Գ.
ՄԱՍ
Ա.
Առաջին
այցելութիւնը։
Բայց
մարդոց,
որոնք
տունէ
մը
ներս
մտնելէ
առաջ,
լեցուած
են
անոր
խորհուրդովը,
ձգողութեամբը։
Որոնք
գիտեն,
թէ
ուր
եւ
որու
համար
կ՚երթան։
Էտհէմ
պէյը
պիտի
չմոռնար
ատկէ
ստացած
իր
բեկուն
տպաւորութիւնը,
նոյնիսկ
աւելի
յետոյ,
երբ
տէրն
էր
տունին։
Այդ
օրը,
նոր
ածիլուած,
գեղջուկ
իր
զարդարանքին
լիութեանը
մէջ,
անիկա
ի
զուր
սպասեր
էր
տիկինին,
հանըմ
էֆէնտիին,
որուն
գեղեցկութիւնը,
ազնուութիւնը,
քաղցրութիւնը,
մա՛նաւանդ
հրապոյրը
մտերիմներու
բերնով
արդէն
հասած
էին
իրեն։
Տարօրինակ՝
մարդը։
Ճանճը
չէր
փախցներ
իր
հսկողութենէն։
Անշուշտ
կատարուելիքը
եւրոպական
եղանակով
ներկայացում
մը
չէր
կրնար
ըլլալ։
Չեմ
կարծեր,
որ
այսօր
ալ
ատիկա
ընդունուած
ըլլայ
թուրքերուն
հին,
ազնուապետական
դասակարգէ։
Բայց
Էտհէմ
պէյերը
շատ
լաւ
գիտեն,
թէ
տասը
դար
առաջ
անգամ,
նամէհրամ
ին
հզօրագոյն
տիրապետութեան
շրջանին,
կիները
միշտ
ալ
ունեցեր
են
գաղտնիքը,
առանց
երեւալու,
իրենք
զիրենք
զգալի
ընելու։
Իշխանուհի
հանըմ
էֆէնտին
(կինը
կու
գար
իր
կարգին
ազնուական
արիւնէ,
ամուսինին
վրայ
արժանաւոր
պատուաստով)
ոչ
մէկ
նշան
տուաւ
իր
գոյութենէն,
չըլլալով
գուշակելի,
ոչ՝
հազէն,
որ
կանանոցին
հեռուներէն
արծաթ
հունչի
մը
պէս
կը
թռի
դէպի
պատուհանները
սէլամլըք
ին,
դող
հանելով
արուները,
ոչ՝
հրամանի
մը
փշուրներէն,
նետուած
սանդուխն
ի
վար
կամ
պարտէզն
ի
վար,
հետապնդելով
ձայնին
հրապոյրը
բացերը
սպասող
ականջներուն։
Կամ՝
քիչ-շատ
ազատամիտ
պիտակով
մը
պաշտպանուած
տուներէ
ներս,
շուքի
նման
սահող
ուրուաձեւէն՝
ամրաղաղակ,
բայց
թեւաւոր,
արագ,
բայց
յամենալէ
զգոյշ,
նման
ալիքի
մը,
որ
կը
քալէ,
բայց
ատենը
կը
գտնէ
իր
մազերը
փռելու
արեւին
։
Անիկա
ելաւ
փաշային
մօտէն,
խորապէս
տրտում։
Սեռային
մարզին
վրայ
յաջողութիւնը
մարդոց
մէջ
կը
ստեղծէ
անորակելի
սնապարծութիւն
մը,
զանոնք
ընելով
նախաձեռնարկ,
նենգ
ու
անզգած
ուրիշ
ամէն
յուզումի
։
Իրենք
զիրենք
գերադասելու
իրենց
միամտութեան
մէջ,
անոնք
կը
մոռնան
շուտ։
Ամէնէն
շուտ
՝
պարտութեան
մը
ամօթը։
Ռէժիին
տնօրէնը
առաջին
անգամն
էր,
որ
ինքզինքը
գտաւ
խորունկ
սեւամաղձութեան
մէջ։
Տարի՞քը։
Վար՝
երեսունէն։
Դրա՞մը։
Վեր՝
նաւահանգիստին
մեծփոր
վաճառականներուն
համագումար
ուժէն։
Պակա՞սը՝
ուրեմն։
Կը
հարցնէր
ասոնք
ինքն
իրեն
ու
բռունցքը
կը
զարնէր
սեղանին,
չկրնալով
նստիլ
բազկաթոռին։
Միւս
կողմէ՝
բանակ
էր
թիւը
էրիկներուն,
որոնք
ատամ
կը
սրցնէին
անոր
շուայտ
համբաւին
։
Ու
շատ
էին
եղբայրները,
որոնք,
զինուորական
ծառայութեան
իրենց
շրջանը
աւարտած՝
դարձեր
էին
նաւահանգիստ
եւ
ուխտեր
վերակազմել
իրենց
քոյրերուն
բզկտուած
պատիւը,
դանկըտելով
Քէլ
Էտհէմը։
Անշուշտ
խօսքին
ու
գործադրութեան
մէջտեղ
անդունդ
մը
կը
պառկի։
Բայց
ոստիկանութիւնը
քիչ-քիչ
կ՚արդիանար,
աւելցնելով
իր
ախորժակները։
Կը
տառապէր
անիկա։
Ի
զուր
անցան
իր
փորձերը
դրամով
խորտակելու
բերդին
ամրութիւնները։
Անիկա
առաջին
անգամ
ըլլալով
կ՚ամչնար
իր
հարստութենէն,
այսինքն՝
անոր
անկարողութեանը
փաստէն,
քանի
որ
իր
նուէրները,
ոսկիով
լեցուն
քսակները,
այնքան
փափկանկատ
կերպով
ղրկուած
փաշա
հազրէթլէրի
ին
զանազան
կարիքներուն,
դարձուեցան
ետ
անխնայ,
շնորհակալութեան
ջերմ
բառերով։
Որոնք
կը
գնահատէին
ազնուութիւնը
ղրկող
ձեռքերուն,
բայց
զգոյշ
էին
անոնց
գործածութեան
մէջ,
քանի
որ
ունէին
ապրուստի
բոլոր
միջոցները,
«կայսերական
հոգածութեան
շնորհիւ»։
Հեռատես
պառաւ
մը,
որ
անոր
այս
կարգի
ձեռնարկներուն
մէջ
արձանագրած
էր
մեծ
յաջողութիւն,
պոլսեցի
ու
քիչիկ
մը
շփուած
ալ
պալատական
բարքերուն,
երբ
իր
տղան
մեծ
դիւանի
մը
պետն
էր
Պապը
Ալիին,
անոր
թելադրեց
վերապահութիւն,
մա՛նաւանդ
նիւթական
միջոցներէ։
Պալատական
տիկինները
կ՚ատէին
զանոնք,
ապրած
ըլլալով
անոնցմէ
դուրս։
Իր
խորհուրդովն
էր,
որ
ուրիշ
տակտիկա
որդեգրուեցաւ:
Ջատուկները
լծուեցան
գործի։
Ինչպէս
Արեւելքի
հեքիաթներուն,
նոյնպէս
ալ
տուներուն
համար
չկայ
դժուարութիւն,
որ
խուսափի
այդ
կիներուն
ամենազօր
խելքերէն։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
առասպելը
անոնց
ներքեւ
օդէն
թռչող
գուբեր
կը
դնէ,
որոնց
մէջ
անոնք
կը
թխմեն
բոլոր
գեղանի
աղջիկները,
բերելու
համար
սիրատոչոր
իշխաններու
անկողինին։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
անոնց
ուղեղը
կ՚ընէ
գործիք
մը,
բոլոր
դժոխքները
խաբելու
կարող
հնարամտութեամբ։
Ու,
առանց
այդքան
բացարձակելու,
այսօր
ալ,
այդ
երկիրներուն
մէջ,
իրականութիւնը
չի
տառապիր,
նուաճելու
համար
անընտել
կին
մը,
սանկ
ու
նանկ,
բայց
իրենց
ուժը
փաստած
հնարքներով։
Լեգէոն
էին,
թուրքերու
մօտ,
հին
կնիկները,
աս
ու
ան
տէրվիշէն
հող,
փետուր,
ուլունք,
համեմներ
երկիւղածօրէն
պահ
դնող
իրենց
սնտուկներուն
խորը,
որոնց
կը
դիմէին
անոնք
անխախտ
հաւատքով,
ու
«երեսի
ջուրով»
դուրս
կու
գային
իրենց
ձեռնարկներէն։
Անոնցմէ
մէկն
էր,
որ
ստանձնեց
«փափուկ»
խնդրին
բարեյաջող
լուծումը:
Բ.
Ու
Մայիսի
մուտքերուն,
երբ
հանըմ
էֆէնտիին
ամուսին
փաշա
հազրէթլէրի
ն
կանչուած
էր
կուսակալին
մօտ,
բարեյոյս
գործի
մը
համար
բացատրութիւն
տալու
(շատ
հաւանաբար
փաթթուած
փաշային
գլխուն,
Էտհէմ
պէյին
թելադրութեամբն
ու
հաշիւներով),
անոր
կինը,
հետեւելով
շատերու
օրինակին,
փափաքեցաւ
պտոյտի
մը,
ծովախորշին
մէջ։
Համրուած
օրն
էր
ատիկա
ժողովրդային
տօնի
մը,
զոր
յոյներն
ու
թուրքերը
հաւասարապէս
կը
տօնախմբէին,
գառնուկ
ուտելով
խոտերուն
վրայ։
Արդարն
ու
մեղաւորը
գարնան
յաղթանակը
կը
փառաբանէին,
հաւանաբար
հին
բագոսեան
պաշտամունքի
մը
աւանդապահը
դառնալով
անգիտակցաբար։
Համով
էր
եղանակը։
Գաղջ
ու
կաթով
քսուած
կը
թուէին
բլուրներուն
երեսները։
Հարսնիքը
կակաչներուն
ու
բաց
կանաչը
ծառերուն։
Ու
հոտերը
յաղթական
գարունին։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
կու
գան
այդ
օրերը։
Կիներու
սրտին
մէջ
ալ
անիմանալի
հոսանքներ
կը
բուսնին
ու
կը
մեռնին։
Մահն
անգամ
կը
խառնուի
այդ
մութ
ուժերուն,
զարնելով
գետին
ձմեռէն
հիւծած
մարմինները։
Ծովային
պտոյտ
մը։
Ինչո՜ւ
չէ,
երբ
մեր
տարիքը
տակաւին
շատ
վար
է
քառսունէն։
Մեր
անցեալը՝
ծիրանի
երազ,
արքենի
յուզումներով
ծիածանուած։
Մեր
ներկան՝
խեղճուկ
տուն
մը
ու
յիմար
գիւղ
մը։
Մեր
ամուսինը՝
վաթսունի
դուռներուն։
Մեր
աղջիկը՝
մեր
առջին,
աղքատ
ու
դժբախտ…։
Պտո՞
յտ
մը։
Ինչո՞ւ
չէ։
Առնուազն
ծովնալու
համար,
հոգ
չէ
թէ
ցաւին
ալիքներն
ի
վար։
Այդ
պտոյտը
յարդարողները,
իր
տարիքէն
ու
քիչ
շատ
ծանօթ
կիներ,
առնուած՝
դաւադրութեան
մէջ,
առանց
գիտնալու,
նշանաւոր
ջատուկի
մը
տաղանդովը,
ծովեզերքէն
ելան
իրենց
յատկացուած
նաւակները։
Ջատուկին
կարգադրութիւնը,
աղջիկը
մօրմէն
զատելու,
քիչ
մնաց
վիժեցներ
ձեռնարկը։
Բայց
տարիքները
իրար
աւելի
կը
քաշեն։
Անոր
աղջիկը
տեղաւորուեցաւ
տարեկիցներու
գեղեցիկ,
թռվռուն,
մատաղ
խումբի
մը
մէջ,
ու
բացուեցաւ՝
խօսք
տալով
մօրը
չըլլալ
անխոհեմ,
չխաղալ
ալիքներուն
հետ։
Չէ՞
որ
ինքն
ալ
չէր
ուշանար։
Չորս-հինգ
հատ
էին
մակոյկները,
պչրուն,
մաքուր,
զարդարուած
բաներ։
Դաւադիր
հրաւէրներու
կը
նմանէին
անոնք,
մա՛նաւանդ
իրենց
պարունակութեամբը։
Ծովուն
վրայ,
մօտ-հեռու,
այնքան
ուրիշներ,
երգով
կամ
նուագով։
Ու
ամէն
մէկուն
փոքր
կայմէն
շապիկի
մը
պէս
առագա՜ստ
մը։
Կաթ
էր
ջուրը,
անոնց
ոսկի
թեւերուն
ներքեւ։
Ու
կողմնակի
բլուրներէն
գարունը
ծով
կը
թափէր
կարմիր
գետովը
կակաչներուն,
տեղ-տեղ
ճշմարիտ
արիւն։
Ելաւ
նաւակ։
Ու
չէր
խորհեր,
թէ
ինչո՞ւ
երկուք
էին,
պառաւին
հետ,
երբ
ուրիշ
մակոյկներ
բեռնաւոր
էին
չորսով–հինգով։
Անիկա
գոհացաւ,
աղջկան
մակոյկը
որոշ
նշանով
մը
զատելով
ուրիշներէն։
Կարմիր
թաշկինակ
մըն
էր
ատիկա
կայմիկի
գագաթին։
Ու
աղին
ու
գարունին
հոտերը,
կծու
եւ
անուշ,
կ՚անցնէին
անոր
ռունգերէն՝
ինչպէս
հոգիէն։
Ու
անոր
աչքերուն
ջուրը
մաքուր
խաղաղութիւնն
էր,
տունին
սեւ
վանդակումէն
ետքը։
Ոչ
մէկ
նշոյլ
վախի
ու
կասկածի։
Պառաւը՝
ամբողջ
օծութիւն
եւ
գուրգուրանք։
Ամբողջ
գովեստ
ու
հիացում։
Քիչիկ
մը
բացերը,
անոր
աչքերը
թեթեւ
մը
կճուեցան
մուխէ
մը։
Պառաւին
սիկարէթն
էր,
հոտաւէտ
ու
ոսկեզօծ։
Անիկա
մերժեր
էր
մատուցումը,
բայց
արտօներ
անոր
գործածումը
պառաւէն։
Հեշտ,
պղտոր,
բայց
ծանր
հոտ
մըն
էր
այդ
մուխը,
որ
կը
դպչէր
անոր
մազերուն
եւ
կարծես
թեւի
մը
պէս
կը
նստէր
այտերուն,
ա՛յնքան՝
որ
ձեռքերը
տարեր
էր
երեսին,
հոն
փնտռելու
համար
այդ
անտես
շղարշը։
Յետոյ
զգաց,
որ
անուշ
գիծեր
կը
փորուէին
իր
միսերուն
մէջէն։
Անիկա
չհամարձակեցաւ
հերքել
այդ
զգայութիւնը
ու
շրթները
դժուարաւ
քակուեցան։
Արծաթ
ու
սատափ
դրուագուած
մանրիկ
տուփը
պառաւին
ծունկերուն
վրայ,
բաց
՝
ինչպէս
կախարդական
հրաւէր
մը։
Ա՛յնքան՝
որ
մոռցաւ
իր
սկզբնական
մերժումը
ու
առաւ,
առանց
գիտնալու,
գրեթէ
խելակորոյս,
մատուցուածը։
Պառաւը
աւելի
քան
սիրաւէտ։
Անիկա
քաջալերեց
վախկոտ
հանըմը,
որ
նոր
կը
փորձէր
սիկառը։
Ծխեց
ու
փակուեցան
հանըմին
թարթիչները։
Սեւամորթ
նաւաստին,
մազերէն
բոլորովին
ճերմակ,
տխուր,
ինչպէս
հացի
համար
աշխատող
ամէն
վրիպած
մարդ,
քանի
մը
թիակի
դարձուածքով
շեղեց
նաւակը
դէպի
դղեակին
սահմանները։
Հոն
սպասող
ուրիշ
մակոյկներ,
տեսակ
մը
ճարտար
ռազմափորձով,
բացուեցան
դէպի
լայնքը
ծովուն։
Խաղին
նպատակը՝
նաւակին
մուտքը
դիւրացնել
երկաթ
ցանցէն
ներս,
ստեղծելով
հեռուէն
դիտողներուն
համար
անգտանելի
պատրանք
մը։
Դաւին
մէջ
առնուած
միւս
կիները
կը
շարունակէին
յառաջխաղացքը
դէպի
կակաչներուն
արօտը,
ապահով՝
թէ
հանըմին
նաւակը
կը
հասնէր
իրենց
ետեւէն։
Հանըմ
էֆէնտին
բացաւ
աչքերը։
Մինակ
էր
կիսամութ
սրահի
մը
մէջ,
որմէ
ոչինչ
կը
զանազանէին
իր
աչքերը։
Դժուար
եղաւ
իրեն
ինքզինքը
զետեղել
իր
մարմինին
մէջ։
Ու
փնտռեց
ծովը։
Աղօտ
լոյս
մը,
որուն
աղբիւրը
չէր
գտներ,
վախցուց
զինքը։
Անոր
կուրծքէն
շունչը
թռեր
էր
ձայնի
մը
պէս,
ու
նուաղ
ու
կոտրած
էր
այդ
ձայնը։
Յանկարծ,
ուժգին
սարսուռ
մը
կայծեր
ու
սառոյց
փախցուց
իր
ակնակոպիճներէն:
Անոր
կզակները
աքցանուած
էին
ասեղներու
տրցակէ
մը,
կարծես
թէ
կարկամած՝
իրենց
ծխնիներէն։
Կը
նստէ՞ր
։
Փորձեց
քալել։
Ու
զգաց,
որ
ամէն
ինչ
կակուղ
էր,
անասելի
խուսափումով
մը,
ընկրկումով
մը,
դէպի
վար,
իր
գարշապարին
ներքեւ։
Անիկա
սթափեցաւ
կակուղ
այդ
զգայութեան
հաշւոյն,
մա՛նաւանդ
ոսկորներուն
համար,
որոնք
մոմէ
շինուած
կը
թուէին
իրեն։
Ու
անկարելի
եկաւ
իրեն
վստահիլ
այդ
լխկած
բաներուն՝
բեռը
իր
մարմինին։
Թուլնալու,
քակուելու,
լուծուելու
սա
զգացումները
հզօր
էին
անոր
ուղեղին
մէջ,
որ
մեծկակ
խմոր
մըն
էր,
ծանր
ճնշումով
մը
գանկին
պատերուն։
Ամէնէն
աւելի
վախցաւ,
որ
այդ
ճնշումին
տակ
ճեղք
մը
կրնար
բացուիլ
հոն։
Շփեց
աչքերը։
Ուժո՛վ։
Բիւրաւոր
լոյսի
կէտեր,
ինչպէս
կրակի
մը
կայծերը,
կը
սաւառնէին,
տարօրէն
պայծառ,
բիւրախաղ
ու
բազմագոյն։
Ու
այդ
կայծերուն
կեդրոնին՝
նաւակը,
պառաւին
սիկառը,
ծովը,
աղջիկը,
որոնք
կը
շինուէին
ու
կը
մարէին,
նորէն
բուսնելու
համար։
Ոչ
մէկ
շարժում,
ձայն,
զգայութիւն՝
իր
շրջապատէն։
Երկրորդ
ուժգին
շունչ
մը։
Մարմինը
կ՚ամրանա՞ր։
Բայց
անիկա
կրցաւ
տեսնել։
Երկաթ
վանդակով
պատուհաններ,
որոնք
խիտ
ճաղերով
ծածկուած
էին,
լոյսը
մութին
հետ
շփոթելի
բանի
մը
վերածելու
չափ։
Ինք,
խորը
սրահի
մը,
որ
կը
ճշդուէր,
նայուածքին
ուժովնալուն
համեմատութեամբը։
Քովն
ի
վար,
վեր,
յովազի,
վագրի
թանկ
մորթեր,
պահող՝
գլուխներու
կաղապարը,
դունչ
ու
աչքերու
ուլունքները։
Այլապէս
տաք,
գրգռիչ
հոտաւէտ
ծխում
մը
ձեռքին
տակէն,
ամէն
անգամ,
որ
մատները
մխրճէին
այդ
հեշտ
ստեւին
խորը։
Անապատին
ա՞ռքը։
Հմայուած
վայրերու
վա՞խը։
Անոր
կռնակին
ոսկեհիւս
բարձեր,
դարձեալ
մատովի
զգացուած,
երբ
սահեցան
իր
մատները
բացուածքին
վրայէն։
Ու
աչքերուն
վրայ
ծանր
շալ
մը,
տարօրէն
խիստ,
մուշկի
կճումը
յիշեցնող
բանով
մը։
Անոր
միտքը
կ՚արթննար
իր
թմբիրէն։
Լսա՞ծ՝
հեքիաթը
դղեակին։
Թէ՝
տեղին
յարդարանքը
զինքը
կ՚արգիլէր
իրականութեան
դառնալու։
Խառնիխուռն
յուշեր,
զգայութիւններ,
պատկերի
բեկորներ,
վախ,
ու
հոտերուն
ազդեցութեան
տակ
ներքին
սօսաւիւն
մը,
որ
անուն
չունի,
բայց
կը
քալէ
մեր
ջիղերուն
վրայէն,
մեզ
ընելով
խրտչուն,
տրոփուն,
բայց
անուշ։
Մագնիսականութիւնը
մինակ
երկաթներուն
վրայ
չէ,
որ
կը
տպաւորէ։
…
Ելած
էր
ոտքի,
դեդեւուն,
հեշտութեան
ու
վախի
զոյգ
զգայութիւններէ
տրորուած։
Ու
տարօրինակ
էր,
որ
ինքզինքը
զգար
բաղնիքէն
նոր
ելած
մարմնին
խմորովը։
Պատրաստ
սակայն
ձայնն
ելածին
չափ
ճչալու,
երբ
պէտքը
ունենար
ատոր։
Ձայնը
կիներուն
ամէնէն
ամուր
զէնքերէն
մէկն
է։
Դո՞ւռը
բացուեցաւ։
Իրականին
մէջ
գոց
չէր
անիկա։
Ու
բուսաւ
ռեժիի
տնօրէն
Էտհէմ
պէյը։
Պարզ,
իրաւ,
էրիկ
մարդ։
Այս
վերջին
երանգը
տարօրէն
ուժով
զգաց
անիկա
ու
չէր
գիտեր՝
ինչո՛ւ։
Քիչիկ
մը
դեղին,
քանի
որ
անորոշ
բացուածքէ
մը
կապտորակ
լոյս
մը
կը
կոտրտուէր
անոր
փայլոտ,
բայց
արու
երեսին
վրայ։
Ու
շեշտուած
էին
սեւ
ոլորքները
պեխերուն.
ուժգին
ու
հպարտ,
այդ
օրերուն
գերմանական
նորաձեւութեամբ
սրածայրուած։
Հանըմ
էֆէնտիին
առաջին
շարժումը
պիտի
ըլլար
ծածկուիլ։
Բայց
անոր
ֆերաճէ
ն
կը
պակսէր։
Ու
զարմացաւ,
թէ
ինչու
նոր
կ՚անդրադառնար
ատոր։
Միւս
կողմէ՝
անոր
թեւերը
դժուար
բարձրացեր
էին։
Անկարող
տեղ
մը
փախչելու,
ծածկեց
երեսը,
շրջելով
դէմքը։
Մօտիկ
անցեալին
մէջ
քողով
ծածկուիլը
թուրք
կնոջ
մեծագոյն
մտահոգութիւնն
էր։
Տուն,
դուռ,
սենեակ,
բակ,
ամէն
ինչ
շահագործելի
էր,
որպէսզի
կիները
անակնկալի
չգային
պատահական
արու
աչքերու
դիմաց,
առանց
լաչակի։
Ու
ամէն
շարժում,
մարմնի
վրայ,
կնիքը
կը
կրէր
այդ
զբաղանքին։
Երեսը
շրջելը
բնազդական
փախուստ
մըն
էր,
ճարուած՝
անգիտակից
աղբիւրներէ։
Առանց
զգածուելու,
յուզուելու,
Էտհէմ
պէյը
յառաջացաւ
դանդաղ՝
էֆէ
ներուն
դասական
քայլքովը,
ձեռքերը
կռնակին
հիւսած,
քիչիկ
մը
աջ
հակելով
ու
կոր։
Անոր
ետեւէն
կը
քալէր
լոյսին
կապոյտ
քառանկիւնը։
Բացուածքը
գրաւող
իր
մարմինին
հեռացումը
պատճառն
էր
այդ
պատրանքին։
Սրահը՝
աւելի
յստակ։
Առարկաները՝
աւելի
պայծառ։
Ու
անոր
քայլերուն
տակ
ճմլուած
մորթերէն
խուլ
ու
քաղցի
բուրում,
որուն
ծաւալումը
խոտոր
կը
համեմատէր
քալուածքին
ծանրութեան։
Անիկա
մօտեցաւ,
երկու
քայլ
մինչեւ։
Յետոյ,
հանդարտ,
տխուր
ու
լուրջ։
–
Բարի
եկաք,
հանըմ՝
էֆէնտի։
Ու
անոր
ձայնը
անդիմադրելի
էր։
Կինը
դարձաւ
անոր։
Ու
նայեցան
իրարու։
–
Ճանչցա՞ք
զիս։
Հարցումը
պարզ
էր,
ու
առանց
ձայնի
բացառիկ
կնիքին,
որով
անոր
համբաւը
կը
քալէր
կիներու
բերանէն։
Ոչինչ՝
այդ
ձայնին
մէջ
հեքիաթին
յօրինած
սրիկայէն։
Տիկինը
յիշեց
ամուսինէն
դատումներ։
Ու
այդ
մերձեցումը
ուժ
մըն
էր
անոր
կակուղցած
հոգիին
համար։
Յետոյ,
առանց
հարցումին
պատասխանելու
--բաներ
կան,
որ
կ՚ընենք
մեր
գլուխէն
վեր
մղումներով--
անիկա,
վախկոտ
ու
նեղուած,
որովհետեւ
կը
պակսէր
լաչակը,
հարցուց
իր
կարգին.
–
Ո՞ւր
է
ֆերաճէ
ս։
–
Պէտք
չունիք
անոր։
Այս
պատասխանը
տեսակ
մը
ամօթախառն
վախ
արթնցուց։
Թեթեւ,
բայց
գուշակելի
սարսուռ
մը
քիչիկ
մը
դեղնեցուց
անոր
հեշտաւէտ
մորթը,
այտերուն
սահքն
ի
վար
դէպի
վիզին
վէժը։
Կան
այս
երեսները,
որոնք
իրենց
փախուստին
մէջ
կը
շինեն
անհաս
ձգողութիւն
մը։
–
Ինչպէ՞ս։
–
Այո։
Հիւր
էք
ինծի։
Ըսեր
էր
առանց
ծիծաղի՝
ինչպէս
չարութեան։
–
Ինչպէ՜ս
հիւր։
–
Ծովու
ճամբով։
–
Ինչո՞ւ
մինակ։
–
Կարգ
մը
տեղեր
մինակ
կ՛երթան,
հանըմ
էֆէնտի։
–
Ինչո՞ւ։
Բայց
անոր
կոկորդը
կակուղ
էր
տակաւին։
Ու
հարցում՝
ինչպէս
պատասխան,
հաստ,
ընդդիմահար,
առարկաներու
կը
նմանէին
անկէ
ու
անոր
ճամբու
դրուած։
–
Այդպէ՛ս։
Անիկա
կը
խաղար
մազին
մէկ
փունջովը,
որ
ճակատէն
կախ,
ոլորուն,
անոր
ընկերը
կ՚ըլլար
այս
կարգի
տրամաթիք
կացութիւններու
մէջ։
Ու
պատրանքը
մօտ
էր
կոտրելու։
Հեռուէն,
շատ
հեռուէն
կը
թուէր
ատիկա,
շոգենաւի
մը
հսկայ
սուլիչը
պատռեց
երկինքը,
պատառ-պատառ,
ճռալով
ու
լալով։
Տիկինը
յիշեց
յունական
նաւը,
որ
պիտի
մեկնէր
Պոլիս։
Բայց
չկրցաւ
մտաբերել
նաւակը,
որ
զինքը
հոս
էր
բերեր։
–
Ծովով
եկաք,
հանըմ
էֆէնտի,
որովհետեւ
ցամաքէն
չուզեցիք
գալ։
–
Ինչպէ՞ս։
–
Այո,
չուզեցիք։
Շուարուն,
վախկոտ՝
հանըմը
փորձեց
մազերը
տեղաւորել։
Ու
մատները
եղկ
բանէ
մը
խոնաւցան։
Քունքերուն
անիկա
պիտի
գտնէր
նոյն
զգայութիւնը
։
Յանկարծ,
մտքէն
մեծ
պատ
մը
փրթաւ։
Անիկա
յիշեր
էր
ծովը,
նաւակը,
պառաւը,
սիկառը,
տաք
ու
անձրեւոտ.
--
Ո՞ւր
է
Նաճիէ
հանըմը։
--
Իր
տունը։
--
Ե՞ս
ինչու
հոս
եմ։
--
Որովհետեւ
չուզեցիք
ցամաքէն
գալ։
--
Ինչպէ՞ս։
--
Այնպէս՝
ինչպէս
կու
գան
կիները ...
--
Ա՜յ։
Անոր
արիւնը
սառեցաւ
ամբողջովին։
Ու
թաւշային
անոր
դէմքը,
պարպուած
իր
երանգէն՝
խռովիչ
էր,
որքան
խորունկ։
Երակները
մօտ
էին
պայթելու։
Նետուեցաւ
ոտքի։
Խուժեցին
ձայներ
ու
հեծքեր,
ներքին
բեկումներ։
Բայց
սրունքները
կ՚ամրանային։
--
Ա՜,
–
արձագանգեր
էր
մեղկ,
աւազակը։
Մօտեցաւ
անիկա,
քայլ
մը
աւելի։
Այսքան
մօտէն
անիկա
վիրաւոր
էր
իր
անձին
շատ
մը
մեղքերովը։
Ի
վերջոյ
ոճիրն
ու
սպանդը
իրենց
կնիքը
կը
դնեն
մեր
արտայայտութեան։
Հագուստին
գռեհկութիւնը,
մատներուն
կոշտ
տժգունութիւնը,
կուրծքին
հաստ
քիչութիւնը
կը
խառնուէին
իրմէ
ծորող
վանողական
այն
բանին,
որ
ոճրագործին
հետ
պտտող
ոլորտ
մըն
է։
--
Հասկցա՜յ։
Հասկցողն
էր
հանըմ
էֆէնտին,
որ
ձեռքը
զարկած
էր
ճակտին,
սարսափի՝
որքան
յուսահատութեան
փայլակէ
մը
վարուած։
Ինկած
էր
հեքիաթին
դարանը,
որուն
չէր
հաւատար,
երբ,
դպրոցական
աղջիկ՝
կոմսուհիներու
արկածները
կը
կարդար
ֆրանսերէնէ
թարգմանուած
թերթօններու
մէջ
ու
կը
ծաղրէր
անոնց
սուտը,
խոր
հաճոյքով
մը
պատմելով
հանդերձ
ընկերուհիներուն։
--
Շատ
ուրախ
եմ,
հանըմ
էֆէնտի,
–
անդրադարձաւ
ռէժիին
տնօրէնը,
բարեկիրթ,
բայց
յուզուած։
--
Դարան։
--
Երբեմն
պէտք
է,
հանըմ
էֆէնտի։
--
Այսի՞նքն։
--
Դուք
կը
հաստատէք։
--
Ի՞նչը։
--
Դարանը։
--
Յետո՞յ։
Տնօրէնը
լռեց։
Ու
մռայլ,
կէս
մը
գունատ
դէմքին
վրայ
ածիլուածքին
կիսականաչ
փայլը
կը
թուէր
վետվետիլ։
Թո՞ւք,
թէ
կրակ
կուլ
կու
տար,
որպէսզի
երեսին
դնդերները
դողդողային
այսպէս։
Ցանկութիւնը
միշտ
աչքով
չի
խօսիր։
Անիկա
կ՚ընտրէ
կզակի
մկաններն
ալ։
Յետո՜յ։
Զղջա՞ց
սա
արկածախնդրութեան
համար
«ամէն
բան
աչքն
առած»
աւազակը,
որպէսզի
մնար
շուար,
չկրնալով
բառեր
անգամ
կառավարել,
ի՜նք՝
որ
մասնագէտն
էր
խօսքին։
–
Չէ՞ք
մտածեր
հետեւանքին։
Տրտում
նայուածք
մը
դիմաւորեց
տիկինին
հարցականը։
Անշուշտ
տղայ
էր
սա
հանըմը։
Թուրքերը
ազգային
առած
մը
ունին,
որուն
համեմատ
մինարէն
գողնալու
յանդգնողը,
անոր
պատինքն
ալ
պարտաւոր
էր
միասին
տանիլ։
--
Ձեր
ըրածը
ամէնէն
ստորին
ոճիրն
է ...
Նոյն
տրտում
նայուածքը
ընդունեց
այս
նախատինքն
ալ։
--
Մարդասպա՛ն։
Ու
չէր
գիտեր
յարձակողականի
անցած
հանըմը,
թէ
կը
կատարէր
դերը
հերոսուհիի
մը,
որ
իր
կարդացած
մէկ
վէպին
մէջ,
հեռու
Սկովտիայի
աւերակ
բերդի
մը
աշտարակին
կատարին,
չափուած
էր
դէմի
մարդուն
տարազով
աւազակի
մը
հետ։
Անիկա
չգնաց
առաջ
կոմսուհիին
թուքն
ալ
նետելու
ռեժիի
տնօրէնին
քիթին
ու
բերնին։
Էտհէմ
պէյը
կը
պահէր
իր
հանդարտ
ու
տրտում
նայուածքը։
Կարծես
ըլլար
պատրաստուած՝
սա
տեսարանին
ու
սա
բառերուն։
Անզգած,
անիկա
երկարեց
ձեռքը,
որ
մեղմով
ծալեց
շղարշեայ
վարագոյր
մը,
քանի
որ
անոր
բացուելովը
երեւան
եկածը
պատուհան
մըն
էր։
Տեսնուա՞ծը։
Գրեթե
ոչինչ,
բացի
դէմի
շատ
հեռու
ափունքին
կռնակէն,
որուն
կատարագիծը
մուխի
մէջ
սքողուած
շղթայ
մըն
էր
քաջածանօթ,
իր
անունը
կրող
հրուանդանով։
Ու
վրան՝
քիչիկ
մը
երկինք,
լեղակի
պէս
խիստ,
նոր
լուացուած։
Այս
պայծառութիւնը
լուսաւորեց
անոր
սաթի
գոյն
մորթը։
Ու
այդ
փախստեայ
լոյսին
մէջ
անոր
վիզին
երկու
քովերէն
կապուտիկ
բաներ
կը
բաբախէին,
տարօրէն
ճերմակ
այդ
հովիտին
մէջ
բուսնող
ծաղիկներու
բերանով։
Այդքան
մօտէն
այդ
կնոջ
դէմքը
կը
գտնէր
իր
համբաւին
իրականութիւնը։
Ու
թափանցիկ
էին
անոր
միսերը,
եգիպտական
մեղրամոմէ
մարմարով
ամաններուն
նման։
Յուզումը
ալիք–ալիք
կը
դողացնէր
զանոնք,
ինչպէս
կը
պատահի
պարագան,
երբ
այդ
ամֆոռ
ներուն
մէջ
մոմ
մը
վառենք։
Այդ
երանգին
ու
թախծութեան
մէջ
հանըմը
անդիմադրելի
էր։
Ռէժիին
տնօրէնը
վերցուց
երկրորդ
վարագոյր
մը,
յետոյ
երրորդ
մը
ու
չորրորդ
մը։
Լոյսը
կը
խուժէր:
Ու
թրթռագին,
քիչիկ
մը
ժանեկաւոր
անոր
հոսանուտին
ընդմէջէն
կը
յօրինուէր
սրահը,
գաղտնախորշ
ու
խօսուած
սրահը
հռչակաւոր
պալատին,
անոր
բարձրագոյն
աշտարակիկը,
գարգմանակի
մը
պէս
դրուած՝
անոր
ծովամէջ
մէկ
թեւին,
հաւասարապէս
հեռու
ճամբէն
ու
ձկնարանէն:
Ու
կը
բացուէր
անիկա
իր
մռայլ
տրտմութենէն,
յորդելով
ջերմ
գեղեցկութիւն
մը,
բարբարոս
ու
գրգռիչ,
արու
եւ
արիւնռուշտ,
վառօդի
եւ
արիւնէն
չորցած
երախներով
սուրերուն
հոտովը
ծանրաբեռն։
Պատուհանէ
պատուհան
կտոր
մը
տարածութիւնն
անգամ
գրաւուած
էր
բազմաբղէտ
բժժանքներով,
գիր,
կրիայի
ոսկոր,
փետուր,
թռչունի
կմախք,
ծովային
ժժմակներու
մեծկակ
թիւով
մը
ընդելոյզ
հանգոյցներով
ամրացուած։
Գազաններու
մորթերը
ու
լուրջ
գոյներով
գորգերը
տախտակամածը
կը
շարունակէին
պատերուն
ալ
վրայ,
ճաշակով,
բայց
վայրագ
ալ
այն
խորութեամբ,
որ
զէնքի
մարդոց
քմահաճոյքները
կը
յօրինէ։
Արաբական
ոսկեգիր
այաթ
ներ
փարթամ
յատակի
մը
վրայ
պառկած
սուրերու,
խանչեր
ներու
կորագիծով։
Նիհար
լուսանկար
մը,
շատ
շքեղ
շրջանակի
մը,
տիրող
ու
գազան,
ինչպէս
էր
առջի
երիտասարդութիւնը
անոր
տիրոջ։
Արեւելեան
սա
տեքոր
ին
վերարտադրումը
կարօտ
է
էջերու։
Կ՚անցնիմ,
ուշադրութիւն
կանչելով
տաք
ու
կրքոտ
այն
մթնոլորտին
վրայ,
որ
դուրսէն
կամ
արեւէն
բան
չունէր
իր
մէջ։
Այլ
կը
բխէր
այդ
ամէնէն։
Ու
տեսակ
մը
գոց
հոտ,
միuի,
սերմի,
բորբոսի,
գաղջ
բաներու,
որոնք
բաղնիքներէն
կը
յամենան
մարդոց
ռունգերուն։
Արեւմտեան
դղեակներու
մէջ
հաւանաբար
կիներու
զարդախուցերը
տոգորուած
ըլլալու
էին
սա
դպող
բոյրով։
Յետո՞յ։
Այսինքն՝
սա
տեքոր
ին
վե՞րջը։
--
Անշուշտ
այն
ամէնը,
զոր
միջին
դարը
կը
պատմէ
այսպէս
աշտարակարգել
կիներու
ողբերգութենէն,
սա
տարբերութեամբ,
որ
այս
դղեակը
կառուցուած
էր
տասնիններորդ
դարու
վերջին
տարիներուն,
երբ
թուրքերը
քրիստոնեայ
ժողովուրդներու
ջարդը
պաշտօնական
զեկոյցներով
«կատարեալ
անդորրութեան»
կը
վերածէին
ու
դպրոցներուն
մէջ
իրենց
նախնիքներուն
պաշտամունքը
տարած
այլամերժ
կրօնքի։
Ու
խորհիլ,
որ
երկու
քիլոմեթր
հեռու
նաւահանգիստ
մը
կար
գազայի
մը
պետական
ամբողջ
կազմածովը,
հարիւրապետներով,
զոյգ
դատարաններով,
ոստիկանութեամբը,
զինուորական
կայանովը։
Հարիւրէ
աւելի
մակոյկներ
կը
ճեղքէին
ծովը
այդ
դղեակին
բացօքը։
Կառավարական
պահականաւը
անցեր
էր
անոր
առջեւէն
ու
կը
պաշտպանէր
պտոյտի
ելած
հանըմները։
Ռեժիին
տնօրէնը
պիտի
խօսէր
քիչ
ու
պարզ։
Փաշային
կինն
ալ
պիտի
հասկնար։
…
Մինչեւ
որ
կացութիւնը
ճշդուեցաւ։
Հանըմ
էֆէնտին,
լուրջ,
առանց
հեգնութեան,
պահանջեց
հեքիաթին
միւս
արարուածը,
ժողովուրդին
մէջ
խուլ
կերպով
շրջող
պատմութեանց
արդարացումը,
դղեակին
յատակը
հանող
աներեւոյթ
սանդուխները,
որոնք
կը
բացուէին
անդունդներու
վրայ։
Կը
խօսէր
յստակ։
Տէրը՝
շեշտին
ու
բառին։
Քիչ-քիչ
կիրքի
կարմիր
մը
կը
հեւար
անոր
այտերուն,
որոնք
կը
թուէին
արձագանգել
վիզին
երկու
քովերուն
բաբախող
ճերմակութեան։
Ընելի՞քը։
--
Որո՜շ։
Պիտի
տար
իր
մարմինը
ծովուն,
բայց
ոչ
մէկ
գնով՝
աղտոտ
արարածին,
որ
դէմն
էր
հիմա։
Ու
գեղեցիկ
էր
իր
զայրոյթէ՞ն,
թէ
մարմինէն։
Պիտի
հարցնեն
մարդերը
ասիկա։
--
Այսքա՞ն։
Ինքնիրեն,
գրեթե
չնայելով
հանըմ
էֆէնտիին,
կը
յիշէր,
անգիտակցաբար,
կիները,
որոնք,
սա
տեքոր
ին
մէջ,
գրեթէ
աս
պայմաններով,
տեղաւորուած
իր
ուժով
բազուկներուն
մէջ
(անոր
գոգին
երկու
կին
կրնային
բազմիլ
ժամով,
առանց
յոգնեցնելու
ծովու
ջուրին
մէջ
կազմուած
այդ
ոսկորները),
կախուած
իր
բերանէն,
հաճոյքէ,
գինովութենէ,
գերագոյն
հեշտանքէ
մեռնիլ
կ՚ուզէին
գերագոյն
այդ
պահուն։
Սո՞ւտ,
այդ
լեզուները,
իրենց
շաղի
պէս
զովուկ
բառերով
ու
կրակի
պէս
խարանող
շունչով։
Ձեռքը
տարաւ
ճակատին։
Պատկերները
հալածուեցան։
Աչքի
մեղմ
շրջումով
մը
կը
դիտէր
զայրոյթէն
դողդողացող
տիկինը։
Ու
գտաւ,
որ
պիրկ
ու
գրեթէ
դեղձան
բան
մը
եղած
էին
անոր
երեսները,
հիմնովին
տարբեր
բոցագոյն
այն
երանգէն,
որ
մեր
կիրքը
այսպէս
կը
վարդերփնէ
մեր
այտերուն։
Ուրիշ
հուրք
մը,
դեղին
ու
վանող,
կը
լուսաւորէր
այդ
կինը
մազերէն
մինչեւ
ոտքը։
Տրտմեցաւ
չարաչար։
Առաջին
անգամն
էր,
որ
կը
զգար
ատելութիւնը
իրմէն
դուրս,
ուրիշի
մը
վրայ
այդքան
պայծառ:
Շողոմի,
կեղծիքի
վարժ
հոգիները,
այսինքն՝
բոլոր
բռնապետները
կը
զարմանան
այդ
զգացումէն։
Անոնց
այնպէս
կու
գայ,
թէ
բոլորն
ալ
պարտաւոր
էին
պարտկել
զայն։
Դեղձան։
Աղուոր։
Դաժան։
Արհամարհոտ։
Մինչ
անոր
մտքին
մէջ
կը
շինուէր
թագուհի
մը,
սպանական
քաղաքէ
մը,
դարձեալ
մատղաշ
օրերու
ընթերցումի
մը
կտակը։
Ու
գորգուած
փոքր
տարածութիւնը
վերածուեցաւ
վիրապի
մը
քար
յատակին։
Բուռն
պահերուն
ճակատագիրն
է
մեր
միտքը
տարտղնել
ինքնիր
մէջ։
Այս
եղանակը
ձգտումը
կը
թեթեւէ։
Թերթօնին
թագուհին
մեռած
էր,
վիպային
հերոսութեամբ
մը
ինքզինքը
խածնելով
ոչ
թէ
մարմինէն
–
անոր
ամէն
մասերը
առնուած
էին
երկաթ
կապերու
մէջ
–,
այլ՝
հոգիէն,
ակռաները
սեղմելով,
ա՛յնքան՝
որ
հիւսուած
էին
կզակները
իրարու,
անդարձ
կնիքով։
Ատելութիւնն
ալ
կը
մեռցնէ
մեզ։
Անոր
ամուսին
թագաւորը
յիմար
մը
չէր
անշուշտ։
Մե՞ղքը։
–
Սիրել
չկրնալը։
Մեր
կիրքին
ամէնէն
բուռն
պահերուն
մեր
հեռացումը
մեզմէ,
մեզ
կ՚ընէ
բացառօրէն
զգլխիչ։
Այդ
հրաշքով
կիները
սանձեցին
աշխարհասասան
կեսարներ
եւ
մարդասպաններ։
Ու
մինչ
տրամը
կը
բեմադրուէր
անոր
ուղեղին,
անոր
ատամները
կը
ձայնէին
խուլ
աղմուկով։
Հանըմ
էֆէնտին
երա՞զը
կ՛աղար
։
Անոր
սա
պատկերին
դիմաց,
քարացած,
հիացիկ,
ինքիրմէ
դուրս,
բառ
չէր
գտած
լեզուանի
աւազակը:
Փոքրացաւ,
գրեթէ
չքացաւ
աղեղը
անոր
բազուկին։
Դաշոյնը
կը
տեղաւորէր
պատենքին,
բայց
չէր
գիտեր,
թէ
ինչո՛ւ
թեզանիքէն
ափն
էր
իջեցուցած
չարաշուք
գործիքը։
Մեծկակ
սեղան
մը,
ա՛յն՝
զոր
թուրքերը
տիւան
կ՚անուանեն,
գետնէն
երկու
թիզ
միայն
բարձր,
զանոնք
կը
բաժնէր
հիմա։
Ուշագրաւ
էին
զոյգ
մը
առիւծի
մորթեր,
արու
եւ
էգ,
որոնք
կը
շարունակէին
նայիլ
իրենց
ուլունք
աչուըներով։
--
Վատ,
վա՛տ,
վա՜տ…։
Բառերուն
հետ
անոր
թափանցիկ
մատները
աւազակին
երեսին
նետեցին
թեւաւոր
արհամարհանքը։
Ինչէ՞ն
է,
որ
ամէնէն
ահաւոր
նախատինքը
երբեմն
գողտր
հրապոյրի
մը
պէս
կ՛արձագանգէ
մարդոց
ջիղերուն։
Որքան
ծարաւն
ունէր
անոր
ձայնին,
պոլսական
շէյվէ
ին։
Մորթն
ու
ձայնը
մութ
ձգողութեամբ
մը
կապուած
կ՚ըլլան
երբեմն։
--
Խօսէ,
հանըմ
էֆէնտի...
--
Անա՛րգ,
ստորի՛ն...
--
Հայհոյէ,
բայց
խօսէ։
Հաճոյք
էր
իրեն
համար
այդ
զայրոյթէն
կարմրած
մորթն
ու
ձայնը
ունենալ
իր
աչքերուն
ու
ականջին։
Կ՚ըսեն,
թէ
տարփանքը
միայն
մեր
մարմինը
չի
փոխեր։
Անիկա
կը
դպի
մեր
բառերուն
ալ
երանգին։
Խօսք
մուրացող
մարդասպանը
քաղցր
էր,
ինչպէս
սիրոյ
նոր
բացուած
պատանին։
Ու
չէր
խնդար,
ինչպէս
կ՚ընեն
լիրբերը,
սրիկաները,
թուրքերը,
անոր
անզօր,
յուսահատ
լեզուագարութեան
դէմ։
Լա՛լ։
Բայց
արցունք
կ՚ուզէր։
Ու
գիտէր,
որ
պիտի
չկրնար։
Արցունքին
չեկած
փայլակէն
խոնաւ
բան
մը
ցոլցլաց
սակայն
անոր
աչքերուն
խորը,
ընելով
զանոնք
պղտոր
ու
կպչուն։
Թարթիչներուն
տակովը
ծարիրը,
խտացած,
կը
նպաստէր
այդ
զգայութեան
զարթումին։
Խնամքով,
բայց
ոչ-պոռացող
արդուզարդը
ատեն
չէր
գտած
աւրուելու,
հակառակ
անոր,
որ
նաւակէն
մարդու
շալակով
վեր
էր
տարուեր։
Կը
կրկնէր
նախատական
բացագանչութիւնները,
շունչ
առնելու
համար
կեցած
պահուն
միայն
զգալով
բառերուն
աղտը,
որ
ծուխին
սեւին
պէս
քիչ-քիչ
կը
նստի։
Թողուց
միւսը
սակայն,
որ
լեզուին
տայ
անիկա։
Ձայնը,
այդ
ապակեղէն
աշտարակին
բարձրէն,
կը
դառնար
վար,
թափելու
անոր
ծոցին։
Մտիկ
կ՚ընէր,
առանց
թարթելու,
զատելով
անոր
երանգը,
որ
մօտ
էր
հեծեծանքի
փոխուելու։
Եւ
որպէս
թէ
հնօրեայ
գինի
մը
ըլլար
այդ
կնոջ
բերնէն
ելածը,
բառերը
հեղուկ
գինովութեան
մը
պէս
կը
խորանային,
կ՚անձնաւորուէին
--ձայնը
կնոջ
մը
միսն
է
թեւի
ելած--
ու,
վիրաւորելու
տեղ,
կը
դպէին
փափկօրէն
անոր
անսպասելի
կեդրոններուն։
Անոր
գեղացի
վախը
ու
գրաւման
սաստկութիւնը
հազիւ
զսպեցին
զինքը,
նետուելէ
վրան
ու
խմելէ
այդ
շրթունքները,
որ
այնքան
անուշ
գիտէին
ըլլալ։
Նոր,
իրեն
անծանօթ
զգայութիւններ։
Կնոջ
մը
դէմ
հեշտանքը
որքան
շուտ
իջնէ
կրկէս,
հրապոյրը
այնքան
արագ
կը
մոխրանայ։
Որքան
ուշ
միջամտէ,
զգացումը
այնքան
կը
շիկանայ
ինք
իր
մէջէն։
Հարիւրով
կիներու
մարմինէն
տառապէս
յափրացած
աւազակը
ո՞ր
ճամբով
այցուէր
պիտի
քաղցր
յուզումներէն,
որոնք
մարդու
հոգին
տղայ
կ՚ընեն
ու
մաքուր։
Ու,
ո՞վ
իրեն
ըսաւ,
թէ
իր
ճանչցածէն
տարբեր
բան
է
կինը։
Կի՞ն։
Ուրեմն
ա՛ս
էր
առասպելական
այն
կենդանին,
որուն
մասին
ան
լսեր
էր
աշուղները
եւ
Արեւելքէն
հոս
ինկած
հին–հին
մարդերը,
տարիքի
այնքան
տարբեր
աստիճաններով,
ծագումէ
եւ
տառապանքէ
այնքան
աննման
իրարու,
բայց
պատմումին
մէջ
այնքան
պարզ
ու
մէկ,
երբ
սրճարաններու
անկիւնը,
թափառական
անոնց
բերաններէն
երգի,
ողբի,
բառի
ու
պատկերի
ձեւերով
կը
թափէր
գետին
ինչ
որ
գիրքերը
կը
տարազեն
իբր
մահէն
ալ
զօրաւոր։
Սեռային
կրակին
ճակատագիրն
է
մահուան
նմանիլ։
Ուրիշի
վրայ
անհաւատալի
է
անիկա։
Ռէժիի
տնօրէնին
խորագոյն
ցաւերէն
մէկն
էր՝
իր
անհաղորդ
մնալը
սա
տարօրինակ
պատգամներուն,
որոնք
գեղջուկ
երգերով
կը
պատկերեն
յաւիտենական
զգացումին
երանգները,
նմանութեանց
հեղեղի
մը
ընդմէջէն,
մեծն
ու
փոքրը
դնող
նոյն
գիծի։
Կիներով
հայթայթուած
վայելքներուն
համար
անիկա
ունէր
որոշ
զզուանք,
արդիւնք՝
իր
զեղծանումներուն։
Ու
իր
ցաւն
էր
դարձեալ,
գտած
չըլլալը
այդ
փռուող
մարմիններուն
եղկ
ճերմակութեան
ու
կէս
մը
աղի
հոտին
մէջ,
ինչ
որ
հեքիաթը
կ՚որակէր
մագնիսը
աշխարհին։
Ի
զո՜ւր
այսպէս
մշակուած
տրտմութիւններէ
վերջ
անիկա
պիտի
վազէր
ծոցը
աս
ու
ան
իր
տարփուհիներուն,
իր
կողմէ
պատսպարուած,
որոնք
իրենց
ամուսինները
խաբել
չկրնալու
տառապանքը
սուղի
կը
ծախէին
անոր,
իրենց
համերէն
ինքնաբերաբար
պարպուելով։
Առաջին
կրակէն
ետքը,
ամէն
ինչ
կը
դառնար
իր
աղի
անհամութեան,
գարշ
հոտի
մը
հետ
նստած
անոր
ջիղերուն։
Մարմնական
ստացումին
յաջորդ
թուլութիւնը
կ՚ապականէր
անոր
գեղջուկ
առողջութիւնը
(հոգեկան),
սեռին
մէջ
զբաղումը
արժեզրկելով,
ամէն
բան
սեւ
ու
անհրապոյր
ընծայելու
չափ
անոր
զգայարանքներուն։
Ուրկէ՞
պիտի
մղուէր
անիկա
փնտռելու,
միսերէն
անդին,
այն
ուրիշ
բանը,
որ
համն
է
սա
մեր
աշխարհին,
իր
նամէտ
ու
կծու
շոգիներէն
զերծ,
–
մաքրութիւն,
պարզութիւն,
սիրտ,
գեղջուկներուն
ընտանի
սէրը։
Ռէժիին
տնօրէնը
անշուշտ
սա
մտածումները
այսքան
յստակ
չունեցաւ
իր
ներսը։
Բայց
անոր
զարմանքը
մեծ
էր
սա
հրապոյրին
առջեւ։
Ինչո՞ւ
ուրիշներու
վրայ
գործադրուածը
չէր
ներկայանար
անոր,
ի՜նք՝
որ
կիները
գետին
փռելու
մէջ
այնքան
կիրք
ու
աճապարոտ
հեշտութիւն
ունէր։
Ու
աղօտօրէն
կը
զգար,
թէ
ինչ
որ
հիմներանգն
էր
կազմեր
իր
գոյութեան,
սեռին
համար
հասնելէն
ասդին,
ու,
արիւնին
ու
շուայտութեան
մխումովը,
խառնունքը՝
իր
հոգիին,
հիմա
կը
թալանար։
Հով
մը,
անոր
մէջ,
որուն
հանդէպ
զգայուն
կը
դառնայ
մեր
ճակատը,
երբ
սառնամանիքին
խստութեանը
մէջ,
յանկարծ
գաղջ
ստուեր
մը
կ՚իյնայ
մեր
դէմքին:
Գորո՞վ,
մեր
զիտցած
սէ՞րը՝
գազանի
մը
մէջ,
որ
ապրեր
էր
փուշով
զրահուած,
մշտամոյկ՝
ոճիրին
ճախինէն
ու
սեռին
քարայրներէն։
…
Ե՞րբ
իջաւ
ծունկի։
Քովն
էր
սակայն,
պարզ,
առանց
դաշոյնի։
Ծունկերուն
վրայ
քալելով՝
գտեր
էր
անոր
մարմինը
ու
խոնարհ,
դրած
շրթները
անոր
ոտքերուն։
Մեղմ
էր
անիկա,
պատանիի
մը
նման,
ու
վախկոտ,
ա՛յնքան՝
որ
այդ
համբոյրը
բեռ
մը
կ՚ըլլար
իրեն,
որքան
հանըմ
էֆէնտիին,
որ
զուսպ,
քաշեր
էր
ոտքը,
յօնքերը
ընելով
սեւեռ
ու
պռստուն։
Ձեռքերը
կոնքին,
գրեթէ
մարտահրաւէր,
հարցուց
անիկա.
--
Ո՞ւր
է։
--
Ո՞վ։
--
Պատուհանը։
Կը
տեսնէր
սակայն
վանդակները,
որոնք
ապակիները
կ՚ընէին
երկաթէ
հանգոյց։
Ու
կը
փնտռէր
փոքր
բացուածքը,
ուրկէ,
միշտ
զրոյցներու
համեմատ,
երբեմն
կնոջ
դիակներ
կը
նետուէին
վար,
ծովուն։
Փնտռտուքի
սա
տպաւորութիւնը
յստակ
էր
անոր
երեսին,
ա՛յնքան՝
որ
անոր
հոգիին
թափանցումը
ընող
գազանը
ստիպուեցաւ
հարցնել։
--
Ինչո՞ւ
կը
փնտռես
պատուհան։
Հանըմ
էֆէնտին,
լուռ,
չափեց
դէմինը։
Մենք
մեզմէ
ուժ
կ՚առնենք,
որոշումին
ջրհանը
աշխատցնելով
մեր
կամքին
ճահիճին
մէջ։
--
Վա՞ր
պիտի
նետուիս։
Կինը
կրկին
չպատասխանեց։
--
Ատոր
ալ
ատենը
կու
գայ,
հանըմ
էֆէնտի։
Կինը
կը
լռէր։
--
Փաշաներն
ալ
մեզի
պէս
մօրմէ
են
ծնած,
հանըմ
էֆէնտի։
Կինը
կը
լռէր
ու
չէր
թարթեր։
–
Ամէնքս
ալ
երկու
կանգուն
պատանք
ունինք
աս
աշխարհին
վրայ։
Ասկէ
դուրս,
ո՛չ
մէկ
բան
մեզի
չի
պատկանիր։
Տրտում
էր
խորապէս
ու
շալվար
ին
մէջ՝
անկարելի
փիլիսոփայ։
--
Նոյնիսկ
աս
կաթէ
շինուած
մարմինը,
հանըմ
էֆէնտի։
--
Ոչ
ալ
քեզի։
--
Անշուշտ։
Կասկածը
չունիմ
ատոր։
Մի
մոռնաք,
որ
հիւր
էք
ինծի։
Ու
բառերը
ըրին
իրենց
բարիքը։
Վասնզի
առաջին
անգամն
էր,
որ
նման
առանձնութեան
մը
մէջ,
անիկա
սա
քաղցրութեամբ
կը
խօսէր
կնոջ
մը
հետ
ու
կը
խօսէր,
առանց
պրկուելու
սեռին
կիկլոնէն։
Անոր
այնպէս
կու
գար,
որ
բան
մը
կը
հեռանար
իրմէ,
չերեւցող,
բայց
զգալի,
ինչպէս
ձայնը
օձին,
որ
սուզուած
է
թաւուտէն
ներս,
բայց
կը
շարունակուի
իբր
լսողական
զգայութիւն։
Իր
ամեհի,
խստապարանոց
կի՞րքն
էր,
որ
կը
քաշուէր
կրկէսէն։
Անիկա,
իբր
թէ
անգիտակցաբար,
մէկ
արմուկը
հանգչեցուց
բարձր
սեղանի
մը,
որուն
վերի
կէսէն
երկփեղկանի
դարան
մը
ընդունած
էր
անոր
նայուածքը
բազմաթիւ
անգամներ։
Ինքնիրեն,
թէ
յատուկ
մեքենականութեամբ
մը,
արմուկին
կռթնելովը
անոր
փեղկը
բացուեցաւ։
Բազմայարկ
պահոց
մըն
էր։
Զանազան
հասակով
շիշեր
լոյս
առնելով
դողացին
իրենց
փորիկներէն։
Դեղարան
յիշեցնող
հոտ
մը
իջաւ
մինչեւ
տիկինը։
Քանի
մը
դաշոյն,
իրարու
տուած
իրենց
կտուցները,
հաւանաբար
թունաւոր,
ինչպէս
կ՚ըլլային
անոնք
միջնադարեան
սա
պահոցներէն
ներս։
Անիկա
զատեց
սրուակ
մը։
Հասարակ
քոլոնիայի
ջո՞ւր,
թէ
ուրիշ
բան
մը
կը
պարունակէր
ան,
թէեւ
շիշը
կը
պատկանէր
հոտաւէտ
այդ
ջուրին։
Միշտ
նոյն
անգիտակցութեամբ,
անիկա
բացեր
էր
երկրորդ
փեղկը,
որուն
ներսի
երեսին
մարդկային
գանկ
մը
փորուած
ու
գոյնով
լեցուած,
լոյսին
դողալ
կը
թուէր։
Յայտնի
էր,
թէ
պահոցը
դեղարանի
մը
ապրանքն
էր
եղած
ու
անոր
ստացողը,
կիներու
խնդրանքին
վրայ,
շրջած
էր
գանկին
երեսը
դէպի
ներս։
Սրուակը՝
փոքր
երկու
մատերուն
մէջ
կորսուելու
չափ։
Զայն
դարձուց
քանի
մը
հեղ
ափէն
միւսը
։
Չէ՞ր
նայեր
տիկինին,
թէ
ընկղմած
էր
աւելի
խորունկ
ծրագիրներու
դիմաց։
Յետոյ,
իբր
թէ
ըլլար
բոլորովին
առանձին,
տեղաւորեց
սրուակը
իր
ընկերներուն
քով։
Անոր
մատները
թոյլ
փեղկերը
փակեցին։
Սեղանը
կը
գտնէր
իր
նախկին
անիմաստ
ու
անկիւնոտ
կեցուածքը։
Տխուր։
Բայց
անսպասելի
կերպով
բարի,
բայց
մա՛նաւանդ
վարանոտ։
Հեքիաթը
խոշոր
բաներ
իջեցուցած
էր
փողոց
աս
սրուակներէն,
որոնք
կարողութիւնը
ունէին
կիներուն
ջիղերը
մետաքսի
թելի
պէս
թոյլ
ու
շրշիւն
պահելու,
կտրելով
անոնց
մէջ
շարժումին
բոլոր
զսպանակները,
բայց
չխանգարելով
ուղեղը։
Անոնց
հոտը
առնողները
տէրն
էին
իրենց
մէկ-երկու
կարողութիւններուն,
աչքին
ու
մորթին,
բայց
կը
կորսնցնէին
իրենց
ձայնի,
շարժումի
զգայութիւնները։
Տիկինը,
գունատ,
գրեթէ
մեռել,
հետեւեր
էր
անոր
մատներուն
մէջ
խաղցող
սրուակին։
Անոր
տեսքը
արդէն
բաւ
էր
եղած
զինքը,
տառացի,
տարրալուծելու։
Զրոյցը
սուտ
չէր
կրնար
ըլլալ։
--
Տեսա՞ք,
հանըմ
էֆէնտի։
Հարցուցած՝
առանց
իսկ
երեսը
նայելու։
Ու
անոր
ձայնն
ալ
կը
հպատակէր
զինքը
պարուրող
տրտմութեան։
Ամբողջ
մարմինին
մէջ
նուաղումի
զօրաւոր
ալիք
մը,
ուղեղէն
դէպի
ոտքերը,
կը
թուէր
քալել։
Ու
գոհ
էր
անիկա,
վասնզի
սա
թուլացումը
մեղմացումի
փոքր
նպաստ
մը
չէր
անոր
զրահապատ
դաժանութեան
ալ
անկումին։
Ո՞վ
բերաւ
անոր
մտքի
էքրան
ին
կիներ,
սա
դէմի
տիւանին
վրայ
ընկողմանած։
Երբ,
նման
սկիզբներէ
վերջ,
սրուակին
երեւումով
կ՚ըլլային
խելօք,
պաղատող,
անխուսափելին
ընդունելու
մէջ
քիչիկ
մը
դժգոհ,
բայց
հետզհետէ
ջերմանալով
ու
հիւս[ու]ելով
իրեն,
ամուր,
հերքելու
համար
սկզբնական
չկամութիւնը,
ու
գտնելով
իրենց
իմաստին
ամբողջ
հոծութիւնը,
շրթներնին
տուած
անոր
մարմինին
ու
հաճոյքէ
խենթ
ու
գինով։
–-
Տեսա՞ք։
Ինչո՞ւ
կը
հարցնէր
եւ
երկրորդ
անգամ
ըլլալով։
Բայց
չէր
կրցած
չնայիլ։
Հանըմին
երեսին
գոյնը,
մահու
չափ
դեղին,
ինչպէս
կ՚ըսեն
գիրքերը։
Գոյնի
սա
պարպուիլը
խորապէս
ցնցեց
իր
մտապատկերներէն
տառապող
անասունը։
Անոր
վա՜խը՝
իրական
նուաղումին
համար,
որ
կիները
կը
ձգէր
անզգայ
ու
փուտ
միս։
Աւշային
դէմքեր,
մոմի
պէս,
կը
պաղէին,
երբ
սարսափը
քամէր
անոնց
արիւնը։
Ու
կ՚ըլլային
տարօրէն
տգեղ։
Կը
յիշէր
քանի
մը
հատ
ալ,
որոնք
դարձուցած
էր
ետ,
այսպէս
կէս-մեռել,
շալակը
տալով
սեւամորթ
նաւաստիին։
Անիկա
նետեց
պահոցին
բանալին
տիկինին
ոտքերուն։
--
Ի՞նչ
է
աս։
--
Բանալի,
հանըմ
էֆէնտի։
--
Ինչո՞ւ
կը
նետես։
--
Պէտք
չունիմ,
հանըմ
էֆէնտի։
Տիկինը
կամաց
մօտեցաւ
սեղանին,
որուն
վրայ
խառնիխուռն
կը
նստէին
ատրճանակ,
դանակ,
սանտր
ու
փոքր
ձուաձեւ
հայելիներ։
Ջուրի
մեծկակ
սկահակներ։
Կոնք։
Յետո՞յ։
Տեղի
պիտի
ունենար
անսպասելին։
Առանց
դպելու
անոր
մարմինին,
անիկա
ատենը
գտաւ
դանակ
մը
առնելու
սեղանին
վրայէն։
Շարժումին
աս
մասը՝
նենգ,
գրեթե
անկնիք։
Ռեժիի
տնօրէնին
փորձառութեանց
մէջն
էր
կիներուն
խուլ
հետաքրքրութիւնը
դէպի
մահուան
գործիքները։
Անոնք՝
ժպիտը
շուրթներուն,
զինքը
կը
ստիպէին
նկարագրել
հրազէններուն
ներքնամասը,
փողերուն
հասակն
ի
վար
քալող
գնդակին
ուժը։
Ու
կը
զուարճանային՝
պարապ
փողերը
դնելով
իրենց
ստինքներուն
պտուկին,
ճուալով,
սարսափ
կեղծելու
ատեն
իրապէս
դեղնելով։
Էտհէմ
պէյ
վախը
չունէր
կնոջ
մը
բազուկներուն։
Անիկա
կը
հաւատար,
թէ
անոնց
ձեռքէն
դանակ
մը
չէր
կրնար
մարդու
միս
մտնել։
Բայց
հազիւ
ատեն
գտաւ
սանձելու
հանըմին
բազուկը,
որ
դանակը
ուղղեր
էր
սեպհական
կուրծքին։
Անոր
վա՜խը։
Երկաթ
մատներուն
ներքեւ
փափկիկ
անոր
ափը
բացուեցաւ
ինքնին։
Եւ
ինկաւ
գետին,
խուլ
աղմուկով
մը,
մահուան
գործիքը։
Դառն,
շատ
դառն
ժպիտով
մը
ծռեցաւ
ու
առաւ
դանակը։
Փոքր,
սիրուն
առարկան,
որուն
վրայ
քիչիկ
մը
պաղած
մնաց
իր
աչքը,
արցունքի
բարակ
խաւով
մը
պղտոր։
Այդ
քա՜ն։
--
Այսքա՞ն,
ուրեմն,
հանըմ
էֆէնտի։
--
Այսքա՛ն։
--
Մեռնի՞լ։
--
Աւելին
ալ,
եթէ
կայ
այդ
աւելին։
Անիկա
դրաւ
մերկ
դանակը
խորը
իր
մէջքին,
գլուխը
լաւ
մը
թաղելով
գօտիին
ծալքն
ի
վար։
Յետոյ՝
թեթեւ
լռութիւն
մը
իրենց
դարձուց
պատահարին
ամբողջ
ողբերգութիւնը։
Իրողութիւն
էր,
որ
անոնց
միսերը
դպած
էին
իրարու
շատ
մը
կէտերէ։
Հանըմին
բազուկը
դեռ
կը
կոտտար
կարծր
ճնշումին
յիշատակովը։
Ու
նոյն
այդ
բազուկը
միւսին
ափին
մէջը
տաքուկ
ձիւն
էր,
որ
լեզու
ունենար
ու
պատմէր
աշխարհ
մը
խռովք։
Ու
անոնց
շունչերը
խառնուած
իրարու։
Մէկէն՝
հարեմներուն
պահծու,
կիսագաղջ
հրապոյր։
Միւսէն՝
արու
ու
զօրաւոր
հով,
որուն
զգայութիւնը
բոլորովին
նոր
էր
տիկինին
ռունգերուն,
վարժուած
վաթսունամեայ
փտութեան
մը,
զառամութեան
մը
կծու,
վանող
ծորումին։
Ու
եղաւ
բացութիւն։
Իրարմէ
վախցա՞ծ,
թե
իրար
ճանչնալու
համար
ճակատ
ճակատի։
Ու
եղաւ
տրտմութիւն։
Մէկը՝
իր
հաշւոյն։
Մահէն
ալ
սուղ՝
սարսափը
իր
անձին։
Միւսը՝
խռոված,
անծանօթին
ասեղէն,
որ
արուն
է
կնոջ
մը
ջիղերուն։
…
Բացաւ
պատուհանը։
Վանդակ
փեղկերը։
Լոյս,
ազատ
աշխարհ։
Հանեց
մէջքէն
սրուակ
մը,
աւելի
պզտիկ,
քան
առաջինը։
Յետոյ,
թեւովը
կիսբոլոր
շարժում
մը
ընելով՝
նետեց
զայն
պատուհանէն։
Բաւական
վերջը,
ջուրին
ճողփիւնէն
պուտ
մը
բան
պիտի
գար
ներս։
--
Ի՞նչ
էր
անիկա։
--
Սրուակ։
--
Ինչո՞ւ
նետեցիր։
--
Այդպէս։
Աւելորդ
է։
Ու
տրտում
էին
անոր
բառերը,
մինչ
կռնակը
կը
փակէր
կէսը
պատուհանով
բացուածքին։
--
Ինչո՞ւ
չես
ըսեր։
--
Աւելորդ
է,
հանըմ
էֆէնտի։
Շրջեց
գլուխը
դուրս։
Արցո՞ւնքը,
թէ
ուրիշ
բան
մը
կը
ջանար
ծածկել
։
Մէկ
սրունքը
քիչ
մը
ծռած՝
անիկա
կը
նայէր
հեռուն։
Ու
միջոցին
վրայ
հիւսուած
երազ
էին
քովի
կինը,
վարի
ու
բացի
ծովը,
հեռուի
շղթան,
աշխարհին
սա
իմանալի
շէնքը։
Ու
անոր
սիրտը
կ՚ողողուէր
անծանօթ
բանէ
մը,
որ
մեր
ամէնէն
անգութ
կամ
փափուկ
յուզումները
կը
հանէ
մեր
փուտ,
խեղճ
ու
պատառ
միսերէն։
Հոգեկան
շէնքը
մեր
ներսի
աշխարհին,
երբ
կը
նուաճուի
արուեստով
կամ
հոս
դրուածին
նման
սիրով…։
Արու,
խիստ,
դաժան
անոր
դիմապատկերին
ինկած
էր
անասելի
կերպով
քաղցր
լրջութիւն,
մանկութիւն։
Ո՞վ
պիտի
կրնար
ընդունիլ,
թէ
նոյն
այդ
դէմքին
վրայ
փորուած
էր
ահասարսուռ
ոճրապատում
մը,
այնքան
ընդարձակ
ծիրով։
Ու
քաղուած՝
սա
թարթիչներէն,
վճիռը
այնքան
անարգ
անկումներուն։
Երբ
դարձաւ
ետ,
դէպի
կինը,
անիկա
պարտաւորուեցաւ
ճմռել
աչքերը։
Վայրկեան
մը-երկու
հսկայ
բաներ
խաղացին
անոր
դէմքի
մկաններուն
վրայ։
Ծանր
բաներ,
քանի
որ
ոսկորներն
անգամ
շարժումի
ելեր
էին
հոն։
Բայց
մեղմ,
դողահար
ակռաները
կճրտելով
անիկա
քալեց
դէմի
ուղղութեամբ։
Կոխեց
կոճակի
մը։
Րոպէաբար
կը
բացուէր
դրան
ձեւով
պարապութիւն
մը։
Դո՞ւռ։
Հանըմը
նոր
անդրադարձաւ,
որ
կլոր
մարմինով
սա
աշտարակին
մէջ
գորգերը
կը
գրաւէին,
դրան
տարածութեամբ,
գլանին
երեսները,
հաւասարապէս
իրարմէ
հեռու.
թուրք
պալատներուն
մէջ
գորգերը
գետինէն
աւելի
պատերը
կը
նախընտրեն։
Բացուածքը
լուսաւորուեցաւ։
Կարելի
էր
տեսնել
սանդուխի
մը
առաջին
երկու
աչքերը։
--
Հանըմ
էֆէնտի,
կրնաս
երթալ։
Նկատե՞ց
ձայնին
մէջ
յուզումը։
Բայց
նկատեց
նախադասութեան
եզակին։
--
Ո՞ւր։
--
Տունդ։
Հակառակ
պալատական
խիստ
հրահանգներուն,
Նայիլէ
հանըմը
--պէտք
է
ա՛լ
տալ
անունը--
չկրցաւ
ափը
բերանը
չտանիլ։
Զարմանքի
գեղջուկ
շարժուձեւը։
Անիկա
չէր
կրնար
հաւատալ։
--
Ինչո՞ւ
կը
զարմանաս,
հանըմ
էֆէնտի...
Պահ
մը
բառերը
պակսեցան
իրեն։
Բայց
գտաւ
թելը
իր
մտածումին,
անսովոր
հպարտութեան
մը
մէջէն
տարազուած։
--
Մենք
ալ
էրիկ-մարդ
ենք,
հանըմ
էֆէնտի։
Ու
խոնաւ
էր
գրեթէ
անոր
ձայնը։
Անոր
կոկորդը
սեղմուեցաւ
ուրիշ
բառերու
ճնշումովը։
Անշուշտ
հոգեկան
մեծութիւնը
կը
զետեղուի,
առանց
անպատեհութեան,
գեղջուկ
սրտերու
խորը,
նոյնիսկ
աւելի
հարազատութեամբ։
Այդ
զգացումը
վեր
է
մշակոյթէն։
Բայց
ինչպէ՞ս
բացատրել
հոգեկան
քնքշութիւնը,
ա՛յն՝
զոր
գաղիացիք
délicatesse
d'âme
կ՚անուանեն։
Ռէժիին
տնօրէնը,
իր
ոճիրներուն
վայել
հերոսութեամբ
մը,
ինքզինքը
ազատեց
բացատրող
գռեհկութենէն,
որով
սրուակները
պիտի
ըլլային
հասկնալի,
տիկինին
վրայ
իր
ամենակարողութիւնը
անհերքելի
ու,
ասոնց
հետեւանք
անոր
ազատ
արձակումը՝
փաստ
մը։
Չըրաւ
անիկա
այս
ռամկութիւնը։
Ու
աւելցուց.
–
Ազատ
ես,
Նայիլէ
…
–
Ազա՞տ։
–
Այո։
Ու
գրեթէ
լաց
մըն
էր
այդ
երկավանկը
։
Մինակ
աչքերը
չեն
մեր
մէջ
լացողը։
Յաճախ
աւելի
տխուր
է
լացը
մեր
շրթներուն։
Նայիլէ՜…
Առանց
հանըմի։
Դարձաւ
քովնտի։
Չէ՞ր
ուզեր
տեսնել,
թէ
կը
վախնար։
Բայց
երիտասարդ
կնոջ
աչքերը
ողողուած
էին։
Խորունկ
անոր
յուզումը
անոր
կը
դարձնէր
իր
արիւնը,
որ
ազնուական,
բայց
բեհեզի
մը
պէս
վառեցաւ
անոր
թափանցիկ
երեսներուն։
Մեր
մարմինը
բոլորովին
առանձին,
անկախ
շէնք
մը
չէ
մեր
հոգիէն։
Ու
գեղեցկութիւնը
կայուն
օրէնքներու
հպատակ
պահ
մը
չէ
մեր
մարմինէն։
Ամէնէն
անհրապոյր
դէմքն
անգամ
կ՚ազդուի
հոգեկան
արարքի
մը
լուսապսակէն։
Տիկինը
գտած
էր
թուրք
ազնուական
հանըմին
դարաւոր
վայելչութիւնը,
–
ինչ
որ
Արեւմուտքի
գիրքերը
կը
ջանան
զետեղել
հեշտութեան
ու
խորութեան
կենդանակերպէ
մը,
երկար
ընտրութեամբ
մը
(sélection)
գոյաւոր
այն
գրաւչութիւնը,
որ
Արեւելքի
պալատներուն
մէջ
կինը
տէր
կ՚ընէ,
այնքան
զաղփաղփուն
ու
դժուար
գահակալութեամբ
մը։
Թուրք
ընտանիքը,
այսինքն՝
անոր
կին
տարրը,
դժուարագոյն
հաւասարակշռութիւնն
է
զգացական
հրաբուխի
մը:
Անոր
մարմնեղէն
հմայքին
վրայ
ճառագայթած
էր
հոգիին
ալ
անպարագիծ
զգլխանքը,
որ
հոս
բառարանի
բառ
մը
չէ,
այլ՝
կիներու
կեանքէն
որոշ
պահի
մը
փայլակնացումը։
Կան
այդ
պահերը,
մարմինէ՝
ինչպէս
հոգիէ։
Ու
հերոսութիւնը
ձրի
բառ
մը
չէ,
ուրիշ
պարունակէ
մը
դիտուած։
Նայիլէ
հանըմը
գիտէ՞ր,
թէ
ինչու
կու
լար:
Գիտէ՞ր,
թէ
արցունքին
ու
արիւնին
ճառագայթումին
մէջէն,
անիկա
կը
մատնէր
իր
առաջին
տկարութիւնը,
սէրը,
այնքան
անծածկելի
պայծառութեամբ։
Անիկա
կը
սիրէր
իրեն
ծանօթ
աշխարհին
ամէնէն
ստորին
մարդը։
Ու
կը
սիրէր
«անքակտելի
սիրով
մը»,
ինչպէս
պիտի
ըսէին
դպրոցը
նոր
աւարտած
պարմանիները։
Անոր
սա
այլայլումը
զգալի՞
կատարելատիպ
սրիկային,
որ
քալեց
անոր
մօտ,
գլխիկը
դնելու
կրկին
անոր
ոտքերուն,
շրթունքը
փակցուցած
մետաքսին,
որ
կրակի
պէս
այրեց
զայն։
Ու
խորունկ,
հառաչագին
բա՜ն
մը,
որ
ձայն
ու
լաց
անգամ
չէր
կրնար
ըլլալ։
Գետնի
հաստ
մորթերը
կը
տարտղնէին
այս
տարօրինակ
հեծեծմունքը։
Մինչ
թեթեւ
անուշահոտութիւն
մը,
անգոյն
բոցի
մը
պէս
կը
թուէր
թափթփիլ
անոր
մազերուն։
Մետաքս
զգեստներուն
ու
խռոված
միսին
շրշիւնն
է
ատիկա
կարգ
մը
պահերու։
Վերցուց
սակայն
գլուխը։
Ու
անոր
ճակտին
ինկաւ
արցունքը
տիկինին
աչքերէն։
--
Ինչո՞ւ
կու
լաս։
--
Ինչո՞ւ
բերիր։
--
Չէի
գիտեր։
--
Ի՞նչը:
--
Թէ
այսքան
վատ
մարդ
էի
ես։
--
Ո՞վ
ըսաւ
քեզի
ատիկա։
--
Թէ
մահը
նախընտրելի
էր
ինձմէ։
Յուզումը
կը
սեղմէր
բառերուն
անցքը։
Ամօթ
ու
տրտմութիւն
կը
սաստկացնէին
աս
կորանքը։
--
Մի
վախնար
դուն,
Նայիլէ։
Մտքէն
անցած
էր
կիներուն
վախը,
որոնք
այդ
ժամադրավայրէն
բաժնուելէ
առաջ
կը
դնէին
այդ
տարակոյսը։
--
Ոչ
մէկը
պիտի
իմանայ
հոս
գալդ։
--
Ո՞չ
մէկը։
--
Ոչ
մէկը,
բացի
ինձմէ։
--
Նաճիէ՞ն։
--
Անիկա
աւելի
ապահով
է,
քան
դուն։
--
Ի՞նչ
ըսել
կ՚ուզես։
--
Դուն
կրնաս,
աս
ու
ան
պատճառով
խօսիլ
այս
օրէն,
անիկա՝
երբեք։
--
Ի՞նչ
պատճառներով։
--
Շատ
են,
Նայիլէ,
կիներուն
պատճառները։
Անոնք
կը
սիրեն
իրենց
պատմութիւնները։
Կը
ստեղծուէր
խռովիչ
ընտանութիւն։
--
Երթաս
բարով։
Ըսաւ
ու
ցոյց
տուաւ
սանդուխը։
--
Չէի
գիտեր,
նորէն
կ՚ըսեմ
…
--
Ի՞նչ
բան։
--
Թէ
այդքան
գեղեցիկ
էիր։
--
Այրերուն
աչքերը…
--
Թէ
այսքան
ուժով
էիր…
Անիկա
անկարող
եղաւ
աւարտելու
նախադասութիւնը։
Դրաւ
մեղմ
իր
լայն
ափը
անոր
կռնակին,
որ
դողաց
ու
միւս
ձեռքով
բռնեց
անոր
թեւը,
գրեթէ
մեղմ,
մանուկ
մը
քալեցնող
հօր
մը
փափկութեամբ։
--
Երթաս
բարով։
Գրեթէ
համբոյրի
մը
պէս
քաղցր
ու
մատնող
ժպիտով
մը
Նայիլէ
հանըմը
առաւ
առաջին
աչքը
սանդուխին։
Գլուխը
դարձուցած
մեռելատիպ
անոր
դէմքին,
ոտքով
փնտռելով
երկրորդ
աչքը։
--
Մնաս
բարով
…
Մութէն
բխող
այս
ձա՜յնը
անհետացող
սիրելիին,
երբ
սանդուխի
գլխուն
կը
սպասենք
մինակ։
Ու
հատ–հատ
անոր
քայլերը
հնչեցին։
--
Հետեւէ
սեւամորթ
նաւաստիին,
–
պոռացեր
էր
անիկա,
նոր
անդրադառնալով
տիկինին
շուարումին։
Անոր
կարգադրութիւնները
կատարեալ
էին։
Այդ
ճամբով,
ոչ
ոքէ
չտեսնուած,
կիները
կը
մտնէին
նաւակ։
Բաց
ծովու
վրայ
ֆերաճէ
ն
կատարեալ
դիմակ
մըն
էր։
Այդ
ծպտումով
կիները
կը
գտնէին
ծովուն
լայնքը
ու
հոն
կը
դառնային
իրենց
իրական
տարազին։
…
Գնաց
ու
կեցաւ
պատուհանին,
երբ
երկաթ
դուռները
ճռնչեցին
ծովին
կողմէ։
Սպասեց,
կործանած
ու
եղկելի,
մինչեւ
որ
նաւակը
ելաւ
«նաւարանին»
բացը։
Նաւարան
կ՚որակէր
անիկա
իր
նաւակներուն
պահավայրը,
տունին
դէպի
ընդերքը
յառաջացող
կամարներու
շարք
մը,
որ
կը
զատուէր
բաց
ծովէն
երկաթ
ցանկով
մը։
Անունը՝
հաւանաբար
հին
նաւարանէն։
Անիկա
լացաւ,
մանուկի
չափ
առատ,
բարձրաձայն,
երբ
դղեակին
անմիջական
շրջապատէն
ելած
էր
նաւակը։
Հեռացող
տիկինը
շտկեց
ինքզինքը,
լաչակը
տեղադրելու
ձեւով,
ձեռքը
վերցուցած
խորհրդաւոր
մնաս
բարովի
մը։
Նաւակը
թռչունի
ճերմակ
թեւ
մը
եղաւ
ու
կորսուեցաւ
ցամաքի
ոլորքէ
մը
ներս։
Ծովը
լեցուն
էր
մակոյկներով։
Երգ։
Նուագ։
Կու
գային
ու
կ՚երթային
պտոյտի
խումբերը։
Օրը
սկսած
էր
տաքնալ։
Եզերքի
զանազան
կէտերուն
մուխերը,
երբեմն
բոցը
կը
մատնէին
պատրաստուող
շամփուրները։
Էտհէմ
պէյը
փակեց
պատուհանը։
Ու
չէր
գիտեր
ո՛ւր
երթար։
Կէսօրին
անիկա
իմացած
էր
պատահարին
շարունակութիւնը
դարանը
իրագործող
պառաւէն,
որ
անտեղեակ
էր
անոր
դղեակին
իրադարձութեան
եւ
եկեր
էր
«շնորհաւորելու»
երջանիկ
փեսան:
Գ.
Անոր
ընտանիքը,
մտահոգուած
անոր
յապաղումէն՝
զինքը
ծափերով
ընդունեց
զբօսատեղին։
Ուրիշ
խումբեր
ալ
իրենց
աղմուկը
կ՚աւելցնէին։
Նայիլէ
հանըմը
սիրուած
կին
մըն
էր։
Մոռցուած
դրամապանակ
մը
գինը
եղաւ
այս
յապաղումին։
Մեծ
բան
մը
չէր
պարունակութիւնը
բարեբախտաբար։
Ըսին
դրացիները.
--
Խեր
է
Աստուծով։
--
Խեր
ըլլայ,
խեր
ըլլայ
…
Պատասխանեց
անիկա
ու
աւելցուց.
--
Չարը
մարի
…
Տօնական
օրը
գտեր
էր
իր
ժողովրդական
լիութիւնը։
Յոյներու
բաժիններէն
արմոնիքան
եւ
օղիին
կեցցէները
բռներ
էին
միջոցը։
Թուրքերը,
ընտանիքով,
կ՚ամչնան
ձայնէն
ու
աղմուկէն։
Կէսօրուան
աղօթքին,
ծերերը
ու
պաշտօնեայ
էֆէնտիները
հանդարտութեամբ
կատարեցին
անխուսափելի
նամազը։
Նայիլէ
հանըմը
քիչիկ
մը
անհանգիստ
կը
զգար
ինքզինքը։
Անիկա
չէր
կրցած
գտնել
Նաճիէն,
հակառակ
փնտռելուն։
Ամէնէն
առաջ
ինք
նստաւ
նաւակ,
այս
անգամ
աղջկան
ու
ազգականներու
հետ։
Գլուխը
կը
դառնար
ու
աչքերը
չէին
ուզեր
բացուիլ։
Մերժեց,
տուն
հասնելուն,
բժիշկի
առաջարկ
մը։
Չընդունեց,
տարօրէն
խիստ,
անպատճառ
զինքը
տեսնել
ուզող
պառաւը,
որ
սարքած
էր
սա
դարանը,
այնքան
թեթեւ
սիրտով,
ինչպէս
իր
սովորութիւնն
էր
ատիկա
տարիներէ
ի
վեր։
Չընդունեց
ռեժիի
տնօրէնին
կողմէ
ճարտարութեամբ
ներս
թափանցող
լրաբերները,
որոնք
վրայէ
վրայ
փաշա
հազրէթլէր
ին
հարցնելու
պատրուակով՝
կը
պնդէին
զինքը
տեսնելու
հարկին
վրայ։
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
ինչո՜ւ։
Ու
չէր
գիտեր,
թե
ինչո՞ւ
միտքը
կակուղ
կը
զգար
այնքան։
Ու
անվստահելի՝
իր
սիրտը։
Անիկա
մինչեւ
ատ
օրը
մեղքը
չէր
ճանչնար։
*
*
*
Բայց
այսքան
վիպական
պայմաններով
սա
դրուագը
իր
տարադէպ
անդրադարձը
պիտի
ունենար
մա՛նաւանդ
ռեժիի
տնօրենին
վրայ,
որուն
հոգեկան
աշխարհը,
այդ
իսկ
պատահարով,
կը
բացուէր
նոր
բարեխառնութեան։
Այդ
կինը
այդպէս
անաղարտ
արձակելէն
յետոյ,
անիկա
չինկաւ
գռեհիկ
զղջումին։
Ընդհակառակն։
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
որ
պայմաններու
կրկնում
մը
պիտի
բերէր
նման
լուծում
մը։
Անիկա
այցուած
էր
ատկէ
աւելի
խոր
հոգէ
մը,
որ
իրեն
քաջածանօթ
կիրքէն
կը
տարբերէր։
Իր
կեանքին
առաջին
սէ՞րը։
–
Ո՜վ
գիտէ։
Բայց
ինչ
որ
ուշագրաւ
էր
իր
մէջ,
–
հերքումը՝
ինքզինքին
դէմ։
Այս
նախնական
արարածները
լաւ
կերպով
տէրը
չեն
իրենց
միտքին,
որպէսզի
հոն
ուրուացող
փոփոխութիւնները
ցայտուն
ձեւերով
զգան։
Գիտէր
միայն,
որ
այդ
օրերուն
անիկա
տարօրէն
մեղմ
էր
իր
մարդոց
դէմ։
Բարիքը
զգայութիւն
մըն
էր
գեղացիին
համար։
Ու
սիրահարները
մուրացկաններէն
կը
ճանչցուին
անվրէպ
գիտութեամբ։
Անոր
ձեռքը
բաց
էր
աղբիւրի
նման։
Մինչեւ
որ
հոգեբան
պառաւներ
թափանցումը
ըրին
նոր
վիճակին։
Անիկա
լռած
էր
դղեակին
տեսարանը,
բայց
բացած՝
իր
ախորժակները,
իրեն
վայելող
պարզութեամբ
ու
քիչիկ
մըն
ալ
շնականութեամբ։
Ծիծաղելի,
յիմար
անզօրութիւնը՝
պառաւական
հնարքներուն,
ամենակարո՜ղ
սակայն
այնքան
ուրիշներու
վրայ։
Որոնք
անոր
բերած
էին
իր
ցանկացած
կինը։
Վայելքին
մէջ
մենք
բծախնդիր
չենք
ու
չենք
փնտռեր
իսկական
զսպանակներ։
Անիկա
կը
հաւատար
ատոնց
կախարդական
միջոցներուն
ու
կը
զայրանար
անոնց
ներկայ
վրիպանքէն։
Նուuխաներ,
ճարուած
մեծ
հաւաստիքով,
արհեստին
բոլոր
կատարելութեամբը,
մելանէն
ու
թուղթէն
սկսեալ
մինչեւ
հասցէներու
առաքումը։
Սիրոյ
օշարակները,
պատրաստուած
նոյն
խղճամիտ
օրէնքներով,
որոնց
ուժը
փառաւորած
են
իրարու
անծանօթ
երկու
սիրտերը
կաթիլ
մը
այդ
անուշ
ջուրը
իրարու
համար
բռնկող
ընելով։
Աղաչանքները
՝
որոնց
փոխադրիչը
խորհրդաւոր
Նաճիէն
էր
միշտ,
մերժուելով
փաշային
ներկայութենէն
ու
հանրմ
էֆէնտիէն
գաղտովի
քաջալերուելով։
Ու
սպառնալիք,
գործադրուած
մեծ
թաքթով,
առանց
իր
մարդոց
միջամտումին։
Յանկարծակի
խուժում,
անակնկալի
բերելու
հանըմին
մինակութիւնը։
Անխելք
ու
խորունկ
սիրողի
բոլոր
սա
հաստ
միջոցները
անցան
ապարդիւն,
եթէ
նկատի
չառնենք
անոնց
ունեցած
թաքուն
գործունէութիւնը։
Կիները
պիտի
ատեն
զիրենք
հետապնդողները,
բայց
պիտի
չդադրին
անոնց
արժէք
մը
տալէ,
առնուազն
զիրենք
ցանկալի
ընծայող
հանգամանքները
իրենց
պարզած
ըլլալուն
արժանիքը:
Չգնաց
առաջ,
աշուղի
նման,
ձայնը
ձգելով
անցնելու
փաշային
տանը
առջեւէն:
Ու
պահի
մը
համար
անոր
անունին
շուրջը
լռեց
գայթակղութիւնը։
Միւս
կողմէ՝
պատշաճութեան
ու
յարգանքին
չանցնելով
սահմանները,
անիկա
գտաւ
ձեւը
իր
քսակը
հոսեցնելու
դեպի
տունը
իր
սիրականին,
իշխանաձեռն
յորդութեամբ,
բայց
մնալով
վայելուչ
ու
փափուկ։
Տալը
գիտութիւն
մըն
է,
դժուար
ուսանելի
չտես
հարուստներէ։
Ու
եղաւ
անիկա
բարեհամբոյր
իր
պաշտօնատեղին,
ինչպէս
իր
մշակներուն
հանդէպ։
Ամէնէն
աւելի
անիկա
յարգալիր
կեցուածք
մը
ունէր
փաշային
հետ,
որ
զուրկ
էր
միջոցէն
հասկնալու
անոր
յարգանքին
զսպանակները,
ու
չէր
կրնար
մերժել
անոր
բարիքները,
հետզհետէ
օրինաւոր
ձեւ
մը
առնող,
միշտ
որոշ
երանգով
մը
զատուելով
հասարակ
ողորմութենէն։
Թուղթի
մը
խմբագրումը,
հեռագրի
մը
պատճէնը,
տեղեկագիր
մը
կամ
ազդարարութեան
մը
սեւագրումը
պատրուակներ,
որպէսզի
կործանած
ու
նեղ
ապրող
փաշան
հաշուէր
դրամին
ու
իր
վաստակին
հետ։
Ի
վերջոյ
անոնք,
որ
բարձրագոյն
ամսականներով
պետութեան
բարձրագոյն
աթոռները
կը
գրաւէին,
օրուան
մէջ`
աւելի
թուղթ
չունէին
սեւցնելիք։
Կնիքը
կամ
անունը
տալէն
անդին
կ՚անցնէ՞ր
նախարարական
պաշտօն
մը։
Փաշան
կանգիտանար
դղեակին
պատահարը,
նախ
իբրեւ
ամուսին
ու
վաթսունամեայ
ու
աղքատացած,
քանի
որ
օրէնքը
կ՚ուզէ,
որ
ամէնէն
ուշը
իմանան
էրիկները
այդ
կարգի
բաներ։
Երկրորդ,
վասնզի
անոր
կինը՝
չափած,
ձեւած,
ու
լռելը
յարմարագոյն
լուծում
էր
գտած։
Գայթակղութիւն
մը
միշտ
գայթակղութիւն
է,
երբ
լրբութեամբ
մը
չէ
յատակուած,
այսինքն՝
երբ
կը
յայտնուի
անբասիր
շրջանակի
մը
վրայ։
Ասկէ
զատ,
Էտհէմ
պէյին
սպառնալիքը,
կարճ,
որքան
զօրաւոր,
հասցուած
հանըմ
էֆէնտիին,
միշտ
Նաճիէին
խողովակովը։
Աւազակը
մահով
կը
պատժէր
ամէն
մատնութիւն,
տարիներէ
ի
վեր
հասարակաց
կարծիքը
վարժեցուցած
ըլլալով
իր
պատուհասումին,
անվրէպ,
որքան
անողոք,
քանի
որ
առանց
երեւալու
անիկա
միջոցը
ունէր
անգոսնողը
տապալելու։
Իր
կնոջը
լռին
հաւանութեամբը,
փաշան
գրեթէ
կը
սիրէր
այդ
անզգամ
արարածը,
որ
իր
անասնութեան
ու
բուխսիրտ
բարութեան
մէջ
խորհրդանիշը
կը
մնար
ցեղին
բնազդներուն,
եւ
շտեմարանը՝
ուժին։
Մեծերէն
դէպի
խոնարհները
սա
գորովը
քիչ
ժողովուրդ
գիտէ
այդքան
պարզ
ընել
իրեն
ու
դէմինին,
որքան
թուրքը։
Աղքատութիւնը
ամօթ
չէ,
ոչ
ալ
մեղք
մը։
Ու
բացի
ապականած
ու
ճիւաղ
բռնաւորներէն,
թուրքին
իմաստուն
վէզիրները
այդ
հաստատ
տարրին
վրայ
կը
դնէին
իրենց
ցեղին
ապագան։
Այդ
գիծէ
մարդերով
էր,
որ
քալելու
էր
թուրքին
յաւիտենական
կայսրութիւնը...
։
Յետոյ,
անպաշտպան
էր
անիկա
աւազակին
փաղաղող
լեզուէն,
որքան
մեծարանքին
պարզութենէն,
երբ
իր
սիրոյն
մէջ
կրկնապէս
քաղցրացած
այդ
մարդէն
կը
համբուրուէին
իր
ձեռքերը,
որսէ
մը
դարձին,
նապաստակն
իսկ
ընդունելի
ընելու
համար
աղաչական
տարածուող։
Ու
միջամտեց
բախտը,
որ
վերացեալ
զօրութիւն
մը
չէ
միշտ,
կոյր
ու
անիրաւ,
տապալելու
ատեն,
այլ՝
լրում
մը,
երբ
մեր
շուրջը
կառուցում
մը
ունի
գոյութիւն։
Ըսուած
է,
որ
կիները
տկար
են
զիրենք
խոշտանգողներուն
համար։
Դէպի
ատելութիւն
դժուար
է
ճամբան,
բայց
անխուսափելի՝
երբ
այդ
ծեծողներուն
մէջ
անոնք
կը
հաստատեն
թուլբերանը,
շատխօսիկը,
պարծենկոտը։
Մակոյկին
պատահարը,
ոչ
ոքի
շշուկուած,
ելեր
էր
իր
բարբարիկ
նկարագրէն,
ըլլալու
համար
տեսակ
մը
հեքիաթ,
որուն
պէտք
ունի
կիներուն
անզբաղ
հոգին։
Սեւամորթ
նաւաստի՜ն,
որ
տարիներէ
ի
վեր
կը
վարէր
անոր
նաւակը
ու
դղեակին
կանգնումէն
ասդին
այնքան
խորհրդաւոր
բեռներ
էր
բերեր
արգիլուած
գօտիէն
ներս,
ու
կ՚ապրէր
կոյր
ըլլալու
հաստատ
երդումով։
Թրքուհիներուն
պարեգօտը,
լաչակային
կազմումը
քիչ
նպաստ
մը
չէր
ծերուկ
նաւաստիին,
որ
թիերուն
հետ
միայն
կը
խօսէր,
բայց
երբեք
կիներուն,
ու
հաւատարիմ
էր
գազանին՝
աւելի՝
քան
եօթը
շուն
միասին։
Նաճիէ՞ն։
Բայց
անիկա
կ՚աշխատէր
ի
հաշիւ
նոր
դարանի
մը։
Այս
ամէնէն
դուրս,
աչքերը
վարժ
էին
նման
նաւակներու
այդպէս
բեռնաւոր՝
դէպի
առագաստը
խորհրդաւոր
փեսային։
Սա
ասպետութիւնը,
պաշտամունքի
մէջ
յամառ,
որքան
պարզ,
վարձու
պառաւներով
հանըմ
էֆէնտիին
պատմուած
սա
յուսահատ
ու
խոր
տարփանքը,
մակոյկի
պատահարէն
ասդին
անոր
սեռային
գայթակղութեանց
բարձումը
հրապարակէն,
բայց
ամէնէն
աւելի
ժամանակը
միջամտեցին,
որպէսզի
կոտրուին
անհեթեթութիւնը,
վայրագութիւնը
ձախորդ
սկիզբին։
Սոխակ
կտրած
լեզուները
այդ
պառաւներուն
ինչե՜ր
չեն
շաքարեր
փորձութեան
ստուերէն
շօշափուած
հոգիներէն
ներս։
Անոնց
այդ
պերճ
ու
զգայնոտ
գովասանքն
էր,
որ
լիովին
մթագնեց
սկիզբին
անասնութիւնը,
հոլացնելու
համար
վերջին,
ազատ
արձակումին
իսկապէս
մեծհոգի
գեղեցկութիւնը։
Տասը
կին
կ՚արժէր
Նաճիէին
լեզուն,
երբ
այդ
դրուագը
կը
բարձրացնէր
իր
իմաստին։
Ու
հին,
ազնուական
պոլսուհին,
որուն
անբախտ
ամուսինը
կ՚անցնէր
վաթսունէն,
այդ
լեզուներուն
մեղրովը
ու
շրջանակին
սպաննող
ճնշումովը
սայթաքեցաւ
իր
առաքինութիւններէն։
Երկար
է
վիպումը
լպրծուն
աս
յատակին։
Ու
մեր
վէպը
չի
կրնար
տարածուիլ
ատոր
պարագրկումը
դէպի։
Ուրիշներուն
լեզուովը
--ի՜նչ
որոշ
հաճոյքով
կ՚ընդունինք
զանոնք,
երբ
մեր
խորագոյն
բնազդները
կը
պահանջեն
ատիկա--
անիկա
մոռցաւ
ամբողջ
աղտը
այդ
անցեալին,
ծանրանալու
համար
հազուադէպ
մեծվայելուչ
արարքին,
որ
փաստերուն
փաստը
կը
մնար
անոր
զգայարանքներուն
վրայ
կանգուն։
Ա՛յնքան՝
որ
սիրոյ
մեծութեան
այդ
անմոռանալի
պատկերը
կը
տարածուէր
դէպի
ետ,
մօտիկ
անցեալը,
որուն
մէջ
անիկա,
այդ
գազանը,
ապրած
կ՚ըլլար
իր
տարփուհիին
կախարդութեանը
մէջ։
Ու
դարանին
գռեհկութիւնը,
որքան
անասնութիւնը
կը
ստանային
հակադիր
իմաստ
ու
արժէք։
Երեսունէն
քիչ
վեր,
բայց
արեւ
չտեսած
ծաղիկի
պէս
թարմ
ու
զաղփաղփուն,
այդ
կինը
ունեցեր
էր
պալատական
թրքուհիներու
ամէնէն
փափուկ
պարմանութիւնը,
մեծցած
պոլսական
ապարանքի
մը
հեքիաթին
մէջը,
լալէ
ներու
փարթամ
սպասարկութեամբ
ու
դրամին
ու
վայելքին
ամէն
աւազաններուն
առջեւ
հակուած՝
խստապարանոց
ու
հեշտագրգիռ
ներքինիներէ
(որոնք
իրենց
անառնութեան
մեղքը
քաւել
կ՚աշխատէին
իրենց
յանձնուած
մարմինները
աղտոտելով
այնքան
այլատիպ
միջոցներով
ու
շատ
կանուխէն
կը
հասունցնէին
ջիղերը
այդ
դժբախտ
աղջիկներուն),
ու
նման
ամէն
արգելափակ
կնոջ,
արկածներ
երազած։
Ձախորդութիւնը,
պեյզատէ
ներու
դարպասը
(որ
ձիու
վրայ
անցքով
մը
ինքզինքը
կը
յայտնէր
ապարանքին
առջեւի
հրապարակէն,
այն
հեռու,
պոլսական
օրերուն,
երբ
անոր
ամուսինը
փայլուն,
վեհապետէն
լաւ
դիտուած
պաշտօնատար
մըն
էր),
տարագրութիւնը,
աս
ողորմելի
գիւղաքաղաքը
իր
նոյնքան
ողորմելի
շքախումբովը
կառավարական
պաշտօնեաներու,
ու
պառաւները,
իրենց
թուղթերով,
լեզուով
եւ
օրինակներով,
աղջկան
հասնիլը
իր
ետեւէն,
դրամը
ու
անոր
դժուարիլը
հետզհետէ,
ու
ամէնէն
շատ
գալիքին
անապահով
ստուերը
տարտղնեցին
դիմադրական
անոր
ուժը,
որ
ամէն
կնոջ
մէջ
մթերք
է
բարի
։
Փորձութենէն
դէպի
անկում
երբեմն
այդ
մթերքը
կը
պահէ
մեզ։
Ամիսներ
յետոյ,
յոգնած,
գրգռուած,
ամէն
կողմէ
պաշարուած,
անիկա
պիտի
վրդովուէր
յուշովը
վայրագ
այդ
մարդուն,
որուն
անունով
մթերուած
աղտն
ու
պղծութիւնը
էին
աւելի
հոծ,
քան
ինչ
որ
կրնար
դիզել
իր
միտքը
քսան
մը
վէպերու
հարիւր
մը
հերոսներէ։
Եւ
որուն
մութ,
բայց
արու
դէմքը,
կիսակիրթ
տարազը
–-
փոթուռ
կը
հագնէր
նոյնիսկ
պաշտօնական
ընդունելութեանց
ու
տարեդարձի
հանդէսներուն-–,
բզկտող
աչքերը
սկովտական
կամ
միջնադարեան
կատաղի
ազնուական
մը
կը
պատկերէին
անոր
գերագրգռուած
երեւակայութեան։
Անշուշտ,
պէտք
է
աւելցնել
Արեւելքը,
սեռին
համար
հանդերձուած
անոր
մարմինին
էրկանը
տարիներէն
գտած
զրկանքը,
թուրքին
արիւնը,
որուն
կարմիր
գնդիկներուն
մէջ
ապահովաբար
տարբեր
կայծեր
կը
վառին,
երբ
անոնց
աղջիկները,
կ՚ըլլան
այնքան
տարօրէն
ծարաւ,
շրջավայրին
խոր,
ապականող
ազդմունքները,
պալատէն
գիւղաքաղաք՝
հոգիներուն
ցուցադրած
այլայլումովը
պայմանաւոր։
Անշուշտ
կարելի
է
երկարել
այս
ազդակներուն
ցուցակագրումը,
հասկընալի
ընելու
համար
զարմացնող
անկումներ։
Չէ՞
որ
մենէ
վեր
ուժեր
կը
վարեն
մեզ
երբեմն։
Մեծ
մեղքերու
մուտքին՝
մինակ
փորձութիւնը
չէ,
որ
կ՚իշխէ։
Ու
կը
դողար
անիկա
անմոռանալի
տեսարանին
համար,
որ
կարճ
օրը
եօթը
անգամ
կը
յօրինուէր
անոր
ուղեղին
ներքեւ,
հետզհետէ
հագնելով
երազը
հերքող
հոծութիւն
մը։
Երեւակայութեան
սա
առարկայացումը,
որով
քանդակուած
գեղեցկութեամբ
մը
կը
տիրէր
անոր
հոգիին
զինքը
արձակած
պահուն
քնքուշ
բարութիւնը
աւազակին,
ոտքերը
համբուրելու
համար
ծնրադիր։
Ու
կը
փնտռէր,
գրեթէ
զգայախաբօրէն,
այդ
ոտքերուն
վրայ
հետքերը
անոր
մատներուն։
Սուզուած,
անջատուած
իր
տունէն
ու
անոր
իմաստէն,
անիկա
կ՚ախորժէր
առանձնանալ։
Ցերեկը
անիկա
կը
մերժէր
պտոյտները,
մնալ
կրնալու
համար
մտապատկերին
հետ։
Գիշերը,
անիկա
զատեց
իր
սենեակը,
երազային
յայտնութիւններուն
սարսափովը։
Վասնզի
անիկա
իր
սիրահարը
կ՛ապրէր
իր
քունին
մէջ։
Ու
արթուն
կամ
կէս
արթուն,
անիկա
լեցուած
էր
անոր
անձովը։
Ու
ըրեր՝
մաքրամաքուր,
յղկուն,
օծուն,
անզուգական
անոր
պատկերը,
ինչպէս
ըլլալ
է
պարտքը
բոլոր
մենէ
սիրուածներուն։
Զգացական
այս
այլայլումները
քիչ-քիչ
վերածուեցան
շարժումի։
Սկսաւ
անիկա
իր
ալ
դարպասը,
լրտեսելով
անոր
այցելութիւնները,
որոնք
տեղի
կ՛ունենային
տանը
սելամլըգ
ին
մէջ,
միշտ
փաշային
ներկայութեանը։
Սկսա՜ւ,
ընելով
ձայնը
սովորականէն
բարձր,
հրամաններ
արձակելու
պատրուակին
տակ։
Կը
քալէր
սրահէն,
որ,
պատով
կիսուած
ըլլալուն
հակառակ՝
թափանցիկ
էր
ալ,
ու
մատնո՜ղ՝
անոր
քայլերուն
ներքեւ։
Ո՞ւր
կը
տանէին
զինքը
անոր
երաժիշտ,
անոր
անուշիկ
սքարփին
ները,
որոնցմէ
ելլող
երաժշտութիւնը
գրեթէ
խռովիչ
բան
մը
կ՚ըլլար
ծերունի
փաշային
ականջին։
Ո՞ւր։
–
Ո՜ւր
կ՚երթան
կիները,
քառասունէն
հեռու,
երբ
շատ
մը
պատճառներէ
անկախաբար,
նոյնիսկ
սեռին
մեծ
մագնիսէն
ալ
անկախ,
տառապանքին
են
որդեգրուած,
մահիճի
տեղ
վաթսուննոց
մարմիններ
ունենալու։
Աւելի՛ն։
Հարցուցէք
ու
տեսէք։
Անոնք
պիտի
երթան
աչքերնին
գոց։
Մինչ՝
իրենց
մտքին,
արեւի
պէս
պայծառ
է
մարմնառութիւնը
է՛ն
հոծ,
է՛ն
խռով
առասպելին։
Շուայտութեան,
ալքոլի
հերոս
մը
հաւասարապէս
զզուելի
է
այրերուն
ու
կիներուն։
Արիւնի
հերոս
մը՝
ահարկու։
Սեռի
հերոս
մը
ատելութիւնը
կը
գրգռէ
միայն
այրերուն։
Կիները
պիտի
պահեն
տկարութիւն
մը
անոր
հանդէպ։
Աւելի՛ն։
–
Այո՜։
Բացի
անիծուած
իշխանէն,
իշխանուհի
ծնած
եւ
հիմա
գիւղի
մը
կիսագարակ
մէկ
տունին
վտարուած
կինը
իր
մտքին
մէջ
գամուած
ունէր
աշտարակի
մը
կատարը,
գետնէն
երկու
թիզ
վեր
տիւանը,
իր
զոյգ
մորթերուն
առասպելովը։
Ու
անկիւնին
ոսկեդրուագ
մահճակալը,
ու
անոր
այնքան
ընդարձակ
հեքիաթը,
որ
կը
տարածուէր
իրեն
ծանօթ
կիներուն
գրեթէ
բոլորին
փէշերը
մինչեւ։
Ու
սնարին
կողմէն
գորգի
մը
վրայ
առկախ,
բայց
հիւսուած
զինանշանը
թուրքերուն
կայսրութեան,
որուն
գիծերը
կորացած
դաշոյններու
կը
նմանին։
Իրականութի՞ւն։
Բանդագուշա՞նք։
Երա՞զ։
Երբեմն
այս
երեք
բառերը
մէկ
ու
նոյն
բանը
պատմեցին։
Անիկա
կը
տեսնէր
իր
միտքը
այնքան
յստակ,
որքան
աշխարհը,
որ
կը
փռուէր
առջին
… :
Առագա՜ստ
մը,
վրան
առիւծի
մորթ
մը,
տակը
…
Ուր
սուրը,
վառօդը,
արիւնը,
սերմը,
մարմինը,
պալլոս
ը
կը
կազմէին
տարօրէն
հեշտ
խառնուրդը,
ստորաշխարհ
անոր
բաց
ու
գոց
աչքով
երազներուն։
Ու
չարագուշակ
միւս
հանդերձանքը,
ատըրճանակներ,
թոյնի
սրուակներ։
Պտուտակի
ձեւով
սանդուխներ,
որոնք
ջուրին
կը
հատնին
…։
Ու
դղեակ։
Ու
մեղքին
մեծ
մարմինը,
անհասկնալի,
որքան
իրաւ,
որ
տէրն
էր
հիմա
անոր
տառապող
մարմինին։
Ո՞ւր
կերթան
կիները,
երբ
կը
հալածուին
նման
պատկերներէ
ու
կը
քաշուին
նման
լարերէ։
Երբ
ասեղին
տակն
են
մշտախնդիր
նայուածքին։
Ու
համբաւին
համին։
Ու
մեծախռով
առնութեան,
մեծանձնութեան,
որով
դրուած
էր
ճամբայ,
«մազին
թելին
իսկ
չդպուած»,
ինչպէս
կը
պատկերէ
հեքիաթը
այս
կարգի
արձակումները։
Հարթուեցան,
կարծես
մոմէ
ըլլային,
անիծուած
իշխանին
անցեալէն
ինչ
որ
դերբուկ
էր
ու
տգեղութիւն
(ոճիրն
ու
զազրելի
մեղքերը
որքա՞ն
շուտ
կը
նրբանան)
ճարտար
ներկողներէ։
Կիները
ամէնէն
շուտ
կը
ներեն
զգացական
մեղքերը
իրենց
տարփածուներուն,
անոնց
մէջ
դնելով
պուտ
մը
փառասիրութիւն
անգամ։
Մեր
դէմինները
սրբագրած
ատեն,
անգիտակցաբար
սրբագրած
կ՚ըլլանք
նաեւ
մենք
մեզ։
Այսպէս
է,
որ
պիտի
հարթուէին
խղճմտանքի
միւս
դերբուկներն
ալ,
Պոլսէն,
ընտանիքէն,
աւանդութիւններէն
մեր
հոգիին
վրայ
աճած
այդ
տժգոյն
կոկոնները։
Իր
առաքինութիւնը
այնքան
փափուկ
վտանգներէ
անվնաս
ազատող
տիկինը
անկարող
պիտի
մնար
զայն
պաշտպանելու
հասարակ
պառաւներու
հնարքներէն։
Ու
գեղանի,
փաշաներու
արիւնը
կրող
ազնուական
այդ
կինը
եղաւ
տարփուհին
կոյանոց
մաքրողի
մը
տղուն,
հիմա
տնօրէն
ռեժիի
մասնաճիւղի
մը,
ականաւոր
անձը
գազային,
ու
դէպի
փաշայութիւն
առագաստ
պարզած։
Մեղք,
որ
վէպ
է
անունը
աս
պատմութեան։
Ու
Արեւելքը՝
անծանօթ
Արեւմուտքին։
Ու
սէրը՝
հիմա
արժեզուրկ
ապրանք։
Ու
կինը՝
միշտ
կին։
Դ.
Ու
եղաւ
անիկա
այդ
տարփուհին,
այնքան
կատարելութեամբ,
որքան
չէին
եղած
այդ
աւազակին
միւս
սիրականները։
Այսինքն՝
Եղաւ
անիկա
այդ
բանը,
իրական
յիմարութեամբ
մը,
շուքէ
մը
աւելի
հնազանդ
անոր
կամքին
ծուէնին։
Սեռային
հեղե՞ղն
է
հեղինակը
սա
այլայլումներուն,
թէ
ուրիշ
թաքուն
ուժեր
կը
յարդարեն
հոգիները
այս
գերութեան։
Դիտուած
է,
որ
դիւրաբեկ,
նրբենի
առաքինութիւնները
շատ
դժուար
կը
հանդուրժեն
լիակատար
պղծութեան
մը
կոհակները։
Ախտաւորն
ու
առաքինին,
կիրքին
կիկլոնէն
թակուած,
արօրուած,
երբ
ափունք
մը
կը
նետեն
իրենց
խլեակները,
վերակազմելու
համար
նոր
միացումը,
վերածուած
կ՚ըլլան
անթերի
ախտաւորի
մը։
Պակաս
ու
առաւել՝
երբ
բազմապատկուին,
պակաս
չեն
տար
միայն
ալճեպրայի
մէջ,
այլ՝
բարքերուն
ալ
մէջը։
Ի՜նչ
շահեկան
է
հետեւիլ
հոգիին
սա
փտախտին։
Բայց
պէտք
է
կարճ
ըլլալ։
Ու
կարճ
ըլլալ
դարձեալ
այդ
տարփանքին
աստիճանական
զայրագնումին,
երկու
եզրերէն
ալ
դիտուած։
Աւազակին
մէջ
անիկա
նոր
աշխարհ
էր,
այդ
հզօրագոյն
զգացումին,
զոր
իր
խառնակեցութիւնը
զզուագին
ցաւի
մը
աստիճանին
էր
հասցուցած։
Այդ
կնոջ
շրթունքէն
անիկա
կ՚առնէր
նուրբ
ու
խորունկ
անդրանիկ
հպարտութիւնը,
ժառանգօրէն
ստացուած
գեղեցկութեանց
ցոլացումը
իր
գեղացիի
հոգիին
վրայ։
Հպարտութի՞ւն։
Անիկա
անատակ
էր
ծնած
այդ
զգացումին
ալ։
Քաղցրութի՞ւն։
Ամէն
կին
լեղի
է
տարփանքին
մէջը,
մա՛նաւանդ
վերջը։
Ի՞նչ,
ուրեմն։
Քիչիկ
մը
սպասեցէք։
Նայիլէ
հանըմին
մէջ
այդ
տարփանքը
կը
բանար
դուռը
նոր
գանձարանի
մը։
Քիչ
են
կիները,
որոնք
աշխարհին
այդ
թաքնաթաքուր
մասին
մէջ
բախտ
պիտի
ունենան
իջնելու։
Հեշտանքէն
անդին
կայ
բնազանցական
հոգեվիճակ
մը,
իմացական
ինքնահնար
յոյզերէն
անկախաբար
գոյաւոր։
Սեռային
արարքը
անոր
արտաքին
գաւիթն
իսկ
չի
կազմեր։
Տարիներ
ու
տարիներ
կ՚անցնին
կնոջ
մը
երիտասարդութեան
վրայէն,
առանց
որ
անոր
երջանկութիւնը
ստուերով
մը
անգամ
տառապի
զգացական
կիսագունդէն։
Զաւակ։
Մայրութեան
վսեմ
գոհունակութիւնները։
Ու
ինչ
որ
սովոր
ենք
երանութիւն
անուանել։
Ու
ահա
պատահարը,
որ
կը
յեղաշրջէ
այդ
անկնճիռ
երջանկութիւնը
…։
Իր
սիրահարին
թեւերուն
մէջ
այդ
կինը,
փաշային
տաք
գուրգուրանքէն
յետոյ,
թերեւս
անկէ
պատրաստուած
հակազդեցութեան
մը
գնով,
կը
գտնէր
իր
կեանքին
առաջին
վայելքը,
իսկական
սէրը,
որ
տարբեր
է
մեր
պատանութեան,
երիտասարդութեան
զգեստաւորած
պարիկէն։
Յետո՞յ։
Անշո՜ւշտ։
Իբր
երախտագիտութիւն
ու
յիմարութիւն,
առանց
փոքր
խղճահարութեան,
անիկա
պիտի
թելադրէր
իր
սիրահարին
ամէնէն
ահաւոր
անզգամութիւնը,
նուրբ,
ճարտար,
քողածածուկ,
բայց
անդիմադրելի,
ինչպէս
էր
արդէն
ամէն
բան
իր
վրայ,
բառ
ու
նայուածք,
մերկութիւն
ու
գինովութիւնը
կիրքին։
«Սեռին
հնոցին
առջեւ,
կարմիր
կը
տեսնենք
ամէն
բան»։
Ըսողն
է
հեքիաթ
մը։
Ո՞ր
հնոցին
առջեւ
չունի
գոյութիւն
այդ
պատրանքը։
Ու,
հանգիտօրէն,
ամէն
ինչ
դիւրին՝
նոյն
այդ
հնոցին
լոյսովը։
Մարդ
քիչ
անգամ
տկար
է
կնոջ
կամքին
ընդմէջէն։
Ո՞ւր։
Այո՜։
Անիկա
ժպիտով
ու
համբոյրով,
հեշտագին
ու
գեղեցիկ,
ցանցեց
իր
սիրահարին
ուղեղին
անզգամ
իր
ցանկութի՜ւնը։
Ու
տեղաւորելէ
յետոյ
այդ
արգաւանդ
հողին
խորը
ոճիրին
սերմը,
ըրաւ
ինքզինքը
երկիւղած
ու
տարագիր
իր
ցանած
ցանկութենէն։
Ու
վաճառեց
ինքզինքը,
չափազանց
սուղ,
այսինքն՝
անհուն
նուաճումով
մը
առնելով
իր
ափին՝
ամբողջ
լարերը
անոր
ուժերուն։
Անիկա
կտիկ-կտիկ
պիտի
ընդառաջէր
անոր
հոգիին
կարելի
հակազդեցութիւնները։
Ո՞ւր։
–
Տեղով
վերցնել
աւելորդ
մարմինը
փաշային,
որ
ծառայած
էր
իր
պետութեան,
մերժած
օրինակը
իր
նմաններուն,
իր
պալատին
մէջ
մինակ
ձգելով
նրբենի
հանըմը,
երբ
ուրիշներ
տասնով,
քսանով
կը
պահէին
անոնցմէ,
ու
վարձատրուած
ամէն
ուղիղ
աշխատաւորի
նման,
թունաւորուելով
իր
կնիկէն։
Մե՞ղքը։
–
Պա՜րզ։
Անշո՜ւշտ
ո՛չ
նրբութիւնը,
դաստիարակութիւնը,
գրեթէ
իգաշնորհ
բարեկրթութիւնը,
որոնք
եւրոպական
ըմբռնումով
տաճիկ
աւագանիի
մը
առաքինութիւնները
եղան
Համիտէն
առաջ
ու
քիչ
մը
ետքը
անոր
գահակալումէն։
Անշո՜ւշտ
ո՛չ
բարութիւնը,
քաղցրութիւնը,
փափկութիւնը
հոգեպէս
բարձր
մարդուն,
որ
թուրքին
ու
անգլիացիին
մէջն
ալ
նոյն
կողմերով
ի
յայտ
կու
գայ։
Մե՞ղքը։
–
Պա՜րզ։
Թրքութենէ
իր
օտարութիւնը։
Վշտակոտոր
ու
կործանած
փաշան
արժանի
էր
հանգիստի։
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
մեր
ժողովուրդը
շինած
է
իր
իմաստուն
առածներէն
մէկը,
պատկերելու
համար
հոգեյատակի
սա
ճահիճը
հոգիէ
զուրկ
սա
ժողովուրդին,
երբ
կ՚ըսէ.
«Թուրքին
հացը
ծունկին
վրայ
է»։
Ի՞նչ
հարկ
մանրամասնել
յեղումը։
Թաղեցին
սակայն
մեծահանդէս։
Կուսակալը
ունեցաւ
իր
հեռագիրը
եւ
թաղման
հանդէսին
ալ
փոխանորդը՝
յանձին
Էտհէմ
պէյի,
որ
վարեց
յուղարկաւորութիւնը,
շքեղ
սարքով
մը,
ոսկեզօծ
փռոցի
տակ
դագաղը
պտտցնելով
քաղաքիկին
մեծ
պողոտայէն
մինչեւ
գերեզման։
Կայսրը,
որ
հեռագրով
տեղեակ
էր
պահուած
տխո՜ւր
աւետիսին,
բարեհաճեցաւ
իր
ցաւակցութիւնները
հաղորդել
հանգուցեալի
այրիին,
դրուատելով
անոր
մեծ
մարդու
բարեմասնութիւնները
եւ
հայրենիքին
մատուցած
մեծ-մեծ
ծառայութիւնները։
Գազային
բոլոր
աղքատները
արժանի
եղան
առատ
նուէրի
ու
բոլոր
մզկիթներուն
մէջ
աղօթքը
շարունակուեցաւ
երեք
շաբաթ,
լուսնալու
դէմ
մինարէներէն
արձակուած
ողբաձայն
ու
սրտառուչ
եղանակը,
զոր
թուրքերը
կը
կարդացնեն
նոր
մեռելներու
հոգուն։
Ու
պաշտօնաթերթը
կուսակալութեան,
յատուկ
խմբագրական
նուիրեց
մեծ
մարդուն
յիշատակին,
հիմա՝
որ
ատիկա
ընելը
վտանգ
մը
չունէր։
Ոչ
ոք
մտքէն
անցուց
անզգամ
ոճիրը։
Փաշան
սուրճի
գաւաթը
ձեռքը
տուած
էր
հոգին։
Կաթուածը՝
հասկնալի,
անոր
տարիքէն՝
ինչպէս
վիշտէն։
Ու
կինը,
աղջիկը
մտան
պաշտօնական
սուգին
մէջ,
որ
առանց
էրիկ
մարդու
տուներուն
մէջ
ողբերգութիւն
է
յաճախ։
Էտհէմ
պէյը
կը
հսկէր
ու
կը
հասնէր
սուգին՝
ինչպէս
հանգուցեալին
վրայ
իջած
հողերուն
ամրանալուն։
Ու
քաղաքիկը
կը
սկսէր
մոռնալ
մահը։
Ու
քաղաքիկը
կը
սկսէր
տեսնալ
նորը։
Յանկարծամահ
անհետացող
փաշային
կինը
գործած
էր
արագ
ու
չէր
հոգեբան։
Անիկա
վէպ
կարդացած
էր,
բայց
թերթօն
միայն։
Ու
կ՚անգիտէր
մէկը
մեծ
օրէնքներէն,
որ
արդի
կարգերուն
կնիքն
է
տարփանքին
վրայ։
Մեր
ընկերային
կեղծիքին
մէջ,
ոչ
մէկ
սիրահար
պիտի
չփափաքի
սիրուհիին
գլխէն
պակսիլը
էրիկին,
երբ
չի
նեղեր
անիկա։
Երեսունէն
վեր
սիրուհիները
անխտիր
ենթակայ
են
վճիռին։
Այս
օրէնքին
անոր
անգիտութիւնը
պիտի
պատժէր
զինքը
ու
չարաչար։
Տարին
չանցած՝
անիկա
պարտաւորուեցաւ
իր
աղջիկը
«ողջ-ողջ»
ձգել
գազանին
կիրքին։
Կ՚անցնիմ
արագ
սա
նոր
տրամին
վրայէն,
որուն
ղեկավարումը
վեր
էր
իր
ուժերէն։
Տարիքը՝
իր
մեծագոյն
թշնամին
ունէր
անիկա։
Պարտուեցաւ՝
պատժուելով
իր
ամէնէն
խոր
երկու
զգացումներէն
հաւասարապէս
վիրաւոր։
Իր
սիրահարը
կ՚արհամարհէր
անոր
մէջ
կինը
ու
կը
սպաննէր
մայրը։
Նախատուեցաւ,
ծեծուեցաւ,
երկու
շաբաթ
բանտարկուեցաւ,
բայց
յանձնեց
աղջիկը։
Չէր
կրցած
մեռնիլ
կամ
մեռցնել։
Ու
պատուհասին
սա
գնացքը
արդար
վարձատրութիւնն
էր
իր
սիրոյն։
Կիները
շատ
բան
կը
հանդուրժեն։
Բայց
ամէնէն
դժուարը՝
վշտի
ողբերգութիւնն
է
հաւանաբար։
Անոր
աղջիկը,
Պոլիս
ուսումի,
հօրը
մահէն
ազդուած,
արձակուրդը
շահագործելով
դարձեր
էր
մօրը
տունը,
իր
զգացումներուն
զոհը
ըլլալու։
Շատ
փափուկ,
շատ
նրբենի,
այն
տարօրինակ
սերունդէն,
որ
վոսփորեան
պալատներուն
դարեւանդներուն
կ՚աճէր
քառորդ
դար
առաջ
այս
պատմութենէն։
Մեր
քերթողներուն
իսկ
անցած
է
մեղրամոմեան
անոնց
շնորհին
խորունկ
խռովքը։
Չէք
սպասեր,
որ
էջը
յատկացնեմ
անոր
գոյնին
վերարտադրութեան։
Հոգեպէս
անիկա
բացուած
էր
ուրիշ
խունկերու,
միշտ
ծովեզերեայ,
վոսփորեան
բուրաստաններէ,
ժամերով
վարդ
կամ
մանուշակ
հոտող,
արեւադարձային
բուսականութեամբ
ու
հեքիաթի
աւազաններով,
որոնց
խորերը
արքայազուններ
կը
հասուննան
արքենի
սա
աղջիկներուն
վայելումին։
Սիրա՞ծ։
Եթէ
բառը
շատ
չէ
այն
պտտիկ
յուզումներուն,
արցունքներուն,
ժպիտներուն
համար,
որոնք
այդ
աղջիկներուն
լաչակումը
կը
կանխեն
ու
կը
յամենան
քիչ
մըն
ալ
վերջը,
երբ
տասներկու-տասներեք
տարեկանին
անոնք
կը
զատուին
իրենց
հօրեղբօր,
մօրեղբօր
որդիներէն
ու
կ՚ըլլան
հանըմ։
Սիրա՞ծ։
Եթէ
բառը
պատշաճ
է
աղջկան
մը
վիճակին,
որ
օրերով
կ՚երազէր
մեռնիլ,
վասնզի
թողուցած
էր
զինքը
համբուրել
վերը
դրուած
երանգէն
զարմիկի
մը,
տասնհինգը
նոր
անցած
վարդագեղ
պատանի,
իրեն
հետ
մէկտեղ
մեծցած
ու
պատրաստուող
Աւրոբա
(թուրքերուն
Եւրոպան)
մեկնելու,
վերջին
հրաժեշտին
առանձնութեան
մէջ
…
…
Անիկա
մօրը
որոշումին
դէմ
ծառացաւ
վճռապէս։
Անշուշտ
պարզ
էր
իր
միամտութիւնը,
որքան
առանց
կասկածի,
երբ
կը
զարմանար
մօրը
խելքին,
իրեն
պէս
փոքր
աղջիկ
մը
այդ
գիծէ
գազանազուսպի
մը
յանձնելու։
Ըրաւ
լաց։
Ըրաւ
կոծ։
Ըրաւ
փորձ
ինքզինքը
ծով
նետելու,
կոտրելու
համար
յիմար,
անզգամ
վճիռը։
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
այս
մերժումներով,
ընդդիմացումով
կը
հրահրէր
գազանին
ախորժակը,
զայն
ընելով
աւելի
անհամբեր։
Ու
ահաբեկ,
մօրը
անորակելի
տագնապէն,
որ
կերպով
մը
խելագարութեան
կը
նմանէր,
լուռ
ու
արի,
չմեռնելու
համար,
աւելի
ճիշդը՝
չմեռցնելու
համար
մայրը,
մտաւ
ներս
համբաւաւոր
դղեակէն,
իբր
օրինաւոր
նիքեահ
ով
կինը
մեծ
մարդասպանին։
Անիկա
հազիւ
թէ
գիտէր
անոր
անցեալէն
քիչ
մը
խոշոր
բան։
Անիկա
ոչինչ
գիտէր
անոր
հետ
իր
մօրը
կապէն։
Պէ՞տք
է
կրկին
քալել
արագ
ու
չխօսիլ
ահաւոր
անոր
սոսկումէն,
զոր
իր
ամուսինին
անձը
կը
բերէր
իր
անկողինին։
Ու
անհուն
բեկումէն՝
որ
պալատներ
կորսնցնող
յուսահատի
մը
կը
վայլէր,
ինչպէս
դեղին
մորթը
հիւծախտով
աղջկան։
Կը
շինենք
մեր
օրերը
ի՜նչ
փափուկ
երազներու
ոստայնին
համար
ու
ո՜ւր
կը
նետենք
զանոնք։
Աղջիկնե՜ր՝
երբ
կը
փակեն
իրենց
գարունը
ձմեռուան
մը
ծոցը։
Բայց
ուրիշ
է
ապրիլը,
ուրիշ՝
այդ
ապրումը
պատմելը:
Անիկա
կու
լար,
գիշերներն
ի
բուն,
էրկանը
բացակայ
կամ
ոչ
պահերէն
անկախ,
ինքզինքը
մինակ
գիտնալով
այդ
ամեհի
տունին
մէջ,
ուր
ամէն
ինչ
օտար
էր
իրեն,
սպասորեարէն
մինչեւ
էրիկը։
Մինակ
էր
մա՛նաւանդ,
ինքզինքը
զգալով
սանկ
խուսափուած
մօրը
աչքերէն,
որ
կը
փնտռէր
ուրիշներ,
բայց
կը
շեղէր
իրմէն,
կարծես
չուզելով
հանդիպիլ
իրեն։
Զգացական
այս
նրբերանգը
մայրերը
կ՚անգիտանան,
մինչ
զաւակները
մեծ
ուշադրութեամբ
կը
փնտռեն։
Մօրմէն
սա
հեռացումը
անիկա
կը
կարծէր
արդիւնք
իր
ամուսինին,
զոր
կ՚ատէր՝
հազարէ
աւելի
պատճառներով,
գերիի
մը
պէս,
որ
անզօր
է
իր
զգայութիւնները
վերլուծելու։
Կ՚ատէր
մա՛նաւանդ
մարմնական
անոր
շփումը,
ոսկուրուտ
ու
գիւղացի
հոտող,
անոր
անձին
մէջ
դնելով
ինչ
որ
իր
մօտիկ
անցեալը
ու
դաստիարակութիւնը
կազմած
էին
իբր
ամէնէն
մաքուր
մասը
աղջիկի
հոգիին։
Ժամանակը,
որ
մեծ
սրբագրիչն
է
հոգիներուն,
զայն
չըրաւ
տարբեր։
Կ՚ատէր
իր
ամուսինը
աւելի
ուժգին,
անդրանիկ
զաւկէն
ալ
վերջը,
խորհելով
բախտին,
որ
կը
սպասէր
այդ
ժառանգութեան։
Պոլսեցի
աղջիկ
մը
իր
թոռանը
վրայով
հազիւ
կը
հաշտուի
թուրք
գաւառակին
հոգեբանութեան։
Բայց
կ՚ապրէր,
ինչպէս
պարտքն
է
ընել
ամէն
աղջկան,
որ
վար
է
քսանէն,
փէշերուն
ունի
զոյգ
մը
աղուընակ,
ու
անկողինին
համար՝
դեւ
մը։
«Յոյսը
կապոյտ
թռչուն
մըն
է»
ըսեր
են
բանաստեղծներ
ու
շատ
անգամ
անոնք
իրաւ
կ՚ըսեն
այս
կարգի
բաները։
Ուրիշ
ի՜նչ
հրաշք,
որպէսզի
այդ
մատաղ
հոգիներուն
մէջ
խմբուած
երջանկութեան
կոկոնները
դիմանան
երաշտին,
գէշ-աղէկ
հոտ
մը
նետեն
այդ
ամայութիւններուն
ու
էրիկէն
չխնդացած
այդ
սիրտերը
պտիկ–պտիկ
լուսաւորեն։
Այսպէս
են
բաշխեր
կեանքը,
այսինքն՝
անոր
երջանկութիւն
որակուած
մասը
մարդոց,
ազգերուն։
Պարտաւոր
եմ
աճապարել,
ինչպէս
ինքը
ճակատագիրը
աճապարեց
ու
տրամը
դրաւ
անոր
սրտին
վրայ,
իր
բովանդակ
մերկութեամբը։
Անիկա
դեռ
քսան
չէր
մտած,
երբ
գիշեր
մը
իր
ոտքերէն
քշուեցաւ
մօրը
յարկաբաժինը,
ուրկէ
իր
ականջնե՞րը,
թէ
իրեն
բոլորովին
անծանօթ
զգայարանք
մը
ձայներ
կը
կարծէր
առած
ըլլալ։
Դաւաճան
գորգերը,
իրենց
կակուղ
խլութեամբը,
մասնակից
եղան
անոր
դժբախտութեան,
վասնզի
արդէն
թեթեւ
անոր
մարմինը
հովի
պէս
կոխեր-անցեր
էր
անոնց
վրայէն
անաղմուկ
ու
յիմար։
Լրտեսե՞լ։
Միտքէն
չէր
անցած
ատիկա։
Բայց,
երբեմն
մեր
ուժերը
կը
փախչին
մեզմէ,
տանելով
մեր
մարմինին
ամբողջ
կշիռը։
Անիկա,
անձկալից,
սարսափած,
բայց
ետ
դառնալու
անկարող,
բազուկները
տուաւ
դուռին
շրջանակին
ու
կեցաւ։
Նե՞րսը։
–
Մա՜յրը։
Որ
իր
բերանէն
կ՚արձակէր
բառեր,
հեծքեր,
բեկորներ։
Կան
այս
բառերը,
որոնք
անյագ,
երկար
դիտուած
տեսողական
պատկերներէն
շատ
աւելի
ուժգին
ու
մնայուն
կը
տեւեն
մեր
ականջներուն
մէջ։
Զգայախաբութեանց
ամէնէն
ընթացիկն
ու
դիմացկունները
կու
գան
մեր
լսելիքներէն։
Ներելի
է
կասկածիլ
աչքին
մեզի
տուածին,
երբ
ինքզինքնիս
ազատելու
համար
սպառնացող
քայքայումէ
մը,
կը
փախչինք
տեսարանին,
տեքոր
ին
ընտանութենէն։
Իր
սիրուհիէն
խաբուած
դժբախտը
վտանգի
գօտիէն
փախուստով
մը
բախտը
կը
դիմաւորէ
թեթեւնալու։
Առաջին
հարուածէն
ետք,
կու
գայ
վարժութիւնը։
Բայց
ինչպէ՞ս
ազատիլ
ձայնին
մուրճերէն։
Բաներ
կան,
որոնց
ականատես
ըլլալը
դժուար
պիտի
գայ
մեզի։
Բաներ
ալ
կան,
որոնք
չենք
կրնար
լսել։
–
Մամա՜,
մամա՜,
մամա՛…
Ինչպէս
հնգամեայ
աղջիկ
մը։
Պոռացած
ու
ինկեր
էր
մարած,
խելայեղ,
պատռտող
այդ
բառերուն
հետ,
սենեակին
առջեւ
…
Ե.
Նուաղած,
զայն
տարին
իր
սենեակը։
Անոր
աչքերը
ամբողջ
շաբաթ
մը
պիտի
չբացուէին։
Ու
այդ
շաբթուան
ընթացքին՝
անոր
մայրը
զաւկին
սնարին,
ահաւոր
երկընտրանքի
մը
հետ,
որուն
հասկացողութիւնը
ունեցաւ
առաջին
իսկ
րոպէին։
Ինչպէ՞ս
պիտի
հանդիպէին
իրենց
նայուածքները
իրարու։
Յետո՞յ։
Այսինքն՝
անգամ
մը
իրարու
հոգիին
մէջ
իյնալէն
յետոյ։
Ո՞վ
կ՚երաշխաւորէր,
որ
անոր
աղջիկը
կրկին
պիտի
չփակէր
իր
աչքերը,
այս
անգամ
ա՛լ
չբանալու
համար։
Վասնզի,
ի
հեճուկս
բժիշկներուն
տուած
յիմար
անուններուն,
անիկա
կասկածը
չունէր
զաւկին
գանկին
տակ
փլած
դղեակին։
Էտհէմ
պէ՞յը։
Պրուսա
կանչել
տուաւ
ինքզինքը,
իրեն
յատուկ
հեռագրական
խաղերով։
Իրականին
մէջ,
Պոլսէն
հասեր
էր
դերասանական
խումբ
մը։
Ու
դերասանուհիները
աճուրդի
էին։
Հիւա՞նդը։
–
Լուսդէմ,
տաքութիւն։
Անոր
այտերը
կարմրեցան
անսովոր
հոսքով
մը,
որ
կը
շեշտուէր
ցերեկէն
ետքը։
Մինչեւ
գիշերուան
այն
պահը,
ուր
տեղի
էր
ունեցեր
սկզբնական
նուաղումը,
բերանը՝
կուղպ,
ինչպէս
աչքերը։
Մանրիկ
ռունգերէն
գրեթէ
տեսանելի
թելերը
անոր
շունչին,
այնքան
բարակ։
Ռնգային
կրճիկները
կը
բաբախէին
տագնապոտ
ու
սրտառուչ,
փոխադրելով
արեան
զարկը
հոն։
Առտուն
դալուկ,
բայց
ոչ՝
դիակնային
աղտոտը,
այլ՝
անուշիկ
այն
դեղնութիւնը,
որ
քիչիկ
մը
լեցուն,
միսերուն
վրայ
թեթեւ
մը
կը
մետաքսանայ,
պատրելով
նայուածքը։
Ու
այդ
պահերուն
անոր
դէմքը,
հեռու,
տարագիր
բան
մը
կ՚ըլլար
մեր
աշխարհէն,
մինչ
խճճուած
մազերուն
վրայ
ձիւնին
քաուչուէ
տոպրակը
եղկ
ու
քմահաճ
թուլութիւններ
կը
ձեւեր։
Բժիշկները,
որոնք
քաղաքէն
կանչուած
էին
յատուկ
հեռագրով,
անուններ
գտան,
խորհրդակցաբար։
Վիճաբանեցան։
Կռուեցան։
Այս
ու
ան
ախտանիշին
վրայ
իրար
նախատեցին
ու
դէզերով
դեղագիր
սեւցուցին,
մանրամասն
յօդուածներով
անոնց
գործածութիւնը,
առման
պահերը,
դգալին
տեսակները
ճշդելով։
Ու
չէին
անդրադառնար
հիւանդին
չբացուող
բերանին։
Պառաւները
չուշացան
իրենց
բժշկութիւնը
հարկադրելու
անոր
թշուառական
մօրը,
որ
խելայեղ՝
չէր
կրնար
նստիլ,
կենալ,
մեկնիլ
ու
զաւկին
սնարին,
անդադար
ափը
անոր
ճակտին,
մտիկ
կ՚ընէր
խօսքերը
այցելուներուն,
որոնք
կը
մեղքնային
զավալլը
Էտհէմ
պէյին
բախտին,
զայն
սիրտին
ցաւէն
ենթադրելով
փախած
պալատէն։
Սուտ։
Մտիկ
կ՚ընենք
ատիկա,
խորագոյն
հաճոյքով,
երբ
իրաւը
վատ
է
անկէ։
Անոնց
թելադրանքովը
անիկա
դիմեց
նախնական
դեղերուն
ամէնէն
ժողովրդականին,
տզրուկին:
Գիշեր
մը,
երբ
բժիշկները
իրենց
պատուէրներուն
անհեթեթ
խստութեամբը
չէին
իշխեր
պալատին,
անիկա
ականջին
ետեւօք
փակցուց
բուռ
մը
տըզրուկ։
Յետո՞յ։
Աղօթեց։
Ու
գտաւ,
որ
հոգիին
խորէն
չէր
հաւատար
մահուան,
ի՛նք՝
որ
իր
էրիկը՝
անոր
մանգաղին
չյանձնած
անցեր
էր
բախտորոշ
պահերէ,
երբ
կեանքն
ու
մահը
կը
պղտորուին
զգայութեանց
գիծի
մը
մէջ
ու
մենք
չենք
կրնար
տեղաւորել
զմեզ
աջ
կամ
ձախ։
Ա՛ն՝
որ
սիրելիի
մը
գլխուն,
զայն
մահուան
տալու
անձուկին
մէջ
ինքզինքը
կը
քննէ,
ա՛ն
միայն
գիտէ,
թէ
որքան
քիչ
է
տարբերութիւնը
այդ
երկուքին։
Տզրուկը
փրկութիւնն
էր։
Առտուն,
հիւանդը
բացաւ
աչքերը։
Դէմը՝
մայրը,
որ
գոցեց
իր
աչքերը։
Յետոյ
քուն։
Խոր
ու
անձայն։
Անոր
ռունգերը
իջեր
էին
թրթռագին
իրենց
անձուկէն։
Դէմքը՝
բարակ
քրտինքով
մը
ոլոռնաւոր։
Բժիշկները
իրենց
վերջին
դեղերը
փառաբանեցին,
հակառակ
անոր,
որ
շիշերուն
բերանն
անգամ
կը
պահէր
դեղարանին
հանգոյցը։
Իրիկուան
վրայ,
հիւանդը
արթնցաւ։
Իր
փափաքովը,
մանչուն
սպասուհին
ու
աղջկանը
ստնտուն
միայն
ուզեց։
Մա՞յրը։
Չէր
կրցած
անոր
երեսը
նայիլ։
Տենդը
ինկած-չինկած՝
անոր
ամուսինը
ներկայացաւ,
կառք
մը
մուշտակ
ու
փոքր
սնտուկ
մը
գոհարեղէն
մտցնելով
իրմէն
առաջ
հիւանդին
սենեակը։
Անկողինին
վրայ
հազիւ
ինքզինքը
բռնելու
կարող,
Նայիլէ
հանըմին
մանկամարդ
աղջիկը
պարտադրեց
իր
կամքը։
Անոր
ամուսինը
չէր
կրնար
ներս
մտնել։
…
Իր
պնդումին
վրայ,
զինքը
ղրկեցին
Պոլիս,
հօրեղբօրը
մօտ,
ամուրի
պաշտօնեայ
ու
հարուստ։
Անկէ՝
Եւրոպա։
Մայրաքաղաքէ
մայրաքաղաք։
Ու
բժիշկէ
բժիշկ։
Ու
ոչ
ոք
գիտէր
որդը,
որ
կը
կրծէր
անոր
սիրտը։
Ո՞վ
միտքէն
պիտի
անցընէր
երկննալ
դէպի
սիրտը
մանկամարդ
կնոջ
մը,
որուն
մէկ
բլթակին
կարիճ
մը,
մեղքին
խայթին,
սարսափին
կարիճը,
պոչիկը
խածած,
օղակ
էր
անցեր։
Չմեռաւ։
Բայց
մահէն
ետ
գալը
չի
նմանիր
մեր
միւս
ճամբորդութիւններուն։
Անպայման
իր
կնիքը
կը
զարնէ
մեր
վրայ։
Ետ
եկաւ
մահէն,
ոչ
թէ
ամէնուն
պէս
ապրելու,
այլ
այդ
մահուան
շուքին
մէջ
ինքզինքը
օրօրելու։
Մարդկային
կեա՜նք։
Ինչե՜ր
ըսեր
են՝
քեզ
տարազելու
համար,
մեծ
իմաստուններէն
մինչեւ
խոնարհագոյն
ուղեղները
տառապող
ադամորդիներուն։
Ի՜նչ
կախարդ
շղարշ
ես,
փռուած
մեր
աչքերուն,
երբ
կը
մտնենք
տասնհինգէն
ներս,
այդպէս
անուշ,
անհուն
ու
միամիտ։
Ու
ի՜նչ
պատանք
ես,
մենէ
շատերուն
համար,
դեռ
քսանը
չողջունած։
Պատանին՝
որ
զարնուած
սրտէն՝
իր
վերջին
տարին
կը
պառկի,
ծուիկ–ծուիկ՝
միսերէն
ու
թոքերէն,
ու
գերեզմանին
«գոգը»
կը
պաղատի
այնքան
սրտառուչ
բախտաւորութեամբ
։
Հարսնուկը՝
որուն
ծոցին
երկու
տղեկ
են
բուսեր,
եւ
սրտին՝
մեղքին
օձը
տուն
է
զարկեր։
Եւ
որ
կը
պապակի
մահուան,
ինչպէս
այրեցաւեր
ծաղիկը՝
շողին
ու
լոյսին։
Գիրքերը
շատ
բան
կը
գրեն
այդ
ողբերգութեան
վրայ,
բայց
չեն
մօտենար
այդ
երկրաշարժին,
որ
մեր
հոգիին
խաւերը
հիմն
ի
վեր
կ՚ընէ
եւ
մեզ
կը
թաղէ
շղարշին
տակը
մեր
երազներուն։
Ու
չէր
հարցներ,
թե
ինչու
չէր
մեռներ։
Ապրեցաւ
սակայն։
Դարձաւ
իր
էրկանը
տունը։
Տեսաւ
կրկին
իր
մայրը
։
Տեսաւ
էրիկը։
Խօսեցաւ
ալ
անոր
հետ։
Իր
պայմանն
էր
եղած
չտեսնել
մաման։
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
ինչու
կը
վախնար
անկէ։
Անոր
զաւակները
--երկրորդը
աղջիկ
էր
ու
հետեւաբար
ղրկուած
Պոլիս,
հօրեղբօրը,
մօրմէն
այդպէս
հեռացուած՝
ասոր
դեդեւուն
առողջութեանը
համար--
մնացին
երկու
իրաւ
ապաստանները
իր
հսկայ
ցաւին
դէմ։
Մինչեւ
որ
մայրը
մեռաւ։
Այսինքն՝
զայն
գտան
մեռած։
Զ.
Խեղդումով,
մահուան
դասական
նշաններով,
իր
սենեակին
մէջ,
որ
ծուխ
ու
ալքոլ
կը
հոտէր։
Թաղապետական
բժիշկը
խմբագրեց
կաթուածահար
մահուան
երիտասարդ
ու
շքեղ
տեղեկագիր
մը,
շատ
գիտական
ու
շատ
փաստացի՝
արաբական
դժուարիմաստ
տարազներու
վրայ
դիզելով
իր
ամբողջ
հմտութիւնը։
Ու
ստացաւ
իր
արժանաւոր
վարձքը,
սիրուն,
երկամեայ
նժոյգ
մը,
որ
բաց
կարմիր
գաւակին
վրայ
երկկողմանի
ճերմակ
պիսակներ
ունէր,
հաւասար
ծաւալով,
-
իրական
լուսիններ։
Գազանին
աչքին
լոյսը,
այդ
նժոյգը,
որ
կը
խաղար
տիրոջը
հետ,
տարփաւոր
աղջկան
մը
նման
նազանքոտ
ու
պչրուն։
Աւելի՞ն։
Այսինքն՝
մեռնողին
վիզին
վրայ
կապուտիկ
մահիկնե՞րը։
Այսինքն՝
փոքր
շշուկնե՞րը
պալատին
սպասորեարին
բերնով։
Այսինքն՝
մեռնողին
երիտասարդութի՞ւնը,
առողջութի՞ւնը։
Ասոնք
հարցումներ
են,
որոնք
կարգ
մը
մարդերու
եւ
տուներու
չեն
տրուիր։
Բժիշկը
չէր
կրնար
աւելին
գիտնալ,
քան
բամբասանքը։
Անոր
աղջի՞կը։
--
Լացաւ
անշուշտ։
Քիչ
մը
աւելի,
քան
պատշաճութեանը
ընկալեալ
սահմանը,
գեղեցիկ
անոր
դիակին
վրայ,
երբ
լուացին
ու
հագուեցուցին
զայն՝
դնելու
համար
վերջին
իր
անկողինին։
Ան
ալ
տեսաւ
կապոյտին
բիծերը,
բայց
չխորացաւ։
Մահը
այնքան
տիրական
վիճակ
մըն
էր
իր
հոգիին
համար,
որ
մօրը
վրայ
անոր
պատկերը
զայն
կը
յուշէր
իբր
անըմբռնելի
հեշտութիւն
մը։
Յետոյ,
դիակին
գեղեցկութիւնը,
հազիւ
դեղնած
ճակտին
վրայ
անոր
դեղձան
խոպոպներուն
կոկոնները,
դէմքին
խաղաղ
հրաւէրը
սուտ
կ՚ընէին
կարծես
պատկերին
կցորդ
դասական
զգայութիւնները։
Աւելի՛ն։
Պատէն
կախ
մեծ
հայլիի
մը
մէջ
անիկա
ինչպէս
տեսաւ
իր
ու
պառկողին
դէմքերը։
Որքան
մօտիկ
էին
անոնք
իրարու։
Ու
մահը
ոչինչով
գրեթէ
կը
զատուէր
ողջէն,
այնքան
հատած
էին
չմեռածին
գոյները։
Ի
զուր
փակեց
թարթիչները
պնդահիւս
բանտումով,
վանելու
համար
զուգորդօրէն
արթնցող
տեսիլքը
անարգ
գիշերին։
Բայց
մղձաւանջը
կը
յամառէր:
Դղրդուած,
փլած՝
ինկաւ
անոր
կիսկապուտ
շրթներուն
համբոյրին,
պոռալով,
պոռալով.
–
Մամա՜,
մամա՜,
մամա՜…
Ու
գլուխը
վերցնելով,
մէկը
փնտռելու
վիճակին
մէջ,
յետոյ
դառնալու
համար
դիակին։
–
Ներէ՜,
ներէ՜,
ներէ՜…
Մէկը
առաւ
անոր
կռնակէն
մանչուկը,
լուսնի
պէս
աղուոր,
որ
հիւսուած
մօրը
մազերուն՝
կու
լար
խոշոր–խոշոր,
իր
կարգին
պոռալով:
–
Մամա՜,
մամա՜։
…
Ու
ծակ–ծակ
եղաւ
անոր
սիրտը,
երբ
նրբանցքէ
մը
դարձին՝
անիկա
հանդիպումը
ըրաւ
իր
ամուսինին,
որ
կու
լա՜ր։
Մարդերու
ա՜չք:
Քեզ
ո՞ր
ծովերէն,
ճահիճներէն,
դժոխքներէն
հաներ
ու
դրեր
են
այդ
խոռոչներուն
մէջ։
Ո՞վ
կը
մաքրէ,
ինչ
որ
իբր
անտեսանելի
թոյն
մթերուած
է
քու
մէջդ։
Մա՛նաւանդ՝
ո՜վ
կը
ճարէ
քեզի
այդ
յստակ
ջուրերը։
Անիկա
չկրցաւ
մասնակցիլ
պայմանեալ
արարմունքներուն։
Դիակին
ներկայութիւնը
եւ
ամուսինը
վեր
էին
անոր
հանդուրժող
կարողութենէն։
Մահը
սակայն
քիչ
բան
պիտի
փոխէր
տունին
կարգերէն։
Շաբաթ
մը
ամբողջ
անիկա
սարսափին
տակն
էր
դարձին:
Ժողովրդական
աւանդութիւն
մը
մեռելները
գերեզմանէն
տուն
կը
ղրկէր,
գիշերուան
որոշ
ժամերուն,
որպէսզի
անաւարտ
իրենց
կամքերը
ըլլային
ծանօթ,
գոհացում
գտնելու
համար,
աղօթքով,
մատաղով
ու
մխիթարելու
համար
փոխադարձ
հաղորդումով,
կսկիծին
մէջ,
որ
ամէն
մեկնողէ
կը
մնայ
թանձրացած
իր
տունին
ու
սիրականներուն
ներսը։
Ու
մայրը
չեկաւ։
Պառաւները
հոճաներուն
միջնորդութիւնը
թելադրեցին,
որ
մերժուեցաւ։
Անիկա
գիտէր
զսպանա՜կը
սա
ուրացումին։
Ու
ժողովի
մը
մէջ
կիներու
կողմէ,
որոնք
վիճաբանութեան
էին
դրած
ձեռք
առնուելիք
միջոցները,
անգիտակցաբար
անիկա
պոռացեր
էր.
--
Ի՞նչ
երեսով։
Չէին
հասկցած
անշուշտ:
Բայց
ինք
վախցեր՝
իր
ձայնէն
ու
խածեր
շրթները։,
Բայց
կը
տանջուէր։
Ամէնէն
առաջ
անիկա
յուսախաբ
զգաց
ինքզինքը,
իրեն
պակսող
ներքին
խաղաղութեան
համար։
Խորհեցաւ
այդ
վիճակին
առջեւ
իր
անգիտակից
մտորումներուն,
որոնք
իր
տառապանքին
իբր
աղբիւր
գուցէ
իրեն
տուեր
էին
իր
մօրը
մեղքը։
Անիկա
վերցեր
էր
առջեւէն,
բայց
իր
հոգին
կը
մնար
նոյն
անձուկին
խորը։
Յետոյ,
իր
ցաւին
մէջ,
ան
գտաւ
մտածման
նոր
երակներ։
Որքան
ատեն,
որ
ողջ
էր
այդ
մայրը,
անոր
կսկիծը
հայլի
մը
ունէր
ինքզինքը
դիտող
ու
արդար
հանող։
Մա՛նաւանդ
մեղքին
հետ
ծանօթանալէն
առաջ։
Չարաշուք
գիշերին
անակնկալը
փոթորիկն
էր,
որ
կործանած
էր
անոր
պատրանքին
բոլոր
դղեակները
ու
հասկնալի
ըրած
հեքիաթը
իր
ամուսինին։
Այդ
օրէն
անիկա
կը
ճանչնար
այդ
գարշութիւնը,
որ
էրիկ
անունին
տակ
կարուած
էր
իր
մաքրութեան։
Իր
հոգելլկումը
կը
ձգեմ
ձեզի։
Ու
կը
ծանրանամ
անոր
միւս
տառապանքին։
Անիկա
ինքզինքը
նիզակուած
գիտէր
խիղճի
մեծ
խայթէ
մը:
Ու
ասիկա,
–
փափաքը
մահուան՝
մօրը
վրայով։
Ամչցեր,
ցաւեր,
բացեր
էր
այդ
փափաքին
համար,
բայց
կեղծաւոր
մը
չէր
ու
չէր
կրնար
անտեսել
մտքին
մէջ
յստակ
գծուած
այդ
պատկերին
աղտոտ,
փշոտ
իրականութիւնը։
Ու
հիմա՞։
Անիկա
կը
տառապէր
իր
փափաքին
իրացման
մեղքով։
Ու
չկար
խաղաղութիւնը։
Էրիկը՝
նոյն
անասունը։
Դղեակը՝
նոյն
ոճրաքաղաքը։
Ծառաները՝
նոյն
կեղծիքը։
Քաղաքիկը՝
նոյն
ընդարձակ
գերեզմանը։
Զաւակը
միայն,
տարօրէն
փակած
իրեն,
չտալով
ոչ
իսկ
րոպէի
առանձնութիւն։
Նամակները
միայն,
շաբաթը
ամէն
օր
զինքը
գրաւող
որոշ
ժամերուն,
որոնք
իր
սիրտին
միւս
կէսը
կը
տանէին
Պոլիս
տարագրուած
աղջնակին։
Ու
կէս
ամիսը
բաւէր
պիտի
բարձրակարկառ,
անոր
մէջ
քանդակելու
արհաւիրքներուն
արհաւիրքը,
–
իր
մինակութեան
վճռական
գիտակցութիւնը՝
սա
պալատին
մէջ։
Դէմ-դէմի՝
աշխարհի
հազուադէպ
մէկ
սրիկային
հետ։
Անշուշտ։
Բայց
դէմ-դէմի
մարդու
մը
հետ,
որ
հաւ
մորթելու
պէս
կին
կը
մորթէր։
Ու
զարկաւ
անիկա
նիհար
ձեռքերը
հէգ
իր
գլխուն։
Կը
հասկնաք
իր
վախը,
տագնապը։
Բայց
ոչ՝
ուզածը։
Անիկա
հիմա
կը
փնտռէր,
կ՚ուզէր
պաղատագին,
իր
մայրը,
գոնէ
ուրուական,
տեսակ
մը
վահա՜ն,
ընդմէջ
իր
մենութեան
եւ
ամուսինին
անասնութեան։
Թուրք
կիները,
այդ
օրերուն,
անպատուութեան
գնով
միայն
արձակում
ձեռք
կը
ձգէին,
իրենց
անօրէն
ամուսիններէն։
Ինչո՞ւ
մօրը
օրինակը
չթանձրացաւ
անոր
աչքերուն։
Անիկա
կը
վախնար
հայլիէն,
ուր
ամէն
անգամ
իր
տժգոյն
դէմքին
քով
բուսած
կը
զգար
մահուան
մահիճին
բարձէն
ժպտող
դէմքը
իր
մամային։
Է.
Ու
պալատը։
Այսինքն՝
անոր
ամուսինը։
Որ
կը
մոռնար,
փոխադարձ
լռին
հաւանումով
մը,
իր
գոյութիւնը,
ինքզինքը
տրամադրած
իր
ախորժակներուն։
Ու
կարաւանները
անոր
մեղքերուն
աւելի
գունագեղ,
քան
կէս
հազարի
հասնող
իր
ուղտերուն
գեղազարդ
կարաւանը։
Ու
անոր
արբանեակները,
ռէժիի
դէտերուն
տարազովը,
ու
տարազովը
պաշտօնական
սրիկաներուն։
Ու
անոր
մանչերն
ու
աղջիկները,
որոնք
կ՚երեւային
ու
կը
քաշուէին
պալատին
բեմասրահին,
անհոգ
ու
անմե՜ղ։
Ու
պառաւներն
ու
որսահանները,
խաթար-խաթար
ամէն
տեսակի
վրայ
աշխատող
ու
ջերմեռանդ։
Ու
ամբողջ
աղտն
ու
խենէշանքը
ապականութեան
այդ
ապարանքին,
որոնք
իրենց
առթած
զայրոյթովն
ու
սարսափովը
կազմելու
էին
աշխարհը
անոր
ոտքին՝
ինչպէս
հոգիին,
աչքին՝
ինչպէս
ականջին։
Աշխա՞րհը
անոր
սրտին։–
Պէտք
չէ
վէպի
հերոսներուն
հարցնել
բաներ,
որոնք
չենք
համարձակիր
երբեմն
ընել
մենք
մեզի
համար։
Ու
պալատը,
կրկի՜ն։
Այսինքն՝
Անորակելի
քմահաճոյքը
անոր
ամուսինին,
որ
խելքը
փչած
ժամուն,
գիշերը
կը
բանար
դուռը
անոր
ննջարանին,
կը
վանէր
սպասուհին
ու
ծոցը
կը
մտնէր։
Այս
քմահաճոյքին
գինն
էր
երրորդ
զաւակ
մը,
զոր
թշուառ
մայրը
ուզեց
խեղդել,
դեռ
արգանդին
մէջ,
բայց
վրիպեցաւ,
կործանելով
մայրութեան
գործարանները։
Անոր
արգանդը
պիտի
գօսանար
այդ
սխալին
հետեւանքով։
Ու
պիտի
կրանար
սեռը,
անոր
երակներէն։
Ու
հեռի
էր
անիկա
երեսունէն,
հինգ-վեց
տարիով։
Ու
ճերմակ
էր
անիկա
հոգիէն,
որ
մազ
ունի
երբեմն,
բայց
ճերմակ
տեսակէն։
Ու
աղքատ
էր
անիկա
սիրտէն,
որ
մերկ
է
աշխարհ
մը
զարդի,
բեհեզի
ու
զգացումներու
ծիրանիին
խորն
ալ,
երբ
թաղենք,
մոռնալով
պուտ
մը
լոյս
վառել
անոր
կանթեղին
։
Պէտք
է
ապրի՜լ
սակայն։
Նույնիսկ
այս
ամէնէն
ետքը։
Նոյնիսկ
ի
հեճուկս
այս
ամէնուն։
Անոր
աղջիկը
տարին
հեղ
մը
կու
գար
մամային,
պուպրիկ
ու
բարակ,
տարօրէն
տխուր,
ինքն
ալ
անգիտելով
ինչո՛ւն։
Չէր
խաղար
աղբօրը
հետ,
որ
թաց
օդին
ու
ծովին
կ՚աճէր
առատ,
բայց
կը
պահէր
թափանցիկ
մորթը,
որ
նոյնն
էր
երեքին
ալ
վրայ։
Ու
չէր
խաղար
առանձին,
նեղուելով
գրեթէ
մօրը
սէրէն,
որ
բառ
է
միայն,
երբ
հեռուն
կ՚աճի
զաւկին
հասակէն։
Տղաքը
չեն
հասկնար
ատիկա։
Բայց
մայրը
խենթն
էր
անոր:
Մենք
մեր
զաւակները
կը
զետեղենք
--անոնց
ամէնէն
կերպընկալ
տարիներուն--
մեր
դժբախտութեան
գօտիներուն
մէջ,
զանոնք
կ՚ընենք
մեր
մանրանկարը,
մեր
ամբողջ
տրտմութիւնը,
արիւնով
անցածէն
զատ,
ժամանակով
յաւելեալն
ալ
դիզելով
անոնց
հոգիներուն
խորը:
Ու
չենք
անդրադառնար
սխալին,
որ
մինակ
չէ
այս
անգամ։
Անոր
կ՚աւելնայ
մեր
անգիտութիւնը
երբեմն,
մեր
իսկ
տառապանքէն։
Պէտք
է
որ
տղաքը
մեծնան։
Ու
կեանքը
քալէ։
Ու
վէպը
քալէ
կախարդին
թեւովը,
ոչ
թէ
ժամանակին
քայլովը
ու
հասնի
սա
տղուն
պատանութիւնը
մինչեւ։
Այսինքն՝
տասնհինգ
մը
տարի։
Գրելը՝
դիւրին։
Ապրի՞լը։
Անոր
մայրը
պիտի
հանդուրժէր
այդ
ողբերգութիւնը
զաւկըներուն
սիրոյն։
Հարեմի
բարքերը
իրենց
ուժին
լրումին
մէջն
էին
ու
ամենակար
։
Կինը՝
անկարող
ոչ
իսկ
բողոքի։
Հարուստ,
դիրքի
տէր
մարդու
մը
պալատին
մէջ
հինգէն–տասը
թիւ
կնիկի։
Հարցնելն
իսկ
աւելորդ
էր
այդ
օրերուն։
Ամէն
պէյ
փոխանորդն
էր
փատիշահին
ու
ինքզինքը
կը
ձեւէր
անոր
ախորժակներուն
վրայ,
որոնք
գաղտնիք
չէին
զանգուածին
համար
անգամ։
Պաշտօնապէս,
տօնական
գիշեր
մը
խալիֆան
տասնեւհնգամեայ
աղջիկ
մը
կ՚առնէր
իր
պալատին։
Անպաշտօն՝
ամէն
շաբթու։
Անիկա
մտքէն
պիտի
չանցընէր
ապահարզանը։
Քանի
որ
օրէնքը
զինքը
կը
զրկէր
զաւկըներէն։
Այս
ստուգութիւնը
անոր
ամուսինը
շահագործեց
իրեն
վայլող
անգթութեամբ
մը։
Եւրոպացիք
նման
վիճակներու
համար
չեն
հնարած
անշուշտ
chantage-ը
։
Բայց
կոյանոց
մաքրողին
տղան
այդ
զէնքը
գործածեց
սադայէլեան
տաղանդով
ալ։
Լեգէոն
էին
կիները,
որոնք
անոր
ապօրէն
զաւակները
կը
պտտցնէին,
բայց
չէին
հասներ
անոր
սիրտը
գրաւելու։
Իրողութիւն
էր,
որ
նիքեահ
ով
իր
դղեակը
մտնող
չորս
կնիկ
ճամբու
դրուեցան
տասներկու
ամիս
ետքը,
իրենց
անարգաւանդ
արգանդներուն
մեղքը՝
քաւելով։
Ամէն
մէկ
նիքեահ
տունին
մէջ
կը
ստեղծէր
լռին
ձգտում
ու
սիրուհիներուն
մէջ
բուռն
իրարանցում,
բայց
կը
նուաճուէր
տիկինին
ազնուական
այլուրութեամբը,
որ
իր
յարկաբաժինին
մէջ
ամրապարիսպ,
կը
զբաղէր
մանչովը։
Էջեր
պէտք
են
այդ
ընտանիքներուն
պատկերը
մօտաւոր
սեւեռումով
մը
թուղթին
յանձնելու։
Էտհէմ
պէյը
իր
կեանքին
երկու
երեսներուն
համար
հաշիւ
չունէր
տալիք
ոչ
ոքի։
Անշուշտ
անոր
կինը
--Խաթո՜ւնը--
այդ
էր
օրինաւոր
տիտղոսը
կնոջ,
որ
անդրանիկ
զաւակը
կու
տար
գերդաստանին,
գտեր
էր
հաշտութեան
եզր
մը
իր
բախտին
ու
ամուսինին
ընդմէջ։
Անիկա
տարտամօրէն
կը
մեղքնար
ալ
անմարդկային
նախճիրին,
որուն
կրկէսը
կը
հանդիսանար
այդ
դղեակը,
դրամը,
պատիւը։
Ամօթի
անհուն
իր
սպառումովը։
Բայց
կը
զգուշանար
մօտենալէ
նոյն
ատեն,
վասնզի
անոր
էրիկը,
իր
դրամին
յարաճուն
հեղեղումը,
իրմէն
ապրող
մարդասպաններուն
մշտանորոգ
ջոլիրովը
ու,
մա՛նաւանդ՝
կարաւանովը
իր
ամենահաս,
ամենազօր
պառաւներուն՝
զերծ
էր
մարդկային
օրէնքներուն
կշիռէն։
Այս
պատմութեան
ամէնէն
դժուար
ըմբռնուելիք
կողմն
է
օրէնքէ,
ամօթէ,
բարոյականէ
այն
բացարձակ
զերծութիւնը:
Թերեւս
ընթերցողը
կը
հարցնէ
իր
առաջին
զարմանքին
մէջ՝
ընկերութի՞ւնն
ալ,
որուն
մարմինին
վրայ
գոյութիւն
կ՚առնեն
այս
անասնութիւնները։
Աւելորդ
չըլլայ
յիշեցնել
ազգային
առածը,
որ
անցուկը
մոռցուկ
կը
յայտարարէ։
Կէս
դար
առաջ
Էտհէմ
պէյի
կաղապարէն
մարդեր
փառքն
էին
քաղաքներուն։
Անոնք
կեդրոնէն
ղրկուած
ամենազօր
փաշաներուն
հեղինակութիւնն
անգամ
կարող
էին
շրջելու
իրենց
վրայէն։
Ու
թուղթի
վրայ
արդիացում
մը,
դատարան,
լրագիր,
բանտ
կը
հերքուէին
գրեթէ
ամէն
օր։
Թուրքերը
արդարութիւնը
չեն
խաչեր
միայն
արդի
ժամանակ։
Բռնութիւնը,
ուժին
պաշտամունքը,
ուրիշը
զրկելը,
վայելքը
ամրակուռ
հոգեբանութիւնն
է
անոնց
իշխողներուն,
ուշացած
աւատապետներ,
զորս
թագաւորը
կը
գործածէր
մեծ
թաքթով։
Ու
պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
քիչ
են
այն
տարրերը,
որոնք
կը
բաժնեն
զիրենք
տափաստանեան
տիպարէն,
որ
իր
ճիրաններովը
կը
չափէր
աշխարհը։
Ի
վերջոյ,
մեր՝
հայերուս,
բոլոր
իմաստութեա՜ն
հակառակ,
ու
հակառակ
Եւրոպայի
ընդարձակ
շահերուն,
թուրքը
իրականութիւն
մըն
է,
պատմական
մեծ
acte
մը,
ու
իբր
այդ՝
որոշ
քաղաքակրթութիւն
մը։
Որուն
տիրական
գիծը՝
նիւթապաշտ,
վայելապաշտ
գիշախանձութիւնը
կը
մնայ,
–
Արեւելքի
բոլոր
ցեղերուն
մէջ
կիսատարազ
փոփոխութիւններով։
Մենք
իսկ,
մեր
հաշւոյն,
չե՞նք
բանաձեւած,
այսօր
մեզի
անհասկնալի
իմաստութիւնը.
–
«Սահման
քաջաց
զէնն
իւրեանց»
Այնպէս
որ,
քաղաքակիրթ
աշխարհի
մը
դուռներուն՝
քառորդ
դար
առաջ
ու
նոյնիսկ
հիմա
կարելի
էր
անհեթեթութիւնը
մեծակառոյց
բնակարանի
մը,
որուն
միահեծան
տէրը
ազատ
էր
ձգուած
իր
կիրքերուն
արձակարանին
մէջ,
ո՛չ
միայն
կնոջը
սարսափով
ստացուած
յօժարութեամբը,
այլեւ՝
ընկերութեան
բարեհաճ
հաւանութեամբը։
Երբ
ժողովուրդ
մը,
առանց
թարթելու՝
օտարին
ինչքն
ու
հողը
կ՚իւրացնէ,
ուրիշ
կերպ
կը
դժուարի
դատել
անհատական
այս
զեղծումները։
Գազային
ամբողջ
պաշտօնէութիւնը
չափրաստ
բարեւի
կը
կենար
անոր
անցքին։
Ու
արժանիքի
պատուանշանները
քանի
մը
տարին
հեղ
մը
կու
գային
ոսկեզօծել
անոր
արդէն
ամրակառոյց
փառքը։
Այս
հզօր
պաշտպանութեան
ետին,
անոր
կիրքերը
կը
հոսէին
բացասաբար
սեռին
ակօսովը։
Տարիքը
զինքը
ըրած
էր
զգաստ՝
անխոհեմ
ու
անպէտ
սպանդներէ,
ցուցամոլ
ձեռնարկներէ
ու
կասկածելի
բախումներէ
նորժմնուկ
ստահակներուն
հետ,
որոնց
նախասիրութիւնն
է
չափուիլ
հաստատուն
փառքերու
հետ:
Ասպարէզին
աս
նրբութիւններէն
դուրս,
դիտուած
է,
որ
մինչեւ
եղ
կապելը
(ու
դուք
կը
հասկնաք
փոխաբերութիւնը),
չարագործը
կ՚ախորժի
արիւնէն,
զայն
իր
համբաւին
անհրաժեշտ
տարրը
դաւանելով։
Ոսկին
ապահովելէ
յետոյ
է,
որ
կինը
կու
գայ
առաջին
փլանի։
Ագահութիւնը
կարելի
է
տարազել
իբր
սեռ
մը,
սերմին
հանդէպ
խուլ
խնայողութեան
մը
չարաչար
զեղծանումը:
Ու
մարդիկ
քանի
առաջանան
տարիքի,
այնքան
կը
մանկանան
սեռային
զգայութիւններու
իրենց
պապակին
մէջ։
Անոնք
այնքան
անխելք
են,
որ
իրենց
աստիճանական
տկարացումը
կը
խնայեն
իրենց,
ու
դրամով
ճարուած
մարմիններու
վրայ
հերոս
կը
դառնան։
Այս
տարտամ
բանաձեւուած
օրէնքներուն
ճնշումո՞վն
էր,
որ
անոր
կինը
քիչ-քիչ
կը
վարժուէր
իրական
իր
այրիութեան,
քանի
որ,
տարիներուն
շատնալուն
հետ,
կը
քիչնար
թիւը
անոր
գիշերային
այցերուն
իր
յարկաբաժինին
համար,
ա՛յնքան՝
որ
ամիսներով
երեսն
իսկ
չէր
տեսներ
տնօրէն
պէյին
ու
չէր
տառապեր։
Հարսնիք,
նոր
աղջիկներ,
վտարում,
ալեկոծում,
պալատին
եռուզեռը
թափանցում
չունէին
անոր
առանձնարանէն։
Թուրքերուն
ընկերութիւնը
այնպէս
է
կազմուած,
որ
կիները
մնան
անոր
լուսանցքին
ու
բաժին
չառնեն
կեանքին
մեծ
խաղերէն։
Տակաւին
այրերն
ալ
չեն
տառապիր
այդ
ընկերութեան
մէջ,
երբ
աս
ու
ան
ստահակը,
իր
լրբութեան
ու
յանդգնութեան
իբր
գին,
ինքզինքը
ձեւէ
մեծերուն
կտաւով,
ու
նման
թագաւորի՝
ուզէ
սեպհական
քանի
մը
կնիկէ
զատ,
թարմ
աղջիկներ,
գառագեղներու
մէջ
այդ
աղջիկներուն
յղութիւնը
ստուգելը
ուրիշին
չվստահելով։
Տարօրինակ
արձակութիւնը
այդ
բարքերուն,
իր
նախնական
տարրական
կապերուն
մէջ
այնքան
ալ
մօտ,
յարմար՝
այդ
ժողովուրդի
ուղեղին,
որ
կեանքը
կը
տեսնէ
սեռին
ու
արիւնին
ակնոցով։
Կ՚առնեն
կին,
ուզածնուն
չափ։
Կը
յարմարին
քանի
մը
յօդուածներու,
անոնց
գործածութեան
ու
արձակման
մասին։
Ու
քանի
մը
տարին
անգամ
մը
բնազդաբար
կը
թարմանան
…։
Ի՞նչ
կը
պահանջէր
ռէժիին
տնօրէնը
սեպհական
իր
արիւնէն,
երբ
հարճերու,
վարդի
պէս
անարատ
աղջիկներու
վրայ
ինքզինքը
կը
խաբէր։
Անոր
կինը
կ՚ընէր
այս
տխուր
հարցումը,
երբ
չքանար
անոր
շչուն
չնչառութիւնը
գիշերապիղծ
իր
սենեակէն
ու
ինքը,
պժգանքէն,
կատաղութենէն,
ատելութենէն
տրոփուն,
ինչպէս
մրճահարուած
զանգակ
մը,
տար
զինքը
խուլ
իր
հեծեծանքին,
կոծկոծուն
ցաւերու
երկարաձգումը
չկարենալով
լռեցնել
մինչեւ
արշալոյս,
այրելով
բարձերէն
ու
սաւաններէն
ու
իր
մարմինին
մէջ
քալող
աղտոտ
կրակէն։
Այս
է
ճակատագիրը
կարգ
մը
տարփանքներու։
Ապրի՜լ։
Երկաթէ
գիր
ես
դուն,
բռնի
դրուած
մեր
աղօրիքներուն
…։
Երբ
աղմուկը
հանգչէր
գազանին
քայլերուն,
անիկա
կրակներէ
հալածուած,
պիտի
վերցնէր
լամբին
պատրոյգը
ու
քալէր
մեղմ
դէպի
անկողինը
մանչուն,
որ
անգիտակից
վկան
էր
խուլ
սա
պատարագին։
Ու
սուզուէր
պիտի
զովուկ
ու
փայփայիչ
անոր
պատկերին,
լուսնակի
պէս
փափուկ,
թեթեւ,
բայց
մետաքսի
թելին
ծանրութեամբ։
Վրան՝
գոլը,
շղարշը
ճակատագրին։
Վրան՝
կնիքը
ապառնի
ոճիրին,
որ
սարսափէ
հիւսուած
թաթի
մը
նման
կը
դողդղար
անոր
գիծերուն
վերեւ,
անտես,
բայց
զգալի։
Կը
պատահէր,
լոյսին
ողողման
տակ,
բացուիլը
փակ
այդ
աչուըներուն,
անհուն
խորութեամբը
ինկած
այդ
պաշտելի
մաքրութեամբ
խմորին
մէջ,
մօրկանը
դէմքէն։
Այնքան
նման
էին
անոնք
իրարու:
Խաժ,
թերխաշ
այդ
աչքերը
կը
կարդայի՞ն
պատերը,
անոնցմէ
անդինը,
գուցէ
մինչեւ
յատակը
դղեակին։
Անիկա
կը
բաժնուէր
այդ
մահիճէն,
տարօրէն,
խուլօրէն,
անդարման
կերպով
խռով,
կործանած։
Ու
չէր
գիտեր
աղբիւրը
այս
քայքայումին։
Իր
անկողինին
մէջ
անիկա
կ՚ապրէր
մէջէն
ու
դուրսէն,
չկրնալով
հանգիստ
մը
ճարել
իր
մարմինին,
որ
ցաւի
բուռն
ասեղներու
տակ
կը
կոտտար
անսպասելի
կեդրոններէ։
Ո՜վ
անլուծելի
առեղծուածը
մեր
ճակատագրին,
որ
մեզ
կը
կալանաւորէ
այսպէս
ու
կ՚արգիլէ
ապրիլ
ամէնուն
նման։
Անոր
շրթներուն
կու
գար
հարցումը,
որ
պատճառը
կ՚ուզէր
տղուն
քունին
դէմ
իր
մէջ
արթնցող
սա
սարսափին։
Բայց
կը
վախնար։
Մտածումը
ձայնով
տեսանելի
կը
դառնայ
ու
մենք
պիտի
վախնանք
մեր
մտածումներէն։
Մեր
ժողովուրդը
ըսած
է։
–
«Վախը
վախ
կը
բերէ»։
Անիկա
ըսած
է
նաեւ,
–
«Դաւը
դաւ
կը
բերէ»։
Ճշմարտութիւնը,
արդարութիւնը
իր
հետն
են
եղած
իր
առածներուն
վրայ։
Ու
գրուած
էր,
որ
տնօրէնին
կինը
չազատուէր
իր
ճակտի
գիրէն։
Ը.
Իր
մենութեան
վիրապին
մէջ,
հակառակ
ինքզինքը
խստօրէն
պաշտպանել
փորձելուն,
անիկա
պիտի
ընդունէր
գրոհը
ցաւերու
նոր
խաղացքի
մը,
որ
հեռուներէն
փրթելուն՝
զինքը
պիտի
գտնէր
անպատրաստ
ու
տապալէր
մէկ
հարուածով,
ա՛լ
սպիացած
անզգածութունը
իր
սրտին։
Մեր
գործարանները
տարիք
մը
ունին,
այսինքն՝
մաշիլ
գիտեն։
Մեր
հոգիին
գործարաննե՞րը։
Այսինքն՝
կա՞յ,
սահման
մը
մեր
դիմադրելու
կարողութեան
ցաւին
ու
զրկանքին։
Նոր
տրամը
կու
գար
հեռուէն։
Նամակ
մը,
Պոլսէն,
հեռաւոր
ազգականի
մը
ստորագրութեամբը,
անոր
կը
գուժէր
կործանումը
հoրենական
տան։
Հեռու
տեղ
հարս
գացած
ամէն
կին
անբացատրելի
կարօտով
մը
ինքզինքը
կապ
կը
զգայ
իր
յիշատակներուն,
որոնք
տագնապի,
աղէտի
օրերուն
կը
կենան
պայծառ
անոր
ետին
…։
Քանի՜-քանի՜
հարիւր
անգամ
անիկա
տեսեր
էր
մանկութեան
իր
օրրանը
ծովեզերքին,
պարտէզի
մը
խորը,
սիրուն
այն
քէօշկ
երէն,
որոնք
Վոսփորի
գիւղերուն
գեղօրները
կը
նկատուին,
իրենց
ոճին՝
ինչպէս
ծովափնեայ
տեսիլներուն
համովը,
վանդակահիւս
պատշգամներէ,
տաղաւարներէ,
շնորհալի
նաւակներէ,
իրենց
շղարշէն
թափուելու
վրայ
աղջիկներէ
ու
տարօրէն
նուրբ,
գեղազարդ
կիներէ
ստեղծուած։
Անուն
մը
պիտի
ճշդէ
թերեւս,
պոլսեցիներու
մտքին,
քանի
մը
զգայութիւններ։
Չեմ
տար
ատիկա,
ընթերցողին
աչքին
պարզելով
պատսպարուն
խորշ
մը,
այդ
ափունքէն,
ետին՝
նոճիներու
մէկ–երկու
սեւ
մոմ։
Աջին՝
մոռցուած
գերեզմանոց
մը,
ուր
քարերուն
ժանգը
հաճոյք
է
եւ
տրտմութիւն
Մեծ
փաշաները
կը
պզտիկնան
ու
անոնց
ամառոցները
կը
դալկանան։
Անոր
հայրը,
տարագրութեան
կսկիծին
մէջ,
չէր
յօժարած
այդ
վիլլան
վաճառել՝
կնո՞ջը,
թէ
իր
խորունկ
փափաքներուն
ունկնդիր։
Ու
յանձնած
հեռաւոր
ազգականի
մը,
որ
նման
ամէն
օտարի,
պիտի
նստէր
անոր
մէջ,
մաշեցնելով
օտարի
աչքով
տունին
ամբողջ
մարմինն
ու
հոգին,
շիւղ
մը
տեղը
չդնելով
փրթածին,
մոռնալով
ծառերը
ու
ծաղիկի
ածուները
փոխելով
սոխի,
սխտորի։
Անոր
եղբայրը,
տարիներ
առաջ
հօրը
հետ
գժտուած,
ձգեր
էր
այդ
տունը,
դեռ
հօրը
շնորհազրկումը
տեղի
չունեցած,
ապրելու
համար
չարաղէտ
կնոջ
մը
հետ,
լքելով
հայրենի
տունը
օտարներուն
անփութութեան։
Լքուած
բաներուն
ճակատագիրը
լրում
մըն
է։
Տունը
գտեր
էր
այդ
լրումը,
քայքայուելով
ինքն
իրեն
--քանի
որ
հոն
բնակող
ազգականը
անհրաժեշտ
նորոգութիւնները
կատարելու
անյօժար,
հեռացեր
էր
ուրիշ
տեղ,
ձգելով
զայն
պարապ--
շատ
հինցած,
կենալէն–կենալէն
մաշած
զգեստի
մը
նման։
Առտու
մը
այդ
վիլլան
գտան
նստած
իր
հիմքերուն
վրայ,
օրերը
աւարտած
ծերունիի
մը
նման,
յանկարծահաս
ցաւով
մը
գետին։
Ցաւը՝
հաստկեկ
ձիւն
մը,
որ
պատերը
քակելով,
իր
շամանդաղներուն
մանրամանր
ակռաներով,
տանիքին
կոխեր
էր
նենգ
թեթեւութեամբ
մը։
Ձիւնհալը,
հովով,
շնորհի
հարուածն
է
այդ
կանգուն
քայքայումներուն։
Ու
թաղուեցաւ
կործանած
փաշային
յիշատակը,
մարմինէն
բաւական
ետքը։
Պարտատէրները
--փաշաները
անարժան
կը
նկատուին
իրենց
տիտղոսին,
երբ
առանց
պարտքի
իջնեն
գերեզման--
գրաւեցին
փայտեղէնը,
գետինը,
իրենց
պահանջներուն
տոկոսն
իսկ
գանձած
չըլլալու
դժգոհութեամբ։
Հանըմին
եղբայրը,
տարուած
իր
հոգերէն,
չէր
իսկ
ներկայացած
հայրենի
ժառանգութեան
սա
թաղումին։
Կործանուած
տուն
մը
բացառիկ
աղէտ
մը
է,
ընտանիքի
մը
հետախաղաղ
ջնջումին
հեռազդեցիկ
պատգամը։
Իրաւ
ալ,
ամիս
չանցած,
անոր
մէկ
հատիկ
եղբայրը,
պարկեշտ,
կրթուած
ու
բարեշնորհ
բժիշկ,
ինքզինքը
պիտի
սպաննէր
խորհրդաւոր
պարագաներու
տակ,
որոնք
պատճառ
եղան
աղմուկի
ու
դատական
հետապնդումի,
անոր
սիրուհիին
ետեւէն։
Առտու
մը
գտեր
էին
այդ
երիտասարդը
կախուած
իր
սենեակի
առաստաղէն։
Սիրուհին,
մեծանուն
ու
այդ
օրերուն
ամենազօր
փաշայի
մը
վատահամբաւ
աղջիկը,
որ
չորս–հինգ
տունի
կործանման
պատճառ
էր
եղած,
այրերը
առնելով
իր
տարփանքին
մէջ,
կիները
հալածելով,
տարագրելով
Պոլիսէն,
ապացուցուց
իր
գիշերը
ուրիշ
սիրողի
մը
տունով,
հակառակ
անոր,
որ
շատ
մը
աչքեր
տեսեր
էին
զինքը
կախուած
բժիշկին
տունին
մէջ
աղէտի
առտուան
գիշերին։
Այդ
անզգամ
կնոջը
հայրը
կասեցուց
հետապնդումը,
առանց
դժուարութեան,
քանի
որ
մեռնող
երիտասարդը
կը
շարունակէր
հօրը
շնորհազրկումը
պտտցնել
Պոլսոյ
մէջ։
Երկու
աղէտները,
զատ–զատ,
բզկտեցին
տարաբախտ
կնոջ
արդէն
սպառած
ջիղերը։
Անիկա
շնորհակալ
ժպիտով
մը
ընդունեց
իր
ամուսինին
ատելավառ
պոռթկումը
անօրէն
ցոփուհիին
հանդէպ
ու
երջանիկ
էր
գրեթէ,
իր
մարդուն
մէջ
վերջապէս
հաստատելով
պտիկ
մը
արդարութեան
յոյզ։
Էտհէմ
պէյը,
մեծ
աղմուկով,
անցաւ
Պոլիս՝
իր
աներձագին
արիւնը
քիթէն
բերելու
այդ
պոռնիկին,
իր
զէնքերովը,
լաւագոյն
շուներովը
--երկոտանի
ու
քառոտանի--,
ձիերովը,
որոնք
կայսերական
ախոռին
էին
յատկացուած։
Ու
բաւականացաւ
այդ
կնիկին
հետ
վիպական
տեսակցութեամբ
մը։
Մեծահամբաւ
փաշային
վատահամբաւ
աղջիկը
զինքը
ընդուներ
էր
վոսփորեան
ապարանքի
մը
շքեղ
զարդասենեակներէն
մէկուն
մէջ,
եւրոպացի
կնոջ
մը
տարազով
ու
հեղինակութեամբ,
բարձրօրէն
խռովիչ
ու
ցանկայարոյց,
հոլանի
ու
գրգռիչ։
Առանց
նախատական
բառերու,
գեղացի
պէյը
--իր
բառերը
գաղտնիքն
ունէին
չվիրաւորելու--
հասկցաւ
իր
ծագումին
մեղքը
ու
հասկցուց
ատիկա
հանըմ
էֆէնտիին։
Ի
վերջոյ,
Պոլիսը
իր
խեղճուկ
ծովախորշը
չէր։
Ու
անոր
կիները՝
ջատուկներով
ճարուած
փոքր
պատառներէն
բոլորովին
տարբեր։
Անիկա
պիտի
բաժնուէր
այդ
կախարդական
բոյնէն,
տանտիրուհիին
ուղղելով
խորհրդաւոր
սա
նախադասութիւնը,
-–
Աստուած
ողորմի
հոգուն:
--
Որո՞ւ։
--
Բժիշկին։
--
Ինչո՞ւ:
--
Տեղը
ճէննէթն
է
անոր։
--
Ինչո՞ւ։
--
Քեզմէ
ետքը,
ճէննէթը։
Տանտիրուհին
ժպտեր,
թեւն
էր
երկարեր
աւազակին,
որ
սեղմեր
էր
կոտրտելու
չափ։
Ու
դո՜ւրս։
Ամէն
գեղացիի
նման,
անիկա
վախցեր
էր
այդ
կնիկէն։
Պիտի
դառնար
իր
քաղաքիկը,
փաստաբանի
մը
յանձնելով
հետապնդումը
դատին։
Իրականին
մէջ
քանի
մը
թուղթ
էր
գրել
տուեր,
կնքեր
իր
մեծ
կնիքովը,
անօթի
շունի
մը,
որ
պետական
դիւանէ
մը
հեռացուած
թշուառական,
իր
հացը
կը
հանէ
իր
դասակարգին
բոլոր
մեղքերը
ունենալով,
բայց
ոչ
մէկ
արժանիքը։
Այո,
եղբօրը
կորուստովը
անոր
քրոջը
մենութիւնը
կը
դառնար
բացարձակ։
Բայց
այդ
կորուստը
դուռը
կը
բանար
այլապէս
խորունկ
ուրիշ
ողբերգութեան
մը,
բոլորովին
անպաշտպան
ձգելով
երիտասարդ
կինը,
որուն
երեսին
կը
գոցուէր
փրկութեան
յոյսին
վերջին
ճամբան
ալ։
Այս
վէպին
հանգոյցը
իր
լուծումը
կը
գտնէ
սա
նոր
տրամին
ծալքերուն
ընդմէջէն։
Թերեւս
ընթերցողը
յոգնի
սա
անվերջ
շարանէն,
որ
մարդու
մը
քսան
տարիներուն
կորագիծը
ունի
իրեն
շրջանակ։
Թերեւս
իրերահիւս
սա
դրուագումները
կը
վիրաւորեն
դասական
պահանջը
արուեստին,
որ
չախորժիր
բարդէն։
Բայց
կեանքը
մեզի
չի
հարցներ
մեր
ախորժակները։
Գեղացիի
մը
տառապանքը,
միայն
ու
միայն
հացին
ետեւէն,
հատորներէն
չի
նուաճուիր,
երբ
կ՚ապրուի։
Գեղացի
պէյի
մը
ախորժակները,
երբ
արգելքը
չեն
գտներ
բարքերէն,
իշխանութենէն
ու,
ընդհակառակն,
կը
քաջալերուին
--ուրիշ
բան
չըրաւ
այդ
ռէժիմը,
անզգամները
թեւարկելէ,
զրահելէ
զատ--
վերին
հաճութեամբը
վեհապետին,
չեն
տարազուիր
դասական
վերլուծումով։
Վիպասանը
կը
նմանի
տղուն,
որ
թատերաբեմի
մը
վարագոյրը
կը
պահպանէ։
Ու
պէտք
է
բանալ
վերջին
վարագոյրը
սա
դժնդակ
պատմութեան։
Վէպը
թատրոնէն
վեր
ազատութիւններ
ունի։
Չորրորդ
մասին
մէջ
դերակատարը
աղջնակ
մըն
է,
որուն
յիշատակութիւնը
հազիւ
անցած
է
կանխող
մասերուն։