւ
ԺԹ
դարու
կէսը,
երբ
ամէն
գաւառ
իր
բնիկ
վեհապետը
ունէր՝
ինքզինքը
հարկադրած
իր
մեղքերուն
հակերովը
եւ
անահ
ոչ
ոքէ։
Անցեր
էր
շրջանը։
Օրէնքին
տառը
ջնջեր
էր
այդ
մարդոց
դերը,
առանց
ջնջելու
մարդերը,
որոնք
նախորդներու
նման,
փոխանակ
վերէն
վարելու
(ասոնք
ալ
դեռ
չէին
անհետացած
ու
տեղական
երեւելիները
հարստութիւն
էին,
կազմակերպուած
ու
բարբարոս՝
որքան
չերեւելիները,
թուրքերը
կ՚ըսեն
մերկասրունքներ),
վարէն,
այսինքն՝
փողոցէն
ու
կոյանոցէն
կը
բարձրանային
դէպի
տիրող
դիրքերը։
Այս
պատմութեան
օրերուն,
ամէն
գաւառակ
ու
ամէն
գիւղ
ունէր
անոնցմէ։
Ոճիրը
անոնց
ապրանքն
էր,
ուշ
կամ
կանուխ։
Մահուան
պատիժին
ցանցառիլը՝
կայսերական
ներումները,
որով
պատիժին
կէսովը
մարդասպանը
իր
օձիքը
կ՚ազատէր,
վերսկսելու
համար
իր
առաքելութիւնը,
թերեւս
պատճառներ
էին
դասակարգին
ամէնուրեք
գոյութեան։
Մեծ
քաղաքներու
մէջ
այդ
մարդիկը
կը
ճարուէին
փոքր
ու
հասարակ
մեղաւորներէ,
ընդհանրապէս
թանձրամիտ
կամ
անբան,
որոնք
աշխարհին
օրէնքները
անարգելու
կ՛ելլէին,
ախտաժէտ
ու
ժառանգայոյզ
իրենց
արիւնէն
հրուած,
կամ
ուրիշ
բանի
անատակ
ըլլալնուն։
Ոճրագործութիւնն
ալ
ասպարէզ
մըն
է։
Փոքր
այս
յանցաւորներու
առատութիւնը
փաստ
մըն
է
ընկերութեան
մը,
ուր
անկումը
կոտրած
է
արդէն
վերելքին,
ստեղծումին
կորագիծը։
Երբ,
երիտասարդներ,
փոխանակ
քրտնելու,
տառապելու,
ապրելու՝
բանտին
անգործութիւնը
կ՚ընտրեն,
հին
օրերու
վանամոլութիւնը
չարափոխօրէն
նորոգած
կ՛ըլլան։
Ու
սնդիկ
Էտհէմը
շնորհ
ունէր
ոստիկանութեան
առջեւ,
ուրիշ
ալ
առաքինութեանց
համար,
տրուած
ըլլալով
շրջանակին
հայաշատ
հանգամանքը։
Հայկական
ջարդերէն
անմիջապէս
առաջ,
կառավարութիւնը
նկատի
առած
էր
բացառիկ
մարդեր,
«փափուկ»
գործերու
կարգադրումին
համար։
Արեւելեան
Նահանգներու
մէջ
այդ
հեռատեսութիւնը
իր
պտուղները
պիտի
տար,
հայերը
կոտորելու
պաշտօնը
յանձնելով
անոնց
մաքուր
ձեռքերուն։
Աւելի
յետոյ,
1914–1915ին,
բանտերը
պարպող
եւ
անասունները
զինելով
անմեղ
բազմութեանց
վրայ
արձակող
ոգին
ուրիշ
ծագում
չունի։
Թերեւս
աւելորդ
չըլլայ
դիտել
տալ,
որ
էֆէ
ներուն
աճման
սա
անդրանիկ
շրջանը
անսպառ
է
իբր
դրուագում։
Կան՝
որ
կ՚իյնան
ճամբու
կիսուն,
սպաննուելով
տեղնուտեղը
պատուախնդիր
հօր
մը
կամ
եղբօր
հրապարակային
հարուածովը։
Կան՝
որ
կը
զառածին
դէպի
օտարութիւն
ու
կը
մոռցուին,
հեռաւոր
կնոջ
մը
բազուկներուն
մէջ
տղու
պէս
շղթայուած։
Ուրիշներ,
թիւով
քիչ,
կը
լրջանան
տարիքին
հետ:
Ամուսնութիւնը
սաստ
մը
չի
կազմեր
անոնց
արձակութեանց
անշուշտ։
Բայց
զաւակը
մտահոգութիւն
մըն
է։
Պէտք
է
աւելցնել
տարիքին
տիրական
կշիռը։
Ուժին
ընկրկումը,
հիւանդութիւն,
ուրիշ
նոր
հերոսներու
ժմնելը
կը
միջամտեն
երբեմն,
որպէսզի
օր
մը
ահաւոր
իր
համբաւէն
իյնայ
անիկա
ու
իր
տիտղոսը
-
էֆէ
-
հինցած
չուխայի
մը
պէս
ստիպուի
հետը
պտտցնել։
Ուրիշ
էր
ճակատագրուած
սնդիկ
Էտհէմին
համար։
Ե.
Տարիքը
անոր
մէջէն
մեծ
կարելիութեանց
արմատները
արձակեց
ազատ։
Անիկա
պիտի
աճէր
բազուկէն
եւ
ուղեղէն,
ու
պիտի
յարդարէր
իր
ճամբան
դէպի
պետական
նուիրագործում։
Թուրք
գաւառակներու
եւ
միջին
քաղաքներու
ազդեցիկ
դասակարգը
մեծ
մասով
կու
գայ
այս
ծագումէն։
Երիտասարդութեան
անծրագիր,
անկազմակերպ
ու
խենթուկ
արարքներէն
ետքը,
անիկա
պարտաւոր
եղաւ
մասնաւոր
տակտիկա
ընդգրկել
իր
ընդարձակ,
մեծ
ոճի
գործառնութեանց
համար,
որոնք
խորամանկութեան
չափ
ուժ
ալ
կը
պահանջէին։
Քանի
մը
նմոյշ
պիտի
տրուին
այդ
գիծի
ձեռնարկներէն։
Ասոնք
անկէ
կը
խլէին
մեծ,
ուշադիր
աշխատանք։
Ընդհանրապէս
անմատոյց
կիներու
նուաճում,
կամ
օճախով
ու
վարկով
ծանր
կշռող
մենծ
աղայի
մը
պատուհասում,
եւ
կամ
արդարադատ,
կորովի
պաշտօնեաներու
ահաբեկում,
զինքը
ամէնէն
շատ
զբաղեցնողներէն
եղան։
Խորունկ
լրջութեամբ
մը,
անիկա
կ՚ընէր
համբերատար,
ռազմական
պատրաստութիւն՝
մանրակրկիտ
հսկողութեամբը
միջոցներու,
անձնական
ու
շատ
բարակ
հետազօտում,
գրեթէ
զինուորական
պահանջկոտութեամբ,
ուժերու,
շուներու,
հողի
ծալքերու,
խրամներու,
ջրհորներու
ու
անտառներու
շուրջը
լիակատար
ստուգումներ։
Որոնցմէ
յետոյ,
օրուան,
պահին,
եղանակին
համար
կարգադրութիւն։
Ու
իր
ջոլիրէն
միայն
ճանաչելի
նշաններ,
փոխուող՝
ձեռնարկին
գործադրութենէն
յետոյ։
Եւ
որ,
ի
կարգին...
։
Չձգելով
բախտին
ոչ
իսկ
փունջ
մը
մազ
(այսինքն՝
անոր
ստացումը)
կնոջ
մը
գլխէն,
խոստացուած
աս
ու
ան
շահագրգռուած
սրիկային։
Չձգելով
բախտին՝
ոճիրը
պարագայող
բոլոր
փաստերուն
օգտագործումը։
Ու
ճիղճ
մարմինը
սնդիկ
աւազակին
կը
հոսէր,
կ՚ազատուէր
դաւադիր
կապերէն՝
ինչպէս
հաստ,
այդ
կողմերուն
ընտանի
ընդարձակ
պաշարումներէն,
որոնք
ճամբայ
կապել,
պահել
բացատրութեամբ
ծանօթ
էին,
նման
միւսներուն,
գործադրուած՝
երէները
հետապնդելու։
Ըմբիշներէ,
նախանձէ
վառուած
դժբախտ
ամուսիններէ,
անարգուած
պաշտօնեաներու
դրամէն
ղեկավարուած
այս
դարանները
կը
յանգէին
անխուսափելի
կորանքի։
Պէյի
մը
դաւադիր
յարձակումը,
օրինակ
մը
տալու
համար,
որ
բաղնիքի
մէջ
գտաւ
զայն,
վրիպեցաւ,
վասնզի
հաշուի
չէր
առած
ածելին։
Աւազակը
այդ
գործիքով
բացաւ
իր
ճամբան
ու
ղենջակով
խոյացաւ
փողոց։
Պարզ
իր
արագութեանը
շնորհիւ,
շահեցաւ
անիկա
անհաւատալի
յաղթանակներ,
գօտեմարտ
բախումներու
մէջ,
տապալելով
հսկաներ,
որոնք
վստահ
իրենց
ուժին
ու
դնդերին,
բայց
անծանօթ
անոր
համբաւին,
յիմար
էին
եղած
իրենց
թեւերուն
աքցանին
մէջ
ճզմելու
մանրուկ
անոր
գլուխը
ու
պառկած
գետին,
խայթուած
անոր
կարիճ
դաշոյնէն,
անդարման
կէտերէ։
Ու
ճիղճ
անոր
մարմինը
ոսկոր
դարձաւ
գիշերարշաւ
անոր
ձեռնակներուն
մէջ,
անդադար
պրկուած
ըլլալով
հզօր
կիրքերու
ասեղներէն։
Արիւնը
անոր
համար
խուլ
ու
բնազդական
մոլութիւն
մը
եղաւ՝
խաղին
կամ
ալքոլին
կամ
սեռին
համահաւասար։
Մասնաւոր
օրեր,
«աչքերը
կը
դառնային»,
երեւան
բերելով
մեծ
ճերմկուցները։
Մարդիկ
կը
զգային
գիշախանձ
ծարաւը
այդ
բիծերուն
եւ
կը
կրկնապատկէին
իրենց
զգուշաւորութիւնը,
ընդառաջելով
անոր
բոլոր
քմայքներուն,
մինչեւ
որ
յաջողէին
զայն
կերպով
մը
դուրս
առաջնորդել
բնակելի
սահմաններէ։
Մարդու
վրայ
վրիպած
սա
ախորժակը
անիկա
կը
լրացնէր
անասուններ
դանկըտելով,
ու
ծռելով
արիւնին
վրայ,
ռունգերը
լայն,
խորունկ
ընկղմած,
դիտելու
մութ
բիւրեղ
շղարշը
հեղուկին,
որ
կը
պտղի,
պաղելով
քիչ-քիչ։
Խիստ,
չոր,
առանց
«տրամ
մը
միսի»,
որ
կը
թուէր
սպառած,
հալելով
անոր
ներքին
հուրքէն,
սա
գնացքով
այս
կեանքը
տարինե՜ր։
Մինչեւ
որ
իր
համբաւը
հասաւ
նաւահանգիստէն
ներս,
գեղերու
աղեղնաձեւ
այն
շրջանակին
մէջ,
ուր
Նիկիոյ
լիճը
կեդրոն
կը
կազմէր։
Հայ
ու
թուրք
այդ
գիւղերուն
գլխաւոր
նկարագիրները
չեմ
կրկներ
հոս,
զանազան
առիթներով
ըրած
ըլլալով
այդ
աշխատանքը։
Կը
գոհանամ
դիտել
տալով,
որ
քիչ
տեղ,
աշխարհի
մէջ,
այդքան
հեշտութիւն,
քաղցրութիւն,
գեղեցկութիւն
քով
քովի
կը
դրուին։
Ու
կինը
[քիչ
տեղ]
այդքան
խորունկ
ու
չարաշուք
է,
որքան
հոդ։
Անիկա,
կնիկներու
համար,
այդ
գեղերուն
մէջ
բախեցաւ
իրեն
չափ
լուրջ
որսորդներու
ու
վրայ
տուաւ
մէկ
աչքը,
բայց
շահեցաւ
մեծ
արկածներ
վարելու
դժուարստաց
գիտութիւնը։
Կակուղ
յոյներու
ու
ձկնորս
թուրքերու
փոխարէն՝
անիկա
հանդիպումը
կ՚ընէր
լեռնական
ասպատակներու,
որոնք
գերմանական
մաուզէր
ները
եղէգի
կամ
իր
դանակին
պէս
կը
գործածէին
ու
գնդակները
կը
գամէին
հեռուէն
պոռացած
կէտին,
թռցնելով
իր
գլխարկը
կամ
տակի
ձիուն
աչքը։
Անոր
դանակը
փշուր-փշուր
ըրին
ձեռքին
մէջ
ու
բռունցք
մը
պայթեցուց
մէկ
աչքը։
Հոն
սորվեցաւ,
թէ
լեռը,
բայց
ոչ
նաւահանգիստի
ամփիթատերային
խեղճուկ
գօտին,
մեծ
փորձաքար
մըն
է
մարդոց
մա՛նաւանդ
հոգեկան
կորովին։
Ու
սորվեցաւ
ուրիշ
բաներ
ալ։
Որոնցմէ
մէկը,
ոտքերուն
ու
բազուկներուն
վրայ
իր
վստահութեան
անհիմն
ըլլալը։
Քաղաքիկին
մէջ
ատոնք
յաճախ
կը
բաւեն։
Լեռներուն
խորը
առաջին
գիծի
կու
գան
աչքը,
խելքը,
յանդգնութիւնը,
կտրիճ
թոքը
եւ
նշանառութիւնը։
Զգուշացաւ
հայերուն
հետ
չափուելէ
(որոնք
այդ
շրջանին
մէջ
կը
տիրէին
լեռներուն),
ո՛չ
թէ
վախնալուն
--անիկա
կ՚անգիտանար
վախի
վիճակը,
նոյնիսկ
ուժին,
վտանգին
առջեւ
շոգեպինդ
փախած
ատենը,
ամէն
կռիւի
մէջ
նկատի
ունենալով
պառկողը
--
այլ՝
բնազդով
այդ
լեռնական
կեավուր
ներուն
հարուածին
մէջ
գտնել
կարծելով
անողոք
այն
բանը,
որով
անհատը
կը
խտացնէ
զատ,
տարբեր
ցեղէ
մը
զգալու
աշխարհը
։
Ոճիրը
շատ
ու
արագ
կ՚ազդուի
զգալու
սա
կերպէն։
Անիկա
երեւցաւ
հայ
գեղերուն
մէջ,
աւանդական
թուրքի
շփացած
ու
բիրտ
թանձրութեամբ.
կոտրեց
սրճարաններուն
ապակիները,
թմբուկ
ու
զուռնա
առջին՝
պտտեցաւ
թաղերը,
որոնք
ամայի
կ՚ըլլան
նման
դէպքերու,
բայց
պարտաւորուեցաւ
գեղէն
դուրս
ընդունիլ
կարկող
բռունցքը
աս
ու
ան
ասպատակին,
անանուն
կամ
անուանի,
որ
զինքը
վերցուց՝
փորէն
բռնելով
կանգուն
մը
բարձր
գլխուն
վերեւ
եւ
եօթը
քայլ
անդին
նետեց
խոտէ
մարդու
մը
պէս
ու
կեցաւ
հանդարտ։
Անոր
վերխուժումը
դիմաւորելով
սառն
ժպիտով
մը,
երբ
մատներուն
մուրճին
ներքեւ
դանակը
կ՚իյնար
գետին։
Մէկ-երկու
նման
բախում,
ամէնէն
համեստ
գեղերէն
մինչեւ
ամէնէն
փարթամներուն
մէջ,
բաւ
եղան,
որպէսզի
համոզուէր,
թէ
իրմէն
վար
ոչ
ոք
կար
լեռներու
հրամայող
այդ
կեավուր
ներուն
մէջ,
առհասարակ
մաքսանենգ,
մարդասպան,
մահապարտ,
բայց
անվախ։
Տպաւորուեցաւ
անոնց
հաստատ,
վճռական
արիութենէն
(Հայկական
Խնդիրը
դեռ
թունաւոր
ներարկում
մը
չէր
ատոնց
համար,
ջարդերէն
առաջ
կամ
հիմա),
որ
շատ
տարբեր
էր
մեծադնդեր
ըմբիշներով
իրեն
մատուցուած
փորձառութենէն։
Խեղճ
ու
պատառ
իր
դանա՜կը։
Քանի՜-քանի՜
անգամ
զայն
բռնեցին
դէպի
ագռմէջը
իր
կորագծին
վրայ
ու
փսխել
տուին
մատներէն,
փշուր-փշուր
իր
ձեռքը
տալու
համար
անոր
բեկորները,
բայց
չսպաննեցին
զինքը,
վասնզի
հայ
էին։
Այսինքն՝
մահուան
արժէքը
գիտէին…։
Ու
զղջաց
անիկա,
իր
շրջանը
աւելորդ
ընդարձակումով
մը
այսպէս
վտանգած
ըլլալուն։
Միւս
կողմէ՝
արկածներու
համար
խենթեցող
մը,
խանդավառ
անկեղծութեամբ
անիկա
միացաւ
այդ
հայերէն
ոմանց,
իր
ձիերովը,
զէնքերովը,
ծխախոտին
բեռները
ինք
հայթայթելով
ու
իջաւ
անոնց
հետ,
Ողիմպոսը
ճեղքելով
իր
խորասիրտ
կիրճերէն,
Քէօթահիա,
Ուշագ,
Այտըն,
մինչեւ
Կեավուր
Իզմիր,
որոնք
ծխախոտը
կը
գնէին,
հակառակ
արգիլուած
ապրանք
ըլլալուն։
Այդ
արշաւներուն
էր,
որ
անիկա
ճանչցաւ
հրազէնին
հմայքը,
անով
մեզի
ապահովուած
ազատութիւնը
ու
մեր
շարժումներուն
ընծայած
արձակութիւնը։
Ամբողջ
դիւցազներգութիւն
է
սա
լեռնամէջ
արշաւանքը,
կատարուած
ընդհանրապէս
երկու
մարդահասակ
ձիւնով
պատնուած
ձորերէն,
երբ
ճամբան
կը
մեռնի,
գեղի
կամ
քաղաքի
մը
մուտքին
բռնուած
ռեժիի
ջոկատներէ
կամ
ոստիկաններէ։
Ուրիշ
վէպ
մը
անշուշտ
օր
մը
պիտի
տայ
սա
ոդիսականին
ամբողջ
խռովքը։
…
Հոն
էր,
որ
անիկա
հասկցաւ
այդ
հայերուն
արի,
մեծ,
բուխ
սիրտը,
ու
թուրքին
ալ՝
արեւելեան,
անարատ
բարութիւնը,
որ
այդ
կղզիացած
գեղերուն,
քաղաքներուն
մէջ
ատեն
ու
պատեհութիւն
չէր
գտած
խաթարուելու։
Քիչ
բան
քաղցր
է
այնքան,
որքան
չապականուած
թուրք
գեղացին,
հողագործը,
խաշնարածը։
Քսակահատ,
դաւադիր,
սողոսկուն,
գողունի
ոճրագործէն
երեւան
կու
գար
մեծ
պողոտաներու
անուանեալ
ասպատակը,
տիպարին
մէջ
մեծանձն
ու
սիրելի,
որ
սիրտերն
ու
դուռները
բաց
կը
գտնէ
իր
առջեւ
եւ
դուրս
է
ազգի
մը
պատկանելու
ահաւոր
չարիքէն։
Զոր
կը
պահէին
թուրքերը՝
ինչպէս
հայերը,
դողդղալով
անոր
արեւին։
…
Այս
աշկերտութիւնը
տարօրէն
տարածեց
անոր
յանդգնութիւնը։
Հայերուն
վրայ
իր
տեսածը
ազնուացուց
ալ
զինք։
Ցեղը
մեծ
նպաստ
մըն
էր
իրեն
այդ
ուղղութեամբ։
Ինչ
որ
հայը
կ՚ընէր
չորս
հեղ
մտածելէ
վերջ,
ու
կ՚ընէր
գրեթէ
հարկադրուած,
թուրքը
կարող
էր
ընել
մտածել
իսկ
չանցուցած
մտքէն
ու
ստեղծելով։
Անկէ
վերջն
էր,
որ
ամրանալու,
փորձառութիւն
ճարելու
նպատակով
զարնուեցաւ
անիկա
ռեժիի
ջոկատներուն,
ցոյց
տալով
կորով,
մարդերը
հրամանին
ճկելու
համար
իրեն
պակսող
հեղինակութիւն.
վասնզի
իրմէն
կը
վախնային
միայն
ու
կ՚ատէին
զինքը
անկէ
առաջ։
Իր
մինակութեան
սա
պակասը
զգաց
դառնութեամբ
ու
ջանաց
աճիլ,
այսինքն՝
շատերու
մէջ
ու
հետ
կարենալ
ըլլալ։
Ըսի՞,
թէ
զինուորութիւն
չէր
ըրած,
օրէնքը
խաբխբելով։
Կ՚արհամարհէր
գետին
պառկելու,
փոս
ցատկելու
այդ
աչքկապուկը։
Իր
նաւահանգիստը
զինուորական
կայան
մը
ունէր
ու
անշուշտ
ալ
հազարապետ
մը,
որ,
իր
կարգին,
ունէր
բերան
մը։
Երկար
է
թւումը
անոր
արկածներուն
ու
պէտք
է
կարճ
ըլլալ։
Զ.
Ընդարձակ,
որքան
օգտակար
սա
մարզանքներէն
վերջն
էր,
որ
անցաւ
անիկա
իր
առաջին
մեծ
ձեռնարկին,
անո՛ր՝
որ
հիմը
պիտի
դնէր
անոր
հարստութեան,
դրամի
պաշտամունքին,
կալուածին
եռքը
ամրապէս
զետեղելով
անոր
կուշտ
հոգիէն
ներս։
Կը
պատահին
այս
կարգի
յեղաշրջումներ,
որոնք
մեր
անցեալը
մեզի
օտար
ընելու
չափ
կը
տարբերեն
մեզմէ։
Հասարակ
չարագործէն
դէպի
պետական
ազդեցիկ
անձնաւորութիւն
անշուշտ
ճամբայ
կայ։
Ուրիշ
երկիրներու
մէջ
պատերազմը
գործաւորն
է
այդ
հրաշքին,
թուրքերուն
մօտ՝
դրամը,
երբեմն՝
կինը։
Այդ
դրամը
ունենալու
համար
սնդիկ
Էտհէմը
պարտաւոր
եղաւ
որդեգրել
շրջանին
ընթացիկ
կերպերէն
մէկը,
–
խումբով
ասպատակութիւն։
Որ
սանկ
մեծ
«հարուած»
մը
զարնէր,
շտկելու
չափ
չորս-հինգ
հազար
կարմիր
ու
դարձնէր
գործադրիչը
իր
բանին,
ա՛լ
տունով,
տեղով։
Արտեր
գնել,
քիչէն,
սուտով
ու
փուտով,
ահով
ու
գողութեամբ
(հողն
ալ
կը
գողնան
մարդիկ)։
Հինգ-տասը
տարիէն
հինգ-տասը
արտավարը
հասցնել
հինգ-տասը
հազարի։
Ասոնք,
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ,
հիմա
հրաշքի
կարգ
անցած
իրողութիւններ
են,
բայց
Արեւելքի
մէջ՝
յաճախադէպ։
Քրիստոնեան
եւ
թուրքը
շատ
բան
չեն
փոխեր
արդիւնքին
մէջ։
Անշուշտ
հայերու
հողերը
աւելի
դիւրամարս
են
եղեր
միշտ։
Կային
գեղեր,
որոնց
ամբողջ
հողերը
օրէնքով
–
լքեալ
գոյք
յայտարարուելէն
շատ
առաջ
–
գրաւուեցան
ճարտար
աւազակներէ,
որոնք
խելքն
էին
ունեցեր
պատկանեալ
պաշտօնէին
թաթը
իւղոտելու։
Ասպատակութիւն։
Անիկա
ատոր
փափաքը
ունեցաւ,
իյնալով
կապի
մը
մէջ,
զոր
գործադրեր
էին
թուրքերը
մօտակայ
կիրճի
մը
մէջ։
Իր
համբաւը
օգնեց
իրեն,
որպէսզի
առանց
վնասի
արձակուէր
ազատ։
Բայց
չէր
կրցած
առանց
նախանձի
դիտել
խմբապետը,
որ,
թաշկինակ
մը
առջին,
կը
համրէր
կապուածներէն
կողոպտուած
ոսկիները
եւ
կը
դիզէր
զատ
արծաթէն։
Այս
պատկերը
գամուած
էր
անոր
ուղեղին
շաբաթներով։
Մինչեւ
որ
ծագեցաւ
լոյսը։
Անոր
պէտք
եղա՞ծը։
–
Խումբ։
Իր
կապերուն
շատութիւնը
հասաւ
իրեն։
Գեղէ
գեղ
գրեթէ
ամէնօրեայ
փողոտումը
--շրջան
մըն
էր
ատիկա,
երբ
պարզ
հայհոյութեան
համար
իրար
կը
զարնէին,
ատրճանակներու
տարածումին
զուգահեռ--
լեռները
կը
լեցնէր
փախստականներով։
Այդ
խիտ
ու
դժուարաթափանց
անտառներուն
մէջ
հայ,
թուրք,
մա՛նաւանդ
չերքեզ՝
կայսրութիւններ
էին
հաստատած
իրենց
սահմաններուն
համար,
անողոք
բծախնդրութեամբ
մը։
Անոնք
անհանգիստ
ալ
չէին
ոստիկանութենէն,
որ
իր
տուրքին
գանձումովը
կ՚արտօնէր
այդ
գործունէութիւնը։
Ջարդերէն
առաջ
հայ
ու
թուրք
քիչ
խտիրով
կը
վայելէին
այդ
պաշտպանութիւնը։
Նեղ
օրերու,
երբ
կուսակալ
փոխուէր
կամ
եւրոպական
հիւպատոսի
մը
բողոքովը
Պոլիսը
խստանար
ոստիկանութեան
գլխուն,
ասպատակները
ապահով
կ՚անցնէին
Պուլկարիա,
Յունաստան,
Կղզիները,
ու
ամէն
բան
կը
մտնէր
կարգին,
մինչեւ
որ
արգելքները
հարթուէին՝
ուզողներու
վերադարձը
կարելի
ընելով։
Սնդիկ
Էտհէմը
դանդաղ
կը
գործէր։
Ուսումնասիրեց
երկար
ու
մանրակրկիտ։
Ծրագի՞րը։
–
Կոտորել,
բայց
սպառսպուռ,
քաղաքէն
երկու
ժամով
հեռու
ագարակ
մը,
որ
սեփականութիւնն
էր
ալպանացի
շատ
փարթամ
գերդաստանի
մը,
դարէ
մը
աւելի
հին
ծագումով
եւ
արժանաւոր
ազնուականութեան
մը
բարձրացած,
կայսերական
մէկէ
աւելի
ֆերման
ներով
։
Ալպանիայէն
ով
գիտէ
ի՛նչ
վիճակի
մէջ
գաղթական
այդ
ընտանիքը
երեք
փատիշահներու
համակրութիւնը
ունեցեր
էր
իր
պետերուն
վրայ։
Աղջիկ
մը,
ի
հարկէ,
սկիզբը
կը
բանար
այդ
համակրանքին,
արժանացած
ըլլալով
փատիշահի
մը
սիրոյն
ու
գահաժառանգ
ալ
պարգեւած
սուլթաններու
աթոռին։
Ու
աւանդութիւնը
կը
շարունակուէր,
ամէն
սերունդի,
նրբագոյն
աղջիկը
ուղարկել
կայսերական
կանանոց։
Անշուշտ
հեքիաթը
կը
միջամտէր՝
այդ
աղջիկներուն
տալու
համար
իր
փափաքած
գեղեցկութիւնը,
որուն
տարրերը
կու
գային
ընտանիքին
արուներէն,
բացառիկ
վայելչութեամբ
ու
ազնուակազմ,
պահելով
խաժ
կաթը
իրենց
աչքերուն,
իրենց
քաղցր
հրապոյրին
մէջ
ու
մորթին
բացառիկ
թարմութիւնը
մինչեւ
վաթսունները
եւ
աւելի։
Տասը
տարիէ
ի
վեր
գերդաստանին
ազդեցութիւնը
աճած
էր
բացառիկ
աստիճանով
մը,
միշտ
պալատական
ճախարակէ
մը,
քանի
որ
փատիշահին
սիրելիներէն
մէկն
էր
վերջին
ղրկուած
աղջիկը։
Այդ
ազդեցութիւնը
գործածեցին
անոնք
նաւահանգիստ-գազային
կառավարիչը,
թուրքերուն
բառով՝
գայմագամը
անուանել
տալով
իրենց
ցեղակիցներէն։
Պէտք
է
աւելցնել,
որ
այդ
ագարակէն
կանոնաւոր
կերպով
պետական
ծառայութեան
նուիրուեր
էին
բազմաթիւ
երիտասարդներ,
զինուորական,
բժիշկ,
դատաւոր
ու
կայսրութեան
եւրոպական
նահանգներուն
մէջ
ունեցեր
էին
բարւոք
գործունէութիւն,
արիւնի
յամառ
հարազատութեամբ
մը,
թուրք
դաստիարակութեան
բոլոր
թերութիւններէն
ազատել
յաջողելով
ցեղային
անաղարտ
խորք`
մը։
Թուրք
վարժարաններուն
բոլոր
ապականիչ
ազդմունքներուն
հակառակ,
անոնք
կը
պահէին
ցեղային
իրենց
կնիքը,
անշուշտ
կիսով
բարբարոս,
դիւրավառ,
բայց
կեղծիքի
ու
խաբէութեան
անատակ,
մա՛նաւանդ
արդարութեան
հանդէպ
շատ
ջերմ
ընկալչութեամբ
ու
երդումն
ու
խոստումը
ամէն
գնով
յարգելով։
Ընտանիքը,
ուր
կը
տիրէին
աւանդական
կարգերը,
հովուերգական
պարզութեամբ
ու
խստութեամբ
կը
մնար
կանգուն
ուսման
անընդունակ
տարրերով,
որոնք
կը
շարունակէին
ապրիլ
իրենց
կիսանկախ
կեանքը,
իրենց
դուռները
լայն
բացած
Երկրէն
ամէն
փախստականի։
Ալպանիան,
այդ
օրերուն,
ազգային
բարքերու
իբր
զոհ՝
հարիւրով
մահեր
կ՚ունենար
սուրէ
եւ
գնդակէ։
Ամէն
մարդասպան
յունական
նաւերով
կ՚անցնէր
Անատոլու,
ուր
մեծ
կամ
պզտիկ
իշխանաւոր
միշտ
ալ
կ՚ընծայէին
անհրաժեշտ
պատսպարումը,
զայն
մարզելով
նոր
պայմաններուն,
այսպէս
ագարակներու,
մանտարա
ներու
շահագործումին
ուղղելով
անոնց
անհանդարտ
ու
կռուական
բնազդները։
Հայրենիքէն
Անատոլու
փոխադրուած
քէները,
ատելութիւնները,
վրէժները
երբեմն
հոս
ալ
կը
խռովէին
անոնց
խաղաղութիւնը
ու
արիւնը
կը
հոսէր։
Բայց
սերունդ
մը
ետքը,
քիչ-շատ
տանելի
պայմաններու
մէջ
կազմուած
կ՚ըլլար
վերջնական
թրքացումը։
Ամբողջ
Անատոլուի
մէջ
ալպանացի
պետական
պաշտօնէութիւնը
աչքառու
առաւելութեամբ
մը
կը
զատուէր
թրքականէն։
Ու
էր
սիրելի
մա՛նաւանդ
քրիստոնեաներուն։
Անոնք,
ինչպէս
դիտել
տուի,
կ՚ատէին
թուրքերը։
Իսլամը
չէր
կրցած
երկու
հակադիր
ցեղերը
հաշտեցնել
իրարու։
Ու
ալպանական
լեզուն
կը
պահէր
իր
գոյութիւնը
այդ
տուներէն,
ագարակներէն
ներս։
Պետական
աւագ
պաշտօնատարներն
իսկ
տկարութիւն
ունէին
այդ
բարբառին
հանդէպ
ու
իրենց
պալատներուն
մէջ
բաժանումներու
պետերը
կ՚ընտրէին
իրենց
ցեղակիցներէն,
օրուան
ընթացքին
փոխանակելով
հայրենի
բարբառին
փշրանքները։
Է.
Նաւահանգիստէն
երկու
ժամ
հեռու
էր
այն
ծովախորշը,
որուն
անառիկ
մէկ
կուշտին,
կատարեալ
ժայռաստանի
մը
խորտուբորտերուն
մէջ
տեղաւորուած,
ու
զօրեղապէս
սպառազէն
այդ
ագարակը
կիսանկախ
բոյն
մըն
էր,
ոտքին
ունենալով
բաւական
ընդարձակ
տափաստան
մը,
հաւանաբար
շահուած
ճահիճէն
եւ
որ
կը
յանգէր
մէկ
կողմէն
անմատոյց
ժայռափին։
Հսկայ
խարակաuտանի
մը
զանազան
խորշաւորումները,
խոնարհումները,
փապերը
շահագործուած
էին
զանազան
շինութիւններու,
որոնք
քարէն
բուսած
տարօրինակ
տպաւորութիւն
մը
կ՚ընէին
այցելողին,
քանի
որ
ժայռերը
փոխանակած
էին
պատերու
դերը,
ու
երբեմն
տանիքն
իսկ
անգոյ
կը
դառնար,
գեղադիր
ապակեփեղկերու
շարքի
մը
վերեւ։
Ընտանիքը
կ՚ապրէր
իրական
կղզիացումով
մը։
Ծովախորշին
քարքարուտ,
անհիւրընկալ
համբաւը
կ՚աւելնար
ծագումին
ալ
հեքիաթովը
ու
ալպանական
բարքերու
մասին
շրջան
ընող
այլընդայլոյ,
արիւնոտ
լուրերով։
Համիտին
գահակալութենէն
ասդին
անիկա
տեսակ
մը
ազատ
քաղաք
էր,
ուր
ապաստան
գտնող
ամէն
չարագործ
ապահով
էր
արդարութեան
թաթէն։
Ու
այդ
արդարութիւնը
շատ
պահանջներ
ունէր
կիսավայրի
այդ
մարդոց
կռնակէն։
Անշուշտ
ձեզի
անծանօթ
է,
որ
գրեթէ
կէս
դար,
Արեւմտեան
Անատոլուի
անտառապահները,
մեծ
հօտերու
անդէորդները
ստուար
թիւով
կազմուեցան
ալպանացի
բախտախնդիր,
չարագործ
փախստականներէ,
ոճիրէ
մը
ազատելու
հարկին
տակ
ձգած
իրենց
հայրենիքը
ու
շունչերնին
առած
Իզմիր
կամ
Պրուսա։
Ու
չեղաւ
տարի,
որ
այդ
բուռն,
անմշակ,
անխելք,
բայց
տարօրէն
ուղիղ
մարդերը
ուրիշին
արտը
մտած
կենդանիի
մը
համար
չտապալէին
այդ
ուրիշը,
այսինքն՝
բողոքողը,
որ
դիմեր
էր
իրենց
կատարեալ
բարեացակամութեամբ
ու
յանձներ
իրենց
նկատառումին
գործուած
վնասը՝
պտուղի,
ցանքի,
խոտի։
Ի՜նչ
հեգնութիւն,
որ
այդ
պահապանները
չէին
զիջաներ
սորվելու
թուրքին
լեզուն։
Ու
ի՜նչ
ողբերգութիւն,
որ
գեղացին
ծանօթ
չէր
կրնար
ըլլալ
ալպանական
լեզուին
ու
անոնց
երդումին։
Այդ
չնաշխարհիկ
անդապահները
պատուոյ
հերոսներ,
առնուազն
մէկ
անգամ
մարդասպան,
իրենց
բարբառով,
պաշտօնապէս,
կատարեալ
ուղղամտութեամբ
եւ
ասպետութեամբ,
երեք
անգամ
կը
հրաւիրէին
իրենց
«բաներ
մը
խօսող»
մարդը,
հեռանալու,
յօժար
կամքովը,
որմէ
յետոյ
չէին
կրնար
թերանալ
ազգային
իրենց
պատուախնդրութեան
մէջ,
երբ
կը
խփէին,
հանդարտ,
առանց
հայհոյութեան
իրենց
գնդակները
ատոր
երբեք
չսպասող,
այդ
հաստ-գլուխներուն
ուղղակի
սրտին։
Յետոյ,
միշտ
առանց
նեղուելու,
ու
առանց
աճապարանքի,
կը
ձգէին
շրջանը,
ուղղուելով
հոն
դրուած
բոյնին
նման
ագարակի
մը,
քանի
մը
տարի
ծառայելու,
մինչեւ
նոր
փորձանք
մը
ու
նոր
«պանդխտութիւն»։
Ծովախորշի
սա
ագարակին
պետերը
դժուար
կ՚իջնէին
քաղաք,
ճամբու
նեղութեանց
չափ
թերեւս
ատելով
թրքական
փոլիթիքա
ն,
զոր
անկարող
էին
գնահատել,
ու
պաշտօնեաներուն
ընչաքաղց
բանակը,
երբ
պարզագոյն
խնդրի
մը
առջեւ
աշխարհ
մը
աղերսագիր
եւ
ոսկիներու
հասնող
դրոշմաթուղթ
կը
քշէին
միամիտ
աղաներուն,
անոնց
քիթէն
բերելով
սա
պտոյտը։
Այս
զզուանքը
ու
նիւթական
վնասները
պատճառներ
էին,
որպէսզի
ագարակին
դուռները
ամուր
գոցուին
պաշտօնեաներու
երեսին։
Քրիստոնեայ
ցեղերու
մէջ
ընթացիկ
փիլիսոփայութիւնը
անոնք
որդեգրած
էին
լռելեայն
հաւանութեամբ
մը։
Ըստ
առածին,
թուրքին
բարեկամութիւնը
կա՛մ
կալուած,
կա՛մ
պատիւ
կը
հետապնդէր
ու
անհրաժեշտ
էր
զգուշանալ
անկէ։
Պալատական
ազդեցութիւններով
անոնք
յաջողած
էին
կառավարական
ամէն
միջամտութենէ
զերծ
պահել
իրենց
բնակարանը։
Հարկահանը
արտօնուած
չէր
համրելու
անոնց
ոչխարն
ու
արջառը։
Տասանորդի
պաշտօնեաները
պարտաւոր
էին
գոհանալ
ցոյց
տրուած
տասանորդով։
Մնաց
որ,
հաւատացեալ,
անխարդախ
միւսիւլման,
այդ
ընտանիքը
իր
հալալին
երբեք
չզիջեցաւ
հարամը
խառնել։
Հսկայակազմ
մարդեր,
հազիւ
քիչ
մը
բան
փոխած
հայրենի
իրենց
տարազէն,
որուն
մեծ
գիծերը
կը
պահուէին
կրօնական
երկիւղածութեամբ,
եւ
ուր
անմահ
կը
մնար
ճաշակը
խաշնարած
ժողովուրդի
մը,
անոնք
վերնազգեստին
վրայ
ընդունած
էին
թրքական
աղաներու,
ընտանի
պէյերու
ոսկեհուռ
ու
խնամուած
զարդարանքները։
Անոնք
հոգի
կու
տային
սուրիական
մետաքս
գլխանոցներուն,
լայն
շղարշներ,
ծիածանին
նրբագեղ
գոյներովը
ցոլացիկ
ու
հովի
պէս
բարակ,
մանրիկ
ծոպերու
կոճակաձեւ
ագուցումովը
ստուերող
ճակատին
բաց
բրտութիւնը։
Միւս
կողմէ՝
ցուրտերուն,
անոնք
լայնօրէն
կը
շահագործէին
ոչխարի,
գառնուկի
մորթերը՝
հսկայական
տառատոկներու
իբր
ներքնամաս,
ծանօթ՝
կոճուկ
անունով,
որոնք
փուռի
պէս
տաք
կը
պահէին
մարմինը
ձիւներուն
մէջը,
եւ
որոնց
երեսը
ամէնէն
ազնուական
կերպասը
կու
տար,
ոսկեթել
հիւսուածքներով,
կոճակնոցներուն,
ուսերուն
արմկալներուն,
ուր
երբեմն
մանրանկար
երկու
սանթիմ
տրամագիծով
հայելիներ
ալ
ամրացուած
կ՚ըլլային։
Ու
անոնց
վիզէն
կախ
էր
մեծադիր
շղթան,
ոսկի
ու
երեք-չորս
հիւսքով,
որուն
ծայրէն
անոնց
ժամացոյցը,
պուլամայ
ի
գաւաթին
չափ
խոշոր,
համակ
ոսկի։
Ու
անոնց
մատներուն
օղերը,
քարերուն
տեսակներովը։
Ու
անոնց
ափին
համրիչները,
ամենաընտիր
սաթէ,
այնքան
պղտոր,
որ
կը
թուէր
հեղուկ
հեռուէն։
Կասկարմիր,
քարի
պէս
առողջ
ու
խաժաչուի
այդ
ակա
ները
շատ
ալ
չէին
բարդեր
գայմագամները
(եթէ
չըլլային
ցեղակից),
ինչպէս
լեռնական
ասպատակները,
որոնք
այդպէս
մեծահարուստ
տուները
կ՚ախորժէին
սարսափի
տակ
պահելէ։
Ու
կրակ
կը
բանային
ամէն
զինեալի
վրայ,
որ
առանց
առաջնորդի
կը
յանդգնէր
անոնց
սահմաններուն
մօտ
երեւալ։
Ոստիկանն
անգամ
դուրս
չէր
այս
օրէնքէն:
Խարակին
մարմինէն
դուրս,
մշակներու,
աշխատաւորներու,
հoտաղներու
պատսպարան
շէնքերը
տեսակ
մը
յառաջապահ
դիտարաններ
կը
կազմէին՝
ագարակին
ելեւմուտքը
հսկող։
Ամրացած
գօտիէն
անոնց
հեռաւորութիւնը
կը
հպատակէր
զէնքերու
աստիճանական
կատարելագործումին։
Գնդակին
արձակման
հեռաւորութեան
չափով,
այդ
դուրսի
բնակարաններն
ալ
հեռացած
էին
ագարակին
մարմինէն։
Ու
սա
ծաւալումը,
միւս
կողմէն՝
յարդարած
էր
խոռոչաւոր
ու
ճախնոտ
հողերուն
երեսը,
ստեղծելով
ընդարձակ
արօտատեղիներ,
մշտապէս
կանանչ,
քանի
որ
յատակը
կը
մնար
խոնաւ։
Բուն
մշակելի
հողերը
կը
տարածուէին
այդ
շէնքերէն
աւելի
վար
ու
նշանաւոր
էին
իրենց
բերրի
ու
չյոգնող
հաւատարմութեամբը։
Ո՛չ
ծառը,
ոչ
ալ
ծաղիկը
կը
խաբէին
իրենց
վրայ
դրուած
յոյսերը։
Ա՛ն՝
որ
ամէնէն
առաջ
հիմնած
էր
այդ
ժայռակառոյց
որջը,
հետապնդած
ըլլալու
էր
ծովային
ասպատակութիւնը,
զարնելով
նաւակները
ու
կոտորելով
անխնայ
անոնց
նաւաստիները։
Այդ
մասին
հեքիաթը
պերճախօս
էր,
մինչեւ
այս
պատմութեան
օրերը։
Դեռ
ցոյց
կը
տրուէր,
ծովուն
մօտերէն
անցնող
նաւերու
վրայ,
խարակներուն
բարձրադիր
մէկ
քարը,
որուն
գագաթէն
հոդ
ամրացած
ծովահէնները
գերիները
կը
գլորէին
դէպի
ծով,
անոնց
ձեռքի
կապին
մէջ
անցընելէ
ետքը
անոնց
ոտքերը,
մարմինը
այս
կերպով
կիսակլոր
ձեւի
մը
վերածելով,
որ
կը
դիւրացնէր
անոր
սահիլը
դէպի
վար,
ինչպէս
անկարելի
կ՚ընէր
փախուստը։
Ապառաժը
շատ
սեպ
կռնակով
մը
կ՚իջնէր
վար
ու
շատ
ալ
արագ,
բզիկ–բզիկ
ինք
իր
երեսին։
Ու
գլորող
մարմինը,
«մեծ
կտորը
ականջը
մնացած»,
կը
սուզէր
օր
մը
ետքը
ջուրին
յատակը,
կեր
ըլլալով
ձուկերուն
եւ
գէշի
հոտով
լողալ
սորված
աղուէսներուն։
Աւելի
յետոյ,
երբ
այդ
նաւահանգիստը
տեսակ
մը
նախնական
նաւարանի
վերածուեցաւ,
ծովային
ոստիկանութիւնը
պարտաւորուեցաւ
հաշուի
առնել
ալպանական
փորձանքը,
բայց
եղաւ
ճկուն,
պոլսական
պաշտպանութիւնը
հերքել
չկրնալուն։
Սիրաշահելու
քաղաքականութիւն
մը,
գաւառակին
վարչական
ժողովին
անդամակցութիւն
մը,
նաւակարշաւներ,
որսի
փարթի
ներ,
ընտանիքին
պատկանող
ու
պետական
մեծարժէք
անձնաւորութիւն
դարձած
պէյերու
այցելութեան
առիթները
կը
մեղմէին
անշուշտ
գերդաստանի
պետին
անմշակ
խստութիւնը։
Բայց
ցեղային
խրտչումը
միշտ
զգոյշ
պիտի
ընէր
զանոնք
թուրքին
վստահելէ։
Համիտի
օրերուն,
ագարակը
կատարեալ
ապաստան
մըն
էր,
անառիկ
ու
հովանաւորուած։
Հոն
կը
խնամուէին
զանազան
արկածներով
ծանր
վիրաւոր
ալպանացի
բախտախնդիրները,
վայելելով
անսահման
ապահովութիւն
ու,
դարմանուելէ
յետոյ,
կը
հանդերձուէին
դէպի
նոր
արկածներ։
Ձի
մը,
յուլունքէ
քսակ
մը,
որուն
տակը
հինգէն
տասը
կարմիր
կը
հանգչէր,
պակսած
պարագային՝
երկարափող
հրազէն
մը
ու
զոյգ
մը
ատրճանակ
օժիտը
կը
կազմէին
նորակարգ
պսակաւոր
ասպետին,
որ
գիշերով
կը
դրուէր
ճամբու,
ամենագէտ
առաջնորդներու
պաշտպանութեամբը,
դէպի
Պրուսայի
հեռանկեալ
դաշտերը,
իբր
հայրենիքէն
նոր
ժամանած
հօտաղ
կամ
անդապահ
ու
կը
մտնէր
ծառայելու
այս
ու
այն
գիւղին,
առաջին
անգամուան
նման
նոր
մարդ
մը
տապալելով
ու
դառնալով
կրկին
իր
թաքստոցը։
Ըսի,
թէ
ոստիկանութիւնը
արտօնուած
չէր
այդ
բերդաքաղաքը
խուզարկելու։
Նոր
աղջիկը,
որուն
գեղեցկութիւնը
առասպելական
չափերու
էր
տարուած,
հակառակ
ոչ-կայսերածին
արգանդին,
կը
պահէր
պալատին
մէջ
իր
բացառիկ
վարկը
ու
արժանի
կեցուցած
[էր]
գիրէ,
ընթերցումէ
հիմնովին
անմասն
իր
հայրը,
Սապիտին
աղան՝
կայսեր
շնորհին
։
Երջանիկ
գեղացին
պետութեան
ֆերման
ը
ոսկեզօծ
շրջանակի
էր
առած,
բայց
շքանշանը
կը
պահէր
իր
կոշտ
սեղանին
վրայ,
ամբողջութեամբ
գրաւուած՝
փամփուշտներով,
փամփշտակալներով,
ատրճանակներով
ու
վառօդալից
եղջիւրներով։
Արծաթ
կոթով
իր
ծխամորճը,
ոսկի
տուփով
իր
քթախոտը,
ու
ակնակուռ
օսմանիյէ
ն
(պատուանշան)
քովէ
քով
չէին
նեղուեր,
ինչպէս
չէր
նեղուեր
ինքը՝
տանուտէրը,
երբ
տղաքը,
ընտիր
ու
վայելչազգեստ
զինուորականներ
դարձած՝
քանի
մը
ամիս
հիւր
կը
մնային
իրենց
հօրը,
քաղաքէն
նաւակներով
գալով,
փոխանակ
ցամաքէն։
Ամէն
տարի
տակառ
մը
ընտրելագոյն
կարագ,
որուն
գոյնը
համեմատելի
էր
թագաւորին
ծոցը
հանգչող
մարմինին
մոյնքին,
կը
ճամբորդէր
Պոլիս,
կայսերական
խոհանոցը։
Ամէն
տարի
Ռամազանի
պայրամին
կայսերական
անձնական
քարտուղարութենէն
մեծ
դիւանապետ
փաշային
կնիքովը
թուղթ
մը
իրեն
կը
հաղորդէր
կայսերական
բարեւն
ու
գոհունակութիւնը։
Ու
ասիկա
բաւ
էր,
որպէսզի
կուսակալն
անգամ
ակնածանք
ունենար
չոպան
Սապիտինին
դէմ,
ինչպէս
կ՚որակէին
զայն
կառավարական
շրջանակները,
իրենց
մտերմութեանը
մէջ։
Ութէն
տասը
(ի
պահանջել
հարկին
մինչեւ
յիսունի
կը
բարձրանար
այս
թիւը)
մարդ,
բոլորն
ալ
զինուած,
բացի
մեծափող,
գարատաղ
անունով,
իրենց
աղմուկէն
հանրահռչակ
ատրճանակներէն,
յունական
կրա
մարթիններով,
աւելի
վերջը՝
գերմանական,
այսինքն՝
պետական
մաուզերներով,
հսկողութիւնը
կ՚ընէին
այդ
երանելի
որջին։
Այս
մարդիկը,
ընտրուած
ամէնէն
անագորոյն
մարդասպաններէն,
այդ
պահակութեան
պատիւը
կը
շահէին
առնուազն
երրեակ
անգամ
սպաննելէ
եւ
օձիքը
ձեռք
չտալէ
ետքը։
Այդ
շահատակութեանց
պահուն
յաղթուած
արգելքներուն
թիւն
ու
մեծութիւնը
կ՚առնուէր
լուրջ
ուշադրութեան։
Այդ
մարդիկը,
հակառակ
ցեղակից
ըլլալնուն,
չէին
ընդունուեր
միջնաբերդ։
Արքունի
հարեմին
համար
հասնելիք
աղջիկներուն
վարկը
հաստատած
էր
այդ
անհրաժեշտ,
զգուշողական
արգելքը։
Յետոյ,
մեծ
հոգեբան,
գեղացին
միշտ
վախ
ունի
սեռէն
ու
վտանգին
շրջումը
կ՚ընէ,
պատնէշներ
հաստատելով
երկու
ճակատի
վրայ։
Անոր
կիներն
ու
աղջիկները
--վասնզի
կրօնքին
հաւատարիմ
ամէն
միւսիւլման
ծառայութիւն
մատուցանելու
գոհունակութիւնը
կու
տար
իր
անձին,
մէկի
տեղ
երեք-չորս
կին
առնելով,
կ՚երջանկացնէր
էգ
մը
ու
զաւակ
կը
պարգեւէր
փատիշահին--
ամրափակ
կը
պահուէին
խարակին
ծովահայեաց
մէկ
թեւին
վրայ
գեղակերտ,
բոլոր
ճոխութիւններով
յոգնաբեռն…
վանդակի
մը
մէջ,
բայց
որ
երես
չունէր
դէպի
ցամաքը։
Աւելորդ
է
պատուհաններէն
պատմել։
Բայց
հարկ
է
ընդգրկել
ընտանիքին
աւանդութիւնը,
որ
աղջիկները
կը
մեծցնէր
իրեն
յատուկ
առողջաբանութեամբ
մը,
այնքան
արեւ
տալով
անոնց
մարմիններուն,
որքան
որ
ունէին
պէտք
դեղձերը՝
իրենց
մորթին
վրայ
թաւշային
դեղնութիւն
եւ
ձիւնի
շափիւղան
իրարու
շաղուելու։
Արիւնին
հանդէպ
իրենց
խստապահանջութիւնը
–
ոչ
մէկ
տանուտէր
հարեմին
մէջ
թուրք
կին
չընդունեց,
հայրենիքէն
մատղաշ-մատղաշ
բերել
տալով
իր
կնացուները
–
բաղդատաբար
ժուժկալ
կեանք
մը
այդ
զարմին
գեղուհիները
կ՚ընէր
հասկնալի։
Այսպէս
հանրահռչակ
գեղեցկութեամբ
«կտոր»ներու
մօտիկ
գազանակերպ
մարդոց
գոյութիւնը,
անոնց
կիրքերուն
դժուար
սանձահարումը
տուն
կու
տային
նաեւ
ուրիշ
աւանդական
կարգադրութեանց։
Այդ
պահակներուն
փութանակի
փոփոխութիւնը
–
ամէն
ճամբուող
երախտագէտ
զգացումներ
միայն
կրնար
ունենալ
տանուտէրէն,
որ
ոսկին
ու
զէնքը
առատաձեռն
կը
տրամադրէր
անոնց
–
սեռին
հանդէպ
հարկադիր
սա
պատնէշէն
զատ,
կը
հպատակէր
հոգեբանական
որոշ
հասկացողութիւն
մը
ուղեղին
մէջը
տանուտէրներուն,
որոնք
առանց
հողի
ու
տաւարի
ու
բնակարանի
հաւատարմութիւն
մը
չէին
կրնար
ըմբռնել։
Ան՝
որ
իր
սեպհական
տունը
չունի,
արժէքը
չի
գիտեր
ուրիշին
տունին։
Ոչ
մէկ
ատեն
զէնք
կրող
մը
պիտի
կապուի
իր
տիրոջը։
Ու
ամէն
զէնք
վտանգ
մըն
է
մշակին
ու
կալուածատէրին։
Տասը
հովիւ,
բոլորն
ալ
մեծղի,
միջակ
մարդասպան
կամ
հայրենիքէն
խակ
ժամանածներ,
զինուած
նոյն
կերպով,
կ՚արածէին
անոր
հօտերը,
կ՚ընէին
կաթնային
սպասարկութիւնը,
պանիրին
դէպի
քաղաք
վաճառումը,
բրդեղէնին
յանձանձումը
ու
կը
բնակէին
ճահիճին
յետկոյս
տափաստանը,
այս
պատմութեան
օրերուն
ա՛լ
գեղեցիկ
արօտ,
ուռիներով
հովանաւոր,
գեղեցիկ
ախոռներով
պիսակուած։
Հազարէ
աւելի
նախիր
մը
կը
ծաղկէր
այդ
տարածութեանը
վրայ,
մշտոռոգ
մեծ
ջուրի
մը
քով,
որ
ջերմուկ
էր
ատենին
եւ
ոչխարով
մը
անցած
թափու
ով
գերդաստանեան
սեպհականութեան,
ներկայ
տանուտէրին
հօրը
օրով։
Ը .
Այսպէս
պաշտպանուած,
գրեթէ
անառիկ
բերդի
մը
վրայ
ասպատակային
գրո՞հ
մը։
–
Ուղիղ
յիմարութիւն,
անտարակոյս։
Բայց
սնդիկ
Էտհէմը,
երկար
ուսումնասիրութենէ
մը
վերջ,
գլուխ
հանեց
իր
ձեռնարկը,
վճռական
յաջողութեամբ
մը։
Ութը
այդ
պահակներէն
ու
տասը
հովիւներէն
ոչ
իսկ
մէկ
հոգի
ազատեցաւ
անակնկալ
սպանդէն,
որ
յանդգնութեանը
հաւասար
ճարտար
ղեկավարումով
մը
պսակեց
աւազակին
ծրագիրը
ու
զայն
տարիէն
տարաւ
դէպի
հարստութիւնը։
Անոր
խումբը,
կազմուած
գռեհիկ
ու
վախկոտ
արարածներէ
--որոնք
լեռը
ելած
էին
աղտոտ
ճամբով,
այսինքն՝
մութին
մէջէն,
կռնակէն
զարնելով
եւ
փախած
էին
կնիկներու
հալածանքէն--
արդիւնք
էր
պետին
շատ
փորձ
հաշիւներուն։
Մարդ
մորթելու
գործին
առջեւ,
իր
անձին
փորձառութեամբը,
անիկա
կ՚ուրանար
քաջութիւնը,
որ
վտանգաւոր
էր
երբեմն՝
ձեռնարկներ
վիժեցնելու
աստիճան։
Կատարեալ
ասպատակին
աչքը
կուշտ
կ՚ըլլայ
արիւնէ,
այսինքն՝
չի
մորթեր
անձնատուրը,
գերին։
Այս
օրէնքով,
անոր
պէտք
եղածը
սա
ստորին
խառնակոյտն
էր,
որ
աւարին
ու
կրակին
հետ,
պիտի
չընկրկէր
սեռին
ալ
կրակէն
ու
համբաւեալ
կիներու
վայելումը
խայծ
ունենալէ
ու
զայն
իրագործելէ
ետքը,
առանց
թարթելու
պիտի
սպաննէր
զանոնք։
Անիկա,
առանց
դժուարութեան,
հաւաքեց
իր
մարդերը,
անոնց
խոստանալով
կիները
եւ
ուզածնուն
չափ
ոսկի։
Պայման՝
հագնիլ
ալպանական
նորահաս
փախստականի
տարազ։
Աւելի
կարեւոր
պայման՝
երբեք
չխօսիլ։
Այսպէս
ծպտուած,
իրիկուան
մը
դէմ
անիկա
երեւցաւ
իր
խումբին
հետ,
արօտավայրի
սահմաններուն։
Առաջնորդը՝
ի՛նք։
Քովը՝
ալպանական
նորահաս
հովիւի
տարազով
հսկայ
գող
մը,
կատարեալ
սրիկայ
մը,
երկար
տարիներ
ալպանական
նահանգներու
մէջ
զանազան
պաշտօններ
վարած
ու
ամէնէն
վերջը
հարկահան,
կողոպտելու
համար
կառավարութեան
սնտուկը։
Փախած
Պրուսա,
իր
ալպաներէնը
օգտագործելով
մեծ
յաջողութեամբ,
ու
ծանօթ՝
շրջանին
բոլոր
թաքստոցներուն։
Ծուղակը
«պսակուեցաւ»
լիալիր
յաջողութեամբ,
հակառակ՝
որջը
պահպանողներուն
շղթային
եւ
հովիւներուն
մեծատաղանդ
մարմիններուն։
Յաջողեցաւ,
վասնզի
անակնկալն
էր
յարձակման
սա
եղանակը,
որ
սկիզբ
էր
առած
ալպանական
երդումով
եւ
պէյ
Սապիտինէն
գիշերուան
մը
ապաստարան
խնդրելով։
Տանուտէրը
յիմար
չէր
անշուշտ
տասը
զինեալ
ներս
առնելու
շրջափակէն։
Անոր
աւանդական
օրէնքն
էր
երեքէն
աւելի
մարդ
չընդունիլ,
իր
բացավայրեան
շէնքերուն
մէջ։
Ու
չընդունիլ
մէկ
հատ
իսկ
զինուած։
Սնդիկ
աւազակը
խելքն
էր
ունեցեր
երեք
օր
առաջ
ալպանական
զինուած
խումբի
մը
երեւման
զրոյցը
հասցնելու
ագարակ։
Յատկապէս
ընտրուած
լեզուանի
սրիկայ
մը,
ան
ալ
Ալպանիա
եղած,
այդ
զրոյցը
պատմեր
էր
պահակներուն
եւ
պատրաստած
անոնց
սպասումը։
Այնպէս
որ՝
պահապանները
առանց
մեծ
զգուշութեան
մօտեցան
ապաստան
խնդրողներուն,
որոնք
իրենց
ուսերէն
վար
իսկ
չէին
առած
մաուզէրները։
Մերձեցման
սա
եղանակը
ապահովութեան
նոր
նշան
մըն
էր
ալպանացիներուն,
որոնք
առանց
կասկածի
բոլորեցին
ներկայացողները։
Երեք
էին
ասոնք,
միւս
մասը՝
դարանի
մտած,
աւելի
էր։
Պաղատական
սա
խօսակցութեան
ընթացքին,
ակնթարթի
մէջ
ռումելիցի
ազգապիղծ,
որդնոտ,
անաստուած
սրիկան
օգտագործած
էր
արագութեան
իր
տաղանդը
սա
պարզ
ու
վստահ
մարդասպաններուն
վրայ,
որոնք
իրենց
մաուզերները
գործածելու
մէջ
կը
դնէին
առանձին
հպարտութիւն
ու
դանակը
կարհամարհէին,
գոհանալով
իրենց
գօտիներէն
կախ
զմելիներով։
Տիրական
էր
մեթոտը,
զոր
գործածեցին
երեքը
մէկ։
Էտհէմին
բաժին
ինկած
էին
երեք
ամենահսկայ
ալպանացիներ,
որոնք
շատ
արագ
հարուածներով,
աճուկէն,
բախտորոշ
կէտին,
պառկեցան
անշունչ։
Մեծղի
այդ
մարդերը
ատեն
իսկ
չէին
ունեցած
իրենց
մաուզերները
գործածելու
ու
մեռան
գրեթէ
անաղմուկ։
Մինակ
բանակներու
մէջ
չէ,
որ
արագութիւնը
յաղթանակ
կը
բերէ։
Անիկա
նեղուեցաւ
սակայն
շուներէն,
որոնք
մեռան,
բայց
քիչ
մնաց
բզկտէին
զինքը։
Հովիւնե՞րը։
Ուրիշ
ալպանացի
մը,
խումբէն,
ծպտուած
զանոնք
այն
օրը
տարեր
էր
եայլայ
ի
։
Տանուտէ՞րը:
–
Շուներուն
աղմուկէն
հանեց
իր
գլուխը
դուրս,
բարձրկեկ
պատուհանէ
մը։
Ու
կը
դիտէր,
անկասկած,
տեսարանը,
չհասկնալով
պահակներուն
անկումը։
Վարժ
էր
սակայն
նման
պատկերներու,
քանի
մը
տարուան
մէջ
քանի՜-քանի՜
անգամներ
կը
կրկնուէին
սա
պայմանները։
Մէկ
ձեռքը
աչքին
վերեւ,
անիկա
կը
ջանար
հասկնալ
իրարանցումը,
երբ
գնդակ
մը
զինքը
ըրաւ
անհետ։
Ճակտէն
զարնուած՝
ինկեր
էր
կռնակին
վրայ։
Մութը
չէր
կոխած
բոլորովին,
երբ
Քէլ
Էտհէմին
խումբը
մտաւ
կիներու
բաժինէն
ներս։
Արձակուածը
այդ
գնդակն
էր
միայն։
Շրջակաները
խոր
խաղաղութիւն,
բացի
ձիերուն
ողբագին
խրխինջէն
ու
հաւերուն
անխելք
աղմուկէն,
որոնք
չէին
կրնար
հանգչիլ,
պառկողներուն
շուրջը
հետաքրքիր
դառնալով
եւ
երկինքը
վար
բերելով
իրենց
կա[ր]կաչով։
Ծովուն
բացէն,
առագաստանաւ
մը,
իրիկուան
հովին
տուած
ինքզինքը,
կը
սահէր
հանդարտ։
Երգ
մը
կար
այդ
թռչող
բանէն,
անուշ
ու
ողբագին
դարձեալ,
վաղածանօթ
բոլորին,
որուն
մէջ
զարնուած
հարսնուկ
մը
կը
ներէր
իր
ամուսինին
անտեղի
կասկածին՝
սեւ
աչքը
իր
կարմիր
արիւնին
մէջ
խզտելով։
Ուրիշներ
կը
քալէին
կամրջակին
վրայ
ու
սկսող
մութը,
այդ
մարդոց
գոյները
հալեցնելով՝
սեւ
սատանաներու
կը
փոխէր
զանոնք։
Ոմանք՝
չուաններով։
Մէկ-երկուքը՝
ջուրի
դոյլերը
կործելով
ծովուն
մէջ,
ուր
փրփուրը
գոց
սատափի
գիծի
մը
պէս
կը
փայլէր
ու
կը
մարէր
անմիջապէս։
Չեմ
յամենար
տեսարանին
մնացեալ
դրուագումին։
Ասպատակները,
վայրագ
ու
սարսուռէն
խենթեցած՝
բռնաբարեցին
ինչ
որ
ինկաւ
իրենց
ձեռքերուն
տակ,
երեք
կին,
–
տանուտէրին
կիները,
երկու
աղախին,
երեք
աղջիկ,
որոնց
պզտիկը
նոր
էր
մտեր
տասնին։
Այս
արարմունքը
տեղի
ունեցաւ
խուլ,
հեւասպառ
դառնութեամբ
ու
ցաւով։
Իրենց
անասնութեան
ու
անհամբերութեան
մէջ
քիչ
մնաց
սպաննէին
իրար,
անոնք՝
ով
կարգի
կը
սպասէին
ու
կը
խանգարէին
միւսները։
Տեսարանին
անկարող
հանդիսատես,
ութսունամեայ
պառաւ
մը,
բռնի
բացաւ
դուռը
գանձատունին,
վաղահամբաւ
խազնա
ն,
որուն
մուտքին
պառկեցուցին
զինք
ու
ըրին
կացինահար։
Անոր
դիակին
վրայ,
Էտհէմ
չավուշը
(այսպէս
էր
իր
անունը
խումբին
մէջ)
միւսներն
ալ
փռեց
միշտ
աճուկէն,
բախտորոշ
հարուածով։
Առասպել
եւ
իրականութիւն
զիրար
կը
գերազանցէին,
կէս
դարէ
ասդին,
այդ
հարստութեան
մասին։
Ժողովրդական
երեւակայութիւնը
ո՞ւր
է,
որ
չէ
միջամտեր
ու
հին
օճախները
չէ
կեցուցեր
ստորերկրեայ
ոսկիին
պարկերուն
վրայ։
Արծաթը
առանց
պարկի,
այդպէս
դէզ
ըրած։
Ոսկին
քիլէ-քիլէ,
քանի
մը
սուլթաններու
զինանշաններով,
պաթմանով
(2½
օխանոց
չափ
մը)
մարգրիտ։
Վեց
օխանոց
սակառ
մը
(որով
ձիթապտուղ
կը
հաւաքեն
բարձր
ծառերէն)
ադամանդ։
Ու
շարունակելը
ձեզմէ։
Մտաւ
ներս։
Արծաթ։
Ոսկի։
Գոհար։
Հին
զէնքեր։
Մատնիներ։
Օղեր։
Բաւարար
քանակութեամբ,
թիթեղներու
մէջ
զատ–զատ
դրուած։
Գետնատակի
այս
այրին
մէջ,
տասը
շունչի
բաւող
օդ
չկար,
սակայն։
Միւս
կողմէ՝
լամբերը
կը
սպառնային
մարիլ։
Նեղուած
իր
շնչառութենէն,
ելաւ
դուրս,
հրամայելով
առնել
որքան
որ
կրնային։
Ու
բուռ-բուռ
ոսկին
դիզեցին
անոնք
իրենց
ազազուն
մէջքերուն
մէջ
ու
ծոցերէն
ալ
ներս։
Անոնց
յագենալէն
յետոյ,
արգիլեց
մեռած
աղջկան
մը
[վրայ]
գործադրուելիք
անասնութիւնը։
Բերել
տուաւ
երկու
ջորի
ու
բեռցուց
անոնց
վրայ
ինչ
որ
կը
մնար
մէջտեղը։
Հապիկա
ները
դժուար
կը
փրթէին
գետինէն։
Չորս
բազուկներ
պէտք
եղան՝
զանոնք
ջորիներուն
քամակը
փոխադրելու
համար։
Գոհարեղէն
ու
քանի
մը
հին
մանեակներ
անիկա
պահած
էր
ետին։
–
Առիւծին
բաժի՜նը։
Ըսին
ու
լռեցին։
Խաղաղ
գիշերը
կը
շարունակուէր
նոյն
պայծառութեամբ։
Զով
հովը
կը
թօթուէր
մեծակառոյց
բարտիները,
որոնք
մեղմ՝
հեծկլտուքով
մը
կը
թուէին
լալ
պառկողները։
Անիկա
յիմարութիւնը
ունեցաւ
մտքէն
անցածը
գործադրելու։
Բանտերու
իմաստութիւն
էր
սպանդէն
յետոյ
կրակը։
Գտաւ
քարիւղին
թիթեղը
եւ
շաղեց
անոր
պարունակութիւնը
դիակներուն
վրայ։
Բայց
արգիլուեցաւ
լուցկի
զարնելէ։
Մէկը
շեշտեր
էր
լոյսին
վնասակար
ընկեր
մը
ըլլալը։
Մնաց
որ,
շէնքերը
շատ
էին
ու
բանտին
պատգամը
անճիշդ։
Պալատ
մը
միակտուր
մարխի
պէս
կը
բռնկի։
Հոս,
անիկա
մտիկ
ըրաւ
այդ
յիմարին
իմաստութեանը։
Ջորիները
քալեցին
ագարակին
սահմաններէն
դուրս։
Հոն
հապիկաները
փոխադրուեցան
ձիերուն
վրայ։
Ու
խումբը
դուրս
ելաւ
թերակղզիէն,
ցրուելու
համար
իր
ուզած
ուղղութեամբը։
Լոյսը
ոչ
մէկ
կենդանի
շունչ
պիտի
գտնէր
հնօրեայ
փարթամ
օճախէն։
«Հունտէն
կտրուած»
էր
ալպանացի
գերդաստանը։
Թ.
Իշխանի
մը
պէս
մեծահամբաւ
այս
աղային
իր
ընտանիքով
հետախաղաղ
կորուստը
անշո՛ւշտ
որ
զբաղեցուց
լրջօրէն
նաւահանգիստին
գայմագամը,
քանի
որ
պալատէն
մասնաւոր
հեռագիր
մը
կը
հրահանգէր
ամէն
գնով
երեւան
հանել
հեղինակները
սա
«անլուր
եղեռնագործութեան»։
Այդ
հեռագիրը
մոռցած
էր
5–6
տարի
առաջ
ուրիշ
հրահանգները,
որոնք
խմբագրուած
էին
անուշիկ
բառերով
ու
արեան
մէջ
թաթխեցին
ոչ
թէ
այսպէս
խեղճ
ու
պատառ
ագարակ
մը,
այլ
շէն
ու
մեծ
քաղաքներ։
Հայկական
ջարդերը
հրահանգուած
էին
անմեղ
բառերով։
Էտհէմ
չավուշին
խումբը,
զէնքերը
ծով
թափելէ
վերջ,
լուծուեցաւ
ինքնաբերաբար։
Ոսկիներու
գործածութեան
անտեղի
է
հետեւիլ։
Անոնցմէ
ոմանք
երեւցան
Պրուսա։
Ուրիշներ
անցան
Պոլիս։
Որ
մէկը
շունչը
առաւ
Իզմիր,
հալեցնելու
համար
ոճիրին
գինը
հաճոյքի
ու
շուայտութեան
սեղաններու
մէջ։
Պատահական
սա
սպանդները,
ցոփակեաց
ու
գինով
դատարկապորտներու
համար
քիչիկ
մը
տաք
ու
արիւնոտ
հանդէսներ
էին,
վտանգէ
թեթեւ,
վասնզի՝
ապահով։
Բացառութիւն
էր
անշուշտ
ալպանացիներուն
վրայ
սա
ձեռնարկը։
Հրոսապետը
իր
համբաւին
ամբողջ
կշիռին
պէտք
էր
ունեցած,
համոզելու
համար
սեռով
դիւահար
սա
անասունները,
անոնց
պատմելով,
հոյակապ
պատկերացմամբ,
գեղեցկութիւնը
հասուն
աղջիկին,
որ
հանդերձուած
էր
ճամբայ
հանուելու
փատիշահին
անկողնին։
Սեռին
սլաքը
ամենազօր
է,
բայց
մա՛նաւանդ
անտուն
ու
անխարիսխ
սրիկաներուն
ողնուղեղն
ի
վար։
Իր
փոյթին
եւ
անձուկին
մէջ,
կառավարութիւնը
ժամանակ
շահելու
իր
քաղաքականութեամբ,
գիտակցօրէն
ձերբակալեց
անմեղ
անտառապահներ,
երեք-չորս
ժամ
հեռու
յոյն
գիւղակներէ,
որոնք
ծովախորշը
եզերող
բարձունքներու
վրայ
ծուարած՝
ենթակայ
էին
ալպանացիներուն
բռնութեանց։
Ծովու
վրայ
շրջող
բոլոր
նաւերն
ու
նաւակները
ենթարկուեցան
խիստ
խուզարկութեան։
Բայց
ծեծուեցան
չարաչար
քրիստոնեայ
ջրկիրներ,
որոնք
անողորմ
այդ
տանջանքին
տակ
ստորագրեցին
փառաւոր
տեղեկագիրներ,
իրենց
յանցապարտութիւնը
հաստատող։
Խեղճ
ու
կրակ,
իրենց
բոլոր
իշուկներէն
աւելի
թշուառ
այդ
գիւղացիները
կը
խոստովանէին
գործադրած
ըլլալ
խողխողումը
ի
հաշիւ
այս
ու
այն
պէյին,
որուն
անունն
ալ
հնարուած
էր
միակտուր։
Այս
տեղեկագիրները
անշուշտ
չղրկուեցան
Պրուսա,
բայց
պատճառ
եղան
ուրիշներու
խմբագրումին,
որոնցմով
արդարութիւնը
հետքեր
գտած
ըլլալու
յոյսը
կը
հաղորդէր
պատկանեալ
դիւաններուն։
Ու
սնդիկ
աւազակապետը
կ՚օգնէր
ոստիկանութեան,
իր
մասնաւոր
քերծեներովը
բոլոր
կասկածելիները
մատնանիշ
ընելով,
իր
ընկերները
բոլորն
ալ
հեռացնելէ
ետք։
Յետոյ,
լուծելու
համար
առեղծուածը,
ոստիկաններուն
իմաստութիւնը,
հեքիաթը
եւ
այդ
օրերուն
գործադրուած
ուրիշ
սպանութիւն
մը
բերին
բաւարար
նպաստ։
Խելօք-
Դաւիթ
մը
Սապիտին
աղային
պատահարը
կարծեց
բացատրած
ըլլալ,
հնարելով
միջգերդաստանեան
շատ
ծանօթ
ատելութիւն
ու
վրէժ,
ով
գիտէ
Ալպանիոյ
ո՛ր
լեռներէն
իր
երդումը
հատուցանող
ոճրապարտ
խմբակի
մը
ուսերուն
նետելով
այսքան
քստմնելի
սպանութեան
մը
հեղինակի
իրաւունքը :
Ոեւէ
թուրք
չէ՜ր
կրնար
անգթութիւնը
տարածել
դէպի
տրուած
սահմանները։
Այս
բարոյական
վսեմ
պատգամէն
զատ,
մէջտեղն
էին
ալպանացիներուն
բարքերը,
որոնք
ընտանեկան
մեծ
բախումներ
կը
յաւերժացնէին։
Ինկողին
վրէժը
բաց
գիրք
մը
էր,
զոր
պարտաւոր
էին
փակել
ողջերը։
Ու
գժտութիւնները
հարթելու
սա
եղանակը
փոխադարձ
փողոտումն
էր
ո՛ւր
որ
տեղի
ունենար
հանդիպումը։
Անշուշտ
կիները
կը
խնայուէին
Ալպանիա՝
ինչպէս
Թուրքիա։
Ու
գեղանի
օրիորդին
հեքիաթը
կը
պտտէր՝
հասկնալի
ընելու
համար
վայրագութեան
սա
աստիճանը։
Ոչ
բոլորովին
անցեալին
ապրանք
սա
խժդժութիւնները,
թարմացած
ու
հեքիաթ,
կը
պատմուէին
ծերացած
կոյրերէ,
համով,
կենդանի,
գրաւիչ
յեղումով,
որ
աշուղներուն
ասումները
կը
գունաւորէ։
Ժողովուրդը
պատճառ
չունէր
չհաւատալու։
Վասնզի
եղեռնագործութեան
երրորդ
օրը,
նաւահանգիստին
ամէնէն
մեծ
քազինո
յին
ծովադիր
պատշգամին
վրայ,
ոչխարենի
հագած
հովիւ
մը,
ի
հարկէ
ալպանացի,
օր
ցերեկով
սպաննած
էր
քազինոյին
վարձակալ
ընչեղ՝
ինչպէս
հսկայ
ալպանացին,
երկու
հեղ
հաճի,
երեք
հեղ
մարդասպան,
ոխերիմ
հակառակորդ
ծովախորշեան
գերդաստանին
ու
անուանի
բռնակալ։
Մե՞ղքը։
Հովիւը
կը
յայտարարէր
իրեն
հասցուած
զրկանքը,
որ
չուխայի
մը
շուրջ
կը
դառնար։
Իր
տէրը,
հակառակ
խոստումին,
մերժած
էր
այդ
անհրաժեշտ
ապրանքը,
եւ
մարդը
գործադրեր
էր
իրենց
երկրին
արդարութիւնը։
Մե՞ղքը։
Հեքիաթն
ու
ոստիկանութիւնը
կ՚աւելցնէին։
-
Վրիժառու
յիմարը
հաւանաբար
արիւնը
կը
գանձէր
սպաննուածներուն։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
ոչ
մէկ
փաստ
ունէր
գոյութիւն,
Սապիտին
աղային
բնաջնջումը
կապուեցաւ
դիւրաւ
նոր
եղեռնին։
Մինչեւ
որ
յատուկ
քննիչ
մը
կացութիւնը
պարզեց։
Ըստ
մեծիմաստ
տեղեկագրին,
խորունկ
քննութեանց
արդիւնք,
անհերքելի
իրականութիւն
էր
ալպանական
տարազով
հրոսախումբի
մը
երեւումը
ծովախորշի
երկու
եզրերուն
ալ։
Նոյնքան
անհերքելի
էր
անոնց
ալպանական
ծագումն
ալ,
քանի
որ
քննիչը,
Շքոտրայի
մէջ
մարդահամարի
դիւանին
աւագ
քարտուղար,
կատարելապէս
ծանօթ
էր
այդ
բարբարոսներու
բարքերուն։
Ձերբակալութի՞ւնը։
Ատ
էր
ահաւասիկ
դժուարագոյն
կէտը։
Վասնզի
այդ
թափառական
եւ
վախկոտ
ոճրագործները,
իրենց
երդումը
վճարելէն
ետքը,
կը
դառնային
իրենց
երկիրը,
անցնելով
իրենց
հօտերուն
գլուխը,
մինչ
ասդին
հէք
ժանտարմները
երկինքն
ու
գետինը
իրարու
կը
խառնէին՝
թռած
այդ
մարդերը
գտնելու
համար։
Միւս
կողմէ՝
ստոյգը
ան
էր,
որ
ալպանացիներուն
մէջ
բարքերը
կը
պահէին
միջնադարեան
իրենց
բոլոր
սաստկութիւնը։
Ու
յարաբերութեանց,
տեղէ
տեղ
փախուստին
դիւրացումը
ընդարձակած
էր
վրէժի
անունով
գործուած
ոճիրներուն
սահմանը,
Ալպանիայէն
մինչեւ
Անատոլու։
Սպաննուած
մեծ
հօր
մը
թոռը,
որ
փոքր
էր
ոճիրէն
առնուազն
կես
դարով,
ճամբայ
կ՚իյնար
Ալպանիայէն,
գանձելու
ապառիկ
մնացած
արիւնը
սպաննող
մեծ
հօրը
թոռնէն
ու
կը
գանձէր։
Քիչ-քիչ
ժամանակը
կատարեց
իր
դերը։
Պալատը
չերկրորդեց
իր
հեռագիրը։
Քանի
մը
նամակներ,
որոնք
ցանցառեցան։
Աւելի
յետոյ՝
միջամտեց
թրքական
իմաստութիւնը։
–
Օրհնուէին
ձեռքերը,
որոնք
քանդած
էին
աւազակներու
այդ
բոյնը։
Ու
խաղաղութիւնը
հաստատուեցաւ,
ագարակին
հողերուն
վաճառումովը։
Սապիտին
աղային
երկու
տղաքը,
Պոլիս
ու
Սուրիա
մեծ
պաշտօնատար,
շահեթափ
եղան
հետապնդումէն
ու
մոռնալու
համար
իրենց
կսկիծը,
սուղ–աժան
հանեցեն
ձեռքէ
անիծեալ
որջը։
Թուրք
հողատէր
մը,
Էտհէմ
չավուշին
նպաստովը,
տէր
կ՚ըլլար
ընդարձակ
կալուածին։
Ու
ոճիրը
կը
փակուէր
հետախաղաղ։
Ժ.
Այս
տրամէն
երեք
տարի
ետքը,
սնդիկ
աւազակը
տէր
էր
դղեակի
մը։
Բառին
տուէք
երկակենցաղ
նկարագիր
մը,
քանի
որ
ասիական
մեծղի
կառոյցները
բաղդատելի
չեն
արեւմտեան
այդ
հաստատութիւններուն։
Այդ
երեք
տարիներու
ընթացքին,
անիկա
ոխերիմ
ու
աննուաճ
կորովով
մէկիկ–մէկիկ
սրբագրած
էր
իր
մեղսակիցները,
վարձուած
դահիճներով
ու
հալեցուցած
վկաները
իր
մեծ
սխրագործութեան։
Տէրվիշ
մը
վեհափառ,
բայց
շինծու,
հագուած
հեռու
Արաբիայի
ամէնէն
նկարագեղ
տարազով
ու
խունկի
պէս
դեղին
--ինք
էր
խմցուցած
գունատող
հեղուկը
այդ
ծպտուած
հոճային--
նաւահանգիստի
քազինոյին
պատշգամը
ներկայացաւ
ու
հարցուց
անունը
նստողներուն։
Յետոյ,
տիրական
ու
անդիմադրելի՝
հրահանգեց
աւազակին
նետել
տասը
փարա
աւազէ
գոյացած
փոսիկի
մը
մէջ,
զոր
կը
կազմէր
իր
թաշկինակը,
օձահիւս
նկարներով։
Ու
հրապարակային
գուշակութեամբ
մը,
օտարականը
դրամին
տիրոջը
համար
բացաւ
բախտին
մեծ
դուռը։
Երեք
օրէն,
երեք
շաբաթէն,
երեք
ամիսէն
անոր
տունը
ոսկիի
գետ
պիտի
հոսէր։
Ու
անոր
փառքը
պիտի
քալէր
ութ
ձիերէ
լծուած
կառքերով։
Շատ
մօտիկ
տեւողութեամբ
մը,
վճռական
սա
աւետիսը
խանդավառեց
ներկաները։
Տէրվիշը
պայման
կը
դնէր
հրաժարիլ
օղիէն։
Ու
կ՚ուզէր
երդում։
Հասարակաց
պնդումին
վրայ
աւազակը
մօրը
գերեզմանով
յանձնառու
եղաւ
հրաժարիլ
կեավուր
ին
այդ
թունատու
կաթէն։
Փառք
Ալլահին
ու
փատիշահին։
Անիկա
պիտի
կանոնաւորէր
իր
կեանքը,
նոյնիսկ
տէրվիշին
խոստացուած
ոսկիին
գետերուն
ցամքած
ատենն
ալ։
Ոճիրը
մարսելու
սա
ձեւականութիւնը
անիկա
պարտական
էր
նախնական
իր
ուղեղին,
որ
կը
ձգտէր
խաղաղութեան,
բայց
հեռու
էր
անկէ։
Օղիի
խրախճանքներուն,
երբ
մշուշը
կը
բռնէր
անոր
ուղեղին
պատերը,
անիկա
կ՚այցուէր
մատաղ
աղջկան
աղերսարկու
նայուածքէն,
որով
անիկա
կեանք
կը
պաղատէր,
պատիւը
տալէն
ետքը։
Գաւաթին
մէջ
պղպջուն,
կաթնորակ
հեղուկը
կը
մեծնար,
ըլլալու
համար
այդ
աղջիկը։
Ու
անոր
հետ,
տեսարանին
միւս
պատկերները,
ա՛յնքան՝
որ
զառանցանքէն
սարսափած,
սեղանները
գլորելով
ու
մարդերը
հալածելով՝
շունչը
կ՚առնէր
ամայի
ձիթաuտանները,
ու
կը
պառկէր
բացօթեայ։
Օղիին
սա
հզօր
ազդեցութիւնը,
իր
ոճիրին
ահով
իրեն
դարձը
չէզոքացնելու
համար
հնարուած
տէրվիշը
ձրի
խաղ
մը
չէր
սակայն։
Սկսաւ
այդ
կանոնաւոր
կենցաղը։
Փոքր
զբաղումներով,
կենդանիի,
կառքի
առուծախով։
Իր
ընդունակութիւնը,
առաջին
իսկ
փորձերուն,
դարձաւ
ուշագրաւ,
վասնզի
բանտերու
մէջ
հասունցած
անոր
լեզուն,
մարդերուն
հոգին
դիւրաւ
թափանցող
անոր
նայուածքը
իրարու
կ՚օգնէին,
իր
ապրանքները
փառաբանելու,
արժեւորելու
աշխատանքին
մէջ։
Հարստութիւնը
մեր
բառերուն
կու
տայ
անփոխարինելի
հեղինակութիւն։
Անիկա,
իր
թաղած
ոսկիներուն
կռթնած՝
չէր
վախնար
վնասէն,
ինչպէս
չէր
նուաճուեր
շահէն։
Յետոյ
քալեց
քայլ
մը
աւելի
առաջ։
Վարձեց,
երեք
տարիով,
նաւահանգիստին
մեծ
խանը,
նուազեցնելով
սենեակներու
վարձերը
ու
դիւրացնելով
գիւղացիներուն
շարժումները։
Ընկերոջ
մը
հետ,
որ
հաշիւէ,
գիրէ
կը
հասկնար,
անիկա
վրան
առաւ
խճուղիի
մը
շինութիւնը։
Ուրիշ
կալուածատէրի
մը
երաշխաւորութիւնը
ձեռք
ձգեց,
անոր
աղջիկը
առնելու
խոստումով,
գաւառակին
ցորենին
տասանորդը
կապալ
առնելով
Հանրային
Պարտքի
Վարչութենէն,
որ
եօթը
տուրքերը
կը
կառավարէր։
Քանի
մը
տարի,
այս
գնացքով։
Ու
ահա
աւելի
մեծ
հարուածները։
Կառավարական
հայթայթումներու
այլապէս
մութ
ու
շահաբեր
գործերը,
որոնք
մարդերը
քիչ
ժամանակի
մէջ
կ՚ընեն
մեծահարուստ։
Հետզհետէ
լայնցող
սա
ձեռնարկները
իրենց
տենդին
մէջ,
զայն
հեռացուցին
իր
մօտիկ
անցեալին
մեծ
մեղքերէն։
Մինչեւ
իր
դիրքին
հաստատումը,
անիկա
մոռցաւ
օղին
ալ,
հեշտանքն
ալ,
ոճիրն
ալ։
Ու
յաջող
էին
անոր
բոլոր
գործերը,
վասնզի
վախը
չունէր
կորուստին։
Կը
գնէր
մեծ
յանդգնութեամբ։
Կը
նետուէր
ամէն
գործի,
նոյնիսկ
ամէնէն
անապահովներուն
եւ
չէր
խաբուեր։
Ու
անիկա
ճարտարութեամբ
պահպանեց
հողածածուկ
թակոյկները
ալպանական
ոսկիին։
Անգամ
մը
գործի
մէջ
բացուելէ
յետոյ,
այդ
ոսկիներն
ալ
զետեղուեցան
շահադիտական
ձեռնարկներու
մէջ։
Ոսկիին
գետը
կը
հոսէր։
Ու
ամէնքը
կը
սպասէին
իրենց
ալ
տէրվիշին։
Վաճառական
էր
ու
հարուստ։
Առաջին
ինքնատիպ
գործը,
–
կառուցումը
իր
դղեակին։
Ինք՝
ճարտարապետը,
հայթայթիչը,
յատակագիծներ
պատրաստողը,
ստուերի
մէջ
ձգելու
չափ
նաւահանգիստին
պետական
երկրաչափը։
Ինք
ճարտարապետը
մա՛նաւանդ
անոր
ստորնայարկին,
որ
մեծ,
շատ
մեծ
ապառաժ
մըն
էր,
տափարակ
կռնակով,
հաւանաբար
ծովէն
մաշուած
երկար
դարաշրջաններով։
Զայն
ձողտած
էր,
կանոնաւոր,
երկրաչափական
ձեւերու,
իրարու
անցնող
ծակերով
ագուցիկ։
Յատակագիծը
կը
հանէր
իր
յիշատակներէն։
Բիւթանական,
բիւզանդական
քաղաքակրթութեան
բեկորները
անհաշուելի
են
այդ
ծովախորշին
ափերուն,
ու
աւելի
ներս,
ցամաքին
հեռաւոր
կէտերը
մինչեւ,
դէպի
արեւելք,
երբ
Նիկիոյ
լիճին
հոյակապ
եզերքները
յղփացած
էին
մեծ
քաղաքի
մը
արուարձաններով։
Սնդիկ
աւազակը,
խորհրդաւոր
ու
նանրապաշտ,
խորունկ
հեշտանքը
ունէր
այդ
աւերակ
փառքերուն,
նստելով՝
մինակ
չորս-պատ
մեհեանի
մը
աւերակներուն,
ընդհանրապէս
հետը
ունենալով
կին
մը
կամ
աղջիկ
մը։
Ու
անոր
ուրիշ
հաճոյքը՝
այդ
աւերակներուն
յատակը
կազմող
կիսափուլ
սրահներուն,
ուր
կ՚իջնէր
վախով,
բայց
ընդքարշուած։
Անիկա
այդ
կարգի
գետնափոր
ապարանքի
մը
աւեր
սրահներուն
մէջ
ապրեր
էր
երեք
ցերեկ
ու
երեք
գիշեր,
քաղաքէն
բերուած
հանրակիներու
հետ,
ով
գիտէ
ի՜նչ
խենթութեան
ասեղէն,
այդ
բորբոսին
ու
կծու
խոնաւութեան
մէջ
փոխադրելով
շուայտ
հարկինքը։
Նիկիոյ
հին
աւերակներուն
կը
պատկանէր
այդ
ստորերկրեայ
կիսակործան
ապարանքը։
Մեծ
կրակներով
անիկա
ստեղծեր
էր
միօրինակ
ջերմութիւն
ու
ապրեցուցեր
կիները
անասելի
ցոփութեանց
մէջ,
անգիտակցօրէն
անսալով
իր
պապերուն
ձայներուն,
որոնք
կիներուն
ո՛չ
միայն
մարմինները,
այլեւ
արիւնը
կը
պարպէին
այսպէս
ժայռահան
աւազաններու
մէջ
ու
լոգանք
կ՚ընէին…։
Աւազակին
մտքին
մէջ
այդ
շուայտանքին
կծու
յիշատակներէն
աւելի՝
կը
մնային
փորձուած
ուրիշ
բաներ,
յատակին
պատկերը
մեծկակ
սրահ,
զոր
կը
պահէին
ժայռէն
ձեւուած
հաստ
սիւներ,
եղկ
ու
սատափ
փայլով
մը
ջնարակուած,
տեղ-տեղ
կանանչ
բաներէ
կէտկիտուած։
Ու
սրահը
կը
խորանար,
ծնունդ
տալով
սենեակներու,
միջանցիկ
ու
համաչափ,
միշտ
ժայռին
փորուած
բազմոցներով,
աթոռներով։
Անոնցմէ
ոմանք
իրենց
կեդրոնին
ունէին
բացուածքներ,
ուրկէ
չուանը
յատակ
չէր
գտներ։
Ատենին
անոնք
ծածկուած
ըլլալու
էին
յատակին
հետ
շաղհիւսուած
կափարիչներով,
որոնք
փոխարինուած
էին
ջաղացքի
ութանիստ
քարերով։
Աշխարհ
մը
ողբերգութիւն,
անշուշտ,
պատմուած՝
սա
լուռ
բերաններէն,
զորս
անոր
ասիացիի
ուղեղը
կը
հասկնար
տարօրինակ
դիւրութեամբ։
Աւերակներու
առջեւ
թուրքը
ուրիշ
կերպ
չմտածեց։
Անոր
հետաքրքրութիւնը
այդ
փորուածքներէն
դէպի
վար,
ոսկիին
ու
արծաթին
ետեւէն,
որոնք
կ՛այցելեն
ամէն
անդնդասոյզ
երեւակայութեան։
Լոյսերը
կը
մարէին՝
երեք-չորս
գրկաչափ
հազիւ
իջնալէ
ետքը։
Անիկա
չէր
կրնար
մոռնալ
պաղատագին
լացը
գեղանի
աղջկան
մը,
զոր
մէջքէն
կապով
կախեր
էր
անդունդէ
մը
ու
տեղի
տալով
անոր
ընկերուհիներուն
աղաչանքին՝
հաներ
վեր…։
Ու
սրահին
ու
սենեակներուն
ողորկ,
բայց
կճող
պայծառութիւնը,
լամբին
ասեղներուն
տակ
պորփիւրին
բիւրեղներէն
ցրուող
խտղտումը
անոր
հոգիին
վրայ
ոստոստուն
սարսուռ
մը
կը
բռնէին
ամէն
անգամ,
որ
խորհէր
աւերակին։
Այդ
տեսարանը
անոր
մէջ
պիտի
վառէր,
արծարծէր
տիրական
երազը,
որ
ամէն
թուրքի
հոգեյատակը
կը
կազմէ,
–
նմանիլ
կեսարներուն,
որոնց
ձեռակերտներն
էին
սա
ապարանքները։
Ասպատակը
արգիլուած
կեսար
մըն
է
արդէն։
Շատ
բաներու
ունկնդիր
Ալլահը
զինքը
պիտի
հասցնէր
իր
այդ
երազին
ալ,
անշուշտ
վարձատրելով
իր
անմահ
սխրագործութիւնները։
Իր
դղեակը
ունէր
նաւարան,
դէպի
ծովը
երկարող
երկու
պատերու
բացուածքին
մէջ
ամփոփուած։
Երկաթահիւս
ցանկ
մը
կը
փակէր
անոր
մուտքը։
Ցանկին
նիզակները
աներեւոյթ
հսկայ
ծաղիկի
մը
առէջներուն
նման
փշաքաղ
ընող
բան
մը
կը
բանէին
ջուրին
երեսէն
բաւական
վեր
ու
կը
պահպանէին
սարսափը
մեծակառոյց
ապարանքին՝
ջուրերուն
խաղաղ
պատմուճանէն
ալ
անդին։
Ու
անոր
դղեակը,
գրեթէ
փորուած
ծովահայեաց
իր
երեսէն,
կը
գրաւէր
մեծ,
շատ
մեծ
ժայռակոյտի
մը
կէսը,
մասամբ
յիշեցնելով
Սապիտին
աղային
շէնքերը,
կտոր-կտոր,
քովնտի
աւազները
առնելով
իր
փէշերուն
եւ
պատշգամելով
գեղակերտ
մարմարներով
երկար
ափունքը
դէպի
աջ
ու
դէպի
ձախ։
Ո՞ր
հաշիւներով
անիկա
ընտրեր
էր
քաղաքին
հանդիպակաց,
բայց
անկէ
կէս
ժամով
հեռու
այս
որջը,
զոր
իր
նոր
վիճակին
բերելու
համար,
ժողովուրդին
կարծիքը
թագաւորի
ուժ
կը
պահանջէր։
Իրաւ
է,
թէ
անոր
տէրը
հիմա
տէր
էր
տասնէ
աւելի
նաւերու,
որոնք
կը
տանէին՝
Պոլիս՝
փոխադրելով
ցորեն,
գարի,
խաղող,
ձիթապտուղ
եւ
շագանակ։
Ու
տէր
էր
կարաւաններու,
հարիւրաւոր
ուղտերէ
գոյաւոր,
որոնք
Պրուսայէն,
Պիլէճիկէն,
Իզմիտէն
մինչեւ
Գոնիա
ճամբայ
ունէին,
կրելով
ամէն
ինչ,
որ
իբր
բեռ
կրնար
վերցուիլ
սապատագեղ
կենդանիին
քամակին։
Վաճառքներով
բեռնաւոր
այդ
կարաւանը
խորունկ
ու
խռովիչ
հանդէս
մը
կը
կազմէր
քաղաքներու
մուտքին,
իրենց
մէկ
կանգուն
հասակով
զանգակներով,
որոնք
կ՚օրուէին
անասուններուն
երջանիկ
վիզերէն,
մինչ
անոնց
թամբերու
եզրազարդերուն
մանր
բոժոժներ,
հարիւրներով,
իրենց
փոքր
հեծկլտուքը
կը
խառնէին
հսկայական
տափին,
ստեղծելով
ջիղերը
ոտք
հանող,
տխրասարսուռ
վերյիշումներ
ամէն
ճամբորդի
հոգիէն
ներս,
երբ
անոնց
լայն
ոտքերուն
փոշին
դեղնորակ
մշուշի
մը
պէս
կը
լողար
անոնց
մարմինին
բացուածքներէն...
։
Ու
ամէն
կարեւոր
գազայ
ի
մէջ,
անոր
խաները,
հպարտ
իրենց
ուղտերով,
շահաւէտ
գործի,
կը
դիզէին
վաճառքները
կամ
կը
ճամբէին
հակերը,
հետզհետէ
աճեցնելով
անոր
ժողովրդականութիւնը,
զոր
կը
խնամէր
բաց
իր
ձեռքը,
անպատճառ
բարիքով
մը
մշտաւորելով
իր
յիշատակը,
աղբիւրի,
ջաղացքի,
ճամբու
ջրհորի
կառուցումներով։
Ու
կը
գնէր
հողերը,
տեղին
համեմատ
դրամ,
վախ,
սպառնալիք
կամ
ոճիր
վճարելով։
Ու
կը
քալէր
առաջ,
իր
պապերուն
ախորժակովը,
դղեակն
ի
վեր,
դէպի
բլուրները,
ուր
կ՚աճէին
շրջանին
ամէնէն
գեղանի
ձիթենիները,
առհասարակ
յունապատկան։
Պապա
Եորկոները
(անիկա
յոյները
կ՚արհամարհէր,
բոլորն
ալ
զետեղելով
այդ
նախատալից
յորջորջումին
ներքեւ)
պարտաւորուեցան,
անոր
ուզած
գիներով,
լքել
իրենց
կալուածքները,
ի
հեճուկս
նաւահանգիստի
եպիսկոպոսին
պաշտօնական
բողոքին
ու
հելլէն
հիւպատոսին
(Պրուսա)
անպաշտօն
դիտողութիւններուն։
Բոլոր
ստացումները
կատարուած
էին
«օրինական
ճանապարհաւ»,
վաճառման
ու
գնման
արձանագրութիւններով
եւ
վկաներով։
Ճիշդ
ինչպէս
պիտի
ընէին
աւելի
ետքը
մարդերը
մեռցնելէ
վերջը
անոնց
բնական
մահը
հաստատող
բժշկական,
քահանայական,
կառավարական
տեղեկագրերով։
Ով
որ
կ՚ընդդիմանար,
կը
զղջար
չարաչար,
վասնզի
կ՚ենթարկուէր
հալածանքի,
չկրնալով
երեւալ
իր
ձիթաստանին
մէջ,
սարսափովը
գազանին,
որ
իբր
թէ
որս
հետապնդող,
կ՚արձակէր
գնդակները
ամէն
ուղղութեամբ,
լեղապատառ
փախցնելով
պապա
բոլոր
Եորկոները։
Ամէն
աւազակ
մասնագէտն
է
իր
արհեստին։
Ու
էջեր
չեն
բաւեր՝
սպառելու
համար
նախատարերքը
այդ
գիտութեան։
Քանի
մը
տարուան
մէջ
անիկա
հարուստներուն
հարուստը
եղած
էր
արդէն։
Սապիտին
աղային
ոսկիները
արդար
ձեռքերու
մէջ
տուած
էին
իրենց
բերքը։
Շատ
մը
գեղերու
մէջ
նոյն
ատեն
անոր
մարդերը
կը
գնէին
իր
անունով
ու
կ՚ըլլային
իրենց
կարգին
իւղոտ
աղաներ։
--
Վաշխառո՞ւ։
Չեղաւ,
վասնզի
չէր
ախորժեր
փոխ
դրամ
տալէն։
Բայց
անոր
յատկանիշն
էր
չխաբուիլ
ոչ
ոքէ։
Խարդախ,
բայց
վիճակին
խուլ
հաճոյքին
համար,
անիկա
կ՚ախորժէր
իր
մարդերը
տապալելէ,
անոնց
վստահելէ
ետքը
մեծ
գումարներ,
մոռնալով
անոնց
հաշիւները
եւ
օրին
մէկը
կանչելով
սեղան
ու
կոխելով
անոնց
պուկին՝
«փսխել
տալու»
համար
կլլուա՜ծ
ապրանքը՝
ոսկին։
Միակ
իր
ագահութիւնը՝
հողին
հանդէպ
անկշտում
ըլլալն
էր
անոր։
Մարդիկ
անոր
այդ
զգացումը
պիտի
զետեղէին
սեռին
հանդէպ
անոր
միւս
անօթութեան
քով։
ԺԱ.
Դղեակին
լրիւ
ամբարձումէն,
նաւահանգիստին
մէջ
անոր
համբաւին
ամրակուռ
ու
մաքուր
հաստատումէն
քանի
մը
տարիներ
ետքը,
շատ
բաներ
կը
պատմուէին
շէնքին
ստորայարկերուն՝
ինչպէս
տիրոջը
ախորժակներուն
մասին։
Իրողութիւն
էր,
որ
այդ
գետնատարած
սենեակները
կը
յանգէին
իրարու
մէջէն
դէպի
ծով։
Անշուշտ
նիկիական
ապարանքը
ծաղրանկարուած
էր
հոս։
Ու
անշուշտ
մարդիկ
յստակ
չէին
տեսներ
անդունդը
սնդիկ
աւազակին
կիրքերուն։
Բայց
աշխարհի
կարգերէն
է,
որ
ամէնէն
շատ
լրջութեամբ
ու
ապահովութեամբ
խօսինք
բաներու
վրայ,
որոնք
ամէնէն
քիչ
կը
ճանչնանք։
Այդ
պատմումները
կապ
ունէին
ընդերկրեայ
այդ
դարաններուն
մէջ
շղթայուած
գերիներու,
շինուած՝
հեքիաթին
մատիտովը
իբրեւ
ամէնէն
գեղանի
կիները,
ով
գիտէ
ո՛ր
ապարանքներէն
թռցուած
ու
բերուած
հոդ,
սպասելու
համար
իրենց
ճակատագրին։
Իրա՞ւ։
Սո՞ւտ։
Իրողութիւն
էր,
որ
ծովը
ապարանքին
ներքեւէն
կը
թափանցէր
բաւական
ներս,
տեղ-տեղ
փորուածքներէ
դուրս
ժայթքելով,
երբ
վարերը
ալիքներ
տրորէին
անոր
մարմինը։
Իրողութիւն
էր,
որ
աս
ու
ան
ձեւերով
հոդ
թխմուած
պատանիներն
ու
պատանուհիները,
իրենց
ներքեւ
կը
զգային
ջուրին
խուլ
հեծքն
ու
ծփանքը,
մեծ
անոր
զարկը,
որ
չի
փշրուիր,
այլ
ամանին
եզրերէն
կը
բարձրանայ։
Ու
հակառակ
ճրագին,
որով
կ՚անցնէր
ցերեկը,
ինչպէս
գիշերը,
իրենց
բանտերուն
մէջ
այդ
թշուառները
կրանիթին
կայծերէն
զատ
ոչինչ
կը
տեսնէին։
Բանտարկեալնե՞ր։
Ինչո՞ւ։
Ինչպէ՞ս։
–
Կիմանաք
շուտով։
Ու
ժպիտը,
որ
կ՚ուրուագծուի
ձեր
շրթներուն,
երբ
արդիական
պատմումի
մը
մէջ
այսպէս
դիւրութեամբ
միջին
դար
մը
կը
մատուցուի
ձեր
ուշադրութեան։
Միջին
դա՜ր։
Ու,
աւա՜ղ,
ճիշդ
է
անիկա
կատարելապէս։
Անցա՞ծ
է
ան
արդեօք,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
վերջացա՞ծ,
անհետ
կորա՞ծ
երբեք
թուրքերով
բնակուած
հողամասերէն,
հակառակ
այսօրուան
զուիցերիական
օրինագիրքին
եւ
լատին
այբուբենին։
Դրէք
հարցումը
ու
մի
փութաք
պատասխանել։
Դրէք
հարցումը,
շէնքերէն
առաջ
մարդոց
հոգիներուն
ու
ձեր
խղճին
համեմատ
շինեցէք
ապարանքները։
Թերեւս
աւելորդ
չըլլայ
թեթեւ
ակնարկով
մը
մօտենալ
այդ
դղեակին
մօտիկ
անցեալին։
Դար
մը
առաջ
նոր
ապարանքին
ամբարձումէն,
նոյն
տեղը
նշանաւոր
էր
դարձեալ
ուրիշ
շեղումով
մը,
որուն
գլխաւոր
դրուագները
տակաւին
չէին
ջնջուած
բոլորովին։
Շէ՞նք։
--
Անշուշտ։
Բայց
կործանած՝
նիւթական
մասէն։
Մինչ
կանգուն
էր
յիշատակը
հոն
իշխողին։
Հեքիաթը
զայն
կը
ներկայացնէր
ահաւոր
ենիչէրի
մը,
հասակէն՝
ինչպէս
մեղքերէն։
Ու
անոր
կու
տար
այդ
շրջանին
աղտոտ
գիւղակ
մը
չեղող
նաւահանգիստին
տիրակալութիւնը։
Սուլթանները,
իրենց
բանակներուն
մէջ
ծառայող
տարեց,
բայց
պետական
պաշտօնէութեան
անատակ
վեթերանները
կը
հեռացնէին
մայրաքաղաքէն,
այս
կարգի
գիւղեր
անոնց
աւար
բաշխելով։
Աւարառուն
կը
գանձէր
իր
տուրքը,
ու
կ՚իշխէր
սուլթանի
մը
նման։
Հոս
ղրկուածը,
խորունկ
մոլեռանդ,
չուզելով
շփուիլ
այդ
կեավուր
ներուն
(յոյներու
ազատագրական
շարժումները
դեռ
չէին
իրականացած,
բայց
մթնոլորտը
յղփացած
էր
անոնց
ստեղծած
ատելութեամբ),
զարկած
էր
իր
վրանը
սա
ապառաժի
գագաթին
ու
զարկած՝
ինչպէս
սովոր
էին
ընել
ենիչէրիները
պարտուած
երկիրներու
մէջ։
Հեքիաթը
զայն
կ՚ապրեցնէր
այդ
ամայութեան
մէջ,
անոր
ախորժակները
սրելով
անլուր
գազանութեամբ։
Ըստ
յեղումին,
անիկա
քրիստոնեաներէն
բռնահաւաք
մանչերու
տարիքը
կ՚աճեցնէր
սահմանէն
անդին,
իր
հաճոյքներուն
համար,
յետոյ
ղրկելով
զանոնք
կայսերական
նաւարանները,
ուր
կը
յատկացուէին
ամենանուաստ
աշխատանքներու,
խեղդամահ
մեռնելով
աղտէն
ու
ոջիլէն։
Ասումի
ուրիշ
երանգ
մը
այդ
բռնակալը
կ՚ընէր
աւելի
անխիղճ,
խեղճ
այդ
տղաքը
ապառաժին
գագաթէն
գլորելով
ծով,
զանոնք
ժայռերուն
ժանիքներուն
գլել
տալէ
վերջ,
ձուկերն
ալ
մտածելու
ողորմած
հեգնութեամբ
մը։
Ըստ
այդ
երանգին,
աղջիկները
ցիցի
հանելէ
ետքը,
վրանին
շրջագիծովը,
փոքր
դանակ
մը
ձեռքը
կը
մօտենար
անոնց
կապ
ոտքերուն
ու
կը
քակէր
չուանները
ով
գիտէ
ի՛նչ
խոր
հեշտանք
հետապնդելով։
Անոր
բառերը
անուշիկ
էին
այդ
կիսամեռ
արարածներու
երեսին
ու
տարփալից։
Անշուշտ
դժուար
է
ընդունիլ
սա
պայմաններուն
իրականութիւնը,
հիմա՝
երբ
այդ
մարդոց
թոռները
ֆրանսերէն
կամ
գերմաներէն
կը
խօսին,
թատրոն
կ՚երթան,
պարահանդէս
կու
տան
դեսպաններու
եւ
սակայն
դառնութեամբ
գրիչ
ալ
կառնեն,
ստորագրելու
համար
կախաղաններ
կամ
հրահանգելու
համար
բազմահազար
ողջակէզներ։
Ու
արդար
է
ճշդել
մարդոց
ախորժակները,
իրենց
ակերէն
իսկ,
անոնց
զարգացումը
ընդգրկել
կարենալու
համար։
Այն
իշխանաւորները,
որոնք
Եւրոպան
ճանչցան
ու
քաղաքակիրթ
ազգերու
ուսումները
տարիներով
սերտեցին,
ի՞նչ
դիւրութեամբ
ազատուեցան
այդ
ամէնուն
պատգամներէն
ու
դարձան
իրենց
հայրերուն
իմաստութեամբ,
բնաջինջ
ընելով,
առանց
խղճահարումի,
ժողովուրդներ,
ամէնէն
անագորոյն
պայմաններու
մէջ։
Ու
ասիկա
տասնհինգ
տարի
առաջ
այս
տողերուն
գրուելէն։
Հարիւր
տարի
առաջ,
ենիչէրիին
վերագրուած
ոճիրները
հասկնալի
են
այսօր։
Ա՛ն՝
որ
քառասուն
տարի
(ենիչէրին
գործօն
ծառայութեան
մէջ
էր
երբեմն
մինչեւ
յիսունհինգը)
մորթելու
մարզանքն
է
ըրած,
մատաղ
հասակին
իր
սուրը
փորձելով
այծերու
գլխուն,
աւելի
յետոյ՝
կեավուր
ին,
դժուար
պիտի
ազատէր
անոր
մորթելուն
ձգողութենէն։
Բաներ
կան,
որոնք
չեն
մոռցուիր։
Սեռն
ու
արիւնը
անոնցմէ
են։
Պետութիւնը,
ԺԹ
դարուն,
երբ
արմատախիլ
ըրաւ
ենիչէրիներուն
կազմակերպութիւնը,
Պոլսոյ
մէջ,
քարաժայռէն
գահավէժ
էր
ըրած
հրէշը
նաւահանգիստին
մէջ։
Թուրքերը
քաղաքային
կռիւը
կ՚ընեն,
կ՚ընէին
տարադէպ
խստութեամբ
մը։
Վասնզի
ան
ալ
ուրիշ
բան
չէ,
եթէ
ոչ
արիւն
թափել։
Սպաննուած
էր
հրէշը,
բայց
կը
մնար
անոր
հոգին։
Աւանդութիւնը
կ՚ըսէ,
թէ
կէս
դար
ամբողջ
ապառաժը
պահեց
իր
սարսափը,
իբր
անցեալի
որմնանկար
մը։
Ու,
ո՜վ
հեգնութիւն,
Սուլթան
Ազիզի
օրով
ուրուագրուած
նաւարան
մը,
քիչ
մը
բացօք
անոր
ստորոտէն,
ո՛չ
միայն
չսրբագրեց
արիւնոտ
պատգամը,
այլեւ
գեղազարդեց
զայն
նոր
յաւելումներով,
այս
անգամ
ուրիշ
եղանակէ։
Գափտան
պէյերը,
փաշայի
աւերակները,
Պոլսէն
հոն
քշուած,
իրենց
մռայլութիւնը
քաւելու,
Ոսկեղջիւրի
նաւարանը
ձգելով
աւելի
արժանաւորներու,
ու
լազուարթ
համազգեստով
ծովային
սպաները,
անոնք
ալ
նոյն
պայմաններով
ինկած
այս
խորշիկը,
չես
գիտեր
ի՛նչ
խուլ
մղումի
անձնատուր,
նորոգեցին
ենիչէրիին
տաղաւարը,
նորօրեայ
ու
նուրբ,
եզրազարդերով,
ու
ցիցերուն
վրայ՝
աղջիկներու
փոխարէն՝
բազմագոյն
ապակիներով
լապտերներ։
Նուագ,
բայց
տեսակներովը,
ուտով,
թառով,
քէմանչով,
քանոնով,
փողերով,
սազով,
հաճոյքի
հաւաքումներուն
մէջ
այնքան
հեշտահոս
ինճէ
սազ
ով։
Երգիչներ,
դարձեալ
տեսակներովը,
սեռէ
ու
տարիքէ,
ազգէ
ու
երկրէ։
Պարողներ,
երգիչներուն
զանազանութեամբը,
որոնք
կը
փռուէին,
կաքաւելէն
խենթեցած՝
վրանին
կրանիթեայ
յատակին,
ճոխ
ու
հոտաւոր
բարձերով,
գորգերով
կահաւորուած
ու
կը
խնայուէին
գահավէժ
մահէն։
Ու
գայթակղութիւն։
Վասնզի
այդ
պարողներուն
մէջ
երբեմն
կ՚երեւային
քաղաքիկին
ծաղիկներն
ալ
երկու
սեռէ,
սպաներուն
եւ
պետերուն
դրամովը,
բռնութեամբը,
դաւովը
գլխէ
հանուած,
հանրատուն
իջնելու
համար
այդ
բարձունքէն։
Ի
զուր
կրօնականները
միջամտեցին,
մինչեւ
Պապը
հիւմայուն
աղերսագիր
խմբագրելով,
որ
հալեցաւ,
հասցէին
չարժանացած։
Մինչեւ
որ
կրակը,
երկինքէն
ինկած,
բռնկցուց
շէնքը,
զայն
վերածելով
մոխիրի։
Պատերուն
սեւը,
տարիներ,
արձանագրութեան
մը
պէս
մնաց
կենդանի։
Ան՝
որ
գնեց
այդ
օճախը
ու
տնկեց
հոն
իր
դղեակը,
անծանօթ
մը
չէր
այդ
ամէնուն։
Աւելի՛ն.
կարծես
խուլ
հրապոյրին
տակն
էր
այդ
պատմումներուն։
Ու
կը
գործէր
հեքիաթին
գաղտ
ասեղին
ներքեւ:
Դրամին
առատութիւնը,
վաստակին
հեղեղը,
ձեռնարկին
ընդարձակութիւնը
ու
անորոշ
իր
ծրագիրները
իրարու
կը
խառնուէին,
որպէսզի
շինողը
չգիտնար,
թէ
ուր
կ՚երթար
ու
ժողովուրդը
չհասկնար,
թէ
ի՛նչ
կ՚ուզէր
այդ
ամբարտակին
խորախորհուրդ
կառուցանողը։
ԺԲ.
Սնդիկ
աւազակը,
Քէլ
Էտհէմը,
Սիւլէյման
էֆէնտիին
հայրը
չէր
տակաւին,
ոչ
ալ
ռեժիի
տնօրէն
ու
Սուլթան
Համիտէն
մեծարուած
պէյ
մը։
Այլ՝
միջնադարեան
մեղաւոր
մը,
մեղքին
բարձրագոյն
համալսարանէն
շրջանաւարտ։
Որ
գուրգուրանքով
թուխսի
էր
դրեր
անցեալին
բովանդակ
ոճասերմերը,
իր
երակներուն
խորը։
Կառուցման
տենդը
incubation-ի
շրջան
մը
բացաւ
անոր
մերձաւոր
կեանքին։
Այդ
իսկ
ընկալչութեամբ,
անիկա
արդէն
կամարը
կը
շինէր
գալիքին։
Ոսկին
շատ
բան
է
անշուշտ։
Բայց
ոչ՝
ամէն
բան։
Նոյնպէս՝
յանդգնութիւնը,
քաջութիւնը,
լրբութիւնը,
որոնք
մինակնին
քիչ
բան
են
յաճախ։
Բայց
միացուցէք
վերջինները
առաջինին։
Այսինքն՝
երկրորդ
յատկութիւններուն
շուրջառ
տուէք
ոսկեթել
կերպասը։
Ու
դուք
պիտի
ունենաք
միջին
դարու
իշխաններ,
առհասարակ
իտալական
արիւնէ,
որոնք
կրօնքն
անգամ
մեղսակից
կ՚ընէին
իրենց
կիրքերուն
ու
իրենց
մեղքերը
լուսապսակելու
համար
չէին
վարաներ
օրհնութեան
գիրեր
կախել
իրենց
սպաննած
կիներուն
ճիտին։
Ու
դուք
կ՚ունենաք
մեր
օրերուն
թուրք
այն
աղաները,
պէյերը
(ուրիշ
երկիրներու
մէջ
այդ
տիպարը
գրեթէ
անհետացած
կարելի
է
ընդունիլ),
որոնք
արձագանգ
կամ
յապաղանքը
կը
թուին
այդ
հեռի
դարերուն։
Ուրիշ
երկիրներու
մէջ
մարդիկ
կան,
փողոցէն
մեկնող,
որոնք
տէր
կը
դառնան
միլիոններու,
բայց
կը
մնան
այդ
դեղնախտին
մէջ
ու
քիչ
անգամ
կը
զառածին
դէպի
պետական
աստիճաններ։
Յետոյ,
պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
միլիոններու
որսին
մէջ
այդ
մարդիկը,
դարմանելու
ատեն,
ճարած
են
իրենց
պակսածները,
առնուազն
ուսումը։
Թուրքերուն
մէջ
նորանշանը,
փողոցի
ստահակէն
բուսած
մեծ
իշխանաւորն
է,
պալատական
աւագանին,
մինչեւ
անգամ
եպարքոսը,
բայց
իր
անունը
ստորագրելու
դերը
վստահած
ոսկի
կնիքին,
որ
կախ
էր
վիզէն։
Անոնք՝
որ
Համիտի
ռեժիմին
սիւները
եղան,
չունէին
ուրիշ
ծագում։
Դրամ
ու
լրբութիւն։
Ամենահաս
այս
միջոցներով
անիկա
սկսաւ
երկրորդ
կէսը
իր
կեանքին։
Շահու,
կառուցման,
ձեռնարկի
վաղանցուկ
տենդէն
վերջ,
անիկա
պիտի
դառնար
իր
հիմնական
արահետին։
Ու
այս
անգամ՝
ամբողջ
պատկառանքովը,
սալթանաթ
ովը,
զոր
ոսկին
կու
տայ
մինչեւ
իսկ
աշխարհին
ամէնէն
ապուշին։
Անիկա
ոսկիով
պաշտամունքը
պիտի
կատարէր
սեռին։
Այսպէս
են
շինուեր
մարդոց
երակները,
որոնք
միայն
կարմիր
հեղուկ
չեն
փոխադրեր
մեր
մարմինին
զանազան
գաւառները,
այլ՝
անոր
հետ
ի՜նչ
գազանութիւն,
սարսուռ,
պապակ,
որ
մեր
պապերուն
հոգիէն
իբր
փայլակ
անցած
են
մեզի։
Ամենահաս
այս
միջոցներով
էր,
որ
ձեռք
անցուցած
կիներն
ու
աղջիկները
գործածեց
անիկա
ահաւոր
ախորժակով
մը։
Անոր
մէջ
տիրականը՝
վայելքի
երանգէն
զատ,
խուլ,
անդիմադրելի
ըղձաւորումը
արկածին,
թափառումին,
արծելուն,
ինչպէս
կ՚ըսէ
ժողովուրդը։
Բոշան
պալատ
են
տարեր,
թագուհի
են
կարգեր,
«վա՜յ,
իմ
վրանս»
է
պոռացեր։
Ես
չեմ
աս
ալ
ըսողը։
Անիկա
կը
կրկնէր
մատաղ
տարիներուն
կնիքը
առած
իր
հոգին։
Հասունութիւնը
երբեմն
աս
է
մեր
մէջ։
Ու
անոր
երկրորդ
նկարագիրը,
բռնութիւնը,
երբ
ոչ
մէկ
կարիք
կար
ատոր,
քանի
որ
իր
ձեռքն
էր
բանալիներուն
բանալին,
ամէն
դերբուկ
հարթող
դեղին
մուրճը՝
ոսկին։
Չէր
գիտեր,
թէ
ինչո՞ւ
կ՚աշխատէր
ճնշումով
ու
ահաբեկչութեամբ,
երբ
իր
կառքերը
եօթն
օր
հեռուէն
կը
գտնէին
միջոցը
իր
ուզածը
ոտքին
բերելու
կամ
զինքը
ընելու
ամէն
տեղ։
Ու
առեւանգումը,
գնչուական
կամ
տղայական,
երբ
անցեր
էին
ատոր
տարիները։
Երեսունէն
ետքը
մարդ
պիտի
մտածէ
այդ
յիմարութեանց։
Ձախողանք
մը,
իր
ստեղծած
տաղտուկներովը,
իրարանցումովը
հարիւր
անգամ
բարձր
կ՚արժէր,
քան
ժում
մը
վայելքը։
Բայց
կ՚ընէր,
ամէնն
ալ,
դաւադիր
ու
յարձակող
փոխն
ի
փոխ,
բաց
դուռ՝
նիքեահ
ը,
քանի
որ
կրօնքը
իրեն
կ՚արտօնէր
այնքան
կին,
որքան
ի
զօրու
էին
մարմինն
ու
քսակը։
Բաց
դուռ,
միւս
կողմէն,
դարձեալ
այդ
նիքեահ
ը,
քանի
որ
կիները
արձակելը
աւելի
դիւրին
էր,
քան
առնելը։
Ու
եղաւ
անիկա
մինչեւ
անգամ
հուղկահար,
իրեն
դիմադրող
ազնուական
կիները
անպատուելու
իր
մոլուցքին
մէջ,
գործադրելով
իր
սպառնալիքը
տառական
ճշդութեամբ,
բայց
չսպաննելով։
Բայց
մա՛նաւանդ
շարունակելով
նախատել
իր
մերժումով
հաշտութեան
ամէն
առաջարկ,
որ
նախատուած
կողմէն
կու
գար
իր
յաջողութեան
։
Անիկա
անխնայ
ճամբու
կը
դնէր
հանըմ
ին
միջնորդները,
«ուրիշ
դուռ
զարնել»
յանձնարարելով։
Այսպէս,
խաբեբայ,
բռնաւոր,
սողոսկուն,
վեհանձն
ու
սուղ՝
անիկա
ըրաւ
իր
արշաւը
սեռին
բոլոր
ճահիճներէն
ու
թաւուտներէն,
ուռկանին
ինկող
երէները,
մինչեւ
որոշ
տարիք
մը
անխնայ
անպատուելով։
Մարդ
դժուար
կը
հաւատայ
կարգ
մը
բաներու։
Բայց
թուրքերու
մէջ
ապրող
մը
պարտաւոր
է
վերցնել
մտքի
վերապահութիւնը։
Անոնք՝
որ
Թուրքիոյ
արդի
վարիչներուն
կեանքէն
վերլուծումներ
կ՚ընեն,
կը
հաստատեն
այս
վարկածը։
Նման
միջնադարեան
ասպետի
մը
կամ
խանի
մը
(պարսիկ),
անիկա,
անխոնջ
ուշադրութեամբ
մը,
կը
կազմակերպէր
իր
շուրջը
ամէն
ինչ,
իրենց
փոքրագոյն
իսկ
մանրամասնութեանց
մէջ,
–
սենեակ
ու
պահակ,
պառաւ
ու
միջնորդ,
ծառայ
ու
փախցնող,
նաւաստի,
մակուկավար
ու
կառապան։
Ու
մունետիկ
ու
որսահան
որեար։
Ու
հոճա
ու
գիշերապահ։
Բանակ
մը
սինլքոր,
որոնք
մշտակազմ՝
կը
սպասէին
անոր
աչքին
ցուցմունքին։
Իր
որսերը
անիկա
կ՚ախորժէր
վայելելէ,
համաձայն
տեսակին։
Կը
թմրեցնէր
անոնք,
որոնց
սուղ
էր
ժամանակը,
քանի
որ
հեռաւոր
վայրերէ
վերցուած
էին
ու
գայթակղութեան
մը
սպառնալիքը
կը
ծանրանար.
աւելորդ
բարդութիւն,
երբ,
որոշ
ժամէն
առաջ,
այդ
լլկուած
աղջիկները
չդարձուէին
իրենց
տեղերը:
Սանկ
հօրաքոյր,
մօրաքոյր,
որոնք
իրենց
տունը
հիւր
տարած
կ՚ըլլային
զանոնք
ու
պտոյտի
կը
հանէին,
նստելով
գեղեցիկ
կառքեր,
արշաւող՝
դէպի
դղեակը։
Կ՚ահաբեկէր
կամակորները,
բանտով,
ծովամերձ
անդունդներուն
զարհուրանքովը։
Անոնց
մարմինը
ունենալէ
առաջ,
կ՚ընկճէր
անոնց
հոգին,
օր
մը
ամբողջ
զանոնք
ձգելով
առանձին,
հոյակապօրէն
գեղազարդ
սրահներու
խորը,
ոսկիին
ու
ծանր
հոտերուն
գրգռմանը
մէջ,
լոյսի
տեղ
մեծ
աշտանակներ
տրամադրելով,
գալով
ու
երթալով,
առանց
խօսքի
կամ
բռնութեան,
մինչեւ
որ
իրերամարտ
սա
զգայութեանց
թոհուբոհին
մէջ
զգայարանքները
խենթենային
ու
փռէին
անպաշտպան
աղջնակը
գետին,
պատրաստ
ընդունելու
թէկուզ
սատանան,
այսինքն՝
շո՜ւնչ
մը։
Ու
կը
բուսնէր
խորհրդաւոր
ասպետը,
դուռը
բանալով
մեղմ,
փակելով
մեղմ,
հանդարտ
ու
անուշ
քայլերով
դէպի
առաջ,
իր
դաշոյնին
գլխիկը
դպցնելով
անոր
ստինքներուն
պտուկին...
Բոլորովին
յամառները
--ու
եղան
ատոնք
ալ--
կապուեցան
մարմար
սիւներու,
մերկացուեցան
իրենց
զգեստներէն
մսագործի
դանակներով,
գրեթէ
սեւամորթ
արջերու
կողմէ
ու
այսպէս,
քրիկ-քրիկ
ձգուեցան
կիսավայրի
այդ
մարդոց
կիրքերուն։
Ամէն
զբաղումի
համար
անոր
սպասորեարը
անոր
ուժին
գաղտնիքներէն
մէկը
եղաւ:
Առեւանգելու,
ահաբեկելու,
սպաննելու
գործերը
զատ
նախարարութիւններ
կը
գրաւէին
այդ
բանակ
մը
անօթիներէն։
Իր
դրամը
կը
հասնէր
անոնց
ամէնէն
ստոր
բնազդներուն
յագեցումին։
Անոր
կամքին
ընդդիմացող
կիները
պատժուեցան
չարաչար։
Եղան՝
որ
մեռան
ալ
այդ
արջերուն
բեռան
ներքեւ,
ճուալով
ու
ճանկռտելով
իրենք
զիրենք,
մինչ
սա
անասնութիւնները
սարքող
եօթնիցս
անասունը
կը
դիտէր
տեսարանը,
անհասկնալի
ժպիտով։
Այդ
կիներուն
դիակները
գիշերով
կ՚իջնէին
ծով,
վիզերնուն
երկաթ
ծանրոցներ։
Ձուկերը
կը
մաքրէին
ոճիրը։
Արդարութի՞ւնը։
--
Անիկա
ունէր
բաւական
զբաղում,
որպէսզի
հետապնդէր
անհետացող
կիները,
որոնք,
հաւանաբար,
իրենց
տարփաւորներուն
ետեւէն,
ով
գիտէ
ո՞ր
անտառին
մէջ
շուք
կը
վայելէին,
զիրենք,
ոստիկանները
ասդին,
քշելով
անօգուտ
խուցեր
։
Միւս
կողմէ՝
թիւով
ցանցառ
սա
վայրագութիւնները
զայն
կ՚ընէին
խոհուն
ու
մարդասէր։
Անիկա,
նման
յուզումներէ
յետոյ,
ինքզինք
կու
տար
բարեպաշտ
մղումներու,
նորոգելով
զոհին
թաղէն
աղբիւր
մը,
մզկիթի
կարօտ
մաս
մը,
մինչեւ
որ
ոճիրին
բուն
պատասխանատուները
զգաստանային։
Բարերարեալ
կաւատներ
ասոնք՝
ստեղծուած
իրենց
տիրոջը
ձեռքով։
Որոնք
քիչ-շատ
դիւրամատոյց
կիներ
կը
ճարէին,
առանց
նեղուելու։
Պատերազմներու
առատութիւնը
այդ
երկրին
մէջ
արուն
քիչ
կ՚ընէ։
Արձակման,
ապահարզանին
դիւրութիւնն
ալ
միւս
կողմէն
կը
միջամտէ,
որպէսզի
ամէն
գիւղի
մէջ
կենան
պատրաստ
այդ
երկդիմի
ապրանքները,
սանկ
ու
նանկ
կասկածելի
պառաւներու
ձեռքին
տակ,
դրամի
փոխարէն
ուզուած
հասցէին
տրամադիր։
Տարիք,
թարմութիւն,
կանոնաւոր
արդուզարդ,
կատարելագործուած
արհեստ
շատ
անգամ
կը
ներկէին
անոնց
«աղբիւրը»,
ու
կը
տպաւորէին
իբր
«տան
հաւ»,
այս
զանազանութեան
ոչ
շատ
բծախնդիր
հեշտասերներէն,
որոնց
աւագ
նախարարը
կարող
էր
նկատուիլ
Քէլ
Էտհէմը,
հետզհետէ
փայլուն,
փոր
կապելու
վրայ,
քանի
տարիքը
կը
հաստնար
իր
վիզին
շուրջը։
Առատ
դրամի
փոխարէն
ճամբայ
հանուած
այդ
հանըմները
կ՚անգիտանային
յաճախ
հասցէն,
որուն
ուղղուած
կամ
ի
հաշիւ
որու
վարձուած
էին։
Վասնզի
քանի
տարի
կայ,
աւազակին
ահաւոր
համբաւը
մարմնավաճառութեան
աշխարհին
մէջ
պատճառ
էր
խորունկ
յուզումի։
Անոր
այլանդակ
կերպերը,
խստութիւնները,
ծեծերը,
անգոհանալի
պահանջները,
անոր
անձին
շատ
սուր
պաղը,
վախը,
բռնութիւնը
կը
յեղյեղուէին,
ինչպէս
անոր
առատաձեռնութիւնները,
զուարթութիւնը,
«պէյութիւնը»
ուրիշ
էջերով։
Եղան՝
որ
իրենք
զիրենք
կառքէն
դուրս
նետեցին,
աշխարհ
մը
աղաղակ
հանելով
իրենց
ափ
մը
մարմիններէն,
երբ
ճամբու
կէսին
խելամուտ
դարձան՝
որո՞ւ
կ՚երթային։
Այս
անյաջողութիւնները
գործն
էին
յաճախ
անոր
ջատուկներուն,
հեքիաթին
շինածէն
աւելի
իրաւ
ու
կատարեալ,
ահաւոր
մեգերա,
հինայուած
մազերով
ու
անատամ
լինտերով,
որոնց
աչքին
մէջ
ճերմակը
փտած
պտուղի
կեղեւի
կը
նմանէր։
Որոնք
օդափոխութեան,
լոգանքի
պատրուակով
կը
ղրկուէին
ջերմուկները,
կ՚որսային
միամիտ
աղջիկները,
աս
ու
ան
պեյզատէէն
խաբուած
ու
ոսկիով
հանդարտած,
հանրատուն
իյնալէ
առաջ,
այդ
բաղնիքներուն
մէջ
ծառայելով
մաթրոն
ներու
հաշւոյն,
ու
կը
ղրկէին
զանոնք
նաւահանգիստին
մեծ
քոնագ
ը։
Այդ
ջատուկները
ճարտարութիւնը
կը
մղէին
երբեմն
աւելի
անդին,
քան
բարքերով
արտօնուածը,
խաբխբելով
տան
վառեակներ,
հազիւ
մտած
տասնչորս,
մօրուներու
հալածանքէն
յուսաբեկ,
որոնք
յանձն
կ՚առնէին
պալատներու
մէջ
սպասարկել,
հանըմ
էֆէնտիներու
անկողինները
յարդարել
ու
հարեմլըք
ին
մաքրութիւնը
ստանձնել։
Անոնք,
իրենց
անմեղութեան
եւ
վախին
մէջ,
աղմուկ
կը
ստեղծէին,
ա՛յնքան՝
որ
աւազակը
ստիպուած
կ՚ըլլար
թմրեցուցիչներ
գործածել։
Բայց
հակառակ
իրենց
ձախաւեր
արարքներուն,
այդ
պառաւները
միշտ
ունեցան
անոր
համակրանքը
իրենց
հետ։
Անիկա
ոսկիով,
բայց
բուռով,
ոչ
թէ
համրանքով
տրուած
ոսկիով
կը
վարձատրէր
այդ
տարօրինակ
արարածները,
որոնք
իրենց
ցանկացած
ոեւէ
կինը
իրեն
բերելու
համար
դժոխքին
պատերն
իսկ
կրնային
ծակել
իրենց
օձի
լեզուով
ու
հազար
գլխանի
շուները
լոլոզել։
Այս
պատգամաւորներուն
թեւով
էր,
որ
նաւահանգիստին
անուշիկ
կտորները
աս
ու
ան
հնարքներով
մտան
դղեակ։
Կը
գուշակեմ
տարակոյսին
ժպիտը
ընթերցողին
աչքերուն։
Բայց
անոնք,
որ
Գահիրէ,
Աղեքսանդրիա
ծանօթ
են
միջնորդական
բարքերուն,
չունին
ոչինչ
զարմանալու։
Այս
զարմանքը
ինքնին
կը
չքանայ,
երբ
այս
պատմութիւնը
զետեղենք
իր
ճիշդ
ժամանակին,
ու
իր
ճիշդ
տեղին։
Երբ՝
հսկայ
բռնապետութիւն
մը
պաշտպան
է
ամէն
անհեթեթ
այլացումի։
Երը՝
դրամը
կը
բանայ
բոլոր
դուռները։
Երբ՝
սեռը
առանցքն
իսկ
է
կեանքին։
Ուրիշ
չէր
կեանքը
Սուլթան
Համիտի
շրջանին,
երբ
ասպարէզը
բաց
էր
ամէն
ձեռնարկուի։
Եւ
ընկերութիւն
մը
որոշադրող
ազդակները
ինկած
էին
ճնշումին
տակը
այս
գիծէ
մարդոց։
Տակաւին
հիմա,
յամին
շնորհաց
հազար
ինըհարիւր
երեսունչորս,
այսինքն՝
միջին
դարէն
կէս
հազար
տարի
վերջը,
երբ
եւրոպական
քաղաքակրթութեան
բոլոր
սարիքներովը
կը
յաւակնին
թուրքերը
օժտած
ըլլալ
իրենց
երկիրը,
հանրապետական
պետութեան
մը
մայրաքաղաքին
մէջ
ո՞րն
է
կինը,
որ
կարենայ
խուսափիլ
այդ
հանրապետութեան
աւագ
պաշտօնակալներուն
անպաշտօն
տարփանքէն։
«Գորշ
գայլին»
մերկացումները
հեքիաթ
չեն,
այլ
աշխարհէն։
Ու
հեքիաթ
չեն
ինչ
որ
կը
տրուին
վերի
էջերով։
Կէս
դար
առաջ
բազուկն
ու
յանդգնութիւնը,
դրամն
ու
լրբութիւնը,
միացած
յամառ
հետապնդումին՝
բաւ
էին
փոխարինելու
հիմակուան
աւագորեարին
փաստուած
հերոսութիւնը։
Ու
Քէլ
Էտհէմը
պետութիւն
մը
չունէր
կառավարելիք։
ԺԳ.
Անոր
ամբողջ
ուժերը,
ուղեղին
կարելի
աշխատանքը
յատկացուած
եղան
սեռին
պաշտամունքին։
Ամէն
մարդ
կու
գայ
մեր
աշխարհը
ընելու
իր
առաքելութիւնը։
Սնդիկ
աւազակը
ուրիշ
հոգ
չունեցաւ։
Դրամը,
որ
կը
յորդէր
առուներով,
հետզհետէ
ճիւղաւորուող
ձեռնարկները,
որոնք
անոր
անունը
կ՚իջեցնէին
նոր-նոր
հրապարակներու,
անգթութիւնն
ու
բուխ-սիրտ
ողորմութիւնները
ժամանցներ
կը
թուէին,
երբ
մօտիկը
դրուէին
անոր
մռայլ,
սեւեռեալ,
խոր
մտահոգութեան։
Մայր,
միակ,
հիմնական
անոր
ախորժակը
սա
աշխարհէն՝
սեռը
պիտի
ըլլար։
Ու
ատոր
յագեցումին
համար
անիկա
երդում
էր
ըրած
չընկրկիլ
ոչ
մէկ
արգելքի
։
Դիւային
նրբութեամբ,
ուր
տիրող
էին
իր
շոյելու,
հրապուրելու,
բառով
հմայելու
անդրագոյն
տուրքերը,
անիկա
տաղանդը
ունէր
դղեակը
մտած
կիները,
նոյնիսկ
բռնութեամբ
ունենալէ
ետքը,
իրմէն
հեռացնելու՝
առնուազն
ոչ-թշնամի։
Խունկ,
դերասանութիւն,
ոսկի,
ադամանդ,
իրական
առնութիւն՝
անշուշտ
բառեր
չեն
միայն,
այլեւ՝
առաքինութիւններ,
բացառաբար
ազդող
կիներու
ջիղերուն,
երբ
քիչ
ետքը
տրուելիք
տեքոր
ով
մը
անոնք
կ՚անցնին
իրենց
կեանքին
ամէնէն
տրամաթիք
յուզումներէն։
Այս
շնորհներով
էր,
որ
անիկա
կը
խնայէր
պաշտօնեաներու,
հարուստներու,
մինչեւ
իսկ
պէյերու
կիներուն,
զանոնք
դարանի
ձգելէ
ու
վայելելէ
ետքը,
երբ
կը
յանձնէր
վստահելի,
մարզուած
նաւաստիներու,
յանձնարարելով
շարունակել
ընդհատուած
պտո՜յտը։
Այդ
մակոյկները
հրահանգ
ունէին
ափունքն
ի
վար
քիչ
մը
թափառելու:
Ծովային
այս
զուարճութիւնները,
թրքուհիներէն
շատ
փնտռուած,
կը
ներուէին
անոնց
ամուսիններէն,
ընդհանրապէս
նաւահանգիստի
մեծ
քազինոյին
գիշերախոյզ
յաճախորդներ,
դիւաններուն
խուլ
ձանձրոյթէն
յետոյ,
քով
քովի,
թուղթ,
նարտ,
ճատրակ
խաղալով,
երբ
արեւը
գլուխը
առած
ճիշդ
իրենց
դէմէն
կը
մտնէր
ծով,
իրենց
կիներով
բեռնաւոր
մակոյկները
թաթխելով
ոսկիի…։
Հոն
էր
ան,
այդ
կիներուն
ցամաք
ելլելէն
առաջ,
իր
կառքովը
սլացած
դէպի
քազինոն,
նարկիլէի
քէֆին,
անոնց
էրիկներուն
հետ
խօսքի,
աչքին
ծայրովը
հազիւ
դիտելով
պարպուող
նաւակները,
լզելով
շրթունքն
ու
մտքին
կախուած
հեշտախռով
պատկերը,
գոհ
ու
երջանիկ։
Կ՚արժէ
ծանրանալ
անոր
դժուար
մէկ
առաքինութեան,
չափազանց
ուշագրաւ՝
այնքան
անկումներու
մէջ
եւ
որ
թերեւս
կիներու
մօտ
անոր
յաջողութիւնը
կերպով
մը
կ՚ընէ
լուծելի։
Ատիկա՝
իր
բացարձակ
վերապահութիւնն
էր
կիներու
վրայ
յաղթանակներու
մասին։
Անիկա
ոչ
մէկ
նախատինք,
հայհոյանք
սակարկեց
իրեն
հետ
վէճ
ունենալ
յանդգնողներուն
երեսին,
բայց
միշտ
զեղչեց
ամէնէն
կարեւորը,
պատիւին
հասցուած
անդարման
նախատինքը՝
չնմանելով
ամէնուն,
աժան
կերպով
աս
ու
ան
կնիկը
մէջտեղ
դնող,
պարծենկոտ
ու
յիմար։
Չխօսեցաւ
ոչ
մէկուն
ետեւէն։
Անիկա
կը
պաշտպանուէր
ոստիկանութենէն,
որուն
բոլոր
ստորադաս
պաշտօնեաները
կը
վճարէր
պետութեամբ
որոշուած
ամսականին
կրկինովը,
առանց
բարերարի
հրապարակային
հովեր
առնելու,
մեղքնալով
այդ
չուառական
մարդոց,
ցամաք
հացն
անգամ
հանելու
անկարող։
Անիկա,
վայելչութեամբ,
եւրոպացիները
պիտի
ըսէին՝
ազնուականութեամբ,
ձեւը
կը
գտնէր
իր
շնորհները
առանց
վիրաւորման
տեղաւորելու,
բաշխելով
զանոնք
պայրամի,
հարսնիքի,
նշանտուքի,
զինուորութենէ
դարձի
առիթներով։
Այս
բարիքները
իրենց
հասցէներուն
չափ
անհրաժեշտ
էին
հեղինակին,
որ
սեռէն
իր
յոգնութիւնը
կը
կարծէր
առնել,
ուրիշներուն
սրտին
ուրախութիւն
վազցնելով։
Առատաձեռնութիւնը
միշտ
հոմանիշ
է
մեծութեան,
ու
մարդիկ
մտքէ
քիչ
անգամ
անցընեն
պիտի
նայիլ
տուող
մատներուն
աղտին։
Այս
նուէրներով
անիկա
իրեն
հետ
ունէր
արդարութեան
բոլոր
սպասաւորները։
Անիկա
կը
պաշտպանուէր
քաղաքային
վարչութենէն,
որուն
բոլոր
ներկայացուցիչները
կը
յղփացնէր
մեծահամ
խնճոյքներով,
անոնց
տօնական
օրերը
«ոսկեզօծելով»
քիչիկ
մը
գինովութեամբ,
ինճէ
սազ
ով
ու
պարերով։
Ու
տպաւորիչ
բան
էր
տեսնել
պատկառելի
անոր
կեցուածքը,
օղիին
դէմ
իր
երդումը
քարի
պէս
պահող,
որ
կը
բանար
եւրոպական
է՛ն
թունդ
խմիչքները,
առանց
շրթները
թրջելու,
ու
կ՚երգէր,
քաղցր,
ծովու
մէջ
հասակ
առած
ձայնովը
արեւելեան
սիրերգներ,
մշուշուած
աչքերով,
մինչ
գանկին
տակ
մէկիկ–մէկիկ
տուն,
սենեակ,
մահիճ
ու
հեշտութիւն
կը
դառնային
սա
մարդոց
կիները,
աղջիկները,
որոնց
շատին
մէջ
անիկա
վտանգին,
արկածին,
սեռային
խենթութեան
ծարաւն
էր
մշակեր,
յագեցուցեր
ու
ինքզինքը
անհրաժեշտ
ընծայեր
անոնց,
այդ
կիներուն
անզբաղ
տրտմութեանց
պահերուն,
երբ
տարւոք,
ախորժաթափ,
ախորժափոխ
իրենց
ամուսինները
դիւան
ղրկելէ
ետքը,
այդ
մինինիկ
կիները
կը
մնան
առանձին,
իրենց
փէշերուն
վրայ
ու
կ՚այցուին
քաղցաչուի
դեւերէ։
Կիները՝
դիւանի
քարտուղարներուն,
այնքան
նուրբ
ու
այնքան
հեշտախնդիր,
դողալով
իրենց
հրապոյրներուն
զաղփաղփուն
գարունին,
քսան
իսկ
չմտած,
իրենց
ֆերաճէ
ներուն
բանտը
հաճելի
ընելու
հոգով
մը
տաղտապուն։
Որոնք
պիտի
մտնեն
մետաքսին
այդ
բանտին
մէջ,
գիտնալով
իրենց
ձեւերը
հրապուրիչ
ընծայել
ու
տպաւորել՝
առանց
գլուխի։
Բայց
էրկանը
առջեւ
գտնել
ամէնօրեայ
թարմութիւն,
չհիննալու
գաղտնիք
ու
պահել
իրենց
հրապոյրը
յոգնաթափ
մարդոց
վրայ։
Այդ
կալանաւոր
գեղուհիները,
ամէն
մէկը
թագաւորի
ծոցին
օր
մը
գոնէ
երազած։
Որոնք
պիտի
յօժարին
քեաթիպ
էֆէնտիի
մը
վաչկատուն
կարասիներուն,
գիտնալով
հանդերձ,
թէ
պատուհան
մը
իսկ
պիտի
չդրուի
իրենց
տրամադրութեան։
Ու
սպասեն
պիտի
գիշերուան,
ան
ալ
եղկ
ու
թերի,
յոգնութեամբ
ու
քրտինքով
կծուըցած,
երբ
իրենց
մարմինները
պիտի
լարեն
հինայուած
մօրուքով
իրենց
այրերուն...
Անիկա
կը
պաշտպանուէր
մա՛նաւանդ
ամուրի
գայմագամներէն,
անոնց
հայթայթելուն՝
միջոցներ,
որոնք
անոնց
պաշտօնավարութիւնը
կ՚ընէին
ուշագրաւ՝
շինարարական
բոլոր
ձեռնարկները
քաջալերելով,
մեծագումար
մասնակցութեամբ
մը
նուէրէ։
Ու
տրամադրելով
անոնց
գիշերազբաղ
իր
սենեակները,
յորդ՝
քաղաքէն
բերուած
կակուղ
«ապրանքներով»։
Բայց
«ի
վերայ
այսր
ամենեցուն»,
անիկա
պաշտպանուեցաւ
վերջապէս
Պոլսէն,
ուրկէ
ունէր
ամսական,
զոր
կը
բաշխէր
իր
դիւանին,
առանց
փարա
մը
վար
դնելու։
Այս
պաշտօնը
զայն
ըրած
էր
առարկայ
յատուկ
հոգածութեան,
կառավարական
շրջանակին
մէջ
իբր
մուտքի
առաջին
փորձ
մը։
Իր
ծխախոտի
մաքսանենգութիւնները
դիմաւորելու
համար,
ռեժին
խելացի
ներշնչումն
էր
ունեցեր
անոր
առաջարկելու
գաւառակին
մէջ
ծխախոտի
ռեժիին
տնօրէնութիւնը։
Աւազակը,
որուն
ողնուղեղին
մէջ
փառասիրութեան
որդը
ինկեր
էր
ա՛լ,
ընդունեց
այդ
գործը։
Եւ
ընդունեց
ահաւոր
խստութեամբ։
Ո՛չ
միայն
իր
ընկերները
հրաւիրուեցան
հրաժարիլ
այդ
հակապետական
զբաղումէն,
եթէ
կ՚ուզէին
մնալ
իր
շնորհներուն
մէջ,
այլեւ
տարածեց
արգելքը
գաւառակին
յիսունէ
աւելի
գիւղերուն,
որոնք
լաւագոյնս
ծառայելու
համար
հայրենիքին
եւ
ցոյց
տալու
իրենց
հաւատարմութիւնը
ռեժիին
հրահանգներուն,
բոլորը
մէկ
հրաժարեցան,
բռնի,
ծխախոտի
մշակումէն։
Հակառակ
մեծ
մասով
թուրք
ըլլալնուն
ու
իրենց
հողերուն
առաջնակարգ
ընդունակութեան,
այդ
գեղացիները
պարտաւորուեցան,
ապահով
ու
հասութաշատ
բերքին
փոխարէն,
բաւարարուիլ
սոխով,
սխտորով
ու
այս
ամէնուն
վրայ,
կրակի
գնով
գործածել
ծխախոտը։
Իր
ժողովրդականութիւնը
խորապէս
վիրաւորող
այս
անպէտ
բռնակալութիւնը
իր
դէմ
հանեց
թուրք
քաջացուները,
որոնք
զինաթափուեցան
անոր
ջոլիրէն
ու
մտան
կարգի։
Հայերուն
պիտի
սպառնար
խոշորկեկ
ջարդով։
Ու
անոնց
մաքսանենգները
կաշառեց
արտօնելով
գործել,
բայց
հեռու՝
իր
շրջանակէն։
Առանց
արիւնի
չէր,
որ
գլուխ
հանուեցաւ
այս
նուաճումը։
Գեղերը
տուեր
էին
տասնէն
աւելի
զոհեր։
Անոր
մարդերը,
յիսունէն
շատ,
ցրուած
բոլոր
գաւառակին
գիւղերը,
գործադրեցին
անագորոյն
խստութիւնը։
Ու
ըրին
ատիկա
աւազակին
փառքին՝
որքան
իրենց
նախասիրութեանց
հաշւոյն։
Շաբաթը
հեղ
մը
անոնք
կ՚երեւային
նաւահանգիստ,
ռէժիի
կեդրոնին
առջեւ,
շքեղ
երիվարներէ
ամբարձիկ,
ուղտի
մորթի
գոյնով
իրենց
կէս
համազգեստին
մէջ
անթերի
եւ
գազան։
Ու
իրենց
պետին
ետեւէն,
որ
համազգեստին
կը
միացնէր
տեսակ
մը
գլխու
փաթթոց,
ենիչէրիներու
թանգարանէն
վերցուած
ոճով
անոնք
ոտք
կը
հանէին
փողոցները
ու
պատրաստ
աչքերը
կ՚ըլլային
աղային
հաճոյքներուն,
անոր
բերելով
անունները
կիներու
եւ
աղջիկներու։
Սրիկայութեան,
զրկումի,
սպանութեան
սա
պաշտօնական
արշաւին
մէջ
--պետական
պաշտօնները
երբեմն
կարգ
մը
մարդոց
կը
հայթայթեն
սա
անպատիժ
վայելքները--
Պոլիսին
վեր
ու
հեռուով
զօրացած
այս
հովանաւորութիւնը
թանկագին
էր
անոր,
վասնզի
զայն
պիտի
առաջնորդէր
իր
երկրորդ
երազին,
այսինքն՝
կառավարական
դիրքին։
Ու
չէր
տառապեր
էլիֆ
ը
չճանչնալուն։
Ու
գրիչի
տեղ՝
ափի
մեծութեամբ
իր
կնիքը
կը
կախէր
ճիտէն,
ժամացոյցի
ոսկի
շղթայէն
ագուցիկ։
Ու
կ՚արհամարհէր
շատոնց
ընդհանրացած
եւրոպական
զգեստը,
տաբատը,
մեծ
խնամքով
կախել
տալով
շրջանի
էֆէ
ներուն
կարճ
փոթուռ
ը
ու
գեղանի
տարապլուս
ը
։
Ու
անոր
մոյկերը
խոզի
եղով
կը
փայլէին
ամառ
թե
ձմեռ,
սեւ
հայելիներու
նման։
Ու
չէր
պակսեր
ափէն
հռչակաւոր
մտրակը,
որուն
կոթը՝
ոսկեդրուագ,
ձոյլ
ոսկի
ուրիշ
գունդով
մը
կը
վերջանար,
անշուշտ
ծանրացնելու
համար
ձեռքին
զարկը։
Ու
քիչ
կը
տեսնէին
զինքը
ճամին,
զոր
հիմէն
նորոգած
էր
անձնական
քսակէն։
Հակառակ
խորունկ
իր
նախապաշարումին,
տէրվիշէ,
գուշակէ,
ժողովրդական
զրոյցներէ
ունեցած
սարսափին,
անիկա
չաղօթեց։
Իր
դղեակին
միակ
թերին՝
աղօթատեղիի
բացակայութիւնը,
որ
կը
հպատակէր
ներսէն
զգացուած
կասկածի
մը։
Պաշտօնական
վայրերու
մէջ
երբ
չորրորդական
պաշտօնեաները
դիւաններէն
դէպի
ճամին
կ՚ուղղէին
իրենց
մեղսաթաթախ
ոտքերը,
անիկա
չէր
խնդար
անոնց
վրայ։
Ու
խնջոյքներու
ատեն,
մա՛նաւանդ
դաշտային
խրախճանքներու
պահուն,
անիկա
կը
թողուր,
որ
սեղանակիցները
իրենց
ժամացոյցները
խփխփելով
ու
քաղաքէն
երեւցող
մինարէին
գագաթին
սեւ
շարժուն
կէտը
հալածելով,
քաշուէին
մէյ–մէկ
ծառի
տակ
եւ
նստէին
նամազի։
Անիկա
իր
մեղքերուն
ամբարները
ունէր
չքմեղող
պատճառ,
ինչպէս
աւելի
վերջը,
իր
տղան,
բանտին
մէջ։
Բայց
ատոնց
բոլորէն
անկախաբար,
անիկա
նշանախեց
մը
անգամ
չզոհեց
իր
ախորժակներէն,
մեղքին
ու
աղբին
տնկարաններէն,
պետական
մարդ,
պէյ,
փաշացու
կայանալէ
վերջն
ալ։
Տարիքին
հետ,
որ
կը
քալէր
դէպի
երեսուն,
անիկա
ընդարձակեց
իր
լարերը,
նաւահանգիստին
ու
իրմէ
առկախ
գիւղակներուն
սահմաններէն
անդին։
Ու
կարաւան–կարաւան,
խայտաբղէտ
ու
ժպտուն,
կու
գային
անոր
«ծաղիկները»
մինչեւ
հեռու
Արշիպեղագոսին
ափերէն
ու
կը
մտնէին
անոր
կանանոցէն
ներս,
որ
կը
գրաւէր
դղեակին
ծովամերձ
ջուրէն
ներս
մասը,
պաշտպանուած՝
բացի
ծովէն
փշապատ
պարիսպներով։
Մեծ
գիծերու
մէջ
ուրուացող
աս
կեանքին
իմա՞ստը
։
Ատիկա
պիտի
տար
պետութիւնը,
որ
տաղանդ
ունէր
այս
կաղապարի
մարդեր
ստեղծելու
սահմանամերձ
նահանգներու
մէջ։
Քրտական,
ալպանական,
արաբական
բռնակալները
կը
հպատակէին
քաղաքական
կարիքներու։
Հո՞ս։
Պոլսոյ
քթին
տակ՝
սա
ճիւաղ
փա՞ռքը։
Ատոր
հեղինակը՝
Սուլթան
Համիտը,
ինք
գիտնալու
էր։
Ու
չուշացաւ
այս
հսկայ
ոճրապատումը
սրբագրող,
նուիրագործող
պետական
պաշտօնը։
Անոր
պէյութեան
ֆերման
ը
Պոլսէն
պիտի
բերէր
մասնաւոր
շոգենաւ
մը,
այդ
օրերուն
հազուադէպ
պատահար,
լուսազարդ,
ամբողջ
ու
դղրդող
հանդերձանքով
մը։
Ու
անոր
ընթերցո՛ւմը։
Որ
թնդացուց
նաւահանգիստը
իր
երիկամներէն։
Հեքիաթին
ախորժած
արարմունքներով։
Մորթուեցան
գառնուկ,
ոչխար,
եզ
ու
գոմէշ,
լման
քաղաքը
կշտացնելու
բաւող։
Օտարներ,
այսինքն՝
հեռու
վայրերու
անցորդներ
բռնի
վար
դրուեցան
բացօթեայ
հսկայական
ճաշկերոյթի
մը
ու
օրհնեցին
այս
բարիքներուն
մեծ
բաշխիչը,
աննման
վեհապետը
եւ
անոր՝
հաւատարիմ
մեծանձն
ծառան,
որուն
ափերէն
ոսկի
կը
վազէր։
Շրջանի
թուրք
գեղերուն
մէջ,
հարսանեզարդ
երիվարի
մը
վրայ
պտոյտ
տուող
մունետիկ
մը,
շռայլ
ու
մեծաղաղակ,
կը
հրաւիրէր
բոլոր
աղքատիկ,
անթլփատ
մանչերը
թըլփատութեան
մեծաշռինդ
հանդէսին,
որ
կը
զուգադիպէր
այդ
բարեբաստիկ
օրին,
գեղեցիկ
հաշիւով
մը։
Բամբասանքը,
որ
չի
յաղթահարուիր
ոսկիէն
ու
աղմուկէն,
տօնին
իբր
պատճառ
ցոյց
կու
տար
պէյին
ապօրէն
մէկ
մանչը,
որ
զաւակն
էր
անոր
ընդհանուր
զործակատարին,
զմայլելի
նրբութեամբ
կնոջ
մը
ամուսին,
հաւանաբար
կիսուած
կամ
ամբողջութեամբ
վար
դրուած,
քանի
որ
կինը
կ՚ապրէր
դղեակին
մէջ…։
Հարսնիք
չէր
ատիկա,
այլ՝
ուղիղ
աստուածացում
մը,
որով
կը
ջնջուէին
մեղքերն
ու
բռնութիւնները,
զուլումն
ու
գարշանքը։
Խոնարհ,
ամբողջ
օծութիւն,
Էտհէմ
պէյը
արցունքով
կը
համբուրէր
ձեռքերը
տարեցներուն
ու
մասնաւորաբար
անոնց,
որոնց
կառչած
էր
սիրտը։
Ու
ամբոխը
կը
ծափահարէր
ոսկեզօծ
մարդասպանը,
ռէժիին
ամենազօր
տնօրէնը,
որ
սնտուկները
բացեր
էր
սիկարէթին
ու
անցնողին
կը
հրամցնէր
զանոնք։
Ու
ծխախոտին
պատուական
արտերը
կը
տքային,
հաստ
դդումներու
եւ
սեխերու
փորին
ներքեւ…։
Այսպէս
պիտի
ընէր,
այսինքն՝
պիտի
լար
նորէն,
քանի
մը
տարի
ետքը,
օրինական
իր
տղուն
թլփատութեան
հարսնիքին
ալ,
այն
տղուն,
որուն
դանակովը
պիտի
ծակէր
սա
գարշութեան
տակառը։
*
*
*
Այս
հանդէսէն
երկու
տարի
առաջ,
անիկա
ամուսնացած
էր։
Ոչ՝
մարդոց
բոլորին
նման,
հաշիւով
կամ
բռնութեամբ,
կամ՝
քիթէն
բռնուելով։
Այլ՝
ինքնատիպ
ճամբով։
Իր
միւս
արարքներուն
նման,
այդ
ամուսնութիւնն
ալ,
բռնութիւն
մը,
սպանութեամբ
յատակուած։
Վասնզի
իր
կարգադրութեամբը
ու
անծանօթ
հաշիւներով
անիկա
խեղդամահ
մեռցուցեր
էր
իր
աները։
Յետանկեալ
այդ
խորշին
մէջ,
Պոլսէն
հոս
քշուած
հնօրեայ
ազնուական
մըն
էր
խղդուողը,
որ
իգամէթէ
մէմուր,
հակառակ
յառաջացած
տարիքին,
կը
պահէր
բարձր
ու
նուրբ
հով
մը,
իր
աղքատութեան
հետ
խոտոր
համեմատող,
ու
թերեւս
ատոր
համար
իսկ
այնքան
դժուար
հանդուրժելի։
Աստիճանազուրկ
մարդոց
վրայ
այս
մեծութիւնը
ամէնէն
շատ
կը
վրդովէ
աստիճանի
անարժանները։
Անոր
ընտանիքը,
խանէտան,
ինչպէս
սովոր
են
ըսել
թուրքերը,
պետութեան
զօրավարներ,
մինչեւ
անգամ
վէզիր
էր
պարգեւած։
Կէս
դարէ
ասդին
աստղը
դարձեր
էր
գերդաստանին։
Հիմա,
շնորհազուրկ,
բայց
հովին
մէջը
իր
աւանդութեանց,
անիկա
ստիպուած
եղաւ
տարագրել
ինքզինքը,
փաստելու
համար
իր
խոնարհամտութիւնը
հանդէպ
վեհապետին,
որ
կտոր-փրթուճ
ամսականով
մը
զինքը
անուանական
պաշտօնի
մը
անցուց։
Պոլսէն
յետոյ,
սա
հազիւ
գիւղաքաղաք
նաւահանգիստին
մէջ,
մժեղներու
եւ
գարշահոտ
գոմէշներու
արձակարանին
վրայ
(քաղաքին
յետսակառոյց
մասը,
թուրքերու
պատկանող,
հեռու
էր
յունականին
քնքուշ
մաքրութենէն),
մեծութիւնը
անոր
պաշտօնին։
Նորօրինակ
սա
պատիժը։
Զոր
կը
գործադրէր
կասկածելիներու
վրայ
սարսափոտ
վեհապետը,
սպաննելէ,
թունաւորելէ
յոգնած,
պաշտօնով
«այլուր
փոխադրելով»
աս
ու
ան
ճամբով,
մատնովի
կամ
իրաւամբ
իրեն
անհաճոյ
ներկայացուած
մարդերը։
Այս
տարագրուածներուն
լուրջ
(դուք
ըսէք
աչալուրջ)
հսկողութիւնը
«կապալով»
կ՚առնէին
իրենց
վրայ
«հաւատարիմ
ծառաները,
լրատուները»,
շղթայով
իրերահիւս
բանակը
լրտեսներուն։
Կանոնաւոր
տեղեկագրութիւն
մը
ամենայետին
մանրամասնութիւններն
ալ
չէր
մոռնար
այդ
կեանքէն,
ամսէ
ամիս
Պոլիս,
պատկանեալ
դիւանին
հաղորդելով
մահուտ
էֆէնտիին
կամ
պէյին
քանի
անգամ
ճամի
իջնելը
անգամ։
Վեզիրին
չար
բախտէն,
Էտհէմ
պէյը
ուրիշներէ
առաջ
ինքզինքը
ըրաւ
թեկնածու
այդ
պաշտօնին։
Ոչ
ոք
զարմացաւ,
քանի
որ
դեռահասակ
անոր
կինը
առաջին
ամիսէն
իսկ
անունի
ելաւ՝
շնորհովն
ու
վարքովը,
ուսումովն
ու
նրբութեամբը,
արժանաւոր
լրջութիւնով
մը
տանելով
սա
աքսորին
աշունը,
ու
մեղքը
իր
բացառիկ
գեղեցկութեան։
Էտհէմ
պէյին
քիթը
հոտ
կ՚առնէր,
հեքիաթին
դեւին
նման,
տակաւին
եօթը
բլուր
հեռուէն։
Ռէժիին
գեղջուկ,
բայց
քաջահամբաւ
տնօրէնը
ինքզինքը
տարաւ,
առանց
ձեւակերպութեան,
փաշա
հազրէթլէրի
ին
բնակարանը։
Անիկա
այդ
մուտքերը
կ՚ընէր
ինքնատիպ
պաշտօնականութեամբ։
Բարեկամ։
Մտերիմ։
Քանի
մը
այցելութենէ
վերջը,
ձեռքը
տարօրէն
բաց։
Լեզո՞ւն։
Հակառակ
գեղջուկ
բառարանին,
ունէր
շնորհ
ու
հասունութիւն։
Ունկնդրելի,
ամէն
բանէ
առաջ։
Պետական
կեղծ
ու
պատիր,
քաղաքավար
ոճէն
ոչինչ
այս
հէօտիւկ
ին
[5]
մօտ,
որ
բառերը
կ՚ըսէր
իրենց
ուղիղ
առումով
եւ
չէր
վարաներ
թանձրագոյն
անուանումներու
դիմաց,
հայհոյանքն
ու
կիրքը
վայելցնելով
իր
մշտաշարժ
դիմախաղերուն։
Ամէն
պարագայի,
Պոլսոյ
ծեքծեքումներուն,
անվստահ
դէմքերուն
ու
սուտի
ասպետներուն
պժգանքը
խորապէս
կրող
փաշան
–
պէտք
է
զինքը
իր
տիտղոսէն
չզատել
–
այդ
մարդը
կը
գտնէր
շահեկան,
հետաքրքրող։
Համբա՞ւը։
Անշուշտ։
Բայց
իր
անկումին
մէջ,
անիկա
դժուարութիւն
կը
զգար
իրաւն
ու
սուտը
վերլուծելու։
Ու
կը
հակէր
դէպի
պէյը,
որ,
իր
բոլոր
տգիտութիւնը
կոճուկի
մը
պէս
վրան
առած,
կը
խօսէր
իրեն
սանկ
ընտանի
ու
մտերիմ։
Ու
ժողովուրդէն
հասած
ամէն
մարդու
նման,
առաջին
շփումով
համակրանք
կը
ստեղծէր։
Ու
մի
մոռնաք,
փաշան
Պոլսէն
էր
փախեր։
Էտհէմ
պէյը
չէր
նմաներ
միւսներուն,
որոնք
կեղծ
ու
սողոսկուն,
բերան
փորձելու
արհեստը
կ՚իջեցնէին
անկարելի
ստորնութեանց,
հայհոյելով,
անիծելով,
չարախօսելով,
որպէսզի
այս
գրգռութեանց
իբրեւ
արդիւնք
խօսակիցին
դէմքին
շարժումները
լրտեսէին
ու,
բառի
վերածած՝
փութացնէին
Պոլիս։
Անիկա
չհայհոյեց
ռեժիին։
Չանարգեց
վեհապետը
շրջապատող
խմբակը։
Բայց,
պարզեց
իր
մտածումները
քիչ
ու
տարօրէն
հաստատ։
Փորձառութեան,
արկածներուն
յեղումն
է
ատիկա,
անմշակ
ուղեղներէ
ներս։
Անիկա
չծածկեց
Պոլսէն
իրեն
թելադրուած
հրահանգը,
բայց
անոր
վրայ
գուրգուրալու,
ոչ
ալ
անկէ
առերեւոյթ
գարշանք
մը
կեղծելու
յիմարութիւնն
ալ
չըրաւ։
Պարզ,
իմաստուն,
հասկցող,
կարեկցող,
արի
ու
բարեմիտ՝
անիկա
այդ
պաշտօնը
իջեցուց
իր
ծայրագոյն
նշանակութեան։
Ճակատագիրը
մեծ
է
մեզմէ։
Միայն
Աստուած
կայ
չելլող
ու
չինկող։
Մարդիկ
ճակատագրի
անիւին
ճիւղերն
են։
Ու
իմաստունը
ան
էր,
որ
կը
հասկնար
այս
ամէնը։
Թագաւորին
անձնական
գանձուն
մէջ
կարեւոր
դիւանի
մը
պետ,
ուսումնական
փաշան
վարակուեցաւ
այս
պերճախօսութենէն։
Անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
ի՜նչ
շան
զաւակ
գործիք
մըն
էր
այդ
լեզուն
անոր
բերնին
մէջ։
Անո՜ւշ։
Ու
կորովի,
նոյն
ատեն,
վասնզի
սուտ
կամ
զովասանք
չէր
աղար։
Էտհէմ
պէյը
անով
ինքզինքը
կ՚արտայայտէր։
Դէպի
բարեկամութի՞ւն։
Մեր
ճամբաները
մենք
կը
սկսինք։
Բայց
անոնց
ճիւղաւորումը
դուրս
է
մեր
կանխազգուշութենէն։
Բայց
անոնց
վախճանը
վեր
է
մեր
հասողութենէն։
Գրուած
էր,
որ
փաշան
մեռնէր։
Ու
մեռաւ
այդ
լեզուէն
դաշունահար։