Ծնթ.
-
Վրիպակներ
եւ
սրբագրութիւններ՝
կը
յղուին
«Գ.
Մելիտինեցի»
շարքի
հրատարակութեան
(«Հարիւր
մէկ
տարուան»,
Անթիլիաս,
1996):
Ասոնք
մեծ
մասամբ՝
«Յուսաբեր»ի
ա.
տպագրութեան
վրիպակներն
են,
կրկնուած՝
բ.
հրատարակութեան
մէջ:
Հեղինակի
ձեռագիր
բնագիր
չէ
պահուած:
Ինչպէս
միւս
գործերու
պարագային,
հոս՝
-
Սխալները
եւ
սրբագրութիւնները
նշած
եմ
միասին:
-
Նոյնպէս՝
նշած
եմ
հաւանական
սխալները,
բայց
առաջարկած
վերականգնումներուս
կցած
եմ
?
հարցանիշը:
-
Բացայայտ
կամ
հաւանական,
բայց
անվերականգնելի
սխալներ
եւս
նշած
եմ,
պարզապէս
ընկերակցուած՝
նոյն
?
նշանով:
-
Ծանօթագրութիւններու
մէջ
պատահած
վրէպներ
սրբագրած
եմ
տեղւոյն
վրայ,
վրէպը՝
անկիւնաւոր
փակագիծերու
մէջ:
-
Կէտադրութիւն
սրբագրած
եմ
միայն
անհրաժեշտութեան
պարագային
(իմաստային
վերականգնում):
Այլապէս,
պահած
եմ
անփոփոխ
--
նաեւ
հեղինակային
որոշ
զարտուղութիւններ
կամ
զանցառումներ:
-
Չեմ
ձեռնարկած
ուղղագրական
միաձեւութեան
(օրինակ՝
բառի
մը
տարբեր
գրելաձեւերու
նոյնացման):
Ճիգը
կեդրոնացուցած
եմ
բնագիրի
իմաստային
վերականգնումին
վրայ,
որ
բաւական
անտեսուած
էր
ցարդ:
Յ.
Քիւրքճեան.