ՀԱՃԻ
ՄՈՒՐԱՏ
Յստակ,
շատ
յստակ
դէմք
մըն
էր,
դալուկ
կոչուելու
չափ
ճերմակ,
ու
ցանոտ:
Հայկական
քանի
մը
խիստ
գիծեր,
կզակի
էջք
ու
քիթի
կառոյց.
աչքին
մութ
գոյնը
ու
ճակտի
աղեղը,
բայց
մանաւանդ
երեսին
ընդհանուր
պառկուածքը
զայն
կ՛ընէին
ուշագրաւ:
Իր
նուաղուն
ու
գունատ
արտայայտութիւնը
չէր
հաշտուեր
բանտին
հարկադրած
կէս
անասնական
չորութեան
կամ
ուռեցաւոր
գիրութեան
հետ:
Խոր
իր
դալկութեան
իսկ
մէջը,
ու
գուցէ
չափով
մը
ատոր
համար
ալ,
այդ
դէմքը
կը
ներշնչէր
զօրաւոր,
անբացատրելի
համակրութիւն,
արու
եւ
հաստատ,
ինքնաբուխ
ու
անգէտ,
առանց
ներքին
ճիգի
մը
նպաստին:
Բանտէն
դուրս
այս
կաղապարը
կ՛ընէ
հերոս
ու
թշուառ,
կիներու
գիծովը՝
անդուլ
հալածուած:
Կիսամութը
նկուղին
չէր
կրնար
արգիլել,
որ
զգալի
ըլլան
անձի
այդ
հոսումները,
որոնք
մեծութիւններուն
լուսապսակը
նկատուեցան
ու
մարդերը
վերցուցին
աստուածներու
կենդանակերպին:
Ու
կը
զատուէր
անոր
անձին
արտածորումը,
արտաքնացումը՝
դասական
գռեհկութենէն,
վայրագութենէն,
որոնք
տուրքն
են
ոճիրին,
ու
կը
դիմանան
մեր
վրայ,
յամառ
ու
աննահանջ,
ոճիրէն
ետքն
ալ,
երբեմն
ընդմիշտ,
ընելով
մեր
կերպարանքը
բռնուած,
բիրտ,
հաստ,
կարգ
մը
բաներու
դէմ
շատ
արագ,
ուրիշներու
դէմ՝
ոզնի,
անհաղորդ,
առհասարակ
գազան:
Նկուղին
կամարը
առած
էր
անոր
վրայէն
միւս
տենդոտ
հոգեմոյնքը,
ապրումին
ու
ասոր
փոթորիկին
դէմ
առագաստ
բացած
մարդու
քոլորի
ն,
հոսանքն
ի
վեր
թի
շարժող
այն
միւս
պրկուածութիւնը,
վճական
ու
կզակային
ցայտը
մեր
անձնաւորութեան,
որով
մեր
ձեւերը
կ՛ըլլան
նուաստ
կամ
նրբացած,
գիշախանձ
[կամ]
արուեստագէտ:
Անվրէպ
է
այս
պատգամը,
որով
մենք
կը
հարկադրուինք
հաւատարիմ
մնալ
մեր
ներքին
անձնաւորութեան:
Բանտը
ուրիշ
աշխարհ
է:
Իջած,
աւելի
ճիշդը՝
շիջած,
Հաճի
Մուրատը,
դէպի
ներքին
շաքարումը
ծալաւորուած,
ինչպէս
կը
դիտուի
այս
խաղաղութիւնը
կարգ
մը
պտուղներու
կնճիռներէն,
քաշուած
իրենց
ջուրերէն
ու
լրջացած:
Այդ
երիտասարդը
կը
թուէր
ծեր,
խօսքին,
այսինքն
խօսուածքին
թեւաբեկ
լրջութեամբը,
հսկայ,
խելացնոր
դէպքերը,
բախումները,
խղճմտանքի
խորունկ
բզկտումները
սովորական,
չէզոք
պատումին
վստահելու
իր
բարեմտութեամբը,
որ
դիտելի
է
առաւելաբար
ապրած,
հանգչած
ծերերու
վրայ,
երբ
կը
յուշեն,
դառն
բայց
ընդունուած
համակերպումով,
համոզուած՝
որ
իրենց
անձերը
դուրս
են
ա՛լ
դէպքերու
շահէն
կամ
վնասէն:
Անոնք
իրենք
զիրենք
օտար
կը
զգան,
տեսակ
մը
խուլ
արձագանգ
այն
դրուագներուն,
որոնք
անցան
իրենց
հոգիին
հովիտներէն:
Ստոյիկ
են
ու
բարի,
կարծես
հրուած
անզգածութեան
այն
ոլորտին
մէջ,
որով
կը
դառնայ
մարդոց
բարոյական
երկրագունդը:
Տխրագոյն
վիճա՛կը:
Յիշողութեան
ու
անցեալէն
յառնող
լաւ
ու
վատ
արարքներուն
խուժումին
դէմ՝
տեսակ
մը
անաւարտ
ներքինիներ,
որոնք
դժկամ
են,
բայց
ոչ
չարակամ:
Դատապարտուած
էր
հարիւր
մէկ
տարուան,
96ի
ջարդերէն
քիչ
առաջ,
գիրք
մը
լեցնելու
չափ
ընդարձակ
ոճիրներու,
մեծ
ու
պզտիկ
յանցանքներու
շքեղ
ցուցակով
մը,
զոր
թուրք
արդարութիւնը
հաւաքեր
ու
կազմեր
էր,
«անաչառ
ու
փաստացի»
տարրերով:
Այդ
գիրքը
կը
բացուէր
հսկայական,
վիպական
ըսուելու
չափ
դժուար,
բայց
«փողփողուն»
ալ
դրուագով
մը:
Հաճի
Մուրատը
մտած
էր
ոճիրէն
ներս,
սպաննելով
մէկ
վայրկեանէ
նուազ
ժամանակի
մէջ
չորս
ասպատակ,
Նիկիոյ
շրջանին
մէջ
գործող
տաճիկ
հրոսախումբէ
մը,
կազմուած
շրջակայ
գեղերէն,
աս
ու
ան
հաշիւներով,
որոնց
հզօրագոյնը
կը
մնայ
ենթակայ
սեռային
մուրճին:
Քաղաքէն
բերուած
պոռնիկները
գլխաւոր
դերակատարները
կ՛ըլլան
այս
սպանութեանց:
Ասկէ
զատ,
ասպատակութիւնը,
կէս
դար
առաջ
քրիստոնեաներու
զբաղում,
այդ
օրերուն
ապրուստի
հիմնական
միջոց
մըն
էր
արեւելեան
պատերազմներու
բերումով
Թուրքիա
ապաստանած
գաղթականներուն,
որոնք,
սկսելով
հաւու,
ուլի,
ոչխարի,
ձիու
գողութիւններէ,
կ՛ընդարձակէին
իրենց
գործողութիւնները
մինչեւ
հարումը
պետական
փոստա
ներուն,
ստորահաճ
հաւանութեամբը
գաւառակներու
ոստիկանութեան:
Յետոյ,
պիտի
աւելնար
նաեւ
բարեհաճ
կարգադրութիւնը
պետական
իմաստութեան,
որ
կը
միջամտէր,
արգիլելու
համար
հաւանական
կազմութիւնը
քրիստոնեայ
խումբերու:
Կէս
դար
առաջ,
գրեթէ
օրինաւոր,
մարդկային,
ընկերաբանական
արտայայտութիւն
մըն
էր
անիկա,
պատմա-փիլիսոփայական
հետաքրքիր
երեւոյթ՝
ուղղուած
ֆէոտալ
բնազդներէ,
խօսելու
համար
մեր
պրոշիւր
ներուն
կամ
դոկտոր
ներուն
բարբառով,
միայն
ու
միայն
հարուստներու
դրամին
դէմ:
Կէս
դար
ետքը,
ասպատակութիւնը
քաղաքական
զօրաւոր
կազմակերպութիւն
մըն
էր,
նախատիպը
մեծ
պատերազմին
գործածուած
հրոսախումբերուն,
ու
կը
գործէր
բացառաբար
հայաշատ
մարզերու
մէջ,
դրամէ
աւելի
սարսափ,
արիւն,
առեւանգում
հետապնդելով:
Սովորաբար
դրացիներ,
թուրք,
դիմակով
կամ
ածուխէն
սեւցած
երեսներով,
որոնք
կ՛իջնէին
յաճախ
խճուղիները,
կը
կողոպտէին
ցոյցի
համար
աղքատին
հինգ-տասը
ղրուշը,
բայց
անլուր
հաճոյքով
կը
լլկէին
նաւահանգիստէն
կիսառողջ
դարձող
ամենազգի
կիները,
առանց
տարիքի
խտրութեան,
քաշուելու
համար,
սպառած
ու
տրտում,
իրենց
գեղերը,
բաղնիքով
մը
լուալով
իրենց
դէմքերը,
ինչպէս
խղճմտանքները:
Վայրագ
այս
բռնաբարումը
պատճառ
է
եղած,
որպէսզի
արդէն
հիւանդ
կիներ
չհասնին
մինչեւ
գեղ,
ու
կէս
մը
ամօթէն,
կէս
մըն
ալ
վախէն
տան
իրենց
հոգին
գեղամերձ
աղբիւրի
մը
գլխին:
Այս
արարքներուն
անպատիժ
մնալը
թուրք
արդարութեան
համար
նախատինք
մը
չէր,
այլ
պատրուակ
մը,
որպէսզի
զոհերն
ու
բողոքողները
քաշկռտուէին
կառավարութեան
կեդրոնները,
ծեծուէին
գաղտնի,
ըսէին
ճիշդ
հակառակը
իրենց
աղերսագիրներուն,
դատապարտուէին
իբր
զրպարտիչ,
խռովարար,
արդարութիւնը
մոլորեցնողներ
ու
քաւէին
իրենց
պատիժը
քանի
մը
տարի
տաժանակիր
աշխատութեան
դատավճիռով
մը:
Բայց
այս
ամէնուն
իբր
հակահարուած
գեղերուն
մէջ,
հայ
թէ
թուրք,
առաջացան
ըմբոստներու
խումբեր:
Ասոնց
առաջին
գործը
պիտի
ըլլար
զարնուիլ
այդ
հրոսակներուն,
ասոնց
գեղերուն
մէջ,
երբ
իբր
պատուական,
օրինաւոր
հաւատացեալ
կը
պատրաստուէին
ասոնք
նամազ
ի,
բաղնիքէն
մաքրուած
դէմքով
ու
խիղճով:
Մզկիթի
հրապարակէն,
այս
յարձակումը
կը
վերջանար
մօտիկ
լեռը,
ուր
կ՛ամրանային
ասպատակները:
Այս
տղաքը
տասնով,
քսանով
կը
համրուէին
իմ
պատանութեանս:
Սպաններ
կամ
ծանրապէս
վիրաւորեր
էին
զէնքը
ձեռքին
հանդիպած
ամէն
կասկածելի
աղա
կամ
պէյզատէ:
Յետոյ,
իրենց
այս
արարքը
նուիրագործած
իբր
մշտական
զբաղում,
գործելով
թուրքերուն
ճամբով,
բայց
բաց
երեսով:
*
*
*
ՏԷր
Մաթոսենց
Հաճի
Մուրատը,
տունն
ի
վեր,
խելքը
գլխին,
գառնուկ
ու
կարդացուկ,
տարիէն
ա՛լ
կարգուելիք
երիտասարդ
մըն
էր,
շատ
հաւանաբար
նախասահմանուած
մեծ
հօրը
սուրբ
կարգին,
ինչպէս
էր
աւանդութիւնը
շատ
մը
գեղերու
համար,
ուր
ծերացած
հօրը
կը
յաջորդէ
տղան,
քահանայութեան
ասպարէզը
գերդաստանեան
ժառանգութեան
մը
վերածելով:
Բռնութիւնը,
անիրաւութիւնը
զայն
մղեցին
դէպի
սպանութիւն,
դասական
ճամբով:
Պէտք
է
ճշդել,
որ
անցնող
դարու
վերջին
քառորդէն
առաջ,
քաջութիւնը
ու
անոր
կապուած
ոճրահանգոյցը
դեռ
չէր
ստացած
իր
ազգային
քղամիդը,
ու
չէր
հետեւաբար
ազգային
առաքինութիւն
մը
կամ
մեղք
մը
մինչեւ
մինարէ
ն
ու
զանգակատունը
արձագանգող:
Հայն
ու
թուրքը,
այսինքն՝
ասոնցմէ
անոնք,
որոնք
բազուկ
մը
ունէին
դանակ
փարտելու
կարող
ու
սիրտ
մը՝
արեան
վազքը
դիտելու
դիմացող,
կրնային
խմել
քով-քովի,
պոռնիկ
խաղցնել,
կրկէս
իջնել
կռիւի
կամ
խաղի,
առանց
որ
գալէմ
ներու
մեծ
պետերը
կամ
մէտրէսէ
ներու
կանանչ-փաթթոց
մոլլաները
տառապէին
իրենց
մոլի
եռանդին
մէջ,
ու
հաւատքին
ու
ազգին
այլապէս
ուռուցիկ
հպարտութիւնը
յայտարարէին
վիրաւորուած,
իսլամները
կանչելով
սրբազան
զայրոյթին:
Թուրք
գիւղացին
կը
սիրէր
զանոնք:
Այդ
օրերուն,
մեր
լեռներուն
ամէնէն
նշանաւոր
ասպատակը,
որ
շրջանին
ջուրերուն
ու
ապառաժներուն
պարտադրած
է
իր
անունը,
իբր
յուշարձան
իր
քաջագործութեանց,
փոխելու
չափ
հնօրեայ
յորջորջումը
աղբիւրներուն
ու
բլուրներուն,
կը
պաշտպանուէր
բոլոր
գեղերէն,
հակառակ
քրիստոնեայ
ըլլալուն:
Թուրք
գեղացիները
ո՛չ
միայն
չէին
տառապեր
այդ
տղոց
արիւնոտ
համբաւէն,
այլեւ
կ՛արժեցնէին
անոնց
սրտոտ
գուպարները,
տարածելով
դիւանագիտական
կեղծիք
մը
այդ
օտար
անուններուն
վրայ,
անոնց
մէջ
ենթադրելով
ցեղակից
առիւծներ,
ուրիշ
նահանգներէ
խոյս
տուած,
մինչեւ
որ
քաջութեան
եւ
կրակի
տակ
մահուան
անմոռանալի
դրուագներ
սրբեցին
պատրանքը
անոնց
ցեղային
միամտութենէն,
որուն
համեմատ
քրիստոնեաները
գառնուկ
էին
ծնած,
շատ-շատ
ոչխար
դառնալու
կարող:
Մնաց
որ,
կառավարութիւնն
իսկ,
այդ
շրջանին,
չէր
վարաներ
յաճախ
դիմել
քրիստոնեայ
գեղերուն,
քիչ
մը
զօրաւոր
հրոսախումբերուն
դէմ
անոնց
ալ
գործակցութիւնը
ունենալու:
Այդ
օրերու
հռչակաւոր
ասպատակ
մը,
որուն
անունը
ժողովրդականացած
է
իրական,
արիւնոտ
սարսափով
մը,
թուրքերուն
նշանաւոր
Քէօր-Օղլու
ն,
գլխատուած
է
երկու
հայ
յանդուգն
երիտասարդներու
ձեռքով,
որոնք
անհնարին
պաղարիւնով
մտած
են
անոր
վրանը,
թռցուցած՝
նոյնքան
անհնարին
արագութեամբ՝
անոր
գլուխը
ուսերէն,
դրած
զայն
իրենց
մախաղին
մէջ,
ելած
դուրս,
պառկեցուցած
պահակները
աջ
ու
ձախ,
մահակի
մէյմէկ
հարուածով
ու
փարտելով
իրենց
սուրերը
ապշահար
աւազակներուն
մէջէն,
տարած
են
յանձնելու
տարօրինակ
նուէրը
Պրուսայի
փաշային:
Ու
այսպէս
շատ
մը
նման
պատահարներ:
Բայց
մի՛
մոռնաք
կարեւորը,
--
վաթսուն,
եօթանասուն
տարի
առաջ:
Հաճի
Մուրատին
պատանութիւնը
շատ
բան
գտաւ
փոխուած
այդ
բարքերէն:
Թուրքերը
կրօնական
մոլեռանդութեան
վրայ
արժանաւոր
արուեստով
մը
կը
պատուաստէին
քաղաքական
ալ
մոլեռանդութիւնը,
ամէնէն
թունդը
մեր
կիրքերուն,
որ
տարօրինակ
բախտով
մը
կը
շփոթուի
քաղաքական
առաքինութեան
հետ,
եբր
յանուն
այն
կամ
այն
տեսութեան,
կը
սպաննէ
հարազատ
եղբայրը:
Քրիստոնեան,
որուն
գոյութիւնը
անոնց
մտքին
մէջ
կապուած
էր
բնազդական
տիրութիւններու,
դարերով
անկշիռ,
տասնիններորդին
կը
ստանար
իմաստ,
ըլլալու
աստիճան
անոնց
հոգիին
մեծ
զսպանակներէն
մէկը:
Բռնապետութիւնը
փոյթն
ունեցաւ
այս
զգայնութիւնը
մշտարծարծ
պահելու
իր
բոլոր
միջոցներով,
--
ամէնէն
շատ
փոքր
մոլլաներու
ձեռքով
որոնք
տրուած
իմաստութիւնը
կը
փոխադրէին
գեղէ
գեղ,
շրջուն
ու
կատաղի,
բռնի
բանալով
հաստ
պատերը
գեղացիին
հասկացողութեան,
հոն
տեղաւորելու
համար
սրբազան
հունտը,
որ
պիտի
աճէր
ու
ընդհանուր
պատերազմին
մէջ
պիտի
թափէր
իր
բերքը,
սիրտերը
վերածելով
թոյնի
կարասներու:
Մէկ
օրէն
միւսը,
այդ
կանանչ
բերաններուն
շնորհովն
էր,
որ
թուրք
գեղացին
սորվեցաւ
նայիլ
իր
դրացի
հայու
հողին
իբր
ապրանք
մը
իրմէ
կորզուած:
Չէ՞
որ
իր
պապերունն
էր
անիկա,
անոնց
պապի
արիւնով
շահուած
ու
իր
անխելքութեանը,
բարութեանը,
մարդկային
մեծանձնութեանը
միջոցով
անցած
կեավուր
ին:
Հոգեկան
այս
յեղաշրջումը
եղաւ
պատճառ,
որպէսզի
թուրքերը
ա՛լ
չհանդուրժէին,
բացի
Աստուծոյ
արձակութիւններէն
(ամայի
վայրեր),
բնակուած
տեղերու
մէջ
ուռուցիկ
ու
խման
քաջութիւնը
անհաւատին,
որ
նոյնիսկ
նահանգագլուխ
քաղաքներու
մէջ,
հանրատունէ
հանրատուն
սիրտ
ու
կորով
ունէր
հալածելու
տեղացի
կառապանները,
իրենց
անձը
հաւնող
օղիի
թթու
ասպետները,
սանկ
ու
նանկ
աւազակիկները,
դրամաշորթները
ու
այլապէս
բարդ
փաղանգը
բնիկ
ու
փուճ
յանցաւորներուն:
Ու
դաւեցին
անոնք,
նենգով
ու
խոստումով,
նախ
իրենց
հաւատքին
մէջ
քաշելով
ամէնէն
ստորին
տարրերը:
Ժողովուրդէն
դուրս
մանաւանդ
կառավարութիւնը
փոյթն
ունէր
սանձելու
ամէն
շեղում,
որ
կեավուր
մը
կրնար
առաջնորդել
դէպի
զէնքին
առքն
ու
պողոտաները:
Քաղաքները,
անպատիժ
սպաննելու
սպառնալիքով
ու
«վերէն
հաճուած»
ազատութեամբ
փակեցին
ըմբշամարտութեան
հանդէսները,
մեծ,
ժողովրդական
սրճարանները
եւ
հանրատունները
հայ
քաջերուն
առջեւ,
որոնք
վարժուեր
էին,
հեռաւոր
իրենց
գեղերէն,
զոյգ
մը
կօշիկ
իրենց
մէկ
անութին,
ու
միւսին
ալ՝
կանգունուկէսնոց
դանակ
մը,
գալ
խառնուիլ
այս
խրախճանութեանց,
ալքոլով
ու
սերմով
պսակաւոր
խենթութեանց
ու
գրաւել
տուներն
ու
անոնց
վաճառելի
բնակչուհիները:
Այդ
արդիւնքին
համար,
անոնք
պարտաւոր
էին
մաքրել
հրապարակը,
այսինքն՝
կոտորել
դանակին
կռնակովը
տեղացի
տժգոյն
ու
դաւադիր
էֆէ
ները:
Յետոյ,
կիները
ձգած
իրենց
առջին,
իրենց
գինովութեան
մէջ
անդիմադրելի,
կը
պտտէին
հինաւուրց,
սրբազան
քաղաքին
բազմամբոխ
փողոցներէն.
առնական՝
խենթացնելու
աստիճան,
աղուոր՝
որովհետեւ
խենթեր
էին,
սերմէն
ու
ալքոլէն
եղջիւրուած՝
ինչպէս
ցուլերը
դաշտավայրին,
հրապուրիչ՝
փաշաներու
կիները
յանկուցանելու
չափ,
ճաղերուն
ետեւէն:
Ու
չէին
զբաղեր
ճերմակ-փաթթոց
ու
դեղնամօրուս
հաւատացեալներուն
ապշանքովը,
իրական,
կոտրուած,
բայց
հակազդելու
անկարող
այն
թուլացումով,
որ
78ի
պատերազմէն
առաջ
կայսրութեան
կեդրոն
քաղաքներուն
մէջ,
քսան
մը
տարի
արեւմտեան
բարքերու
նախափորձ
մը
նկատուեցաւ
հին
թուրքերէն,
հետեւաբար
եկող
բարի:
Մայրաքաղաքն
ու
փատիշահը
բացեր
էին
առաջին
ծալքերը
այդ
ապականութեանց:
90ին,
թուրքերը
իբր
հակահարուած,
վերադարձան
գրեթէ
50էն
նախկին
բարքերուն:
Համիտ
Բ.
ի
գահակալումը
նուիրագործեց
այդ
յետադարձը:
Հաւատալիքը,
ասոր
կապուած
արարողապաշտութիւնը
տիրական
զբաղումը
եղան
թուրքին:
Բերուեցան
արժէքի
Շէրիաթ
ին
մոռցուած
տրամադրութիւնները
եւ
փակուեցան
մեծ
մասը
գինետուններուն,
որոնք
մզկիթի
մը
կամ
արեւելեան
քաղաքներուն
մէջ
այնքան
յաճախադէպ
սուրբի
մը
սատակին
սահմաններէն
օրէնքով
գծուած
անջրպետը
չէին
ներկայեր:
Վերցաւ,
զէնքի
արտօնութեան
հետ,
երթեւեկի
ազատութիւնը:
Անցագիրը՝
պարտադիր՝
նահանգէ
նահանգ:
Տէր
Մաթոսենց
Տէր
Մատթէոս
աւագ,
որսորդ,
հայհոյիչ
քահանան,
որ
ուսումնական
էր
նոյն
ատեն
կարդալու
չափ
պետական
լեզուն
եւ
պատուըւած
լանջախաչով
Ներսէս
պատրիարքէն,
թէեւ
մերժեց
գայմագամին
հրաւէրը
իր
շէշխանէ
ն
պետական
զինարանը
յանձնելու,
կռթնելով
իր
հօրը
շնորհուած
սուլթանական
հրովարտակին,
որ
կ՛արտօնէր
պաշ-փափազ
ը
զէնք
կրելու,
ծառաներու
խումբով
շրջապատուած
քաղաքէն
անցնելու
երիվարի
վրայ,
հագնելու
կարմիր
փապուճ
եւ
փատիշահին
փառքին
եւ
զինուց
յաջողութեան
համար
աղօթքը
անպակաս
ընելու,
բայց
պարտաւորուեցաւ
երկու
ամիս
ոտք
չփոխել
ժամէն
ներս,
տնկուիլ
Ս.
Ստեփանոսի
նկարին
դէմ,
առանց
փիլոնի,
ձեռները
փորին
խաչաձեւ
պրկած,
ապաշխարել,
«վասն
բազմապիսի
մեղաց
իւրոց»:
Կուսակալութեան
Առաջնորդն
էր
այս
պատիժին
հեղինակը,
թրքասէր
եպիսկոպոս,
որ
հաճոյ
ըլլալու
համար
գաւառակի
իսկ
կառավարիչի
մը
կտորին,
յատուկ
կոնդակ
էր
ուղարկեր
գեղին
թաղականներուն,
սաստելով
«դատապարտուց
անսաստումը»
եկեղեցւոյ
«պաշտօնէին»,
հրաւիրելով
օրհնեալ
ժողովուրդը
«ի
հաստատ
հպատակութիւն
եւ
ի
յարատեւ
ու
անշեղ
հաւատարմութիւն»
հանդէպ
Օսմանեան
բարեխնամ
գահուն:
Կոնդակը
հայհոյուած
էր
թուղթէն,
ինչպէս
գիրէն,
մելանէն,
ինչպէս
գրիչէն,
բայց
հպատակուած:
Վասնզի,
այդ
օրերուն,
Պոլիս
պատրիարք
մը
կար
անշուշտ,
բայց
որ
չկրցաւ
Տէր
Մատթէոս
աւագ
քահանան
արդարացնել
ու
գոհացաւ
համբերութիւն
եւ
ներողամտութիւն
յանձնարարելով,
«ամբարշտաց»
համար
անգամ
աղօթելու
քրիստոնէական
պատգամին
վսեմութիւնը
«գամ
մի
եւս»
պանծացնելով
յատուկ
գիրով:
Հայկական
խնդիրը
հայ
թերթերուն
մէջ
մասնաւոր
սիւնակի
մը
վերնագիրը
կը
կազմէր
արդէն
ու
պատրաստ
պարտէզ
մեր
դիւանագէտ,
ազգայինճի
օրագրողներուն՝
գեղեցիկ
խմբագրականներ
քաղելու,
ինչպէս՝
մեր
ազգային
մեծ
ժողովի
ատենակալներուն,
խորիմաստ
թագրիր
ներ
ստորագրել
տալու
պատրիարք
սրբազանին:...:
Բայց
այս
խնդիրը,
թուրք
մամուլին
մէջ
ապահովութեան
խաղաղ
հեռագրատարազին
վերածուելէ
առաջ
(
«անդորրութիւն
կը
տիրէ»
),
շահագրգռած
էր
պետական
ու
պատկան
մարմինները,
որոնք
չէին
յապաղած
անոր
մէջ
հոտը
առնելու
մեծ,
ոսկեբեր
երակին,
քրիստոնեան
արդիական
մեթոտներով,
քաղաքակիրթ
պիտակով
կողոպտելու
ու,
դատած՝
իր
ճիշդ
իմաստին
մէջ,
առիթը,
որ
կը
տրամադրուէր
անյագուրդ
ախորժակներու:
Չորս
ասպատակ
գետին
փռող
Հաճի
Մուրատը
այդ
օրերէն
քսան
տարի
առաջ
պիտի
նկատուէր
քաջ
ու
պատուական
երիտասարդ
մը
ու
լիովին
արժանաւոր
կուսակալէն
յատուկ
պախշիշ
ի:
Քսան
տարի
ետքը,
նոյն
այդ
Հաճի
Մուրատը
վատ,
անարգ
մարդասպան
մըն
էր,
հայրենիքի
դաւաճան
մը,
անիծապարտ
խռովարար
մը,
որովհետեւ,
միս-մինակը,
յանդգնած
էր
աւրելու,
օր-ցերեկով,
նաւահանգիստէն
մէկ,
գազա
յէն
կէս
ժամ
հեռու
կիրճի
մը
մէջ
թուրք
հրոսախումբի
մը
կազմակերպած
մէկ
հուղկահարութիւնը:
Թրքական
նորաձեւ
այս
բռնակալութիւնը,
տնավարի
ու
տեղական,
թափթփուք,
ինչպէս
վրան-բաց,
մնայուն
սարսափ
մըն
էր
խճուղիներուն
վրայ:
Գիտէք
անոնց
կազմութեան
եղանակը:
Հայերուն
չափ
թուրքերը
պատճառ
ունէին
յուզուելու:
Բայց
կառավարութիւնը
իր
իմաստութիւնը
ոչ
ոքի
կը
բացատրէ:
Ու
ասպատակը
օղիի
ընկերը
կ՛ըլլայ
գայմագամին:
Երկու
ամիս
առաջ,
Հաճի
Մուրատը
տուած
էր
իր
ջորին
չէրքէզ
աւազակախումբի
մը,
որ
նեղուած
երիտասարդին
դիմադրական
ցոյցերէն,
ծեծեր
էր
զայն
խորունկ
արհամարհանքով,
հայհոյելով
հաւատքին
գիրէն
մինչեւ
մօրուքը
անոր
հաճի
մեծ
հօրը,
աւագ
քահանայ
Տէր
Մատթէոսին:
Տարազ,
բարբառ,
շրջանակի
ընտանութիւն
կասկածի
տակ
չէին
ձգեր
այս
ստամբակներուն
ծագումը:
Մօտի
գեղերէն
քով-քովի
եկած,
դեռ
քիթերնուն
ներքեւ
պեխի
տեղ
ստեւ
կրող
այս
փալազ
ներուն
լրբութիւնը
քիչ
մնաց
խենթացնէր
զինքը:
Կատաղութիւնը,
մանաւանդ
ամօթը
զայն
արգիլեցին
գեղ
դառնալ:
Ով
որ,
քսանը
մտած,
իր
զէնքը
կամ
ձին
կը
յանձնէ
ուրիշին,
անիկա
կը
դատուի
ժողովուրդին
կշիռովը:
Պահեց
երեսը
քանի
մը
շաբաթ
լիճին
եզերքը,
ձկնորսի
խրճիթներուն
մէջ
ու
կապեց
լեզուն:
Նախնական
մարդիկ,
այդ
ձկնորսները,
իրենց
ալեկառոյց
իմաստութիւնը
անկարող
եղան
անոր
արժեցնելու
ու
թողուցին
որ
լայ,
կնիկի
նման,
անհետացող
ջորիին
ետեւէն,
երբ
իրենք
ջորին,
ինչպէս
ոսկին,
կինը,
ինչպէս
զաւակը
շատոնց
դրած
էին
առէքը,
ու
ջուրին
հետ
իրենց
գուպարին
մէջ
խաղաղութիւն
կը
բռնէին,
ուռկան-ուռկան,
խաշելով
ոսկի
ձուկերը
սամիթով
ու
չամանով
ու
օծելով
իրենց
փորը
Նորդեղին
գինիովը:
Անոր
մեծ
հայրը
(հայրը
սպաննուած
էր
թուրքերուն
ձեռքով,
դեռ
մատաղատի
երիտասարդ,
Պոլիս
ուսում
ըրած,
փայլուն
տուրքերով
ու
լեզուէն
կրակ
վար
թափող),
աղաչանքով
ու
լացով,
հազիւ
յաջողեցաւ
կոտրել
անոր
կամակորութիւնը
ու
տանիլ
զինքը
գեղ:
Հիւանդ
էր
անիկա,
առանց
մէկ
տեղէն
ցաւ
ունենալու,
օր
օրի
ինքզինքը
ուտելով:
Ո՞վ
ըսաւ
իրեն,
որ
կնիկմարդութիւն
էր
այդպէս
նստիլ,
ձեռքերը
ծոցին,
մտմտալ
ու
լալ:
Վերցուց
անիկա
տան
վերին
յարկէն
երկու
քիլէ
չոր
խոզակ
--գողութիւն
էր
ասիկա
ու
առաջին
գողութիւնը
անոր
կեանքին--
գիշերանց
տարաւ
ջհուտ
փերեզակին,
ծախեց
մեռած
գնով,
բայց
փոխարժէքովը
մէջքին
տեղաւորեց
շաբթուան
վառեակի
չափ
սիրուն,
փայլուն
գլխիկով
վեցհարուածեանը:
Մռայլ
ու
չոր
տղայ՝
անիկա
«պիւլպիւլ»
դարձաւ
գովքը
ընելու
համար
կրակի
գործիքին:
Յետոյ,
մեծ
հօրը
թաքուն
հաճութեամբը,
վերցուց
անիկա
ուրիշ
քիլէ
մը
խոզակ
ու
վերածեց
փամփուշտի:
Լեռն
էր:
Ոչ
իբր
ասպատակ,
այլ
ուրիշ
հազուադէպ
մարդոց
նման,
անխնայ
այրելով
փամփուշտները,
մինչեւ
որ
ատրճանակը
«մոմ»
դարձաւ
իր
մատներուն
տակ
ու
խաղալիք:
Արագ,
անվրէպ
նշանին
վարժութիւնը:
Անիկա
կը
զարնէր՝
մէջքէն
քաշելով,
ակնթարթի
մէջ,
երկնի
հաւը
ինչպէս
գետնի
մրջիւնը
այդ
վեցհարուածով
ու
կը
մտնէր
նշանի
մրցանքներու,
չուխան
իսկ
չվարանելով
դրամի
փոխան
գրաւ
դնելու:
*
*
*
Երկու
ամիս
ետքը
առաջին
դէպքէն,
նաւահանգիստէն
դարձին,
անիկա
մտաւ
ներս
դասական
կիրճէն:
Չորս
քայլ
չէր
ըրած,
երբ
մացառին
տակէն
չորս
ասպատակ
ցցուեցան
ուղիղ:
Չէին
զիջած
նոյնիսկ
սովորական
ծպտումին:
Գուլպայի
կապիչները,
չուխային
օյա
ծաղիկները
կը
մատնէին
անոնց
գիւղը:
Անվախ,
պարզ,
առանց
ատրճանակնին
գործածելու
պէտքի
մը,
անոնք
առաջացան
դէպի
տղան:
Կը
նմանէին
ռէժիի
դէտերուն,
բայց
չունէին
անոնց
կէս
համազգեստը:
Մէկը
հրաւիրեց
զինքը
անձնատւութեան,
մինչ
երկրորդը
ատրճանակը
երկարած
էր
անոր
քթին:
Ծռեց
գլուխն
արագ:
Շարժումին
հետ
հանած
էր
մէջքէն
վեցհարուածեանը
ու
անմիջական
կրակով
չորս
գնդակով
չո՛րսն
ալ
փռած
գետին.
ճի՛շդ
իրենց
ճակատներէն:
Գրեթէ
ակնթարթի
մէջ
տեղի
ունեցած
այս
անըմբռնելի
ողբերգութիւնը
կը
թուէր
սուտ
անոր
հեղինակին:
Մուխը,
աղմուկը,
ժայռերուն
հակընդդէմ
արձագանգը
եւ
հետեւող
իրարանցումը
անիկա
շահագործեց
ահաւոր
դիւրութեամբ:
Նոյն
անըմբռնելի
արագութեամբ
անիկա
առաւ
ինկողներէն
երկու
ատրճանակ
ու
զոյգ
ձեռքերով
պարպեց
անոնց
պարունակութիւնը
մուտքի
ժայռերուն
դէպի
կռնակը,
որոնց
ետեւէն
մուխերը
կը
բարձրանային
դարանակալ
միւս
ասպատակներուն:
Իր
նշանառութիւնը
խուճապահար
ըրաւ
պահուողները,
որոնք
կաքաւի
ձագերու
նման
տարտղնուեցան
զէնքերնին
իսկ
փախցնելու
ատեն
չգտած:
Ասոնք,
տունի
տղաք,
մօտիկ
գեղերէ,
մայրաքաղաքին
մէջ
բոզանոցներու
հերոս
ու
ընկեր,
նոր
դարձած
զինուորութենէ,
քանի
մը
հատն
ալ
նոր
զինուորցու,
կրակը
լսած
էին
իրենց
մեծերուն
պատմումէն,
առանց
զայն
տեսած
ըլլալու,
եւ
միացած
ի
պաշտօնէ
աւազակներուն,
գեղանի
կնիկ
մը
բռնաբարելու
հեռանկարով:
Կին
փախցնել
չէր
ասիկա,
այլ
ստորին
դաւադրութիւն
մը,
որ
կը
գործադրուէր
յաճախակի
թուրքերու
կողմէ
իրենց
ազգակիցներուն
վրայ:
Մէկ
մասը
ասպատակներուն,
գազայ
էն,
հաստատ
իմացած
էին,
թէ
նոյն
օրը
կը
հասնէր
Պրուսայէն
նոր
անուանուած
թղթակցութեանց
դիւանապետին
շատ
նշանաւոր
կինը,
չէրքէզ
Սանամը,
աշխարհագեղեցկուհի
տիտղոսով,
որ
կ՛ապրէր
թուրքերուն
համար
վիրաւորիչ
կեանքով
մը,
իր
կիրքերուն
համար
չպատկառելով
ոչ
մէկ
օրէնքէ
ու
սրբութենէ
ու
իր
սիրահարները
ճամբելու
կամ
նորոգելու
ատեն
կ՛ախորժէր
սիրտ
այրելէ:
Զայն
տեսած
էր
մէկը
ասպատակներէն,
Պոլիս,
քրիստոնեայ
կնիկի
պէս
հագուած
ու
պարելով
ծովային
սպաներու
սրճարանին
մէջ,
ճիշդ
ու
ճիշդ
հանրատունէն
վերցուած
աղջիկի
մը
նման:
Ու
երդում
կ՛ընէր
զայն
խաղցնել,
քարայրին
մէջ,
որ
այդ
առիթով
յարդարուած
էր
քիչ
մը
եւ
կիրճին
վերօքը
կը
գտնուէր:
Մուխը
փարատեցաւ:
Կիրճին
երկայնքը
խճուղին
կը
մնար
պարապ:
Ձիերը
դադրեցան
խրխնջելէ
ու
ձորակին
վտակը
զգալի
ըրաւ
իր
խաղաղիկ
մրմունջը:
Մէջտեղը,
Տէր
Մաթոսենց
Հաճի
Մուրատը,
շեշտ,
տխուր,
մռայլ,
որ
նայեցաւ
չորս
դին:
Ծառէ
ծառ,
ինկան
անոր
աչքին
կապուածները,
հայ,
թուրք,
խառնիխուռն:
Չէին
հասկցած
կատարուածը
ու
կը
սպասէին
իրենց
ճակատագրին,
կիներու
մարզէն,
քանի
որ
այր
էին,
կամ
հայր
ու
եղբայր,
մեծ
մասը
այդ
գերիներուն:
Քակեց
չուանները:
Ու
մարդիկը
կը
դժուարանային
բաժնուիլ
իրենց
կոճղերէն,
Հաճի
Մուրատը
ընդունելով
պետը
աւազակներուն:
Անոնք
տեսած
էին
հրաշքը,
որ
կատարուած
էր
իրենց
աչքին
առջեւ
ու
չհաւատացած,
ինչպէս
ճակատագիրն
է
ըլլալ
մեծ
հրաշքներուն:
Խեղճ
մարդեր
էին,
մանաւանդ
հայերը,
մեծ
մասը
բոպիկ,
զգեստէն
թափթփած,
դրամին
կորուստէն
աւելի
--տուած
էին
իրենց
զաւակներուն
բերնի
պատառը--
տագնապելով
պատիւին
արատէն:
Ահաբեկ
աչքերով
ընդունեցին
աւետիսը
իրենց
ազատութեան:
Անոնք
արթնցուցին
միտքը
քաջ
երիտասարդին,
որ
հաւաքեց
դիակներուն
մէջքէն
գողօնը
--արծաթեղէն
ու
ոսկեղէն,
մատնի,
ժամացոյց,
դրամ,
նոյնիսկ
մանկական
կօշիկ
ու
թաշկինակ--
ու
դարձուց
տէրերուն,
դեռ
զմայլագին
սարսափի
մէջ
շփոթահար:
Օրհնեցին
զայն
թուրքերը,
արցունքը
աչքերնուն,
արաբերէն
քանի
մը
այաթ
արտասանելով,
ինչպէս
երեք
անգամ
թքնելով
գետնին,
չար
աչքէ
պաշտպանելու
համար
արեւը
կրակ
երիտասարդին,
որ
քիչ
մը
տժգոյն,
բայց
այլապէս
յանկուցիչ
իր
նայուածքովը
կը
խուզարկէր,
կիրճին
վերեւէն,
բլուրներուն
կողերը:
Ծերունի
հոճա
մը,
այդ
տագնապին
իսկ
խղճի
պարտ
համարեց
նման
երիտասարդ
մը
հրաւիրել
սուրբ
կրօնին,
անշուշտ
քիթին
տակէն,
բայց
այնպէս,
որ
լսողներ
ըլլային
ու
ինքը
կատարէր
իր
պարտականութիւնը:
Օրհնեցին
զինքը
հայերը,
սրտառուչ
պարզութեամբ
անոր
կանանչ
արեւը
վստահելով
Ամենակալին
աջին:
Տէրտէրի
տղա՜յ:
Ու
անոնք
կը
խորհէին
ինկած
դիակներուն
ու
առիւծ
երիտասարդին,
որուն
կախաղանը
կը
սպասէր
շատ
քիչէն:
Անիկա
յուզուեցաւ
մեղմ
ջերմութեամբ
մը,
երբ
քովնտի
մացառներէն
նշմարեց
կիները,
ո՛րը
նուաղ,
ո՛րը
գլուխը
ծածկած
գոգնոցին,
որն
ալ
պառկած,
ոտքերը
շղթայուած
իրարու:
Չլսեցին
իր
ձայնը,
վասնզի
հրացանին
որոտը
զանոնք
ըրած
էր
ցնորուն
ու
մեռել:
Կանչեց
կրկին,
հայրերուն
լեզուովը.
--
Քուրիկնե՜ր:
Վերցուցին
իրենց
գլուխները
ու
կը
նայէին
պիշ,
դողոտ,
լալով:
Անոնք
խուժեցին,
փաթթուելով
իր
ոտքերուն
եւ
արցունքով
կը
համբուրէին
անոր
կօշիկները:
Հայ
հարսներ
էին,
հետիոտն
ընող
վերադարձը՝
նաւահանգիստէն,
ուր
իջած
էին
ծանր
հիւանդութիւններ
դարմանելու
եւ
որոնք
պիտի
լլկուէին
իրենց
չունեցած
գեղեցկութեանը
համար,
պարզապէս
հայ
ըլլալնուն:
Մէկը,
տարիքը
առած,
Հաճիին
գեղէն,
կը
սեղմէր
իր
քիթը,
մեղքնալով
տղուն
արեւին:
Անիկա
աչքին
մէկը
չէր
կրնար
բաժնել
դիակներէն:
Յետոյ,
նոյն
այդ
կիներուն
ցուցմունքովը
անիկա
շեղեցաւ
քիչ
մը
ձախ:
Հոն,
հսկայ
ապառաժէն
քարայր
մը
կը
փոսնար,
դուրսէն
ժայռի
թեւով
մը
ամրափակ:
Հաճի
Մուրատը
այցելած
էր
անոր,
ամիս
մը
առաջ
ու
գտած
յատակին
լաթի
կտորներ:
Անիկա
կը
գործածուէր
հովիւներէն
ու
չարագործներէն
հաւասարապէս:
Մուտքին
գտաւ
նուաղած
կին
մը,
որուն
մէկ
ոտքէն
բզկտուած
էր
գուլպան,
մէջտեղ
դնելով
անորակելի
սպիտակութեամբ
սրունք
մը,
սեւ
մետաքսէն
կարծես
առնելով
շլացուցիչ
իր
փայլը:
Երեսէն
աւելի
սրունքին
վրայ
գոց,
ակռաներով
կաղապարուած
այդ
ձուածիրը,
կարմրորակ
ու
կիսովի
կապոյտ,
կը
պատմէր
խոր
ու
թրթռուն
հեքիաթ
մը,
որոնցմէ
այնքան
առատ
կը
բուսնին
այդ
լիճին
խորշերուն:
Խածած
էին:
Բզկտած
էին:
Աւելի՛ն.
անիկա
լռիկ
վարանումով
ծռեցաւ
վրան
ու
մահուան
վարժուող
ամէն
սպաննողի
նման,
առաւ
թեւերուն
մէջ
անոր
մարմինը:
Թեթեւ,
հոտաւէ՜տ:
Կոշտ
իր
բազուկներուն
վրայ
ինչո՞ւ
անիկա
զգաց
մտերիմ
ու
պարզ
ընտանութիւնը,
զոր
մարմինները
կ՛ունենան
իրարու
համար,
տարիներով
կենակցութենէ
յետոյ:
Այդ
դիրքով
վերցուց
անիկա
լաչակն
ալ,
որ
ճեղքուած
մէջտեղէն,
բայց
կը
մնար
փակած
մազերու
սոսինձին:
Բացուածը
անհաւատալի
երազ
մը
ըլլար:
Գոց
թարթիչները
կը
բխէին
սեւ
լճակէ
մը,
տարօրէն
փափուկ:
Ըսես
ծարիրը
հալէր
ու
ըլլար
կապարի
ջուր:
Ու
բաց
դեղին
էր
մորթը
անոր
այտերուն
վրայ,
նուաղած
դէմքի
մը
դասական
տժգունութեամբը:
Թուրք
հանը՜մը.
ան՝
որուն
հեքիաթը
կար
այս
մարզերուն,
բայց
հետզհետէ
դժուար
հաւատալի.
թէեւ
ոչ
անկարելի:
Արթնցո՞ւց,
թէ
արթնցաւ:
Անոր
աչքերը
կը
նայէին,
առանց
տեսնելու:
Անհնարին
սարսափին
կնիքը
փրթած
էր
այդ
ակնակապիճներէն:
Իջեցուց
զայն
կուրծքէն
ու
ըսաւ.
--
Գնա՛:
Կինը
չէր
հասկնար:
Վասնզի
կը
շարունակէր
նայիլ
ու
չերթալ.
որքա՞ն
կարելի
էր
ատիկա
իր
կոտտացող
սրունքովը,
ուր
ակռաներուն
ասեղը
դեռ
կը
կոտտար,
որոշ
ու
բիրտ:
Ատրճանակը,
վառօդին
քաղցր
ու
կծու
բոյրը,
երիտասարդին
մենաւոր
ու
պարզ
առնութիւնը,
մանաւանդ
պակասը
անասնական
այն
հովին,
որմէ
պարուրուած
զգաց
իր
մարմինը,
երբ
քիչ
առաջ
ուրիշ
չորս
մարդու
հետ
մտած
էր
այս
քարայրը,
շփոթեցուցին
զինքը:
Վարէն
ձայներ,
իրական
ու
մարդկային:
Կիներուն
գիծը,
որ
հասած
էր
իրենց,
հետեւեցաւ
սակայն
երիտասարդին,
որ
իջաւ
խճուղին:
Զինքը
ընդունեցին
սրտազեղ
յուզումով:
Իր
կառապանը
ոտքերը
ինկաւ
հանըմին
ու
համբուրեց
գուլպաները:
Ճամբան
ստացած
էր
սովորական
իր
պատկերը:
Սայլեր,
գաղթական
թուրքերէ
առաջնորդուած,
որոնք
կ՛առաջանային
կիրճին
մուտքէն:
Դիակներուն
հոտը
--վառօդը
դիակին
հոտովը
շփոթելի
է
երբեմն--,
որ
կը
սաւառնէր:
Տեսաւ
զանոնք,
բայց
չհասկցաւ:
Քակուած
մարդերը
շրջապատեցին
զայն:
Հայուն
ու
թուրքին
արտայայտութիւնը,
թեթեւ,
տօնական,
ուրախալից:
Մէկը
քանի
մը
բառով
փորձեց
պատմել
կատարուածը,
զոր
չհասկցաւ:
Տուաւ
կրկնել,
ջանալով
տեղաւորել
բառերն
ու
գետինը:
Անիկա
կրակի
մէջ
թաթխուած
պատկեր
մը
դարձաւ,
երբ
ըմբռնեց
պատահարին
վայրագ,
գրեթէ
անկարելի
գեղեցկութիւնը:
Ըրաւ
վար
լաչակը,
ինքզինքը
պատսպարելու
համար:
Ու
ապահով
անոր
նայուածքը
չափեց
հայուն
կտորը,
այնքան
խոր
ու
իրաւ,
որ
ծունկերը
կթոտեցան
ու
ջերմացաւ
փոսը
անոր
զիստերուն:
Այսքան
քաջութի՜ւն:
Անիկա
վերցուց
քողը
երեսէն:
Անոր
մէկ
այտին
կը
շարունակուէր
հրդեհը,
միւսին
դալկօրէն
քաղցր
դեղձայնութեանը
առընթեր:
Անիկա
գոյն
տուաւ
ու
առաւ
աչքին
լոյսերը
մինչեւ:
Առանց
գիտակցելու,
բացած
էր
կուրծքին
թեւերը:
Ակնախտիղ
այդ
եռանկիւնէն,
զոր
կը
ձեւէր
անոր
պլուզը,
ցաթելով
շատ
ճերմակ
կաթնապուրի
մը
նման,
վերցուց
անիկա
դեղին
շարոցը:
Հանելու
համար
զայն
գլխէն,
քիչիկ
կամարեց
իր
ծոցը,
ուրկէ
արձակուեցաւ
հոտը
անոր
մարմնին,
ջերմ,
խոնաւ,
զգլխիչ
ու
իրաւ:
Դրաւ
անիկա
ոսկի
խաթարը
ափին
մէջը
գինովցած
երիտասարդին,
որ
առնուած
այդ
ծոցին
խորհուրդէն՝
գոցեց
աչքերը,
մեղմագին
ընելով
ետ
երկարող
ափն
ու
շարոցը:
Երբ
վերստին
նայեցան
իրարու,
կատարուած
էր
անխուսափելին:
Անոր
մէջ
պուտ-պուտ,
բայց
անդիմադրելի
թափանցումով
ճամբայ
կ՛առնէր
դողը,
տաք
ու
ցաւ
նոյն
ատեն,
որ
մինչեւ
այդ
պահը
քուն
ու
կոյս
անոր
ոսկորներուն
կամարները
կը
ծակէր
ու
կը
քալէր,
հատ-հատ,
զատ-զատ,
ամէն
մէկ
կամարի՝
կլոր
ու
զարնող:
Այնքան
իրական
էին
այդ
բզկտումը,
տրորումը,
մաղաղումը
իր
զգացական
կարգ
մը
կեդրոններուն,
որ
դուրսէն
օգնութիւն
մուրացողի
մը
հայեացքովը
գտաւ
ատրճանակը:
Ծռեցաւ
գետին:
Երկաթը
քիչ
մը
ամրութիւն
նետեց
անոր
կակուղցած,
քակուելու
վրայ
եղող
ջիղերուն
մէջ:
Վարանոտ,
բայց
չընելու
անկարող,
անցուց
իր
ձեռքովը
շարոցը
անոր
ճիտին:
Կառապանը,
հիացիկ,
կը
հետեւէր
տեսարանին:
Թուրքերը
կ՛աղօթէին
ու
մոլլան
իր
մօրուքը
շոյած
ատենը
կը
լզէր
մտքովը
կիսավառ
շղարշը
տիկինին
այտերուն:
Եղկելի,
տարօրէն
խեղճ՝
երիտասարդը
սակայն:
Անոր
այնպէս
կու
գար,
թէ
երազ
մը
կը
հագուեցնէր,
կը
քողէր,
կը
սազէր:
Ու
չէր
ատիկա
սա
մեր
աշխարհին
մէջ:
Ատեն-ատեն
ան
կ՛անդրադառնար
իր
վրայ,
նայելով
խոր,
տղայ
ու
ծեր,
դնելով
իր
ոսպնեակին՝
մեր
բոլոր
զգայութիւնները,
անոնց
ստեղին
բոլոր
չափերը,
նիշերը,
նոյն
ատեն
իր
վրայ
համադրող
իր
նայուածքը,
զոր
բարակ
մշուշ
մը
կը
պղտորէր՝
արցունքի՞,
արիւնի՞,
աւելի
նո՞ր
բանի
մը,
--
չէր
կրնար
ճշդել:
Երբ
դարձաւ
ճամբորդներուն,
տպաւորիչ
էր
անիկա,
ինչպէս
հեքիաթի
իշխան
մը,
-
պատմուա՜ծ
հոդ
ներկաներուն
բոլորին
ալ
մանկութեան,
բայց
ծիածանուած
կեանքին,
աղացուած
կեանքին
ալիւր-փոշիովը:
Որ
կը
նետուի,
պահ
դրուելու
մտքին
խորշերը,
ինչպէս
կը
պատահի
ատիկա
հինցած
նկարներուն,
երբ
կը
հանուին
ասոնք
խորաններէն
ու
կը
շպրտուին
աւանդատուները ,
մինչեւ
որ
ժամանակը
խաւ
կապէ
անոնց
վրայ
ու
թաղէ:
Ճամբորդները
չէին
կրնար
իրենց
լացն
ու
յուզումը
զսպել
մեծութեան,
հոգեկան
գեղեցկութեան
եզակի
այս
տեսարանին
դիմաց,
ինչպէս
պատմած
ըլլալու
էր
հեքիաթը,
անոնց
հեռու
մանկութեան
գիշերներուն,
մամերուն
բերնէն,
լալով
ու
լացնելով
զիրենք
եւ
ունկնդիրները,
մեծ
ու
պզտիկ:
Ու
մեծ
ու
պզտիկ
համբուրել
ջանացին
ձեռքը
անհաւատալի
երիտասարդին:
Անիկա
մերժեց
բոլորին
ալ
նուէրները,
բայց
տկարացաւ
չէրքէզուհիին
դիմաց:
Երիտասարդ,
իր
զմայլումին
ու
սիրոյն
մէջ
տասն
անգամ
աւելի
գեղեցկացած,
բացեր
էր
անիկա
իր
երեսները,
տիրական
ու
պերճ,
ցեղային
իր
ծագումը
ունենալով
արդարացնող
փաստ
այդ
սրբապղծութեան:
Չէրքէզ
գեղերուն
մէջ
կիները
չեն
ծածկուիր
լաչակով:
Անիկա
տուաւ,
շարոցէն
ետք,
մատնին,
որ
մատին
վրայ
աչքի
մը
պէս
խոր
էր
ու
շլացուցիչ:
Կան
պահեր,
որոնց
մէջ
վեր
ենք
աշխարհէն:
Տեսան
թուրքերը,
բայց
չնեղուեցան:
Ու
տիկինին
նայուածքը,
մատնիին
վրայով,
ինկաւ
խոր,
շատ
խոր,
հոգիին
մէջը
երիտասարդին,
ըսելով
ակնթարթի
մէջ
ինչ
որ
մեր
յաւիտեանը
կ՛արժէ,
քանի
որ
պարտաւոր
ենք
մարդկեղէն
իմաստ
մը
տալ
այդ
բառին:
Ո՛վ
որ
առած
է
մարդոց
աչքերէն՝
անկորնչական
այն
պահը,
նման
վտանգէ
մը
ետք,
նման
շրջապատի
մը
վրայ,
անիկա
միայն
»արժանաւորութեամբ»
պիտի
թափանցէ
այն
բզզիւնին
մէջ,
որ
կը
յառնէ
մեր
լռութեան
խորխորատներէն,
մեր
ուղեղին
պատերը
խմորի
պէս
մեղմ
ու
ընկալուչ
կ՛ընծայէ
ու,
քակելով
մեր
անձնաւորութեան
մեզայատուկ
հէնքը,
հոն
կը
նկարէ,
կը
դրոշմէ,
անկորուստ
ու
վճռական,
ուրիշը,
ան՝
որ
մեզմէ
աւելի
սուղ
պիտի
ըլլայ
մեզի:
Որուն
համար,
մենք,
առանց
թարթելու,
պատրաստ
ենք
զոհելու
մեր
անձը
անգամ:
Անիկա
պարտաւորուեցաւ,
այդ
նայուածքին
նիզակին
տակ,
խօսիլ.
ու
տուաւ,
բռնադատուած,
գեղը,
անունը,
մականունը,
ու
--ամէնքը
զգացին
ատիկա--
նաեւ
սիրտը:
Յետոյ,
շարժեցան
կառքերը:
Մարդիկ
առին
իրենց
ուղղութիւնները.
ոմանք՝
նաւահանգիստ,
ուրիշներ՝
գազա
ու
իրենց
գեղերը:
Կիրճէն
ելլելէ
ետք,
շեղեցաւ
անիկա
խճուղիէն,
չանցնելու
համար
պահականոցին
առջեւէն,
քառորդ
ժամ
վեր,
վստահ
ոստիկաններուն
մեղսակցութեան,
քանի
որ
հրացաններուն
որոտը
զանոնք
անհանգիստ
չէր
ըրած
արիշին
շուքին:
Ասիկա
թէեւ
դժուար,
բայց
ընթացիկ
գիտութիւն
մըն
էր:
Ասպատակները
«քաղցր
աչքը»
կը
վայելէին
իշխանաւորներուն:
Անիկա
անկարող
եղաւ
մերժել
տիկինին
ստիպումը,
անոր
կառքը
մտնելու,
անոր
պատասխանատուութեան
տակ:
*
*
*
Աշունի
սկիզբ
մըն
էր,
եւ
ճամբու
եզրերէն
խնձորին
գոյնը
հեշտ
հոտերու
հետ
կը
մտնէր
ներս
լանտոյ
ին
պատուհաններէն:
Այգիները,
խորհրդաւոր
կնիկի
նման
բան
մը
ունէին
յուզող
ու
դալուկ:
Բայց
այդ
ամէնէն
աւելի,
մետաքս
իր
ծփանքին
մէջ,
տիկինին
մարմինն
էր,
որ
ճամբուն
խոչերուն
հետ
կը
ծռէր
դէպի
երիտասարդը:
Ու
անոր
մօտիկ
երեսներէն
ու
կիսամփոփ
ծոցէն,
ու
շաքարի
պէս
սրտառուչ
շունչէն
բան
մը
կը
լեցնէր
կառքը,
թմրեցուցիչ
ու
խաղաղ,
բոլորովին
փոխելով
կիրճին
պատահարը,
պառկած
չորս
դիակները,
այդ
սպանդին
անխուսափելի
հետեւանքները:
Առքի
այս
րոպէներուն
մեր
կեանքը
փայլակով
կը
սահի:
Ո՞ւր:
Ո՞ւր
կ՛երթար
այդ
մարդասպանը,
կուշտին՝
այդ
երազը:
Ու
կը
սահէր
կառքը
գետակէն
ողողուած
սիկերուն
մէջէն,
կամաց,
նստած,
գինով՝
իր
բեռէն:
Ու
կը
թռէր
կառքը
աւրուած
ուղիին
փոսերէն
ու
կարկառներէն,
ծեծելով
անոնց
մարմինները
իրարու,
ու
ծաւալելով
տիկինը
իբր
շոգեւոր
իգութիւն
ու
խենթութիւն:
Անոնց
կ՛ընկերանային
երկու
սպասուհի,
ներսը:
Ծառան՝
կառապանին
քով:
Մեղմ
ու
նշաչուի
այդ
աղջիկները
դողալով
կը
նայէին
երիտասարդին,
որուն
դէմքին
վրայ
խռովքի
բեհեզ
մը
կը
բացուէր
ու
կը
գոցուէր:
Ճերմակ
էր
անիկա
ու
արիւնին
խուժումն
ու
ընկրկումը
պարտկելի
չէին:
Չորսէն
ոչ
ոք,
որ
վերադառնար
սպաննուածներուն:
Պահականոցը:
Ոստիկաններ,
կառքին
թաւալէն,
նետուեցան
ոտքի:
Չհաւատալ
կեղծեցին:
Ձիաւոր
մը
հեռացաւ
պատահարին
վայրը
«քննութիւն
կատարելու»:
Մինչեւ
անոր
վերադարձը,
ճամբորդները
հրաւիրուեցան
նստելու:
Հնօրեայ
էր
արիշը:
Աւազան:
Նստարաններ:
Սուրճին
կրակը:
Վարը՝
գետակին
հաստ
մարմինը,
որ
կը
փրփրէր
ու
կը
խօսէր:
Կաղ
ոստիկան
մը,
ոտքը
զոհած
ասպատակի
գնդակով,
փութաց
արձանագրել
անունները
ներկաներուն:
Ուրիշ
մը,
տասնապետի
երիզով,
կը
խօսեցնէր
Հաճի
Մուրատը,
պարզ
ու
ճարտար
հարցուփորձով
մը:
Անիկա
մեծ
յարգանքով
կ՛ընդունէր
հանըմ
էֆէնտիին
վկայութիւնները
ու
բարեկրթութիւնն
էր
մարմնացած:
Մինչեւ
որ
հեծեալը
վերադարձաւ
ու
վաւերացուց
պատումը:
Չորս
դիակ:
Ու
հեղինակը
իրենց
մէջ:
Այն
ատեն,
ըստ
օրէնքին
յստակ
մէկ
տրամադրութեան,
տասնապետը
հրաւիրեց
երիտասարդը
հետեւիլ
իրեն
մինչեւ
գազա,
որուն
ութ
մինարէները
պայծառ
սլաքներու
նման
մխուած
կը
թուէին
կապոյտէն
ներս:
Կէս
ժամ
չէր
բաժներ
պահականոցը
կեդրոնէն:
Անոր
մերժումին
վրայ,
փայլեցան
ատրճանակները:
Մաուզէրները
ատեն
չէին
գտած
առնելւ:
Վեց
ոստիկանի
այս
յանկարծական
ելոյթը
խանգարուեցաւ
իր
արդիւնքէն,
վասնզի
բազմութիւնը
կ՛արգիլէր
անոնց
շարժումները:
Միջամտեց
չէրքէզուհին:
Իբր
կինը
գազա
յի
թղթակցութեան
տնօրէնին,
անիկա
իր
ձեռքովը
մէկդի
հրեց
մօտիկ
ատրճանակները
ու
իր
մարմինովը
տեղ
բացաւ
Հաճի
Մուրատին,
ամբոխը
ճեղքելէն:
Անգամ
մը
գտած
խճուղին
ու
անոր
եզրախրամը,
երիտասարդը
պառկեցաւ
փոսին
ու
լարեց
ատրճանակը.
--
Կը
վառե՛մ,
ո՛վ
որ
քայլ
փոխէ:
Ամբոխը
եւ
ոստիկանները
մնացին
գամուած:
Չկրակեց
սակայն,
վասնզի
ձախ
ստինքէն
ծակելու
անոր
սպառնալիքը
ունեցաւ
իր
ազդեցութիւնը:
Ամբոխը
քար
էր
կտրած
արիշին
շուքին:
Անիկա
հնազանդեցաւ
սեւաչուի
տիկինին,
որ
հիացիկ,
երեսաբաց,
բերանաբաց,
արձան,
անուշադիր՝
իր
կեցուածքին,
ինչպէս
զգացումներուն
տրուելիք
բացատրութեան,
հրամայեց
իրեն
հեռանալ:
...
Այս
արարքի՞ն,
թէ
ուրիշ
հաշիւներու
արդիւնք,
առանց
նախօրօք
ազդարարութեան,
դատական
կոչնագիրի
ու
պաշտօնական
ուրիշ
ձեւակերպութեանց
լրացումին,
անիկա
պաշարուեցաւ
իր
տունէն
մէջ,
քսան
ձիաւորներէ:
Նորութիւն,
ահաբեկման
ու
ձերբակալման
այս
եղանակը:
Հայկական
դէպքերը
մօտիկէն
կանխող
մէկ-երկու
տարիներուն,
թուրքերը
ձեռնարկեցին
այս
կարգի
լիրբ
արշաւներու
իրենց
ուժի՞ն,
թէ
տկարութեան
պատկառանքը
պարտադրելու
համար
այդ
քրիստոնեայ
գեղերուն,
որոնք
ափ
մը
տեղի
մէջ,
իրենց
իրերամերձութեան
(չորս-հինգ
ժամու
շրջապատի
մը
վրայ
եօթնէն
աւելի
հայ
գեղեր
էին
ասոնք,
որոնց
երեքը,
չորսը,
տասը
հազարէն
վեր
անձեր
կը
հաշուէին
իւրաքանչիւրին
մէջ)
իրարու
ընձեռած
ապահովութիւնը
պարտաւոր
էին
«վիրաւորուած»
զգալու,
ու
«հասկնալու»
թրքութեան
ծովը
իրենց
շուրջ:
Այս
յարձակումը
ջարդին
ու
ռէժիի
պահակներով
փորձուած
միւս
գրոհին
մէջտեղ
բան
մըն
էր,
որ
մինչեւ
96ի
սպանդը
նկարագիր
առաւ:
Ջնջուած
էին,
այդ
կերպով,
անձի
ու
բնակարանի
անբռնաբարելիութեան
դասական
օրէնքները:
Ոստիկանը
կը
դառնար
նախա-թանզիմաթեան
իր
իմաստին:
Ու
քրիստոնեան՝
ենթակայ
իշխանաւորին
կրունկին:
Պատուհանէն
ցատկեց
անիկա
իրենցմէ
ցած
ուրիշ
տանիքի
մը:
Հոնկէ՝
ուրիշի
մը:
Ու
այսպէս
օգտուելով
տանիքներու
զառիթափային
խոնարհումէն,
մէկէն
միւսը
--դասական
պողոտայ,
զոր
շահագործեցին
այնքան
անգամներ
կառավարութեան
հետ
գործ
ունեցող
բոլոր
ասպատակները--
անիկա
գտաւ
էջքի
կէտը:
Տանիքներու
այս
գիտութիւնը
տղոց
ուղեղին
մէջ
գծագրուած
կը
մնայ
բազմաթիւ
օրինակներէ:
Այդ
կէտին,
անիկա
սկսաւ
իր
կրակը,
որ
տեղին
անակնկալովը
շուարում
նետեց
պաշարողներուն:
Հրացանը
կ՛որոտար
բոլորովին
օտար,
հեռու
փողոցէ:
Գետինն
էր
արդէն:
Ատրճանակի
հարուածները
դէպի
հոն
քշեցին
հեծեալ
ոստիկանները:
Բայց
միակ
կենդանիի
հազիւ
անցք
տուող
այդ
գռիհները
անկարելի
կ՛ընծայէին
ոչ
թէ
պաշարումը,
այլ՝
յառաջացումը:
Ոստիկաններու
ձիերը,
արձակութեանց
ընտանի,
կը
դժկամին
օտար,
նեղ,
զարհուրելի
կերպով
խորտուբորտ
այդ
սալերուն
վրայ
սմբակ
փորձելու:
Աղտը,
տղու
մը
քակորը
եղի
պէս
լպրծուն
կ՛ընեն
հնօրեայ
քարերը:
Մթնոլորտին
դառնութիւնը,
վերի
տուներուն
թշնամագին
շշուկոտ
ու
սպառնացող
լռութիւնը
եւ
կամ
հազարբերան
ոռնոցը
բաւ
են
զինուորը
սրտաբեկելու,
որ
կ՛անգիտանայ
կրակին
դիրքը
ու
ինքզինքը
ենթակայ
կը
զգայ,
ամէն
րոպէ,
անխուսափելի
հարուածին:
Անիկա
արագութեամբ,
հաստութեամբը
իր
կրակին
--կը
գործածէր
հսկայ,
գարատաղ
որակուած
ատրճանակները,
որոնց
որոտը
կը
զայրագն[ու]էր
խղդուկ
փողոցներուն
արձագանգովը--
շուարեցուց
յարձակողները:
Սատկեցուց,
դէպի
իր
փողոցը
մուտք
փորձող
երեք
ձի,
ճակատնուն
կեդրոնէն
առնելով
նշան,
բայց
խնայելով
հեծնողներուն,
որոնք
անակնկալին
ու
սարսափին
առջեւ,
իրենց
գլուխները
պատսպարել
ջանացին
դռնառաջները
խճողող
փայտի
դէզերուն
ետին:
Ոստիկանը,
պատեհապաշտ,
ծառայի
իր
հոգեբանութեամբը,
շատ
յոռի
զինուոր
մըն
է:
Կարելի
չէ
զինքը
մղել
ասպատակին
վրայ,
որ
կը
յարգէ,
պարզուկ
իր
տրամաբանութեամբը,
իբր
քաջ
մէկը
եւ
կը
սիրէ,
եթէ
կրօնակից
է
անոր:
Քրիստոնեաներէն,
հայերուն
հետ
«հաց
ու
ջուր»
էր
անիկա
իննսունէն
առաջ,
այդ
մարզերուն
վրայ:
Կը
պտտցնէ
կառավարութեան
համազգեստն
ու
զէնքը,
գրաստն
ու
մաթրա
ն,
ու
կը
կարծէ
իր
պարտքը
կատարած
ըլլալ
լեռներուն
պողոտաներուն
երեսին:
Գեղ
կոխել
ը
իր
գերագոյն
հաճոյքն
է
անշուշտ,
պայմանով,
որ
զինուորը
կարապետէ,
աւարտէ
յարձակումը:
Յաջողութեան
պարագային
յաղթանակին
թափօրը
կը
զինազարդէ
զմայլելի
աղմուկով,
ինքզինքը
տասնապատկելով
իր
երիվարին
քամակին:
Ձախողութեան
մէջ
մունջ
է
եւ
քաւութեան
նոխազ:
Խուսափող
ասպատակին
վրէժը
կը
հանեն
իր
կռնակէն,
զոր
կը
բանայ
անմռունչ,
սպաներուն
ու
չաւուշներու
մտրակին:
Կը
վախնայ
մահէն,
դեռ
կռիւի
չմտած,
պարզ
վառօդին
նախահոտէն,
որ
մարդոց
թթուածութիւնն
է
իր
շուրջը.
համախումբ
ու
բիրտ:
Ու
կռիւը
ամէնօրեայ
իրողութիւն
է
տաճկական,
ինչպէս
հայկական
գեղերուն
մէջ:
Գուցէ
այս
է
պատճառը,
որ
ստեղծուի,
ինքնաբերաբար,
տեսակ
մը
թաքուն
համերաշխութիւն
ընդմէջ
անոր
ու
ասպատակին,
որ
բնական
իր
քաջութեան
արժէքը
յաճախ
գիտէ
կրկնապատկել
խոհեմութեան,
գութին
ալ
տուրքերովը,
երբ
կը
խորհի
համազգեստին
տակ
ծուարած
մարդուն,
թերեւս
միակ
նեցուկը,
սնուցիչը
տուն
մը
զաւկի,
անկար
մօր
եւ
ուրիշ
պարագաներու,
այնքան
առատ
թուրք
ընտանիքէն
ներս,
անընդմէջ
պատերազմներէ
առթուած
մատաղ
մահերով:
Ասպատակը,
այս
բնական
տկարութենէն
զատ,
գիտէ
նաեւ
ուրիշ
իմաստութիւններ:
Անիկա
համոզուած
է,
թէ
դժուար,
եթէ
ոչ
անկարելի
է
կաշին
ազատել,
անգամ
մը
պետութեան
հետ
--լաւ
հասկցէք,
ընկերութեան
չեմ
ըսեր--
արիւնի
հաշիւ
բանալէ
յետոյ:
Գեղացին
--հայ
թէ
թուրք--
փոքր
բռնապետներու
օրերէն
սորված
է
այս
ճշմարտութիւնը:
Կառավարութիւնը
անողոք
է
այն
աւազակին
դէմ,
որ
չի
յարգեր
զինուորին
կեանքը:
Կրնաս
կողոպտել
պետութեան
փոստա
ն,
հերիք
է
որ
չիյնայ
ընկերացող
ոստիկանը:
Անգամ
մը
որ
արիւնը
թափի
համազգեստէն,
շարժման
կը
դրուին
պետութեան
բոլոր
միջոցները
եւ
հետապնդումը
չի
դադրիր
մինչեւ
որ
ասպատակը
չսպաննուի
իր
կարգին:
Ու
պետութիւնը
կը
հաշտուի
այն
միւսին
հետ,
որ
«ներքեւ
ձեռաց»
գիտէ
կակուղցնել,
իւղոտել
պաշտօնական
թաթերը:
Նեղը
ինկած
ամէն
ասպատակ
պարտաւոր
է
թէ՛
կրակելու,
թէ՛
փախչելու,
թէ՛
փախցնելու
եւ
մանաւանդ
կրակին
է՛ն
տաք
շրջանին
անգամ
քաղուածք
ընելու
այս
նկատումներուն,
ըստ
այնմ
ուղղելու
համար
իր
մատները
ատրճանակին
բլթակին
վրայ:
*
*
*
Տէր
Մաթոսենց
Հաճի
Մուրատը,
հազիւ
կէս
շաբթուան
ասպատակ,
շրջապատին
ու
գեղին
բարքերուն
իր
մեծ
փորձառութեամբը
ուսած
այս
անգիր
իմաստութիւնը,
կարմիր
դպրութիւնը,
կտրեց,
անցաւ
անվնաս,
այսինքն՝
առանց
աղէտ
մը
պատճառելու,
ոստիկաններուն
շղթան,
խորտակելէ
յետոյ
ատրճանակները
սպաներուն
իր
գնդակներով,
երբ
ասոնք
իր
վրայ
կարկուտի
պէս
կը
պարպէին
իրենց
հարուածները,
բայց
չարիւնեց
անոնց
մատն
անգամ:
Անիկա,
շղթան
խորտակելէ
յետոյ,
անհետ
եղաւ
նեղ
փողոցն
ի
վեր,
դէպի
բլուրը,
ուր
սիրտ
ու
կորով
չունէին
արդէն
պաշարողները
զինքը
հետապնդելու,
քանի
որ
արիւն
չէր
հոսած:
Այս
կարգի
«ճերմակ»
բախումներ
յաճախադէպ
էին
իմ
պատանութեանը,
աւելի
ճիշդ՝
երկրորդ
մանկութեանս,
ու
կը
ծառայէին
համբաւը
շինելու
բոլոր
քաջացուներուն,
ինչպէս
արձակելու
գեղերուն
վրայ
քանի
մը
տաք
եղանակ,
անծանօթ
բանաստեղծէ
մը
յօրինուած,
գովեստով
ու
գեղեցկութեամբ
թրթռուն:
Անոնք
վերջին
հետքերը
կը
նկատուէին
կանխող
շրջանի
թոյլատու
ոգիին,
որ
Պոլսոյ
եւ
Արեւմտեան
Անատոլուի
կարգ
մը
շրջան[ակ]ներուն
մէջ
տեղական,
փոքր
բռնակալութիւնները
սանձելու,
ջախջախելու
համար
չէր
վարանած
զինել
քրիստոնեաները:
Համիտեան
հակահարուածը
թուրքերը
նետեց
կէս
դար
աւելի
ետ:
Մէկ
օրէն
միւսը,
օրթագեղցի
անհամբաւ,
կարդացուկ,
մեծ
հօրը
փառքէն
դաստակին
վրայ
կապուտիկ
հաճիի
խաչ
մը
միայն
գծաւորած
այդ
երիտասարդը
այդ
լեռներուն
ամէնէն
ահաւոր
անունը
եղաւ:
Շաբթուան
մը
ընթացքին,
երկու
հզօր
բախում
սրբագործեցին
անոր
քաջութիւնը:
Գիտէք
առաջինը:
Երկրո՞րդը:
--
Հարկա՜ւ:
Քսանէն
վեր
էր
անիկա
ու
կէս
ժամ
վար
գիւղաքաղաքին
մէջ
--
գազա
--
ունէր
իր
սիրտին
կապը:
Ըրաւ
անըմբռնելի
խենթութիւնը,
իրիկուան
վրայ
մտնելու
այդ
քաղաքիկը,
հարցնելու
տունը
թղթակցութեան
դիւանի
տնօրէնին,
զարնելու
դուռը
եւ
հարցնելու
հանըմը:
Պաշարուած
էր:
Ճեղքեց
պաշարումը
ու
ամրացաւ
ճահիճները:
Անոր
համբաւը
գացած
էր
տարադէպ
գերազանցութեան:
Ժամանակն
ալ
բաժին
ունեցաւ
այս
արդիւնքին
մէջ:
Անիկա
թրթռուն
էր
բացառիկ
յուզումով
ու
տինամիզ
մով:
«Ձայն
մը
հնչեց»ը,
նոր
երգ,
կը
գոռար
հովտէ
հովիտ,
միամիտ
ու
յիմար.
լճին
երկու
ափերը
կամարող
գօտի:
Սիրտերը,
ինքնաբերաբար,
տրամադիր
հերոսներու
պաշտամունքին:
Գրաքննութիւն,
դպրոցներու
խուզարկում,
ուսուցիչներու
աքսորում,
հարկահաւաքման
մէջ
գործադրուած
անօրինակ
խստութիւնը,
զինուոր
մեկնող
երիտասարդներուն
բռնութիւնները
պողոտաներուն
վրայ,
թուրքերու
սպառնալիքը,
բացայայտ
ու
մռայլ,
բոլորը
մէկ
կը
չքանային
այն
առքին
մէջ,
որ
տարօրինակ,
մեղաւոր
այդ
երգերը
ունէին
ժողովուրդի
բոլոր
խաւերուն
վրայ:
Կը
պոռային
ու
կու
լային:
Ու
Սասունն
ու
Հայաստանը
կ՛ոգեկոչէին,
իրենց
զաւակները
գողութեան
համար
ծեծած
ատեննին:
Ճիշդ
է,
որ
հին,
Սահմանադրութեան
տարեդարձներու
առիթով
ճուացուած
ան
միւս
երգերն
ալ
բան
մը
կ՛ըսէին
այդ
ժողովուրդին:
Բայց
անոնց
ընկալչութեան
մէջ
անդունդ
էր
փորուած:
Ու
ինչպէս
երգերուն,
նոյնպէս
քսան
տարի
առաջուան
ու
այդ
օրերու
քաջերուն
ալ
մէջտեղը
կը
մտնէր
ուրիշ
բան
մը,
անաւարտ,
ուրուային,
բայց
տարբեր:
Ու
կը
զատուէին
իրենց
երէցներէն՝
նոր
ժմնուկ
սա
տղաքը
իրենց
զուսպ
սառնարիւնովը,
զգուշաւոր
բխումներովը,
գեղամէջի
շահատակութեանց
դէմ
իրենց
վերապահութեամբը,
--
աւագ
սերունդէն,
որ
ըրած
էր
կրակին
հանդէսը
առաւելաբար
կիներու
կամ
ռէժիի
գրոհներուն
կրկէսէն:
Ու
կար
տակաւին
այդ
ուրիշ
բանը.
խուլ,
դժուար
տարազելի,
զոր
անկարող
էին
լիովին
զգալու
իրենք՝
հեղինակները
այդ
յուզումին,
երբ
ատրճանակը
կը
գտնէին
անբաւական
ու
կը
ցանկային
աեւլի
մեծին,
աւելի
մութին:
Յեղափոխութի՞ւն:
Բառը
խոշոր
էր
այն
ատեն
ու
մռայլ:
Միայն
գիտէին,
թէ
հեռուներէն
«հայուն
Աստուածը»
ճամբայ
էր
ինկած:
Ապստամբութի՞ւն:
Այդքանին
ալ
չէր
հասներ
այդ
տղոց
խելքը.
պարզ
որսորդներ,
ոճրագործներ,
որոնք
թուրքին
հացը
ուտելու
ատեն
մեռելի
միս
չէին
ծամեր
տակաւին:
Միայն,
հետզհետէ
վարժուեցան
նոր
բաներ
դիտելու:
Դարերով
ճշդուած
դիրքեր
ցեղէ
ցեղ
փոխուելու
վրայ
էին
քիչ-քիչ:
Ասպատակին
հանդէպ
դարաւոր
տկարութիւնը,
սարսափը
կ՛ելլէր
մերիններէն,
փոխադրուելու
համար
թուրքերուն
մէջ,
որոնք
անպատրաստ,
չէին
հասկնար,
ընդուներ
կատարուածը
կամ
կատարուելիքը:
Փոխանցումի
օրեր,
երբ
ջարդը
վարիչներուն
ուղեղին
մէջ
դեռ
կը
վախնար:
Երբ՝
թուրք
ամբոխին
հոգիին
մէջ
սմքած,
բայց
գոյ՝
կը
մխար
արհաւիրքը
մոսկոֆ
ին:
Մինչեւ
պետութեան
կողմէ
ուժգին
փրոփականտը,
թուրքերը
ազգային
երանգ
չմտածեցին
տալ
այդ
տղոց
շարժումներուն
ու
կարծեցին
գործ
ունենալ
հասարակ
աւազակներու
հետ:
Յետոյ,
անոնք
ուժ
կ՛առնէին
այդ
պատրանքին
համար
դարաւոր
իրենց
հոգեբանութենէն,
ա՛լ
կարծրացած
ու
ամբողջ,
որուն
ընդմէջէն
անոնք
կը
տեսնէին
քրիստոնեան
իրենց
պապերէն
կտակուած
տարազով:
Այդ
հոգեբանութիւնը
չէր
կրնար
հասկնալ,
որ
մարդիկ,
այն
ալ
հայեր,
թուրքին
դէմ
զէնք
առնելու
չափ
անխելք,
անարդար
ըլլային:
Իրենց
կողմէ
հպատակներուն
պարտադրուած
կենցա՞ղը
--
բայց
անվերաքննելի,
սուրբ,
տիրաբար
արդար,
քանի
որ
շնորհը
կ՛ընէր
անոնց,
կրելու՝
իրենց
գլուխները
իրենց
ուսերուն
վրայ:
Ողբերգական
է
այս
մտայնութիւնը,
բայց
ճիշդ:
Ու
մեր
սխա՞լը:
--
Ատիկա
չընդունելու:
Հոգեկան
այդ
իրողութիւնը
մենք
մերժեցինք
կարդալ
անոնց
մօտ
մեր
պզտիկ
յաջողութիւններէն
շլացած:
Կար
տակաւին
Արեւմուտքին
դարպասող
մեր
ալ
դիւանագիտութիւնը,
որ
մեզ
յիմար
ըրաւ
վարդապետներ
պտտցնելու
մայրաքաղաքէ
մայրաքաղաք
ու
արժէք
տալու
գիրքերու
մէջ
ոսկեզօծ
գաղափարներու:
Այս
երկու
հիմնական
հաստատումները
կը
կազմեն
մեկնակէտը
նոր
շրջանի
մեր
հզօրագոյն
աղէտին:
Հաճի
Մուրատը,
«հնչող
ձայներու»
հակառակ,
բաւական
ատեն,
թուրքերուն
աչքին
խրոխտ
աւազակն
էր,
որ
կը
նորոգէր
ա՛լ
մոռցուելու
վրայ
եղող
սերունդը
հին
ասպատակներուն,
իսլամ
թէ
քրիստոնեայ:
Բայց
կը
վարանէին
վերագտնել
առասպելուած
անոնց
մեծութիւնը
սա
երէկի
տղոց
վրայ:
Հիները,
տարօրէն
ինքնատիպ,
կը
զարնէին
մեծաւորը,
պէյն
ու
փաշան,
բայց
մազին
չէին
դպչեր
աշխատաւոր
գեղջուկին,
հայ
թէ
թուրք:
Ի
հաշիւ
Հաճիին
կը
միջամտէր
չէրքէզուհիին
դրուագը,
մերժուած
խաթար
ը,
կիներու
հանդէպ
անոր
ցոյց
տուած
աստուածային
անտարբերութիւնը:
Բայց
նժարին
միւս
աչքին՝
կը
ճնշէր
ուժգին
անոր
աներկիւղ
յարձակողականը
իրմէ
տասնապատիկ
վեր
ուժերու
վրայ
--
մասնաւոր
պարագայ,
որ
հիներուն
զգուշութիւնը
արժէքի
կը
տանէր:
Գողերը
պարտաւոր
էին
արագընթաց
ըլլալ
ու
ետ-ետ
երթալ,
ոչ
թէ
Մուրատին
պէս
յառաջխաղաց:
Յետոյ,
լիճի
հիւսիսին,
անոր
համբաւը
ծնած
էր
նմաններ,
լիճին
հարաւէն,
անոնք
ալ
կրակի
կտոր,
վայրագ
ու
ատելավառ,
նախ
իրարու
դէմ,
ու
յետոյ,
կը
խորհէր
թուրքը,
իրեն
դէմ:
Գոց,
խուփ
բան
մը,
շատ
ալ
պարզ
չեղող,
այդ
նորերը
հեռու
կը
պահէր
դաշտի
թուրք
ժողովուրդէն,
որ
կը
գուրգուրար
ծխախոտի
մեծ
մաքսանենգներուն
այլապէս
յուզիչ
ու
յանկուցիչ
սերունդին
վրայ:
Թուրքերը,
բոլորն
ալ
հողաշատ,
միամօր
որդիներ,
չէին
ախորժեր
այդ
վտանգաւոր
ասպարէզէն
ու
կը
քաջալերէին
հայերը,
որոնք
իրենց
գլխուն
գնովը
անոնց
ապրանքները
կը
փոխադրէին
կայսրութեան
հեռանիստ
նահանգները:
Համիտեան
բռնակալութեան
ամէնէն
նեղ
օրերուն,
Նիկիոյ
շրջանէն
հայեր,
ոտքէն
մինչեւ
գլուխը
զինուած՝
կ՛իյնային
Այտընի
կուսակալութեան
մէջ,
յարգուած
ու
սիրուած:
Թուրք
գիւղացին
զանոնք
կը
պաշտպանէր
ռէժիէն,
ինչպէս
ոստիկանէն:
Յեղափոխութեամբ
սեւցուած
պատկերը
մատչելի
չէր
անոնց
պարզ
ուղեղին,
քանի
որ
աղբօրը
չվստահածը,
իր
կնիկը,
կրնար
վստահիլ
այդ
Պրուսայի
ակա
ներուն:
Հաճի
Մուրատ
տառացի
պատուհասը
եղաւ
տեղական,
տունի
ասպատակներուն,
որոնք
կնիկի,
աժան
փառքի,
հաճոյքի,
երբեմն
ալ
արկածախնդրական
մղումով,
քանի
մը
գիշերուան
համար
կը
ձգէին
իրենց
հանգստաւէտ
յարկերը,
կը
զինաւորէին
ու
ալպանական
տարազով
կ՛իյնային
հայ
գեղերուն
շուրջը,
ծեծելով
մէկ-երկու
տղայ,
զուարճանալով
իրենց
ստեղծած
երկիւղէն,
ու
կը
վերցնէին
ձեւի
համար
քիչիկ
մը
գողօն,
կցկտուր
ճամբորդներէ:
Երբեմն
այս
կատակախառն
գրոհները
կը
վերածուէին
ճշմարիտ
խուժումի,
գեղերը
շրջանակող
այգիներուն
ու
պարտէզներուն
մէջ,
առիթ
տալով
բարբարոս
տեսարաններու,
երբ
կը
բռնաբարուէին
տասը
նոր
մտած
աղջիկներ
ու
կը
սպաննուէին
մայրեր,
իրենց
զաւակներուն
պատիւը
պաշտպանած
ատեն:
Հաճի
Մուրատ
ջախջախեց
անոնց
ոտքերը:
Անիկա
անխնայ
հալածեց
նաեւ
միւս
աքաղաղները,
մոլեռանդական
ծրագրով
հանուած
լեռ,
հայուն
կտորը
կտոր-կտոր
ընելու,
ինչպէս
կը
բանաձեւէին
մոլլաները՝
Հաճին
տապալելու
իրենց
ախորժակը
բացատրած
ատեն:
Անոր
ահին
առջեւ
չքացան
այդ
անհարազատ
քաջերը,
դժբախտաբար
հայ
ալ,
վարձուած
քիլէ
մը
ցորենով,
որոնք
դարանի
մտան,
բայց
սարսափեցան
վերջին
վայրկեանին,
Վասնզի
անոր
մատը
պարապի
գնդակ
չարձակեց:
Աստծոյ
մէկ
հրաշքն
էր
այդ
տուրքը
անոր
մօտ:
Երկինքէն
փախչող
ձագին
առնէր
նշան,
պիտի
ձգէր
զայն
գետին,
ըսած
տեղէն
վիրաւոր:
Դաշտը,
գեղամէջեայ
ճամբաները,
լճափն
ու
մօտի
լեռները
մաքրուեցան
քիչ
ատենուան
մէջ:
Մաքրուեցան
գեղերէն
ան
միւս
անտանելի
մարդերը,
վախկոտ
բայց
դրամով
կամ
ազգանունով
ազդեցիկ,
որոնք
ասոր-անոր
կնիկին
աչք
կը
զարնեն,
կը
գինովնան
ու
կը
հայհոյեն,
սպառնալով
«տունը
վառել»
ասոր
ու
անոր:
Հաճի
Մուրատին
բարեւը
յաճախ
բաւեց
այդ
հերոսները
իրենց
պատեանին
քշելու:
Բաժինքի
կռիւները
անոր
լեռնային
կարգադրութեամբը
փոխուեցան
խաղաղ
հասկացողութեան:
Ամէն
ասպատակցու,
լեռ
ելլելէ
առաջ,
պարտաւոր
եղաւ
հաշուի
առնելու
Հաճի
Մուրատը:
«Վախը
կը
սպասէ
լեռները»
թրքական
վաղեմի
առածը,
որ
հին
հրոսակներուն
սարսափը
կը
փոխաբերէր
ատանկ
նահանգէ
նահանգ,
թարմացաւ
բոլորի
բերնին:
Ու
այս
ամէնը
երկու
ամսուան
ընթացքին:
Ոչ
մէկ
ազգային,
ծրագրուած
դրոշմ,
որ
մօտեցնէր
այս
գործունէութիւնը
այդ
օրերուն
ընթացիկ
շարժումին,
մեր
յեղափոխութեան
առաջին
խլրտումներուն:
Ոչ
մէկ
գիտակցութիւն,
բացի
«հնչած
ձայներէն»
ու
դարաւոր
ծալքէն,
որով
մեր
մարտիկները
մահուան
երթալէ
առաջ
անոր
գործակատարը
կ՛ըլլային:
Ու
նոր
կ՛աւարտէր
Էնկիւրիի
հռչակաւոր
դատավարութիւնը:
Ու
անոր
արձագանգը
մեր
շրջանի
գեղերուն
վրայ,
ինչպէս
պարտի
ըլլալ
ամբողջ
կայսրութեան
համար,
առաջին
յայտնութիւնը
բերաւ
նոր
վիճակին:
Թուրքերը
ապշութեամբ
հետեւած
էին
իրենց
թերթերուն:
Ամէն
գեղ,
մզկիթի
հրապարակին,
հաստ
սօսիներու
շուքին
կը
համախմբէր
իր
ժողովուրդը:
Հոճաները
կը
կարդային
օրուան
լրագիրը,
փոխն
ի
փոխ
նկուն
զարմանքէ,
ու
կատղած:
Կը
փարտէին
իրենց
գլուխները,
կը
խածնէին
շրթունքները
ու
ջղագար
մատներով
գրեթէ
կը
բզկտէին
իրենց
մօրուքները,
ըմբռնելու
համար
տեղի
ունեցածը:
Անոնք
վիրաւորուած
էին
իրենց
խղճմտանքին
մէջ
ու
կը
տառապէին
անհուն
ապերախտութեան
հաշւոյն,
զոր
գտած
ըլլալ
կը
կարծէին
դարերով
իրենց
շնորհներովը
յղփացած
անարժէք
ժողովուրդէ
մը:
Ի՛նչ
որ
աւելի
յետոյ,
աւելի
սեւ
օրերու,
անոնց
մամուլը
ոռնաց
մեր
հասցէին,
գոյութիւն
ունէր
արդէն
գեղի
այդ
հոճայի
ուղեղին
մէջ:
Ու
անոր
շուրջը
խռնուած
բարի-բարի
միւսլիւմանները
կը
դեղնէին
հայհոյութեանց
թոյնէն,
ա՛յն
հայհոյութեանց,
որոնք
տարազի
չեն
մտներ
ու
կը
մնան
շարուած՝
մարդոց
կոկորդն
ի
վար,
այնքան
խոր
է
արհամարհանքը
մեր
մէջ
հանդէպ
տկարին:
Բաւական
ժամանակ
պէտք
եղաւ
անոնց
ու
պետական
լայն
պրոպագանդ,
ու
արիւնի,
կողոպուտի
շատ
զօրաւոր
մերձանկարներ,
որպէսզի
դիրք
բռնեն
կատարուածին
դիմաց:
Իրենց
քմահաճոյքով
միայն
ապրելու
արտօնուած
կեավուրէն
այս
ապերախտութիւնը
գուցէ
թուրքերուն
մէջ
դրաւ
առաջին
բաժակը
թոյնին:
Տասնիններորդ
դարու
ընթացքին,
թուրքերու
ձեռքով
եւ
պալքանեան
ժողովուրդներու
վրայ
գործադրուած
խժդժութիւնները
ապստամբական
վիճակներու
իբր
արձագանգ,
հակահարուած,
մասով
մը
զետեղելի
են
պատերազմիկներու
հոգեբանութեան
եւ
ասոր
հնարաւոր
անակնկալներուն:
Քաղաքակիրթ
եւ
փիլիսոփայ
ժողովուրդի
մը
բանակը
այդ
օրէնքով
անզէն
մարդեր
կրնայ
թնդանօթի
բռնել:
Թուրքերը
չներեցին
մեզի
ու
չեն
ալ
ներած
ոչ
թէ
մեր
յեղափոխութիւնը,
հապա
անոր
մտածումն
իսկ:
Մեր
ի՞նչն
էր
պակաս:
Ու
անհուն
լրբութի՜ւնը
այս
դատումին,
տակաւին
հիմա,
աղէտէն
տասնհինգ
տարի
ետքը:
Երբ
ամբողջ
ժողովուրդ
մը
վերցուած
է
աշխարհէն,
իր
բոլոր
մշակոյթը,
անցեալով
եւ
պատմութեամբը,
թուրքերը
բերան
ունին
ըսելու
քանի
մը
պոլսեցիներու
երեսին
ինչ
որ
ըսին
կէս
դար
առաջ:
Այո՜:
Մեր
ի՜նչն
է
պակաս
այսօր,
հանրապետական
Թուրքիոյ
մէջ:
Մեր
ի՜նչն
էր
պակսած
դարերով
նոյնիսկ:
Բայց
այս
վերլուծումը
դուրս
է
մեր
սահմանէն:
Օր-ցերեկով,
առանց
պատճառի
--թուրքերը
լուն
ուղտի
վերածելու
համար
պէտք
չունին
դաս
առնելու
նոյնիսկ
մերիններէն,
որոնք
դեռ
չեն
հասկցած
կատարուածը--
կայսրութեան
մէջ
ծնունդ
առած
անհուն
ատելութիւնը
մեզի
դէմ
հակահարուածն
էր
այդ
մտածումին:
Բայց
կառավարութեան
դերը
չամփոփուեցաւ
միայն
այդ
ատելութիւնը
մշակելուն,
ներարկելուն
ու
ամէն
թուրքի
մէջ՝
մեզի
հանդէպ
ընդոծին
արհամարհանքը
գործօն
թոյնի
մը
վերածելու:
Անիկա
պիտի
օգտագործէր
այդ
բարեխառնութիւնը
քաղաքական
նոր
ծրագիրներու
իրացումին:
Պալքաններու
դասը
նեղցուց
անոնց
հեռանկարները:
Աւելի
ուշ,
ջարդերը,
հետախաղաղ
բնաջնջումը
քայլեր
են
այդ
ասպարէզին
դէպի
կատարածը:
Այդ
օրերուն
«սկիզբն
էր
երկանց»:
Փոքր
գաւառակի
մը
վարչական
կազմը
պիտի
ստեղծէր
անշուշտ,
մեծ
իր
գործերուն
մէջ,
Հաճի
Մուրատներ,
եթէ
գոյութիւն
չունենային
անոնք
արդէն:
«Մէկ
հատիկ
հայ,
նմոյշի
համար
իսկ,
ուզենք,
չենք
ձգեր»
ը,
մեր
պարտութեան
վրայ
արձակուած
աժան
վճիռ
մը
չէր
Պոլսոյ
լրագրողներուն
բերանէն:
Այդ
ժողովուրդի
ընդերքին
մէջ
ոչ
թէ
արմատացած,
այլ
դարերու
հոլովոյթով
հոգեհիւսք
մը,
որուն
նեարդերը
կ՛երկարէին
աշխարհակալ
սուլթանները
մինչեւ,
երբ
սուրի
նշան
մը
բաւ
էր
երկիրները
անապատի
փոխելու:
Ասոնք
պատմական
ստուգութիւններ
են:
Ատոնք
անգիտանալը
մեզ
կ՛ընէ
միամիտ
ու
մեզմով
հերոս:
Ամէն
թուրքի
գանկին
տակ
աշխարհակալի
մը
գահը
կը
կանգնի.
պարապ,
բայց
արժանաւոր
քողքով:
Ու
գազա
յին
բոլոր
դիւաններէն,
թշուառ
կամ
կրկնապէս
գոհ
(որովհետեւ
քառակին)
քարտուղարներ,
չաւուշներ,
որոնք
իրենց
անունները
կրնային
գրել,
բոլորովին
«անգրագէտ»
տասնապետներ,
ու
Մէքքէ
ըրած
երիցս
երանեալ
հաճի
պէյեր,
աղաներ
ու
էֆէնտիներ,
ու
տակաւին
փաշայի
կտորուանքներ,
կանչուեցան
նուիրական
պարտականութեան:
Ասիկա
դար
մը
առաջուան
հաստատ,
ուղիղ
ատելութիւնը
չէր
թուրքին,
որով
Յունաստանը
ամայացաւ,
երբ
մորթելը
անկեղծ
պաշտամունք
մըն
էր,
ոչ
ալ
կէս
դար
առաջուան
մոլեռանդ
վրէժը,
զոր
Եւրոպան
չէր
կրցած
կրացնել
թուրքին
մտածողական,
զգացողական
գործարաններուն
մէջ,
այլ
նորօրինակ
գարշանք
մը,
նենգ
ու
սմսեղուկ,
վասնզի
թուրքերը
դպրոցներ
բացեր
էին
սպաներու
յատուկ
ու
պատերազմի
համար
քաղաքակիրթ
երկիրներու
պայմանները
որդեգրած
ըլլալնին
յայտարարեր:
Հարցը
խաղալն
էր
այդ
նշանաբաններուն
վրայ
ու
մորթել
թուրքին
պէս,
բայց
զսպել
անգլիացիներուն
պէս:
Մեզի
հանդէպ
թուրքերուն
այս
կեղծիքը
անոնց
ամէնէն
ստոր
դաւադրութիւնը
եղաւ:
Միւս
կողմէ,
մեր
ժողովուրդին
էր
վիճակուած
նոխազն
ըլլալ
թրքութեան
ենթարկուած
բոլոր
վրիպանքներուն:
Ամէն
գաւառ,
այս
պայմաններուն
մէջ,
ճարեց
իրեն
համար
Հաճի
Մուրատներ:
Թուրքերը՝
արդարութեան
կատակերգութեան
մը
պէտքով,
հայերը՝
ուրիշ
բանի
անկարող
ըլլալնուն:
Ու
Նիկիոյ
լիճին
շուրջը,
հայ
գեղերու
սահմաններուն
մէջ
ոստիկաններու
կողմէ
կատարուած
յայտ
կամ
գաղտ
սպանութիւնները
շատ
դիւրութեամբ
դիզուեցան
Հաճի
Մուրատին
ուսերուն:
Հետապնդումը,
պետական
արտակարգ
միջոցներով,
սկզբնական
ատելութեանց
մէջ
դիտելի
նախանձախնդրութեամբ
վերածուեցաւ
բացառիկ,
անդուլ
հալածանքի:
Գիւղերը
ենթարկուեցան
սպառնալիքի
ու
պատժուեցան
ջաղացներու
եւ
արտակեդրոն
բնակարաններու
հրկիզումով:
Լեռնէն
քշուեցան
տախտակ
հանողները:
Ու
տարտղնուեցան
թիւրքմէն
խաշնարածները,
որոնք
բոլոր
մարդասպաններուն
համար
իրենց
եղն
ու
պանիրը
կ՛ընէին
տրամադրելի:
Մեծ
ծաւալով
պաշարողական
շարժումներ
(եզի
կոտոշներուն
գծած
կիսաղեղներով
դասական,
ու
մատչելի
ամէն
թուրքի
ուղեղին),
որոնք
լերան
թեւեր
կ՛առնէին
իրենց
մէջը,
չէին
գտներ
որսը:
Այդ
եղջիւրային
շարժումները
չէին
օղակաւորուեր,
ինչպէս
չէին
արդէն
եզան
ալ
ճակատին:
Գրեթէ
ամէն
շաբթու,
պաշտօնական
ու
անպաշտօն
ուժերու
հետ
անոր
շռնդալից
բախումները
տարին
անոր
անունը
ծովէն
ալ
անդին,
Պոլիս,
ուր
հայ
յեղափոխութիւնը
դեռ
նախափորձերը
կը
մրոտէր
կրակին
ու
արիւնին:
Զինք
գտնելու
եկան
նրբամարմին
պարոններ,
իրենց
անունին
կցած
մէյ-մէկ
էֆէնտի,
ցաւագար
ու
շոշորթ,
որոնք
արեան
գոյն
կնիքով
թուղթեր
փռեցին
անոր
առջեւ
ու
տրցակ
մը
տետրակ
--ինք
կ՛ըսէր
քերական--
ինչպէս
դիտեց
անիկա
այդ
թղթեղէն
հպարտութիւնը
տրտում
հեգնութեամբ,
մէկ
ակնարկով
դատելով
անդարմանելի
հակասութիւնը՝
այդ
խեղճ
արարածներուն
եւ
գործին
մեծութեան
միջեւ:
Ու
ծրագիր:
Ու
կանոնագիր:
Ու
թուքոտ
աճապարանք՝
հանդէպ
տեռոր
ին,
զոր
կ՛արտասանէին
ահաւոր
բնականութեամբ,
մատնիչները
մաքրելու,
չեղած
պարագային
ստեղծելու
նոյնիսկ:
Անոնք
կ՛ընէին,
ընելու
էին
կազմակերպական
աշխատանք,
ի
մասնաւորի
դժգոհ
տարրերու
մէջ,
որոնք
թուրքերէն
ալ
կրնային
առնուիլ,
վասնզի
ազատութիւնը
չունէր
ազգային
թթուութիւն:
Ու
քարոզ,
շատախօս,
անձանձիր,
բայց
տարօրէն
յոգնեցուցիչ՝
լսողին:
Ու
անհասկնալի
միամտութիւն՝
գրեթէ
ամէն
ճակատի
վրայ,
թշնամին
դատելու,
չափելու
աքթ
ին
մէջ,
ինչպէս
կը
սիրէին
ֆրանսաբանել:
Կը
հազային
այդ
տղաքը,
բայց
կը
ճուային,
լեռնէ
լեռ
խումբեր
կը
փոխադրէին
թուղթի
վրայ
ու
չորս
քայլ
զառիվերի
մը
առջեւ
յոգնաթափ
կ՛իյնային
գետին:
Մէկը
մանաւանդ
արիւն
ալ
կը
փսխէր
ու
դալուկ
շրթներուն
վրայ
ատելութիւնը
տաքցնելու
համար
«ինքզինքը
կ՛այրէր»:
Յեղափոխական
կազմակերպութիւնները,
իրենց
գործունէութեան
առաջին
տարիներուն
սխալը
ունեցան
սիրտով
արքայ,
բայց
ուղեղով
ու
մարմնով
աղքատիկ
մարդիկ
գործածելու:
Անոնք
իրենց
հիւանդները
տեսակ
մը
կարմիր
օդափոխութեան
կ՛ուղարկէին
ու
չէին
անդրադառնար
այն
հիասթափումին,
զոր
այդ
տառապահար
տղաքը
կը
ստեղծէին
հարկադրաբար
իրենց
շուրջը,
շփումի
մտնելով
կրակի
պէս
առողջ
ու
քարի
պէս
հաստատ
գեղացի
քաջերուն
հետ:
Լեզու,
մտայնութիւն,
ծրագիր,
հեռանկար,
նոյնիսկ
մարմին
օտար
էին
իրարու,
Հաճի
Մուրատին
եւ
Պոլսէն
առաքուած
այդ
կիսապուշ
ուսանողներուն
միջեւ,
որոնք
«բանին»
քարոզութեան
նուիրուած,
անկէ
ածխացած
անհեթեթ
արարածներ
էին,
անտանելի
ըլլալու
չափ
խօսող,
բացատրող,
գիտցող,
թանձրօրէն
հոտելով
թուղթը,
մելանը,
գրասեղանը:
Ու
չէին
հասկնար:
Այսինքն՝
մազով
իսկ
զիջում,
շեղում,
ընկրկում
չէին
ներեր
իրենց
անսխալականութեան:
Անոնք
Հաճի
Մուրատին
լեռները
կը
ճանչնային
անկէ
շատ
աւելի
կատարեալ,
սորված
ըլլալով
անոնց
յունական
անունները
պատմութեան
դասագիրքերէն
ու
Նիկիոյ
աւերակներուն
քարտէսներովը
կը
սպառնային
իր
շրջանը
թիզ-թիզ
ուսումնասիրած
ասպատակին,
զէնքի,
փամփուշտի
պահեստավայրը
զատելու
ատեն:
Ու
այլանդակութի՜ւնը
անոնց
ծրագիրներուն,
որոնք
Լոնտոնէն
կամ
Փարիզէն
թելադրուած
բաներու
իրենց
այլուրութեան,
յիմարութեան
վրայ
կ՛աւելցնէին
ամենախոր
անհասկացողութիւնը
թշնամիին,
զոր
կ՛ուրանային,
քանի
որ
ըստ
մեծ
քաղաքագէտներու
պիտակուած
էր
հիւանդ
ու
մահամերձ:
Մէկը
մանաւանդ,
ծաղկոտ,
նիհար
ու
մշտահազ,
թեւերը
բաց
կը
գոռար
«հասած
օրուան»
աւետիսը
իր
խաւարի
մէջ
թաւալգլոր
եղբայրներուն
ու
կը
հաւատար,
աննահանջ
ու
անծակ
ստուգութեամբ,
թէ
շարժումին
առաջին
իսկ
նշանին,
հարիւրաւոր
թուրքեր
պիտի
գային
համախմբուիլ
իրենց
դրօշին
տակ,
Հաճի
Մուրատին
եւ
ուրիշ
անվեհեր
մարտիկներուն
հետ,
անդիմադրելի
գրոհով
տապալելու
կարմիր
բռնակալութիւնը:
Կ՛ըսէր
ու
կը
հազար:
Եւ
կու
լար
յուզումէն,
գեղեցիկ
օրուան
հեռանկարը
կանխաւ
վայելելով:
Երկինքէն
քար
մը
այսքան
զարմանք
չազդէր
գուցէ,
որքան
այս
հաւաստումը
Հաճի
Մուրատին:
Անիկա
ականջները
փակեց
այս
յիմարութեան
առջեւ
ու
յիշեց
մեծ
հօրը
աղօթքը
Նարեկէն,
դեւերը
հալածող
ու
խելքը
գանկին
դարձնող:
Բայց
այս
անհեթեթութենէն
աւելի
ցաւագին
բան
մը
կար
այդ
բանին
մէջ,
--
ահաւոր
այն
յամառութիւնը,
զոր
կը
ցուցադրէին
այդ
ծրագիրներու
մեծ
հեղինակները,
անոնց
պաշտպանումին
ու
հարկադրումին
մէջ:
Անյողդողդ
տեսաբաններ,
անոնք
թուրքերու
հայերուն
կողքին
կռուի
մասնակցիլը
կը
փաստէին
թեզ
ով,
անթիթեզ
ով,
դիալեկտիկայ
ով
ու
տակաւին
ուրիշ
շնորհունակ
բառերով
ու
կը
ցաւէին,
որ
իրենց
լեզուն
չէր
լեզուն
գիւղական
տնտեսութեան:
Ու
եռանդով
կը
հանէին
կանանչ
կողքով
գրքոյկները,
որոնց
էջերուն
մէջ
կարմիր
մատիտով
մեծ-մեծ
գիծեր
փա՜ստ
կը
ծառայէին
այդ
անհերքելիե
ստուգութեան:
Հաճի
Մուրատը
նեղուեցաւ
այս
«տիրացու»ներէն,
անոնց
անհարկի
շատախօսութիւնը
չհասկնալուն
չափ,
անոնցմով
մէջտեղ
դրուած
հարցերուն
մեծութենէն:
Մութ
էին
այդ
քարոզները,
որքան
Պոլսոյ
մէջ
յարձակումի
մը
համար
Նիկիոյ
լեռներուն
վրայ
պահեստ
կազմելու
ծրագիրը:
Պէտք
է
աւելցնել,
որ
այդ
տղոց
երեւալէն
առաջ,
անիկա
ունէր
գրեթէ
իր
խումբը,
իր
ծանօթներէն,
ամէնն
ալ
«կած
ու
կրակ»,
քիչ
կարդացած,
բայց
շատ
նշան
սերտած,
ատող,
վայել
ատելութեամբ,
իրենց
ցեղին
անհաշտ
թշնամին,
զայն
հասկցող
իր
շնական
պարզութեան
եւ
պատմութեան
իմաստին
մէջ:
Առանց
արիւնէ
անցած
ըլլալու,
այդ
տղաքը
ցերեկները
սպասը
կ՛ընէին
իրենց
տունին,
հացին
ու
գործին,
արտին
ու
պարտէզին:
Գիշերները՝
կը
պատկանէին
Հաճի
Մուրատին:
Ու
առանց
թեզ
ի
ու
անթիթեզ
ի,
անոնք
կը
մարզէին
իրենց
մատները:
Կ՛անցնէին
երկու
գիշերուան
մէջ
չորս
ցերեկի
ճամբայ,
կը
զարնէին
թուրք
գեղերու
նախիրները
ու
առաջին
վարժութիւնը
կ՛ընէին
արեան
ճապաղիքին:
Ոչի՛նչ,
գիտացուած,
նոր
բառով
մը՝
կազմակերպուած,
սա
պարզ
ուղեղներուն
մէջ,
բացի
այն
խոր
զգացումէն,
որ
կը
թրթռար
ամէն
հայու
կուրծքին
տակ,
առանց
քարոզի,
առանց
տրամաբանութեան:
Որ
անոնք
բոլորը
ըսես
կը
հանդերձէր
մերձանկար
պատարագին:
Հաւատքը
հիւանդութիւն
մըն
է
ու
կը
վարակէ:
Մթնոլորտը
ակօսուած
էր
լուռ
ձայներէ
ու
թուրքերուն
հոս
ու
հոն
գործադրած
վայրագութիւնները
կը
մեկնուէին
Յայտնութեան
Գիրք
ին
գուշակութիւններովը:
Երկար
է
հետեւիլ
մեր
ժողովուրդին
հոգեշրջումին,
պատմական
ու
յղի
այդ
օրերուն
մէջ,
երբ
Նեղուցները
կը
բացուէին
Հայկական
Խնդրին
համար,
ու
Պոլսոյ
մէջ
ասպատակային
յանդուգն,
բայց
անհատական
արարքներ
գիւղերուն
կը
հասնէին
բիւրապատկուած:
Հաճի
Մուրատին
անուանակից
ուրիշ
մը
Պոլսոյ
շուկան
տիւանի
կեցուցած
իջեր
էր
նաւ,
ու
հեռացեր,
ահաւոր
իշխանի
մը
նման:
Ուրիշներ
ծովուն
վրայ
նաւակ
մը
հաւկիթ
(ռումբ)
ազատած
էին
զրահաւորներու
թնդանօթներէն:
Հեքիաթը
թեթեւ
կ՛արեւոտի:
Կանչուեցան
Պոլիս,
յեղափոխականներուն
կեդրոնը:
Գլխուն
գնովը
ըրաւ
այդ
ճամբորդութիւնը,
որուն
կը
փափաքէր
դեռ
դպրոցի
գրասեղաններէն,
արգիլուած
երգերը
իր
շինած
երգարաններուն
մէջ
օրինակած
պահուն
երազելով
անոնց
հեղինակներուն,
մեծ-մեծ
մարդեր,
որոնց
մարմինը
ազգին
ցաւովը
կռնծած
էր
ըլլալու:
Ծպտուած
էր
անիկա:
Առանց
«Կայծեր»
կարդացած
ըլլալու:
Հիասթափուեցաւ
քիչ
մը
խեղճուկ
ձեղնատակէն,
ուր
կը
մնար
յեղափոխական
շարժումին
վարիչ
զսպանակը:
Խանի
մը
ախոռին
կռնակն
էր
այդ
հաւաքավայրը:
Քանի
մը
շփում
զինքը
բերին
աւելի
ջերմ
ու
արդար
զգացումներու:
Անոնք
ալ,
հոդ
եկողները,
իրեն
նման
մարդեր
էին,
մեծ
մասը
արհեստաւոր,
դարբինի
սեւ,
բայց
հսկայ
մատներով,
որոնք
մտամփոփ
ու
տրտում
կը
հետեւէին
խօսողին
բարբառին,
առանց
անոր
երեսը
նայելու,
աղէկ
մը
չճանչնալու
կարգապահական
պատուէրի
մը
հնազանդելով:
Ունէին
իրենց
տուները,
կին
ու
զաւակ,
ու
ապրուստի
հոգ,
վրան
բարդուած՝
այլապէս
վտանգաւոր
նոր
այս
զբաղանքը:
Պարզ
ու
հաւատաւոր,
անոնք
ամէն
իրիկուն
կը
լեցնէին
կանթեղը
իրենց
յոյսին
ու
կը
դառնային
խաւարին:
Հոն
ալ
մերժեց
փանթալոն
ով
ռազմագէտներու
ծրագիրները,
զանոնք
գտնելով,
զէնքի
տղու
մը
իր
բնազդովը,
բոլորովին
անգործնական:
Նոյնն
էր
ոգին,
ասոնց
ալ
բառին
ու
մտածումին
մէջ:
Բայց
մարդերը
գտաւ
տարբեր:
Տպաւորուեցաւ
անոնց
լուրջ,
փափուկ,
վճռական,
ներքին
հուրքով
կարծես
արդէն
բոց
առած
դէմքերէն:
Քիչ
կը
խօսէին,
շատ
կը
զգային:
Ու
իրենց
զգացումը
կ՛այրէր
իրենց
երեսին,
մեծ
մասինը
հատած
նոյնքան,
որքան
գեղ
ղրկուածներունը.
բայց
աւելի,
անհունապէս,
հաւատքին
ճաճանչումէն
բազմապատկուած:
Տեսակ
մը
հմայք
կը
բխէր
այդ
մարդերէն,
որ
դէմինը
կ՛արգիլէր
մտածելէ
ու
իր
ակօսին
մէջ
կ՛առնէր
հոգին
ուրիշներուն:
Այս
բխումները
զինքը
ըրին
դիւրագրգիռ:
Տեսաւ
անջրպետը,
որով
բաժնուած
էին
իրարմէ:
Ու
կրցաւ,
խոր
բեկումով,
ըմբռնել
իր
միւս
երեսը
--
քաջութեան,
յանդգնութեան
չափ
կարեւոր
երկրորդ
առաքինութիւնը,
անմահ
այն
թովչութիւնը,
զոր
մեր
գեղերուն
կը
հագցնեն
համոզումը,
նուիրումը,
ողջ-ողջ
զոհաբերումը:
Սպաննելը
կը
մնայ
երկրորդական,
սպաննելու
մղող
ոգիին
դիմաց:
Հսկայ
այս
հմայքը
անիկա
բացատրել
ջանաց
ուսումով:
Բայց
զգաց,
որ
ճիշդ
չէր
պարզեցնող
այս
մտածումը:
Մարդիկ
կ՛ազդեն
գործովը,
ոչ
թէ
իրենց
ուղեղովը:
Ու
տուաւ
անոնց
երեսին
սխալը,
զոր
ըրեր
էին,
իրենք
գալու
տեղ,
շառլաթաններ,
կրակէն
անմասն
ճռճռան
ճպուռներ
ղրկելը:
Պարզեցին
իրենց
ծրագիրը,
զոր
զգաց,
բայց
չհասկցաւ:
Պիտի
անցնէր
առաջը
հարիւրներու
ու
պիտի
կրակէր
տրուած
հրահանգին
վրայ:
Յետո՞յ:
Անիկա
Պապ
Ալիին
ետեւը
իր
լեռները
կ՛ուզէր,
ոչ
թէ
տուներուն
անսպառ
կոյտերը,
որոնց
մէջէն
ասպատակը
չի
կրնար
իր
մարմինը
դիւրաւ
ազատել:
Անիկա
վախկոտ
մը
չերեւալու
համար
լռեց,
երբ
իրեն
դիտել
տուին,
թէ՝
Ամենայն
տեղ
մահը
մի
է,
Մարդ
մի
անգամ
կը
մեռնի...
Ու
յանձն
առաւ
«քալել»,
աչքով
չափելով
խժան
տղաքը,
որոնք
դարվեր
մը
ելլելու
համար
ով
գիտէ
քանի՜
հեղ
շունչի
էին
կենալու:
Չհասկցաւ
նոյն
ատեն
միւս
առքը,
որով
բոլոր
հայերը
«մէկ
սիրտ,
մէկ
հոգի»
ոտքի
կ՛ելլէին,
երգին
հաւաստումովը:
Անշուշտ
«ողջ
հայութիւնը»
ոտքի
հանելու
սա
մոլեռանդ
հաւատքը
չէր
մօտեցուեր
գեղ
ղրկուած
աշկերտներուն
միւս
սոփեստութեան,
--
թուրքերուն
հետ
քով
քովի
կռիւ
մղելու
թուրքին
դէմ:
Չըսին
ատիկա
իրեն,
բայց
չհերքեցին
ալ:
Սորվեցաւ
թուրքին
ուժը:
Անոր
դէմ
կռիւը
անգործնական
էր
փողոցներու
վրայ:
Չկրցաւ
ընդդիմանալ,
ոչ
թէ
վախկոտ
մը
նկատուելէն
ամչնալուն,
այլ
իր
կարգին
առնուելուն
այն
երազէն,
որ
հեռաւոր
կրկներեւոյթովը
ու
մերձեցուն
պայծառութեամբը
կ՛երկննար
բոլորին
ալ
աչքերուն
դաշտերէն,
ու
անդին՝
անոնց
հասողութենէն,
ինքն
իր
մէջ
զմայլելի,
տարօրէն
թարմ,
կարծես
առանց
բիծի
անցած
ըլլար
հինգ-տասը
դարերու
գերութեան
մօրուտքը
ու
կենար
հորիզոնին,
նոր
լուացուած
նկարի
մը
նման,
անկնճիռ
ու
ամբողջ,
կորսնցնելու
չափ
ահագին
իր
անբնականութիւնը
ու
ծածկելով
իր
ծիրանիին
ցոլացման
մէջ
դժոխքը
թուրքին,
որ
կը
տարածուէր
համեստ
այդ
ձեռնայարկին
ու
հեռու
հայրենիքին
անջրպետին
մէջ:
Բոլոր
մոլեռանդները
այս
ջիղերով
է
որ
կը
տրամաբանեն:
Ու
կռուողը,
մանաւանդ
ազգին
փրկութեան
պատգամով
կռուողը
հարիւր
սուրբէ
աւելի
խենթ
է
կ՛ըսեն:
Տարակո՞յս:
Իր
ուզածէն
շատ
աւելին:
Պահեց
անիկա
իր
սիրտին
խորը
իր
վարանքը,
այս
բարակ
մարդերով
դարերու
երազը
նուաճելու:
Ու
մտիկ
ըրաւ,
ուրիշ
բանի
անկարող,
տկարներուն
պարտադրուած
իմաստութիւնը
--
յոյսին
իմաստութիւնը:
Ու
կապուեցաւ
ուխտով,
երդումով
անոնց
պատգամին:
Բարիք,
շատ
մեծ
բարիք
էր
ըրած
իր
հոգիին,
Պոլիս
այդ
«ճամբորդութիւնը»,
ինչպէս
կ՛որակէր
տարօրինակ
տղան,
սպասուհիի
տարազով,
հազար
վտանգի
գնով
ծով
անցնիլը,
այդքան
մատնիչներու
մէջէն,
պարզ
Գործին
գլուխը
տեսնելու:
Այս
շփումէն
անիկա
գտաւ
իր
սիրտը
մեծցած:
Հասարակ
ասպատակի
անոր
պարունակին
մէջ
բացուեցաւ
շքեղ
ծաղիկը
«հայրենասէր»
երիտասարդին,
անշուշտ
տարբեր
դպրոցական
ծաղկանօթներու
ապրանքէն:
Էջերը
ձեռնտու
չեն՝
կազմելու
համար
լրիւ
պատկերը
նման
տղոց,
որոնք
հասարակ
ոճրագործ,
մէկէն
փոխուեցան,
լրջացան
ու
սրբացան,
երբ
հայրենիքը
զգացին
մօտիկը
իրենց
դանակներուն
աղեղին:
Հաճի
Մուրատը
տարբեր
էր
այն
միւս
սերունդէն
ալ,
որ
աւելի
ետքը
հայրենի
հողին
վրայ
ծնունդ
տուաւ
եզակի
դէմքերու,
նուիրման
ու
մահուան
խորաններուն
վրայ
գունդագունդ
զոհուող
ու
հարիւր
անգամ
աւելի
մեծ,
քան
ի՛նքը՝
ցեղը
ամբողջ:
Քառսուն
տարի
պէտք
եղաւ,
որպէսզի
սերունդի
մը
այդ
զգայնութիւնը
բիւրեղանայ
ու
ձեւի
վերածուի,
կենդանի
ճարտարապետութիւնը
կերտելով
մեր
հերոսներուն:
Հաճի
Մուրատը
իրեն
անուանակից
ու
մեր
պատմութեան
անցած
միւս
դիւցազուններուն
չէ
որ
կը
բաղդատեմ:
Զատ
մարդեր
են
անոնք
ու
զատ
միջավայրի
ու
պէտքի
ծնունդ:
Բայց
ատոնց
ընդերքէն
կ՛անցնի
ապահովաբար
ակօսը,
որ
բոլոր
Մուրատները
կ՛առնէ
կը
տանի
հայրենի
ծովուն:
Դարձաւ
իր
գեղը,
ճամբան
ծով
թափելով
քերականները,
բայց
համոզուած
ուրիշ
հրաշքներու:
Անիկա
հեռատեսութիւնը
ունեցաւ
յարատեւելու
իր
հասկցած
եղանակով,
ինքզինքը
ծածկուած
պահելով
դասական
պատմուճանին
տակ,
որով
արտօնուած
էին
գործելու,
այսինքն՝
կողոպտելու,
սպաննելու,
այրելու
բոլոր
խումբերը
Թուրքիոյ
մէջ,
--
ասպատակութեան:
Անիկա
կը
հաւատար
զէնքին
ու
կը
հաւատար
մոլեռանդութեամբ,
անոր
վրայ
դիզելով
ամբողջ
ապագան
իր
ժողովուրդին:
Միւս
կողմէ՝
կարմիր
երազին
թեւը
կը
հասնէր
մինչեւ
այդ
խուլ
գեղերը:
Կը
հասնէր
ու
կը
վրդովէր
մաշած,
սպառումէն
մսաթափ,
ինչպէս
յոյսէն
նոր
բռնկած,
մատղշուկ
սիրտերը:
Դարերուն
արգանդը
պատռիլ
կը
թուէր
ու
կրկներեւոյթը՝
իջած,
մօտեցած
մինչեւ
դուռները
սա
խրճիթներուն,
որոնցմէ
ներս
կորաքամակ,
անդամալոյծ,
կոյր
պառաւը
ա՛լ
«պզտիկ
տղայ
չէր
օրօրեր»
գեղին
սովորական
սպասին
համար,
երբ
իր
«եղբարքը»
արդէն
«ոտքի»,
կը
վազէին
ցեղին
մեծ
հրդեհին:
Կ՛աճապարէր
չորցած
պառաւը
իր
օրերգին
մէջ,
որպէսզի
իր
խանձարուրին
մէջ
աճապարէին
ոսկորները
պզտիկին,
աճէին
արագ
անոր
բազուկները,
քանի
որ
Հայրենիքին
Հեռու
Սուրբը
պէտք
ունէր
անոր
հիմա
պիճիլիկ,
վաղը
երկաթ,
գերան
մատներուն:
Հարիւրաւոր
էջեր
պիտի
գային
անբաւական՝
լրիւ
բացատրելու
համար
այն
հոգեվիճակը,
որ
մեր
երկրորդ
տղայութիւնը
ըրաւ
այլապէս
խռովայոյզ:
Ըսես՝
կենար,
մէկէն
ի
մէկ,
կեանքին
սովոր
գնացքը,
հացի,
պարտքի,
տուրքի,
հողի
ու
բերքի
համախառնուրդ
տականքը,
որուն
անունն
է
կեանքը
գեղին
ու
տար
իր
տեղը
սանկ
անսեւեռելի,
կիսամշուշ
այլուրութեան
մը:
Ամէն
մարդ
առնուած
էր
այդ
հոսանքին
մէջ
ու
երիտասարդները
եղած
աւելի
ծանրգլուխ:
Դադրեր
էին
ամէնօրեայ
վէճերը,
արիւնոտ
կռիւները
իրարու
տանն
երեսին:
Խաղաղութիւն
էր
նոյնիսկ
ժամուն
օտա
ն,
ուր
տէրտէրները
իրար
չէին
բզկտեր,
իրարու
մօրուքին
նախանձախնդիր:
Մենք՝
պզտիկներս
չէինք
զգար
այդ
ամէնը,
բայց
գիտէինք
հեռու
հայրենիքին
«հրդեհը»:
Աւելի
տարօրինակը,
զայն
բերած
էինք
մեր
հողերուն
մէջ,
ա՛յն
կէտերուն,
ուրկէ
անդին
ծայր
կ՛առնէին
թուրքերու
պարտէզները:
Աչքի
համար
ոչ
մէկ
փոփոխութիւն
ներկայող,
բայց
վերեւի
օդով
այնքան
տարբեր
այդ
ծառաստաններուն
քովէն
մեր
ոտքերը,
ինչպէս
հոգին,
կը
զգային
պաղ
ու
խեղդող
այն
բանը,
որ
թուրքն
էր,
զետեղուած,
քարացած
այդպէս
ընդերքին
մէջը
մեր
պապերուն:
Ես՝
որ
այդ
տարիներուն
քաղաք
ալ
ճանչցայ,
ու
մէկը՝
Արեւելքի
ամէնէն
թուրք
քաղաքներէն,
ուր
դամբարանները
հինգ
հարիւր
տարուան
վայրագութիւն
մը
դեռ
չէին
յաջողած
քաղցրացնել
ոսկեհիւս
պաստառին
թրքատիպ
գիրերէն,
ինչպէս
կը
ծածկէր
անիկա
հին
արքաներուն
մարմինը,
ես,
իմ
հասակակիցներուն
մէջ
ամէնէն
խոր
զգացողն
էի
այդ
հոգեբանութեան:
Թուրքը,
օտար
ու
ազատ
վայրերու
մէջ,
հիմա
է
որ
իմացական
երեւոյթ
է
եղած
մեզի
համար:
Այն
օրերուն,
անիկա
զգայնութիւն
մըն
էր
քաղաքներուն
մէջ:
Գոնէ
մեր
գեղին
մօտը,
դուռներէն
բաւական
դուրս,
լայն
հողամասերու
վրայ
կրնայինք
հաստատել:
Ու
թուրքին
չհանդիպելու
համար
իմ
ընկերները,
գեղէն,
պարտաւոր
չէին
հազար
կտոր
ըլլալու,
ինչպէս
ես
կ՛ընէի
ատիկա
քաղաքին
մէջ:
Փչեց
հովը
ու
բերաւ
այդ
գիւղերուն
ալ
վրայ
ուրիշ
բարեխառնութիւն:
*
*
*
Տէր
Մաթոսենց
Հաճի
Մուրատը,
մաքսանենգ,
ասպատակ,
պաշտօնապէս
չափուած
կառավարութեան
ուժին
հետ,
լիճին
ամփիթատերաձեւ
լեռներուն
վրայ
հաստատեց
իր
գահակալութիւնը,
գեղերուն
մէջ
հոսող
խռովքը
ղեկավարող,
աւելի
ճիշդը՝
անկէ
տարուելով:
Թեթե՜ւ,
այսինքն՝
առանց
ծանր
կապերու
(հակառակ
սովորութեան,
անիկա
լեռը
ելած
շաբթուն
իսկ
ետ
ղրկեց
իր
նշանը,
քակելով
իր
կապը
իր
նշանածին
հետ),
բայց
ինքնագլուխ,
ականջը
քիչ՝
սրճարանի
ու
քարոզի
սիրահարներուն,
մանաւանդ
Պոլսէն
ղրկուած
բարակ-վիզ
պարոններուն,
չունենալով
զգացական
տխուր
շղթաներ,
որոնցմով
տղոց
սիրտը
կը
կապկպուի
աշխարհին
համերուն
ու
մեղկ
կիներու
վիզին,
զինքը
տուներու
քաշող
(անիկա
մաքուր
էր
տասնհինգ
տարեկան
աղջկան
մը
պէս),
միշտ
առանց
դիմակի,
միշտ
անունը
պոռալով
լեռնէ
լեռ,
աճած՝
արկածով,
ոճիրով,
յանդգնութեամբ,
եփելով
տաքին
ու
պաղին,
ձիւնին
տակ
քնանալով
ու
ջուրի
մէջ
թաղելով
ինքզինքը,
օրերով
քալող,
շաբաթով
չքալող,
անիկա
միսի
տեղ
երկաթ
կը
կրէր
իր
ոտքերուն,
ու
կուրծքին
տակ՝
սիրտի
տեղ,
կտորիկ
մը
քար:
Զարնուեցաւ,
անպայման,
--
ատով
կը
զատուէր
անիկա
ասպատակային
ռազմավարութենէն--,
իրմէ
տասնապատիկ,
երբեմն
յիսնապատիկ
վեր
ուժերու
դէմ.
միշտ
ազատելով
իր
գլուխը.
ունեցած
պարագային՝
խումբը.
երբեմն
կէս
եփուած
ոչխարը:
Այս
բախումները
շատ
դիւրաւ
կը
ծանրանան
հեքիաթին
փետուրներովը
ու
կը
վերածուին,
երբ
մթնոլորտը
նպաստէ,
պատմական
կռիւներու:
Ուրիշ
բա՞ն
ըրած
է
արդեօք
մեր
մատենագրութեան
ամէնէն
«ստուգապատում»
պատմիչը՝
Ղազար
Փարպեցին,
երբ
երկու
հարիւր
էջ
է
նուիրած
Մամիկոնեան
Վահանի
ասպատակային
կռիւներուն:
Գեղերը
կ՛երգէին
իր
փառքը:
Ու
անոր
անունը
ապահով
գրաւական
մըն
էր
պատահական
ասպատակներուն
ընդդէմ:
Դաւ,
դարան,
մեծածաւալ
պաշարում
անզօր
մնացին
անոր
կրունկներուն
եւ
մատներուն
դէմ:
Փշրեց,
սարդի
ոստայն
մը
աւրելու
դիւրութեամբ,
ոստիկանները,
երբ
իրենց
անծանօթ
լեռներու
սիրտին
փոխանակ
հետապնդելու՝
շուքերու
տակ
քուն
կը
քաշէին:
Անոր
բնազդը
հասաւ
արտակարգ
յայտնումներու:
Քունը
եղաւ
լուսաւոր
ու
լեցուն
ուրիշ
կեանք
մը,
որ
կը
նախապատրաստէր
անոր
ցերեկը
ու
կը
գծէր
անոր
ճամբաները:
Անիկա
այնպէս
վարժեցուցեր
էր
իր
զգայարանքները,
որ
անոնք
ստացած
էին
խոր
պայծառութիւն,
աւելի
հարազատ
բառով
մը՝
պայծառազգացութիւն:
կը
լսէր,
ժամ
մը
տեղէ,
թշնամիին
շշուկը
ու
կը
տեսնէր
վտանգը
դեռ
լերան
ետեւէն:
Մարդերը
բացուած
թուղթի
կը
նմանէին
ու
կը
զատէր
անոնց
մտածումներուն
զսպանակները
անվրէպ
գիտութեամբ:
Այս
գերզգայնութիւնը
ըրաւ
անոր
անունը
կախարդութեամբ
պսակաւոր:
Հնօրեայ
քահանայ
մը,
իննսուն
տարեկան,
թուղթ
բացող,
որ
ունեցեր
էր
խռով
երիտասարդութիւն
ու
քանի
մը
մեծ
մեղք,
եւ
որ
քաշուած
կ՛ապրէր
իր
գեղէն
ուրիշի
մը
մէջ,
խուլ,
խեղճ
ու
հեռաւոր
խորշ
մը՝
լեռներուն
մէջ
կորսուած,
լսեց
անոր
համբաւը:
Կղպուած
անոր
շրթունքները,
փրթուկ
թելի
մը
վերածուած
անոր
շունչը
զինքը
անկարող
կ՛ընէին
պաշտամունքի:
Տարին
տասը
հեղ
հազիւ
քալելու
կարող,
ինչպէս
հինգ
քայլ
հեռուն
զատելու
անկարող,
բարձրացաւ
լեռնաշղթան,
գտաւ
ասպատակը
այն
ջուրի
գլխուն,
ուր
անիկա,
դեռ
երիտասարդ,
կի՜ն
էր
լոգցուցեր,
քաղաքէն
բերուած.
օրհնեց
անոր
մատները
մէկիկ-մէկիկ
անծանօթ
տարազէ
աղօթքներով,
օրհնեց
կրունկը,
աջը
զատ՝
ձախը
զատ,
գանկը,
կռնակը,
զիստերը,
սիրտը:
Տարիներէ
ի
վեր
աղօթքի
փակուած
այդ
միտքը
ուրկէ՞
կը
ճարէր
այս
գրաբար
բանաձեւերը:
Քահանան
սրտառուչ
էր
իր
տկարութեան
ու
հաւատքին
զօրութեան
հակապատկերին
մէջ:
Անիկա
ծռեց
անոր
գլուխը,
ճիտէն
անցուց
փոկը
եռանկիւն
համայիլին,
կաշեպատ
կողքի
մը
մէջ
ամրացած:
Տէր
Առաքելը
(անունը
կը
կրկնէր
փոխանակ
առաջին
դէմքով
աղօթելու)
գերագոյն
զոհողութիւնը
կ՛ընէր
մատղաշ
երիտասարդին:
Կը
պահէր
յուռութքը
իր
հոգուն
համար:
Անիկա,
հին
մեղաւոր,
սարսափին
մէջը
կ՛ապրէր
հոգեւարքին
ու
այդ
պահը
քաղցր
ընելու
համար
բարձին
տակ
կ՛ուզէր
հրաշագործ
եռանկիւնը,
որուն
ձեռագիր
մէկ
հատուածը
կը
փաստէր
հոգին
տալու
գիտութիւնը,
հարց-պատասխանիով,
հոգէառին
հետ:
Պագաւ
անոր
ճակատը:
Ապահովցուց
զայն
աշխարհին
բոլոր
չարքերուն
դէմ:
Եռանկիւնը
զայն
պիտի
պաշտպանէր
ոչ
միայն
թուրքին,
այլեւ
դեւերուն
դէմ:
Իջաւ
իր
գեղը,
Սիմէոն
ծերունիին
նման,
լուաց
ձեռքերը
ժամուն
աղբիւրին
ու
պատրաստուեցաւ
մեռնելու,
բերնին՝
գեղեցկութիւնն
ու
քաղցրութիւնը,
փառքն
ու
գովեստը
լեռներու
առիւծին:
Թուրքերը
այդ
օրերուն
դեռ
չէին
որդեգրած
ասպատակին
համար
գեղերը
պատժելու
քաղաքականութիւնը:
Կառավարութիւնը
ձերբակալութիւններ
ըրաւ,
բայց
քիչ
ծաւալով:
Ասպատակին
մեծ
հայրը,
Տէր
Մատթէոս
աւագ,
որսորդ,
հայհոյիչ
քահանան,
ինչպէս
կը
պիտակէր
զայն
Առաջնորդը,
միշտ,
անունը
տուած
ու
յիշած
ատեն,
թոռանը
մեղացը
համար
քաշկռտուեցաւ
Պրուսա:
Մտաւ
Առաջնորդարանին
զնտանը,
հակառակ
իր
ութսուն
տարիներուն՝
երիտասարդի
մը
պէս
ուղիղ
ու
ալեփառ,
ենթարկուեցաւ
աղուհացի
պատժին
ու
փրկելու
համար
օձիքը
անօրէնին
ժանիքներէն,
ստիպուեցաւ
անոր
զիջիլ
տարիներու
մերժումէ
մը
ետք
ձեռագիր
ու
գեղանկար
հնօրեայ
աւետարան
մը,
զոր
կը
սիրէր
զաւկէն
աւելի
ու
գուցէ
անձէն
աւելի:
Որ
հազարներով
մարդ
էր
բժշկած,
ամէն
ազգէ
ու
տարիքէ
եւ
հազարներուն
ալ
հոգին
արձակած
էր
մարմինին
գելումներէն,
երբ
մեղքերուն
սոսինձին
մէջ
այդ
հոգիները
չկարենային
ազատուիլ
անոնց
տոռունքներէն:
Տէր
Առաքելին
հմայեկը
եւ
Տէր
Մատթէոսին
աւետարանը
իրար
կ՛արժէին:
Ու
ծախեց
անիկա
ականակուռ
իր
խաչը,
գերդաստանին
նոյնքան
նշանաւոր
ուրիշ
մէկ
յիշատակարանը,
հրաշագործ,
որքան
գեղեցիկ,
ամենազօր՝
դեւերուն,
ինչպէս
ցաւերուն
դէմ,
որով
օրհնուելու
կը
վազէին,
եօթը
լեռներէն,
թլփատեալներն
անգամ:
Որ
կ՛անցնէր
թոռնէ
թոռ
ու
կ՛աճէր
իր
ուժին
ու
սկզբնական
հեքիաթին
մէջ,
վերանալով
մինչեւ
Քրիստոսի
Կենաց
Փայտը,
որմէ
մասնիկ
մը
կը
պարունակէր
քառաթեւին
հանգոյցին
խորը,
ըլլալով
սիրտը
պատկերին,
հասնելով
բոլոր
սիրտերուն
մուրատին:
Իր
զաւակը
թաղած
օրը,
Տէր
Մատթէոսը
չէր
լացած
այնքան,
որքան
ըրաւ
ատիկա,
խաչէն
բաժնուած
ատեն:
Եպիսկոպոսը,
օրինապահ
թուղթի
վերաբերեալ
բոլոր
ձեւակերպութեանց
համար,
կազմեց
գրաբար
արձանագրութիւն,
յիշելով
հեքիաթը,
թուականներով
եւ
պատմական
փաստերու
առատութեամբ
մը,
հանելու
համար
խաչին
հնութիւնը
մինչեւ
առաքեալներուն
դարը
ու
արձակեց
բանտարկեալ
ծերունին:
Գեղ
դարձին,
աւելի
մեռել,
քան
թէ
ողջ,
կանչեց
թոռը
իր
հոգեւարքի
սնարին:
Հաճի
Մուրատ
մտաւ
հայրենի
երդիքին
տակ,
աչքերը
այրած
ու
հոգին՝
պողպատ:
Նստաւ
ծունկի՝
մեծ
հօրը
թեւին
հասողութեանը:
Մեծցած:
Անոր
կուրծքը,
կարծես
տեղ
գտնելու
համար
վեց
շարք
փամփուշտներուն,
աճեր
էր
տարապայման,
լեցուած
եւ
ուռած,
ցեղին
ցաւէն
դէպի
դուրս
Անոր
աչքերը
էին
բարի,
երկաթէ
բխող
անհուն
տրտմութեամբ:
Ու
անոր
այդ
խոնարհած
պատկերին
մէջ
կանգուն
էր
մեր
ցեղին
անխորտակելի
ինքնութիւնը,
ան՝
զոր
դէպքերը,
դարերը
ջանացին
փշրել,
կողոպտել
մենէ
եւ
որ
մնաց
մեր
ներսը,
գալով
մինչեւ
մեր
օրերը:
Անոր
մայրը,
ոտքի՝
այդ
զաւկին
վերեւ,
լալու,
ինչպէս
յուզուելու
անկարող,
մատները
հիւսած
մատներուն,
կը
ջանար
մեղմել
սլաքումը
իր
սիրտին,
սուր,
իրաւ,
շերտ-շերտ
ու
պահ-պա՜հ:
Ու
անոր
կուշտին
մատաղատի
աղջիկը,
ան՝
որ
հարսը
պիտի
ըլլար
այդ
տունին:
Կիսաքող
ու
դարսած:
Ճերմակ
աւելի
քան
երկօրեայ
մեռե՜լը:
Որ
աչքերը
գամած
երիտասարդին
դէմքին,
պուտ-պուտ
դուրս
կու
տար
ինչ
որ
կիներու
սիրոյն
իսկութիւնն
է
եղած:
Հոգեւարը
գտաւ
ինքզինքը:
Անոր
բառերը
պարզուեցան
«մահուան
ստուերներէն»:
Օրհնեց,
առանց
տխրութեան
դոյզն
նշանի,
թոռան
վտանգահար
գլուխը,
երեք
հեղ
խաչանիշ
կնքելով
անոր
գանկն
ու
ճակատը:
Ու
հակառակ
իր
ուժերուն
սպառսպուռ
նոուազման,
հոգին
տալէ
առաջ
դրաւ
անոր
անունը
ԳԱՅԼ
ՎԱՀԱՆ:
Երբ
փակուեցան
անոր
աչքերը
ու
մօրուքը
ճերմկցաւ
մարմինէն
առաջ,
տունը
թաղուած
էր
արցունքի
մէջ:
Գիշեր
էր
ատենը:
Ու
քահանային
հոգեւարքը
իշխանի
մը
մահին
չափ
աղմուկ
կը
բանար:
Գեղը
շարժեցաւ:
Ու
խուժեցին
տուն:
Անիկա
պահուեցաւ
տանը
ախոռին
մէջ
ու
սպասեց,
որ
կատարուին,
ամբողջ
ու
անայլայլ,
քահանայաթաղի
պաշտօնական
արարմունքները
տունէն
ներս:
Ու,
առանց
մեծ
հրացանի
ու
փամփուշտի,
պարզ
սգաւոր,
հետեւեցաւ
մեծ
հօրը
թափօրին
մինչեւ
եկեղեցի:
Առանց
թարթելու
անցաւ
շուկայէն,
ուր
չորս
ոտտիկան
չշարժեցան
իրենց
տեղէն,
հակառակ
անոր,
որ
ունէին
հրաման
զայն
սպաննելու
ո՛ւր
որ
հանդիպումը
ընէին:
Ու
յուղարկաւորներուն
սառած
զարմանքին
մէջ
մտաւ
ժամ.
վառեց
աւուր
պատշաճի
աշտանակին
վրայ
իր
մոմը,
իջաւ
ծունկի
մահաբեմին
հանգչած
դագաղի
կուշտին,
գլխաբաց
ու
խոնարհ:
Եկեղեցին
կը
լեցուէր
անդադար:
Ու
անոնց
հետ՝
սարսափը
հաւանական
բախումին:
Անհոգ,
իբր
թէ
ըլլար
իր
լեռներուն
ներսը,
անիկա
սպասեց
արարողութեանց
աւարտումին:
Լուսարարը
մարեց
կանթեղներըու
խունկը
հոտեցաւ
քրտինքէն
յաղթուած:
Գերեզման
իջնելէ
առաջ,
նոր
իր
կեանքին
անդրանիկ
օրը
քահանան
կ՛անցընէ
եկեղեցիին
մէջ:
Հանուեցան
իրենց
շապիկներէն
դպիրները,
ու
տէրտէրները՝
իրենց
շուրջառներէն:
Ամբոխը,
անկարող
կենալու,
ինչպէս
դուրս
ելլելու,
կը
յուզուէր
ինքն
իր
ծփանքին
մէջ:
Անիկա
ծռեցաւ
պառկողին
դէպի
գլուխը,
նայեցաւ
խոր
խունկի
գոյն
այդ
խաղաղութեան:
Վճարեր
էր
ծերունին
իր
պարտքը
մեր
աշխարհին:
Երնէ՜կ
իրեն:
Ո՜վ
գիտէ:
Պիտի
թաղուէր
իր
պապերուն
քով,
առքով
ու
փառքով:
Պիտի
ելլէր
իր
հողքէն
դատաստանին
օրը,
իրեններուն
հետ:
Ի՜նք:
Թո՜ռը
այդ
մեռելին:
Ու
պղտոր
եղաւ
անոր
ուղեղը՝
ինչպէս
խմոր
մը,
զոր
մեծ
բուռ
մը
կը
ճզմէ:
Պագաւ
անոր
ճակտէն,
աչքերէն,
խաչաձեւ
կուրծքին
հանգչող
ձեռքերէն:
Ու
փղձկեցաւ:
Անոր
հետ՝
ամբողջ
ժողովուրդը:
Անոր
մայրը,
որ
տարօրէն
դալուկ՝
պլլուեր
էր
վիզին
ու
չէր
կրնար
լալ:
Անոր
հետ՝
նշանածը,
հեքիաթի
սրբուհիի
մը
նման,
դեփ-դեղին,
որ
տեղը
կ՛ուզէր
երկու
գիրկերուն
մէջտեղը:
Ինչպէ՞ս
ու
ե՞րբ
հաներ
էին
զինքը
դուրս:
Անիկա
հազիւ
ազատեցաւ
իր
մօրը
գրկախառնումէն,
որ
մատաղ
մեռած
իր
ամուսինը
կը
գրկէր,
այդ
պատկերին
վրայով,
գուցէ
վերջին
անգամ:
Պլլուած,
անքակտելի.
շաղուած՝
տղուն:
Մայրերու
սի՜րտ,
գոնէ
քեզ
յարգելու
համար,
թուրքերը
մոռնալու
չէին
ծնած
ըլլալնին:
Տուն
չդարձաւ
սակայն,
հոգեհացը
ուտելու,
վասնզի
գազա
յէն
ժամանած
ոստիկաններ
հետզհետէ
կը
բռնէին
զառիթափերը
գեղին:
Անցաւ
փողոցներէն,
պահելով
գնդակին
հեռաւորութիւնը
իր
եւ
ոստիկաններուն
ընդմէջ:
Անոր
սարսափը
պարտադիր
կ՛ընէր
այս
զգուշաւորութիւնը:
Դեռ
թուրքերը
թնդանօթ
չէին
գործածեր
խաղաղ
գեղերու
վրայ:
Ելաւ
դուրս
գեղին
շրջանակէն,
երկաթէ
ցանցապատ
առարկայի
մը
նման:
Ոստիկանները
ինկան
ետեւէն,
բայց
չմօտեցան:
Եօթը
չէ,
տասնով
եօթը
հոգի
ունէր
անիկա,
ինչպէս
ընդհանրացուցած
էր
հեքիաթը
իր
վիրաւորումներով:
Քանի՜-քանի՜
անգամ
զինքը
կը
հաւաստէին
«սատկեցուցած»
ըլլալ
քաջարի
ոստիկանները,
կշռելով
ձայնը
իրենց
գնդակներուն,
որոնք
հողին
ու
միսին
մէջ
տարբեր
կշռոյթով
կը
թափանցեն:
Քանի՜-քանի՜
անգամներ
անոր
արիւնը
վազած
էր,
ինչպէս
կը
ճշդէին
կառավարութեան
ուղղուած
տեղեկագիրները,
հետեւելով
արեան
կաթիլներուն
որոշ
հեռաւորութիւն
մը
մինչեւ,
ուր
մարդկային
ամէն
արիւն
ինքնաբերաբար
սպառած
կ՛ըլլար,
քանի
որ
մէկ
կողմէն
չի
բխիր
կրկին:
Հակառակ
այս
ամէնուն,
անկէ
չէր
ելած
ոչ
իսկ
մէկ
հոգի:
Ինչպէս
առաջ,
թաղումէն
ետքն
ալ,
անիկա
եղաւ
գոյ,
ամէն
տեղ
ու
ամէն
ատեն:
Մէկ
գիշերուան
մէջ
անիկա
կը
կտրէր
«եօթն
աւուր»
ճանապարհ,
ինչպէս
կը
պոռար
երգը,
որ
անոր
քաջագործութիւնները
կը
փառաբանէր
այդ
օրերուն
եւ
նորութիւն
կը
բերէր
ժողովրդական
բանահիւսութեան
մէջ,
տարփանքէն
ու
եղերատիպ
մահուան
նուիրուած
գովքերէն
դուրս,
սիրոյ
սեւ
արիւն
ը
փոխարինելով
նոր
կրակ
ով,
ու
վազցնէր
ամբոխին
երակներէն
այն
անորակելի
բանը,
զոր
գերութեան
մէջ
թմրած
ժողովուրդ
մը
ընդունակ
է
զգալու,
իր
պատմութեան
կարգ
մը
պահերուն:
Կու
գայ
ատենը,
տեղը,
երբ
ազգասիրութիւնը
վարժապետներուն,
ճառախօսներուն,
ազգային
պատկառելի
ժողովին
անդամ
երեսփոխաններուն
ու
երդում-պատառ
կտրող
լրագրողներուն
մենատիրութեանը
մէջ
լլկուած,
լղրճուած
բառը
կը
դադրի
ըլլալէ
ու
իբրեւ
կրակի
ալիք
մը
կ՛անցնի
մեր
հոգիներէն,
ինչպէս
դասական
սուրը՝
Աստուծոյ
մօրը
սրտէն:
Այդ
օրերուն
փլած
էին
կամուրջները,
որոնք
պաշտօն
ունին
թուղթը
կապելու
միսին:
Բառէն
ու
մելանէն
վեր:
Ձայնին
պողոտաներէն:
Այո՜:
Ու
երգը
կ՛ոգէր
ուրիշ
աւելի
քաղցր
բաներ,
սանկ
մօտիկ,
պատահած,
պարագայի
ու
պահի
անջինջ
կնիքով
մը,
տարազել
ջանալով
մեծութիւնը
անոր
գորովին,
խորութիւնը՝
անոր
ցասումին
ու
շէրպէթ
ն
ու
էլմաս
ը՝
անոր
հոգիին:
Ու
կ՛երգէր
տակաւին
անոր
սիրտը,
ծովուն
նման,
ալիք-ալիք,
խելօք-խելօք,
բայց
որուն
յատակէն
վեր
ցցուիլ
գիտէին
գլուխները
հսկայ
կոհակներուն:
Ու
կը
տիրէր
այդ
տղան
գեղերուն,
ինչպէս
ծովուն,
Եալովայէն
Իշխանաց
կղզիները,
միտքէ
խուսող
ծպտումներով
երբ
կ՛անցնէր
անիկա
ծովային
ուժերու
շղթան,
ձմերուկով
մը,
մեծկակ
ոսկեձուկով
մը,
կալոն
մը
օղիով
կամ
օխա
մը
խաս
ծուխով
կաշառելով
պահակ
մակոյկները:
Կ՛անցնէր
իբր
մաքսանենգ,
տաճիկ
անուններով.
համարձակ,
տարօրինակ
հով
մը
վրան,
զոր
վտանգին
արհամարհանքը
կ՛առաջացնէ
մեր
շուրջը,
արգիլուած
ապրանքը
իբրեւ
լաստ
գործածելով,
խմելով
դէտերուն,
ոստիկաններուն
հետ
բնական
յանդգնութեամբ
մը,
իր
ծպտումները
բանալով
անոնց,
շահելու
համար
անոնց
վստահութիւնը:
Ու
կը
մխուէր
Պոլսոյ
գռիհներուն
մէջ,
սնդիկի
նման,
մէկէն
միւսը
սահող,
անչափելի
ու
խռովիչ:
Արեւելքի
մէջ
անհուն
է
ձգողութիւնը
այդ
փակտ
երուն:
Ցեղային
թոյնը
անզօր
է
այդ
հմայքին
դէմ:
Կը
ծածկէր
իր
հետքերը
քարափի
եւ
օղիի
իր
ընկերներէն:
Նոյն
դիւրութեամբ՝
հաստ
ու
աչալուրջ
ոստիկանութենէն,
որուն
լաւագոյն
տարրերը
տարուած
էին
վեհապետին
կասկածները
խորացնելու,
ժուռնալ
եղած
անձնաւորութիւնները
հսկողութեան
տակ
պահելու,
թողլով
բոզանոցները,
գինետուները,
բեռնակիրներու
հաւաքավայրերը
կէս
գրող
կամ
բոլորովին
անգիր
արարածներու:
Դեռ
հայկական
ըմբոստութիւնը
թուղթի
ցուցմունք
էր
անոր
համար:
Ու
հայ
խռովարարը՝
անծանօթ
կենդանի,
զոր
կը
վարանէին
տեսնել
խաղաղ
տարազին
ներքեւ,
որով
կը
պիտակուէին
պարզ
ուսանողներ
ու
արհեստաւորներ,
ապահովաբար
լրտեսներու
անձնական
ատելութեանց
զոհ,
քան
թէ
իրական
չարագործ:
Ու
կը
կաշառուէր,
բացի
անգիտութենէ,
այդ
ոստիկանութիւնը
շատ
մը
ուրիշ
պատճառներով,
--
ամէնէն
առաջ՝
փորին
պատգամով:
Ալիւրի
ներկուած
պարկերը
իբր
համազգեստ
հագնող
այդ
մարդիկը,
ամիսներով
առանց
թոշակի,
կը
հոգային
իրենց
զաւկըները
հանդիպողին
կռնակէն,
ու
կը
թողուին
իրենք
զիրենք
խաբուիլ
ու
սպասել
գիտնալ:
Այս
տրամադրութենէն
օգտուող
Հաճի
Մուրատը
կը
սահէր
շտապ,
դէպի
վեր
թաղերը,
խաները,
փլուկ
տուները,
հրդեհէ
լքուն
վայրերուն
մէջ
կիսակործան
ու
ցամքած
սառնիճները,
գիշերապահներու
խուցերը,
զանազանելով
անվրէպ
հոտառութեամբ
մը
հայը
թուրքէն:
Փնտռա՞ծը:
Միշտ
նոյն
բարակ,
նազիկ
պարոնները:
Տարօրինակ
էր,
որ
ըլլար
թերահաւատ
անոնց
գործունէութեան
վրայ.
չբաժնէր
անոնց
լաւատեսութիւնը.
հեգնէր
անոնց
մանաւանդ
ռազմական
ծրագիրները,
պատգամները.
չհաւ[ա]տար
թուրքին
թիւը,
երբ
կը
տրուէր
մօտիկը
իրենց
զինուորներուն:
Բայց
փնտռէր
զանոնք,
հզօր
կարօտով:
Ու
այնքան
մեծ
վտանգներու
գնով
ընէր
այդ
ճամբան,
դէպի
բարակ
այդ
պարոնները:
Ի՞նչն
էր
զինքը
քաշողը:
Յստակ
չէր
ատիկա
իրեն
համար:
Բայց,
նոյն
այդ
բարակ
մարդոց
քով
էր,
որ
անիկա
հանդիպումը
կ՛ընէր
ուրիշներու,
այս
անգամ
իր
կաղապարէն,
անպատմելի
տղաք,
ամբողջ
խանդ
ու
խռովք:
Որոնց
ճակտին
կը
վառէր
յստակ,
կանթեղը
ցեղին:
Լուրջ,
բայց
ջերմ
անոնց
ամբողջութիւնը
առանձին
հպարտութիւն
մը
իբրեւ
կը
տպաւորէր
զինքը:
Մէկ
նայուածքի
մէջ
իրենց
ներսը
եղածն
ու
չեղածը
հրապարակ
դնող
այդ
երիտասարդները
կը
խօսէին
տարբեր
լեզու,
կը
հագնէին
տարբեր
տարազ
ու
հակառակ
անոր,
որ
բառերով
հաղորդակցութիւն
մը
կը
թուէր
դժուար,
անոնք
իրար
կը
հասկնային:
Լոյսի
բռնուած
բիւրեղին
նման
թափանցիկ
էին
անոնք,
մեծ
ու
հզօր
զգացման
մը
մէջ,
որ,
ինչպէս
պատրոյգին
լեզուն՝
կ՛այրէր
անոնց
հոգիներէն:
Ու
մէկ
էր
անոնց
զանազանութիւնը:
Այդ
բարակ
պարոններուն
մօտն
էր,
որ
անիկա
սորվեցաւ
ճանչնալ
մշեցին,
վանեցին,
պիթլիսցին,
սվազցին,
կարնեցին
եւ
զանազան
ուրիշ
վայրերէ
Պոլիս
ինկած
իր
եղբայրները,
նոր-նոր
հայեր,
ըսես
ուրիշ
ժողովուրդի
զաւակներ,
երբ
առաջին
շփումը
կ՛ունենաս
հետերնին,
բայց
պահ
մը
ետքը
տարօրէն
նման
իրարու:
Որոնք
իրենց
մարմինին,
ինչպէս
հոգիին
մէջ
կը
կրէին
թաքթաքուր
ակեր,
հեռաւոր
զանակներ,
այսօր
իրար
հերքելու
չափ
հեռացած
իրարմէ,
բայց
որոնք
կնիքը
կը
պարզէին
հասարակաց
ապրումին,
լինելութեան,
երբ
պատմութեան
սեւ
հովերը
չէին
տարտղնած
անոնց
պապերը
իրենց
հողերէն:
Ու
բուռն,
վայրագ
բան
մը,
կերպարանքէ
կամ
կեցուածքէ
չբխող,
այլ
վարերէն՝
հոգիին
անդունդներէն
վերցուած,
կը
մկրտէր
այդ
բոլորը
նոյն
կրակով:
Հաճի
Մուրատ
իր
զուսպ
մարմինովը,
բաց
դէմքովը
հեռու
էր
իր
համբաւին
հաւատարիմ
իյնալէ:
Զինքը
կը
յարգէին
սակայն
իր
անվրէպ
կրակին
ու
սնդիկէ
իրանին
համար:
Չէին
հասկնար
անոր
նուիրումը
իր
լեռներուն,
քանի
որ
ասդին
գէօրծ
ը
պէտք
ունէր
իր
բազուկներուն:
Անոնց
հաստ
ու
միակտուր
տրամաբանութիւնը
սկիզբները
նեղող,
քիչ-քիչ
տեղ
գտաւ
անոր
միտքին
ու
արդարացուց
անոնց
կպրահիւս
ատելութիւնը,
որ
կը
թանձրանար
աչքէ
ու
դէմքի
միսէ,
երբ
Երկրէն
նամակը
կ՛իյնար
առջեւնին,
ճմուռ-ճմուռ,
աղտոտ,
բայց
որուն
մէջ
պզտիկ
քոյրը
կը
փախցուէր
քիւրտին
պէկէն
կամ
ծեր
հայրը
կ՛ըլլար
անդամալոյծ
պէկին
ոտքերէն
կոտրտուած:
Այդ
ընթերցումներուն,
մութը
կը
պատէր
բոլորը:
Ու
անիկա
այդ
ճամբով
է,
որ
ունեցաւ
գիտակցութիւնը
իր
չունեցած
ցաւերուն:
Այդ
դժբախտ
բեռնակիրները
տպաւորութիւնը
կու
տային
շատ
աւելի
խոր
ու
հեռու
գացած
ըլլալու՝
զգայնութեան
մը
մէջ,
որ
կը
լարէր
անոնց
բոլորին
ալ
ջիղերը,
ինչպէս
ելեկտրական
հոսանք
մը
եւ
որ
անպարփակ
զգացում
մըն
էր
ատելութեան
--իսկական
ցաւ,
շատ
աւելի
բուռն,
քան
միսերուն
հանդուրժածը:
Վասնզի
չխեղդուելու
համար
«հոգի
կը
պարպէին»:
Անաղմուկ,
էրիկմարդ
լացն
էր
ատիկա,
առանց
արցունքի:
Աւելի՛ն:
Հակառակ
քաղաքին
մէջ
ազատ
երթեւեկ
ունենալնուն,
այդ
տղոցմէն
կը
յառնէր
անձկագին
ու
շղթայուած
բան
մը,
գերութեան
ու
անոր
հետեւանք
անյատակ
յուսահատութեան
պատկերը,
զոր
կը
կրէր
անիկա
լեռ
ելլելէն
ասդին
--
իր
հոգին
տոպրակը
դրած
հայու
զգայնութիւն,
որուն
արգիլուած
պիտի
ըլլան
աշխարհին
մեծ
ու
պզտիկ
համերը:
Ամէն
րոպէ
մահուան
շուքը
վրան
առած
ասպատակ
մը
իր
լեռներուն
պէտք
ունի
ինքզինքը
մոռնալու:
Ասո՞նք:
Ո՞ւր
թաղել
հոգիին
շղթաները:
Ու
տակաւին
Հաճի
Մուրատին
մէջ
կը
պակսէր
ինչ
որ
հոդ
հաւաքուած
մարդերը
ածխացած,
քարացած
բանի
մը
կը
վերածէր
--
կնիկի,
զաւկի,
ծնողքի
ու
մեր
ամէնէն
նուիրական
լարերուն
հասցուած
բիրտ,
անոպայ
այն
հարուածը,
որով
տուն
մը,
գեղ
մը,
երբեմն
ամբողջ
ժողովուրդ
մը
կը
քայքայուի,
կտրտուելով
իր
հոգիին
երակային
դրութեանը
մէջ:
Սա
մէկը
Վանէն,
թաց
ու
հաստ,
ամբողջ
կզակ
ու
շրթունք,
ամբողջ
մկան
ու
ատելութիւն:
Որուն
կինը
տարած
էին
լեռ,
սպաննած,
վրայէն
անցնելէն
ետքը:
Կը
նայէր
դէմը,
տեսնելո՞ւ
պատկերը
թէ
չտեսնելու:
Լուռ
էր
ու
կացինահար
ու
կը
շոգիացնէր
քիթին
մէջ
արցունքը,
միտքը
սեւեռ
կարմիր
կնիքին,
թուղթին
վրայ
կլորցող,
ինչպէս
վրէժխնդիր
աչք
մը,
որ
պիտի
թեւաւորէր
զինքը,
ու
թռցնէր
պիտի
իր
սարերը
դէպի:
Ան
ի՜նչ
անգթութեամբ
անիկա
պիտի
կէօխէր
պկին
էնոնց,
որոնք
խարամ
ըրին
Աստծոյ
արեւը
իրեն:
Ու
չէր
անդրադառնար,
որ
ծունկի
էր
ելած,
դրած
մէկ
ոտքը
կեատային
մէջքին
ու
միւսը
ըրած
անկիւն,
դիմաւորելու
բազուկը,
որ
կ՛իջնէր
պկին...
Ան
միւսը,
գրեթէ
նոյն
պատմութեամբ,
բայց
նուրբ
ու
կարմրաւուն
դիմագիծով,
լեռնագեղ
ու
թրթռուն,
որ
կը
նայէր
թուղթին
ու
կու
լար
զայրոյթէն,
ողնուղեղին
մէջ
որդէ
մը
հալածուածի
պէս
ուսերը
վեր-վեր
նետելով,
ու
ափը
զարնելով
ճակտին.
հէյ
վա՜խ
մեր
նամուսին:
Կարնոյ
գեղերէն
կապտաչուի
ու
մանկադէմ
այդ
երիտասարդը
ինչպէ՜ս
կը
պնդէր,
որ
հագուեցնեն
զինքը,
լայն
զգեստներով,
տակէն
կաշի,
ամէն
կողմը
գրպան,
ուր
դրուէին
Զատկի
հաւկիթները
ու
ինք
սլանար
թագաւորին
պալատը,
բոց
տար
մարմինին
ու
պայթէր
հազար
բերանով
ու
պայթեցնէր
անաստուած
գազանը:
Ու
բոլո՜րը,
ամէն
մէկին
մէջ
մէյ-մէկ
խաչելութիւն,
մէյ-մէկ
մահաբեմ,
կամ
լուսնի
չափ
վէրք,
որմէ
արիւն
ու
թարախ
ծորէր
անոնց
հոգիին
բոլոր
ճամբաներուն,
մինչեւ
թաքնագոյն
խորշերը,
անցք
բանալու
համար
կարմիր
արհամարհանքին:
Չկար
մէկը,
որուն
սրտին
վրայ
մարդ
մը
կախած
չըլլային:
Դեռ
Հաճի
Մուրատը
կ՛անգիտանար
միւսները,
թուրքին
զնտանին
մէջ
քարէն
աւելի
քարցած
անմահ
վկաները
մեր
նոր
նահատակութեան,
որոնց
մօտիկ,
մեր
պատմութեան
սրածումները,
ասոնց
զոհերուն,
սուրբերուն
հեքիաթը
այսօր
իրականութեան
կը
փոխուի,
բացատրելով
մեզի
առասպելը,
խորախորհուրդ
միթ
ը
մեր
ճակաատագրին:
Ուրիշ
կերպ
չէին
ապրած
անոնք,
հինգերորդէն
մինչեւ
քսաներորդ
դար:
Անիկա
աճեցաւ
իր
հոգիէն:
Գիտէք
ատիկա:
Ուրախ
էր
անիկա,
որ
իր
ժողովուրդը
չէր
մինակ,
ինչ
որ
տեսած
էր
ինքը
իր
շրջանէն,
համեմատական
բարեկեցութեամբ,
եղով
ու
գինիով
լիացած,
տէրը
իր
հողին
ու
կնիկին,
մինչեւ
որոշ
աստիճան:
Ու
չէր
իր
ժողովուրդը
թոյլ
ու
լխկած
պրուսացին,
որ
կը
վախնար
նոյնիսկ
պապերուն
լեզուն
խօսելու:
Ոչ
ալ՝
Ստամպոլի
սա
բարակուկ
ու
քիչիկ
պարոնները:
Ան
միւսներն
էին
իր
ժողովուրդը,
կոշտ
ալ,
նուրբ
ալ,
ամէն
մէկը
իր
ափ
մը
մարմինին
վրայ
համառօտող
մեր
պատմութեան
մեծ
շերտերը,
յօրինող՝
մասերը
մեր
հայրենիքի
հաւաքական
դէմքին,
իրենց
տանջահար
երեսներու
կտաւին,
ու
ծորելով,
բաբախուն
շունչի
մը
նման,
աղապատանքը,
որ
մեր
պատմութեան
մշտական
ճենճերն
է,
մխալն
է,
մեր
երաժշտութեան
շէրպէթ
ը
ու
մեր
հարսներուն
առքը:
Ան
կը
հիանար
այն
արուեստին
վրայ,
որ
կը
շինուէր
այսպէս,
տրտմութեան
եւ
ուժի
փոփոխակ
զգայութիւններէ:
Անցէք
որեւէ
զուտ
հայաբնակ
գեղէ:
Պիտի
տպաւորուիք
ներամփոփ
այդ
խառնուրդէն,
որ
զուսպ
տունն
է
դուրսին
վրայ
ու
լայն,
խաղաղ
հանգիստը՝
դէպի
ներս:
Բայց
որուն
վրայ
կախուած
կը
մնայ
ճակատագրին
սուսերը,
դարէ
դար,
անարգ
ձեռքերէ:
Առնութիւն:
Ուժգնութիւն:
Քովիկը՝
անդարման,
անյատակ
թախիծին,
որ
մեր
բոլորին
աչքերը
կ՛ընէ
տարտամ,
ջերմահար,
ու
դէմքին
բխումը՝
խիստ,
վայրագ
ու
վանող:
Որ
մեր
քաղքենին
կը
մղէ
փոքրութեան,
ինքզինքը
մոռնալու
չափ
ուժով
մխուած
ճահիճէն
ներս:
Իսրայէլի
զաւակները
այսպէս
էին
դեղին
կուռքին
նուաճումէն
առաջ:
Խրոխտ
ու
անսպառ
լաւատեսութիւն,
յօրինում,
ինքնապատրում:
Ու
այս
ամէնը՝
այդ
հաւաքումներէն,
ինքնահոս
ժայթքում,
առանց
քարոզի,
պատրաստութեան,
հռետորական
իմաստութեան:
Ի՜նչ
սրբազան
հաղորդուիլ
մըն
էր
ատիկա,
անյայտ,
բայց
կարծես
ծանօթ
խորհուրդի
մը,
զոր
լիովին
չէր
հասկնար,
բայց
կը
զգար
հատուածակի:
*
*
*
Վտա՜նգը:
Գլխագրեցէք
այդ
բառը:
Վասնզի
այդ
օրերուն
լրագրի
ու
բեմի
զբաղում
չէր
այդ
հաղորդութիւնը:
Մահուան
արհաւիրքը
այդ
ահէն
վար
կը
մնայ,
գոնէ
տեւողութեան
աստիճանին:
Մռայլ
ու
քարկամար
սենեակներու,
բուներու
անկիւնը,
այդ
տղաքը
կը
հաշտուէին
երկար
հոգեւարքին:
Մինչ
հնօրեայ
լուսամուտէ
մը
կը
հեռանար
մեծ
քաղաքը
իր
շէնքերուն
ատամնաւոր
ու
բարբարոս
ծանրութեամբը,
մզկիթներուն
գոռէլգլուխ
գմբէթովը
ու
մինարէներուն
ամբարիշտ,
սիրտ
բզկտող
նիզակներովը:
Մինչեւ
հոդ,
տակաւին
սպաննող
ճնշումով
թափօրը
փաթթոցովներուն,
որոնք
փողոցները
կ՛ողողեն,
երբ
կը
պարպուին
կարճապարիսպ,
բորբոսած
մէտրէսէ
ներէն:
Ու
թափօրը
ոսկեզօծ
համազգեստաւորներուն:
որոնք
մարդկային
հոսուն
ալիքին
մէջ
թուրքին
կարմիր
ահը
կը
վառեն
այնքան
յանկարծակի.
--
ոստիկանները
իրենց
գլխարկներուն
չարաշուք
շողիւնովը,
թուրքին
բանտն
ու
ծեծը,
ու
կախաղանը,
եաթաղանը,
լուսավառ
ջահակիզումը
--
բոլորը
իրարու
հետ
ու
իրարու
մէջ:
Ու
ասոնց
ամէնուն
դէմ՝
անանուն
այն
զգացումը,
որ
միս-մինակը
կը
բաւէր,
հակակշռելու
չափ
հազար
տաճկութիւն:
Մեր
յեղափոխութեան
անդրանիկ
վկաները
հիմա
գրեթէ
ըմբռնելի
չեն
մեզի,
կամ
գէթ
մեր
մեծ
մասին:
Մեր
յիսնամեաները,
հպարտ
ու
լքուած,
կորուստին
ահաւորութեանը
դէմ
թաւալգլոր,
կը
նային
հեռու
մեզմէ,
փախչելով
իրենց
յաջորդ
սերունդէն,
որ
թուրքին
սարսափը,
անոր
մեր
հոգիին
մէջ
հեղուած
զգացական
հեռաբուխ
հոսանուտը
կը
սիրէ
տարազել
ու
դատել
իր
այլապէս
թշուառ,
բայց
թուրք
տարրէն
զերծ
զգայարանքներով:
Մի
զարմանաք,
եթէ
Փարիզէն
բանուոր
մը,
երբ
խղճմտանքը
ծախած
մէկը
չէ,
մեր
աղէտին
անուաշարքը
թափանցելու
իր
ճիգին
մէջ
խորտակուի
եւ,
անըմբռնելիէն
տապալած,
յիմարանայ
մեզ
պատասխանատու
գտնելու
չափ
մեր
մորթուելուն:
Անոնք,
որ
թուրքէն
ազատագրուած
երկիրներու
մէջ
շփուած
են
զայն
հիմնովին
չճանչցած
նոր
սերունդին
հետ,
պիտի
ունենան
նոյն
արմանքը:
Ու
եղան
ասոնք:
Հաճի
Մուրատը,
մինչեւ
սա
խորերը,
յաճախուած
ըլլար
պիտի
անմոռանալի
տեսարաններէն,
--
լուռ,
խոր,
անպատմելի
պահեր
ասոնք,
երբ
նոյն
խորհուրդը,
հովը,
խենթութիւնը՝
Պոլսայ
մայթերէն
ու
գռիհներէն,
հացին
հեւքը
ու
պարտքին
մուրճը
միայն
ճանչցող
այդ
տղաքը
քով
քովի
բերէր
այդ
խցիկներէն
ներս,
արմատախիլ
փշրանքները
մեր
հայրենիքին,
զոր
ատելու
չափ
սիրեցինք
ամէն
մէկերնիս:
Երբ՝
աղեբեկ,
կորաքամակ,
աչքէն
իսկ
կէս
մը
կտրուած
բեռնակիրը,
անճառ
սարսուռով
մը
կը
հանէր
ծոցէն
քրտնաթոր
թաշկինակը,
կը
քակէր
անոր
մէկ
պոչէն
աղոտ
հանգոյցը
ու
կը
դնէր
շաբթուան
մը
հացին
գինը,
գետին,
կարմիր
կնիքով
թուղթին
վրայ
ու
կ՛երազէր
կրակին,
վառօդին,
արիւնին,
որ
պիտի
սրբէր-չքացնէր
չարքերու
բանակը
հեռաւոր
իր
գեղին
սրբավայրերէն,
գերեզմանէն
ու
տունէն:
Ան
ի՜նչ
վայրագութեամբ
կը
ծծէր
իր
շրթները,
անոնցմէ
առնելու
համար
իր
զովացումը
իբր
թշնամի
միսէ,
արիւնելու
չափ
ուժգին:
Ու
անոր
ընկերները
կը
լսէին
անոր
ատամները,
կամաց
ու
կճրտուն,
կզակները
ըրած
պրկուած
փոս,
ծամելու,
փշրելու
ձեւով
անուն
մը,
բառ
մը,
սիրտէն
դուրս
պոռթկալով
հզօրագոյն
ճիչը,
ամպարագիծ
«ա՜խ»ը,
ըղձաւորութիւնը,
որ
այդ
աւերակոյտը
կը
վերածէր
թրթռագին
պատանութեան
մը,
հաւատաւոր,
միամիտ
մանուկ
ըսուելու
չափ,
բռնկած՝
կարօտին
մեծութեամբը,
ու
«հալող
ու
մաշող»,
ճիկեար
էն
կերուած,
«գոլ-գոլ»
շաղ
տուող,
այսինքն՝
«կաթ-կաթ»
պարպուող
իր
ծուծէն,
բայց
լիաշուրթ
փոխարինելով
միսէն
զրկանքը
կաթովը,
միւռոնովը
յոյսին
եւ
երազին:
Որ
ա՛լ
որդնոտած,
ճեղիճիղ
ոսկորները
կը
մէկտեղէր,
կը
դնէր
հնոց
ու
այդ
լխկած
դնդերներէն
կը
մթերէր
հազար
մարդու
ուժ
ու
եռանդ:
Մեր
ծերերը,
ջարդէն
ու
կործանումէն
առաջ,
որոնք
իրենց
մնացած
ակռայի
բեկորներն
իսկ
վրայ
տուին
մեր
թշնամիին
պատկերը
ծամելէն:
Երբ՝
տարիքին
ամբողջ
թափին
մէջ,
միայն
դնդեր
ու
կատաղութիւն,
միայն
անասնութիւն,
ան
միւսը,
երիտասարդ
ու
յիմար,
առանց
գիրին,
մելանին
ճամբաներուն,
երկու
տաք
բառով,
մատի
մը
ցուցմունքովը
կը
գտնէր
դուռը
«իմաստութեան
տաճարին»,
իր
կարգին
կը
սրբանար,
կը
նրբանար,
կը
խորանար
ու
կը
հագնէր
մեր
ցեղին
զգայնութեան
գերագոյն
տուրքերը,
կ՛ընդգրկէր
մեր
պատմութեան
անաւարտ
իմաստը,
ու
կը
գտնէր
մեր
զգայնութեան
կայսերական,
անմահ,
անկորուստ
պողոտաները՝
փոխն
ի
փոխ
լուսագեղ,
երջանիկ,
ծոյլ,
արեւահեղձ
կամ
ձիւնահար,
ու
կը
բարձրանար
ճահիճէն
ու
դաշտերէն,
ստորնութիւններէն
ու
կորակոր
պարտութիւններէն,
դաւերէն
եւ
անարգութիւններէն
վեր,
դէպի
նախնական
հեղեղատը
մեր
արիւնին,
որ
մեծ
լեռներու
սիրտէն
կը
բանայ
ինքզինքը:
Երբ՝
նիհար,
կնիկի
մորթով
ու
գունաթափ
պարոններ,
օրուան
տագնապէն
խորտակուած
մարմինով
գլուխ
կը
ծռէին
թուղթերու
վրայ
եւ
կը
պատմէին,
կը
պատգամէին
մեծ
արշալոյսէն,
որ
կու
գար
բացուելու,
դարերու
գիշերէն
ետքը,
ու
կրակոտ,
ներքին
եռանդէն
թափանցիկ,
ապակի
դարձած
իրենց
մարմիններէն
կը
բերէին
լոյսը,
պլպլուն
բայց
անմեռ,
նոր
կանթեղներ՝
վռնտուած
իրենց
լեռնադիր
խորաններէն,
բայց
դիմացող
կարկուտին
եւ
փոթորիկին:
Հաճի
Մուրատ
այդ
փոշոտ
անկիւններուն
մէջ
էր,
որ
սորվեցաւ
սիրել:
Մարդիկ
ամէն
նոր
զգացումի
համար
անգիտակից
պատրաստումի,
յարդարանքի
մը
կ՛ենթարկեն
իրենց
զգացական
գործարանը:
Ինչ
որ՝
բաց,
բազմամբոխ
վայրերու
մէջ,
պաճուճուած
ու
սնոտի,
կը
ցուցադրուի,
գեղեցկութիւն
չէ
յաճախ:
Ու
ճիշդ
է
ասիկա
նաեւ
հոգիին
համար:
Հոգեկան
առքերը,
մեծութիւնները
ծնունդ
կ՛առնեն
երբեմն
համեստ,
բայց
խոր
փորձառութիւններէ:
Անիկա
սորվեցաւ
սիրել
իր
ազգը,
ոչ
իբր
թրքութեան
դէմ
կազմակերպուած
մտայնութիւն
մը
(մեր
եկեղեցին
բիւրեղացուցած
է
մեր
մէջ
այդ
մտապատկերը
անկորուստ
քանդակի
մը
կարկառով:
Մահէն
ալ
տխուր
է
տունը,
որուն
մէկ
անդամը
կը
թրքանայ),
վրէժի
պատրուակ
մը,
մեզի
հասցուած
անարգանքին
փոխհատուցում
մը:
Անիկա
սիրեց
իր
ազգը,
նոր,
օտար,
մոռցուած
ու
վերագտնուած
բանի
մը
պէս
լուսամփոփելով
իր
մէջ
այդ
տարօրինակ
զգացումը:
Հետզհետէ
ժամանակին
մշուշին
մէջ
կ՛աղօտի
ինչ
որ
ըրեր
էր
այդ
սերունդին
սիրտը
այդքան
հզօր
ու
կարկառուն:
Այսօր
կը
գոհանանք
հայհոյելով,
կամ
մեր
տուրքը
տալով
կուսակցութեան
եւ
չենք
խորանար:
Ըսել
կ՛ուզեմ
ազգը
սիրելը
քանի
մը
թերթի
բաժանորդ
գրուելու
հոմանիշ
է
դարձած:
Անշուշտ
պզտիկ
բաները
երբեմն
մեծերը
կ՛արժեն:
Մնաց
որ,
մեծ
բառերը
չեն,
որ
կ՛ըսեն
մեծ
բաները:
Սիրել
իր
ազգը,
իբր
հեռաւոր
բաբախում
մը,
առնել
այդ
թրթռագին
վիճակին
մէջ
ինչ
որ
միլիոնաւոր
սրտերու
փսորումէն,
հողին
հեղումէն
կը
շինուի,
ինչ
որ
մեր
լեռներու
լանջքին
կը
թաւշանայ
իբր
աչք
ու
աղջկան
այտ,
իբր
արիւնի
ու
բարիքի,
տրտմութեան
ու
խոր,
սրտին
բոլոր
մուտքերը
կամարող
սարսուռի
բիւրեղացում:
Ու
հանեցէք
այս
պատկերներէն
իմացական
սնդուսը
բառերուն:
Պիտի
շօշափէք
գոհարը,
որ
խարիսխ
կու
տայ
մեր
հոգիներուն:
Ու
մեր
հոգիները
մինակ
կնիքէն
աւրուած
տրտմութիւններ
չեն,
որոնց
ժամանակը
իր
շարաւը
թափած
ըլլայ:
Մեր
հոգին
սիւն-սիւն,
պարիսպ-պարիսպ,
գմբէթ-գմբէթ
ծաղկեցուցած,
հագուեցուցած
է
աշխարհին
մօտ
ու
հեռու
անկիւնները:
Ու
մեր
հոգին
տակաւին
ալիք
է
այսօր,
մէկ
ովկիանէն
միւսը
նաւող...
Սիրել
տակաւին
անհուն
դժբախտութիւնը,
որ
եղաւ
մեր
հայրերունը
եւ
մայրերունը,
ջարդուած
կամ
գերի,
երբ
անոնք
իրենց
անյատակ
բարութեան
մէջ
չհասկցան
պատգամը
չարիքին
ու
տեսան
մորթուիլը
իրենց
սիրելիներուն
ու
աւելի
գէշ
բանի
մը,
մորթուիլը
իրենց
երազին,
զոր
կը
յօրինէր
նոյն
այդ
անցեալը
իբր
վարշամակ,
իբր
պատանք,
իբր
կտակ
մը
միլիոններու:
Տարբեր
է
այդ
սէրը
ատելութեամբ
պայմանաւոր
միւս
զգացումէն:
Ասոր
մէջ
հազիւ
կը
մտնէ
թուրք
տարրը,
այն
ալ
իբր
երկրորդական
տարր:
Ասիկա
մօտաւորապէս
զգացումն
է,
որով
թրթռացին
մեր
հայրապետները,
հիներէն
մինչեւ
Ալիշան
(հասկնալի
ըլլալու
համար
տրուած
այս
անունը
կը
բացատրէ
երանգը)
ու
կը
տարբերի
նոր
ժամանակներու
մեր
քերթողներուն
շեշտ
ու
կատաղի
փրփուրէն:
Ի՜նչ
դժուար
ու
երկար
է
այս
վերլուծումը:
Ինչ
որ
մատչելի
էր
անկէ
Հաճի
Մուրատի
մը
ուղեղին,
բաւ
է
դարձեալ
կեանք
մը
լիացնելու:
Անոր,
Հաճի
Մուրատին
մէջ
իրենք
զիրենք
կ՛ապրէին
այն
տղաքը,
որ
հակառակ
բոլոր
մշուշներու,
շղթաներու
չպակսեցան
մեր
հողերէն:
Տղաքը
մեր
բռնկումին,
ընդվզումին,
դէպի
բարիքը,
քաղցրութիւնը,
մեղրն
ու
գինին
մեր
«աննուաճ
կարօտ»ին:
Անոնք,
որ
ըրին
հարիւրներու
ըրածը
մինակնին
ու
դարէ-դար
մեր
լեռներուն
փորին
մէջ,
խուլ
որոտումով
հեքիաթները
մրմնջեցին
կապուած
արքայորդիներու:
Ու
թոթովեցին,
անձանձիր
ու
կատղած,
ինչ
որ
մերժուեցաւ
իրենց
շրթունքին,
առանց
թափուելու
իրենց
կորովէն
ու
բազուկներէն:
Մեզ
նապաստակ
որակողները
անիրաւ
են,
քանի
որ
չեն
ճանչցած
այդ
տղաքը:
Ու
Հաճի
Մուրատ
սորվեցաւ
լրիւ
իմաստը
միւս
բառին,
դարէ
դար
պոռացուած
մեր
ժամերուն
բեմէն,
դարէ
դար
սպասուած
բայց
պակսած,
ամէնէն
սրտառուչ,
ամէնէն
խորունկ,
ամէնէն
քաղցր
բառը,
արուն
ու
մարդկայինը:
Զոր
երգեցին
ու
չհինցուցին
մեր
երգերը:
Որ
ելած
ա՛լ
ժամերուն
խունկէն
ու
ստուերէն,
ամբողջ
քսան
տարի
սաւառնած
մնաց
շրջանի
գեղերուն,
ամբողջ
հայրենիքին
վերեւ,
նուիրական,
անհաս,
անըմբռնելի
պատգամ,
բայց
տաքուկ
հացի
մը
պէս
իրական,
պարզ,
ընտանի՝
մեր
սրտին
խորանին
վրայ:
Ռոմանթիզմ
չէ
ասիկա,
ոչ
ալ
յետադարձ
երակէ
խուլիգանութիւն:
Հիմա
դիւրին
է
դատապարտել
անոր
վրիպանքը,
պատսպարել
մեր
անամօթութիւնը
գեղեցիկ
տարազներու
ետեւ
եւ
ուրանալ
իր
ցեղը,
գիտակցուած,
սուտ
պայծառութեանը
մէջ
փոխ
առնուած
բառերուն:
Չեմ
զեղչեր
ժամանակին
քանակը,
որ
պարտաւոր
է
հոսելու
մեր
հոգիին
կամուրջներուն
տակէն,
որպէսզի
վարժուինք
մեզի
բեռցուած
նախատինքին:
Դիւրին
է
օտար
հորիզոններէ
վճիռներ
հրթիռել
ու
տեղալ
մեր
գլխուն.
վճիռներ,
որոնք
լուան,
մաս-մաքուր
ընեն
մեր
թշնամին:
Բայց
վատ
ու
անանուն
բան
է
մեզ
մեղադրել
մեր
մորթուելուն
իբր
դրդապատճառ:
Դարձեալ,
դիւրին
է
գուցէ
թուղթի
վրայ
հաւասարցնել
գայլն
ու
գառնուկը,
ուրանալ
երկուքն
ալ,
մէկը
միւսէն
եւ
փոխադարձաբար,
հաւատալ
երրորդի
մը:
Բայց
ատիկա
ընելէ
առաջ,
բարի
եղէք
հեղ
մը
«պտոյտ
գալ»
գազանէն
ազատած
երկիրները,
Պալքանի
փոքր
ժողովուրդները:
Այն
ատեն
ամչնաք
պիտի
ձեր
ստորնութենէն:
Երկիրներ
են
ասոնք
հիմա,
ուր
կեանքը՝
առնուազն
վայելք
մը:
Բայց
այս
տողերը
չեն
գրուիր
քաղաքական
նպատակներով:
Խորունկ
է
մեր
կսկիծը
մեզի
հասած
զրկանքէն
անդին,
մենէ
աւելի
անընդունակ
ժողովուրդներու
այսօրուան
ստեղծումներուն
հեռապատկերին
դիմաց:
Ու
իրար
կ՛ուտենք,
առանց
անդրադառնալու
մեր
ամօթին...:
Յեղափոխութիւնը
վերլուծում
չէ
միշտ:
Ան՝
վտանգի,
արիւնի,
անդոհի
ու
մահուան
իր
շքախումբովը,
առանց
նոյնիսկ
հասուն
գիտակցութեան
մը
նպաստին,
որ
ազգային
հոսանուտը
ղեկավարէր,
պիտի
բաւէր
իր
թափին
մէջ
ընդքարշելու
բոլոր
Հաճի
Մուրատները:
Վասնզի
գիտցէք,
թէ
կան
ասոնք
ալ,
ինչպէս
կան
սուրբ
խելօքութիւնները:
Ու
ճշմարիտ
պիտի
ըլլար
աւելցնել,
որ
գրեթէ
ամէն
տեղ,
զէնքի
այս
տղաքը
եղան
առաջին
խորանները,
ղեւտացիներէն
շատ
կանուխ,
որոնք
ամբոխին
մէջ
անթեղուած
կայծերը
նորոգեցին:
«Լեռները՝
անոնց
դղեակը»:
Պոլիսը,
իր
փողոցներուն
անվերջ
աղիքներովը,
տուներուն
կոշկոռներովը
նեղ
կու
գար
Հաճի
Մուրատին:
Արձակութեան,
բարձունքի
ու
ձորերու
մարտիկ,
եղաւ
անիկա
անճարակ,
գրեթէ
ձախաւեր,
Պոլիս
իրեն
վստահուած
բոլոր
ձեռնարկներուն
մէջ:
Իր
քալուածքն
իսկ
մշտական
վտանգ
մըն
էր
կրունկն
ի
վեր,
եթէ
զգեստները
չպաշտպանէին
զինքը:
Գրեթէ
վազքի
պատրաստ
բարակի
մը
նման,
ամէն
րոպէ
կազմ
ու
վճռական,
անիկա
քալելու
տեղ
կը
հովուէր,
լեռնական
իր
հալածանքներուն
խուլ
ցուցմունքին
ենթակայ:
Չկրցան
սորվեցնել
իրեն
հանդարտ,
մարդու
պէս
քալել
մը:
Մաքսատան
բեռնակիրի
տարազը,
իր
խատուտիկ
եւ
ուռուցիկ
միօրինակութեան
մէջ,
դէմքը
կ՛ընէր
դժուար
ճանաչելի:
Ֆէսին
քիչ
մը
աջ
հակումը,
վրայէն
փաթթուած
եազմային
փոփոխուկ
գոյները
բաւ
էին
ծպտումը
թերաձեւելու:
Ատկէ
զատ՝
ոստիկանութիւնը
տակաւին
մասնագիտութեան
չէր
վերածած
հայերը
հետապնդելու
գործը:
Մնաց
որ,
ոստիկանները,
մեծ
մասով
պէյերու
եւ
աղաներու
պարագաներէն,
գաւառներէն
ընտրուած,
մայրաքաղաքին
մէջ
ապահովութեան
իրենց
պաշտօնը
կը
նկատէին
բաց
դուռ
մը
զինուորական
ծառայութենէ
զերծ
մնալու:
Բոլորն
ալ
ուտելու,
խմելու,
կիներու
ետեւէ,
անտարբեր
էին
մեծերու
սարսափին:
Անիկա,
անկանոն
ծպտումով,
երեւցաւ
Գում-Գաբու,
մատնիչ
հետապնդելու
վտանգաւոր
ու
փափուկ
յանձնառութեամբ:
Իրեն
յանձնարարած
էին
դիտել,
հետեւիլ
անձայն,
ճշդել
տան
թիւը,
եւ
ուսումնասիրել
պատուհաններուն
դիրքը
եւ
յարկերուն
պատշգամները:
Չէր
հասկցած
այս
մանրամասնութեանց
իմաստը,
բայց
անցած
գործի:
Մատնիչը
կու
գար
Պոլսէն,
շոգեկառքով:
Պիտի
սպասէր
անոր
կայարանին
դէմ,
սրճարանի
մը
մէջ,
ուր
կը
յաճախէին
ջրհանկիրները:
Քաշեց
դանակը,
նետուեցաւ
առաջ,
ստեղծեց
խուճապ,
պատռեց
փութացող
քիւրտերու
շղթան
ու
սուզուեցաւ
ծովեզերքի
փայտանոցները,
ուրկէ
անդին
սիրտ
պէտք
էր
ետեւէն
երթալու
համար:
Յանդիմանուեցաւ
անխորհուրդ
իր
քայլին
համար
իր
Կեդրոնէն,
որ
վտանգաւոր
օրերու
սպասումին
մէջ
կը
զգուշանար
աւելորդ
աղմուկէ:
Չկրցան
զայն
դարձնել
իր
գեղը,
վասնզի
լրտեսները
շատցեր
էին
ու
պէտք
կար
ճարտար
ահաբեկիչի:
*
*
*
Ուրիշ
օր
մը
զայն
տեսան
Սամաթիա,
մէջքը
լեցուն,
յղի
կնիկի
մը
նման,
փամփուշտով
ու
ատրճանակով,
երբ
հրդեհի
մը
ստեղծած
խուճապէն
յանկարծակիի
եկած,
կրակեց
հրշէջներուն
վրայ
ու
փախաւ,
իր
գլուխը
փրկելէն
աւելի
մտահոգուած՝
մէջքին
պարունակութիւնը
թուրքերուն
չձգելու
անձուկով:
«Փախուկ»
էր
այս
երիտասարդը
Կեդրոնին
գնահատումին
համաձայն:
Ուրիշ
ատեն
մը
կռուի
մտաւ
նորէն
Ղալաթիա,
բեռնակիրներու
սրճարանի
մը
մէջ,
մարդերու
հետ,
որոնք
չէր
ճանչնար,
պատրուակով
մը,
որ
շրջուած
գաւաթ
մըն
էր
օղիի,
ու
իր
դասական
արագութեամբը,
գնդակով
մը
ջախջախեց
ձեղունէն
կախ
լամբը,
դանկըտեց
քանի
մը
ուս
ու
սրունք
ու,
օգտուելով
աղմուկէն,
վայնասունէն,
մութէն,
իջաւ
ծով,
ցատկեց
պարապ
մակոյկ
մը
ու
մխուեցաւ
խաւարին
մէջ:
Վրայէ
վրայ
այս
արարքները,
հակառակ
թատերաբեմին
տարբերութեան,
դէմքի
ծպտումին,
հասակին
փաստովը
ու
ձեռքին
երանգովը
նոյնացան
ոստիկանական
արձանագրութեանց
մէջ:
Ստեղծուեցաւ
խոր
հետաքրքրութիւն
մը
իր
շուրջը:
Ի
պաշտօնէ
չարագործներ,
անհանգիստ
անոր
համբաւէն,
իջան
բախումի
ու
պարտուեցան
անոր
խակ
արագութեանը
համար,
որ
կ՛արհամարհէր
ասպարէզին
օրէնքները
ու
դանակ
կը
խաղցնէր
լեզուէն
առաջ:
Այս
անփորձութի՞ւնն
էր,
որ
գուշակելի
ըրաւ
անոր
ազգութիւնը:
Մայրաքաղաքին
մէջ
ջրհանկիրներու
սերունդը
շիջած
էր
բոլորովին:
Գաւառէն
թուրքերը
իբր
ըմբիշ
կը
սկսէին
արկածներու
ոդիսականը:
Ո՞վ՝
այս
անծանօթը:
Հասկցան
ատիկա
իր
անխոհեմութեամբը:
Թուրքերը
կը
զգուշանան
զինուորի
վրայ
քալելէ:
Կը
զգուշանան
անկէ
ու
կ՛ընեն
կարելի
զիջումը,
ընդունելէ
առաջ
վճռական
բախումը:
Հաճի
Մուրատին
մօտ
ախորժակը
մասնաւոր
էր
ոստիկան
հալածելու:
Ապահովութեան
գաղտնի
պաշտօնեայ
մը
փորձեց
զայն
ծուղակել:
Վրիպեցաւ,
վասնզի
հաշուի
չէր
առած
արագութիւնը:
Բայց
ոստիկանութիւնը
հաստատուած
էր
իր
կասկածին
մէջ:
Չվախցաւ
անիկա:
Բայց
վախցան
իրեն
համար
իր
ընկերները:
Ազատուելո՞ւ
համար
իր
փորձանաւոր
ներկայութենէն,
թէ
իրական
պահանջի
մը
վրայ,
զայն
մղեցին
իբր
թէ
քուէով
(զոր
խարդախած
էին)
դժուար
ահաբեկումի
մը:
Պիտի
սպաննէր
մատնիչ
մը,
գիշերով:
Պայման
էր
ասիկա,
առանց
հրացանի
ու
առանց
աղմուկի,
գրեթէ
ոստիկանատան
կից
տունի
մը
մէջ:
Չհարցուց
անունը
մարդուն,
ոչ
ալ
հետաքրքրուեցաւ
անոր
մեղքովը:
Վիճակը
իրեն
էր
ինկած
եւ
ինք
չկերցուց
իր
հպարտութեան
լուսաբանութիւն,
ուղղութիւն,
ընկեր
ուզել:
Ոչ
ալ
առարկեց
հիմնական
դժուարութեան
--
ոստիկաններուն
մօտութեան
դէմ:
Մտաւ
դաւաճանին
տունը
կռնակի
պարտէզէն:
Թղթէ
դուռներու
նման
բացաւ
կղպանքները,
իրեն
հայթայթուած
գործիքներով:
Գողութի՜ւն:
Անշուշտ:
Այցուեցաւ
այդ
աղտոտ
զգայութենէն
ալ,
վասնզի
թռչունի
մը
կտուց
այդ
պողպատ
գործիքը
հերոսի
մը
չափ
ճկուն
դուրս
կու
գար
վստահուած
ձեռնարկէն:
Անոր
ոտքերը
իմաստուն
էին:
Գտաւ
տանուտէրին
սենեակը,
բացաւ
դուռը,
անշշուկ,
ու
գողի
փոքր
լոյսով
մը
տեսաւ
գլուխներ
բարձին
վրայ:
Սրտէն
դանկըտեց
դաւաճանը,
որ
մեռաւ
մեծ
ախով
մը:
Բայց
յարգեց
կեանքը
սպասուհիին,
իրենց
շրջանէն,
որ
պառկեր
էր
ծոցը
մեռնողին:
Ժամ
մը
կար
գիշերը
կէսին:
Ու
մօտիկ
պահականոցին
մէջ
գինով
մը
կ՛ուտէր
յապաղած
ծեծը,
մեծաշռինդ
ու
երկարուն:
Անիկա
ձգեց
առջին
Ամիլենց
Արեգը
ու
գտաւ
տանտիրուհին,
վարի
յարկը,
սեղանապանին
հետ,
որուն
ոստիկանի
գլխարկը
կը
հսկէր
կից
դահլիճին
մէջ,
պառկած
թուրք
սպայի
մը
հայլեդարանին
մարմարին,
շնութեան
անկողինէն:
Սղմեց
մէկ
ձեռքով
կնոջը
պուկը
ու
միւսով՝
խաղցուց
դանակը
դէպի
սիրտը
սպային:
Ամրափակ
վարագոյրները,
գետնի
ու
պատին
գորգերը
ամլացուցին
հեծքերն
ու
հռնդիւնը:
Բաց
էին
տիկինին
ծիծերը,
որոնց
վրայ
թքաւ
անիկա,
դրաւ
դանակը
պատեան
ու
ելաւ
դուրս,
սպառնալով
«հունտը
չորցնել»,
եթէ
լսէր
ձայն
իր
ետեւէն:
Ատ
էր
իր
վերջինշահատակութիւնը:
Առանց
համարը
տալու
իր
ըրածին,
առանց
Կեդրոն
հանդիպելու,
անիկա
շունչը
առաւ
Եէմիշ,
նաւամատոյցը
Եալովա
մեկնող
առագաստանաւերուն:
Ոճիրին
շոգը
կ՛ընէր
նեղ
իր
կուրծքը:
Նետեց
ինքզինքը
անկիւն
մը,
առագաստի
մը
պոչին
յանձնելով
գլուխը:
Անցաւ
ծովը,
քանի
մը
հեղ
ինքզինքը
ջուր
նետելու
փորձութեամբ
խռովուն:
Երբ
դրաւ
ոտքը
աւազին,
անիկա
վերադարձաւ
լեռնական
իր
անձին:
Խուժ
ու
գորշ
քաղաքը
կը
հեռանար
իր
հոգիէն:
Դարձաւ
ետ,
թքաւ
ծովուն
ալ
երեսին
ու
սուզուեցաւ
դարվեր,
դէպի
լեռները:
Ծովեզրէն
քիչ
հեռու,
հին
մեհեանի
մը
աւերակին
մէջ,
անիկա
ամբողջացուց
իր
ծպտումը:
Մէկ
աչքը
կոյր
տէրվիշի
մը
կը
նմանէր
ու
կը
քալէր
կորաքամակ:
Մինչեւ
առաջին
բլուրները՝
անիկա
պարտաւոր
էր
քալելու
արտերու
մէջէն,
ուր
կ՛աշխատէին,
ցանցառ
ու
մռայլ,
թուրք
գաղթականները,
բռնի
զետեղուած
լերան
տափերուն:
Ճահճատենդը՝
դարերով
տէր
այդ
եզրերուն,
կոտորած
էր
աշխատաւորները
ու
աւլած
անոնց
գեղերը:
Վտանգ:
Վասնզի
հսկող
ջոկատներ
պաշտօն
ունէին
զինքը
բռնելու:
Անոր
աչքերը,
գիշերով
ու
ցերեկով
լարուած,
կը
տեսնէին
աւելի
շատ
ու
աւելի
հեռու:
Զգուշացաւ
արտուղիներէ
ու
հովիւներէն:
Բայց
քանի
կը
ձգէր
դաշտերը
ցած,
այնքան
աւելի
իր
հոգին
կը
զգար
քիչ
մը
աւելի
վեր:
Պատկերներ,
մտածումի
փշուրներ,
կպչուն
ու
յամառ
կը
բռնանային
իր
ուղեղին:
Անիկա
կը
տարուէր
իր
շրջանէն,
ահաւոր
իր
յուսաթափութեամբը:
Իր
ժողովո՜ւրդը:
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
որ
դէպի
լեռ
ամբարձումին
հետ
կը
մեծնար
պզտիկութիւնը
իր
ցեղին:
Շղթայի
առաջին
զառիթափերուն՝
անիկա
միւսլիւմանի
պէս
բարեւեց
թուրքերը,
որոնք
իրենց
աշխատանքը
ընդհատած՝
խօսիլ
ու
երգել
հրաւիրեցին
զինքը:
Պարզ
մարդեր
էին
ու
ծովուն
ուղղած
իրենց
գլուխները՝
լուր
կը
սպասէին:
Ու
լուրը,
պատրաստուած
ու
սազուած,
ինկած
էր
ճամբայ
բոլոր
թուրք
գեղերը:
Անիկա
անցաւ
հայերու
մօտէն,
նաւահանգիստէն
դարձող՝
իրենց
գեղերը:
Աշխատողներ
ասոնք
ալ,
բայց
բորոտ
ու
թշուառ:
Առաջին
անտառին
մէջ,
անիկա
նստաւ
շուքի
մը
ջուրին
ու
լացաւ:
Ինչո՞ւ
էր
դարձած:
Ու
փռուեցաւ
անոր
մտքին
մէջ
մեծ
քաղաքը,
այդպէս
պոռնիկ,
այդպէս
ճղճիմ
ու
ճճի:
Թո՜ւրքը:
Որ
կ՛աճէր,
անյաղթ
ու
հզօր:
Կարծես
ուրիշ
ժողովուրդ
չըլլար
աշխարհի
երեսին:
Անոր
մէջ
սուտի
պէս
ուրուացաւ
հեքիաթը
խաչապաշտ
Եւրոպային:
Ու
զայրացաւ
իրեններուն:
Զզուանք,
յուսահատութիւն,
արեան
մղձաւանջ,
ոճիրին
հակահարուած
ներքին
վախկոտութիւն,
ու
հսկայ
սպառնալիքը,
որ
կը
զարնէր
ահա
արմատը
իր
ցեղին,
բզզիւնը,
զոր
ուժգին
յուզումներ
կը
բանան
մեր
ականջներուն,
արիւնի
համասփիւռ
վարագոյր
--
ըրին
անոր
առաջին
հանգիստը
լրիւ
կործանում:
Իրեն
գեղէն
անուշիկ
այդ
կինը,
զաւկըները
ձգած
էրկան
ու
անոր
կոյր
մօրը,
կը
պառկէր
Պոլիս
օտարին
հետ:
Յարգուած
ու
ջոջ
էֆէնտի
մը
իր
կինը
կը
զիջէր
թուրքի
մը
կտորին:
Ա՞յս
ժողովուրդն
էր
որ
պիտի
փետէր
իր
շղթաները:
Ու
այս
կինե՞րն
էին
որ...
Ելաւ
ոտքի
ու
մխրճուեցաւ
անտառին
սիրտը:
Պէտք
չունէր
ծպտումին:
Ա՛լ
աննպատակ
կեանքի
մը
տաղտուկէն
նկուն,
ու
իր
երազին
մէջ
այնքան
բրտօրէն
խորտակուած,
անիկա
մերժեց
գործօն
աշխատանքը,
զոր
քանի
մը
նորելուկ
տղաք
առաջարկեցին
իրեն:
Յեղափոխական
շեշտ
երանգով,
բայց
անփորձ,
ինչպէս
էին
անոնց
պետերը
Պոլիս,
այդ
տղաքը
թարմ
էին
ու
կրակոտ:
Ամէն
մէկը
մէկ
տան
ճրագ:
Խղճահարեցա՞ւ
զանոնք
սպանդին
վարելու,
թէ
չէր
հաւատար
արիւնի
զոհին:
Ցրուեց
իր
ալ
խումբը,
հակառակ
տղոցը
ընդդիմութեան:
Իր
յանձնարարութիւնն
էր՝
--
Չերեւալ:
--
Եղ
չքսել
թուրքին
հացին:
--
Նայիլ
ճարը
իրենց
գլուխներուն:
--
Բաժնել
յոյսը
Պոլիսէն:
--
Ամէն
տղայ
պէտք
է
իր
տունին:
--
Սեւ
օրերը
ճամբայ
էին
ինկած:
Լալով
ձգեցին
զինքը:
Ու
շրջանի
գեղերուն
վրայ
կը
պտտէր
ահը
կտրտողներու
(այս
բառով
կ՛որակուէին
ջարդարարները):
ա՛լ
թանձր
ու
մօտիկ,
անցած
ճամբաներէն
ու
թափանցած
մինչեւ
պառաւներուն
սիրտը:
Անդին,
Մայր
Երկրին
մէջ,
այդ
ահը
արդէն
աղէտն
էր
շղթայազերծ:
Գեղերը
կը
պատրաստուէին
«ահեղ
դատաստանին»:
Հաճի
Մուրա՞տը:
--
Զայն
գտան
մարդիկ
խելքէ-մտքէ
չանցած
դրուագի
մը
մէջ:
Ձերբակալուեցաւ
անիկա
թղթակցութեանց
դիւանի
տնօրէնին
տունը,
անոր
կնոջ՝
չէրքէզուհի
Սանամին
ծոցին
մէջ,
երբ
կը
քնանար:
Վէ՞պ:
--
Պիտի
փորձուիք
այդպէս
դատելու
սա
պատահարը,
դուք,
որ
չճանչցաք
մեր
տղաքը
ութսունէն
առաջ
մինչեւ
իննսունական
թուականները:
Ու
չճանչցաք
թուրք
կինը,
ոչ
գեղերուն
հաստատ
ու
պարզ
արարածը,
այլ
այն
բացառիկ
սերունդը,
որ
selectionner
կ՛ըլլար
Ասիային
ամէն
ծագերէն
ու
կը
մարձուէր,
կը
յարդարուէր
պետական
պաշտօնատարներու
վայելքին
համար:
Որուն
մեծագոյն
ջերմանոցը
սուլթաններուն
պալատները
եղան:
Պէտք
է
ապրած
ըլլալ
սանկ
կէս
դար
մը
առաջ,
ընդունիլ
կարենալու
համար
իրականութիւնը
նման
դրուագներուն:
Յետոյ,
պէտք
չէ
վտարել
իմաստն
ալ
ուրիշ
երեւոյթի
մը,
որուն
համեմատ
երկրի
երեսին
կան
բացառիկ
վայրեր,
ուր
սեռային
հոսանուտը
ընդոծին
մագնիսականութիւն
մըն
է,
բացառիկ
արդիւնքներ
յայտնաբերող:
Հեքիաթ
մըն
է
անշուշտ,
բայց
ուշագրաւ,
Նոյեան
տապանին
յեղումը,
որով
կը
յատկանշուի
Նեղոսի
հովիտը:
Մեր
Նարեկացին
իսկ
անծանօթ
չէր
այդ
գաղտ
ազդմունքներուն,
երբ
սպառած
մեղքերու
ստեղնաշարը,
կը
դարբնէր
ամէնէն
խիզախը
--
իր
հոգին
Եգիպտոս
տարուած
նկատելով:
Ով
գիտէ
որքան
դարեր,
բացառիկ
այս
նկարագիրով
հոսած
է
ուղխը
Նիկիոյ
լիճին
ափունքէն:
Այդ
է
պատճառը
գուցէ,
որպէսզի
գիւղեր,
գիւղակներ,
ագարակի
կտորներ
իսկ
թատերաբեմ
ծառայեն
խոր
ու
դղրդող
դրուագներու:
Արիւնն
ու
սերմը
կը
տիրեն
այդ
շրջապատին:
Ու
հազար
տուննոց
փարթամ
գեղերուն,
ինչպէս
լճափի
կէս-երկվեցեակ
հիւղերու
խումբին
մէջ,
դժուար
է
հանդիպիլ
կիներու,
որոնք
չդրդուէին
վազել
ուրիշին
ետեւէն:
Չէրքէզուհի
Սանամը
նորընծայ
մը
չէր:
Անիկա
նմոյշ
մըն
է
կանանոցներու
համար
շատ
հեռուներէն
ու
շատ
վարերէն
սերած
մարմնի
պազարի
մը,
զոր
Արեւելքի
բարքերը
կ՛ընեն
ամէնէն
եղերական
ու
զաղփաղփուն
հեքիաթը
կնոջ
մը
իմաստէն:
Թուրքերուն
կայսրութեան,
ու
տարածելով
սահմանները
ամբողջ
Արեւելք,
ի՞նչ
է
կինը:
Հիմա,
չեմ
գիտեր:
Իմ
պատանութեանս
անիկա
անխառն
վայելքի
գործիք
մըն
էր
ու
միմիայն
ատիկա:
Անոր
գերագոյն
մտահոգութի՞ւնը:
--
Դիմանալ,
որքան
կարելի
է՝
երկար,
այդ
տարազին
տակ:
Պահել
այդ
տարօրէն
գաղջ,
բայց
արենահամ
յուզականութիւնը,
որով
կ՛ողողուի
խորան
մը,
տուն
մը,
գեղ
մը
ամբողջ,
երբ
կնոջ
մը
անունը
կը
զատուի
իր
փաթաթներէն
ու
կ՛ելլէ
թեւելու
օդերուն
մէջէն,
լծուած
ուրիշ
անունի:
Ըլլալ
ողջակէզը,
մնայուն
ու
չյոգնող,
սեռային
հոսանքին,
որքան
որ
տեւեն
միսին
ձգողութիւնն
ու
ձայնը՝
մարդոց
նեարդներու
բաւիղներէն
եւ
ոսկորներուն
փապուղիներէն:
Ամէն
ինչ,
այդ
երկիրներուն
մէջ,
յարդարուած
է,
հանդերձուած
է,
կարելի
դիւրութեամբ,
շքեղանքով
ու
հեշտութեամբ
այդ
պատարագը
մատուցանելու:
Կեանքին
միւս
բոլոր
ճամբաները,
հորիզոնները,
հեռանկարները
փակուած
են
կնոջ
աչքերուն:
Չունի
հանրային
կեանք:
Չունի
ինքզինքը
դիտելու
իսկ
քաջութիւնը:
Անիկա
սենեակի
մը,
աւելի
ճիշդը՝
անկողինի
մը
սպասուհին,
ունենալով
իր
տրամադրութեան
տակ
իր
մարմինէն
դուրս
ոչինչ,
ոչ
իսկ
պառաւութեան
կամ
աւելի
արդար
պահանջով
մը՝
մայրութեան
մը
սփոփանքը,
որով
գօտեպինդ
քալէր
դէպի
աւերածը
իր
շնորհներուն.
պարտաւորուած
է
մշակելու,
արտակարգ
քաղցրութեանց
ու
խորութեան
տանելու
գաղտնի
ուժերը,
որոնք
սփռուած
կը
մնան
կիներու
միսին
ալքերուն
մէջը:
Ու
կ՛ընէ
այդ
աշխատանքը
տխուր,
մեծ
բայց
դժբախտ
արուեստով
մը:
Հարիւր
կիներէ
իննսունին
ճակատագիրը
չունի
ուրիշ
մտալլկում,
բացի
արուն
իր
մարմինին
կապել
կրնալու
ահաւոր
մարզանքէն:
Առանց
այդ
գիտութեան՝
անիկա
խախուտ
է
տունին
մէջ,
ուր
էրիկին
պարզագոյն
մէկ
քմահաճոյքը,
սխալմամբ
արձակուած
մէկ
բառը
բաւ
են
զինքը
նետելու
դուրս
իր
բոլոր
իրաւունքներէն,
նոյնիսկ
զաւկըներէն:
Անիկա
իր
անկողինին
կից
կը
պահէ
հարսանեկան
սնտուկը,
ուր
խորհրդաւոր
ծրարը,
միշտ
հանգուցուած,
կը
մէկտեղէ
անոր
կեանքին
աւագ
նշխարները,
--
ձեռք
մը
զգեստ,
որով
եկած
էր
մօրը
տունէն,
զոր
առնել-տանելու
ազատութիւնը
միայն
չի
կորսնցներ,
դժխեմ
հեգնութեամբ
մը:
«Արձակել»ը
(կինը)
բացատրութիւն
մը
չէ
թուրք
արուին
բերնին
մէջ,
այլ
ամբողջ
դրութիւն
մը,
Արեւելքը,
անոր
քաղաքակրթութեան
մէկ
կարեւոր
նշանակը:
Անապատի
կենցաղին
այս
յամառ
հրիտակը,
որով
մեծ
կին
մը
կը
վտարուէր
մէկ
վրանէն
միւսը,
ով
գիտէ
որքան
խոր
ազդած
է
ըլլալու
անոր
վրայ,
քանի
որ
չորս-հինգ
դարու
հաստատուն
կենցաղին
մէջ
իսկ
անոր
մղձաւանջը
չի
հեռանար,
ընելով
այդ
կիները
զաղփաղփուն,
անկայուն,
անապահով,
ու
մղելով
զանոնք,
այլապէս
տխուր,
նուաստացուցիչ
մարզանքներու,
սեռային
կեդրոններէ:
Այս
մղձաւանջն
է,
որ
հաշտեցուցած
է
զանոնք՝
կրելու,
հանդուրժելու
մեր
օրերուն
անկարելի,
դժուար
հոգեբանութիւնը,
դժոխքը՝
երեքով,
չորսով
անկողինին:
Արեւելքի
մէջ
այս
է
տիրական
կերպը
կիները
ունենալու:
Այս
է,
աւաղ,
յաճախ
նաեւ
ընտանիքը,
իր
հիմնական
խարիսխին
մէջ:
Ան՝
որ
ունի
հող
ու
լծկան,
ունի
ոսկի
եւ
խաշինք,
անիկա
ունի
նաեւ
ջուխտ-ջուխտ
կիներ:
Ու
դուք
փոխեցէք
հիմա
դերերը:
Ըսել
կ՛ուզեմ՝
մերկացուցէք
արուին
վրայէն
բարբարոս
այս
կարգերուն
ընձեռած
աս
իշխանութիւնը:
Դրէք
կինը
ամուսինին
դերին
մէջ:
Հետեւա՞նքը:
Պարզ
է
սակայն:
Այս
անգամ
կինն
է,
որ
պիտի
վարէ
անկողինը:
Յաճախ
դրամը,
գերդաստանը,
պալատական
կապերը,
երբեմն
զարհուրագին,
ուղղակի
ցնորեցնող
գեղեցկութիւնը.
ուրիշ
անգամ
անկողինին,
կիրքին
մեծվայելուչ
ժամերը.
եւ
տակաւին
անանուանելի
ազդակներ
կը
միջամտեն,
որպէսզի
կատարուի
դերերու
այս
շրջումը:
Տիրապետումը
կ՛անցնի
տկար
նկատուած
կողմին
եւ
կինն
է,
որ
յաղթական,
նոյն
դիւրութեամբ
կը
վարէ
քանի
մը
արու
իր
կրունկներուն
ետեւէն:
Եթէ
էգին
կողմէ
այս
տուրքերուն
քով
տեսնէք
նաեւ
տկարութիւնները
արուին,
այն
ատեն
ձեր
զարմանքը
պիտի
ըլլայ
պարզ
եւ
բացատրելի:
Վասնզի
յաճախ
այս
գիծէ
կիներուն
սկզբնական
էրիկները
ցաւագար
արարածներ
են,
մոլլա,
քարտուղարիկ,
դիւանի
մուկ,
պզտիկուց
իգացող,
մեծնալուն՝
պահած
իգութեան
այս
հեռադիր
պաստառը
իր
կիրքերուն
մարմինին
վրայ,
--
ինչպէս
է
ստուար
տոկոսը
պետական
պաշտօնէութիւն
որակուած
դասակարգին,
իգադէմ
ու
իգացած,
իր
մարմինին
գնովը
ընելով
վերելքը
իր
կեանքին,
խուլ
արուեստով
մը
սորվելով
երկու
սեռերուն
ալ
թաքթաքուր
զօրութիւնները,
պահելով
իր
ասպարէզին
հասունութեան
մէջ
խարդախ
հմայքը
էգին,
զոր
եղաւ
տարիներով,
առանց
կամքի,
ինքնութեան,
մեծերու
ձեռքին՝
հլու
կամակատար.
կին՝
իր
կնոջը:
Այն
ատեն
պարզագոյն
բանի
մը
կը
վերածուի՝
էրիկի
սա
կտորը՝
քիթէն
չուան
անցուած
անասունի
մը
նման
ուզուած
ախոռը
կապելու
գործը,
զոր
առաջին
ակնարկով
պիտի
գտնէիք
այնքան
դժուար:
Ու
այն
ատեն
հասկնալի
կը
դառնայ
ուժը
գազա
ներու
պաշտօնէութեան
կիներուն,
երբ
ասոնք
կու
գան
վերերէն,
փաշաներու
պալատներէն,
երբեմն
նոյնիսկ
կայսերական
հարճերէն,
ու
բախտին
մէկ
կարգադրութեամբը,
քանի
մը
տարի,
կ՛իյնան
տուներուն
մէջ
այդ
խեղճուկ
արարածներուն:
Հոս
չեմ
կրնար
զբաղիլ
աւագներուն
բարքերովը,
որոնք
չեն
զետեղուիր
խոնարհ
պատմուածքի
մը
այս
սիւնակներուն:
Հայերուն
դե՞րը
այս
կիներու
ձուածիրին
մէջ:
Բայց
կը
կրկնեմ.
--
Պէտք
է
ապրած
ըլլալ,
ո՛չ՝
քաղաքներու
մէջ,
ուր
թրքութիւնը
ահաւոր
զանգուած
է
ու
իբր
այդ
կ՛անդամալուծէ
քրիստոնեային
հոգին,
այլ՝
սա
նոր
շրջաններուն,
այսինքն՝
յիմար,
պետական
հաշիւներով
բռնի
ստեղծուած
ճախճախուտ
ագարակին
մէջ,
մժեղին
ու
բադերուն
սպաննող
մեղեդիին
տակ,
խորը
տուներու,
որոնք
անշնչելի
օդ
ունին
թրիքէն
ու
նոխազներու
գարշ
բոյրէն
յագեցուն,
փակուած
դուրսին:
Ուրիշ
խօսքով՝
ձգուած
ազատ
կիրքերու
գառագեղին
մէջ,
երբ
կինը
կը
հրուի
ամէն
րոպէ
ինք
իր
ծխնիներուն,
խորհելով
անկողինը,
արուն,
սերմը
ու
մոռնալով
ուրիշ
ամէն
բան,
որոնք
փաստացի
չկան
արդէն:
Այն
ատեն,
կ՛աւելցնեմ,
պիտի
հասկնաք,
թէ
ինչո՛ւ
մեծահարուստ
--որովհետեւ
պալատական--,
գեղանի
--որովհետեւ
չէրքէզուհի--,
երիտասարդ
--
որովհետեւ
իր
քսանհինգ
տարիներուն
դէմ
ամուսինը
կը
հանէ
յաճախ
կրկին,
երբեմն
եռապատիկ
տարիք--
կին
մը
դարանը
կը
դնէ
իր
էրիկը
ու
ետեւէն
վազէ
մարդոց,
որոնք
լեռներու
վայրագութիւնը,
համը,
մաքրութիւնն
ու
ուժը
փաստօրէն
կը
պտտցնեն
իրենց
արիւնին
մէջ
եւ
կիներուն
ծոցը
կը
բերեն
թափելու
հարիւր
մոլլայի,
դիւանապետի
առնութիւն,
հարիւր
արզուհալճի
ի
սերմ
ու
հաստութիւն:
Որոնք
վտանգին
լուսապսակին
մէջ,
իրենց
տարփուհիները
հասնելու
համար
մինչեւ,
երբեմն
կրակ,
երբեմն
արիւն
կը
կոխեն
ու
կ՛անցնին,
ու
համբոյրին
հետ
վառօդին
ու
լերան
չորցած
մանուշակին
հոգին
նոյն
առքով,
նոյն
խորութեամբ
ու
հուրքով
կը
պարպեն
հոգին
ի
վար
թշուառ,
սիրոյ
պահիկէն
դուրս
ոչինչ
ունեցող
սիրականին:
Ոչ
մէկ
բան
տարփաւոր
կնոջ
հոգիին
վրայ
ունի
այն
ձգողութիւնը,
որքան
առնութիւնը,
քաջութիւնը,
իր
մարմինին
տիրացումին
համար
յօժարութեամբ
ստանձնուած
վտանգներուն
դէմ
երիտասարդին
ամեհի
խոյացումը:
Կիները
միշտ
գերի
եղան
քաջերուն:
Ու
մնալով
երկու
երեսներուն
ալ
վրայ,
դիւրին
ճամբայէն,
այսինքն՝
աղքատութեան
պարանով
իրենց
շեմին
շղթայուած
քրիստոնեայ
ծառաները
իրենց
անկողինին
քաշելով.
ու
դժուար
ճամբայէն,
այսինքն՝
այս
ու
այն
պատճառով
արիւն
վազցուցած
կամ
դանակ
փարտած
մարդերու
--քրիստոնեայ
կամ
ոչ--
առնութիւնը
ծծելու
պապակով,
փոքր
աւագանիին,
մեծ
ու
պզտիկ
տնօրէններուն
կիները
կը
գործադրեն
իրենց
ճակատագիրը
--
տալ
վայելքը
կծծութեամբ,
չկամ,
բիրտ,
իրենց
էրիկներուն-
զորս
կը
զրկեն
երբեմն
տարիներով
իրենց
մարմինէն.
առնել
վայելքը,
առատ
ծովի
պէս
լայն,
յիմարօրէն
խոր,
իրենց
ծոցին
դաշտերուն,
առանց
հաշուելու
ազգութիւնը
հեղեղին:
Քրիստոնեա՞ն:
Անշո՜ւշտ.
այդ
շրջանին
մէջ
ան
է,
որ
դանակը
կը
գործածէ
ամէնէն
աւելի
աներկիւղ
ու
վայելչագեղ:
*
*
*
Չէրքէզուհի
Սանամը
դասական
սիրուհին
չէ
արեւմտեան
վէպերուն:
Անօթի,
վայրագ,
վիպական
--անիկա
մեծցած
էր
գառագեղի
մէջ,
նման
արեւելեան
ամէն
գեղեցկուհիի,
որուն
մայրը
հեռաւոր
պալատներ,
եթէ
ոչ
արքենի
սերմ
կ՛երազէ
աղջկանը
արգանդին
համար--
դեռ
մատղաշ
տարիքին
կործանուած
իր
կիրքերուն
թաթառէն,
դժգոհ
ու
յիմար՝
ինչպէս
պարտքն
է
ըլլալ
ամէն
աղուորի,
սպասելով
ճակատագրէն
անդին,
ինչպէս
կ՛ընենք
բոլորս:
Չէրքէզուհի
Սանամը,
անգամ
մը
թխմուելէ
ետքը
գազա
յին
ճախնաբոյր
տուներէն
մէկուն
մէջ,
չկրցաւ
հաշտուիլ
տժգոյն
պաշտօնեաներու
ու
կարմրած
մօրուքով
կրօնաւորներու
փաղանգին,
որ
կը
փոխարինէր
երկու
մայրաքաղաքներու,
Պոլիսին
ու
Պրուսային
ոսկեզօծ
երիտասարդութիւնը:
Ու
տառապեցաւ
սիրահարի
պակասովը:
Յետո՞յ:
Անիկա
Եալովա
պտոյտի
մը
պահուն,
հայ
գեղերու
զառիթափին,
երբ
ձիերը
ջուր
կը
խմէին
առուակէն,
գլուխը
դուրս
հանեց
կառքէն:
Ուշադրութիւնը
գրաւո՞ղը:
Երգ
մըն
էր,
որուն
աղբիւրը
անյայտ,
բայց
ջերմութիւնը
յստակ
էր
չափազանց:
Ղրկեց
սեւամորթ
գերուհին
դէպի
թաւուտը,
ուրկէ
աղջիկ
մը
բերին
իրեն
իբր
երգիչ:
Իր
թերի
թուրքերէնովը,
աղջիկը
յաջողեցաւ
պատմել
երգին
բովանդակութիւնը:
Կը
գովէր
Հաճի
Մուրատը
ու
կը
հիւսէր
գովքը
անոր
քաջութեան
ու
սրտին:
Ճամբեց
աղջիկը,
անոր
ափին
դնելով
արծաթ
դրամ
մը:
Խճուղին
կը
մօտենար
դէպի
հայ
գեղերու
խումբը:
Հեշտ
իր
ընկողմանումին
մէջ՝
անիկա
աչքէ
անցուց
ճամբորդները,
թուխի
վրայ,
արեւէն
անգամ
մը
զարնուած
դէմքեր,
հայ՝
բոլորն
ալ,
տրտում
նոյնիսկ
իրենց
փոշոտ
կօշիկներուն
ալ
մէջէն:
Անիկա
չհարցուց
անոնց
ինչ
որ
այդ
րուպէին
կը
տանջէր
հոգին:
Հասած
գեղին
մօտ,
կալերը,
հո՛ն՝
ուր
խճուղին
կը
լքէ
հայ
գեղերը
ու
կը
ծռի
դէպի
ծով,
կեցուց
կառքը:
Տեսակ
մը
կիրճի
պատկե՞ր:
Ով
գիտէ:
Ճամբան
կը
ճեղքէր
ապառաժը
բաւական
երկար
գիծի
մը
վրայ:
Քարի
մեծկակ
կտորներ,
սպառնագին,
կարմրած
երեսներով,
կը
կենային
խռով
ու
զայրացած:
Անոնցմէ
ոմանք
ձգած
ալ
էին
իրենց
խարիսխը
ու
բացած
փոսեր,
որոնք
կը
յիշեցնէին
քարայրի
մուտքեր:
Անիկա
տրտմեցաւ
չարաչար:
Իր
նայուածքին
տակ
մարմին
եղաւ
տժգոյն
եւ
մեծահոգի
երիտասարդը,
աղջիկներէն
երգուած
Հաճի
Մուրատը,
որ
խպնոտ
ծաղիկի
մը
պէս,
վախուն,
գոցեր
էր
իր
հոգին,
երբ
իր
կրակէ
բիբը
խուզարկեց
զայն,
սպանդի
պահուն,
խճուղիին
մէջ:
Ամօթխածութիւնը,
արուին
մօտ,
տարօրինակ
արոմ
մըն
է,
շատ
հին
գինիի
մը
ունեցածին
նման,
զոր
փափկաճաշակները
չեն
թերանար
առաջին
ումպին
իսկ
ստոյգ
գնահատելէ:
Ու
ցանկացաւ
անիկա
անոր
անձին
--դասական
բանաձեւ
մը
գործածելու
համար,
որ
լաւագոյն
կերպով
կը
վերբերէ
կնոջ
հոգին,
երբ
կ՛արձակէ
անոր
լարերը
դէպի
չորս
ծագերը--,
առնել-փոխադրելու
համար
դէպի
իր
ծոցը
բիւրաւոր
փայլակներ,
կծիկ-կծիկ,
ինչպէս
փամփուշտը,
ռումբը՝
պատրաստ՝
եղկ
հպումով
մը
կրակ
ու
արիւն
ու
համ
ու
խենթութիւն
դառնալու:
Այն
օրէն
անիկա
բռնկած
էր:
Պտտեցաւ
անիկա,
անկէ
ետք,
ամէն
օր:
Զգոյշ՝
ոչ
իր,
այլ՝
տղուն
հաշւոյն,
անիկա
ըրաւ
իր
խուզարկումը
թաքթով
ու
ճարտար:
Առաջին
այցելութիւնները
կատարուեցան
թուրք
գեղերու
խշտիներուն,
բացավայրի
մարագներուն
ու
ջաղացներուն:
Էրիկը
յաճախ
կ՛ընկերանար
անոր:
Հետզհետէ,
իբր
թէ
քաղաքական
ծրագիրով
--թուրքերը
կազմակերպած
էին
հաւանական
ջարդը
ու
ըրած
բոլոր
պատրաստութիւնները--
անիկա
երեւցաւ
հայ
գեղերուն
ալ
մէջը:
Ու
եղաւ
անիկա
գեղը
Հաճի
Մուրատին:
Պատրուա՞կը:
--
Ջղային
ցաւ
մը:
Անիկա
օրհնել
տուաւ
ինքզինքը
իր
սիրահարին
մեծ
հօրը:
պարզ,
այնքան
որ
գեղի
աղջիկները
չէին
կրնար
հաւատալ
անոր
ազգութեան:
Երբ
համբուրեց,
բաց
երեսով,
քահանային
դողդոջ
ձեռքը,
անիկա
յուզուած
էր
խեղճ
հայ
հարսնուկի
մը
նման:
Ու
ըլլար
հարսը
ծերունի
տէրտէրին:
Թրքուհիները
այն
ատեններուն,
մանաւանդ
աւելի
առաջ,
մեծ
ազատութեամբ
կը
մօտենային
մեր
կրօնականներուն:
Իշխանուհիներ,
իրենց
ախտերուն
իբր
դարման
մեր
պատկառելի
եկեղեցականներուն
աղօթքը
կը
գերադասէին
հօճաներուն
թուղթերէն:
Անիկա
սարսռաց
մեծ
հօրը
աչքերուն
մէջ
հաստատելով
հուրքը,
որ
ինկեր
էր
իր
մէջ
սպանդին
օրը:
Խօսեցուց
զայն՝
թոռան
վրայ,
թաքթով,
հեռուներէն,
թեթեւ
հարցումներով,
կանչելով
ծերունիին
աղօտած
յիշողութիւնը
անոր
մանկութեան
ու
պատանութեան
սրտառուչ
դրուագներուն:
Մեռնողին
վրայ
այս
կարգի
վերադարձներ
հաւասարապէս
կը
յուզեն
խօսողը,
ինչպէս
լսողը:
Լացաւ,
իրական
ու
առանց
ամօթի,
անոր
հօրը
եղերական
մահը
ու
քրոջ
մը
պէս
եղաւ
քաղցր
մօրկանը
հետ,
հասուն
ու
լուրջ,
դեռ
պահելով
երիտասարդական
իր
անուշութիւնը,
տարօրէն
բաբախուն
այն
խուլ
խռովքով,
որ
Հաճի
Մուրատին
ձգողութիւնն
էր,
այդպէս
թերաստուեր,
բայց
հարազատ:
Անոր
ճերմկոտիկ
այտերէն
կը
յառնէր
յանկուցիչ
այն
հովը,
որով
պարուրուած
եղաւ
երիտասարդին
դէմքը,
նոյնիսկ
նախճիրէն
փշաքաղուած:
Անոր՝
չէրքէզուհի
Սանամին
բառերը
եղան
պարզ,
մօտ
ու
անուշ:
Հայերը
կը
սիրէին
այս
գաղթականները,
որոնց
նախնական
երաժշտութեան,
ընտանեկան
սովորութիւններուն
ու
աւանդութեանց
մէջ
կը
հաստատէին
ակնբախ
հանգիտութիւններ:
Ձիու
գո՞ղ,
այո՛:
Բայց
որոնց
կրնայիր
վստահիլ
աղջիկդ,
զոր
պիտի
պատուէր,
ինչպէս
բիբը
սեփական
աչքին:
Թո՞ւրք:
Երբեք
չեղան
անոնք:
Ու
տասը
տարուան
տղան
ալ
գիտէր
ատիկա:
Անոնց
գեղերուն
մէջ,
որոնք
հաստատուած
էին
լեռներու
անցքերուն,
հայերը
անվախ
կ՛երթային
գործի,
գործով,
ու
կը
մեծարուէին
անոնց
կիներէն,
որոնք
առանց
սաւանի,
ճիշդ
ու
ճիշդ
հայ
հարսներուն
նման,
ոսկի
շարոցով
ու
լեռնագեղ
մարմնով
կը
մօտենային
լուալու
ոտքերը
յոգնած
ճամբորդին:
Մեկնած
ատենը
գեղին
կիները
կը
փսփսային
անոր
ետեւէն:
--
Մեռոն
կայ
երեսին:
--
Հայ-քրիստոնեայ
է:
Անիկա
աշխատեցաւ
կապ
ստեղծել
ասպատակին
հետ:
Անհնար
ձեռնարկ,
քանի
որ
թուրքերը
ճամիի
բակերուն
մէջ
չէին
զգուշանար
կացիններ
սրելէ
ու
լուսնկան
կը
համրէին,
պայրամներու
կապելով
հայերուն
ջարդը,
զայն
արտօնող
հրամանը
սպասելով
յայտնի
անհամբերութեամբ:
Ո՞ր
խենթն
էր,
որ
հաւատար
պիտի,
վտանգուած
իր
գլուխէն
անկախաբար,
թուրք
կնիկի
մը
բարեւին:
Մնաց
որ,
թուրքերը,
առանց
կառավարութեան
դիմելու,
ինքնադիր
կազմակերպութեամբ
մը,
դաւով
ու
անշշուկ
մաքրած
էին
բոլոր
այն
տղաքը,
որոնց
մասին
կասկած
կը
շրջէր,
շրջեր
էր
ատենին,
հարեմներ
սրբապղծած
ըլլալու:
Այդ
տղաքը
ագարակէն
կամ
գեղերէն
չէին
դարձած
իրենց
տուները:
Ու
թուրքերը
պաշտօնապէս
պահանջեցին
անոնց
ծնողներէն
փոխարժէքը
իբր
թէ
գողցուած
ձիերուն,
վերցուած
ապրանքներուն:
Չէրքէզուհին
չեղաւ
կորովաթափ:
Իր
տարփանքը
կը
տասնապատկէր
զինքը
ու
կ՛ընէր
բազմահնար,
որքան
ճկուն:
Անիկա
եղաւ
միջամուխ
կառավարական
ծրագիրներուն:
Տիկիններու
յանձնաժողով
մը
չէր
ատիկա
անշուշտ:
Բայց
կիները
քաղաքականութիւն
կ՛ընէին
հայերու
գլխուն:
Կը
վախնային
լերան
մէջ
գործող
երեւակայական
զօրախումբերէ
ու
կը
պատմէին
թնդանօթները,
որոնք
շինուած
էին
հայ
դարբիններու
ձեռքով,
մէկ
ժամ
հեռուէն
հիմնայատակ
ընելու
գազա
ն:
Կ՛ըսէր
ասոնք
ու
կը
հաւատար,
երբ
քողուած,
յստակցած,
իրականութեան
ջնարակը
առած,
վերադառնային
իրեն:
Իր
ազդեցութիւնը
կը
գործածէր
զոյգ
հաշիւներու:
Կառավարութեան
ու
էրիկին
տրամադրելի
ուժերը,
զինուոր
ու
խուժան,
անիկա
օգտագործեց
ասպատակը
ձերբակալելու
յայտնի,
զայն
ունենալու
թաքուն
ցանկութեամբ:
Խստացան
անակնկալ
խուժումները,
կասկածելի
դիրքերու
վրայ:
Կատարուեցան
տասներկու
ժամ
տեւող
ընդհարումներ,
գրեթէ
անմատոյց
բարձունքներու
զառիթափին,
երբ
խրտուիլակի
մը
վրայ
համազարկը
գոռաց
ժամեր
ու
ժամեր,
մինչ
անդին
իր
թաքստոցին
մէջ
կռնակի
վրայ
պառկած
կը
սպասէր
Հաճի
Մուրատը:
Անիկա
փետեց
նաեւ
իրական
պաշարումները,
անհաւատալի
կռիւներու
նոր
շարք
մը
աւելցնելով
իր
թղթածրարին:
Ու
բարձրացաւ
աւելի
խոր
անտառներ,
ուր
անկարելի
էր
զայն
հետապնդել,
առանց
հրետանիի:
Հակայարձակում,
փախուստ,
վերադարձ:
Ըրաւ
այս
բոլորը,
ահաբեկելու
համար
կազմակերպուած
բայց
ստիպուած:
Իր
գլուխը
շատոնց
է
կ՛արժէր
հազար
ոսկի:
Սարսափած՝
չէրքէզուհին
վարձեց
մունետիկ,
պտտցուց
բոլոր
գեղերը
ու
բարձրացուց
գինը
անոր
ողջ
մարմինին
հինգ
հազար
ոսկիի:
Ասպատակին
համար
վտանգը
կը
սկսի,
երբ
դեղին
մետաղը
կը
միջամտէ:
Աղքատութիւնը
մայր
է
շատ
մը
մոլութիւններու,
ամէնէն
առաջ՝
դաւաճանութեան:
Վարձուեցան
անոր
գեղէն
եւ
ուրիշ
գեղերէ
զայն
ճանչցող
տղաք,
որոնք
մօտեցան
ասպատակին,
հիւրասիրուեցան,
խմեցին
հետը,
բայց
միշտ
առանձին:
Անիկա,
անզիջող,
մերժեց
երկուքը,
խումբով
մարդերը:
Անոր
արագութիւնը,
ուրիշին
դիտաւորութեան
թափանցումը
առածի
կարգ
էին
անցած:
Ողողեց
զանոնք
իր
բարութեամբը,
բաց
սիրտովը,
քաղցրութեամբը:
Այսքան
ասպետութեան
դիմաց,
դաւադիրները
նիզակուած
իրենց
խղճմտանքէն,
լալով
խոստովանեցան
անոր
իրենց
առաքելութիւնը
ու
Աստուծոյ
մեծ
աչքին
յանձնելով
անոր
արեւը,
դարձան
ետ,
կառավարութեան
ծեծն
ու
բանտարկութիւնը
յանձն
առած:
Եղաւ
անիկա
հետզհետէ
անմատոյց,
ու
աւելի
գեղեցիկ:
Իր
անունը
կը
լեցնէր
լեռնաստանը
ու
ստորոտի
արտորաները:
Բայց
ինքը
կը
դառնար
անգտանելի
ու
հեքիաթ:
Ժողովուրդին
երեւակայութիւնը
կը
յօրինէր
սխրալի
դրուագներ,
քաջութեամբ
ու
բարութեամբ
լուսապսակուած:
Ասդին,
չէրքէզուհին
ինկած
էր
հիւանդ:
Յուսահատ՝
անիկա
ձեռք
առաւ
հաստատ
միջոցներ,
պարզ
ու
սովորական,
որոնք
յաճախ
հասած
են
սիրտին:
Մետաքս
ծրարիկի
մը
մէջ
անիկա
հասցուց
ասպատակին
իր
լուսանկարը,
սպանդի
վայրին
վրայ
հանուած,
նոյն
աւուր
տարազով,
ճիտէն
հանելու
համար
շարոցը
հինգ-մէկերուն,
բայց
աչքերուն
մէջ
դրած
այն
անհունութինը,
որով
բանաստեղծները
սէրը
կը
շփոթեն
ծովուն
հետ
ու
այն
մօտութիւնը,
որով
նայուածք
մը
ուրիշը
միայն
քուկդ
կ՛ընէ,
կարծես
քեզմէ
բխած
ու
քեզի
դարձող:
Ըրած
էր
այս
խենթութիւնը,
էրիկը
համոզելով,
ինքնատիպ
այս
տեսարանին
խոր
խռովքին,
երբ
լուսանկարը
հասնէր
պալատ,
ու
հարեմին
տիկինները
տեղեակ
դառնային
իր
գլխէն
անցած
ահաւոր
վտանգին:
Ո՞ր
էրիկը
հակառակը
մտածեց
իր
կնիկին
փաստերուն:
Ծրարին
մէջն
էր
նաեւ
մատնին,
զոյգը
անոր,
որ
տրուած
էր
Հաճի
Մուրատին,
սպանդին
օրը:
Դիւանապետին
պարտիզպանը,
Հաճի
Մուրատին
գեղէն,
այր
ու
կնոջ
հաւանութեամբը
--ո՜վ
հեգնութիւնը
մեր
հաշիւներուն,
որոնք
իրարու
դէմ
քալելու
համար
խեչափառին
ոտքերը
կ՛ընտրեն
յաճախ--
առնուած
էր
իրենց
մօտ
ծառայութեան:
Մաշկէն
բծաւոր
մարդ
մըն
էր
անիկա,
ահագին
իր
քիթովը,
որ
կապոյտի
կը
զարնէր
ու
հմայիչ՝
իր
բարբառովը,
երբ
կը
պատմէր
իր
երիտասարդութեան
շրջանէն,
յիսուն
ձիու
առաջ
ինկած
ծխախոտը
փախցնելով
ռէժիի
դէտերուն
յարձակումէն:
Տասներկու
զաւկըներէն
իրեն
կը
մնային
երկու
աղջիկ,
որոնք
իրմէ
ժառանգած
էին
արգաւանդ
արգանդներ
եւ
տունը
մարած՝
իրենց
էրիկներուն,
կէս-երկվեցեակէն
վեր
զաւկըներով:
Տղաքը
մեռեր
էին
տասնհինգին
ու
քսանին
մէջտեղերը,
իրենց
մօրերնուն
հետեւելով,
«գերեզմանէն
անդին»:
Տխուր
էր
ու
երգող,
այնքան
սրտառուչ,
որ
թուրքերը
կը
խոնաւնային
ապառաժ
իրենց
աչքերէն:
Չէրքէզուհին
կը
սիրէր
զայն,
իր
դժբախտութեան,
ինչպէս
երիտասարդ
օրերու
մնացորդ
տեսակ
մը
բացսիրտ
վստահութեանը
համար:
Կ՛աշխատցնէր
քիչ:
Կը
կերցնէր
լաւ:
Կը
զբաղէր
քովը,
ականջը
տուած
անոր
մեղեդիներուն
ու
դէմքը
բացած,
առանց
քաշուելու:
«Հօրը
տարիքէն»
այդ
մարդուկը
առանց
մեղքի
կրնար
դիտել
անոր
դէմքը:
Առաւ
զայն
իր
ծրագիրներուն
մէջ,
նուէրով
ու
բարութեամբ:
Ու
բացաւ
անոր
իր
գաղտնիքը:
Սրտառուչ
պատկեր
մըն
էր,
երբ
հնօրեայ
դէպքերուն
շարանին
մէջէն
ծերուկը
պատմեց
անոր
անհաւատալի
սիրավէպ
մը,
անցած
իր
գլխէն,
այն
հին
օրերուն,
թուրք
գեղի
մը
մէջ,
ուր
կը
փոխադրէր
իր
ծխախոտները:
Ինչպէ՜ս՝
մեծ
ախոռին
մէջ,
ձիերուն
աղօնքին
ատենը,
անիկա
մութին
մէջ
զգաց
ձեռքը,
որ
կը
բանար
իր
եափընճի
ն:
Ինչպէ՜ս՝
անոր
աչքերուն
աղօտակի
ծագեցաւ
տեսակ
մը
ճերմակութիւն,
որ
կլորցաւ,
ծունկի
ձեւ
մը
եղաւ
իր
գլխուն
մօտիկ:
Անիկա
բռներ
էր
այդ
ձեռքը
ու
բռներ
--այսքան
տարիներ
չէին
ջնջած
այդ
տպաւորութիւնը--
կրակ,
որ
չըլլար
այրող:
Առած
էր
ներս,
ծոցին:
Տանուտէրին
աղջիկն
էր.
անունը
Սանամ
(ծերուկը
կը
հնարէ՞ր,
թէ
ճիշդ
կը
պատմէր):
Պագեր,
սեղմեր,
ծամեր
էր
անոր
մազերը
ու...
այդքան:
Յետո՞յ:
Անիկա
չարչարեց
չէրքէզուհին
ու
պահեց
շարունակութիւնը
դրուագին
այն
օրը,
վասնզի
անոր
էրիկը
պարտէզ
էր
մտած:
Սրտառուչ
հետաքրքրութի՜ւնը
կիներուն:
Պարտիզպանը
ըսաւ
աւելին:
Ու
այդ
աւելին
քաղցր
էր
այնքան,
որքան
տխուր:
Անիկա
խնայած
էր
այդ
աղջկան,
յարգելով
արեւելեան
առաքինութեանց
ամէնէն
նուրբը:
Յետո՞յ:
Անշուշտ:
Պահեց
հիւրընկալին
պատիւը
ու
պահեց
իր
ալ
պատիւը,
մերժելով
թրքանալ,
այդ
աղջկան
սիրոյն:
Պատահարը
մնաց
այդ
սահմաններուն
վրայ:
Աղջկան
հայրը
մեռաւ
սրտին
ցաւէն:
Ու
ինք,
երիտասարդ
Համազասպը
(ծերունին
ազգային
պատմութենէն
գիտէր,
թէ
մեծ
իշխան
մըն
էր
տէրը
իր
անունին)
ա՛լ
չերեւցաւ
այդ
գեղին
մէջ:
Ու
կարգուեցաւ,
հետեւելու
համար
ամէնուն
ու...
հոս
էր,
այս
տարիքին,
օտարի
հողին
վրայ
մաշեցնելու
իր
վերջին
ուժերը:
Այս
պատմութիւնը
տրտում
իր
խորհուրդովը,
վիպական
իր
խորութեամբը
արցունք
բերաւ
երիտասարդ
տիկինին
մինչեւ
իսկ
մազերէն:
Անիկա
չէր
կրնար
հաւատալ,
թէ
այդ
քայքայուած
մաշկին
տեղ,
օր
մը,
այդ
երեսներուն
վրայ
վառեր
էր
ուրիշ
ձեւ
մը,
այնքան
խռովիչ,
որ
պարման
աղջիկ
մը
դղրդէր
իր
դարաւոր
օրէնքներէն,
նետէր
դուրս
ազգէն
ու
կրօնքէն
ու
հրէր
ծոցը
մութին
ու
վտանգին:
Այդքան
ուժո՞վ:
Ու
ծիծաղելի
էին
իր
սիրահարները,
իրենց
բրնձափոշուած
ու
աղջկան
պէս
սանտրուած
դէմքերով:
Պարզտիզպանը
ելաւ
լեռ,
գտաւ
ասպատակը
ու
ձեռքովը
յանձնեց
ծրար
աւանդը:
Ծանօթ
էին
իրարու:
Խօսեցաւ
«ոսկի
հանըմին»
վրայ,
հեռաւոր,
սուրբի
մը
պէս,
որ
ըլլար
սիրած:
«Եկած
էր
այդ
ճամբաներէն»,
ինչպէս
փոխաբերաբար
կը
հասկցնեն
փորձառուները,
երբ
կը
պատմեն
հին
բաները,
նորերուն
իբր
հայելի
ծառայեցնելով
իրենց
ուսումը:
Գովեց
մարդամօտ
կինը,
որ
ծունկ
ծունկի
հաց
կ՛ուտէր
ծերուկին
հետ
ու
խնդացած
ատենը,
իր
այտերուն
մէջ
կաթող,
խենթացնող
փոսիկովը
թունդ
կը
հանէր
ծերուկին
վաթսունէն
վեր
ձմեռը:
--
Թուրք
չէ՛:
Այս
հաստատումը
էական
էր
իր
կարծիքով.
վասնզի
հեշտանքը
--թուրք
կիներուն
գերագոյն
զսպանակը--
կը
մեղմանար
ցեղային
ուրիշ
տարրերով:
Ամէնքն
ալ
կերած
էին
չէրքէզներու
հացը
ու
տեղեակ
էին
անոնց
բարքերուն
մէջ
տիրական
գիծին,
մէրտ
ութեան:
Ու
նկարագրեց
ինչ
որ
տեսած
էր.
--
Միսն
ու
հոգին,
երկուքն
ալ
իրարմէ
աղուոր:
Անոր
պէս
ճերմակ
մորթ
ինք
չունէր
տեսած
Իզնիկու
լման
գեղերուն
մէջ:
Ու
չէր
խորհեր
իր
միամտութեան,
երբ
այդ
խեղճուկ
գեղերը
աշխարհին
կեդրոնը
կ՛ընդունէր:
Ու
անոր
հոգին՝
հայ
քրիստոնէի
հոգի:
--
Աչք
ու
լեզու:
--
Ու
բնութք:
--
Մեռոնն
է
պակաս,
օղո՜ւլ,
մեռո՛նն
է
պակաս:
Ասպատակը
եղաւ
մութ,
կասկածոտ,
խորունկ
ու
խենթ:
Բացին
ծրարը:
Մետաքս
թաշկինակ,
վրան
կարմիր
գիրերով
բանուած՝
«Եթէ
էրիկ
մարդ
ես»...
Իր
գիտցած
կտոր
մը
թուրքերէ՜նը:
Էրիկ
մա՞րդ:
--
Է՛ր
անիկա
մինչեւ
եղունգները:
*
*
*
Ու
լեռներուն
անառիկ
ասպետը,
հարիւր
ու
մէկ
յանցանքներով
դատապարտուած
մահապարտը,
որուն
գոյութիւնը
պաշտօնանկ
էր
ըրած
կարճ
ժամանակի
մէջ
չորս
հատ
գայմագամ,
իջաւ
ցած
թուրքերուն
բերդը,
մահուան
հետ
դաշինք
կնքելով:
Անիկա
ատկէ
առաջ
փորձեր
էր
վերջ
տալ
իր
կեանքին
քանի՜-քանի՜
անգամներ:
Իր
կարծիքով
քիչ
բան
էր
զոհածը:
Անոնց
իրար
հանդիպումը
կարգադրողը
եղաւ
քառսուն
տարի
առաջուան
Ճիվան
Համազասպը,
որուն
անունէն
առաջին
մասը
մաշեր
էր
ծերութենէն
եւ
երկրորդէն
ալ
կը
մնար
կրծուկ
մը
բան,
--
Համօ
էմմի:
Հիմա՝
պարտիզպան:
Տիկինը
կը
դառնար
նաւահանգիստէն,
սեփական
կառքով:
Իր
սովորութիւնն
էր
կանգ
առնել
ուրիշ
ատեններ,
այն
կէտին,
ուր
ինկած
էին
դիակները
աւազակներուն:
Պտոյտ
մը,
քարայրին
կողմերը,
որուն
միջոցին
իրեն
կ՛ընկերանային
սեւամորթ
գերուհիներ:
Անիկա
աչքէ
կ՛անցընէր
քարայրը,
մուտքին
աճող
ծառի
մը
ճիւղին
կը
կապէր
կտոր
մը
լաթ,
փրցուած
իր
շապիկէն
ու
կը
դառնար
խճուղին:
Ասիկա,
ուրիշ
անգամներ,
էրկանը
հետ
ճամբորդած
պահուն
ալ:
Կատարուեցաւ
հանդիպումը,
նոյն
պայմաններով:
Հագուած
ճիշդ
ու
ճիշդ
հին
օրուան
նման՝
անիկա
մտաւ
քարայրը,
այս
անգամ
մինակ:
Քսան
քայլ
ետեւէն
Համօ
էմմին,
որ
կը
տնտնար:
Հոն
էր
ասպատակը:
Չէրքէզուհի
Սանամը
ինկաւ
անոր
գիրկը,
հաճոյքէն
նուաղած:
Նոյն
գիշերը,
Հաճի
Մուրատ,
հագուած
ռէնչպէր
ի
տարազ,
մտաւ
տունէն
ներս
թղթակցութեան
դիւանին
ընդհանուր
տնօրէնին,
դիւրութեամբ,
ընտանի
ու
մահահանգոյն:
Ու
ապրեցաւ
անիկա
այդ
տունին
մէջ,
շաբաթ
մը
ամբողջ,
դիւանապետին
քիթին
տակ,
որ
կը
խօսէր
կնոջը
ասպատակը
ձերբակալելու
համար
իր
ջանքերէն,
ծրագիրներէն,
յոյսէն
ու
վստահութենէն,
ի
վարձատրութիւն՝
պաշտօնի
բարձրացումին,
հայերէն,
որոնց
արիւնը
արդէն
կը
հոսէր
արեւելեան
ու
հարաւային
նահանգներուն
մէջ:
Նենգ,
թուրք
այս
պաշտօնեան
անկարող
էր
շիտկէ
շիտակ
իր
պապերուն
բարբարոսն
իսկ
ըլլալու:
Ո՛չ
կողոպուտը,
ոչ
ալ
կիները
չէին
խանդավառեր
զինքը
գալիք
աղէտէն,
այլ
պետութեան
թշնամի
տարրին
տկարացումը,
ի
պահանջել
հարկին
բնաջնջումը:
Իր
թաքստոցէն
Հաճի
Մուրատ
կը
դատէր
այդ
մտայնութիւնն
ու
Պոլսոյ
բարակ
պարոններուն
անորակելի
անիմաստութիւնը:
Որքա՜ն
քիչ
կը
ճանչնայինք
այն
ժողովուրդը,
որուն
դէմ
ելլելու
որոշումն
էինք
տուած:
Տնօրէնը
կը
բարբանջէր,
կը
հայհոյէր,
ցախ
մօրուքը
կը
շոյէր
ու
կ՛երթար
դիւան,
կինը
ձգելով
ասպատակին:
Ու
խելացնոր
բան
էր
քաղաքական
էնթրիկ
ներուն
ու
ատելութեանց
վերեւէն,
յորդ,
անհաշիւ
կենսուրախութեան
ու
վճռուած
անճողոպրելի
մահուան
իրերադրումին
մէջ
սա
աղիտաւոր
տարփանքը,
ժամերով
գիրկ
գիրկի
հիւսքը,
ուր
զգայարանքները
իրար
հակասող
յոյզեր
կը
հաւաքէին
տարօրինակ
խարոյկէն:
Ուր
մանչը
ինքզինքը
բացած
երակ
մը
գիտէր
մահուան
մեծ
տակառին
վրայ,
ու
կինը՝
նոր
բացուած
ծաղի՜կ
մը,
սրբազան
շաղին,
լոգնալու
չափ
հոգիին
մազերը
մինչեւ:
Ու
եղերական
բան
էր,
որ
հակառակ
խստագոյն
պարագրկումին,
հաշիւներու
եւ
զգայութեանց
այս
տարբերութիւնը
ըլլար
աննշմար
փոխադարձ
տենդէն.
ու
ամէն
մէկը
յամառէր
ինքզինքը
տեսնել
դէմինին
գիծին:
Անոնք
իրարու
կը
մօտենային
կէտի
մը
միայն,
--
զգայարանքներու
այն
գերագրգռութիւնը,
որ
հաւասարապէս
կը
մրրկէր
զիրենք:
Կշտանալու
փոխարէն
հետզհետէ
զայրագնող
անօթութիւնն
էր
ատիկա
իրարու
միսին,
տեսակ
մը
սովաբեկում,
որով
կը
տառապին
ուտող
ու
չկշտացող
ախտաւորները,
մարմինին
մարզերէն:
Հոգին
ալ
ունի
իր
շաքարախտը:
Իզո՜ւր,
իրար
սպառելէ
ետք,
անոնք
կը
սկսէին
նոյն
շաղապատումը,
կրակէն
զովութիւն
հայցող
յիմարի
միամտութեամբ,
տասն
անգամ
աւելի
խիտ
ընելով
պահը,
ա՛յնքան՝
որ
հաճոյքը
կը
լեղուընար
այդ
ճնշումէն
ու
հեշտանքը
կը
դառնար
աղի
քրտինք
մը,
որ
հոգիին
մաշկէն
չի
կրնար
զատուիլ:
Սեւաչուի,
կատաղի,
երիտասարդ
չէրքէզուհին
նո՞ր
էր,
որ
կը
ճանչնար
արուն,
ինք՝
որ
ութով,
տասով
փոխեր
էր
զայն
կարճ
տարիներու
վրայ
ու
մտած
էր
տարփանքէն
ներս,
գինովի
նման,
հերարձակ
ու
խենթ:
Տասնհինգ
տարեկան
էր
գրեթէ,
երբ
ունեցաւ
առաջին
արուն:
Իրողութիւն
էր,
որ
նոր
կը
հանդիպէր
այն
միւսին,
որ
կ՛ընկճէ,
աչքով
ու
մարմնով,
ու
կը
յոգնեցնէ
հաճոյքին
բոլոր
աւշերակները,
դիմանալով
անվախճան
տուչութեան,
մշտանորոգ
ու
անմահ:
Անոր
սիրահարները,
բացի
առաջինէն,
որ
ախոռապան
մըն
էր,
հաստ
ու
վայրագ
ու
ճուացուց
զինքը
ամբողջ
քառորդ
ժամ,
ձիերն
իսկ
խրխինջի
հանելով
ախոռին
կից,
ներսը,
պատգարակին
վրայ
զինք
կործ[ան]ած
ատեն
եւ
որ
այդ
մեղքը
քաւելու
համար
պիտի
մտնէր
բանտ,
անկէ
ալ
Եմէն,
զոհ
երթալով
դեղին
ցաւի
մը,
անոր
սիրահարները
դիւաններու
եւ
սպաներու
վարժարաններէ,
բարակուկ
պէյեր
ու
էֆէնտիներ,
գեղադէմ
բայց
կնիկի
համով,
մանաւանդ
զուրկ
տարերկրեայ
այն
արուէն,
որ
օտար
կրօնքէ
ու
օտար
ցեղէ
գուցէ
ըլլալուն,
այնքան
հզօր
կը
ներգործէ
մեր
թաքուն
կեդրոններուն,
կը
թոռմէին
իր
ծոցին
վրայ,
լխկած,
մեռել,
կէս
ժամէն
քիչ
տեւողութեամբ
մը,
պարպուած
իրենց
կենսունակութենէն,
քնանալով
ուժասպառ,
ձգելով
զինքը
իր
կիրքին
ասեղներուն
տակ,
բզիկ-բզիկ,
տրորուն,
ծարաւ,
անկուշտ
ու
սովաբե՜կ:
Ու
խելացնոր
բան
ներսէն
դուրս
այն
աճումը,
յորդումը,
որ
անոր
մերկութիւնը
կը
հանդերձէր,
կ՛ուռեցնէր,
կ՛ընէր
սպառազէն
ու
յարձակող,
անոր
միսերուն
մէջ
տնկելով,
կրկնելով,
ճիւղաւորելով
կեդրոնեան
ջիղերն
ու
երակները,
ընելով
անոր
սրունքը
այնքան
կին
ու
կռնակը՝
այնքան
էգ,
որքան
են
անոր
սեռային
կեդրոնները:
Ու
այս
աճումը
կը
վերածէր
անոր
կուրծքը
մարմարի
անսպառ
հանքի
մը,
ուրկէ
կ՛առնուէին
բուռ-բուռ,
բերան-բերան
գմբէթները
անոր
ստինքներուն,
բայց
չէին
հատներ,
անվախճան
բխումով
մը
ծլելով
կրկին,
հետզհետէ
աւելի
առաձիգ,
աւելի
զգլխիչ,
աւելի
վարդ
ու
կարագ:
Ու
խելացնոր
բան
էր
պահանջկոտութիւնը
անոր
բերանին,
տեսակ
մը
բնազդական
բարբառ,
նոր,
անլուր,
վազելով
խելայեղ,
գտնելով
ու
բերելով
վեր,
ահաւոր
խորութիւններէ,
պատկերներ
ու
ճիչեր,
որոնք
կը
շփոթուէին
իրենց
ակերուն
վրայ,
վերածելով
այսպէս
սրտագին
ընծայաբերուած
անոր
մարմինը
բիւրալեզու
բ[եր]անի
մը,
բիւրաղի
նուագարանի
մը,
որ
կը
ջնջէր
աղն
ու
կծուն
տարփանքին,
ու
կը
հալեցնէր
անոր
միսերուն
ճարտարապետութիւնը
րոպէէ
րոպէ
փոխելով
կինը՝
տղու,
անոր
պէս
թարմ
ու
անմեղ,
փրփոշ
ու
զովուկ,
հեշտանքէ
հեռու:
Փոխելով
զայն
մօր,
անհաս
լայնութեամբ,
որ
կը
սեղմէր
ասպատակին
գլուխը
իր
ծիծերուն
փոսին,
բայց
կ՛ընէր
ատիկա
այնքան
մաքրութեամբ,
այնքան
գորովով,
որ
լեռներու
տառապած
երիտասարդը
կը
մոռնար
կինը,
կը
գտնէր
իր
մայրը,
այդպէս
անուշիկ
ու
այդպէս
իրաւ,
փափուկ,
ամբողջ
վստահութիւն
ու
ապաւէն:
Վերածելով
զայն
նշանածի
մը,
բարակ
ու
թեթեւ,
հեռաւոր
ու
վախկոտ,
որ
նայուածքին
մէջ
ծաղիկ
կը
դառնար
ու
գալիք
կեանքին,
ամուսնական
շրջանին
ամբողջ
ծիածանը
կը
կամարէր
իր
միսերէն
դէպի
սիրտը:
Կիներու
մարմի՜ն.
քեզ
ո՞վ
ըրած
է
այդքան
խորհուրդով,
այդքան
նորութեամբ:
Ու
կ՛ըլլար
անիկա
խաղաղ
հանգիստը,
փոթորիկէն
ետք,
ջուրէն
նոր
ելած,
արձանի
նման
նոր
ու
ցանկալի:
Ու
կը
պոռար
անիկա,
դուրսէն,
սպասուհիներէն
լսուիլն
իսկ
աչք
առած,
երգը
իր
սեռին:
Ու
կը
պոռար
անիկա,
զուսպ
ու
յիմար,
ցայտքը
իր
արգանդին,
ճուալով
այնպէս,
ինչպէս
եղեր
էր
ատիկա
հեռաւոր
ախոռին
մէջ,
հեկեկաձայն,
կտոր-կտոր,
սիրտէն
վախնալով,
որ
չըլլայ
փրթի,
մարմինէն
յիմար՝
զայն
խանձողի
նման
այրումի
մէջ
դատելով:
Ճուալով,
աղերսելով,
լալով
ու
բազուկները
անոր
կռնակին
վրայ
գոցած
ատեն
եօթը
երկինք
փաթթողի
մը
երանութեամբ:
Կի՛նը՝
երբ
կը
սիրէ
սիրտէն
ու
արգանդէն:
Ու
խելացնոր
բան
էին
անոնք,
այդպէս
քով-քովի,
վանդակներով
զրահուած
պատուհանի
մը
շուքին,
տարփանքէն
շոգեւոր,
շունչէ
նեղ,
շրթունքէ
վիրաւոր՝
երբ
չէրքէզուհիին
անթերի
կորագիծը,
ետեւէն,
անմահ
մկրատէ
մը
ձեւուած
թերթ
մը
արիւն
կը
դառնար
կորնթարդ
զետեղուած,
աչքերուն
անհունութեանը
ներքեւ,
որոնք
իրենց
սեւէն
պուտ-պուտ
կրակ
կ՛արձակէին
ու
կը
վառէին
դալկահար
շնորհ
մը
տղուն
երեսին,
լեռնական
բայց
տարօրէն
նուրբ,
հետզհետէ
հեռացած
իր
արեւին
կիզումէն
ու
դառնալով
սկզբնաւոր
երանգին,
բաց
ճերմակ
ու
կէս
մը
աղօտ:
Երբ՝
խօսելէ
յոգնած,
տարփանքէն
հեռու,
սիրելու
համար
իրենց
սէրը
անոնք
իրարու
կու
տային
իրենց
ձեռքը,
եւ
կ՛երկարէին
իրարու
հոգիին
ինչ
որ
բառերով
չէ
բացատրելի:
Վերլուծումը
չի
հասնիր
բեհեզ
ու
գաղջ
ճնշումներու
պարագրումին:
Անիկա
պէտք
ունեցաւ
լեռնականի
ու
տէրտէրորդիի
իր
ամբողջ
կորովին,
ինքզինքը
ազատելու
համար
արգանդին
անդունդէն:
Անդո՞ւնդ:
--
Հարկաւ՛
քանի
որ
անոր
եղաւ
առաջարկ,
«յանուն
իրենց
սիրոյն»,
կրօնքը
փոխելու,
գէթ
աշխարհի
աչքին:
Ասիկա
միակ
ելքն
էր
անոնց
տրամին:
Չէրքէզուհին
յանձն
կ՛առնէր
յարդարել
բոլոր
արգելքները,
մաքրել
անոր
թղթածրարին
բոլոր
մեղքերը,
Պոլսոյ
վրայով
ազդել
դատաւորներուն
եւ
ոստիկանութեան:
Ու
կը
փռէր
անոր
առջին
հեռանկար
ապագան,
պետութեան
բարձր
պաշտօնները,
որուն
արժանիքը
ունէր
անոր
քաջութիւնը:
Ու
կը
թուէր
իրեն
ծանօթ
մեծ-մեծ
անուններ,
իրենց
պատմութենէն,
որոնք
մնալով
իրենց
նախագիծ
պայմաններուն
մէջ,
պիտի
անցնէին
աննշմար
եւ
որոնք
յարմարելով
նոր
միջավայրին,
ելեր
էին
բարձր
կատարները
մարդկային
արարքներուն:
Անոր
կարծիքով,
երիտասարդ
այդ
տարիքը
բաւ
էր
փոխարինելու
շատ
մը
պակասներ:
Ու
կը
հրաւիրէր
իր
տարփաւորը
չունեցած
իր
կրօնքին,
անկեղծ
ու
սիրայորդ:
Ու
կը
փռէր,
մռայլած
ու
լացակամ
անոր
դէմքին
բերելու
համար
քիչ
մը
քաղցրութիւն,
քիչիկ
մը
բերկրանք,
իր
մարմինը
անոր
բազուկներուն
այն
ընտանութեամբ
ու
այն
լքումով,
որ
վեր
են
սեռէն,
հակառակ
անոր
ուռկաններէն
ծորած,
աղու[ա]մազուած
ըլլալնուն:
Որ
քանի
մը
ժամուան
մէջ
քեզի
օտար
պատկեր
մը,
քեզի
համար
կեանքիդ
չափ
ու
աւելի
սուղ
մտերմութեան
մը
կը
վերածէ:
Ընտանի,
խոր,
իրաւ
այդ
վիճակին
մէջ
կ՛աճէին
անոր
շնորհները,
գրաւչութիւնը:
Նոյն
այդ
վիճակը
կը
ճարէր
անդիմադրելի
հարազատութիւն
մը
անոր
բազուկներուն,
մատներուն,
շրթունքներուն,
որոնք
տղուն
վրայ
շրջուած
ատեն
այդ
պահը
կ՛ընէին
խաղաղ
անէացում
մը,
աշխարհէն
տարագրում
մը,
տեսակ
մը
ընկղմում
բանի
մը
ծոցը,
որ
վեր
էր
իրենցմէ:
Սէ՞ր:
Ատիկա
բառ
մըն
է,
որ
պղծուած
է
հիմա:
Ատիկա
բառ
մըն
է,
որ
կը
թելադրէ
հակադիր
վիճակներ
ու
մռայլ
պատկերներ:
Չի
կաղապարեր
սա
անգայտացումը,
հիւլէացումը,
վտանգով
անհունապէս
քաղցրացումը
մեր
էութեան
ամէնէն
դիւրաբեկ,
բայց
ամէնէն
հզօր
մէկ
ուժին:
Որ
նոյնն
է
մեր
ամէնուն
մէջ,
բայց
կը
փոխուի
կայքէ
կայք:
Ի՞նչ
է
սէրը:
--
Տեւողութեան
շոգիացումը,
մեր
զգայութիւններուն
թեւաւորումը,
ա՛յնքան՝
որ
զայն
կը
կարծէր
ազատ,
վեր՝
բանտէն
ու
մահէն,
տէր՝
իրենց
զոյգ
ճակատագիրներուն:
Դո
՞ւրսը:
Թուրքերուն
կայսրութիւնը
կը
մտնէր
իր
եղերական
ծիածաններէն
մէկուն
մէջ:
Կու
գային
կրկէս
անոնց
նախնիքները,
իրենց
նախնական
զէնքերով
ու
բնազդներով:
Հայկական
Հարցը
կը
վազէր
իր
սրտաճմլիկ
արարուածներուն,
նահանգէ
նահանգ,
նոյն
ու
անողոք:
Արձակուած
էին
ուրականին
երախները:
Ամէն
գաւառ
կը
ստանար
իր
հեռագրական
հրահանգները,
որոնց
թաքուն
իմաստը
թափանցիկ
էր
գրեթէ
փողոց
աւլող
հանգստեան
կոչուած
չաւուշին
անգամ:
Հաճի
Մուրա՞տը:
Թուրքերը
զայն
կը
փնտռէին
«փութոյ
պնդութեամբ»:
Լեռներէն
իր
բացակայութիւնը
ուշագրաւ
նորութիւնն
էր
ամիսին:
Լրտեսներ
վարձուեցան
Եալովայի
ծովեզրին
երկայնքով:
Անոր
ընկերները
զայն
կ՛ընդունէին
անցած
Պոլիս,
նաւ
մը
զէնք
ճարելու
գործով:
Անիկա,
պարտէզին
խորը,
գետնափոր
թաքստոցի
մը
մէջ
կ՛անցընէր
իր
ցերեկները:
Գիշերները,
կնոջ
պէս
հագուած,
կը
թափանցէր
հանըմին
սենեակը:
Քիչ-շատ
ունեւոր
թուրքի
մը
տունը
կը
բաղկանայ
երկու
որոշ
բաժիններէ,
իւրաքանչիւրը
առանձին
գործածութեամբ:
Այրը
կը
գրաւէ
անոնցմէ
մէկը,
որ
իւրայատուկ
շինուածքով
կը
զատուի
միւսէն,
յատկացուած
կիներու
բնակութեան:
Դասական
սէլամլըգ
ը
եւ
հարէմ
ը:
Ասոնք
կը
հաղորակցին
միջանցիկ
դուռով
մը,
որուն
բանալին
կը
հանգչի
տանուտէրին
մէջքին:
Չէրքէզուհիին
էրիկը,
յիսունէն
վեր,
իր
շատ
մը
մեղքերուն
տոկոսները
կը
վճարէր
արդէն,
սկսելով
քաւութեան
գործը
կանխահաս
անկարողութեամբ
մը,
անառնութեամբ
մը:
Կէսի
իջած
ու
յաճախ
ատկէ
ալ
վար
իր
առնութեամբը
ան
ամօթ
կը
զգար
իր
կնոջը
մօտենալու
եւ
կը
ձգէր
զայն
հանգիստ,
վերապահելով
ինքզինքը
իր
ճղճիմ
հաճոյքին,
քանի
որ
իր
բաժինին
մէջ
կը
պառկէր
իր
փոքրագոյն
քարտուղարին
հետ,
վեշտասանամեայ
պատանի,
զինուորականի
մը
որբը,
վռնտուած
սպաներու
վարժարանէն,
խառնակեաց
ու
խառնակիչ
իր
կենցաղին
համար
ու
ձգելով
Պրուսան,
ուր
ծանօթ
ըլլալով
դիւանի
աւագ
գրագիրին
«արհեստաւոր»
բնաւորութեան,
հետեւած
էր
անոր,
պաշտօնին
բարձրացումին
հետ-
դէպի
գիւղաքաղաքը,
ու
կ՛առնէր
անկէ
գիրի,
գեղագրութեան
դաս,
ատեն
մը
իսկապէս
փայլուն
ասպարէզ,
շլացնելու
չափ
շատ
ուսուցիչներ.
ու
կը
սորվէր
խմբագրել,
գեղագիր
ու
պետական
թղթակցութիւնը
ջուրի
պէս
գիտցող
դիւանապետէն,
ատենին
բանաստեղծ,
հիմա
ծերունի,
ջերմանալու
համար՝
կարօտ՝
տղոց
միսերուն:
Այս
ամուսնութի՞ւնը:
--
Կատարուած
էր
ծածկելու
համար
խոշոր
գայթակղութիւն
մը,
որուն
միակ
վկան՝
թղթակցութեանց
դիւանին
աւագ
քարտուղարը
պաշտօնի
բարձրացումով
մը
կղպեց
բերանը:
Անիկա
նիքեահ
ը
ըրաւ
որոշ
պայմաններով:
Քսանհինգ
տարեկան
էր
չէրքէզուհին
ու
չորս
անգամ
ամուսնացած:
Ու
մինչ
իր
բաժինին
մէջ
դիւանապետը
կը
տաքցնէր
իրր
սառած
անդամները
իր
քարտուղարով,
անդին,
անոր
կինը,
իր
կարգին,
կը
տաքնար
Հաճի
Մուրատին
ծոցը,
ինքզինքը
տեղաւորած,
պուպրիկէ
մը
աւելի
անմեղ
ու
վայելչագեղ:
Տո՞ւնը:
--
Հարկաւ:
Չգիտցողը
ո՞վ:
Անիկա
վարձած
էր
ամուսինին
կողմէ
ճարուած
բոլոր
սպասուհիները,
որոնք
էրիկին
սմսեղուկ
ու
կծծի
բնաւորութիւնը
կը
պահէին
հարկաւոր
խաղաղութեան
մէջ,
ամէնօրեայ
զեկուցումով
մը
գծելով
տիկինին
ժամերը
ու
անոնց
գործածութիւնը,
լռելով
հիմնականը,
վասնզի
փոխարէնը
կ՛ընդունէին
բուռով
արծաթ
ու
երբեմն
ալ
ոսկի:
Անիկա
արդէն
իր
հետ
ունէր
մօրենական
իր
սեւամորթ
գերուհիները,
շունէն
աւելի
անձնուէր
ու
հաւատարիմ,
որոնք
տիկինին
իբր
շուքը
կ՛ընկերանային
անոր
ու
ինքնաբեր
պահապաններ
կը
ներկայանային
հանրային
դատաստանին
առջեւ,
ու
կը
պաշտպանէին
իրենց
տիրուհին
բոլոր
սիրարկածներուն
մէջ,
որոնց
բանալին
կապ
էր
անոնց
մէջքին:
Անոր
հետ
էին
գազա
յին
բոլոր
սպասուհիները,
որոնք
կաշառուած
անոր
դրամովը,
չէին
յագենար
անոր
պարկեշտութիւնը,
աստուածավախութիւնը,
հինգ
նամազները
հրապարակելէ՝
ո՛ւր
որ
պէտք
էր:
Կը
գովէին
անոր
բաց
ձեռքը,
անուշ
լեզուն,
ու
պատկերը
մարմինին,
տաքարիւն
ու
մետաքսէ
ու
ձիւնէ
հիւսուած
գեղեցկուհի:
Ու
կը
լայնէին
իրենց
շրթները
արտասանելու
ատեն
անոր
վերադիրը.
--
Աշխարհին
գեղեցկուհի՜ն:
Կը
ճանչնայի՞ն,
տեսա
՞ծ
էին
էգը,
որ,
անպատճառ,
եաթսը
էն
երկու
ժամ
ետք,
ուրուականի
մը
նման
կը
բուսնէր
պարտէզին
անկիւնէն,
կ՛առաջանար
պարիսպին
սիզուտ
ծառուղին,
հովանոցաւոր,
խիտ,
մշտադալար
բոյսերով
կամարակապ.
կը
բանար,
անաղմուկ,
դուռը
կանանոցին
ու
կը
բարձրանար
իբր
բնիկ
մը,
վեր
սանդուխներէն:
Տեսա՞ծ
էին
լաչակով
ծածկուած
անոր
դէմքը,
երբ
կը
յանդգնէր
օր-ցերեկով
ելլել
դուրս,
պարտէզ-դուռնէն,
բացուիլ
խճուղին,
առնել
թթաստաններու
գիծը
ու
հեռանալ
քանի
մը
օր,
նորոգուելու,
իր
բառովը
լեռնանալու
համար:
Ասպատակի
այս
քմայքները,
հակառակ
անհասկնալի
ըլլալնուն,
չմերժուեցան
անոր
սիրուհիէն,
որուն
գերագոյն
հոգը
եղաւ
չընդդիմանալ
անոր
ոչ
մէկ
բաղձանքին:
Միւս
կողմէ
եղաւ
զգոյշ
իր
մէկ
գերուհիին
մտածումը
անոր
պարզելու,
--
մորթել
դիւանապետը,
դիակը
լիճը
ձգել
ու
քաշուիլ
Պոլիս,
մինչեւ
որ
կացութիւնը
ճշդուէր
հայերուն:
Չըրաւ
այդ
յիմարութիւնը,
վասնզի
իր
սիրահարներէն
չափած
էր
առաջարկին
հակահարուածը:
Ու
պատահեցաւ,
ինչ
որ
անխուսափելի
է
նման
դրուագներու:
Անիկա,
կանացի
իր
ձեւին
տակ
հանդիպումը
ըրաւ
վեշտասանամեայ
քարտուղարիկին,
որ
կ՛ելլէր
սպասուհիին
սենեակէն
ու
մնաց
սառած,
ջանալով
ճանչնալ
էգ
ուրուականը:
Իրողութիւն
էր,
որ
Հաճի
Մուրատը
ոտք
չկոխեց
երկու
շաբաթ
հանըմին
սենեակը,
քանի
որ
կինը
ինքը
կու
գար
պարտէզին
թաքստոցը,
վայելչապէս
կահաւորուած,
գորգուած
ու
մահճաւոր:
Ու
կ՛երկարէր
անոր
կուշտին,
յիմար
ու
դժբախտ,
ինքզինքը
ըրած
դուրս
աշխարհին
օրէնքներէն
ու
անոնց
երկաթէն,
գտնելով
լոյսը
շատ
գիշերներ:
Իրողութիւն
էր,
որ
չէրքէզուհին,
կատղած,
վռնտեց
էրկանը
ծոցին
իգացող
քարտուղարը,
որ
հոտն
էր
առած
պղտոր
բանի
մը,
ամէնէն
շատ
տանտիկինին,
երբ
օրուան
մէջ
քանի
մը
հեղ
կը
թափառէր
պարտէզին
մէջ,
աներեւոյթ
ըլլալով,
յանկարծակի
բուսնելով
ու
ինքզինքը
ծածկելու
անտրամադիր,
առանց
պարեգօտի
ու
առանց
ծամակալ
լաչակի,
կաս-կարմիր,
քիչ
մը
ծծուած,
ատամներու
թեթեւ
հետքերով
վիզին
ոլորքներուն:
Քարտուղարիկը
գնաց
առաջ,
իյնալու
չափ
տիկինին
աչքին
ու
ժպտելու
չափ
անոր
քովնտի:
Պատժուեցաւ
ու
պարտաւոր
եղաւ
հետեւիլ
դիւանապետին
խորհուրդին.
--
լռել:
Ո՞վ
էր
անիկա,
որ
դէմ
կը
դնէր
տիկինին
կամքին:
Դէպքերը
կանգ
չառին
սակայն:
Իր
տարփաւորէն
զրկուած
սպասուհին
անծանօթ
չէր
աղերսին,
որով
իրարու
կապուած
էին
ուրուականը
եւ
իր
հանըմը:
Անիկա
ատկէ
աւելի
հնարամիտ
ծպտումներ
լուծած
էր,
ի
նպաստ
տիկինին,
այսինքն՝
ինքն
էր
թելադրեր:
Սաւանը
թուրք
կիներուն
համար
անցագիր
մըն
էր,
այդ
օրերուն:
Սպասուհին,
ճարահատ,
ոտքերն
ինկաւ
տիկինին,
ջանալով
ողոքել
զայն
արցունքով
ու
յիմար
եղաւ
չափ
չպահելու:
Եսասէր,
դիւրագրգիռ,
նախանձոտ,
ինչպէս
պարտքն
է
ըլլալ
ամէն
վաւերական
տարփուհիի,
տիկինը
ապտակեց
թշուառ
այդ
լրբութիւնն
ու
սպառնաց
վռնտել
տունէն:
Տաճիկներու
մօտ
սպասուհին
բացառիկ
ապրանք
է
ու
իր
թշուառութեան
մէջ՝
նահատակէ
մը
աւելի
յիմար:
Անիկա
եղաւ
յիմար,
այս
անգամ
խորանարդ,
ունենալու
համար
իր
տարփաւորը
կրկին,
մատնելու
իր
տիրուհին:
Գիտէր
դժուարութիւնը
ձեռնարկին:
Բայց
յոյսը
դրեր
էր
տղուն
ազգութեան:
Հայու
կտո՜ր
մը
ու
չէրքէզ
Սանամը:
Պաշտօնապէս
եղջիւրակերտ
իր
ճակատագրին
համակերպած
ու
ա՛լ
փետրաթափ
արարածը
ինչպէ՞ս
պիտի
ընդունէր
նոր
այս
հարուածը:
Անոր
առաջին
շարժումը
եղաւ,
ինչպէս
գուշակեր
էին,
ուսերը
թօթուել
ու
չհաւատալ:
Հաճի
Մուրատին
անունը
ցնցեց
դիւանապետը,
բայց
նպաստեց
իր
թերահաւատութեան:
Մտիկ
կ՛ընէր
մատնութիւնը,
մինչ
աչքերը
կը
սահէին
գիրի
մը
վրայէն,
զոր
խմբագրեր
էր
լեռնային
վաշտերու
երիտասարդ
սպան,
նկարագրելով
փայլուն
յարձակողականը
օսմանեան
զինուորներուն
դէպի
անմատչելի
կարկառները
Պաշ-Քիրազի
գագաթին
ու
փախուստը
Հաճիին
խումբին,
որ
ձգած
էր
երեք
մեռել,
այրուած
դէզին
վրայ:
--
Դուն
կարդալ
գիտե՞ս,
-
հարցուց
ի
վերջոյ
ապուշ
աղջիկին,
որ
խոնարհեց
իր
ամօթը
դէպի
գետին:
Քարտուղարիկը
չէզոքացուեցաւ
նոյն
այդ
տեղեկագրով,
զոր
ծանօթագրութեամբ
գեղագրեց
ու
ղրկեց
կուսակալութեան
կեդրոնը:
Ճարահատ՝
սպասուհին
փորձեց
գերագոյն
հարուածը,
դպչելու
համար
անոր
տկարագոյն
լարին
ու
գիշեր
մը,
հագած
զգեստները
իր
սիրահարին,
մտաւ
ծոցը
դիւանապետին:
Այդ
գնով,
անիկա
ինքզինքը
պարտադրեց
խաթարուած
մարդուն
ու
բացատրեց
«տեսիլք»ին
հեքիաթը:
Անիկա
սողոսկուն
էր
ու
նուաստ:
Ու
ամէն
սողացողի
նման,
ճարտար՝
ուրիշներու
դէմ
ատելութիւն
գրգռելու:
Դիւանապետը
առնուեցաւ
դէպքին
տարօրինակութենէն:
Անշուշտ,
Հաճի
Մուրատ
հալածական
էր
Իզմիտի
լեռները,
թուրք
զինուորներէն:
Այդ
մասին
ոչ
մէկ
տարակոյս:
Բայց
ո՞վ,
այն
մարդը,
իր
տունին
մէջը:
Օրերու
ուսումնասիրութենէ
մը
ետք,
զոր
կը
գործադրէր
միշտ
թերի,
վախնալով
ստուգութենէն
ու
նուաճուած՝
ամէն
տկար
արարածի
մէջ
գոյ
ձգձգումի
պահանջէն,
անիկա
ուժ
առաւ
սպասուհիէն
ու
ճշդեց
տեսիլքին
ժամերը:
Ասպատակը,
քարտուղարիկին
վռնտուելէն
յետոյ,
դարձած
էր
իր
գիշերային
յաճախումներուն:
Դիւանապետը,
մահուան
գնով,
գիշերը
չունէր
պարտէզ
կոխելիք:
Ցերեկները,
ճաղասքօղ
պատուհանի
մը
ետեւէն
քննեց
ու
զննեց:
Երբեմն,
կնոջը
հետ,
ծաղիկներ
ոռոգելու
պատրուակով
առտու
կանուխ,
կամ
իրիկունէն
առաջ,
թափառեցաւ
ածուները:
Պարտիզպանին
հիւղակը
ոչինչ
կը
հանէր
աչքի,
որ
ըլլար
դարադէպ:
Պատրուակ
գտաւ,
փախչող
մողէզ
մը
հալածելու
ձեւին
տակ,
վերցնել
տալու
անկողինը
ծերուկին
ու
հող,
ծեծուած,
մարմար
դարձած
հող
էր
գտածը:
Բայց
անիկա
սարսափով
կը
հետեւէր,
իր
սենեակին
վարագոյրին
տակ
կծկուած,
ձեւին՝
որ
կը
բուսնէր
կամարակապ
ծառուղիին
մուտքին:
Շարժող
սեւն
էր
ատիկա:
Ոչ
մէկ
աղմուկ:
Անոր
ուղեղը
խախտելու
չափ
ցնցուեցաւ
այս
տեսիլքին
սարսափէն
ու
քիչ
մնաց
խեղդէր
չարաղէտ
սպասուհին:
Բայց
ամէն
կին
կը
յաղթէ
մեծ
դիւրութեամբ
հոգեկան
ծփանքներու
բոլոր
ստեղնին,
ինչպէս
խղճմտանքի
բոլոր
ձայներուն:
Նախաձեռնութեամբ
այդ
սպասուհիին,
դիւանապետը
անցաւ
կանանոց,
անոր
սենեակը:
Դուռին
յօրինուած
փոքր
ճեղքին
աչքը
փակցուցած՝
տեսաւ
սեւազգեստ
ձեւը,
որ
կը
մտնէր
իր
կնոջը
սենեակը:
Ակռաներովը
դողալէն,
անիկա
վախցաւ
դուրս
ելլել:
Սպասո՞ւմ:
Չէր
ատիկա:
Լուսադէմ՝
անիկա
լսեց
հեծքը
կնոջը
դուռին:
Նոյն
ձեւը
անցաւ
իր
առջեւէն
ու
իջաւ
սանդուխներէն:
Պարտէզին
փոքր
դուռը
քիչ
մը
ճօճք
ըրաւ:
Իր
սիրածին
ծոցը
մտնելու
ելած
սիրահարը
զգոյշ
է
միշտ:
Անկէ
ելլողը՝
միշտ
անխոհեմ:
*
*
*
Յաջորդ
օրը,
դիւանապետը
ուզեց
ջոկատ
մը
ոստիկան,
գիշերային
սպասի
մը
պատրուակով
ու
զետեղեց
զանոնք,
իր
բաժինին
մէջ,
բոլորէն
ծածուկ:
Անիկա
միտքէն
չէր
անցըներ
Հաճի
Մուրատը,
որուն
անունն
իսկ
բաւ
էր
զինքը
վախէն
ջուր
դարձնելու:
Անոր
կարծիքով՝
Պոլսէն
նոր
եկած
դպրոցական
մըն
էր
այդ
ստահակը,
մօտ
բարեկամ
իրեն
ու
քիչ
մը
պարծենկոտ,
որ
սիրահարական
վէպերու
դրուագները
կ՛իւրացնէր
մեծ
դիւրութեամբ
ու
կը
քշէր
պարզամիտ
մարդոց:
Այդպէս
պատմումներ
ըրեր
էր
տղան:
Թղթակցութեանց
դիւանին
պետը
պաշտօն
ունէր
նաեւ
ընդհանուր
ապահովութեան
գաղտնի
դիւանին
մէջ,
նորաստեղծ
մարմին,
բացառաբար
հայերու
համար
մտածուած:
Անոր
տունը,
այդ
պատրուակին
տակ,
բաց
էր
գիշերուան
ուշ
ժամերուն
ալ,
ոստիկանական
ու
ա՛լ
աւելի
մթին
այցերու:
Լուսդէմ՝
անիկա
շարեց
մարդերը
խոր
լռութեամբ
մը,
կանանոցի
սանդուխներուն
եւ
սրահին
մէջ:
Ու
ինք,
ատրճանակը
ձեռքը,
հետեւեցաւ
յիսնապետին,
իր
կնոջը
սենեակը:
Չէին
կղպած
դուռը:
Բացուածքի
շեմին,
անոր
էրիկը
զարկաւ
լուցկին:
Անկիւնի
մահճակալին,
կանոնով
ու
շէնքով,
քուն
էին
երկու
գլուխները:
Յիսնապետը,
Պրուսայէն
բերուած,
ու
իր
արարածը,
որբը
զինուորականի
մը,
որ
ծառայած
էր
դիւանապետին
անկողինին
ու
ամէն
բան
կը
պարտէր
իր
տարփածուին,
անցաւ
առաջ:
Անկողինը,
այդպէս
բնակուած,
կարգ
մը
մարդոց
մէջ
խորհրդաւոր
բաներ
կը
յուզէ:
Ատրճանակին
կոթովը
դպաւ
կնոջը
մերկ
ուսին:
Ցատկեց
ընդոստ:
Նուրբ
մետաքս
ըլլար
ոտքի
նետուողը:
Այնքան
իր
դէմքը
չկար
այդ
պատկերին
մէջ:
Մենք
կը
կորսուինք
մեր
զգեստին,
ինչպէս
բառերուն
մէջը,
երբ
այսպէս
խորունկ
խռովք
մը
մեզի
թեւ
բերէ:
Դիւանապետը
մոմը
վառած
կը
կենար
սեմին,
դուռը
բռնելով
կիսովի
փակ,
դուրսէն
ծածկելու
համար
տեսարանը
ու
աւելի
զգոյշ՝
լոյսը
հեռու
պահելու
շունչի
կամ
վերմակի
հասողութենէն:
Անիկա
դիւրաբեկ
էր
մէջքէն
ու
կնիկէն:
Ու
լոյսէ՜ն,
որ
կը
դողար
պատերուն,
ու
կնոջը
աչքերուն
մէջ
պճլտուն
բոց
մը
կ՛ըլլար:
Միւս
կողմէ՝
անիկա
կասկած
ալ
ունէր
երիտասարդին
վրայ:
Միշտ
դուռին
մօտ:
Ասպատակը
բարի
նկարով
չ՛ընդունիր
ոստիկանները:
Բռնուած
կնոջ
առաջին
գործը
եղաւ
տարածել
իր
թեւերը
քնացող
երիտասարդին
վրայ,
որուն
գլուխէն
սեփ-սեւ
մազեր,
խիստ
արատի
մը
նման
կը
կլորնային
սպիտակ
բարձին:
Բնազդական
այս
շարժումին
զուգահեռ,
նետեց
իր
ուսերուն
ոսկեթել
գիշերազգեստ
մը,
ծանր
ու
կպչուն
բոյրով
մը
բեռնաւոր,
որ
թաղեց
անոր
մարմինին
ցայտող
մասերը:
Սեւ
աչքերով
չէրքէզուհին,
կինը
ըլլալէ
առաջ
այս
ապականած
արարածին,
մէկն
էր
կուսակալութեան
մեծ
ժառանգաւորներէն
ու
քաղաքին
մէջ
տէրը՝
գոց
շուկայի
մը
կէսին,
դաշտին
ալ
վրայ՝
երկու
ագարակներու,
հիմա
վերածուած
գիւղակներու,
որոնք
կը
կազմէին
իր
օժիտ-ժառանգութիւնը
մօրը
կողմէն.
ան
ալ
արքենի
հարճ,
այս
պատմութեան
ատեն
մօտ՝
պառաւութեան,
քաշուած՝
արքունիքէն,
բայց
սուլթանուհիներուն
սրտակից
ընկերուհի:
Մատին
վրայ
առած
խաղցուցեր
էր
պալատը
երիտասարդութեան
օրերուն
ու
իր
գեղեցկութիւնը
գռաթ-գռաթ,
ադամանդէ
աւելի
սուղ
արժեւորած:
Անոր
աղջիկը
չէր
հերքեր
իր
արիւնը
ու
անոր
ազդմունքները:
Անշուշտ
դաւած
էր
իր
ճակատագրին՝
իր
կուսութիւնը
սերկեւիլի
մը
փոխան
ծախելով
ախոռապանին
ու
փակելով
ընդմիշտ
իր
ասպարէզը
դէպի
պալատ:
Բայց
անոր
գեղեցկութիւնը
կը
սրբագրէր
շատը
իր
մեղքերուն:
Չկտրտած
չուանը
չէր
մնացած:
«Եօթը
սիրահարով»
մակդիրը
կը
կրէր
հպարտութեամբ
ու
կ՛արհամարհէր
էրիկները,
ինչպէս
տարփածուները,
զանոնք
իրարու
դէմ
լարելով
ու
հանելով
անհուն
բնականութեամբ
մը:
Իրարմով
կոտորեց
անիկա
գռեհիկ
դասէն
«համտեսի
համար»
ընտրուած
հաստ
ըմբիշներ:
Նման
պատկերներ,
որոնցմէ
մէկուն
առջեւն
էր
հիմա,
անիկա
կը
ցանկար
խուլ
ախորժակով:
Անիկա
չգտաւ
բաւ
թերեւս
այս
չէզոք
պաշտպանութիւնը:
Քանի
որ
ձգեց
մէկէն
մահճակալը:
Յառաջացաւ
դէպի
սպան.
թքնելէ
ետք
յիսնապետին
պեխերուն,
վերադարձաւ
հիւսուելու
պառկողին
իրանին,
զոր
հանած
էր
կիսովի
դուրս
վերմակին
ծալքէն:
Քո՞ւն,
երիտասարդը:
Անոր
գլուխը
պատսպարեց
իբր
թէ,
վերցնելով
զայն
կուրծքին
կակուղութեանը:
Ուրկէ՞՝
իր
ուժը
այդ
մեծղի
իրանը,
այդպէս
թեթեւակի
իր
ուզած
տեղը
վարելու:
Բայց
այդ
շարժումը
արթնցուց
տղան:
Ակնթարթի
մէջ
լարած
էր
ատրճանակը:
Ե՞րբ
եւ
ուրկէ՞
հաներ
էր
զայն:
Չէրքէզուհին,
խաղաղ
ու
տիրական,
թաթիկը
դրաւ
հրազէնին
փողին:
Հրաման
էր
ասիկա:
Հաճի
Մուրատը
կեցաւ:
Մոմին
լոյսը
կ՛ըլլար
անհաւասար:
Սանդուխներէն
ոտքի
ձայներ:
Դիւանապետը
խորապէս
շուարած,
սպասելով
իր
ընելիքին
ցուցքը
սպայէն,
որ
դիրք
էր
բռնած
մահճակալին
մէկին
ետեւը:
Չէրքէզուհին
կը
ճանչնար
իր
ամուսինը,
որ
զէնքէն
աւելի՝
կը
վախնար
աղմուկէ:
Ամէնէն
շատ
սակայն
իր
կնիկէն:
Ու
խնայելու
համար
աւելորդ
վայնասուն,
իրարանցում,
որոնք
կրնային
ընդմիշտ
վտանգել
սիրականին
գլուխը,
դրաւ
ցուցամատը
իր
շրթունքին:
Լռութիւն
կը
հրամայուէր:
Այդ
ձեւին
մէջ,
անոր
դարձած
էր
դէմքին
անդիմադրելի
գրաւչութիւնը,
փոսիկներուն
շուքերը,
ցոլացիկ
սատափէ
կոճակներու
նման:
Ծանրահիւս
գիշերազգեստը
կը
կոկէր
անոր
վրայէն
բոզութիւնը
ու
զայն
կ՛ընէր
տեսակ
մը
գիշերազբաղ
իշխանուհի:
Անիկա
գտաւ
արձակութիւնը
իր
շարժումներուն:
Անոր
ետին,
հպարտ
փորձառութիւնը
նման
դրուագներու
եւ
նմանատիպ
վիճակներու:
Երեք
սիրահար
առած
էր
անիկա,
մէկ
տարուան
մէջ,
իր
էրիկին
թաթերէն:
Ինք
էր,
որ
կը
սարքէր
այս
հանդիպումները,
տարփաւորը
ընդունելով
իր
մահիճին
մէջ
ու
նոյն
ատեն
բաց
ձգելով
դուռը:
Հետապնդա՞ծը:
Հաճոյքն
էր
նուաճումին,
երբ
ցատկելով
անկողինէն,
հիմակուան
նման,
պարզ,
խրոխտ
իր
նայուածքին
ուժովը
ետ-ետ,
դէպի
իր
բաժինը
կը
ստիպէր
զայն
հեռանալ,
առանց
բառի:
Անհարկի
այցելուն
սորված
էր
լռել:
Անիկա
այդ
վիճակներուն
ցանկացողն
էր,
բացի
նուաճման
հաճոյքէն,
այն
խորունկ
հմայքին
ալ
համար,
զոր
կը
հագնէր
այդ
վայրկեաններուն:
Սամոյր
մուշտակի
պէս
հագնելով
իր
մեղքը,
կը
դառնար
իր
տարփաւորին,
շահագործելով
յանցանքին
խռովքը,
երիտասարդին
զարմանահար
պշուցումը
ու
իր
կրկնապատկուած
գեղեցկութիւնը,
հաւասար
տիրապետումով:
Դիւանի
մարդ,
այսինքն՝
թուղթի
ու
բորբոսի
մէջ
չորցած
ու
գօսացած,
դիւանապետը
շատ
ալ
չէր
անխելք,
զոհելու
համար
հեռաւոր
փաշայութիւն
մը,
առնուազն
շատ
մօտիկ
գայմագամութիւն
մը՝
բանի
մը,
զոր
չէր
հասկնար,
չէր
սորված
պզտիկուց,
երբ
կը
պառկէր
աղաներու
եւ
փաշաներու
ծոցը:
Իրենց
մարմինը
ստորաքարշ
վաճառողները
կեղծաւորներ
են,
ամէնէն
առաջ
սեռային
մարզին
վրայ:
Իր
չհասկցած
արատը
մաքրելու
համար,
անիկա
կը
նպաստաւորուէր
կրօնքէն:
Կ՛արձակէր
իր
կինը,
կը
մաքրէր
խղճմտանքը,
վերստին
կ՛ամուսնանար
անոր
հետ
եւ
իրերը
կը
դառնային
բնական
իրենց
հունին:
Դիւանապետը՝
նոր
որսերու,
որբերու
կարգէն:
Կինը՝
երիտասարդներու
ետեւէն:
Ու
նոր
գայթակղութիւն:
Ու
նոր
արձակում
ու
վերամուսնութիւն:
Հիմա՞:
Տեղի
ունեցած
էր
անդարմանելին:
Երկրորդ
աչքի
մը
ներկայութիւնը
այս
տեսարանին
վրայ,
յիմարութիւն
էր
աններելի:
Ինչո՞ւ
մտիկ
ըրած
էր
սպասուհիի
մը
կտորին:
Տարիքը
ունի
այս
զառածումներէն:
Յիսունէն
ետքը
նոյնիսկ
փառասիրութիւնը
կը
փտախտի,
ուրիշ
շատ
մը
սէրերու
նման:
Այս
անգամ
էրիկը,
պաշտօնական
առումով,
կը
միջամտէր
եղելութեանց
գնացքին:
Վէ՞պ:
--
Գուցէ՜:
Չէրքէզուհին
ակնթարթի
մէջ
վերադարձաւ
այդ
վէպին:
Անոր
սիրահարը
արդէն
խեղդած,
լմնցուցած
կ՛ըլլար
սա
սպացուն
--ինչո՞ւ
չէր
խորհեր
էրիկին--
ինչպէս
փայլակած
էր
մտապատկերը
անոր
ուղեղին
մէջ,
եթէ
դուրսէն
աճող,
ճշդուող
ու
ամբոխ
թելադրող
ոտնաձայներ
զգաստութեան,
խելքի
չկանչէին
զինքը:
Քալողներ:
Վեր
ելլող
ու
վար
իջնողներ:
Դուռներ,
որոնք
կը
ճռճռային:
Պարտէզին
մէջ
աղմուկի
ուրիշ
աղբիւրներ:
Տունը
կը
թուէր
ամբոխուած
ու
լեցուն:
Դուռին
ետին
մոմը,
դիւրաբեկ
լոյսովը:
Սպան,
նշանի
փորձ
մը
առնողի
դիրքով,
ատրճանակին
փողը
դրած
մահճակալին
եզրաձողերուն:
Հրամայեց
որ
չմտնեն
ներս:
Կինն
էր:
Այրերը
պարտաւոր
են
հնազանդիլ
կնոջ
ձայնին,
որ
նամէհրամը
կը
պոռայ:
Որոշո՞ւմ:
Չգնաց
պատուհան,
պարտէզը
գիտնալով
բռնուած
էրկանը
մարդերով:
Աւելո՛րդ,
դիւանապետին
որեւէ
զիջում:
Երիտասարդը,
հմայուած,
կը
հետեւէր
անոր
դէմքին
խաղերուն:
Իր
խաղաղութիւնը,
այնքան
տպաւորիչ,
կ՛աւելնար
իրմէ
ու
մտածումի
կը
փոխուէր
կնոջ
ուղեղին:
Փայլա՛կ
մը:
Անիկա
գտած
էր
լոյսը
տղուն
աչքերէն:
Մահուան
հետ
հաշտուիլը
գիրքի
բառ
չէ
միշտ:
Ապրում
ալ
է:
Ու
շատ
խոր
ապրում:
Գառնուկի
այս
համակերպումը՝
բացորոշ
մահուան
դէմ,
դղրդեց
անոր
աղիքները:
Անիկա
փորձեց
րոպէ
մը
քակել
կապը
տղուն
մատներուն
ու
կրակը
պարպել
բոլորին
ալ
գլխուն:
Բայց
յիմարութիւն
էր
ատիկա:
Ու
մտածումը
լուծուեցաւ
մշուշի
կտորի
մը
պէս,
անոր
գանկին
տակ:
Մատը
դրած
ճակտին՝
անիկա
սուզուեցաւ
դէպքերու
ծովուն
մէջ,
որ
մարդոց
կեանքն
է
անոնց
ետին:
--
Ինչպէ՞ս
կ՛ազատուին
սիրահարները,
երբ
չեն
սպաններ:
--
Կը
փախչին,
-
մէկը
շշնջաց
անոր
ականջին:
Այս
էր
երկրորդ
փայլակը:
Որ
անոր
վարանքը
փոխեց
կտրուկ
վճիռի:
Անիկա
ակնթարթային
արագութեամբ
որոշեց
իր
յատակագիծը:
--
Ազատել
տղան,
բանտէն
փախուստով
մը:
Խոր
ճնշումի
սա
րոպէներուն,
անկարելին
գոյութիւն
չունի
շատերու
համար:
Իր
միամտութեան
մէջ
անիկա
հաւատարիմ
էր
իր
սեռին,
որ
սիրուածին
վրայ
կ՛անտեսէ
ամէն
ուրիշ
գին,
բացի
յաջողութենէն:
Անոր
մտքէն
չանցաւ
իր
ամուսինին
դիրքը,
քաղաքական
կացութիւնը,
հայերուն
բացառիկ
վիճակը,
առանց
ուրիշ
մեղքի,
պարզ
իր
ծոցը
մտնելուն
մեղքովը
արդէն
դատապարտուած
անոր
գլուխը,
որուն
կը
սպասէր
առնուազն
կախաղանը,
եթէ
ամբոխային
արդարութիւն
մը
չկանխէր
մահը:
Անցաւ
անոր
դէմ,
մատով
նշան
ըրաւ
սրտին,
ու
հրամայեց.
--
Յանձնուէ:
Յետոյ,
արիւնի
գոյն.
--
Ես
գիտեմ
ընելիքս:
Տղուն
ձեռքէն
ինկաւ
ատրճանակը:
Ելաւ
անկողինէն:
Վրան
նետեց
իր
ապա
ն:
Ներսը
չէին
զինուորները:
Ու
կապեցին
անոր
ձեռքերը,
սենեակէն
դուրս,
չորս
ոստիկան:
Իբր
հասարակ
գող
մը,
ինչպէս
կը
բանաձեւէր
դիւանապետը:
Քսան,
երեսունի
հասաւ
թիւը
ոստիկաններուն:
Մէկը
բռնի
հագցուց
անոր
կնիկի
ֆէրաճէ,
ինչպէս
թելադրեց
ատիկա
կիսագլուխ
սպասուհին,
դրան
ետեւէն,
աչքով
ներսը
զննող
թանձրամարմին
թաթարին:
Այդպէսով
կը
նուիրագործուէր
հեքիաթը:
Հաճի
Մուրատը
կը
վերածուէր
անճարակ
գողի
մը,
որ
տանիքէն
մտնելու
կամ
պատը
ծակելով
ներս
իյնալու
տեղ,
ինչպէս
էր
ընդունուած
ճամբան,
յիմար
ու
մանուկ
կ՛ըլլար
սպասուհիի
տարազով
ծպտուելու:
Իջաւ
անիկա
բանտ,
թուրք
կնոջ
սաւանը
վրան:
Խռովեցաւ
բանտը:
Առտուն,
արդէն
անունն
ու
արկածը
ծանօթ
էին
բոլորին:
Կառավարութիւնը
մատնուեցաւ
դժնդակ
ապշութեան:
--
Կիներուն
կառավարութի՜ւնը,
-
կ՛ըսէին
հին
ու
հանգստեան
կոչուած
էֆէնտիները՝
ծամելով
իրենց
դեղնած
եղունգները:
Գովեստը
անսահման
եղաւ,
ուղղուած
դիւանապետին
խելքին
ու
խորամանկութեան.
--
Թուրքը
կառքով
կ՛որսայ
նապաստա՜կը:
Ազգային
առածը
իրաւունք
ունէր:
Թուրքին
կառքը
սարերն
ալ
ճամբայ
կ՛ընէր
իրեն:
Չթխմեցին
զայն
պաշտօնական
գառագեղը,
որ
լեցուն
էր
«մինչեւ
քիթը»
հայերով:
Անզէն
մարդոցմէ
վախնալու
քաջութիւնը
թուրքերը
յարգեցին
այնքան
ատեն,
որ
ջարդի
որոշ
հրահանգ
չառին
իրենց
պետերէն:
Լուսնալէն
ժամ
մը
ետք,
երբ
պետական
պաշտօնեաները
նոր
կը
մտնէին,
ուրիշ
առտու,
ծոցը
իրենց
կիներուն,
Հաճի
Մուրատ,
կառավարական
մարմինին
ամբողջական
ներկայութեանը
ու
թուքին
մէջտեղ
հանուեցաւ
ճամբայ,
յատուկ
ջոկատներու
լիալիր
սպառազինումին
մէջ
ու
անոր
վայրագ
հսկողութեամբը,
դէպի
Պրուսա:
Չնեղեցին
զայն՝
չէին
գիտեր
ինչու:
Բայց
անոր
երեսը
նայած
ատեն,
դիւանապետը
կանանչ
բան
մը
կ՛ըլլար,
սարսռալէն
շրջելով
աչքերը:
Յիսնապետը
տարօրէն
հաճ,
իր
պատուանշանին
հեռանկարովը
արդէն
թեւաւոր:
Հաճի
՞ն:
Այն
կակուղ
ու
համակերպուն
խոնարհութեամբը,
որ
անոր
հրապոյրն
էր
լեռներու
իշխած
ատենը:
Անոր
դէմքի
խաղաղ
այլուրութիւնը
զայրագնումի
կը
փոխուէր
շրջապատի
վայրենիներուն
երեսին:
Եւ
սակայն
չհամարձակեցան
ձեռք
վերցնել:
Մտիկ
կ՛ընէին
արգելքին,
որ
կու
գար
դիւանապետէն:
Ու
քիչ
չէր
զարմանքը,
որ
կը
պատճառէր
վարուելու
այս
կերպը:
Թուրքերը,
գոնէ
«հաճի
ընելու»
նախատալից
դիտումով,
անպատճառ
տփոցէ
կ՛անցընէին
բանտ
ինկած
ամէն
հայ:
Հաճի
Մուրա՞տը:
Հանուեցաւ
գիւղաքաղաքէն:
Ճամբան
անոր
վերապահուած
էր
հանդուրժել
գերագոյն
վիշտը,
ու
գերագոյն
նախատինքը,
որ
կրնար
զարնել
իր
գիծէն
էրիկ
մարդ
մը:
Թուրքերը
ոչ
մէկ
ատեն
այնքան
ահաւոր
են
ու
տգեղ,
որքան
շղթայուած
մարդ
մը
արհամարհած
ատեն:
Ասիկա
իրենց
կը
դարձնէ
վաչկատունի
իրենց
բնազդներուն
ու
կու
տայ
մոռցնել
քաղաքակիրթ
երկիրներու
հետ
իրենց
շփումը,
գոնէ
քանի
մը
դարով:
Չեն
զգար,
որ
դուրս
են
մարդկութենէ:
Դիւանապետը,
որ
ապահովութեան
համար
պիտի
ընկերանար
Հաճին
փոխադրող
թափօրին,
մինչեւ
նաւահանգիստ,
յիսնապետին
հետ
խորհրդակցութենէ
մը
ետք,
պատմական
կիրճը
մտնելու
ատեն,
հրամայեց
կապեալը
առաջնորդել
դասական
քարայրը:
Մերկացուցին
զայն
կէս
մէջքէն
վար:
Ու
խաբուած
ամուսինը
ածելիով,
իր
իսկ
ձեռքովը
թռցուց
կէսը
կապեալին
սեռական
անդամին՝
զգոյշ
ու
խոնարհ:
Հաշիւն
էր
ողջ
ձգել
զայն:
Ու
լրացնելու
համար
իր
թրքութիւնը,
փրցուցած
կտորը
թխմեց
անոր
կուղպ
բերնէն
ներս,
դանակ
սրցնելիք
պողպատ
սլաքով
մը
անոր
ծնօտները
փաչատելէ
ետքը:
Ոստիկանները
ի
զուր
ջանացին
թափանցել
այս
քիչ
մը
շատ
տակէն
թլփատումին:
Մէկը,
աւելի
բանիմաց,
կարծեց
բացատրած
ըլլալ
խորհուրդը,
երբ
շշնջաց
իր
ընկերոջը.
--
Գոնէ
կ՛ազատի:
Կ՛ակնարկէր
այն
հաւատալիքին,
որուն
համեմատ
ճէննէթ
ի
մուտքին
թլփատեալները
ստուգող
հրեշտակը
պիտի
գոհանար
անառարկելի
փաստով:
Արքայութեան
մուտքին
սպասող
քննիչներուն
նման
վկայական
մը
ներկայացնելը
բախտ
մըն
էր
քիչերուն
վիճակուած:
Ու
հայհոյելով
հանդերձ
անհաւատին,
կը
գորովէին
վեհանձն
դիւանապետին
անհուն
բարութեանը:
*
*
*
Կէսօրին,
զայն
յանձնեցին
Պրուսայի
բանտը,
գրեթէ
կիսամեռ:
Աչքերը
չէր
թարթած
ամբողջ
տանջանքի
ընթացքին:
Օրերը
սեւ,
շատ
սեւ
էին,
ու
հայուն
հազարը՝
ոչ
իսկ
մէկ
փարա,
այդ
մռայլ,
մոլեռանդ,
վատշուէր
ու
փարթամ
մայրաքաղաքին
մէջ,
որուն
բանտը
առանձին
աշխարհ
մը
կը
կազմէր,
շղթայուածներուն
հետ,
տնօրէններուն
չքնաղատիպ
աղջիկներովը:
Անոնք
տեսնելու
սիրոյն
եղան
տղաք,
որ
ոճիր
գործեցին:
Նետեցին
մէկ
կողմ,
սպասելով
թուղթերուն:
Հինգ
ժամ
առաջ,
դիւանապետը
դարձած
էր
պաշտօնատեղին,
խմբագրած
էր
ամէնէն
գեղեցիկ
տեղեկագիրներէն
մէկը,
մանրամասն
արձանագրելով
թղթածրարին
հիմնական
փաստերը
ու
այս
անգամ
վստահ՝
իր
բարւոք
ու
հայրենանուէր
ծառայութեան
փոխարէն
անվրէպ
շնորհուելիք
փաշայութեան,
փութաց
տուն,
սպասուհիներուն
ներկայութեան
վռնտելու
իր
կինը:
Չէրքէզուհին
քիչ
մնաց
սպաննէր
զազրելի
արարածը,
եթէ
արձակման
բանաձեւը
արտասանելէ
ետք
խոյս
տուած
չըլլար
անիկա,
քաշուելով
իր
յարկաբաժինը,
ուր
կը
սպասէին
միւֆթին
եւ
ուրիշ
դիւաններու
մեծ
քարտուղարները:
Կինը
շունչը
առաւ
բանտ:
Ըսին
թէ
Պրուսա
ղրկուած
էր:
Այս
առաձիգ
տարազները
թափանցիկ
են
երբեմն:
Անիկա
վախցաւ
տղուն
կեանքէն:
Կրնային
խեղդած
ըլլալ:
Գայմագամը,
որուն
ներկայացաւ,
քաղաքավար
ու
կիսաժպիտ,
ապահովցուց
հանըմ
էֆէնտին,
շնորհակալութիւն
յայտնեց
[յանուն]
կառավարութեան,
քանի
որ
ազնուազգի
տիկինը
այդքան
իմաստուն
ծուղակով
մը
չարագործ
մը
կը
յանձնէր
արդարութեան:
Քոմիթաճին՝
Հաճի
Մուրատը
արդէն
հասած
ըլլալու
էր
Պրուսա:
Չէր
հասկնար,
որ
կը
հեգնէին
իր
սէ՞րը,
թէ
կը
խաբէին
իր
միամտութիւնը:
Լծել
տուաւ
իր
լանտո
ն
ու
հասաւ
Պրուսա՝
գրեթէ
միեւնոյն
ժամուն:
Չկրցաւ
մօտենալ
բանտարկեալին:
Ամէն
ժամ
տասնով-քսանով
մարդ
կը
մտնէր-կ՛ելլէր:
Ու
պահապանները
դժկամ
էին
թուրք
կիներու
հանդէպ,
վասնզի
«եղ
չէր
ելլեր»
այդ
քածերէն:
Մէկը,
ազատելու
համար
այդ
հարցուփորձէն,
պատահաբար
հասցէ
տուաւ
հիւանդանոցը:
Վազեց
ու
գտածը
տեսակ
մը
կրկնութիւնն
էր
բանտին
մէջ
տեսածին:
Ո՛վ
որու:
Հարցուց
ու
իրեն
ըսին,
թէ
չէին
ճանչնար,
չէին
գիտեր:
Ահագին
էր
շէնքը
ու
ամէն
րոպէ
մեռելը
պակաս
չէր
անկէ:
Ո՞վ
հաշիւը
պիտի
պահէր
մտնողին
ու
ելլողին,
մանաւանդ
անդիի
աշխարհ
մեկնողին:
Դարձաւ
ետ:
Օրը
կը
քալէր:
Ու
բանտին
ետեւօք,
խաղաղ
աղբիւրներու
շարանին
առջեւ,
թթու
ու
պայծառ
մարդեր
կը
լուային
իրենց
ոտքերը,
արմուկները,
ֆէսերը
հանելով՝
գանկերէն,
աչքի
պոչով
շոյելով
տենդէն
կարմրած
ու
ինքնիրմէ
դուրս
անոր
դէմքը:
Հին
մէկ
սիրահարը,
բանտի
մէկ
քարտուղարը
զինքը
ընդունեց
տրտում
ժպիտով.
--
Ի՞նչ
կը
փափաքի
հանըմ
էֆէնտին:
Անիկա
տուաւ
հայուն
մասին
կտոր
մը
լուսաբանութիւն,
առատ-առատ
խրատ,
ներկայացուց
վտանգը,
որուն
մէջ
պլլուած
էր
այդ
երիտասարդը:
«Առնուազն
կախաղան»,
ինչպէս
էր
կարծիքը
քաղաքականութեան
մասնագէտ
պատկառելի
պէյերուն:
Քիչ
մը
դարպասեց,
յիշեցնելով
անիրաւ
անոր
վարմունքը
հանդէպ
իր
անսահման
սիրոյն:
Հրաւիրեց
զինքը
տուն,
աւելի
մանրամասն
խորհրդակցելու
ու
թեթեւ
մը
ժպտեցաւ:
Ելաւ
տիկինը
փուճ
այդ
կենդանիին
քովէն:
Օրը
մօտ
էր
իրիկուան
ու
ինք
ոչինչ
էր
ըրած:
Իր
մայրը,
որուն
տունին
մէջ
իր
երեւումը
փոթորիկի
մը
նշանն
էր
միշտ,
ընդունեց
զինքը
գրկաբաց:
Անոր
սովորութիւնն
էր
ամէնէն
արտառոց
խնդրանքը
անգամ
դիմաւորել,
առանց
վախնալու,
անոր
լուծումին
համար
դիմումի
վայր
ճշդելով,
Պոլիս,
պալատը,
ներքինիներուն
պետին
վրայ
լիայոյս:
Ու
չէր
անդրադառնար,
որ
տարուէ
տարի
իր
բարեւները,
աղերսանքները
կէս
ճամբան
կը
մնային,
մինչեւ
ներքինապետին
հասնելու
իսկ
անարժան
գտնուելով:
Այդ
մօրը
թելադրութեամբը,
չէրքէզուհին
յաջորդ
առտու
կանուխ
անցաւ
Պոլիս,
պալատով
«բան
մը
դարձնելու»ն
վրայ
քաջավստահ:
Այս
հեռացումը
գահավիժեց
աղէտը:
Կուսակալին
պնդումով,
որ
կ՛աճապարէր
օգտագործել
առիթը,
ժողովրդային
գրգռութեան
ամէնէն
տաք
միջոցին,
արդարութեան
ճիրանին
տակ
ճզմել
պետութեան
թշնամին,
կազմուեցաւ
բացառիկ
ատեան:
Մեծադղորդ
արարքով
մը
վեհապետին
ուշադրութեան
արժանանալ,
այդ
կերպով
պալատին
շրջանակէն
ներս
ոտք
մը
տեղ
ճարել,
--
այս
նպատակները
գաւառի
մեծ
պաշտօնատարներուն
սիրական
երազները
եղան:
Դատը,
շաբաթ
մը
ամբողջ,
«տուաւ
ու
առաւ»:
Ամբողջացուեցան
թղթածրարին
բոլոր
ձեւակերպութիւնները
ու
հերթին
թիւը
ցատկեց
ամէնէն
առաջ:
Հաճի
Մուրատ,
ամբոխին
երեւակայութեան
մէջ,
գերեզմանէն
ելած
հայ
թագաւորի
մը
կը
նմանէր:
Դատարանը,
կազմով
բացառիկ,
գործեց
բացառիկ
եղանակով:
Ոչ
ի
պաշտօնէ,
այլ
անձնական
հրաւէրով,
կանչուեցան
դատասրահ,
հարցաքննութիւնները
լսելու,
քրիստոնեայ
հասարակութեան
հոգեւոր
պետերը,
քաղաքին
աւագանին,
դենպետը,
ինչպէս
մեծ
մզկիթներու
աղօթողները
ու
ամբողջ
փաստաբանները:
Այսքան
մեծադղորդ
պատրաստութեանց
թաքուն
մէկ
զսպանակն
ալ
հաւանաբար
ստեղծելն
էր
նոր
Էնկիւրիի
դատավարութիւն
մը,
ամբոխին
զայրոյթին
վրայ
արձակել
քարիւղ,
ու
պատրաստել
անոր
ժանիքները
շատ
մերձաւոր
սպանդին:
Վասնզի
պետական
կեանքին
մէջ
--նկատի
ունիմ
թուրքերունը--
խոշոր
յուզումները
հոգեկան
անհրաժեշտ
սնունդներու
կը
նմանին:
Արիւնի
երթալէ
առաջ,
թուրքը
արեան
մարզանքը
կ՛ընէ
քրիստոնեային
վրայով:
Խայծը,
որ
գառագեղին
մէջ
նետուած
միսի
կտորն
է
յաճախ:
Տղուն
անհուն,
աստուածային
լռութիւնը
--անոր
միսերուն
մէջէն
պարկ
կարելու
մաստ
ասեղ
անցուցին
ու
կարեցին,
տառացի,
կռնակին
վրայ,
երկու
թեւերը
իրարու:
Փրցուցին,
մէկիկ-մէկիկ,
տաքցուած
աքցանով
եղունգները
ոտքէն
ու
ձեռքէն:
Փորին
վրայ
մաղ-մաղ
մոխիր
փռեցին
ու
կռնակի
ակօսին
մէջ
կարմրած
շամփուր
դարձուցին--
յուսախաբ
ըրաւ
այս
պատուական
կաճառը:
Բացառիկ
այդ
ատեանը,
ճարահատ,
աճապարոտ,
զայն
դատապարտեց
մահուան
իբր
արիւնքամ
ասպատակ,
հուղկահար,
պետութեան
եւ
ազգին
դաւաճան
խռովարար
ու
մարդասպան:
Չէրքէզուհի՞ն:
Անիկա
անյաջող
եղաւ
իր
ջանքերուն
մէջ:
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
անգիտակից
իր
փափա՜քն
էր,
որ
կը
կատարուէր:
Մենք
կիրքինն
ենք
որքան
ատեն
որ
անոր
մէջ
կը
մնանք
ընկղմած:
Կիրքին
առքը
խոր
համակրանքէն,
մեր
բառովը՝
սէրէն
կը
տարբերի
այս
պզտիկ
նրբերանգով:
Քանի
կը
բացուինք
սեռային
ձգողութեան
շրջաններէն,
այնքան
տկար
կը
զգանք
անոր
ձգողութիւնը:
Ժամանակը
ամէնէն
մեծ
դարմանն
է
սեռային
կսկիծին
ու
հոս՝
ժամանակը
տարածութիւնն
է,
որ
պէտք
է
ձգուի
երկու
բջիջներուն
մէջտեղը:
Յետոյ,
պէտք
է
խելօք
ըլլալ
ու
չչափել
սեռային
առքը՝
սեռային
զգլխանքէն:
Բոլորովին
զատ
բաներ
են:
Մայր
մը
պիտի
աճի
իր
կսկիծին
մէջ
զաւկին
բացակայ
պատկերին
ետեւէն:
Կին
մը,
քանի
մը
օրուան
ընդհատէ
մը
ետք,
պիտի
նուազի
կիրքին
կիկլոնէն
ու
պիտի
զարնէ
գլուխը
ուրիշ
դուռներու:
Չէրքէզուհին,
անգամ
մը
Պոլիս,
գտաւ
իր
մէկ
տարփաւորը,
պալատին
մէջ
սանկ
ու
նանկ
գրագիր
ու
անոր
միջոցով
հազիւ-հազ
շարժման
դրաւ
քանի
մը
չորրորդական
կիներ,
կայսերական
կանանոցէն:
Իրեն
ըսին,
թէ
անխելք
էր:
Թէ՝
յիմարութենէն
աւելի
բան
մըն
էր,
սա
օրերուն
մօտենալ
վեհապետին,
հայու
մը
գլուխը
ազատելու
ոճիրով:
Թէ՝
ժամանակներուն
փափկութիւնը
եւ
մանաւանդ
թուրք
կնոջ
ազգային
զգացումները
պարտաւոր
էին
հաշտ
երթալ
սիրտի
հարցերուն
հետ:
Թելադրեցին
իրեն
ծածկուիլ
խնամքով,
չմիջամտել
պետութեան
դատարաններուն,
խնայել
մօրը
անունը
ու
իր
գեղեցկութիւնը
սա
անխելք
պատահարին:
Մանաւանդ
չառաջանալ
--
այսինքն՝
կիներու
սովորական
թեթեւութեամբ
շատ
մը
լարեր
միանգամայն
շարժումի
հանել:
Ամէնէն
աւելի
ծաղրի
նիւթ
եղաւ
իր
ճաշակը:
Մա՞րդ
էր
պակաս:
Ուրկէ
ո՞ւր՝
հայու
մը
կտորին
համար
սա
անհանգիստ
ու
քիչ
մը
տղայական
ալ
խռովքը:
Անիկա
զգուշացաւ
պատմելէ
կիրճին
տեսարանը,
վասնզի
այդ
գեղանի
կիները,
զինուորականներու
ձեռքին
ու
ծոցին
մեծցած,
ատրճանակով
կռիւ
մը
հեռու
էին
հասկնալէ:
Անոնցմէ
մէկը
իր
աչքին
տակը
բզկտել
էր
տուած
իրարու
երկու
արու,
մէկուն
խոստանալով
իր
մարմինը,
յաղթութեան
պարագային:
Հեքիաթ
չէր
ասիկա:
Ու
պալատներու
ախոռներն
անգամ
ոճիրով
յղի:
Ու
հասկցուցին
իրեն
ըլլալ
զգոյշ:
Վասնզի
սեռին
ուղղութեամբ
պզտիկ
կասկած
մը
բաւական
փաստ
էր
տղուն
գլուխը
թռցնելու:
Ամէն
քրիստոնեայ,
որ
տեսած
է
թուրք
կին
մը,
պարտաւոր
էր,
չմեռնելու
համար,
կրօնքը
փոխել
ու
ամուսնանալ
անոր
հետ:
Այլապէս՝
կը
մորթուէր,
ատենին՝
հրապարակով.
այդ
օրերուն՝
բանտին
մէջ
ագռմէջէն
հաւկիթները
փրցուելով:
Անշուշտ,
այս
օրէնքն
ալ,
նման
ամէն
օրէնքի,
առաձիգ
էր
ու
երկսայրի:
Զօրաւոր՝
երբ
տկար
է
կինը:
Բայց
երբ
կինը
կը
պատկանի
իշխող
դասակարգին
եւ
ունի
հզօր
եւ
ընդարձակ
կապեր,
երբ՝
կուսակալի,
փաշայի,
հրամանատարի
եւ
կամ
բարձրաստիճան
պաշտօնատարի
ապրանքն
է,
չունի
վախ
այդ
օրէնքէն:
Խոհարարները,
պարտիզպանները,
արհեստապետնեը,
որոնք
մատաղագոյն
տարիքէն,
այս
ու
այն
ձեւով
մտած
են
ծառայելու
թուրք
պալատներու
մէջ
եւ
հայ
են
մեծամասնաբար,
թերեւս
տանտիրուհիներուն
թաքուն
հրահանգներ[ով]
(ամէն
միւսլիւման
հոգեւոր
պարտքն
ունի
գոնէ
մէկ
անհաւատ
սուրբ
կրօնքին
փոխադրելու
իր
միջոցներով)
կը
մնան
հաւատարիմ
իրենց
տէրերուն.
ըսել
կ՛ուզեմ՝
տէրերու
կիներուն
ու
չեն
մատնուիր
հրապարակային
մորթոտումին,
փորձանքի
մը
պարագային,
նոյնիսկ
երբ
կը
բռնուին,
Հաճի
Մուրատին
նման,
անոր
անկողնին
մէջ:
Վասնզի
իրերուն
դառնագոյն
մէկ
հեգնութեամբը,
գրեթէ
ոսկեդրուագ,
փափկազգաց
ու
տեղին
համեմատ
գազանէ
մը
աւելի
վայրագ
բոլոր
այդ
աւագորեարը
թուղթէ
մարդերու
է
վերածուած
կիներու
մատին
տակ,
կառավարուելով
ստորնագոյն
գերութեան
մը
պայմաններով:
Երբ
կը
մտնեն
այդ
իշխանազունները
իրենց
տարիքին
այն
մասին
մէջ,
ուր
ա՛լ
ասպարէզին
(դուք
դրէք
բառին
տակ
բոլոր
մեծ
ու
պզտիկ,
սնոտի
կամ
խորախորհուրդ
զբաղումները,
պետական,
վարչական,
զինուորական,
կալուածատիրական
մարզերը
)
պահանջները
ամբողջովին
կը
գրաւեն
անոնց
քով
մնացորդ
կտոր
մը
կենսունակութիւնը,
անոնց
բազմարգանդ
կիներուն
անկողինին
ձգելով
դողդոջ
առնութիւն,
ու
գարշ
քրտինք
կամ
անոպայ
անասնութիւն:
Վա՜յ
բոլոր
կուռքերուն,
որոնց
պաղ
են
ոտքերը
անկողինին
մէջ:
Կիներուն
ատելութիւնը
կը
զատուի
այրերուն
ունեցածէն,
նենգութեամբ
ու
յատակէ
պակասով
մը:
Ու
այդ
անկումը
անոնք
կը
դարմանեն
ամէնէն
քստմնելի
ուրիշ
անկումով:
Ու
հեգնութի՜ւնը
աշխարհի
կարգերուն,
որոնք
ծնունդն
են
այս
մարդերուն,
իրենց
սեռային
զսպանակէն
խորտակուած,
եւ
որոնց
մէջ
սրբազան
աւիշը
փոխարինուած
է
ուրիշներով
--
փառասիրութիւն,
վաշխ,
միսթիսիզմ,
քաղաքական
տենդ
ու
հեռանկար
եւ
բոլոր
այն
մենագարութիւնները,
որոնք
ծերակոյտ
կամ
վարիչ
դասակարգ
պիտակներու
ներքեւ
ընկերութեան
մը
վերին
խաւերը
կը
դիմակաւորեն:
Կիները
խօսեցան
անոր
դառնալ
քաղաք,
ծախել
կալուածները,
գնել
Պոլսոյ
մէջ
եալը
մը
ու
նայիլ
քէֆ
ին:
Հայուն
գործը
մեռնիլն
է
արդէն:
Կայսերական
իրատէ
մը,
հետեւանք
վեհապետին
նենգ
հաշիւնեուն,
որ
հազարներու,
բիւրաւորներու
մահը
վճռած
ատեն,
ցոյցի
համար
ալ
հատի
մը
կեանքը
կը
բաշխէր,
փոխեց
դատարանին
վճիռը
հարիւր
մէկ
տարուան
թիապարտութեան:
Այս
իրադարձութեանց
ընթացքին,
չէրքէզուհին
դարձեր
էր
Պրուսա:
Անոր
մէջ
ծնունդ
առին
գութի
զգայնութիւններ:
Իր
վատութիւնը
դժուար
կը
հաշտուէր
ցեղային
իր
ծագումին
ու
ասոր
պարտադրած
վեհանձնութեան:
Վրայէ
վրայ
գիշերներ
շարունակ
տեսաւ
երիտասարդ
բանտարկեալը,
անսահման
անուշութեամբը
իր
նայուածքին,
որմէ
ոչ
մէկ
դառնութիւն
կը
բանաձեւուէր,
ինք՝
որ
ամէնէն
աւելի
կը
տառապէր
այդ
մտալլկումով:
Ձեռքովը
մատնած
էր
երիտասարդը:
Կը
խօսէր
հետը,
սիրաւէտ
ու
գողտր,
ու
կը
զգար
անոր
մերձեցումին
խոր
զգլխանքը,
այնպէս՝
ինչպէս
էր
ծորումը
անոր
մարմինին
իր
խորութեանց
մէջը,
գիւղաքաղաքի
հեռու
տունին
մէջ:
Կ՛արթննար
այս
քաղցրութեանը
սարսափին
մէջը:
Ու
կու
լար,
մօրմէն
գաղտնի,
որ
աղջիկը
կարգելու
համար
տարուած
իր
ռազմավարութեամբը,
շատ
ատեն
չունէր
իրմով
զբաղելու:
Խղճմտանքը
կերպով
մը
հանգչեցնելու
համար՝
անիկա
մտաւ
արկածախնդրական
փորձերու
նոր
շարքի
մը
մէջ:
Խանդավառ
էր
փախուստի
ընդարձակ
ծրագրով
մը,
որուն
մէջ
անիկա
գոհացում
կը
փնտռէր
վիպական
իր
բնազդներուն:
Սեռային
պապա՞կը:
Կիները
լացած
ատեննին
հեռու
են
անկէ:
Անիկա
գրեթէ
մոռցած
էր
իր
անկողինը
անոր
հետ
ու
մոռցած
մանաւանդ
արուն,
անոր
պահանջը
իր
մարմինին
մէջ:
Երազափորձութիւնները
կը
գրգռէին
զինքը
ու
արդիւնք
էին
անհուն
իր
յոգնութեան,
որ
սեռային
մոլուցքի
երկու
ամիսները
բարդեր
էին
իր
ջիղերուն:
Հիւանդ
էր
անիկա
իր
արգանդէն:
Զբաղում
մը
տալու
համար
այդ
բեկուած
ջիղերուն,
անիկա
ատեն-ատեն
կը
մտածէր
լեռնական
տղուն
ու
անոր
հոգեոլորտին,
որուն
մէջ
թմրումի
մտած
էր
անոր
զգայութեանց
սարուածը:
Նորոգե՞լ,
նորոգուի՞լ:
Մեր
տարփանքը
այնքան
փափուկ
ու
դիւրաբեկ
է
երբեմն,
որ
չենք
կրնար
մատով
իսկ
դպիլ
անոր:
Ճամբա՞ն,
դէպի
բանտը:
--
Կայ
անշուշտ:
Մերժեց
իր
անձը
քարտուղարին,
որ
կնիկ,
ինչպէս
կնիկէ
աւելի
վախկոտ,
վրէժխնդիր
ու
վատ,
փութաց
տիկինին
մտադրութիւնը
հաղորդել
բանտային
ապահովութեան
ընդհանուր
տնօրէնին:
Երկու
օր
յետոյ,
չէրքէզուհին
կանչուեցաւ
ունկնդրութեան:
Զարհուրելի
մա՜րդը:
Փաշա՛:
Բայց
գիւղացի:
Որ
խօսեցաւ
անոր
հետ
փողոցի
մարդու
աղտոտ
լեզուով
ու
հրաւիրեց
զինքը
խօսելու,
խոստովանելու:
Սակարկեց
գլուխը
տղուն
--գինը,
կը
հասկնաք,
մարմինն
էր
տիկինին--
ու
լզեց
շրթներուն
անկիւնները,
գործ
եփած
գեղացիի
նման
թքնելով
իր
ափին
մէջ:
Ու
այս
անասունը
հազարէ
աւելի
բանտարկեալներուն
Աստուածն
էր
հոդ:
Չէրքէզուհին
ձգձգեց:
Անիկա
կը
զարհուրէր
այդ
անասունէն:
Ամէն
ինչ
նենգ
էր
ու
սուտ
ոսկեզօծ
այդ
տակառին
վրայ:
Ու
լքել
ձեռնարկը՝
չկրնալով
վստահիլ
այդ
հէօտիւկ
ին,
չափազանց
գէր
ու
գարշահոտ,
որ
կիները
ունենալու
իր
մասնաւոր
կերպը
չէր
քաշուեր
ըսելէ
իրենց
երեսին,
որ
եռակզակ
իր
դէմքին
վրայ
հզօր
նողկանք
մը
ու
անյագուրդ
առնութիւն
մը
գիտէր
հաշտեցնել,
իր
բառերը
ընելով
թանձրօրէն
գրգռիչ
ու
լկտի:
Ծարաւ
էր
ան
ու
յափրացած:
Հասարակ
գիւղացի,
անգտանելի
միջոցներով
մինչեւ
փաշայութիւն
բարձրացած՝
անիկա
իր
կովերուն
պէս
կը
փոխէր
իր
կիները
ու
չէր
ամչնար,
դատելով
աշխարհը
առհաւական
իմաստութեամբ
մը,
որ
մարդը,
արուն
կը
նետէ
կրկէս,
յովատակի
մը
նման:
Ուտել,
սերնդագործել,
սպաննել:
Շատ
շատերուն
ուրիշ
չէ
նպատակը
այս
կեանքին:
Այս
միջադէպը,
իր
այս
ելքովը,
ունեցաւ
իր
հակահարուածը,
դատապարտեալին
վրայ:
Փաշային
կարգադրութեամբը
Հաճի
Մուրատը
ենթարկուեցաւ
ներսէն
հալածման:
Ամբողջ
կայսրութիւնը
յագեցուն
էր
անորակելի
ատելութեամբ
մը
հայերուն
դէմ:
Ասիկա
ջարդէն
առաջ
անհուն
այն
ճնշումն
էր,
որով
հոգին
կը
մերձենայ
մթնոլորտային
խուլ
բախումին:
Կարկուտը
կանխող
ժանգահար
մռայլութիւնն
էր
ատիկա:
Արեան՝
ինչպէս
անձրեւին
վազքը
կը
մեղմէ
զայն:
Ջարդը
թուլացումն
է,
որ
կը
շիջէ
ծարաւը:
Ու
դիտուած
է,
որ
թուրքերը
ամէն
տարածուն
ջարդէ
յետոյ
մեղմ
են
զգացած
իրենք
զիրենք
ու
մոռցած՝
իրենց
թափածը:
Շնորհներ
ու
որբահաւաքում
կեղծիք
չեն
ամբողջութեամբ:
Թուրքը
կ՛ընէ
ատոնք
իրմէ
վեր
օրէնքներու
անսալով:
Այդ
օրերուն
էր,
որ
Հաճի
Մուրատը
ենթարկուեցաւ
մահափորձի,
զնտանի
իր
ընկերներէն,
որոնք,
առանց
որոշ
հրահանգի,
գուցէ
պատերէն,
գուցէ
այդ
քաղաքին
թուրք
երկինքէն,
բնազդով,
թելադրուեցան
քունի
մէջ
կոխելու
անոր
պուկին,
բայց
վերջին
րոպէին
ընկրկեցան
դուրսը,
բակին
մէջ
շրջող
պահակախումբի
մը
պատահական
մէկ
աղաղակէն,
ուղղուած
ուրիշներու:
Ոճիրին
մէջ
անասունը
արագ
կը
շրջի:
Ընկրկեցան
ու
ատիկա
նախապաշարեալ
իրենց
ուղեղէն
սփոփանք
մը
ըրին
իրենց
թշուառութեան
համար:
Աստուած
չէր
ուզեր
այդ
հայուն
մահը:
Այդպէս
տրամաբանեցին
ու
չզգացին
իսկ,
որ
անոնք
ընկրկած
էին
աւելի
խոր
պատճառէ
մը
--
անլուր
այն
անտարբերութիւնը,
որով
Հաճի
Մուրատը
դիմաւորած
էր
իրենց
բռունցքները:
Անիկա
բանալէ
յետոյ,
գոցած
էր
հանդարտ
իր
աչքերը,
սպասելով,
աղաչելով
կարծես
արդէն
ուշացած
մահուան:
Ոչ
մէկ
մեղադրանքի
բառ,
անոնց
երեսին,
երբ
տագնապէն
ետք,
նստեցաւ
իր
մինտէր
ին
վրայ
ու
դիտեց
անոնց
նկուն,
զղջահար
արտայայտութիւնը:
Տխուր
էին
ու
չպահեցին
տգեղ
իրենց
զգացումին
գարշանքը,
երբ
բոլորուեցան
իր
շուրջը:
Ի՜նչ
էր
ըրած
իրենց:
Յետոյ,
այդ
գիշերէն
իսկ,
սիրեցին
զինքը,
վասնզի
քաղցր
էր
ու
ճառագայթող:
Վասնզի
չէր
վախնար
մահէն,
ինչպէս
չէր
ցանկար
կեանքէն
ոչ
իսկ
մէկ
բան:
*
*
*
Ու
հոն
էր
անիկա,
բեկուած
ու
յուսակորոյս,
ինքնամփոփ
ու
հանգած:
Անցան
անոր
վրայէն
կայսերական
ներումները,
բանտերուն
այդ
հիւսիսայգները,
առանց
փոխելու
բան
մը
անոր
տառապանքէն:
Բանտին
տնօրէնը
ներման
իրատէ
ները
կը
մեկնէր
ըստ
պահանջի:
Երբ,
կայսերական
շնորհին
մէջ,
ներումը
նկատի
ունենար
քաղաքական
յանցանքները,
Հաճի
Մուրատը
կը
վերածուէր
պարզ
ոճրագործի:
Անշուշտ,
Ծննդեան
ու
Գահակալութեան
տարեդարձները
անկշիռ
էին
հարիւր
մէկ
տարիներու
վճիռին
վրայ,
քանի
որ
տնօրէնին
տրամաբանութիւնը
միշտ
քաղաքական
յանցանքի
մէջ
կը
զետեղէր
Հաճի
Մուրատին
դատապարտութիւնները
այդ
առիթներուն:
Ու
կը
մնար
բանտին
մէջ,
ինչպէս
որդը՝
իր
բջիջին:
Սպասելով՝
որ
փտէին
միսերը
ու
փտէր
հոգին:
Ուրի՞շ:
Գար
րամազան
ը,
որպէսզի
իրկունները
նախշուն
անոր
հէլվա
ն
դնէր
քիմքին
ու
համը
առնէր
չէրքէզ
Սանամին,
որ
այդ
նուէրով
կը
կապուէր
հիմա
բանտի
սիրականին:
Բարեգործութեան
ձեւ
մըն
էր
ատիկա:
Մեծ
մեղաւորները,
ինչպէս
մեծ
բարերարները
այդպէս
արարմունքներ
ունէին,
նուիրելով
դժբախտներուն
ինչ
որ
աւելորդն
էր
իրենց:
Հաճի
Մուրատը
կը
տեսնէ՞ր
կիսամութ
իր
բջիջէն,
խոռոչէն
տիկինը,
որուն
թեւերուն
մէջէն
իջաւ
այս
խորխորատը:
Յետոյ,
տարին,
որ
կը
սկսէր,
սեւ
ու
միօրինակ:
Անիկա
մերժեց
իր
նշանածը
տեսնել
ու
ընկերներուն
պնդումովն
էր,
որ
ընդունեց
իր
մայրը,
սեւ
իր
զգեստին
մէջ
ձիւնի
պէս
ճերմակ:
Հատած,
բայց
վայելուչ
այդ
կինը
հակառակ
իր
թարմութեան,
զօրաւոր
յարգանք
միայն
ներշնչեց
բանտարկեալներուն,
այն
բարձր
ու
գեղեցիկ
թախիծը,
որով
ողողուած
էր
դէմքը
անոր
տղուն:
Յետո՞յ:
Աւաղ.
այո՜:
Յետո՞յ:
Անիկա
մտքովը
կ՛ուզէր
քիչ
բան:
Սանկ
շարժ
մը,
որ
փլէր
սա
կամարները
վրայ
ու
թաղէր
զինքը:
Կրակ
մը,
որ
մաքրէր
բոլորը:
Առնուազն
սանկ
ու
նանկ
հիւանդութիւն
մը,
որ
խառնէր
քիչ
մը
դիակը
անոր
մարմինին:
Ուրի՞շ:
Հարիւր
մէկ
տարին
թեւաւոր
գերեզման
մըն
է
կապուած
մեր
ճակտին:
Լաւ
է
չհարցաքննել
համր
թռչունը
ժամանակին:
Չէրքէզուհի՞ն:
Նոր
արկածներ
հեռացուցին
զայն
քաղաքէն:
Տղուն
մարմինէն
ետք,
անիկա
քիչիկ-քիչիկ,
յետոյ
բոլորովին
մոռցաւ
պատկերը
անոր
հոգիին
ու
կարգուեցաւ
քսանամեայ
տղու
մը
հետ,
բոլորովին
պարպելով
իր
մտքէն,
ինչպէս
ջիղերէն,
տարաբախտ
երիտասարդը:
Քաջութիւնը
գեղեցկութեան
կը
նմանի
ու
կը
մաշի
շուտ:
...
Հայկական
ջարդերուն,
ինչպէս
ուրիշ
քաղաքներ,
հոս
ալ
վտանգ
ու
խռովք
կրկին
արթնցան
անոր
ազգութեան
շուրջը:
Հակառակ
բացորոշ
հրամանին,
չսպաննեցին
զինքը
իր
ընկերները,
հնազանդած
չըլլալու
համար
բանտին
տնօրէնին,
որ
իրենց
յատկացուած
սննդեղէնները
կ՛իւրացնէր
եւ
որդնոտած
բակլայ
կը
կերցնէր
միսին
տեղը:
Չսպաննեցին՝
քիչիկ
մըն
ալ
անձնատուր
հեռաւոր
ակնկալութեան
հրապարակէն
ջնջուած
չէրքէզուհիին,
որուն
թեւը
գիտէին
երկար,
պալատը
մինչեւ
փատիշահին:
Հեքիաթներ
կան,
որոնք
անգամ
մը
կազմուելէ
ետք,
կը
դիմանան
իրենք
իրենց
սուտին
դէմ:
Ու
ամէն
բանտուած
պիտի
երազէ
հեքիաթը
իր
արձակումին
եւ
պիտի
խուսափի
ատոր
վնասող
աւելորդ
փորձէ:
Ու
եղան
խռովքին
օրերը:
Այսինքն՝
շաբաթ
մը
ամբողջ
քաղաքը
ցերեկը
ըրաւ
գիշեր
ու
գիշերը
ցերեկ՝
սպասելով
կոտորածին:
Արիւնը
վազեց
ուրիշ
տեղեր
ու
զովացուց
բոլորը:
Հաճի
Մուրատը
ողջ
էր
ելած
տագնապէն:
Եւրոպական
թերթերու
թղթակիցներ
այցելեցին
բանտ,
հարցաքննեցին
ամէնէն
ահաւոր
քոմիթաճի
ն
Պրուսայի
շրջանին,
զարմացան
անոր
պատասխաններէն
ու
արժանի
սեպեցին
զայն
լուսանկարելու
ու
նկարը
ղրկելու
իրենց
թերթերուն:
Վարձուած
այդ
մարդերը
լաւագոյն
փաստ
չէին
գտներ
ուրիշ
հաստատելու
համար
թրքական
արդարութիւնը,
որ
բանտին
մէջ
անգամ
կը
գուրգուրայ
դաւաճանին,
խռովարարին
վրայ:
Անոնք
մինչեւ
Ամերիկաները
արձագանգ
ստեղծեցին՝
փառաբանելու
համար
քրիստոնէավայել
վեհանձնութիւնը
իսլամներու
Խալիֆային:
Մեր
աղէտին
ամէնէն
գարշ
տրտմութիւնը
բռնադրուեցաւ
մեզի
քրիստոսանուէր
այդ
մարդերէն:
Գացին
այդ
մարդերն
ալ
ու
թուրքը
ժողովուրդ
է
այսօր,
անոնց
ուզածին
պէս:
Իրողութիւն
էր,
որ
խռովքի
օրերուն
նուազումին
զուգահեռ,
անոր
ազգութեան
ժանգը
քիչ-քիչ
ջնջուեցաւ
վրայէն,
նպաստը՝
իր
շաքար-
շէրպէթ
բնաւորութեան
ու
անկնճիռ
անվախութեան,
արդարութենէն,
ինչպէս
մահէն:
Ու
աւելին:
Չէր
ատեր
թուրքը,
հիմա,
որ
ընկերակիցներու
տարազին
մէջ,
զայն
կը
տեսնէր
թաթին
տակը
իրմէ
վեր
ուժերու:
Երջանի՞կ:
Չէր
ապահովաբար
այդ
ժողովուրդն
ալ,
կիներուն
աքցանին
կամ
պատերազմին
մշտական
այրիութեանը
մէջ,
հաւատքէն
խեղդուած
ու
ատելութեամբ
միայն
իր
կմախքը
կանգուն
պահելու
կարող:
Որուն
տունէն
ներս
տեսակ
մը
վանդակաւոր
բանտ
կ՛ապրէր
մշտական:
Որուն
սրտին
վրայ
անոր
քրտինքը
յաճախ
տատասկի
կը
փոխուէր:
Եւ
որուն
մարմինը
ձգուած
էր
գաղտ
ու
յայտ
ախտերու
սլաքող
լեզուներուն:
Չէր
ատեր
թուրքը:
Եղբայրներ
էին
վիշտին
մէջ
հիմա:
Ու
կը
պատմէր
անոնց
իր
լեռները,
որսերը,
ճակատումները:
Ու
կը
վարակէր
իր
զայրոյթին
մէջ
իր
ընկերները
ոստիկան
կենդանիին
դէմ:
Երբեք
ինքնագով՝
անիկա
կը
պահէր
ճշգրտութիւնը
յեղումին,
անուանումներով,
տեղի
ու
օրի
ճշդումներով,
ափ
ի
բերան
ձգելու
չափ
տունէն
ոճրագործ,
լերան
անծանօթ,
կռիւի
մէջ
քիչ
իր
ընկերները:
Ասոնք
հագած
էին
ոճիրը
բռնի
շապիկի
մը
պէս
ու
այդքան:
Ուրացաւ
անիկա
չէրքէզուհին,
ոչ
անշուշտ
վախուն,
այլ
աւելի
վեր
զգացումի
մը
հպատակելով:
Ո՞վ
սորվեցուց
անոր,
որ
սեռին
վրայ
մարդ
անասուն
է
միշտ
ու
անսրբագրելի
եսապաշտ
մը:
Կը
սիրէ՞ր
անիկա
այդ
կինը:
Ո՜վ
գիտէ:
Բայց
բերանը
վրայ
չգնաց
օտարներուն
առջեւ
փռելու
ինչ
որ
միակ
ու
վերջին
քաղցրութիւնը
գիտէր
իր
կեանքին
ու
անիկա
կը
նմանէր
անոնց,
որոնք
վերապահ
են
միշտ
իրենց
սիրածին
մասին:
Հերքեց,
ուժգնութեամբ,
գողութեան
առասպելը,
բայց
չկրցաւ
բացատրել
կնիկի
զգեստները,
որոնցմով
ինկած
էր
բանտ:
Ու
համ
կար
անոր
յեղումին
մէջ,
բնածին
ու
պարզ.
ան՝
որ
մշակուելով,
կեանքի
զանազան
ջուրերուն
մէջ
տարուբերուելով
թերեւս
օր
մը
ստեղծէր
գեղջուկ
արուեստագէտը,
շրջիկ
աշուղը,
որ
ամբողջ
գեղերը
կը
կախէ
իր
շրթունքէն,
երբ
կը
խօսի
եղած
ու
չեղած
բաներէն.
--
Մէկը
կար,
մէկը
չկար,
չէրքէզի
աղջիկ
մը
կար...
Այսպէս
մօտիկցուած,
պարզուած,
ահաւոր
դէպքերը,
որոնք
կործեր
էին
գլուխին,
կը
ստանային
տարօրինակ
խտութիւնը,
իրաւութիւն,
ինչպէս
ալ
ընթացեր
էին
արդէն
անոր
կարճ
լեռնապետութեան
ընթացքին:
Տեւողութիւնը
կը
տարտամէր
ու
կ՛ըլլար
դէպք:
Ոճիրը
անհուն
կրճատում
մըն
է
հոգեկան
հեղանիւթի:
Մէկ,
երկու,
հոգին
կրնայ
դիմակալել
այդ
խտացումները:
Բայց
երբ
ըլլայ
անիկա
շարան...
Ծեր
էր
անիկա:
Արկածներու
իր
երկու
տարուան
մէջ
անցեր
էր
երկու
դար
հակակշռող
յուզումներէ:
Այս
խտութիւնը
կը
միջամտէր
իր
դրուագումին:
Երբ
փրցնէր
կտոր
մը
իր
օրերէն,
անիկա
անհաւասարելի
կենսագործող
մը
կ՛ըլլար
ինքնաբերաբար:
Կը
բռնէր
զայն
աչքին
դէմը
իր
ընկերներուն,
առանց
հռետորութեան,
բայց
առանց
ալ
մռայլ
ցամաքութեան
ու
կը
փոխադրէր
զանոնք
պատահարին
ճիշդ
փորը,
շրջանակի
ու
մանրամասն
յօրինումի
առինքնող
հոսումով
մը:
Կան
այս
մարդերը,
որոնք
իրենց
բերանէն
բառը
արձակած
ատեն
անոր
կը
հագցնեն
առարկային
մարմինը
ամբողջ:
Ու
ինչպէս
մէկը,
որ
աւարտած
է
կեանքը
(դիւանապետը
կոտրած
էր
անոր
առնութեան
նիզակը,
բայց
ահաւոր
վրէժխնդրութեամբ
մը,
ձգած
էր
ողջ՝
անոր
ողնածուծին
կամարակապ
ուրդին
մէջ,
կենսաջուրին
թելիկը,
նիհար,
այրող
բայց
չսպառող,
եղերական,
անդարման
անգթութեամբ
մը,
ինք
իր
վրայ
գալարուելու
պարտաւոր
ու
ինքզինքը
միայն
լզել
ունեցող
այդ
ջուրը,
որ
ինքն
իր
վրայ
պղպջայ
պիտի
ու
թառամի՝
արգանդի
մը
արեւին
չինկած),
անիկա,
խաղաղ
ու
պարզուկ,
ինքն
իրմէ
հեռակայ,
բայց
ուրիշներուն
համար
արգահատող
ու
գթալիր,
կը
հետեւէր,
տարտամ,
իմաստուն
ժպիտով
մը
իր
ընկերներուն,
անոնց
հզօրագոյն
--դուք
կը
հասկնաք--
գալարումին.
մեր
ամէնէն
տխուր
ու
կատաղի
կիրքին
որ,
մանաւանդ
սա
անյուսութեան
ու
սա
երաշտին
մէջ,
կը
հագցնէր
ճակատագրական
ամբողջ
իր
հոծութիւնը,
լծընկէց
իր
մեծութիւնը,
ու
կ՛ըլլար՝
մութին,
գիրքերով
ոգուած
քաոսին
վրայ
դողդոջ՝
հոյակապ
առասպելին
իմանալի,
ամբոխին
մատչելի
մէկ
թրթռումը,
կայլակումը.
ան՝
որ
դուրսը,
այսինքն՝
ազատ
աշխարհին
ամէնուն
խորշերուն
ալ
փորը,
ու,
ո՜վ
գիտէ,
ուրիշ
աշխարհներու
ալ
ալքերուն
մէջը
կը
բռնկի
գուցէ
սա
մթութեամբ,
սա
արիւնով:
կը
կայծի,
կ՛այրէ,
կը
թաղէ
ու
իր
աճիւնէն
կը
վերակազմէ
կեանքին
անհաս
պատգամը,
հարցական
պարոյկը,
փլող
ու
շինուող,
ինչպէս
զարկը
մեր
արիւնին
ու...
այսպէս
անվերջ:
Ու
սեռին
մեծ,
անողոք
անիւին
սա
յաւիտեան
շղթայուածները,
ո՞ր
հրաշքով
կը
տոկային
բոլոր
զրկանքներուն,
բարութեամբ
ու
համեստ.
կարծես
իրաւացի
ընէին
վճիռը,
որ
զիրենք
կը
պահէր
հեռու
դուրսի
բիւրազգի
համերէն
ու
վայելքներէն:
Բայց
անկարող
էին
զսպել,
սանձնահարել
իրենց
ճենճերումը,
որ
անոնց
իւրաքանչիւրին
ջիղերէն
կը
հոսէր
դուրս,
նկուղին
կամարը
ողողելու
չափ
սեւ
այդ
հրդեհով:
Անոնք,
քուն
թէ
արթուն,
առքին
մէջն
էին
սեռին:
Սեռային
իրականութիւնը,
անոնց
թարթիչին
տակը
ու
տակը
գանկի
կափարիչին,
պատկեր
էր
ու
կրակ,
մուխով
ու
բոցով,
ելած
՝
մշուշոտ
ու
տարտամ
իր
պարոյրէն,
որով
զգեստաւոր
կը
պտտի
անիկա
ազատ
աշխարհէն,
հազիւ
երբեմն
ոճիրին
թաթին
ներքեւ
խտութիւն
հագնելով:
Սեռային
իրականութիւնը
փուշէ
պսակի
մը
նման
կը
հանգչէր
անոնց
ճակատին,
արիւնը
բերելով
դուրս,
պուտ-պուտ,
սեռէն
հեղուած
զովութեան
մը
նման:
Եւ
որ
սա
մութին
ներսը,
բանտերուն
մէջ
ու
կուպր
յատակին,
կը
վերածուի
անոնց
գլխուն՝
բոցէ
սաղաւարտի.
ուսին՝
բոց
պատմուճանի.
սրտին՝
բոցէ
բաժակի:
Ու
կ՛ըլլայ
մուխ
ու
արիւն
քով-քովի,
փոխն
ի
փոխ
ընելով
հարիւր
մէկ
տարուան
խարանով
պսակաւոր
սա
դժբախտ
հրէշները՝
քաղցր,
սիրաւէտ
մանուկ,
երբ
կու
լան
ոգեկոչուած
համբոյրի
մը
փայլակին
ետեւէն,
յիմար
ու
բազկատարած:
Ու
կ՛ըլլան
գազան,
երբ
խենթեցած
կը
ճմռեն
իրենց
ագռմէջը,
կոտրտելու
չափ
պրկած
սիւնը՝
իրենց
ողներուն
խուլ
մռնչիւն
մը,
խոնաւ
թնծկալը
կախած
իրենց
շրթներէն:
Ու
կ՛ըլլան
թանձր
անասուն,
զգայռող,
թապրտկող,
զռացող
ու
անբան,
մինչեւ
որ
կիրքը
ջախջախէ
իր
կիկլոնը
անոնց
ողնոսկրին
փապուղիին
մէջ,
եւ
փռէ,
կործանէ
գետին
կրակուած
սիւնը
անոնց
մէջքերուն:
Կեանքը
այս
եղերական
պատերազմն
է,
զոր
կը
մղէ
բանտի
մարդը
ինքն
իր
դէմ.
բայց
սա
դատակնիքով
--
անվրէպ
պարտութիւն:
Մինչեւ
ե՞րբ:
--
Հարիւր
մէկ
տարի:
Պիտի
պատասխանեն
ներքինի
օրէնսգէտները,
որոնք
այդ
վճիռները
խմբագրած
ատեն
կեանքը
կ՛ատէին,
վասնզի
անիկա
դիրտ
մըն
էր
ա՛լ,
իրենց
ողնուղեղին
ուրդին
տակը
կրացած:
Ու
կ՛ատէին
կինը:
Հարիւր
մէկ
տարի՜:
Ո՞վ
համրեր
է
քեզ,
այդպէս
ձրի
բաշխելէ
առաջ:
Ու
համրեր
մանաւանդ
նիզակին
տակը
սեռին
մեծ
սիւնին:
Քսանհինգը
չէր
մտած
Հաճի
Մուրատը:
Ու
անոր
ընկերնե՜րը,
վար՝
երեսունէն: