Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՍՏԻԿ ՍԵՓԻՆ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆԸ

Յուլիսի տապահեղձ արեւին ներքեւ արիւն քրտինք մտած, բոբիկ ոտքերն այրած մրկած, ճերմակ շապիկին ճեղքէն` որ մսին փակած էր, ցուցնելով մազոտ լայն կուրծքը, որ կ՚ելեւէջէր իր հեւ ի հեւ շնչառութեան տակ, Բերայէն հետիոտն Չըքսալըն կը դառնար միտեաճի Սերքօն, պարապ կուժը գըլխուն վրայ, մէկ ձեռքը մէջքին դրած:

Օգ-Մէյտանիի շիտակ սարահարթին վրայէն կ՚առաջանար խոշոր քայլափոխերով եւ ետեւէն ձգելով իր խոշոր իրանին հինգապատիկ երկար ստուերը, որ կ՚աւարտէր կուժին կոնաձեւ կիսաշրջանակովը:

Գլուխը, իր բեռին պատճառով, հաւասարակշիռ դիրքի մը մէջ, դէպ առաջ կարկառած էր քիչ մը. տեսակ մը գոհունակութիւն կ՚արտայայտէր դէմքը: Քսանեւհինգ տարեկան հազիւ կար, թիկնաւէտ էր եւ կորովի, չուխայէ լայն ու փոթ տաբատ մը հագած էր` ճերմակ գօտիով մը մէջքին վրայ պնդուած: Խռուացեալ հոծ մազերուն մէջ վերջացող հին ու մաշ ֆէսին վրայէն կապած էր կարմիր թաշկինակ մը, որուն մէկ ծայրը ականջին կը դպչէր եռանկիւնաձեւ. իր շարժմանը մէջ ունէր ըմբշական այն արհամարհոտ հովը, որ իր դասակարգի մարդոց վրայ կը նշմարուի առհասարակ: Այն տաժանելի կեանքը, զոր կը վարեն այս մարդիկ ծովու վրայ, արեւին տակ, փողոցներու մէջ, կարծես աւելի կը զօրացնէ, կ՚ամրապնդէ անոնց ուժն ու կորովը: Իրենց բիրտ ու կոպիտ կենսավարութեան մէջ անզգայ երջանկութիւն մը կը վայելեն, զոր բարձր դասակարգի մարդիկ իրենց հեշտակեցութեամբն հանդերձ անկարող են գտնել, բացարձակ անկարող: Քիչ մը Աստծոյ մատը կայ, կարծեմ, այս բանին մէջ:

Այազմայի զառիվերը կը մագլցէր հիմակ միտեաճի Սերքօն, անհաւատալի դիւրութեամբ անցնելով դերբուկ այդ առլեփն: Խորունկ մտածումի մը մէջ թաղուած կ՚երեւէր, շրթունքը կը շարժէին երբեմն, թերեւս առանց իր գիտնալուն, ու կը մռլտար.

Պեյօղլուն պաշխայ պան է պէ, էղածը կը ծախես… հէ՛մ լաեըխլը կինով կը ծախես… մէյ մըն ալ վո՞վ կը պտըտի աստեղներ… պօշըպօշընա տապան ծեծէ, պօռա, կանչէ, պողազիդ ծակը չորցուր:

Յանկարծ միտքէն փայլակ մը անցածի պէս, ընդհատեց խօսքը եւ մէկէն ի մէկ խիստ երեւոյթ մը առաւ.

Բիճը ի՞նչ ըրաւ աճապ, մրմռաց:

Եւ շարունակելով իր ճամփան, Չըքսալընի մանուածապատ նեղ փողոցներէն անցաւ, դարձաւ, իջաւ, ելաւ, եւ վերջապէս կանգ առաւ միայարկ խարխուլ տնակի մը առջեւ, որուն պատուհաններէն ներս կրնար նայիլ փողոցը կեցող մը. կուժը գետինը դնելով, երկար շունչ մ'առաւ եւ գօտիին ծալերէն բասոտած բանալի մը հանելով դուռը բացաւ եւ կուժը ձեռքը ներս մտաւ:

Կը սարսռայ մարդ, երբ այդ տուներուն ներքին կողմը տեսնայ. աւերակի մը հոտը կայ հոն, ամէն անկիւն, ամէն առարկայ, ամէն բան ցուրտ դրոշմ մը կը կրէ իր վրայ. զգայուն նայուածք մը, երբ յածի հոն, ստուեր մը կ՚ունենայ իր տեսողութեան հանդէպ, որ թշուառութեան ուրուականն է. հոս կոտրած սափոր մը, հոն ծռած սեւցած սան մը, ասդին մրագոյն պատի կտոր մը, որուն առջեւ լաթ լուացած են, անդին ծըւիկ ծըւիկ անկողին մը պատառոտուն վերմակով մը ծածկուած, ամենուրեք հնութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն: Ամբողջ կահն այդ ողորմելի խցիկին` չորս-հինգ անյենարան աթոռակներ, գետինը փռուած մէկ քանի աղտոտ «մինտեր»ներ, մանր-մունր բաներ, ոչնչութիւններ վերջապէս:

Փողոցին վրայ նայող խցիկը մտաւ Սերքօ եւ փռուեցաւ գետինը, իր խոշոր մարմնոյն խոջէնքը սփռելով մաշած մինտէրին վրայ: Յետոյ, գօտիին ծալերուն մէջէն իւղոտ քսակ մը հանեց, որուն պարունակութիւնն իր կոշկոռոտ ափին մէջ թափելէ ետք, սկսաւ համրել:

Քսանըվե՜ց ղրուշ, մրմնջեց գոհունակութեան ժպիտով մը եւ իր բարակ պեխը ոլորելով: Անանկ է նէ սա գիշեր Թոտիին էմ:

Եւ երբ կը պատրաստուէր գլուխը վար դնել անուշ մրափ մը քաշելու համար, փողոցէն եկած սրագոչ ձայնէ մը ականջը տնկեց յանկարծ եւ ելաւ կայնեցաւ:

Սեփն է, ըսաւ ինքն իրեն:

Պատուհանէն դուրս հանեց գլուխը եւ ահեղ ձայնով գոչեց.

Ծօ Սե՛փ, աս ատեն վո՞ւր էս:

Կը ծախեմ կոր, ախպար, տահա չհատաւ, առնող չիկայ, պատասխանեց երկչոտութեամբ տասներկու-տասներէք տարեկան տղայ մը, կարճուկ, վառվռուն, մերկոտն, չուխայէ պատռտած զգեստներ հագած եւ գլուխը բաց չարաճճի մը, որ երկու ձեռքը բռնած ունէր ապակիէ երկու ամաններ` մէջը` պատենազուրկ ձկնականջներով լեցուն:

Ծօ, տահա չի հատցուցի՞ր միտեաիչին, շունշանորդի, հիմա խաֆայիդ պան մը կը զարնեմ, ճէհէլլէմ եղիր սըկէ, սաաթէ մը հոս պիտի ըլլաս, միտեան ծախած:

Բէք աղէկ, ախպար, ըսաւ չարաճճին, ոստում մը ընելով եւ աննշմարելի շեղ ակնարկ մը նետելով քովի ցածուկ տան պատուհանն երեւցող մանրիկ կարմրուկ դէմքի մը, որ կը ժպտէր:

Սեփ—Յովսէփի կամ Յուսեփի կրճատեալը ցատկելով, խաղալով ճամփան շարունակեց, մինչ սրինգի պէս իր սուր ձայնով կը գոչէր.

Միտեաիչի թավալը՛գ:

Սերքօ, եղբայրը, անոր ետեւէն կը նայէր խոժոռ աչուըներով, եւ գլուխն երերցունելով կը մրմռար.

Էս քուկին հախէդ կուգամ, բի՛ճ:

* * *

Ժամ մը ետքը, որոյ միջոցին Սերքօ խորունկ քուն մը քաշած էր, ամանները պարպած ետ դարձաւ պստիկ Սեփ, սրիկայ խաղի մը եղանակը քթին տակէն մրմռալով եւ միշտ ոստոստելով, մօտեցաւ խրճիթի պատուհանին եւ ձեռքինները գետին դնելով` շուտիկի մը պէս կախուեցաւ պատուհանին եզերքէն, վեր քաշուեցաւ, արագ ակնարկ մը նետեց դէպի ներս. նորէն կամաց մը վար իջաւ` աչուըներուն մէջ ունենալով գոհունակութեան չարաճճի շողիւն մը եւ մրմնջելով.

Օ՜խ, կը քնանայ կոր:

Ապա, գողի մը զգուշութեամբ, որ օձիքը ձեռք տալու վախն ունի, մեղմիւ սահեցաւ պատուհանին տակէն եւ քովի տնակին մօտ գալով, կամաց, երկչոտ ձայնով ըսաւ.

Արո՛ւս, Արո՛ւս…:

Ահագին կոչ մը ատկից աւելի ազդեցութիւն չպիտի ունենար. վասնզի, գրեթէ անմիջապէս խրխլած պատուհանի շրջանակին մէջ երեւան ելաւ պստիկ աղջկան միշտ ծիծաղկոտ այն դէմքն, որուն ժամ մը առաջ ժպտած էր Սեփ, խաժ աչուըներով, պստիկ գունատ շուրթերով կլորակ դէմք մը, ուր սակայն թշուառութիւնն ու անօթութիւնը արդէն իսկ զարկած, տպաւորած էին իրենց ահռելի դրոշմը:

Մանկուհիին եւ պատանեակին աչուըները անհուն գորովի մը, անսահման խանդաղատանքի մը մէջ իրարու խառնուեցան. զիրար կը դիտէին մելամաղձական չես գիտէր ի՛նչ նայուածքով, ուր գորովէ, խանդաղատանքէ ալ վեր բան մը կար կարծես, սէ՛ր:

Ին՞չ կ՚ընէիր կոր, Արո՛ւս, հարցուց Սեփ:

Օտայն կ՚աւլէի կոր, ախպարիկ, պատասխանեց պզտիկ աղջիկը, անուշիկ ձայնով մը, որուն մէջ նրբօրէն կը  զգացուէր այն պչրանքը, որ անխտիր ամէն աղջկան հետ կը ծնի, տարիքին համեմատութեամբ մեծնալով եւ սաստկանալով վտանգաւոր ըլլալու աստիճա՛ն:

Դուն ի՞նչ ըրիր:

Ես միտեաիչիս ծախեցի, ըսաւ Սեփ, ձեռքը զարնելով տաբատի գրպանին, որ հաստ հնչիւն մը հանեց:

Հիմակ նիհար բազուկին մէկը դուրս հանած էր Արուս եւ ստամբակին երկնցած մազերը կը շօշափէր, ան ալ, կարծես հեզօրէն հաճոյք մը զգալով այդ հպումէն, թող կ՚ուտար, որ ուզածն ընէ իրեն:

Յանկարծ Սեփ գլուխը վեր առաւ եւ տխուր շեշտով մը հարցուց.

Արո՛ւս, այսօր ի՞նչ կերար:

Մանկուհին կարծես թէ սարսուռ մ'ունեցաւ, թեթեւ կարմրութիւն մը պատեց այտերն, եւ առանց պատանեակին երեսը նայելու, յոյժ մեղմ ձայնով մրմնջեց.

Ցամաք հաց:

Ամպ մը անցաւ Սեփին աչերէն, պզտիկ, գրեթէ անլսելի հեծիւն մը թռաւ կոկորդէն, երկիւղալի ակնարկ մը յածեց չորս դին, կամացուկ մը գրպանը խոթեց ձեռքը եւ բան մը դուրս հանելով` դրաւ զայն պզտիկ աղջկան վար կախուած ձեռքին մէջ, միանգամայն փսփսալով.

Վաղը եէմիշ առ կեր, հա՞, աղուորիկ Արուսս:

Պզտիկ աղջիկը առաջինէն աւելի կարմրեցաւ, վեր չառաւ ձեռքը, իբր թէ յեղակարծ բան մը սառեցուցած ըլլար զայն:

Պահէ՛, պահէ՛. ըսաւ Սեփ շտապագին, հիմա վար կ՚իյնայ։

Հազիւ թէ խօսքն աւարտած էր, ահագին, սարսափելի ձայն մը վեր ցատկեցուց զայն: Արուսի գլուխն ի քթթել ական անհետ եղած էր:

Սերքօ, որ քունէն նոր էր արթնցած, գլուխը պատուհանէն դուրս հանելով կը գոչէր.

Ծօ՛ փի՛ճ, փարչա փարչա պիտի ընեմ հիմա քեզի, ներս եկո՛ւր, չափուխ ներս եկուր:

Հէ՛ք պատանեակը, սահմռկած սասանած, առաւ գետնէն ամանները, եւ անբացատրելի վիշտով խառն երկիւղով մը, յանցաւոր աշակերտի պէս ներս մտաւ իրենց դուռնէն, զոր եղբայրը բացած էր:

Սերքօ բռնեց անոր ականջէն, ոլորեց, ճմլեց եւ միւս ձեռքովը մէկ երկու ուժգին ապտակ փակցուց խեղճ Սեփի երեսին:

Ո՜հ, սրտաճմլիկ էր այդ տեսարանը:

Սէնիկիտի փի՛ճ, կը պոռար միտեաիչին ահեղ ձայնով, ծօ էս քեզի միլեոն անգամ չըսի՞, քի ան քովի միւսիւպէթներուն հետ կէօրիւշմիշ չպիտի ըլլաս. ծօ չիյտե՞ս քի մարըս, ասված օղորմի հոգուն, վիրա կ՚ըսէր, քի քովինները ամէն վախիթ միսերնիս կ՚ուտեն, մեռած ատենը չըսա՞ւ, քի ծառվընիդ եախաս ըլլայ էյէր ան չըլդիկին երէսը նայիք. ծօ՛, մարըս վերէն սա քու ըրածդ տեսնայ նէ, ընտո՞ր քեզի պէտուա չընէ. ան սատկած լակոտէն ի՞նչ ես հասկցեր… Բէք աղէկ, նայէ՛, նորէն կ՚ըսեմ կոր, շարունակեց Սերքօ ուժգնօրէն ցնցելով պատիկ Սեփը, որ ափ ի բերան մտիկ կ՚ընէր այս սաստը, էյէր մէյ մըն ալ տեսնամ, քի ան միսքիններուն հետ կէօրիւշմիշ կ՚ըլլաս կոր, պաճախէդ պռնածիս պէս երկուք կ՚ընեմ, հասկցա՞ր, հիմա կընա ուզածդ ըրէ:

Այս ըսելով սաստկապէս հրեց տղեկը, որ գնաց թաւալեցաւ հողին վրայ, մինչեւ այն ատեն առանց ճիկ մը հանած ըլլալու:

Հա, աղէկ միտկս ինկաւ, յարեց խոշոր սրիկան` ձայնին մէջ քիչ մը մեղմութիւն դնելով այս անգամ, միտեային փարան վո՞ւր է:

Տղան ելաւ կայնեցաւ` աչուըները միշտ գետին յառած, դուրս հանեց գրպանին ստակները, զորս ձեռքին մէջ առնելով՝ սկսաւ համրել Սերքօ:

Աս ի՞նչ է, քսան փարայ պակաս է՛, վո՞ւր է ծօ Սեփ, մէյ մըն ալ նայէ ճէպդ:

Չէ, ախպար, չիկայ, ըսաւ պատանեակը դողահար ձայնով, սօնի մնաց նէ, իծծուն միտեան քսան փարա պակսընա տուի:

Ա՜խ, մռլտաց Սերքօ, կատաղի նայուածք մը սեւեռելով պստիկին վրայ, էս քեզի մարդ պիտի ընեմ եա՛:

Եւ վայրկեանին մէջ նորէն հագուելով հուժկու միտեաճին` սալթան ուսին զարկաւ, դրանը ետին պահած եէմէնիները ոտքն անցուց եւ դուրս ելաւ դռնէն ըսելով Սեփին.

Ինծի մէկը կայ նէ, ըսէ, քի Թոտիին կնաց:

Երբ խոշոր ոտնաձայնը հեռացաւ փողոցին մէջ, ոտքի ելաւ ստամբակը, վրան գլուխը շտկեց, եւ աչուըները շփելով կը մրմռար.

Ցամաք հա՜ց կերեր է, վախ, Արուս, վա՜խ:

* * *

Ալ անկից ետքը Սեփ չափազանց զգուշաւորութեամբ սկսաւ տեսնուիլ պզտիկ Արուսին հետ, չենթարկուելու համար իր եղբօրը սաստերին եւ ծեծին: Միայն, երբ առտուները կանուխ դուրս ելլէր տունէն ձուկ, ձկնականջ եւ այլն ծախելու համար, վեր կը նայէր գաղտագողի, վայրկենական մնջկատակ մը տեղի կ՚ունենար, յորում այդ երկու պզտիկ մատաղ սրտերն ալ կը հրճուէին:

Իրենք ալ չգիտէին, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը սիրէին զիրար, երկուքն ալ թշուառութեամբ մեծցած եւ թշուառութեան խեթ տեսած էին իրենց շուրջը, կարելի է այս պարագան իսկ պատճառ եղած էր, որ Սեփ եւ Արուս, որք գրեթէ միեւնոյն տարիքն ունէին, թաքուն համակրութիւն մը տածեն իրարու, սէր մը անմեղունակ, անարատ, տակաւին իր փթթումին մէջ եւ անպահանջկոտ:

Երբեմն օգուտ կը քաղէր եղբօրը բացակայութիւնէն, որ ձուկ որսալու կ՚երթար, եւ անցնելով քովի տունին պարտէզը, որ իրենց պարտէզէն կը զատուէր մէկ ու կէս կանգուն բարձրութեամբ տախտակորմով մը, «քուրիկին» հետ «միսաֆիր օյինի», «պէպէք օյինի» կը խաղար, մէկ քանի անգամ ալ «հարսնիք օյինի» խաղացին, գլուխ գլխի տուին, եւ Արուսին մամիկը վերի պատուհանէն աղօթք մը մրմնջեց, «իփէք» փաթթելով հանդերձ. պսակը կը վերջանար համբոյրով մը, զոր ստամբակը կը դրոշմէր մանկուհիին երեսը. Արուսը կը կարմրէր, բայց ձայն չէր հանէր:

Ամէն գիշեր երերտկալէն տուն կը դառնար Սերքօ, օղիով գլուխը տաքցած, խուլ ձայնով յիշոցնէր, նախատինքներ կը տեղար անծանօթ անձերու, ոչնչութիւններու դէմ. իր հայհոյութիւններէն մեծ բաժին մը կը հանէր «քովի տունիններուն», սպառնալիքներ կ՚որոտար անոնց դէմ, աչուըները կատաղի բոցերով լեցուն` Սեփին վրայ յառած, որ կը ջանար ծածկել իր ներքին սարսափն եւ զգացած անհուն վիշտն այդ անողորմ, անիրաւ նախատինքներէն: Երբեմն այնքան կը լեցուէր սիրտը, ջիղերն այնքան թունդ կ՚ելնէին, որ քիչ կը մնար, որ պէտք եղած կերպովը պատասխանել համարձակէր այդ անարգական ժայթքումներուն, այդ բիրտ խօսքերուն, բայց ինքը իր վրայ կը դարձունէր ակնարկը, կը տեսնէր իր խեղճ իրանը, ողորմելի սրունքներն ու բազուկները, եւ անգամ մըն ալ սարսափով կը դիտէր եղբօրն արիւնագոյն գլուխը, ամեհի կուրծքն ու կարշնեղ բազուկները, ու անմիջապէս կը վհատէր, կը սմքէր, կուլ տալով իր քէնն ու վիշտը կապարէ գնդակներու պէս: Իր այդ բօլոր յուզումները, վիշտերը, զայրոյթները խօսք մը միայն կը թելադրէին նմա.

Ա՜խ, մէյ մը մեծնայի՜, կ՚ըսէր:

 

* * *

Ձմեռը եկած էր իր սպիտակափառ ձիւնովը, իր փաղփուն սառոյցովը ու իր մոլեգնապտոյտ քամիովը:

Ձիւնն իբրեւ ակնհաճոյ զարդ մը, իր վատկայանման խաւին տակ սքօղած էր փլփլկած տուներու փեռիկներն ու վէրքերը, փողոցներու ծուռ ու մուռ եւ աղտոտ սալարկն, ամէն բան, որ կապոյտ երկնքին տակ, արեւուն ճառագայթներուն մէջ կը ցցուի տխրատեսիլ ու անհրապոյր:

Ծնունդի խթման շաբաթ օրն էր: Մութն ու լուսուն ելած էր Սերքօն եւ կարգի կը դնէր ձկնականջները, զորս այն օրը պիտի ծախէր, երեք մասի կը բաժնէր, պզտիկ, միջակ, խոշոր, յետոյ կը դասաւորէր ձուկերը, կը շոյէր, կը փայփայէր զանոնք սքանչացմամբ եւ երբեմն խոշոր ձուկ մը ձեռքն առնելով` կշռելով` ձեւով մը կը շարժէր զայն եւ կը մրմռար.

Ը՛հ, անամ, պապամ:

Յետոյ գործն աւարտելէ ետք, գնաց կիցովն արթնցուց պզտիկ Սեփը, որ խենթի պէս ցատքեց ելաւ ցուրտէն դողդողալով եւ հագաւ պատառուն զգեստները:

Ծօ՛, ըսաւ Սերքօ, սա քէֆալին չաւէլան առ, օխան հինգէն վար չի պիտի տաս, ի՞շտէ աստար կ՚ըսեմ. իրէք օխա է, տասնհինգ ղուռուշ կ՚ընէ… լմնցունելուդ պէս թախըմիկովը կ՚առնես Թոտիին կը բերես. պէլքի հոն կ՚ըլլամ, չըլլամ նէ, ըսել է քի տուն եկած եմ, շիտակ հւս կը վազես: Հասկըցա՞ր, հաստը խաֆայ:

Սեփ, անձայն, անմռունչ ոտքն անցուց մաշած ցեխոտած ոտնամանները, բացաւ դուռն եւ դուրս ելաւ. չաւելան գլխուն վրայ դնելէն ետք, քովի տանը պատուհանին տակէն անցած պահուն վեր առաւ գլուխը եւ սա խօսքերը արտասանեց ցած ձայնով.

Արուս, աս գիշեր ծուկ կը պերեմ ձեզի:

Եւ ճամփան շարունակեց` իր սրտագոչ ձայնն հնչեցնելով ձիւնապատ փողոցներուն մէջ:

Ձիւնը վերսկսած էր տեղալ խոշոր պատառներով. հով չկար. տրտմաթախիծ լռութիւն մը կը տիրէր Չըքսալընի այդ տխուր փողոցներուն մէջ: Իրիկուն եղած էր. խաւարն աննշմարելի կերպով կը փռուէր մթնոլորտին մէջ, կարծես ձիւնին հատիկներուն հետ երկինքէն իջնելով իբր անսահման մաղ մը, որուն ծակերէն ջուր կը վազէ, այլ չդիմանալով համայնածաւալ սպիտակութեան, կը մարէր, կը ցնդէր գետնի վրայ իջած ատեն: Պստիկ Սեփ ձեռներն ի գրպան, վտիտ, բարակ ուսերը դէպի առաջ, բերանէն կախուած ունենալով ձուկի չաւելան, տուներուն տակէն սողալով սողոսկելով կը վազէր: Ուսի անճիգ հարուածով մը տան դուռը բացաւ, ներս մտաւ եւ չորս դին արագ ու երկիւղալից ակնարկներ պտըտցուց:

Հոս ալ չէ, մրմռաց, օ՜խ:

Վար իջաւ նեղ եւ ծռմռկած սանդուխէ մը եւ գտնուեցաւ քառակուսի մթին տեղ մը, որ հաւանօրէն խոհանոց մըն էր, պահ մը ականջ դրաւ. ձայն ձուն չկար, եւ թէ՛ ցուրտէ եւ թէ՛ ներքին յուզումէ դողդղացող տխեղծ ձեռներովը վեր առաւ գետինը ծածկող աղիւսներէն մին, աման մը դուրս հանեց, նորէն տեղը դրաւ քարը եւ պարտէզին դուռը բանալով` դուրս ելաւ:

Ձեռքի ամանին մէջ կը գտնուէր օխայի մը չափ ձուկ:

Գետինը դրաւ ամանը, տախտակորմին տակը գնաց եւ երկու ձեռները բերնին քովերը դնելով իբր ձայնատար,

Արո՛ւս, Արո՛ւս, գոչեց:

Աղօտ պատուհանին ետեւը նկատուեցաւ տժգոյն ծնգած դէմք մը: Արուսին ճերմկոտիկ դէմքը, որուն ի տես թեթեւ հառաչ մը արձակեց Սեփ:

Վա՛ր էկու, ըսաւ:

Վայրկեան մը ետքը տախտակորմին վրայ շուլլուելով, Արուս կը ժպտէր ստամբակին, որ անճառ խանդով մը, շողարձակ աչուըներով կը դիտէր զայն եւ ձեռքն երկնցնելով կը շոյէր անոր մեռելատիպ երեսը: Մանկուհին աւելի վար կը ծռէր, աւելի հանգիստ վայլելու համար այդ շոյանքը, որ կարծես կենդանութիւն մը կը հեղուր միսին վրայ: Իրենց կեցած տեղէն քայլ մը անդին, տախտակորմին մօտիկը կը գտնուէր կիսախուփ հօր մը:

Ձիւնը կը տեղար հիմա աւելի բարակ, խիտ խիտ եւ կը դիզուէր երկու պստիկներու գրգլեակներուն եւ գլուխներուն վրայ, կարծես խնամք տանելով գոցել, դարմանել ի՛նչ տխուր եւ թշուառ բան որ կար անոնց վրայ:

Տուտուդ հո՞ս է, հարցուց Սեփ:

Չէ՛, չեկաւ տահա, փաթթած իփէքները տարաւ, քի փարա առնէ տէ…

Նենէ՞դ:

Կը քնանայ կոր:

Նայէ, ձեզի ձուկ պերի, Արուս, ըսաւ Սեփ, ցուցնելով ամանն, ուր ձուկերը կ՚երեւէին ձիւնով ծածկուած:

Հիմակ աւելի վար ծռած էր Արուս, եւ Սեփ ոտից ծայրերուն վրայ կոխելով, գրեթէ իրարու տաք շունչը կը զգային իրենց դէմքին վրայ:

Եաղ ունի՞ք, հարցուց տղան:

Չունինք:

Ա՜հ… քեօմի՞ւր:

Չունինք:

Ա՜հ,

Սեփ գրպանը խառնշտկեց, երերցուց եւ դուրս հանեց պզտիկ քառասուննոց մը, զոր աղջկանը ձեռքին մէջ դրաւ ըսելով.

Տուտուդ կայ նէ, աս փարան անոր տուր, քի քեօմիւր առնէ:

Իրար երես կը նայէին անշարժ, անխօս, իրարմէ հմայուած, իրարու թշուառութեան զգացումէն վշտակոծ:

Սրտաբեկ էր տեսարանը, զոր կը ներկայացնէին այդ երկու պզտիկ արարածները: Արուս գրեթէ մինչեւ կէս մէջքը վար կախուած տախտակորմէն, վտիտ քամակը ցուցնելով, ուր ձիւնն հետզհետէ կը դիզուէր, Սեփ երկու պստիկ բազուկները անոր վզին պլլած, հեշտութեամբ ծծելով մանկուհիին նուաղ շունչը, թեթեւ համբոյրներ դնելով անոր այտին վրայ, բան մը չէին իմանար, ո՛չ ցուրտը, ո՛չ ձիւնը, ոչինչ… կարծես կը քնանային անուշ, մեղկ քունով մը…

Յանկարծ մեծադղորդ ոտնաձայն մը եւ ահագնալուր աղաղակ մը տակն ու վրայ ըրաւ այդ սրտաճմլիկ տեսարանը:

Սերքօ, կատաղած գազանի պէս, պարտէզ կը վազէր, խոշոր բազուկները տատանելով եւ պոռալով.

Ծօ՛, շունշանորդի փի՛ճ…

Այնքան սաստիկ եւ ցնցիչ եղած էր այդ յեղակարծ աղաղակին ազդեցութիւնն, որ պստիկ Սեփ յետս ընկրկած էր, երկիւղի ճիչ մը բառնալով, եւ Արուս, հաւասարակշռութիւնը կորուսելով պարտէզ ինկած էր գլխիվայր եւ ոտուըներովը օդին մէջ շրջան մը գծելէն ետք, թաւալած էր հորէն վար, առանց ճիչ մը իսկ արձակելու:

Ակնթարթի մէջ տեղի ունեցած էր այս ամէնը:

Հիմակ Սերքօ Սեփին ետեւէն կը վազէր վայրագ կառանչներ բառնալով, ոտքը գայթելով, իյնալով ելնելով վասնզի գինով էր նորէն վազելով, այս անգամ աւելի կատղած, փրփրած. իսկ Սեփ կը փախչէր, կը դառնար պարտէզին շուրջը ձիւներուն մէջէն, հեծեծանքներ արձակելով, լալով, ողբալով եւ երբեմն գոչելով.

Արո՛ւսը, Արուսը, հորին մէջ ինկաւ:

Պահ մը օգուտ քաղելով եղբօրն անկումէն, որ գետնին վրայ փռուած էր սոսկալի յիշոցներով, հորին քով վազեց, եւ բովանդակ զօրութեամբը «Արո՛ւս» պոռաց. ձայն չկար, նորէն պոռաց, գլուխն հորին մէջ, ամէն բան մոռցած, լալագին հեծկլտանքներ, սրտայոյզ աղաղակներ փրցունելով, եւ հէ՛ք տղան, իր այդ անհուն կսկծին յափշտակութեանը մէջ, չի կրցաւ տեսնել Սերքօն, որ ոտք ելնելով` իր քովն հասած էր եւ ուժգին, անգութ կից մը կը զարնէր կռնակին. Սեփ վշտի, ցաւի եւ ահաբեկումի երկար աղաղակ մը արձակեց, որ իրեն հետ հորին ջուրերուն մէջ կորաւ, անհետացաւ:

Այն ատեն, ո՞վ գիտէ ի՛նչ դարձաւ այդ կատաղի գինովին էութենէն, ձեռքերովը գլուխը բռնեց, ցնցեց, բռունցքի երեք ուժեղ հարուածներ տուաւ կրծքին, վերջին ահռելի յիշոց մըն ալ արձակեց` այս անգամ գուցէ իրեն դէմ, եւ ամբողջ մարմնովը նետուեցաւ այդ մարդակուլ հորին մէջ:

Եւ ձիւնն հիմակ աւելի խիտ եւ աւելի խոշոր կ'իյնար, իբրեւ պատանք մը պարուրելով այդ եղերավայրը, ծածկելով, լեցունելով Սեփին ու Սերքօյին ոտքի նշանները՛, որբ քիչ քիչ անհետանալով, եթէ կէս ժամ վերջն աչք մը յառէր այդ պարտէզին վրայ, պիտի սքանչանար, թէ ինչպէս ձիւնն այդքան միապաղաղ կերպով ծեփած էր անոր ամէն կողմը:

«Արեւելք», 8 Օգոստոս 1892։